Հայ տպագրութիւնը եւ Հռոմ (ԺԷ. դար)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Ա. ՓՐՈՓԱԿԱՆՏԱՅԻ ՏՊԱՐԱՆԸ

/5/Հայկական տպարաններու պատմութեան մէջ, Վենետիկի եւ Պոլիսի կողքին, հնագոյն տպարաններէն մէկը եղած է Հռոմինը, որ յատուկ ուշադրութեան արժանի է։ Նորագոյն հեղինակներէն Ռափայէլ Իշխանեան շատ ընդարձակ եւ գեղեցիկ կերպով անդրադարձած է անոր մասին, համադրելով ցարդ յայտնուած բազմաթիւ աղբիւրներ [1] ։ Մենք ալ, որ պատեհութիւնն ունեցանք երեք տարիներ յաճախել Փրոփականտայի դարաւոր դիւանը եւ հաւաքեցինք շատ աղբիւրներ, կուզենք փորձ մը ընել, նոր լոյս մը սփռելու պատմութեան, կանուխէն յայտարարելով թէ անկարելի է շարադրել լրիւ պատմութիւնը՝ դիւանական տուեալներով՝ մեր նպատակն է՝ տալ լուսաբանութիւններ, հետաքրքրական նոր մանրամասնութիւններ, որոնց արժէքը գիտեն՝ նիւթովս մօտէն հետաքրքրուող անձեր։

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՏՊԱՐԱՆԸ

Կիւթէնպէրկի գիւտէն վերջ, 1465ին, երկու գերմանացիներ՝ Sweynheim եւ Pannartz, տպագրութեան գիւտը բերին Իտալիա, հաստատուելով Սուբիակոյի Բենեդիկտեան վանքը, ուր կային գերմանացի կրօնաւորներ։ 1467ին Pannartz կ՚ուղղուի Հռոմ, կը փորագրէ յունական տպագրութեան համար առաջին գիրերը, ու յատկապէս Պօղոս Բ. (1464–1471) եւ Սիքստոս Դ. (1471-1484) Պապերու գահակալութեան շրջանին, մեծ յաջողութեամբ կը տպագրէ առաջին գիրքերը [2] ։

/6/ Յաջորդ Պապերը, սակայն, այնքան կարեւորութիւն չեն տար այս նոր գիւտին, մինչեւ կու գայ Պիոս Դ. Պապը (1560–1565), Վենետիկէն Հռոմ կը կանչէ Paolo Manuzio նշանաւոր տպագրիչը. սա Կամպիտոլիոյի վրայ կը բանայ տպարան, որ նոյն Պապին հովանաւորութեան տակ կը զարգանայ, ունենալով ոչ միայն լատինական եւ յունական գիրեր, այլ նաեւ արեւելեան լեզուներու. չունինք բացայայտ վկայութիւն թե որոնք եղած են այդ արեւելեան լեզուները։ Պիոս Դ. բանալ կու տայ առանձին տպարան նաեւ Վատիկանի մէջ «Stamperia Apostolica Camerale» անունով, ուր կը տպուին իր շրջաբերական թուղթերը։

Պիոս Դ. Պապի մահով, տպարանը մեծապէս կը տուժէ, որովհետեւ իր յաջորդը, Պիոս Ե. (1566–1572), թէ եւ սրբակեաց անձ, փոխանակ ուղղակի անձամբ հետեւելու՝ գործը կը յանձնէ Հռոմի ժողովուրդին։ Manuzio կը թողու Հռոմը ու կը դառնայ Վենետիկ։

Հռոմի տպարաններու ծաղկումը կը սկսի Գրիգոր ԺԳ. Պապի օրով (1572–1585), որ կրկին կը բանայ Կամպիտոլիոյի տպարանը, ձուլել տալով արեւելեան լեզուներու տպագրական գիրեր, եբրայեցերէն, արաբերէն, ասորերէն եւն., որոնց շարքին նաեւ հայերէն գիրերը, նպատակ ունենալով տարածել կրօնական բնույթ ունեցող դիրքեր։ Գրիգոր Պապ Վենետիկէն կրկին կանչել կու տայ տպագրիչ Paolo Manuzio, որ հազիւ Հռոմ հասած՝ կը վախճանի, 1574ին։ Այս Պապին օրով, 1579ին, տպագրուած է Յայտարարութիւն մը, միաէջ գրութիւն, որը նկարագրութիւնը կատարած է Հ. Գ. Գալէմքեարեան [3] ։ Նոյն Պապին օրով, 1584ին տպուած է Տօմար Գրիգորեան, որմէ օրինակ մը Գրիգոր ԺԳ. ղրկած է Ազարիա Սիսի Կաթողիկոսին, որ խանդավառուած՝ իսկոյն կը պատասխանէ Պապին, 10 Ապրիլ 1585 թուակիր նամակով։ «Իմացաք եւ գիտացաք զգթութիւնն եւ զմտածութիւնն եւ զշտապն առանձնական է, որ քո Սրբութիւնդ ունի ի մեզ որդւոցս Հայոց.., տվեր լինել նոր պասմագիր գեղեցիկ՝ ի Հայոց լեզու» [4]. ու Հալէպէն Հռոմ կը ղրկէ Յովհաննէս Եպս., Գրիգոր սարկաւագ եւ Աբգար դպիրի որդին՝ Մարկոս Անտոնիոս «Աստուածաշունչ գրքով մի Հայոց», որպէսզի տպագրուի Հռոմի մէջ, յատկապէս Գրիգոր սարկաւագի հսկողութեամբ [5] ։

ՀՍ. ի (Հաւաստասփիւռ) Ժողովը 17 Հոկտ. 1638ի նիստով՝ կո/7/րոշէ Տօմար Գրիգորեանէ օրինակ մը ղրկել Ղրիմ, P. Emidiօի, որպէսզի ցոյց տայ հայերու եւ իւրացուի անոր պարունակութիւնը [6] ։

29 Հոկտ. 1632ի միասնական ժողովի մը մէջ՝ կ՚որոշուի յիշեալ հատորեն երեք օրինակ ղրկել Պարսկաստան, Մովսէս Կաթողիկոսի, Խաչատուր Արքեպ. ի եւ Արիստակէս Վրդ. ի, որպէսզի սերտեն գրքին պարունակութիւնը եւ իւրացնելով՝ միաձեւութիւն մը ստեղծուի Զատիկի տօնակատարութեան նկատմամբ [7] ։

Յաջորդ Պապերէն Սիքստոս Ե. (1585–1590) եւ Կղեմէս Ը. (1592– 1605) զարկ տուած են Հռոմի տպարաններուն։ Սիքստոս Ե. «Immensa aeterni Dei» կոնդակով, (հրտ. 22 Յունուար 1587ին) հաստատած է Քարտինալներու Ժողով մը «Congregazione della stamperia Vaticana» տիտղոսով, որպէսզի հսկեն տպարաններու վրայ՝ հաւատքի հակառակ սխալներու առաջքն առնելու համար։ Նոյն Պապը հրատարակած է (27 Ապրիլ 1587ին) «Eam semper» կոնդակը, պաշտօնապէս հաստատելով Վատիկանի տպարանը, որու համար ծախսած է 40. 000 սկուդ, նպատակ ունենալով տպագրել Աստուածաշունչն ու Ս. Հայրերու գործերը։ Տպարանը յանձնած է վարպետ գիր փորող եւ արեւելեան լեզուներու մասնագէտ՝ Gio. Battista Raimondiի, որ յատուկ էն փորագրած է նաեւ հայկական գիրերը [8], իբր աշակերտ ունենալով Stefano Paolini, որու մասին պիտի անդրադառնանք ստորեւ։

9 Հոկտ. 1638ին ՀՍ. ի Ժողովին Քարտուղարը, Ինկոլի, հաշուետուութիւն մը կը կարդայ Փրոփականտայի տպարանին մասին, տա լով նախ պատմական յիշատակութիւններ, թուելով զանազան Պապերու ջանքերը ի նպաստ արեւելեան լեզուներով գիրքերու հրատարակութեան, Գրիգոր ԺԳ. Պապի համար ըսելով՝ թէ «տպագրեց արաբերէնով եւ հայերէնով Հաւատոյ դաւանութիւնը եւ Տարւոյն սրբագրութիւնը (իմա Տօմար Գրիգորեան [9] ։ Նոյն Քարտուղարը 1641 տարւոյն մէջ ուրիշ հաշուետուութեան մը առիթով, դարձեալ կը կրկնէ թէ Գրիգոր ԺԳ. Պապ «շինեց հայկական տպարանը, տպել տուաւ զանազան գիրքեր, Տօմարը եւ Հաւատքի դաւանութիւնը» [10] ։ Մեր ձեռքը անցաւ Փրոփականտայի 1665ին պատրաստուած գրադարանի ցանկը [11], ուր նշանակուած է թէ հոն կը պահուի «Professio fidei Armenae, stampata ex Typographia Vaticana», որու /8/ իբր թուական նշանակուած է բացայայտ կերպով 1596, թուական մը որ չի համապատասխաներ Գրիգոր ԺԳ. ի գահակալութեան շրջանին (1572–1585), այլ Կղեմէս Ը. Պապին (1592–1605)։ Մեզմէ անկախ՝ Հ. Ն. Ակինեան տեսած ու նկարագրած է այս տպագրութիւնը [12], եւ որով կրկին անգամ կը հաստատուի 1596ը իբր ճշգրիտ թուական Հաւատոյ դաւանութեան :

Պօղոս Ե. (1605–1621) Պապի օրով, Հռոմի մէջ տպագրուած է հայկական գիրերով Մելքիսեթ Կաթողիկոսի նամակը՝ գրուած նոյն Պապին։ Գրիգոր Կեսարացի առ Մելքիսէթ ուղղած նամակին մէջ, հաւանաբար գրուած 1614ին, Կաթողիկոսին կը համարձակի գրել. «Քան զամենայն մեծ չարիքն այս են, զի զքո ձեռագիրն ետուր փափուն... եւ այս ձեռագրիս օրինակն՝ փափն գրել է պասմայ գրով եւ յուղարկել է ի Լեհ, նոյնպէս եւ յամենայն տեղիս, թէ Ազգն հայոց ի մեր հաւատն են դարձեր՝ այլ եւ ի Վանատիկ եւ յայլ բազում տեղիս գիր է գրեր եւ յղարկեր, եւ այս գրոյն մէկն ի Համիթ է եկեր, եւ զնորա մէկ օրինակն Աւետիս Կաթուղիկոսն է տարեր ի հետն, եւ զմի օրինակն Համթեցիքն մեզ էին յղրկել… եւ զայս եկեալ թուղթս մեք ամենեքեան ականատես եղեալ ընթերցաք» [13] ։ Թէ իրապէս Մէլքիսէթ Կաթողիկոսի յիշեալ նամակը տպագրուած է, ունինք ուրիշ ապացոյց մը, Լեհահայոց 25 Յուլիս 1631 թուակիր նամակը, ուղղուած Մովսէս Գ. Կաթողիկոսի, ուր կը պատմեն ծագած խռովութիւններու պատճառները, որոնցմէ առաջինը՝ կը թուեն Մելքիսէթ Կաթողիկոսը, «որովհետեւ սա իրապէս միացած էր (Հռոմի), Պօղոս Ե. Պապի օրով, եւ որը ղրկած էր իբր նուիրակ Զաքարիա Վրդ. ը, որ ներկայիս Պոլսոյ Արքեպիսկոպոսն է։ Այս բոլորը կարելի է ցոյց տալ նոյն Մելքիսեթ Կաթողիկոսի նամակէն, տպուած լատինական գիրքերու մէջ, որմէ օրինակ մը կը ղրկենք (Սրբութեանդ)» [14] ։

Համադրելով Գրիգոր Կեսարացիի եւ Լեհահայոց նամակները, կ՚ուզենք եզրակացնել թէ 1614ին արդէն իսկ Հռոմի մէջ տպուած էր Մելքիսեթ Կաթողիկոսի նամակը, ու կը շրջէր Արեւելք ու Արեւմուտք:

ՓՐՈՓԱԿԱՆՏԱՅԻ ՏՊԱՐԱՆԸ

/9/ Պապերու կողմէ արեւելեան լեզուներով տպարան հաստատելու նպատակը մէկ էր. տպագրուած գիրքերը միսիոնարներու կողքին յարմարագոյն միջոցն էր տարածելու կաթողիկէ վարդապետութիւնը, դարձի բերելու արեւելեան Եկեղեցիները, որոնք անխուսափելի կերպով ունէին հերետիկոսութիւններ։ Կղեմէս Ը. 1599ին կը հաստատէ Հաւատոյ Տարածման Ժողովը (Congregazione di Propaganda Fide), որ քանի մը տարի կեանք ունենալէ յետոյ կը դադրի։ Գրիգոր ԺԵ. 1622ին կը վերահաստատէ, ու այնուհետեւ մինչեւ օրս մնացած է կանգուն։

Փրոփակատարի (այսուհետեւ ՀՍ, իբր համառօտութիւն Հաւատասփիւռի) քարտինալները 30 Յունիս 1626ի նիստով [15], որոշում կ՚առնեն բանալ առանձին տպարան, անկախ Վատիկանէն, հետեւեալ պատճառներուն համար.

ա. Եւրոպացի քարոզիչներ Արեւելք քարոզութեան մեկնել է առաջ, պէտք էին տիրացած ըլլալ նոյն երկիրներու այբուբենին եւ քերականութեան։

բ. առաքելութիւններու մէջ քրիստոնէական վարդապետութիւն սորվեցնելու համար՝ անհրաժեշտ է գիրքը:

գ: Միսիոնարները, որպէսզի կարենան կռուիլ հերետիկոսական սխալներու դէմ, անհրաժեշտօրէն պէտք ունին վարդապետական գիրքերու:

դ: Հարկ է տպել իւրաքանչիւր ազգի համար սրբազան արարողութիւններու մատեաններ, սրբագրուած հերետիկոսութիւններէն։

Ուրբանոս Ը. Պապ (1623–1644) քաջալերելու համար քարտինալնե րու վերեւ առնուած որոշումները, հրահանգ կու տայ Վատիկանի տպարանի պատասխանատուին՝ որ ՀՍ. ի փոխ տայ արեւելեան տպագրական գիրերու հայրերն ու մայրերը, որոնք Պօղոս Ե. Պապէն իբր անգործածելի մէկ կողմ դրուած էին։ Նմանապէս հրահանգ կը տրուի միսիոնարներուն՝ որ Հռոմ ղրկեն արեւելեան լեզուներու այբուբենի նմոյշներ, լաւագոյն գրիչներու օրինակութեամբ [16] ։

1626–7 տարիներուն ՀՍ. ի զանազան նիստերու նիւթ կը դառնայ տպարանը. այսպէս՝ 14 Յուլիս 1626ին կը մտածուի Stefano Paolinoէ առնել սլաւական, արաբական եւ հայկական գիրերը, դնել ՀՍ. ի տպարանի յատուկ դարաններու մէջ, որպէսզի դիւրութիւն ունենան /10/ տպագրելու, համապատասխան լեզուներով, Աստուածաշունչ եւ Քրիստոնէական վարդապետութիւն [17] ։

7 Սեպտ. 1626ին նիստին ներկայ կը գտնուի նաեւ Ուրբանոս Պապ, Վատիկանի եւ Paolinoի ունեցած արեւելեան գիրերու առընչութեամբ։ Պապը հարցը կը յանձնէ Քարտ. Բարբերինիի որ քննէին [18] ։ Յաջորդաբար 21 Մայիս 1627ի նիստով Քարտ. Բենտիվօլիոյ Ուրբանոս Պապէն գրաւոր հրահանգ հանել կու տայ, որ փութով իրագործուի նախկին տրուած հրահանգ մը, որ է Վատիկանի «Մատենադարան»էն ՀՍ. ի տպարանի փոխ տրուին արեւելեան գիրերու հայրերն ու մայրերը [19] ։ Այսպէս ՀՍ. տպարանը, գրեթէ տարուան մը ընթացքին՝ կ՚օժտուի 15 ազգերու տպագրական գիրերով, եւ նոյն տարուան մէջ կը տպուին յունարէն, արաբերէն, քաղդերէն եւ սլա լեգուներով գիրքեր, այնպես որ Ուրբանոս Ը. 17 Դեկտ։ 1627ի ժողովական նիստին կը գովէ տպարանին վերատեսուչը Achille Venereo [20], որ քաջալերուած՝ տարի մը ետք տպարանը աւելի կը կատարելագործէ, եւ գիրերու տեսակները կը հասցնէ 23ի։ Այս բոլորին համար կը ծախսուի նոյն ժամանակին համար ահագին գումար մը, 18. 000 սկուդ, առանց հաշուելու Վատիկանէն առնուած ու այլ նուէր եղած գիրերու տեսակները, որոնց համար ծախս չէ եղած։

Տպարանի նիւթական շէնքը առաջին անգամ կըլլայ Torre del Grillo ճամբուն վրայ, Հռոմի ճիշտ կեդրոնը։ Նոյն այս տպարանին մէջ 1630ին լոյս տեսած է առաջին հայերէն գիրքը «Առաւել պարզաբանութիւն քրիստոնէական վարդապետութեան»: 164-ին ՀՍ. ի շէնքին մէջ կը շինուի համեմատաբար փոքր՝ բայց նոր տպարան մը, ուր կը փոխադրուին տպարանային բոլոր գործիքները։ Սակայն տեսնելով ծախսի ծանրութիւնը, կը մտածուի յարիլ քաղաքի տպարաններէն մէկուն, որոշ պայմաններով, ճիշտ այնպէս ինչպէս Պիոս Ե. Պապը ըրած էր, գործնականին մէջ ձրուելով Սիքստոս Ե. Պապի կազմակերպած սքանչելի տպարանը։ ՀՍ. ի Ինկոլի քարտուղարը, քաջալերուած կարգ մը եռանդուն քարտինալներէ, որոնք նախանձախնդիր ՀՍ. ի անունին եւ համբաւին, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ հաւատքը տարածելու արգելք նկատելով եղած առաջարկը, կը պատրաստէ զանազան ջատագովական գրութիւններ, կարդալով քարտինալներու ժողովին, 12 Նոյեմբ. 1642ին, 15 Փետր. 1644ին, միշտ շեշտելով՝ հիմնական անհրաժեշտութիւնը սեփական տպարանի մը, /11/ կարենալ գործելու ի նպաստ առաքելութիւններուն եւ անիմաստ կը գտնէր՝ երկար աշխատութեամբ եւ ծախսերով հաւաքուած 23 ազգերու գիրերը ձրուել, յանձնելով օտար տպարաններու [21] ։ Քարտինալները բաւականաչափ լուսաբանուած, գրեթէ միաբերան կ՚որոշեն՝ ո՛չ միայն շարունակել տպագրական առաքելութիւնը, այլ ՀՍ. ի շէնքին մէջ կառուցանել նոր տպարան, դարուն պահանջներուն համաձայն եւ ժամանակին բոլոր դիւրութիւններով [22], ինչ որ կը գործադրուի 1644 Յուլիսին։

Մինչեւ տպարանին վերջնական ձեւ առնելը, ՀՍ. ի Ժողովը ունեցած է բազմաթիւ նիստեր ի նպաստ տպարանին, միշտ աւելի կազմակերպելով եւ կատարելագործելով տպագրութեան հայող կանոնները : Այսպէս.

30 Յունուար 1629ին կ՚որոչուի տալ Stefano Paolinoի` ամսական երեք սկուդ, որպէսզի փոքր տղաքներու սորվեցնէ գրաշարութիւն արեւելեան այն գիրերուն, որոնց գիրերը կը գտնուէին իր մօտ։ Նոյն նիստով կորոշուի որ ՀՍ. ի մէջ տպագրուած ամէն գիրքի ճակատին, տպագրուած գիրքին լեզուով, ինչպէս նաեւ իտալերէն կամ լատիներէն՝ գրուի սա բացատրութիւնը։ «Փրոփականտայ Ֆիտէի պատուէրով՝ ձրի բաշխելի» [23] ։

7 Սեպտ. 16: 29ին կորոշուի որ ՀՍ. ի տպարանը տպուին միայն այն գիրքերը՝ որոնց համար ՀՍ. ի Ժողովը հանած է յատուկ հրամանագիր (Decreto) [24], ինչ որ խստիւ կը պահուի յաջորդաբար։

3 Փետր: 1631ի նիստին կառաջարկուի արեւելեան լեզուով տպագրուած որեւէ գիրք՝ տպագրուի լատիներեն կամ իտալերէն բնագիրով կամ թարգմանութեամբ, որպէսզի հոն չսպրդին հաւատքի կամ վարդապետական սխալներ։ Նոյն այս առաջարկը կը հաստատուի հատուկ հրամանագրով՝ 12 Ապրիլ 1631ի նիստով [25] ։

19 Յուլիս 1638ին կ՚որոշուի ՀՍ. ի տպարանէն լոյս տեսած գիրքերէն 25 օրինակ շնորհել հեղինակին, որպէսզի բաժնէ ըստ կամս, քանի հեղինակներն են իրենց գիրքերուն ձրի սրբագրիչները [26] ։

8 Հոկտ. 1638ին կ՚որոշուի տպագրուած գիրքերը ծախել ՀՍ. էն որոշուած գինով, որպէսզի գրավաճառները սուղ ծախելով՝ արգելք չըլլան գիրքին ծառայումին. եւ որով տպագրուած դիրքին ճակատին նշանակուի նաեւ գինը՝ տպագրուած գիրքին լեզուով [27] ։

/12/ 9 Դեկտ. 1638ի նիստով, երբ հարց կելլէ ՀՍ. ի տպած գիրքերը ծախելու կամ ձրի բաժնելու մասին, կը զանազանուին երեք տեսակ գիրքեր: ա. Քերականական, բ. Վարդապետական, բարոյական ու հոգեւոր, գ. Ծիսական։ Առաջին երկու տեսակները՝ կարելի է թէ՛ ձրի բաժանել եւ թէ՛ որոշուած գինով մը ծախել, իսկ երրորդ տեսակը՝ տարածել ձրի [28] ։

17 Յունուար 163-ի նիստը, որ կը գումարուի Ուրբանոս Պապի ներկայութեան, յատուկ հրամանագիրով կ՚որոշուի գրել զանազան երկիրներու Առաքելական Նուիրակներու, որպէսզի հսկեն եւ գիրքերը ծախուին ՀՍ. ի նշանակած գիներով [29] ։

Ստեփան Պաւլինոյ (Stefano Paolino)

Ստեփան Պաւլինոյի անունը սերտ կերպով միացած է ՀՍ. ի տպարանին, անոր ծագումի օրերէն սկսեալ։ ՀՍ. ի տպարանը հաստատուելէն շատ տարիներ առաջ՝ այս անձը ծանօթ էր իբր տպագրիչ, աշակերտած տպագրական գիրեր փորագրող շատ նշանաւոր Gio. Battista Raimondiի, որ Սիքստոս Ե. Պապի տպարանին համար պատրաստած էր նաեւ հայկական տպագրական գիրեր։ Պաւլինոյ գիտէր ուրեմն որ 1585–1590 թուականներէն իր վարպետին փորագրած հայկական գիրերը կը հանգչին Վատիկանի տպարանը, եւ որով դիմում կը կատարէ ստանալ զանոնք, հայերէն լեզուով գիրքեր տպագրելու համար, շատ հաւանաբար ի հաշիւ ՀՍ. ի։ Դիւանի արձանագրութիւններէն կ՚եզրակացնենք թէ 13 Փետր. 1623ին՝ Պաւլինոյ Վատիկանի տպարանէն առած է, յատուկ ստացագիրով, 163 լիպրէ ծանրութեամբ գիրեր, դրուած սնտուկի մը մէջ, որու երկարութիւնն է երկուքուկէս թիզ, երկու թիզ եւ երկու մատ՝ լայնութեամբ։ Բացի ասոնցմէ ստացած է 18 փայտէ հայկական գիրեր, որոնք բոլորը պիտի ծառայէին տպելու հայկական գիրքեր [30] ։

Գիրերը ստացած տարին, այն է 1623ին, Պաւլինոյ լոյս կը հանէ հայերէն լեզուով երեք գիրք:

ա. Աիբուբիենք Հայոց, էջ 16.

բ. Միաբանութիւն Հայոց ընդ Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ, էջ 32.

գ. Քրիստոնէական վարդապետութիւն։

Յիշատակուած այս գիրքերը ՀՍ. ի տպարանի սեփականութիւն /13/ են, ու ՀՍ. ի տպարանի 1667ին տպագրուած գրացուցակին մէջ նշանակուած են, միւս ազգերու ծախու գիրքերու կարգին [31] ։

1626ին, երբ նոր կը սկսի գործել ՀՍ. ի տպարանը, Պալինոյ կ՚ըլլայ առաջին խանդավառ աջակիցը, գրեթէ անձամբ գլուխ անցնելով գործին, տրամադրելով իր ունեցած գիրերը, դառնալով առաջին եւ գլխաւոր աշխատաւորը։ Մեր կարծիքով Պաւլինոյի հայկական տպագրական գիրերու ձեւը բոլորովին նոյն են վատիկանեան գիրերուն, որոնց հայրերն ու մայրերը փոխ առած էր Վատիկանէն։ Փոխ առած գիրերը, որոնց համար ստացավ իր թողած էր, առած էր՝ ետ դարձնելու պայմանով, շատ հաւանաբար՝ յետ անոնց վրայէն լինելու ինքն իրեն համար սեփական գիրեր։ Գուցէ այս ձեւով բացատրուի թէ ինչպէս Ուրբանոս Պապին հրամանով ՀՍ. ի նորակառոյց տպարանին անցած ըլլան հայկական գիրեր՝ թէ՛ Վատիկանէն եւ թէ Ստ. Պաւլինոյէն։

Տեսանք արդէն որ ՀՍ. ի 30 Յունուար 1629ի նիստով կը սահմանուի՝ տալ ամսական երեք սկուդ, որպէսզի Պաւլինոյ աշակերտներու սորվեցնէ գրաշարութիւն, իր մահէն վերջ գործը կարենալ շարունակելու համար։ 3 Փետր։ 1632ին կ՚որոշուի 6 սկուդի բարձրացնել ամսականը, միշտ նոյն նպատակին համար [32] ։ Պաւլինոյ մինչեւ վերջին շունչը, այն է 1642, գործած ըլլալու է ի նպաստ ՀՍ. ի տպարանին։

Շատ հետաքրքրական է ՀՍ. ի Ժողովին 24 Սեպտ. 1640 թուականի նիստը, ուր քարտինալները նկատի առած Ստ. Պաւլինոյի յառաջացած տարիքը, ու մտածելով որ անոր մահէն վերջ արեւելեան լեզուով գիրերը կրնան վտանգի ենթարկուիլ, Պաւլինոյի նման մասնագէտ եւ հասկցող անձի մը պակսելով, կը մտածեն առաջարկել իրեն՝ տպագրութիւնը բոլոր այբուբեններուն, որպէսզի անոնց վրայէն դասաւորուին գիրերը՝ համապատասխան դարաններու մէջ [33] ։ Քարտինալներու այս տեսութիւնը կը ներկայացուի Ուրբանոս Ը. Պապին, որ ոչ թէ օգտակար՝ այլ անհրաժեշտ կը նկատէ նման առաջարկի մը գործադրութիւնը։

9 Նոյեմբ։ 1640ի նիստին կը զեկուցուի նախորդ նիստի որոշումին գործադրուած ըլլալը, ու կրկին անգամ կը յանձնուի Պաւլինոյի, որպէսզի քննէ եղած տպագրութիւնը, եւ եթէ պակասներ գտ/14/նելու ըլլայ՝ նոր տպագրութեամբ ամբողջացնէ առաջին տպագրութիւնը։

Այս դէպքերէն երկու տարի ետք, այն է 12 Նոյեմբ. 1642ին, մասնական ժողովի մը ընթացքին, երբ քարտուղարը կը համառօտէ տպարանին ի նպաստ եղած գործերը, կրկին անգամ կը յիշէ վերի դէպքը՝ իբր պատմական եղելութիւն, թէ երկու տարի առաջ Ստ. Պաւլինոյի հովանաւորութեամբ՝ տպագրուած են 23 ազգերու այբուբենները, գործ մը՝ որ ատենին կատարուած է, քանի երկու տարի վերջ (1642ին) նոյնը եթէ գործադրուելու ըլլար՝ պիտի չներկայանար նախկին կատարելութեամբ, քանի այլեւս տկարացած էր Պաւլինոյի տեսութիւնը [34] ։

Ստ. Պաւլինոյի ձեռքով տպագրուած 23 ազգերու այբուբենը, որում էջ նաեւ հայերէնը, օրինակ մը պատուած է ՀՍ. ի դիւանը [35] ։ Թուղթին մեծութիւնն է 60x43 սմ, հինգ սիւներու մէջ. առաջին սիւնի վրայ երրորդ տեղը կը գրաւէ հայերէնը, 9, 7x4, 3 սմ մեծութեամբ՝ իբր վերնագիր ունի Alphabetum Armenum, ընդ ամէնը վեց տող, որոնց առաջին երկուսը՝ գլխագիրներն են, յաջորդ երկուքը՝ տպագրական բոլորղիրը, վերջին երկու տողերը՝ պատիւով գիրեր, միացած գիրերն ու կէտադրութիւնն է [36] ։

Alphabetum Armenum.

«Քրիստոնէական Վարդապետութիւն» (տպ. 1623ին եւ 1630ին )

/15/ ՀՍ. ի տպարանին առաջին եւ գլխաւոր նպատակը եղած է տպել ու տարածել Աստուածաշունչն ու Քրիստոնէական վարդապետութիւնը. սա կը յայտարարուի 14 Յուլիս 1626ի նիստին [37] ։

Դրուած ծրագրին համաձայն կը սկսի տպագրութիւնը «Քրիստոնէական վարդապետութեան», միշտ իբր հիմ ունենալով Ս. Բելլարմինոսի Քրիստոնէականը։ Այսպէս՝ նախ կը տպուի արաբերէն լեզուով՝ 1627ին, ապա յունարէն՝ 1628ին, ու հակառակ որ հայերէնը տպուած էր 1623ին Ստ. Պաւլինոյէ՝ 1630ին կրկին կը տպագրուի, հայերէն եւ իտալերէն լեզուով։ Հայերէնին կը յաջորդէ քաղդերէնը՝ 1633ին, լատինատառ սլաւերէնը՝ 1640ին, ալպաներէնը՝ 164-ին եւն. ։

Երկու անգամ, ուրեմն, տպագրուած է Քրիստոնէական վարդապետութիւնը, 1623ին եւ 1630ին։ 24 Յունուար 1623-ի նիստով կ՚որոշուի չորս Դոմենիկեան քարոզիչ ղրկել Նախիջեւան, որպէսզի դասաւանդեն 30 աշակերտներու համար բացուելիք դպրոցին մէջ, առ այս կը սահմանուի տարեկան 300 սկուդ։ Նոյն այս նիստով, շատ հաւանաբար աչքի առջեւ ունենալով Նախիջեւան բացուելիք վարժարանը եւ անոր անմիջական պահանջը, կ՚որոշուի տպագրութեան յանձնել Ս. Բելլարմինոսի Քրիստոնէական Վարդապետութիւնը, որ արդէն իսկ հայերէնի թարգմանած էր Պետրոս—Պօղոս հայ քահանայ մը, միաժամանակ սահմանելով որ տպագրելի գիրքէն բաւարար թիւով օրինակներ ղրկուին «Միաբանութիւն Հայոց ընդ Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ» գրքին հետ, նոյնպէս տպագրելի [38] ։

Առնուած որոշողութեան համաձայն՝ տպագրութեան հրահանգ տրուած ըլլալու է Ստ. Պաւլինոյի, որ յաջորդ ամսուն Փետրուարին, ինչպէս տեսանք, փոխ առնելով Վատիկանէն հայկական գիրերը, տարին չաւարտած՝ կը տպէ գիրքերը։

Տպագրութենէն շուրջ տարի մը ետք, Ս. Ժողովին կողմ է կը սկսի բաշխուիլ նորատիպ Քրիստոնէական գիրքը, որու մասին հետեւեալը կրցանք գտնել ՀՍ. ի դիւանէն. է 17 Դեկտ. 1624-ի նիստին կը զեկուցուի թէ հայերէն գիրքերու առաջին ծրար մը, սահմանուած միսիոնարներու համար, արդէն հասած են Հռոմէն Պոլիս, անկից Նախիջեւան շարունակելու համար [39] ։

21 Մայիս 1625ին Անգոնայի Եպիսկոպոսը եւ իմացնէ ՀՍ. ի Քարտուղարին, թէ հազիւ ընդունի հայկական գիրքերով լեցուն սնտուկը, առաջին ապահով ճամբով պիտի հասցնէ Վենետիկի Առաքելա/16/կան Նուիրակին [40] ։ Նոյն Եպիսկոպոսը 25 Մայիս 1625 թուակիր նամակով կ՚իմացնէ՝ գիրքերուն Հռոմէն հասած ըլլալը, խոստանալով փութով ճամբայ դնել դէպի Վենետիկ [41] ։

Պոլսոյ ֆրանսական դեսպանը 22 Յունիս 1625 թուակիր նամակով կ՚իմացնէ ՀՍ. ի Նախագահին՝ թէ Քրիստոնէական գիրքերուն առաջին խումբը ճամբայ հանած է դէպի Նախիջեւան, ու մնացած 20 օրինակներն ալ նոյն օրերուն ապահով միջոցներով ղրկած է նախորդներու ետեւէն [42] ։ Նոյնը կը վկայէ Պոլիսէն Դոմենիկեան Կարգէն Ֆր. Ճուսդինիանի, ըսելով թէ Քրիստոնէական գիրքերու սնտուկը ղրկած է Նախիջեւան՝ Օգոստինոս Բաջենցի, նոյն Թեմի ապագայ Եպիսկոպոսին [43] ։

1626–27 թուականներուն, Խրիմի մէջ կը գտնենք Դոմենիկեան Կարգէն Ֆր. Էմիտիոյ Բորդիլլի, մեկնած Հռոմէն իբր միսիոնար այդ քաղաքին։ Նամակներուն մէջ, ուղղուած ՀՍ. ի Ժողովին, կու տայ բազմաթիւ տեղեկութիւններ նոյն քաղաքին հայոց մասին, հայ եկեղեցականներու եւ Եպիսկոպոսներու իրենց հետ ունեցած սիրալիր վարմունքին մասին, յորդորելով ՀՍ. ի Քարտուղարը՝ որ անոնց ղրկէ նորատիպ Քրիստոնէական վարդապետութենէն օրինակներ [44] ։ Նոյն միսիոնարը, 14 Յուլիս 1627 թուակիր նամակով, կիմացնէ թէ Երուսաղէմէն Խրիմ հասած է Կարապետ Արքեպս., սրբակենցաղ ու քաջ քարոզիչ, որու քարոզներուն ներկայ կ՚ըլլան 2 000է աւելի հաւատացեալներ։ Կարապետ Արքեպս. Ֆր. Էմիտիոյի հետ տեսակցութեան մը ընթացքին կը յայտնէ՝ թէ Հռոմ տպագրուած Քրիստոնէականներէն 150 օրինակ հասած է Երուսաղէմի, ղրկուած Ուրբանոս Պապէն, եւ թէ ինք կարդացած եւ հաւնած է անոր պարունակութեան [45] ։

1623ին տպուած Քրիստոնէական գիրքին տպաքանակը անծանօթ է մեզի։ 1630ին զայն կրկին տպագրելը, հայերէն եւ իտալերէն, մեզի այնպէս ենթադրել կու տայ՝ որ սակաւաթիւ եղած ըլլալու են 1623ի տալուածները, եւ կամ բաժնելով՝ քիչ օրինակ տրամադրելի մնացած էր [46] ։

/17/ 1630ի Քրիստոնէականն ալ անշուշտ բաշխուած է թէ՛ Հռոմ եկող հաւատացեալներու եւ թէ ղրկուած է միսիոնարներու։ 1637ին հարիւր օրինակ ղրկուած է Երուսաղէմ Վեղարաւորներու մեծաւոր՝ Ֆր. Անդրէաս Տ՚Արքոյի, որ 18 Նոյեմբ. 1637 թուակիր նամակով կ՚իմացնէ Ս. Ժողովին՝ գիրքերուն ստանալը եւ զայն հետեւեալ կերպով բաժնած ըլլալը [47] ։

10 օրինակ Հալէպի Վեղարաւորներու մեծաւորին

5 » Գահիրէի քարոզիչներուն.

3 » Կիպրոսի Վեղարաւոր մեծաւորին.

10 » Դամասկոսի քարոզիչներուն.

5 » Գահիրէի Վեղարաւորներու մեծաւորին.

15 » Բաբելոնի Վեղարաւորներու մեծաւորին։

10 » Թրիփոլիի եւ Սայիտայի Վեղար. մեծաւորին.

10 » Վրաստանի Թէադինեաններուն.

10 » Հալէպի Յիսուսեանց մեծաւորին.

20 » Հալէպի Կարմեղական մեծաւորին։

 

Անկախ այս 100 օրինակներէն, Հալէպի Յիսուսեաններէն Հ. Կիրոլամոս Քուէյրօդիօ (Queirotio), 8 Օգոստ. 1638 թուակիր նամակով կը գրէ ՀՍ. ի Քարտուղար Ինկոլիի, իմացնելով Հալէպի մէջ բացուած դպրոցին մէջ հայ աշակերտներու գոյութեան մասին, եւ թէ շնորհակալութեամբ ընդունած է Հռոմէն 8 օրինակ Քրիստոնէական վարդապետութիւն, տպուած 1630ին [48] ։

Այս գիրքին մասին խօսած ատեն՝ կուզենք նշել թէ ՀՍ. ի դիւանին մէջ հանդիպեցանք ակնարկի մը «մեծ» եւ «փոքր» օրինակներու։ Կարապետ Վրդ. Երեւանցի, որ 1643 թուականէն Հռոմ էր, եւ 1651ին ՀՍ. ի կողմ է կը ղրկուի Երեւան, երկու աղերսագիր կը ներկայացնէ, խնդրելով զանազան գիրքեր՝ հետը տանելու համար։ Առաջին աղերսագիրը գրուած է 28 Օգոստ. 1651ին, լատիներէն լեզուով [49], ուր զանազան գիրքերու շարքին կը յիշէ :

«Doctrina Cristiana - Magna (մեծ), Armeno-Italiano, 10,

Doctrina Cristiana - Parva (փոքր), ո° 40»:

երկրորդ աղերսագիրը, 1651 թուականով, գրուած է իտալերէն [50] հետեւեալ կերպով:

«Dottrina Christiana del S. Bellarmino, 5,

Dottrina Christiana piccola (4oner) armena, 20» :

/18/ Այս կերպով կը փաստուի գոյութիւնը երկու Քրիստոնէականներուն։ Մեր կարծիքով, փոքր ըսելով կը հասկցուի 1623ի տպագրութիւնը, եւ կամ 1630ի տպագրութեան միայն հայերէն բնագիրը, ինչ որ անհաւանական կը թուի։ Փոքր Քրիստոնէականը արտաքին ծաւալով ալ պէտք է նուազ տարածուն եղած ըլլայ, քանի Կարապետ Վրդ. կը համարձակի խնդրել անկ է 20 կամ 40 օրինակ։

1 Սեպտ. 1650 թուականը կրող ՀՍ. ի տպարանի շտեմարանի ցանկին համաձայն, 1630ին տպուած Քրիստոնէականէն մնացած է 450 օրինակ [51] ։ 1660 Մարտ–Յունիս ամիսներուն պատրաստուած ուրիշ ցանկի մը համաձայն՝ նոյն գիրքէն մնացած է 394 օրինակ [52] ։ Յովհաննէս Արքեպ. Քէրէմովիչ, երբ հովուական պաշտօնով Հռոմէն կը ղրկուի Լիվոռնոյ, 4 Սեպտ. 1663 թուականով աղերսագիր կը ներկայացնէ՝ ունենալու համար կարգ մը գիրքեր, Քրիստոնէականէն կը խնդրէ 6 օրինակ։ Նոյն աղերսագրին վրայ քարտուղարութիւնը նշանակած է 6 օրինակներու յանձնումը, եւ թէ շտեմարանին մէջ մնացած է 136 օրինակ [53] ։

Հետաքրքրական է հոս յիշել թէ Վենետիկի Առաքելական Նուիրակը 30 Սեպտ. 1651ին եւ իմացնէ ՀՍ. ի Նախագահին, Քարտ. Փանֆիլոյի, թէ հայ ազնուական մը Վենետիկի մէջ կ՚ուզէ վերատպել Բելլարմինոսի Քրիստոնէական վարդապետութիւնն ու հայ Պատարագամատոյցը. ու Նուիրակը մտածելով թէ այդ երկու գիրքերն ալ անցեալին տպուած են Հռոմի մէջ, եւ վերատպուելով՝ կրնայ արգելք հանդիսանալ ՀՍ. ի ծրագիրներուն, խոհեմութիւն կը համարի լուրը Հռոմի հաղորդելը [54] ։ Հարցը կը դրուի ժողովի, ու 30 Հոկտ. 1651ի նիստով, Ժողովը համաձայն կը գտնուի տպագրութեան, պայմանով որ հայերէն եւ իտալերէն օրինակները՝ տպագրութենէն առաջ քննուին մասնագէտ անձէ, որպէսզի ներս չսպրդին սխալներ [55] ։

«Փառք ի բարձունս»ի թուղթ (տպ. 1637ին)

1626 թուականէն, երբ սկսած է գործել ՀՍ. ի տպարանը, մինչեւ 1641, գործնականին մէջ տպուած է միայն 1630ի Քրիստոնէականը։ Ունինք սակայն դիւանական ակնարկներ՝ տպագրուած թուղթի մը, 1637ին։

Լատին եկեղեցւոյ մէջ սովորութիւն է խորանի վրայ դնել փոքրիկ զարդարուն շրջանակներ, որոնց մէջ գրուած ըլլան աղօթքներ, ձեռագիր կամ տպագիր։ Գրութիւնները կրնան ըլլալ այլազան. այս/19/պէս Փառք ի բարձունս աղօթքը ամբողջութեամբ, կամ Լուացայց սրբութեամբ զձեռս իմ սաղմոսը, կամ ի սկզբանէ էր բանն Յովհաննու Աւետարանին առաջին գլուխը։ Զանազան տեսակի այս գրութիւնները՝ լատինները մէկ բառով կը կոչեն «Carta Gloriae», ակնարկելով Փառք ի բարձունս աղօթքին։

1667ի ՀՍ. ի տպագիր գրացուցակին մէջ, Հայկական գիրքերու ցանկը ունի հետեւեալ գրութիւնը։ «Carta di Gloria, Aria Armene, Typis S. Cong. 1637, in folio aperto», գործնականին մէջ բաց էջ մը եղած ըլլալու է, ուսկից աղօթքները կամ գրութիւնները կտրելով՝ կը դրուէին շրջանակներու մէջ։ Թէ արդարեւ այս գրութիւնները կը ծառայէին զարդարելու խորանները, կ՚եզրակացնենք նոյն 1667 ի գրացուցակէն, ուր սլաւական գիրքերու ցանկին մէջ բացայայտ կերպով կը գրէ «Carta di Gloria, per li altari (խորաններու համար) in folio aperto», առանց նշանակելու տպագրութեան թուականը։

ՀՍ. ի գիրքերու շտեմարանի զանազան ցանկերու մէջ կը հանդիպինք այս թուղթին. այսպէս 1 Սեպտեմբեր 1650ին պատրաստուած ցանկին մէջ «Carte di Gloria col carattere Armeno, copie 60» [56]: 1665 Օգոստ. ամսուն պատրաստուած ցանկի մը համաձայն՝ ՀՍ. ի գրավաճառը ծախու տրամադրելի ունի 146 օրինակ [57] ։

1765ի ՀՍ. ի տպագիր գրացուցակը կը նշանակէ նոյն թուղթին երկրորդ տպագրութիւնը, կատարուած 1728ին, կարմիր եւ սեւ մելանով, աւելի գեղեցիկ կերպով ներկայացնելու համար աղօթքները։ Ցուցակը կը գրէ. «Carta, quam dicunt Gloriae, 1728, in folio in 4, aperto. Nigra et rubra» :

Յայսմաւուրքի տպագրութեան գաղափարը

ՀՍ. ի Ժողովը, ինչպէս ակնարկեցինք, հաստատուած էր տարածելու համար կաթողիկէ վարդապետութիւնը, մատնանշելու Արեւելեան Եկեղեցիներու իրենց «մոլորութիւններ»ը, որպէսզի ամէնքը ուղղուելով Հռոմի՝ կազմեն մէկ եկեղեցի։ Այս էր այդ դարուն Հռոմի Եկեղեցիին մտայնութիւնը, եւ գրեթէ ի յառաջագունէ այն համոզումը ունէր՝ թէ Արեւելեան եկեղեցիները նովին իսկ գործով ունին մոլորութիւններ, ըլլա՛յ, իրենց ծիսական գիրքերուն մէջ, ըլլա՛յ վարդապետութեան մէջ, ըլլայ նոյն իսկ իրենց Աստուածաշունչին մէջ։ Եւրոպացի միսիոնարները այս համոզումով կը մեկնէին Հռոմէն, ու ջանքն ունէին իրենց նամակներով միշտ աւելի ցոյց տալ Հռոմի՝ իրենց ըրած ճիգերը այս ուղղութեամբ։ Հռոմ, նոյն այս մտայնութեամբ, հոգեպես պատրաստ էր լսելու իր միսիոնարներէն՝ ինչ որ /20/ անոնք գրէին, ու անոնցմէ ստացած լուրերուն համաձայն կ՚առնուէին որոշումներ։

Այս ուղղութեամբ շատ են մեր ունեցած դիւանական փաստերը, որոնցմէ մէջ կը բերենք հատուած մը միայն, ուրիշ պատեհ առիթի թողլով ամբողջութիւնը։

Իտալացի Դոմինիկեան քարոզիչ, Հ. Էմիտիոյ Բորդիլլի, Իտալիոյ Ասքոլի քաղաքէն, 1625 տարւոյն վերջաւորութեան կը ղրկուի Խրիմ՝, ուր կը գտնէ հայ վարդապետներ, որոնք զինքը կ՚ընդունին սիրով եւ քրիստոնէական հոգիով, այնքան որ Էմիտիոյ կ՚առաջարկ է Քարտինալներու՝ շնորհակալութեան գիր մը ուղղել անոնց Հռոմէն։

Էմիտիոյ քիչ ժամանակ վերջ, ՀՍ. ի ուղղված նամակներուն մէջ կը սկսի պարզել հայոց մոլորութիւնները. այսպէս, 15 Մայիս 1626ին կը գրէ՝ թէ խօսած է հայ երեք «քարտինալ»ներու հետ, որոնց համաձայն Քրիստոս յարութենէն ետք դժոխք իջնելով ազատած է դատապարտեալները. թէ մեռեալներու հոգիները ո՛չ դժոխք կ՚երթան եւ ո՛չ արքայութիւն. թէ մանուկներու կը տրուի հաղորդութիւն, եւ թէ չափահասները կը զգուշանան հաղորդուելէ՝ իրենց անարժանութեանը համար։ Էմիտիոյ այս ամէնը կը վերագրէ տպագրուած գիրքերու պակասին, եւ որով կ՚եզրակացնէ թէ հայ Վարդապետներն անգամ անկարող են գիտնալ ճշմարտութիւնը» [58] ։ 17 Հոկտ. 1628ին կը շարունակէ գրել նոյն միսիոնարը, թէ հայերը նորածին մկրտեալին կու տան Ս. Հաղորդութիւնը եւ մատին ծայրով նաեւ սրբագործուած գինիէն, եւ թէ այր մարդիկ Զատկին կը հաղորդուին ոչ ծնրադիր՝ այլ կանգուն [59] ։

Այս եւ ասոնց նման լուրեր U. Ժողովը քննութեան կ՚ենթարկէ. նախ 17 Հոկտ. 1628ին, ուր նկատած Խրիմի Հայ եկեղեցականներու բարեացակամ տրամադրութիւնը, կը ղրկեն 1584ին տպուած Տօմար Գրիգորեանէն օրինակներ, որպէսզի հայերը զայն որդեգրեն՝ փոխանակ Յուլեան տոմարին [60] ։ 12 Դեկտ. 1628ի նիստով, յետ գովելու Էմիտիոսի առաքելական խանդը, կորոշուի հրահանգ ղրկել իրեն, որպէսզի շարադրէ ամբողջական գրքոյկ մը՝ հայոց սխալներուն մասին։ Եւ որովհետեւ նոյն քարոզիչը գրած էր թէ հայերը մեծ պաշտամունք ունին Յայսմաւուրքին հանդէպ, աւելի՝ քան Աստուածաշունչին, եւ թէ ճիշտ Յայսմաւուրքներուն մէջ է գլխաւորաբար հայոց սխալներն ու մոլորութիւնները, հրահանգ կը տրուի որ Յայսմաւուրքի ձեռագիր օրինակ մը ղրկէ Հռոմ, որպէսզի սրբագրուելով տպագրուի, եւ այնպէս տարածուի հայոց մէջ [61] ։

/21/ Էմիտիոյ կը խոստանայ շարադրել պահանջուած գրքոյկը, սակայն 30 Ապրիլ 1630 թուակիր նամակով՝ Ս. Ժողովի քարտուղարին կը յայտնէ Յայսմաւուրք մը ղրկելու իր անկարողութիւնը, պատճառ բերելով անոր սակաւաթիւ ըլլալը, եւ կամ օրինակել տալու պարագային՝ շատ սուղ արժելը. ու կ՚առաջարկէ նոյնը բերել տալ Լեհաստանէն, ուր անշուշտ կը գտնուէին օրինակներ [62] ։

Մինչ այս 1630ին ՀՍ. ի տպարանը կը տպուի Քրիստոնէական վարդապետութիւնը, ջանալով ձեռք բերել ձեռագիր Յայսմաւուրքը։ Հարցը լուրջի առնուած ըլլալով, 15 Յունիս 1630ի նիստով որոշում կ՚առնուի դրել Հալէպի Վեղարաւորներու մեծաւորին, որ հետաքըրքրուի այս հարցով, եւ անձամբ Յայսմաւուրքը հետը բերէ Հռոմ։ Նմանապէս նոյն նիստով կը մտածուի գրել Նախիջեւանի Արքեպիսկոպոսին, Օգոստինոս Բաջենցի, որպէսզի սրբագրուած Յայսմաւուրք մը հասցնէ Հռոմ։ Նոյն այս նիստին կը զեկուցուի թէ Հալէպէն հասնելիք ձեռագրին օրինակութիւնը՝ Ս. Ժողովին պիտի արժէ 80 րէալ, գին մը որ շատ նպաստաւոր կը նկատուի, համեմատած ձեռագրին ընդարձակութեան [63] ։ ՀՍ. ի Ժողովը գոհ էր նման գործի մը ձեռնարկած ըլլալուն, որովհետեւ Խրիմի ու Պարսկաստանի միսիոնարներէն իմացած էր՝ թէ Յայսմաւուրքը սրբագրելով տպելու պարագային՝ մեծ նպաստ ձեռք բերուած պիտի ըլլար կաթողիկէ հաւատքին համար» [64] ։

Հալէպի մէջ շուտով կը ձեռնարկուի Յայսմաւուրքի ընդօրինակութեան. Վեղարաւորներու Մեծաւորը 30 Օգոստ. 1630 թուակիր նամակով կ՚իմացնէ՝ կէսէ աւելին օրինակուած ըլլալը, խնդրելով որ շուտով ղրկուի իրեն 80 րէալը [65] ։ Մինչ այս Հռոմէն հրահանգ կը ղրկուի Պարսկաստանի Կարմեղական միսիոնարներուն, յատկապէս Հ. Էպիֆանիոյի, որ այլեւս հետամուտ չըլլան Յայսմաւուրքին, քանի Հալէպէն կամ Նախիջեւանէն պիտի հասնէր օրինակը [66] ։

ՀՍ. ի Ժողովին, որ այնքան հետամուտ էր Յայսմաւուրքի սրբագրութեան եւ տպագրութեան, շատ հաւանաբար մեծապէս հաճոյ անցած ըլլայ այն խօսակցութիւնը՝ որ պատահած է Նոր Ջուղայի Առաջնորդ Խաչատուր Կեսարացիի եւ Կարմեղական Էմիտիոյի միջեւ։ Սա վերջինս կը գրէ, 25 Սեպտ։ 1630ին, թէ ինք մեծ բարեկամ է /22/ ճգնասուն եւ քարոզիչ Խաչատուր Արքեպսի, որու հետ օր մը վարդապետական նիւթերու մասին խօսելէ յետոյ, ուզած է գիտնալ անոր կարծիքը Յայսմաւուրքի պարունակութեան մասին, օրինակ՝ թէ Թոմաս Առաքեալ ծախուած է 30 տէնարի, եւ կամ Փիլիպպոս Առաքեալ մեռնելէն 40 օր ետք միայն արքայութիւն մտած է՝ նզոված ըլլալուն համար այն քաղաքը որ չէր ընդունած իր քարոզութիւնը։ Էմիտիոյ հաճոյքով կը լսէ Խաչատուրի դատաստանը, թէ այդ ամենը սուտ են եւ առասպելական, եւ թէ նման պատմուածքներ շատ կան Յայսմաւուրքին մէջ։ Էմիտիոյ քաջալերուած ստացած պատասխանէն, կ՚առաջարկէ Խաչատուր Արքեպս. ի գրել այս նիւթին մասին, որպէսզի հայ ժողովուրդը չհաւատայ անոնց։ Էմիտիոյ զարմացած պիտի ըլլայ նաեւ ստացած պատասխանին համար թէ «Ով կուզէ թող հաւատայ, որովհետեւ գրուածին հակառակ չէ կարելի ապացուցանել»։ Էմիտիոյ իր նամակը կը փակէ սա յուսախաբ խորհրդածութեամբ։ «Կոյրը կոյրին երբ առաջնորդէ…, այս հայերը այսպէս եկած են եւ այսպէս կը շարունակեն, վստահացած իրենց ծոմապահութեան եւ խստակրօն կեանքին վրայ» [67] ։

Ս. Ժողովին հաճոյ անցած պիտի ըլլայ նաեւ Ֆր. Էպիֆանիոյի 28 Յունուար 1631ին, Կոայէն գրածը, թէ «Հայոց սխալները շատ են, թէ՛ խորհուրդներուն, թէ՛ յարութեան եւ թէ քաւարանի մասին. շատ տարուած են Թէոսկորոսի սխալներէն. այս բոլորին դարմանը պիտի ընենք ժամանակով. Հայոց սրբազան գիրքերն են՝ Աստուածաշունչն ու Յայսմաւուրքը, որու մէջ կան իրենց օրէնքները, սովորութիւնները եւ հին աւանդութիւնները, եւ որովհետեւ Յայսմաւուրքի գրութիւնը ամէնքը չեն հասկնար, անոր համար շատ փնտռուած է այս հատորը» [68] ։

1631–1634 տարիներուն Ս. Ժողովը միշտ հետամուտ է Հռոմ հասցնել տալու ձեռագիր Յայսմաւուրքը. ու հետեւեալ կերպով կը յառաջանայ այս գործը:

11 Նոյեմբ. 1631ի նիստով կ՚որոշուի՝ հրահանգ տալ Վենետիկ բնակող Ս. Աթոռի գործակալին, 80 սկուդ փոխանցել Հալէպ, իբր գին Յայսմաւուրքի ընդօրինակութեան [69] ։ 20 Մարտ 1632ին Հալէպէն, Ս. Աթոռի գործակալ Գասպար Տալլա Քիէզա կը գրէ՝ 80 սկուդ ստացած ըլլալը, թէ գումարին կէսը վճարած է ընդօրինակողին, որպէսզի խրախուսուելով՝ ամբողջացնէ, եւ ձեռագիրը ճամբայ դրուի դէպի Հռոմ [70] ։

/23/ ՀՍ. ի Ժողովը հետամուտ էր շուտով ստանալու Յայսմաւուրքը, սակայն չունէր փորձառութիւն՝ գործը գլուխ հանելու։ Խնդիր էր Հռոմի մէջ գտնել հայերէն լեզուն կատարեալ գիտցող անձ, միաժամանակ աստուածաբան, որ Յայսմաւուրքին մէջ Հայոց «մոլորութիւններ»ը սրբագրէր, հսկէր նաեւ անոր տպագրութեան վրայ։ Ս. Աթոռը տեսնելով գործին դժուարութիւնը, հրահանգ տուած էր Հալէպի գործակալին, Գասպարի, որ ձեռագիրը ընդօրինակելէ ետք՝ հետամուտ ըլլայ նաեւ անոր իտալերեն թարգմանութեան, եւ այնպէս՝ բնագիր ու թարգմանութիւն միասին զրկել Հռոմ։ Գասպար 15 Յուլիս 1632 թուակիր նամակով կիմացնէ ՀՍ. ի քարտինալներուն, թէ կը յուսայ մօտ ատենէն աւարտել տալ Հայերէն ընդօրինակութիւնը, սակայն միաժամանակ կը յայտնէ անկարելիութիւնը՝ Հալէպի մէջ գտնել հասու անձ, որ ստանձնէ ամբողջ հայ Յայսմաւուրքի մը թարգմանութիւնը իտալերէնի [71] ։

Տարուան մը լռութենէ ետք, Գասպար կը գտնենք Վենետիկ, հասած Հալէպէն։ 28 Օգոստ. 1634ի նիստին կը զեկուցուի թէ Գասպար հետը բերած է Յասմաւուրքին երկու երրորդ մասը, ու Վենետիկի մէջ կը սպասէ Ս. Ժողովի կարգադրութեան։ Նոյն նիստով կորոշուի որ ձեռագիրը յանձնուի Վենետիկի Առաքելական նուիրակին, որպէսզի ապահով միջոցով հասցնէ Հռոմ [72] ։

Հոս կը դադրին մեր աղբիւրները, եւ այնպէս կ՚ուզենք ենթադրել՝ թէ Յայսմաւուրքը Հռոմ հասնելէ վերջ՝ Ս. Ժողովը անկարելիի առջեւ գտնուած ըլլայ։ Ի՞նչպէս կարելի էր գտնել թարգմանիչ՝ որ թարգմանէր Յայսմաւուրքը իտալերէնի կամ լատիներէնի, ապա սրբագրուէր «մոլորութիւն»ներէն եւ այնպէս տպագրուէր... ։ Ս. Ժողովն ալ տեսած պիտի ըլլայ թէ սուրբերու վարքերուն մէջ գրուած ջերմեռանդական չափազանցութիւնները սրբագրելով, ու մանաւանդ այնքան հսկայ ծախսի տակ մտնելով՝ չէր կրնար հասնիլ այն նպատակին՝ որու ուղղուած էր տարիներէ ի վեր։

Յայսմաւուրքի տպագրութիւնը կը մատնուի մոռացութեան՝ նաեւ ուրիշ պատճառի մը համար։ ՀՍ. ի Ժողովը ատենէ մը ի վեր հետամուտ էր տալ Արեւելեան ազգերու նախ եւ առաջ Աստուածաշունչը, եւ որով ամբողջ ուշադրութիւնը սկսած էր ուղղել անոր, իր ունեցած տրամադրելի գումարն ալ կ՚ուզէր յատկացնել այս դիտաւորութեան։ Սկսած էր մշակել հսկայ ծրագիրներ, որոնց մասին չենք կարող ծանրանալ. մենք կը կեդրոնանանք միայն Հայ Աստուածաշունչի տպագրութեան պատմութեան։



[1]     ԻՇԽԱՆԵԱՆ Ռ., Հայ գրքի պատմութիւն, Հտ. Ա., Երեւան, 1977։

[2]     Այս նիւթին մասին մեր գլխաւոր աղբիւրը եղած է՝ MORONI GAETANO, Dizionario di erudizione storico-ecclesiastico, Venezia, 1854, vol. LXIX, pg. 218-254.

[3]     ԳԱԼԷՄՔԵԱՐԵԱՆ Հ. Գ., Հռոմայ առաջին հայ տպագրութիւնը 1579ին է, «Հանդէս Ամսօրեայ», 1914, էջ 118–22։

[4]     Ձեռագիր Վատիկանի, Cod. Vaticani Armeni, no 2, fol. 34V։ 5.

[5]     Զանց կ՚ընենք ծանրանալ այս շրջանին մասին, որովհետեւ Ռ. Իշխանեան իր վերոյիշեալ գիրքին մէջ շատ մանրամասն քննած է արդէն։

[6]     Acta, vol. 6, fol. 151-2, n. 2.

[7]     Acta, vol. 8, fol. 134, n. 1.

[8]     Cong. Part. vol. 2, fol. 31.

[9]     Անդ։

[10]   Cong. Part. vol. 3, fol. 270.

[11]   Fondo Vienna, vol. 22, fol. 195.

[12]   ԱԿԻՆԵԱՆ Հ. Ն., Մովսէս Գ. Տաթեւացի Հայոց կաթողիկոսն եւ իր ժամանակը, Վիեննա, 1936, էջ 400 (Ազգ. Մատնդ. ՃԼԹ)։

[13]   ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ Գ. Վ., Թորոս Աղբար, Հտ. Բ., Պոլիս 1884, էջ 288–290։ Տե՛u նաեւ ԱԿԻՆԵԱՆ Հ. Ն., Անդ, էջ 325–327։

[14]   Մեր տրամադրութեան ունինք լեհահայոց այս նամակին իտալերէն թարգմանութիւնը։ Նամակէն հատուած մը եւ անոր ամբողջ պատմական շրջանակը կարելի է գտնել՝ PETROWICZ G., L'unione degli Armeni di Polonia con la S. Sede, Roma, 1950, pg. 48:

[15]   Acta, vol. 4, fol. 74.

[16]   Fondo Vienna, vol. 22, fol. 622-623.

[17]   Fondo Vienna, vol. 22, fol. 503.

[18]   Acta, vol. 4, fol. 119, n. 23.

[19]   Fondo Vienna, vol. 22, fol. 504.

[20]   Acta, vol. 4, fol. 322-3.

[21] Cong. Part., vol. 3, fol. 270-1, 282-8.

[22]   Acta, vol. 16, fol. 17-18.

[23]   Acta, vol. 6, fol. 207։

[24]   Fondo Vienna, vol. 22, fol. 504.

[25]   Անդ, fol. 505.

[26]   Անդ, fol, 624։

[27]   Անդ, fol. 510։

[28]   Անդ, fol. 511-2

[29]   Անդ, fol. 512։

[30]   SC. Stamperia, vol. 1, fol. 89.

[31]   ՀՍ-ի տպարանին առաջին տպագրուած գրացուցակը կը կրէ 1667 թուականը, որու միակ օրինակը կը գտնուի ներկայիս ՀՍ-ի գրադարանը, դրուած ուսումնասէրներու առձեռն տրամադրութեան։

[32]   Fondo Vienna, vol. 22, fol. 506.

[33]   Acta, vol. 14, fol. 183, n. 30.

[34]   Cong. Part., vol. 3, fol. 282-288.

[35]   SC. Stamperia, vol. 1, fol. 120.

[36]   Բազմալեզու այբուբեններու վերնագիրները հետեւեալներն են. 1. Aetiopicum, 2. Arabicum, 3. Armenum, 4. Barmanum, 5. Brammanicum, 6. Chaldaicum antiquum, 7. Chaldaicum, 8. Cophtum, 9. Graecum, 10. Hebraicum, 11. Hibernicum, 12. Ibericum seu Georgianum, 13. Illyricum Cyrilli, 14. Illyricum Hieronimi, 15. Grandonicum, 16. Malabaricum, 17. Slavo-Moscum, 18. Persicum, 19. Rabbinicum, 20. Samaritanum, 21. Syriacum, 22. Tangutanum, 23. Tibetanum.

[37]   Fondo Vienna, vol. 22 fol. 503.

[38]   Acta, vol. 3, fol. 26-27.

[39]   Acta, vol. 3, fol. 116, n. 7.

[40]   SOCG, vol. 293, fol. 271.

[41]   SOCG, vol. 293, fol. 272.

[42]   SOCG, vol. 183, fol. 582.

[43]   SOCG, vol. 293, fol. 263.

[44]   SOCG, vol. 209, fol. 582-3.

[45]   SOCG, vol. 113, fol. 340-1.

[46]   ՀՍ-ի տպարանին 1773ին տպուած գրացուցակը, էջ 15, հետեւեալ ծանօթութիւնը կու տայ այս գիրքին նկատմամբ։ «1623ին, այսինքն Փրոփ. ՖիտէԷ տպարանը հաստատուելէն երեք տարի առաջ, Ստ. Պաւլինոյ տպած է «Միաբանութիւն Հայոց Եկեղեցւոյն ընդ Լատինաց» եւ «Բովանդակութիւն քրիստոնէական վարդապետութեան», հայերէն գիրով եւ լեզուով, որոնցմէ օրինակներ մը յաջորդաբար դեռ կը թափառէին տպարանի շտեմարանը»։

[47]   SOCG, vol. 107, fol. 78-80.

[48]   SOCG, vol. 118, fol. 114.

[49]   SOCG, vol. 292, fol. 278.

[50]   SOCG, vol. 292, fol. 446.

[51]   SOCG, vol. 363, fol. 218.

[52]   Fondo Vienna, vol. 22, fol. 76-7.

[53]             SOCG. vol. 223, fol. 170.

[54]             SOCG, vol. 292, fol. 440.

[55]   Acta, vol. 20, fol. 113, n. 19.

[56]   SOCG, vol. 363, fol. 218.

[57]   Fondo Vienna, vol. 22, fol. 195.

[58]   SOCG, vol. 112, fol. 386-388.

[59]   SOCG, vol. 147, fol. 253.

[60]   Acta, vol. 6, fol. 151-2, n. 2.

[61]   Acta, vol. 6, fol. 179, n. 10.

[62]   SOCG, vol. 115, fol. 351.

[63]   Acta, vol. 7, fol. 76, n. 12.

[64]   SOCG, vol. 115, fol. 312.

[65]   SOCG, vol. 115, fol. 267. Նամակագիրը հետեւեալ կերպով կը ստորագրէ. «Fr. Gio. Fermo Attonica da Bergamo, de Minori Riformati, Guardiano et Vicario Commissario Apostolico della Siria et Armenia».

[66]   Acta, vol. 7, fol. 120, n. 6. Lettere volgari, vol. 10, fol. 104.

[67]   SOCG, vol. 115, fol. 357.

[68]   SOCG, Vol. 149, fol. 311.

[69]   Acta, vol. 7, fol. 131, n. 6.

[70]   SOCG, vol. 150, fol. 221.

[71]   SOCG, vol. 150, fol. 228.

[72]   Acta, vol. 10, fol. 105, n. 10.