Հայ տպագրութիւնը եւ Հռոմ (ԺԷ. դար)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Ը. ԹՈՄԱՍ ԵՊՍ. ՎԱՆԱՆԴԵՑԻ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԸ

/183/ Վանանդեցիներու հրատարակչական գործունէութեան մասին զանազան անգամներ գրուած է, որոնց լրումը եւ համադրութիւնը եղաւ Մեսրոպ Վրդ. Գրիգորեանի 1969ին հրատարակած աշխատութիւնը [1], ուր հոգեշնորհ հեղինակը յայտնաբերած է նոր եւ արժեքաւոր փաստաթուղթեր, յատկապէս Թոմաս Եպս. Վանանդեցիի կեանքին եւ գործունէութեան նկատմամբ։ Ներկայ մեր գրութեամբ կուզենք տալ անդրագոյն ծանօթութիւններ, ապագայ բանասէրներու հայթայթելով նիւթեր, որոնց համադրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ ամբողջական կերպով գծել այս վաստակաւոր մշակին դիմագիծը։

Գանձասարէն դէպի Եւրոպա

Թոմաս Արքեպս. Նուրիճանեան, վանահայր Վանանդի Ս. Խաչ մենաստանին, երկու անգամ ճամբորդած է դեպի Արեւմուտք՝ առաջինը՝ համեմատաբար համառօտ (1670–1673), իսկ երկրորդ անգամ՝ այլեւս չէ դարձած հայրենիք ու վախճանած է Արեւմուտքի մէջ (1678–1708)։

Թոմաս Եպս. երկրորդ անգամ հայրենիքէն ճամբայ ելած է 1678ի Մայիսին, քանի այդ թուականը կը կրէ իրեն տրուած Յանձնարարական գիրը, ստորագրուած Գանձասարի Երեմիա Կաթողիկոսէն եւ տասնեակ մը եպիսկոպոսներէ։ Գիրը ուղղուած է «Սրբոց եւ աստուածախում(բ) ժողովոյն, ուր են ամոլք Հաւատոյ սրբոյ Պետրոսի եւ Պօղոսի մեծահռչակ մայրաքաղաքին Հռոմայ ամենավայելուչ կրթարանն Պրոպականդա Ֆիդէ», խնդրելով որ սիրով ընդունին Թոմաս /184/ Եպս. ը, եւ «բառնալ զվիշտ եւ զնեղութիւն դորա, որքան է հնար եւ կար», քանի նախորդ անգամ եւս ընդունած են զինքը, «զի բացի գալստենէ յայսմանէ՝ միւսանգամ՝ երեւի ելանել սորին առ վեհսդ»։ Ինչպէս կը տեսնուի, Յանձնարարականին մէջ ոչ մէկ գործնական շարժառիթի ակնարկ կը գտնենք, ո՛չ տպագրութեան դիւրութիւն ընծայելու Թոմասի եւ ոչ նիւթական նպաստի, այլ՝ «այցելու լինել դմին, որպէս ըմպոն եւ պատշաճ երեւի նախախնամող բարուց ձերոց» [2] ։

Տարի մը յետոյ, 30 Մայիս 1679ին, Թիֆլիսի ուղղափառ ազգայիններ նամակ մը կ՚ուղղեն Հռոմի Եկեղեցիին, պատմելով իրենց տառապանքը, ու կը խնդրեն որ իրենց ուղղուի «յորդորական եւ յանձնարարական թուղթ մի՝ առ Գիորգի խանն, զի եւ նա սիրող է եւ բարեկամ ուղղափառաց յամենայն սրտէ իւրմէ»։ Նամակը գրողներն են՝ «Շահվէրտի անուն մեծազգի եւ իշխանազուն, որ է նախարար եւ յառաջադէմ՝ մեծի իշխողի գաւառաց բազմաց Գիորգի խանին, եւ ընդ նմա Էստատէ ոմն, որ է քաջ թար(քմա)նիչ ի դրանն Նունայ իշխանին, եւ ապա Պապաջան մեծ երեւելի ազգի, եւ ապա Զալի, որ նա եւս է այր իմաստուն, որ սնեալ է ի մէջ պատրոց, եւ այլ յոգունք, ընդ այր եւ ընդ կին լեալք ոգիք վաթսուն»։ Նամակագիրը ենթադրելով որ տարի մը առաջ իրենց մօտէն մեկնող Թոմաս Եպս. ցարդ հասած ըլլայ Հռոմ՝ կը գրէ. «... զԹօմա (եպ)իսկոպոսդ, որ եկն ի համբոյր գարշապարաց… մերժեցին բազմադիմի ձաղանօք, լցին եւ վարեցին յեկեղեցւոջ, զի եւ դա մերձ երկրի մերոյ, եւ մխիթարիչ յորդորող ուղղափառաց ի մանկութենէ իւրմէ, եւ մեք եւս ունիմք ի դմանէ բազում մխիթարութիւն [3] ... օգտակարութիւն. վասն որոյ /185/ խնդրեմք հարազատական սիրով լսել եւ առնել զիղձ եւ զփափաք դորին եւ լնուլ զհայցուածս դորա» [4] ։

Վիեննայի մէջ

Այնպէս կը թուի որ 1681ին Թոմաս Եպս. կը գտնուի Վիեննա, ուր էր նաեւ Պետրոս Պետիկ, որ 15 Յունիս 1681ին կը գրէ ՀՍ. Ի Ժողովին. «Այժմ Հռոմ կու գայ Պարսկական հողերու վրայ գտնուող Գողթան գաւառի Ս. Խաչ վանքի եպիսկոպոսը (չի տար Թոմասի անունը), որ եռանդուն հոգի մըն է. կու գայ հաւատքով լեցուն. յուսամ դուք եւս օգնէք իրեն ու (Հայրենիք) դառնայ մխիթարուած՝ ի շահ մեր կրօնքին, որովհետեւ հոն հունձքը առատ է…»։ Ապա կ՚իմացնէ Յակոբ Դ . Կաթողիկոսի մահը, եւ թէ անոր յաջորդած է Ս. Թադէի Առաջնորդ Սահակ Արդար, ապա կ՚աւելցնէ. «արդ կը յուսամ՝ որ Ս. Աթոռը Հռոմ եկող այս եպիսկոպոսին հետ այնպէս պիտի վարուի՝ որ կամաց կամաց (Հայ) ազգը միանայ (Հռոմի), որու ես ալ պիտի նպաստեմ տկար ուժերովս այս արքունիքէն» [5] ։

Վենետիկի մէջ

1681ի Յունիս–Յուլիս ամիսներուն Թոմաս Եպս. Վիեննայէն մեկնելով կ՚ուղղուի Վենետիկ, ուր կը մնայ երկու ամիս, ու քաղաքէն մեկնելէ առաջ Andrea Borghi անունով անձէ մը կ՚առնէ Յանձնարարական՝ ուղղուած ՀՍ. ի Քարտուղարին։ Յանձնարարականին թուականն է 11 Սեպտ. 1681, իսկ պարունակութիւնը կ՚ըսէ. «Յովհաննէս Յակոբ (Հոլով) որ հոս միսիոնար է Հայոց, կ՚ըսէ թէ քաղաքս երկու ամիսէ ի վեր ժամանած է Թոմաս Եպս. Վանանդէն։ Որքան ատեն որ քաղաքս մնաց՝ ցոյց տուաւ ըլլալ ջերմեռանդ կաթողիկէ։ Արեւելքի մէջ, յատկապէս Վրաստանի մէջ` հերետիկոսներղ կրած է, ու հոս Վենետիկի մէջ ալ հալածուեցաւ, որովհետեւ Ս. Խաչ ե/186/կեղեցւոյ մէջ պատարագեց կաթողիկէ կերպով (սրբագրութեանց համաձայն)։ Կ՚ուզէ Հռոմ մեկնիլ իր երկու զարմիկներով, ու ինծմէ խնդրեց այս յանձնարարականը» [6] ։

Հռոմի մէջ

1681 Սեպտեմբեր ամսուն Թոմաս Հռոմ հասնելով, գրավոր աղերսագիր ներկայացուցած ըլլալու է ՀՍ. ի Ժողովին։ Աղերսագիրը չէ պահուած համապատասխան հատորին մէջ, սակայն զեկուցուած է 30 Սեպտ. 1681-ի նիստին [7], որու արձանագրութենէն կիմանանք անոր պարունակութիւնը։ Նոյն նիստին նախ կարդացուած են զանազան Յանձնարարական նամակները՝ ի նպաստ Թոմաս Եպս. ի. այսպէս՝ Գաձասարի կաթողիկոսին եւ իր եպիսկոպոսներուն, Վրաստանի Վեղարաւորներուն, Պոլսոյ լատին Պատրիարքական փոխանորդին, եւ ապա Թոմաս Եպս. ի խնդրագիրը, ուր փափաք կը յայտնէ նորոգելու կաթողիկէ դաանանքը, պարզապէս խղճի հանգստութեան համար, քանի եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Երեմիա Կաթողիկոսէ, որ կաթողիկէ ըլլալով հանդերձ՝ բացայայտ կերպով չէ կատարած հաւատոյ դաւանութին։ Երկրորդ աղերսագիրով մը Թոմաս Եպս. կը խնդրէ որ իր երկու զարմիկները, Միքայէլ՝ 12 տարեկան, Ղուկաս՝ 16 տարեկան, կարենան իրենց ուսումները կատարել Ուրբանեան վարժարան։ Այս երկրորդ աղերսագրին օրինակը պահուած է [8] ։ Ժողովին որոշումը կ՚ըլլայ հարցը փոխանցել Հաւատաքննութեան Ժողովին, իսկ Միքայէլ եւ Ղուկաս կ՚ընդունուին Ուրբանեան վարժարան։

17 Փետր. 1682ի ՀՍ. ի Ժողովի նիստին կը զեկուցուի Թոմաս Եպս. ի աղերսագիրը [9], ուր կը խնդրէ Աւագ Հինգշաբթի օրուան ոտնլուայի պապական արարողութեան ընթացքին՝ ըլլալ 12 առաքեալներէն մէկը։ Ժողովքը կ՚ընդունի Թոմաս Եպս. ի խնդրանքը [10] ։

1682ի Զատիկը Հռոմի մէջ տօնելէ յետոյ, Թոմաս Եպս. կը պատրաստուի դառնալ հայրենիք, ու այդ ուղղութեամբ կը սկսի հաւաքել վկայականներ ու Յանձնարարական նամակներ: Բայց պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ Թոմաս չէ դարձած Հայրենիք։

16 Մարտ 1682ի ՀՍ. ի Ժողովի նիստին կը զեկուցուի Թոմաս Եպս ի աղերսագիրը՝ որ կ՚ըսէ . «Թոմաս Եպս. Ս. Խաչի, որ ի Պարսկաստան, խոնարհաբար կը ներկայացնէ թէ հայ ժողովուրդը խաղաղ կերպով կ՚ապրէր այդ թեմին մէջ, որ կը բովանդակէ Ազաճիրա (Asa/187/gira) կոչուած գաւառը, մինչեւ որ Թուրքերը գրաւեցին եւ կործանեցին։ Ներկայիս Պարսից շահը վերագրաւելով զայն՝ Կաթողիկոսը ստորագրեալիս շնորհեց անոր տիտղոսը։ Արդ, կը խնդրեմ Ձեզմէ, որ հաճիք շնորհել նամակ եւ Նորին Սրբութեան կողմէ նուէրներ՝ Պարսից շահին համար, որպէսզի դարձեալ շնրհուի ինծի նոյն թեմը, որ գրաւուած է հերձուածող եպիսկոպոսէ մը՝ կոչուած Ագուլիսի. եւ ես կը յուսամ՝ բոլորը կաթողիկէ դարձնել» [11] ։ Ժողովը այս առաջարկին պատասխանած է. «Քարտուղարը թող խօսի Նորին Սրբութեան հետ» [12], ու շատ հաւանաբար մերժողական պատասխան տրուած ըլլայ, քանի Թոմաս Եպս. 10 Ապրիլ 1682ին նույն խնդրագիրը աւելի համառօտ ձեւով ներկայացուցած է Պապին, ու խնդրագիրը ժողովի ընթացքին կարդացուած է՝ առանց որոշում առնելու [13] ։

Բացի ասոնցմէ, Թոմաս Եպս. ուրիշ երկու խնդրագիրեր ալ կատարած է, միշտ ի պատրաստություն Հայաստան դառնալու։ Առաջինին բովանդակութիւնը հետեւեալն է. «Թոմաս Եպս. Ս. Խաչի, որ ի Մեծ Հայս, երեսուն տարի կաթողիկէ է, եւ որ ներկայիս կը գտնուի Հռոմ, կը խնդրէ ունենալ որոշ գիրքեր, որպէսզի միասին տանի Հայաստան»։ Կը թուարկէ փափաքած գիրքերու անունները, այսինքն՝ Կալանոսի Պատմութեան հատորները, Յովհաննէս Հոլովի Քերականութենէն երկու կամ երեք օրինակ, Ձերբածութիւն յերկինս, Թոմա Գեմբացի, Նորագույն ծաղիկ, Տէր Բարսեղի Քրիստոնէականէն՝ ութը կամ ինը օրինակ, Խորհրդատետր՝ երկու օրինակ, Այբուբեն՝ երկու օրինակ, Դաւանութիւն հաւատոյ [14] ։ Խնդրագիրը կը ներկայացուի 24 Նոյեմբ. ։ 1681-ի նիստին, ու հարցը կը յանձնուի Կարդ. Գազանադէի, որ գիրքերու շտեմարանի պատասխանատուն էր [15] ։

Երկրորդ խնդրագիրը, անթուական, ուղղուած է Պապին, խնդրելով դրամական օգնութիւն «դէպի Պարսկաստան ճամբորդութեանս հարմար» [16] ։ Խնդրագիրը փոխանցուած է ՀՍ. ի ժողովին, որ զեկուցուած է 20 Յուլիս 168-ի նիստին, այն է Թոմաս Եպս. ի Հռոմէն մեկնելէ յետոյ, եւ որոշում մը չէ առնուած [17] ։

Նապոլիի մէջ

Շուրջ ութը ամիս Թոմաս Եպս. կը մնայ Հռոմ (Սեպտ. 1681 - Ապրիլ 1682), ու վերի վկայութիւններուն համաձայն՝ Ուրբանեան /188/ վարժարան տեղաւորելով երկու զարմիկները, Յանձնարարական նամակներ մը ստացած ՀՍ. ի Ժողովէն, 1682ի Մայիսի սկիզբը զինք կը գտնենք Նապոլի, ուր կը կատարէ Պետրոս թիֆլիսեցիի (ճանչցուած Ճամպօ մականունով) ձեռնադրութիւնը, 10 Մայիսին տալով Փոքր աստիճանները, 17 Մայիսին Կիսասարկաւագութիւն, 18 Մայիսին Սարկաւագութիւն եւ 19 Մայիսին քահանայական ձեռնադրութիւն: Նորօծ Տէր Պետրոս 9 Յունիս 1682ին նամակով հրաման կը խնդրէ ՀՍ. ի Ժողովէն, կարենալ լատին ծէսով պատարագելու, Հայկական եկեղեցիի եւ պատարագի սպասաւորի չգոյութեան պատճառով։ Իր այս նամակին ստորագրած են, իբր վկայ եւ կողմնակից է նաեւ Յիսուսեան եկեղեցականներ [18] ։ Նամակը կը զեկուցուի ՀՍ. ի 20 Յուլիս 1682ի նիստին, ուր կ՚որոշուի գրել Նապոլիի Կարդինալին, տեղեկութիւն պահանջելով Տէր Պետրոսի ձեռնադրութեան պարագաներու մասին, եւ թէ որմէ կատարուած է քահանայական ձեռնադրութիւնը [19] ։ Նափոլիի Կարդինալը Կարաչչիոլոյ, 8 Օգոստոսին կը պատասխանէ թէ իր հաւանութեամբ Թոմաս Եպս. Վանանդեցի կատարած է ձեռնադրութիւնը [20] ։ Նոյն այս լուրը կը զեկուցուի ՀՍ. ի 18 Օգոստ. 1682ի նիստին [21] ։

Թոմաս Եպս. Նապոլիի մէջ Սարկաւագ ձեռնադրուած է Յովհաննէս Ծալի, որ 1685ին Հռոմի մէջ խնդրանք կը ներկայացնէ ընդունելու քահանայական ձեռնադրութիւն՝ Ազարիա (Ղարիպ) Սիսի Կաթողիկոսէն, որ Հռոմ՝ կը գտնուէր։ Խնդրագիրը կ՚ըսէ. «Յովհաննէս Ծալի, վրացի հայ, սարկաւագութեան ձեռնադրութիւնը ստացած ըլլալով Նափոլիի թագաւորութեան մէջ, Թոմաս Ս. Խաչի հայ եպիսկոպոսէն, կը խնդրէ քահանայ ձեռնադրուիլ Ազարիա Սիսի Կաթողիկոսէն, որ Հռոմ՝ կը գտնուի, որովհետեւ իր երկրին մէջ չի կրնար գտնել կաթողիկէ եպիսկոպոս» [22] ։ Այս խնդրագիրը կը ներկայացումի ՀՍ. ի 12 Մարտ 1685ի նիստին, ու կը տրուի հրամանը [23] ։

Մարսիլիոյ մէջ

1682ի վերջաւորութեան Թոմաս Եպս. Մարտիլիա է, ուր կը գտնուէր Տէր Թոմաս Հայրապետ, եւ օրը օրին լուրերը կը հաղորդէր Հռոմ իր մեծաւորներուն։ Չէ պահուած Տէր Թոմասի նամակին բնագիրը, ինչ որ զեկուցուած է ՀՍ. ի 26 Յունուար 1683ի նիստին, որու /189/ արձանագրութեան մէջ կը կարդանք. «Թոմաս Հայ եպիսկոպոսը Մարսիլիա է, ուղղուած դէպի Սպանիա, յորդորելով հայերը որ իրագործեն (եկեղեցական) միութիւնը։ Թոմաս Հայրապետ կ՚աւելցնէ թէ նման անցորդներու պէտք չէ թոյլ տալ որ կարենայ ձայնաւոր պատարագ մատուցանել, այլ գոհանալ միայն թիւ պատարագով» [24] ։

Թոմաս Հայրապետ 3 Ապրիլ 1685ին կու տայ նոր տեղեկութիւններ ՀՍ. ի Քարտուղարին, նկատմամբ Թոմաս Եպս. ի ծրագիրներուն, «Երկուք ու կես տարի առաջ Թոմաս Եպս. Վանանդեցի Հռոմէն Մարսիլիա եկաւ, ուր կար իր զարմիկը (իմա՛ մօրեղբօրորդին Մատթէոս), որ հայ տպարանին գրաշարն էր։ Թոմաս Եպս. ուզեց հոս գիրքեր տպել, եւ այս բանը յայտնեց ինծի, վախնալով Ս. Ժողովէն։ Ապա Սպանիա գնաց դրամ հաւաքելու, գրեց Մատթէոuին որ Մարսիլիայէն իր մօտ երթայ։ Մատթէոս գնաց, եւ կ՚ըսուի թէ տպարանէն հայկական գիրեր գողցած ըլլայ։ Երեք ամիս առաջ Ամսդերտամէն հայ վաճառական մը եկաւ, պատմեց թէ յիշեալ Մատթէոս հոն սկսած է հայկական գիրքեր տպել Թոմաս Եպս. ի հրամանով։ Ըսածին չուզեցի հաւատալ, մինչեւ որ Յովհաննէս Արքեպս. Շամիրամակերտի, որ մականունով Թիւթիւնճի կը կոչուի, 28 Մարտին նամակ գրած է Մարսիլիոյ իր բարեկամին, թէ իրապէս Մատթէոս կ՚ուզէ Ամսդերտամի մէջ հայերէն գիրքեր տպել՝ Թոմաս Վանանդեցիի հրամանով։ Այս Եպիսկոպոսը շարունակ դրամի ետեւէ է, որպէսզի Մատթէոսին ղրկէ, անոր օգնելու համար։ Յովհաննէս Արքեպս. ին հայերէն նամակը ձեռք ձգեցի, ահա կը ղրկեմ ձեզի, որպէսզի գիտնաք եւ արգելք ըլլաք Ամսդերտամ՝ հայերէն գիրքերու տպագրութեան։ Ներկայիս Թոմաս Եպս. Լիզպոն կը գտնուի. լաւ կ՚ըլլայ զինքը Հռոմ կանչէք, որպէսզի Ամսդերտամ չերթայ։ Յիշեցնեմ նաեւ որ այս Թոմասը 18 տարի կամ ա՛լ աւելի առաջ, երբ դեռ եպիսկոպոս չէր, Հռոմ եկաւ, հաւատքի դաւանութիւն տուաւ, ապա Հայաստան դառնալով՝ հերձուածողներու մէջ եպիսկոպոս եղաւ. կրկին դարձաւ Հռոմ, ուսկից եկա Մարսիլիա, անցա Սպանիա, եւ ուզեց իր այս չարիքը ընել (voluit hanc facere malitiam) Ամադերտամի մէջ հայկական գիրքեր տպելով» [25] ։

Այս կարեւոր նամակէն առաջին անգամ ըլլալով կիմանանք Թոմաս Եպս. Վանանդեցիի տպագրական ծրագիրներուն մասին, որու դիմաց Թոմաս Հայրապետ մտահոգ է՝ փոխանակ ուրախանալու։ Թոմաս Հայրապետ, որ կանոնաւոր վճարուած էր Հռոմէն, պէտք էր /190/ իր տուրքը մատուցանել, ցոյց տալով ինքզինքը նախանձախնդիր Եկեղեցւոյ վարդապետութեան անարատութեան։ Եթէ քիչ մը ունենար ազգային մաքուր հոգի՝ ամէն տեղ պիտի չտեսնէր մութը, եւ ոչ սպիտակը՝ թուխ։ Մատթեոս Վանանդեցի Մարսիլիայէն Ամսդերտամ (Սպանիոյ ճամբով) անցնելուն՝ տեսանք թէ Հայրապետ Հռոմ գրեց լուրը ըսելով. «կ՚ըսուի թէ (Մատթէոս Մարսիլիոյ) տպարանէն հայկական գիրեր գողցած ըլլայ», ու յաջորդաբար դեռ անհանգիստ, 11 Հոկտ. 1685ին, աւելի ընդլայնելով նիւթը՝ կը գրէ . «Անցեալին գրեցի Ձեր վսեմութեան Թոմաս Եպս. Վանանդեցիի մասին, որ իր զարմիկը Մարսիլիայէն Ամսդերտամ ղրկեց, որպէսզի հոն հայկական տպարան հաստատէ. որովհետեւ այս զարմիկը (իմա՛ Մատթէոս) գիտէ գիրեր շինելու արուեստը (scit artem ponendi caracteres)։ (Թոմաս Եպս. ) կուզէր Մարսիլիոյ մէջ հաստատել իր տպարանը, բայց իմ պատճառովս չյաջողեցաւ, եւ չարութեամբ (malithose) մտածեց նոր գիրեր շինել տալ եւ տպել Ամհդերտամի մէջ։ Ան Սպանիա գնաց՝ տպարանի շինութեան համար ողորմութիւն հաւաքելու, եւ դեռ հոն կը գտնուի հանգանակութեան համար։ Եթէ հաճոյ է Ս. Ժողովիդ՝ զինք Սպանիայէն կանչեցէք, եւ կամ՝ բռնի զօրութեամբ գրաւեցէք տպարանը» [26] ։ Հոկտեմբերին գրուած նամակը զեկուցուած է ՀՍ. ի 13 Նոյեմբեր 1685ի նիտտին, եւ ոչինչ որոշուած է այս նիւթին մասին, այլ ծանրացած են նամակին շօշափած ուրիշ նիւթերու վրայ, այն է՝ Ամսդերտամ տպագրուած Ժամագիրքին մասին [27] ։

Սպանիոյ մէջ

Կրնայ անհաւատալի թուիլ, սակայն փաստաթուղթերը ցոյց կու տան թէ Թոմաս Եպս. Վանանդեցի շուրջ տասը տարի եւ աւելի (1683–1693) մնացած է Սպանիա։ Առաջին անգամ ձայնը կը լսենք Սիվիլիայէն, 10 Մարտ 1688 թուակիր հայերէն նամակով, ուղղուած «Սեընօրէ»ի, այն է՝ Signore, հաւանաբար ՀՍ. ի Քարտուղարին, որու կը ներկայացնէ իր հիւանդագին վիճակը, խնդրելով որ Հռոմէն իրեն օգնութեան հասնին իր երկու զարմիկները, Ղուկաս ու Միքայէլ։ Նամակին բնագիրը հետեւեալն է.

/191/ «Սէվէլլա, 10 Մարտի 1688 Ստընօրէ

Մատուցանեմ աղերս դուզնաքեայ վասն ցաւալից եւ վշտակիր կենաց իմոց, զի յանցանելն իմ ի կողմանս յայսոսիկ, նեղութիւնք եւ վիշտք անթիւք պատեցին զիս, մինչ զի ոչ երբեք կարացի տեսանել զարեւ եւ զուրախութիւն, այլ հանապազօր հիւանդութիւնք եւ հեծութիւնք, գոլով անոք եւ անմխիթար, անօգնական եւ անայցելու, անկեալ յանկիւնս օսպիտալաց, աստ եւ անդ, անլեզու եւ անխօս կիսամահ, որպէս այն այր որ իջանէր յԵրուսաղէմէ յԵրիքով, եւ որպէս նա եգիտ բժշկութիւն ի ճանապարհորդութեան սամարացւոյն, այսպէս եւ ամենաթշուառս փարիմ զոտիւք մեծութեան Ձերոյ, գթալ ի վերայ մեր եւ տալ մեզ բժշկութիւն, զօրաւոր ձեռօք Ձերովք, եւ արձակել փութապէս զծառայս Ձեր, զորդեակս իմ զՂուկաս եւ զՄիքայէլ, զի ձայն դոցա եւ ձեռն դոցա՝ է բժշկութիւն ամենայն ցաւոց եւ վիրաց իմոց, որպէս ի հնումն ձայն Յովսեփայ զօրացոյց զնահապետն Յակոբ: Ո՜վ տեարք իմ եւ վեհք, եթէ դոքա ոչ էին ընտանիք իմ եւ որդիք, այլ ա՛յլք ոմանք, հեռաբնակ յերկրէ, արժանի էր յղել առ իս, վասն անտանելի վշտաց իմոց. իսկ որովհետեւ դոքա են նեցուկ սրտի իմոյ, մի՛ հեղգայք փոյթ ընդ փոյթ առաքել առ իս, սիրոյ եւ օրհնութեան եւ զօրաւոր թղթովք Ձերովք, զի ես մեղաւորս եւ դոքա՝ որդիք եմք սուրբ Եկեղեցւոյն Պետրոսի եւ հնազանդ յաջորդաց նորա, եւ մեծութիւն Ձեր մի՛ համարեսցի զմեզ խորթս, այլ իբրեւ զհարազատ որդի Եկեղեցւոյ սրբոյ, թէպէտեւ եմք մեղաւոր եւ աղքատ, եւ մեծութիւն Ձեր պարտի սիրով եւ ողջունիւ համբուրել զմեզ, որպէս հայրն գթած զանառակ որդին, քանզի նարդեանս մեծութիւն եւ շքեղութիւն Ձեր՝ ունիք զնմանութիւն եւ զտիպ հօրն գթածի, գոլով հայր եւ այցելու հասարակաց :

նուաստ Թոմաս

պաշտօնեայ մեծի Ժողովոյն» [28] ։

Թոմաս Եպս. ի այս նամակը, իտալերէն թարգմանութեամբ [29], ինչպէս նաեւ սպաներէն Յանձնարարական եւ գովասանական նամակ մը, ի նպաստ Թոմաս Եպս ի, 10 Մարտ 1688 թուակիր, որու ստորագրած են անընթեռնլի գիրով սպանացի կանոնիկոս մը եւ «Թոմաս արհի եպիսկոպոս սուրբ Խաչի» [30], կը զեկուցուին ՀՍ. ի 5 Յուլիս 1688ի նիստին, որու արձանագրութեան մէջ կ՚ըսուի թէ այս նամակ/192/ները Հռոմ բերած է Թոմաս Եպս. ի եղբայրը՝ Տէր Յակոբ, իմացնելով իր եղբօր հիւանդանոց գտնուիլը [31] ։ Ժողովին արդիւնքը կ՚ըլլայ «Կարդացուեցան», այսինքն դրական ոչինչ կ՚որոշուի։

Անտարակոյս Միքայէլ եւ Ղուկաս ալ ընդունած պիտի ըլլան նամակ իրենց հօրեղբայրէն, Թոմաս Եպս. է, որ իրենց կը սպասէր հիւանդագին, եւ որով աղերսագիր կը ներկայացնեն ՀՍ. ի Ժողովին՝ հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Ղուկաս եւ Միքայէլ, աշակերտներ Ուրբանեան վարժարանի, եղբօրորդիներ Թոմաս Եպս. Վանանդեցիի, որ կը գտնուի Սիվիլիա, հիւանդագին։ Աւարտած են իմաստասիրութիւն եւ աստուածաբանութեան առաջին տարին, ու կը խնդրեն երթալ իրենց հօրեղբօր մօտ, որպէսզի միասին դառնան հայրենիք, ուր կը մտածեն աշխատիլ՝ իրենց տուած երդումին համաձայն։ Առ այս կը խնդրեն ճանապարհի ծախս, զգեստներ, ջերմեռանդական իրեր եւ գիրքեր» [32] ։ Ընթերցողին ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ անշուշտ աղերսագրին մէջ գործածուած բանաձեւերը, կարենալ ՀՍ. ի Ժողովէն հրաման ձեռք բերելու համար, այն է՝ «դառնալ հայրենիք, ուր կը մտածեն աշխատիլ իրենց տուած երդումին համաձայն», այն է ի նպաստ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Նոյն լեզուն գործածած էր նաեւ Թոմաս Եպս. ։ Ղուկասի եւ Միքայէլի աղերսագիր կը զեկուցուի ՀՍ. ի 5 Հոկտ. 1688-ի նիստին, եւ կ՚որոշուի որ մեկնին անոնք Սպանիա, իրենց հօրեղբօր մօտ [33] ։

ՀՍ. ի դիւանի տուեալներուն համաձայն, Միքայէլ Նուրիճան ծնած է Վանանդ, որդին է Արիստակէսի եւ Սարայի, Ուրբանեան վարժարան ընդունուած է 4 Հոկտ. 1681ին, 12 տարեկանին, իր երդումը կատարած է 27 Սեպտ։ 1684ին։ Ղուկաս Նուրիճան ծնած է Վանանդ, որդին է Գէորգի եւ Բարիի, Ուրբանեան վարժարան մտած է 4 Հոկտ. 1681ին, 17 տարեկանին. իր երդումը կատարած է 11 Սեպտ։ 1682ին։ Երկուքը միասին ելած են վարժարանէն՝ 18 Հոկտեմբեր 1688ին եւ մեկնած Սպանիա [34] ։

Տարի մը յետոյ Թոմաս Եպսի ձայնը կը լսենք Կրանատայէն, 19 Ապրիլ 1689 թուակիր նամակով, ուղղուած ՀՍ. ի Նախագահին։ Չունինք նամակին հայերէն բնագիրը, այլ լոկ իտալերեն թարգմանութիւնը։ Քաղաքավարութեան համար գրուած նամակ մըն է, լի երախտագիտական զգացումներով, ցոյց տալու իր հաւատարմութիւնը հանդէպ Եկեղեցւոյ, խնդրելով որ Ծիրանաւորը անպակաս /193/ ընէ իր հովանին՝ յատկապէս այդ դժուարին օրերուն։ Նամակին ստորագրութիւնը թարգմանուած է հետեւեալ կերպով։ «Thomaso Nurigian, Armeno, vescovo di S. Croce dell’Armenia Maggiore» [35]:

Սպանիայէն վերջին փաստաթուղթը Թոմաս Եպսի մասին՝ կը կրէ 26 Յունիս 1693 թուականը, գրուած Կոմպոստէլլայի Անտոն Արքեպիսկոպոսէն, ուղղուած Պապին։ Նամակը գրուած է իտալերէն, որու ամբողջական թարգմանութիւնը կու տանք՝ պատմութեան օղակը ամբողջացնելու համար։

«Կոմպոստէլլա, 26 Յունիս 1693

Սրբազան Հայր

Երկար ատենէ հոս է Թոմաս, որ կ՚ըսէ թէ եպիսկոպոսն է Հայոց Ս. Խաչ վանքին. դրամ կը հաւաքէ եկեղեցի շինելու եւ ազատելու համար գերութենէ իր եղբայրը՝ որ Պարսից շահին հրամանով բանտուած է։ Ես գութէ շարժած հրաման տուի, որ գոնէ իմ գաւառիս մէջ դրամ հաւաքէ, բայց ինծի ցոյց չտուաւ Ձեր հրամանագիրը, եւ ես հրաման չտուի որ հայերէն լեզուով պատարագէ, ու ճիշտ ասոր համար ժողովուրդը դէմս ելաւ, որովհետեւ անոնք կը սիրեն նորութիւնը: Ստիպուեցայ վանք մը բանտել զինքը, որովհետեւ կ՚ըսէ թէ ինք հայ իշխանական սերունդէ է, առանց մտածելու որ եթէ եպիսկոպոս է՝ պէտք է երթայ իր հօտը հովուէ։

Այս կերպով գործեցի, որովհետեւ ուրիշ խաբեբաներ ալ նման կերպով գործած են, եւ ես չեմ կրնար երեւակայել որ եպիսկոպոս մը 10–12 տարի հեռու մնայ իր հօտէն: Կերպարանքէն դատելով 60 տարեկանը անց ծերունի մըն է։

Քովը ունի փորթուկալ մը, որ Փրանկիսկեան նորընծայ եղած է եւ իրեն թարգմանի պաշտօն կը կատարէ, որպէսզի շրջի թագաւորէ թագաւոր եւ դրամ հաւաքէ։ Ուրիշ փորթուկալ մըն ալ ունի մօտը՝ որու համար կ՚ըսէ թէ իր զարմիկն է։

Այս բոլորը գրեցի Սրբութեանդ, որպէսզի երբ իր մասին լուր մը հասնի Հռոմ՝ չըսուի թէ կանուխէն չգրեցի Ձեզի։ Ինքը ծրագիր ունի քիչ ատենէն անցնելու ուրիշ քաղաք՝ որ կը կոչուի Corugna.

Անտոն Արքեպս. կոմպոստէլլայի» [36]:

/194/ Նամակի վերջին նախադասութեան մէջ յիշուած քաղաքը Corugna, կը գտնուի Սպանիոյ հիւսիս արեւմուտքը, Ատլանտեանի ափին։ Անկարելի չէ որ Թոմաս Եպս. այդ քաղաքէն նաւով ճամբորդած ըլլայ դէպի հիւսիս, միշտ ի խնդիր արծաթի, ի նպաստ հայկական տպարանին։

Գերմանիոյ, Աւստրիոյ մէջ

Արդարեւ այս անգամ ձայնը կու գայ Գերմանիայէն, Գոլոնիայի լատին Առաքելական Նուիրակէն, որ 26 Յունիս 1695ին կը գրէ ՀՍ. ի Ժողովին. «Ինծի կը գրեն Hildesheimէն, թէ ամսոյս 13ին քաղաք հասած է ծերունի հայ մը, որ ինքն իրեն համար կ՚ըսէ ըլլալ Արքեպիսկոպոս Գողթանի (Arciv. Colutanense), Աբբայ Անտոնեան Ս. Խաչ կոչուած վանքի մը ի Մեծ Հայս»։ Եւ որովհետեւ Թոմաս Եպս. յայտնած է իր ծրագիրը անցնելու Գոլոնիա, Նուիրակը կը փութայ գրել Հռոմ, իմանալու թէ ի՞նչ կերպով պետք է վարուի նորեկին հետ, քանի բան կը հաստատէ ինքն իրեն համար թէ կը պատկանի Հայաստանի հին թագաւորական սերունդի մը, եւ կ՚ուզէ որ իրեն ըսուի «Tomaso Vantapiet di Vanant»։ Նոյն Նուիրակը կը շարունակ է տեղեկացնել թէ Թոմաս Եպս. իր ճամբորդութեան շարժառիթ կը բերէ Ամսդերտամ ի մէջ հայկական գիրեր թափել տալն ու սրբազան մատեաններ տպելու ծրագիրը, յատկապէս Խորհրդատետր ու Ժամագիրք. «իր խօսակցութեան մէջ ամենեւին չակնարկելը ՀՍ. ի Ժողովը, ու հաստատելը թէ ուղղակի Հայաստանէն եկած է այս հերետիկոսական կեդրոնը, ուսկից կ՚ուզէ հայրենիք դառնալ՝ առանց փափաք յայտնելու Ս. Աթոռին հնազանդութիւն մատուցանելու, ու ասոնցմէ աւելի՝ լատին ծէսով պատարագելը՝ իմ տարակոյսս կը շարժեն, եւ կ՚ուզեմ գիտնալ Ձեզմէ թէ ի՞նչ ընելու եմ երբ Գոլոնիա հասնի»։ Նուիրակին տարակոյսը դեռ աւելի կ՚ամրապնդուի, քանի նոյն օրերուն իր քաղաքէն անցած են երկու յոյն կրօնաւորներ, Լոնտոնէն դէպի Վենետիկ ճամբուն վրայ, հոլանդական անցագրով, ու ճիշտ նոյն երկրէն ճամբայ ելած էր նաեւ Թոմաս Եպս. [37] ։ Նամակը կը զեկուցուի ՀՍ. ի 30 Օգոստոս 1695ի նիստին, եւ կորոշուի գրել ուղղակի Ամսդերտամի Առաքելական Նուիրակին, իմանալու համար մանրամասնութիւններ Թոմաս Եպս. ի մասին [38] ։ Յաջորդաբար կ՚իմանանք որ նոյն Նուիրակը ոչ մէկ լուր հաղորդած է Ամսդերտամէն։

Մեր վերջին փաստաթուղթը կը կրէ 31 Օգոստ. 1697 թուականը, գրուած Վիեննայի Առաքելական Նուիրակէն, որ ՀՍ. ի Ժողովին կը /195/ ղրկէ Թոմաս Եպս. ի լատիներէն մէկ անթուակիր աղերսագիրը, հաւանաբար ուղղուած իրեն, ստորագրուած «Thomas Gregorius Arciepiscopus S. Crosis Majoris Armeniae»։ Աղերսագրին բովանդակութիւնը հետեւեալն է. «Ասիայէն անցայ Եւրոպա, իմ երեք զարմիկներս հետս բերի Հռոմ՝, որպէսզի սորվին լատիներեն, իտալերէն, իմաստասիրութիւն եւ աստուածաբանութիւն, որոնցմէ երրորդը (իմա Մատթէոսը) տպագրական եւ աշխարհագրական ուսումին մասնագիտացաւ, որպէսզի հայերէն լեզուով տպէ կարգ մը բարեպաշտական գիրքեր, մեր ժողովուրդին հաւատքը արծարծելու համար, եւ իրապէս Ամսդերտամի մէջ տպեց կարգ մը գիրքեր։ Տպագրութեան ծախսը պիտի հոգար վաճառական մը, ու երեւան ելաւ որ սնանկացած է, եւ ես առանց վճարելու չեմ կարող գործը աւարտել, եւ որով չեմ կարող իրագործել ՀՍ. ի ծրագիրը, այն է` շարունակել ճամբաս դէպի Մեծ Հայք իմ թեմս», ուստի կը յայտնէ թէ կը կարօտի վկայականներու, կարենալ կազմակերպելու համար հանգանակութիւն [39] ։

Վիեննայի Առաքելական Նուիրակը Հռոմ կը ղրկէ Ամսդերտամ տպագրուած գիրքերէն օրինակ մը, շատ հաւանաբար Մովսէս Խորենացիի Հայոց Պատմութիւնը (տպ։ 1695), որպէսզի տեղւոյն վրայ քննուի, աւելցնելով թէ գիրքը ցոյց տուած է նաեւ հայազգի Աստուածատուր Եպս. ի (Ներսէս ոմվիչ), որ վկայած է թէ գիրքը չի պարունակեր վնասակար բան մը, «բայց ո՛չ ալ օգտակարութիւն ունի, քանի կը խօսի միայն հայ իշխաններու պատմութեան մասին»։ Նոյն Աստուածատուր Եպս. կը թելադրէ գնել Թոմաս Եպս բոլոր հայկական տառերը, որովհետեւ լաւագոյն են քան ՀՍ. ի տպարանին ունեցածները, միաժամանակ որպէսզի չփոխադրուին արեւելք եւ չինայ հերձուածողներու ձեռքը [40] ։

Այս հարցն ալ նիւթ կըլլայ ՀՍ. ի ժողովի 16 Սեպտ. 1697ի նիստին, ուր կը ներկայացուի Թոմաս Եպս. ի անցեալ բոլոր ժողովներու մէջ յարուցած հարցերը։ Իսկ նկատմամբ խնդրոյ առարկայ Յանձնարարականին, թէ արդեօք պէտք է տալ Թոմաս Եպս. ի կամ ոչ, քարտուղարը հետեւեալ թելադրանք կընէ ժողովականներուն. «Ողորմութիւն հաւաքելու համար Յանձնարարականներ՝ անցեալին մերժուեցաւ ուրիշներու։ Յոյներու համար կայ 27 Յունուար 1677ի Պապին ներկայութեան կնքուած վճիռը, որովհետեւ Եւրոպա հաւաքուած ողորմութիւնները կը գործածէին Երուսաղէմի մէջ Փրանկիսկեաններու ձեռքէն Ս. Տեղերը գրաւելու։ Հայերը Ամսդերտամի մէջ ունէին տպարան, որ 1673ին փոխադրուեցաւ Մարսիլիա, Ոսկան Ե/196/պիսկոպոսի ձեռքով, որ իր կարգին գործակատարն էր հերձուածող Կաթողիկոսին (իմա՛ Յակոբ Ջուղայեցիի)։ Քրիստոսասէր արքային տրուած էր հարկաւոր տեղեկութիւն տպարանի ընթացքին մասին, իսկ Տէր Թոմաս Հայրապետ մեր կողմէ կարգուած էր՝ հսկելու համար, 100 սկուդ թոշակով» [41] ։

Հոս կ՚աւարտին մեր աղբյուրները Թումաս Եպս. Վանանդեցիի մասին, եւ այլեւս չենք գտներ արձագանգ ՀՍ. ի դիւանին մէջ։ Այսքանն ալ բաւական է ամբողջացնելու համար Թոմաս Եպս. ի կենսագրական գիծերը՝ որ հասած են մեզի զանազան ուրիշ աղբիւրներէ, ու այս բոլորէն հանելու նոյն եզրակացութիւնը։ Եղած ենք ժողովուրդ մը չարչարուած, ու չարչարանքը մեզի ընկերացած է դարերու ընթացքին. գիրքն ու գրականութիւնը՝ որ մեր արիւնին մաս կը կազմէ, մեր հետ ենթարկուած է նոյն ճակատագրին։ Մեր այս տողերը գրած պահուն՝ Մայր Հայրենիքի մէջ մեր արենակիցները, ենթարկուած ահաւոր երկրաշարժին՝ կը քալեն լուռ իրենց Գողգոթան։ Այս էջերուն մէջ մեր կատարած Վանանդեան կեանքի նկարագրութիւնը՝ թող մանրանկարը նկատուի հայու տառապանքին, որ չի՛ գիտեր ընկրկել, չի՛ գիտեր յուսալքուիլ, այլ հազար տառապանքներու մէջ կ՚ապրի ապագայի յոյսով, աչքերը սեւեռած գերագոյն գաղափարականին։



[1] ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՎՐԴ. ՄԵՍՐՈՊ, Նոր նիւթեր եւ դիտողութիւններ հրատարակիչ Վանանդեցւոյ մասին, Վիեննա, 1969, Ազգ. Մատնդ. ՄԱ։

[2] SO Armeni, vol. 3 fol. 48443։ Նոյնին լատիներէն թարգմանութիւնը՝ տե՛ս անդ, fol. 45-46։ Յանձնարարականին ստորագրած են՝ 1. ա. Կնիք մեծ. «Յիսուսի Քրիստոսի Երեմիա Կաթողիկոս Աղուանից եւ Պատրիարք Գանձասարի. եւ այս հաստատեցաւ իմով ձեռամբ եւ երկոտասան եպիսկոպոսունք նոցին կնքովք բանս այս վկայական հանդիսիւ եւ ի դրանէ սրբոյն Գանձասարայ»։ բ. Կնիք փոքր «Ես Երեմիա նուաստ ծառայ Քրիստոսի. եւ շնորհօք նորին Կաթուղիկոս տանս Աղուանից»։ 2. «Նուաստ Քրիստոսի Վլաս Վրդ. Առաջնորդ Շամախու եւ Շիրվանայ Եպս. ի Տէր խնդալ»։ 3. «Նուաստ Սարգիս Եպս. Սիւնիս Ամարասայ։ 4. «Մելքիսեթ նուաստ ծառայ Յիսուսի Մեծարանից»։ 5: «Եպիսկոպոս Մելքում ծառայ Քրիստոսի Ամենափրկչի վանից»։ 6. «Մանուէլ Գտիչ Վանից Եպս. Առինուաստու» (լատ. թրգ: «Epis. Chedici»)։ 7. «Ես Գրիգոր Վրդ. եւ Եպս. »։ 8. «Նուաստ Յիսուսի սին Ազարիա Վրդ. ի Տանս Մեծգունեաց»։ 9. «Ես Մարտիրոս Եպս. ի Տանս Աղուանից»։ 10. «Նուաստ Ազարիա ի Տանս Խաթայի»։

[3] Հայերէն բնագիրը մաշած ըլլալով՝ դժուարընթեռնլի է այս հատուածը։ Տէր Բարսեղ նոյն օրերուն թարգմանած է լատիներէնի, ուսկից կը քաղենք մեզ հետաքրքրող հատուածը. «hunc Episcopum Thomam, qui nunc venit ad osculandum pedes vestros, expulerunt ab ecclesia (... ), eo quod iste esset consolator et exhortator noster, et omnium catholicorum, qui in his partibus reperiuntur, qui a sua iuventute instructus in fide catholica et doctus in veritate fuit, et cum sit noster vicinus, nos semper consolabatur et multas nobis utilitates et aedificationes dedit» (SO Armeni, vol. 3, fol. 44):

[4] SO Armeni, vol. 3, fol. 47։ Հայերէն բնագրին ստորագրած են հինգ հոգի. երեք ազգայիններ (Բաղդասար, Էստատէս եւ Պապաջան), լատինածէս հայ մը՝ լատիներէնով (Zali Xnebeg) եւ վրացերէնով։ Նամակին լատիներէն թարգմանութեան տակ, կատարուած Տէր Բարսեղի ձեռքով, վրացերէնը թարգմանուած է։ «Ego Jacobus sacerdos ex Polonia»։ իսկ լատիներէն ստորագրութիւնը վերածած է «Ego Sciah Verdi nobilis»։

[5] SO Armeni, vol. 3, fol. 299.

[6] SOCG, vol. 498, fol. 117.

[7] Acta, vol. 51, fol. 309, n. 4.

[8] SOCG, vol. 498, fol. 116.

[9] SOCG, Vol. 483, fol. 319.

[10] Acta, vol. 52, fol. 44, n. 7.

[11] SOCG, vol. 483, fol. 372.

[12] Acta, Vol. 52, fol. 69, n. 9.

[13] Udienze 1680-1690, vol. 2, fol. 126.

[14] SOCG vol. 498, fol. 209.

[15] Acta, vol. 51, fol. 308, n. 4.

[16] SOCG, vol. 484, fol. 366.

[17] Acta, vol. 52, fol. 169, n. 4.

[18] SOCG, vol. 484, fol. 368.

[19] Acta, vol. 52, fol. 169, n. 5.

[20] SOCG, vol. 485, fol. 152-154.

[21] Acta, vol. 52, fol. 215-217, n. 37.

[22] SOCG, vol. 492, fol. 139.

[23] Acta, vol. 55, fol. 28, n. 10.

[24] Acta, vol. 53, fol. 15-18, n. 17.

[25] SO Armeni, vol. 3, fol. 413. Նամակ են երկրորդ օրինակը, նոյն բովանդակութեամբ, Թոմաս Հայրապետ ուղղած է Հռոմի Հաւատաքննութեան Ժողովին, տե'ս անդ, fol. 414.

[26] SOCG, vol. 494, fol. 196.

[27] Acta, vol. 55, fol. 198, n. 9.

[28] SOCG, vol. 502, fol. 155.

[29] SOCG, vol. 502, fol. 157.

[30] SOCG, vol. 502, fol. 159.

[31] Acta, vol. 58, fol. 123, n. 18.

[32] SOCG, vol. 502, fol. 354.

[33] Acta, vol. 58, fol. 146, n. 23.

[34] Այս ծանօթութիւնները քաղած եմ լուսահոգի Գերպ. Կարապետ Եպս. Ամատունիի հաւաքածոյին։

[35] SO Armeni, vol. 4, fol. 39.

[36] SO Armeni, vol. 4, fol. 296.

[37] SOCG, vol. 522, fol. 52-53.

[38] Acta, vol. 65, fol. 192-193, n. 17.

[39] SOCG, vol. 528, fol. 167.

[40] SOCG, vol. 528, fol. 166.

[41] Acta, vol. 67, fol. 335-338, n. 16.