Հայ տպագրութիւնը եւ Հռոմ (ԺԷ. դար)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Ե. ՈՍԿԱՆ ՎՐԴ. ԵՐԵՒԱՆՑԻԻ ՏՊԱԳՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

/89/Ոսկան Վրդ. Երեւանցիի թէ՛ անձին եւ թէ՛ գործունէութեան մասին այնքան առատ է վերջին քսանամեակի մեր մատենագրութիւնը [1], որ ամենեւին հաւակնութիւն չունինք մեծ նորութիւններ բերելու այս նիւթին մասին։ Մեզմէ առաջ Գերպ. Կարապետ Եպս. Ամատունի՝ գրեթէ մաղելով հաւաքած է Փրոփականտայի դիւանէն այն ինչ կը հայի Ոսկանի անձին եւ համադրելով շարադրած է իր մենագրութիւնը, որուն աւարտին՝ տուած է հարուստ մատենագիտութիւն մը Ոսկանի մասին։ Մենք առանց կրկնելու ցարդ ըսուածները, կը ներկայացնենք մանր փաստաթուղթեր մը, քաղուած Փրոփականտայի դիւանէն, ուզելով փայլ մը աւելի տալ մեր անցեալ տառապեալ՝ բայց փառաւոր պատմութեան։

Ոսկան Վրդ. Հռոմի մէջ (Սեպտ. 1663 Նոյմբ. 1664)

1663 տարւոյն սկիզբը Ոսկան Զմիւռնիոյ ճամբով կը մտնէ Լիվոռնոյ, ծոցին մէջ պինդ սեղմելով Հեթումեան ձեռագիր Աստուածաշունչը, անպայման ի գլուխ հանելու անոր տպագրութիւնը։ Նոյն տարւոյն Սեպտեմբեր ամսուն Ոսկան կը մտնէ Հռոմ, եւ հաւատարիմ ազգայիններ, անշուշտ իսկոյն կ՚իմանայ թէ ինչ է Հռոմի դիրքը Ամսդերտամի տպարանին հանդէպ։ Խոհեմութիւնը կը պահանջէր պաշտպան չկանգնիլ նոյն տպարանին։ ՀՍ. ի Ժողովի 1 Հոկտ. 1663ի /90/ նիստին կը զեկուցուի թէ «քանի մը օր առաջ քաղաքս հասած է Ոսկան Եպիսկոպոս, որուն գալստեան պատճառը կ՚անգիտանանք»։ Պիրոմալի վկայելով ի նպաստ Ոսկանի ուղղափառ հաւատքին, ՀՍ. ի Ժողովը կը սահմանի բնակավայր եւ ապրելու որոշ գումար մը, այսինքն ամսական ինը սկուդ, որ քիչ գումար չէր [2] ։

Երեք ամիս ետք Ոսկան իտալերէն լեզուով աղերսագիր մը կը ներկայացնէ ՀՍ. ի Ժողովին՝ հետեւեալ պարունակութեամբ։ «Ոսկան՝ Եպս. Մեծ Հայքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, իր կաթողիկոսին կողմէ խնդրանք կը ներկայացնէ ձեր վսեմութեան, որ հաճիք հայերէն լեզուով տպել Նոր Կտակարանը՝ օգուտ իր ժողովուրդին։ Նոյն Եպս. ը Նոր Կտակարանը Կաթողիկոսին հրամանով ամբողջապէս համեմատած է լատիներէն օրինակին հետ եւ յանձնած է ներկայիս քննիչներու ձեռքը։ Խոնարհաբար կը խնդրէ (Ոսկան Վրդ. ) ձեր վսեմութենէն՝ որ մխիթարէք եւ ընդառաջէք յիշեալ Կաթողիկոսին արդար խնդրանքին» [3] ։

17 Դեկտ. 1663ին՝ աղերսագիրը կը զեկուցուի ՀՍ. ի Ժողովին, որու արձանագրութեան մէջ կը կարդանք՝ թէ Ժողովին Քարտուղարը կրկին անգամ անդրադարձնել կու տայ, թէ հակառակ Ոսկանի երեք ամիսէ ի վեր Հռոմ գտնուելուն, դեռ չգիտցուեցաւ անոր գալուն պատճառը, եւ որով իր կողմէ ենթադրութիւն կ՚ընէ, կարծելով թէ Ոսկան հետամուտ է գրաւելու Լեոպոլսոյ Նիկոլ Թորոսովիչ Հայ Արքեպս. ին օգնականի պաշտօնը։ Ոսկան իմաստութեամբ էր որ կը ծածկեր իր վերջին նպատակը։ Նոյն ժողովին հաստատական պատասխան կը տրուի Ոսկանի առաջարկին, տպելու Նոր Կտակարանը, պայմանով՝ «յետ քննութեան եւ վերատեսութեան հմուտ անձերու» [4] ։ Բայց որովհետեւ այդ հմուտ անձերը բնաւ պիտի չգտնուէին, գիրքերու տպագրութիւնն ալ պիտի մնար միայն փափաք։

Ոսկան Վրդ. տարիէ մը աւելի կը մնայ Հռոմ ու լատին եկեղեցականներու մէջ իր անձին լուրջ կը ստեղծէ համակրանք եւ վստահութիւն։ ՀՍ. ի Քարտուղարը գիտէ այլեւս թէ Ոսկան կ՚ուզէ նուիրուիլ տպագրութեան, եւ որով 21 Յունիս 1664ին յանձնարարական նամակ մը կը գրէ Բրիւքսէլի փոխ–նուիրակին, թէ «Ձեր կողմերը կու գայ Գերպ. Ոսկան հայ կաթողիկէ Եպս. ը, տպելու քանի մը գիրքեր, ի ծառայութիւն իր կաթողիկէ ազգայիններուն». ապա կը գովէ անոր անձը՝ թէ Հռոմ մնացած շրջանին գրաւած է /91/ ամէնուն վստահութիւնը, եւ որով կը յանձնարարի պաշտպան կանգնիլ անոր անձին եւ գործին [5] ։

Յանձնարարական այս գիրը գրուած է 21 Յունիս 1664ին։ Հաւանաբար նոյն թուականներուն Ոսկան պիտի մեկնէր դէպի Ամսդերտամ, սակայն Ոսկան չի մեկնիր եւ մինչեւ Հոկտեմբեր ամիսը (1664) զինք կը գտնենք Հռոմ։ Մեր համոզումով, Ոսկան Հռոմի մէջ այսքան երկար մնալու պատճառը՝ տպագրական հրամաններ կամ յանձնարարական գիրեր ձեռք բերելու իր դիտաւորութիւնն էր եւ ուրիշ ոչինչ։

Սեպտեմբերին Ոսկան Վրդ. աղերսագիր մը կը ներկայացնէ ՀՍ. ի Ժողովի Քարտինալներուն, ուր կը խօսի` իր Թեմը դառնալու մասին, խնդրելով որ իրեն շնորհուի Հայոց մէջ միսիոնար ըլլալու իշխանութիւնը։ Աղերսագիրը կ՚ըսէ . «Ոսկան Եպս. Ս. Սարգիսի Մեծ Հայքի, շնորհակալութիւն կը յայտնէ որ իրեն հրաման տուիք դառնալու իր եկեղեցին. կը խնդրէ ճամբու ծախս՝ այնքան որքան հաճոյ է ձեզի. կը խնդրէ նաեւ Հայոց մէջ միսիոնար ըլլալու իշխանութիւն եւ հայերէն լեզուով տպուած կարգ մը գիրքեր։ Նմանապէս հաճեցէք շնորհել իրեն՝ պատարագելու համար սրբազան սպասներ, որովհետեւ յիշեալ իր եկեղեցին զուրկ է անոնցմէ՝ անհաւատներէ շրջապատուած ըլլալուն, ինչպէս ծանօթ է ձեզի» [6] ։

Նոյն աղերսագիրը տարբեր բառերով Ոսկան ներկայացուցած է Պապին. նախ շնորհակալ կ՚ըլլայ անկէ գտած շնորհքներուն համար, ապա խոնարհաբար հրաման կը խնդրէ «Կարենամ դառնալ իմ պաշտօնավայրս (residenza)», որու համար կը խնդրէ պատարագի սրբազան զգեստներ, սկիհ, սրբազան մասունքներ, Գառն Աստուծոյ եւ «վկայական մը հնազանդութեանս Սրբութեանդ եւ Հռոմէական Եկեղեցւոյ» [7] ։

Ոսկանի աղերսագիրերը կը զեկուցուին 22 Սեպտ. 166-ի նիստին, կ՚ընդունուի առաջարկը՝ նկատմամբ սրբազան սպասներու եւ գիրքերու, սակայն միսիոնարական իշխանութեան համար կը ղրկուի Հաւատաքննութեան Ժողովին, որ յաջորդաբար իր կարգին կ՚ընդունի Ոսկանի խնդրանքը՝ տալով իրեն այս իշխանութիւնը։ Հոկտ. նիստին, կրկին սեղանի վրայ կը դրուին Ոսկանի աղերսագիրերը, նկատել կը տրուի թէ նախորդ նիստով տրուած են իրեն բոլոր փափաքածները, սակայն նկատմամբ այն կէտին որ դիմած է Պապին՝ խնդրելով «վկայական հնազանդութեան», այնպէս կը թուի՝ որ Ժողովը կը դժուարի տալ Ոսկանի։

/92/ Հոս կը հետեւի ՀՍ. ի Քարտուղարին մէկ կարեւոր արձանագրութիւնը Ոսկանի մասին, որ քիչ մը մութ է, որովհետեւ տեղեակ չենք նոյն օրերու պատահած անցուդարձերուն. «Նկատմամբ այս Եպս. ին անձին, կը թելադրուի որ մեկնելէ առաջ՝ կատարէ հաւատքի դաւանութիւն, որովհետեւ թէեւ Պիրոմալի կը վկայէ թէ շատ կանուխ ժամանակներու մէջ Ոսկան իր ձեռքերուն մէջ կատարած է, սակայն մեր դիւանին մէջ չգտնուելով անոր հարազատ օրինակը, կրնայ յանկարծ պատահիլ որ եթէ ճշմարտապէս կաթողիկէ չըլլայ եւ կամ ասկից մեկնի դառնացած, ինչ որ բանական է, քանի մեծամեծ յաջողութիւններու կ՚ակնկալէր Պիրոմալիի խոստումներուն վստահացած, կրնայ դիւրաւ կռնակ դարձնել եւ խնդալ Առաքելական Աթոռին եւ Ս. Ժողովի (երեսին)» [8] ։

Մեր նպատակէն դուրս է մտնել դաւանական հարցերու մէջ, ու թէեւ պատմութեան համար պէտք ենք ըսել որ 7 Հոկտ. 1664ի նիստի արձանագրութեան մէջ կը յիշուի թէ ձեռք բերուած է Ոսկանի հաւատքի դաւանութեան վաւերագիր մը, որու համար գոհ մնացած է նաեւ Հաւատաքննութեան Ժողովը [9], սակայն մեզի համար մութ կը մնայ Ոսկանի Հռոմի մէջ վերջին շրջանի բռնած դիրքը, այսպէս, ներկայացնելը թէ՛ Պապին եւ թէ Ս. Ժողովին՝ իր Թեմը ուզել դառնալը, եւ առ այս՝ սրբազան զգեստներ խնդրելը, փափագիլը ձեռքերուն մէջ ունենալ «վկայական մը» թէ ինք հնազանդ է Հռոմի Ս. Գահին, խնդրել որ իրեն տրուի Հայաստանի մէջ միսիոնար ըլլալու իշխանութիւնը ու այս ամէնուն քով՝ ՀՍ. ի Քարտուղարին համոզումը Ոսկանի մասին՝ թէ Ոսկան Հռոմէ կը հեռանայ «դառնացած», վերջին վայրկեանին տարակուսիլը, յետ ինքն իր ձեռքով գրած ըլլալու Բրիւքսէլի Փոխ–նուիրակին Ոսկանի ներքին կաթողիկէ համոզումներուն մասին, թէ մի՛ գուցէ ճշմարտապէս կաթողիկէ չըլլայ... ։ Մեզի այսպէս կը թուի որ Ոսկան Հռոմի մէջ տեսնելով Ամսդերտամի եւ առհասարակ միւս բոլոր տպարաններու հանդէպ ՀՍ. ի բռնած դիրքը, խոհեմութիւն համարած ըլլայ բացայայտ չըսել իր տպագրական դիտաւորութիւնները։ Հռոմ եթէ իմանար Ոսկանի Աստուածաշունչ տպելու ծրագիրը Ամսդերտամի մէջ, անկարելի էր որ քաջալերէր անոր ձեռնարկը եւ յանձնարարական նամակներ գրէր Նուիրակներուն։

ՀՍ. ի Ժողովի 17 Նոյեմբեր։ 1664ի նիստին կը զեկուցուի թէ Ոսկան կը փափաքի ունենալ երեքական օրինակ Կղեմէս Կալանոսի եկեղեցական պատմութեան գիրքէն, քերականութիւն եւ Պատարագամատոյց։ Ժողովի արձանագրութեան մէջ կը գտնենք միայն խըն/93/դրագրին ներկայացուած ըլլալը, մինչ 7 տող դատարկ թողուած է, ուր պէտք էր գրուած ըլլալ՝ առնուած դրական կամ ժխտական պատասխանը։ Նոյն թուականին Ոսկան դեռ Հռոմ էր, ուր կը մնայ մինչեւ Նոյեմբեր ամսուն վերջը։ 5 Մարտ 1664ին Յովհաննէս Եպս. Պոկտանովիչ Լէոպոլսէն կը գրէ ՀՍ. ի Նախագահին, խնդրելով որ իրեն շնորհուին ընդարձակ հոգեւոր իշխանութիւններ, այնպէս ինչպէս «Արգոյ Տէր Ոսկանին շնորհուեցաւ՝ Նորին Սրբութենէն, ՀՍ. ի Ժողովի ճամբով, Հաւատասփիւռի Ժողովի ընդհանուր քարտուղարին ստորագրութեամբ, 25 Նոյեմբեր 1664ին» [10] ։

Յաջորդ տարուան (1665) Փետր։ 20ին, Ոսկան Վրդ. Լիվոռնոյէ, Ջուղայեցի երեք հայ վաճառականներու հետ ստորագրելու Աստուածաշունչի տպագրութեան համար պայմանագիրը, այդ թուական էն քիչ ետք՝ Ոսկան անցած պէտք է ըլլայ Ամսդերտամ, սկսելու իր գործը:

Ոսկան Վրդ. Ամսդերտամի մէջ (1665–69)

Ամսդերտամի մէջ Ոսկանի ունեցած գործունէութեան մասին ՀՍ. ի դիւանը գտնուած փաստաթուղթերը, յատկապէս Հոլանտայի Առաքելական փոխանորդ Նէէրքասսէլի նամակները Ս. Գրքի տպագրութեան հայող, համադրուած են Գերպ. Կ. Ամատունիէ իր մենագրութեան մէջ։ Մենք կու տանք միայն լրացուցիչ մանրամասնութիւններ։

1665ին Լէոպոլիս կը գտնուէր Կղեմէս Կալանոս, իր օգնական Պիտուի հետ, որոնք 15 Հոկտ. ին հետեւեալ ծանօթութիւնը կու տան ՀՍ. ի փոխ–քարտուղարին. «Ոսկան Վրդ., որ Հռոմէն Ամսդերտամ անցաւ եւ ուրիշ բան չըներ եթէ ոչ հայերէն գիրքեր տպել, մենք ամէն միջոց կը բանեցնենք՝ որ այդ տպարանը հոս Լէոպոլիս փոխադրուի, որպէսզի յաջորդաբար միայն հոս տպագրուին սրբագրուած գիրքեր։ Յոյս ունինք որ յաջողի մեր ձեռնարկը, որովհետեւ լսեցինք որ Ոսկան Եպս. օտարական հերետիկոսներէն կը կրէ եւ փափաք ունի այս կողմերը գալու։ Հայր Կալանոս իրեն ազդու նամակ մը գրեց՝ յորդորելով որ հոս գայ իր տպարանով, ցոյց տալով որ քաղաքս այս տեսակէտով շատ դիւրութիւններ ունի։ Արքեպիսկոպոսին (Նիկոլ) ալ գրել տուինք՝ զինքը հոս հրաւիրելով նմանապէս գրեց իրեն՝ Թոխաթի Նուիրակ Եպս. ը։ Հիմա պատասխանին կը սպասենք» [11] ։ Լէոպոլիսէն եղած այս փորձին արձագանգը՝ չունինք մեր տրամադրութեան։

/94/ 1665–1668 տարիներուն Ոսկանի գործունէութեան բեղուն տարիներն են. նուիրուած է Աստուածաշունչի տպագրութեան. դարաւոր ծրագիրը՝ Ոսկան Վրդ. վերջապէս իրագործած էր՝ կրանիդեայ կամքով։ Տպագրութեան ընթացքին Հոլանտայի Առաքելական Նուիրակը, Նէէրքասսէլ, հարկաւոր լուրեր հասցուցած էր ՀՍ. ի Ժողովին, նախ տարտամ եւ ապա բաւարար ողջամիտ՝ լուսաւորուած Ոսկան Վրդ. է, պաշտպանելով անոր գործը։

Աստուածաշունչի տպագրութիւնը կ՚աւարտի 1668ի Հոկտ. ամսուն։ Ոսկանի բնական մտածութիւնը կ՚ըլլայ ղրկել օրինակներ՝ Կղեմէս Թ. Պապին եւ ՀՍ. ի Ժողովին, որպէսզի անոնց հաճութիւնը ստանալէ վերջ՝ կարենայ առանց դժուարութեան տարածել ազգին մէջ։ Այս նպատակով է որ Ամսդերտամէն ճամբայ կը հանէ իր աշակերտը, Կարապետ Վրդ. Անդրիանացի, տալով Աստուածաշունչի օրինակներուն հետ ընծայական նամակ մը Պապին, եւ երկրորդ մը՝ ուղղուած ՀՍ. ի Ժողովին, գրուած 29 Հոկտ. 1668-ին։ Հոլանտայի Առաքելական փոխանորդն ալ իր կարգին յանձնարարական մը կը գրէ, 22 Հոկտ. 1668 թուականով, թէ Կարապետ Վրդ. Հռոմ ղրկուած է Ոսկան Եպս. է՝ ներկայացնելու հայերէն Աստուածաշունչը, Առաքելական Աթոռէն ստանալու հաճութիւն, որպէսզի յետ ապահովութիւն ստանալու՝ կարենայ ներկայացնել Հռոմէական Աթոռին միացած հայերուն, որոնք վստահացած թէ հոն չկան սխալներ՝ կարենան կարդալ ազատօրէն [12] ։

Ոսկանի առ Ս. Ժողով ուղղած 29 Հոկտ. 1668 թուակիր նամակը [13], որ ցարդ մնացած է անտիպ, պատմական կերպով կարեւոր վկայագիր մըն է, որովհետեւ պարզ ոճով կը ներկայացնէ շատ մը ծանր խնդիրներ։ Հոն կը նկարագրէ թէ ինչպէս չորս տարի առաջ Հռոմէն մեկնելով «ժամանեցաք ի քաղաքս Ամսդերտամ, որպէս եւ ի տեղւոջդ ծանուցաք ձեզ, նաեւ խնդրեցաք ի ձէնջ, եթէ հնար է, կողմանսդ այդորիկ տանել զգործառնութիւնս զայս՝ յոչ հաւանիլն ձեր՝ մեք եւս անճարացեալ եկաք ի կողմանս այսորիկ, բազմաշխատութեամբ եւ ստրկութեամբ, վասն ոչ ունելոյ զլեզու եւ զծանօթութիւն»։ Ապա կը շարունակէ թէ տպագրած է զանազան գիրքեր, «Ջան տարեալ ստուգութեանն եւ ճշմարտութեանն», բայց ոչ այն աստիճանի՝ որ անընդունելի դառնայ ազգայիններէն եւ ինք մնայ պարտքերու տակ։ Նոյն դրութեան հետեւած է նաեւ Աստուածաշունչի տպագրութեան համար, լատիներէնէ հայերէնի թարգմանելով այն որ պակաս է մեզի։ Ոսկան նորատիպ Աստուածաշունչի օրինակ մը կը նուիրէ ՀՍ. ի Ժողովին, երկրորդ մը Քահանայապե/95/տին, խնդրելով՝ «մի՝ վասն պակասութեան՝ զյոյսն մեր եւ զվաստակ դերեւս առնել», որովհետեւ զզուած թուրքերէն՝ փախած էր Արեւմուտք եւ ինկած այնպիսի հերձուածողներու ձեռքը՝ որոնք աւելի վատ են քան թուրքերը. «վասն որոյ խնդրեմ ի ձէնջ, թէ է հնար, մեզ սակաւ ինչ զմխիթարութիւն առնել տեղեաւ, զի կարասցուք ներ վայրում ուրուք զկայ առնուլ եւ զգործսն մեր յառաջացուցանել»։ Ոսկան հրաման կը խնդրէ դառնալ Իտալիա, հաստատուիլ Ճենովա կամ Վենետիկ. հրաման խնդրելու պատճառն այն է՝ «զի մի՛ գուցէ որպէս առաջնով գալստեամբն անյաջողութիւն պատահեսցի». կը փափաքի տպարանը Հոլանտայէն հետը բերել ու չձգել Ամսդերտամ, մտածելով, որ «չարաբարոյք ոմանք եկեալք աստ, զչար աւանդութիւն իւրեանց արձանացուսցեն, եւ լինիցի աշխատանաց մերոց վերջին չար քան զառաջին, եւ կործանեցելոյ եկեղեցւոյն մերոյ անկումն մեծ յոյժ լինիցի, եւ բարութեան փոխարէն զչարութիւն զկայ առցէ»։

ՀՍ. ի Ժողովը 11 Դեկտ. 166Տի նիստով կը քննէ Ոսկանի տպած Քրիստոնէական վարդապետութեան գիրքը եւ Աստուածաշունչը, այն օրինակը որ Հոլանտայի Առաքելական Նուիրակը ղրկած էր Հռոմ։ Ժողովի Քարտուղարը, խօսքը ուղղելով ժողովական Քարտինալներուն՝ հետեւեալ կերպով կը կատարէ արձանագրութիւնը. «Նկատմամբ Աստուածաշունչին, գիտէ ձեր վսեմութիւնը թէ Հռոմի մէջ չի գտնուիր մէկը որ քաջածանօթ ըլլայ հայերէն լեզուին եւ միաժամանակ աստուածաբանութեան, որ կարենայ դատաստան մը ընել։ Եթէ յարմար նկատուի՝ կարելի է հրահանգ տալ Լիվոռնոյ բնակող միսիոնարներուն (Բարսեղի եւ Յովհաննէս Հոլովի), որ լատիներենի թարգմանեն Ոսկանի տպած Աստուածաշունչը, նշանակելով իրենց անդրադարձած սխալները եւ անոնց ուղիղ ձեւերը, որպէսզի յաջորդաբար Հռոմի մէջ քննութեան ենթարկուի այն անձէն՝ որ պիտի նշանակէ ձեր վսեմութիւնը»։ Ժողովի որոշումը կըլլայ՝ ո՛չ թէ Լիվոռնոյ, այլ Հռոմ ի մէջ գտնել այդ յարմար անձը որ կատարէ լատիներէնի թարգմանութիւնը [14] ։ Որոշումը կը հաղորդուի Հոլանտայի Առաքելական Նուիրակին, թէ հայերէն Աստուածաշունչը պիտի քննուի, տեսնելու սխալները, որոնց արդիւնքը յաջորդաբար, իր ատենին, կրկին պիտի հաղորդուի իրեն [15] ։

Ժողովի որոշումին համաձայն կը սկսի փնտռուիլ Աստուածաչունչը քննող յարմար անձը։ Զարմանալի է, որ ժողովի քարտուղար Baldeschiի առաջարկը, ղրկելու Աստուածաշունչը Լիվոռնոյ, որ հոն զոյգ միսիոնարներէն թարգմանուի, ընդունելի չըլլար ժողովականներէն։ Փրոփականտայի Քարտուղարը, 5 Յունուար 1669 թուակիր /96/ նամակով, ուղղուած Յիսուսեան, Դոմինիկեան եւ Ֆրանչիսկեան Ընդհանրական Մեծաւորներուն, կը ներկայացնէ հրատապ հարցը, թէ Ս. Ժողովը ներկայիս պահանջն ունի անձերու, որոնք ընդհանուր զարգացումին հետ՝ գիտնան նաեւ հայերէն կամ արաբերէն լեզուները, ուստի հրահանգ կու տայ անոնց՝ իմացնել Ս. Ժողովին թէ իրենց միաբաններուն մէջ, Հռոմ կամ Իտալիոյ միւս քաղաքները, ունի՞ն նման յատկութիւններով օժտուած անձեր, որոնք ի վիճակի ըլլան քննել նոյն լեզուներով տպուած գիրքեր [16] ։ Նոյն թուականով ուրիշ նամակ մը ուղղուած է Ֆիրենցէի, Վենետիկի, Նափոլիի եւ Թորինոյի Առաքելական Նուիրակներուն, որոնց աւելի բացայայտ կերպով կ՚ըսուի թէ Ս. Ժողովը պէտք ունի յարմար անձի մը, որ գիտնայ հայերէն լեզուն, քննելու համար Ոսկանի տպած Աստուածաշունչը եւ հայերէն Խորհրդատետրը. «նոյն անձը ի վիճակի ըլլայ ճանչնալ սխալները՝ որ կրնան սպրդած ըլլալ (Աստուածաշունչին մէջ) կամ տպագրողներու անուշադրութեան պատճառով եւ կամ զայն Հրատարակողին գիտութեան սակաւութենէն եւ չարամտութենէն (malizia)» [17]:

Վենետիկի եւ Ֆիրենցէի [18] նուիրակները Ժխտական կերպով պատասխանած են նամակին, թէ անկարող են գտնել նման անձեր՝ իրենց քաղաքը կամ անկէ դուրս։ Նոյնպէս պատասխանած ըլլալու են Նապոլիի եւ Թորինոյի նուիրակները։

Աստուածաշունչի սրբագրութիւնը առաջարկուած է նաեւ Լէոպոլիս գտնուող Թէաթին Հ. Պիտուի, որ բնական կերպով կը հրաժարի. իր զգացումներուն թարգման կ՚ըլլայ Վարսաւիոյ լատին Նուիրակը, 6 Մարտ 166-ին գրելով ՀՍ. ի Քարտուղար Պալտեսքիի. «Հ. Պիտու կը գրէ ինծի թէ Ս. Ժողովը ծրագրած է իրեն ղրկել հայերէն Աստուածաշունչը, որ դեռ նոր տպուած է Ամսդերտամ, սրբագրելու համար։ Պիտու չի փափաքիր իր վրայ այս բեռը, քանի քաջութիւն չի զգար իրագործել առաջարկը՝ առանց օժանդակութեան /97/ շատ մը գիտնական անձերու որ հոս կը պակսին. ուստի կը խնդրէ որ զինք ազատ ընէիք այս գործէն» [19] ։

Մինչ այս Կարապետ Վրդ. Անդրիանացի կը հասնի Լիվոռնոյ, ու Հռոմ կը ղրկէ Հոլանտայի Առաքելական փոխանորդ Նէէրքասսէլի իրեն համար տրուած յանձնարարական նամակը, ու անգամ մը եւս Հռոմի մէջ կ՚արծարծի Աստուածաշունչի սրբագրութեան հարցը։ 26 Մարտ 1669ին նիստով, Ժողովի քարտուղարը կը զեկուցանէ թէ ի զուր հետամուտ եղած էր գտնել հայածէս մը, որ կարենար քննել Աստուածաշունչը, ուստի կը թելադրէ Լիվոռնոյէն Հռոմ կանչել Բարսեղ կամ Յովհաննէս Հոլով, որոնց «չի պակսիր ո՛չ խանդ եւ ոչ հարկաւոր վարդապետական ուսում՝ նման գործի մը համար»։ Քարտուղարին առաջարկը ընդունելի չ'ըլլար. աւելի յարմար կը նկատուի Աստուածաշունչը ղրկել Ֆիրենցէի Նուիրակին, որ յանձնէ Լիվոռնոյի միսիոնարներուն, որպէսզի լատիներէնի թարգմանեն ամբողջ Աստուածաշունչը, եւ լուսանցքի վրայ նշանակեն սխալները [20] ։ 6 Ապրիլ 1669 թուակիր նամակով, Քարտուղարը առնուած որոշումը կը հաղորդէ Ֆիրենցէի Նուիրակին, ու փոխանակ ամբողջ Աստուածաշունչին՝ միայն Ամսդերտամ տպուած Նոր Կտակարանը կը յանձնարարուի թարգմանել տալ լատիներենի, նշանակելով սխալները։ Ֆիրենցէի Նուիրակին կը յանձնարարուի Ս. Ժողովի այս հրահանգը հաղորդել ինքն իր կողմանէ Բարսեղի եւ Յովհաննէս Հոլովի, եւ ոչ իբր Հռոմէն եկած հրահանգ [21] ։

Մինչ այս, Լիվոռնոյի զոյգ միսիոնարները պարապ չեն կենար, եւ կը լծուին գործի. շատ հաւանաբար Կարապետ Վրդ. ի Ամսդերտամէն բերած Աստուածաշունչը կարդալով, Յովհաննէս Հոլով 23 Փետրուար 1669ին լատիներէնի կը թարգմանէ Աստուածաշունչի յիշատակարանը (էջ 831) եւ նոյն հատորին մէջ տպուած Ոսկանի ուղերձը՝ Յակոբ Կաթողիկոսի. իսկ Բարսեղ՝ կը կատարէ թարգմանութիւնները Ոսկանի այն խօսքերուն՝ ուր կը տրուի բացատրութիւն թէ ինչու Աստուածաշունչի տպագրութիւնը կատարած է Ամսդերտամ՝ եւ ոչ Հռոմ [22] ։ Բարսեղի ճիշտ այս հատուածը թարգմանելը՝ անշուշտ գովելու համար չէր Ոսկանի գործելակերպը։

Կատարուած թարգմանութիւնները, Ոսկանի առ Կղեմէս Թ. 15 Նոյմբ. 1668 թուակիր նամակը, Ոսկանի 29 Հոկտ. 166S առ Ս. Ժողով գրած նամակը, եւ անոնց լատիներէն թարգմանութիւնները, կատարուած Բարսեղէ, Յովհաննէս Հոլովէ եւ Սեբաստիանոս Կնաբէ, ընկերակցութեամբ Կարապետ Վրդ. ի բերած զոյգ աստուածաշուն/98/չերուն, Փիզայի Արքեպս. ը 12 Ապրիլ 1669ին Durazzi մարքիզին ձեռքով կը ղրկէ ՀՍ. ի Ժողովին, որ արդեն նախապէս ստացած էր յիշեալ նամակներուն պատճէնները [23] ։

Հռոմ ոչինչ կրնար կարգադրել Աստուածաշունչին համար։ Նոյն այս գաղափարը կը կրկնէ շարունակ ՀՍ. ի Քարտուղարը, քանի կը պակսէր իրեն յարմար անձը, ու իր աչքերը դարձուցած էր Ֆիրենցէի Նուիրակին, թէ ի՞նչ նորութիւն պիտի հաղորդէ իրեն՝ նկատմամբ Ամսդերտամ տպուած Նոր Կտակարանի թարգմանութեան եւ սխալներուն։

Լիվոռնոյ՝ Ոսկան Վրդ. ի ժամանումէն առաջ (1669–1670) [24]

Չափազանց ընդարձակ է Լիվոռնոյի մեր ազգայիններու պատմութիւնը, եւ մեծ պիտի ըլլայ մեր շեղումը՝ եթէ ուզենք նոյնիսկ համառօտ կերպով ամփոփել հոս կարեւոր տուեալներ։ Ոպելով ուրիշ առիթի թողուլ այդ ուսումնասիրութիւնը, այսքանը ըսենք որ Լիվոռնոյի ազգայիններու խաղաղ կեանքը կը խռովի 1667–1669 տարիներուն, երբ հոն իբր միսիոնար կը նշանակուին տէր Բարսեղ Բարտեղեան եւ Տէր Յովհաննէս Հոլով, երկու ծայրայեղ լատինամիտները. ու խաղաղութիւնը կը վերադառնայ՝ երբ անոնք բռնի ուժով քաղաքէն կ՚արտաքսուին։ Խռովութեան ընթացքին, ազգայիններ, հակառակ Տէր Բարսեղի՝ կը պաշտպանեն իրենց իրաւունքը եւ կը յաջողին Յակոբ Կաթողիկոսէ բերել տալ բանադրանք Տէր Բարսեղի եւ Տէր Սահակի վրայ: այս մահացու հարուածը այսպիսի կերպով կը դառնացնէ Տէր Բարսեղը՝ որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պիտի չմոռնայ ստացած նախատինքը։

Այս հոգեբանութեամբ էր Տէր Բարսեղ, երբ կը թարգմանէ ր Ոսկանի առ Յակոբ Կաթողիկոս գրած նամակը, տպուած Աստուածաշունչի էջ 833ի վրայ, որու ակնարկեցինք։ նոյն հոգեբանութեամբ է իր բոլոր ձեռնարկներուն եւ գրութիւններուն մէջ, որոնցմէ կու տանք միայն քանի մը նմոյչ։

Լիվոռնոյի մէջ նոյն շրջանին կը գտնուէր Ջուղայեցի հարուստ վաճառական մը, Գասպար որդի Սարհատի, որ պաշտպան կը կանգնի զոյգ միսիոնարներուն։ Սա շօշափելի գումար մը (500 Նումմոս) կը տրամադրէ ՀՍ. ի Ժողովին, պայման դնելով որ անոր եկամուտը յատկացուի Լիվոռնոյի զոյգ միսիոնարներու, որոնք պետք է աչակերտած ըլլան Ուրբանեան Վարժարանի։ ՀՍ. ի Ժողովը կը գանձէ գումարը։ ժամանակով կը սերտանայ Հռոմի եւ Գասպարի միջեւ կա/99/պը, այնքան որ Հռոմէն յանձնարարական նամակներ կը գրուին Փարիզի Առաքելական Նուիրակին, որպէսզի պաշտպան կանգնի եւ դիւրութիւններ ընծայուին ֆրանսական արքունիքէն՝ Գասպարի դէպի Հնդկաստան ընելիք վաճառականութեան։

Լիվոռնոյի զոյգը, Բարսեղ եւ Յովհաննէս Հոլով, սերտ բարեկամներ Գասպարի, իրենց գաղափարները Հռոմի կը թելադրեն Գասպարի միջոցով, որ հազիւ գիտէ գրել հայերէն, որու իւրաքանչիւր չարչարուած նամակ Հռոմ կը ղրկուի՝ Բարսեղի կատարած լատիներէն թարգմանութեամբ։

Գասպար, որ քաջ վաճառական է, այնուհետեւ կը սկսի հասկնալ եկեղեցական հարցերէ։ 29 Ապրիլ 1669 թուականով կը շարադրէ երեք նամակներ, ուղղուած ՀՍ. ի Ժողովին, որոնցմէ առաջինը չարախօսութիւն մըն է Յակոբ Կաթողիկոսի մասին [25], երկրորդը՝ պաշտպանողական մըն է Բարսեղի եւ Յովհաննէսի [26], երրորդը, որ մեզ մօտէն կը հետաքրքրէ, ՀՍ. ի Ժողովին կը թելադրէ այնպիսի նուրբ գաղափարներ՝ որոնք միայն մասնագէտ Բարսեղի մը շունչով կը բացատրուին։ Գասպար կը գրէ. «Թող գիտնայ Ս. Ժողովդ մեր ազգը չունի տպարան, այլ կը գործածէ միայն ձեռագիրներ. շատեր կը գրեն հակառակ ճշմարտութեան, լաւ գիրքերն անգամ խաթարուած են օրինակողներէ. ունեցանք տպարան (Ամսդերտամի մէջ), ուր եօթը տեսակ տպեցին՝ լեցուն սխալներով։ Մեզի հակառակ վարդապետներ՝ կ՚ուզեն հայկական տպարան հաստատել հերետիկոս հայրենիքի մէջ՝ հերետիկոսական գիրքեր տպելու համար։ Աստուած չընէ որ այդ գիրքերը տպուին, որովհետեւ ազգը տգէտ ըլլալով՝ պիտի կարծէ թէ ամէն գիրք լաւ է։ Ներկայիս տպարանը հայ կաթողիկէ Եպիսկոպոսի մը ձեռքն է, եւ չուզեր տպել այն որ հակառակ է ճշմարտութեան, թէեւ հայերը կը ստիպեն Եպիսկոպոսը, սակայն նա կը դիմադրէ։ Ներկայիս կարգ մը հայեր կ՚ուզեն մարդ /100/ զրկել Հոլանտա, հոն տպելու համար իրենց ուզած գիրքերը։ Այդ Եպս. ը կ՚ուզէ տպարանը փոխադրել կաթողիկէ աշխարհ։ Կը խնդրեմ որ միջամտէք եւ Եպիսկոպոսը հոս գալէն յետոյ չփոխադրուի այլուր, եւ ինչ որ պիտի տպէ՝ ըլլայ գիտակցութեամբ Ս. Ժողովին եւ այս երկու միսիոնարներուն, որովհետեւ շատ վստահելու չէ Եպիսկոպոսին, քանի դրամի զօրութեամբ նա կը գնուի։ Երբ տպագիրը շատնայ՝ ձեռագիրներու սխալները կը նուազին, իսկ տպագրութիւնները բազմանալով՝ հերձուածը կը նուազի» [27] ։

Նոյն այս թուականով, 29 Ապրիլ 1669, Բարսեղի եւ Յովհաննէսի ստորագրութեամբ լատիներէն նամակ մը ուղղուած է ՀՍ. ի Քարտինալներուն։ Նամակը ծայրէ ի ծայր օծուն է նախատական շեշտով, գրուած հակառակ հայերու եւ անոնց Կաթողիկոսին՝ որ ազգը կը գրգռէ իրենց երկուքին դէմ։ Յետ թելադրելու զանազան դարմաններ՝ առաջքն առնելու համար այս աղէտին, նամակը կը վերջացնեն այսպէս. «Իսկ մենք կը խնդրենք ձեզմէ որ հաճիք գրել այդ Ոսկան Վրդ. ին՝ որ Ամսդերտամ է եւ տպագրութեամբ կը զբաղի, թող առանց վախի Իտալիա փոխադրուի, որու ինք տրամադիր է, սակայն կը վախնայ ձեզի անհաճոյ քայլ մը առնելէ։ Մեծ է չարիքը իր հոն բնակելով, եւ մեծ բարիքը՝ եթէ հոս փոխադրուի։ Վերոյիշեալ հայը (իմա՝ Գասպար Սարհատի) իր նամակին մէջ բաւարար բացատրած է։ Գիտնաք նաեւ որ այդ Եպս. ը չորս տեսակ հայկական գիր ունի, մամուլ եւ այլ հարկաւոր տպագրական գործիքներ, եւ ամէն կերպով կրնայ նպաստաւոր ըլլալ (կաթողիկէ) հաւատքի տարածումին համար» [28] ։

Զանազան այս լուրերուն հետ Փիզարի եկեղեցական գրաքննիչը Հռոմ Հաատաքննութեան Ժողովի նախագահ Card. Casanateի կիմացնէ թէ Ամսդերտամէն նաւով Լիվոռնոյ հասած են 200 հայերէն Աստուածաշունչեր, որոնք ուղղուած են դեպի Արեւելք, եւ թէ քիչ ժամանակ առաջ Աստուածաշունչի օրինակ մը փոխանցուած ըլլալով ՀՍ. ի Ժողովին, կը սպասեն անոր վերջնական դատաստանին եւ որոշումին, որպէսզի անոր համաձայն կարենան գործել [29] ։

Հոս անցողակի կերպով յիշենք որ Աստուածաշունչը 200 օրինակներու Լիվոռնոյի մէջ գրաւուելուն մատ ունին զոյգ միսիոնարները, Բարսեղ եւ Յովհաննէս Հոլով. ու անոնց այս եւ ուրիշ զա/101/նազան արարքները, որոնք Ֆիրենցէի Նուիրակէն իբր հոգեւոր եռանդ կը նկատուին, բայց նոյն Նուիրակը կը հաստատէ թէ միսիոնարները այս գործելակերպով՝ ատելի դարձած են ազգայիններուն, որոնք զիրենք քաղաքէն վտարելու ծրագիրը առաջ կը վարեն [30] ։

Ոսկանի գրած նամակներն ու վերոյիյեալ բոլոր լուրերը քննութեան կ՚ենթարկուին՝ ՀՍ. ի Ժողովի 13 Մայիս 1669ի նիստին, ուր Քարտուղարը կը ներկայացնէ զանազան հարցեր։ Նախ, թէ Ֆիրենցէի Նուիրակը կապահովցնէ թէ ստացած է Ամսդերտամ տպուած Նոր Կտակարանը եւ աւանդած Բարսեղի եւ Յովհաննէս Հոլովի՝ քննութեան համար. երկրորդ, թէ Ոսկան նամակներ գրած է ՀՍ. ի Ժողովին եւ Կղեմէս Թ. Պապին, ու հարց կ՚ելլէ թէ Պապին ուղղուածը՝ կարելի՞ է յանձնել Պապին, քանի Ոսկան զինք կ՚անուանէ «փոխանորդ Ս. Պետրոսի» (փոխանակ «փոխանորդ Քրիստոսի»), երրորդ, Ոսկանի փափաքը որ կ՚ուզէ Իտալիա գալ։ Ժողովական Հայրերու որոշումը կ՚ըլլայ. 1) Մասնական ժողովի մը մէջ քննուի հայերէն Աստուածաշունչի լատիներէն թարգմանութեան հարցը, 2) Ոսկանի նամակը կարելի է յանձնել Պապին, 3) Ս. Ժողովին հաճելի է որ Ոսկան գայ Լիվոռնոյ կամ Հռոմ [31] ։

Այս որոշումը ՀՍ. ի Քարտուղարը 1 Յունիս 1669 թուակիր նամակով կը հաղորդէ նախ Ֆիրենցէի Նուիրակին, յատկապէս այն կէտը՝ թէ որոշում առնուած է Ոսկանի համար, որ իր տպարանով փոխադրուի Լիվոռնոյ: «Կը յուսանք, որ այս կերպով աւելի պտղաբեր ըլլայ արտադրութիւնը, ու տպածներուն մէջ սխալներ չսպրդին», ու առ այս ՀՍ. ի Քարտուղարը կ՚ուզէ Նուիրակին կարծիքը [32] ։ Երբ Նուիրակը կու տայ իր դրական հաւանութիւնը, 8 Յունիս 1669ին Հռոմէն կը գրուի Ոսկանի՝ սա պարունակութեամբ. «Նամակդ, գրուած ՀՍ. ի Ժողովին եւ ղրկած Աստուածաշունչդ՝ ստացած ենք. բայց ցարդ չկրցանք դատաստան մը ընել անոր մասին, ժամանակի սղութեան եւ լատիներէնի թարգմանութեան համր ընթացքին պատճառով։ Փափաքդ գալու Իտալիա եւ տպելու սրբագրուած գիրքեր, որոնք ոչինչ ունենան կաթողիկէ վարդապետութեան հակառակ, վաւերացուեցաւ այս Ս . Ժողովէն, որ ոչ միայն քեզի հրաման կը շնորհէ՝ այլ մանաւանդ քու այս տեսակէտդ գովելով կը վաւերացնէ, յորդորելով որ որքան կարելի է փութով զայն գործի դնես, թող Աստուած քեզի շնորհէ երջանկութիւն» [33] ։

Գասպար, որդի Սարհատի, 29 Ապրիլ 1669 թուակիր նամակով՝ պղտորած էր Հռոմ ի Ս. Ժողովի միտքը, գրելով թէ Ամսդերտամ /102/ տպուած են 7 տեսակ գիրքեր՝ լեցուն սխալներով։ ՀՍ. ի Քարտուղարը կը դիմէ Ֆիրենցէի Նուիրակին. սա իր կարգին՝ Լիվոռնոյ Բարսեղի եւ Հոլովի, որոնք 15 Յունիս 1669ին, փոխանակ կու տան 11 գիրքի անուն [34], որոնք կը զեկուցուին 20 Օգոստոս 1669ի ՀՍ. ի Ժողովի նիստին, ուր կ՚որոշուի գրել Ֆիրենցէի Նուիրակին եւ Հոլանտայի Առաքելական փոխանորդին, որ յիշեալ գիրքերէն մէկական օրինակ ղրկեն Հռոմ [35] ։

20 Օգոստոսին առնուած որոշումը 21 Սեպտեմբերին կը հաղորդուի Ֆիրենցէի Նուիրակին [36], որ իսկոյն 19 Հոկտ. 1669 թուակիր նամակով [37] կ՚իմացնէ թէ բացի Աղուէսագիրքէն եւ Առաքել Դաւրիժեցիի Պատմութենէն, կրցած է գտնել տասը հատոր. կը նշանակ է նաեւ անոնց գիները։

 

Նոր Կտակարան (1668) [38]

 

Շարակնոց (1669)

2, 55

Մաշտոց (1667)

1: 70

Ժամագիրք (1663)

0. 421/2

Տօնացոյց (1669)

0. 421/2

Տոմարաց Գիրք (1668):

0. 11

Քրիստոնէական (1667)

0. 21 1/2

Քերականութիւն (1666)

0. 20

Աղօթագիրք (1661)

0. 10

Գիրք աշխարհաց (1668)

0. 10

 

5. 62 1/2

 

  12 Հոկտեմբերի նիստին կը զեկուցուին Ֆիրենցէի Նուիրակին ղրկած գիրքերը, ու կառնուի հետեւեալ որոշումը. Քրիստոնէականի գիրքը անցընել Հաւատաքննութեան Ժողովին, իսկ մնացեալներուն համար կը սահմանեն որ քարտուղարը հոգ տանի եւ քննել տայ հայագէտի մը [39] ։

Գիրքերը քննելու հարցը անվերջանալի եւ անլուծանելի հանելուկ դարձած էր Հռոմի համար։ Տպագրութիւնները միշտ ասելի կը բազմանային, քննելի գիրքերու թիւը միշտ աւելի կը ստուարանար, սակայն կը պակսէր գրաքննիչը։ Ամէնէն աւելի էական գիրքը, Աս/103/տուածաշունչը, դեռ խնդրոյ առարկայ էր։ Տեսանք թէ Նոր Կտակարանի քննութիւնը յանձնուեցաւ Լիվոռնաբնակ Բարսեղի եւ Յովհաննէս Հոլովի, որոնք 1669 Օգոստոսին քաղաքէն վտարուելով՝ գործը կը յանձնեն գերմանացի Դոմինիկեան Հ. Սեբաստիանոս Knabի, որ 1670–1 տարիներուն կ՚երկարաձգէ համեմատական աշխատանքը, ու գիրք առ գիրք կը համեմատէ Վուլկաթային հետ, ու զարտողութիւնները կը նշանակէ հետեւեալ կերպով. նախ կ՚օրինակէ Վուլկաթան, ապա հայերէն տպագիր օրինակին այն հատուածը՝ որ չի համապատասխաներ Վուլկաթային, կը թարգմանէ հայերէնը լատիներէնի՝ բառացի կերպով, նշանակելով թէ ինչ կերպով հեռացուած է Վուլկաթայէն։ Knabի այս աշխատութիւնը ներկայիս կը պահուի Վատիկանի Մատենադարանը [40] ։ Ձեռագիրը ատենին ղրկուած է Հռոմ Քարտ. Բոնայի, որ նախ ցոյց տուած է Բարսեղի եւ Յովհաննէս Հոլովի, ապա Կարմեղական P. Domenico a SS. Trinita, եւ հուսկ 20 Մարտ 1671ին կը յանձնէ ՀՍ. ի Ժողովին, խոստանալով որ յաջորդաբար նոյնպէս ընել տայ Հին Կտակարանն ալ։ Տարի մը ետք, այն է 30 Մայիս 1672ի ՀՍ. ի Ժողովի նիստին՝ կ՚որոշուի Հայերէն Աստուածաշունչի քննութիւնը յանձնել Բարսեղի, որ լատիներենի թարգմանէ, որպէսզի կրկին յանձնուի Քարտ. Բոնայի [41] ։ Սակայն Բարսեղ տարբեր կարծիք կը պաշտպանէր։ 7 Ապրիլ 1671 թուակիր լատիներէն մենագրութեամբ, ուղղուած ՀՍ. ի Քարտուղարին՝ կը գրէ «Հայերէն Աստուածաշունչի մասին իմ կարծիքս է որ ամբողջ Հին եւ Նոր Կտակարանը Վուլկաթայէն թարգմանուի հայերէնի, քանի հայերէն տպուածը ամէն տեսակ սխալներով լեցուն է, ստէպ հակառակ իմաստներ կան հոն, աւելի ստէպ՝ իմաստներու շեղումներ. այս բանը յստակ կը տեսնուի եթե որեւէ մէկը հայերէն օրինակը համեմատէ Վուլկաթային հետ» [42] ։ Բարսեղ, որ ՀՍ. ի Ժողովի համար միակ հաւատարիմ հայն էր, կարող ընելու նման աշխատանք, այս վճիռը տուած էր Ոսկանի տպած Աստուածաշունչին համար։

Այսպէս, տարիներով քաշքշուած է Ոսկանի Ամսդերտամեան հրատարակութիւններու քննութիւնը, առանց սակայն դրական եզրակացութեան մը հասնելու։

Լիվոռնոյի տպարանը

Ոսկան Վրդ լի տպարանի մասին խօսած ատեն, չէ կարելի զանց ընել Լիվոռնոյի տպարանին ակնարկ մը տալ, քանի սերտ կերպով միացած են իրարու։

/104/ Վերեւ տեսանք որ 1668ի Հոկտեմբերին, Ոսկան Ամսդերտամէն Իտալիա ղրկեց իր աշակերտը՝ Կարապետ Վրդ. Անդրիանացին, որպէսզի նորատիպ Աստուածաշունչը անձամբ տանի Հռոմ։ Կարապետ Վրդ. ի ունեցած նամակները կը կրեն Հոկտեմբեր 1668 թուականը, բայց թէ ճիշտ նոյն ամսո՞ւն է որ Կարապետ մեկնած է Ամսդերտամէն. չենք գիտեր։ Կարապետ Լիվոռնոյ կը գտնենք 1669ի Յունուար ամսուն, որովհետեւ ՀՍ. ի Ժողովի 13 Մայիս 1669 նիստին կը զեկուցուի անոր Լիվոռնոյ ղրկուած ըլլալը Ոսկանի կողմ է [43] ։ Ֆիրենցէի Նուիրակը 21 Մայիս 1669ին կը գրէ ՀՍ. ի Ժողովին. «Վարդապետը, այն որ ծրագիր ունէր Հռոմ անցնելու, այժմ ծրագիրը փոխած է ու Լիվոռնոյի մէջ կը սպասէ իր Եպիսկոպոսին, Ոսկանի, (ան որ Հոլանտայի մէջ տպած է Աստուածաշունչ), եւ շատ հաւանաբար անոր հետ երթայ Հռոմ» [44] ։ Եւ որովհետեւ այս նամակին մէջ չի տրուիր Կարապետի անունը, եւ ՀՍ. ի Քարտուղարը կ՚ուզէ անպայման գիտնալ, Ֆիրենցէի Նուիրակը, 28 Մայիս թուակիրով, կու տայ Կարապետի անունը՝ աւելցնելով։ «Ան որ Լիվոռնոյ հասաւ՝ Ամսդերտամի (տպարանի) գիրերով» [45] ։

Կարապետ Անդրիանացիի տպագրական գիրեր ունենալը` առիթ կու տան որ Բարսեղ եւ Յովհաննէս Հոլով մտածեն հրատարակել գիրքեր, որոնցմէ առաջինը կ՚ըլլայ, Խոստովանարան եւ Ամբաստանարան (1669), երկրորդը՝ Քրիստոնէականի գիրք մը (տպուած 1670ին) եւ երրորդը՝ Պարտէզ հոգեւոր (1670)։ Սակայն այս տպագրութիւններու մասին խօսելէ առաջ` ստիպուած ենք շեղում մը կատարել, աւելի յստակ հասկանալու համար Լիվոռնոյ տպուած երեք հատորներու մանրամասնութիւնները։

Քրիստոնէականի գրքին տպագրութեան պատրաստութիւնը (1667–1669)

Ոսկան Վրդ. 1667ին Ամսդերտամ կը տպէ Քրիստոնէական վարդապետութիւնը հայերէն եւ լատիներէն։ Հոլանտայի Առաքելական փոխանորդը, 25 Հոկտեմբեր 1668ին, անկէ օրինակ մը կը ղրկէ Հռոմ, միաժամանակ գրելով թէ տեսակցած է Ոսկան Վրդ. ի հետ, եւ հարցումներ ուղղած գիրքին պարունակութեան մասին, յատկապէս թէ հայոց մէջ գոյութիւն ունի՞ սրբազան նկարներու հանդէպ յարգանք: ու կը ստանայ դրական պատասխան։ Նէէրքասսէլ կ՚աւելցնէ թէ ի/105/րապէս նկարներով զարդարուած է Ոսկանի աղօթատեղին, ուր կայ նաեւ խաչելութիւնը։ Այս բոլորով հանդերձ՝ Նէէրքասսէլ կառաջարկէ ՀՍ. ի Ժողովին, որ պատրաստեն նոր Քրիստոնէականի գիրք մը, ուր աւելի ընդարձակ խօսուի Ս. Խորհուրդներու մասին, եւ եթէ լատիներէն շարադրուի գիրքը՝ կրնայ թարգմանել տալ Ոսկանի, ու թարգմանութեան հարազատութիւնը քննել տալ՝ հայագէտ Թէոդոր Պետրէոսի եւ կամ Լէիտայի ամպիոնի արեւելեան լեզուներու փրոֆ. Կոլիոյի [46] ։

ՀՍ. ի քարտուղարը Ոսկանի տպած Քրիստոնէականը նախ քննել կու տայ Հայր Ճիաթթինոյի, որ ոչ մէկ սխալ կը գտնէ գրքին մէջ, բացի այն արարքէն որ գիրքը ընծայուած է Բրանդէբուրկի դուքսին, որ չի գիտցուիր թէ ուղղափառ է կամ հերետիկոս։

ՀՍ. ի Քարտուղարը, յետ խորհրդակցելու Քարտինալներու եւ նոյն ժամանակի Հռոմ գտնուող հեղինակաւոր անձերու հետ, Քարտինալ Բոնայի կը ղրկէ 1630ին Փրոփականտայ տպուած հայերէն-լատիներէն Քրիստոնէական Վարդապետութիւնը, եւ 20 Նոյեմբեր (1668) թուակիր նամակով ալ կ՚իմացնէ թէ Հռոմ հասած է Ոսկանի տպած Քրիստոնէականը, շարադրուած համառօտ եւ չոր ոճով, մանաւանդ որ գիրքը ընծայուած է (ոչ կաթողիկէ) Բրանդէբուրկի դուքսին, ինչ որ մտքերու մէջ տարակոյսներ կ՚արթնցնէ . «Քարտինալները յարմար նկատեցին, կը գրէ ՀՍ. ի Քարտուղարը, որ շատ օգտակար պիտի ըլլայ հայոց համար՝ եթէ Ոսկան վերատպէ այս գիրքը, քանի հայերը վստահութիւն ունին Ոսկանի վրայ. ուստի քեզի կ՚անցնեմ Փրոփականտայ տպուած օրինակը։ Հաւան գտնուելու պարագայիդ՝ իսկոյն կը ղրկեմ Հոլանտա, որպէսզի հոն կրկին տպագրուի» [47] ։

Քարտ. Բոնա իմաստութեամբ կը պատասխանէ թէ աւելորդ է վերատպել Ս. Բելլարմինոսի Քրիստոնէականը, ու խորհուրդ կու տայ որ շարադրուի նոր մը, հայ ժողովուրդի պահանջներուն համաձայն, ընդլայնելով այն կէտերը՝ որոնց կը կարօտին հայերը։ ՀՍ. ի Քարտուղարը, հետեւելով տրուած թելադրանքին, 23 Նոյեմբեր 1668 թուին կը գրէ Դոմինիկեան կարգին Ընդհանրական Մեծաւորին, հրահանգ տալով որ իր միաբաններէն մին, որ քաջատեղեակ ըլլայ Հայոց սխալներուն, շարադրէ լատիներէն լեզուով Քրիստոնէական մը, «այնպէս որ լուսաւորէ՝ առանց պղտորելու կամ խռովելու տարակուսոտ միտքերը», եւ առ այս կը թելադրէ օգտագործել վերջերը հրատարակուած Քրիստոնէական մը, որու հեղինակը եղած է Հ. Յովհաննէս Ս. Թոմասի, Դոմինիկեան կարգէն [48] ։

/106/ 11 Դեկտեմբեր 1668ի նիստին բոլոր այս անցուդարձերը կը զեկուցուին Ժողովականներուն [49], որոնց որոշումը յաջորդ օրն իսկ ՀՍ. ի Քարտուղար Բալդեսքի կը հաղորդէ Հոլանտայի Առաքելական փոխանորդին. «Առաջարկած էիր որ քեզի ղրկուի Քրիստոնէական մը, եւ դու Ոսկան Եպս. ի թարգմանել տալով հայերէնի՝ տպագրուէր։ Սակայն ժողովականները յարմար չտեսան, քանի անցեային հայերէն լեզուով տպուած է Բելլարմինոսի Քրիստոնէականը եւ արդէն տարածուած հայութեան մէջ, պէտք է ջանալ որ նոյնը դեռ աւելի տարածուի, այն որ արդէն իսկ կը գործածուի ամբողջ Եկեղեցւոյ մէջ» [50] ։

Այս նոր որոշումը անկարելի չէ Բալդեսքիի մտքին մէջ արթնցուցած ըլլայ Բելլարմինոսի Քրիստոնէականը կրկին տպագրելու գաղափարը, որովհետեւ տարին չաւարտած, 29 Դեկտեմբերին օրինակ մը կը ղրկէ Ֆիրենցէի Նուիրակին, որպէսզի իր կարգին փոխանցէ Լիվոռնոյի զոյգին, Տէր Բարսեղի եւ Յովհաննէս Հոլովի. այս երկուքը պէտք էին քննել գիրքը եւ իրենց դիտողութիւնները հասցնել Հռոմ [51] ։ Բալդեսքիի ըրած առաջարկը կը հանդիպի նպաստաւոր պահու մը. Կարապետ Վրդ. ճիշտ նոյն օրերուն է որ Ամսդերտամէն հասած էր Լիվոռնոյ, հայկական գիրերով. եւ որովհետեւ Բարսեղ ու Հոլով անթիւ նամակներով ՀՍ. ի Ժողովին ականջը լեցուցած էին Լիվոռնոյի ազգայիններու ունեցած հաւատքին անհաստատութեան մասին, Քրիստոնէական գրքին վերաքննութիւնը առիթ առած՝ 29 Յունուար 1669ին Բարսեղ ու Հոլով կը ստորագրեն Ֆիրենցէի Նուիրակին ուղղուած նամակին, վստահ ըլլալով որ նա իր կարող էին լուրը պիտի հասցնէ ՀՍ. ի Քարտուղարին, դրական ազդեցութիւն գործելով վրան. «մեր հայերը, կը գրեն անոնք, ո՛չ սկզբունք ունին եւ ոչ (հոգեւոր) գիտութիւն։ Կը խնդրենք հրաման որ Քրիստոնէականի գիրքը վերատպուի հոս, Լիվոռնոյի մէջ, որպէսզի ամէնքը ունենան եւ դիւրաւ տարածուի կաթողիկէ վարդապետութիւնը։ Քաղաքս կը գտնուի կաթողիկէ հայ մը, մեզի բարեկամ, որ ունի հայկական զիրեր եւ մամուլ, պատրաստ է տպելու գիրքը իր ծախսով» [52] ։ Ֆիրենցէի Նուիրակը այս նամակը կը ղրկէ ՀՍ. Քարտուղարին, իր կողմ է աւելցնելով՝ 6 Փետր. 1669 թուակիր նամակ մը, թէ «… օգտակար գործ ըլլալով՝ կրնամ տալ իմ հաւանութիւնս, բաւական է որ դուք համաձայն գտնուիք» [53] ։

/107/ Ֆիրենցէի Նուիրակին առաջարկը կը քննուի ՀՍ . ի Ժողովի 26 Մարտ 1669ի նիստին, որու արձանագրութիւններէն երեւան կու գայ, որ ՀՍ. ի Քարտուղարը, Բարսեղի եւ Հոլովի ղրկած է Փրոփականտայ տպուած երկու Քրիստոնէականներ, մին Համառօտ (հաւանաբար 1623ի տպագրութիւնը) եւ երկրորդ՝ Բելլարմինոսինը (տպ. 1630ին)։ Ժողովին որոշումը կըլլայ. «Ֆիրենցէի Նուիրակը կրնայ հրաման տալ վերատպութեան, սակայն զգոյշ ըլլայ՝ որ ո՛չ մէկ մաս փոփոխութեան ենթարկուի, եւ բնագրին վրայ ոչինչ աւելցուի կամ պակսի» [54] ։

Ֆիրենցէի Նուիրակը, անշուշտ հիմնուած Բարսեղի եւ Հոլովի տուած տեղեկութիւններուն վրայ, 23 Ապրիլ 1669ին կը գրէ Բալդեսքիի, թէ Հռոմէն ղրկուած Հայերէն Քրիստոնէականի գիրքը «լեցուն է սխալներով, ոչ միայն ուղղագրութեան՝ այլ նաեւ շատ մը տեղեր իմաստներ անհասկանալի են. գրեցի միսիոնարներուն՝ որ առ այժմ սրբագրեն։ Հոս է նաեւ գերմանացի Դոմինիկեանը (իմա Կնաքը), հայերէն լեզուի մասնագէտ եւ գիտնական անձ. երբ ան եւս սրբագրէ՝ տպագրութիւնը սկսելէ առաջ կը ղրկեմ ձեզի, որ վերաքննէք» [55] ։ Բոլոր այս մանրամասնութիւնները կը զեկուցուին ՀՍ. ի Ժողովին 13 Մայիս 1669ի նիստին, եւ ոչինչ կ՚որոշուի, այլ պարզապէս թէ՝ «գրուի Ֆիրենցէի Նուիրակին, գովելով իր ջանքերը» [56] ։

«Խոստովանարան եւ ամբաստանարան» գրքին տպագրութիւնը (1669)

Ճիշտ այս շրջանին է - Մարտէն Յուլիս 1669 որ Լիվոռնոյի ազգայինները, զայրացած Բարսեղէ եւ Յովհաննէս Հոլովէ, ամէն ճիգ կը բանեցնեն զանոնք քաղաքէն վտարելու։ Բարսեղ իր ընկերով կը դիմ է Ֆիրենցէի Նուիրակին, որ անձամբ կու գայ Լիվոռնոյ, քննելու հարցերը, խաղաղեցնելու հոգիները։ Բարսեղ եւ Հոլով տասնեակներով նամակներ կը հասցնեն Հռոմ, ցոյց տալու թէ հայերը ինչ դիրք բռնած են իրենց Հանդ է պ՝ այս նամակներէն մէկուն համաձայն, գրուած Բարսեղէն (Հոլովի գրիչով) 27 Մայիս 1669ին, Յակոբ Կաթողիկոս «օրհնութեան գիր մը գրած է մեր բարե կամ ին՝ Կարապետ Վրդ. ի (Անդրիանացիի), զինք հրապուրելու նպատակով, որպէսզի տիրանայ անոր մամուլին եւ գիրերուն» [57]. իսկ Բարսեղ ու Հոլով, գրաւելու համար Լիվոռնոյի հայերու համակրանքը, ստեղծելու համար հոգեկան բարի տրամադրութիւններ իրենց հանդէպ, կը մտածեն /108/ Կարապետ Վրդ. ի նորակազմ տպարանին մէջ տպել իրենց մէկ թարգմանութիւնը, որու անունն է Խոստովանարան եւ Ամբաստանարան, մինչ Քրիստոնէականի գիրքը դեռ թարգմանութեան կամ վերատեսութեան մէջ էր։

Տպագրութեան մեկենասը կ՚ըլլայ Ջուղայեցի մեծահարուստ Գասպար Սարկատի, որ անձամբ ալ կը սկսի շարժել քարերը, որպէսզի գիրքը տպագրուի։ Իր գիտցած նախնական հայերէնով, գրեթէ անհասկնալի գաւառաբարբառով, 1 Յունիս 1669ին կը գրէ ՀՍ. ի Նախագահ Բարտ. Բարբերինիի։ Նամակին մէջ մեզ հետաքրքրող մասը կ՚ըսէ . «Դարցեալ խընդրեմ ալ վի գրես Տէր Նուիրակին որ հոքս անի, քանզի մինչեվ ասօր ամէեվին տպայգրութեանն նշան չկայ, ապայ գրայտունն պատրաստ այ եւ գրքերն, պատրաստ այ գիրք տպողն, ձեր հրամանիւն ծախսի ներքես այ ընկել, չի գիտում է մեր ազգին, դէռ չուրի հօրս ոչի(ն)չ անբավ չի գրել. խը(ն)դրեմ թէ վերջն ինչ կլնի. այս տպող գահանէս ա պզտիկ խօստովանութեան գիրք այ ողորկել էր, տալիանէ թարքմանած. յուժ օգդակար հրամանուցէք որ ծանուցանես տէր Նուիրակին, հոքս անի, շուտօվ յետ աղարկի գիրքն որ տպեն տգիտութիւն մեզ սպանում այ, յուս ունեմ որ ըստամբէն մեզ կու կենդանացնի. քո հրամանքետ գիտես, ես ալ գիտեմ որ այս երկու Միսսիոնարս հավայդարիմ ծառայ են եկեղեցուն, լավ օգուտ գնէր, որ ինչ գիր որ սոցայ ձեռնէն դուս դայ՝ տէր Նուիրակն տեսնէր, յիմանէր, շուտով հրաման տայր որ շուտ տպագրեն. վասն զի այս գործայտան բան այ, մէկ ախկատ մարդ թէ մէկ շաբաթ յետ ենկաւ՝ վնաս կու բերի» [58] ։

Նամակի այս հատուածէն կը տեսնուի որ Գասպար ջատագով մըն է Բարսեղի եւ Հոլովի, անկարելի չէ որ նամակին պարունակութիւնը թելադրուած ըլլայ նոյն զոյգէն։ Գասպար կը յայտնէ թէ Կարապետ Վրդ. ի տպարանը ամէն տեսակէտով պատրաստ է տպագրութեան գործը սկսելու, որու համար բաւական ծախս ալ կատարած է, իսկ Բարսեղի իտալերէնէ հայերէնի թարգմանած Խոստովանութեան մասին գիրն ալ ղրկուած է Ֆիրենցէի Նուիրակին, որպէսզի իր հաճութիւնը տայ եւ սկսի տպագրութիւնը։ Ասոր համար է որ Գասպար կը խնդրէ ՀՍ. ի Նախագահէն, որ հաճի Ֆիրենցէի Նուիրակին ազդարարել կամ իշխանութիւն տալ, որպեսզի իրեն ղրկուած գիրքը դարձնէ Լիվոռնոյ, եւ տպագրութիւնը սկսի, «տգիտութիւն մեզ սպանում այ. յուս ունեմ որ ըստամբէն մեզ կու կենդանացնի»։ Գասպար կը խնդրէ որ Բարսեղի եւ Հոլովի ձեռքէն ելած բոլոր գրաւոր աշխատութիւնները, Ֆիրենցէի Նուիրակին հաւանութեամբ դիւրաւ տպա/109/գրուին, քանի «երկու միսսիոնարս հավայդարիմ ծառայ են եկեղեցուն»։

Գասպարի նամակին հետ Լիվոռնոյէն Բարսեղ եւ Հոլով ալ կը ստորագրեն 3 Յունիս թուակիր նամակի մը, ուղղուած ՀՍ. ի Քարտուղարին, խնդրելով «հրաման, որ Լիվոռնոյի մէջ կարելի ըլլայ տպել հայերէն լեզուով բարեպաշտական դիրքեր, քանի քաղաքս կը գտնուի թէ՛ տպարան եւ թէ հարուստ կաթողիկէ հայեր. գիրքերը կրնանք մենք շարադրել կամ սրբագրել. եւ սա օգտակար է կաթողիկէ հաւատքի տարածում են համար. իսկ մեր փնտռածը՝ միայն Աստուծոյ փառքն է եւ հոգիներու փրկութիւնը» [59] ։

Ֆիրենցէի Նուիրակը, չուզելով անշուշտ ստանձնել պատասխանատուութիւնը, 9 Յունիսին ՀՍ. ի Քարտուղարին կը ղրկէ Բարսեղի ըրած թարգմանութիւնը՝ իտալերէն բնագրին հետ, խնդրելով որ Հռոմի մէջ քննուի Հ. Կնաբէն, ու տպելու հրամանը փոխանցուի Փիզայի գրաքննիչին, որպէսզի գիրքին տպագրութիւնը սկսի, «ու կը կարծեմ որ այս կերպով նպաստած կ՚ըլլանք մեր կողմ քաշելու Ոսկան Եպս. ը» կը գրէ Նուիրակը [60] ։

Բարսեղ եւ Յովհաննէս Հոլով շատ մեծ վարպետութեամբ կը մօտենան այս գործին, իրենց թարգմանած գիրքին տպագրութեան մասին ուղղակի կերպով կը խօսին երկրորդական անձերու, նախ կը շարժեն աշխարհական մեկենաս՝ Գասպար Սարհատի, եւ ապա Կարապետ Վրդ. ը։ Սա վերջինս է որ Ֆիրենցէի Նուիրակին կը ղրկէ գիրքին ձեռագիրը՝ տպագրութեան հրաման խնդրելով։ Երբ զոյգ միսիոնարներու եւ ազգայիններու միջեւ գժտութիւնը կը ծանրանայ, Բարսեղ կ՚ուզէ աճապարեցնել գրքին տպագրութիւնը, յուսալով այս իր գործելակերպը առիթ տայ հայերուն զգաստանալու, եւ որով 15 Յունիս 1669ին անձամբ կը գրէ Ֆիրենցէի Նուիրակին, խնդրելով որ հաճի դարձնել տպագրելի գիրքին ձեռագիրը, «որ շատ կարեւոր է հայերուն համար. երբ ատենօք Ֆրանսա կը գտնուէինք՝ թարգմանեցինք մաս մը լատիներէնէ եւ մաս մը ֆրանսերէնէ. որովհետեւ տեսնելով որ հայերը եկեղեցի գալով պարապ կը կենան, մտածեցինք թարգմանել՝ մղուած սէրէն։ Թարգմանութեան առաջին օրինակը Պելճիքայի մէջ կորսնցուցինք, եւ նույնը հոս ստացանք վաճառականէ մը։ Հաճէիք ղրկել, որպեսզի սկսի տպագրութիւնը, որովհետեւ բոլոր հայերը կը փափաքին ունենալ» [61] ։

Հռոմէն կը հասնի գիրքին տպագրութեան հրամանը, որու համար Ֆիրենցէի Նուիրակը 26 Յունիսին շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀՍ. ի /110/ Քարտուղարին, «այլեւս չէք կրնար համոզել այդ վարդապետը (իմա Կարապետ), որ տեսնելով գործին երկարաձգուիլը՝ կը նեղուէր եւ գուցէ կը մտածէր նաեւ փոխադրուիլ այլուր։ Այս կերպով պիտի քաջալերուի նաեւ Ոսկան Եպս. ը, որ քիչ ատենէն իր տպարանով պիտի հասնի Լիվոռնոյ, որովհետեւ կը լսեմ թէ Ամսդերտամէն մեկնած է» [62] ։

1669ի Յունիս 30ին արդէն իսկ սկսած է «Խոստովանարան եւ ամբաստանարան» գրքին տպագրութիւնը, թարգմանուած Բարսեղէ եւ Յովհաննէս Հոլովէ, որոնք անշուշտ գոհունակութեամբ կը սկսին հետեւիլ տպագրութեան։ 19 Յուլիսին (1669) յանկարծ անակնկալ կերպով կը հասնի Ֆիրենցէ ի դուքսին հրահանգը՝ երկու միսիոնարներու քաղաքէն արտաքսումին։ Յուլիս 22ին դեռ Լիվոռնոյ են, զբաղած իրենց ինչքերու վաճառումով եւ մեծապէս մտահոգ որ «մեր մեկնելով մեծապէս պիտի վնասուի տպարանը, մանաւանդ թէ պիտի դադրի, որովհետեւ մեր ջանքերէն կախուած էր» կը գրէ Բարտեղ, Ֆիրենցէի Նուիրակին [63] ։ Եղած դէպքերէն կը խռովի նաեւ Գասպար Սարհատի, որ 9 Օգոստոսին կը գրէ ՀՍ. ի Ժողովին. «Մեր Եպս. ը (Ոսկան), որ Ամսդերտամի մէջ տպագրութեան նուիրուած էր՝ կու գայ այս կողմերը։ 45 օր է որ մեկնած է Ամսդերտամէն . եթէ խնամք չունենանք իր վրայ, Պետրոս Աւագ զայն ալ պիտի դատապարտէ։ Արդ գրեցէք (Ոսկանի) որ Լիվոռնոյ չգայ, այլ երթայ Ճենովա կամ Մարսիլիա» [64] ։

1669 Օգոստոս ամսուն երկու միսիոնարները Ֆիրենցէ են։ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն կրկին Լիվոռնոյ կը դառնան, ու Նոյեմբերին վերջնական կերպով զիրենք Հռոմ կը գտնենք։ Թէ ինչ աստիճանի օգնած են գիրքին տպագրութեան՝ դժուար է ըսել։ Տպագրութեան ամբողջ հոգը մնացած պէտք է ըլլայ Կարապետ Վրդ. ի վրայ, որ գործին սկիզբ տուած է 1669ի Յունիս ամսուն վերջաւորութեան, Ոսկանի Լիվոռնոյ հասնելէն շատ առաջ, Ոսկան Լիվոռնոյ կը հասնի 1670ի Հունիս ամսուն առաջին կեսին, 1669ի Սեպտեմբեր ամսուն, արդէն իսկ գործը աւարտած ըլլալու է։ Ֆիրենցէ Նուիրակը տպագրուած գիրքին առաջին օրինակը կը ղրկէ Հռոմ՝ գրելով 3 Նոյեմբեր 1669ին «Հ. Կնաբ քննած եւ տեսած է որ տպագրութիւնը ամէն կերպով հաւատարիմ է սրբագրուած օրինակին հետ» [65] ։ Մեր տրամադրութեան չունենալով Մարկեղոս փալերմիթանցիի (Marcello Palermitano) Խոստովանարան եւ ամբաստանա/111/րան 1669ին Լիվոռնոյ տպուած հատորը, չենք կարող անդրագոյն ծանօթութիւններ տալ գիրքին մասին» [66] ։

Բելլարմինոսի Քրիստոնէականին տպագրութիւնը (1670)

Քիչ առաջ տեսանք թէ ինչպէս Լիվոռնոյի մէջ զոյգ միսիոնարները ձեռք զարկին Բելլարմինոսի Քրիստոնէականին սրբագրութեան, որովհետեւ իրենց համաձայն նախորդ տպագրութիւնը սխալներով լեցուն էր։ Հռոմէն լսելով այս իրականութիւնը, 8 Յունիս 1669ին հրահանգ կու տան Ֆիրենցէի Նուիրակին՝ Քրիստոնէականին տպագրութիւնը սկսելէ առաջ՝ ղրկել Հռոմ տպագրելի օրինակը, քննութեան ենթարկելու համար [67] ։

Գերմանացի Դոմինիկեան Հ. Սեբաստիանոս Կնաբ, որ նոյն օրերուն Լիվոռնոյէն Հռոմ գացած էր, ՀՍ. ի Քարտուղարին հրահանգին վրայ կը սկսի քննել թէ՛ Քրիստոնէականի ձեռագիրը եւ թէ հայերէն Խորհրդատետրը: Սա վերջինը համառօտ ըլլալով, շուտով կը սրբագրուի եւ կը ղրկուի Ֆիրենցէ, որու Նուիրակը, 7 Յուլիս թուակիր նամակով կ՚իմացնէ ստացած ըլլալը, խոստանալով ընդ փոյթ ղրկել Լիվոռնոյ՝ որպէսզի սկսի տպագրութիւնը [68] ։ Խորհրդատետրի տպագրութիւնը, սակայն, բնաւ պիտի չկատարուի. շատ հաւանաբար Կարապետ Վրդ. մերժած ըլլայ անոր տպագրութիւնը. 21 Սեպտեմբեր 1669ին Ֆիրենցէի Նուիրակը՝ ՀՍ. ի Քարտուղարին կիմացնէ թէ Լիվոռնոյի հայկական տպարանը առաջին հատոր մը լոյս ընծայելէ յետոյ՝ մնացած է անգործ, որովհետեւ Կարապետ Վրդ. չ՚ուզեր ստանձնել Խորհրդատետրի տպագրութիւնը, «քանի անոր գործածութիւնը չէ ընդհանրացած եւ վաճառքի գիրք չէ» [69], ըսել ուզելով՝ սրբագրութիւնը այնպիսի կերպով կատարուած է, որ հեռացած է հայկական հոգիէն։ Նոյն այս նամակով՝ Նուիրակը կը խնդրէ ՀՍ. ի Քարտուղարէն որ հաճի փութով ղրկել Քրիստոնէականի գիրքը, քանի հայ վաճառական մը պատրաստ է հոգալու ծախսերը, ինչպէս նաեւ՝ որպէսզի քաջալերուին տպագրութեամբ զբաղող գործաւորները։

ՀՍ. ի Քարտուղարը Հռոմէն Լիվոռնոյ դարձող Հ. Կնաբի ձեռքով Ֆիրենցէ կը ղրկէ Քրիստոնէական գրքին ձեռագիրը, սրբագրուած նոյն Կնաբէն, 9 Հոկտեմբեր թուակիրով ալ հրաման կու տայ /112/ սկսելու տպագրութիւնը [70] ։ Քրիստոնէականի գիրքը, որ իտալերէնէ թարգմանած էր Տէր Բարսեղ, ՀՍ. ի Քարտուղարը երբ Ֆիրենցէի Նուիրակին կը խօսի անոր մասին, 13 Յուլիսին (1669) կը գրէ. «(ատենին) կը ղրկեմ հայերէն Քրիստոնէականի գիրքը, որ Կնաբ աւելի շարադրեց քան սրբագրեց» [71] ։ Այդ օրերուն է որ Բարսեղ եւ Յովհաննէս Հոլով վերջնական կերպով կը թողուն Լիվոռնոն ու կը մեկնին Հռոմ, թողլով տպարանի ամբողջ հոգը Կարապետ Վրդ, որու սերտ մտերիմ էին եւ ջերմ պաշտպան, բան մը որ անախորժ էր հայոց, որոնք չէին ախորժիր Կարապետ Վրդ. է եւ անոր համոզումներէն։ Զոյգ միսիոնարներու քաղաքէն մեկնելով, իրենց հովուական պաշտօնը ՀՍ. ի Ժողովի կարգադրութեամբ կը յանձնուի Հ. Թոմաս Իսրայէլեանի, հայ Դոմինիկեանին, եւ գերմանացի Հայագէտ Դոմինիկեան՝ Հ. Սեբաստիանոս Կնաբի, որ 18 Նոյեմբեր 1669ին Հռոմ կը հասցնէ լուրը թէ «Քրիստոնէականի գրքին, ինչպէս նաեւ ուրիշ մանր գիրքերու տպագրութիւնը, իմ համոզումով, բացարձակապես չի կրնար սկսիլ, մինչեւ քաղաքս չհասնի Ոսկան Վրդ., որովհետեւ հայերը ատելութեամբ լեցուած են տպողին դէմ, այն է Կարապետ Վրդ. ին. ես պիտի ջանամ այս արգելքը վերցնել» [72] ։

Ս . Բելլարմինոսի Քրիստոնէականի գրքին տպագրութիւնը կը սկսի 1670 Մարտ ամսուն, երբ Ոսկան Եպս. Ամսդերտամէն Մարսիլիա անցնելու վրայ էր՝ Փարիզի ճամբով [73] ։ Ոսկան Վրդ. Լիվոռնոյ հասնելուն, անշուշտ ձեռք տուած պիտի ըլլայ Կարապետ Վրդ. ի՝ թէ՛ Քրիստոնէականի եւ թէ յաջորդ Պարտէզ հոգեւորի տպագրութեան։ Նախապէս, այն է 11 Ապրիլ 1670ին, Լիվոռնոյէն Հ. Կնաբ կը գրէ Ֆիրենցէի Նուիրակին «հայ մը կ՚ուզէ իր ծախսով տպել տալ Պարտէզ Հոգեւոր, որ անցեալ զոյգ միսիոնարները թարգմանած են հայերէնի, եւ տեղւոյս գրաքննիչը ինծի յանձնեց որ վերատեսնեմ, չեմ կարծեր որ հարկաւոր ըլլայ Հռոմ ղրկել, որովհետեւ այդ երկու միսիոնարները թարգմանած են» [74] ։ Ֆիրենցէի Նուիրակը խոհեմութեան համար Կնաբի նամակը կը ղրկէ Հռոմ, ուր 7 Յուլիս 1670ի նիստին կը զեկուցուի, եւ ուր կորոշուի Փիզայի Հաւատա/113/քննութեան պատասխանատուին յանձնել գիրքին տպագրութեան հրաման տալը։

Հոս անցողակի կերպով նշանակենք եզական ակնարկ մը, որ կ՚ընէ Ֆիրենցէի Նուիրակը՝ 22 Յուլիս 1670 թուակիր նամակով, ուղղուած ՀՍ. ի Ժողովի քարտուղարին։ Խօսելով Ոսկանի մասին՝ կ՚ըսէ . «Ներկայիս կը տպագրուի Ս. Գրիգոր Նիւսացիի գիրքը. ես զինքը (Ոսկանը) կը համոզեմ որ գործը սրբագրէ մեր (լատիներէն) օրինակին հետ» [75]. Նոյն այս հարցը կը զեկուցուի ՀՍ. ի Ժողովի 4 Օգոստոս 1670ի նիստին, թէ Ֆիրենցէի Նուիրակը հետամուտ է Ոսկանին հրաման տալ՝ որ իր տպարանով հաստատուի Լիվոռնոյ, «սակայն Ոսկան նպատակ չունի մնալու, թէ եւ սկսած է տպագրութիւնը Ս. Գրիգոր Նիւսացի» [76] ։ Այս զոյգ ակնարկներէն դուրս, չունինք ուրիշ բացայայտ վկայութիւն թէ յաջորդաբար սկսուած գործը հասա՞ծ է իր վախճանին կամ ոչ։ Նմանապէս 1670 տարուան ընթացքին կատարուած միւս զոյգ գիրքերու, Քրիստոնէականի եւ Պարտէզ Հոգեւորի տպագրութեան ընթացքին մասին՝ կարելի չեղաւ գտնել մանրամասնութիւններ Փրոփականտայի դիւանէն, պատճառը՝ գուցէ Ոսկանի միւս հարցերուն ծանրակշիռ դեր ունենալն էր, որոնք երկրորդական ու մոռացութեան մատնած են գիրքերու տպագրութեան մանրամասնութիւնները։

ՀՍ. ի Ժողովը, որ այնքան խիստ կերպով կը հսկէր յատկապէս եկեղեցական գիրքերու տպագրութեան վրայ, Լիվոռնոյի մէջ գիրք տպելու հրաման կու տայ միայն այն ատեն երբ կ՚ապահովէ թէ իր կողմէ պիտի ունենայ վստահելի սրբագրիչներ, ինչպէս էին Բարսեղ ու Յովհաննէս Հոլով եւ կամ գերմանացի Կնաբը։ Նոյնքան եւ աւելի վստահութիւն ունենալով հանդերձ Կղեմէս Կալանոսի վրայ, Ս. Ժողովը ամենեւին տեղիք չի տար անոր խնդրանքին եւ պնդումներուն՝ Հռոմէն Լեհաստան ղրկելու հայկական տպագրական գիրերը։ Հռոմ միշտ պահանջած էր որ տպագրելի գիրքերը Հռոմ ղրկուէին եւ հոն տպագրուէին։ Կղեմէս Կալանոսի մահէն յետոյ (1666), գաղղիացի Հ. Պիտու կը շարունակ է անոր գործը, եւ նույն պահանջը կը զգայ եւ նոյն խնդրանքը ինքն ալ կը ներկայացնէ՝ ընդունելով նոյն պատասխանը, այն տարբերութեամբ որ Ս. Աթոռը տեսնելով թէ Լիվոռնոյի տպարանը ի վիճակի է տպելու, կը մտածէ հոն ղրկել Լեհաստան էն հասանելիք գիրքերը, բնականաբար յետ ապահովելու անոնց սրբագրութիւնները։ Այս նիւթերը կը շօշափեն 1669–1670 թուականի կարգ մը նամակներ, գրուած Հռոմի, Լեոպոլսոյ եւ Լիվոռնոյի պատկան եկեղեցական իշխանութիւններուն միջեւ։ Այս ծրագիրն ալ սակայն կը մնայ անիրագործելի, ու դժուարութիւնը ոչ թէ /114/ միայն Լիվոռնոյի տպարանի կողմէ էր՝ այլ յատկապէս Լէոպոլսոյ ազգայիններու կողմ է, որոնք արդարացի կերպով ծիսական գիրքերու սրբագրութեան նկատմամբ՝ Հռոմէ տարբեր չափանիշներ ունէին։

Ոսկան Վրդ. ՝ Լիվոռնոյ Հռոմ (Յունիս 1670 Յուլիս 1672)

ՀՍ. ի Ժողովը կարդալով Ոսկան Վրդ. ի Ամսդերտամէն իրենց ուղղուած 29 Հոկտեմբեր 1668 թուակիր նամակը, ու տեսնելով անոր պատրաստակամութիւնը գալու Ճենովա կամ Վենետիկ, 8 Յունիս 1669 թուակիր նամակով կը գովէ անոր լուսամիտ գաղափարը եւ կը հրաւիրէ զինք Իտալիա։ Հարցը միշտ նոյնն էր. Հռոմ ապահով կը զգար՝ երբ իր իշխանութեան սահմաններուն մէջ ըլլային տպարանները, որպէսզի ազատօրէն հսկէր անոնց վրայ, այնպէս որ Հռոմէն իսկոյն կը գրուի առնուած որոշումը Ֆիրենցէի Նուիրակին, որպէսզի երբ Ոսկան ոտք դնէ Լիվոռնոյ՝ ամէն տեսակէտով ընդառաջ ելլէ անոր, տալով դիւրութիւններ։

Ոսկան Վրդ. թէեւ Ս. Աթոռէն կը հրաւիրուի Իտալիա, հոն հաստատելու իր տպարանը, սակայն մարդկային խոհեմութենէ շարժած, ճամբուն վրայ Ֆրանսայէն անցքին՝ ձեռք կը ձգէ արքունական հրամանագիր, կարենալ հաստատուելու Մարսիլիա։

Ոսկան Վրդ. Լիվոռնոյ հասնելով զանազան անգամներ գրած է Հռոմ ՀՍ. ի Ժողովին, պարզելով իր տեսակետները, առաջին նամակով, գրուած 3 Յուլիս 1670ին, կը տեղեկացնէ թէ ինք կատարած է Ս. Ժողովին հրահանգը՝ գալով Լիվոռնոյ, ու կը սպասէ անոր կարգադրութեան. հակառակ պարագային «մեք փոյթ ունիմք վերստին դառնալ ի կողմանս Գաղղիացւոց՝ վասն հրամանաց թագաւորին, որով մեզ այց արարեալ մխիթարեաց, տալով հրաման գործարանին մերոյ ընդ իշխանութեամբ իւրով հնարաւորել» [77]. ապա կը յայտնէ թէ Լիվոռնոյի մէջ իր առուտուրի գործերը աւարտելէ յետոյ՝ ծրագիր ունի դառնալու Ֆրանսա, ու կը խնդրէ Ս. Ժողովի հովանաւորութիւնը։

Ֆիրենցէի Նուիրակը, ՀՍ. էն ստացած հրահանգին համաձայն՝ կը ջանայ Լիվոռնոյ հաստատել Ոսկան Վրդ. ը՝ իր տպարանով. «Սակայն Ոսկան դժուարութիւն կը հանէ` չափազանցելով թուղթին սղութիւնը եւ ծանր մաքսը որ ներկայ տէրութիւնը կը դնէ։ Բայց ես չեմ դադրիր իրեն ցոյց տալէ՝ թէ այս բոլորը զինք պէտք չեն առաջնորդել հակառակ քայլ մը առնելու, որովհետեւ դուքսը կրնայ իրեն դիւրութիւն տալ՝ շարժած բարեպաշտութենէ, գործին օգտակարութենէն, եւ կամ իրեն շնորհէ առանձնաշնորհութիւն մը՝ պար/115/զապէս որպէսզի տարածուի Ս. Հաւատքը մաքուր եւ անարատ կերպով»։ Ֆիրենցէի Նուիրակը այս 15 Յուլիս 1670 թուակիր նամակը կը փակէ գրելով. «Չեմ կրնար խոստանալ որ Ոսկան հոս պիտի մնայ, բայց կը յուսամ եւ ձեզ կը վստահեցնեմ որ լաւագոյնս պիտի ընեմ, աւելցնեմ սակայն որ եթէ Թոսքանայէն մեկնելու ըլլայ՝ տպարանը իր հետ պիտի տանի Մարսիլիա կամ Լիոն, քանի Ֆրանսայի թագաւորէն առանձնաշնորհութիւններ ստացած է» [78] ։

Այս նամակին պարունակութիւնը ՀՍ. ի Նախագահը 23 Յուլիսին կը ներկայացնէ Կղեմէս Ժ. Պապին [79], որ կը յանձնարարէ գրել Ֆիրենցէի Նուիրակին, շարունակելու իր ջանքերը եւ համոզէ Ոսկանը՝ հաստատուիլ Լիվոռնոյ իր տպարանով։

Պապին տուած ուղղութեան համաձայն, ՀՍ. ի Քարտուղարը 26 Յուլիս 1670ին կը գրէ Ֆիրենցէի Նուիրակին. «Ոսկան Եպս. ի Լիվոռնոյ հասած ըլլալու լուրը որ հաղորդած էիր, մեծապէս ուրախացուց Ս. Ժողովը, ու գովեց մտածութիւնդ՝ Լիվոռնոյի մէջ հաստատել զինքը իր տպարանով։ Այս արժանաւոր գործին յաջողութեան համար ջանա' ամէն կերպով գործակցիլ իրեն, ապահովցնելով զինքը թէ Ս. Ժողովս պիտի տայ իր հովանաւորութիւնը, թէ՛ իրեն եւ թէ իր շահերուն» [80] ։

Լիվոռնոյի մէջ Ոսկան կ՚ունենայ միայն վիշտ եւ նեղութիւն, յատկապէս չկարենալ պատարագելուն համար։ Ոսկանի կը հրամցուէր գործածել սրբագրուած Պատարագամատոյցը (տպ. 1642). Ոսկան կը մերժէր գործածել, որովհետեւ համաձայն չէր գտներ հայկական աւանդութեան։ Այս հարցով շատ նամակներ կը գրուին ՀՍ. ի Ժողովին եւ Ֆիրենցէի Նուիրակին միջեւ, ջանալով լուծել դժուարութիւնները եւ գոհունակութիւն տալ Ոսկանի, պարզապէս զինք ձեռքէ չկորսնցնելու համար [81] ։

ՀՍ. ի Ժողովը իր 4 Օգոստոս 1670ի նիստով կը քննէ ցարդ իրեն /116/ հասած նամակները Ոսկանի խնդրով [82], յատկապէս Ֆիրենցէի Նուիրակին գրածները, ուր կ՚առաջարկուի տալ Ոսկանի պատարագելու հրաման, որպէսզի կարելի ըլլայ զինք Իտալիա հաստատել, եւ թէ Նուիրակը թէեւ ունի լիուլի վստահութիւն Ոսկանի վրայ, սակայն տարակոյսներու դուռ կը բանայ՝ անոր ունեցած սերտ թղթակցութեանը Յակոբ Կաթողիկոսի հետ [83] ։ Ժողովականները, թէեւ տեսական կերպով տրամադիր ընդառաջ ելլելու եւ օգնելու Ոսկանի, զինք Իտալիա պահելու համար, սակայն գործնականին մէջ կորոշեն որ Ոսկան պատարագէ «սրբագրուած պատարագամատոյցով, մինչեւ տպագրուի նորագոյն մը»։ Մեր նիւթէն շեղած պիտի ըլլանք եթէ անցնինք քննելու այս հարցը, որու մասին առատ են փաստաթուլթեր։ Մեզ հետաքրքրողը զուտ տպագրութեան պատմութիւնն ըլլալով, կ՚ուզենք մնալ մեր սահմաններուն մէջ։

Հետեւելով նոյն Ժողովի 4 Օգոստոսին տեղի ունեցած արձանագրութեան, կը տեսնենք որ նոյն այս նիստին կը զեկուցուի թէ Վենետիկի մէջ, անհատի մը քով կը գտնուին հայկական տպագրական գիրեր եւ պատկերներ, որոնք ծախու են, ու կառաջարկուի ՀՍ. ի որ գնէ իր տպարանին համար։ Առաջարկուած ծախու ապրանքներն են.

 

Գիրքի ճակատներ

6

Զարդեր

35

Զարդագիրեր

68

Զանազան մայրեր, մեծ մասամբ նորոգուած

1065

Պղինձէ պատկերներ

10

Գիրեր

1000

 

ՀՍ. ի Քարտուղարը, խօսքը ուղղելով Ժողովականներուն՝ կը գրէ. «Ուրիշ անգամներ Ձեր վսեմութիւնը արգիլեցին ծախել հայկական գիրերը, տարակուսելով որ գիրերը հերձուածող երկիրներ փոխադրուելով՝ կրնային տպագրուիլ չսրբագրուած գիրքեր, պատճառ դառնալով որ այդ ժողովուրդը վերահաստատուի իր սխալներուն մէջ։ Սակայն ներկայիս, որ շատ տարածուած են նման գիրեր, այլեւս այդ զգուշութիւնները բաւարար չեն՝ հասնելու համար բաղձածուած նպատակին. մանաւանդ վերջերս նկատի առած հայոց պարագան, Ս. Ժողովս որոշեց Ոսկան Եպս. ը հրաւիրել իր տպարանով Լիվոռնոյ, որպէսզի հոն տպագրէ սրբագրուած գիրքեր եւ այս կերպով առաջքն առնուի անհատներու անկարգութեան, որոնք ազատօ/117/րէն կը տպեն զանազան երկիրներու մէջ» [84] ։ Այս զեկուցում էին հետեւանքով ժողովականները կ՚որոշեն չգնել Վենետիկէն առաջարկուած ծախու հայկական գիրերն ու զարդերը [85] ։

Հռոմէն Ոսկանի տրուած հրամանը, պատարագելու սրբագրուած Խորհրդատետրով, գոհացուցիչ չէր, ու Ոսկան կը նախընտրէր չպատարագել, իսկ Հռոմ իր դիրքին մէջ անտեղիտալի կը մնար։ Ոսկան չէր կրնար ըմբռնել Հռոմի դիրքը։ Տարիներ առաջ Հռոմի մէջ պատարագած էր հայկական նոյն ծէսով, իսկ ներկայիս այս փոփոխութիւնը՝ խորթ էր իրեն համար։ Ոսկան իր անտիպ նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ ՀՍ. ի Ժողովին՝ 4 Օգոստոս 1670ին. «Խնդրեմ, ոչ խոժոռիլ ընդ բանս իմ, այլ այց առնել մեզ բանիւք սփոփանաց, զի ես զերկիրն Հոլանդրու թողեալ եկի յայս երկիր, վասն հովանաւորութեան մերոյ եւ խնամածութեան… խնդրելով պահանջեմք ի ձէնջ զայցելութիւն եւ զխնամատարութիւն... » [86] ։

Ոսկան տեսնելով որ Հռոմ չ'ընդառաջեր իրեն, տալու խոստացած օգնութիւնը եւ օժանդակութիւնը, երկու ամիս ետք, այն է 17 Նոյեմբերին (1670) կը գրէ նոր նամակ մը, Հռոմի մտայնութեան հասկնալի շարադասութեամբ, բացատրելով նախ իր տպագրական գործն ու նպատակը, ապա աւելցնելով . «Նկատելով ու վախնալով որ Հայոց Կաթողիկոսը ուրիշ վարդապետ մը ղրկէ իրենց հերետիկոսական գիրքերը տպելու համար, որոշեցի Ամսդերտամէն հանել տպարանը եւ փոխադրել կաթողիկէ երկիր, որպէսզի մեր ազգին վերջը վատթարագոյն չըլլայ քան ինչ որ էր առաջ։ Այս նպատակով մեկնեցայ Ամսդերտամէն ու եկայ Ֆրանսա, Փարիզ քաղաքը, ուր ամենաքրիստոնեայ թագաւորին յայտնեցի իմ դիտաւորութիւնս։ Ան հաճեցաւ դիտաւորութեանս եւ շնորհեց ինծի արքայական վճիռ, որով կրնայի մնալ եւ տպել ուր որ ես ուզէի, շնորհեց նաեւ թոյլտուութիւն՝ քսան տարուան համար, գործածելու արքունի ձուլարանը»։ Ոսկան կը շարունակէ թէ ինչպէս Լիվոռնոյի մէջ գրաւուած են իր 20 Աստուածաշունչերը, ինկած է պարտքերու տակ, գրաւի դրած է նույնիսկ եպիսկոպոսական զգեստները. «այս կարօտութեան մէջ գտ/118/նուելուս համար, ստիպուած եմ վերադառնալ Ֆրանսա կամ այլուր, եթէ ձերդ վսեմափայլութենէն կամ Ս. Ժողովէդ ինծի օգնութիւն չհասնի, կամ գէթ ինծի չ՚յանձնուին գիրքերս» [87] ։

ՀՍ. ի Ժողովը, որ միշտ դանդաղ եղած է իր պատասխաններուն մէջ, 1 Դեկտ. 1670ի նիստով կը քննէ Ոսկանի հարցը, ինչպէս նաեւ Ֆիրենցէի Նուիրակին պնդումը՝ թէ նկատի առնուի Ոսկանի պարագան, յօգուտ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, կը խորհին Ոսկանի ղրկել նուազ սրբագրուած Խորհրդատետր մը, որպէսզի գոհ մնալով՝ չուզէ մեկնիլ քաղաքէն. ուստի կը սկսին կարգադրութիւններ ընել Խորհրդատետրի քննութեան համար [88] ։

Ոսկան տեսնելով որ ՀՍ. ի Ժողովը միշտ աւելի կը յետաձգէ իր հարցին պատասխանը, եւ ինքը օրը օրին կը մատնուի թշուառութեան, առանց կարենալ գործելու, գոնէ ապրուստը շահելու համար, Լիվոռնոյէն կանցնի Հռոմ, ուր կը գտնենք զինքը 1671ի Մարտ ամսուն։ ՀՍ . ի Ժողովի 17 Մարտի նիստին կը զեկուցուի Ոսկանի խնդրանքը, որ է՝ 1. հրաման անցնելու Մարսիլիա, հոն հաստատուելու իր տպարանը, 2. հակառակ պարագային դրամական օգնութիւն՝ կարենալ ապրելու համար, 3. կամ իրեն դարձուին Լիվոռնոյի Հաւատաքննութենէն գրաւուած 20 Աստուածաշունչները, որպէսզի կարենայ ծախել, կամ 4. փութով տպագրուի սրբագրուած Խորհրդատետրը, որպէսզի կարենայ անով պատարագել եւ պատարագուցով ապրիլ, եւ կամ 5. շուտով սրբագրուին իր տպած գիրքերը, Սաղմոսարանն ու Ժամագիրքը, որպէսզի կարենայ շարունակել տպագրութեան գործը եւ ճարէ ապրուստը։

Եղած առաջարկներուն ՀՍ. ի Ժողովը բաւականաչափ դրական սպատասխան կու տայ, այսինքն անմիջական որոշ գումար մը սահմանել Ոսկանի ապրուստին համար։ Աստուածաշունչը յանձնել Տէր Բարսեղի (Հռոմ) եւ Հ. Կնաբի (Լիվոռնոյ), ու անոնց տուած տեղեկութեան համաձայն՝ հրահանգ տրուի Լիվոռնոյի Հաւատաքննութեան, Ոսկանի յանձնելու 20 Աստուածաշունչները՝ փութացնել Խորհրդատետրի տպագրութիւնը՝ գոհացնելու համար Ոսկան Վրդ. ը [89] ։

Ժողովին օրն իսկ (17 Մարտ 1671) ՀՍ. ի Քարտուղարը գրած է չորս նամակներ [90], որոնցմէ առաջինը ուղղուած է Տէր Բարսեղի, հրաւիրելով որ քննէ Ոսկանի տպած Աստուածաշունչը եւ ՀՍ. ի Ժողովին հասցնէ իր բոլոր դիտողութիւններն ու խորհրդածութիւնները. երկրորդ նամակը ուղղուած է ՀՍ. ի Նախագահին, խնդրելով /119/ որ հաճի դրամական օգնութիւն մը ընել Ոսկանի՝ մինչեւ այն ատեն որ Հռոմ բնակի. երրորդը՝ Հռոմի Հաւատաքննութեան Ժողովի Նախագահին, որ հաճի ամիսներ առաջ ՀՍ. ի Ժողովէն ստացած հայկական Խորհրդատետրը օր առաջ սրբագրէ եւ դարձնէ տպագրելու համար՝ չորրորդը՝ Ֆիրենցէի Նուիրակին, յանձնարարելով որ գրաւուած 20 Աստուածաշունչներէն օրինակ մը յանձնէ Հ. Կնաբի, որպէսզի Տէր Բարսեղի նման քննէ եւ դիտողութիւնները ղրկէ Հռոմ։

Գործերը սակայն չեն ընթանար առնուած որոշումին համաձայն, այսպէս՝ դեռ ամբողջ ամիս մը Ոսկանի չէ յանձնուած ոչ մէկ գումար։ ՀՍ. ի Նախագահը, 15 Ապրիլ 1671ին, կը ներկայացնէ Կղեմէս Պապին՝ Ոսկանի կարօտութիւնը եւ ՀՍ. ի Ժողովի որոշումը, մէկ անդամուան համար Ոսկանի տալու 60 սկուդ, իբր ողորմութիւն, որ գործի դնելու համար՝ կը խնդրէ ու կը ստանայ Քահանայապետին հաւանութիւնը [91] ։ Տէր Բարսեղ, փոխանակ Աստուածաշունչի մասին իր դիտողութիւնները հասցնելու ՀՍ. ի Ժողովին, 7 Ապրիլին կը գրէ՝ թէ անկարելի է ընդունիլ նորատիպ Աստուածաշունչը ու կ՚առաջարկէ ծայրէ ի ծայր հայերէնի թարգմանել Վուլկաթան [92] ։ Լիվոռնոյէն Կնաբ, 27 Ապրիլին կը պատասխանէ ՀՍ. ի Ժողովին՝ թէ ի զուր ջանացած է Ոսկանի Աստուածաշունչէն գոնէ օրինակ մը ստանալ Փիզայի Հաւատաքննիչ պաշտօնեաներէն [93] ։

Քիչ չանցած Ոսկան ՀՍ. ի Ժողովին կը ներկայացնէ նոր աղերսագիրներ, իտալերէն եւ լատիներէն [94], որոնք կը զեկուցուին ՀՍ. ի Ժողովի 27 Ապրիլ 1671ի նիստին։ Ոսկան կը պարզէ թէ Ֆրանսայէն անցքին, թագաւորէն ստացած է արտօնութիւն, հաստատուելու իր տպարանով Մարսիլիա, ազատ ըլլալով ամէն տեսակ մաքսէ. եւ թէ ինք նպատակ ունի հոն հաստատուելու, սակայն նաւը, որու վրայ կը գտնուէր՝ ուղղուած է Լիվոռնոյ, ուր ստիպուած իջած է, եւ ահա Հռոմ ներկայանալով կը խնդրէ ՀՍ-ի Ժողովին հաճութիւնը, ինչպէս նաեւ յանձնարարական նամակ մը՝ ուղղուած Մարսիլիոյ Եպս. ին, որպէսզի փութով հոն դառնալ եւ սկսի գործել, փակելու համար իր պարտքերը։ Երկրորդ աղերսագիրով՝ Ոսկան կը խնդրէ որ Լիվոռնոյ հաստատուելու պարագային, բացի Ֆիրենցէի Նուիրակէն՝ ո՛չ ոք խառնուէր իր տպարանին գործերուն, ինչպէս նաեւ տրուէր իրեն յանձնարարական նամակ մը՝ ուղղուած Ֆիրենցէի դուրսին։

Այս երկրորդ առաջարկը աւելի համաձայն էր ՀՍ. ի Ժողովին /120/ տեսակէտին, եւ որով հաւան կը գտնուի որ Ոսկան մնայ Լիվոռնոյ, շնորհելով իր խնդրած դիւրութիւնները [95] ։ Եւ իրապէս, ՀՍ. ի Քարտուղարը 27 Ապրիլ 1671 թուականով նամակ մը կը գրէ Թոսքանայի դուքսին ըսելով. «Յանուն ժողովիս քարտինալներուն, ջերմապէս կը յանձնեմ գերագոյն եւ հեղինակաւոր բարձրութեանդ հովանիին՝ Ոսկան հայ Եպս. ը, որ յետ Լիվոռնոյ փոխադրելու իր հայկական տպարանը՝ որոշած է հոն ալ հաստատուիլ, իր ազգակիցներուն հոգեւոր պէտքերուն ընդառաջ ելլելու համար։ Եւ որովհետեւ Ս. Ժողովիս աչքին մեծ է այս անձին արժանիքները, կը դիմեմ բարձրութեանդ, որ հաճիս շնորհել իրեն այն բոլոր շնորհքները՝ որոնք յատուկ են վեհանձնութեանդ» [96] ։

Ոսկան Հռոմէն կը դառնայ Ֆիրենցէ ու կը բախի նոր դժուարութիւններու, Մեծ դուքսին առաջիկաները կը համաձայնին օգնելու իրեն եւ ընդառաջելու, պայմանաւ որ Ոսկան հաստատուէր Ֆիրենցէ եւ ոչ Լիվոռնոյ: «Իսկ մեք իբրեւ առեալք զայս հրաման եւ դարձաք յԱլիկօռնայ, - կը գրէ Ոսկան 27 Յուլիս 1671ին Լիվոռնոյէն, ՀՍ. ի Քարտուղարին, զօգնութիւն առնօղք եւ դրամ տուօղ Հայքն ո՛չ կամեցան զգնալն մեր անդ, ասելով՝ պարտիս աստ կալ, զի կարասցուք մեք օգնել քեզ։ Վասն որոյ եթէ Հայք մեզ ոչ օգնեսցեն, մեք ո՛չ աստ եւ ոչ ի Ֆիօրէնցիայ կարեմք կալ, այլ հարկ լինի մեզ դառնալ ի Մարսիլիա, զի ունիմք զյոյս մեծ օգնութեան ի թագաւորէն եւ ի մեծամեծաց նորա, եւ զապահովութիւն մեծ եւ զօգնութիւն անդ եղելոց Հայոց։ Վասն որոյ, եթէ հաճեսցի Տէրութիւն ձեր գրել ա՛յլ իմն կերպիւ առ Մեծ դուքսն, թոյլ տալ մեզ դնել զտպարան /Ալիկօռնայ՝ յոյժ բարւոք է. իսկ եթէ ոչ՝ կամք ձեր եղիցի» [97] ։

Եղած դժուարութեան կից կը ծագի նոր մը եւս, որ կը բացատրէ թէ ինչու Ոսկան պիտի առնէ վճռական քայլը թողլու Լիվոռնոն։ Ոսկան Վրդ. հազիւ դարձած Հռոմէն, Ֆիրենցէի Նուիրակին կը ներկայացնէ առաջարկ մը, որ իր կարգին անկարող լուծելու՝ կը դիմէ Հռոմ, ՀՍ. ի Քարտուղարին, գրելով 14 Յուլիս 1671ին, թէ Ոսկան, «ան որ հայերէն գիրքեր կը տպէ, կը փափաքի որ իր տպած գիրքերու աւարտին՝ դրուի բացատրութիւն մը, թէ գրքին տպագրութիւնը կատարուած է Ա. Ա. Պապին եւ Ա. Ա. Կաթողիկոսին օրով, ու այսպէս կը դատէ որ այս կերպը պիտի նպաստէ գիրքերու ծաւալումին»։ Ֆիրենցէի Նուիրակը, սակայն, ինքն իր կողմանէ կաւելցնէ իր անձնական խորհրդածութիւնները: «Սակային իմ կարծի. /121/քով այս բանը պարզ ժողովուրդին կործանելու պատճառ կրնայ ըլլալ, որովհետեւ պիտի կարծեն որ ան (Կաթողիկոսը) հաղորդակցութեան մէջ ըլլայ Եկեղեցւոյ հետ, եւ որով աւելի եւս պիտի հաստատուին իրենց սխալներուն մէջ» [98] ։ ՀՍ. ի 6 Հոկտ. 1671ի նիստին կը տրուի պատասխանը. «Թող գրուի Ֆիրենցէ ի Նուիրակին, որ թոյլ չտայ Լիվոռնոյ տպուելիք Հայկական եկեղեցական գիրքերուն մէջ դնել Ա. Ա. Կաթողիկոսին անունը» [99] ։ Եւ իրապէս 6 Հոկտ. 1671ին ՀՍ. ի Քարտուղարը կը գրէ Ֆիրենցէի Նուիրակին. «... Ժողովս չուզեց զիջանիլ, մանաւանդ թէ կը փափաքի որ դուք արգելք հանդիսանաք նման առաջարկի մը գործադրութեան, հրահանգ տալով որ տպագրուած եկեղեցական գիրքերու մէջ ո՛չ մէկ կերպով յիշուի նման բացատրութիւն» [100] ։

Ոսկան ինքզինք ամբողջապէս լքուած կը զգայ, զուրկ նիւթական եւ բարոյական օգնութիւններէ, ըլլա՛յ, եկեղեցական իշխանութիւններէն, ըլլայ իր ազգակիցներէն։ 24 Ապրիլ 1672ին իր այս վիճակը կը ներկայացնէ ՀՍ. ի Ժողովի քարտուղարին. այս նամակին բնագիրը բացակայ է համապատասխան հատորէն, կայ անոր համառօտութիւնը, որ զեկուցուած է 30 Մայիսի ՀՍ. ի Ժողովի նիստին. «Ոսկան Եպս. իր 24 Ապրիլ թուակիր նամակով, կը ներկայացնէ խեղճութիւնը որուն մէջ կը գտնուի. ապրելու համար ստիպուած ծախած է սրբազան զգեստները. կը խնդրէ դրամական օգնութիւն։ Կը խնդրէ նաեւ որ կարենայ գոնէ պատարագել Լեհաստան գործածուած Խորհրդատետրով, մինչեւ որ ձեր վսեմութիւնը լաւագոյն կարգադրութիւն մը ընէ, քանի երկու տարի է՝ ո՛չ կը պատարագէ եւ ոչ կը հաղորդուի»։ Նոյն այս նիստին կը զեկուցուի նաեւ Կնաբի Լիվոռնոյէն գրած 24 Մարտ թուակիրը, ուղղուած Ֆիրենցէի Նուիրակին թէ «Ոսկան այլեւս չկարենալով ճարել ապրուստը՝ յանկարծական կերպով որոշում առած է մեկնել Լիվոռնոյէն, եւ թէ քանի մը օրէն հոլանտական նաւով պիտի անցնի Զմիւռնիա, իսկ տպարանը պիտի ղրկէ Մարսիլիա»։ Ֆիրենցէի Նուիրակը Կնաբի 24 Մարտ թուակիր նամակը կը ղրկէ Հռոմ, աւելցնելով «հազիւ այս լուրը առի՝ գրեցի Ոսկան Եպս. ի, որ առկախ ձգէ իր մեկնումը, ցաւակցելով որ նման որոշում մը առած է՝ առանց կանխապէս ինծի իմացնելու մեկնելու պատճառները». ու կ՚առաջարկէ ՀՍ. ի Ժողովին որ եթէ կը փափաքին Ոսկանի Լիվոռնոյ հաստատուիլը՝ հաճին օգնել նիւթականով եւ թոյլ տան պատարագելու Ոսկանի ուզած պայմաններով։

/122/ Ոսկանի 24 Ապրիլ (1672) թուակիր նամակը շուրջ 40 օր յետոյ - նիւթ կըլլայ ՀՍ. ի Ժողովի 30 Մայիսի նիստին, երբ Ոսկան մեկնելու վրայ էր Լիվոռնոյէն։ Ժողովը կ՚որոշէ. «Արդէն իսկ սրբագրուած Խորհրդատետրը՝ թող տպագրուի. սակայն մինչ այս՝ անոր մէկ ձեռագիրը ղրկուի Ֆիրենցէի Նուիրակին, որպէսզի Ոսկան կարենայ անով պատարագել։ Տէր Բարսեղ թող վերատեսնէ հայկական Աստուածաշունչը, զայն լատիներէնի թարգմանէ եւ յանձնէ քարտինալ Բոնայի։ Ոսկան Եպս. ի տրուի 50 սկուդ՝ եթէ ծրագիր ունի մնալու Լիվոռնոյ» [101] ։ Նոյն թուականով (30 Մայիս 1672) ՀՍ. ի Քարտուղարը Ֆիրենցէի Նուիրակին կը հաղորդէ առնուած որոշումները. այս նամակով կիմանանք՝ որ Ոսկանի համար Հռոմէն ղրկուած է սրբագրուած Խորհրդատետրին ձեռագիր մէկ օրինակը, սակայն ոչ 50 սկուդը։ «Որոշուեցաւ 50 սկուդ ալ ղրկել իբր օգնութիւն՝ արտաքոյ կարգի, բայց որովհետեւ կը լսուի որ Ոսկան Լիվոռնոյէն մեկնած ըլլայ, առկախ ձգուեցաւ վերջին որոշումին գործադրութիւնը, բայց ո՛չ առաջինը, եւ որով կը ղրկուի մեզի Խորհրդատետրը» [102] ։

Ոսկան Վրդ. Լիվոռնոյէն կը մեկնի Մարսիլիա՝ 1672ի Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն։ Հռոմաբնակ չարալեզու Տէր Բարսեղ, 26 Յուլիս 1672ին ջատագովական գրութիւն մը կը ներկայացնէ ՀՍ. ի Քարտուղարին, ի նպաստ լիվոռնաբնակ Կարապետ Վրդ. Անդրիանացիի, եւ ի միջի այլոց կը գրէ. «Ոսկան Եպս. ալ այս օրերում, ամբողջ տպարանը իր ձեռքէն յափշտակեց. ինչ ինչ զրպարտիչ մեքենայութիւններով, որպէսզի հերձուածող Կաթողիկոսին (իմա՛ Յակոբ) հրամանը գործադրէր» [103] ։ Տէր Բարսեղի այս չափազանցեալ եւ միակողմանի դատաստանը՝ այլեւս զարմանալի պէտք չէ թուի ընթերցողին, որովհետեւ Տէր Բարսեղ բանադրուած էր Յակոբ Կաթողիկոսէն, մինչ Ոսկան Վրդ. ջերմ յարաբերութեան մէջ մնացած էր իր Կաթողիկոսին հետ։ Տէր Բարսեղի չափազանցեալ ըլլալու մէկ ապացոյցն ալ հետեւեալը թող համարուի։

1671ին երբ Ոսկան Վրդ. Հռոմ կը գտնուէր, Լիվոռնոյէն Հ. Կնաբ 13 Ապրիլին կը գրէ ՀՍ. ի Ժողովին թէ Հայոց մէջ տարաձայնութիւն ծագած է Ոսկանի գրած մէկ նամակէն, ուր կը տեղեկացնէ թէ ինք Ս. Ժողովին խնդրանք ներկայացուցած է իշխանութիւն ստանալու, փոխելու համար Լիվոռնոյի զոյգ միսիոնարները, Հ. Կնաբն ու Հ. Թոմաս Իսրայէլեանը, որոնք Ս. Ժողովէն սահմանուած էին Հայոց համար։ Հ. Կնաբ կ՚աւելցնէ . «շատեր կը վախնան որ Ոսկան սահմանէ իր քահանան, ան որ տպարանին մէջ կ՚աշխատի, /123/ որ ժողովուրդէն ատուած է այնքան՝ որքան սիրուած է Ոսկան է» [104] ։ Կնաբի այս վկայութիւնը յարգի է մեզի համար, որովհետեւ կը մատնանշէ Ոսկանի համակրանքն ու սէրը իր աշակերտին՝ Կարապետ Վրդ. Անդրիանացիի հանդէպ. եւ որով անբացատրելի կը մնայ Տէր Բարսեղի վերեւ տուած բացատրութիւնները՝ որ արդեն մեկնաբանեցինք։

Այսպէս տխուր կերպով կը փակուի Ոսկան Վրդ. ի երկու տարի Լիվոռնոյ անցուցած շրջանը, եւ եթէ հեղինակութեան կողմէ ըլլար քիչ մը հասկացողութիւն՝ խնդիրը կրնար փակուիլ աւելի փայլուն կերպով։ Տեսականին մէջ Հռոմ կ՚ուզէր, - եւ անկեղծ կերպով, որ Ոսկան իր տպարանով հաստատուէր Լիվոռնոյ, տպէր հայկական գիրքեր իր հովանիին ներքեւ եւ իր սրբագրութիւններով, սակայն վերը թուարկուած դժուարութիւնները պատճառ կ՚ըլլան՝ որ Ոսկան առնէ ի վճռական քայլը՝ եւ ուղղուի Մարսիլիա։



[1] Տե՛ս ԱՄԱՏՈՒՆԻ ԵՊՍ. Կ., Ոսկան Վրդ. Երեւանցի եւ իր ժամանակը, Վենետիկ, 1975։ ԻՇԽԱՆԵԱՆ Ռ., Հայ գրքի պատմութիւն, Հտ. Ա., Երեւան, 1977, էջ 405-531։

[2] Acta, vol. 32, fol. 222, n. 2.

[3] SOCG, vol. 223, fol. 187.

[4] Acta, vol. 32, fol. 295, n. 14.

[5] Lettere volgari, vol. 44, fol. 160.

[6] SOCG, vol. 223, fol. 224.

[7] SOCG, vol. 222, fol. 226.

[8] SOCG, vol. 222, fol. 227.

[9] Acta, vol. 33, fol. 141, n. 13.

[10] SOCG, vol. 224, fol. 94.

[11] SOCG, vol. 225, fol. 270.

[12] SOCG, vol. 419, fol. 306.

[13] SOCG, vol. 419, fol. 294.

[14] Acta, vol. 37, fol. 303-4, n. 27.

[15] Lettere volgari, vol. 52, fol. 94.

[16] Lettere volgari, vol. 53, fol. 3. ՀՍ. Ի Քարտուղարը 27 Ապրիլ 1669ին կը գրէ Դոմենիկեաններու Ընդհ. Մեծաւորին, տեղեկութիւն ուզելով հայ Դոմենիկեաններէն Հ. Ղուկասի (Ապարաներէն) մասին որ Իտալիա կը գտնուէր, եւ ծանօթ էր հայերէն գրական լեզուին (Lettere volgari, vol. 53, fol. 196)։ 2 Մայիսին կը ստանայ սա պատասխանը. «Անձ մըն է՝ որ ներկայիս չի կրնար օգտակար ըլլալ Ս. Ժողովիդ». (SC. Armeni, vol. 1, fol. 203)։

[17] Lettere volgari, vol. 53, fol. 3.

[18] Ֆիրենցէի Նուիրակը կը գրէ 3 փետրուարին. «հետամուտ եմ գտնելու անձ մը` վարժ հայերէնի կամ արաբերէնի, որպէսզի քննէ Աստուածաշունչը եւ Խորհրդատետրը։ Ֆրանսացիի մը, որ շատ հմուտ է լեզուներու, հարցուցի թէ կարելի՞ է գտնել գոնէ ֆրանսացի մը. կը տարակուսի». (SC. Armeni, vol. 1, fol. 226)։

[19] SOCG, vol. 224, fol. 324.

[20] Acta, vol. 38, fol. 64, n. 34.

[21] Lettere volgari, vol. 53, fol. 68.

[22] SOCG, vol. 419, fol. 305.

[23] SOCG, vol. 419, fol. 294-314.

[24] Այս մասին տե՛ս ԱՄԱՏՈՒՆԻ ԵՊՍ. Կ., Անդ, էջ 169–189։

[25] SC. Armeni, vol. 1, fol. 573. Հայերէն նամակին լատիներէն թարգմանութիւնը, կատարուած Բարսեղի գրիչով, կը գտնուի նոյն հատորին մէջ (f. 574-5)։ Պարունակութիւնը հետեւեալն է։ «Գիտնաք որ Ապրիլ 26ին Զմիւռնիայէն հասաւ նաւը եւ բերաւ (Յակոբ) կաթողիկոսին նամակը, որ հաւատքի դաւանութիւն մըն է, որու նմանը այլ անգամ չէ ըրած։ Մենք լսած էինք այս բանը վարդապետներէ եւ եպիսկոպոսներէ, բնաւ երբեք Կաթողիկոսէն, թէեւ իրմէ առաջ Մովսէս Կթղս. ալ նոյնպէս գրեց Պապին։ Այժմ անոնք դրամի կը կարօտին. եթէ հարիւր քարոզիչ հարիւր տարի քարոզած ըլլային Հայաստան՝ Կաթողիկոսը այս դաւանութիւնը չէր գրեր։ Կաթողիկոսը խռոված է Լիվոռնոյի զոյգ քարոզիչներէն, սակայն եթէ այդ երկուքը հոս չմնան՝ ցարդ ըրած բարիքնին կը ոչնչանայ, թէ որ չէք ուզեր որ երկուքը միասին հոս մնան՝ թող մէկը ղրկուի Վենետիկ։ Բարսեղ սիրով կերթայ»։

[26] SC. Armeni, vol. 1, fol. 577. Լատիներէն թարգմանութիւնը Բարսեղի գրիչով՝ fol. 578-9։

[27] SC. Armeni, vol. 1, fol. 581. Լատիներէն թարգմանութիւնը կատարած է Բարսեղ, տե' u fol. 582-3։

[28] SC. Armeni, vol. 1, fol. 541-2.

[29] Այս լուրը քաղած ենք Հռոմի Հաւատաքննութեան Ժողովի կողմէ գրուած 26 Ապրիլ 1669 թուակիր տոմսակէն, ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովի քարտուղարին, որմէ կը խնդրուի Աստուածաշունչը՝ քննելու համար. (SC. Armeni, vol. 1 fol. 237)։

[30] Նամակին թուականն է՝ 23 Ապրիլ 1669. (SC. Armeni, vol. 1, fol. 228-232)։

[31] Acta, vol. 38, fol. 181-3, n. 22, 23.

[32] Lettere volgari, vol. 53, fol. 152.

[33] Lettere volgari, vol. 53, fol. 161.

[34] SOCG, Vol. 420, fol. 121.

[35] Acta, vol. 38, fol. 298, n. 21.

[36] Lettere volgari, vol. 53, fol. 231.

[37] SOCG, vol. 421, fol. 363-6.

[38] Գին չէ նշանակուած։

[39] Acta, vol. 38, fol. 511, n. 28.

[40] Borgiana Latina, n. 144, fol. 185-194, 203-216.

[41] Acta, vol. 41, fol. 135, n. 50.

[42] SC. Armeni, vol. 2, fol. 9.

[43] Acta, vol. 38, fol. 181-2, n. 22.

[44] SC. Armeni, vol. 1, fol. 255.

[45] SC. Armeni, vol. 1, fol. 257.

[46] SOCG, vol. 221, fol. 108.

[47] Lettere volgari, vol. 52, fol. 88.

[48] Lettere volgari, vol. 52, fol. 89.

[49] Acta, vol. 37, fol. 303-4, n. 27.

[50] Lettere volgari, vol. 52, fol. 94.

[51] Lettere volgari, vol. 52, fol. 95.

[52] SOCG, vol. 418, fol. 291.

[53] SOCG, vol. 418, fol. 290.

[54] Acta, vol. 38, fol. 70, n. 1.

[55] SOCG, vol. 419, fol. 314.

[56] Acta, vol. 38, fol. 183, n. 23.

[57] SC. Armeni, vol. 1, fol. 549.

[58] SC. Armeni, vol. 1, fol. 260.

[59] SC. Armeni, vol. 1, fol. 556.

[60] SC. Armeni, vol. 1, fol. 269.

[61] SOCG, vol. 420, fol. 121.

[62] SC. Armeni, vol. 1, fol. 277.

[63] SC. Armeni, vol. 1, fol. 302-3.

[64] SC. Armeni, vol. 1, fol. 308.

[65] SC. Armeni, vol. 1, fol. 364.

[66] Իշխանեան Ռ. ի տուած ծանօթութեան համաձայն (անդ, էջ 483) այս գիրքին առաջին անգամ հանդիպած եւ յայտնաբերած է Նինել Ոսկանեան՝ Լվով քաղաքին մէջ։

[67] Lettere volgari, vol. 53, fol. 157.

[68] SC. Armeni, vol. 1, fol. 285.

[69] SC. Armeni, vol. 1, fol. 342.

[70] Lettere volgari, vol. 53, fol. 256.

[71] Lettere volgari, vol. 53, fol. 187.

[72] SOCG, vol. 422, fol. 170-1.

[73] Փարիզի Առաքելական Նուիրակը կը գրէ 30 Մայիս 1670ին՝ ՀՍ-ի Նախագահին. «Քանի մը շաբաթ առաջ հոս էր Ոսկան Վրդ., որ ինքն իրեն համար կ՚ըսէր Եպիսկոպոս Երեւանի։ Ներկայիս Մարսիլիա կը գտնուի տպագրական հարցերու համար, եւ անկից Լիվոռնոյ անցնելու ծրագիր ունի, կարգ մը գիրեր գնելու համար։ Մինչեւ նամակս Ձեզի հասնիլը՝ ինքն ալ կրնայ Լիվոռնո հասած ըլլալ». (SC. Armeni, vol. 1, fol. 648)։

[74] SOCG, Vol. 423, fol. 147.

[75] SOCG, vol. 423, fol. 403.

[76] Acta, vol. 39, fol. 143-5, n. 15.

[77] SOCG, vol. 423, fol. 404.

[78] SOCG, vol. 423, fol. 402.

[79] Ունկնդրութեան արձանագրութիւնը կըսէ. «Ամսդերտամէն Լիվոռնոյ հասած է Ոսկան Վրդ., յետ տպելու Աստուածաշունչը եւ այլ եկեղեցական գիրքեր՝ Հայաստան ղրկելու համար։ Ֆիրենցէի Նուիրակը կը գրէ թէ կարելին կ՚ընէ զինք Լիվոռնոյ բռնելու համար, որպէսզի հոն հաստատուի իր տպարանով, վախնալով որ չանցնի Մարսիլիա կամ Լիոն՝ տպագրութեան համար, քանի առանձնաշնորհութիւններ ստացած է Ֆրանսայի թագաւորէն, ու հսկողութենէ դուրս ըլլալով՝ կրնայ վնասակար գիրքեր տպել։ Ներկայիս Նուիրակը կը ջանայ Մեծ դուքսէն դիւրութիւններ մը յաջողցնել, որպէսզի Ոսկան Լիվոռնոյ մնայ։ ՀՍ. ի Ժողովը կը մտածէ նամակով մը գովել Ֆիրենցէի Նուիրակը, ապահովելով թէ պիտի օգնէ Ոսկանի, սակայն նախ կը խնդրուի Ձերդ Սրբութեան հաւանութիւնը». (Udienze, vol. 1, fol. 54)։

[80] Lettere volgari, vol. 55, fol. 42.

[81] Հմմ. ԱՄԱՏՈՒՆԻ ԵՊՍ. Կ., Անդ, էջ 193–9։

[82] Նամակներն են՝ Ոսկանի 3 եւ 21 Յուլիս, Ֆիրենցէի Նուիրակին 15 եւ 22 Յուլիս թուակիր նամակները. (SOCG, vol. 423, fol. 402-6)։

[83] Acta, vol. 39, fol. 143-5, n. 15.

[84] Acta, vol. 38, fol. 146, n. 20.

[85] Վենետիկի Հայկական տպարանին մասին, Ջուղայեցի Գասպար Սարհատի Վենետիկէն 4 Յունիս 1672ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին. «Դարձեալ տեղս մէկ հայկական տպարան կայ, մէկ քրիստոն(է) ձեռնում, խալերն (= հայերն) կամենան առնուլ որ տանեն մեր աշխար(հ)ն։ Ազդ կառնեմ որ չ(ը)նի էս տանին, որ գնաց՝ ինչ որ կուզեն էն ըստամբայ կու տան նոր նորմէ, մէկ ավերում գնի, թէ հաջիք որ դուք առնէք՝ կարի լավ կանէք. լէվ (=լաւ) գիր այ, գերմակ գիր այ, զամէն ազգ գիր այ. ծառայ եմ, չ(ը)նի մառանէք». (SC. Stamperia, vol. 1, fol. 283)։

[86] SC. Armeni, vol. 1, fol. 671.

[87] SOCG, vol. 427, fol. 149.

[88] Acta, vol. 39, fol. 244, n. 34.

[89] Acta, vol. 41, fol. 57, n. 1.

[90] Lettere volgari, vol. 57, fol. 13-14.

[91] Udienze, vol. 1, fol. 110.

[92] SC. Armeni, vol. 2, fol. 9.

[93] SOCG, vol. 427, fol. 313-320.

[94] Մանրամասնութիւնները տե՛ս ԱՄԱՏՈՒՆԻ ԵՊՍ. Կ., Անդ, էջ 202–3։

[95] Acta, vol. 41, fol. 129-130, n. 22. Ոսկանի աղերսագիրները՝ SOCG, vol. 427, fol. 313-320.

[96] Lettere volgari, vol. 57, fol. 36.

[97] SC. Armeni, vol. 2, fol. 20.

[98] SOCG, vol. 430, fol. 57.

[99] Acta, vol. 41, fol. 308, n. 6.

[100] Lettere volgari, vol. 57, fol. 111.

[101] Acta, vol. 42, fol. 135-6, n. 50.

[102] Lettere volgari, vol. 59, fol. 32.

[103] SOCG, vol. 435, fol. 214-217.

[104] SOCG, vol. 427, fol. 285.