Հայ տպագրութիւնը եւ Հռոմ (ԺԷ. դար)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Է. ԹԱԴԷՈՍ ՀԱՄԱԶԱՍՊԵԱՆԻ ՏՊԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱՏԵՏՐԸ

  Տէր Թադէոս Համազասպեանի մասին կենսագրական նորութիւններ չէ որ պիտի ներկայացնենք, այլ մանրամասնութիւն մը իր կապ տարած մէկ հրատարակութեան, որ աղմուկ հանած է ԺԷ. դարու աւարտին։

Կենսագրական տուեալներ

Լիվոռնոյի Հայոց հովիւը, Դոմինիկեան կարգէ Սեբասեան Կնաբ, 11 Ապրիլ 1670ին կը գրէ Փլորենտիոյ Առաքելական Նուիրակին, որմէ կախումնաւոր էր, իմացնելով իր առաքելական վաստակը եւ յաջողութիւնները, ըսելով թէ քաղաքին մէջ Հայոց թիւը 32 է, որոնցմէ չորսը դեռ նոր կատարած են կաթողիկէ դաւանութիւն։ Այս թիւին մէջ էր Տէր Թադէոսի անունը, որու համար իսկոյն կ՚աւելցնէ. «… Տէր Թադէոս, որու հետ խոհեմութեամբ կը վարուէի, տարակուսելով թէ մի՛ յանկարծ այս քայլը առնէ ի շահ իր ունեցած վէճին, որպէսզի դատը փոխադրուի եկեղեցական ատեան... ։ Երբ իմացայ թէ դատը իրապէս եկեղեցական ատեան անցած է արդէն, որու կը փափաքէր, այն ատեն միայն կատարել տուի հաւատքի դաւանութիւնը» [1] ։

Փլորենտիոյ Առաքելական Նուիրակը նոյն այս լուրը իր բոլոր ընդարձակութեամբ կը հաղորդէ ՀՍ. ի Ժողովին, 1 Սեպտ. 1670 թուակիր նամակով, տարով քսան հայերու անուններ՝ որոնք կատարած են հաւատքի դաւանութիւն՝ տասը ամսուան ընթացքին (30 Դեկտ. 1669 - 20 Օգոստ. 1670), բան մը՝ որ յաչս Հռոմի կը մատնանշէ Կնաբի արդիւնքները։ Տրուած ցանկին մէջ երկրորդ անունը հետեւեալն է. «10 Յունուար 1670. Թադէոս քահանայ, որդի Սար/174/գիսի, շուրջ 30 տարեկան» [2] ։ Յիշուած Տէր Թադէոսը Համազասպեանն է, որու հօր անունը Սարգիս՝ կը յիշուի նաեւ Էքսի դատարանի 22 Նոյեմբ. 1678ի վճիռին մէջ «Ter Thadée de Sarguis arménien» [3] ։ Նուիրակին նամակը կը զեկուցուի ՀՍ. ի 15 Սեպտ. 1670ի նիստին, եւ կորոշուի քաջալերական տողեր գրել թէ՛ Նուիրակին եւ թէ՛ Կնաբի [4] ։

Այս տուեալներէն կրնանք եզրակացնել թէ 1669–1670 տարիներու մերձակայ թուականներուն Տէր Թադէոս Լիվոռնոյ էր, իսկ 1672ի Յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, երբ Ոսկան Վրդ. Երեւանցի Լիվոռնոյէն Մարսիլիա կանցնի, Թադէոս հետն է, ձեռնարկելու տպագրական գործին։

Նախորդ էջերուն մէջ տեսանք թէ Տէր Թադէոս եւ Սողոմոն Լեւոնեան 1780ին Պոլիս կը գտնուին, Յակոբ Դ. Կաթողիկոսին մահուան սնարին։ Սողոմոն 1681-1692 տարիներուն Վենետիկ–Լիվոռնոյ է, ուսկից կ՚անցնի Փարիզ, եւ տարի մը յետոյ կը վախճանի, իսկ Տէր Թադէոս Պոլսոյ մէջ, Մարսիլիա տպուած (1673–9) Ատեան Ժամագրքին մէջ սրբագրութիւններ ներմուծելով՝ կը ծախէ։ Տէր Թադէոս, վաճառական մարդ, Ատեան Ժամագրքի ոդիսականէն դաս առած ու հրահանգուած՝ կը ձեռնարկ նոր գործի. մարդկային խոհեմութիւնն ու հնարամտութիւնը գործածելով՝ Վենետիկի մէջ կը տպէ Խորհրդատետր ու Ճաշոց, որոնք իրեն համար եղած են անտարակոյս եկամուտի աղբիւրներ։

Դժգոհութիւններ Խորհրդատետրի մասին

Տէր Թադէոսի Վենետիկի մէջ տպած Խորհրդատետրին թուականն է 1686, մինչ Ճաշոցին տպագրությունը սկսած է նոյն տարին եւ երկարած մինչեւ 1688, որու աւարտին Տէր Թադէոս տպածներէն մաս մը առնելով՝ անձամբ տարած է Արեւելք, ծախելու համար։ 3 Օգոստոս 1689ին, Սպահանի նոր անուանուած լատին եպիսկոպոսը, Պիտու, կը գրէ Վենետիկի Առաքելական Նուիրակին, տարով հետեւեալ ծանօթութիւնը . «Ներկայ նամակով կու գամ իմացնելու Ձեզի՝ թէ Սպահան գտնուած շրջանիս հասու եղայ թէ քաղաքիդ մէջ հաստատուած է հայ հերձուածողական տպարան մը, հայ քահանայի մը ձեռքով, որու անունն է Տէր Թադէոս։ Շատ տարիներ առաջ ես ծանօթացած եմ՝ անոր, թէ՛ Արեւելքի եւ թէ՛ Արեւմուտքի մէջ, իբր անուանի կեղծաւոր եւ խաբեբայ (insigne hipocrita e impostore)։ Տե/175/սայ նաեւ հերետիկոսական Խորհրդատետրը, տպուած Վենետիկ 1686ին, Ճիագօմօ Մօրէդդի անունին տակ։ Ուստի, կը խնդրեմ որ Ձեր կարելին ընէք ընդմիջելու, կասեցնելու կամ գտնէ դժուարացնելու ա՛յնքան վտանգաւոր այս գործը, առանց սակայն հասկցնելու թէ խնդիրը իմացած էք ինծմէ, զիս ատելի չդարձնելու համար հարուստ պարսկահայերուն, որոնք հետաքրքրուած են հարցովս, քանի այս գործը շահու աղբիւր է իրենց համար, եւ իրենք զիրենք կը կարգեն կաթողիկէ, իսկ ներկայիս կը դառնան իրենց փսխածին՝ հաւանաբար խաբուած այդ արտասուելի խաբեբայէն» [5] ։

Անկախ այս նամակէն, շուրջ տարի մը յետոյ, Լեհաստանէն Օքսենտիոս Վիրծիրեսքոյ, 16 Յուլիս 1690ին կը գրէ ՀՍ. ի Քարտուղարին, յայտնելով իր գանգատը հայ ազգայիններու նկատմամբ, որոնք դիրք կը բռնէին իրեն դէմ. «Աստուծոյ շնորհքով սկսայ ուղղել այն սխալները՝ որոնք սպրդած են նոր դարձի եկած իմ ազգայիններուս գրքերուն մէջ. սակայն շատեր հակառակեցան եւ դեռ կը հակառակին, համարելով թէ կատարածներս տարօրինակ եւ նոր փոփոխութիւններ են, հնարուած ինծմէ։ Անոնց հակառակութեան շարժառիթը գլխաւորաբար առաջ կու գայ Հայաստանէն հոս հասած Խորհրդատետրէ մը, տպուած Վենետիկ, Ճիադօմօ Մօրէդդիի մօտ, մեծաւորներու հրամանով։ Այս հատորին մէջ կան սխալ ձեւեր, Հաւատամքին, ինչպէս նաեւ միւս աղօթքներուն մէջ մնացած են բոլոր այն սխալները, որոնց համար (միայն Աստուած գիտէ ) որքան քրտնեցաւ Ս. Ժողովդ։ Արդ, ինծի կ՚առարկեն ըսելով թէ Հռոմի իշխանութիւնը, ու յատկապէս Հաւատաքննութեան ժողովը, որ ամէնէն աւելի գործունեան է, ոչ միայն կը հանդուրժէ՝ ալ դրական կերպով հրաման ալ տուած է տպագրելու նման սխալներ, ուստի դեռ աւելի ես պարտական եմ հանդուրժել…։ Ճշմարիտն ըսելով ես զիս շփոթած կը զգամ, ու կը խնդրեմ որ հաճէիք վստահացնել զիս թէ այդ Խորհրդատետրը արդարեւ մեծաւորներու գիտութեամբ եւ հրամանո՞վ տպուած է, թէ հերետիկոս հայեր ձեռնարկած են անոր, առանց Հաւատաքննութեան Ժողովի գիտութեան, եւ եթէ այս վերջինս ուղիղն է՝ Կարդինալներու կ՚իյնայ մտածել դարմանին մասին» [6] ։ Նոյն անձը գրելով 21 Օգոստոսին, դարձեալ կը յիշեցնէ Ս. Ժողովի Քարտուղարին՝ թէ պատասխանի կը սպասէ Վենետիկ տպագրուած Խորհրդատետրին նկատմամբ [7] ։

Պատասխանատուներու փնտռտուք

/176/ Խորհրդատետրի տպագրութեան տարին, 1686ին, Վենետիկ կը գտնուէր Տէր Յովհաննէս Հոլով, որու կը դիմէ ՀՍ. ի Չիբոյ Քարտուղարը, ու կը ստանայ Հոլովի պատասխանը, գրուած 16 Սեպտ. 1690ին. «Սկիզբէն ի վեր, երբ իմացայ թէ Տէր Թադէոս կուզէ տպել Փլորենտիոյ ժողովէն դատապարտուած եւ չսրբագրուած Խորհրդատետրը՝ հակառակեցայ, դիմեցի տեղւոյս գրաքննիչին, իտալերէնի թարգմանելով գրքին սխալները։ Տպագրուած գիրքերը տարածուեցան՝ ոչ թէ Եւրոպա՝ այլ Արեւելք, այնքան որ ես չյաջողեցայ օրինակ մ՚իսկ ձեռք բերել։ Ներկայիս, քանի մը օրինակ կը պահուին Տէր Թադէոսի գործակալին Ահարոնի մօտ։ Եթէ ես Հռոմէն ստացած ըլլայի վսեմաշուք Կարդինալներու հրահանգը, որոնց պարտականութիւնն է հսկել նման հարցերու վրայ, ձեզ կը վստահացնեմ՝ թէ Աստուծոյ օգնութեամբ խորտակած կ՚ըլլայի հերձուածը» [8] ։

Հռոմէն դիտողութիւն կը հասնի նաեւ Վենետիկի Առաքելական Նուիրակին, բացատրութիւն պահանջելով եղած պատահարին։ 6 Ապրիլ 1691ին կը պատասխանէ Նուիրակը գրելով, թէ հազիւ ստացած Բաբելոնի Եպիսկոպոս Պիտուի գանգատը նկատմամբ Խորհրդատետրին՝ «որ լեցուն է վարդապետական սխալներով եւ վնասներ պատճառած Պարսկաստան, ուր տարածուած է Տէր Թադէոսի ձեռքով, քննեցի հարցը եւ տեսայ թէ Խորհրդատետրը տպուած է Հաւատաքննիչին հրամանով, որ իր կարգին վստահացած է Յովհաննէս Յակոբի (իմա՛ Հոլովի) վկայութեան։ Սակայն Յովհաննէս կը մերժէ նման վկայութիւն տուած ըլլալ փոքր Խորհրդատետրին, այլ վկայած է միայն մեծին (իմա՛ Ճաշոցին), ուր չկան սխալներ»։ Ապա Նուիրակը կը յայտնէ իր վարկածը Յովհաննէս Հոլովի անկեղծութեան վրայ, եւ թէ 200 օրինակ Խորհրդատետրէն, որոնք մնացած են Ահարոն վաճառականի մը մօտ՝ բռնագրաւուած են [9] ։

Ներկայ գայթակղութեան պատասխանատու զգալով, Նուիրակը դարձեալ կը գրէ ՀՍ. ի Ժողովին՝ 19 Մայիսին (1691)։ «Յովհաննէսի (Հոլով) եւ հաւատաքննիչներու խօսքերը հակառակ են իրարու, ձեզ կը վստահացնեմ թէ Տէր Թադէոսի գործակալ Ահարոնի մօտ գտնուած Խորհրդատետրները բռնագրաւուած են», ու կը խոստանայ գոնէ օրինակ մը ձեռք բերել ու ղրկել Հռոմ [10] ։ Երբ ՀՍ. ի Քարտուղարը, Չիբոյ, կը սպառնայ թէ այս հարցին մէջ յանցաւորը պիտի պատժուի, Նուիրակը կը պատասխանէ 7 Յուլիսին. «Յովհաննէս կ՚ըսէ թէ ինք վկայութիւն եւ ստորագրութիւն չէ տուած Հաւատա/177/քննիչներուն, եւ թէ ամբողջ յանցանքը կը ծանրանայ Մէրտինի Եպիսկոպոսին վրայ (իմա՝ Տիմոթէոս Գառնուկ), որ նոյն օրերուն ստէպ Վենետիկ կու գար՝ առանց երբեք իրեն հանդիպելու» [11] ։

Նոյն այդ օրերուն Յովհաննէս Հոլով այս հարցին մասին կը գրէ Հռոմ իր մտերիմ էն, Տէր Բարսեղի։ Նամակին թուականն է 5 Մայիս 1691, ու ՀՍ. ի դիւանին մէջ կայ անոր միայն լատիներէն թարգմանութիւնը, կատարուած Տէր Բարսեղի գրիչով, հաւանաբար առ ի ծանօթութիւն ՀՍ. ի Ժողովին։ Յովհաննէս կը գրէ. «Անցեալին Արեւելքէն միսիոնարներ գրած են ՀՍ. ի Ժողովի քարտուղարին, եւ նա իր կարգին Վենետիկի Նուիրակին, թէ Վենետիկ տպագրուած Խորհրդատետրը արգելք է եկեղեցւոյ միութեան։ Նուիրակը երբ հարցուցած է քաղաքիս հաւատաքննիչին թէ ի՞նչպէս հրաման տուած է տպելու նման գիրք, պատասխան ստացած է թէ իմ վկայութեանս վրայ վստահացած՝ ստորագրած է գիրքին տպագրութեան։ Նուիրակը երբ ինծի հարցուց, ես պատասխանեցի ճշմարտութիւնը, ըսելով թէ նման գիրք ո՛չ սրբագրած եմ եւ ո՛չ տպագրութեան վկայութիւն տուած եմ։ Իրականութիւնը այն է որ գրաքննիչը վստահացած Ասորի Տիմոթէոս եպիսկոպոսի խօսքերուն՝ ստորագրած է։ Նուիրակին ըսի թէ ես ատենին հակառակեցայ Տէր Թադէոսի, բայց նա հեղինակութեան ճամբով զիս լռեցուց։ Իմ այս արարքիս համար՝ քաղաքիս հայերը կ՚ուզէին զիս ողջ ողջ ուտել, իսկ քեզի օրինակ մը ղրկած ըլլալուս համար՝ զիս նկատեցին մատնիչ։ Դիմեցի Նուիրակին՝ որպէսզի միջամտէ եւ հայերը դադրին զիս հալածելէ. բայց նա հակառակեցաւ ինծի, ըսելով թէ գիրքին տպագրութեան վկայութիւն տուողը ես եմ, ու ցոյց տուաւ իմ՝ ստորագրութիւնս՝ թէ կը վկայեմ Ճաշոցի տպագրութեան... ։ Ես հոս երկու կողմէն կը հալածուիմ. Հաւատաքննիչը վրաս թողուց պատասխանատուութիւնը, հայերը զիս մատնիչ կը նկատեն իրենց ծէսին, Նուիրակը աւելի կարեւորութիւն կու տայ քննիչին քան ինծի. բայց ճշմարտութիւնը պիտի յաղթէ» [12] ։

Այս նամակով յայտնի կ՚ըլլայ որ Թադէոս երէց հնարք մը մտածած է իր ծրագրին մէջ յաջողելու համար։ Անկարելի չէ որ Թադէոս Խորհրդատետրին համար դիմած ըլլայ Ասորի Տիմոթէոս Եպս. ին, որ նույն շրջանին կը բնակէր Պատովա, եւ իրապէս քննիչը վստահացած անոր վկայութեան՝ թոյլ տուած ըլլայ որ Խորհրդատետրը տպագրուի։ Յովհաննէս Հոլով վկայած է միայն Ճաշոցի տպագրութեան, այնպէս որ Առաքելական Նուիրակը շփոթելով՝ կը համարի թէ այս վկայութիւնը տրուած է Խորհրդատետրին, եւ որով կը հակառակի Յովհաննէս Հոլովի, կարծելով զինքը կեղծաւոր։ Իսկ քա/178/ղաքին ազգայինները, գիտակից թէ տպուած Խորհրդատետրը հայ աւանդութեան եւ հոգիին համաձայն է՝ հակառակութիւն ցոյց կու տան Յովհաննէսի, որ սրբագրութեան մասին կը մտածէր։

Տէր Բարսեղի տուած լուսաբանութիւնները

Այս հարցին նկատմամբ ՀՍ. ի Ժողովը չէր կրնար չհարցնել կարծիքը իր պաշտօնական թարգմանիչին եւ խորհրդականին, այն է Տէր Բարսեղի, որ չ'ուշանար գրել լատիներէն մենագրութիւն մը, 19 Մայիս 1691ին, հետեւեալ բովանդակութեամբ։ «Թադէոս ամուսնացած քահանան, Գասպար Սահրատի օժանդակութեամբ, Վենետիկի մէջ տպել տուաւ շատ մը գիրքեր, որոնց մէջ նաեւ Ճաշոցը, ուր կան ընթերցուածներ, աղօթքներ, Սաղմոսներ, քարոզներ, բայց ո՛չ Խորհրդատետր։ Թէ ի՞նչ նպատակի համար տպուեցաւ Ճաշոցը. յայտնի չէ, որովհետեւ հայերը, կաթողիկէ կամ հերձուածող, դարերով կը գործածէին Աստուածաշունչը, որ նոր տպագրուեցաւ Ամսդերտամ։

«Արդեօք Ճաշոցը կը պարունակէ՞ մոլորութիւններ։ Զանազանելով կը պատասխանեմ՝ ո՛չ. այսինքն բացայայտ հերետիկոսութիւններ չկան, իսկ լռելեայն՝ շատ։ Այնու որ Աստուածաշունչը գէշ թարգմանուած է, եւ Ճաշոցը մեծ մասամբ Աստուածաշունչէն է, ուստի... ։ Ճաշոցը կը հետեւի Տօնացոյցին, եւ որովհետեւ Տօնացոյցը չէ սրբագրուած, ուստի... ։ Լռելեայն սխալներ, որոնք դարերու ընթացքին քալած են եւ որոնց պետք է հանդուրժել, մինչեւ որ Աստուծոյ օգնութեամբ կատարուի սրբագրութիւնը Աստուածաշունչին, Ժամագիրքին, Տօնացոյցին։

«Ժամանակին ինծի յանձնուեցաւ Աստուածաշունչը եւ ես ամէն գիրքէ հաւաքեցի սխալներ եւ ցոյց տուի Կարդինալին, որ նոյն ժամանակ պատասխանատու էր այս գործին. բայց նա ինծի ըսաւ, Ով խե՜ղճ Բարսեղ, թէ՛ գործը եւ թէ՛ ձէթը կորսնցուցիր։ Նոյնը ըրի նաեւ Ճաշոցին, Տօնացոյցին, ու ձեռագիրներս ցարդ կը մնան ՀՍ. ի դիւանը։ Մեծաւորները տեսնելով գործին ընդարձակութիւնը, որ կարօտ է երկար ժամանակի, դրամի, գիտուն անձերու՝ որոնք գիտնան հայերէն ու լատիներէն, ու տեսնելով հանդերձ որ ամբողջ հայ ազգը հերձուածող է, բացի սակաւ անձերէ, ցարդ ոչինչ ըրաւ այդ քիչ ձէթն ալ չկորսնցնելու համար, ու մտածեց ընել այն ինչ որ կարեւոր էր հերձուածողներու դարձին համար, ու վերահրատարակեց Կալանոսի երեք հատորները։

«Մենք խնդրեցինք որ տպագրուին հետեւեալ գիրքերը։ 1. Հաւատոյ դաւանութիւն, որ թէեւ նախապէս տպուած էր, բայց հայերէն բնագիրը սխալներով լեցուն էր։ 2. Քրիստոնէական վարդապետութիւն. 3. Հոգեւոր գիրքեր։ 4. Քերականութիւն, որպէսզի լատին/179/ները հայերէն սորվելով՝ հայերը դարձի բերեն։ 5. Քերականութիւն, որպէսզի հայերը լատիներէն սորվելով՝ հասնին ճշմարտութեան. 6. Հայերէն քերականութիւն, որպէսզի հայերը իրենց լեզուն սորվելով տեսնեն իրենց գործածած գիրքերուն մէջ պարունակուած մոլորութիւնները։

«Եւ հուսկ կարգը եկաւ Խորհրդատետրին, ինչ որ սրբագրուելով տպուեցաւ։ Այս խորհրդատետրին մէջ կան միայն պատարագիչ քահանային մասերը. կը պակսին Սարկաւագի ու Դպիրի բաժինները։ Մեծաւորները տեսան թէ պատարագի համար դեռ կարեւոր են գիրքեր՝ Սարկաւագներու եւ Դպիրներու համար, այն է՝ Շարակնոց, Նոր Կտակարանի ընթերցուածներ ու Աւետարան։ Ուզեցին այս բոլորը սրբագրուած տպել. բայց որովհետեւ անկարելի բան էր, տպեցին ինչ որ կարեւոր եւ կարելին էր, այն է՝ Խորհրդատետրը, որ փոքր էր ծաւալով, իսկ Ժամագրքի եւ Շարակնոցի՝ միայն սրբագրելի տողերը։ Ինծի համաձայն Ս. Ժողովը իր դերը լաւ կատարեց…։

«Տէր Թադէոսի Վենետիկի մէջ տպած Խորհրդատետրն ալ կը պարունակէ միայն պատարագիչ քահանային մասերը, առանց Սարկաւագի քարոզներուն. չունի նաեւ միւս եկեղեցական գիրքերու սրբագրութիւնը կամ անոնց մասին որեւէ ակնարկ։ Ճաշոցը տպագրուած ժամանակ՝ Տէր Յովհաննէս հետամուտ եղած է որ սրբագրուած տպուի, սակայն հեղինակութիւնը միջամտած է, հայրերը հակառակած են իրեն՝ որպէսզի արգելք չըլլայ իրենց վաճառականութեան։ Իսկ ես տեսնելով այս անկարելիութիւնը՝ ոչինչ հաղորդեցի ՀՍ. ի Քարտուղարին, որովհետեւ անոնք պիտի շարունակէին տպել։ Վենետիկի համար ոչ ոք կրնայ միջամուխ ը՚լլալ, որովհետեւ քաղաքական հեղինակութիւնը թիկունք կը կանգնի, պաշտպանելով ազատ տպագրութիւնը՝ ի նպաստ վաճառականութեան։ Իսկ Վենետիկի հայերուն՝ ո՛չ մէկ կերպով կարելի է օգնել, քանի անոնք իրենք զիրենք կաթողիկէ կը խոստովանին, եւ երբ ուզենք որեւէ սրբագրութիւն կատարել՝ ահաւոր կերպով կը դիմադրեն, ըսելով թէ իրենք կաթողիկէ են։ Այս կացութեան ի տես՝ ես յուսահատած եմ եւ ոչինչ կը հաղորդեմ Ս. Աթոռին» [13],

Լուսաբանութիւններ եւ յստակումներ`

Մինչ այս, Վենետիկի Նուիրակը, 30 Ապրիլ 1691 թուակիր համառօտ երկտողով՝ ՀՍ. ի Ժողովին կը ղրկէ Վենետիկի Ծերակուտարանին 28 Ապրիլ 1691 թուակիր Յայտարարութեան օրինակը, ուղ/180/ղուած Նուիրակին. «Տէր Թադէոսի գործակատար Ահարոնի ձեռքէն գրաւեցինք Խորհրդատետրի 200 օրինակները եւ ազդարարեցինք իրեն։ Ահարոն ըսաւ թէ քովը միայն 200 օրինակ կայ, իսկ մնացածները Տէր Թադէոս չէ տարածած հոս ու հոն, այլ 21 ամիս առաջ, (իմա՛ Յունիս–Յուլիս 1689) անձամբ տարած է Զմիւռնիա, նպատակ ունենալով կրկին դառնալ Վենետիկ։ 200 գրաւուած օրինակները, տպագրուած Պատովայի հեղինակութեան թոյլատուութեամբ եւ Վենետիկի Հաւատաքննիչին ստորագրութեամբ՝ մեծագոյն խնամքով պիտի պահպանուի մեր մօտ» [14] ։

Նուիրակը Հռոմ՝ կը ղրկէ նաեւ Հաւատաքննիչ Giovanni-Tommaso Rovettaի 26 Մայիս 1691 թուակիր Յայտարարութիւնը՝ որ կըսէ. «Վեց տարի առաջ Տէր Թադէոս ինծի բերաւ Խորհրդատետրը, տպագրութեան հրաման խնդրելու։ Ես հայերէն չգիտնալով՝ տուի Տէր Յովհաննէս Յակոբի, ու երբ իրմէ իմացայ թէ հոն կան կէտեր հակառակ կաթողիկէ վարդապետութեան՝ մերժեցի տպելու հրամանը։ Տէր Թադէոս ինծի ըսաւ. Տէր Յովհաննէս հակառակութենէ մղուած անհամաձայն է ինծի, որովհետեւ ինծմէ կը պահանջէ շահիս կէսը։ Եւ որովհետեւ նոյն օրերուն կար Մէրտինի Եպիսկոպոսը Տիմոթէոս Գառնուկ (Timoteo Agnellini) եւ հայերէն գիտէր, իրեն յանձնեցի։ Նա տուաւ գրաւոր վկայութիւն, որ հոս կը ներփակեմ, ես վստահացած այս վկայութեան՝ տուի տպագրութեան հրաման։ Բայց թէ խաբուեցայ Տիմոթէոս եպիսկոպոսէն, եւ կամ ինք խաբուեցաւ, եւ կամ տպագրութեան ընթացքին նոր սրբագրութիւններ ներս մտան՝ կը խոստովանիմ անգիտութիւնս։ Այդ օրէն սկսեալ՝ չգիտցած լեզուիս մասին գրքի տպագրութիւն կը մերժեմ» [15] ։

Նոյն այս փաստաթուղթին մօտ կը գտնենք Տիմոթէոս Եպս. ի տուած անթուական վկայականին օրինակը՝ որ կ՚ըսէ . «Կը Վկայեմ թէ ուշադրութեամբ կարդացի հայերէն Աստուածաշունչը, տպուած Ամսդերտամ 1666ին, որ կը սկսի էջ 1էն մինչեւ էջ 628, եւ ապա էջ 1էն մինչեւ 808, ներառեալ Հին եւ Նոր Կտակարան։ Կարդացի նաեւ հայերէն ձեռագիր Խորհրդատետր մը, 12 թերթ (dodici fogli), եւ ոչինչ գտայ հակառակ կաթողիկէ հռոմէական հաւատքին, եւ որով կը ստորագրեմ Timotheo Agnellini, Arcivescovo di Mardyn» [16].

/181/ Բոլոր այս փաստաթուղթերը նիւթ կըլլան ՀՍ. ի 3 Սեպտ. 1691ի նիստին, ուր Քարտուղարին կողմէ համառօտ մը կը ներկայացուին հարցերը, որոնք զանց կ՚ընենք՝ կրկնութենէ խուսափելու համար։ Կարեւոր կը համարինք յիշել միայն թէ Ժողովին ներկայացուած է նաեւ 1686ի Խորհրդատետրին պարունակած սխալները, այսինքն՝ 1. անապակ գինիով պատարագելը, 2. Հաւատամքի մէջ Ս. Հոգիի բխման համար չըսել Եւ յՈրդւոյ բացատրութիւնը, 3. Սրբագործումէն առաջ ըսել յարարչագործ ձեռս, 4. Ս. Հոգիի կոչման աղօթքին մէջ չըսել Արասցես, 5. աղօթել սուրբերու, առաքեալներու, նախահայրերու... համար, 6. յիշել Կաթողիկոսին անունը՝ փոխանակ Պապին։

Ժողովը յետ լսելու հարցին էութիւնը՝ կ՚որոշէ. «Թող գրուի Վենետիկի Առաքելական Նուիրակին, որ հետամուտ ըլլայ Հռոմ ղրկել գրաւուած 200 օրինակ Խորհրդատետրները։ Թող գրուի նաեւ Վենետիկի հաւատաքննիչին, որ յետ այսու հրաման չտայ տպագրելու իրեն անծանօթ լեզուներով գիրքեր, այլ ղրկէ Հռոմ՝ ստանալու համար հաւանութիւն» [17] ։

Առնուած որոշումին համաձայն կը գրուին նամակները, հաւանաբար նաեւ Վենետիկի Յովհաննէս Պատրիարքին, որ 15 Սեպտեմբեր 1691 թուականով կը պատասխանէ, գրելով երկու նամակ. առաջինը ուղղուած ՀՍ. ի Նախագահ Կարդ. Ալթիէրիի՝ ըսելով. «Քաղաքիս ծերակույտը հրահանգ տուաւ որ ինծի փոխանցուին հայերէն լեզուով Խորհրդատետրները, որոնք մօտն էին հայ վաճառականի մը, թղթակից Տէր Թադէոս հայ հերձուածող քահանայի՝ կը յուսամ փութով հասցնել ձեզի՝ ինչպէս փափաք յայտնած էիք Ձեր 3 Սեպտ. թուակիր նամակով» [18] ։ Երկրորդ նամակը ուղղուած է ՀՍ. ի Կարդինալներուն, հետեւեալ պարունակութեամբ. «Ձեր փափաքին համաձայն ահա կը ծանուցանեմ Ձեզի, թէ երբ հայերը հոս Վենետիկի մէջ եկեղեցւոյ բացում ըրին, ղրկեցի իմ Աթոռակալս՝ օրհնելու համար՝ բայց նախ իրենցմէ խոստում առի թէ պիտի գործածեն սրբագրուած Խորհրդատետրը, ու յանձնեցի Տէր Յովհաննէսի որ հսկէ /182/ անոնց վրայ, որպէսզի չշեղին։ Ցաւով իմացայ Ձեր նամակէն, ինչպէս նաեւ Տէր Յովհաննէսէ, թէ հայերը ինկած են սխալներու մէջ. ցաւեցայ թէ ինչո՞ւ Տէր Յովհաննէս կանխապէս չէր իմացուցած ինծի։ Այժմ միացած Առաքելական Նուիրակին՝ ձեռք պիտի առնենք հարկաւոր միջոցները» [19] ։

Հռոմէն դիտողութիւն կերթայ նաեւ Վենետիկի գրաքննիչին, Giovanni-Tommaso Rovettaի, որ 15 Սեպտ. ին կ՚ընդունի սխալած կ՚լլար՝ գրելով ՀՍ. ի Նախագահին. «Ես խաբուեցայ Մէրտինի հայ եպիսկոպոսէն, զինք կաթողիկէ համարելով, քանի Պատովայի մէջ կը բնակէր Կարդ. Բարբարիկոյի պալատը. ան ստորագրելով՝ երդում ըրաւ թէ այս գիրքերուն մէջ ոչինչ կայ հակառակ կաթողիկէ հաւատքին, եւ ես հաւատացի իրեն» [20] ։

Ու վերջապէս այս հարցը կը փակուի Վենետիկի Առաքելական Նուիրակի 6 Հոկտ. 1691 թուակիր նամակով, ուղղուած ՀՍ. ի Քարտուղարին. «Քաղաքիս իշխանութենէն ստացայ հայկական Խորհրդատետրները, երբ նշանակելու ըլլաք թէ ինչ ճամբով պէտք է հասցնեմ ձեզի՝ պիտի գործադրեմ» [21] ։ Նոյն Նուիրակը 1 Դեկտ. 1691ին | կը գրէ ՀՍ. ի Քարտուղարին, իմացնելով թէ Տէր Յովհաննէս Հոլով, քանի մը օր առաջ, յետ փոքրիկ հիւանդութեան մը՝ վախճանած է, եւ «Հայ եկեղեցին թողուց իր ծանօթ սխալներուն մէջ, որոնք շատ դժուարութեամբ կարելի պիտի ըլլայ արմատախիլ ընել, հակառակ Պատրիարքին ջանքերուն եւ իմ տկար ճիգերուն» [22] ։

Այսպէս կը փակուի նաեւ այս էջը։ Անտարակոյս Տէր Թադէոսի դիտաւորութիւնը չէր բացայայտ կերպով հակառակիլ Հռոմի եկեղեցւոյ օրէնքներուն եւ վճիռներուն, բայց այնու որ նուիրուած էր տպագրական գործին, մարդկային հնարամտութիւնը ձեռք առած կը գործէր, թէ՛ իր անձնական շահին համար եւ թէ աւելի ի նպաստ հայ Եկեղեցւոյ իր ծառայութիւնը մատուցանելու համար, տալով անոր իր կարելին, այն է Ճաշոցն ու Խորհրդատետրը, առանց ստորակէտ մը ուզելով շեղիլ իր Հայրերու աւանդութենէն։ Արդարեւ շքեղ է ու ամենագեղեցիկ 1686ի տպագրուած Ճաշոցը, որ դարեր ամբողջ, մինչեւ մեր օրերը եւ այսօր իսկ, կը գործածուի Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Իր այս գործին համար միայն կ՚արժէ դասաւորել իր անունը Հայ տպագրութեան անմահներու շարքին, որոնք բոլորն ալ, ԺԷ. դարուն, գիտցան պայքարիլ ի նպաստ հայ Եկեղեցւոյ շահերուն։



[1] SOCG, vol. 423, fol. 147.

[2] SOCG, vol. 424, fol. 57.

[3] SOCG, vol. 476, fol. 66 +69.

[4] Acta, vol. 39, fol. 178, n. 21.

[5] SOCG, Vol. 509, fol. 277.

[6] SC Armeni, vol. 4, fol. 82.

[7] SC Armeni, vol. 4, fol. 84.

[8] SOCG, vol. 509, fol. 297.

[9] SOCG, vol. 509, fol. 276 +291.

[10] SC Armeni, vol. 4, fol. 136.

[11] SC Armeni, vol. 4, fol. 144.

[12] SC Armeni, vol. 4, fol. 132.

[13] SC Armeni, vol. 4, fol. 137-138.

[14] SOCG, Vol. 509, fol. 278-279.

[15] SOCG, vol. 509, fol. 280.

[16] SC Armeni, vol. 4, fol. 155. Տիմոթէոս Եպս. Գառնուկ բացի ծանօթ Թուղթ սիրոյ եւ Միաբանութեան գիրքէն, 1690ին Պատուայի իր անհատական տպարանին մէջ տպած է Պարտէզ հոգեւոր աղօթագիրքը, 7, 5+11, 5 սմ. մեծութեամբ, եւ ունի 182 էջ։

      ՀՍ-ի դիւանին մէջ կայ անթուական աղերսագիր մը, գրուած Տիմոթէոս Եպս. Գառնուկէ։ Աղերսագիրը գրուած է իտալերէն, ու կը սկսի այս խօսքերով. «Timoteo Carnuch Arcivescovo di Mardin», իսկ բովանդակութիւնը հետեւեալն է. «Տիմոթէուս... աղքատութեան մէջ ինկած ըլլալով՝ կը դիմէ ձեր բարեացակամութեան։ Սա ունեցած է քահանայ եղբայր մը, Տէր Լեւոն, որ Արեւելքի մէջ պատարագի պահուն՝ հերձուածողներ մերկացուցած են քահանայական զգեստէն ու յանձնած փաշային, իբր հաւատքի դէմ գործող մը։ Տէր Լեւոն ենթարկուած է ծեծի եւ պահանջած հարիւր սկուդ, եւ ապա աքսորուած։ Այս բոլորը կը տեսնուի աղերսագրիս ընկերացող նամակներէն: Տիմոթէոս Արքեպս. չկարենալով օգնել իր եղբօր՝ կը դիմէ ձեր բարեացակամութեան, որ զինք կարենաք աքսորէն ազատել» (SC Armeni, vol. 1, f. 95)։

[17] Acta, vol. 61, fol. 43, n. 32.

[18] SC Armeni, vol. 4, fol. 153.

[19] SC Armeni, vol. 4, fol. 152.

[20] SC Armeni, vol. 4, fol. 154.

[21] SC Armeni vol. 4, fol. 176.

[22] SOCG vol. 512, fol. 209.