ԳԼՈՒԽ
Ա.
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ
ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԳՐՉԱԳԻՐՆԵՐՈՒ
ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ
Մինաս
Վրդ.
Ամդեցին,
երբեմն
Համթեցի
ալ
գրուած
նախնեաց
մօտ,
ծնած
է
Տիգրանակերտ՝
այս
է
Ամիդ,
շուրջ
1630ին.
այս
պատճառով
կոչուած
է
Ամդեցի։
Գրչագիրներու
եւ
Չնքուշի
Սիրահայեացին
պատմիչ
Մովսէսի
վկայութեամբ՝
հայրը
Առաքել
կը
կոչուէր,
մայրը
Հռիփսիմէ,
որ
վաղամեռիկ
եղած
է։
Չնքուշցի
Խաչատուր
անունով
մէկը
որդեգրած
է
փոքրիկ
Մինասը,
եւ
անոր
կրթութիւնը
յանձնուած
է
նոյն
քաղաքի
Սիրահայեաց
Ս.
Աստուածածին
վանքին
Առաջնորդ՝
Մարկոս
Վարդապետին
[1]
։
/13/
Ամդեցին
1655
թուին
իր
այս
դաստիարակին
ձօնած
տաղին
մէջ,
թէեւ
Ամիդ
է
քաղաքս,
սակայն
Չնքուշէն
միայն
բարիք
տեսայ,
կը
գրէ։
ԿՈՒՍԱԿՐՕՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ
Իր
Վարդապետը,
Մարկոս
Չնքուշեցին,
զինքը
կուսակրօն
քահանայ
ձեռնադրած
է,
անշուշտ
Սիրահայեացի
վանքը։
1675ի
տաղաչափեալ
Սաղմոսարանին
Յիշատակարանը
հեղինակուած
Յակոբ
Քհյ.
Թոխաթեցիէն,
զոր
Պոլիս
գրչել
տուած
էր
նոյն
ինքն
Մինաս
Ամդեցին,
կը
վկայէ.
«Յիշեցէք
զՄարկոս
Վրդ.
ն,
որ
է
ուսուցիչ
եւ
ձեռնադրող
եւ
խրատող
ստացողի
գրոցս՝
Մինաս
Վարդապետի
[2]
։
ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ
ԳԱՒԱԶԱՆ
1655
թուին
ընդունած
է
Վարդապետական
գաւազան,
նոյն
Մարկոս
Վրդ.
էն,
որուն
աշակերտը
ճանչցած
է
միշտ
ինքզինքը
Ամդեցին՝
երախտագիտական
զգացումներով,
եւ
իր
կողմ
է
օրինակել
տուած
բոլոր
գրչագիրներուն
մէջ՝
զանց
չէ
ըրած
յիշատակել
ու
աղօթք
յանձնարարել
իր
հոգեւոր
ծնողքին
Մարկոս
Վրդ.
ին
համար
[3]
։
/14/
1655
թուականին
ալ,
վարդապետական
իշխանութեամբ
ճոխացած,
նոյն
թուականով
ձուլել
տուած
է
իր
պաշտօնական
կնիքը,
ըստ
ընկալեալ
սովորութեան։
Անդրանիկ
առաքելութիւնը,
իբր
Վարդապետ,
կը
թուի
եղած
ըլլայ
Ուրֆա
(Եդեսիա)
քաղաքը,
1656ին։
Այս
քաղաքին,
1657
թուին,
նուիրած
տաղաչափեալ
Գիր
Օրհնութեանը
ցոյց
կու
տայ
թէ
լաւ
ծանօթացած
է
տեղւոյն
ըլլայ
եկեղեցական
թէ
աշխարհական
դասակարգին
հետ
ու
զանոնք
գնահատած
է։
Յիշատակարանէ
մը
կը
տեղեկանանք
թէ
1660ին
Չնքուշի
Սիրահայեաց
վանքը
կը
գտնուէր։
Խոսրով
Անձեւացիի
Մեկնութիւն
Ժամակարգութեան
գրչագիրն
է,
որուն
սկիզբը
կայ
իր
1655ի
կնիքը,
եւ
կ՚ըսուի
«կազմեցաւ
վերստին ...
ձեռամբ
Մինաս
բանի
սպասաւորի,
ի
Առաջնորդութեան
Շէնքուշանահկի
Մարկոս
աստուածաբան
Վրդ.
ի
…
ի
թուին
ՌՃԹ
(1660)».
ու
կարդացողներէն
կը
խնդրէ
յիշուիլ
Աստուած
ողորմիով
մը
[4]
։
1664
թուի
Յիշատակարանէ
մը
կ՚իմանանք
իր
Եւդոկիա
երթը,
ուր
կողոպտուած
է
իր
բոլոր
ունեցածներէն,
բացի
Աստուածաշունչէն,
որ
իր
Վարդապետին
կողմէ
տրուած
նուէր
մըն
էր
[5]
։
Այս
Յիշատակարանը
զանց
չէ
ըրած
ակնարկել
եկեղեցական
դեպքի
մը,
որ
սոյն
տա/15/րիներուն
այնքան
աղմուկ
հանեց
Հայաստանեայց
Եկեղեցիին
մէջ,
այն
է
Եղիազար
Վրդ.
Այնթապցիին
Կաթողիկոս
օծուիլը։
«Գրեցաւ
Յիշատակարանս
ի
թուին
Հայոց
ՌՃԺԳ
ամին
(1664),
յորում
Եղիազար
Վրդ.
ն
Երուսաղէմի
Կաթողիկոս
ձեռնադրեցաւ
ի
քաղաքն
Հալապ,
ի
Խաչատուր
Կաթողիկոսէն
Սսոյ,
ի
U.
Քառասունք
եկեղեցի»
[6]
։
Բարոյական
կապ
մը
կը
զուգէր
Ամդեցի
Մինասը
Եղիազար
Այնթապցիին։
Երկուքն
ալ
միեւնոյն
Վարդապետարանէն
ելած
էին,
Չնքուշի
Սիրահայեաց
վանքէն։
Եղիազար
սորված
էր
առ
ոտս
Յովհաննէս
Վրդ.
Չնքուշցիի,
իսկ
Մինաս՝
Մարկոս
Վրդ.
Չնքուշցիին,
որ
նախորդին
աշակերտ
եղած
էր
եւ
աշակերտակից
էր
Եղիազարի
[7]
։
Կարծէք
այս
բարոյական
կապը
կը
բացատրէ
թէ
ինչու
Մինաս
Ամդեցին
չունի
մեղադրանք
Եղիազար
Այնթապցիի
ինքնագլուխ
Կաթողիկոս
հռչակուելուն,
երբ
Ս.
Էջմիածին
կը
նստէր
օրինաւոր
Ամենայն
Հայոցը,
Յակոբ
Ջուղայեցին։
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԻԼԸ՝
Մինաս
Վրդ.
Ամդեցին,
ուրիշ
երկու
թեկնածուներու
հետ
միասին
եպիսկոպոս
ձեռնադրուած
է
Երուսաղէմի
Ս.
Յակոբեանց
տաճարը,
1666ին,
հակաթոռ
Եղիազար
Կաթողիկոսէն։
Այս
եւս
ցոյց
մը
թէ
համախոհ
/16/
էր
իրեն։
Միւս
երկու
օծակիցները,
ինչպէս
կը
գրէ
Մ .
Եպս.
Նշանեան,
էին
Եղիա
Վրդ.
Նիկոլեան
եւ
Պօղոս
Վրդ.,
որոնց
մասին
ուրիշ
առիթով
պիտի
գրենք
[8]
։
Իսկապէս
ալ,
ժամանակակիցներու
վկայութեան
համաձայն,
Մինաս
Ամդեցին
կը
տեսնենք
այնուհետեւ
իբրեւ
մէկը
դարուն
հայ
եկեղեցականներէն
որոնք
սերտ
կերպով
յարած
են
Եղիազար
Կաթողիկոսի
անձին,
նաեւ
անոր
նախ
քան
օրինապէս
Ամենայն
Հայոց
Աթոռը
նստիլը,
Ս.
Էջմիածին։
Այնուհետեւ
ալ
հաւատարիմ
մնաց
մինչեւ
անոր
մահը։
Ասոր
կը
վկայեն
ժամանակակից
շատ
մը
Յիշատակարաններ,
թէ
Մինաս
Ամդեցին
24
տարիներ
բովանդակ,
(ուրիշներու
համաձայն
22
տարի)
ծառայած
է
Եղիազար
Կթղս.
Այնթապցիին,
Երուսաղէմ
եւ
Էջմիածին,
որ
կը
գրկէ
իր
Եպիսկոպոս
ձեռնադրուելու
տարիէն
մինչեւ
Եղիազարի
մահը
(†1692)։
Կը
թուի
թէ
Մինաս
Ամդեցին,
հակաթոռ
Կաթողիկոսին
հանդէպ
իր
այս
յարումին
ի
չքմեղանս,
մինչդեռ
տակաւին
կար
օրինաւոր
գահակալը,
այն
գեղեցիկ
տաղին,
զոր
անշուշտ
գրած
է
Յակոբ
Ջուղայեցիին
մահէն
վերջ,
եւ
որ
կը
սկսի
«Յակոբ
Հայոց
Կաթողիկոս»ով,
վերջին
տան
մէջ
թողութիւն
կը
խնդրէ
հանգուցեալ
լուսահոգիէն,
սա
բառերով.
«Սիրտ
իմ
առ
քեզ
աղաղակէ,
Եւ
թողութիւն
ի
քէն
խնդրէ,
Դու
ողորմեա
եւ
խնայէ,
Եւ
թողութիւն
մեզի
շնորհէ»։
[9]
Յակոբ
Ջուղայեցին,
անյիշաչար
Հայրապետը,
որ
մահէն
առաջ
ալ
հաշտուած
էր
հակաթոռ
Եղիազարին
հետ,
գիտենք
որ
իր
մահուան
անկողինին
մէջ
արձակեց
կանոնական
կապէ
բոլոր
անոնք
որ
իր
կենդանութեան
խարած
էր
նզովքի
դատակնիքով։
Տասնամեայ
մը
եւ
աւելի,
1666
թուականէն
սկսեալ,
Ամդեցիին
կենսագրութեան
մասին
մեզի
կը
պակսին
մանրամասնութիւններ։
Եպիսկոպոս
ձեռնադրուելէն
վերջ
գիտենք
թէ
Երուսաղէմ
Եղիազարի
գործակցած
է։
է
1675
թուին,
Եղիազար
իբր
Պատրիարք
Երուսաղէմ
ի,
Մինաս
Վրդ.
ը
Պոլիս
ղրկած
է
ուխտաւորական
կարաւան
առաջնորդելու
համար
դէպի
Ս.
Քաղաքը։
Այս
առիթով
է
որ
Պոլիս
օրինակել
տուած
է
Յակոբ
Քհյ.
Թոխաթեցիի
տաղաչափեալ
Սաղմոսարանը
[10]
։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ՉՆՔՈՒՇԻ
ՍԻՐԱՀԱՅԵԱՑԻՆ
1679
թուին,
երբ
վախճանած
էր
Չնքուշի
Առաջնորդ
Մարկոս
Վրդ.,
կը
գրէ
Մովսէս
տեղւոյն
պատմիչը,
Սիրահայեացի
Առաջնորդութիւնը
ժառանգած
է
Մինաս
Վրդ.
Ամդեցին,
հանգուցեալին
աշակերտը
[11]
։
/18/
Գառնիկ
Գէորգեան,
Արշակ
Ալպօյաճեանի
դէմ
հակաճառելով,
կը
պաշտպանէ
թէ
Մինաս
Ամդեցին
1666ին
Եպիսկոպոս
ձեռնադրուած
էր
իբրեւ
Առաջնորդ
Եւդոկիոյ։
Կը
գրէ
թէ
Մինաս
Վրդ.
ի
երկու
աշակերտները,
Միքայէլ
Թոխաթեցի
եւ
Մկրտիչ
Ջուղայեցի,
ի
հաշիւ
իրենց
Վարդապետին
օրինակած
ձեռագիրներուն
մէջ
ունին
Յիշատակարաններ,
որոնց
մէջ
զինք
կը
ճանչնան
իբր
«Արքեպիսկոպոս
Եւդոկիակերտի»
կամ՝
«Առաջնորդ
Թոխատու»
մինչեւ
1696
թուականը։
Եւ
թէ
Եւդոկիա
կեցած
է
Մինաս
Վրդ.
մինչեւ
1674
թուականը
[12]
։
Մենք
Օրագրութիւն
սղագիր
օրինակին
վրայ
յեցած՝
պիտի
ըսենք
որ
Եւդոկիոյ
վրայ
իր
պաշտօնապէս
Առաջնորդ
անուանումը
պէտք
է
դնենք
Եղիազար
Կաթողիկոսին
Ս.
Էջմիածին
հաստատուելու
թուականին,
1682ին։
Յիշուած
Օրագրութիւն
գրուածքին
մէջ,
1685
Նոյեմբ.
3ին
կը
կարդանք
թէ
Մինաս
Վրդ.
Էջմիածնէն
կը
մեկնի
Առաջնորդական
պաշտօնով
դէպի
Եւդոկիա,
եւ
ուր
մնացեր
է
մինչեւ
21
Յունուար
1688,
այցելելով
թեմ
ինչ
զանազան
կեդրոնները
կամ
ծուխերը
[13]
։
Իրապէս
1684ի
Աւետարանի
մը
Յիշատակարանը,
գրուած
Եւդոկիա,
Մկրտում
սարկաւագէն,
ի
վայելումն
մահտեսի
Ներսէսի,
կը
գրէ՝
ի
ժամանակս
Եղիազար
Կաթողիկոսի
/19/
եւ
«ի
հովուապետութեան
նահանգի
Տեառն
Մինասայ
աստուածաբան
Վրդ.
ի,
ի
քաղաքն
յԵւդոկիա,
ընդ
հովանեաւ
Սրբոյն
Սարգսի
Զօրավարին,
որ
եւ
Թահտր
Ղալայ
կոչի»
[14]
։
1687
թուին,
Մինաս
Վրդ.
Մկրտում
Ջուղայեցիին
օրինակել
տուած
է
Սարգիս
Շնորհալիի
Մեկնութիւն
Կաթողիկեայցը,
Միքայէլ
Բարղամի
որդին
ալ
զայն
կը
ծաղկէ։
Ակինեանի
վկայելով,
Էջմիածնի
թիւ
1370
այս
գրչագիրին
մէջ
գրուած
է.
«Ի
հինգերորդ
ամի
Առաջնորդութեան
իւրոյ
(Մինասայ)
Նահանգիստ
Թոխատու»։
Այս
վկայութեան
Համաձայն
Եւդոկիոյ
Առաջնորդական
իշխանութիւնը
պէտք
է
ստացած
ըլլայ,
իր
սիրելի
Վարդապետէն,
Եղիազար
Կթղս.
էն,
ասոր
ընտրութեան
եւ
Ս.
Էջմիածնի
Աթոռին
գահակալութեան
տարին
[15]
։
Հետեւաբար
1682
թուականին
նշանակելու
է,
գէթ
պաշտօնական
անուանումը։
Կանխապէս
եթէ
ղրկուած
ալ
էր
Եւդոկիա,
հակաթոռ
Եղիազարէն,
այդ
անուանումը
զուրկ
էր
օրինաւորութենէ։
Վերոյիշեալ
Մկրտում
գրիչը
օրինակած
է,
ի
վայելում
Մինաս
Վրդ.
ին
«Արհիեպիսկոպոսի
եւ
վերատեսչի
Եւդոկիա
քաղաքի»,
1687
թուին,
երեք
պատմական
գրութիւններ,
Միքայէլ
Ասորին,
Սամուէլ
Անեցի
եւ
Մովսէս
/20/
Խորենացի:
Թէ
ակնարկը
Մինաս
Ամդեցիի
մասին
է,
յայտնի
է
նաեւ
հետեւեալ
որակումէն,
սիրելի
բարեկամ
եւ
գործակալ
Եղիազար
Կաթողիկոսի
[16]
։
Մկրտում
Ջուղայեցի
սարկաւագը
Յայսմաւուրք
մըն
ալ
օրինակած
է
1693ին,
Եւդոկիոյ
մէջ,
որու
Յիշատակարանը
ունի
«ի
Առաջնորդութեան
նահանգիս
յԵւդոկիայ
Տեառն
Մինասայ
Աստուածաբան
եւ
քաղցրուսոյց
Վարդապետի»
[17]
։
Ըստ
այսմ
պէտք
է
ըսենք
թէ
Մինաս
Ամդեցին,
հակառակ
զանազան
պատասխանատուութիւններու,
որոնք
իրեն
յանձնուած
էին
Եղիազար
Կթղս.
էն
եւ
անոր
անմիջական
յաջորդ
Նահապետէն,
1693ին
կը
պահէր
տակաւին
Եւդոկիոյ
թեմին
հովուի
տիտղոսը։
1693
Յունիս
4ին,
Երուսաղէմ
ի
Յովհաննէս
Արքեպս.
ին
կողմէ
Օրհնության
թուղթին,
որ
նա
իբր
Պատրիարք
գրած
է
Միքայէլ
Չէլէպիին
եւ
այլ
երեւելիներու.
Մինաս
Վրդ.
ալ
ստորագրած
է
իբր
անոր
փոխանորդը
[18]
։
Երեք
տարի
յետոյ,
1696
թուին
գրուած
Շարակնոց
մը,
Միքայէլ
Բարղամի
որդիէն,
ի
վայելումն
Իգնատիոս
Վրդ.
Թոխաթեցիին,
կը
ճանչնայ
Մինաս
Ամդեցին
միաժամանակ
Պատրիարք
Երուսաղէմի
եւ
Առաջնորդ
Եւդոկիոյ
[19]
։
/21/
Թէ
ինչպէս
բացատրելու
է
այլեւայլ
Պաշտօններու
այսօրինակ
բարդումը,
ժամանակակից
մը
տուած
է
անոր
լուսաբանութիւնը։
Չնքուշի
պատմիչ
Մովսէս
կը
գրէ
թէ
1679
թուին,
երբ
վախճանեցաւ
Մարկոս
Վրդ.
Չնքուշեցին,
ու
«յաջորդեց
զԱթոռն
ձեռնասուն
աշակերտ
իւր
Մինաս
Վրդ.
ն
Համդեցի»
—
որ
մանուկ
հասակէն
որդեգրուած
էր
Չնքուշցի
Խաչատուրէն
եւ
Մարկոս
Վրդ.
ի
ձեռքին
տակ
կրթուած,
—
յետոյ
ժառանգեց
իր
Վարդապետին
գահը։
Եւ
որովհետեւ,
կը
շարունակէ
նոյնը,
Մինաս
Վրդ.
24
տարիներ
նուիրակութեամբ
շրջագայած,
եւ
յետոյ
ալ
ժառանգած
էր,
«զԱթոռ
Կոստանդինու
եւ
Սուրբ
Երուսաղէմի»
Պատրիարքութիւնը,
այն
ատեն
իր
եղբօրորդին,
Յովհաննէս
Չնքուշեցին,
Երուսաղէմ
տարաւ,
ծայրագոյն
Վարդապետ
ընելով
«առաքէ
փոխան
իւր
ի
վանքն
Շէնքչու.
Յովհաննէս
Վրդ.
ն
եկեալ
կառավարէ
զԱթոռն,
եւ
ինքն
(Մինաս)
վախճանի
ի
Սուրբ
Երուսաղէմ,
եւ
թաղի
ի
Ս.
Փրկիչ,
ի
կարգս
Պատրիարքաց,
որ
ունին
բազում
երախտիք
ի
վերայ
Սուրբ
Վանքիս»։
Եղբօրորդին,
Յովհաննէս
Վրդ.
ն
ալ,
որ
վանքին
թողած
է
թագ,
եպիսկոպոսական
սարքեր
եւն.,
մեռած
է,
կը
գրէ
նոյն
պատմիչը
1723
թուին
(ՌՓԾԲ)
[20]:
Այս
վկայութեան
լոյսին
տակ
ըսելու
ենք
թէ
Մինաս
Ամդեցին
Չնքուշի
իր
վանքին
/22/
Առաջնորդական
պաշտօնը
ատեն
մը
վարած
է
փոխանորդի
մը
օգնութեամբ։
Իսկ
Եւդոկիոյ
Թեմի՞ն։
Չունինք
վկայութիւն։
Բացայայտ
է
որ
իր
յաճախակի
տեղափոխութեան
ընթացքին,
Էջմիածին–Պոլիս–Երուսաղէմ
առանցքին
վրայ՝
յաճախ
հանդիպել
զանց
չէ
ըրած
նաեւ
Եւդոկիոյ,
ինչպէս
նաեւ
Սիրահայեաց
իր
վանքին,
ու
անոր
գրադարանը
ճոխացնել
իւրովսանն
նորանոր
գրչագիրներով։
Հ.
Ակինեան
ալ
համաձայն
է
թէ
Մինաս
Վարդ.
Երուսաղէմին
հետ
պատած
է
նաեւ
Եւդոկիան
մինչեւ
1699
թուականը,
եւ
ուր
հուսկ
ղրկուած
է
Գալուստ
Վրդ.
Կայծակ
[21]
։
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ
ՆՕԹԵՐ
ԻՐ
«ՕՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ»
ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ
(1680-1704)
1680
թուականէն
սկսեալ
մինչեւ
իր
մահը
(1704),
Մինաս
Վրդ.
Ամդեցիի
կենսագրութիւնը
ծանօթ
է
մեզի
իր
Օրագրութիւն
տետրէն,
ուր
արձանագրած
է
իր
յաճախակի
ուղեւորութիւնները
եւ
անոնց
կապուած
դէպքերը:
Այս
գրուածքին
բնագիրը
Երուսաղէմ
կը
պահուի,
Ս.
Յակոբեանց
Մատենադարանը,
/23/
գրչագիր
թիւ
1316։
Նորայր
Եպս.
Պողարեան
իր
կոթողային
Մայր
ցուցակ
Ձեռագրաց
մէջ
[22],
կուտայ
անոր
նկարագրութիւնը
եւ
ինչ
ինչ
անցքեր
ալ։
Գրուածքը
կը
սկսի
1680
Հոկտ.
8
թուականէն,
կը
վերջանայ
1704
Ապրիլ
22ով,
օրագրողին
մահէն
քանի
մը
ամիս
առաջ։
Կը
լեցնէ
1-290
էջեր :
Յետնագոյն
գրիչ
մը,
Եսայի
աբեղայ,
աելցուցած
է
սուղ
Յիշատակարան
մը
(թղ.
292ա),
ուր
կը
յիշատակուի
Եղիազար
Կաթողիկոսին
մահը
1691
Օգոստոս
18ին,
եւ
ապա
«Մինաս
Պատրիարգս
Ամդեցի
ի
թիւ
Հայոց
ՌՃԾԳ
(1704)
Նոյեմբեր
24,
յաւուր
ուրբաթու,
ի
տասներորդ
ժամու»։
Մ.
Եպս.
Նշանեան,
որ
կը
խոստովանի
օգտուած
ըլլալ
յիշեալ
ձեռագիրէն,
իրմէն
հրատարակուած
Օրագրութիւն
Երեմիա
Չէլէպի
Քէօմիւրճեանի
երկասիրութեան
համար,
համառօտ
մը
ամփոփված
է
անոր
բովանդակութիւնը,
ՃԼԵ-ՃԽԴ
էջերուն
մէջ։
Ան
կը
գրէ
թէ
Ամդեցին
այս
գրուածքին
մէջ
«պատմական
կարեւորութիւն
ունեցող
բազմաթիւ
դէպքեր»
օրը
օրին
արձանագրած
է,
23
տարիներու,
7
ամսուան
եւ
27
օրուան
շրջանին։
Անշուշտ
շահեկան
պիտի
ըլլար
բնագրին
լրիւ
հրատարակութիւնը։
Առ
ի
չգոյէ
ատոր,
հոս
պիտի
օգտուինք
Նշանեան
Եպս.
ի
սղագրեալ
արտատպութենէն,
մի
միայն
Վար/24/
դապետին
տեղափոխութիւններուն
ժամանակագրութեան
համար
[23]
։
Մինաս
Ամդեցի
Չնքուշի
վանքէն
կը
մեկնի
Երուսաղէմ,
Հալէպի
գիծով,
8
Հոկտ.
1680ին,
ու
կը
հասնի
10
Փետրուար
1681ին։
Ապրիլ
17ին
(1681)
կ'ընկերանայ
Եղիազար
Անթապցի
Ս.
Էջմիածնի
ընտրեալ
Կաթողիկոսի
շքախումբին։
Յունիս
7ին
կը
ժամանեն
Զմիւռնիա,
ուսկից
կը
մեկնին
Սեպտ.
22ին,
ու
Պրուսա
կը
հասնին
Հոկտ.
8ին,
ուր
կը
մնան
մինչեւ
1682
Մարտ
1.
ասկէ
կանցնին
Պոլիս,
ուր
են
մինչեւ
Յունիս
14։
1682
Յունիս
15ին
նաւը
կ՚առնեն
Տրապիզոնի
գիծով
ու
ցամաքէն,
Կարինի
վրայով,
Ս.
Էջմիածին
կը
հասնին
նոյն
տարւոյն
Օգոստոս
12ին։
1682ի
Ս.
Խաչի
տօնին
Հոգեւոր
Տէրը
պատարագեց,
կը
գրէ
Մինաս
Վրդ.,
եւ
մենք
Սրբութիւն
առինք,
այսինքն
հաղորդուեցանք։
1682
Նոյեմբ.
7ին
Մինաս
Ամդեցին
նուիրակ
անուանուած
է
Եւդոկիոյ,
ուր
կը
մտնէ
1683
Փետր.
6ին,
եւ
հոն
կը
մնայ
մինչեւ
1684
Յունուար
17։
Այդ
շրջանին
կայցելի
շրջակայքը
ու
կը
նուիրակէ։
1684
Յունուար
30էն
մինչեւ
6
Մայիս
1685
կը
շրջի
Չնքուշի
վանքէն
դէպի
Ամիդ
ու
դարձեալ
Չնքուշ։
Նոյն
տարւոյն
Յուլիս
6ին
դարձեալ
Էջմիա/25/ծին
է,
այս
երկրորդ
անգամ,
Եղիազարի
Կաթողիկոսութեան
օրով։
1684
թուին,
Օրագրութիւնին
մէջ
արձանագրած
է,
Եւդոկիոյ
եկեղեցիին
մէջ
ժողովուրդին
ուղղուած
ազդը.
«առաւօտս
ծանուցումն,
լաթ
չհագնեն
եւ
պարկեշտ
գնան,
կին
չկա(յ)
ժամը,
եւ
բաղնիք
էտէպով
գնան,
զի
թուրքերն
այլեւայլ
խօսին,
մանաւանդ
իրենց
խօճան
հակառակ
Եկեղեցւոյն.
Աստուած
ազատէ
զմեզ…»։
1685
Նոյեմբ.
3ին,
Առաջնորդական
պաշտօնով
Էջմիածինէն
ճամբայ
կ՚ելլէ
Եւդոկիա,
ուր
կը
մնայ
մինչեւ
1688
Յունուար
21,
այցելելով
թեմը։
1684ի
Յիշատակարան
մը
Մինաս
Վրդ.
կը
կոչէ
արդէն
հովուապետ
Եւդոկիոյ:
1685
թուականէն
առաջ
ենթադրելով
անոր
իբր
հովիւ
անուանումը։
1688
Յունուար
21ին
երրորդ
անգամ
Էջմիածին
կ՚ուղղուի,
ուր
կը
մնայ
Մարտ
10էն
մինչեւ
1690
Յունիս
2։
Կը
դեգերի
Արեւելահայքի
վանքերը
միանգամայն
կը
խորհրդակցին
Եղիազարին
հետ,
Երուսաղէմի
Աթոռին
մասին
եւ
Պատրիարքութիւնը
իրեն
յանձնուած
է.
Կարինի
եւ
Եւդոկիայի
վրայով
1690
Դեկտ.
22ին
Մինաս
Վրդ.
Պոլիս
է։
Օրագրութիւնին
մէջ
կը
գրէ
թէ
Շահին
Ղալֆա,
—
աշխարհական
մը,
զոր
պատրիկ
կը
կոչէին,
Պոլսոյ
Աթոռը
թափուր
ըլլալով,
սա
կը
վարէր
1689էն
ի
վեր
Պատրիարքարանի
առօրեայ
գործերը,
—
իրեն
այցի
էր,
Տէր
Մարտիրոս
Քհյ.
ի
հետ
(Հայր
Երեմիա
Չէլէպիի),
եւ
երեկոյ
միասին
ընթրիքի
մնացեր
է։
/26/
1690
Դեկտ.
22էն
մինչեւ
1692
Մարտ
3,
մէկ
տարի
եւ
երեք
ամիսներ
բովանդակ,
Մինաս
Վրդ.
Պոլիս
է,
Երուսաղէմի
հոգերով
եւ
իր
Պէրաթին
համար։
Այդ
օրերուն
այցելած
է
Պրուսա,
Թէքիրտաղ,
են.
։
Այս
ժամանակամիջոցին
կը
հայի,
ինչ
որ
Միքայէլ
գրիչ,
որդի
Բարղամ
ի,
կ՚ակնարկէ
Գրիգոր
Նարեկացիի
Աղօթամատեանին
գրչութեան
առիթով,
Եւդոկիա
սկսուած
1691
թուին
եւ
1692
Յունիսին
աւարտած,
ազգին
խնդրանքով
Երուսաղէմի
Աթոռին
Համար
անուանուած
ըլլալը։
Այդ
Յիշատակարանը
կը
գրէ
թէ
Մինաս
Վրդ.
գրչագիրը
ստացած
է
ի
յիշատակ
իր
ծնողքին,
Մարկոս
Վրդ
-ին
եւն։
…
եւ
«երիցս
երանեալ»
Եղիազար
Կաթողիկոսին
ասեն,
«յորմէ
(որ
է
Կաթողիկոսէն)
խնդրեցին
ամենայն
մեծամեծքն
Հայոց»
որպէսզի
իր
սիրելի
սպասաւորը
եւ
պաշտօնեան,
Մինաս
Վրդ.
ը,
Երուսաղէմի
հայրապետութեան
վրայ
նշանակէր,
«զի
հասեալ
օգնեսցէ
յարաբարդեալ
պարտուց
գլխադրի
Սրբոյն
Յակոբայ»։
Ու
կ՚աւելցնէ
թէ
մինչ
Մինաս
Վրդ.
Պոլիս
կը
գտնուէր
«ի
գործառնութիւնս
Սրբոյ
Երուսաղէմի,
հանգեա
ի
Քրիստոս
Եղիազար
Կթղս.,
կամ
ի
ՌՃԽ
(1691)
[24]
։
1692
Մարտ
3ին
Մինաս
Վրդ.
Պոլիսէն
նա
կը
մտնէ
եւ
Ապրիլ
15ին
Երուսաղէմ
է։
/27/
Նոյն
տարւոյն
Օգոստ.
18ին,
Հինգշաբթի
օրը,
կատարած
է
Եղիազար
Կթղս.
ի
մահուան
տարելիցքը,
ինչ
որ
իր
Օրագրութեան
մէջ
նշանակած
է։
Երուսաղէմ
կը
մնայ
մինչեւ
1695
Ապրիլ
4։
Հ.
Ակինեան,
Սարալանեանցի
Պատմութիւն
Երուսաղէմի
վրայ
յեց,
1693
թուին
Երուսաղէմ
ժանտախտ
կար,
կը
գրէ,
իսկ
1694
թուին
գահակալական
տարաձայնութիւններ.
բայց
Մինաս
Վրդ.
է
միշտ
Առաջնորդը։
Առ
այս,
Եւդոկիա
1693-1696
տարիներուն
օրինակուած,
—
ի
խնդրոյ
Իգնատիոս
Վրդ-ի,
—
Շարականի
մը
Յիշատակարանը՝
1696
թուին,
Մինաս
Վրդ.
ը
իբր
Առաջնորդ
Երուսաղէմի
կը
յայտնէ։
Անշուշտ
իբր
Աթոռակից
նկատուած
ըլլալու
է,
որովհետեւ
1693
թուին,
Եւքառա
(Կեսարիա)
աւարտած
ուրիշ
Շարականի
մը
Յիշատակարանը,
կը
ճշդէ
Երուսաղէմի
Առաջնորդ
կամ
Պատրիարք
Յովհաննէս
Վրդ.
Պոլսեցիի
կողքին՝
կը
ճանչնայ
«Մինաս
Րաբունապետ»ը։
Մինաս
Ամդեցի
իր
Օրագրութեան
մէջ,
1694
(ՌՃԽԳ)
Յուլիս
13ին,
Ուրբաթ
օր,
Նօթագրած
է.
«գիշերս
զՏէր
Յարութիւնին
զդուռն
եւ
զպատն
շինեցին,
երկրորդ
սահաթին
պրծան։
Առաւօտ
ժամ
չգնացի։
Պատարագ
ի
Սուրբ
Յարութեան
դուռն»։
«1694
Սեպտեմբեր
29,
շաբաթ,
տօն
Գէորգ
Զօրավարին։
Երեկոյ
Նախատօնակ
ի
Ս.
Գէորգ,
վաղուանէ
Պատարագ,
խաչամպուր»
(թղ:
188ա)։
/28/
Շարականի
մը
Յիշատակարանը
1696ին
Եւդոկիա
օրինակուած,
ի
խնդրոյ
Իգնատիոս
Վրդ.
Ճինակենցի,
կը
հաղորդէ
թէ
գրչագիրը
նուիրուած
է
Ս.
Յակոբ
վանքին,
«ի
ժամանակս
առաջնորդութեան
մեծի
քաղաքիս
Երուսաղեմայ
Մինասայ
Ամդեցւոյ
աստուածաբանութեան
Վրդ.
ին...
»։
Ուրեմն
տակաւին
1696
տարւոյն
ընթացքին
Երուսաղէմ
կը
գտնուէր
Մինաս
Վրդ.
[25]
։
1695
Յունուար
1ի
Ամանորի
առիթով,
Մինաս
Վրդ.,
Սաւալանեանցի
պատմածին
համաձայն
«լեռնակողման
լատինաց
վանքին
62
կտոր
պղինձ
եւ
մետաքսահիւս
քերմանի
գործ»
նուէր
տուած
է
[26]
։
1695
Ապրիլ
4ին
չորրորդ
անգամ
ճամբայ
ելած
է
Մինաս
Վրդ.
դէպի
Էջմիածին,
Հալէպ,
Ամիդ,
Չնքուշ,
Թոխաթ,
Կարին
քաղաքներու
վրայով։
1695
Յուլիս
11ին
Հալէպ
է,
ուր
կը
կատարէ
Յովհաննէս
Մկրտիչի
տօնը։
Շատ
շոգ
էր,
կը
գրէ:
Հիւր
եղած
է
Պետրոսեանց
տունը։
1696
Օգոստ.
10ին
Էջմիածին
է։
Կ՚երթայ
Յովհաննավանք,
ուր
կը
գտնուէր
1696
Սեպտ.
8էն
ի
վեր
Նահապետ
Կթղս.
գահընկէց։
Վասնզի
նոյն
1696
Նոյեմբ։
1ին
Ստեփանոս
Վրդ.
Ջուղայեցի,
Պարսից
Շահէն
/29/
հրամանագիր
մը
հանել
տալով
ի
նպաստ
իրեն,
գրաւած
էր
Էջմիածնի
Աթոռը։
Մինաս
Ամդեցին,
Նոյեմբ.
2ին,
համախումբ
12
եպիսկոպոսներու
հետ
նախագահած
է
օծումի
արարողութեան.
«Ես
եդի
ձեռն
ի
վերայ,
կը
գրէ,
եւ
ես
օծի
զգագաթն։
Սահակ
Վրդ-ն
քարոզ,
օծման
ծանուցումն
ես
եւ
ժողովուրդ
քիչ»
[27]
։
1696
Նոյեմբ.
7ին
Ամդեցին
Ղոշավանք
կ՚առանձնանայ,
եւ
հոն
կը
մնայ
մինչեւ
1697
Յունուար
15։
Կ՚այցելէ
Թալինի,
Ս.
Սարգիսի,
Փարպիի
վանքերը։
1697
Փետր.
4ին
Երեւան
կ՚երթայ
շնորհաւորելու
Նահապետ
Կաթողիկոսը,
որ
վերադարձած
էր,
իբր
օրինաւոր
աթոռակալը,
Ս.
Էջմիածնի
Աթոռին
վրայ։
Նոյն
տարւոյն
Փետր.
17ին,
Երեւան,
այցելութեան
մը
առիթով,
հետեւեալ
միջադէպը
արձանագրած
է
Օրագրութեան
մէջ:
«Ստեփանոս
Կաթողիկոսն,
—
հակաթոռը,
որ
պաշտոնանկ
եղած
էր
Շահին
հրամանով,
—
եկաւ
մօտ
Նահապետ
Կաթողիկոսին,
թէ
ինձ
օգնեա.
զՋուղայու
եւ
զԳողթնայ
տան
նուիրակութիւնն
տուր,
որ
Աղէքսանդր
Վրդ.
ն
գնա
նուիրակէ
եւ
զհազար
թումանն
Շահին
վճարէ,
եւ
ես
ծառայ
ձեզ։
Եւ
գնաց
դարձեալ»
[28]
։
/30/
Ստեփանոս
Ջուղայեցին,
Շահին
հրամանով
պաշտոնանկ,
1000
թումանի
տուգանքին
ենթարկուած
էր
իր
պատիժ,
որովհետեւ
զինք
խաբած
էր՝
ամբաստանելով
Նահապետը։
Այս
գումարը
կարենալ
գոյացնելու
համար
է
որ
Ստեփանոս
Վրդ.
կը
խնդրէ
Նահապետ
Կթղս.
ն,
որպէսզի
Աղեքսանդր
Վրդ.
Ջուղայեցիին
նուիրակութիւն
տայ
յիշեալ
երկու
գաւառներուն
վրայ,
որպէսզի
հանգանակէր
ժողովուրդէն։
1698
Օգոստ.
16ին
Մինաս
Վրդ.
կը
մեկնի
Պոլիս,
ուր
կը
հասնի
Հոկտ.
24ին։
Մինչեւ
1701
Սեպտ.
1
Պոլիս
կը
մնայ։
Երկու
անգամ
Անդրիանապոլիս
կ՚երթայ
իր
Երուսաղէմի
Պէրաթին
հաստատութեան
համար,
իրեն
մրցակից
Գալուստ
Վրդ.
Կայծակին
դէմ։
Մինաս
Ամդեցիի
Օրագրութեան
մէջ
տեսանք
թէ
նա
1690ին
Եղիազար
Կթղս.
էն
արդէն
Երուսաղէմի
վրայ
նշանակուած
էր։
Ասիկա
կը
հաստատէ
նաեւ
Միքայէլ
գրիչ,
Նարեկի
Ողբերգութեան
Յիշատակարանին
մէջ,
վերը
մեզմէ
յիշատակուած,
թէ
ազգին
մեծամեծներուն
խնդրանքին
վրայ
Կաթողիկոսը
զինքը
անուանած
էր,
իր
մահէն
քիչ
առաջ,
1691
Օգոստ.
8ին
[29]
։
Տեսանք
նաեւ
թէ
1692
Ապրիլ
15ին
Մինաս
Վրդ.
Երուսաղէմ
մտած
էր։
Ցորքան
Յովհաննէս
Պոլսեցի
Պատրիարքը
դեռ
կենդանի
էր,
իբր
անոր
աթոռակից։
1694ին,
/31/
գահակալական
տարաձայնություններ
ծայր
տուած
էին,
ըստ
Սաւալանեանցի։
Ծանօթ
է
թէ
ունէր
մրցակից
մըն
ալ
յանձին
Գալուստ
Վրդ.
Կայծակին։
Ահա
այս
դէպքերուն
է
որ
կ՚ակնարկէ
1698ին
իրմէ
գրուած
Յիշատակարան
մը,
որ
կը
կրէ
1698
թուականը։
Այս
գրչագիրը
կը
յիշատակէ
Հ.
Ակինեան։
Յիշատակարանէն
մեզ
կը
շահագրգռեն
հետեւեալ
կէտերը.
«...
Ես
պիտակ
Մինաս
Վրդ.
ս,
որ
եմ
աշակերտ
Տեառն
լուսաւորեալ
Հոգի
Սրբազան
Եղիազար
Կաթողիկոսի...
»,
Արեւելքէն
Պոլիս
եկայ,
«ըստ
խնդրոյ
ամենայն
քաղաքացւոց
արզիւ
եւ
մահսարով
վասն
առաջնորդութեան
գործառնութեան
ընտրեալ
զանարժանութիւնս
մեր,
որպէս
որ
յառաջագոյն
խնդրեալ
էին,
եւ
մեք
եւս
վասն
այն
գործառնութեան
կայաք,
(յ)ոմանց
եկամտից
արանց
բազում
նեղութիւնս
կրեցաք
յայսմ
ամի։
Յետ
որոյ
կրկին
հրաւիրեցաք
Առաջնորդ
ի
Ս.
Երուսաղէմի.
եւ
ստացայ
զայս
Քարոզագիրքս…»,
զոր
գրել
տուած
է
Ստամպոլցի
Չոլախ
աբեղային
[30]
։
Ա.
Տէր
Յովհաննէսեանցի
համաձայն,
Կ.
Պոլսեցի
Յովհաննէս
Պատրիարքի
մահէն
յետոյ
(1897),
Պոլսոյ
գլխաւորները
ընտրած
են
Գալուստ
Վրդ.
Կայծակ,
որ
սակայն
Երուսաղէմ
չէ
մտած,
այլ
Սրբավայրին
անունով
հանգանակած
գումարը
կը
վատնէ .
ուստի
վար
առած
են
ու
հրաւիրած
Մինաս
Վրդ.
ը։
/32/
1696ին,
տակաւին
ողջ
էր
Յովհաննէս
Կ.
Պօլսեցին,
ուստի
Մինաս
Վրդ.
Առաջնորդ
Աթոռակից
է,
առանց
արքունի
Պէրաթի։
Ա.
Եպս.
Տէր
Յովհաննէսեանց
ալ
արքունի
Պէրաթին
տուչութիւնը
ի
նպաստ
Մինաս
Վրդ.
ի
ի
կը
զետեղէ
1699
թուին,
մինչ
Գալուստ
Վրդ.
ն
ալ
կը
հետապնդուի
իբր
վատնիչ
Սրբավայրի
համար
տրուած
նուէրներուն
[31]
։
Մաղաքիա
Դպիր
Ճէվահիրճեանի
Գաւազանագիրքը,
գրուած
1713ին,
Եպիսկոպոսք
Երուսաղէմի
Հայոց
վերնագիրին
ներքեւ,
1689
(ՈՃԼԸ)
թուին
նշանակած
է
Գալուստ
Վրդ,
որ
է
Կայծակ
յորջորջուածը։
Իսկ
1699
(ՌՃԽԸ)
թուին՝
Մինաս
Վրդ.
Ամդեցի
նշանակած
է,
ուր
կը
յարէ
նաեւ
այս
մանրամասնութիւնը։
«Սա
եկեալ
յԷջմիածնէ
զՏրապիզոնաւ
ի
Պոլիս,
գնաց
ընտրութեամբ
ազգին
յԷտրնէ,
եւ
անդ
խիլայեցաւ
պատրիարքական
իշխանութեամբ,
ՌՃԽԸ
(1699)
յերկուսն
Յունուարի»,
անշուշտ
հասկնալու
է
պաշտօնապէս
իբր
Պատրիարք,
արքունի
հրամանագիրով
խիլայուիլը,
ինչ
որ
կը
համապատասխանէ
Օրագրութեան
տուեալնելու
[32]
։
/33/
Այս
դէպքին
արձագանգը
կը
հասնի
մեզի
նաեւ
նոյն
ինքն
Մինաս
Վրդ-ի
մէ,
նամակէն,
դրուած
1699
Հոկտ։
20ին,
Պոլիսէն,
բարեկամի
մը
որ
Հռոմ
կը
գտնուէր,
որու
կը
հաղորդէ
թէ
ինքը
վերահաստատուած
է
Երուսաղէմ
ի
վրայ,
իսկ
Գալուստ
Վրդ.
Կայծակ
Եւդոկիա
աքսորուած
[33]
։
Ս.
Յակոբի
Մատենադարանի
թիւ
1234
Ձեռագիրը,
Տօնացոյց
երից
ազգաց,
խմբագրուած
1890ին
Եր.
Կոմիտաս
Քհյ.
Քէօմիւրճեանէն
եւ
ընդօրինակուած
1699
թուին
Խաչատուր
Սիլիստրացիէն,
ի
վայելումն
Գրիգոր
Վրդ.
Համդեցիկ,
կը
հաստատէ
վերոյիշեալը,
գրելով
«ի
Հայրապետութեան
Սրբոյ
Գահոյս
Տեառն
Մինասայ
քաջ
Հռետորի...
»,
որ
նոյն
Մինաս
Վրդ.
Ամդեցին
է
[34]
։
1700
Մարտ
21
թուակիր
Գիր
Օրհնութեան
մը
առաքած
է
Մինաս
վրդ.
Ամդեցին,
Երուսաղէմի
Պատրիարքի
իր
հանգամանքով,
Պոլսեցի
բարերարի
մը
Քէրէսթէճեան,
ի
շնորհակալութիւն
անոր
ղրկած
շինարարական
ապրանքներուն
[35]
։
1703
թուին,
ուրիշ
Յիշատակարան
մը,
ի
վայելումն
Աստուածատուր
Վրդ
ի
գրուած,
/34/
Եւդոկիա,
«ի
Հայրապետութեան
Նահապետ
Կաթողիկոսի,
եւ
ի
Պատրիարքութեան
Սուրբ
Երուսաղէմի
Տէր
Մինասայ
Աստուածաբան
Վրդ.
ի.
եւ
յառաջնորդութեան
Եւդոկիոյ
Տէր
Գալուստ
Արքեպս.
ի
…»
[36] :
Հ.
Ակինեան
կը
գրէ
թէ
մինչեւ
1702
Մայիս
ամիս
Մինաս
Վրդ։
Ամդեցին
կը
ստորագրէ
«Ես
Տէր
Մինաս
Արքիեպիսկոպոս
եւ
Պատրիարք
Երուսաղէմի»,
երբ
տպարան
կը
յանձնէր
Նաբ
րեկեան
կտորները
[37]
։
[1]
Ակինեան
Հ.
Ն.,
Մինաս
Ամդեցի
Պատրիարք
Երուսաղէմի,
ՀԱ,
1960,
թիւ
7-9,
էջ
321–360։
[2]
Պողարեան
Եպս.
Նորայր,
Երուսաղէմի
Ցուցակ
Ձեռագրաց
(յետ
այսու
ԵՑՁ),
Հտ.
Դ.,
էջ
400,
Ձեռ,
թիւ
892։
[3]
Ակինեան
Հ.
Ն.,
անդ,
էջ
332։
[4]
ԵՑՁ,
Հտ.
Դ.,
Ձեռ.
թիւ
1253։
[5]
Սրուանձտեան8
Գ.,
Թորոս
Աղբար,
Բ,
էջ.
464-465։
[8]
Նշանեան
ԵՊՍ.
Մ.,
Օրագրութիւն
Երեմիա
Չէլէպի
Քէօմիւրճեանի
(յետ
այսու
ԵՉՔ),
Երուսաղէմ,
1939,
էջ
ՀԹ—Ձ.
ծնթ.
1։
[9]
Ակինեան
Հ.
Ն.,
անդ,
էջ
339:
[10]
ԵՑՁ,
Հտ.
Գ.
էջ
400,
Ձեռ.
թիւ
892։
[11]
Թորոս
Աղբար,
Բ.,
էջ
458–459։
[12]
Բազմ.
1966,
էջ
235–236։
[14]
ԵՑՁ,
Հտ.
Թ.,
էջ
370,
Ձեռ.
թիւ
3144,
թղ։
583ա։
—
Մաշտոցեան
Մատենադարան,
Ցուցակ
Ձեռագրաց
(կետ
այսու
ՄՄ
ՑՁ),
Ձեռ.
թիւ
1370։
—
ՀԱ:,
1960,
էջ
326։
[15]
Ակինեան
Հ.
Ն.,
անդ,
էջ
326։
[16]
ՄՄՑՁ,
Ձեռ.
թիւ
1483։
—
ՀԱ,
1960,
էջ
325։
[17]
ԵՑՁ,
Հտ.
Ա.,
418,
Ձեռ.
թիւ
3156։
[18]
Archivio
de
Propaganda
Fide,
Scritture
Originali
=
AP,
SO.
Armeni,
vol.
4,
f.
272:
[19]
ԵՑՁ,
Հտ.
Ա,
Ձեռ.
թիւ
2018
[20]
Թորոս
Աղբար,
Բ.,
էջ
458–459։
[21]
Ակինեան
Հ.
Ն.,
անդ,
էջ
329։
—
Խաչատուր
Վրդ.
Առաքելեան,
1699
Հոկտ.
20ին
Հռոմ
ղրկած
մէկ
նամակին
մէջ
կը
գրէ
թէ
Էջմիածնէն
Պոլիս
վերադարձին,
Գալուստ
Վրդ.
Կայծակի
ձեռքէն
պէրաթը
առած
էին
եւ
աքսորած
Թոգաթ
(AP.
SO.
Armeni,
vol.
4,
f.
607):
[22]
ԵՑՁ,
Հտ.
Դ.,
էջ
561-565։
[23]
Գէորգեան
Գ.,
անդ,
էջ
237:
Հեղինակը
կը
խոստանայ
Չնքուշապատում–ի
մէջ
սոյն
Օրագրութիւնէն
հրատարակել
24
էջեր,
որոնք
կը
հային
Չնքուշի։
[24]
ԵՑՁ,
Հտ.
Է.,
էջ
597,
Ձեռ.
թիւ
2010.
մեծ
Յիշատակարան։
–
ԵՉՔ,
էջ
ՃԲ,
ծնթ.
1։
[25]
ԵՑՁ,
Հտ.
Ա.,
էջ
571—572.
Ձեռ.
թիւ
201,
Ձեռ,
թիւ
224,
էջ
610։
[26]
Ակինեան
Հ.
Ն.,
անդ,
էջ
328։
—
Սաւալանեանց
Տ.,
Պատմութիւն
Երուսաղէմի,
Երուսաղէմ,
1872,
էջ
628։
[27]
ԵՉՔ,
էջ
ՃԽԲ։
—
ԵՑՁ,
Հտ.
Դ.,
էջ
564–565։
[28]
ԵՑՁ,
Հտ.
Դ.,
էջ
564–565։
—
Չամչեան
Հ.
Մ .,
Պատմութիւն
Հայոց,
Հտ.
Գ.,
Վենետիկ,
1786,
էջ
725։
[29]
Ակինեան
Հ.
Ն.,
անդ,
էջ
326։
[30]
ՄՄՑՁ,
Ձեռ.
թիւ
579։
—
Ակինեան
Հ.
Ն.,
անդ,
էջ
329։
[31]
ԵՑՁ,
Հտ.
Ա.,
Ձեռ.
թիւ
201։
—
Յովհաննէսեանց
Եպս.
Ա.,
Ժամանակագրական
Պատմութիւն
Ս.
Երուսաղէմի,
1890,
էջ
416-417։
[32]
ԵՑՁ,
Հտ.
Բ.,
էջ
43,
Ձեռ.
թիւ
462։
–
«Սա
եկեալ
յԷջմիածնէ
զՏրապիզոնաւ
ի
Պօլիս,
գնաց
ընտրութեամբ
ազգին
յԷտրէնէ,
եւ
անդ
խիլայեցաւ
պատրիարքական
իշխանութեամբ,
ՌՃԽԸ
(1899)
երկուսն
Յունուարի»
(ըստ
իր
Օրագրութեան)։
Կը
գրէ
Մաղաքիա
Դպիր
Ճէվահիրճի,
Երուսաղէմի
իր
Գաւազանագրքին
մէջ։
1899
Յունուար
2էն
մինչեւ
1704
Նոյեմբ։
24
Պատրիարք
կը
ճանչնայ
Երուսաղէմի։
[33]
AP.
SO.
Armeni,
vol.
4,
f.
604:
[34]
ԵՑՁ,
Հտ.
Դ.,
էջ
382,
Ձեռ,
թիւ
1234։
[35]
Ձեռ.
Ս.
Ղազարի,
թիւ
1887,
Չ,
զ:
[36]
Սիւրմէեան
Եպս.
Ա.,
Մայր
ցուցակ
Ձեռագրաց
Երուսաղէմի,
Վենետիկ,
էջ
72բ։
[37]
Ակինեան
Հ.
Ն.,
անդ,
էջ
330։