Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ե հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ
(1852 - 1908)

Մարդեր կան, իմաստի ինչպէս գործողութեան բոլոր մարզերէն, որոնց արդիւնքը, ստեղծած հոսանքները կ՚անցնին զիրենք։ Ուրիշնե՛ ր՝ որոնց փառաւոր համբաւը յաճախ տրտում պատանքի մը պէս կը պարուրէ անոնց դագաղները, անհետ խոյս տալու համար գերեզմանին իսկ դռնէն, ապագային ձգելով դժբախտ հարկը այդ առեղծուածները հասկնալու: Համբաներուն ճակատագիրն է չքանալ կամ ազատիլ։ Առանց դիմելու ընդհանուր գրականութեանց մէջ արձանագրուած բազմաթիւ փաստերուն, կը բաւականանամ տալով, առաջին կարգին համար, անունը Ռաֆֆիին։ Երկրորդէ՞ն։ Սիպիլ մը՝ եթէ կ՚ուզէք։

Արփիա՞րը։

Թող ներուի ինծի այդ երկու եզրերուն մէջտեղը տեղաւորել գործ մը որուն ընդարձակութիւնը, բազմազանութիւնը, մանաւանդ առաջացուցած հակազդեցութիւնը քիչերու մօտ հասան այդ կատարելութեան։ Քննադատին համար դժուար է արդարեւ իրարու մօտեցնել՝ եթէ ոչ հաշտեցնել, երկու հակամարտ երեւոյթները մէկ անձի վրայ։ Եւ սակայն իրականութիւնը տարբեր չէ եղած:

Արփիար Արփիարեան մէկն է այն գրագէտներէն՝ որոնց ամենէն աւելի պարտական ըլլայ արեւմտահայ գրականութիւնը. ու ասիկա՝ անկախաբար տաղանդի հարցէն։ Նոյն ատեն մէկն է անիկա որ մատաղ երիտասարդութենէն մինչեւ ողբերգական վախճանը, անօրինակ որքան խռովայոյզ պայմաններու հանդէսով մը, անդադար գրիչ շարժեց. աշխարհէ աշխարհ, պատրանքէ պատրանք, կործանումէ կործանում, եղաւ կուռքը ուղիղ երկու սերունդի, տալով անոնց իմացական ու զգացական հետաքրքրութեանց՝ իր օրերուն տրամադրելի, կարելի հանգանակներ. ողողեց մեր գրական անդաստանին կարեւոր որքան խուլ անկիւնները (Թիֆլիս, Պոլիս, Վենետիկ, Բարիզ, Լոնտոն, Գահիրէ, չյիշելու համար հեռու հիւսիսը եւ արեւմուտքը), բայց գերեզման իջաւ, տրտում բախտովը ճիղճ հատորիկներ կտակելու մեր իմացական թանգարանին, մեզի ձգելով նոյնքան տրտում պարտքը` իր տարօրինակ անձնաւորութիւնը, ինչպէս անհաւատալի գործունէութիւնը վայել արդարութեամբ տարազելու:

Քիչ գրագէտներ, մեր մէջ ինչպէս նաեւ միջազգային կրկէսէն, թափի սա ուժգնութեամբ, յամառութեամբ ու նաեւ աւա՜ղ` յիմարութեամբ խառնուեցան իրենց օրերու մեծ ու պզտիկ, բարձր կամ փուճ պայքարներուն, անխնայ վատնելու համար իրենց տաղանդը խոշորցուած, կամովին խորանարդուած դատերու սպասին։ Իր վէճերուն ընթերցումը մտքիս մէջ կ՚արթնցնէ Վոլթէռի խառնակչութիւնը ու յանձնապաստանութիւնը քիչ մը։

Իջնելով ասպարէզ, գրական մեր անդրանիկ շարժումէն (մեր ռոմանթիզմը) վերջ, որ, հակառակ ինքզինքը ամբողջութեամբ տուած ըլլալուն, դեռ պիտի յամառի տեւել երկրորդական դէմքերու (աւելի յաւակնոտ բայց նուազ տաղանդաւոր) վրայով, ու մանաւանդ վտանգը դառնալ նոյն այդ գրականութեան (ուրիշ բան չէ ըրած գրաբարի յետաշրջական դպրոցը, որ բացի լեզուին վրայ փորձած իր խժդուժ բռնութենէն, յաւէրժացնել ձգտեցաւ լուսիններու եւ լճակներու դժբախտ տաղասացութիւնը), Արփիար Արփիարեան, իր հակազդեցութեան մեծ զգայարանքովը, իր կիրքերուն սաստկութեամբը, իր երբեք ազնուապետական կամ երեսպաշտական խառնուածքին հեղումովը, ինքնաբերաբար կեդրոն մը դարձաւ, հոս ու հոն ծլարձակուող ուժերը աւազանող։ 1885ին տիրական դէմք է այս քարտուղարը։

Տեսակ մը անկիւնաքար, դրուած շրջաններու հանգոյցին։ Իր անունին կապուած պիտի մնայ արեւմտահայ միտքին ամենէն գեղեցիկ ճիգը, իրապաշտ շարժումը ։ Մեղք որ այսքան օժտուած իմացականութենէ մը, այսքան հարուստ խառնուածքէ մը, այսքան առատ գործունէութենէ մը մեր գրականութիւնը հարկադրուած ըլլայ այսքան քիչ բան պահելու։ Իրեն հետ աշխատողները այլապէս պիտի նպաստէին մեր հաւաքական հարստութեան, իրենց փոքր միջոցներուն հակառակ, ստորագրելով կարելի գործեր: Վարժապետին Աղջիկը, Աղջկան մը Սիրտը, Բաշալեանին պատկերները, իբրեւ քանակ ու որակ վար չեն մնար այն հարստութենէն որ Արփիարեանի կտակը կը կազմէ մեր գրականութեան: Եւ սակայն յիշուած հեղինակներուն մօտ՝ իր դէ՜մքը որքա՛ն բացառիկ, շնորհայեղց։

 

1
ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

Ծագումով Ակնեցի, (անտե՞ղի՝ հոս ակնարկել այս քաղաքի տուրքին, մեր միջին ու նոր մատենագրութեան ու զմայլելի՝ անգիր այն բանահիւսութեան, որմէ հրատարակուած նմոյշներ խոր կսկիծով մը կը վիրաւորեն մեզ այսօր, կորսուածին ետեւէն), շոգենաւին վրայ, դէպի Պոլիս, իր աչքը բացող այս մանուկը, իր ընկալուչ առաջին ու երկրորդ մանկութիւնները կ՚անցընէ քաղաքներու քաղաքին անտարազելի յոյզերուն մէջ ու նախնական կրթութիւն մը անգամ ճարելու ատեն չունեցած` շունչը կ՚առնէ Վենետիկ։

Տեղը չէ հոս ծանրանալ իմաստի այս կեդրոնին ընդհանուր դերին։ Բաւ է միայն թարմացնել մեր մտքին մէջ այն բացառիկ ոգեւորութիւնը, որով կը թրթռան մենաստանին լռանիստ կայանները, շունչին տակը ԺԹ. դարու մեր անդրանիկ քերթողներուն (Բագրատունի, Հիւրմիւզ, Ալիշան), հեղինակ եւ ուսուցիչ նոյն ատեն։ Արփիարեան կ՚առնէ այդ ոգիէն իր անմար խանդավառութիւնը, ցեղային գիտակցութեան այն մասնակի մկրտութիւնը որ Մխիթարեաններուն անկորուստ առաքինութիւնը պիտի խորհրդանշէ ամբողջ երկու դարու վրայ, ու մեր անցեալը զգալու, հագնելու, մշտապէս իր մէջ ունենալու այլամերժ մենամոլութի՛ւնը՝ որով կը զատուի իր գրականութիւնը իր ընկերներուն արդիւնքէն եւ ուղղութենէն։ Գրական չըսելու համար քաղաքական ռոմանթիզմը, որ այնքան այլատարազ ձեւով մը երեւան պիտի գայ Արփիարեանի գործունէութեան երկար շրջանին մէջ, սխալ չէ հաստատել այդ մեծ դէմքերուն իբր արտածորումը մատաղ պատանիին հեշտընկալ ջիղերուն վրայ: Այս մտերմութիւնը, քիչիկ մը հասարակաց՝ Պէշիկթաշլեանէն մինչ եւ… Վարուժան, ոչ ոքի քով պիտի գտնէ սա միապաղաղ կատարելութիւնը որքան Արփիարին մօտ։ Վարդապետները իրենց ըղձաւորութեանց, անտարազելի երազներուն անկարող սպասարկուներ, անոր տուին գործողութեան խուլ իրենց ցանկութիւնները: Յետոյ, վանքէն դուրս, տարօրինակ ուրիշ աշխարհ մը զայն ամրապէս կը կապէ իրեն: Իտալական, գերմանական միութիւնները։ Յունական ու պալքանեան միւս ազատագրութիւնները։ Ու մեզի համար սկսած՝ աղէտալի կրկներեւոյթը քաղաքական մեր հզօր պատրանքին: Մեր անցեալին հսկայ խառնարանին մէջ, որ Ս. Ղազարու մենաստանին երկդարձեան սպասովը պիտի ջանար իր լոյսը արձակել մինչեւ հեռաւոր ու նսեմ անկիւնները մեր նիւթական ու աննիւթ հայրենիքին, Արփիարեանի վիճակուած սա հոգեկան յօրինումը անգամ մըն ալ պիտի չհանդիպինք իրմէ վերջ։

Պոլիս։ Ազգային կեանք։ Զոր հարկ է իր ճիշդ եզրերուն վերածել, քանի որ հալածանքի ազդակները կը գործեն արդէն։ Մթնոլորտին մէջ դեռ բաբախուն է սակայն զարթօնքի սերունդին գեղեցիկ ոգեւորութիւնը։ Բեմերը դեռ կը թրթռան մեծ ձայներու արձագանգովը: Գրաքննութիւն եւ բռնակալութիւն այդ խանդավառութեան կը կտրտեն թեւերը, բայց չեն կարող խորտակել թռիչքը: Ազգային ժողովը հսկողութեան տակ է անշուշտ։ Բայց թաղերու խորհրդարանները, պատրիարքարանը կը վայելեն տեսակ մը ներքին ազատութիւն։ Ու հարցերու հարցը, զոր պատերազմը (1878) կանխող ու անմիրջապէս յաջորդող ազգային մարմինները կը ջանան փոխակերպել, նոր պայմաններու ընդմէջէն, կը ստանայ անակնկալ կերպարանք։ Արփիարեանի կեանքին ուրուաստուերն իսկ մեզ կը դնէ հարկին տակը խոշոր շեղումներու, գրական կալուածէն դուրս, բան մը զոր ինծի չ՚արտօներ այս աշխատութեան թեքնիկ նկարագիրը: Բաւ է դիտել տալ թէ Փորթուգալեան շարժումը եւ Հնչակ ի հրատարակութիւնը իրարմէ կը զատուին Արեւելք ի երեւումովը (1883), որուն հոգին է պատրիարքարանի տարօրինակ այս քարտուղարը` Արփիար Արփիարեան։ Կը խմբագրէ Մասիս ը։ Հայրենիք ին (1890) հոգին է: Նոյն ատեն քաղաքական գաղտ գործունէութեան մը խստեռանդն սպասարկու:

1885–95ի տասնամեակը մեր նորագոյն պատմութեան ամենէն կենդանի մէկ շրջանը չի ներկայացներ միայն, այլ մեր գրականութեան համար իսկական ոսկեդար մըն է, տարազին տալով մեզայատուկ երանգ մը, ճիշդ ու ճիշդ նման անոր զոր տուած ենք հինգերորդ դարու մեր իմացական անդրանիկ ճիգը բացատրելու ատեն։ Յեղափոխական խմորումը, ասոր առաջին արդիւնքները, մեր ժողովուրդի հոգիին բացուած մեծատարած երազին խռովքները, հետզհետէ ընկրկող արեւելքին ճնշումը մեր միտքէն ու բարքերէն, սկսող (կարդալու) հասարակութիւն մը, պոլսամերձ գաւառներու մէջ նիւթական քիչ ու շատ տանելի պայմանները իրարու կուգան որպէսզի իսկապէս ընկերային տարողութեամբ գրական շարժում մը ծնի, զարգանայ, հասնի կատարելութեան, մեր իմացական կեանքին բոլոր հետաքրքրութիւնները իր մէջ աւազանող: Այդ տասնամեակին մէջ, ուրկէ այնքան յարգելի անուններ պիտի արձանագրուին մեր դպրութեան տոմարին նիհար էջերուն, ոչ ոքի դէմքը պիտի հասնի այն տիրական, ընկլուզող հմայքին որքան Արփիար Արփիարեանինը:

Իր օրերուն սա շատ արագ ուրուագրումին մէջ թող ներուի ինծի մոռնալ հէքեաթը, որ ճակատագրական կրկներեւոյթն է մեր հանրային աշխատաւորներուն մեծ մասին համար։ Չյիշել իրեն դէմ բանաձեւուած նոյնիսկ արդար նկատուող ամբաստանութիւնները որոնք գրականութեան պատմութիւն մը այնքան քիչ կը շահագրգռեն, որոնք զինուորականի մը մօտ գրական տուրքերուն վերհանումը` այդ մարդուն ընդհանուր արժէքին վրայ, ըսել կ՚ուզեմ՝ ճակատամարտներ շահելու անոր պարտքին վրայ։ (Իր մեղայագի՞րը։ Կը փորձուիմ մեղադրել ոչ թէ ճակատագրէն իրեն մատուցուած այդ տախտակին վրայ իր բառերը գրելու անխուսափելի իր հարկադրանքը, այլ մեղայագիրը կարելի ընող պայմաններուն մէջ ինքզինքը նետած ըլլալը):

Չմոռնալ, սակայն որ անիկա մարդը եղաւ իր վրայ մահափորձեր հրաւիրող, ու իր աչքերը փակեց եղբայրասպան գնդակէն: Անշուշտ տխուր այս իրականութիւնը փաստ մըն է աւելի տխուր համբաւի մը։ 1896էն յետոյ ան թափառական անդրանիկ սերունդին հետ կը քաշկրտուի Հինէն Նոր Աշխարհ։ Եւ Բարիզ, Լոնտոն, Վենետիկ, Գահիրէ, միշտ թերթեր հիմնելով, զանոնք արագ եւ դիւրաւ կործանելու եզակի տաղանդով մը. իր հետքերուն վրայ միշտ զգալով իր յարուցած կիրքերուն, ատելութեանց ամբողջ բանակը, զանոնք հրահրելու, իր վրայ քաշելու իր յամառութեան մէջ հասնելով վսեմ այլուրութեան մը։ Չէր կրնար չծառայել ։ Հոգ չէ թէ մահուան գինով։ Ազգային դատը ու ազգային գրականութիւնը երկու եզրերն են իր թշուառ, վտարանդի գոյութեան։ Կը ծառայէ, միշտ գրելով, միշտ յուսալով, աւելի քան խանդավառ, երբ մեր դատին առաջին մէկ երկու վարագոյրները իջած էին արդէն եւ տռամին հանգոյցը կասկած չէր թողուր հաւանական լուծումէն։

Ողբերգական իր մահը, Գահիրէի փողոցներուն մէջ, կարմիր, սրտառուչ պատմուճան մըն է այս անհաստատ, երբեք հաւասարակշիռ կեանքին բոլոր անկումները, սայթաքումները, տրտմութիւնները եթէ ոչ սրբացնող, գոնէ ծիրանի ընծայող։ Նոյն ատեն առիթ մը՝ որպէսզի արդարութիւնը չսակարկուի մեծ իր առաքինութեանց իր կորովին, որ չթուլացաւ. իր հաւատքին, որմէ չկրցան պարպել մութ ուժերը մեր ու արտաքին թշնամիներուն. իր այնքան արգասաւոր գրական դերին որ մինակը բաւ է հակակշռելու իր միւս շնորհները, չէզոքացնելու իր հէքեաթը: Մեր գրականութեան ամենէն յաջողակ, կատարելատիպ շարժումը դժուար պիտի ըլլար ըմբռնել առանց Արփիարեանի։

Արագ, կը խոստովանիմ նոյնիսկ ուրուագրային իսկ հանգամանքէ զուրկ սա տողերը նպատակ չունին սեւեռել ամբողջ ոգեւորութիւն, ամբողջ անհաւասարակշռութիւն, ամբողջ «ծփանք» միայն այդ կեանքին դժուարահաս իմաստը։ Մէկն էր անիկա, որ ծնած էր հաւատախոր, աննահանջ աշխատաւոր մը ըլլալու մեծ ու ա՛լ իր խաղաղութիւնը տիրապետած ժողովուրդի մը մտքի ճամբաներուն վրայ, ընկերային շեշտ նպատակներու նուաճումին յատկացնելու համար իր միտքին բոլոր զօրութիւնները, ինչպէս այսօր կը հաստատենք ատիկա արեւմտեան ազգերու մարտնչող գրագէտներու փաղանգին մէջ, ու իրագործելու յառաջադէմ, արմատական հանգանկներու յաղթանակը դժբախտ ու տխուր, մութ ուժերուն վրայ։ Մէկն էր անիկա, որ առնուազն կէս դար ուշ էր աշխարհ գալու, քանի որ մարգարէները ամենէն աւելի գերութեան շրջաններ կը կերպարանափոխեն։ Զոր բախտը նետեց սակայն փոքր ու տխուր ժողովուրդի մը ամենէն ահաւոր երկպառակութեան ու անհասկացող կիրքերու գուպարներուն բախման կէտին։ Գրականութեան պատմութիւնը դիւրաւ պիտի ըլլար ձեռնթափ անոր կեանքէն, եթէ չհաստատէր անոր մէջ գրական վարպետի անդրանիկ, վաւերական դէմք մը, վասնզի բախտը երբեմն առաջնորդողի դերը կը վստահի տաղանդէն անկախ տուրքերու: Արփիարեան լաւագոյն կերպով չի՞ խորհրդանշեր նոյն այդ գրականութիւնը, այնքան անհաւասար իր արդիւնքներուն մէջ իսկ մնալով համակրելի. գէթ իր ձգտումներուն տիրական, անշահախնդիր պարզութեամբը, ժողովուրդի մը ծոցին՝ որ արուեստի համար այնքան սխալ կամ գէշ է պատրաստուած։ Այսօր, սփիւռքի մեր գրողները չեն կրնար ըմբռնել թէ ինչ հերոսութիւն կար 1880ին, այնքան արգելիչ ազդակներու ընդդէմ, կրկէս իջնել 1940ի առաջաւոր ընտրանիի մը (եւրոպական գրականութիւնները եւ ասոնց ընկերային հոսանքները ղեկավարող ուժերը չունիմ նկատի) հանգանակներով եւ աշտարակեան կամ վանական, կամ վարժապետական ցանկութիւններու վրայ գրոհ բանալ, յայտնապէս վտանգելով ապահով համբաւ մը, աւելի յետոյ՝ գլուխ մը, որպէսզի իր ժողովուրդը ստանար արեւմտեան ճշմարիտ արուեստին բարիքները, երեւան գար հասարակաց զգայնութիւն մը ու իրագործուէր դարերով երազուած հոգեկան ամբողջութիւնը Ասիոյ մէջ դարերու գերութեամբ մը իր խարիսխներուն մէջ հիմնայատակ մարդոց խումբին, այն օրերուն բառով՝ համայնքին:

Իր օրով է որ զարթօնքի սերունդին հանգանակները թափանցում ու կաղապար կը գտնեն զանգուածէն ներս, լքելով առանձնապաշտ մանտարին ներուն մատենադարանները, կեղծ, հռետոր ազգայնականութեան մը հնաբոյր շպարը ու կը խորանան մարդոց հասկցուած, դժուարաւ տիրացուած նպատակներէն անդին, կազմելու համար առաջին իրական խաւը մեր հասարակութեան, գէթ անոր ամենէն ազնուատարր հատուածին որ նոյնն է գրեթէ բոլոր ազգերու մօտ, այն ձեռներէց, զոհաբերող, հաւատայեղց, երազատենչ դասակարգը որով ցեղ մը ժամանակի տոմարներուն վրայ իր կնիքը կը դնէ։ Միլիոններու հասնող բազմութիւններուն փոխանորդումը իրագործող ու աւելի ընտանի տարազով մը՝ սերունդ յորջորջուող իրականութիւն մը (անշուշտ գործը չէ բացառաբար Արփիարեանին։ Բայց իր տաղանդակիցներէն ոչ ոք իրեն չափ ամրասեւեռ պահած է մեծ գիծերը իր ժամանակներու ընկերութեան։ Քիչ վերը անոր մէջ փորձեցի խորհրդանշան մը տեսնել արեւմտահայ գրականութեան: Չեմ վարանիր ընդարձակել վարկածը ու հաստատել անոր խռովայոյզ գոյութեան եւ անմուրատ շիջումին մէջ ճակատագիրն իսկ նոր ժամանակներու մեր գերագոյն ճիգին, հայ յեղափոխութեան։ Երբ մեր իմացականութիւնը ինքզինքը կը հանդերձէ նոր շրջաններու ըմբռնումին ու հեռապատկերներու ընդգրկումին, երբ մեր արուեստը իր ակօսները կը բանայ դէպի զանգուածը, անոր ընդերքն ի վար հոսելու համար ազգային դիմագիծ կերպադրող սրբազան սարսուռներ, ու ասիկա՝ հակառակ մեզի դաւող մեր քաղաքական ճակատագրին, Արփիարեան մարդն է որ ամենէն առաջ կը գիտակցի գրականութեան մինչեւ իր օրը չկասկածուած դերին ու գլուխը կ՚անցնի մեր մամուլին։ Անոր սպասին մէջ, երեսուն ու աւելի տարիներ, ուրացուած, հալածուած, մահափորձուած, անօթի եւ աննահանջ, անիկա կը հագնի իմ աչքին մեր օրերու անկարելի ասպետի մը սրբազան պատկերը: Զինքը թաղող մարդիկ իր գրպանէն յօդուածի մը փորձը եւ պանիր հաց միայն կը գտնեն։ Գիտէ՞ք աւելի սրտակեղեք յիմարութիւն։

***

Գո՞րծը այս մարդուն։

Ռաֆֆիէն ու Չօպանեանէն վերջը, որոնց վաստակը տպուած թուղթէ՝ կուգայ առաջին գիծի երբ նկատի չառնենք Մխիթարեան հայրերէ ոմանց վիթխարի արդիւնքը նոյն գետնի վրայ, Արփիարեանը ամենէն բեղուն մարդը կը ներկայանայ արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Տխուրը հոն է որ ծաւալով այնքան ընդարձակ եւ որակով ոչ նուազ յատկանշական իր երկերէն, իր ողջուցը եւ անկէ յետոյ ալ հատորի բախտ դիմաւորողները ըլլան ճիղճ գրքոյկներ։ Չ՚արժեր հոս յիշատակել իր անդրանիկ հատորիկները որոնք 1885ին արտատպուեցան օրաթերթերէ: Բացառութիւն՝ իր Կարմիր Ժամուց ը, արժանացած քանի մը տպագրութեան։ Ն. Գ. Բ. ը վերստին հատորի մը տակ խմբած է իր պատմուածքները ու պատկերներէն մաս մը։ Ու այսքան։

Մնացեալը, այսինքն բուն Արփիարեանը, տարտղնուած կը սպասէ իսկական իր յուշարձանին։ Քիչերու համար, մանաւանդ արեւմտահայ գրականութեան պարունակէն, նման հոգածութիւն մը պիտի ունենար եզակի իմաստ որքան Արփիարեանին անհատոր գրուածքներուն համար։ Նման փորձ մը թերեւս սպաննէր Եղիան, եթէ գործադրուէր «ամբողջական երկեր» ու ընդունուած աւանդութեամբ, համախմբելով լաւն ու յոռին։ Ու նման փորձ մը, չեմ գիտեր ինչ արդիւնքի պիտի յանգէր իր այն ընկերներու վաստակին համար որոնց համբաւը, անգամ մը կերտուած, չէ համարձակած ուրիշ սերունդի մը վճիռը դիմավորելու ու կը զգուշանայ հատորէն։ Բայց ահա անսովորը։ Զօհրապի ստեղծագործական երկունքը (իր պատմուածքներուն երեք հատորները եւ իր ճամբու նօթերը) անշուշտ կը դիմանայ իրմէն կէս դար վերջն ալ. ու ասիկա՝ առաքինութիւն մը զոր պարտաւոր ենք այլեւս զիջիլ իր տաղանդին։ Բայց իրմէ ստորագրուած հրապարակագրական էջե՞րը։ Նոյնիսկ իր շրջանի Ծանօթ Դէմքեր ուն վրայ իր սեւեռումնե՞րը: Այսօր անոնց ընթերցումը զուրկ է նոյնիսկ վաւերագրական այն շահեկանութենէն որ լրագրի մը թղթատումը կը պարտադրէ երբեմն մեր հետաքրքրութեան։ Զօհրապ, խորունկ արուեստագէտ, միշտ փոխակերպած է իրականութիւնը: Ու հարցեր` ինչպէս մարդեր շահագործուած են իրմէ ոչ թէ իրենց հում, արտաքին իրականութեան արժէքովը, այլ գրագէտին ընծայած ներշնչանիւթի հանգամանքովը։ Ասկէ՝ մեր անտարբերութիւնը, չըսելու համար օտարութիւնը Զօհրապով հրապարակ դրուած յղացքներէ կամ վարդապետութիւններէ: Ու թերեւս հոս է գաղտնիքը իր այնքան շուտ անցնելուն իբր հանրային մարդ, հոսանքներու ստեղծիչ կամ ղեկավար։ Բոլորովին հակառակն է պարագան Արփիարեանի հրապարակագրական վաստակին։ Անշուշտ, իրմով` օրուան մտահոգութեանց իբր ճարակ նետուած հարցերը հիմա նոյնքան հեռու են մեզ խանդավառելէ, նոյնիսկ շահագրգռելէ։ Բայց անոնք առնուազն մեր ընկերային յեղաշրջումը լուսաւորող պայծառ étapeներ են ու անհրաժեշտ բոլոր անոնց որոնք օր մը պիտի մտաբերեն գրել ԺԹ. դարու երկրորդ կէսին պատմութիւնը:

Մէկէ աւելի ծպտումներու տակ ( Հայկակ, Հրազդան, Հտպիտ, Սկեպտիկ եւ նաեւ թերեւս անոնք որոնց անծանօթ եմ ), երեսուն տարիներու վրայ երկարաձգուող այդ գործունէութիւնը աւելի յստակ դատելու համար աւելորդ չէ ինքնիր մէջ բաժնել ինչ որ իբր գիր ու իբր շարժում կապուած եղաւ իր անունին։

Ուշագրա՛ւ իր մուտքը` հանրային սպասարկութեան մէջ, եթէ ոչ վերստեղծելով, գէթ վերանորոգելով հզօրագոյն ցանկութիւններէն մէկը զարթօնքի սերունդին, վարժարանին հանդէպ այն պաշտամունքը որուն սուր հանգամանքը այսօր դադրած ենք զգալէ բայց որ այդ օրերուն (ութսունական թուականներ) կը համադրէ իր մէջ մեր իմացական բոլոր ախորժակները: Հայաստանի մէջ դպրոցներու ցանց մը տարածելու սրբազան կամքն է անիկա, 1850էն սկիզբ առած շարժումին մեթոտիկ, գիտակցուած, նոր զէնքերով զօրացած իրագործումին։ Աւելորդ է ծանրանալ խորքին ու տարողութեանը սա յղացքին որ հակառակ տեսակ մը շարունակութիւնը կազմելուն Մխիթարեան ըմբռնողութեան, նոր երանգով մը կը զատուի անկէ, վասնզի քաղաքական հայեացք ու արդիական օրակարգեր անոր կուտան շեշտ, խռովիչ նկարագիր մը։ Հակառակ գաղթին, ջարդին, բռնութեան, որոնք հայ հողերուն վրայ դադար չեն ունեցած ամբողջ տասնըիններորդ դարուն, այդ օրերուն՝ կայ մեր ժողովուրդը, իր քաղաքներուն մէջ սեպհական տնտեսութեամբ, իր գիւղերուն մէջ ամուր կառչած պապենական արտին։ Տէ՛րը՝ իր ժամերուն: Փաթթուած իր հաւատքին ու խորհուրդին։ Հաւատարիմ իր դարաւոր բարքերուն։ Մագիստրո՜ս՝ դիմանալու, ապրելու այն տարօրինակ մասնագիտութեան որով զրահուած ան յաջողեր է կտրել անցնել հազարամերը իր գերութեան։ Առողջ, պարզ, դեռ չխաթարուած այդ զանգուածին մէջ նետել արդիական սկզբունքներ, զօրացնել անոր պահպանողական շնորհները, նոր ժամանակներու դարմաններով. անոր հոգիին խորը փսփսալ կախարդ պատգամը ամենէն սրբազան ձայներուն, ահա ամփոփ տարազներու տակ ուղղիչ գիծերը դպրոցական պիտակին ներքեւ թաքնուած մտահոգութեան։ Վարժարաններ ունենալու հարցը խորապէս քաղաքական գործունէութիւն մըն է: Ու Արփիարեան իր նկարագրին յատուկ խանդը փոխանցած է այդ աշխատանքին։ Աւելորդ է դատել արդիւնքը։ Գրագէտի մը անունին կապուած այս վաստակը սա պատմութեան մէջ կանխահաս պիտի ըլլար անտեսել` պարզ այն պատճառով որ մեր գրականութիւնը չի նմանիր ուրիշ ժողովուրդներու կողմէ մշակուած գրականութեան, քանի որ անոնք իրենց իմացական բազմադիմի արտայայտութիւնները կը մասնաւորեն համապատասխան կերպարանքներու ներքեւ։ Պետական մեքենայ, բանակ, նաւատորմ, դատական կազմ, հանրային կրթութիւն, գիտական հաստատութիւններ, կարճ` բոլոր այն շրջանակները որոնց զսպանակը միտքը կուտայ, լայն չափերով կ՚օգտագործեն սերունդի մը տրամադրելի բոլոր իմացական տուրքերը։ Մեր մէջ երեք չեն աւազանները: Ասոնցմէ մէկը մեր եկեղեցին, երկրորդը՝ մեր գրականութիւնը որ կ՚ընկլուզէ իր մէջ ազնուագոյն տարրերը մեր ուսուցչութեան։

Իր անունին կապուած ուրիշ գործունէութիւն մը, նորէն՝ մեր ժողովուրդին երկու մեծ հատուածներուն իրարու ծանօթացումը, այս անգամ գրականութեան մարզերէն, կը մնայ անմոռանալի արդիւնք մը մինչեւ մեր օրերը երկարաձգուող։ Մշակ ի մէջ իր քրոնիկները թերեւս մուտքը կը կազմեն մեր նոր պատմութեան։ 1878էն աւելի (իր 61երորդ յօդուածով) Հայկակ ստորագրութեամբ յօդուածներն էին որ արեւմտահայերու շուրջ ծնունդ տուին այն հզօր, անսովոր (ոմանք կրնան աւելցնել՝ աղէտաբեր հետաքրքրութեան, որմէ կը զատուին մեծ հոսանքները նոր հայութեան։ Այս քրոնիկներուն գրական արժէքը ուրիշ գլուխի մը տակ լայնօրէն պիտի ճշդուի։ Հո՛ս, կ՚ուզեմ շեշտել անոնց արթնցուցած հոգեկան յարդարանքը արեւելահայոց մէջ ու ասոր անդրադարձը արեւմտահայերու ճակատագրին վրայ: Սխալ պիտի չըլլար Ռաֆֆին սկսիլ Արփիարեանով, գէթ ոչ վիպասան Ռաֆֆին։ Լծակը հանդիսանալ այնքան լայն ոգեւորութեան, այնքան աննախատեսելի արդիւնքներով, ոչ մէկ հանրային մարդու չէ վիճակուած արեւմտահայ իմացական ընտրանիէն։ Խրիմեանը Վանն ու Պոլիսը ոգեւորեց։ Արփիարեան՝ արեւելքն ու արեւմուտքը, քանի որ իր ազդեցութեան գործիքը

թե՛րթը աւելի դիւրաւ կը փոխադրէր ինքզինքը։

Խօսի՞լ տակաւին ահաւոր, կործանարար, իրեն յաւէտ անվայել այն գործունէութենէն որով վտանգեց գրագէտի իր հզօր ընդունակութիւնները, սպաննեց ազնուագոյն մասը իր տաղանդին եւ պատրաստեց վաղահաս որքան եղերական իր մահը։ Փաստ է որ մեր գրականութեան պատմութիւնը տակաւին կէս դար չի կրնար ազատագրել ինքզինքը սա ստիպողութենէն. գրագէտը հասկանալու համար՝ զայն ոգեւորող յոյզերուն արտահանումին, վերլուծումին։ Այսօրուան յանգող յիսուն տարիները անվերածելի կերպով մը թաթաւուած են մեր հզօրագոյն խռովքովը։ Ճիշդ է որ կանխող կէս դարն ալ երգած է ու ստեղծած, նոյն անձուկին մէջ։ Ալիշանի հայրենասիրութիւնը դուրս է կասկածէ: Բայց անդունդ կայ անոր Ողբ ին եւ Վարուժանի Հայհոյանք քերթուածով մեզի թելադրուած հոգեբանութեանց միջեւ: Ու մեր խռովքին ծանրութեան կեդրոնը կը զուգադիպի առաջին փողոտումին, այնքան անարգ որքան անկարծելի, որ մեր իմացականութիւնը հարուածեց ու սպաննեց մեր մէջ մարմինէն առաջ մեր հոգին, խենդեցնելով մեզ, մահը արհամարհելու աստիճան:

Ահա գործեր որոնք հանրային կեանքին սպասաւորը կ՚որոշադրեն քան բուն իսկ իմաստին աշխատաւորը: Չեմ կրնար, ինչպէս ըսի, լռել անոնց մասին, տրուած ըլլալով մեր դատումներուն յարաբերականութիւնը։ Արփիարով տարազուած խռովքներուն ուժը գէթ դեռ չէ հանգչած իմ մէջ որպէսզի արտօնուէի խաղաղ, անանձն վերլուծումին որ գրականութեանց պատմութեան նկարագիրը կը կազմէ, զայն զատելով մենագրութիւններէն, մասնաւորումներէն։ Գիտեմ թէ կը մնամ մեղադրելի։ Բայց մարդիկ թող ներեն ինծի եւ իմ սերունդին, որուն հոգին իր արմատները ամրախարիսխ կը պահէ այն աշխարհին մէջ որուն ընդգրկումը ա՛լ կը խուսափի մեզ յաջորդողներէն:

 

Դառնալու համար իր գրական գործունէութեան, պէտք է անմիջապէս արդարութիւն մը ընել մեծատարած իր վաստակին, ստուար չափով մը օրուան կեանքէն, ասոր ստեղծած «հրատապ» հարցերէն, ու այն հազար ու մէկ մանրամասնութիւններէն թելադրուած որոնք մեր ժամանակը, մանաւանդ իր ժամանակը կ՚ընեն այնքան տարբեր մեր պապերուն ապրումներէն:

Ութսունական թուականներուն Մշակ ի մէջ ստորագրած իր Քրոնիկները, օրուան կեանքը ընդհանուր վերնագրին ներքեւ, գրական սեռի մը արժանիքին պիտի բարձրացնէին գրելու կերպ մը որուն ծագումը համեստ որքան տխուր (քանի որ մեր հրապարակագիրներուն լեզուագարութիւնները անով կը մատուցուէին հանրութեան), մեր լրագրութեան մեղքերէն մէկը պիտի ըլլար ու եղաւ, երէկ ու այսօր ալ։ Արփիարեան Մշակ էն վերջ, իր վարած թերթերուն եւ հանդէսներուն մէջ, բացայայտ նախասիրութեամբ մը պիտի շարունակէ այդ քրոնիկները, հետզհետէ գունաւորելով անոնց տարողութիւնը իր իսկ տագնապներուն, ցեղը հարուածող աղէտներուն մռայլ թախիծովը: Երեսուն տարիներու վրայ սա հապշտապ բայց սուր ակնարկները քով քովի գալով պիտի կազմէին բացառիկ շահեկանութեամբ տարեգրութիւն մը ուր ընկերական որքան պատմական, գրական որքան ազգային երեւոյթներ դիտուած են միշտ կենդանի, սիրտցաւ, անկեղծ, յարաշարժ խառնուածքի մը ընդմէջէն, առանց ձեւազեղծուելու, շատ անձնանալու վտանգին, ինչպէս է այնքան յաճախ պարագան մեր միւս քրոնիկագիրներուն մօտ։ Եղիա՝ անհաւատալի: Զօհրապ՝ կասկածելի:

Այս մեծ վաստակէն դուրս, այն ունի վիպական մարզին վրայ ոչ տարածուն, բայց միշտ շահեկան ուրիշ արդիւնքներ։ Իր վտիտ հատորիկներէն մէկ երկուքը մեծարժէք կտակներ են, չըսելու համար գլուխ-գործոցներ: Կ՚ակնարկեմ Կարմիր Ժամուցին եւ Ոսկի Ապարանջանին, աստանդական մարդու անձուկին մէջը երկնուած, հեւքի ու խօլ յոյսերու, ինչպէս կապար յուսաբեկման մը զոյգ կնիքովը խարանահար, ու կազմելով տխուր հանգիտութիւն մը հեղինակին իսկ ճակատագրին հետ։ Ասոնք գործեր են որոնք իրենց չգրուած մասին հզօր գեղեցկութեամբը այսօր վիշտ կը պատճառեն մեզի: Քննադատը այդ գրքոյկները աչքէ անցուցած ատեն խորունկ թախիծով մը կը զգայ թէ ինչ անգին աշխարհ մը քերուած է անոնց մէջ բայց չէ խուզարկուած: Արփիարի տաղանդին ու կարողութեանց համապատասխան մեծ ստեղծագործութեան մը պակասը ի յետսագունէ հետեւութիւն մը չէ միայն, այլ իրաւ կսկիծ մը։ Մեծածաւալ աշխատանք մը (որպիսին է Երուխանի Ամիրային Աղջիկը ) անմոռանալի քանդակ մը պիտի ըլլար այդ երեսնամեակէն։ Ու ասիկա անոր համար, որովհետեւ, Արփիարի տաղանդին շարժական նկարագիրը գրական սառումէն, սթէրէոթիփ պատկերացումէն զերծ պիտի պահէր իր տուածները, ինչպէս կը հաստատուի ասիկա իր քրոնիկներէն որոնք երբեք կերպ մը, գրական կաղապար մը չեղան, այլ կեանքին իսկ բաբախուն, փնտռուած իրանկարը, միշտ նոր, միշտ կենդանի, ինչպէս է արդէն կեանքը ինքնին։ Աւելի վերջը երբ վերլուծումը խորացնենք Արփիարեանի վիպական ստեղծագործութեան վրայ, մեզի պիտի տրուին ուրիշ արդիւնքներ, թերութեանց ու արժանիքներու կշիռով մը։

Ու վերջացնելէ առաջ գործերու սա արագ թուումը, պէտք է խօսիլ իր երգիծական պատառիկներէն, որոնց մէջ մէկէ աւելի են ճշմարիտ գոհարները։ Բայց վիրաւոր նոյն բախտով, որ հարուածեց անոր վիպակները ու պիտի հարուածէ գրականութեան տեսաբանը անոր մէջ։ Հատուածական մնացած ըլլալու դժբախտութիւնն է ատիկա։ Հակառակ բաղդատաբար յորդ ծաւալին ու շքեղ գեղեցկութեանց, դժուար է այդ գործը մօտիկը տանիլ Պարոնեանին ժառանգութեան։ Ըլլալու համար աւելի յստակ՝ նոյնիսկ Երուանդ Օտեանին։ Ու հոս է ցաւը նորէն։ Արփիարի տաղանդը՝ իբրեւ երգիծող, վար չէ Պարոնեանէն, ըլլալով գերազանց քան Օտեանինը։

Ու վերջացնելու համար, կը յիշեմ հայ ժամանակակից գրականութեան վրայ իր երկարաշունչ աշխատանքը ( Գեղունի, Բանբեր հանդէսներուն մէջ), ուր, ամէն երեւոյթ պարագրկող էր իր միտքը, առաջին սէնթէթիք փորձը կ՚ընէ մեր մատենագրութիւնը տեսնելու եթէ ոչ քննադատական գէթ արուեստի զգայարանքով մը, տարրով մը յագեցուն ոլորտի մը ընդմէջէն։ Ինքն է որ Չօպանեանի շատ գրական, աւելի քնարական դատումներուն դէմ՝ կը ձգտի հանդարտ պատմումին ճաշակը պարտադրել ու մեր օրերուն Թէպոտի ով իրացած քննադատութեան մը նախափորձերը կը ստորագրէ այդքան կանուխ։

Ու իր խմբագրած օրաթերթերուն ու հանդէսներուն մէջ ( Արեւելք, Մասիս, Հայ Հանդէս, Մարտ, Նոր Կեանք, Շիրակ ) եւ մեր պարբերական մամուլին մօտ ու հեռու սիւնակներուն վրայ, խմբագրական մարդը մանրող, սպառող՝ ամենօրեայ սեւ աշխատանքի կողքին` խոր, նուրբ, չըսելու համար հոյակապ նշմարներ որոնց մէջ սրամտութիւն, հաղորդական յուզում, յառաջախաղաց թռիչքներ, յետահայեաց, իրաւ, սրտառուչ ազգայնականութիւն, ազատականութիւն, պահպանողականութիւն կը վատնուին լիաբուռն ու արի, կազմելու համար մեր օրերու խառնուրդ մը, շատ մը կողմերով նման անոր զոր գաղղիացի ռոմանթիքները համբաւի հանեցին mélanges philosophiques et littéraires յաւակնոտ վերնագրին տակ:

Մա՛րդը եւ գո՜րծը։

Դրէք այս մարդը հաստատ, հաւասարակշռուած ընկերութեան մը ծոցը։ Անիկա մեծագոյն անուններէն մէկը պիտի ըլլար այդ ժողովուրդին։ Մեր բախտէն` անիկա կռուի աղբիւր մը միայն մնաց։

Դատեցէք այդ գործը միշտ օտար գրականութեանց պայմաններէն ներս. պիտի ունեցած ըլլար մինչեւ հիմա ոչ միայն իր սեպհական յիշատակարանը, այլ իր շուրջը իրմէն աւելի յորդ ու թելադրական գրականութիւն մը։ Մե՞նք։

Տխուր է պատասխանել:

 

2. ԿՈՂՄԵՐԸ ԻՐ ՏԱՂԱՆԴԻՆ

Քիչ գրագէտ ունինք որոնց բազմակողմանի շնորհները այնքան շեշտ յարգանք մը հարկադրեն մեզ որքան անոնք որոնք այս տարաբախտ մարդունը եղան, այնքան աւելորդ յորդութեամբ:

Մեր անդրանիկ օրագրողը չէ անիկա անշուշտ, երբ բառը ուզենք ըմբռնել ընթացիկ իր իմաստին մէջ: Բայց ինքն է որ մեր օրագրութիւնը կը դնէ իր բուն դերին, ժողովրդական օրկանի մեզի համար դժուար ընդունելի իր դերին, քանի որ պետական տիսիբլինի պակաս մը մեր մէջ կիրքերը այնքան զեղուն ու յարձակողական կ՚ընծայէ։ Գերի ժողովուրդներուն չեն շնորհուած կարգ մը վայելքներ։ Ատոնցմէ մէկը՝ իրար մտիկ ընելու, հասկնալու, հանդուրժելու առաքինութիւնը։ Կը հետեւի դժուարութիւնը որով փշապսակ է օրագրողին գլուխը մեր մէջ։

Իրմէն առաջ կայ անշուշտ մեր վէպը: Բայց անգոյ է վիպողը: Արփիարեանի անուան կապուած պիտի մնայ արեւմտահայ արձակին ամենէն յատկանշական նուաճումներէն մէկը։ Վիպող արձակն է անիկա։ Ամենէն աղմկայոյզը իր ընկերներէն, գուցէ ատով իսկ սահմանուած ամենէն քիչ գործ, մնայուն գործ արտադրելու դժնդակ փառքին։ Եւ սակայն կէս դար է անցեր Արփիարի վիպակներուն վրայէն ու չէ կրցեր անոնց մասնակի հրապոյրը, չըսելու համար արժանիքը խորտակել: Կը կարդանք զանոնք առնուազն հաշտ ոգիով մը երբ կը թթուինք Եղիայի նոյն սեռէ կտորներուն դէմ, ու կը ցաւինք Մայտայ ի փառքին որքան Սեւ Լերան Մարդը կոչուած թխածոյ վէպին անըմբռնելի համբաւին։ Երբ իրապաշտ վէպին մէջ առիւծինը չէ իր բաժինը, գէթ իրն է արժանիքը առաջին հաստատ հայեցողութեան մը որով մեր գրականութիւնը ուղղութիւն պիտի փոխէ։ Ինծի կուգայ թէ սխալ պիտի չըլլար իրապաշտ կեցուածքին տեսաբանը ընդունիլ Արփիարեանի մէջ։

Չեղաւ անիկա մեծ աւանդութեան մը արժանափառ շարունակողը երգիծելու մարզին մէջ: Պարոնեանին անունը զգուշութեամբ պէտք է գործածել ամէն անգամ որ կատակերգակ գրողի մը յիշատակութիւնը գայ մեր գրչին տակ։ Այսօր է որ կը զգանք ատիկա։ Մինչ ժամանակը յարդարած է շատ մը անհարթութիւններ, հետզհետէ տեղի կուտայ Պարոնեանի ճնշումին։

Արփիարեան չի գար Պարոնեանէն, ոչ ալ զայն կը շարունակէ։ Իր գործին մէջ սակայն լաւագոյն բաժին մը կ՚իյնայ երգիծանքի կալուածին։ Կատարեալ, տիպարային, անխառն դէմք մը չէ անիկա, ինչպէս եղած էր Պարոնեանը։ Բայց իր գործին վերլուծումը լայնօրէն պիտի ախորժէր զբաղիլ առատ այն յատկութիւններով, որոնք եթէ ոչ ի ծնէ՝ գէթ դէպքերու ասեղին տակ կազմուած բարկ նկարագիրը կը յօրինեն հեգնողներուն։ Կծու, խայթող, խածան։ Բայց նուրբ։ Անգութ։ Երբեմն վճռական։ Օտեանին համահաւասար երգիծողն է ան մեր գրականութեան։

Աւելորդ չեմ նկատեր բարակրաֆ մը բանալ նաեւ հանրային մարդուն, այն օրերու բառով՝ ազգային գործիչին, որ ձրի տիտղոս մը չէ այսօրուան լրագրողներէն շատերը լուսապսակող։ Ամենէն ահաւոր րէժիմին ներքեւ, զոր ըլլայ հանդուրժած մեր գերութիւնը, աժան հերոսութիւն մը չէր կրկէս իջնել, գլխու գինով, ու պայքարիլ պայքարը իր ցեղին գերագոյն իրաւունքներուն։ Գրագէտը անջատիչներով մեկուսացուած մեքենայ մը չէ իր օրերու հզօր հոսանքներէն։ Արփիարեան մեղադրելի է ինքզինքը սխալ զգալուն, բանաձեւելուն մէջ։ Շարժումն ու գործօնութիւնը, յատակի հոմանշութեան մը հակառակ, նոյն իմաստը չեն արտայայտեր։ Գործօնութիւնը (զոր կը գրեմ action բառը թարգմանելու համար) ուրիշ տուրքերու յայտարար փաստ մըն է յաճախ, տուրքեր որոնք Արփիարեանին պակսեցան տղայութենէն սկսեալ: Եռեւեփուն, անհանդարտ, անհեռատես ու յախուռն, իր տիպարը հակոտնեան իսկ է ծանր, նստած, հեռահայեաց, պարագային համեմատ զգոյշ, պարագային համեմատ մահուան վրայ ճակատաբաց քալող մարդուն որ յեղափոխականը կը յատկանշէ։ Ի՜նչ ցաւ, որ իր անունը լայնօրէն երեւան գայ այդ շարժումներուն ոչ միայն եզրերուն, այլ եւ ալքերուն։

Կողմերու սա տրոհումին մէջ անարդար պիտի ըլլար կարեւոր զիջում մը չընել Արփիարեանի մօտ դատող մարդու: Իր խմբագրականներէն շատեր կը շօշափեն գրական խնդիրներ, լեզուական կամ ընկերական պարունակէ։ Օտար դպրոցներու վրայ եթէ ոչ խոր, գէթ այդ օրերու համար նոր իր նշմարները ունին տարողութիւն, յաճախ ճշդութիւն։ Բայց երկարաշունչ, լաւ կազմաւորուած աշխատանքն ալ՝ այդ մարզին վրայ, փորձեց զինքը։ Գեղունի ի եւ Բանբեր ի մէջ ան ստորագրած է արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը ողջունձեւող ծրագիր մը, որուն կարգ մը մասերը նկարագիր ալ ունին, գրագէտի դերին իւրայատուկ իր ըմբռնումովը շեշտօրէն գունաւորուած։ Արդիւնքներէն աւելի շարժումներու արտահանումը, անոնց կորագիծերը, զսպանակները սեւեռել ձգտող իր հրապարակագրական նախասիրութիւնը հոն կը միջամտէ որպէսզի մեր գրականութեան իսկական փառքերէն մէկը Պետրոս Դուրեան հազիւ արժանի նկատուի յիշողութեան ու ստանայ այդ տարօրինակ տաղանդէն քանի մը տաքուկ տողեր, քիթով, պինչով զիջուած գովասանքի, երբ Նահապետ Ռուսինեան մը ընդարձակ կենդանագրի մը փառքին արժանաւոր կը կացուցուի իր չունեցած, երբեք չգտած արուեստի գործերուն պատրուակով, իր մտադրութեանց, չիրագործուած ծրագիրներուն, կարճ՝ իր վերանորոգչական ախորժակներուն ապառնի փառքին հաշւոյն։ Այնքան տարօրինակ պիտի չճնշէր իմ վրայ այս քմայքը ուրիշ բառ մը անհարազատ է կարծես, բանաձեւելու սա աշխատանքին նկարագիրը եթէ երբեք այդ յօդուածները լոյս տեսնէին 1885ին կամ 90ին երբ տակաւին զարթօնքի սերունդին մեծ դէմքերը չէին հեռացած հրապարակին գուրգուրանքէն, չէին վերածուած յիշատակներու, առանց դամբարանի անուններու նման որոնք հետզհետէ պիտի պաղին իրենց վրայ դիզած մեր համակրանքին ջերմութենէն։ Աւելի՛ն։ 1900ին արդէն Արշակ Չօպանեան մեր գրականութեան համար դատաստաններու ամբողջ մթերք մը հայթայթած է որոնք լիուլի կը գոհացնեն հետաքրքիր միտքերը: 1900էն վերջ, մեր գրականութիւնը դատել փորձել Արծրունիի հանգանակներով. ահա ինչ որ անտեղի կը թուի մեզի այսօր։ Եւ սակայն, այս ընդհանուր վրիպանքէն դուրս, որքան լաւ բաներ ըսած է ան, նաեւ այդ ուղղութեամբ։

Ահա, արագ գիծերու մէջ, կողմերը Արփիարեանի տաղանդին:

Մարդն է անիկա որուն աչքը խուզարկած է շրջապատին բոլոր մեծ ծալքերը, ելեւէջները, իմաստէ ու շարժումէ կարելի հեռանկարները բնազդով զգացած ու թելադրած իրեններուն։ Որ զգացած է մանաւանդ պակսածը մեր ժողովուրդին, ու ասիկա՝ ինչպէս կ՚ըսեն, ամենական գետնի վրայ, մեր կեանքը պարագրկող պահանջներուն միամիտ բայց համադրող ընդառաջում մը ընձեռել ջանալով, առանց տարակուսելու իր ուժերուն տարողութենէն, իր պատրաստութեան անբաւականութենէն, բացարձակ վստահութեամբ մը իր աստղին, գրագէտէ աւելի խորհրդանշանը թելադրելով գործողութեան մարդոց, կամ աւելի սեղմ տարազով մը՝ հասարակական (ճիւա՜ղ բառը) գործիչին, այն օրերու ամենէն ընտանի մտապատկերը երկու հայութիւններուն ալ համար (Նալպանտեան, Նազարեան, Արծրունի, զարթօնքի սերունդին ախոյեանները, եկեղեցական մեծ դէմքերը արեւմտահայերէն)։ Հրաշք է որ, այնքան քիչ ամբարած մարդէն սա անհակակշիռ տարտղնումը, ամէն ճակատի վրայ ըլլալու սա մոլեռանդ, աղանդաւոր փոյթը, ինքնավատնումը, վերանորոգչական բառին տուէք ամենէն ընդարձակ իր սահմանները, ինչպէս կը յաւակնէր այդպէս ըրած ըլլալ Գ. Արծրունի սա կատաղի խանդը, ամբողջութեամբ սպառած, սպաննած չըլլան անոր մէջ Գրագէտը: (Այս պարագան մերձաւոր նմանութեամբ մը պիտի տեսնենք կրկնուած նաեւ Արշակ Չօպանեանին մօտ)։

***

Գրականութեան պատմութիւն մը միայն գործերու ցուցակագրումը կամ հեղինակներու դիմանկարը չունի իբր առաջադրութիւն։ Անիկա պարտաւոր է մօտենալ, իր նիւթէն հազիւ ներելի շեղումի մը գինով, նաեւ իմացական կեանքի արտայայտման ուրիշ երեւոյթներու ու ոտնկոխել մանաւանդ ընկերային ու քաղաքական հոսանքներու դժուար աւազաններուն։ Պատմա-մադերիալիստական մեթոտը որքան ալ ծաղրենք, չենք կրնար հերքել անոր նպաստը։ Առնուազն անկէ սորված ենք զգոյշ ըլլալ սառած, ի յառաջագունէ ամրահաստատ օրէնքներու անունով մեր վճիռներուն մէջ։ Այսօր կարելի չեն այն յառաջաբանները որոնք Պուալոյի, Լահարբի, Ռասինի, Վոլթէրի, Քուզէնի գրքոյկներուն մուտքերը կը սպառազինեն, այնքան աւելորդ պատգամներով։

Այս տեսակէտէն մեկնելով, աւելորդ չէ հոս փոքր փակագիծ մը Արփիարեանի սերունդը յատկանշող ընդհանուր ձգտումներուն շուրջ։ Ասիկա անհրաժեշտութիւն մըն է մանաւանդ անոր համար որ այդ ձգտումները գրեթէ քիչ տարբերութեամբ մը երանգի՝ հասարակային շրջանին կարեւոր դէմքերուն: Առնուազն իրապաշտ պիտակին տակ զետեղելի 7-8 անունները ճշմարիտ գրական դպրոց մը, գէթ անոր կարելի պատկերը կը ներկայացնեն մեր մէջ։

Այդ սերունդը իր առաջին փորձերը կը սկսի քաղաքական շեշտ խռովքներու ստեղծած տենդին մէջ։ 1878ի պատերազմը (Ռուս-Թուրք), բախտակից ժողովուրդներու ազատագրումը, մեր հայրենիքին վրայ աւելի քան սեւ` միշտ առկախ մղձաւանջը ու այս ամենուն վրայ՝ մեր միտքին զարնուած առաջին շղթաները, մեր ակնկալութեանց շուրջը ուրուացող վտանգները մեր երիտասարդութիւնը կը դնեն խոր, նոր տագնապներու առջեւ։ 1880ին յեղափոխութիւնը տարազ մը չէ ոչ ալ գործելակերպ մը այդ երիտասարդութեան համար, բայց է իրական հոգեշատակ մը, հոգեբանութիւն մը։ Զարթօնքի սերունդին մեծ խանդավառութիւնը դեռ տաք կը պահէ բոլորին հոգիները։ Անոնցմէ բանաձեւուած մեծ երազները եթէ ոչ զանգուածին, գէթ ընտրանիին սեպհականութիւնը դարձած են։ Պատմական մեր ազգայնականութիւնը գործը եւ փառքը Մխիթարեաններուն կը վերածուի իրական, շօշափելի ազգասիրութեան մը, տասնեակ մը տարիէն ըլլալու համար յարձակողական, այսօր ծաղրելի բառով մը` մարտական ազգասիրութեան։ Արեւմտեան գաղափարներու մեծ մթերքը որ փոխադրութիւնն էր 1860ի սերունդին, արդէն մտած է հասարակաց գործածութեան։ Մեր առեւտուրը, արհեստները, ընտանիքը, բարքերը լայն չափով կ՚ազդուին այդ նորութիւններէն, գլխաւորաբար կեդրոն քաղաքներու մէջ։ Պոլիս արդէն կեդրոն մըն է։ Իզմիր՝ ուրիշ մը: Գաւառներու կուսակալանիստ քաղաքներուն մէջ` նո՛յն շրջափոխութիւնը` աւելի համեստ գիծերով։ Ու այս շարժումին վերեւ հսկայ հարցը, հարցերուն հարցը, ինչպէս կ՚ըսեն։ Գրականութիւն մը չի կրնար աճել առանց լայն, խոր, հզօր քանի մը գաղափարներու, յղացքներու, նպատակներու նպաuտին։ Մեր իրապաշտութիւնը իր դիմագիծը, ուժը, նկարագիրը պիտի առնէ այս հասարակաց բարեխառնութենէն, նոր բառով մը` մթնոլորտէն։

Քաղաքական այս բացառիկ պայմաններուն քով կան ուրիշ կարգէ մտահոգութիւններ ալ։ Երեսուն տարիներ անցեր են Մասիս ի առաջին թիւէն մինչեւ Արեւելք ի երեւումը, վկայ ըլլալով քանի մը կարկառուն նուաճումներու։ 1880ին Ալիշան, Պէշիկթաշլեան, Դուրեան պարզ անուններ չեն, այլ փառքե՛ր, այս ժողովուրդին իմացական արժէքները խորհրդանշող։ Ու անոնց գործածած բարբա՛ռը` շնորհալի ու ճկուն, կենդանի ու գեղեցիկ գործի՛ք մը որ ատակ է վիպական, քնարական, պատմական, բանասիրական լուրջ, արդի, խոր ձեռնարկներ յաջողութեամբ իրագործելու: Խօսեցայ գաւառներու մէջ հետապնդուած նպատակներուն տարողութենէն։ Երբ Արփիարեան գրիչ կը շարժէ, պայծառ այս խորհրդանշանները քիչիկ մը ստուերացած կը թուին։

Շփոթ է յղացքը բուն իսկ գրականութեան, որ արուեստագէտներու պակասին պատճառովը, կը բռնագրաւուի եթէ ոչ փղշտացիներէ, գոնէ զինքը հասկնալու մէջ քիչ մը ապայժմէ, չըսելու համար տարօրինակ մանտարին ներէ։ Վարժապետնե՛ր, մեծ մասը ասոնց որոնց աւագ մտահոգութիւնը պիտի կազմէ լեզուի հարց մը (գրաբար–աշխարհաբար պայքարը)։ Ստոյգ է նոյն ատեն որ ոչ մէկ տիրական դէմք, անխառն ու պայծառ, ինչպէս եղան անոնք զարթօնքի սերունդին ամենէն խռովայոյզ շրջաններուն։ Դուրեանին տեղ կը քերթեն անասելի անուններ։ Եղիա, Սէթեան, Պէրպէրեան, Չերազ, Թէրզեան, Աճէմեան կանխող ռոմանթիզմին մանրուքովն է որ կը ջանան ապրիլ։ Տիրակա՛ն՝ խմբագիրը, պայքարող նկարագրով (Իւթիւճեան, Փանոսեան)։ Տիրական՝ ուսուցիչը: Ի՞նչպէս որակել սերունդ մը որուն ամբողջ իտէալը կ՚ըլլայ աշխարհաբարը պատուաստել գրաբարի համաձայնական կարգ մը օրէնքներով, եւ որ արուեստ անունին տակ ամենէն շատ թարգմանութիւն կը հասկնայ: Գրաբարի սա յետաշրջութիւնը (r é action) այսօր այնքան էլ ծիծաղելի, պզտիկ վնաս չէ տուած մեր արուեստին։ Ան քառորդ դարով մը առկախեց աշխարհաբարին զարգացումը, ու արուեստի կենդանի յղացքին փոխարէն, գրքունակ կաղապարներ պարտադրեց մեր երիտասարդներուն։ Մեր բանաստեղծութիւնը ամենէն շատ տառապեցաւ այդ անկումի օրերուն։ Միայն խառնուածքին պակասը չէր հեղինակը այս դժբախտութեան։ Այլ ու մանաւանդ տղայական, ծիծաղելի այն ճաշա՛կը՝ որով յանգը, վանկաթիւր, գրաբար հոլովներու եւ խոնարհման ձեւերու դժուար, ճարտար գործածութիւնը, հանգանակը կը դառնան մտաւոր ախորժակներու: Դուրեանէն մինչեւ Սիպիլ–Չօպանեան յեղաշրջումը դուք կը հանդիպիք մէկէ աւելի տաղարաններու, յուզեալ կամ անյոյզ, լուսնայեղց կամ վերնաթռիչ պահերէ բայց չէք գտներ մէկ հատիկ քերթուած ուր զգայիք մարդու մը սիրտը, գոնէ անոր խուլ, հեռու արձագանգը։ Ճաշակի սա խաթարումը չի բաւեր արձանագրել: Պէտք է զայն հասկանալու ատեն գտնել թշուառ տրտմութիւնը որով երբեմն սերունդներու հոգեյատակը կ՚ըլլայ խարանահար երբ արտաքին ազդակներու վրայ կ՚աւելնան ներքին այլապէս աղէտաբեր տրտմութիւններ։ Յանուն իրականութեան, հաստատ ուuումներու, ինչպէս կ՚ուզէին տեսնել այն օրերուն իմացական վաստակը աշխարհագրութեան եւ դպրութեան դասագիրքերու յօրինիչներ, ու, ճնշումին տակը ձեւազեղծ ռոմանթիքներու, մեր գրականութիւնը հանդուրժեց ուսուցիչներու, ճառագիրներու, յանգահաններու, կէս-խենթերու, յամառ ծերութիւններու այն գրոհին, որ աւլեց Դուրեանով սկիզբ ըրած քնարականութիւնը, քիչ շատ հարազատ յղացքներ հրապարակէն։ Եղիա-Չերազ ամոլը ախոյեաններ էին։ Վարդապետներ՝ արուեստի քուրմեր։ Երկար ու դժուար աշխատանք է խորանալ այդ շրջանի մանրամասն պատկերացման, դրական աշխատանքի մը մէջ։ Ու կը լռեմ:

Այս անկումին մէջ է որ անակնկալ կերպով մը կը հնչէ ահազանգը անմօրուս պատանիի մը փողէն։ Ու սրտառուչ որքան տարօրինակը հոն է որ հեղինակը այդ ահակոչին կուգար նոյն իսկ Միջնաբերդին ընտանի երիտասարդի մը բերանով։ Մխիթարեան զոյգ հաստատութիւններէն մէկուն մէջ կազմուած Արփիարն էր որ կռնակ կը դարձնէր ա՛լ կարծրացած, կեանքէն կտրուած ու բառին, ցաւին միայն սպասարկու ոգիին որ Վենետիկինն է ութսունական թուականներուն։ Ոչ միայն այդ։ Մունետիկը գովքը կ՚ընէր այդ դարաւոր հնոցէն մշտարծարծ հաւատալիքներուն տրամագծօրէն հակառակ յղացքներու: Կը ծաղէր Ս. կղզիին ամենէն նուիրական նուաճումներէն մէկ քանին, գրաբարին հարսնեւորումը ու անցեալի տոկմային սպառազէն միամտութիւնը: Ու կը կարդար նոր օրերու քարոզ մը։

Առաջին իսկ փորձերուն մէջ մենք զայն կը տեսնենք դասական անունին տակ ապաստան գտած ու արեւելահայոց կողմէ կեղծ յայտարարուած գրականութեան մը դէմ շեշտօրէն հակազդեցութեան մը կեցուածքով։ Կը ճանչնա՞ր տարողութիւնը իր բանաձեւած պահանջներուն, անշուշտ մեծ չափով փոխադրումներ Կովկասէն: Դժուար է հաստատ պատասխանը: Իր յարձակողականը պիտի չգոհանար սակայն գրական ռազմափորձերով։ Ան պիտի ընդլայնէ իր պահանջներուն շրջանակը ու պիտի ջանայ, փոխակերպուած տարազներու տակ, լրացնել 1860ի սերունդին ժողովրդապաշտ հանգանակները: Զինքը յատկանշող տարականոն մէկ կողմը` իր կեցուա՛ծքն է այն օրերու «առաջաւոր» (դասու) կարգին դէմ։ Մինչեւ իր երեւումը` այդ դասակարգին բարձր հովանաւորութիւնը իրողութիւն է արուեստի աշխատաւորներուն վրայ: « Ազնուաշուք »ը ծիծաղելի ածական մը չէ, այլ բարքերու խոր շերտի մը տրտում պիտակը։ Ու այս կարգին կողքին, անոր հետ հաւատակից միւս կազմակերպութիւնը, մեր եկեղեցականութիւնը, որ պիտի ընդունի առաջին հարուածները նոր խօսքի տրիբունին։ Այս երկու հզօր, ամրախարիսխ խմբաւորմանց դէմ տկլոր տղոց սա գրոհը (վասնզի Արփիարին ձայնը կրկէս կը կանչէ այն պատանիները որոնք 5-10 տարի չանցած պիտի ճնշեն մեր հրապարակին Բաշալեան, Զօհրապ, Հրանդ, Կամսարական անուններով), ո՞ր հրաշքին գինովը ուժն ու պաշտպանութիւնը պիտի գտնէր զանգուածին, գէթ անոր այն մասին՝ որով սերունդի մը առաջաւոր հատուածը կը կաղապարուի։

Բայց ուրիշ կերպ չքալեց մեր ընկերային յեղաշրջումը: Մեր առեւտրական դասակարգը, իր ոսկեդարուն երկարաձգումը կ՚արժեւորէր մեր գրականութեան նպաստելու իր երանելի առատաձեռնութեամբ թերթ կարդալո՜վ ու անդամավճար ստանձնելո՜վ զանազան բարենպատակ հաստատութեանց համար: Մեր «էֆէնտիութիւնը» (բառը Արփիարեանինն է որ յստակ տարազ մը չէ միայն, դասակարգ մը պիտակող, այլ յայտ խարան մը, կծու հեգնութեամբ մը տոգորուած) պառակտուեցաւ ինքիր մէջ։ Մեր եկեղեցականութիւնը, մանաւանդ այն մասը որ, միջին դիրքերու վրայ, ժողովուրդի խուլ տառապանքը ստիպուած է բաժնել ու իր ցեղին դարաւոր ձայնը կը տանի իր հետ, քաղցր ընդառաջումը չսակարկեց արի մունետիկին։ Աւելի յետոյ, մեր մէջ բոլորովին նոր, գրեթէ անկարելի հրա՛ շքը, որով այդ ձայնը պաշտպանութիւնը, պայծառ քաջալերը պիտի վայելէր զանգուածին, ընդարձակ, խայտաբղէտ, շեշտօրէն խոնարհ տարրերուն այն հաստատ, հաւատարիմ, արի բարեկամութիւնը որ գործած է մեծ յեղաշրջումները, իր արեան գինով իրացնելու համար գրչի ասպետներուն բանաձեւած պահանջները։ Այս կերպով որդեգրուեցան այն յղացքները որոնք շրջանին անմիջական հանգանակներուն հետ ուղղակի հակադրուած էին։

Արփիարեան մարդն է որ անցեալին կռնակ դարձնելով պիտի սկսի իր առաքելութիւնը։ Երեսուն տարի պիտի պաշտպանէ իր պատանութեան խակ կամ հասուն բաղձանքները։ Պիտի թաւալի երազներուն կատարէն բայց պիտի չթերանայ իր դերէն։ Պիտի մեռնի, առանց «նշանախեց» մը զիջելու իր սկզբունքներէն։ Ու անըմբռնելին, այս ամենուն մէջ, սա՛, որ, այս ամէնը պարունակին մէջէն մարդու մը որ օր մը սեպհական կամք չյայտնաբերեց. որ ախորժեցաւ ամէն խումբի հետ ըլլալու (բացի անոնցմէ որոնց հետ հակառակութիւն մը իր ուխտին առաջին յօդուածը տուաւ իրեն) ու մտած տեղը պառակտում, կործանում առաջացուց:

Շրջաններ կան որոնք բառի մը տակ կուտան իրենց դիմագիծը: Ուրիշներ որոնք հատորէ մը չեն նուաճուիր։ Զարթօնքի սերունդը կը յատկանշէ ատոնցմէ առաջինը։ Չունիմ հարազատ տարազ մը որ կամուրջ ծառայէր ասոր եւ իրապաշտ սերունդին միջեւ։ Արուեստագէտ սերունդ բացատրութիւնն ալ ամբողջ յղացք մըն է ինքնիր մէջ։

Ու հիմա վերլուծումը Արփիարի տաղանդին յատկանշական կողմերուն։

 

3. ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐԸ

Զօհրապ, իր մէկ Ծանօթ Դէմքեր ուրուանկարին մէջ, անցողակի նախադասութեամբ մը անկիւնակապը կուտայ Արփիարի դերին, զայն անուանելով առաջինը մեր հրապարակագիրներէն որոնք մեր լեզուն, չըսելու համար մեր գրականութիւնը, ժողովուրդին մօտեցուցին։ Դատաստան մը կայ այդ բառերուն տակ, որուն խնդրական կամ վճռական ստուգութիւնը, արդարութիւնը մատի չեմ փաթթեր։ Բան մը պարզ է այսօր: Ու ատիկա՝ իրողութի՛ւնը, որուն համեմատ արեւմտահայ լրագրութեան բազմաբղէտ կարաւանին մէջ ամենէն կատարեալը, ամենէն իրաւը կը մնայ իր դէմքը, իրմէ առաջ ու իրմէ վերջ, իբրեւ հրապարակագիր։

Իրմէ առաջ կան անշուշտ շքեղ անուններ, յարատեւ, կոկիկ, արդիւնաւէտ վաստակէ։ Իւթիւճեանը չենք կրնար հերքել: Բայց իր Յիշատակներ էն դուրս, անոնք ալ լոյս տեսած Զօհրապի Մասիս ներուն մէջ (1892–93), այսինքն իր դերը աւարտելէն մօտ քառորդ դար վերջ, մեր գրականութիւնը իրմէ ոչ ինչ ունի արձանագրելիք։ Այդ ժխտական արդիւնքէն զատ, գործօն, նորոգող ոչ մէկ առաքինութիւն որով հանրային աշխատաւորը իրեն համար ինքնութիւն մը կ՚ապահովէ գէթ իր ողջուցը։ Պատրիարքարանի եւ զայն շրջապատող «ազգային»ներու կարծիքները կ՚արտայայտէ ճկուն իմաստութեամբ մը, առանց խիստ աձնականութեան. զգօն ու «գործը գիտցող», իր դպրոցին մէջ կաղապարելով իր ձագուկը որ աւելի վերջը Բիւզանդիոն ը պիտի դնէր քաղքենիներու իմացական պարունակին ու այդ ըմբռնողութեան ամրացումին պիտի վատնէր իր ամենագիտութիւնը, շրջելով դերերը։ Ու այս ուրուագիծին մէջ դժուար է նորէն չյիշատակել անունը Իզմիրի ախոյեանին` Մամուրեանին, որ աւելի ճոխ շնորհներ ունի բայց հեռու կը մնայ Արփիարեանի հետ զուգակշռուելու փառքէն. քանի որ ամսաթերթի մը ապահով անկիւնին մէջ ստիպուեցաւ ապաստան ճարել իր յայտնապէս արի տաղանդին։ Իր Հայկական Նամականի ն հեռուէն իսկ մերձենալի չէ օրուան կեանքը ով կազմուելիք բազմազան, ապրող, խոր արուեստով մը թաթաղուն յիշատակարանին։ Երկու անուններ, Իւթիւճեան եւ Մամուրեան լեզուական անուրանալի դերով մը անշուշտ իրաւունքը ունին մեր յարգանքին։ Բայց այդքան։ Սվաճեան, Փանոսեան հիմնովին զուրկ մարդեր են արուեստի զգայարանքէն։ Չերազ կը զղջայ ինք իրմէ։ Եղիա օրը եօթն անգամ գաղափար եւ ուղղութիւն փոխող ոuտոuտիկ ցաւագար մըն է, նոյնիսկ իր տաղանդին ամենէն հզօր շրջանին։ Կը մնայ կենալ Պարոնեանի մեծ եւ միակտուր դէմքին առջեւ։ Բայց աւելցնել անմիջապէս որ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ ծիծաղը բացառութիւնն է ու օրագրողը ամենօրեայ սննդատուն է զանգուածներուն։

Իրեն ժամանակակից ու քիչ մըն ալ իրմէ վերջ դարձեալ չունիմ անուն մը, օրագրող Արփիարեանին մօտը դրուելու: Արշակ Չօպանեան աւելի հետամուտ գրական պրպտումներու եւ ազգային գործօն պրոպականտ ի, արդիացած Մամուրեանի մը նկարագիրներով կը վարէ իր հանդէսները եւ ընտրանիին հետ ըլլալու շեշտ կամքով մը, չի հասնիր ամբոխին։ Իր ոճը, խառնուածքը հաւասար են Արփիարեանին, բայց իր նախասիրութիւնը գիրին աշխարհն է քան ապրող յոյզերուն։ Ու մենք հաշիւը տալ ենք պարտաւոր մեր ընդունակութիւններուն: Պարթեւեան տխուր օրինակն է մարդոց որոնց տուրքերը կը վատնուին այնքան անտեղի շռայլութեամբ ու անգամ մը իրենց ազնուատարր նախախայրիքէն պարպուելէ յետոյ վտանգ մը կը դառնան իրենց ընդունարաններուն: Անոր գրագէտի խառնուածքը չէր պաշտպանուած տարրական կառոյցով մը կամքի որով միայն մենք կը դիտենք մեր ժխտական հակումներուն, առնուազն չէզոքացնելով ասոնց բռնութիւնը եթէ երբեք չենք ալ կրնար ընդունակ ընծայել մեզ նուիրումի, զոհողութեան հանրային մարդոց մօտ ամենէն քաղցր ու տիրական գիծերը: Զարդարեան պարտք մը վճարողի չկամութեամբը ստանձնած է իր դերը, թէեւ երբեք չէ դաւած անոր։ Մօտէն տեղեակ եւ հոգեկան իր սա տրամադրութեան։ Քաղաքական զբաղումներու թոհուբոհին մէջ անիկա կ՚աւաղէր օրը, օրերը, երբ իր ներշնչումները ամիսներով կը կրէր կողերուն տակը իր ուղեղին ու իր կտորները կը խնամէր, արդար մայրութեամբ մը, զանոնք աշխարհին ընծայելէ առաջ։ Թերեւս ընթերցողը կը սպասէ այս թուումին հետ վեթերան հրապարակագրին անունին։ Պիտի չտրուի իրեն այս տխուր վայելքը։ Մեր լրագրութեան պատմութիւնը անով կրնայ ու պարտ է ոսկեզօծել իր էջերը։ Գրականութեան պատմութիւն մը բաւական մասնակի տիսիբլին մըն է որպէսզի մեր մտքին բոլոր վաստակաւորները անխտիր մուտք ունենային հոն: Մեր վարժարանները ոչ նուազ օգտաւէտ դեր մը ունին այդ վաստակին մէջ եւ սակայն ոչ ոքի միտքէն կ՚անցնի նոյնիսկ շքեղաշո՜ւք Ասքանազը, որ ծառայելու շատ հնաւանդ ձեւ մըն ալ ունի արձանագրած իր յիշատակին (չմոռնալ իր հատորները Զգրագիտութենէ ), ընդունուած տեսնել մեր արուեստին թանգարանէն ներս։ Այս մերձեցումները իմաստ մը կ՚առնեն սակայն անունին քովը Վահան Թէքէեանին որ կը մնայ ամենէն քիչ խաթարուած դէմքը. խաթարուած՝ հրապարակագիրը պաշարող, նուաճող, սպաննող հազար ու մէկ տրտմութիւններէ։ Բանաստեղծին մէջ որ փարթամ, միակտուր, անաղարտ գագաթ մը մնաց այդ մարդէն ներս երկրորդ գիծի կ՚իյնայ հրապարակին մարդը, ան ալ վտանգուած՝ ամբոխին հետ լեզու գտնելու անդարմանելի անկարողութեամբ մը։ Բայց ամենէն շատ Արփիարեանը յիշեցնող անունն է անիկա:

***

Անշուշտ, վանքի մը հնաբոյր ոլորտին մէջ իր իմացական հէնքը (frame) հայթայթած երիտասարդը զուրկ է քաղաքական ասպարէզի մը համար անհրաժեշտ, տիրական մէկ քանի տուրքերէ։ Ընկերային, տնտեսական, պատմագիտական եթէ ոչ լայն, խոր խարիսխներ, գոնէ ընթացիկ վարժութեամբ մը ձեռք ձգուած ծանօթութիւններ անդարմանելի կերպով պակսեցան իրեն սկիզբէն իսկ։ Կեանքը չտուաւ իրեն պատեհութիւն այդ թերիները, իմացական բացատները դարմանելու քիչ քիչ։ Ընդհակառակը զայն մշտապէս հեռու պահեց կեդրոնացումէ ուսումնասիրութիւն մը կարելի ընող պայմաններէ, գործածելով անոր ուժերը առօրեայ անհամար կարիքներուն։ Մեր հրապարակին աւանդութիւններն ալ նուազ ժխտական դեր մը չկատարեցին այս արդիւնքին համար: Տակաւին այսօր մեր օրաթերթերուն վարիչները ուրիշ պատկեր մը չեն տար իրենց իմացական պատրաստութենէն։ Հազուագիւտ է այդ մարդոց մէջ դէմքը որ միջնակարգ կրթութիւն մը կարենայ աւարտած ունենալ, չըսելու համար բարձրագոյն ուսման շրջան մը։ Ու գործիքը, այսինքն լեզուն հոգ չէ թէ ամենէն բարբարոսներէն բաւ եղաւ որպէսզի պատահական մարդեր, առհասարակ թերաւարտ կամ վրիպած ուսանողներ գլուխը անցնին մամուլի մը ու կարդան՝ մեզի պատգամներ իրենց չգիտցած բաներէն:

Յետոյ, մեր ժողովուրդին բացառիկ պայմաննե՛րը որոնք չեն արտօներ որ նոյնիսկ քաղաքական ընդունակութիւններ յայտնաբերող երիտասարդներ կեանքին փորձառութիւնները արժեցնեն, իրենց դիտողութիւնները զօրացնեն ու ատոնք պատմեն զանգուածին: Այսօր կուսակցական մարզանք մը կարելի գետին մը կ՚ընծայէ մեր իմացական այն ուժերուն որոնք քաղաքական ախորժակներու հետամտութիւն մը ցոյց կուտան։ Արփիարի օրերուն, կուսակցական զբաղումները մահուան մղձաւանջի մը հետ մշտապէս զուգորդ, հակառակ արդիւնքին պիտի տանէին իրենց սպասարկուները։ Կար ու չի կար ազգային պատրիարքարան մը կար, որուն դիւաններուն մէջ թափառիլը, գաղտնիքներէն ներս սողոսկիլը գերագոյն փորձառութիւնը կը կազմէր լրագրողին։ Ազգային ժողովին վրայ հսկող աչքը կառավարութի՛ւնը անկէ կը պակսեցնէր քաղաքական իրաւ գործարանի մը իր հանգամանքը։ Թաղականնե՛րը, թաղերու փոքր խորհրդարաններու ասպետները, փանկալի, ժամկոչի, տէրտէրի, վարժապետի վէճերուն վերեւ նիզակարձակ ու անտանելի: Ահա այն միջավայրը ուր կանչուած է պատրաստուելու, հասուննալու մեր մէջ ամէն քաղաքական միտք։ Ու խորհիլ որ կէս դարէ ասդին մենք Պոլսոյ մէջ պահեցինք երեք-չորս օրաթերթ, անշուշտ բոլորն ալ քաղաքական, որպէսզի վերեւ յիշուած փցուն հարցերը ծեծենք անոնց սիւնակներուն մէջ։ Ծիծաղելիէն անդին է այս միամտութիւնը ժողովուրդի մը համար որ քաղաքական ազատութիւն իսկ չունեցաւ։

Ասպարէզին սա բացառիկ նկարագիրը մէկ կողմէն, միւս կողմէն Արփիարեանի կրթութիւնը հասկանալի կ՚ընեն հրապարակագիր յղացքին տակ (արեւմտեան ազգերու մշակոյթին մէջ) զետեղուելիք իրականութեան մը կարելի տարողութիւնը [1] ։ Առնուազն ընկերային գիտութեանց տօգթէoռ մը» պիտի բացագանչէին նորերէն ոմանք։ Չեմ բաժներ այս խորութիւնը։ Վասնզի հիմա ունինք անոնցմէ ալ, ոչ տարբեր արդիւնքով սակայն։ Ու հոս ոչինչ կայ զարմանալի։ Մշակը` առանց սերմի, աւելի ճիշդ՝ առանց արտի, պատկեր մըն է որ կը լրացնէ չըսուածը։

Բայց այս ընդհանուր պակասին փոխարէն, ի՞նչ ապահով բնազդ, ժողովուրդ որակուած տարրին հասկացողութենէն։ Այս տիրականութիւնը (ma î trise), առաջին իսկ էջերուն մէջ, բանալին կուտայ այս մարդուն բացառիկ ազդեցութեան։ Ու անիկա ամենէն ապահով փաստն է խառնուածքին։ Ինչո՞ւ մենք մտիկ կ՚ընենք այսինչին ու անտարբեր ենք այնինչէն։ Մեր անձին ճառագայթումը մեր գործը կը լուսաւորէ՞։ Հարցեր են ասոնք որոնց լուծումը մեզ հեռուները պիտի տանէր:

Ի՛նչ որ ի նպաստ Արփիարեանի արձանագրելի է հոս, իր մտքին անհուն հետաքրքրութիւնն է հանդէպ կեանքին բոլոր ծփանքներուն։ Իր հաղորդականութիւնը՝ այն ամէն շարժումներէ որոնք կ՚ախորժին ծաւալ առնել ու գտնել միջակ, չըսելու համար խոնարհ դասակարգերու թանձր խաւերուն ներսը։ Պարոնեանին հետ ու անկէ աւելի, Արփիարեան մինակ է իր մատին պէս ճանչնալու մեր շուկան, ըսել կ՚ուզեմ անոր մարդերը, կատարելութեամբ մը, ճշդութեամբ մը որոնց չենք հանդիպիր այդ զանգուածէն անբաժան ապրած մեր գաւառաշունչ գրողներուն մօտն անգամ։ Երբ կը խօսի այդ մարդերէն, Արփիարեան կը մոռնայ բոլորովին գրագէտը իր մէջ։ Այս է թերեւս զսպանակը իր հեղինակութեան: Փորձեցէք նոյն շնորհները փնտռել Զօհրապին, Կամսարականին, Հրանդին մէջ։ Ձեր գտածը տիպարային հարազատութիւնն է շատ շատ, բայց ոչ տիպարութիւնը ինքնին (թող ներուի այս բառը)։ Բաշալեանին մօտ իսկ այս օտարոտի հովը զգալի է, հակառակ հեղինակին հսկայ ջանքին՝ ատիկա անզգալի ընելու, բարբառին վրայ գործադրուած անողոք պարզումներով։ Ժողովրդականութիւնը չշփոթել սակայն Արփիարի առաքինութեան հետ։ Ազնուապետական է Գ. Արծրունին մինչեւ ծուծը ոսկորներուն։ Առնուազն անհասկնալի՝ իր մտածումներուն պարունակովը։ Բայց վայելած է հսկայ համակրանք զանգուածներէն:

Յետոյ, մեր խմբագիրներէն ոչ մէկը չէ անցած այն տարօրինակ մկրտութենէն զոր ունեցաւ Արփիարեան մեր անցեալէն։ Վենետիկը տեսան շատեր։ Մեզ կանխող սերունդին աւագ անունները հաւանաբար նստան այն սեղաններուն վրայ ուր սորվեցաւ ու կարդաց ծովածին պատանին։ Բայց Թէրզեանի մը Սանդուխտ Կոյս ը կամ Պէշիկթաշլեանի Վահան Մամիկոնեան ը հիմնովին տարբեր մտայնութեան մը, աշխարհի քանդակները կը պատկերեն երբ մօտիկը դրուին Արփիարի մարդոց։ Մեր անցեալին սա իւրայատուկ զգայարանքը մասնակի շնորհ մըն է անոր մօտ։ Օրուան կեանքը, հակառակ իր ընթացիկ իմաստին, իր համը, խորութիւնը, խռովիչ հրապոյրը կ՚առնէ այն տարօրինակ գործողութենէն որով կ՚ընկղմի դարերու կեանքին մէջ ու վերբերուած պահուն մեզ կը տպաւորէ կրկնակ խռովքով մը, ճարուած մեր պատմութեան ալքերէն եւ յաւելուած մեր ներկայի դժոխքին։ Ու ինչ որ ուշագրաւ է, սա աշխատանքին պարզութի՛ւնը, զերծ մնալը ամէն հռետորութենէ։ Ոգեկոչական գրականութիւնը « փորձութեան նրբանցք մը » պիտի դառնար ոչ միայն մեր քերթողներուն, այլ նաեւ մեր դատողներուն մօտ։

Հռետորութեան սա պակասը բարերար ձեւով մը կ՚անդրադառնայ անոր գրական արտայայտութեան վրայ, առհասարակ։ Ամբողջ Ալիշանը եւ Բագրատունին գոց գիտցող այս մարդուն մէջ դժուար է նշմարներ գտնել գոնէ լեզուական ռոմանթիզմէն որով պարուրուած են իր շրջանին մարդերը։ Վարժապետին Աղջիկը վէպ մըն է որուն լեզուն կը պատմէ բաւական բան այդ ռոմանթիզմէն, որ լեզուական վերագրում մը ըլլալէն աւելի է սա տողերուն մէջ եւ կը ձգտի պատմել մտայնութեան, իմացական խառնուածքի ցուցանակէ մը։

Իրն է ճշմարիտ փառքը՝ քրոնիկը ազատելու այն օրերու ծիծաղելի իր կազմածէն։ Ներքին լուրեր ու, ազգային լուրեր ու կողքին՝ անհեթեթ գովեստի կամ անգութ, անոպայ պարսաւի միասիւնակ կամ երկասիւնակ, անստորագիր կամ ծածկագիր յօդուածն է քրոնիկ ը այդ օրերուն, տրտմօրէն հետեւակ ու աղքատ։ Արփիարեան մաշած այդ կաղապարին մէջ պիտի թափէր իր միշտ արթուն իմացականութիւնը, իր պատմական փորձառութիւնը (բառը գործածելով իբր զգայնութիւն), իր հեգնութեան աղն ու պղպեղը եւ մանաւանդ ժողովուրդ երակը, որոնք բոլորը մէկ այդ հնաբոյր, տգեղ կազմածը ըրին ամենէն փնտռուած սիւնակը` օրագրին։ Ամենուն ծանօթ է այդ քրոնիկներուն ընդարձակ ազդեցութիւնը արեւելահայ հասարակութեան բոլոր խաւերուն վրայ, ստեղծուած խանդավառութիւնը: Աւելի յետոյ՝ զանազան թերմ երէ Արփիարեան պիտի շարունակէ իր քրոնիկները, անունները փոփոխելով բայց անաղարտ պահելով խորքը։ Ու տալու համար ճշգրիտ ըմբռնումը իր իրագործումին, այդ սեռին վրայ (վասնզի իրմով քրոնիկը գրական ճշմարիտ սեռ մը եղաւ) ընթերցողը կը ղրկեմ Մամուրեանի, Պէրպէրեանի ու եթէ կ՚ուզէք՝ Գ. Չիլինկիրեանի սեւեռումներուն որոնք այդ շրջանի իմացական, ազգային, քաղաքական ու գեղարուեստական (բառը դրէք մեզայատուկ իր իմաստին) մեծ հոսանքները կը խորհրդանշեն։ Ինչ որ կը զատէ Արփիարեանի մէկ քրոնիկը Չիլինկիրեանի մը կամ Մամուրեանի մը տուածներէն, այն նոր, պարզ, սիրտցաւ, իրաւ զգայարանքն է որ գիրքերէն, մշակոյթէն, նախամտածուած սկզբունքներէն չի գար, այլ ուղղակի կեանքին անդրադարձն է մեր թուղթերուն վրայ։ Ծանր բառ մըն է պատուելիական ը զոր դժուար է այսօր գործածել Մամուրեանի մը ոսպնեակին համար։ Բայց Հայկական Նամականին որ 1860–70ական թուականներուն մեր քրոնիկին նախատիպ նմոյշն է, այսօր մեզ կը նեղէ ամէն ինչովը լեզուով, դիտողութեան գործիքովը, մանաւանդ այն կէս շիֆֆրէ կառոյցով որ, իր օրերուն թափանցիկ՝ որովհետեւ տիպարները ծանօթ են ամենուն, այսօր աւելորդ, անտանելի բեռ մըն է անձերուն, ինչպէս ասոնցմով տեսարանուած ապրումներուն։ Արփիարի արժանիքը պիտի ըլլար առանց ծպտումի, աւելի թեթեւ` առանց քօղի վեր առնել մարդերը, իրենց անուններուն իրական հանդէսին մէջ ու տալ զանոնք, իր տաղանդին լոյսովը երանգաւոր։

Իր քրոնիկները երկարած են իր կեանքին ամբողջ տեւողութեանը վրայ: Եւ որովհետեւ իր շփումները կեանքէն ընդարձակ են չափազանց, կը հետեւի թէ ինչ բազմաբղէտ կարաւան մըն է որ կը պտտի անոնց մէջ։ Մամուրեանի մարդերը մեր պատրիարքարանի շրջանակները, քիչիկ մը պետական պաշտօնատարները եւ մտաւոր մշակները կը պատկերեն։ Բուն իսկ մեր զանգուածը կը պակսի անոր: Արփիարեան կալըրիի ն կ՚աւելցնէ մեր միջակ դասակարգը, ոչ անշուշտ իբր գործօն ազդակ, այլ իբր նախատարր ամէն շարժումի: Այս փոփոխութիւնը մեկնակէտի պատճառ է փոփոխութեան մը արուեստի։ Յետոյ ու մանաւանդ ամենէն հիմնականը, կանխող սերունդին մտահոգութիւնները նպատակ ունին վարիչ կարգին եթէ ոչ կծու, գէթ բարեացակամ քննադատումը։ Դիտողութիւն, ծաղր, խայթում կը գործածուին մեծ զգուշութեամբ կամ պարկեշտ առաջադրութեամբ: Արփիարեան ուղղակի պայքարի հերոս մըն է։ Ինչ որ ըսէ, պիտի ըսէ կռուող մարդու բարկութեամբ, չարութեամբ, երբեմն անգթութեամբ։ Զուր տեղը չէ որ պիտի դիմաւորէ հասարակաց հալածանք մը, անողոք ու անդուլ։ Պիտի նեղեն զինքը իր մեծերը բայց պիտի մահափորձեն զինքը իր գործակիցները:

Իր միամտութի՜ւնը՝ ժողովուրդին կռթնելու որուն միակ դրական դերը թերեւս յուղարկաւորու եան շքեղ թափօրի մը մարդ հայթայթելէն անդին չէ անցած, երբ մեր իմացական վաստակաւորները արժեւորելու կանչուի: Իր հաւա՜տքը, մոլեռանդ ու յիմար, մեր տիրող դասակարգին մէջ արմատացնելու մէկ երկու հիմնական սկզբունքներ որոնցմով խանդավառուած է սա ուշացած Ռուսօն։ Իր կուրութի՜ւնը՝ չտեսնելու իր շրջապատը թափանցող այն ուժով որմէ միայն կը նուաճուին կարգ մը նախապաշարումներ ու կը փարատին: Թուրքին վրայ իր դատաստանները նեարդ առ նեարդ նոյնն են որքան Գոց Շուկայի ոսկերիչինը կամ տպարանի գրաշարապետինը, չյիշելու համար աւագները եւ գրողները։ Իր կուրութի՜ւնը դարձեալ քաղաքական կեանքէն, օտարին վրայ յոյս ոչ թէ ունենալուն ատիկա այդ օրերուն անխորտակելի պատրանքներէն մէկն էր եւ Արփիարեանի անկէ առնուած ըլլալը անխուսափելի փաստ մը այդ կրկներեւոյթին ուժէն այլ այնքան քիչ բան հասկանալու, չեմ ըսեր՝ դիւանագիտութենէն, առնուազն ԺԹ. դարու պատմութեան մեծ կնճիռներէն։ Թող աչքերը բանար անիկա իր մահէն երեսուն տարի վերջը ու տեսնէր պատկերը զոր մերձաւոր արեւելքը կը պարզէ այսօր:

Արփիարեանի մէջ քրոնիկին սա հսկայ դերը բացատրել ջանալ, պիտի նշանակէր այդ դերը կարելի ընող տարրին, բուն իսկ մեր ժողովուրդին վերլուծումը ընել այն քանի մը բացառիկ երեսներէն որոնք կանխող դարու վերջին քառորդին այնքան շեշտ իրականութիւններ էին, ի հեճուկս այնքան ալ հալածանքի: Այս աշխատութեան ընթացքին ատոնցմէ ոմանք կ՚իյնան սեւեռումի:

Հրապարակագիր Արփիարեանի մօտ կը հաստատեմ պակասը իր համոզումներուն մէջ կարծրացած մարդու մը բրտութեան: (Ազնուաշուքին դէմ իր չփոխուող կեցուածքը Կարմիր Ժամուցին մէջ փորձի՞ կ՚ենթարկուի)։ Բայց չեմ ծանրանար ատոր վրայ իբր առաքինութիւն: (Բոլոր անոնք որ մեր ժողովուրդին արժէքները կշռելու դժուար դերը կը ստանձնեն, պարտաւոր են համեստ ըլլալ եւ ընդունիլ ամենէն առաջ այդ ժողովուրդը միայն իբր եզր ինքը իրեն համար։ Ահաւոր անիրաւութիւն է զայն բաղդատել եւրոպական մշակոյթի վկաներուն։ Որքան՝ զայն փառաբանել ասիական խաժամուժին վրայ իր յայտ առաւելութեանցը կշիռով։ Ըսել ու գոհանալ մեր արժէքներուն մեզայատուկ փաստերը ու փաստերով)։ Ափ մը ժողովուրդէն սպասելի չեն շեշտ, մնայուն, վճռական նկարագրով շերտաւորումներ որոնք օտարներու մօտ մեծ կուսակցութիւններ կը դիմակերպեն ու զանոնք վարող մեծ, միակտուր անձնաւորութեանց շքեղ փառքը կը հանդերձեն։

Արփիարեան զուրկ եղաւ իր յարուցած հարցերը հաստատամտութեամբ հետապնդելու կորովէն։ Իր վրայ ծանրացող կասկածին առասպելը կ՚ենթադրեմ թէ առասպելէ մը անդին չ՚անցնիր։ Բայց ի՜նչպէս բացատրել իր թափառումները կողմէ կողմ։ իր մա՞հը։ Ապագան միակտուր անէծք միայն բանաձեւեց այդ բարբարոսութեան բայց չփորձեց լուսաւորել եղեռնը: Գաղափարի հակամարտութիւնները արիւնի կ՚իջնեն շատ քիչ պարագաներու: (Արփիարեանի ընդարձակ մէկ կենսագրութիւնը իրեն գլուխ մը ունենալու է այս ողբերգութիւնը ուր եթէ տիրական են ոճրապարտ արարքը դատապարտող տարրեր, մոռցուելու չեն ոճիրի մղող զսպանակներուն ալ իմաստները. վասնզի փաստեր կը բերեն գրագէտէն)։

Ուղղութենէ ուղղութիւն, գաղափարէ գաղափար անցնելու իր դիւրութիւնը դժուար է իբր փաստ շահագործել երբ փորձ մը կ՚ընենք զինքը ներկայացնելու այն լուսապսակին մէջ որուն արժանաւոր եղաւ իր բարիքներով, այս ժողովուրդին, եւ զոր ողջուցը անկարելի ընծայեց իր իսկ մեղքերովը։ Մեր մէջ հրապարակագիրը միշտ աւելի արժած է քան գրագէտը։ Այս ճշմարտութեան լոյսով, Արփիարեանը հասկնալի է իբր շրջանի մը կուռքը: Դարձեալ նոյն լոյսով կ՚աղօտանան դերբուկները, պարապները որոնք հանրային մարդու մը գոյութիւնը կը կէտկիտեն այնքան անողոք արատներով։ Կ՚անցնիմ։

Իր բարիքները բաւ են հակակշռելու ամենէն կանխակալ վերապահումները։ Էին՝ իր ողջուցը։ Եղան իր մահէն ետքն ալ։ Են հիմա պայծառ, կէս դար վերջը իր փառքի օրերէն։

Ան ազատագրեց մեր մամուլը ։ Իր մեծ գիծերուն մէջ ծանօթ է այդ մամուլը իրմէ առաջ։ Ան չստեղծեց անշուշտ Մասիս ը։ Բայց Բաշալեանի հետ անոր գլուխը անցած օրէն է որ սկիզբ կ՚առնէ արեւմտահայ հանդէսը, բառը գործածելով մեզայատուկ համեստութեամբ մը (ծանր, հիւթեղ հանդէսը մեր մէջ անկարելի էր շատ մը պատճառներով: Ատոնցմէ կարեւորագոյնը՝ թրքական գրաքննութիւնը։ Չէօքիւրեան–Շամտանճեան Ոստան ը Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ լոյս տեսաւ)։ Մեծ անուններ կը միջամտեն Արեւելք ին հիմնարկութեան բայց Արփիարն է հոգին այդ թերթին։ Երեսունէ աւելի տարիներ համրող իր գոյութեան ընթացքին Մասիս ինքզինքը չէ ազատած մուրացածոյ այն կեանքէն որ լրագրական, հրատարակչական ձեռնարկներունն է մեր մէջ մինչեւ այսօր: Արփիարեանի ձեռքին մէջ Արեւելք ը ուժ է արդէն, եթէ ոչ ինքնաբաւ, գէթ հպարտ ու ազդեցիկ, ներկայացուցիչը որոշ գաղափարաբանութեան։ Հանրային կարծի՞ք։ Խոշոր է բառը, պետականութենէ զուրկ համայնքի մը համար. բայց իրական՝ կարգ մը հարցերու շուրջ։ Բոլոր այն գաղափարները որոնք Արփիարեանի իմացական մթերքը կը կազմեն, հոն է որ կը մատուցուին հասարակութեան, ու ասիկա՝ առանց պատէ պատ ձեւերու: Բայց հրապարակագիրը իր լիութիւնը կը գտնէ մանաւանդ Հայրենիք ին մէջ . Շահնազարի խմբագրած թերթը) ուր անիկա հոգին իսկ է շարժումին։ Հոնկէ անիկա վարեց այդ օրերու յուզումնահար, տարականոն մեր հասարակութիւնը, ու շրջանին խոր ցանկութիւնները յաջողապէս աւազանեց իր էջերուն, խանութպաններու եւ արհեստաւորներու հաստ միտքէն ստեղծելով մեր բուն, իրական, ընթերցող հասարակութիւնը։ Էջեր քիչ կուգան այդ մարդուն դերը տալու համար այդ օրերէն։ Չմոռնալ որ անոնք օրերն են հսկայ ցոյցերուն, յոյսերուն, փողոտումներուն, ծրագիրներուն ու դարաւոր ակնկալութեանց մօտալուտ պսակումին…: Հայրենիք անգերազանցելի մնաց մեր մամուլին տարեգրութեանց մէջ։ Հոն ստորագրած է իր տաղանդը բնորոշող բազմաթիւ քրոնիկներ, իր հայեցողութիւնները նիւթացնող առաջնորդողներ։ Հոն են իր տեսութիւնները գրականութենէ, պատմութենէ (զգոյշ ձեւով մը գրաքննութեան սարսափէն) ու ընկերային բազմադիմի հարցերէ, բոլորն ալ քիչ մշակուած, թերի, բայց կրելով կենդանի մաս մը թափանցող, կորովի իմաստէ։ Եգիպտոս, Իտալիա, Ֆրանսա, Անգլիա անիկա միշտ պիտի հանէ թերթեր, առաւելապէս հանդէսներ երբ այլեւս զանգուածը չունի իր կռնակին. քանի որ քաղաքական ազդակներ զինքը փախցուցած են մեր ժողովուրդին ծոցէն, զինքը վերածելով գաղթային թռչունի մը։ Այդ հանդէսները սակայն սխրալի թառեր են մատուցուած իր մշտափոփոխ հոգիին կարօտներուն։ Անոնց մէջ անիկա կ՚ողբայ մեր պարտութիւնը, մեր դատին սրբազան սուգը եւ կ՚երգէ մեր յոյսին անխորտակելի ծիածանը։ Քաղաքագէտ, պատմագիր, արուեստի տեսաբան, քրոնիկագիր, յուշագիր ամէն բան է անոնց մէջ։ Ու բացի դիւանագիտական իր կառուցումներէն՝ մնացածը կենդանի է մինչեւ այսօր. վասնզի այդ մնացածին մէջ միշտ մաս մը անցած է իր խառնուածքէն։ Քիչ դէ՛մք մեր մէջ, որ այդ յամառութեամբ ըլլայ կապուած իր պատանութեան ըղձաւորութեանց: Ըլլայ մնացած մշտանոյն պատանին ու բան չսորվող հազար հազար հարուածներէն որոնք զարկին զինքը, իր ժողովուրդը: Չափազանցութիւն չէ յայտարարել թէ իրմով է որ մեր հրապարակագրութիւնը տեսակ մը արուեստի ճիւղ կը դառնայ: Այս տողերը գրած պահուս մտքիս կուգան Կուռմոնի քրոնիկները Mercure de Franceի մէջ։ Չեմ երթար առաջ, ֆրանսացի իմաստունին խոր, բազմատարազ դատումները, սեւեռումները հաստատելու չափ Արփիարեանի քրոնիկներուն մէջ։ Բայց, առանց նեղուելու այսօր ալ կրնանք կարդալ Մշակ ի մէջ իր օրուան կեանք ները։ Նոյն դիմացկունութի՛ւնը նաեւ Հայրենիք ի, Նոր Կեանք ի ու իր հրատարակած հանդէսներէն որեւէ մէկուն մէջ, իր բազմազան անունները արժեցնող քրոնիկներուն, երգիծական սլաքներուն, յուշքերուն եւ մտածման փշրանքներուն համար։ Ոչ ոք իրեն չափ ԺԹ. դարու մեր կեանքէն օգտագործելի ատաղձ ունի մթերած իր հրապարակագրական էջերուն մէջ որքան Արփիարեանը: Այս վարկածը դուրս է զուտ պատմագրական տարողութենէ մը։ Արեւմտահայ կեանքին անդրադարձը իր մամուլին մէջ տժգոյն է շատ, որպէսզի չխանդավառուինք այսօր այն ամէնով որոնք այդ կեանքին մէկ զանակը յաջողած են փրկել ժամանակէն։ Մեր վէպին շատ նիհար մթերքը, ու մանաւանդ իր ազատ բարքի տախտակները իբր քանակ այնքան տխուր հաստատումներ են այսօր։ Ու արեւմտահայ ընկերութեան առաւելապէս անոր մեծ, գաւառական որակուած հատուածին յեղաշրջումը ուսումնասիրողներ նպաստ պիտի գտնեն մեր քրոնիկներէն։ Ու հոս է Արփիարեանին ամենէն երախտալից դերը։ Երեսուն տարիներու երկայնքին` ինկող ելլող, պաշտօն ստանձնող կամ անդարձ մեկնող ամէն անձնաւորութիւն Արփիարին առիթ է տուած անփոխարինելի սեւեռումներու: Մարդոց սա յորդ անցքը ոչ ոք կառավարեց իր դիւրութեամբը։ Կը զատուի անիկա, սա գետինին վրայ Հրանդէն (Կիւրճեան Մելքոն) որ մասնակի, սահմանափակ սեւեռումներու մարդը մնաց։ Իր պատկերները, յիշատակները անշուշտ թանկագին պատառիկներ են, բայց պատառիկներ։ Անոնցմէ ընկերութեան մը ատաղձը դժուար է սպասել։ Կը զատուի դարձեալ, միշտ քրոնիկի գետնին վրայ, Արշակ Չօպանեանէն որ գրական կալուածին մոլեռանդ մշակը ուզեց մնալ ամենէն առաջ ու կռիւի, ազգային քաղաքականութեան (գլխաւորաբար օտար ոստաններու մէջ ասոր վերիվայրումներուն) եւ գրականութեան հարցերը շահագործեց, լեցնելու համար իր վաստակին կէս դարը անոնցմով եւ պակասաւոր մնաց ժողովուրդ տարրէն։ Չեմ բաղդատեր զինք մեր օրերու ընկերային գիտութեանց Տօգթէօռն երուն որոնք իրենց թերթերը ժամադրավայր մը կ՚ընեն դժոխքին մէջ դարբնուած զէնքերով մղուելիք կռիւին, հզօր ատելութիւններուն եւ ամէն օր երկու սիւնակ իմաստութիւն, խրատ, մարզանք կը տեղան մեր գլխուն, մեզ մագիստրոս ընելու համար եղբայրը ատելու ծիրանեփառ մասնագիտութեան մէջ։

Միամիտ, լայնամիտ, կծու բայց ոչ չար ու արիւնող (Պարթեւեան), հայրենասէր, ռոմանթիք, յեղյեղուկ, կամքէ թոյլ, երազէ հարուստ, համով, դիւրահաղորդ, կարդացուող, խանդավառ, անիրական՝ ինչպէս հինաւուրց ասպետ մը որ մոլորած է ու ինկած մեր օրերու տրտմութեան հովիտին, Արփիար Արփիարեան միջին տիպարն իսկ է իր շրջանին լաւագոյն ընտրանիէն, որ այսօր այլացած է այնքան, չըսելու համար անհետացած։ Իրմով կատարուած լրագրական վաստակը մեր մամուլին պատմութեան մէջ կը մնայ ամենէն քիչ մեղաւորը, ամենէն շատ օգտաւէտ իր, ինչպէս մեր ժամանակին համար։

Ցա՜ւ, անշուշտ որ դժուար ըլլայ իր մէջ ողջունել մէկը կամքի եւ միտքի հերոսներէն որոնք նոր ընկերութիւն մը կը հիմնեն ու պատմութեան ընթացքը կը փոխեն։ Ցա՜ւ որ իր հրապարակագրի գործունէութեան հետ կապուած մնան այնքան տխուր յիշողութիւններ իրմէ եւ իր շուրջիններէն։ Ցա՜ւ որ իր դերը ըլլայ այնքան թերաւարտ, այնքան ուրացուած, այնքան վիճայոյզ որքան ոչ մէկունը իր ընկերներուն։ Բայց մեզմէ վեր ձեռքեր կը պահեն թելերը մեր ճակատագրին։ Ու պատմագիրը չի կրնար սպառել երեւոյթներուն պարզ տողանցը անգամ, որպէսզի հասնի նաեւ անոնց զսպանակներուն ցուցահանումին: Արփիարեանի հրապարակագրութիւնը մեր քաղաքային եւ ընկերային պատմութեան մէջ իր լաւագոյն գործածութիւնը ունի։

 

4. ՎԻՊՈՂԸ

Իր վաստակը, մեր վէպին համար, իբր քանակ կը մնայ տկար, բաղդատուած իր հրապարակագրական հսկայ վատնումին։ Բայց մեծ չափով մնայուն տարրը՝ որով կը կերպաւորուի գրագէտի իր դէմքը։ Առանց իր վիպակներուն Արփիարեան գրեթէ կը նոյնանար Մամուրեանին զոր տակաւին մեր սերունդը չի կրնար մոռնալ երբ գրականութեան պատմութեան մը կը ձեռնարկէ բայց որուն վրայ ուրիշ, յառաջիկայ սերունդի մը դատաստանը երկիւղառիթ խորհուրդ մը կը պահէ իր մէջ։

Թիւով քի՛չ` այդ վիպակները, որոնցմէ ոմանք գլուխ-գործոց, բայց իրենց իմաստովը մեր գրականութեան յեղաշրջման տեսակէտէն՝ ընդարձակ, վասնզի հիմը կը դնեն վիպական դպրոցի մը։ Թերեւս իր խառնուածքին հիմնապահանջն է զսպանակը անոնց գրուելուն։ Իր մտքին երեք չորրորդովը հրապարակագիր՝ Արփիարեան յօդուածէն անդին կ՚անցնի, մտացածին էակներու եւ իրողութիւններու վրայով, գոհացում տալու իր հզօր ցանկութեան, եւ կը ստորագրէ առաջին էջերը մեր գրականութեան ուր օրուան կեանքը, անոր մէկ քանի ցաւոտ հարցերը, երբեմն անոր խորագոյն յուզումները կը սեւեռուին կենդանի մարդոց խումբով մը:

Մեր ռոմանթիզմին ոսկեդարը ինչ մեղք որ գրաւուած ըլլայ բացառաբար թարգմանական արդիւնքով մը։ Չեմ թուեր հսկայ վէպերը որոնք Իզմիրի դպրոցը փոխադրեց մեր լեզուին։ Բայց կ՚արձանագրեմ փաստը, որ թերթօնն է մեր լրագիրներուն մէջ, անխուսափելի ու մշտապահանջ։ Անկախաբար լեզուին մատուցած անոնց նպաստէն, ու ընթերցող հասարակութիւն մը ճարելու, կազմաւորելու իրական դերէն, ցաւ է ինծի հոս խօսիլ մանաւանդ անոնց տխուր ազդեցութենէն հայրենի գրականութեան վրայ: Նորէն ինծի կը մնայ հիանալ Տիկին Տիւսաբի ոչ թէ ազազուն տաղանդին այլ հսկայ իր համարձակութեան որ իրեն գրել կուտայ մէկէ աւելի թերթօններ, Թշուառներ ու ահաւոր փառքէն վերջը։ Այդ թարգմանութեանց ճնշումն է գուցէ որ մեր վէպը ըրաւ այդքան ճիղճ` իբր որակ ու այդքան անկշիռ՝ իբր քանակ։ Երկու տող կը բաւեն սպառելու համար անունները այն վէպերուն որոնք մեր գրականութեան սկիզբէն (1880) մինչեւ 1885 երեւցան, մեր կեանքէն վերցուած նիւթերով։

Չեմ գիտեր, պէ՞տք է հոս անգամ մըն ալ թարմացնել պատկերը զոր 1880ի մեր գրականութիւնը կ՚ընծայէ, մեծ, հզօր ու վաւերական քերթողներու մահէն ետքը, երբ Եղիա–Չերազ-Պէրպէրեան տարադէմ բայց միածնունդ երրորդութիւնը կը խաթարեն նոյնիսկ քերթողական պայծառ յղացքը մեր ռոմանթիկ բանաստեղծներուն ու գրականութիւնը կը սահմանադրեն անձնական հակումներու սպասին։ Պէ՞տք է խօսիլ այն գրաբարախառն լեզուէն որ երկպառակութեան դրօշ մը ըլլալէ առաջ հրեշածին յաւակնութիւն մըն է մանաւանդ: Ու քերթուածներէ՜ն որոնց միակ ու կարելի առաքինութիւնը՝ իրենցմով իրացած քերականական ճարտարութեանց հանգոյցը։ Ու մտայնութենէն՝ որ աղկաղկ լուսներգութեան մը կը վերածէ սերունդի մը եթէ ոչ իտէալը, գէթ անոր ընդերքին մէջ պտտող «բնազանցական սարսուռ» ը, այնքան ուշ ու գէշ կերպով փոխադրուած արեւմուտքէն մեր մէջ, դեռ Ալիշանով ( Նուագք ) իսկ, գրաբարացած ու օդացած (եթէ ներուի սա բառը), խղդուելով դպրոցաշունչ ու տրտմօրէն սպառազէն (լեզուական շքեղանքով) հասարակ-տեղիքներու գուպարէն։

Այդ անգայտացած ոլորտներէն դէպի թանձր իրականութիւնը դարձ մը մտածելը առաջին արժանիքն է Արփիարեանի։ Այս արժանիքը իր ամբողջ կշիռը կը ստանայ երբ զետեղուի այն շրջանին ուր կէս խենթ մը (Եղիա այդ վիճակով սկսած է գրել, խաւարելու համար լիակատար խենթութեան մը ծոցը) պատգամատուն է մեր իմացական բովանդակ մրցանքներուն, պաշպանութեամբը այլապէս մենամոլ ուրիշ ուժերու։ Ձգել գէջ արցունքներով ձեւազեղծուած այդ գետինները եսամոլ զեղումին, ու նուիրուիլ իրմէն դուրս հսկայ ցաւերու ուսումնասիրութեան, եւ այդ ցաւերը մշտաբոյս ընող պայմաններուն, անոնց ամոքումին համար խանդ ու սիրտ սպառելու համեստ դերը գերադասել խոնաւ, թացիկ գովեստներէ, ահա թէ ինչպէս կը պատկերանայ ինծի Արփիարեանի առաքելութիւնը այդ օրերուն:

Մեր բարոյական խօթութիւնները քօղազերծել, մեր ընտանիքը քայքայող ազդակները կարկառ ու ձեւերով հրապարակ դնել, մեր ընկերութիւնը խորաչափել իր աղտերուն, մեղքերուն jungleէն անդին ու մեզ կրծող թշուառութիւնները բանալ արեւին, արուեստի կրկներեւոյթին ընդմէջէն, տարազներ են որոնք լրագրողը կը մատնեն քիչ մը, բայց նոյն ատեն Արփիարեանի վիպական դերը կը ճշդեն։ Արեւելահայ վէպին մէջ տիրապ կան սա ուղղագիծներուն պարզ փոխադրութիւնը չէ որ կը կատարուի իրմով։ Վէպ մը կ՚արժէ ոչ թէ իր ձգտումներով nրոնք հասարակաց են բոլոր ընկերային հարցերով հետաքրքրուողներուն, գրագէտ կամ ոչ այլ այդ ձգտումները կերպագրող կեանքին իսկ նուաճումով, որ այս անգամ այլապէս բարդ գործողութիւն մը` կը պահանջէ առնուազն տաղանդ։ 1880ին արեւելահայ վէպը ըրած է իր մեծ նուաճումները. մօտեցած մեր ընկերութեան գրեթէ բոլոր խաւերուն ու սեւեռումներ իրագործած որոնք այսօր այնքան թանկագին են մեր ընկերային հոլովոյթը ուսումնասիրողին։ Արփիարեան արեւմուտքէն աւելի արեւելքէն կ՚առնէ դժբախտաբար իր գրգիռը մեր կեանքը մեր արուեստին հանելու:

Ո՛ր տխուր խորհուրդը կը միջամտէ որպէսզի այսքան լայն իր հետաքրքրութիւնը չառաջանայ դէպի լրիւ իրագործումը իր ցանկութեանց ու պահէ անոր գրիչը վախկոտ (խորքին մէջ) ու ցուցամոլ (արտաքնապէս) փորձերու վրայ ու անոր ստորագրել տայ թերխաշ, անաւարտ բազմաթիւ վիպակներ որոնց ամէն մէկը կը սկսի իբր գլուխ-գործոց մը, յաջորդ էջերուն վրայ տկարանալու անխուսափելի ճակատագրով, դիմելով ուղղակի նիւթին, այսինքն` ձգտումին արտահանումին ու արուեստի գործը վերածելով Ֆիլմի հրապարակագրութեան մը: Կ՚ըսեմ ասիկա խորունկ ցաւով։ Կը մեղադրեմ, այս վրիպանքին համար լրագրական զբաղմանց մէջ իր անըմբռնելի թարթափանքը ու մանաւանդ հեշտանքը զոր թեթեւ այդ կտորներուն անմիջական աղմուկը կը հայթայթէ իր անհանդարտ ջիղերուն: Կը մեղադրեմ, ու աւելի խոր կերպով, արեւելահայ վէպին ազդեցութիւնը իր վրայ, չարաղէ՛տ (այս բառը խոշոր չէ հոս), վասնզի զինքը զառածեց խղճամիտ աշխատանքէն, ինչպէս միշտ ըրին իրենց գործերուն հետ, իր ընկերները, ու բաւարարարեց զինքը նպատակին, ձգտումին ճնշումովը: Արփիարեան շատ ուշ պիտի ազատագրուի այդ ազդեցութենէն։ Իր յաջողագոյն վիպակները Կարմիր Ժամուց եւ Ոսկի Ապարանջան գրուած են կեանքին վերջին շրջանին երբ այլեւս բաւական հեռացած էր Կովկասէն եւ բան մը սորված Եւրոպայէն։

Արփիարեանի վիպակներուն նախանիւթը կուգայ մեր ժողովուրդին միջակ խաւերէն։ Մօտ քսան տարի, ընդհատաբար, անիկա պիտի առնէ, իր լաւ ճանչցած մարդոց շրջանակէն, մէկ երկու յատկանշական դէմքեր, անոնց վրայ պիտի խարանէ ընկերային կեղը որուն դէմ ուղղուած է իր դառնութիւնը. հինգ տասը էջերու երկայնքին զանոնք պիտի ապրեցնէ այդ մարդոց ըսել կ՚ուզեմ ընթերցողին իսկ վայելքին համար, գործածելով միամիտ պատրանքով մը գրեթէ անոնց առօրեայ լեզուն, դնելով անոնց միտքը ճիշդ ու ճիշդ պարունակին մէջը իրենց հասկացողութեանց, կազմուած գաղափարներուն, չմիջամտելով անոնց տափակութիւնները եթէ ոչ սրբագրելու գէթ մեզի խնայելու անտանելի բեռը թարմատար տարրերու, ու աւարտելով տռամը ջլախտի, հիւծախտի այդ օրերուն շատ փորձուած լուծումներէն մէկուն մէջ։ Դրէք իր վիպակներէն որեւէ մէկը Բաշալեանին զուսպ ու արդար կծծութեանը առջեւ: Անկէ իսկոյն պիտի թափին թարմատար խօլաբոյսերը, թօխաֆ, արկօ խօսակցութիւնները, տկար ձեռքէ մը խուսափիլ ձգտող ցրուումը մարդերու հոգեկան միութեանց, մանաւանդ արտայայտութեան անսանձ արձակութիւնները ու պիտի ունենանք պիրկ, պարզ բայց ամբողջ պատկեր մը մարդոց, որոնք իբր միտք աւելի չեն իրենց միջինէն բայց կատարեալ են, գրեթէ տիպարային կատարելութեամբ մը։ Դրէք իր քիչ մը երկարաշունչ մէկ վիպակը, օրինակի մը համար Հոգու Զաւակը Կամսարականի մը խորաճաշակ աշխատանքին առջեւ ու անիկա պիտի վերածուի շրջանի մը միջին գիծերը համադրող համապատկերի մը։

Այս մերձեցումները անոր համար, վասնզի ինք ամենէն օժտուածն է իր տաղանդին մէջ բայց զայն վատնելու իր կերպը զինքը արգիլած է իր ժամանակը սեւեռելու կամ գէթ իր աշխարհը յօրինելու գերագոյն փառքերէն որոնցմով միայն վիպողի մը անունը կ՚անցնի իր օրերը, դիմանալու համար ապագային ալ։ Ծաւալը, շունչը, տարրերը այս կառոյցին՝ բայց չեն այդ կառոյցը։ Ժողովրդական մնալու մեր փառասիրութիւնը յաճախ կը պատժէ մեզ (Ռաֆֆին ուրիշ կարողութեանց գումար մըն է)։

Դառնալու համար Արփիարեանի վիպական վաստակին, աւելորդ չեմ նկատեր ամփոփ տողերու մէջ խօսիլ Կարմիր Ժամուց էն որ անոր լայնագոյն ու լաւագոյն ճիգն է այդ գետնին վրայ:

Չեմ պատմեր գործը։ Բաւ է յայտնել որ անիկա տախտակ մըն է մեր օրերէն։ Իրերադրումն է երկու որոշ աշխարհներու որոնք իննսունական թուականներուն կը համախմբէին արեւմտահայ զանգուածները իբր ապրող ու խորհող, տառապող ու մարտնչող իրականութիւն։ Պոլիսը եւ գաւառները: Այս երկուքէն անիկա սքանչելի ճշդութեամբ մը կը ճանչնայ առաջինը, իբր տէգոռ, մտայնութիւն, ոգի, ցանկութիւն, տիպար, հասարակ մարդ, կարկառով մը, իրականութեամբ մը, մանրամասնութեանց նպաստով մը, զանազանութեամբ մը որ կը զարմացնեն մեզ բայց հասկնալի են ընկրկումի օրէնքով մը։ Ժամանակին մէջ հեռասուզում մը յաճախ անհրաժեշտ է որպէսզի հում իրականութիւնը ենթարկուի իմացական բիւրեղացման հանրածանօթ օրէնքին եւ փոխադրուի (transposer), թօթափելով իր կորնչական տարրերը եւ վերածուելով իր պարզագոյն կաղապարին։ Այս բարեբաստ գործողութիւնը կատարուած է այս անգամ։ Արփիարեան Պոլսոյ իր ապրումները յիշատակներու չէ փոխած տակաւին, բայց անոնց հաստ իրականութենէն ալ չի տառապիր երբ կը գրէ իր գլուխ–գործոցը: Բոլոր այն էջերը ուր Պոլսոյ դիմագիծը կը թրթռայ, մեզ կը գրաւեն անմիջական, անառարկելի հաղորդականութեամբ մը, կեանքէն բխած բայց անկէ տարբեր արուեստի հանգանակ մը կայ այս չորս բառերու ծոցը ըլլալով այդ կեանքին ոգեկոչումը ոչ թէ լուսանկարը, այս անգամ աւելի թանկ, վասնզի մեքենականը փոխարինուած է հոգեկանով։

Պոլսական իր մասին մէջ վէպը անթերի ուրուագիծեր ունի տեղերէ, մարդերէ, հոգեբանութիւններէ, պատմական զգայութիւններէ որոնք հատորներու նիւթ կը խտացնեն ու մեզ կը շահագրգռեն այսօր իսկ, գէթ իբր վաւերագրական տախտակներ ա՛լ շիջած աշխարհէ մը: Զմայլելի արագութեամբ ու կարելի կարկառով կը շինուին այդ Պոլսեցիները ձեր աչքին իսկ առջեւ, քանի մը դարձուածքով, հպումով, յարդարանքով ու կը նետուին էջերն ի վար։ Ժամկոչ մը, Սրբազան մը, տէրտէրներ, էֆէնտիներ, մենծ աղա մը տրուած են այն շատ հազուադէպ կենդանութեամբ, կարճակտուր շէնքով որ ընթերցումը կը պատրէ, կը փոփոխէ, ընելու համար զայն տեսակ մը շփումը, խառնուիլը պատմուածին, մոռցնելով գրողը, նիւթը։ Ընթերցողին եւ նիւթին մէջտեղէն վարագոյրը պատռելու սա յաջողակութիւնը քիչ անգամ կը դիտուի մեր վէպին մէջ։ Այս արդիւնքը մի կապէք նիւթին իսկ առաքինութեան թէեւ իրական է ասիկա եւ մարդերուն կարելի հարազատութեան։ Կարմիր Ժամուցը մեծ գիծ է վիպողի մը վաւերական փաստն է մեր գրականութեան համար։ Այս հաւաստումը վճռական է այս անգամ: Ուշագրաւ որքան տխուր է կրկնել նոյն հաւաստումը բոլոր այն մարզերուն համար ալ ուր անիկա գործածեց իր ուժերը բայց ի՜նչ յիմարութեամբ: Քիչ մը աւելի կորով, խնամք, կամք` ու անիկա Պարոնեանն է մեր երգիծանքին, նուրբ, խոր, եւրոպական ջնարակով մը աւելի զօրացած։ Նոյն պայմանները՝ աշխատանքէ, ցանկութենէ, միշտ քիչ մը աւելի ամուր գրկուած, իրաւ հետապնդուած՝ ու անիկա մեր ընկերութեան մեծ պատմիչն է: Ու այսպէս յաջորդաբար իբր յեղափոխական, քննադատ, շարժումներու արարիչ։

Վէպին միւս աշխարհը, գաւառը չէ ընկած նոյն հարազատութեամբ կաղապարումի։ Արփիարեան կը ճանչնայ Հայաստանը Պոլիս թափած անոր փշրանքներէն, բայց չէ ապրած դանդաղ, նեարդ առ նեարդ հիւսուող իրականութեամբը որով ճամբորդութիւն մը, օդափոխութիւն մը, սանկ քննական պտոյտ մը կը զատուին մեր իսկ ներքին էութիւնը յօրինող հոգեբանական կտաւէն։ Մենք կը շինենք մեր հոգին ըսեր եմ տեղ մը մեր անդրանիկ պատանութեան դռներուն։ Ու կ՚աւելցնեմ՝ արուեստը այդ ամենաթանկ ստացումներուն մանրումն է, շահագործումն է, շրջաբերութեան հանուիլն է, մեր հասունութեան տարիներուն կատարուած։ Այս վարկածին լոյսովը` բացատրելի Կարմիր Ժամուց ին վրիպանքը բոլոր այն մասերէն ուր գործողութեան դաշտը կը փոխադրուի գաւառական գիւղ մը։ Վարժապետներ, տէրտէրներ, երիտասարդների անուններ են հոն, հազիւ հազ ծոցուոր՝ սրբազան սարսուռով որ Պոլիսը դող կը հանէ ու մայթերուն վրայ արիւնը կը վազցնէ այնքան հզօր եղերականութեամբ մը։

Չեմ ծանրանար գիրքը լեցնող ոչ թէ գաղափարին այլ գաղափարաբանութեան։ Կը վկայեմ թէ Կարմիր Ժամուց ը որեւէ պատմական հատորէ մը աւելի ուժգին եւ հարազատ պատմած է այդ օրերու մեր գաղափարներուն ընդհանուր տարողութիւնը։ Բայց այդքան։ Մտայնութեանց սա արտահանումը` փորձիչ ու հրապուրիչ ամէն պատմողի, գրեթէ անյաղթելի դժուարութեանց կը բախի երբ կը կատարուի fictionի գետինէն, վասնզի հասկանալի պատրանքով մը շուտով կը զանցէ իր սահմանները, գրաւելու աստիճան բուն իսկ ստեղծումին իրաւունքը եղող մասեր։ Ու ասիկա կատարուած է Կարմիր Ժամուց ին մէջ ուր արդէն մեռեալ տարր է նոյնիսկ մեզի համար որ ապրած ենք այդ գաղափարաբանութիւնը մեր իսկ արիւնով։ Այս է ճակատագիրը բոլոր այն գործերուն որոնց խարիսխը, երբեմն ամբողջ կառոյցը հանուած են անմիջական այժմէութենէն։ Ո՛ վ գիտէ ինչ խոր հաճոյք զգաց Շիրվանզադէ իր Արսէն Դիմաքսեան վէպով տեսարանուած մարդոց սաթիր էն։ Այսօր այդ մարդերուն ծիծաղելիութիւնը տարտամ է մեզ համար, չըսելու համար անգոյ։ Օրուան մարդերը, փոքր հաշիւներու լուծումին, առնուազն գայթակղութեան պղպեղին համար, անունները փոփոխումով կամ ոչ (Զարեան հազիւ թափանցիկ շղարշ մը նետած է իր ծաղրանկարներուն վրայ, բոլորն ալ առնուած վաւերական դէմքերէ ) բռնի արուեստին հանելը իր պատիժը իր մէջը ունի։ Կէս դար յետոյ ո՜վ պիտի հետաքրքրուէր Դիմաքսեանի մը կամ Ազագային Հնդկահաւուհի ին վաւերագրական կողմերովը երբ արուեստը այդ կողմերը չէ այլացուցած, պայծառակերպած։ Թէզ ով վէպերուն հրապոյրը, ինչպէս տկարութիւնը մէկ է։ Դեռ չեմ խորացներ վերլուծումը այդ գաղափարաբանութիւնը ենթարկելով ծանր քննութեան։ Աւաղել միայն կը մնայ մեզի այդ աստիճան անծակ միամտութեան մը վրայ երբ յեղափոխական այնքան վտանգաւոր գործունէութիւն մը կը վստահուի տէրտէրներու, վարժապետներու, այսինքն ինքնին կեանքի եզրին նետուած մարդոց։ Թուրքը դատելու սա կարճառօտ որքան սուտ եղանակը ուրիշ ազգային մեղք մը։ Չենք հասկցած թէ առիւծին մորթն իսկ բեռ է գրաստին։ Չենք հասկցած թէ աշխարհի ամենէն արիւնկզակ ժողովուրդը, մահուան անկողինին իսկ վրայ, կարող էր մեզ կործանել ու կործանեց։ Բայց այս հարցերը այն ատեն քանի մը միտքերու համար ունէին իրենց իմաստը։ Արփիարեան մեր պահպանողականութիւնը ծիծաղելի ըրած է էֆէնտի ին ցայտուն տիպարովը որ հոյակապ նշխար մըն է հին սերունդի մը առաքինութեանց, ճկունութեան, աւանդական այնքան ազդեցիկ տուրքերուն որոնք դարէ դար չպակսեցան այս ժողովուրդի ընտրանիին։ Հարկ չկայ մեծ անուններու ոգեկոչումին։ Միայն կանխող դարը բաւ պիտի գար այս վարկածը արժեւորելու վայել շքեղութեամբ։ ԷՖէնտին անհաւասար շահեկանութեամբ մը կ՚ապրի վիպակին մէջ։ Սկիզբի էջերը զայն կը բերեն մեր զարմանքին իսկապէս անփոխարինելի հարազատութեամբ մը։ Ականատեսն է այդ էջերուն հեղինակը որ իբր թաղականութեան կամ պատրիարքարանի քարտուղար ապրած է այդ դրուագները։ Հոդ զմայլելի է կարկառը: Բայց հետզհետէ կը տժգունին գիծերը: Որքան հսկայ բաթէթիք ՝ սակայն պալեա յով պատուուած այդ վսեմաշուքը ապրեցնել թաթին ներքեւը դարաւոր ոսոխին, կեանքի եւ մահուան ստոյգ ողբերգութեան մը ծոցին ինչպէս եղած է արդէն իրականութիւնը։ Ի՜նչ յաջող պատեհութիւն, իրեն համար, ցոյց տալու մեզի թուրքին ամբողջական դէմքը, որ միայն հայերուս հոգիին խորը նկարուած իրականութիւն մըն է, դեռ արուեստի գործով մը չառարկայացած։ Արեւելահայերու համար թուրքը Թիֆլիսի փողոցներուն մէջ դդում կամ լէպլէպի ծախող Ֆանթոշ ն է եւ կամ երեւակայական դեւ մը: Արփիարեան կը ճանչնայ սակայն այդ ժողովուրդին գոնէ որոշ մէկ հատուածը, ոստիկանութիւնը, ջարդողները, իր իսկ ջիղերուն վրայ։ Ու ցաւ է հոս յայտնել թէ ան կորսնցուցած է առիթը իր ժողովուրդին ընելու իր գերագոյն ծառայութիւնը, միանգամ ընդմիշտ պատմութեան յանձնելու ցեղի մը վճռական քանդակը։ Կը խորհիմ թէ հեգնողը վնասած է հոս իրեն, ողբերգականը այդքան աղօտելով իր մէջ (նոյնը պատահած է Երուանդ Օտեանին որուն Անիծեալ Տարիները եւ Արիւնոտ Յիշատակները կ՚անցնին մեր վրայէն, հազիւ դպելով քանի մը լարերու, եւ սակայն անոնց ամէն մէկ բառը թաթխուած է արիւնին մէջը իր եղբայրներուն) ու թելադրելով իրեն աղուաշ բաներ ու պատկերներ: Մեր ուզա՞ծը։ Բայց մեր ամբողջ ողբերգութիւնն էր, իսլամութեան ամենէն յատկանշական կեդրոններէն մէկուն մէջ, արեւելքի եւ արեւմուտքի երջանիկ մրցադաշտին վրայ, հայու եւ թուրքի հարցը վերջապէս սեւեռուած առարկայական ճշդութեամբ տախտակի մը վրայ։ Կարմիր Ժամուց ը այդ հարցին թերաստուերը միայն կուտայ:

Գիրքին վա՞րկը։

Կուգայ ապահովաբար նոյն ու մէկ աղբիւրէ. Արփիարեանին տաղանդին իսկ նկարագրէն։

Ոճ, սահուն, տիպարային զրուցատրութիւն, ցած լեզու, երբեմն արկօ, առատ մթերք մը շուկային, տնավարի ասութիւններու, տեսակ մը զանցում, զառածում լրջութենէ, խորքէ, յաւակնութենէ բաներ որոնք միշտ ըսուեցան իր գործունէութիւնը յատկանշողներու կողմէն պարզ, մօտ, իրաւ մնալու բռնի ճիգ մը, ապրեցնելու, խորացնելու տեղ ուրուագծելու թեթեւձեռնութիւն մը, նիւթը մանաւանդ, քիչիկ մը զուարթախոհութիւն որ հազիւ կը հանդուրժուի արեան սա հանդէսին առջեւ, գիրքին կուտան հաճելի երբեմն շտապ ընթերցումի շնորհ մը, պարագայական իմաստէն անկախաբար։

Ասկէ աւելի երկարաշունչ ճիգ չէր կրնար սպասուիլ հիմնովին օրով ապրող, մինչեւ ծուծը լրագրող մնացած սա մեծատաղանդ բայց կամազուրկ երազատեսէն:

Աւելի կատարեալ է Ոսկի Ապարանջա նը ոչ անշուշտ իբր «աշխատաւորական վէպ» ինչպէս բռնի մկրտուեցաւ անիկա վարձուած գրիչներէ, այլ իբր արտայայտութիւնը Արփիարեանի ամենէն հարազատ կողմերէն մէկուն: Մեր գրողներէն միակն է անիկա որ գրականութիւն ըրաւ ամենէն քիչ զառածելով գրագիտական պահանջներու գոհացումէն։ Ժողովուրդ տարրը միշտ կայ իր մօտ, իր ամէն կտորին խորը: Հոս է թերեւս բանալին իր մեծ հեղինակութեան։ Իր վիպակներուն մէջ կիրքերու հերոսները, զոհերը կերպով մը տարուած են գրականութեան։ Կիներու եւ օրիորդներու հոգեբանութիւնը դժուար էր ընել այդ օրերուն, պարզ` լեզուին ու բարքերուն անհամապատասխան զարգացումէն։ Արփիարեանի սեւեռեալ մտածումը եղաւ մեր ժողովուրդը մնալ: Ահա թէ ինչ ու իր այն վիպակը ուր այդ պատեհութիւնը ամբողջութեամբ մատչելի մնաց իրեն, ըլլայ նոյն ատեն իր լաւագոյն նուաճումը։ Աւելորդ է պատմել։ Գրաշարի մը ողբերգութիւնն է, դիտուած ահաւոր հարազատութեամբ մը՝ մարդու մը կողմէ որ իր շուքին պէս կը ճանչնայ իր ընկերը, գործակիցը, խմբագրին անխուսափելի սoզին ըսելս կուգայ։ Որուն տառապակոծ կեանքը կարելի է փոխադրել նոյնութեամբ խմբագրին ալ վրայ, երկուքն ալ ամենէն ապերախտ աշխատանքին շղթայուած բարիա ներ։ Արփիարեան հոս հասած է զուսպ ու շքեղ բաթէթիք ի մը: Գրագէտի իր տուրքերը կը գտնեն իրենց ա՛լ չհանդիպուելիք գործածութիւնը։ Երիտասարդութեան օրերուն իսկ իր ուշը գրաւած այդ ողբերգութիւնը անիկա նուաճեց մահուան դռներուն:

 

***

Արփիարեանի վիպակները խմբել մէկ հատորի տակ, ծառայել է մեր գրականութեան։ Ն. Գ. Բ. ի պակասաւոր փորձէն վերջը, նոր տպագրութիւն մը պէտք է դարմանէ այս թերացումը: Իրապաշտ սերունդին մեզի կտակած բոլոր էջերը արժանի են մեր խոր գուրգուրանքին թէ՛ իբր իրացում, թէ՛ իբր քանդակ բարքերու: Մեր նոր մտաւորական ընտրանին, իր մատենադարանին մէջ ինքզինքը վիրաւորուած չի զգար երբ օտար վէպերու կողքին իրենց տեղերը պահանջ են արժանիքով եւ իրաւամբ այն գործերը որոնք մեր ցեղային յոյզերուն մէկ կարեւոր տոկոսը կը պահեն իրենց էջերուն խորը: Արփիարէն հատոր մը վիպակ անշուշտ Մոբասան մը կամ Մօրան մը չեն կրնար տեղափոխել, բայց ատոնց չափ իրաւունք ունի մեր սիրոյն: Մեր կեանքը այնքան արագ իր վախճանին կը սուրայ, որ անկէ գողցուած ամէն զանակ կտակի մը պէս կը յուզէ մեզ։

 

5. ԵՐԳԻԾՈՂԸ

Երբեմն մարդեր կը նուաճեն իրենց տաղանդը, անկէ ստանալու գինով ներգոյակ ամբողջ ուժը, բարիքը։ Լեւոն Բաշալեան, Յակոբ Պարոնեան, Դանիէլ Վարուժան, Միսաք Մեծարենց, Պետրոս Դուրեան տուին լիութիւնը իրենց քանքարին։ Երկարող կամ վաղազրաւ կեանք մը բան չփոխեց արդիւնքէն։

Ուրիշնե՛ր որոնք կը նուաճուին իրենց տաղանդէն։ Ըսել կ՚ուզեմ անհեռատես լայնութեամբ մը կը վարուին անոր հետ, զայն լծելով բազմադիմի փառասիրութեանց գոհացումին։ Եղիան շքեղ օրինակ մը այդ անառակ որդիներէն։ Արփիարեան՝ ուրիշ մը։

Քմահաճո՞յք, իրերու պահա՞նջ, խառնուա՞ծք։ Ինչ գիտնամ։ Ինչո՞ւ Արփիարեանի ուժերուն լաւագոյն տոկոսը յատկացուած պիտի ըլլար ամենէն ապերախտ վաստակին հրապարակախօսութեան եւ այնքան քիչ բաժին մը պիտի առնէին ատոնցմէ բուն իսկ ստեղծագործական սեռերը: Տեսանք այս դժբախտութեան փաստը վիպողին մօտ։ Քիչ անգամ մեր գրականութիւնը վէպի կալուածին մէջ, պիտի ողջունէ այնքան ընտիր, անփոխարինելի առաքինութիւններ որոնք Արփիարեանի վիպակները կը խորհրդաւորեն իրենց չհասուած մասովը: Ու, դժբախտութիւն մը դարձեալ, երգիծանքին համար որ այլապէս հզօր սեռ մըն է բոլոր գրականութեանց մէջ։

Կը յայտարարեմ անմիջապէս որ Պարոնեանէն յետոյ անիկա ամենէն օժտուած հեգնողն է մեր հին ու նոր գրականութեանց։ Չունի անշուշտ Ադրիանապոլսեցի կատակերգակին ճշմարիտ հանճարը որ կէս դարու մահը արհամարհեց արդէն ու հետզհետէ պիտի մեծնայ, իրական իր պատուանդանին վրայ իր փառքը միանգամ ընդմիշտ կոթողելու: Բայց գերազանց է միւսներէն, ժամանակակիցներ ասոնք Օտեան, Թլկատինցի, Առանձար եւ այլն:

Դիւրին է Պարոնեանը վերածել քանի մը խոշոր կողմերու, թիւով քիչ բայց բաւական պարզ որոնց իրերադրումը կ՚ընդգրկէ անոր ամբողջ գործին իմաստը։ Գաղիացիք իրենց Մոլիէռին հանճարը ճշդորոշելու ատեն կը գործածեն peuple բառը։ Տարազը աւելի քան հարազատ է Պարոնեանին համար: Ժողովուրդ յղացքին մէջ կայ անշուշտ այն առողջ, հաստ, թաւ ծիծաղը որ մարդոց որդիներուն ստուար զանգուածը կը շահագրգռէ, շատ մօտիկը կենալուն՝ իրենց ամենէն պարզ, ամենէն բնական ախորժակներուն։ Գրական վայելքներէն ամենէն դիւրամատոյցը ամբոխներուն՝ խնդալն է մարդոց վրայ: Ու Պարոնեան ուրիշ բան չըրաւ։ Ուղղուած ըլլալով մեր ժողովուրդին գրեթէ բոլոր խաւերուն, ինքզինքը բաշխեց լայն, վճռական զեղումով մը։ Արդիւնքը իր գործն է որ քանի մը փոքր թխումներէ դուրս, կը ներկայանայ արեւմտահայ գրականութեան ամենէն համադրական փառքը ու մեր ժողովուրդին (արեւմտահայ զանգուածին) մեծագոյն հանդիսարանը: Ինչ որ պարտքն էր ընել մեր վէպին, Պարոնեան յաջողեցաւ իրագործել: Իր գիրքերուն մէջ մթերքը կայ ոչ միայն դէմքերու, ամէն կարգէ ու երանգով, այլ հսկայ տախտակներ ու բարձեր մեր բարքերէն։ Զայն ուշի ուշով կարդալը համապատասխան է մեր նորագոյն պատմութիւնը վերծանելու օգտաւէտ աշխատանքին։ Կը հետեւի այս կարճ տողերէն թէ որքան բարձր կը մնայ անիկա իբր կամք ու տաղանդ, զի մարդոց արժանիքը իրենց իրացումներով է պայմանաւոր: Ու կեանքը կը հպատակի բռնաւորներուն, Յիսուսի օրերէն: Չէ՞ որ Գալիլիացի Վարդապետն անգամ երկինքի արքայութիւնը կը խոստանայ բռնիներուն, յափշտակողներուն («Բռունք յափշտակեն զարքայութիւն երկնից»)։

Իբր ընդարձակութիւն, խորութիւն Արփիարեանի տաղանդը քիչ աստիճանով մը կը տարբերի Պարոնեանէն (կան երակներ իր մօտ որոնք աւելի թանկ արդիւնքներ տուին եւ որոնք պակսած են Պարոնեանի)։ Բայց մարդոց տաղանդը չէ որ գործերը կը նուաճէ: Ըսի քիչ վերը ով է որ կը յաղթէ: Այդ պարունակէն դիտուած՝ Արփիարեանի գործը կը մնայ փոքր, հատուածական, անջատ իր մայր վաստակէն։ Անշուշտ զանազանութիւն մը յաւելում մըն է միշտ։ Բայց պէտք չէ մոռնալ պատգամը: Ով որ կը մանրէ, մանր կը քաղէ: Արփիարեանի մէջ քանակի պարզ հարց մը չէ սա վերապահումիս զսպանակը։ Գերազանցապէս ժողովուրդ հրապարակագիրը իր ժամանակէն բազմաթիւ մարդեր սեւեռեց իր օրուան կեանքը ներուն շրջանակովը։ Եւ որովհետեւ, ըստ տեսութեան, կեանքը աւելի հարազատ ու խոր է միշտ իր ընդօրինակութեան [2], այսինքն արուեստին մէջ, դժուար չէ խորհիլ այն փարթամ կարաւանին որ իր նուէրը պիտի ըլլար մեզի, իրմէ վերջերուն քանի որ տրուած նմոյշները այնքան բարեբաստ փրկումներ են։ Մի կարծէք թէ կը շեղիմ, հեղինակէ մը տեսնել ուզելուս՝ իր չտուածները: Դուրեանէ մը չգրուած քերթուածներ անոր տաղանդը չեն վիրաւորեր։ Բայց երգիծանքը զանգուածէն կը սնանի ու զանգուածը կ՚ազատէ: Յետոյ միայն հնաբանութիւնը չէ որ իրեն կը վերապահէ ազատութիւնը ակռայէ մը, ոսկորէ մը վերակազմելու ամբողջութիւններ։ Մեր գրականութեան պատմութիւնը ածականներու բաշխում մը չէ ոչ ալ գովեստի, պարսաւի փոփոխակի ընթերցում մը։ Անիկա գերագոյն շտեմարանն է մեր բարքերուն, մեր ամենէն մնայուն ու անկորուստ տարրերուն։ Ահա թէ ինչու պակաս, թերաւարտ գործերուն շուրջը իմ հետաքրքրութիւնը կը սիրէ ծուլանալ, ու տեսնել փորձել տրուածէն՝ լռուածը:

Արփիարեանի հեգնական զգայարանքը (իրական է ասիկա որքան քնարականը, ողբերգականը, անկախաբար խառնուածքին միջին կաղապարումէն) իմացական է շեշտ կերպով, չըսելու համար իմացապաշտ (Պէրնար Շo)։ Իր վիպակներուն մէջ անիկա գործածած է այդ զգայարանքին հաստ հեղումները, ժողովրդային ախորժանքը, առանց յաւակնութեան, խոշոր աղի կտորներու նման նետելով զանոնք անձերուն բարբառին, մտածումներուն, երբեմն ապրումներուն վրայ։ Բոլոր վիպակներուն մէջ տիալոկ ը թանձրօրէն շաղախուած է այդ տարրով։ Երբ կը խօսին այդ մարդերը, վստահ եղէք թէ կը հեգնեն։ Խնդացնելու համար զիջո՞ւմ։ Չեմ կարծեր: Տեղական գոյնի մտահոգութի՞ւն: Կարելի է։ Իր ծաղրին այս խոշոր, ժողովուրդ մասը, դժբախտաբար նիհար իբր քանակ, թերեւս հրապարակագրական խուլ ձգտումներու կը սպասարկէ իր մօտ։ Իրմէն քմայք մը, յիշատակ մը, մտածում մը, դէպքի մը յեղումը կարդալ կը նշանակէ քանի մը տեղ զովանալ, հանգչիլ, սանկ թեթեւ մը խնդալ ամենէն քիչ, այն անսպասելի կսմիթներով որոնք հանդարտ թռչող մեղուները կը յիշեցնեն։ Դարձեալ, իր ծաղրին այս մասին համար անիկա առանձին յարդարում չունի ու ասիկա՝ կերպ մըն է իր մօտ։ Ոչ մէկ վիպակ չէ գրուած միայն ու միայն խնդացնելու համար։ Այս կողմով անիկա հակոտնեան է Պարոնեանին որ կեանքեր պատմեց` հեգնած ըլլալու հաճոյքին համար: Անտեղի չէ իր անունին հետ, սա մարզին վրայ, յիշել ֆրանսացի Ալֆոնս Տոտէն որ մեր իրապաշտներէն ոմանց նախասիրութիւնը եղաւ:

Նուրբ, իմացապաշտ երանգով իր հեգնութիւնը կը կազմէ իր երգիծանքին հիմնական տարրը։ Ո՞ր հրաշքին միջամտութեամբը Արփիարեան պիտի ազատի Պարոնեանին ձգողութենէն, լքելու համար հաստ ու արձակ, կուշտ ու կշտացնող քաշքշուքը որուն համար հոգի կուտայ զինքը կարդացող ժողովուրդը, եւ փորձելու՝ եւրոպական սրամտութեան վրայ ձեւաւորուած փոքր, չար բայց ոչ արիւնող, խածան բայց ոչ թունալից իր պատկերները որոնց նմանը չունինք իրմէ առաջ (Պարոնեան կեանքեր պատմեց, գոհ չզգալով իր հանճարը դրուագին, պատկերին անձուկ շրջանակին մէջ): Չունինք Արփիարեանէն յետոյ, դարձեա՛լ, մարդեր որոնք խայթել գիտնային իր մեղմութեամբը ու խելքովը։ Թլկատինցին մտայնութիւններու խորը կծկտած, ծփուն ու ճկուն բայց գլխէն զարնուած humeur մը երբեմն կը դնէ իր տողերուն մէջ, բոլորովին տարբեր քաղքենի, խոր, իր ըրածին գիտակ հեգնանքէն որով թաթխուած են Արփիարեանի պատառիկնե՛րը, գրուա՜ծ՝ միայն ու միայն այդ հեգնանքի սիրոյն: Պարթեւեանի սաթիր ը մախանքէ, նենգութենէ, չարութենէ կը բխի ամբողջութեամբ ու հակառակ ուժին մեզ չի նուաճեր այլ կը զարհուրեցնէ: Սխալ չէ հասարակաց դատաստանը այդ անգութ պարսաւէն, զոր կը դաւանի անիրաւ ու սպաննող։

Ծաղրած է մանաւանդ Պոլիսը։

Անոր ազնուաշուքները, իրենց դիրքերուն ու վարկին վրայ ամրակառոյց բայց դողահար, որոնք դրամը, պաշտօնը, ազգը ու ասոր սէրը զարմանալի մասնագիտութեամբ մը հաշտ կը պահեն ժամանակին դժնդակ փորձին։ Օրհնեալ Գերդաստան ը նմոյշ մը չէ միայն այդ բարձրոլորտ ու բարձրորակ ծաղրէն, այլ բարքերու մանրանկար գոհար մը: Ամէն անգամ, որ իր գրիչը կը հանդիպի այդ «շուքով» մարդոց շուքերուն, բնազդաբար կը գտնէ տարօրինակ սրութիւն, կենդանութիւն ու թափ։ Իր բոլոր վիպակներուն մէջ անիկա պատեհութիւնը շահագործած է այդ դասակարգին պատկերը շփացնելու, ինչպէս կ՚ըսեն գաղիացիք, տեսանելի ընծայելու համար թերութիւններու եւ ախտերու ցանցը որ մեր միսերուն տակը կը փռուի, ծածկուած բարակ խաւով մը։ Հասնիլ այդ մարդոց թաքուն իրականութեան, անասելի, հսկայ քանի մը մեղքերուն պարագրկումին, ճշդել անոնց վրայով մեր մէջ դրամին դերը, փառքին շուքը, յաւակնութեանց ու տաղանդներուն նանրանքը, ծրագիրներ են որոնք չիրագործուեցան։ Աշխարհիկ թէ ֆրանսական կարգէն իր ուրուագրումները այսօր դիւր կուգան մեզի բայց չեն նուաճեր ինչպէս է պարագան Պարոնեանի սեւեռումներուն համար։

Հէնցումէնց ները, ինտէլիգէնտ ները կատարելութեան հասնող մանրանկարներու վրայ։ Հոս գերազանց է Պարոնեանէն որուն Մեծապատիւ Մուրացկաններ ը ծաղրանկարային իր զանցումներովը կը վրիպի գուցէ իր իսկ մտադրութենէն։ Մեծապատիւ մուրացկանութիւնը յաւիտենական է ոչ թէ դժբախտ այդ մարդոց թափօրովը այլ աւելի ջոջերուն, անոնց որոնք Պարթեւեանին նման զայն նուիրագործեցին ու վաւերական իրենց տաղանդը շանթարգելի նման գործածեցին իրենց բարոյական ըմբռնողութիւնը ըսել կ՚ուզեմ՝ ասոր միակտուր ժխտումը պաշտպանելու: Յիմար բանաստեղծ մը չէ միայն ան որուն վրայ սեւեռումներ փորձուին, այլ մեր օրերու ընտրանիին ստուար տոկոսը։ Արփիարեանի սեւեռումները թէեւ կարճ բայց անմոռանալի մանրանկարներու կը վերածեն նոր իրականութեան հերոսները, առաւելապէս Կովկասէն, իրենց համալսարանականի կամ թերաւարտի ամբողջ յոխորտանքը կրելով թանկ մուշտակներու նման ու դատելով տաճկահայերը toupetով մը, որուն ամպարագիծ նանրութիւնը չէ շիջած իր ուժէն մինչեւ այսօր։ Դեռ մեր գաղութներուն մէջ անոնք են թերթերու պետերը, խօսքի ասպետները, կազմակերպութեանց քուրմերը։ Ինտէլիգէնտ էն մինչեւ փանջունի ն ու մինչեւ աւելի նոր լուսքօղկոմ ի ներկայացուցիչն երը պատկերը չէ փոխուած։ Արփիարեան երեսուն տարի ընդհատաբար կճեց այդ մարդերը երբեմն անմոռանալի շքեղութեամբ։ Պոլիս այցելող այդ ինտէլիգէնտները իրենց ծիծաղելին կը կրեն վայելչութեամբ մը որ չէ մաշած վասնզի ներշնչած է Առանձարին իր գեղեցիկ գրօգի ներէն մէկը։ Իր Բիւրոյականներ ը, անոնց Փետրուար 30ը լաւագոյն կերպով մը կը պատկերեն տիպարներ որոնք սանկ քառսուն մը տարի մեր հրապարակը չափեցին, չափչփեցին իրենց կոնֆէրանս ներուն ու սոցեալ ական պետութիւններուն երիվարները կաղնիկաղ քշելէն: Փանջունի էն առաջ ու մանաւանդ վերջ որքան իրաւ էին ու են այդ մարդերը, այն օրերուն՝ Հայաստանը ազատելու սուրբ կիրքով, այսօր՝ ամբողջ երկրամասը երկաթեայ տրեխներով կոխկրտելու եւ մարդկութիւնը ազատելու աւելի հոյակապ ուխտերով։

Հոսհոսները, էֆէնտիները, աւագանի եկեղեցականները, դաշն, թեթեւ ծանականքով մը ուր պակսէին Օտեանին այլուրութիւնը իր պատմածէն, Պարթեւեանին մախանքը, Պարոնեանին ծանրութիւնը եւ որ սկիզբ մը պիտի ըլլար Օտեանին տաղանդը հունաւորող։

Այս հաստատումներէն յետոյ դժուար է սակայն ճիշդ նկարագիրը հանել Արփիարեանի ծաղրին, ինչպէս դժուար է նման աշխատանք մը Արփիարեանին համար ամէն սեռին մէջ որոնք փորձուեցան իրմէ։ Այս դժուարութիւնը ծնունդ է այն անկատարելութեան, լրումին չհասած արդիւնքներուն որոնք իր գործերը կ՚ընեն գործողին կեանքին նման անկայուն ու կէս ճամբան մնացած։ Ասկէ զատ, թերեւս ծնունդ՝ իր իսկ տաղանդին նկարագրին որ կերպարանափոխող է քան կառուցանող։ Ուր որ երեւցած է այս մարդուն գրիչը, հոն բան մը փոխուած է անպայման։ Քանդե՞լ, շինե՞լ։ Բառեր են: Մարդոց ուժերը քիչ անգամ կը նուաճեն կրկներես գործունէութիւններ։ Ոմանք պիտի կործանեն։ Ուրիշներ պիտի շինեն: Այսպէս կը քալէ կեանքը։ Շատ սպասել պիտի նշակէր Արփիարեանէն՝ պահանջել իրմէ դարագլուխ սկսող արմատականութիւն մը։ Իր ծաղրը, միւս տուրքերուն քով, լրացուցիչ մըն է, իր գաղափարներուն պաշտպանութեանը լայնօրէն սպասարկու։ Պարոնեանին համար երգիծանքը գոյութեան հարց մըն է, իր իմացական բրոդոբլազմա ն, գէշ բառ մը գործածելով։ Օտեանին համար նուրբ անանձնացում մը, փախուստ մը իրականութենէ, հայեցողական կեցուածք մը զոր գիտակցօրէն որդեգրած է եւրոպական մտքին հետ իր երկար, դառնագին շփումներուն իբրեւ անդրադարձ։ Օտեան չէր իսկ անցուցած մտքէն իր ծաղրին մէջ դնել ինչ որ հասարակ տեղիք է այսօր. բարոյացնել, բարւոքել, նշդրակել` բուժելու համար։ Այս վերջին մտապատկերը լրջութեամբ իրը ըրած է սակայն Արփիար Արփիարեան որուն պատառիկներն իսկ պիտի ծառայեն իր ժողովուրդին։ Փլե՞լ. ինչու չէ, երբ ատիկա պիտի կանգնէ նոր շէնքը։ Մեր եկեղեցիին, աւելի ճիշդ՝ եկեղեցականներուն վրայ իր յարձակողական կեցուածքը Գ. Արծրունիի աշկերտութիւն մը չի մատներ միայն, այլեւ իր խառնուածքին տիրական փաստերէն մէկը։ Յետոյ, օրագիրը գրականութեան մը ամենէն առաքինի ձեւն է իր դասակարգէն մարդոց։ Աւելին։ Գործօնութեան սերունդները անխուսափելի կերպով անատակ եղած են հայեցողական կառուցումներու։ Երբ Պարոնեան ինքզինքը պարտադրած է մեր հրապարակին որ կը նշանակէ իր տաղանդին լիութիւնը գտած մեր իմացական փոթորիկը հազիւ կը սկսի։ Այդ փոթորիկին ինչպէս ձիու մը վրայ նստող ու զայն վարելու յաւակնող սերունդին մէջ ոչ ոք Արփիարի վճռականութիւնը, անխորհուրդ յաւակնութիւնները, կործանումները պիտի համարձակէր տալ իր ազազուն մարմինին։ Արփիարեան կրկէսի հերոսի մը պէս քալեց։ Ու գործածեց ինչ զէնք որ ինկաւ իր դժբախտ ձեռներուն հասողութեան: Ատոնցմէ մէկը երգիծանքն էր։

Իր արդիւնքը անարժան չէ իր տաղանդին ու ձգտումներուն։ Կէս դար յետոյ զանոնք կարդալու արժանի կեցնող շնորհը միայն ոճէն, նիւթէն չի գար, այլ անկէ որ բան մը փրկուած է անոնցմով։ Մեր իրապաշտներուն բոլորին ալ պակսած է ծաղրը։ Արփիարեան սերունդին դիմագիծը կը ներդաշնէ, բերելով գրականութեան ամենէն վաղնջաւոր ու ամենէն գեղեցիկ սեռերէն մէկուն փայլը անոր վրայ։ Մեր վէպը, բանաստեղծութիւնը, քննադատութիւնը, պատմութիւնը նորոգող այս շարժումը, իրապաշտութիւնը, չէր կրնար զուրկ ըլլալ ծաղրին փաստէն ալ։ Արփիարեան դարմանեց պակասը: Ու ասիկա պզտիկ փաստ մը չէ:

 

6. ԴԱՏՈՂԸ

Մահուընէ չորս հինգ տարի առաջ Բանբեր հանդէսին մէջ Արփիարեան ստորագրած է դատողի իր երկարաշունչ վաստակը Արեւմտեան Հայոց Արդի Գրականութիւնը յատկանշական տիտղոսին տակ։ 1902ի Գեղունի ներէն մէկուն մէջ ալ Հայոց Արդի Գրականութիւնը վերնագրով նմանապէս երկարաշունչ ուրիշ գրութիւն մը։ Երկուքը մէկ կը ներկայանան իբր համադրական անդրանիկ աշխատութիւն, մեր նոր գրականութեան հիմնագիծերը տալու:

Ոչ աւելորդ ոչ ալ վրիպած այդ փորձը մեղքն ունի քիչ մը ուշացած ըլլալու: Արշակ Չօպանեան տուած է իր քննադատի վաստակին լաւագոյն ու լայնագոյն խայրիքը, սկսելով իր վերլուծումները մեր ու օտար գործերէն, դեռ դպրոցի սեղաններէն։ Օրաթերթերու, հանդէսներու մէջ անիկա գտած է կերպ մը արեւմտեան գրական ըմբռնումները մեր մէջ փոխադրելու եւ այդ ըմբռնումներու ցուցմունքով դատելու մեր գրականութեան առաւելապէս նոր երբեմն ալ հին դէմքերը: Զօհրապի Դէմքեր ը փշրանքներ են նոյն ոգիէն։ Կամսարական եւ Բաշալեան զգոյշ էջերու վրայ յաջողակ նմոյշներ ունին դատումի։ Ինքը Արփիարեան իր քրոնիկներուն, վէճերուն մէջը պատեհութիւնը չէ կորսնցուցած գիրքերէն ու հոսանքներէն իր տպաւորութիւնները եւ ախորժակները պատմելու: Բայց վերը յիշուած աշխատանքին նկարագիրը ուշագրաւ է իբր ձգտում ու նոյնքան մըն ալ իբր իրացում:

Կա՞յ այդ գրուածքին մէջ քննադատը, այնպէս ինչպէս կը ներկայանայ բառով յղացքը այսօր մեր միտքին։ Դժուար է պատասխանել: Ու ահա եղերականը։ Նոյն հարցականը՝ նոյն տարակուսական հաւաստումով մը կը կրկնուի նաեւ հոս, ինչպէս կրկնուած է երգիծող ին առիթով, ինչպէս բանաձեւուած է իր վիպական վաստակին առջեւ:

Դատելէ առաջ այդ ճիգը կը կենամ պահ մը Արփիարեանին առջեւ երբ անիկա գրիչը ձեռքը կը սկսի իր աշխատանքին։

Հաւանաբար դարուն փոփոխումը դեր մը ունի աշխատութեան մէջ իբր կարեւոր ազդակ մը։ Իր ժողովուրդին իմացական կեանքը փռուած է անոր աչքերուն, առաջին բլանին` շքեղ ու գրաւիչ արդիւնքներով։ Նայուածքը կը հանգչի, քանի կ՚ընկըրկի, նոյնքան պայծառ ուրիշ անուններու, որոնցմէ ոմանք անխորտակելի փառքերը եղան այդ գրականութեան։ Իր սերունդը: Զինքը կանխողները, տարօրինակ փաղանգի մը պէս, անցեալին դեռ տաք մշուշին մէջ իր բաբախումները պահելով։ Աւելի հեռուն անկազմակերպ ճիգեր, թշուառ ու գերի զանգուածի մը ծոցը, անոր յուսակորոյս գոյութիւնը կենսաւորող ձգտումով։

Այսօր, մեր երիտասարդութիւնը, ան որ գրական յաւակնութիւններ կը կարծէ ներել իրեն, պարտաւոր է նկատի առնել պայմանները որոնք ընձեռուած են իր ուժերուն։ Մօտ դարու մը կեա՛նք, որ համազօր է ուրիշ շրջանների սանկ տասնեակ մը դարերու։ Մեր գրականութեան բարեշրջումը մեզի իրաւունք կուտայ աւելի քան վստահութեան բայց երբեք ամբարտաւան ուրացումին։ Արփիարեանի խանդաղատանքը զինքը կանխող ու իրեն ընկեր սերունդին համար կը մեկնի այս իմացական պարկեշտութենէն։ Անիկա գիտէ թէ կէս դարու հոլովոյթ մը որքան բան փոխած է միտքերէ եւ արտայայտութեան միջոցներէ։ Ու այդ փոփոխութիւնը արձանագրելով ցեղին շնորհներուն տոմարին, անիկա ամբողջական պատկեր մը կ՚ուզէ դնել ընթերցողին աչքերուն, ձեռնարկելով իր ուսումնասիրութեան։

Իբր ատաղձ քիչ բան՝ որ ըլլայ նոր այդ աշխատանքին մէջ։ Պայքարող մարդուն ամենէն աւելի պակսողը ժամանակն է. ըսել կ՚ուզեմ՝ հմտութեան ու դանդաղ կառուցումին համար անհրաժեշտ պարապուրդը որ աշխատաւորը կ՚արտօնէ մանր, խղճամիտ զննութեան, պրպտումին, մատենադարաններու նպաստին եւ այն հազարումէկ մանրամասնութեանց որոնք առանձինն անկշիռ՝ բայց քով քովի դրուած, կը լրացնեն շրջան մը, դէմք մը, սերունդի մը հոգեբանութիւնը։ Արփիարեան մշտապէս զուրկ եղաւ նման պատմութիւններէ։ Ասկէ զատ խառնուածքը հզօր ճնշում մըն է արուեստի գործին վրայ: Հրապարակագիրը անոր մէջ միշտ տիրական, միջամտած է անոր բոլոր ստեղծումներուն։ Իր վէպը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ իր գաղափարներուն (հանրային սպասէ) կենդանի մարդոց վրայով պրոպականտը, գէթ իր լայն մասին մէջ։ Իր երգիծանքը անկախ ու ձրի հեղում մը չէ իրմէ, այլ իր կիրքերուն, սկզբունքներուն, երազներուն մթնոլորտին մէջ մարմնաւորուած փայլակում մը։ Ուրիշ կերպ չէր կրնար գործադրել անիկա դատելու հարցին մէջ։

Իբր արժանիք կը ծանրանամ գործին գծագրութեան վրայ։ Ու մի զարմանաք։ Կան քննադատներ ու դառնօրէն իրական, որոնք մարդու մը վաստակն իսկ չեն կրնար ողջունձեւել, իր հիմնական գիծերուն վերածելով սանկ քսան երեսուն տարիներու աշխատանք մը ու կը գրեն երեք հարիւր էջ, առանց որ տարրական յաջորդութիւն մը յարգուի գոնէ հրատարակութիւններէ։ Արփիարեան հաստատ բաժանումներ կիրարկած է մեր կիսադարեան գործունէութիւնը տեսնելու համար առնուազն յառաջատուական առաքինութեամբ։ Շրջանէ շրջան անցումները կը մատնեն պարկեշտ դիտողը որ կը պատրաստէ իր ըսելիքին։ Իւրաքանչիւր շրջան, գոնէ դէմք անիկա կը տեսնէ իր ակնոցին նախասիրութեամբ, առանց խաթարելու գիծերուն հէնքը։ Յետոյ, ամենէն կարեւորը, երբեք չէզոք պատմող չէ եղած անձերու կեանքին թուականներուն, գիրքերուն տափակ մունետիկը որ անոնց պարունակութիւնը կը բարբառի մեծաղաղակ ու կ՚անցնի։ Հիմնական ըմբռնում մը կը պաշտպանէ իր դատումները ու ասիկա արեւելահայ փոխառութիւն մըն է։ Գրականութիւն մը սպասարկուն է ժողովուրդին: Ռուսական ծագումով սա տեսութիւնը որքան ալ վիճելի, շաղախ մը եղաւ արեւելահայ գրականութեան համար ու ատեն մըն ալ մեծ բարիք։ Ամբողջ արեւելահայ գրականութիւնը, Աբովեանէն մինչեւ յետ-Հոկտեմբերեան երկաթերգակները ամրօրէն կնքաւոր է այդ յղացքով։ Ու եթ է վտանգած է իր իսկ դերը գրականութիւնները գերին չեն գաղափարներուն գոնէ այդ յղացքով անուղղակի ծառայած է մեր ժողովուրդին, ազատելով անոր հոգեկան դրութենէն շատ մը գեղեցկութիւններ։ Թումանեանի երգած գիւղը կործանած է այսօր Արարատի փէշերուն, բայց ընդմիշտ կանգուն է անիկա Թումանեանի կտակին մէջ։ Ու ասիկա ճիշդ է անոնց բոլոր գրողներուն համար։

Տարազին կիրարկումը արեւմտահայ գրականութեան վրայ ստեղծած է տարօրինակ արդիւնք մը։ Արփիարեան գրագէտ եւ գործիչ յղացքները գործածած է իրարու տեղ, զանոնք արժեւորելով իրենց ընդհանուր ձգտումին մէջ։ Ու լայն մաս է յատկացուցած մարդոց որոնց այլապէս շահեկան դիմագծութեան արժանիք, գեղեցկութիւն, երբեմն մեծութիւն չէ որ կ՚ուրանամ, բայց որոնց բուն գետինը մեր պատմութիւնն է։ ԺԹ. դարու հայոց պատմութիւն մը խոշոր գլուխներ պարտաւոր է նուիրել մարդոց որոնք Ռուսինեան, Զօրայեան, Օտեան եւ այլն կը կոչուին, իրենց մատուցած հսկայ բարիքը պատկերելու համար մեր զարթումին։ Ու այդքան։ Գրականութիւն մը իրացած, բիւրեղացած գործերու յաջորդութիւն մըն է ամենէն առաջ ու անոր պատմութի՛ւնը՝ այդ գործերուն ճակատագիրը, իրենց երեւման օրին ու անկէ յետոյ: Երբ կը զանցենք այս տեսութիւնը ու մեր խառնուածքին նախասիրութիւնովը կ՚ողողենք մեր շրջապատը, Նահապետ Ռուսինեանին գործունէութիւնը պիտի այլակերպենք, ջանքը, տառապանքը, երազները առնելու համար իբր չափանիշ ու պիտի տանք անոր դէմքին քանի մը հարիւր տող, լաւ ալ չգիտնալով թէ ինչու քանի որ արդիւնքէ մը չէ որ կը մեկնինք։ Նոյն վտանգաւոր չափանիշով մենք պիտի մղուինք քանի մը տող միայն նուիրելու մէկու մը որ մեր քնարերգութեան մեծագոյն դէմքը եղաւ, այդքան կանուխ, տուաւ մեզի անմահ տաղարան մը սիրոյ եւ տառապանքի եւ մեռաւ առանց ճառեր խօսելու, ազգային սահմանադրութեան կանոնագիր մը խմբագրելու կամ տարեգիրք մը հրատարակելու: Կարդացեք Գեղունի ի մէջ Պետրոս Դուրեանին դէմքը հանող չորս հինգ տողը ու պիտի համոզուիք մեթոտին տարօրինակութեան։

Այդ աշխատանքին մէջ Արփիարեան չունի դարձեալ մանրավէպին, բերանացի պտտող դէպքերուն, գրողները իրենց յատկանշական կողմերուն մէջ լուսաւորող փոքր դրուագներուն բարիքը, ինչպէս ըրած է շատ յաջողակ մտադրութեամբ մը Հրանդ Ասատուր որուն Դիմաստուերներ ը նմոյշ մըն են խղճամիտ ամփոփումի, անտիպ ու կորսուելու շատ մօտիկ մանրամասնութեանց։ Ինչ որ տուած է մեզի սկզբնական այդ շրջանէն, լրագրական ընդհանուր յիշողութիւններ են միայն, օր մը տեղ մը արձանագրուած։ Չեմ ուրանար ասոնց հաւաքումին մէջ արդար արժանիքը: Բայց չեմ դասեր այդ աշխատանքը դատումի, դասակարգումի, գնահատումի, հեռուն նայելու եւ ուղղութիւն ճշդողի այն լուսապսակին մէջ որուն կը հաւատայ Արփիարեան երբ իր գործը գիրի կ՚առնէ։ Ամէն սեռի մէջ իր կատարածը վարդապետական լրջութեան մը հանող, առնուազն նորահաւատի մը խանդավառութեամբ հեշտագին զգեստաւորուող այս քարոզիչը դատելու գետնին վրայ ալ չէ հրաժարած իր դերին թելադրանքէն։

Իբր դրական գործունէութիւն, վեր կ՚առնեմ երանգը իր պայքարին, արուեստի կրկէսէն, որ ուղղուած է կանխող դպրոցին դէմ: Ու ինչպէս միշտ, հոս ալ այդ պայքարը չի բերեր մեր առջեւ իր ըրածին խոր գիտակցութիւնը պարզող կեցուածք մը։ Իր վերեւ յիշուած աշխատանքին մէջ անիկա սքօղուած է, տարիքին հանդարտութեամբը հաւանաբար։ Բայց իր լրագրական նշմարներուն, քրոնիկներուն, երբեմն աւելի լայնածաւալ փորձերուն մէջ անոր չէ տրուած լրջանալ, գէթ հաւատալ իր ըսածին, ինք որ ժողովուրդին հետ խօսելու ատեն այնքան լուրջ գիտէ ինքզինքը: Այս անուշադիր կեցուածքը կը տարտղնէ նախ իր խօսքին կշիռը, յետոյ կը տարտղնէ մանաւանդ խօսքը։ Չէ մշակած որեւէ պայքար: Անշուշտ կը զգանք թէ որոնց դէմ է իր ճակատը։ Գրաբար, մանաւանդ անոր վերջին ելոյթը Գարագաշի, Գուրգէնի, Պէրպէրեանի, Եղիշէ վրդ. Դուրեանի եւ ուրիշներու նիզակաճօճ գրոհովը, Եղիան եւ իր թիթեռնիկ գրականութիւնը, երբեմն իր ընկերներէն ոմանց վրայ ինչպէս է Չօպանեանի յաղթական փառքը Նարեկացիի ուսումնասիրութենէն ետքը. գործադրուած թեթեւ յարձակումներ, բոլորն ալ պատահական, սկսուած՝ խանդով բայց սահմանուած անխուսափելի թուլացումին։ Այսպէս չէ որ կը կռուին անոնք որ կը հաւատան իրենց կռիւին։

Եթէ երբեք գաղափարաբանական տեսակէտով իր ճիգը հեռու է խորութեան ու լրջութեան ստորոգելիներէ, բայց նոյն ատեն անիկա արդիւնք ունի ։ Ու հոս է թերեւս բարատոքսը։ Վերցուցէք իր անունը 1880ին մեր գրականութենէն, վերցուցած կ՚ըլլաք մեր իրապաշտութիւնը իբր կազմակերպուած գործունէութիւն։ Ու ասիկա ըսելն ալ արդարութեան պարտքէ մը աւելին է հոս։ Անշուշտ պիտի գրեն դարձեալ իր ընկերները։ Զօհրապ մը իր տաղանդը ոչ ոքի պարտական է իրմէ դուրս: Բայց պիտի չըլլայ Զօհրապը, ըսել կ՚ուզեմ իրական կեանքի պատկերացման խորեռանդն սպասարկու գրագէտը: Արուեստագէտ սերունդը (1896-1915) այդ կարգէ ուղղիչ դէմքի մը պակասը պայծառ կերպով կը շեշտէ մեզի։ Ոչ Վարուժան եւ ոչ Զ. Եսայեան նուազ տաղանդաւոր չեն քան Չօպանեանը կամ Կամuարականը: Բայց գրած են մինակ, առանց նոյնաձգտում հանգանակներու տիսիբլինին։ Արփիարեանի նպաստն է որ վտարեց հրապարակէն լուսիններն ու սոխակները, լճակներն ու առուակները որոնց ուղղուած դիմառնական զեղումները մեզ այնքան զարմանք կը պատճառեն այսօր։ Ան ինչ տրտում վկայութիւն մըն է այդ օրերու ճաշակէն

«Ողջոյն տամ քեզ, անհուն սիրով ո՜ լուսնակդ իմ, »

«Առանձնակեաց, տխուր հոգւոյս դու մտերիմ»

(ՕՐ. ԽԱՆՃԵԱՆ)

քերթուածը, մանկամարդ աղջկայ մը բերանէն։ 1885ին այսպէս կ՚երգէին անոնք որ ապագայ Սիպիլները պիտի ըլլային։ Յիշե՞լ Բագրատունին որ քանի մը հարիւր տողը բաւ չէ համարած Սոխակին Մահը քերթելու: Ալիշա՞նը։ Թէրզեա՞նը: Բայց ամբողջ շքախո՜ւմբը:

Այս ոգիին դէմ եթէ ուղղակի ճակատ չէ յարդարած անիկա, ամուր ու լուրջ զէնքերով, գէթ զգալի ըրած է անոր անարդի, չըսելու համար մեռած գեղեցկութիւնը։ Ի՜նչ մեղք որ անճարակներ պիտի օգտուէին այս վարկաբեկումէն ու իրենց յանգերով զրահաւոր կրկէս պիտի իջնէին պսակաւոր քերթողները դառնալու այդ օրերուն: Կ՚անցնիմ: Արփիարի ջանքը եղաւ մտցնել մեր արուեստի մտահոգութեանց մէջ մեր իրական, առօրեայ կեանքը։ Ահա իր տիրական դերը։ Անշուշտ այս գիծը երկարաձգումն է հրապարակագրական ախորժակները: Ի՜նչ փոյթ։ Պատմաբանը պարտաւոր է կանգ առնել արդիւնքին առջեւ: Ու այդ արդի՞ւնքը։ Մեր գրականութեան մէջ առաջին անգամ մո՛ւտքն է մեր ժողովուրդին։ Հիմա դիւրին է մէկ նայուածքով գրկել պայքարը եւ արդիւնքը։ Ինչ դժնդակ աշխատանք մըն է, 1880ին, մարդոց մէջ խորտակել սա ռոմանթիզմը, ամրակառոյց ճաշակներ, Հիւրմիւզեան ներդաշնակութեան պաշտամունքը, վերջալոյս գահընկէց ընել լուսինը եւ մնալ, այդ ամենուն տեղ սանկ մօտիկ, իրաւ, թշուառ բաներուն ծոցը թաղուած սրտառուչ յոյզը, մանաւանդ ասիկա վայելելու յարմար զգայարանք մը, երբ մէկ կողմէն հին կուռքերը կ՚ապրին աւելի քան փառաշուք։ Եղիան, Չերազը, Uէթեանը, Թէրզեանը, Աճէմեանը կ՚ողողեն մեր հանդէսները իրենց պշուցումներով ու երազանքով։

Թերեւս անիմաստ չէ իր դատումներուն սա նկարագիրը հաստատել ջանալ իր վիպական աշխատանքին մէջ որ, կը տարուիմ հաւատալու, վիպասանի ստոյգ, աննահանջ բնազդէ մը գալէ աւելի, կրկէս մը կը ծառայէ իրեն իր ներհայեցօրէն ունեցած զգացումները արտաբերելու, «գործքով» ալ ապացուցանելու՝ արդարութիւնն ու իրաւունքը իր պահանջներուն, չվարանելով վարդապետութեան սիրոյն, մէջտեղ նետել հում, անշրջագիծ, անաւարտ վիպակներ, մեծ մասով վրիպանք իբր արուեստի գործ, բայց որոնց քաղաքական–ընկերային գաղտ ձգտումը նուազագոյն արժանիք մըն է դարձեալ երբ մօտը դրուի մայիսամոլ եւ սոխակերգու դպրոցին լուսնաբանութեանց:

 

7. ԳՐԱԳԷՏԸ

Արփիարեանի խորքին սա հակիրճ խուզարկութեան ընթացքին շատ քիչ բան պարզուեցաւ անոր արտայայտման ընդհանուր եղանակէն որով գաղափարաբանութիւն մը կը մատուցուի շրջանին։ Գրագէտը գործաւորն է իր գործին։ Ու հասկնա՛լի՝ որպէսզի զատ գլուխի մը մէջ վերլուծուին այն ստորոգելիները որոնք Արփիարեանի գաղափարները առարկայացուցին։

Իր սերունդին մէջ գրագէտ յղացքին տակ հարազատ մնացող երկրորդ դէմքն է ան, առաջինը ըլլալով Արշակ Չօպանեանը։ Բառին տարողութիւնը չեմ փոքրեր զայն մերժելու համար ուրիշներու: Տիգրան Կամսարական վաւերատիպ գրող մըն է, հաստատ գրագէտ մը եթէ կ՚ուզէք, բայց, մեր գրականութեան բախտէն, գրեթէ դասալի՛ք մը նոյն ատեն։ Անշուշտ իր գործը իբր որակ վար չի մնար իր սերունդին ընդհանուր միջինէն, բայց իր դերը շատ հեռո՛ւ՝ իր տաղանդէն։ Սիրող ներուն եւ մոլեալ ներուն այս է տարբերութիւնը: Առաջինները կրնան տիրապետել իրենց զգացումներուն։ Երկրորդները գերիներն են անոնց։ Արփիարեան թուղթերու ասպետ մը չէ մինակ, այլ այն առաջին դէմքը որ ապրեցաւ գրելու համար, մեռաւ գրելով, արեւմտահայ գրականութեան մէջ կազմելով սա շատ յատկանշական օրինակը, ասպարեզէ գրագէտ ին:

Անիկա կատարելագործուած տիպարն է այն աշխատաւորին որուն մեծ գիծերը բայց ոչ ամբողջ կերպարանքը մենք տեսանք զինքը անմիջապէս կանխող սերունդին մօտ։ Մատթէոս Մամուրեան ընտիր նմոյշ մըն է որոշ զարգացման տիրացած, իր իմացական աշխարհը ունեցող, իր նախասիրութիւնները ուրիշներու հաղորդելու մտադիր գրողին որ մտաւոր ընդհանուր գործունէութեան ոլորտէ մը դուրս չի կրնար ապրիլ, եւ ունի արտայայտութեան որոշ կորով ու շնորհներ: Արփիարեան, կրկնելով պայմանները, աւելցուցած է տիպարին տարողութիւնը, ընդառաջելով, ժամանակին կարիքները աւելի խոր հասկնալ կարծելով, եւ փոխանակ բերդի մը պարիսպներուն ապահովութեան մէջ գործելու, ելած է բաց դաշտ, վտանգին գինովը։ Ըսի թէ քիչ գիտէ. չունի պատեհութիւն այդ պակասը դարմանելու: Օրուան պէտքերուն խաղալիք իր տաղանդը կը չարչարէ անխնայ, անկէ պահանջելով ծանր զոհողութիւն, շրջանին խռովքը սանձահարելու (իր մէջ ու իրմէ դուրս) ոչ մէկ միջո՛ց, որով կարողանար զինքը յարդարել, անոր վրայ իր նաւակը քիչ փորձանքով մը վարելու: Հակառակ այս ամենուն, անիկա տիրական անուն մըն էր ողջուցը։ Իր մահէն երեսուն տարի վերջը, իր գործին կենդանի մասը չէ ինկած իր կշիռէն։ Փորձեցէք կարդալ Հայկական Նամականի ն եւ Սեւ Լերան Մարդը Արփիարեանի քրոնիկներէն կամ Կարմիր Ժամուցէ ն վերջը։ Ձեր տպաւորութեանց տարբերութիւնը տարբերութիւնն է գրագէտ յղացքին տակ մուտք ունեցող նոր բանի մը, որ Արփիարեանով իրականութիւն է մեր մէջ։

Սահմանել այդ նորը, առանց տեսական ու վիճելու առածներու (գրականութեան մէջ փաստաբանութիւնը դժբախտութիւն է միշտ) կը նշանակէ ծանրանալ անոր արտայայտութեան։ Զգոյշ պիտի ըլլամ ոճի տուրքերու արտահանում մը կատարել, հասկնալի ընելու համար իր հմայքը, վարկը, պաշտամունքը զոր իր ժամանակը, մանաւանդ առաջին քսանամեակը չսակարկեց իրեն։ Վասնզի կը խորհիմ թէ դիւրին որքան կամայական տարազներ են պարզութիւն, հաղորդականութիւն, ուժ, սրամտութիւն եւ ընկերներ, որոնք բոլորը մէկ կրնան խտանալ ժողովրդականութիւն յղացքին տակ, բայց որոնք տուրքերն են նոյն ատեն Բիւզանդ Քէչեանի մը եւ աւելի տրտմօրէն ստոյգ՝ Արմէն Շիտանեանի մը։ Անջրպե՞տը Արփիարեանին եւ միւսներուն։ Զայն լեցնելու համար ուրիշ տարածութիւններ են անհրաժեշտ:

Զինքը կը նկատեմ փոխանցումի մարդ մը ընդմէջ երկու սերունդներու։ Ալիշանեան ռոմանթիզմը, քիչիկ մը հնաւանդ եւ ուռուցիկ մեր ազգայնականութիւնը անշուշտ կ՚երկարեն մինչեւ իր երիտասարդութիւնը եւ թերեւս կը տաքցնեն ալ իր գործին որոշ խաւերը։ Իր օրուան կեանքը ներուն անփոխարինելի համը հաւանաբար կուգայ անցեալին սա մշտայժմէ ցոլացումէն որ այդ պատկերներուն ոգեղէն ոլորտ մը, յատակ մը կը ճարէ։ Մեր պատմութիւնը, անոր ընդհանուր իմաստը ամէն րոպէ անմիջական իրականութիւն մըն է իր մտքին համար։ Կը զգաս թէ մեր ներկան պատմելու ատեն, անիկա խռովիչ հմայքին ակն է մեր անցեալին [3] զոր հռետորական ոգեկոչումներէն բոլորովին տարբեր կը զգայ ու կ՚ապրի, զատուելով այսպէս զարթօնքի սերունդին եւ ռոմանթիքներուն գրքունակ, դիւցազնաշունչ եղանակէն։ Ասիկա հիմնական հաստատում է, առաջին անգամ իր անունին հետ գործածելի: Իր վրայով այդ յղացքը պիտի անցնի արուեստագէտ սերունդին, կազմելու համար անոր մէջ այլապէս սրտառուչ ուրիշ պատգամ մը, համահայկական ու հզօր, որմէ պիտի նուաճուին մեր բոլոր գրողները, անոնք որոնց տաղանդը արեան մէջ ծիլ արձակեց ու մեր ողջակէզը պատրաստեց: 1915ի սպանդը ըլլալէ առաջ այդ անըմբռնելի կործանումը մեր ժողովուրդին, ամբողջ սերունդի մը կը հասկնամ իմացական ընտրանին անժուժելի սպասումն էր, մեր հոգիէն ներս, բոլորովին տարբե՛ր, այլապէս շքեղ երազի մը։ Ու զե՜րծ՝ բառական հերոսութենէն, վասնզի արեան հարկով էր որ կը տիրէր մեր խղճմտանքներուն եւ մեր միամտութեա՜մբը` նաեւ աշխարհին խղճմտանքին։

Իրմէն յետոյ ուրիշներ կը կարծեն շարունակած ըլլալ իր գործը, քանի որ մեր հանդէսներն ու օրաթերթերը կը շարունակեն խմբագրականներ դնել ամէն օր, մեծ մասով մեր հանրային կեանքը շահագրգռող հարցերու շուրջ, բայց չեն զատեր իրենցմէ անուն մը որուն հմայքը մերձեցուի Արփիարեանին։ Ոչ մէկը չունեցաւ համով ու անբռնազբօս իր պարզութիւնը, տաքութիւնը, սիրտբացութիւնը, սրամիտ, զուարթախոհ իր ընտանութիւնը որքան կը դիտուին այս կողմերը Արփիարեանի փոքրագոյն իսկ նշմարներուն մէջ։ Յառաջ չեմ երթար վճռելու համար թէ մեռած է մեր քրոնիկը։ Բայց կ՚աւաղեմ մեր հրապարակը ուր իմաստութիւն եւ իմաստակութիւն քիթ քիթի կ՚ապրին բայց չեն նեղուիր իրարմէ. ուր ժպիտին տեղ ծանր հմտութիւնը պատգամ կ՚որոտայ եւ չիշխեր սպասո՛ւմը։

Փոխանցման մարդու սա գիծէն դուրս, չեմ վարանիր անոր մէջ հաստատելու դարձեալ յառաջապահ մարտիկի արդար տիտղոս մը, այս անգամ դէպի ապագան հայող։ Ճիշդ է որ այս հանգամանքը հանգանակ մըն է իր սերունդին համար։ 1880էն ասդին մեր գրականութիւնը, հակառակ հսկայ դէմքերու յետահայեաց ախորժանքին, ընկերային տարողութեամբ հաստատութիւն մըն է։ Անիկա իրեն տուած է յստակ դեր մը, որուն կը գիտակցի նորեռանդն երիտասարդներու վճռական կամքին մէջ, ծառայելու դատերու դատին։ Հուն մը չէ միայն անոր փոխածը, այլ գօտի մը։ Նոր իր առաջադրութիւնները անիկա պիտի տարազէ ամենէն շատ Արփիարեանի գրիչով, որ ամէն տեղ է: Բացի յեղափոխական թեքնիկ գործունէութենէն ուր Արփիարեանի հոգին կիսուեցաւ եթէ կը ներուի այս բառը իր տարողութենէն վեր ճիգի մը տակ, ուրիշ ամէն տեղ նոր ըսող, նոր ուզող, նոր տուող մարդն է եղած անիկա։ Հակառակ անոր որ այսօր իր ժառանգութիւնը նիհար կը թուի մեզի, Արփիարեանի շունչը փոթորիկ է այն 15–20 տարիներուն վերեւ ուր մեր ժողովուրդը իրեն համար բոլորովին նոր երկու փորձարկութիւններ դիմաւորեց հարազատ, հասկնալի, սեպհական գրականութիւն եւ ցեղային երկունքին կարելի, անդրանիկ դիմայեղումը ` յեղափոխութեան պատմուճանով: Այս կրկնակ վիճակները ամբոխին լայն համակրանքին առաջնորդելու, անոր պարտադրելու աշխատանքին մէջ առիւծի բաժինն է Արփիարեանինը։ Չօպանեան, առաւելապէս՝ գրող դասին վրայ իր տիրական ազդեցութեան մէջ է որ կը ստանայ իր արժանիքը։ Հանրային հարցերու համար անիկա մեր մէջ երկարաձգումն է Արծրունիին, հեռաւոր նմանութեամբ մը Ռաֆֆիի, բայց մանաւանդ Ալիշանի։ Անիկա նմոյշն է գրագէտի այն տիպարին որուն անունը մեծ եղաւ քան գործը։ Մեր դպրութեան տոմարէն ո՞վ պիտի համարձակէր ջնջել անունը Մեսրոպին, այն պատրուակով որ գիրքեր չէ թողած։ Մեր օրերուն քիչ մը նոյնը չէ պարագան Դուրեան Սրբազանին։

Գրագէտը համադրել ձգտող սա էջերուն վրայ աւելո՞րդ արդեօք թեթեւ շեղում մը, մօտենալու համար Արփիարեանի մօտ յեղափոխականին որ իր գործունէութեան յատակը հայթայթեց բայց մշտապէս վնասելով գրագէտին։ Կը խորհիմ թէ մեր տաղանդը հիւր մը չէ մեր մարմինին, այլ անոր հազար ու մէկ ազդմունքներուն, հակազդմունքներուն ասեղին տակ անդուլ թրթռացող ազնուամասը մեր հոգիին։ Երբ չենք վարակիր կեանքի գինով սպասը ընել մեր մէջ արթուն խուլ այդ ձայնին, ձայներուն, կը դադրինք մեր արարքներուն վրայ մեր հեղինակութենէն։ Ամէն հզօր կիրք ստեղծագործ ուժ մըն է եւ հետեւաբար տաղանդ մը։ Այս մտածումէն մեկնելով է որ արդար կը դատեմ քանի մը խօսք, անոր մէջ գոյ, մշտագոյ, անոր արիւնին շաղախուած սրբազան հիւանդութեան որմէ վարակուած է ամբողջ սերունդ մը։

Ստոյգ է որ իրապաշտ սերունդը իր ճիգին մէջ զգետնող, առնուազն իր կարելիութեանց կշիռէն հեռու ձգող գերագոյն ազդակը յեղափոխական աշխատանքն է։ Ըսեր եմ տեղ մը ու կը կրկնեմ՝ արուեստի մեծ գործերը խաղաղ գօտիներէ կ՚ախորժին: Ստեղծե՞լ, երբ վստահ չես թէ գիշերը անվտանգ լուսնայ պիտի գլխուդ։ Այս միակ մտահոգութիւնը բաւ է բացատրելու այն անպատմելի բաթէթիքը որով կը ներկայանայ մեզի իրապաշտներուն հոգեոլորտը։ Խումբէն ոչ ոքի համար աղէտը ունեցաւ այնքան խոր ազդեցութիւն որքան Արփիարեանին։ Զի մեր խառնուածքն ալ օտարական մը չէ մեզ հալածող փորձանքներուն։

Ոuտոuտուն, դիւրագրգիռ, անհակակշիռ նկարագի՛ր, անիկա յանցաւոր էր նոյն ինքնեկ ընդառաջումով մը դատելու շատ բացառիկ հոգեբանութիւն մը, ինչպէս չէր կրցած չընել գրագէտի, խմբագրի իր դերը կշռած ատենն ալ։ Յեղափոխութիւնը երբ իրական վիճակ է մեր մէջ անողոք կուռք մըն է, մեզ հիմնովին պահանջող: Չենք կրնար անոր հետ վարուիլ, ինչպէս կը կարծենք։ Ան կը պատժէ մեզ, իր մէջ կամ իրմէ դուրս։ Ու աս է ամենէն եղերական պատուհասումը։ Կռուազան իր բնազդը Արփիարեանին համար աննպաստ շնորհ մըն էր այդ մարզին վրայ։ Ամէն օր, ամէն թեթեւ սկրտուքի համար կրակ կտրող մեր մարմինը դիւրաւ կը զգայաթափի, մեծ կռիւին անատակ ըլլալու չափ ի վերջոյ: Ասկէ զատ ան չունէր հեռատես, զգուշաւոր յանդգնութիւնը որով միայն մենք կը դիմաւորենք մեզ կրնկող անհա. ուելի փորձանքները։ Միամիտ էր ու անարի, ոչ թէ մահէն սարսափով, այլ միտքի մարդու այն անգործնականութեամբ որ մեր մարմինը մեր տղայութենէն կազմակերպած է գոց օդի, սենեակի, աշտարակի (փղոսկրից) աշխատանքին համար։ Չվախցաւ անշուշտ գնդակէն, բայց վախցաւ թուղթէն։ Այս տկարութիւնն էր որ վնասեց իրեն: Քանի մը մահափորձ, մեղայագիր, կուսակցութիւնը պառակտելու իր մեղքը, խառնակչութիւնը, մեծամտութիւն, անգաղտնապահութիւն իր յիշատակին վրայ դեռ չեն դադրած սաւառնելէ։ Հեռու ինձմէ իր մէջ մատնիչ մը տեսնելու ստորնութիւնը Արփիարեան անարժան պիտի ըլլար նոյնիսկ անէծքի։ Հեռու ինձմէ նմանապէս իր հայրենասիրութիւնը կասկածի ենթարկելու սկեպտութիւն մը։ Բայց կ՚աւելցնեմ։ Իրեն խառնուածքը ունեցողներ շատ աւելի լաւագոյն արդիւնքով ծառայած կ՚ըլլային իրենց ժողովուրդին աւագ շահերուն, եթէ երբեք մնային հեռու յեղափոխական ասպարէզէն։ Առնուազն մեր շահը հիմա կ՚ըլլար անխորտակելի մթերք մը գեղեցիկ գործերու որոնց պակասը այլապէս անդարմանելի է մեր օրերուն։ Զուտ գրական, հայեցողական խառնուածքները վնաս ունին միայն տեսնելիք հանրային, վարչական ամէն գործունէութենէ։

 

***

 

Ատեն է որ սա վերլուծումը ամփոփէ ինքզինքը ու վերածուի համադրական պատկերին որ կեանքերուն պսակումն է մահէն առաջ կամ քիչ վերջ, եւ կամ իմ ըրածին նման՝ քառորդ դար մը յետոյ։

Անշուշտ շատ բան դեռ կ՚արգիլէ դատողին նայուածքը սառն, առարկայական, հանդարտ սեւեռումէն որով միայն մեզ կը յաջողուի եթէ ոչ արդար, գէթ ճիշդ տեսնել եռեւեփուն վիճակներուն ալ հանգչած համապատկերը։ Արփիարեանի անունին զուգորդ այնքան իրերամերժ զգայութիւններ մեզ կը հալածեն։ Առնուազն իմ սերունդը անկարող է, առանց հսկայ կեղծաւորութեան, դատել մեր յեղափոխութիւնը որուն աւագ խորհրդանշանները մեր գրողները եղան, կամաւ կամ ակամայ, պարագան բան չի փոխեր: Յետոյ, զուտ գրական գետնին վրայ մեր արուեստին յեղարջումը քալեց զարտուղի, անբնական, անհասկնալի արահետներէ։ Արեւմտահայ գրականութիւնը թեւրեւս պիտի դատապարտուի դար մը վերջ, այն մեծ մեղքին համար որ կը հարուածէ անոր իմաստը նոյնիսկ։ Անիկա չունեցաւ ձգտումներու, յառաջխաղաց ախորժակներու համատրոփ գնացք մը։ Քով քովի ապրեցան Եղիան եւ Արփիարեանը, Հրանդն ու Մեծարենցը, Չրաքեանն ու Վարուժանը, Թէքէեանն ու Թլկատինցին, որոնց մշակած գրականութեանց տարբերութիւնը խառնուածքներու առանձնութենէ մը չէ որ կը բխի, կամ զայն կը փաստէ, այլ այդ գրականութիւններուն ճակատագիրը կ՚ըլլայ, ամենէն առաջ հեղինակներուն, յետոյ համապատկերին համար:

Փորձեցէք նոյն նայուածքով չափել dimensionները արեւելահայ գրականութեան։ Պիտի հաստատէք հակադիր պատկերը, իր մեծ գիծերուն մէջ իրերաձիգ, հաշտ, ներդաշնակ ամբողջի մը ուր տաղանդները կը նոյնանան միջին երանգի մը վրայ, ինչպէս ծիածանին գոյները արեւու լոյսին մէջ։

Դառնալու համար Արփիար Արփիարեանին, քննադատը հարկին տակն է սեղմելու իր գործիքը, թողլով շատ բան շրջագիծէն դուրս: Այսօրուան ախորժակնե՞րը, փորձառութիւննե՞րը, մեր երիտասարդ գրողներուն նրբացումնե՞րը։ Ատոնցմէ անկախաբար, դժուար է ճիշդ տարազներ գտնել, որակելու համար բազմամասն ու բազմադէմ սա գործունէութիւնները որոնք ամենէն աւելի կարկառի ելան Արփիարեանի վրայ:

Կէսէն աւելին իր վիպակներուն սխալ պիտի չըլլար ժապաւինեալ (filmé) լրագրութիւն անուանել։ Այսօր անոնք կը կարդացուին ի պաշտօնէ ուսումնասիրողներէն եւ… տպուած որեւէ բան աչքի առջեւ ունենալ ուզողներէն, որոնք գիրք մը կը բանան, ինչպէս իրենց ապառիկներուն տետրակը եւ աչք կը պտտցնեն, չգիտնալով ինչուն, առանց կասկածելու թէ այդ էջերը հեղինակ մը ունին։ Ապուշը, Դատապարտեալը, Հաճոյքը եւ ուրիշներ ասկէ անդին չեն անցնիր ու հազիւ կը շահագրգռեն մեր գրական յեղաշրջումը, չեմ ըսեր պատմութիւնը։

Երկու, առառաւելն երեք վիպակ կ՚ազատին այս տժգոյն զանգուածէն, փրկելով քանի մը մտայնութիւններ, ասոնք ալ հատուածական հանգամանքով մը։ Ոսկի Ապարանջան ը դասակարգի մը սպառիչ քանդակը չէ դժբախտաբար։ Չեմ առարկեր տիպարին (կեդրոնական) հարազատութեան, կենդանութեան, բայց չեմ կրնար անոր վրայով վերաշինել մեր աշխատաւորներուն իսկական ողբերգութիւնը։ Ինչ եռուզեռ է սակայն մեր կեանքը մինչեւ մեծ փողոտումը։ Ինչ բազմաստեղծ թշուառութիւն է անիկա Պոլսոյ մէջ ը, ենթակայ ամէն ճակատէ հարստահարման։ Հապա գաւառի մեր զմայլելի եղբայրները եւ իրենց անյատակ, անվախճան գողգոթան։ Մահուան մտածումը աւելի ծանր է քան մահը։ Այս բոլորէն նշմարներ միայն: Ամենէն երկար ուսումնասիրութիւնը, Կարմիր Ժամուց ը անցաւ վերլուծումէ։ Կ՚եզրակացնեմ, որ մեր գաւառը, ինչպէս քաղքենին չնուաճուեցան իրմէ։ Զօհրապի Պատմուածներ ը սեւեռում մըն են որոշ բարքերու եւ որոշ դասի: Անոնց պակասաւորութիւնը հոգեբանական մշակման հարց մըն է եւ ոչ թէ ձգտումի։ Արփիարեանին համար այս տարազը աղետաբեր է, քանի որ ինքը կեցաւ միշտ բարքերու կենդանակերպին (signe) հաւատարիմ քարոզիչ: Ու այդ բարքերէն իր փրկածը շատ քիչ կուգայ մեզի այսօր։ Անուրանալի է որ իր մարդերը իրական են, որ շրջան մը յայտնաբերող հոսանքներ կը պառկին Կարմիր Ժամուց ի յատակին, որ մթնոլորտ մը կը յառնէ իր Ոսկի Ապարանջան էն եւ Հոգեզաւակ էն։ Բայց այսքան։ Եթէ երբեք սա արդիւնքով կը զբաղիմ հոս, պատճառը մեր նոր գրականութեան համեմատական թեթեւութիւնն է: Դար մը յետո՞յ:

Գրեթէ կարեւոր մաս մը իր օրուան կեանք ըներուն թէեւ կորսնցուցած է իր պարագայական այժմէութիւնը, կը կարդացուի տակաւին, թերեւս գիծովը այն աւիշին որ մեր անցեալին հեղումն է իր ստեղծումներուն մէջ, վասնզի, կը կրկնեմ, առանց այդ շունչին մեր ներկան ամենէն տրտում ամայութիւնը, յուսալքումը պիտի թելադրէր մեզի:

Անմոռանալի են իր սեւեռումները մէկ երկու վիճակներէ որոնց հետ իր շփումը թեթեւ դիտողի զգայնութիւնը կ՚անցնի։ Երէկ գրուածի պէս կենդանի է Արեւելահայ ինտելիգենտը զոր մէկէ աւելի անգամներ նուաճած է զմայլելի ճշդութեամբ եւ կարկառով։ Արագ, սաթերիք պատկերացումներ, զուտ երգիծական էջերու վրայ կամ վիպական կատակով կառուցումներուն մէջ (իւրաքանչիւր վիպակի մթնոլորտ կը հայթայթուի սա humeurով), մեզի կը պատճառեն անխառն հաճոյքը վաւերական արուեստին։ Կտոր մը, միջակ շունչով, օրինակի համար Օրհնեալ Գերդաստան, անոր կը բաւէ երբեմն որպէսզի տասնով, քսանով նկարագիրներ ողջունձեւուին, որոնցմէ ոմանք քանդակային շքեղութեամբ, ուրիշներ՝ մանրանկարի ճշգրտութեամբ ու թելադրանքով, եւ մտայնութիւններ տարազուին, առանց pédantismeի, առանց աւելորդ նրբամանումի, կամ հաստ, ծաղրանկարային չափազանցութեան:

Իր գործը համադրելու սա փորձին մէջ կը հրաժարիմ իր գրական ըմբռնողութեան, հաւատքներուն, գաղափարային հանգանակին տալէ որոշ ընդլայնում, գլխաւորաբար այն փաստէն առաջնորդուած, որ գրականութեան մը ամենէն շուտ հինցող մասը գաղափարաբանութիւնն է անոր: Ոչ ոք կը հետաքրքրուի Զոլային Le Roman Exp é rimental հատորին փաստարկութիւններովը, այսօր, բայց չի կրնար չկարդալ անոր Germinalը։ Արփիարեանի վարդապետական խանդավառութիւնը աւելի քան մեռած տարր մըն է անոր գործին ամբողջութեանը վրայ:

Օրը օրին, հանրութեան, գրաշարին, թուղթի վաճառականին, մելան ծախողին, գրաքննիչ որակուած անասուններուն, ոստիկանութեան, լրտեսներուն, կուսակցական աքլորներուն ու անօթութեան, վրիպող հացին ուրուականին հետ ճակատ յարդարող այդ խեղճուկրակ մարմինը (որ աշխարհէն պանրի կտոր մը ունէր գերեզմանատան մուտքին), երկրէ երկիր իր թափառումներուն, ոգորումներուն ընդմէջէն ի՜նչպէս պիտի կրնար ճարել այն ժամանակը, յարաբերական անդորրը որոնց մէջ կը հասուննան միայն արուեստի մեծ գործերը։ Այս թեթեւ տողումէն յետոյ՝ բաւական պա՞րզ՝ վրիպանքը որ Արփիարեանի գործին կշիռը կ՚ըլլայ երբ զայն փորձենք դուրս հանել իր ժամանակէն ու տաղանդի անխառն արժէքներ չափանիշ ունենանք։ Ու միտքէ չհանել այս դժբախտութիւնը երբ մեղադրանքը կը տարուինք տարածել իր սերունդին։ Քիչ անգամ մենք քով քովի բերինք տաղանդներու այսքան եթէ ոչ համատարր, գէթ իրերաձիգ փունջ մը։ Մեր իրապաշտներուն փաղանգը մեր միւս սերունդներէն աւելի իրաւունք ունի իր տիտղոսը արդարութեամբ որքան հպարտութեամբ կրելու: Բայց մեր ճակատագիրը գրեթէ ամենուն ալ զլացաւ պատեհութիւնը իրենք զիրենք իրագործելու: Ոմանք պայքարը լքեցին շատ կանուխ։ Ուրիշներ հնձուեցան մահէն կանխահաս կերպով։ Չօպանեան եւ Սիպիլ միայն իրենք զիրենք լրիւ յայտնաբերեցին։ Ամենէն բախտաւորը, իբր արդիւնք, Զօհրապն է դարձեալ որուն գործը լռուած, պակսած աշխարհի մը սուգը չի բեռնար մեր սրտին, հիմա։

Իր ազդեցութի՞ւնը։

Կասկածէ դուրս՝ անոր չգոյութիւնը այսօր։ Խօսեցայ անոր տարողութենէն երբ ողջ էր ինքը։ Աւելո՞րդ փաստ մը աս ալ դարձեալ որով կը մեկնուին մեծ համբաւներ երբ կը մեկնին ասոնք ընթացիկ շնորհներէ։

Գրականութեան պատմութիւնը կը շահագրգռուի թ րեւս իր օգտաւէտ դերը լուսագծելու բայց չի ծանրանար անոր արժէքին։ Բայց ուշադրութի՛ւն. հայ գրականութեան սպասարկու ամէն պատանի կ՚անցնի Դուրեանին, Մեծարենցին, Թէքէեանին համբաւներէն, ըսել կ՚ուզեմ կը կարդայ ու կը սիրէ այդ անուններուն կտակը ու կը ներշնչուի նաեւ անոնցմով։ Իրապաշտներէն պիտի զբաղի այդ պատանին Կամսարականով, Բաշալեանով, նոյնիսկ Չօպանեանով, ասոնց գործին ճանաչողութեան մէջ հետապնդելով ոչ յստակ բայց թաքուն ալ բաղձանքներ։

Կարմիր Ժամուց էն ոչինչ ունի անիկա սորվելիք: Արփիար իր մահէն երեսուն տարի վերջը դադրած է ներշնչող ուժ մը ըլլալէ։

Բայց կը մնայ իրմէն առողջ հատոր մը երգիծանքի որուն տարողութիւնը պայմանաւոր չէ մեր կշիռներով, ժամանակով, ճաշակով։ Մարդկային յիմարութիւնը յաւիտենական է ու զայն սեւեռող ամէն ձեռնարկ միշտ մեր համակրանքը պիտի ունենայ իրեն հետ: Անշուշտ յաւիտենական են կարգ մը կիրքեր ալ, սէրը, նախանձը, ատելութիւնը, փառքին ետեւէն մեր պապակը, անասնութիւնը, բոլորն ալ հզօր զգացումներ ու վիճակներ։ Արփիարեանի վիպակները ասոնց պատկերացումը, անշահախնդիր ու արդար, հետապնդելու փոխարէն, ասոնց շուրջը փաստարկութիւններ են, աղմուկ եթէ կ՚ուզէք։ Ահա թէ ինչու այդ վիպակներէն շատ քիչ կ՚ազատի: Իր օրուան կեանքի պատկերները կը շահագրգռեն մեր պատմական յեղաշրջումը եւ կը մնան ԺԹ. դարու կէսը հասկնալու համար թանկ վաւերաթուղթեր: Քննադատական ու գրա-պատմական իր էջերը լրագրութեամբ վիրաւոր, չեն խօսիր մեզի ու պիտի չխօսին մանաւանդ մեզմէ վերջ (դժնդակ ճակատագիրը բոլոր դատողներուն)։

 

***

Ահա, ուրուային արագութեամբ, իր գործը:

Զայն լրիւ արտահանել պիտի նշանակէր կէս դար պատմութիւն վերլուծել, աշխատանք՝ ուր գրականութիւնը սահմանուած էր մնալ երրորդական, չորրորդական բլաններու, առաջին երկուքը գրաւուած ըլլալով ընկերային, յեղափոխական, բարենորոգչական եւ հրապարակագրական մտահոգութիւններէ։

Ոչ յորդ, ոչ պակաս, սակայն իր տեղը գրականութեան պատմութեան մը մէջ որ ամփոփ իր ծրագրին մէջ կը պահէ անհրաժեշտ տարրերը իր գործը լեցնող ոգիին ու մտայնութեան: Իր իրացումները, ձգտումները, դերը, արժէքին որոշ տախտակները մանրանկարային ստուգութեամբ անցան մեր աչքէն։

Շարժումներու զսպակ ու գերի, ամբոխային յոյզերու արծարծիչ ու վարակուած ինքը ամենէն շատ, անոնցմէ. արթուն եւ մշուշէ կլանուած, մշտապէս խանդավառ երբեք կամեցող, թելադրանքի ասպետ բայց ուրիշներու վրայով. ուզենք չուզենք, զինքը պիտի դնենք գլուխը այն դպրոցին որ արեւմտահայ գրականութեան ամենէն պայծառ նուաճումը կը նկատուի այսօր։ Խումբին մէջ ու անկէ դուրս իր դերը նման անոր զոր Ալիշան ունեցաւ մեր ռոմանթիք դպրոցին կազմութեան եւ գործունէութեան մէջ։ Առանց Արփիարեանի, ըսեր եմ վերը, իրապաշտութիւնը պիտի չըլլար այն ժողովրդանուէր շարժումը, ինչպէս Ալիշանի մը պակասը ով գիտէ ինչպէս պիտի անդրադառնար Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի ստեղծագործութեան։

Անիկա ժողովրդականացուց մեր լրագրութիւնը, ընդարձակեց ընթերցումին շրջանակը, կործանեց մռայլ կամ յիմար փառասիրութիւններ, խարանեց հիւանդոտ նարկիսականութիւնը ու դէպի ամբոխը իջնող ձայներ փրցուց մեր գրողներուն այլապէս եսակուռ նուագներէն, լուսնահառաչ ծեքծեքումներէն։ Կազմեց անդրանիկ հասարակութիւնը կարդացողներու եւ զգաց, ահաւոր կսկիծով իր ժամանակին երազը իր ժողովուրդին հոգիին վերեւ առկախ բայց անհասկնալի: Մտաւ ձեռնարկներու որոնք դուրս էին իր յօրինուածքէն։ Ապրեցաւ միտքի բացարձակ բարիայի մը կեանքը, գլխուն մէջ լեռները երազներուն ու ձեռքին մէջ փետուր մը միայն։

Անշուշտ իրեն պակսեցաւ Զօհրապի մը դրական զգայարանքը, նոյնքան իրաւ, մերկող նայուածքը իր ժամանակէն ու ասոր նուաճումին նուէր գեղեցկութիւնը որ անոր կեանքինը եւ գործինը եղաւ հաւասարապէս։ Պակսեցաւ իրեն Չօպանեանին շունչը: Բայց յուսահատ դատի մը սպասարկութեան մէջ այն սրտառուչ զոհաբերութիւնը երկուքին ալ հանրային գործունէութիւնը կը պսակէ։

Զոհաբերութեան մա՛րդ։ Որուն տրուեցաւ գերագոյն սփոփանքը եթէ ոչ պսակին, գէթ զայն հասկցող արդարութեան։ Առաջնորդո՜ղ՝ երբ պէտք ունէր ուրիշէն առաջնորդուելու: Դրդի՜չ գաղափարներու, հոգ չէ թէ դուրսէն գային ասոնք իրեն։ Քրոնիկներու եւ վիպակներու վրայ ինքզինքը սպառող երբ մեր կեանքին ընդարձակ, մթին, արիւնայեղց հոսանքը կը քալէր առջին, սպասելով զինքը խուզարկող, նուաճող իմացականութեան։ Կուսակցական պե՜տ մարդ մը որ Սկեպտիկ ծածկանունը ձրի չգտաւ, այլ եղեր էր զայն ծնունդէն։

Բայց խորունկ հայրենասէր, կիրքերու հրահրիչ, խանդավառ եւ միամիտ:

 

 

***

Պարզ թուում չեն վերի էջերը վերադիրներու եւ վերագրումներու: Ասոնցմէ ամէն մէկուն տակ մաս մը բան կայ իրմէ։

Դէմքն է անիկա, մշուշոտ, թերի, երբեմն պայծառ։ Մեր լրագրութիւնը չի կրնար իր անունը չդնել գլուխը իր տարեգրութեանց: Մեր վէպը չի կրնար մոռնալ մէկ երկու իր քանդակները։ Մեր ազատագրութեան պատմութիւնը պարտաւոր է կանգ առնել այնքան անպարագրելի իր գործունէութիւնը երբ ուզէ տարազել

Աշխարհի մը մարդն է անիկա։

 


 



[1]        Բացի մեր յեղափոխական մամուլին շատ բացառիկ քանի մը դէմքերէն, օրինակ մը յիշելու համար՝ Դրօշակ ի Սարգիս Մինասեանը, մեր հրապարակը իբր յաջող նմոյշներ պարտաւոր է ընդունիլ Թորգոմ պատրիարքի ամսեայ տեսութիւնները, Սիոն ի մէջ կամ անոր Բացման ճառերը Միաբանութեան տարեկան ընդհանուր ժողովներու անդրանիկ նիստին արտասանուած։ Սրբազանին ոճը, փորձառութիւնը, հարցերը դասաւորելու ճաշակն ու գիտութիւնը, ընդարձակ հաստատութեան մը կեանքին մէջ որպիսին է Երուսաղէմի հայոց Միաբանութիւնը նման աշխատանք մը արդար կ՚ընծայեն։ Չեմ ըսեր թէ մեր ազգային հարցը անարժան է մեր հետաքրքրութեան։ Բայց անով զբաղելու անկարելիութիւնը չհեռացնել աչքէ, այն երեսուն տարիներուն, որոնք 1878-1908ի մեր լրագրութեան շրջանակը տուին։ Արեւելահայոց մօտ Արծրունիի դերը ուրիշ օրինակ մը։

[2]        Առանց մոլորելու տեսական փաստումին բաւիղներէն ներս, կը բաւականանամ քանի մը գործեր յիշելով որոնք կ՚ապացուցանեն վարկածին տարողութիւնը։ Մեր օրերուն, ուր իրականութեան հաւատարիմ ամփոփումը այնքան կատարեալ միջոցներու կը վստահուի, թերթեր, պետական արխիւ, նկարներ, թանգարաններ, պաշտօնական պատմութիւն, մեքենայ, թուելու համար կարկառունները միայն շրջանի մը կեանքին լրիւ պարագրկումը կարելի է արուեստի գործերով, ըսել կ՚ուզեմ՝ այդ իրականութենէն մեկնած բայց անոնց կարելի երեսները երկարող, խորացնող, բայց կողմով մը զանոնք զանցող, կարճ՝ զանոնք չեղող բաներով որոնց կուտանք շատ մը անուններ գիրք, մելոտի, նկար, ճարտարապետական ժայթքեր եւ այլն։ Արդարեւ բոլոր պատմութեան մեծփոր հատորները պիտի չկրնան փոխարինել Մարդկային Կատակերգութիւն (Պալզագի գործերուն ընդհանուր տիտղոսը) անուանուած հսկայական աշխարհը որ, անշուշտ իբր ձեւ ու գիծ շատ փոքր կը մնայ բուն իսկ կեանքին dimensionներէն, բայց մեզի կարելիութիւն կուտայ արագ կարճումի մը (raccourci) մէջէն սեւեռել շրջանը աւելի քան կատարեալ։ Նոյնն է պարագան Տիքընզի վէպին ուր կէս դարու Անգլիա մը կը պառկի, աւելի դիւրաւ տեսանելի, սեւեռելի, որքան չէ անիկա պաշտօնական պատմութեան համայնագիտարաններուն մէջը, զանգուածեղ հատորներ բայց որոնց պակսած է գրագէտին փոխակերպող ուժը: Ու վերջացնելու համար, կը յիշեմ Sայսթոյովսքին որուն իւրաքանչիւր վէպը պարագրկումն է մէկէ աւելի աշխարհներու, նման ըլլալու համար սլաւ կայսրութեան: Ո՞ւր հանդիպելի՝ այն հերոսները որոնք անոր գիրքերուն մէջ կեանքը այդքան վերէն կը ձեռնեն, զայն իրենց արմուկներուն հասցնելու համար տառապելով ու կործանելով։ Իրականութիւնը քրոնիկ մըն է պատմութեան էջերուն. բայց անիկա ահաւոր աշխարհ մը կը դառնայ Les Possédés վէպին մէջ ( Տայսթոյովսքի Նոյնն է պարագան մեր Ռաֆֆիին համար որուն ռոմանթիզմը դժբախտաբար կ՚աղարտէ զանցումները հեռահայեաց, խորասոյզ առաքինութիւնները։ Կայծեր ը, առանց ռոմանթիզմի, գիրք մըն է ոչ միայն դուրս իրականութենէն, այլ օր մը կարելի իրականութեան մը տախտակը։ Ու կեանքը չհերքեց այս վարկածը։

[3]        Ուրիշ ժողովուրդներու համար անցեալը աւանդութիւն մըն է, փառք եթէ կ՚ուզէք, երբեմն մեծութիւն կամ գեղեցկութիւն։ Մեզի համար անիկա մեր միակ իրականութիւնը, մեր կեանքը։