Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ե հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ
(1872)

Երբեմն մարդերու տաղանդը, ուրիշ անգամ անոնց կամքին ուժը, ցանցառօրէն այս երկուքէն բոլորովին տարբեր շնորհներ, օրինակ՝ յամառութիւն, անձանձիր հետաքրքրութիւն, մեծ բաներ կատարելու տարօրինակ խանդ, աշխատանքի այլապաշտ տարփանք մը պատճառներ են որպէսզի այս յատկութիւնները զմեզ հանեն մեր միջինէն ու առաջնորդեն բարձր, վարիչ դիրքերու: Մեր մէջ Արշակ Չօպանեան ընտիր նմոյշ մըն է այս տիպարներէն։

Իրապաշտ շարժումին լիութեանը մէջ իր տաղանդը կազմաւորող այս պատանին սխալ չըլլար ընդունիլ մանրանկար արեւմտահայ գրականութիւն մը երբ կէս դարը անցնող իր գրական գործունէութեան մէջ պիտի պատկերէ մեր դպրութեան գլխաւոր երեսակները։ Անոր անդրանիկ էջերը, շեշտօրէն ռոմանթիք, կը պատմեն մեզ 1870ի սերունդին նախասիրութիւններէն ու կը մնան իբր պատանութեան փորձեր նոյն ատեն նուաղուն վերջին ցոլքերը մեր կործանած ռոմանթիզմին։ Անոր երիտասարդութիւնը որ անոր գրական դէմքին բովանդակ շքեղութիւնը ունի իրեն հետ, ազդելով այս կատարելութեան իսկ գինով անոր կեանքին մնացեալ շրջաններուն կը զուգադիպի մեր գրականութեան ոսկեդարին [1], ասոր կերպաւորումին մէջ սպառելով մատաղ, արի, բարձր ուժեր, միտքը սեւեռ արեւմուտքին, հոն փորձուած ամէն թէքնիք փոխադրելու համար ազգային գրականութեան աղքատիկ բարձին ու անոր բարգաւաճումին։ Անոր հասունութիւնը պիտի երկարաձգուի իրապաշտներէն շատ վերջերը մինչեւ, պիտի ըլլայ անիկա մեր արուեստագէտ սերունդին հետ ու մէջը, միշտ պահելով ահաւոր իր եռանդը, հասնելու համար ծով պէտքերու, այս անգամ՝ գրականութեան օտար ու թերեւս վնասաբեր գետինէ մը։ Ազգային դատին ամենէն տարօրինակ, չըսելու համար անկարելի դատախազն է անիկա, մօտ կէս դար։ Որ պիտի յամառի իր չունեցած տաղանդները ճարել, անօթութեան, հալածանքին, նախատինքին գիներովը. պիտի վազէ, պոռայ, խօսի, յոգնի, յոգնեցնէ բայց չըլլայ ձեռնթափ, ու պիտի պատուաստէ իր հոգիին խոր ու անդրանիկ մարմինին վրայ անխառն արուեստագէտի մը հոգին էր ատիկա ուրիշ ալ մարդեր։ Յեղափոխական, ազգային գործիչ, դասախօս, թարգմանիչ, հրապարակագիր, պատմիչ, բանասէր բառերը իր անունին քով բռնի չեն բերուած։ Անոնք տառապագին հայթայթուած երեսակներ են մէկ ու նոյն իր իմացականութեան վրայ, բոլորն ալ արդիւնք մէկ ու նոյն մտահոգութեան։ Չեմ դատեր անոր գոյութեան հիմնամասը կազմող սա մտահոգութիւնը որ կը տարբերի իր սերունդին մայր ցանկութիւններէն եւ է անսովոր որքան խնդրական հետաքրքրել մեր քաղաքական ճակատագրին ի սպաս, ուրիշները՝ մեր ժողովուրդին իմացական արժէքներով, ասոնք փառաբանել արուեստի մեծագոյն կեդրոններուն մէջ, ասոնք փոխադրել, պարտադրել օտար բարձր մշակոյթներու վայելումին, ու ստեղծել ինչ որ դար մը առաջ հէքեաթ մը յաջողել էր իրագործել, գրականութեան մը սիրոյն ժողովուրդի մը ազատագրումը (հելլէնական անկախութիւն)։ Սպասի այս կերպը Արշակ Չօպանեանին անձին հետ նոյնացած է, Նեսոսեան պատմուճանի մը նման։ Ու երկարաձգել իր գործունէութիւնը մինչեւ սա կորուստի, նսեմութեան օրերը երբ մեր ժողովուրդը ջախջախուած է մանաւանդ հոգիէն: Ու տակաւին հաւատալ: Ահա այս մարդուն, ինչպէս հայ նոր գրականութեան մանրանկար համապատկերը։

Իր տաղանդին զուգահեռ կը քալէ վերանորոգչական իր աշխատանքը որ բացառիկ արժէքի կը բարձրանայ գրական հարցերու մարզին: Առաջինն է անիկա, մեր մէջ, արեւմտեան արուեստին հիմնագիծերը ճշգրտօրէն տեսնելու, ինչպէս անոնց նմանները մեզի բերելու։ Որն է նախաձեռնութիւնը գրական դպրոց մը ոչ թէ կազմակերպելու իրապաշտները չհաւատացին ատոր դերին այլ գրականութեան մէկ երկու շատ կարեւոր սեռերը կերպարանափոխելու: Չէ սկսած անշուշտ մեր քնարերգութիւնը: Բայց իրմով մեր քերթողական թէքնիքը նկարագիր կը փոխէ, ինչպէս նաեւ անոր յղացքը: Սկսած է մեր քննադատութիւնը, հայհոյութիւններու, փոխյարձակումներու թոհուբոհէն ստեղծելով առաջին լուրջ հետաքրքրութիւնները արուեստի վէճերու շուրջ։

Ինքն է որ ամէն առիթ պիտի շահագործէ մեր արուեստին փոքր արժէքները հանելու մեծ հիացումներու, գնահատանքի լոյսին ու պիտի թարգմանէ մեր հին ու նոր գեղեցկութիւնները եւրոպական լեզուներու, կորովի, միամիտ, աննահանջ ու հաւատախոր։ Պիտի թարգմանէ դարձեալ օտար գլուխ-գործոցներ, բոլոր ազգերու գրականութիւններէն։ Պիտի փոխադրէ ափերով գաղափար գրեթէ բացառաբար գրականութեանց մարզերու վերաբերեալ մեր առօրեայ գործածութեան ու գիրքերու գիտութեան մը կարելի առաքեալը պիտի մնայ երկար ատեն, թելադրելով, սորվեցնելով, շինելով ու քանդելով՝ հաւասար խանդով (դուք կրնաք զեղջուած ածականը լրացնել մտովի)։

Մեր անցեալը տեսնելու իր կե՛րպը դարձեալ, որով անիկա կը զատուի պատմա-բանասիրական չոր, քիչ մը շատ գիտուն մեթոտներէ, որոնք իր ժամանակին եւ մինչեւ այսօր դպրոց կը կազմեն, գլխաւորաբար Վիեննական Մխիթարեաններու հասկացողութեան մէջ։ Ու փորձեց այդ անցեալը հասկնալ իբր արուեստի տնկարան մը, ուր պէտք է իր արմատները արձակած ըլլայ մեր հոգին, ու զա յն գտնելու աշխատանքը չվերածեց բառերու, քերականական մերձեցումներու, բնագիրներու բաղդատման չոր ու անկնիք վարժանքի մը (exercice) այլ պաշտպանեց գրական թափանցումը, որ չներկայացնելով հանդերձ առաջին մեթոտին ապահով եզրակացութիւնները, երբեմն զառածելով դէպի անգոյ յատկութեանց ցուցակագրում մը պակաս վերբերումներ չունի այդ անցեալէն։ Ինք չգտաւ անշուշտ Նարեկացին։ Բայց իրմով էր որ այդ մարդով պտտող յղացքը ստացաւ գրական շեշտ կնիք մը, որով արժեւորուած Նարեկացիին գործը տեղ կը գրաւէ մեր միջին ընթերցողներուն միտքին։ Նոյնն է պարագան միջնադարեան երգասացներուն համար ալ։ Կար Քուչակը։ Կային միւսները։ Իրն է սակայն արժանիքը այդ մարդոց ստեղծումներուն մէջ տեսնելու իսկական արուեստին անմահ քանի մը տարրերը, որոնք մեր նուաստացած հոգիներուն մէջ կրնային փառքի մարմիններու վերածուիլ: Դարաւոր ու դասական յղացքներ, որոնք մեր ազգային պահպանողականութիւնը լաստակերտեցին ու մինչեւ կէս դար առաջ յուռութքի մը չափ ներզօր էին մեր հոգեկան աշխարհին մէջ հայ լուսաւորչականութեան միթ ը, Աստուծոյ հայերէն խօսիլը, դրախտին վայրը տալու հերոսութիւնը, ու մեր պատմութեան ընթացիկ Ֆէթիշ ները, հասարակաց հոգեբանութեան մէջ ա՛լ պաշտամունք դարձած մեր հէքեաթները ա՛լ անբաւական, ա՛լ անփառունակ, մեծ պաշտպանութիւն մը պիտի գտնէին նոր այս յաւելումներով։ Արշակ Չօպանեան տրտմութեան այն վաստակին միամիտ գործաւորը եղաւ, աննահանջ արիութեամբ մը։ Ու եթէ երբեք իր խանդը՝ իր հողազերծած գանձերը միջազգային գնահատման տանելու, չկրցաւ խանդէն անդին անցնիլ, գոնէ սերունդի մը մէջ գտաւ քաղցր արձագանգ։ 1900-1915 մեր իմացական հպարտութիւնները այդ արժէքներուն վրայ զետեղեր էինք։ Արշակ Չօպանեան մինակ էր այս շարժումը ստեղծելու խաչակրութեան մէջ։

Ուրի՛շ խաչակրութիւն` գիրքերը, շրջանները, դէմքերը ուսումնասիրելու մեր մէջ անգոյ աշխատանքի մը մէջ։ Իրմէ առաջ այդ նկարագրով պրպտում մը կամ բանասիրական է եւ կամ պատմա-բանասիրական։ Ժամանակակից գործերու շուրջ ալ՝ իրերագովական, գզւըտողական, հայհոյողական քանի մը սիւնակ ճամարտակութիւն։ Արշակ Չօպանեան այդ խեղճ տարրերէն պիտի երեւան բերէր, իր ուժերուն ներած չափով, լայն, լուրջ երբեմն համապարփակ կառուցումներ։ Որքան ալ հրապարակագրական, պարագայական, այդ գրականութիւնը պահանջ մըն էր իր ատենին ու չէ դադրած ըլլալէ նաեւ մեր օրերուն։ Անշուշտ ատկէ դէպի մեր գրականութեան լիապարփակ պատմութիւնը շատ է ճամբան։ Բայց ամէն սկսողի ճակատագիրն է ըլլալ այդպէս, ըսել կ՚ուզեմ՝ յարգել հրապարակը որուն կանչուած է ծառայելու, հաւատարիմ ըլլալ իր շրջանին ախորժակներուն։ Արշակ Չօպանեան հիմնադիրն է արեւմտահայ գրական քննադատութեան։ Ի՜նչ փոյթ` որ անոր վաստակը պայմանաւոր մնայ իր շրջանին ճաշակներովը ու չհասնի հեռահայեաց ձգտումներու։ Էակա՛նը, ինծի համար, անոր այդ աշխատանքին արդիւնքն է որ մեր մէջ պիտի երեւան բերէ գրական զգացումներու, վայելքներու ազնիւ հետաքրքրութիւն մը։ Յետոյ, գաղափարներու այն հսկայ մթերքը միշտ արուեստի եւ գրական քննադատութեան պարունակներէն որոնք իրմով ընդհանրացան մեր գրականութեան մէջ, ծնունդ տուաւ նոյն ատեն մեր մէջ կարելի գրական դիմայեղումներու: Իր գործը չէ անշուշտ մեր իրապաշտութիւնը։ Բայց մեր արուեստագէտ սերունդը իրմէ կուգայ բացառաբար։ Այս վաստակներու լոյսին տակ Արշակ Չօպանեան մեր գրականութեան ամենէն բազմերախտ մշակը կը ներկայանայ։

Իրն է արժանիքը արեւմտահայոց մէջ գրական հանդէս մը ՝ մեր դիւրափոփոխ մանաւանդ շուտ յոգնող ախորժակներուն ընդդէմ, տիրաբար պարտադրելու: Ծաղիկ ը անդրանիկ պարբերականն է որ շաբաթաթերթի արմատացած մեղքին [2] դէմ յաջողապէս կը մրցի ու կը հերքէ օրով, շաբաթով ապրող իմացականութիւններուն զուգորդ մակերեսային մեղադրանքը արեւմտահայ մտաւորականութեան դէմ: Հանդէսին ծրագրումը, գործադրումը կէս դար առաջ նորութիւն, այսօր չեն գերազանցուած։

Անկարելի է առանց յուզումի խօսիլ մարդէ մը որ ահա կէս դար է՝ կը վազէ ասդին ու անդին, խեղճ ու տկլոր, իր մեծ հաւատքը միայն ունենալով իրեն երիվար, աշխարհի մեծերէն ուզելու համար, արեւի տակ իր տեղը՝ իր ժողովուրդին։ Յեղափոխական կերպ մը չէ անշուշտ ասիկա։ Բայց իրեն յատուկ վայելչութիւն մը կայ այս աննահանջ պնդերեսութեան մէջ որով անիկա պիտի զարնէ նախարարութեանց դռներուն, պիտի վռնտուի, բայց դարձեալ պիտի դառնայ, կանգնելու նոյն կեցուածքին մէջ։ Պիտի նեղէ բայց պիտի չնեղուի: Պիտի հետապնդէ սրբազան իր պատրանքը այնքան միամիտ հարազատութեամբ մը որ պիտի մոռնայ իր առանձնութիւնը։ Իր գրական խառնուածքը պատճառ մըն է իր մինակ մնալուն։ Բայց չի նմանիր Արփիարեանին որ ինքզինքը խաբեց ու յամառեցաւ ուրիշներու հետ ըլլալ երբ իր ծնունդը զինքը կ՚արգիլէր ատկէ։ Ուզողը չէ որ յեղափոխական կ՚ըլլայ։ Արշակ Չօպանեան շահեկան տիպար մըն է հայեցողական խառնուածքի մը որ մղումէն առնուած է իր ժամանակին հզօր շարժումին։ Կը տարուի հոսանքէն՝ կարծելով թէ ինքն է զայն վարողը։ Ու այս պատրանքը հաւանաբար իր կեանքին գերագոյն յուսախաբութիւնը արժած է իրեն:

Փորձած է գրական բոլոր սեռերը, գրաբարաշունչ քերթողութենէն մինչեւ թատերական կառուցումները, դիւրին, արագ յեղումներով, միշտ օրուան ճնշումին տակ, միշտ՝ հաւատարիմ իր դպրոցին տիրական պատգամին։ Հայր` քառասունէ աւելի մեծ ու պզտիկ հատորներու որոնցմէ ոմանք գլուխ-գործոցներ։ Ծովու չափ մելան է սպառած մեր թերթերուն, աշխարհի բոլոր անկիւններէն։ Ուրացուած, նախատուած։ Ուրացող ու նախատող։ Պայքարի իր եղանակը իրեն համար երկրորդ բնաւորութիւն մը կը կազմէ։

Կ՚ըսեն թէ մարդը պարզ է իր մէջ, պոհէմ ի մեծ գիծերով։ Թէ հասած է բոլորին Եւրոպա ինկած, միջոցէ զուրկ ուսանողներէն մինչեւ ընչեղ ու արհամարհանքով յղփացած նոր մարդերը որոնց տգիտութիւնը արեւմտեան բարքերէն այնքան տկար կ՚ընէ զիրենք։ Առանց ակնկալութեան։ Միշտ բեմի վրայ, քաղաքէ քաղաք ու երկրէ երկիր։ Ըսելու համար` իր մէկ ու նոյն խօսքը ամբոխներուն փառաբանութիւնը հայ ժողովուրդի արժանիքներուն, առաքինութեանց, անոր մեծ արուեստին եւ ասոր հարկադրած իրաւունքներուն պահանջը աշխարհին խղճմտանքէն: Ու այս ամէնը սանկ յիսուն մը տարիներու վրայ:

Սրտառուչ է այս մարդը, հէքեաթէ մը վերցուած ոգիի մը նման։

 

1. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

Արշակ Չօպանեան մեր գրականութեան մէջ իր մուտքը պիտի ընէ շատերուն նման, մուսաներուն թեւերովը։ Չեմ զբաղիր։ Բայց զուր տեղը չէ որ գեղեցիկ վիպակով մը, Թուղթի Փառք, ուշագրաւ պիտի դառնայ մեր իրապաշտ վիպողներուն մօտ: Թուղթէ ու թուղթը այդ փառքը մեզմէ ոչ ոքի համար պիտի կազմէր տիրական հանգանակ մը որքան եղաւ ատիկա իրեն համար։ Իր ու յաջորդ սերունդներէն չունիմ անուն մը որ հալածէր այդ փառքը իր խանդովը, խանդաղատանքովը, հպարտութեամբը ու արդար նախանձախնդրութեամբը։ Դպրոցի սեղաններէն մինչեւ ամայի իր աշխատանոցին ծանրաբեռն, փոշեթաթախ ձմեռը, անիկա եղաւ ու մնաց թուղթի ասպետ մը։

Տեսայ զինքը, տեղն է ըսել՝ իր թուղթէ դղեակին մէջ, որ ամբողջ յարկաբաժին մըն էր, գետինովը, պատերովը, խորշերովը ողողուած՝ տպուած կերպասովը արդի քաղաքակրթութեան։ Դարանները ծեր էին իրեն պէս ու կը տային բեռանը ներքեւ հազարաւոր զգացումներու, պահանջներու, երազներու, հաւանաբար օր մը իրենց տեղը ունեցած անոր հոգիին մէջը։ Ամէն մատենադարան թանգարան մըն է ու դամբարան մը։ Ու անոր հոտը կ՚անցնի մեր մարմինին եթէ ոչ բառերուն։ Տրտում էր թուղթէ այդ ոստայնին անխոնջ մամուկը, փոքր, անհաւասար իր մարմինին բեռը ջանալով արհամարհել, երբ կը խօսէր։ Տաք էին անոր բառերը, հակառակ անարեւ, ողջ գերեզմանին ուր գամած էր զինքը ճակատագիրը, հաւանաբար պահեստի արեւները շահագործելով սքանչելի Պոլիսին ու խոր, անկողոպտելի կրակը իր արեան հայրենիքին որ գինին ու երգը սիրեց ամէն բանէ աւելի։ Ակնը մեր ամենէն բանաստեղծական գաւառն է իր ժողովրդական յօրինումներուն մէջը, իբր բառ ու եղանակ։ Կը դատէր, կռթնած այդ թուղթերու դէզին ապահովութեան, ու չէր զգար որ իր ուժը կուգար միշտ թուղթերէն։ Կը պատմէր ու չէր անդրադառնար որ ինքզինքը կուտար, ուրիշներուն առիթէն կամացուկ մը սահելով իր պատրանքին խոր ու հսկայ ակօսին։ Չափեցի իր քէները, ատելութիւնները, անիրաւութիւնները, համբաւը, հիասթափումները, կսկիծը ու գտայ որ ծանր խաւ մը տեւողութեան ատոնք բոլորը կ՚առնէր իր ամոքումին ներքեւ: Տէր մը չէր անիկա։ Գէթ այդպէս կը ցանկային տպաւորիչ իր շարժումները, ջերմութիւնը իր բառերուն, շեշտը իր յոյզերուն, երբ կը պարզէր անցեալը կամ կը պարագրկէր ներկան: Բայց կը զգայի որ այդ ամէն մանրամասնութեան վրայ կար ճնշումը յիսուն տարիներուն։ Իմ առջեւս ունէի կէս դարը մեր գրականութեան, իր փառքին, տկարութեան, ձգտումներուն եւ կորանքի ամբողջ, անհերքելի իրականութեամբը։ Ու իր վրայով իմ մէջ բարձրացաւ այդ հսկայ վաստակը մեր նոր կամքին։ Թերթերը, գիրքերը, հանդէսները, ոգեւորութիւնը, պատրանքները, երազները խառն ի խուռն, իրարմէ մեծ ու գեղեցիկ։ Որոնք բոլորը մէկ կը շինէին մեր մօտիկ անցեալը, այնքան տարբեր մեր իրաւ անցեալէն։ Մէկ մարդ երբեմն ամբողջ պատմութիւն մըն է: Ու Արշակ Չօպանեան մէկն է անոնցմէ։

Թուղթի ասպե՛տ։ Ըսի՞ թէ թուղթերու դէզերը գրաւած էին նաեւ անոր մահիճը, հաւանաբար պառկելով անոր հետ:

Մա՞րդ մը, սակայն, այս ասպետին ետին։

Վստահաբար։

Բայց որ չի նմանիր իր սերունդէն ոչ ոքի։

Նուիրագործուած բացատրութիւն մը, իրեն համար յարմարագոյն տարազ մը կը դառնայ, երբ կը տարածուի անոր վաթսուն ու աւելի տարիներուն, բոլորն ալ մէկ ու նոյն ձգտումին ուղղուած։ Գիրքերը կ՚ըսեն « յորովայնէ ընտրեալ »։ Ու չեն սխալիր։ Անշուշտ թելադրել կը ջանան տաղանդին ընթացիկ խորհուրդը: Ոչ ոք՝ որ առարկէր այդ ճշմարտութեան։ Բայց ահա աւելին: Չօպանեանի մէջ մարդը չունեցաւ առանձին, ինքնայատուկ ախորժակներ: Երկու մեծ զգացումներ կը լեցնեն անոր տարիները, իրարմէ գերազանց խտութեամբ մը, գրականութեան սէրը, ու իր ազգին ազատագրութեան տագնապը: Դժուար չէ այս վարկածը տարածել իր սերունդին մեծ դէմքերուն ալ վրայ: Բայց ոչ ճիշդ։ Բացի Արփիարեանէն որ մեռաւ պատնէշին վրայ, ու Հրանդէն որ Բալու-Պոլիս ճամբէն դուրս մահուան ճամբայ մը միայն ունեցաւ իբր հորիզոն իր իմացական հետաքրքրութեանց, միւսները կեանքի մարդեր են, տարիներով իրենք իրենց համար կեանք մը կազմակերպած։ Ոմանք հիմնովին լքած իրենց երիտասարդութեան հոգին, դառնալու համար գրագիր, վաճառական, ուսուցիչ որ ուրիշ բան է երբ տեսնուի Սիպիլի մը վրայ, այսինքն՝ սալօնի կնկան մը կեանքը զարդաւորող պատուակալ պաշտօ՛ն երբեմն երբեմն յիշելու համար այդ ոգին, շատ վերջերը, անոր շուքին տակ պաշտպանելու հոգով իրենց վարկը։ Արշակ Չօպանեան, Եղիային հետ ու պէս, ապրեցաւ գիրքին մէջ ու կիրքին մէջ։ Գիրքը` իր աստուածութիւնը: Թուրքը` իր կիրքը:

Այս երկու մեծ հաստատումները կ՚ընդգրկեն իր կեանքին կարելի դիմայեղումները։ Չեմ խօսիր իր աշակերտութենէն որ համբաւ մըն է ինքնին։ Որ պիտի տեւէ իր մէջը, երբ չափահաս երիտասարդ՝ անիկա պիտի աշխատի դարմանել պայմաններուն վրէպը, եւրոպական մշակոյթին մօտէն ծանօթանալու ձեւին տակ, լրացնել ուզելով միտքի անխուսափելի խրամատներ։ Իր կազմուածքով միտք մը միայն պիտի կրնար արդարացնել բարձրագոյն կրթութենէ մը սպասելի արդիւնքներ որոնց պակասը այնքան դառնօրէն կ՚անդրադառնայ երբեմն մարդոց արժէքին վրայ երբ այդ կրթութեան բախտը ունենալէ ետքը կը դառնան մեզի, աւելի քան յիմար, փցուն ու անկանգնելի, վարկաբեկելով այդ կրթութեան իսկ բարիքը: Չօպանեան միշտ զգաց այդ պակասը։ Ու իր գործը ծանրօրէն կը կրէ այդ պակասին ազդեցութիւնը։

Արեւմտահայ գրականութիւնը իր օրօրոցին վրայ վայելեց մեծ ու սրտառուչ խնամքը բարձրագոյն մշակոյթի մը։ Զարթօնքի սերունդին բոլոր դէմքերը անցած են եւրոպական կրթութենէ մը: Թերեւս այս պարագան խոշորցուած կը ներկայանայ մեզի երբ կը բաղդատենք այդ իրականութիւնը յաջորդ երկու սերունդներու իմացական մակարդակին։ Չօպանեանի սերունդը գրեթէ չունեցաւ համալսարանի պատրաստութեամբ ոչ իսկ գործիչ։ Բոլոր ռահվիրաները իրապաշտ շարժումին պարզ կամ շատ շատ երկրորդական կիսատ կրթութեամբ մը կրկէս իջան։ Ու այս սկզբնական թերութիւնը պիտի անդրադառնայ բոլորին ալ իրացումներուն վրայ։ Կեանքին փոփոխակի, այլապէս խիստ պահանջները մէկ կողմէն, միւս կողմէն քաղաքական դժնդակ պայմանները պիտի լրացնեն այս պակասին բացասական դերը, զլանալով մեր տաղանդներուն խոր ու մեծ աւարտումներ։ Չօպանեան կշիռին տակը մնաց այս վարկածին։ Անշուշտ բարձր նուաճում է, միս մինակը, քալել իր երազին ճամբէն, տիրապետել արտայայտութեան օտար ու անհրաժեշտ գործիքի մը, գրելու աստիճան այդ գործիքով գիրքեր: Բայց ուրիշ բան է գործիքներու ստացման վատնուած ուժերը յատկացուցած ըլլալ հանքին իսկ կազմակերպումին։

Կարելի չէ պատմել այս մարդուն կեանքը, առանց մօտենալու այն բազմաթիւ հարցերուն իսկ պատմութեան որոնք մեր յոյսերուն արշալոյսէն մինչեւ մեր «նսեմաստուեր» վերջալոյսը կը կէտկիտեն վերջացող ու սկսող դարերու քառորդները։ Քաղաքական պատմութիւնը մեծ ախորժանքով մը կրնար ծանրանալ անոնց արժէքին, դերին։ Բաւ է հոս յայտարարել որ այդ ամենուն մէջ Արշակ Չօպանեան մօտէն կամ հեռուէն ունի բաժին մը, որ երբեմն տիրական դիրքերու կը հանէ զինքը։ Ազգային հարցը կէս դար է ահա, կը սպառէ մեր ցեղին հզօրագոյն մտահոգութիւնները։ Անոր հոլովոյթին ամէն կարեւոր դարդարձուածքներուն մենք պիտի հանդիպինք իր անունին, միշտ առաջին գիծի։ Հոսանքներու բախման կէտի՛ն, ջանալով մեղմել աղքատութեան ու տկարութեան արդիւնք մեր տարակարծութիւնները: Միշտ զգոյշ, Արփիարեանին նման մակընթացութեան մէջ չառնուելու իմաստութեամբ մը։ Միշտ արթո՛ւն, հսկելով քաղաքական հորիզոնները, դժբախտաբար առանց դիտակի, զոր չէր կրցած ճարել, աչքերո՞ւ թէ կրթութեան հարկադրանքէ մը, տեղը չէ ճշդելու: Բայց միշտ իր թուղթերուն պատնէշին վրայ, պոռալով, կարդալով, խօսելով մեզի ինչպէս օտարներուն, խոր իր հաւատքին ջերմութեամբը փրկելով կեցուածքին տրտմութիւնը։ Երթալով հոն ուր կը ղրկէին զինքը հարցին կարիքները։ Դիմելով դիւանէ դիւան, գրասեղանէ գրասեղան, մուրալով ողորմութիւնը մեծերուն, աննահանջ ու իրաւ: Բոլոր ձեռնարկները, որոնք քառասուն տարիէն ասդին կատարուած են մեր եւրոպական բազմաբղէտ մարմիններէն, զինքը ունին եթէ ոչ զսպանակ, գէթ իբր աւագ դերակատար:

Պոլիս, ջարդերէն առաջ, վտանգուած է արդէն։ Կ՚անցնի կրկին Եւրոպա, սկսելու համար ահաւոր ոդիսականը իր սերունդին որ օտար ոստաններու ոսկի ցեխին մէջէն պիտի ստիպուի քալել, անօթի ու անպաշտպան, անկարող՝ բազուկէ եւ միջոցէ։ Խորտակուած՝ իր ցեղին վրայ առկախ աղէտին մղձաւանջովը։ Ո՜վ որ ապրեր է այդ մեծ քաղաքներուն սպաննող աղջը, այդ օրերուն, ան միայն պիտի կրնայ հասկնալ կշիռը զարհուրանքին որով անցած է այդ սերունդին ստեղծագործական ուժը իր սահմաններէն շատ հեռու, խրելու համար ճահիճին խորը մեր անելին։ Չունենալ հող իր ոտքերուն ներքեւ։ Չունենալ պաշտպանութիւնը քու ժողովուրդիդ (երբեմն հալածուիլ ալ անկէ)։ Ու դարձեալ աշխատիլ։ Ասիկա ճակատագիրն է ամբողջ երիտասարդութեան մը։ Ու մեր գրագէտները դատելու ամէն ձեռնարկ անբարեխիղճ նարկիսականութեան մը կը վերածուի երբ նկատի չառներ այս ողբերգութիւնը։ Ի վերջոյ մարդկային է յիշել որ արուեստագէտն ալ մարդ է մեզի պէս ու անոր ջիղերը երկաթէ չեն շինուած։ Այս պարագան մեղմացում չէ սակայն, սերունդի մը տուածին մէջ պակասին տեսակը պոռալու վատութեան ընդդէմ։ Հայ գրականութիւնը հայ ժողովուրդին արտայայտութիւնն է: Ու անոր մշակները ուրիշ կեանք մը չունեցան, նոյնիսկ սա հռչակաւոր Եւրոպային մէջ։

Այս տողերը նպատակ ունին Արշակ Չօպանեանին մէջ երեւան բերելու տիպար մը, ուր երկու մեծ երեսները մեր նոր երիտասարդութեան օտար չգային իրարու, Յեղափոխական մը չէր անիկա, ինչպէս էին զուտ այդ տիսիբլինէն կազմուած, խոր ու խուլ զգացումներու ջրդեղին մէջ պողպատուած տղաքը որոնք, առանց մեծ զարգացման, երբեմն իրենց անունն իսկ գրելու անկարող, մէջտեղ ինկան, իրենց ցեղին վրայ գործադրուած ցուրտ, սառնասիրտ խողխողումին հաշիւը ուզելու եւ տուին հերոսական անասելի փաստեր։ Արշակ Չօպանեան կը զգար շարժումին խոր, վիպային գեղեցկութիւնն ու աստուածային արդարութիւնը։ Բայց այդքան։ Միւս կողմէն անիկա չէր նման այն միւսներուն որոնք պապենական իմաստութեան մը դասերը կը կրկնէին անդադար, քաղաքական արարքներու համար մեր դարաւոր ձախաւերութիւնը առաջ նետելով, ու ազգին ճակատագիրը այսքան կտրուկ որոշումներու գինով վտանգի ենթարկելը չէին ներեր իրենց խղճմտանքին [3] ։ Այս երկուութիւնը կեցուածքի իրմով դրութիւն մը չեղաւ անշուշտ, բայց իր անձին վրայ գտաւ պաշտօնական իր միութիւնը: Հիմա, ուրիշ իմաստութեան վարդապետներ այդ կեցուածքը կը բզկտեն, հակայեղափոխական մակդիրը կախելով ճիտէն մարդու մը որ ուրիշ երազ չապրեցաւ, իր հայրենիքին ազատագրութեան երազէն զատ։ Որ այդ երազին uպաuին մէջ զոհեց ամենէն թանկ իր հարստութիւնը, - իր երիտասարդութիւնը, իր չափահասութիւնը, ու բերանս չ՚երթար վրայ, աւելցնելու նաեւ իր ծերութիւնը։ Այսպէս է այս ժողովուրդը:

Գրագէտի մը մէջ մարդը յատակ մըն է յաճախ։ Ու գործը կ՚անդրադարձէ այդ յատակին մեծ գիծերը։ Տուի այդ մարդուն երկու հզօր կիրքերը որոնք մշտական լարումի մը մէջ պահեցին անոր ջիղերը։ Ան ապրեցաւ արուեստին համար ու ազատութեանը համար իր ժողովուրդին։ Իրեն չընծայուեցան միւս պատեհութիւնները կեանքին խոր ճանաչողութեան որ վիպասանը, թատերագիրը կ՚ընէ իր ծիրին ենթակայ: Չունեցաւ Զօհրապի մը տարածուն ապրումները, բարդ ընկերութեան մը մեղքերուն եւ գարշութեանց հեղեղովը տրոփուն ու զզուած։ Անշուշտ ճաշակեց դառնութիւնը իր սերունդին։ Բայց իր հաշւոյն, փիլիսոփայի նման, իր մխիթարանքը փնտռելով իր մատենադարանէն։ Բիրտ, խճող, անողոք ու ահաւոր կերպով անբարոյ անդրադարձը զոր ամէնքս կ՚առնենք մեր շրջապատէն, մասամբ խնայուեցաւ այդ թուղթի ասպետին։ Յետոյ, հրապարակի վրայ, դիմումներու մէջ, բեմերու առջեւ, անիկա պատրանքը ոսկեզօծելու անխուսափելի գիտութիւնն ալ շահագործեց ի սպաս բաղդատական խաղաղութեան մը զոր զգացական բռնութիւնները իր գրական կիրքերուն երբեմն կը պղտորեն բայց չեն յաջողիր հիմնովին խաթարել։

Այս տողերէն յետոյ կը հրաժարիմ հետեւելէ այն հարիւրաւոր թուականներուն որոնք անոր օրերը կը կէտկիտեն, բազմատեսակ գործունէութեան մը խթանին ներքեւ։ Անիկա կա՛մ պիտի հրատարակէ, կամ պիտի պատուիրակէ, կամ պիտի դիմէ, կամ պիտի բանախօսէ։ Ու այս արարքները քիչ մը շատ ընդարձակ գետիններու վրայ: Մեր գաղթականութեան կորագիծո՛վը։ Մինչեւ Ամերիկա։ Տպարան, դիւանատուն, պաշտօնական սրահներ։ Տարօրինակը հոն է որ մշտաշարժ այս երթեւեկը զայն հեռու եղաւ յոգնեցնելէ։ Անոր համար ամէն տեղափոխութիւն պատրուակ է իր նախասիրութեան ելք մը ճարելու: Պիտի ըլլայ Էջմիածին, Երուսաղէմ ու հանգիստի ժամերը պիտի փոխադրէ ձեռագիրներու բորբոսին։ Ամէն դադար, ամէն այց անոր պիտի տան եթէ ոչ միշտ գիրք մը, գէթ շահեկան ուսումնասիրութեանց նախանիւթ մը։ Այսպէս դասաւորուած գործունէութիւն մը իր գիւտն է մեր մէջ։ Ու ասոր պաշտպանութեամբն էր որ կրցաւ կերտել իր զանգուածեղ գործը: Կ՚ենթադրեմ թէ ուրիշ կարեւոր մաս մը իր օրերէն սահմանուած ըլլայ այն հազար ու մէկ տարապարհակներուն որոնք իր բարութեան, միամիտ լաւատեսութեան նուէրները եղան իրեն, զինքը ամենուն հասնող մարդու համբաւի մէջ դառնօրէն վիրաւորող քանի որ մեր միջոցները կը սպառին մեզմէ առաջ։ Իր թշնամութիւններուն մէկ կարեւոր տոկոսը կը խորհիմ թէ իր շատ խոստանալէն ու քիչ կատարել կրնալէն առաջ կուգայ:

Ըսի թէ մեծ կիրքերու սպասարկող մըն էր ու գրագէտ մը։ Ըսել կ՚ուզեմ մարդ մըն է ան որուն մէջ դիւրազգածութիւնը, չըսելու համար նանրամտութիւնը միշտ պայքարի կը մտնեն հաստատ, խոր, հեռահայեաց առաքինութեանց հետ որ հանրային գործիչներուն ամենէն տոկուն խարիսխները կուտայ: Չօպանեանի անձին շուրջ ստեղծուած կարծիքներու տարբերութիւնը արդիւնք է այս պայքարին։ Ո՛վ որ հրապարակ կ՚իջնէ, այդ իսկ հանգամանքով, ինքնաբերաբար յանձն առած կ՚ըլլայ պայքարին պայմանը։ Անիկա պարզեց անիրաւութեան, խստասրտութեան պատկերներ։ Ունեցաւ երբեմն կիրքի լեզու ու ակնոց։ Բայց մեր ո՛ր գրողը ան որ հանրային դերերու լուծին ենթարկեց իր տաղանդը զերծ եղած է այդ անխուսափելի ստուերներէն։ Յետոյ, այս ստուերները ամենէն շուտ թափելիք մասերն են մեր գործունէութեան: Համբաւներուն հակահարուա՛ծը՝ յաճախ ներսէն, որ կը խորանարդէ մեր ուժերը բայց պիտի չնպաստուի մեր իսկութենէն, մեզ պատրելու աստիճան մեզմէ զմեզ աճեցնելով մեր ներքին հայեացքին:

Յիսուն տարի գրիչ շարժող մարդու մը գործունէութիւնը, գէթ անոր հիմնական կարկառները դժբախտ բան է սեւեռել ստիպուիլ քանի մը էջերու չոր գերեզմանին։ Բայց այս այսպէս է: Մեր գրականութեան պատմութիւնը ունի այլապէս խռովիչ, խոր, անդնդակուռ կեանքեր, քսանամենի դագաղուածներէն մինչեւ ծառերու բունին գամուելով, նեարդ առ նեարդ, թշնամիին սուրովը հերկուած մեռնողները։ Կեանքե՜ր, այնքան յորդ ու գեղեցիկ, իբրեւ պատրաստութիւն, տաղանդի յարդարանք, զոհողութեան հանք ու յոյսի գօտի: Բայց չեմ կարծեր որ երկրորդ նմոյշ մը հանէ մեր յարգանքին այնքան արժանաւոր մարդոց որոնք դիմանալու, յամառելու, միշտ աշխատելու քիչ մը տարօրինակ տուրքերը ըլլան ներդաշնակած իրենց բաշխուած օրերուն դժոխքին ու մեր ցեղային քանի մը կտրուկ յատկութիւններէն վկայեն Չօպանեանին չափովը։ Ժամանակը կ՚աշխատի անշուշտ ի հաշիւ ահաւոր կարծրութիւններու: Կ՚ուզեմ ըսել արուեստի գործը ադամանդի է նմանելու, ինքիրեն բաւող, կարելի կերպով ազատ ուրիշ պաշտպանութիւններէ։ Բայց այդ ժամանակը միայն չի փրկեր։ Այլ կը թաղէ, մանաւանդ, հետախաղաղ բոլոր իր փրփուրները, ամենէն առաջ։ Չօպանեանի գործը դատող մը տրտմօրէն կ՚այցուի այս մտահոգութիւններով։ Անոր մէջ մարդը պատմող մը ազատ է այս տագնապէն։ Չմօտեցայ իր շուրջը պտտող հակասութիւններուն, կիրքերուն, անգթութիւններուն, ուրացումներուն, ինչպէս շուրջառային հռչակին որ մեղքն է ամէն աշխատողին։ Առաջին cat é gorieն մասամբ մը` մեր իրականութեան, ուրիշով մը ժամանակին, մեծ տոկոսովը` իր իսկ հակազդեցութիւններէն կը թուի բխիլ, իր ձեռքով յարուցուած տրտմութիւններէն որոնցմէ խուսափիլը կամ որոնք հրաւիրելը աղերս մը չունին նկարագիր որակուած վերացեալ յղացքին հետ, քանի որ յաճախ վեր են մեր մատներուն հասողութենէն։ Իր համբաւին մեղքը կը քաւէ ան երեսուն ու աւելի տարիներէ ի վեր:

 

***

Ու գո՛րծ ը։

Աւագ ու առաջին հաստատում մը, ահագնութի՛ւնը այդ գործին։ Ալիշանի վաստակէն դուրս, որ բացատրելի է սակայն որակային կշիռովը որքան քանակովը, պատուական աբբային բջջակենցաղ հանգամանքովը, Չօպանեանի գործը տիրական զանգուածն է արեւմտահայ գրականութեան։ Կը կանխեմ որակի խուզարկուներու, ստուգիչներուն նախանձախնդրութիւնը անմիջապէս յայտարարելով որ այդ գործը երկնուած է բացառիկ հոգածութեամբ մը, արուեստի կենդանակերպին տակ, sous le signe de l՚art, ինչպէս պիտի ըսէին գաղիացիները այնքան վայելչութեամբ։ Այս հաւաստումը պաշտպանութիւն մըն է նոյն ատեն։ Ուրի՛շ հարց` այդ գործէն անմահ տարրին քանակը կամ որակը։ Նման գործողութիւն մը քիչիկ մըն ալ կանխահաս կը նկատեմ, երբ անոր գործին որոշ մէկ հատուածը դեռ չէ պաղած իր ներքին կրակէն։ Կրնաք, առանց նեղուելու, ու ինչո՞ւ չէ` քիչիկ մըն ալ հաճոյքով վերստին կարդալ Թուղթի Փառքը ։ Փա՞ստ մը, սա իրողութիւնը, հեղինակի մը ներքին արժէքէն երբ անոր պատանութեան մէկ երկը դեռ կը պահէ մաս մը բան այն խանդէն որ զայն արտայայտեր էր, սկզբնածագ շունչովը տաղանդին։ Կ՚ենթադրեմ: Նոյնիսկ այդ գործին մէջ մեռեալ տարրը դարձեալ կը շահագրգռէ մեր գրականութեան պատմութիւնը քանի որ, ինչպէս դիտել տուի այս ուսումնասիրութեան մուտքին, Արշակ Չօպանեան հայ գրականութեան մանրանկար թանգարանն է, իր վրայ արձանագրած ունենալով բոլոր ձգտումները, ճաշակները, փոփոխումները որոնք անցան մեր հոգիներէն եւ ելք մը գտան երբեմն մեր արուեստին մէջ։

Երկրորդ ու նոյնքան վճռական հաստատում մը զանազանութի՛ւնը այդ գործին։ Մտնելէ առաջ որակի մղձաւանջին մէջ որ կը պատանէ բոլոր բազմատեսակ ու ընդարձակ խմբումները, հարկ է ճշդել գրագէտին կեցուածքը որ շատ բան կ՚ըսէ երբեմն։ Ու ըսել, այս անգամ առանց վարանումի, թէ այդ զանազանութիւնը անխուսափելի պայման մըն է բոլոր պայքարող գրագէտներուն։ Իր սերունդին մեծ դէմքերը բոլորն ալ իրեն պէս բազմազան կողմեր կը ներկայեն, աշխատանքի շեշտ ախորժակներով։ Քանի մը հոգի միայն չեն հետեւած մուսաներուն։

Իսկ այդ բացառողներն ալ, ուրիշ ամէն սեռի մէջ, նման են իրարու: Յետոյ, չմոռնալ այն միւս հիմնական հարկադրանքի որուն տակ կ՚աշխատի Արշակ Չօպանեան։ Ատիկա մեր արուեստը հիմնովին եւրոպականացնելու մտահոգութիւնն է որ կը թարգմանուի մեր լեզուով՝ եւրոպական արուեստին բոլոր երեսները փոխադրել մեր մէջ։ Ահա բանալին այդ զանազանութեան։

Երրորդ հաստատում մը, գրական ճակատին երկուութի՛ւնը, որ իր ընդարձակ ուժերուն շնորհիւը միայն փորձանքի մը չէ տարած զինքը։ Անոր գործին մէջ իբրեւ քանակ զանցառելի չէ երբեք ֆրանսերէն գրուած գիրքերուն մթերքը։ Ասիկա փա՛ստ մը՝ նախ հեղինակին հաշւոյն, վասնզի ուզողը չէ որ ինքզինքը պիտի հարկադրէր գրականութեան մայրաքաղաքին ճաշակներուն որոնք կերպով մը քաղաքակիրթ աշխարհին ալ ճաշակը կը կերպադրեն։ Ու երկրորդ՝ գործին հաշւո՛յն, որ բացառաբար կը շօշափէ մեր ժողովուրդին յաւիտենական արժէքները։ Իբր հրատարակութիւն ու վաստակ, Արշակ Չօպանեանի ֆրանսերէն աշխատասիրութիւնները վար չեն երբեք անոնցմէ որոնք կատարուեցան մայրենի լեզուով։

Այդ ընդարձակ գործին դասաւորումը կերպով մը կը դիւրանայ երբ զայն կատարենք իրենց հրատարակութեան, այսինքն ծնունդին բնական կարգովը։ Ուշադիր զննութիւն մը անոր կորագիծին մէջ երեւան կը բերէ կեանքին ալ ընդհանուր գնացքը։ Այն մեծ ու պզտիկ հատորները որոնք անոր պատանութեան եւ անդրանիկ երիտասարդութեան յոյզերը, մտածումները կը տաղաւարեն եւ իր համբաւին առաջին յուշագրերը կը կազմեն այսօր, կը հասնին մինչեւ իր Պոլսէն փախուստը (1896)։ Առաջին տասնամեակին համար իր նուաճումները, մեծ մասով հատորի մտած, մեր գրականութեան համար ճշմարիտ նորութիւններ են։ Արաշալոյսի Ձայներ հաւաքածոն իսկ որ կ՚ամբարէ մինչեւ 1892 անոր սկսնակի արդիւնքները, կը պարունակէ անոր տաղանդին բովանդակ խոստումները որոնք լրիւ պիտի իրագործուին: Զօրութեամբ հոն է քննադատը, հրապարակագիրը, բանաստեղծը, տպաւորապաշտը, պրպտողը, երեսներ որոնք ժամանակին հետ պիտի ամբողջանան ու պիտի տան իրենց ամբողջ տուրքը։ Այլապէս շահեկան է Թրթռումները որ ժամանակակից է առաջինին, իբրեւ անդրանիկ նմոյշ մը նոր քերթողականէ մը։ Գրքոյկը նոր բան մը կը բերէ արեւմտահայ բանաստեղծութեան թէքնիքին ու նաեւ ոգիին։ Կը զգանք թէ բան մը կը մեռնի անոր մէջ ու նոր մը կը սկսի: Գրեթէ նոյն ժամանակներուն կը զուգադիպի Թուղթի Փառք ը, որով մեր վէպը կը մտնէ հոգեբանական փորձարկութիւններու: Չեմ գիտեր, պէ՞տք է յիշել իր Պետրոս Դուրեան ը, պատանեկան խանդով ու հասուն մարդու միտքով մը հաւասարապէս յորդ ու հաւասարակշիռ, որ դարձեալ սեռ մը կը սկսի մեր գրականութեան մէջ քննադատութիւնը։ Ու անհամար յօդուածներ բոլոր թերթերուն ու հանդէսներուն։ Բոլորն ալ ծանր, հիւթեղ, այդ օրերուն՝ համակ նորութիւն: Անդրանիկ այդ շրջանին պսակը սակայն իր խմբագրած հանդէսն է, Ծաղիկ ը, որ Զօհրապի Մասիս ին հետ մեր գրականութեան մէջ պարզ փառք մը չեն, այլ փաստ։ Չօպանեանի Ծաղիկ ը իր ստեղծումն է, ըսել կ՚ուզեմ՝ իր գրականութիւնը սիրողներուն վկայականը, քանի որ մեր մէջ հանդէսը Մամուրեանի Արեւելեան Մամուլ ին կամ Պարոնեանի Թատրոն ին կամ Խիկար ին կաղապարը որդեգրած է, չյիշելու համար Աւետաբեր եւ ուրիշ աւելի թշուառ անուններ։ Ծաղիկ ը թուական մըն է մեր մամուլին տարեգրութեանց մէջ, ինչպէս վերեւ յիշուած բոլոր գիրքերը, իրենց տեսակին մէջ ուրիշ կարգէ թուականներ են: Ու տխուր է երբեմն թուականներուն բախտը, մանաւանդ երբ թիւերու վրայ շատ պահանջներ բեռցնենք։

Չօպանեանի հասունութիւնը կ՚ընդգրկէ ուրիշ երկու տասնամեակ եւս։ Ասիկա շրջանն է մեծ ու ծանր գործերուն որոնք անոր տաղանդին լիութիւնը կը դնեն մեր առջեւ: Անոր գրական եւ ազգային գործունէութեան ծանրագոյն օրերուն կը զուգադիպին այն փառաւոր գիրքերը որոնք կը կոչուին Մ. Պէշիկթաշլեանի կեանքն ու Գործը, Նահապետ Քուչակի Դիւանը որուն յառաջաբանը մեր գրականութեան համար չգրուած էջ մըն էր ու չեմ չափազանցեր եթէ վերագրումը տարածեմ նաեւ մինչեւ մեր օրերը։ Նոյնքան կարեւոր հրատարակութիւն մը` Նաղաշ Յովնաթան ը որ մեր մէջ պակսող ոգիի մը դէմ սքօղուած ու ճարտար բողոք մըն է կարծես, ուղղուած, իրաւ է թէ լռելեայն մեր պատմա- բանասիրական մեթոտներուն այլամերժօրէն թէքնիք ու անգրական (բարբարոս պիտի ըլլար անգեղարուեստական ը), դպրոց կազմած՝ Վիեննական հայրերու աշխատանքներովը։ Այս ծանր գործերուն զուգահեռ ուրիշ գրականութիւն մը, պրոպականտի երանգով, գլխաւորաբար ֆրանսերէն։ Թարգմանութիւններ ասոնք մեր աշուղներէն, ժողովրդական երգերէն, նպատակ ունենալով մեր ժողդվուրդի իմացական արժէքներուն դէպի լայն խաւեր տարածումը։ Ու նոյն ատեն, Անահիտ ը, շարունակութիւնը Պոլսոյ Ծաղիկի ն։ Որ պիտի աւազանէ այդ օրերու մեր իմացականութեան ամբողջ ճիգը, գրական խորքէ, ու պիտի ծառայէ մեր դատին հետապնդումին (եւրոպական շրջանակներէն ներս), մեր գրականութեան վերծանումին, հին ու նոր, հայ եւ օտար դէմքերու շուրջ խիտ, լի, դաշնաւոր, վէպի մը պէս դիւրաւ կարդացուող բայց գաղափարներու բարձր մթերքով մը հարուստ մենագրութիւններ, ինչպէս նաեւ գրական ուղղութիւններու, մտայնութեանց վրայ առաջին ամփոփ համադրական յօրինումները։ Ու ազգային քաղաքականութիւն, այդ օրերուն այնքան իրաւ, այնքան տիրական, իր առքին մէջ պահելու համար մեր ժողովուրդին բոլոր խաւերը։ Ու փոխադրումներ մեր բարբառին, մէկէ աւելի գլուխ-գործոցներու: Միայն Անահիտ ը մարդու մը լիութիւնը սպառող ձեռնարկ մըն է։ Այդ շրջանին է որ ան վերջնական խմբումի մը տակ կ՚առնէ իր բանաստեղծութիւնները, Քերթուածներ ընդհանուր տիտղոսին տակ, ճաշակաւոր ընտրութեամբ, անցք տալով այն ոտանաւորներուն որոնց արժէքին կը հաւատար։ Պէ՞տք է այս շարքին յիշել նաեւ Հայ Էջերը, որուն խմբագրումը կը մատնէ պրպտողին եւ դատողին ապահով ճաշակը:

Պատերազմին հետ եւ անկէ ասդին Արշակ Չօպանեան ինքզինքը կը շարունակէ, առանց նոր բան մը կարենալ աւելցնելու իր գործին տեսակարար ծանրութեան։ Որակի այս կայունութիւնը պիտի քննուի երբ շինուի գրագէտի իր դէմքին համադրումը: Բայց կարելի չէ լռութեամբ անցնիլ մեծ գործի մը վրայէն որ խմբագրուած է ֆրանսերէն։ Հայ աշուղներէն հատընտիր երգերու եռահատոր թարգմանութիւնն է ատիկա, հեղինակներու մասին ամփոփ, պայծառ նշմարներով որոնք իրարու կապուելով հայ հոգիին վրայ բաւարար լոյս մը կը նետեն։

Հատորի ձեւին տակ երկարաձգուող այս աշխատանքին հետ Արշակ Չօպանեան ունի շատ ընդարձակ լրագրական գործունէութիւն մը, որուն տարողութիւնը պիտի ճշդուի իր տեղը։ Դարձեալ՝ միշտ նոյն պայմաններու խթանին ներքեւ, ուրիշ աշխատանք մը, քաղաքական ու կուսակցական, որ այնքան աղիտալի դեր մը կը կատարէ մեր գրագէտներուն հոգիին ինչպէս ուժերուն եւ ժամանակին վրայ, մշտապահանջ ու ապերախտ, առնելով զայն հոսանքներու մէջ ուր չունէին ընելիք, զլանալով մանաւանդ անհրաժեշտ խաղաղութիւնը, ժամանակը՝ այնքան անհրաժեշտ մշտարժէ գործերու կերտումին։

Այս արագ նշմարը չի կրնար ծանրաբեռնուիլ քաղաքական գործունէութեան երթեւեկովը, անուանացանկովը զանազան պաշտօններուն, պատուիրակութիւններուն որոնք ազդած են սակայն անոր արդիւնքին վրայ։ Օտարներու մօտ, մերիններուն մէջ, Պոլիս թէ Եւրոպա անիկա ծառայեց իր ժողովուրդին, իր հասկցած ձեւովը։ Ու իր գործը իբր քանակ ու որակ, ոչ միայն ամենէն պատկառելիներէն մէկն է իրապաշտ սերունդէն, այլեւ ամբողջ մեր զոյգ գրականութեանց։

 

2. ԿՈՂՄԵՐԸ ԻՐ ՏԱՂԱՆԴԻՆ

Կենալով միայն գրական գետնի վրայ, քննադատը կը հաստատէ բազմաթիւ կողմեր Արշակ Չօպանեանի անձնաւորութեան մէջ։ Այս բազմակողմանիութիւնը քիչիկ մը հասարակաց է արդէն իր սերունդի բոլոր անուններուն։ Գրական առաջին թափին մէջ մեր ուժերը ստիպուած էին ճակատիլ միշտ քանի մը պահանջներու: Բայց այս առաքինութիւնը իր բարձրագոյն ձեւին տակ իւրացնողը Արշակ Չօպանեանն է դարձեալ որ պիտի մշակէ հասարակաց հողերը, բայց պիտի աւելցնէ դեռ կոյս ալ գետիններուն հարստութիւնը:

Անով կը սկսի արեւմտահայ քննադատութիւնը։ Որ, հեռու աւելորդ պերճանք մը ըլլալէ քննադատութիւնը յորդ, նրբացած գրականութիւններու կողքին թարմատար շեղում մըն է յաճախ մերինին նման հիմնովին նախնական, ազազուն գրականութեան մէջ, անհրաժեշտութիւն մըն էր քառսուն տարի առաջ։ Արշակ Չօպանեան, շատ երիտասարդ, հակառակ իր անբաւարար պատրաստութեան [4], մշակը եղաւ այդ սեռին, ապահով կորուստի մը գինովը: Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի ինծի համար քննադատութիւնը գիրքերու վրայ օրագրութիւն է, գէթ մեր մէջ։ Այն ուժը զոր վատնեց անիկա այդ գետինին վրայ, անփոխարինելի շռայլում մըն էր։ Վասնզի քառսուն տարի վերջը Պետրոս Դուրեան էն, Թուղթի Փառք ին խոստումը կսկիծի մը պէս չի հեռանար ինձմէ։ Անշուշտ, գործաւորին ճարտարութիւնը պայմանաւոր է նախանիւթով։ Ի՞նչ էր ի վերջոյ հայ գրականութիւն որակուած նոր մեր ճիգը որպէսզի անոր վրայով կարելի դառնային մեծ ու ընդարձակ կառոյցներ։ Հաճոյք մըն է մեծ գրականութեան մը խորը ընկղմիլ ու անկէ վերբերել շքեղ արդիւնքներ։ Մնալով մեր կարելիութեանց գետնին վրայ, Արշակ Չօպանեան կը հանդիսանայ ամենէն առատ արտադրող մարդը մեր քննադատութեան մէջ։

Իբր վաստակ ու վատնում, անոր մէջ երկրորդ գիծի կուգայ հրապարակագիրը, որ բացառիկ հանգամանք մը կը զգենու իր վրայով քանի որ այդ զբաղումը մատչելի չեղաւ անոր ուղիղ ճամբով, ինչպէս եղած էր ատիկա Արփիարեանին, Զօհրապին, Բաշալեանին համար, մարդեր բոլորն ալ իրենց տրամադրութեան տակ օրաթերթ մը ունեցող, ուր անոնց գրգիռ կար միշտ օրով ապրելու, անկէ ներշնչուելու: Իրաւ է թէ իր հանդէսները (սեպհական) զանցառելի ժամադրավայրեր չեն, բայց կը տառապին իրենց թէքնիք նկարագրովը: Անոնք քաղաքական կամ ընկերային կրկէսներ չեղան երբեք, վասնզի արուեստի ու մտածման հանգանակներու կը սպասարկէին: Սեպհական բեմի այս պակասը թերեւս թաքուն ազդակ մըն է կամ պատճառ մը որպէսզի Արշակ Չօպանեանի մէջ մարդիկ ամենէն քիչ ու գէշ տեսնեն հրապարակագիրը: Եւ սակայն անհուն է անոր վատնումը այդ ուղղութեամբ։ Սկիզբները շեշտօրէն գրական: Հետզհետէ, հպատակելով ազգային հարցին մղումներուն, մեր իրերամարտ ախորժակներուն ու կուսակցական պահանջներուն, Արշակ Չօպանեան իր արդէն բաժնուած ուժերէն լաւագոյն մաս մը պիտի յատկացնէ այս ապիրատ որքան ապերախտ պէտքին ու պիտի ստորագրէ վիճարկու եւ կռուազան այն polémiqueները որոնք ոչ ոքի բարիք պիտի բերեն, բայց մեծ վնաս՝ անոր ուժերուն, խռովելով անոր արդէն տարակեդրոն ջղայնութիւնը աւելորդ հոգերով, երկրորդական կիրքերու նորանոր հեղումներով։ Գրականէն դէպի ազգային-քաղաքական, կուսակցական ախորժակներու սա զառածումը բարեբախտաբար չունեցաւ այն աղիտաբեր հետեւանքը զոր կը հաստատենք Պարթեւեանի, Զարդարեանի գործերուն մէջ, որոնց հարկադրական նիհարութիւնը թող ներուի մեզի բացատրել ջանալ այս անօգուտ որքան անգութ ինքնամսխումով։ Միւս կողմէն անոր կեցուածքը, գէթ իբրեւ հանդէսի մը պատնիշաւոր տրիբունին, զինքը վար չի պահեր Մամուրեանէն որուն մէջ գրագէտին պակասը դառնօրէն կ՚անդրադառնայ գործիչին ճառագայթման վրայ: Ամէն ուր որ զինքը քշած են վայրկեանը, իր նախասիրութիւնները, իր քէները, իր նախապաշարումները, Արշակ Չօպանեան ըսած է իր ըսելիքը յաճախ բուռն, կրքոտ, միշտ տաք, միշտ իրաւ շեշտի մը պաշտպանութեամբը:

Ատեն մը անիկա որակեալ քերթողն էր իր սերունդին։ Այս վերագրումը դժուար պիտի չըլլար հասկնալ որքան արդարացնել երբ իրապաշտ փաղանգին ամբողջական դիմագիծը ունենանք աչքի առաջ։ Մեր գրական երեք սերունդներէն իրապաշտները մինակն են որ բանաստեղծի դէմք մը չյայտնաբերեցին։ Սիպիլի, Չօպանեանի համբաւները իրենց գագաթը գտած են արդէն իբր քերթող 1900ին երբ ոչ Վարուժան, ոչ Թէքէեան, ոչ Մեծարենց գոյութիւն ունին։ Բայց Նար-Պէյի, Թէրզեանի, Սէթեանի, Աճէմեանի, Լեւոն Սեղբոսեանի տաղաչափութեանց քով Չօպանեանի քերթուածները անուրանալի յաւելում մըն են։ Միւս կողմէն, եթէ իբր ներշնչում, զգացումներու թափ կամ ականջի հեշտութիւն անոր քերթուածները չեն զատուիր շրջանին ընդհանուր միջինէն, բայց իբր թէքնիք, իբր նայուածք, իբր արեւմտեան ժուժկալութիւն սկիզբ մը կը կազմեն։ Անոնցմով մեր քնարերգութիւնը կը մօտենայ եւրոպական, մասնաւորապէս ֆրանսական կերպերու, ձեւընկալ ու ցուրտ ու կիսազգած այն արուեստին որ ձեւի կատարելութիւն մըն է ամենէն առաջ բայց չի կրնար ըլլալ բուն իսկ ստեղծագործութիւնը։ Իր ճամբան կը տանէր դէպի կատարելութիւն ու դէպի բռնազբօսութիւն։ Իրմէ վերջ մեր քերթողները գացին երկու ալ ուղղութեամբ: Այդ ճամբու գերագոյն ճամբորդն էր Սիպիլ որ սառեցաւ իր իսկ ձիւնին մէջ։ Չօպանեանի Թրթռումներ էն վերջ հասկնալի էին Թէքէեանի եւ Մեծարենցի քերթողականները։

Այս երեք հիմնական կողմերուն վրայ կ՚աւելցնեմ տպաւորապաշտը որ համադրութիւն մըն է իր մօտ վերի երեք ախորժակներուն։ Եւրոպայի մշակոյթէն իր տպաւորութիւնները, յաճախ արուեստի եւ մտածման աշխարհներէ, երբեմն արտաքին, նկարագեղ կայքերէ, երբեմն շարժումներէ ու մարդերէ, տուին անոր յաջողակ էջեր։ Նկար, ներկայացում, այցելութիւն, ընդունելութիւն, շփում իր մշտարթուն ուղեղին համար պատրաստ բլագ ներու դերը կատարեցին։ Ու անիկա պատմեց հին ու նոր աշխարհին ամենէն ցցուն եւ ուժգին ազդեցութիւններէն: Ու եթէ երկարէք այս ընկալչութիւնը սանկ կէս դարու մը վրայ, այն ատեն հասկնալի կը դառնայ հարստութիւնը այդ երակին Արշակ Չօպանեանի ընդհանուր գործին մէջ։

Վիպո՞ղը: Ըսի մտածումիս հիմնական մասը։ Ամէն քննադատի մէջ վիպողի մը նախատարերքը սխալ չէ հաստատել (հակառակը ճիշդ չէ միշտ)։ Իրողութիւն է որ առաջինը եղաւ հոգեբանական վիպակը փորձող մեր մէջ, ան ալ իրապաշտ շարժումին ամենէն հզօր հմայքի օրերուն։ Չտուաւ անշուշտ իր տաղանդին վայել գործ մը, այդ ուղղութեամբ, բայց իր նորավէպերը, տղոց պարունակէն գործող պատկեր պատմուածքները, իր կենսագրումները մանաւանդ ոչ-գրողներուն շքախումբէն մեզի կը բերեն գեղեցիկ կարելիութիւններուն ու ասոնց վրիպանքին ցաւը նոյն ատեն:

Յետոյ, պէտք է տեսնել իր մէջ թարգմանիչը որ աշխատած է երկու երեսներու վրայ։ Դժուար է արդիւնքի փաստերով տապալել փորձել այդ ճիգին տարողութիւնը։ Աշխարհ անշուշտ այսօր քիչ մը աւելի բան գիտէ մեր ժողովուրդին շնորհներէն որքան չէր գիտեր անցնող դարու վախճանին: Ուրիշ հարց` եթէ երբեք այդ գիտութիւնը մեզի չբերաւ մեր սպասումին սփոփանքը։ Նոյն ատեն Արշակ Չօպանեանի մէջ հսկայ պատրանքին դէմ քալող մեր օրերու ասպետն ալ ուրիշ սրտառուչ փաստ է ինքնին։ Մինչեւ մեր վերջնական կործանումը անիկա ձեռնթափ չեղաւ այդ կրկներեւոյթէն ու կը շարունակէ հաւատալ: «Արդարութիւնը կ՚ուշանայ, բայց չի կորսուիր» ըսեր է մեր ժողովուրդը։ Թարգմանչական աշխատանքին մէկ կարեւոր մասը գրական, քաղաքական, պատմական արժէքներու ցուցահանումը ունի նպատակ, մշակոյթի միջազգային լեզուով մը կատարուած (ֆրանսերէն)։ Ուրիշ մաս մը` միջազգային հին ու նոր մեծ արժէքներուն մեր աշխարհաբարի փոխադրո՛ւմը։ Պէտք է կենալ սա հիմնական փաստին առջեւ որ, աշխատանքը իր երկու երեսներուն ալ վրայ, շեշտօրէն գունաւորուած է արուեստի լայն հասկացողութեամբ մը։

Գրականութեան մը պատմութիւնը, առանց մեծ տոյժի, կրնայ մոռնալ մեր կեանքին թերեւս ամբողջ խորքը տուող յատկութիւններ, երբ որ ասոնք չեն վերածուած գործերու, շօշափելի ու իրական, գիրք, շէնք, նկար եւայլն: Ապերախտութի՞ւն: Անշուշտ։ Բայց տարբեր կերպ մը դժուար պիտի ըլլար հաշտեցնել գրականութեան իսկ ըմբռնումին։ Այս տեսակէտէն դիտուած, Արշակ Չօպանեանի կեանքին գրեթէ կէսը կը լքուի ազգային պատմութեան քանի որ այդ կէսը անոր վերիվայրումներուն հետ քալող ուրիշ տռամ մըն է, այլապէս յուզիչ, բայց որուն պարագրկումը դուրս կը մնայ իմ ծրագրէն։

 

3. ՔՆՆԱԴԱՏԸ

Պէտք չեմ զգար մանրամաղ վերլուծումով մը ապացուցանել չգոյութիւնը գրական այն սեռին որ Արշակ Չօպանեանի անձովը իր մուտքը կ՚ընէ մեր գրականութենէն ներս: Բաւ է յայտարարել թէ գիրքերու եւ հեղինակներու շուրջ դատումները, իրմէ առաջ, քրոնիկներ են յաճախ, եթէ ոչ պարսաւ կամ հայհոյանք։ Ե. Մուրատեան, Ռեթէոս Պէրպէրեան, Եղիա, Գրիգոր Օտեան, երբեմն Մամուրեան, երբեմն ալ մի ոմն, օրաթերթէ կամ մուրացկան հանդէսներէ կը գրաւեն սիւնակներ, անպատասխանատու լրջութեամբ, հոն ըսելու համար ինչ որ կ՚ըսեն ուրիշներ, այդ էջերու միւս սիւնակներէն, այս անգամ հեռաւոր կամ մերձաւոր արեւելքի հարցերուն շուրջ, այնքան անփոխարինելի լրջութեամբ։ Գրական քննադատութիւնը մեր մէջ լրագրական քրոնիկ է։ Չեմ ըսեր թէ յիշուած անուններուն պակսած են գաղափար, հասկացողութիւն, դատում, զարգացում։ Ասոնք բոլորը մէկ կը լինեն պարկեշտ մտաւորականը, բայց ոչ այն միւս տիպարը որ այլամերժօրէն իր ուժերը պիտի յատկացնէ գիրքերու, գործերու ճանաչողութեան մը, գրականութեանց ընդհանուր ըմբռնումի մը ու պիտի ստեղծէ իր բեմը, անկէ խօսելու համար իր գիտցածը, կարծածը, բացառիկ եթէ ոչ ծիծաղելի ինքնաբաւութեամբ մը։ Այս մարդը Արշակ Չօպանեանն է:

Միւս կողմէն, առանց աջ ու ձախ շեղումներու, պէտքը կը զգամ իսկոյն ճշդելու տարողութիւնը այս վերագրումին, զայն վերածելու համար պարզագոյն իր եզրին որ եթէ տարբեր է մեր ռոմանթիքներուն կամ՝ թռուցիկ տպաւորութեանց հետամուտ, իրերագով միւս խմբակին ճաշակէն ու հասկացողութենէն, բոլորովին չ՚ընդգրկեր սակայն յղացքին ընդհանուր նկարագիրը: Անշուշտ, այս տողերուն հետ, կը խուժեն խոշոր, խոշոր տարազներ, վարդապետականներ, իմաստասիրական պատրաստութիւն, ընկերաբանական տեսութիւններ ու ընկերներ, որոնցմէ ոմանք արեւմտեան մեծ տարազներուն շուրջառովը, միւսները՝ արեւելահայ ընկերաբան եւ օգտապաշտ դպրոցին տափակութիւններովը զգեստաւոր: Արշակ Չօպանեան զուրկ է մնացած իմաստասիրական կազմութեան մը բարիքէն (որքան արդար պիտի ըլլար բառը փոխարինել չարիք ով, արդիւնքին առջեւը ահաւոր այն միջակութեան որ այդ պատրաստութիւնը, բայց միայն այդ՝ իբր շանթարգել կը գործածէ, իր անհասկացողութիւնը, անուղեղութիւնը պատսպարելու, գլխաւորաբար արեւելահայ քննադատութեան մէջ, որպէսզի իր գաղափարաբանութիւնը պարտադրէր մեր հրապարակին։ Գիրքերու գիտութիւն մը գոյութիւն ունի անշուշտ։ Բայց անոր անհունութի՞ւնը: Ու հայ գրագէտին միջոցնե՞րը, մանաւանդ Պոլիս՝ ուր մատենադարանը հնութեանց թանգարան է շատ շատ։ Ու կեա՞նքը, որ մեր ժամերը կ՚ուզէ նախ իր հաշւոյն, զանոնք վատնելու համար թերթի, դասի, ճառի, ու այն հազար ու մէկ ոչնչութիւններուն որոնք կ՚աղան մեզ: Կ՚ըսեմ ասոնք, որպէսզի իր ճիշդ արժէքին մէջ տեսնէք գինը մեր գրողներուն իրագործումներուն։ Կեանքին ընթացիկ ապրումները բաւ են մեզմէ հանելու համար վիպող մը։ Մեր տառապանքը, մեր պատրանքները, մեր սէրը ու երազները լիուլի կը հայթայթեն նախանիւթը մեր քերթողական շնորհներուն որպէսզի մենք տանք մեր աշխարհը Դուրեանի մը, Մեծարենցի մը մանկունակ հորիզոններովը: Բայց քննադա՞տ մը։ Անիկա առնուազն հսկայ դժուարութիւն մըն է մեր մէջ։ Անոր գոյութեան իրական արգելքնե՞րը։ Շա՜տ։ Ու ամենէն առաջ հայ գրականութիւնը։ Որ հակառակ կիսադարեան իր հոլովոյթին, նոյնիսկ զայն տեսնելով 1900ին, կէս հարիւրէն պակաս թիւ մը կը հանէ յաջողած գործերու, քննադատին առջեւ վարկ վայելող։ Յետոյ, ընթերցման անհնարութիւնը, Պոլսով պայմանաւոր, ու պայմանաւոր դարձեալ մեր քաղաքական ճակատագրէն։ Մեր նոր գրականութեան մէկ կարեւոր կէսը, արեւելահայ վէպը արգիլուած աշխարհ է արեւմտահայ դատողին համար։ Ու տակաւին պակա՛սը՝ ամբողջական գործերու, հեղինակները որոշ ապրող վաւերագրերու, նշխարներու, առնուազն ուղիղ թիւերով կենսագրումներու, լուսանկարներու, ձեռագրերու։ Այս եղերական հանգամանքներու մէջ է որ սկիզբ առած է մեր քննադատութիւնը։ Ու այս ամէնը իր անդրադարձը պիտի ունենայ Արշակ Չօպանեանի քննադատական գործին մէջ։

Ընդարձակ իր արդիւնքը կարելի է զետեղել երկու որոշ բաժիններու մէջ։ Ասոնց կարեւորագոյնը, իբր ծաւալ ու յաջողուածք կուգայ մեր դպրութեանց շուրջը իր կատարած վերլուծումներէն, դէմքերէ կամ շրջաններէ, հին [5] բայց մանաւանդ նոր մեր գրականութեան մեծ անուններուն առիթովը իրագործուած։ Երկրորդ բաժինը կ՚ընդգրկէ ընդհանուր գրականութեանց (նախասիրութեամբ մը ֆրանսականին) ու անոնց հսկաներուն վրայ կատարուած համադրական իր փորձերը, ու գրական երեւոյթներու վրայ իր կառոյցները։ Զուտ քննադատական ուսումնասիրութեանց այս փաստերուն քով անիկա տուած է բազմաթիւ նշմարներ, կենսագրական որքան վերլուծական, այն բազմաթիւ հատորներուն մէջ, հայերէն թէ ֆրանսերէն, ուր մեր արուեստի արտայայտման բոլոր կերպերը դիտուած են նոյն ու մայր մտահոգութեան մը ընդմէջէն, մանրանկարներու, ձեռագործներու, խաչքարերու, աւերակներու, ոսկեքանդակ յօրինումներու, կերպասներու, գրչագիրներու, նկարներու, հաստատ թէեւ դժուար վկայութիւնները օգտագործելու հայ արուեստի մը, հայ հոգեբանութեան մը, հայ իմացական կերպի մը լաստակերտումին։ Ասոնցմէ դուրս են հարիւրաւոր այն քրոնիկները որոնք գրական երեւոյթներու, գեղարուեստական շարժումներու, մեռնող արուեստագէտներու, հոս ու հոն երեւցող յատկանշական գործերու գիրք կամ նկար կամ՝ երգահանդէս , մեր դատին հետապնդումին մէջ դեր մը ունեցած հայ եւ օտար պետական մարդոց, մեր պատմութիւնը շահագրգռող հարցերու շուրջ իրեն արժած են անբաւ սիւնակներ, միշտ տիրական տարրով մը արժանի՝ պահուելու, քանի որ ամենուն մէջ ալ կայ իր անձնական աղերսը, միտքէ կամ գործէ, որ մեր գիրը կ՚ընէ այլապէս թանկ ու անփոխարինելի։

Ինչպէս կը տեսնուի սա շատ արագ պարզումէն, քննադատը Չօպանեանի մէջ կը յորդի իր ընթացիկ տարազէն, ըլլալու համար տեսակ մը մեծատարած « առատաբան » (ինչպէս կ՚nրակէ զինքը իր դպրոցին երէցներէն մէկը անձնական նամակի մը մէջ) պատմիչը հայ ժամանակակից իրականութեան, անշուշտ, գրական ու գեղարուեստական երեւոյթներու շուրջ լայն կամեցումով մը։ Այս պարագան է որ կասկածի տակ կը ձգէ զուտ քննադատի իր վարկը [6] ։

  Դառնալու համար քննադատական իր արդիւնքի կշիռին, մարդ ամենէն առաջ կը զարմանայ անոր՝ զանազանութեան որքան ընդարձակութեան վրայ։

Ա. Օտար հեղինակներու եւ գրականութեանց վրայ իր փորձերը: Օրը օրին գրուած այս յօդուածները, իրենց սահուն, պարզ, հասկնալի ըլլալու առաքինութեանց կը միացնեն աւելի բարձր արժանիքը մեր մէջ փոխադրելու միշտ բաւարար մթերք մը գաղափարներու, որոնք արդի մշակոյթին ընդհանուր յայտարարները կուտան, ու անհրաժեշտ տարրերը կը նկատուին իմացական հաւասարակշռութեան մը: Մեր մէջ, ո՛չ ոք` այդ հասարակաց մտածումները անհաշիւ գործածեց իր դիւրութեամբը, ընտանութեամբը։ Ես կանգ չեմ առներ այն առարկութեան առջեւ որ ապօգուտ կը դաւանի օտար գրագէտի վրայ ամէն գրութիւն, քանի որ գրողը արձագանգի դերէն [7] դժուար դուրս կ՚ելլէ: Յետոյ, քննադատը քիչ անգամ արուեստագէտի յաւակնութիւններ պիտի պաշտպանէ։ Իրողութիւն է որ 1890ին իսկ Չօպանեանի յօդուածները օտար դէմքերու շուրջ կը բերէին բան մը որ կը պակսէր մեզի: Տարիներու հոլովումին հետ, այդ փոխադրութիւնները քիչ քիչ ազատուեցան լրագրական իրենց յարդարանքէն, ըլլալու համար լայն, հասուն, մտածուած փորձեր (essais) որոնց վրայ աշխատող հեղինակը նախանիւթերու հարստութիւն մը միայն ունէր աւելի, բայց կը դնէր իր անձէն ալ որոշ բաժին մը։ Անոնք, առնուազն մարզանք մը պիտի կազմէին որպէսզի ճարտարապետը ստանար, իրենց վրայով, մեթոտի մը, եղանակի մը թէքնիքը։ Չեմ գործածեր վարդապետութիւն, հանգանակ, իմաստասիրութիւն քիչ մը խոշոր բայց յաճախ ալ փցուն տարազները։ 1890ին ֆրանսական քննադատութիւնը արդէն հրաժարած է մեծ այդ բանաձեւներէն, ըլլալու համար տպաւորութեանց տողում մը: Ժիւլ Լը Մէթր, Պուրժէ, Ֆակէ, Անաթոլ Ֆրանս, Կուրմոն տիրական դէմքերն են այդ քննադատութեան, բոլորն ալ անձնական զգայութիւններու արձանագրիչներ, երանգի տարբերութեամբ մը։ Ծանր, պատմա-փիլիսոփայական հմտութեան մը բեռէն զերծ այդ դատումները անշուշտ քիչով վեր են լրագրութենէ։ Բայց ատիկա կորուստ մը չէ, քանի որ խոշոր յաւակնութիւններով բեռնաւոր իրապաշտ ու գրապաշտ քննադատութիւնն ալ (Թէն, Զոլա) աւելի բախտաւոր չէ եղած, ժամանակին դիմաց: Արշակ Չօպանեան օտարներու վրայ իր բոլոր կտորներուն մէջ, գործածեց տպաւորապաշտ թէքնիք մը, ուր մուտք էին գրագէտի որոշ խառնուածք, արուեստագէտ զգայնութեան մը տարրերը, քիչիկ մը արեւելք, այսինքն՝ գոյն ու երազանք, որոշ բաժին մը հայութեան, իր ամենէն մաքուր, տխուր, հարազատ քանի մը կողմերովը: Անխուսափելի այս անձնականութիւնն է որ այդ կտորները կը փրկէ պարզ հետեւողութիւն, անպէտ փոխադրում ըլլալու ճակատագրէն։ Յետոյ, անոնք հանգրուաններ են եղած նոյն ատեն։ Քառսուն տարի առաջ օտար լեզուները մատչելի չէին մեր միջին միտքերուն: Բոլոր պատանիները, որոնք յետոյ տէրերը պիտի դառնային մեր գրականութեան, իրենց հաղորդակցութիւնը ըրին արեւմտեան մշակոյթին հետ, այդ ակօսով։

Այդ ուսումնասիրութիւններէն անոնք որ դէմքերու յատկացուած են, վար չեն մնար իրենց սկզբնատիպ կաղապարներէն։ Կոնքուռ եղբայրներ ու եւ Հայնէ ի վրայ վերլուծումները, յիշելու համար նմոյշներ, իբր թափանցում, դասաւորում, ճանաչողութիւն կրնան մօտիկը դրուիլ վերեւ անուանուած քննադատներէն նման փորձերու: Երեւոյթներու շուրջ ( վիպականութիւն, դասականութիւն, միսթիքականութիւն ՝ դարձեալ յիշելու համար նմոյշներ) իր կառուցումները կը համադրեն միջին ծանօթութիւններու ամբողջական մթերքը, հանրագիտական խտութեամբ ու պայծառ յօրինուածքով։ Չեմ խօսիր այդ աշխատանքին մէջ նորութեան, նորոգման պէտքէ [8] մը, որ ծիծաղելի պիտի ըլլար առնուազն։ Հոս կը ներկայանայ հարցը եւրոպական զգայնութեան ո՛ր աստիճան իր հաղորդակից դառնալուն։ Ուրիշ խօսքով՝ կա՞յ Արշակ Չօպանեանի մէջ տիպարը որ կը ճանչնայ հին ու նոր մեծ գրականութիւնները, ապրած է գէթ տասնիններորդ դարու հոգեբանական եւ գրական մեծ տագնապները, ասոնք խտացնող գործերու խոր, սպառող պեղումներէ վերջը ու ճարած՝ իր ջղային դրութեան՝ աշխարհը տեսնելու եւ զգալու եղանակ մը որ հանդէս կուգայ օրինակի մը համար Տանիմարքացի Կէօրկ Պրանդէսի մը գործին ընդմէջէն։ Կը կարծեմ թէ անտեղի է այս խստութիւնը: Եւրոպական համբաւի տիրացած Դանիացի քննադատին Փորձեր ը շատոնց մտած են երջանիկ քունին մէջ որով կը մոխրանան քննադատական ամենէն ամբարհաւաճ յաջողուածքները։ Չմոռնալ անշուշտ Սէնթ Պէօվը որ կը կարդացուի անձերու հոգեկան բաւիղներէն ներս իր բացած այլապէս շահեկան, խռովիչ լուսամուտներու սիրոյն։ Յիշել մեծահռչակ Թէնը ու իր ամրակազմած լաստակերտումները որոնք այնքան տժգոյն գրականութիւն մը կը թուին այսօր։ Եւ սակայն կէս դար հազիւ մեզ կը բաժնեն օրերէն ուր այդ մարդուն վերլուծումները իմաստի գագաթներ կը ներկայացնէին մտածող մարդկութեան հիացումին բարձրացուած։… Դառնալու համար հայ գրականութեան, անմիջապէս դիտել կուտամ որ Արշակ Չօպանեանի այդ արտաքին աշխատանքը բարիք միայն բերաւ իր ընթերցողներուն որոնք ատոր շնորհիւ արթնցան անշահախնդիր ու ազնիւ հետաքրքրութեանց, երբ միջազգային կրկէսին վրայ այժմէութիւն գրաւող մեծ հարցեր, իմացական հոսանքներ, ամենէն շատ գրական ուղղութիւններ անոր անխոնջ գրիչովը կը պարզուէին, կը պատշաճուէին իրենց ճաշակներուն ու հասկացողութեանց։ Անշուշտ արագ, քիչ խոր, լրագրական նկարագիրը պէտք չէ մատի փաթթել երբ կը դատենք այդ վաստակը։ Արշակ Չօպանեան ֆրանսացիներ չունէր զինքը կարդալու: Յետոյ միշտ աչքի առջեւ ունենալ անոնց նորութիւնը։ Նորագոյն մեր սերունդը, հիմա իր միջոցներով, դիւրութիւն ունի հայթայթելու այդ ամենը, «խմելով ակէն» ինչպէս կ՚ըսեն։ Բայց` քառսուն տարի առա՞ջ:

Բ. Հայ գրականութեան եւ հայ հեղինակներու վրայ իր աշխատանքը: Հոս պարզ է որքան անվերապահ իմ համակրանքը [9] Չօպանեանի աշխատելու մեթոտին որքան իրակերտած արդիւնքին մասին։ Չօպանեանի ինչպէս հայ քննադատութեան լաւագոյն նուաճումները կ՚իյնան այս մարզին մէջ։ Այդ գիրքերուն մէջ ես կը հաստատեմ առաջին յաջողակ, երկարաշունչ, հանգամանօրէն իրագործուած նմոյշները աշխատութեան կերպի մը ուր գրագէտները ներկայացնելու, հասկանալու, դատելու իրական մեթոտ մը կ՚ուրուագրուի, հետզհետէ ամրացող, ճշմարիտ դրութեան մը բոլոր պայմանները թելադրելով, նախնական ու թերի, անշուշտ, բայց բոլորովին տարբեր քմածին ու գետնաքարշ գովեստէն կամ պարսաւէն որոնք նկարագիրները եղած են սեռին, իրմէ առաջ։

Առանց հետեւակութեան վախի, կարելի՞ է փնտռել այդ գործին մէջ ճշմարիտ քննադատը որոշադրող տարրեր, լայն հմտութիւնը, խոր ու լայն թափանցումը, ուրիշներու իմացական աշխարհին մէջ անվերապահ անձնալքում մը, մերձեցումներ ու տարբերացումներ, հասկացողութեան սուր զգայարանք, մանաւանդ դատումի արագ ու ապահով վարժութիւն, յիշելու համար այն քանի մը կարկառուն ստորոգելիները որոնք մեր ամենուն մէջէն կարող են քննադատ մը ճարտարապետել: Պատասխանը հաստատական է անտարակոյս։ Տակաւին, կարելի՞ է Արշակ Չօպանեանի մէջ ողջունել մեր մտքի հետքերուն վրայ լայն, տիրական ակօսներ բացող երախտառատ մշակը։ Նոյն է պատասխանը: Կարելի՞ է, աւելի լայնելով հարցականին շրջանակը, Արշակ Չօպանեանի մէջ գտնել փորձել եւրոպական տարողութեամբ իմացականութիւն մը, հազուազգի ու այլապէս հզօր որ ընդգրկէր մեր ամբողջ իմացական վաստակը ու մեր գրականութեան ըմբռնումին մէջ իջնէր տարօրէն թելադրիչ ու զգլխող խորութեանց, քանի մը կարկառուն ցուցմունքներու ճամբով կերպադրէր մեր հոգին, դարերու սանդուխներէն ու մեզ յայտնաբերէր մեզի: Հոս դժուար է հաստատականը։ Ի՛նչ որ գտած է իր քննադատական սուզումներէն, մեր անցեալին ընդերքն ի վար, անշուշտ կը խօսի մեզի, իբրեւ համոզիչ գեղեցկութիւն ու մեզամօտ խորհուրդ։ Բայց այդքան։ Թերեւս իրմէն աւելի մեր գրականութիւնը պարտաւոր ենք պատասխանատու բռնել այս թերացման մէջ։ Կ՚անցնիմ։ Արշակ Չօպանեան քննադատի իր հայեցողութիւնը դրութեան մը պիտակին չէ վստահած ու ատիկա լաւ է անշուշտ։ Բայց նոյն ատեն իր դատումները չէ ազատագրած տպաւորութեանց ենթակայութենէ մը: Յառաջիկայ էջերը կը ճշդեն այս վերապահումներուն եւ հաւաստումներուն կշիռը։

 

***

Պատանութեան խանդովն ու թարմութեամբը գրի առնուած Պետրոս Դուրեան ը սխալ չըլլար մեր մէջ ընդունիլ առաջին գիրքը գրագէտի մը անձին ու գործին նուիրուած միանգամայն։ Տաք, կենդանի, վէպէ մը աւելի գրավիչ ու ողբերգութեան մը չափ յուզիչ այդ գիրքին էջերը մեզի համար կը պարզեն ոչ միայն լայն, բոլորովին նոր դատումի, գնահատումի տախտակներ, այլ մանաւանդ կը յաջողին վերակազմել մեր օրերու հզօրագոյն բաթէթիք ով ծանրաբեռն տռամ մը ուր իրարու դէմ կը պայքարին հանճարն ու ամուլ շրջապատը, կենսածարաւ երիտասարդութիւն մը եւ մահուան անողոք պսակը, հիւանդութիւնն ու զգացումներուն ամենէն եղերականը, ան որ երբեմն կ՚որակուի « մահուան չափ հզօր »: Այս պատարագը, իր խորհուրդին բովանդակ հոծութեամբը մեզի կը ներկայացուի արագ, տաք ու կենդանի։ Ու անոր տարողութիւնը կը վերլուծուի [10] երիտասարդի տիրական, անժանգ, աննկատառու ազատութեամբ մը, հեռու մնալով չոր, թուանշանով սպառազէն կենսագրումին անկնիք ու անոճ հարազատութենէն որքան զուտ գեղարուեստական postulatներու այլապէս ամուլ կնճռոտ փաստարկումէն ու ինքնաբաւ պատգամատըւչութենէն։ Չեմ խօսիր ոճի, շունչի հաղորդական ջերմութեան շնորհներէն որոնք անոր պիտի չպակսին քառսուն ու աւելի տարիներ: Այդ գիրքը շքեղ սկիզբ մըն էր, մեծ տուրքերու յայտարար:

Բայց, այդ ուղղութեամբ, իսկական գլուխ-գործոց մըն է Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի Կեանքն ու Գործը հատորը, սկսուած հաւանաբար խանդի նոյն տարիներէն։ Զոր տասնամեակ մը տակաւին սեղանի վրայ պիտի պահէ, զայն ընելով առարկայ ամենօրեայ խնամքի, ուղղումի, յաւելման։ Անիկա նմոյշ մըն է այն լաւ մտածուած, խոր զգացուած, մեծ հաւատքով թրթռուն ու մեր երիտասարդութեան ամբողջ դրութիւնը իր մէջ կերպադրած գործի մը որ վկայութիւն մըն է ոչ միայն զինքը ճարտարապետող գործաւորէն, այլ նաեւ քանդակ մը, պատմելու կարող ամբողջ սերունդի մը տագնապները կամ երազանքը։ Դուրեանէն աւելի լայն մտահոգութիւններ կ՚իշխեն անոր մէջ։ Մտքի ամենաշքեղ կեդրոնի մը մէջ հասունցած այդ գործին արտայայտումը բախտաւոր է այն տեսակէտով որ գրագէտը հոն վեր է ամէն կաշկանդումէ։ Շրջանին ցանկութիւնները, մեր ազատագրութեան եղերապատումը, մեր դիմումներուն տմոյն լոյսերը, մեր ամբողջ փառքն ու վազքը ֆիզիքական ու իմացական ազատութեան ետեւէն՝ գլխաւոր շերտերը կուտան այդ գիրքին որ առիթ մըն է մեր մերձաւոր պատմութիւնը, մեր երկար ոգորումները, մեր ներքին պառակտումները մէկիկ մէկիկ սեղանի վրայ բերելու, միշտ կախարդ լոյսին ընդմէջէն որով կը փոխագունին պատմական փաստերը, ըլլալու համար արուեստ ու գեղեցկութիւն: Հոն, Արշակ Չօպանեան, քիչ չափով հաւատարիմ է իր քննադատութեան ընդհանուր ուղղութեան ենթակայական, տպաւորապաշտ պատմումին որ մեր գրական միջավայրին հարկադրանքն է ընդհանրապէս ու իրապաշտ դպրոցին ալ նախասիրութիւնը մասնաւորապէս, քանի որ այդ սերունդը գրականութիւնը միշտ ենթարկուած պահեց լրագրութեան, ժողովուրդին ախորժանքին։ Լայն, օգտաւէտ, ուրիշ անգամ չփորձուած շեղումով մը, այդ գործին մէջ Արշակ Չօպանեան լայն պատուհան մը կը բանայ իր մեթոտէն անդին ու գլելով պարտադրանքը տպաւորապաշտ քննադատութեան, կը տարուի աւելի ազատ, ինքիրեն բաւող կերպի մը, տեսնելու համար գրական երեւոյթին հետ, մէջ, մէջէն իսկապէս գոյ, իրական, բայց թեթեւ խաւով մը ծածկուած ընկերային, պատմական, հոգեբանական processus մը, բացարձակ նորութիւն երկու հատուածներուն մէջն ալ մեր գրականութեան։ Այդ հատորով գրական եղելութիւնը կը բարձրանայ մերիններէն չկասկածուած իմաստի մը, դառնալու համար ժողովուրդի մը կեանքին ոչ թէ դասական հայելին, ինչպէս սովորութիւն է զայն սահմանել, այլեւ գործողութեան, կամքի, խանդավառութեան ամենէն շքեղ զսպանակներէն մէկը։ Նոր չէ որ գրքերը ժողովուրդներ կ՚ազատագրեն։ Խորքի այս հաստատ աշխարհին վերբերումը Չօպանեան իրագործած է ազատ թէքնիքով մը, չնմանելով արեւելահայերու հաստ կերպով պատմական, անոճ կառուցումներուն, ինչպէս հեռու մնալով Մխիթարեաններուն բացառապէս բանասիրական հետաքրքրութեանց փոքրածիր հետեւակութենէն։

Այդ գիրքը կ՚արժէ իր ամուր հմտութեամբը որ չոր, դպրոցամոլ, մեր մէջ շատ շփացուած բառ մը չէ, անոր անունին հետ գործածուող, այլ արդար վկայութիւն մը, ամենէն առաջ, ընդարձակ ու յարատեւ այն ջանքին ով կիրք մը, սէր մը, կեանքի իմաստ մը կը դառնայ երբեմն, մեզ խնայելով մեզի, ինչպէս կ՚ըսեն, մեզ ամբողջութեամբ տրամադրելու համար մեր գործին։ Վկայութիւն մը նորէն այն միւս խղճամիտ, լուսաւոր, անձանձիր կամքէն որով միայն կը նուաճուին հազար ու մէկ, յաճախ ահաւոր դժուարութիւններ, բոլորն ալ արգասիքը մեր գրականութեան դժբախտ ճակատագրին երբ անկարող ենք հեղինակի մը գործերը մարդավայել հատորներու պահպանութեան յանձնելու ու այնքան երանելի պարզամտութեամբ ու պարկեշտութեամբ զանոնք կը լքենք թերթերու գերեզմանին։ Ամենէն բարեմիտ մարդերն իսկ չտառապեցան իրենց յիշատակներուն տժգունութեամբը երբ դիմեցինք իրենց, գիծեր ու զանակներ ուզելու իրենց աշխատակից, ընկեր, ամենօրեայ մտերիմները եղած հեղինակներու մասին։ Ոչինչ գիտենք մեր արուեստագէտներուն ներքին անձնաւորութեան, կեանքի դրուագներուն, թուղթերէն դուրս անոնց պտտցուցած իրականութեան մասին։ Ամուր հմտութիւնը կը մեկնի այս նախնական պատրաստութենէն։ Հաւաքել, երեսուն, քառասուն տարի յետոյ բանաստեղծի մը մահէն, ինչ որ կրնար շփուած ըլլալ անոր իբր նկար, նշխար, ընդունուած՝ անոր անձնաւորութեան մէկ պահը, հեղումը այսօր այնքան թա՜նկ՝ թափանցելու համար գրողի մը, պատմական դէմքի խորագոյն իրականութեան մեր մէջ դեռ չմտածուած պերճանք մըն է։ Վազել մէկէն միւսին, խօսեցնել անուղղակի կամ ուղղակի վկաները, քաղելու համար փոքր, աննշմար բայց անփոխարինելի մանրամասնութիւններ։ Պրպտել այլապէս այրեցաւեր, փոշեթաթախ, ճախնաշշունչ դամբարանները մեր մամուլին, անոր սիւնակներէն կորզելու համար երկու երեք խաչ թուանշանի։ Խթանել ձգտիլ մգլոտած յիշողութիւնները ցանցառ վերապրողներուն: Ու ծուէն ծուէն, նեարդ առ նեարդ, պակսած տարրերուն համար ստիպուած գործածել ներհայեցութիւն։ Այս ամէնը վերակազմելու համար կեանքի մը նիւթական կողմը, որպէսզի լաւ հասկնանք անոր բխումը եղող գործը: Ահա թէ ինչ կը նշանակէ ամուր հմտութիւնը: Արշակ Չօպանեան Դուրեանի վրայ կիրարկուած եղանակը աւելի համբերատար ոգիով մը գործադրած է Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի անձին վրայ ու վարձատրուած լայն չափով մը։ Այդ ճիգին իբր արդիւնք գիրքին մէջ մենք քայլ առ քայլ կը հետեւինք մեր գրականութեան այլապէս խռովիչ տռամներէն մէկուն անողոք զարգացման։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի անձնաւորութիւնը շփումի եկած է շատ աւելի ընդարձակ շրջանակներու հետ։ Յետոյ անոր գործունէութիւնը սերունդի մը ձգտումներուն կեդրոնավայրը ունի իբր ասպարէզ։ Իր ժամանակին մեծագոյն եւ կարկառուն դէմքերը ու ասոնց վրայով՝ շրջանին ամբողջ մտայնութիւնը վերապրեցնելու կարելիութի՛ւնը։ Չօպանեան նուաճած է դժուարութիւնը, իր ուսումնասիրութիւնը ձերբազատելով մանտարինեան նրբութեամբ գրական տարազներու հաւաքածոյ մը մնալու ճակատագրէն։ Հոն լայն ու գեղեցիկ համապատկերներ կան մեր պատմութեան զանազան շրջաններէն, առաջին անգամ տեսնուած տաք ու զեղուն մտքի մը լոյսերուն ընդմէջէն, դառնալու համար այլապէս շահեկան այժմէութիւններ։ Անշուշտ պատմիչ մը չէ Արշակ Չօպանեան, ընդարձակ ու արի իր իմաստովը, զոր ան ունի արեւմտեան գրականութեանց մէջ։ Բայց տարբեր է նաեւ ձանձրախտաւոր տիպարէն որ կուռքի մը կարծր իր կաղապարը ունի երկու դարէ ի վեր, անզգայ որքան անզգած, կռնակը դարձուցած մեր օրերու աշխարհին, զայն անտեսելու տկարութիւնը վերածելով աղաղակող արժանիքի։ Անուն չեմ տար։

Գիրքը կ՚արժէ ուրեմն պատմական իր կառոյցին համար ալ որ, ըսի, նորութենէ մը աւելի ըլլալու սահմանուած փորձ մըն էր եւ որ մնաց, մեր դժբախտութեամբը, անարձագանգ: Կաթոլիկութեան վրայ հոն կայ առաջին համադրական պատկերը: Երկարել պիտի նշանակէր մեր գիրքին ծրագիրը, ծանրանալու համար պատմիչին ալ ձիրքերուն: Կ՚անցնիմ:

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի Կեանքն ու Գործը հատորը գրական ուսումնասիրութիւն մըն է ամէն բանէ առաջ։ Ու իբր այդ կը շահագրգռէ մեր գրականութեան պատմութիւնը։ Այս հաւաստումէն յետոյ, փնտռել անոր վրայ պատմական քննադատութեան նորագոյն կերպերը որոնք փոխած են ֆրանսական քննադատութիւնը ( Թեպոտի, Լասէր, Հանրի Մասիւ ) անօգուտ է որքան անիրաւ։ Երեսուն տարիներ մեզ կը բաժնեն ոչ միայն այդ օրերէն, այլեւ միտքի այդ ձեւերէն։ Եթէ երբեք այսօր պայման կը դնեն քննադատութեան համար պատմելը ու նկարագրելը, ու ասիկա ընողները ֆրանսացիներն են, արդար է իրաւացի իր արժանիքը հատուցանել մեր մէջ այն մարդուն, որ այդքան կանուխէն նախազգաց պահանջը ու իր գրական դատումներուն համար սիրեց պատմական հաստատ յատակներ ճարել: Յետոյ, հայոց պատմութիւնը տեսնելու ու տալու այդ կերպը [11] արդէն առանձին յաջողութիւն մըն է, դժբախտաբար պատշաճ լրջութեամբ չգնահատուած որպէսզի անկարելի դառնային Վիեննացիներուն, արեւելահայերուն, եւ այլապէս դիւրաբուխ գրողներու սանձարձակ, անոճ, աննկարագիր պատմական դրուագումները մեր հեռու կամ մօտիկ անցեալէն։ Մօտեցուցէք իրարու, օրինակի համար, Հ. Եկինեանի Եղիշէն [12] եւ Չօպանեանի Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը, անշուշտ ոչ իբր գրական քննադատութիւն, այլ նոյնիսկ իբր պատմական վերարտադրութիւն, համոզուելու համար որքան քիչ բան սորված ենք երեսուն տարիէ ասդին, չըսելու համար մոռցած։

Չեմ գիտեր, երկարե՞լ է արդեօք խօսիլ տակաւին գիրքի մը թելադրած գրական հասկացողութեան լայն հորիզոններէն, պատմութիւնը տեսնելէ յետոյ, զայն՝ որմնաքանդակներու այլապէս տպաւորիչ պատկերացումին նման, մեր միտքին առջեւ կախել յաւակնող վճռական յաւակնութենէն, շրջանները ըմբռնելու, կերպադրելու ինքնատիպ, միշտ դիւրահաղորդ, յաճախ արձագանգուն համադրումներէն, որոնք ճարտար բաշխումով մը, յաջորդութեանց գաղտնիքին (վիպասանի այս շնորհը պէտք չէ անտեսել իր մօտ) ամուր տիրապետումովը իրարու կ՚ագուցուին գիրքին մէկ ծայրէն միւսը, անդադար բարեխառնելով, ամոքելով զուտ գրական քննադատութեան մը համար անխուսափելի վերացականութիւնը, ու մեր վայելումին, արգահատումին, սխրանքով խառն տրտմութեան կամ հիացումին տրամադրելի ընելով այլապէս թշուառ ու նոյնքան մըն ալ փարթամ, հիւծախտահար բայց խորունկ խռովքներով մշտաթրթիռ, ճառագայթուն, յանկուցիչ կեանքը քերթողներու քերթողին, վաւերատիպ իրադարձութեանց այնքան սրտառուչ հանդէսին ընդմէջէն: Թող ներուին այս մեղքերը։ Դարձեալ այդ գիրքը մեզ հաղորդ կը պահէ մեր պատմութեան ոչ միայն ընդհանուր իմաստին, այլ մեզ կ՚ողողէ, մեր առջեւ ծովածաւալ փռելով մօտ դար մը կանխող մեր հոգեբանութիւնը, մեր իմացական բարեխառնութիւնը, մեր երազները, ոսկի կամ պղինձ, տեղը չէ վիճելու, մեր իսկապէս ոսկի զարթօնքը, իր մեծ գործաւորներուն շքախումբովը. մեր ոգորումները, ակնկալութիւնները, պատրանքները, միշտ անթերի, յաճախ շլացուցիչ լեզուով մը դրուագուն էջերու ընդմէջէն: Հոն է կեդրոնը Արշակ Չօպանեանի քննադատական չեմ ըսեր դրութեան, այլ գործին։ Անոր կը յանգին, իրենց լիութիւնը նուիրագործող մկրտութեան մը համար, երիտասարդութեան, տաղանդի, թափանցումի, խուզարկութեան, ներհայեցման մեծ շնորհներ։ Հոնկէ պիտի մեկնին, իր կեանքին միւս կէսը մթնոլորտող մեծ իր պատրանքները, զորս անվհատ քարոզեց նկուղներու մէջ ինչպէս « ի վերայ տանեաց », ստեղծելու չափ մեծ, արուեստագէտ, Ասիոյ մէջ առաջնակարգ ցեղի մը ոսկեղէն հէքեաթը, նախ մեր, ու յետոյ արեւմտեան շրջանակներու մէջ։ Ու այն սթէօրաթիփ հիացումները որոնք serie պիտի կազմեն, միջակութիւնները, չարժանիքները բարձրացնելու աստիճան իր գեղեցիկ երազին։ Ձգելէ առաջ հատորը, կը փորձուիմ անգամ մըն ալ կենալ նոր ժամանակներու մեր երկու մեծագոյն ճիգերուն, պատմական եւ քննական վաստակին որուն վառարանը եղան Մխիթարեան զոյգ հաստատութիւնները։ Զանոնք դատապարտելը սոփեստութիւն պիտի ըլլար: Բայց արդարութի՛ւն՝ նոյն ատեն, պահանջելու համար անոնց մշակոյթի կերպերուն մէջ ինչ որ ուրուագրուած է Չօպանեանի այդ հատորին մէջ իբր մեթոտ ու թափանցում։ Բանասիրութիւնը պիտի չունենար ոչ մէկ տոյժ։

Չօպանեան, այդ շրջանին (1900) պիտի հրատարակէ ուշագրաւ ուրիշ հատոր մը, Նահապետ Քուչակի Դիւանը ։ Զանց կ՚ընեմ միջնադարեան բնագիրներու ուսումնասիրութեան կապուած թէքնիք բոլոր դժուարութիւնները, սիրտ ու համբերութիւն մաշող մահահոտ պրպտումը ձեռագիրներու դամբարաններէն ներս, բաղդատական ստիպողութիւնները երբ մէկ ու նոյն տաղի համար տասը փոփոխակ կը ներկայանան մեր նայուածքին, ստեղծելով անլուծելի շուարումներ: Զանց կ՚ընեմ ամէն անտիպ, հնօրեայ գիրքի մը կափարիչին տակ ծուարած մանր բայց ըմբոստացուցիչ մեղքերը խրթնութեան, անիմաստութեան, քերուքի, կրծումի, մաշումի որոնք բոլորը մէկ կը ստեղծեն մանրանկար լաբիւրինթոսը, իրենց գաղտնիքը յանձնելու համար մեզմէ կորզելով մեր ամենէն թանկ հարստութիւնը, մեր ժամանակը ( քննադատ ժամանակ ըսել է)։ Ու կը կենամ պայծառ այն յառաջաբանին առջեւ ուր վերջապէս Չօպանեան կը պայծառակերպէ, բաւարար շքեղութեամբ ու լոյսերով, իր երիտասարդութեան փայփայած, այնքան թանկ արժեւորած սիրասուն գաղափարը, ապացուցանել հաւատալով մեր ժողովուրդի ստեղծագործ ուժին անհերքելի ստուգութիւնը իր մէկ աշուղին քառեակներուն վրայով։ Չեմ ծանրանար գաղափարին իսկ տարողութեան (Քուչակի մէջ կան բարձրարժէ քառեակներ բայց հեռու են Չօպանեանի փաստերը փրկելէ քանի որ կը մնան մասնակի, չըսելու համար եզակի: Կոմիտաս մը (իր երգին հոգեբանական արժէքը նկատի ունիմ ) աւելի հարազատ ու մօտ փաստ է, եղած ըլլալուն ամբողջութիւն մը), որուն շուրջը վիճաբանութիւն մը դիւրաւ մեզ կը տանի ակադեմական հռետորութեան, բայց կը յանձնեմ ձեր ուշադրութեան այն արդար յաջողուածքը որմէ խօսեցայ արդէն քիչ վերը։ Ատիկա պատմական գաղափարները պատմութեան բորբոսէն ազատումն է, պատմական չոր մեթոտին գրականացումն է, այս բառէն պարպելով իր դժբախտ իմացումը որուն համեմատ պերճանքը, փաղփուն բառերը, քնարական շունչը երբ չի պաշտպանուիր խոր խառնուածքէ մը, անիմաստ trucներ կը դառնան ( Քրոմուէլի Յառաջաբանը, Վ. Հիւկօ Քանի մը տասնեակ էջեր, գրուած յորդ հայրենասիրութեամբ, ազատ իմացականութեամբ ու ոճի շքեղ տուրքերով, միջնադարեան տաղերգակը կը ձգտի եթէ ոչ հաւասար կեցնել Ասիոյ մեծ քերթողներուն, գէթ կը յաւակնի այդ քառեակներուն մէջ հաստատել ամբողջ ժողովուրդի մը զգալու դրութիւնը, նկարագրին խոր ու աննահանջ քանի մը գիծերը, պատմութենէն ու բնութենէն անոր պարտադրուած հոգեբանական փորձառութիւն մը ու աշխարհահայեացք մը: Իր երկրորդ եզրին մէջ գաղափարը ամէն հաւանականութիւն ունի մեզ իր հետ տանելու: Բայց յայտնի է որ իր առաջին երեսին մէջ է որ անիկա կը գրաւէ Չօպանեանի ուշը։ Արդէն, աւելի առաջ, Նարեկացի ին առիթով, անիկա փորձած էր, աւելի յախուռն, աւելի միակտուր հիացումով մը, միջնադարեան վանականին ստեղծագործութիւնը բարձրացնել միջազգային մեծ փառքերու մրցարանին, առանց այցուելու այդ ստեղծումը պայմանաւորող ազդակներուն այլապէս անհերքելի հաւաստիքէն, որուն համեմատ գրականութիւնները ժողովուրդներ են, կրկնող զիրար երբեմն ահաւոր որոշադրականութեամբ մը։ Չօպանեան պիտի չհրաժարէր իր մտածումին հիւսիսայգէն, այսպէս ըսելու համար, յամառելով իր փառաւոր նայուածքին ու կշիռներուն գործածութեան մէջ։ Նարեկացի ն եւ Քուչակ ը հիմնատարրերը կը պարունակեն անոր ցեղապաշտական դրութեան։ Առաջինին հրատարակութիւնը, պոլսական գրաքննութեան խիստ լուծին տակ, հնարաւորութիւնը չունեցաւ արժանի անդրադարձը արթնցնելու մեր հրապարակին վրայ (Արփիարեանի խծբծումները դուրս են գրական լրջութենէն)։ Երկրորդը, Բարիզ լոյս տեսած, յաղթանակ մըն էր հայապաշտութեան։ Քուչակին մէջ, կրօնականէն դէպի աշխարհիկ ներշնչարանը` Չօպանեանի շրջումը, դարձը կը պաշտպանուին, բացի ոճի եւ խանդի ջերմ տուրքերէ, հոծ, հաստատ գաղափարաբանութեամբ մըն ալ, ընդհանուր գրականութեանց միջինի մը վրայէն ճարուած վարկածներու յաջողակ տողանցով մը, ուր, արեւելքի զգացական բարեխառնութիւնը, զայն յօրինող քանի մը մեծ ճնշումներ, զայն արտայայտող կերպերը առաւելապէս քերթողական պարունակէ (արեւելքը արուեստի միւս ձեւերուն մէջ չհասաւ իրեն վայլող գագաթներու նուաճումին), մէկ երկու իսկապէս մեծ բանաստեղծներու նկարագիրները, բայց ամենէն աւելի մեր ժողովուրդին ապրելու, սիրելու, մեղքնալու, տառապելու, հաւատալու ու յուսալու մեծ երակները, մեր աշխարհին, զայն տրորող, սպաննող պատմութեան ալ կնիքը մեր հոգիին վրայ, մեր երկինքը ու ասոր ամպհովանին մեր միտքին վրայ, մեր զգայնութեան քանի մը անմահ ծաղիկները ու մեր երեւակայութեան մէկ երկու իսկապէս ապշեցուցիչ սլացքները, մեր ընդոծին, անքակտելի մելամաղձութիւնը, մեր քացրութիւնը կարճ խօսքով՝ հայ յղացքին ամենէն իրաւ, խոր, արդիական քանդակները կը շաղկապուին, կ՚իրերախառնուին, երեւան բերելու համար ամենէն շլացիկ բայց նոյն ատեն ամենէն կատարեալ համադրութիւնը մեր հաւաքական հոգեբանութենէն, որ ըլլար փորձուած մինչեւ մեր օրերը։ Յախուռն, հռետորաշունչ, ինքնավստահ, առանց զօրաւոր փաստերու, մանաւանդ ուրիշ արտայայսման դաշտերէ հաւաքուած որոնք իրարու քով դրուելով մշակոյթ մը կը յայտնակերպեն այս կառուցումին մէջ մուտք ունի՞ն քմայքը, զանցումը, գուցէ յերիւրանքը, բոլորովին անգոյ շնորհներու փառաբանութիւնը։ Չեմ ծանրանար պատասխանին քանի որ նուաղումը, կամայականը, թերեւս փչուածը միասին կ՚աճին միտքին մէջ ինչպէս աշխարհին վրայ: Այսօր, այդ ամենը չեն զարմացներ մեզ, այն մեծ պատճառով որ Չօպանեան երեսուն ու աւելի տարիներ, մշտատեւ իր գործունէութիւնը պիտի յատկացնէ անոնց ծաւալումին, ընդհանրացումին, ռամկացումին: Ասկէ անկախաբար բոլոր գրական կառուցումներուն ճակատագրական ընկեր է եւ հակադարձ՝ վրիպանքը։ Ու ասիկա ճիշդ է միջազգային հռչակ վայելող գործերու համար իսկ։ Կոպինոյի քմածին կառոյցը ցեղերու անհաւասարութեան այնքան վիճելի հարցին վրայ, իր ինքնատպութեան կը պարտի իր վիճելի հեղինակութեան հերքումը Եւրոպայի մէկ կէսին, մինչ ուրիշ մէկ կէսը այդ Եւրոպային դեռ կը շարունակէ զայն հաւատոյ հանգանակ ընդունիլ այլապէս յստակ ախորժակներու պաշտպանումին ի խնդիր։ Թէնի Անգլիական Գրականութեան Պատմութիւնը ուրիշ փաստ՝ որով այդ գիրքին մէջ յարացուցուած (idéalisé) առաքինութիւնները կը վերածուին ենթակայական զգացողութիւններու, տպաւորութիւններու:

Քուչակ ին մէջ իր լիութիւնը ստացող ու իբր դրութիւն ինքզինքը կերպադրող այս հաւատալիքը (բառը կը գործածեմ առանց հեգնութեան, գիտնալով անոր արմատները առաքելական անոր հոգիէն ներս) Չօպանեան պիտի փորձի ենթարկէ, հետզհետէ, մեր հին կամ մեզամերձ շրջաններէն վերցուած զանազան արդիւնքներու հասկացողութեան կամ գնահատման ժամանակ: Չափազանցութիւն չէ զայն ընդունիլ իր կառոյցին բանալին։ Եւ որովհետեւ այդ կառոյցին ներկայ պատկերը հեռու է ոգեւորիչ ըլլալէ, անիկա, հասկնալի խուսափումով մը պիտի նետուի ետ, վար, այն շրջաններուն ուր այս ժողովուրդը ունէր աւելի առողջ հոգեկանութիւն, աւելի շէն երկիր, աւելի խոր առաքինութիւններ։ Այս անցելապաշտութիւնը ոչ վարդապետական եւ ոչ ալ յարձակողական։ Այլ մեր ամենուն համար հարկադրուած մխիթարութիւն։ Եւ ո՞ւր, այդ անցեալը պահած է ինքզինքը կարելի հարազատութեամբ որքան արտայայտութեան այնպիսի կերպարանքներու մէջ որոնք մարդերէն աւելի կը դիմանան, իր արուեստին դիմայեղմանց մէջ։ Զուր տեղը չէ որ անիկա ձեռագիրներու վրայ իր աշխատանքին միշտ ալ պիտի ընկերէ քարերուն, գոյներուն, քերիչին վկայութիւնները։ Նման վկայութեան մը ծնունդ է Հայ Էջեր ը, ուր քով քովի կուգան, դարերու սանդուխով մը իրարու աւելցած մեր ստեղծագործական բացառիկ, տարականոն նմոյշները, գործ՝ անանուն կամ անուանի բանուորներու, իմաստի ու հոգիի դաշտերէն. մեր կարելի անկախ սլացքները, չափէ ու խօսքէ. մեր քարերուն ձայնը ու նայուածքը, երբ գերեզմաններէն, աւերակներէն, դեռ կանգուն սրբարաններէն իրենց լուսանկարները կը նետեն էջերուն խորհուրդին պայծառացման. նպաստները մելաններուն, ներկերուն, ոսկեփոշիներուն որոնք ձեռագիրներու եզրազարդերը կազմելու համեստ դերին մէջ իսկ կը պատմեն բարձր զգացումներ՝ մարդերը, իրերը տեսնելու ու անոնց խորհուրդ հագցնելու այնքան դժուար գիտութեան վրայ: Ու նպաստները մետաքսին ու բեհեզին, մետաղին ու գոհարին երբ մեր գիրքերուն կողքերը կամ ժամերուն սրբազան սպասները կը գեղազարդեն։ Այս բոլորը Արշակ Չօպանեան անձանձիր խղճմտանքով մը շահագործած է իր դատին համար։ Ու այդ խղճմտութեամբ իրագործուած վաստակը շուտով կը յորդի գրական ուսումնասիրութեան մը սահմանափակ բարիքէն, տարածուելու համար ցեղին հոգեկազմութեան մը յղացքին։

Նոյն ու մէկ գաղափարը, իր թարգմանութեանց մէջ։ Ու աւելի յետոյ, Հայաստանի Վարդենիք եռահատոր շքեղ կառոյցին մէջ։ Որուն մուտքի էջերը ան պիտի շահագործէ հոծ, համադրական յօրինումի մը, լայնօրէն նպաստուելով օտար գիտուններու վկայութիւններէն։

Ցեղին զանազան շրջաններէն, անոր հոգեկան ուժերուն տարբեր տարբեր ակերէն ընտրուած գործերու եւ անոր վրայ սաւառնող բազմազան երեւոյթներու ընդմէջ մէկ, ընդհանրական կապը գտնելու, այդ կապը ի նպաստ ներկային օգտագործելու իր խանդավառ, յամառ, միամիտ, անկեղծ հաւատքը, նոյնիսկ զուտ քաղաքական պրոպականտը հայող ախորժակներու մէջէն, Չօպանեանի այս անցելանուէր վաստակին կը պարգեւէ բացառիկ առաւելութիւն մը, մեր գրականութեան մէջ ընդնշմարուած Ռաֆֆիի մօտ միայն, ըսել կ՚ուզեմ մէկ ու հզօր գաղափարի մը իրացումը հետապնդող արի, աննահանջ աշխատանքը որով մեր գործը կ՚ազատագրէ ինքզինքը մեր ճիղճ եսին ճնշումէն ու կ՚ըլլայ հասարակաց բարերարութիւն մը, չքացնելով այդ լուսապսակին տակ մեր հեղմունքը, գործը պզտիկցնող կիրքերուն անդրադարձը։ Սուտ չեն անոնք որոնք գրելը նանրամտութեանց մեծագոյնը կը դաւանին, մանաւանդ մեր մէջ։ Յիսուն տարի, հակառակ ահաւոր հերքումներու, ուրացումներու, մնալ կապուած իր երազին, դուք ըսէք, հոգ չէ` իր պատրանքին, ապացոյց մըն է գրական բարձր խառնուածքի:

Մեր հեռու ու մօտ անցեալէն վերբերուած արժէքներու այս փառաբանութիւնը միայն ծրագրային ստուգութիւններու չի հպատակիր։ Ըսի ատոր մէջ դերը ներկայի աւերածին որ հայ ժողովուրդը պարզեց աղէտէն առաջ, աղէտէն յետոյ ու հիմա, երբ անցեալը հաշուեյարդարել կը պոռանք արեւելքէն ու արեւմուտքէն, ի գին նոր ու չապացուցուած կարգախօսներու: Արշակ Չօպանեան արդէն օտար մը չէր այդ անցեալին։ Բայց հոն ուր ան դրած է լաւագոյն մասը չեմ ըսեր իր տաղանդին ոչ ալ ճիգին, այլ իր ընդունակութիւններուն որոնք տաղանդէն բխելով հանդերձ, կրնան, առանց ասոր, ինքնագլուխ ալ զարգանալ: Այդ մասը, մայր իր աշխատանքին քովն ի վեր, կ՚ընդգրկէ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, նուիրուած ժամանակակից մեր զոյգ գրականութեանց կարկառուն դէմքերուն։ Ոչ քրոնիկ ոչ ալ գիրք. ատոնք կը յիշեցնեն եւրոպական essaisները, հարկադրաբար զուրկ ասոնց այլապէս խոր, համապարփակ, հզօր կերպով թելադրական նկարագրէն։ Գրական սեռերէն ամենէն ապաբախտն է քննադատութիւնը, քանի որ արձագանգ մը, շուք մը, անդրադարձ մըն է գրեթէ միշտ: Ու դուք միամիտ չէք անշուշտ եւրոպական մշակոյթը մօտիկը դնելու մերինին։ Անկէ խրամատը մեր դատողներուն առջեւ: Դառնալու համար հայ գրականութեան կարելիութեանց, պէտք է կենալ եթէ ոչ յարգանքով, գէթ խանդաղատանքով այն խմբանկարին առջեւ որ Դէմքեր անունին տակ հատոր կը կազմէ ու հաւաքած է մեր նոր մշակոյթին ամենէն յատկանշական տիպարները։

Հրապարակագրական աշխոյժ շունչով մը տոգորուած, այդ ուսումնասիրութիւնները, ներկայացման շնորհին զուգահեռ, իրենց հայթայթած միջին գաղափարներու մթերքովը, ընթերցումի հաճոյալի որքան օգտաւէտ պահեր են ամէն անոնց որոնք որոշ հետաքրքրութիւն կը պահեն արուեստի, մտածման տարրերու համար, մեր մէջ։ Պէտք չէ չափազանցել այդ փորձերուն տարողութիւնը, անոնցմէ ուզելու գինով ան զոր չէին կրնար ունենալ: Ոչ ալ ստոր գնահատել այդ բարիքը, զայն լրագրական հանդերձանքի մը, ճարտարանքի մը վերածելու աստիճան։ Ոչ մին եւ ոչ միւսն են անոնք։ Այլ սկսող քննադատութեան անդրանիկ նմոյշները, մանաւանդ սկսող գրականութեան մը քիչ շատ տանելի գործերէն հանուած։ «Մեր հասակով ու մեր կանգունով», կ՚ըսէին մեր հայրերը ու երբեմն ճիշդ կ՚ըսէին։ Իբր տարողութիւն ու կառուցում անոնք կը նոյնանան մայր մեթոտին, անշուշտ քիչ մը աւելի պարզուած, ամփոփուած, արդի ընթերցման միջին հանդուրժումը աչքի առջեւ պահելով։ Լրագրի յօդուած մը եւ գիրք մը ոչ միայն կը գրուին տարբեր հոգեկան հանդերձանքով, այլ կը կարդացուին իրարու բոլոր աննման տրամադրութեանց տակ:

Այդ նկարագիրներուն (portrait) մէջ Արշակ Չօպանեան կը վերլուծէ դէմքի մը գրեթէ միշտ գրական դէմք մը ամենէն ցայտուն ստորոգելիները, անոր աղե՛րսը՝ շրջանին ու պայմաններուն որոնցմէ կը բխի, անոր յաւելումները ատոնց վրայ. անոր դերը, միշտ լոյսին ընդմէջէն քաղցր, ոգեւորիչ, սրտառուչ երեւոյթին որ կը կոչուի հայ գրականութիւն [13] ։ Պայծառ, իր շրջագիծերուն մէջ ամփոփ, կանոնաւոր. մտածման միջին մթերքով մը հիւսած կողերը ու խոցելի ուրիշ մասերը իր կառուցումին. զգացման որոշ մթնոլորտ մըն ալ ճարելով անոնց, Արշակ Չօպանեան իր այդ էջերուն մէջ կը համայնացնէ քննադատական իր վաստակը, տալով ընթերցողներուն ձեռքը յստակ, սիրուն, տաք պատկերներ, գունագեղ ինչպէս կենդանի, ընտրուած իր ժողովուրդին մեծ ու փոքր աշխատաւորներէն, զանոնք նկարելով կացութիւններու, վիճակներու, հոգեկան դրութեանց մէջ որոնք հասարակաց է ամենուս։ Այդ էջերը կը խօսին մեր այժմեան զգայնութեան ամենէն հարազատ հոսանքներէն։ Կը կերպադրեն մէկէ աւելի ձգտումներ որոնցմէ ոմանք բիւրեղացած։ Կը շինեն ընդհանուր մթնոլորտ, համապատկեր: Մեր երկու նոր գրականութիւնները, այդ դէմքերուն պարունակովը կը հասնին մեր միջին ըմբռնումին։ Ու չունիմ անուն մը, հոս յիշելիք, որուն համար նման վկայութիւն [14] մը ըլլար աւելի արդար ու իրաւացի:

Իր անունին շուրջը գոյացող այս տարակարծութեան մէջ թերեւս մասնաւոր դեր ունի պարագայ մը զոր կը յանձնեմ ուշադիր նկատառման։ Ատիկա պարագան է իր ոճին։ Գաղտնիք չէ որ դատումի աշխատանք մը աւելի հեշտիւ կը տեղաւորուի գունատ, չըսելու համար տժգոյն ոճի մը մտապատկերին մէջ, միւս կողմէն գաղտնիք չէ դարձեալ Չօպանեանի ոճին քնարական, պերճ, գունագեղ նկարագիրը, որ այդ դատումները կը հանէ իրենց ընթացիկ պատկերէն, ու մեզի կը մատուցանէ քնարական շքեղանքով մը։ Ո՞ւր՝ վտանգը, այս կերպին: Հարցումը շահեկան է ու իմ տեղը քիչ` զայն լուսաբանելու։ Կը բաւականանամ դիտել տալով մեղադրանքին միւս երեսը որ նոյնքան դժբախտ իրականութիւն մըն է, մանաւանդ արեւելահայ քննադատութեան մէջ որ կ՚ուրանայ ոճը, յօրանալու համար անկնիք պատմումը ճահիճին։ Երկու մեղքերու դիմաց նախընտրութիւն մը մինակ ճաշակի փաստ մը չէ, հակում մը, խառնուածք մը լուսաւորող, այլեւ մտայնութեան։ Արեւմտահայ դատող մը պիտի չվարանէր իր ընտրութեան մէջ, ու պիտի ըլլար աւելի իրաւացի: Ոճը միշտ աւելի կ՚արժէ քան տափակութիւնը:

Կը մնայ ինծի խօսիլ տակաւին իր հարիւրաւոր գրական քրոնիկներուն վրայ: Ասոնց տարողութիւնը էապէս լրագրական, կ՚արժեւորուի մասնաւոր մթնոլորտով մը որ բոլորն ալ կ՚ողողէ, այսպէս ըսելու համար։ Անոնք կուգան արուեստի աշխարհէն, զատուելով այսպէս հրապարակին ընդհանուր նկարագրէն։ Ուրիշ մասնայատկութիւն մըն ալ ան, որ, անոնք, նոյնիսկ ոչ-արուեստներու ոլորտէ մը երբ կը վերցուին ինչպէս քաղաքական դէմքերու մահ, պատմական դէմքերու անդրադարձ, հաշտութեան վեհաժողովներ եւ այլն միշտ պիտի գունաւորուին արուեստին լոյսովը։

Գրական պարբերաթերթերը կշտացնող խոր, նորութիւն բերող վերլուծումներէն ոչ շատ հեռու, բայց չըլլալով ալ զանոնք, երկարաշունչ, խնամուած, ամէն իմացական կառոյցի յատուկ ջերմութեամբ, այդ քրոնիկները, իրենց առօրեայ օգուտէն զատ, ընտանի համայնագիտարան մը կը կազմեն, շեշտօրէն գրական–գեղարուեստական պարունակութեամբ, այնքան` դէպքերու, թիւերու, թուականներու նկարները, օրինակութիւններու նպաստը, անձնական լայն շփումներուն անփոխարինելի վկայութիւնը, մօտ կէս դար պսակող յուզումնառատ եղելութեանց շրջպար մը իրարու կը միանան այդ էջերէն ներս։ Յետոյ, պէտք չէ մոռնալ որ անոնցմէ ոմանք աւելի վերջը պիտի առնուին Դէմքեր ու շարքին, գրեթէ առանց փոփոխութեան։ Նշան՝ թէ անոնք գրուած են նոյն խղճմտութեամբ, նոյն գորովով որով գրուեցան իսկապէս ծանր ուսումնասիրութիւնները: Կ՚անցնիմ անոնց մէջ տեղ չունենալիք տրտմութեանց, անիրաւ կամ սխալ ճանաչողութեան, կամաւոր կուրութեան բարեբախտաբար ցանցառ փաստերէն որոնք կը դիտուին մանաւանդ իր ասպարէզի երկրորդ կէսէն ասդին [15]:

Անշուշտ ոչ մէկ կազմակերպուած ծրագիր: Ոչ մէկ յաջորդութիւն։ Օրուան ծնո՛ւնդ, այդ յօդուածները օրէն աւելի են, մանաւանդ երբ կը կենանք մեր գրականութեան զարգացման համապատկերին դիմաց։ Գրեթէ, քառսուն ու աւելի տարիներէ ասդին, մենք չենք ողջունած մեծ անուն մը, իսկապէս արժանաւոր գործ մը որոնց մասին Արշակ Չօպանեան չըլլայ ըսած իր խօսքը, յաճախ վճռական, քիչ անգամ վարանոտ, աւելի քիչ` անիրաւ, սկիզբները միս մինակը, աւելի յետոյ ընկերովի, յետոյ նորէն մինակ, քանի որ մեր գրականութեան մէջ քննադատութիւնը լուրջ սեռ մը երբեք չէ եղած, գրաւած պահելու համար իր սպասին շիտակ ու խոր միտքեր, ու ախորժած է դարպասուիլ երկրորդական մարդերէ, պարսաւի, շփացած գովեստի, հաշուեյարդարի փնտռուած կրկէս մը պարզելով։

Տրտմութիւն է որ մենք մեր մեծագոյն հիասթափումները գտնենք հոն ուր ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունէինք զմեզ անխոցելի կարծելու, մեր վաստակին, շռայլած ծառայութեանց, բարեկամական ընդարձակ կապերու ապահովութիւնը մեզ պաշտպան հաւատալով։ Արշակ Չօպանեան ուրացուած է ամենէն շատ անոնցմէ որոնց համբաւին սատարած էր իր բոլոր միջոցներով։ Չարութիւն է այս այլապաշտ խանդը զգեստաւորել խուլ ու խոր եսապաշտութեան մը հեռայարդար հաշիւներով։ Չներեցին իրեն իր ընկերները, որոնց աշխատանքը եղաւ պարզ, պարկեշտ, մարդկային ընդունակութեանց սահմանով, գործունէութեան մը դիմաց որ կը հերքէր զգուշաւորութիւնը ու մինակը կը յաւակնէր փոխանորդել ամբողջ սերունդ մը։ Չներեցին իրեն իր ձեռնասունները որոնք, նման ամէն աշկերտի, իրենց վարժանքի զգայութիւնները աճեցուցին, անոնցմով զարնելու համար վարպետին սքօղեալ վրիպանքները ու ճակատ բացին իրեն դէմ, դառնալու համար անհայտ հակառակորդներ։ Պիտի չներէին իրեն աւելի վերջը մեր կործանումին մէջ աչք բացած տղաքը, ներման զգացումներու անատակ ըլլալնուն չափ ցոյց կուտային իրենց անկանգնելի ողբերգութիւնը թուրքին եաթաղանին տակ, անապատներու եւ դժխեմ զնտաններու ծոցը ապրուած իրենց ողբերգութիւնը ստիպուած ըլլալնուն կրկին ապրելու, այս անգամ քաղաքակիրթ շքեղագոյն ոստաններու ընդերքին մէջ, երբ այնքան մեծ ակնկալութիւններ ունէին կիսաստուածներէն, առանց կասկածելու որ աստուածները աւելի դժբախտ են քան արարածները։ Պիտի չուզէի տեղ տալ այս քանի մը նկատողութեանց։ Զինքը լսեցի իր ցաւին մէջ ու թող ներուին այս տողերը։

Իրն է արժանիքը մեր տաղանդներուն մեծ մասը ճանչնալ կրնալու, իրենց շատ մատաղ շնորհին իսկ օրերէն։ Անահիտ ի մէջ յայտնուեցան արուեստագէտ սերունդին մեծագոյն անունները։ Ծաղիկ ի մէջ ստորագրած է իր առաջին գրութիւնը մեր մեծագոյն կին գրագէտը, Զապէլ Եսայեան, տասնըհինգ տարեկանին: Իրն է պարկեշտ պարտքը, իր հասկցած կերպով, սատար կանգնելու անոնց առաջին դժուարութիւնները հարթելու գործին մէջ, քիչ մը ծանր կշռող խնամարկութեամբ, հակառակ ապացուցուած իրողութեան որուն համեմատ մարդիկ ամենէն խոր, աննահանջ ատելութեամբ պիտի ատեն մանաւանդ իրենց մտքին կերպադրողները։ Ըսի, Արշակ Չօպանեան ամենէն մոլեռանդ ուրուացումը ստիպուած է հանդուրժել անոնց կողմէ որոնց համբաւին ծառայած էր ամենայորդ խանդով։

Անշուշտ, առաքինութիւն է մոռցուածները, անիրաւուածները, չճանչցուածները, թաղուածները ազատագրել ու իրենց զլացուած արդարութիւնը հատուցանել գէթ իրենց ստուերներուն։ Առաքինութիւն է դարձեալ հասնիլ կանչողին։ Գուշակել տաղանդը: Ուրի՞շ արժանիք, զանոնք իրեն հետ գէթ ոչ իրեն դէմ պահելը։ Թերեւս: Բայց արի ու սրտառուչ առաքինութի՛ւնը հերքումներուն եւ լրացումներուն ընդդէմ, գրեթէ միս-մինակը, իր ճերմակ պատրանքը պատանք ըրած, քալե՛ լը դարձեալ, խցուած ականջներու եւ հոգիներու մռայլ գուպարին առջեւ, երազին ծուէնները մատներէն բաթիլ բաթիլ առկախելէն, ինքն ալ չգիտնալով՝ դէպի ուր։ Քննադատութեան դրօշին մէջ թաղուելո՜ւ զինուորական փառասիրութիւն։

 

4. ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

Քիչ հասարակութիւն ըսել կ՚ուզեմ կարդացող բանաստեղծութիւնը այն աստիճան միամտութեամբ շփոթած է գրականութեան բոլոր սեռերուն հետ, որքան ատիկա ըրած ենք մենք, կանխող դարու վերջերուն։ Անհասկացողութեան այս մեծ օրինակը ուշագրաւ է մանաւանդ մեծ ուրիշ փաստի մը հակառակ որ այս անգամ գործն է վաւերական քերթողներու: 1880ին հոյակապ անուն մըն է մարդուկ մը որ յանգեր կապեց յանգերուն։ Անոր համբաւով ծերերն ու պատանիները երդում կ՚ընէին եւ զոր հոս գրելու սրբապղծութիւնը չեմ ներեր ինծի։ Ու ասիկա ատեն մը երբ սքանչելի տաղարանը Դուրեանին կը տրտմէր իր մենաւոր փառքին տակ։ Ինչո՞ւ եւ որ սեւ բախտին գինովը այդ տաղարանը նկատուի ժառանգութիւնը տաղանդաւոր բայց ոչ կատարեալ արուեստագէտի մը, տղու մը որ հայերէն իսկ չի գիտեր, ինչպէս կը հաւաստեն, ու չբարձրանայ իր արդար, իրաւափառ արժէքին, որպէսզի մարդիկ շարունակեն լուսին եւ զեփիւռ հալածել, սուտ յուզումներու զբօսանքի մը վերածելով այլապէս եղերական ճակատագիրը քերթուած գրելուն: Ինչո՞ւ եւ ո՛ր սեւ բախտի քմայքովը, այդ տղուն մահէն վերջն ալ տիրէ հրապարակին վրայ անորակելի ճաշակը Չերազներու, Եղիաներու, Վենետիկին վրիպած սաղմոսերգուներու, բարձր պաշտպանութիւնը վայելելով յապաղած ռոմանթիքներուն, ու բուն բանաստեղծութիւնը շարունակէ տառապիլ, չհասկցուիլ տակաւին քառորդ մը դար, ազատագրելու համար ինքզինք Թէքէեանի, Վարուժանի, Մեծարենցի ստեղծագործութիւններով։ Ասոնք հարցումներ են որոնք, առանց պատասխանի սպասելու եւ առանց իմ ուզելուս, կը ծագին իմ մտքին երբ կը պատրաստուիմ դատելու Արշակ Չօպանեանի քերթողական վաստակը։

Շատ կանուխ է Չօպանեանի դարպասը մուսաներուն։ 1890էն առաջ։ Այսինքն՝ հաւասար հեռաւորութեան մը վրայ, ընդմէջ Դուրեանին եւ Մեծարենցին։ Այս սկիզբը բախտորոշ է սակայն, իր կնիքին տակ ձգելու աստիճան ոչ միայն անոր բանաստեղծական գործը իբր թէքնիք, իրացում այլ, չափազանց չ՚ըլլար պնդել, անոր բովանդակ իմացական վաստակը։ Իր տաղանդին բոլոր կողմերուն վրայ զգալի մնաց պատանութեան այս գարունը։ Իր արձակները, տպաւորութիւն կամ դատում, ողողուած են անով։ Իր հրապարակագրութիւնը, իր հայրենասիրութիւնն անգամ զերծ չեղան անկէ։ Ու ահա տարօրինակը. հակառակ այս վճռական հաւաստումին, անոր անունը իբր բանաստեղծ պիտի չբարձրանայ մեր իսկական քերթողահոյլին մէջ իր արդար տեղին։ Այսպէս դատեց զինքը իր սերունդը։ Այս դատաստանը վաւերացուցին արուեստագէտները: Վերաքննութի՞ւն: Չեմ երթար այդքան առաջ։ Չօպանեանի մէջ բանաստեղծը զրկուած մաս մը եղաւ անոր տաղանդին. զրկանք մը որուն գործաւորը ամենէն առաջ ինքը հանդիսացաւ, տարտղնելով ինքզինքը իր անհուն հետաքրքրութիւններուն։ Երկրորդաբար, շրջապատը եւ աւելի անհամբերներ որոնք անոր զիջուած համբաւին մեծութիւնը կ՚ուզեն հակահարուածել այս կարգի սեղմումներով։

Քսան ու աւելի տարիներ զիս կը զատէին իմ ընթերցումներէն։ Քերթուածները մտքի փափկագոյն արտադրութիւններ են ու դիւրաբեկ բաւական, դիմանալու համար ժամանակներու բեռան: Ստիպուեցայ կարդալ կրկին, յայտնապէս երրորդ, չէզոք սերունդի մը հոգեբանութեամբը։ Ուրախ եմ յայտնելու որ արդիւնքը նպաստաւոր է Չօպանեանին չափ, ինծի ու մեր գրականութեան։ Բացի մեր ոտանաւորին վրայ անոր թէքնիք իրաւունքներէն որ ինքնին փաստ մըն է ու փառք [16] մը նոյն ատեն, անոր տաղարանին մէջ մարդ մը կայ, սեպհական ջղային դրութեամբ մը, որ եթէ ամբողջութեամբ չի խօսիր մեզի, բայց որոշ մասերովը իր հոգիին մեզմէ չի զատուիր։

 

***

Քերթողական անոր վաստակին անդրանիկ շրջանը ուր կը զետեղուին Արշալոյսի Ձայներ, Թրթռումներ հատորիկներուն տաղաչափեալ արդիւնքները ( Թրթռումներ ը՝ զուտ ոտանաւոր), եւ մինչեւ Անահիտ ի հրատարակումը մեր մամուլին մէջ տարտղնուած քերթուածները, կը զուգադիպի գրական խոշոր յեղաշրջութեան մը որ մեր իրապաշտութիւնն է։ Այս շարժումին մէջ Չօպանեան ոչ միայն զսպանակ այլեւ գահաւորակ է նոյն ատեն, ու ասիկա՝ մասնակի լրջութեամբ մը քերթողական կրկէսէն: Իրապաշտներու հակազդեցութիւնը գրական որոշ սեռեր չունէր հարուածելիք։ Չկար ռոմանթիք վէպը զոր ձգտէին կործանել անոնք։ Բայց կար քերթողութիւն մը, հպարտ, ինքնավստահ, մեծ համբաւներու վահանովը պաշտպանուած։ Չօպանեանի բանաստեղծութիւնը առաջին ընդվզումն է գործով այդ քերթողութեան դէմ։ Տասը տարի յետոյ, անիկա պիտի խմբէ հատորի մը ներքեւ, Քերթուածներ (1907), ինչ որ արժանի կը նկատէ, լայն ու արի խստութեամբ մը ընտրելով անոնք որոնց մէջ կը կարծէր դրած ըլլալ բան մը իր երիտասարդութենէն։ Յետոյ, ազգային հոլովումին հետ, պարագայական ուրիշ գրքոյկներ, որոնց վերջնագոյնը Հայրենի Քնար մեզ կը մօտենայ բաւական շատ (1925)

Մնալով քերթողական խանդի կեդրոնին, այսինքն Քերթուածներ տիտղոսուած հատորին առջեւ, դժուար չէ Չօպանեանի մէջ բանաստեղծական շրջան մը նկատի ունենալ, առաւելապէս երիտասարդութեան իբր բխում։ Անկէ ասդին անոր տուածները յաճախ թարգմանութիւններ են։ Ուրեմն, կէս դար գրական գործունէութեան։ Ուր` բանաստեղծութիւնը ըլլայ տիրական անոր առաջին կէսին, միւս կէսին մէջ լքուելու համար։ Բա՞ն մը կ՚ըսէ այս հաստատումը Չօպանեանի բանաստեղծութեան խորքին [17] մասին։ Կ՚ենթադրեմ:

Քիչ անգամ մարդիկ բազմակողմ իրենց անձնաւորութեանց արտայայտման մէջ, կարող եղան իրենց քերթողական հրաշքը տանիլ իրենց հետ, դէպի ասոր ճակատագրական գագաթումը։ Գիտուն, վիպող, պատմող, դատող մեծ ողիմպիականը, Կէօթէն միշտ մեծ բանաստեղծ մը մնաց։ Երկրորդ քաւոսթ ին նշուլավառ քերթողութիւնը կը հասնի ծերութեան դռներուն: Բայց վիպող, մտածող, գործող Հիւկոն այս բոլորէն առաջ ու աւելի բանաստեղծ մըն է։ Դիտուած է որ անխառն քերթողները անխառն քերթողներ են ամէն բանէ առաջ ու ատիկա բաւ է իրենց որքան մեզի: Ոչ ոքի մտքէն կ՚անցնի դատափետել Մեծարենցը իր արձակին տժգոյն, փնտռուած, զարդահիւս եւ իր դատումներուն հապճեպ, մակերեսային մեղքերուն պատճառով։ Ոչ ալ կը տառապինք Դուրեանի, Վարուժանի արձակներուն պակասովը (թէեւ ստոյգ է որ տաղանդը միշտ բան մը կ՚անցընէ իր ամէն արտայայտութեան)։ Այս տողերը նկատի չունին այն միւս պարագան ալ որուն մէջ քննադատը ստիպուած կը ծանրանայ բարդ արժէքներու կառոյց մը կազմող անձի մը առջեւ, երրորդական, չորրորդական կողմերուն ալ դերին։ Վինչիի մը քերթուածները յատկանշական, մեծ պատուհաններ են որոնց ընդմէջէն նայուածքը կը հասնի այդ հոգիին ալքերուն։ Մեր մէջ, Զօհրապի մը քերթողութիւնը, իբրեւ արուեստ անկատար, բայց իբրեւ փաստ, կ՚իյնայ բարիքին մէջը այս նկատողութեան, քանի որ խոշոր լոյս մը կը բերէ անոր անձնաւորութեան անայց խորքերէն։ Ի՞նչ զգայնութիւն, հոգեկան ո՞ր մթնոլորտին ճնշումը, ի՞նչ կրակներ, տագնապներ կը միջամտեն որպէսզի գրուին Չօպանեանի քերթուածները։ Պատասխանը պարզ է այն կտորներուն մասին որոնք հայրենասիրական խորքէ մը կուգան ու մտայնութիւններ, վիճակներ կը սեւեռեն, կարելի հարազատութեամբ, բայց թերի արուեստով։ Չմոռնալ նոյն ատեն այս երակին ալ նիհարութիւնը։ Միւս մա՞սը իր գործին։ Ուրիշ խօսքով՝ այդ պայծառ, գունագեղ, կայծկլտուն, բռնօրէն զուսպ, շատ բարակցած, երբեմն ցուրտ, բայց միշտ վայելչազգեստ այդ գեղորներուն ներսը կը թրթռա՞յ իսկական բանաստեղծը յայտարարող կրակը։ Ահա հարցում մը որուն դիւրին չէ պատասխանել:

Չեմ երթար առաջ՝ ստացական շնորհներու, մարզանքով տիրացուած ճարտարութեան մը գինը նկատել այդ քերթուածները, ոչ ալ գրական կեղծիքի փառաւոր նմոյշ մը հանել անոնցմէ, այնքան ընթացիկ մեղք մեր բանաստեղծներէն մէկ կարեւոր տոկոսին մօտ: Հարցուցէք դուք ձեզի թէ ո՞ւր է արդարացումը կեղծաւոր բողոքին որ Աբուլալա Մահարի անունին տակ այնքան հռչակ ստացաւ: Չօպանեանի քերթուածներուն մէջ մէկէ աւելի են այն կտորները որոնք սրտի ճշմարիտ տագնապի մը, անկեղծ, թերեւս օր մը ապրուած ալ յոյզերու պատմութիւնը կ՚ընեն մեզի, դառնալով յայտարար փաստեր քերթողական խառնուածքի մը։ Բայց որոնց ամբողջութիւնը չի յաջողիր մեզի պարտադրել այդ խառնուածքը, տիրական ու անդիմադրելի, ինչպէս է պարագան վաւերական քերթողներու մօտ։ Ուզէք չուզէք կը նուաճուիք Վարուժանի խառնուածքէն։ Ու հոս է առեղծուածին բանալին։ Չօպանեանի քերթուածներուն պակասը ըսել կ՚ուզեմ չըլլալը պակաս մը պիտի ըլլար թերեւս արեւմտահայ քնարերգութեան բարեշրջման այլապէս կարեւոր հարցին մէջ։ Սխալ չէ ենթադրել թէ առանց անոնց, դժուար պիտի ճշդէին իրենց ճամբան (թէքնիքին կ՚ակնարկեմ) իրեն յաջորդ մեր մեծ քերթողները։ Բայց նոյն այդ պակասը ոչ մէկ ժխտական դեր պիտի ունենար Չօպանեանի դէմքին ու վաստակին ամբողջութեանը վրայ: Անգութ չէ այս դատաստանը, թէեւ կը թուի։ Անիկա կը կռթնի այն մեծ իրողութեան որուն համեմատ Չօպանեանի բանաստեղծական իuկանիւթը բաշխուած է ընդարձակ անոր գործին գրեթէ բոլոր մասերուն։ Անոր տպաւորապաշտ էջերէն շատերը քերթուածներ են արդէն։ Անոր քննադատութեան մեծ հրապոյրը՝ այդ ստեղծաշունչ աւիւնը։

 

***

Քերթուածներ տարտամ անունին տակ ամփոփուած այդ գործին շահեկանութիւնը անշուշտ վար կը մնայ ամբողջական կշիռի մը մէջ, հեղինակէն փափաքուած արժէքէն։ Զուր տեղը չէ որ այլապէս յատկանշական իր յառաջաբանին մէջ որ գիրքը կը բանայ, Չօպանեան պնդած ըլլայ իր հակումներէն ազնուագոյնին վրայ, այդքան սրտառուչ վստահութեամբ մը։ Կը կրկնեմ. բանաստեղծը ան է որուն գործը մինակը պիտի փրկէ ինքզինքը, առանց կողմնակի նպաստներու: Զեղչեցէք Չօպանեանի գործին ոչ-քերթողական մասը, զայն ձգելու համար ոտանաւորներու մխիթարութեան։ Հետեւանքը տրտմութիւն պիտի ըլլար եթէ ոչ աղէտ։ Ոչ յուսահատութիւն, ոչ ալ հռետորական յանդգնութիւն։ Տասը բան չեն կրնար ընել մեր ջիղերը նոյն ատեն, ու մանաւանդ նոյն կատարելութեամբ։ Ու հարկ է ըսել որ, հակառակ հեղինակին խոր հաւատքին, իր այդ կողմին ալ վրայ, մեր սերունդը կը դժուարանայ անոր մէջ ողջունել ճշմարիտ բանաստեղծը։ Բայց ասկէ յետոյ է որ կը սկսի իր դերը որ դարձեալ արժանիք մըն է: Մեր նոր բանաստեղծութեան պատմութիւնը, շրջափոխութիւնը ոչ ոքի այնքան բան կը պարտին որքան Արշակ Չօպանեանին: Ահա տուեալներ.

Ա. Այդ գործին մէջ կայ, շատ մը բաներու կողքին, յաղթանակը քերթողական որոշ հանգանակներու, ամուր մտածուած, որոճացուած ու պաշտպանուած։ Անոնք, այդ քերթուածները, գէթ 1890էն ասդին, գրուած են միօրինակ, ինքնաբաւ, միադէմ աշխարհաբարով մը որ գործիքը պիտի դառնայ արուեստագէտ բանաստեղծներուն։ Ու ասիկա զանցառելի յաղթանակ մը չէ երբ զետեղուի մանաւանդ իր ատենին մէջ։ 1880ը մեր գրականութեան ամենէն մռայլ մէկ շրջանը կը թուարկէ, ամենէն շատ լեզուական սանձարձակութեամբ մը, անիշխանութեամբ մը որոնք արդէն քննութենէ անցան այս գիրքին մէջ, զանազան առիթներով։ Տառապած է արձակէն աւելի մեր ոտանաւորը, քանի որ քերականական ու հմտական, լեզուական եւ հռետորական ճարտարութիւն մը կը փոխարինէ, աւելի ճիշդ` կը զգետնէ բուն ստեղծումը: Անշուշտ, դժուար է հերքել Թովմաս Թէրզեանի մը բանաստեղծական խառնուածքը, հոգ չէ թէ ապայժմէ ու նիհար, ինչպէս դժուար, նոյն ատեն, իր տաղարանէն անջատել որոշ թիւ մը պայծառ, վերջնական նուաճումներու, որոնք շրջանը, ինչպէս կաղապարուած ճաշակները կ՚արհամարհեն Դուրեանին, նոյնիսկ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի անուններուն հետ: Պատասխանատո՞ւն` այս վրիպանքին։ Հաւանաբար լեզուն։ Լեգէոն էին անոնք որ ատիկա բաւ համարէին բանաստեղծ անցնելու: Ես չեմ որ պիտի ուրանայի բան ին (verbe) անմահ ուժը արուեստներու ամենէն բանուորականին մէջ։ Բայց ուրիշ է բանը, ուրիշ` բառը։ Այս շփոթութիւնն է պատճառ որպէսզի նրբութիւնները, քերականական խաղերը, տաղաչափութեան յօդուածները ու ասոնց ձեռնումին մէջ երեւան բերած ճկունութիւնը առաջին ազդակները կազմեն շատ մը քերթուածներու գրուելուն: Ի՜նչ դժբախտութիւն որ պարմաններ ու պարմանուհիներ 1880ին իրենց գլխէն կախ լուսինը տեսնել յամառէին 1860ի մարդոց այլապէս չքմեղելի պարզապաշտութեամբը: Վենետիկը դժուար հերքուելիք հոգեվիճակ է մեր գրականութեան մէջ։ « Գիշերոյ թագուհի՜ն » որուն « անհուն սիրով ողջոյն տալու » ռոմանթիզմը ուրիշ պատրուակ, որպէսզի գրուին դաշնաթաւալ, գրեթէ իրաւ, բայց մեզի այսօր անհասկնալի դիմառնութիւններ, ուղղուած « երկնից ամօթլեած նիմփային », ու գրուին լեզուական այն խնամուած յարդարանքով որ սերունդի մը նկարագիրը կը մատնէ երբ փոխանակ իր ճամբան ինք քակելու, կը յապաղի մեծերու, երէցներու անդաստաններէն, ու ջոջ անուններու յատկանշական առաքինութիւնները կ՚անդրադարձէ, հեշտագին ու երջանիկ հետեւակութեան մը մէջ ուրանալով արուեստին հիմնանիւթ մը, որ ինքնատիպն է, անձնականն է ամէն բանէ առաջ։ Մինչեւ 1890 երկարող մեր ռոմանթիք քերթողութեան բոլոր դէմքերը, իրենք զիրենք տալէ առաջ ու աւելի, կարծես ջանք են ունեցած Հիւրմիւզի « դաշնութիւնը » եւ Բագրատունիի « վսեմը » մանրելու մեր հրապարակին պէտքերուն համար։ Սէթեան, Թէրզեան, Պէրպէրեան, Չերազ, Եղիա, աւելի կամ նուազ հաւատարմութեամբ մը ջահակիրներն են այս ոգիին: Ալ չեմ խօսիր վարժապետներու կողմէ բռնաջան այն քերթողութեան վրայ ուր գրաբարին պաշտամունքը պատգամ է բացարձակ։ Արշակ Չօպանեանի բանաստեղծութեան առաջին արժանիքը հերքումն է այս դպրոցին։ Բառը հոս կը կարդաք դիւրութեամբ: Բայց դրէք դուք Ձեզ սանկ 1885ին մէջ, երբ գրական կուռքերը, կնիկները (Տիւսաբ գրաբարի պաշտպան ըլլալուն չափ, այդ լեզուով ալ չի վարանիր քերթելէ) խոր արհամարհանքով մը կը վարուին բուն բանաստեղծութեան հետ, ու, սկսնակներ, որոնք ապագայի վարպետները պիտի ըլլան, Զօհրապ մը, յիշելու համար համոզիչ օրինակ մը, կը գրեն գրեթէ հասարակաց բառերով, հասարակաց մտայնութեամբ, նոյն այն նիւթերուն վրայ որոնք Վենետիկէն փոխադրուած էին Պոլիս, Ալիշանի աշակերտներուն կողմէ, եւ բանաստեղծութիւնը կը վերածէին ընթացիկ քաղաքավարական պարտականութեանց տաղաչափումին։ Բարեկամ մը ճամբել, հողին յանձնել, անուն մը տօնախմբել ահա արեւմտահայ բանաստեղծութեան մեծ մօթիֆ ները: Արշակ Չօպանեան առաջին ընդվզողն է այդ ամենուն դէմ: Աշխարհաբարին յաղթանակը լեզուական չէ միայն, այլ աւելի շատ՝ իմացական, հոգեբանական։ Ամբողջութեանը մէջ դիտուած, անիկա արձակին վրայ գործն է մեր իրապաշտներուն համախումբ գրոհին: Ոտանաւորը ամենէն շատ պարտական [18] է Արշակ Չօպանեանին։

Բ. Չօպանեանի տաղարանին մէջ կայ ուրիշ յաղթանակ մը, այս անգամ վերջնական, մինչեւ 1900 երկարաձգուող բայց գլխովին պարտուած ռոմանթիզմին վրայ: Ըսի թէ 1900ին անկարելի էր այլեւս լուսինը դիմացն առնել, անոր մտերիմ կամ լալահառաչ զրոյցներ կարդալու համար: Բայց չըսի թէ, այդ թուականէն յետոյ, դարձեալ անկարելի պիտի դառնայ նայուածքի ռոմանթիզմը, ըսել կ՚ուզեմ՝ պոլսական շրջանկարը աղօտելու, գունաթափելու, այլայլելու այն տարօրինակ կեցուածքը որ Եղիան, Աճէմեանը, Սէթեանը, Թէրզեանը պիտի արտօնէր, քմահաճ տեսարաններ յօրինելու, թաքուն մտահոգութեամբ մըն ալ մեղաւոր։ Ածականներու, ձայնարկական թռիչքներու, ներքին բռնածոր մշուշի մը ընդմէջէն մեզի պատմելն է ատիկա չեղած, չապրուած տեղերէ, չեմ ըսեր զգացումներէ։ Մինակ սիրունիկ ու պարապ տողեր չեն Աճէմեանի Վոսփոր ը, օրինակ մը տալու համար, ոչ ալ Սիպիլի Առ Լուսին ը (1885)։ Չեմ տար հոս անունը ոտանաւորին մեծ աճպարարին որ մագիստրոս մը հանդիսացաւ այդ դժբախտ գիտութեան։ Կը ղրկեմ ընթերցողը Եղիայի, Եղիշէ վարդապետ Դուրեանի (եպիսկոպոսը ուրիշ սերունդի մը այլապէս արժէքաւոր բանաստեղծը պիտի ըլլար, թօթափելէ ետքը սնոտիքը ռոմանթիզմին իր աչքերէն ու գրիչէն) եւ ուրիշ աւելի դժբախտ անուններէ ստորագրուած քերթուածներուն.

«Ոսկեհատիկ, օրհնած խաղող»,

«Համն ալ կ՚արժէ հազար ներփող»

զոր կ՚երգէր մեր մանկութիւնը անփոխարինելի հեշտանքով։

Այս յաղթանակը պիտի չյանգի սակայն բռնակալ, ինքնատիպ սլացքները արգիլող տիրապետութեան մը: Չօպանեանի պակսած է միշտ դպրոց կազմելու առաքինութիւն մը։ Այս հաւաստումը չի կշռեր առաւելութիւններ կամ թերութիւններ որոնք դպրոցներու պետերը կ՚ընեն այլապէս դժբախտ կամ երջանիկ։ Իր ազատագրումի գործը շարունակող մեր բանաստեղծները (մեծերը ունիմ նկատի) քալեցին, իւրաքանչիւրը իր անհատական նախասիրութեանց ակօսովը, հասնելու համար այլապէս սխրալի, այլազան գեղեցկութեանց նուաճումին։ Չեմ ըսեր թէ մոռցան առաջնորդը (զայն յիշելն ալ, այսինքն միշտ աչքի առջեւ ունենալն ալ ուրիշ վտանգ)։ Անշուշտ Մեծարենց չի գար Չօպանեանէն, ինչպէս չեն գար իրմէ Թէքէեանը, Վարուժանը (մեծ բանաստեղծներուն նկարագիրն է իրենք իրենցմէ գալ)։ Բայց շեղի՞լ է հաւանականութենէ՝ կասկածիլ, վաւերական տաղանդներուն համար ալ մերձաւոր այն ճակատագիրը որ զարկաւ Թէրզեանն ու Աճէմեանը, մեծ մասը Պէշիկթաշլեանի քերթուածներուն: Իրաւ է որ աղէտը տեղի չունեցաւ, վասնզի Չօպանեանէն յետոյ մեր ռոմանթիք բանաստեղծութիւնը, ու անոր ձագուկ, քօփէ աշունչ միւս տափակութիւնը ընտանի քերթողութիւն անունին տակ շարունակող` հին հանդիսամոլ զուարճապատումը անկարելի դարձան, որքան որ Որբերեան մը, Սիպիլ մը յամառին դեռ ատեն մըն ալ հաւատարիմ մնալ անոնց։ Բայց պէտք չէ մոռնալ որ նոյնիսկ ասոնց մօտ խոր է փոփոխութիւնը: Տօնապաշտ, հանդիսական, մտերմամոլ, ու épigrammatique իր նկարագիրը պիտի պարզուի դէպի ազատ, խոր, իրաւ ապրումները: Լեզո՞ւն։ Ան պիտի արտայայտէ ամենէն առաջ այդ մեծ ազատագրումը: Անշուշտ տափակութիւնը անսրբագրելի մեղքն է գրողին: Ոչ գրաբարը, ոչ խղճամիտ հանդերձանքը Սիպիլեան աշխարհաբարին չեն փրկեր միջակ բանաստեղծ մը: Բայց մարդիկ կը դադրին պարծենալէ գրաբարագիտութիւնը քերթողականի համահաւասար ընդունելով։ Նոյնիսկ անսրբագրելի Պէրպէրեանը բան մը պիտի սորվի, երբ իրաւ կսկիծ մը պատմելու ատեն, պիտի մոռնայ Հիւրմիւզն ու Բագրատունին, ինքզինքը ըլլալու համար, պարզ ու անմիջնորդ ու պիտի ըսէ իր ցաւը համակիչ յուզումով։ Ոտանաւորի մէջ մեր ռոմանթիզմին դէմ սա պայքարին առիւծի բաժինը՝ սխալ չէ վերագրել Արշակ Չօպանեանին:

Գ. Իրապաշտ բանաստեղծութեան ռահվիրայ մը կը նկատեն զինքը։ Չեմ վերլուծեր վերագրումին կապուած բարդ հարցերը ( Պառնասեան բանաստեղծութիւն մը չէ ան զոր իրապաշտ անունին տակ մեր մէջ փորձեցին Լեւոն Սեղբոսեան, Մկրտիչ Աճէմեան)։ Բաւ է միայն դիտել տալ որ Արշակ Չօպանեան մեր ոտանաւորին մէջ գոյնի զօրութիւն, ձայնի timbre, քիչիկ մըն ալ թելադրական խորհուրդ աշխատած է մտցնել։ Իր մէջէն մեզի ընտանի եղաւ Պոտլէռը (Չօպանեան մասամբ միայն զգաց այդ տարօրինակ քերթողին հրապոյրը), մանաւանդ Վէրլէնը, որուն քակուած (ֆրանսացիները կը գրեն degagé) ձեւը ու զգացման անփոյթ դալկութիւնները կը հաստատենք Թրթռումներ հատորիկին կարգ մը քերթուածներուն մէջ, աւելի յետոյ չընդունուած բուն դիւանէն ներս, հասկնալի պատճառներով։ Սխալ չըլլար Չօպանեանի ոտանաւորին մէջ փոխն ի փոխ զգալ ռոմանթիքները որոնք անոր պատանութեան եւ անդրանիկ երիտասարդութեան գլխաւոր ներշնչումները հայթայթեցին, պառնասեանները որոնք անոր արտայայտութեան գործիքը դարբնեցին (օտարներուն մօտ այս աշկերտութիւնը միայն մերիններէն փախուստ մը չէ, այլեւ բանաստեղծական կարելիութեանց թելադրանք մը ու տուին նոյն ատեն իրական աշխարհին համար վճռական նախասիրութիւն մը։ Եւ որովհետեւ ֆրանսական ոտանաւորը անոր մօտ պիտի ըլլար մերինին չափ ընտանի, Չօպանեան այցուեցաւ սէմպոլիսթներէն, ասոնց նկարչական շնորհներէն զրկուածութիւնը լայնօրէն լեցնելով առաջիններէն։ Կայ նաեւ վերհարեան որոշ եղանակ, ընդհանրապէս ազգային ոգիով, ազատագնաց քերթուածներու մէջ որոնք յետոյ Սիամանթոն պիտի դնեն իր ակօսին: Այս թէքնիք դիտողութիւններէն վեր, որոնց տարողութիւնը չի բարձրանար իրապաշտ բանաստեղծութեան մը բանաձեւներուն, Արշակ Չօպանեանի տպաւորապաշտ խառնուածքը կայ սակայն, մշտապէս կացութեան տէ՛ր՝ անոր տաղանդին բոլոր կերպընկալութեանց վրայ: Այնպէս որ, մինչեւ 1900 ֆրանսական ոտանաւորին կշռական ինչպէս զգացական ելեւէջները կրկնող իր քերթուածները չեն պատկանիր ոչ մէկ դպրոցի, ըլլալով այս ու այն կերպ ճարուած տպաւորութեանց հեղում մը, քան թէ ներքնաշխարհի մը ճարտարապետումը։ Անոնք պիտի չհասնին բնատիպարներուն ոչ մարմարեայ հնչականութեան (Չօպանեանի ոտանաւորը գրեթէ գուլ եղաւ սկիզբէն իսկ) ոչ տրտում, յոռետես իմաստասիրութեան (հայ վարժարան մը չի կրնար իմացական նման տիսիբլին մը շնորհել իր տաղանդաւոր աշակերտներուն), նկարագիրներ որոնք Լը Քոնդ տը Լիլի, Հէրէրտիայի քերթողութիւնը կը յատկանշեն: Դարձեալ, անոր ոտանաւորը զուրկ եղաւ այն նուրբ, հիւծախտաւոր, տարօրէն քնքուշ մեղեդիներէն որոնք Ռոզենպախ ի կամ Սամեն ի տաղարանները կը տրտմեցնեն, այնքան վառ, արիւնոտ գոյներու հիւսիսայգի մը ընդմէջէն։ Ձայնին եւ ներկին իրարու վերածումը վարելով մեծ ներդաշնակութեամբ։ Մեր աշուղներու մօտ իր յաճախա՞նքը։ Բայց Բոլ Ֆոռէ ն անիկա ոչինչ առաւ։ Ինչպէս կը տեսնուի այս արագ նշմարներէն, Չօպանեանի քերթողութիւնը մօտէն կը թելադրէ ֆրանսական ոտանաւորին ամենէն թիփիկ վարպետներուն անունները։ Մի երթաք առաջ, իբր հետեւութիւն, անոր գործը արձագանգ միայն դաւանելու: Ատիկա սխալ հասկնալ պիտի ըլլար Չօպանեանի խառնուածքին մէկ կարեւոր կողմը: Առանց այդ անուններուն ալ, անիկա բանաստեղծ մըն է, բայց առանց տիտղոսի: Իրմէ յետոյ Միսաք Մեծարենց պիտի մօտենայ այդ աշխարհին, աւելի համարձակ, աւելի մասնաւորուած, հարազատ զգայարանքներով։ Ու ոչ ոքի մտքէն կ՚անցնի արձագանգ մը տեսնել Նոր Sաղերու զմայլելի դաշնամուրին մէջ։

Դ. Չեմ տեսած Րոնսարեան oտ ի մը փորձը իրմէ (թեւրեւս վրիպած ինձմէ)։ Բայց սէմպոլիսթներու նախաձեռնութեամբ նորոգուած ձեւերը ֆրանսական ոտանաւորին ( Րnնտo, Րոնտէլ, Վիլանել եւ այլն) փոխադրած է մեզի, երբեմն յաջողակ կտորներու վրայ: Կը յիշեմ այս պարագան ոչ իբր մատենագիտական ցոյց մը, այլ իբր փաստ մը իր մտահոգութեանց։ Ես չէ որ պիտի արհամարհէի ձեւին խնամքը, փափկութիւնները, շողիւնները, անոր տիրապետումին մէջ ճիգին, տագնապին մեծ դերը, արժանիքը որ կայ դիւրին, ամրահաստատ կաղապարներէ փախուստին մէջ, եւ պիտի ընէի զիջում մը ՝ մեր հրապարակին մեծատաղանդ կամ ապատաղանդ բանիմացներուն որոնք քերթուածի մը տեսակարար ծանրութիւնը կը դաւանին անոր դիւրասահ, ընտանի, ըմբռնելի առաքինութիւնները: Արուեստի ամէն գործ ինքնութիւն մըն է եւ իբր այդ կը խոցէ, առաջին շփումին, կարգ մը ստացութիւններ։ Մեր ոտանաւորը ազատագրել Աճէմեանի տափակ պատմողականէն եւ Թէրզեանի լեզուա–համաձայնական ծեքծեքումէն, պայքարիլ՝ վտարելու համար անոր վրայէն տաղաչափութեան վերածուած հասկացողութեան մը չարիքը [19], ու փոխարէն՝ դիմաւորել եւրոպական խտութեամբ փոքրիկ կառոյցները ուր ձեւ ու խորք իրարու սպասարկէին, ուր չըսուածը, փախչողը, նուրբը, խորը, գիւտը ըլլային տիրական նպատակներ արարքներ են որոնք Չօպանեանի ճամբով ու անկէ յետոյ միայն պարտադիր դարձան բոլոր վաւերական քերթողներուն:

 

***

Զգացական աշխարհի նոր սա գիւտը, տաղաչափական կերպերու մէջ իրագործուած սա խստամբեր ճաշակն ու օրինակը, գործադրուած առանց աղմուկի, աւելորդ վէճերու, սիւնակ սիւնակ փաստարկութեանց որոնք գրական պայքարներուն մոխիրը կը կազմեն միշտ, իմ կարծիքով պիտի բաւէր Չօպանեանի անունին պահելու արդար տեղ մը: Ի՜նչ փոյթ, որ իր տաղարանը չըլլայ յորդ, իրական, մեծ բանաստեղծը յատկանշող տարրերով։ Ի՜նչ փոյթ, որ այդ քերթողութիւնը վտանգուի մանաւանդ տաղանդազուրկ բանակ մը հետեւորդներու մեղքերով, որոնք ահա քառասուն տարի է ոտանաւոր կը գրեն, անզուգական քերթողուհիի տիտղոսներով կը պսակուին բայց քսան տող յաջողակ բան չեն տուած մեր բանաստեղծութեան: Շարժումի մարդոց, պայքարի ախոյեաններուն մօտ յաճախադէպ դժբախտութիւնն է ասիկա։ Հարկ կա՞յ կրկնելու թէ ի՞նչ գեղեցիկ արդիւնքներու հասան, իր ձեռքով ազատագրուած այդ գործիքով մեր վաւերական բանաստեղծները։

Քերթուածներու յառաջաբանին մէջ Չօպանեանի խոստովանութիւնը դառն որքան տրտում վկայութեան մը չափանիշը կը դառնայ քանի որ հոն անիկա կը հաւատայ իր մէջ բանաստեղծին։ Չեմ երթար առաջ, սրտառուչ այդ հաւատքը փոխելու, վերածելու այլապէս սրտառուչ, անկանգնելի պատրանքի մը որուն օրինակը տուաւ Տիկին Սիպիլ, վաթսուն տարի քերթուած գրելու գինով մը, բայց չհասկցած մեռաւ բուն բանաստեղծութիւնը։ Որուն օրինակը այսօր եւ միշտ հարիւրներ կուտան, աշխարհի ամէն անկիւններէն, ամէն գրականութեան մէջ։

Ան որ տարիներ ու տարիներ, հայ ու օտար ընտրելագոյն քերթողներուն վերծանումը ապրեցաւ, տենդագին զգայութիւններու հեղեղի մը առջեւ որ ոգին է այդ ոլորտներէն արձակուած, ու յաճախ նուաճուեցաւ անոնց կախարդութենէն, անոնց դժուար բայց հաւատարիմ գեղեցկութիւններէն երբ գիտենք զանոնք մերկել իրենց ժամանակի եւ միջոցի փաթաթներէն, շփուելու համար անոնց անմահ մարմիններուն [20], ան չէր կրնար ինքնիր դէմ անբաւական, անհասկացող տաղաչափ մը մնալ: Գրեց իր քերթուածները, հաւանաբար, խռովքի եւ յուզումի որոշ բարեխառնութեան մը մէջ որով պայմանաւոր են գրական ինչպէս ազատ, ստեղծագործական վիճակները հաւասարապէս։ Գրեց, հալածուելով իր ներշնչումներէն, բաւական մօտ մեր ամենուն ջղային ընկալչութեան, քանի որ հայ մըն էր։ Հալածուելով իր օրերէն որոնց երանգը դարձեալ միասքօղ չէ այնքան, ծածկելու համար խորքին անսփոփ թշուառութիւնը: Անիկա, կասկած չունիմ, աշխատեցաւ իր քերթուածներուն մէջ դնել մաս մը բան այն ահաւոր, անժուժելի զգայութիւններէն որոնք մեր տարագիր, արմատախիլ տաղանդներունը եղան, օտար ոստաններու մէջ։ Լքումին, յուսաբեկութեան, անորակելի կսկիծի մը մէջ գոյն ու հասակ առած անոր ջիղերը, իր ցեղը զարնող մղձաւանջէն անդադար տաղտապուն անոր իմացականութիւնը, իր յոյսին խլեակին փաթթուած, անօթութեան ու մահուան ջուրերն ի վար սուրացող անոր դժբախտ մարմինը ինքնին քերթուած մըն է դիտել կրցողին։ Ան եղաւ մահացու վէրքի մը վիրաւորը, որ կը քալէ, գլուխն առած, աչքերը նետելով երբեմն շրջապատին։ Ու անոր ոտքերուն՝ աշխարհը տմոյն ցեխ մըն էր մայրաքաղաքներու դիրտովը գոյացած։ Ու անոր աչքերուն՝ շրջապատը այն խուլ, անհաղորդ պատկերներու շարանը՝ որոնք մեծ քաղաքներուն անդարման տրտմութիւնները կը շրջանակեն։ Փողոց փողոցի վրայ։ Տուներ տուներու կռնակին ու ծոծրակին։ Ու մութ սենեակներ որոնք արեւը չտեսած պիտի մեռնին: Ու մութ մարդեր, կին կամ այր, որոնք այդ բանտերէն փախած ատեն, պիտի քսուին քեզի, օտար, վանող, անհասկնալի։ Ասիկա օր առ օր ապրուած մահ մը չէ՞։ Ու այս մթնոլորտը, թերեւս պատճառ, որպէսզի դեռ Պոլիսէն ու արեւելքէն չպաղած մեր ջիղերը նեղուին այդ քերթուածներէն: Քաղաքի, տարագրութեան զգայութիւններ, այնքան իրաւ, շեշտ մեր նորագոյն քերթողներուն մօտ, սերունդ մը առաջ նորութիւն էին: Վահան Թէքէեան եւ Արշակ Չօպանեան այդ զգայութեանց բանաստեղծները եղան։

Վերջացնելու համար.

  Քիչ անգամ պիտի դիմենք իր քերթուածներուն, ի յառաջագունէ համոզուած ըլլալով փաստին որ զանոնք կը զարնէ իրենց էութեան իսկ խորքերէն։ Գիտենք թէ հոն շփում չունինք գտնելիք սրտի այն խորագոյն, անմահ տագնապներուն հետ որոնք ճշմարիտ, ծնած բանաստեղծները կը զատորոշեն միւսներէն, ասոնք ալ բանաստեղծ, բայց իրենց կերպով, իրենց ժամերուն: Ամէն օր, ամէն տեղ կրնանք բանալ Վարուժանը, Թէքէեանը, Դուրեանը, Մեծարենցը ու հաղորդուիլ նոյն տագնապներուն, որոնք չեն հիննար, չմոռնալով սակայն նոյն ատեն որ այդ անունները իրենց տաղարաններէն դուրս՝ արագ նուաղող ստուերներու այնքան կը նմանին։ Այդ Քերթուածներ ը պիտի չառնեն իրենց մատներուն մէջ, յուզումնահար ու երազուն, դողդողագին` ընթերցումէն ալ անդին, պատանիները, որոնց պարզութիւնը, ջղային դրութեան համեմատական կուսութիւնը, հոգիին վճիտ ամայքները այնքան մօտէն կը կրկնեն անխառն բանաստեղծութեան յղացքը ու չափանիշներ են նոյն ատեն քերթողական գործի մը արժէքներէն։ Մեծարենցը, Դուրեանը կարդացողներ բանաստեղծ կարդալու հանդիսութիւնը չեն տեսներ իրենցմէ ներս երբ պատանիներ են:

Մատենագրութիւնը պիտի զբաղի սակայն այդ Քերթուածներ ով, քանի որ յաճախ արուեստի երեւոյթները զոյգ կը քալեն ընկերային շարժումներուն հետ ու կը խօսին, պատմութենէն աւելի իմաստալից, շրջաններու հոգեվիճակէն։ Այս տեսակէտէն, Չօպանեանի քերթողական վաստակը ճշմարիտ լրացուցիչ մըն է մեր իրապաշտներուն առաջադրութեանց։ Փորձեց դերը, չափածոյ բարբառին վրայ, զոր իր ընկերները գլուխ հանեցին արձակին, այսինքն ասով մշակուած գրական սեռերուն վրայ: Բայց ինչպէս որ իրապաշտներու չվիճակուեցաւ գեղեցիկ պարծանքը արեւմտահայ վէպը պարտադրելու այդ գրականութեան մէջ իբր գերագոյն յաջողուածք [21] մը, շրջան կերպադրող ու աւելցող անկէ, մեր ոտանաւորն ալ այս շարժումին քով ի վեր ցուցմունքներ միայն գործադրեց, երբեմն ինք առնելով դերը կեանքը պատմելու որ գործն էր առաւելապէս վիպողներուն։ Ուրիշ սերունդ մը սակայն իր լրումին պիտի տանէր այս յաջողուածքը իբր սկիզբ։ Չօպանեանի տաղարանը իր մէջ կը թելադրէ բոլոր գեղեցիկ կարելիութիւնները բայց չի նուաճեր զանոնք։ Արուեստագէտ սերունդին վիճակուած էր փառքը մեր բանաստեղծութիւնը, այդպէս ազատագրուած իր խանձարուրներէն, վախերէն, առաջնորդելու իր նորագոյն բարձունքներուն, Մեծարենցի, Թէքէեանի, Վարուժանի այլերանգ բայց համատարր գործին ընդմէջէն։

 

5. ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏԸ [22]

Այս վերնագրով կ՚ուզեմ համախմբել Արշակ Չօպանեանի այն բազմաթիւ էջերը որոնք գրական սեռերու դասակարգումին չեն ենթարկուիր, ըլլալով մօտ, բայց չպիտակուելով։

Այդ կարգի կտորներ են

Ա. Ֆանթէզիները, երիտասարդութեան շրջանին այնքան առատ ( Արշալոյսի Ձայներ ) ու նոր ալ, որոնց նմոյշները կան դարձեալ Կեանքը եւ Երազը հատորին մէջ ալ:

  Բ. Արձակ քերթուածներ ուղղակի փոխադրում մը ֆրանսական գրականութենէն: Որոնք 1900էն մինչեւ պատերազմ ու քիչ մը մինչեւ հիմա ալ ճշմարիտ աղէտ մը պիտի կազմէին մեր գրականութեան համար, տաղանդաւորները զառածելով դէպի դիւրին արտադրում, անտաղանդներու ձեռքին մէջ կազմելով պատրաստ կաղապար մը մեր լեզուին բոլոր նրբենի, ազազուն, անարիւն զարդեղէնները մեզի վաճառելու (կիներու դպրոց)։

Գ. Տեսիլքները, աւելի կամ նուազ խորհրդապաշտութեամբ մը որոնց ճակատագիրն է շատ շուտ գունաթափիլ, թերեւս քաւելու համար յղացման իրենց մեղքը։ Գրական, փնտռուած, d à (իր ծնունդէն իսկ) այս էջերը կը մնան Չօպանեանի կարելի մեղքը։

Դ. Sպաւորութեանց ընդարձակ տոմարներ, ճամփորդութիւններէ, պաշտօններէ, պատուիրակումներէ։ Որոնք բոլորը մէկ, մայր անոր զբաղմանցը կողքին, անոր առիթներ պիտի տային գրական աւելի կամ նուազ յաջող իրացումներու: Իր գործին մեկ կարեւոր հատուածը, միջնադարեան մեր արուեստին շուրջը, կը բխի այս երակէն։

Այսպէս յարդարուած, այս բաժանումը ընդարձակ է ինքնին։ Շարժումի որքան հայեցողութեան մարդ, Արշակ Չօպանեան, բազմադիմի իր առաքելութեանց ու հետաքրքրութեանց զառիթափովը, շփումի պիտի մտնէ այլազան մտայնութեանց, զգացմանց, վարկածներու եւ ոլորտներու ինչպէս նաեւ միջավայրերու, մարդերու եւ ընկերային ու ազգային բարեխառնութեանց հետ: Շատ պտտողն է որ շատ կը տեսնէ եւ ոչ թէ շատ ապրողը, կ՚ըսէ իրաւունքով մեր ժողովուրդը։ Յետոյ չմոռնալ սա շատ յատկանշական պարագան. անիկա գրագէտի իր կեցուածքը միշտ ալ պաշտպանեց լրագրողի, գործիչի զոյգ ախորժակներով։ Իրա՛ւ է, այս ախորժակները պիտի գունաւորուին գիրքերու մշտագրգիռ թելադրա՛նքէն որ զինքը պիտի մղէ այդ ստացումները գրականութեան հանելու։ Ու ըրած է այդ աշխատանքը, չըսելու համար զիջումը միշտ լրջութեամբ, պարկեշտ ու բազմախոյզ ոգիով մը տրամադրուելով հանդէպ ամէն երեւոյթի։ Խօսեցայ այդ կերպէն երբ գիրքերն ու գրական շարժումները, անցեալն ու անոր հասկացողութիւնը ունէր թելադրիչ։ Հարկ է խօսիլ այն աշխարհէն որ դուրս կը մնայ գիրքերէն:

Կարդացէք, օրինակի մը համար, Քանի մը օր Պարտիզակի մէջ ուղեգրութիւնը, հաստատելու համար թէ որքան շատ բան ունինք տեսնելու խոնարհագոյն իսկ խաւերէն ներս, հերիք է որ մեր նայուածքը նախապէս անատակ չընենք այդ խաւերուն սեպհական շահեկանութիւնը, նոյնիսկ գեղեցկութիւնը զգալու, ինչպէս հիմա կը գտնենք ատիկա իբր առաքինութիւն շատ մը տաղանդաւոր մարդոց մօտ [23]: Ճամբու այդ նօթերը, արագ իբր գնացք, բայց ծանր՝ իբր դիտողութիւն, Չօպանեանի մէջ կը մատնեն մեծ չափու հարազատութեամբ մը հրապարակի մարդը, չգործածելու համար մեր մէջ իր իմաստը այլապէս նուիրագործած հրապարակագիրը ։ Երեսուն-քառասուն տարի առաջ Չօպանեան ընտիր նմոյշ մը կու տայ մեր օրերու շատ ընթացիկ մէկ տիպարին, ան ալ գիրքերու աշխատաւոր: Բայց որ հետզհետէ կ՚ընդարձակէ իր յաւակնութիւնները, ստուերի մէջ ձգելու աստիճան դասական մեծ ճամբորդութեանց` նկարագիրը, Լամարթինի, Ռընանի, Թէնի պարունակէն, երբ իմացական մեծ շնորհներ, ոճ, նայուածք, ու մասնագիտական ծանօթութեանց հսկայ մթերք մը կը տանի իր հետ դէպի… Ամերիկա կամ Ովկիանիա, ծայրագոյն արեւելք եւ այլն։ Մեծ օրաթերթերուն reporterն է այդ նոր տիպարը։ Արշակ Չօպանեան չեմ ըսեր՝ սեռէն առաջ, բայց իրական յաջողութիւն մըն է, այդ գետնին վրայ, այդքան առաջ (Պարտիզակի ուղեւորութիւնը 1895ին կը զուգադիպի):

Իր ցեղին ճակատագրովը, Արշակ Չօպանեան իր տպաւորութեանց իբր հանդիսարան աշխարհի կարեւորագոյն հատուածները ունեցաւ։ Չափած է անիկա հին ու նոր աշխարհին մեծ տարածութիւնները: Քաղաքներէն ու բնական պատկերներէն վեր կայ տակաւին հոգին այդ քաղաքներուն ու վայրերուն, կ՚ուզեմ ակնարկել` քաղաքակրթութիւնները որոնց զարկը, երանգը, նօթը զգալու համար անոր ջղային դրութիւնը զարգացաւ ժամանակին հետ։ Ճիշդ է որ այս ապրումներուն զուգահեռ անիկա չունեցաւ գրական իրագործումներ: Չէ տուած մեզի այդ ամենէն՝ խիտ, վճռական էջեր որոնք Զօհրապի փորձարկութիւնը կը դնեն կեանքէն ու կը մնան սերունդի մը զգայնութեան տախտակները: Բայց ինչ որ տուած է, իր նշխարային, անամբողջ ըլլալուն հակառակ, վեր է դարձեալ Շիրվանզադէի մը տեսածներէն որ իր հասուն, աւարտած մարդու ամբողջ բարիքը վրան, գտաւ օտար վայրերում իր եղբայրները, մեր կործանումին գրեթէ յաջորդ օրերուն, ու չգտաւ՝ տափակուկ տեսարաններէ, բեմի վրայ ներկուած մարդերէ, մատուցուած շողոմէ ու խունկէ տարբեր իրաւ, խոր, մարդկային բան մը, անոնց տագնապէն ու երազներէն, արձանագրելիք (ա՛լ չեմ խօսիր կերպին հասարակութենէն, գիծի ու գոյնի անհանդուրժելի աղքատութենէն որոնք նկարագիրներ են արդէն արեւելահայ արձակին մէջ, որպէսզի սրտմտին մեր զգայարանքները)։

Չօպանեանի reportageը ընդլայնումն է մեր իրապաշտներէն այնքան ոգեւին սիրուած քրոնիկին, բայց տարածուած դէպի արձակութիւնները մեր նորագոյն ապրումներուն։ Աւելի՛ն։ Անիկա պիտի բարձրանայ գրականութեան շատ յաճախ, քանի որ շրջագայութիւնները պիտի օգտագործուին մայր ու մէկ մտահոգութեան իր գոհացումին: Ամէն պաշտօն, տեղափոխում անիկա պիտի գործածէ, ամէն բանէ առաջ, շրջանակին մէջ կարելի մատենադարանները, ձեռագիրները, հին նկարները, քանդակները, աւերակները, լուսանկարները մեծ արագութեամբ մը պրպտելու: Ու ասիկա այսպէս, միշտ տիրակա՛ն, աշխարհի ո՛ր մասին վրայ որ կ՚ուզէք։ Այս աշխատանքին այսկերպ դասաւորումը իր նկարագիրը եղաւ: Պարկեշտ, համեստ. իրա՛ւ: Չգործածեցի գիտական բառն ալ, չզեղծանելու համար հեղինակին իսկ ազատութեամբը։ Բայց պարտաւոր եմ յայտարարել որ մէկէ աւելի գիրքեր շահ են, այդ կերպով հետապնդուած վաստակէ մը, ոչ միայն մեր գրականութեան ( Հայ Էջեր, Նաղաշ Յովնաթան Աշուղը եւ Յովնաթան Յովնաթանեան նկարիչը, Նահապետ Քուչակի դիւանը ) այլեւ մեր պատմութեան ու արուեստին:

Այդ reportageը յաճախ կը բարեխառնուի իմացական զօրաւոր տարրերով ալ, որոնք աչքերուն առածը կը տանին քիչ մը յանդուգն բայց գեղեցիկ ընդհանրացումներու։ Անշուշտ, ինծի հետ էք խօսելու վտանգէն, ամէն անգամ որ գրագէտ մը իր թեւերը լայն կը բանայ, ան ալ մեր մէջ, ընդգրկելու համար մտածումին ու արուեստին բոլոր սփիւռքը։ Բայց կը պահեմ համեմատականութիւնը։ Տիտղոսաւոր, իր վրձինին փաստը արժեցուցած տեսաբան մը չկայ Արշակ Չօպանեանի մէջ երբ կ՚ընէ անիկա նկարներու վրայ թէքնիք դատումներ, գոյներու եւ գիծերու խաղին այլապէս բարդ հրաշքը ու ասոր հասկացողութիւնը վստահելով գիրքերու օրէնքներուն, շատ շատ իր ջիղերուն։ Ճի՛շդ է։ Կրնան պակասաւոր ըլլալ այդ տպաւորութիւնները, նոյնիսկ բոլորովին հակառակ ալ գոյներու արուեստին. բայց թուղթին վրայ, մեզ կը գրաւեն, ոչ միայն նկարչական զգայութեանց հանդէս մը թելադրելով մեզի, այլ մանաւանդ շարժումի հանելով մեր մէջ գրական հզօր պատկերներ։ Քերթուած մը կարդալու վայելքին մօտ բան մըն է օրինակի մը համար իր Խեղճ Ձկնորսը, Բիւվիս տը Շավանի նկարին վրայէն հանուած։ Նոյնպէս, երբ մեր ճարտարապետութեան մեծ նմոյշներէն ազդուած, մեզի կը խօսի ցեղային զգայարանքէ, մեզայատուկ ոճէ, հոգեբանութենէ, բոլորն ալ աւերակներու թոհուբոհէն ընդնշմարուած մենք չենք դժուարանար հետեւելու իր ընդհանրացումներուն, պահ մը կասկածելով հանդերձ, կենալու համար խնդրականութեանը առջեւ այդ ամենուն։ Ու ասիկա նոյնութեամբ ճիշդ է նաեւ, երբ իր անսպառ, մանրամասն, համապարփակ քրոնիկներուն մէջ երաժշտագէտի մը վարկովը նիւթ կ՚ընէ երգչուհիներուն ծորումները, արուեստի գործիքներուն հասկացողութիւնը, նոյնիսկ գնահատումը ներելով իրեն, դիւրութեամբ մը, բնականութեամբ մը որ կը պատրեն ու զինաթափ կ՚ընեն։

Մասնագիտօրէն պակասաւոր այս արտայայտութիւնները կը պաշտպանուին միշտ գաղափարներու ընթացիկ մթերքով մը որոնց բարիքն այլապէս նկատի ունիմ այս տողերուն մէջ։ Զետեղե՞լ, այսպէս դիտուած՝ այս վաստակը, գրական ուսումնասիրութեանց ընդհանուր rayonին։ Ասիկա պիտի նշանակէր փոքրել տարողութիւնը այս վերջիններուն որոնք այլապէս մտածուած, ուրիշ արդիւնքներու հայող բարեխիղճ, տանջանագին աշխատութիւններ են ու ենթակայ իր տաղանդին ամենէն զօրաւոր ճնշումին։ Այն ատե՞ն։ Ի՞նչ է անունը այս ամենուն: Հարկ չկայ մեծ բառերու: Կը բաւէ զանոնք ընդունիլ իբր տպաւորութիւն: Ու հարցը կը փակուի։

Արուեստի եւ մտածման հարցերու շուրջ (զուր տեղը չէ որ Անահիտ իր հանդէսը իբր մտածման եւ արուեստի կրկէս մը պիտի յայտարարէ տարիներով, ամենէն շատ պնդելով այդ երանգին վրայ) այդ առատախօս քրոնիկները ուշագրաւ են խորքին չափ ձեւին ալ վայելչութեամբը որ իբրեւ ոճի տուրք պիտի իյնայ քննութեան, ուրիշ հատուածի մը մէջ։ Մի մոռնանք որ անիկա նոյն ատեն փոխադրիչն է մեր մէջ արձակ քերթուածին ուր մուրատ չառնող մարդու հոգեբանութեան քով, գոյնի եւ ձայնի ընդարձակ պահանջներ կը ծանրաբեռնեն նիւթը, զայն խղդելու աստիճան։ Մտածման բլանի մը վրայ բանուած սա զարդարանքը մարդիկ շատ պիտի տեսնեն անոր, կասկածի տակ ձգելով հարազատութիւնը անոր գոյներուն ու տուրքը աչքերուն: Անշուշտ Չօպանեանի քրոնիկները կը ծածանին ընդմէջ բռնազբօս ու բարձր ոճին, մօտենալով երկուքին ալ, յաճախ նուաճուելով մանաւանդ առաջինէն։ Բայց լայն արդիւնքի մը առաջ այս պատահմունքները չէին բարձրանար քրէական մեղքերու եթէ երբեք իրմով դպրոց չըլլար կազմած նկարագրամոլ խումբը որ տիրական է 1900էն ետքը։ Իր ձախողած մասերուն մէջ անիկա պիտի տայ մեզի Անայիսի մը, Գալէմքեարեանի մը, Թէոդիկի մը անհանդուրժելի նկարագրութիւնները: Իր sublimé արտայայտութիւնը՝ Չրաքեանի Ներաշխարհ ը։ 1900էն մինչեւ 1910, մոլեռանդ նկարագրումի կատաղութեան շրջանին, մինակ Չրաքեանի, Մեծարենցի ինքնատիպ արուեստը չէ որ իշխած է մեր լեզուին, այլ անոնց չափ, ու աւա՜ղ, նաեւ աւելի՝ Սիպիլին ու աւելի դժբախտ կիներու ձիւներն ու շինծու ժանեակները։ Արձակ քերթուածը, ըսի, քրէական մեղքն է արեւմտահայ գրականութեան, անոր բոլոր ժխտական կողմերուն տնկարանը: Սեռին հա՛յրը, առնուազն կնքահայրը՝ Արշակ Չօպանեան։

 

***

Ընդարձակե՞լ տակաւին տարազը, անկէ առնելու համար ներս, վիպակին, անձնական գիծերու յեռումին ու խոստովանութեանց ընդմէջ դեգերուն այն յօրինումները որոնք բաւական թափանցիկ չեն ընծայուած որպէսզի կենսագրական տարրեր հայթայթեն (ինչպէս կ՚ախորժին ընելէ բոլոր մեծ վիպողները, քերթողները արեւմուտքին), ոչ ալ բաւական անկախ՝ որպէսզի արուեստի իսկական դերի մը բարձրանան։ Որոնք տեղ մը նորավէպ կ՚ենթատիտղոսուին, ուրիշ տեղ մը վիպակ, աւելի յաճախ կեանքի պատկերներ, անձնական տարրին պատշաճ միջամտութեամբը, անշուշտ՝ բոլորն ալ լայնօրէն շահագործող` օր մը իրական տպաւորութիւններ, ժամանակին հետ քաղցրացած, երբեմն բիւրեղացած ալ: Եւ որոնց բոլորին մէջ իրաւ, խոր, յաճախ շահեկան զգայութեանց առատ մթերք մը պաշտպան կը կանգնի գրական կառուցումին, յաճախ թոյլ ասիկա, չըսելու համար անգոյ։ Չօպանեանի գործին սա ուսումնասիրութեանը մէջ ես առանձին տեղ մը չեմ բացած քննելու համար անոր վաստակը վիպական ուղղութեամբ։ Զայն զետեղել տպաւորութեանց բաժնին մէջ թերագնահատում մը չէ սակայն։ Հատորիկները որ կը կոչուին Թուղթի Փառք, Տղու Հոգիներ, Կեանքը եւ Երազը (բնագիրը ֆրանսերէն որ չէ թարգմանուած) ու ուրիշ ալ պատկերներ ու նորավէպեր որոնք չեն մտած հատորի, քով քովի գալով կշիռ մը կ՚առնեն իբրեւ քանակ մօտիկը դրուելու չափ օրինակի համար նոյն սեռէն Արփիարեանի տուածին. իբրեւ որակ՝ Չօպանեանի գրականութեան միջին արժանիքներով։ Հոս կը զբաղիմ անցողակի անոնցմով, զանոնք նկատելով պատրուակ որպէսզի մենք օգտագործենք փշրանքները մեր երջանիկ անցեալին, որմէ վռնտուած կ՚ապրինք մեծ քաղաքներուն օտարութեան խորը, բայց որ, հակառակ մեծագոյն խռովքներով հերձուած, բզքտուած ըլլալուն, դեռ կ՚ապրի մեր ներսը։ Հայ գրողներուն հոգեբանութիւնը բացառիկ է իբր կազմաւորում: Իրապաշտները պիտի ունենան Պոլիս մը. բա՛ռ՝ որ գրականութիւն մըն է միս մինակը։ Անջինջ, արիւնոտ, դրուագուած մեր ամենուն հոգիին բոլոր ալքերուն։ Յետոյ, արեւմուտքը զոր կ՚առնենք այդ դրուագումին վրայ, իր քերթողներուն, մտածողներուն այլապէս գրաւիչ յոյզերուն ոսկի խաւերովը: Այդ ամէնը կայ նոյնութեամբ Կեանքը եւ Երազը հատորին մէջ։ Այս գիրքին մէկ երկու կարեւոր յաջողուածքները կուգան անձնական այն ապրումներէն որոնք օր մը կեանք էին ու այսօր` երազ։ Օր մը երա՜զ, ու այսօր կեանք ալ դառնալու տարօրինակ ճակատագրով մը: Վասնզի ամէն տարագիր deraciné մըն է ոչ միայն ֆրանսական գրականութեան մէջ, այլեւ աւելի շատ խստութեամբ մեր մէջ, քանի որ մենք մեր հողին, ջուրին, օդին փոփոխման հետ մանաւանդ հոգի կը փոխենք ու ստիպուած ենք արուեստ ընել այդ փոխուած հոգիով։

Չօպանեան յիշատակներ ալ պատմած է, դժբախտաբար ժլատ չափով մը։ Իր շփումներուն ընդարձակութիւնը, շրջանակներուն այլապէս խռովիչ արժէքը (պետական, ազգային, գրական, յեղափոխական), ու զինքը շարժման մէջ պահող հարցերուն ծանրակշիռ շահեկանութիւնը ի յառաջագունէ սքանչելի ազդակներ են որպէսզի գրական քրոնիկներէ դուրս մնացած ամբողջ աշխարհ մը նուաճուի կրկին: Չէ ըրած այս զիջումը, չունեցած իր ժամանակէ՞ն թէ անձնական դիւրազգածութեան մը ճնշումով, անարժան սեպելով մեզ զբաղեցնել անդարձ բաներու վերարտադրումով։ Ինչ որ ալ ըլլայ շարժառիթը այս վերապահութեան, զրկանքը իրական է: Իր ուսուցիչներուն մէկ ուրուանկարը, առանց յաւակնութեան, օր մը երեւցած ամերիկեան հայ հանդէսի մը մէջ, ինծի կուտայ իրաւունքը այս բանաձեւին:

Բայց կայ, իրեն յատուկ, կեանք պատմելու կերպ մը, որ դասական կենսագրումէն հեռու է հաւասարապէս որքան տարբեր՝ գրական վերարտադրութեան մը համար անհրաժեշտ հոգեբանական լայն, հանգամանային պատրաստութենէն որով միայն գործի մը ճանաչողութիւնը կը մարմնանայ, կ՚ամբողջանայ մեզ արտօնելով գործին մէջէն քալել, գործը ստեղծողին իսկ առաջնորդութեամբը։ Քննադատական կառուցումներու ատեն շատ օգտակար այս եղանակը չէ զոր նկատի ունենամ։ Քիչ շատ հանրային գործունէութեան մը վարկովը աչքի ընկած անձերու վերածումն է իրենց հիմնական քանի մը երեսներուն: Ուր սակայն յառաջատուական պատմումը, թիւերու եւ փոխադրումներու չոր փաստերը, արարքներու պարկեշտ, խղճամիտ դասակարգումը նետուին երրորդ բլանի, իրենց տեղը զիջելու համար ներկայացման մը, արագ, պարզ, թելադրական։ Որուն ամէն մասին մէջ զգալի ըլլան ամբողջութեան տարրերը բայց չհպատակին սովորական զարգացման։ Երբ այս տողերը կը գրեմ, մտքիս կուգան անունները Անտրէ Մօրուայի, Էմիլ Լիւդվիկի, Մորիս Պէտէլի որոնց գործին ընդհանուր գնացքը այնքան մօտ է, համեմատութիւնները պահելով, Չօպանեանի Ադամեան Հիւանդ քրոնիկին: Չօպանեան քաղաքական պատմութիւն չունեցող ժողովուրդի մը զաւակը չէ միայն, այլեւ գրական անցեալէ այլապէս դատարկ ժողովուրդի մը գրականութեան տեսաբանը: Ու հոս է դժբախտութիւնը, չըսելու համար հեգնութիւնը: Իր հերոսները, գլխաւորաբար պատմութեան ոլորտով մը իրեն հասածները կա՛մ թուղթ են կամ ատկէ ալ գէշ բան մը. Յայսմաւուրքի բնակիչներ։ Ու մենք տեսանք թէ ինչ ուժգնութեամբ անիկա շինած է այդ տարտամ բառերէն անդին շքեղ դէմքեր, Քուչակ, Նարեկացի, Աբովեան մինակ գրական վերլուծումներ չեն, այլեւ դիմանկարներ։ Բայց ահա աւելին։ Կ՚առնեմ իբր նմոյշ իր մէկ քրոնիկը, որ յիշուեցաւ քիչ վերը, Ադամեան Հիւանդ ։ Լայն, լեցուն, թրթռուն ու հաղորդական էջերու վրայ Արշակ Չօպանեան պիտի ապրեցնէ մահամերձ մարդէն անմահ դերասան մը, հանգամանքին կապուած թատերական զգայութիւններու ամբողջ հանդէս մը, արուեստ ու պատմութիւն, հասարակաց հոգեբանութիւն, բարեխառնութիւն, դրուագ ու սեւեռում, ու նաեւ ինքզինքը։ Մեր գրականութիւնը շատ քիչ էջեր ունի այդ կատարելութեամբ, որոնք նորէն ծնունդն են իր գրչին։ Դասական portraitն։ Զոր պիտի չուրանային եւրոպացիները։

Հոս է որ իր կերպը կը տարբերի հասարակաց քրոնիկէն։ Մերձեցո՞ւմ մը Արփիարեանին հետ։ Պարզել է այդ քրոնիկին խճող, բազմերես, երկարաձգուող թելադրութիւնները: Ըսի թէ ի՞նչ կը մտածէի Զօհրապի տպաւորութեանց հետ բաղդատումի մը պարագային: Անշուշտ Չօպանեան զուրկ է առաջինին հսmeurէն, չարութենէն ու համէն. երկրորդին խորութենէն, առածաձեւ դարձուածքներէն որոնք միտքերու մէջ կը գամուին։ Բայց աւելի է անոնցմէ կեանքի մէջէն մթերք մը ձեռնելու (manier), անկէ կարելի շահեկանութիւն, երբեմն զուսպ ու վայելուչ բաթէթիք, միշտ անմիջական օգուտ ճարելու արուեստին մէջ: Չեմ գիտեր, կը պզտիկցնե՞մ իր վարկը երբ իրեն կը մերժեմ միւսներուն մօտ ընդունուած սա շնորհները։ Յիսուն տարի վերջ երբ արեւմտահայ գրականութեան մոխրանալիք մասը աւարտէ իր ճակատագիրը եւ սուզուի իր փոշիին տակ անվերադարձ թաղուելու, ինչպէս կը պառկին այսօր երջանիկ իրենց մեռելութեամբը շատ մը գործերը, նոյն այդ մոռացման ծոցին մէջ, ժամանակի կանխումով, մեր ռոմանթիքներուն, զարթօնքի մեծ pionnierներուն: Ի՜նչ էջեր պիտի դիմանան մեր իրապաշտներուն երկունքէն, ոչ անշուշտ իբրեւ արուեստի բացառիկ յաջողուածքներ, այլ գէթ իբր վաւերական տախտակները շրջանին: Ատոր մէկ փաստը ունինք այսօր, Զօհրապի Ծանօթ Դէմքեր տպաւորապաշտ նշմարներուն վրայ, իրենց ատենին մեծաբարբառ յայտարարուած գեղեցկութիւններ, այսօր՝ ցուրտ նկարներ դժբախտաբար։ Չափազանցե՞լ` կարծե՛լը թէ Չօպանեանի տպաւորապաշտ մէկ քանի կտորները, նոյնիսկ իբր թերութեանց document, կրնան հարազատ վկայութիւններ տալ սերունդի մը շնորհներէն ու ախորժակներէն։ Ու ըլլալու համար աւելի պարզ. Այսօր մենք հիմնովին անտարբեր ենք Մամուրեանի Անգլիական Նամականի ին առջեւ։ Չենք նեղուիր բայց չենք ալ փառաւորուիր անոր Հայկական Նամականի էն։ Երկուքն ալ սակայն մեծ գործեր էին իրենց օրին: Մտադիր, յուզուած կը կենանք սակայն Կարմիր Ժամուց ին առջեւ, ընդունելով հանդերձ իբրեւ վէպ անոր անբաւարարութիւնը բայց սրտագին դիմաւորելով անոր Վկայութիւն ը որ տպաւորապաշտ էջի մը նուէրն է յաճախ: Կը սիրենք Ուղեւորի Էջեր ուն արու եւ տրտում արուեստը եւ զանոնք գրողին հոգեկան վիճակը, անկեղծութիւնը չենք կասկածի ենթարկեր։ Ու կարելի է այսպէս շատ մը կտորներ անջատել այդ օրերու հոգիովը, հոգերովը բեռնաւոր։ Բայց, կը կրկնեմ, չունինք աւելի հարազատ հայելի մը իննսունական թուականներէն որ մեր հոգեբանութեան արտայայտելի մասին վրայ (չմոռնալ թրքական գրաքննութիւնը որ ահաւոր երեւոյթ է արուեստին վրայ իր ճնշումէն ալ անկախաբար, երբ գրուածքի մը ամենէն գեղեցիկ, իրաւ, ապրող մասերը կ՚անդամատէ, կմախք մը յանձնելու չափ երբեմն մամուլին) ունենայ պատմելիք այնքան հարազատ, յատկանշական բան որքան Ադամեան Հիւանդ քրոնիկը։

Տեղ չունիմ խօսելու համար այն ընդարձակ արդիւնքէն որ իր տպաւորութիւնները եղան իրեն ու մեզի համար: Այս հատուածին տարողութիւնը վեր է մեր ծրագրին ուժէն։ Կ՚անցնիմ:

 

6. ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐԸ

Ի՜նչ դժբախտութիւն որ գրականութեան պատմութիւն մը ստիպուած ըլլայ զբաղիլ մարդոց մէջ կողմերով որոնք գլխովին փոխառիկ են, չըսելու համար անհարազատ։ Իրապաշտները բոլորն ալ, նոյնիսկ ժանեկերգու Սիպիլը, որուն սեռը առնուազն՝ ազդարարութիւն էր կազմելու իր ախորժակներուն, իրենց օրերուն ու ուժերուն երբեմն լաւագոյնը յատկացուցած են ապաբախտ ու ապերախտ այդ մողոքին։ Չեմ կրկներ Երեմիականը։ Չօպանեան մեծ քուրմերէն մէկը եղաւ այդ պաշտամունքին։

Ըսել անմիջապէս որ այդ գետնին վրայ անոր վաստակը իբր ծաւալ չի տկարանար ոչ Եղիայի, ոչ Մամուրեանի, ոչ ալ Արփիարի արդիւնքներուն առջեւ, իր ետին ձգելով միւս ընկերները շարժումին: Բայց Քէչեա՞նը: Թող Տէրը յիշէ անոր հոգին որ մեզմէ չգտածը կրնայ ուզել երկինքէն։ Չօպանեանի հրապարակագրական գործին առթիւ սա հաւաստումը այլապէս կը պաշտպանուի մանաւանդ որակով։ Անիկա երբեք չէ մոռցած գրագէտը իր մէջ երբ կը լրագրէ: Ու այս ճշդումով, վաստակն ալ կը ստանայ առանձին նկարագիր։ Անշուշտ ինչ որ ալ ըսենք, ընենք, չենք կրնար լրագիրը վերածել գիրքի ու լրագրողին մէջ անխառն տեսակէն ողջունել գրագէտ մը: Բայց հակառակը իրաւ է երբեմն։ Նոյնիսկ այս տեսութեամբ, պէտք չէ չափազանցել գրագէտի մը ստորագրած հանրանուէր յօդուածներուն արժանիքը: Առնուազն անոնց տեղական, թուական հանգամանքը կը դատապարտէ զանոնք: Ո՞վ, այսօր, բացի յեղափոխութեան պատմիչներէն, պիտի զբաղէր երկար ու մանր բռնուած յօդուածներով որոնք կը ներկայացնեն Չօպանեանի կուսակցական յեռումները, վիճաբանութիւնը, յարձակումները, սրբագրումները: Բայց գիրքերու եւ գործերու, մահերու առիթով իր ընդհանրացումները, նոյնիսկ լրագրաբնոյթ, մեզ կը շահագրգռեն իրենցմէ դուրս շնորհներով։

Այդ մարզին վրայ իր տուրքերով, անիկա պիտի յիշեցնէր Եղիան, եթէ երբեք Փիլիսոփայական Բառարան ներու հեղինակը արդար է եզր բռնել: Ոչ ոքի գաղտնիք է որ անկէ ստորագրուած ամէն էջ բացի ինքնավերլուծականներէն զուրկ եղաւ առնուազն լրջութենէ. յաճախ՝ ծամածռուած հիմնական անհասկացողութեամբ որ չի վարանիր սիւնակներ ողողել անծանօթ հարցերու վրայ։ Չօպանեան աչք կապուկ չէ խաղցած հասարակութեան հետ, ինչպէս ինքզինքը չէ ծաղրանկարած, չգիտցած բաներու վրայ բառական գրոհով մը: Պէտք է զինքը մօտեցնել Արփիարեանին որ գրեց իր լրագրին համար, գիտակ իր ըրածին, իրական խմբագրի մը հոգեբանութեամբն ու շնորհներովը։ Երեսուն տարի անիկա ծառան ու տէրն էր իր մամուլին ու անոր վրայով խորհրդատուն դասակարգի մը: Յիսուն տարի, սակա՛յն, նոյն այդ ծառայութիւնը մենք կը հաստատենք Արշակ Չօպանեանի մօտ, որ, ժամանակակից մէկէ աւելի սերունդներու, իր մորթին վրայ զգացած է շրջաններուն կնիքը, դուք ըսէք՝ խարանը, բայց փրկած է կացութիւնը, հանրութեան սպասարկելու իր կերպը վերցնելով իմացական կեցուածքի: Այս կեցուածքը աննպաստ վկայութիւն մըն է հարկաւ վաւերական խմբագրէն, բայց դարձեալ կեցուածք մըն է։ Գրական իր կազմաւորումը ամէն առիթով կը միջամտէ որպէսզի հարցերը ընդհանրանան, գրական նկարագիրով մը պաշտպանուին։

Անհուն շտեմարան մըն էր գրական գիտելիքներու: Կարեւոր կեդրոն մըն է ազգային ընթացիկ պատմութեան մեծ շարժումներուն: Այս երկու հանգամանքները կը հաշտուին անոր տիպարին վրայ: Ծաղրեցին իր մէջ « ազգային բանաստեղծ »ը։ Կը դատափետեն « ազգային գործիչ »ը. կ՚ուրանան « ազգային քննադատ »ը։ Բայց չեն կրնար ազգային լրագրողի իր յիսնամեայ յամառութիւնը թեքել, կործանելու համար անոր փառքին ամրագոյն սա պատուանդանը։ Երջանիկ օրեր էին երբեմն ուր մարդիկ, արեւմտահայ աւագանին, վաճառորեարը, պահպանողական տարրերը եւ ողջամիտ դասակարգը կը մտած էր Բիւզանդ Քէչեանի մէջէն ու գոհ էր ատկէ։ Անոր հետ ու անկէ վերջն ալ շրջան է ահա երբ ուրիշ դասակարգ մը կը մտած է Արշակ Չօպանեանի ուղեղով եւ երջանիկ ալ է ատոր համար։ Ոչ միայն Քէչեանի ընթերցողներուն խլեակները, այլեւ ազատական գաղափարներու ախոյեան դաւանուող քաղաքական կուսակցութիւն մը իրմով կը կշտանան։ Ասիկա չի հերքուիր։ Իր ստեղծած հակազդեցութիւննե՞րը: Բայց ատոնք անխուսափելի են բոլոր առաջագիծէ մարդիկներուն համար։

Ազգային, ընկերական, միջազգային, քաղաքական կեանքէն թելադրուած իր հարիւրաւոր յօդուածներուն մէջ Արշակ Չօպանեան կրցած է պահել շատ դժուար հաւասարակշռութիւն մը: Իր վարած հանդէսներուն համար ատիկա մասամբ մը հասկնալի իրականութիւն է։ Ի վերջոյ ամիսը կամ երկու ամիսը անգամ մը ըսելիք մը գտնել, զայն ուսումնասիրել իր բոլոր կարելիութիւններով, համեմել նոյն ատեն գրական վարդեջուրով մըն ալ կեցուածք մըն է ուրկէ գրագէտը շատ չունի տառապելիք ինչպէս պիտի նահատակուի անիկա երբ թիապարտի մը պէս նստեցուի օրաթերթի մը գլխուն, ամէն օր իմաստութիւն յղանալու անօրինակ չարչարանքին դատապարտուած: Նոյնիսկ օրաթերթերու մէջ իր ստորագրած գրութիւնները Արշակ Չօպանեան ազատած է այս եղկելի դերէն։ Իմացական մթնոլորտը նախապայման մըն է անոնց։ Ասկէ՝ հարցերու վրայ աւելի բարձր, անշահախնդիր տեսակէտներէ նայելու հով մը։ Ասկէ՝ դե՛ր մը որ դժուար որքան աղմկոտ, մեր իմացական բոլոր գործունէութիւնը համակեդրոնելու: Ինքն է որ Անահիտ ը հիմնելու ատեն չվախցաւ այս մեծատեսիլ պատրանքը նուաճած կարծելէ։ Ի՜նչ փոյթ իր մինակ մնալը։ Տագնապին ամենէն սուր օրերուն (1900-1910) երբ մեր կուսակցութիւնները կը բզքտեն զիրար, թուրքին դէմ իսկ չորդեգրուած անգթութեամբ մը ու կը սպաննեն մեր լաւագոյն գրողները, անիկա արիացաւ պատնէշէն չհեռանալու: Իր կոչը արձագանգ չէր կրնար գտնել. այնքան արիւնը բռնած էր մեր հոգին։ Բայց իր յարատեւելը՝ չվրիպեցաւ աչքէ։ Սեւ օրերուն անոր լաւատեսութիւնը, անոր խանդը անհրաժեշտ էին։ Գրեց թուրքին դէմ: Բայց գրեց մանաւանդ մեր ներքին յոռետեսութեան դէմ. դեռ յուսադրելը աւելի կ՚արժէ քան յուսաբեկելը: Ու « Յարութեան շունչին » հետ անոր խայտանքը։ Ու կործանումը մեր երազներուն որոնք մինակ երազ չէին, այլ նաեւ գոյութեան խարիսխը իրենպէսներուն, խանութ մը, տուն մը, զաւակ մը, գործ մը չունեցողներ բացի հզօրագոյն այդ կրկներեւոյթէն։ Պէտք է քալել:

Հիմա անոր օրերը յորդած են վաթսունէն ու գրիչը ծանրացած՝ իր մատներուն մէջ։ Բայց պատնէշին վրայ։ Աշխարհի ամէն անկիւններէն, մեր սրտնեղութեան կողմէ նիւթուած դառնութիւնը իրարու գլխուն պարպելու մոլուցքի մը մէջ, Արշակ Չօպանեան ուշադիր կը հսկէ ամէն հարուածի, ակնարկութեան, փոխ–հարուած մը, առնուազն լուսաբանութիւն մը ճարելու պատրուակին տակ, իր պատասխանները գրելու, երկար, ծանր, հանգամանօրէն ու անսպառօրէն։

Կա՞յ հարկ հոս արտագրելու, գէթ իր մեծ գիծերուն մէջ, կորիզը իր գաղափարաբանութեան, քանի որ ամէն հանրային կեցուածք պայմանաւոր է ատով։ Արշակ Չօպանեանի գործին ընդհանուր յատկանշումին մէջ ես տուի արդէն այն քանի մը հիմնական նկարագիրները որոնք անոր պատանութենէն մինչեւ ծերութիւնը կ՚երկարաձգուին ու կը դաշնաւորեն անոր գարունն ու ձմեռը։ Հազուադէպ բախտաւորութիւն իրաւ որ։ Ուրկէ՜ մեկնեցաւ Ալեքսանդր Մովսէսեանը, ուր հասնելու համար։ Բաւ է դիտել տալ որ անոր գրական ամենէն հարազատ վաստակը (քննադատութիւնը), անոր կուսակցական, քաղաքական, քարոզչական, թարգմանչական, հրապարակագրական գործունէութիւնը կ՚ապրի, կը սնանի նոյն մեծ ու զօրաւոր կիրքերով։ Ասոնք անծանօթ չեն մեզի: Արուեստին ու իր ազգին պաշտամունքը: Թուրքին մղձաւանջը: Հայ արուեստի մը հմայքովը դպիլ աշխարհին խղճմտանքին, զայն յուզել ու շարժումի բերել իր ժողովուրդին ազատագրութեան։ Ասոնցմէ դուրս քիչ բան է Արշակ Չօպանեան։ Ասոնք կը զինէին իր պատանիի հոգին։ Ասոնք խանդավառեցին իր երիտասարդութիւնը։ Ասոնք պահ մը ջերմացուցին իր խաբուած, յուսակորոյս հոգին։ Իր ծերութեան, այդ գաղափարները կրկին կը պաշտեն զինքը, գերագոյն լքումին ուրուականը վանելով այնքան սրտառուչ հաւատարմութեամբ մը։ Ոը առիթով եւ ինչ ձեւի տակ ալ ըլլան, իր յօդուածները միշտ պիտի զօրանան այդ կիրքերով, ու պիտի տան անոր դատումներուն հաղորդական, իրաւ նկարագիր, պարտկելու աստիճան անոնց երբեմն անտեղի կերպով սուր անձնականութիւնը։ Ո՛ր առիթով եւ ինչ ձեւի տակ ալ երեւան անոր դատաստանները, միշտ պիտի կրեն կնիքը իր երազներուն, ու պիտի հագնին գոյնը իր դերին շեշտօրէն հաւատացող, ինքնաբաւ, պարագային համեմատ խածան, ուրիշ ատեն յարդարող հոգեբանութեամբ մարդուն։

Զինքը ծաղրանկարողները ազատ են գերաճուն եսի մը վրայ ուռած բայց ուղեղէ քիչ գանկ [24] մը զետեղել։ Կը կարծեմ թէ անիրաւ են գէթ երկրորդ եզրով քանի որ Արշակ Չօպանեան ամենէն ընդարձակ ամբարումներ իրացնող դէմքն է իր սերունդին։ Խորհած ունի՞ք իմացական տարողութեանը վրայ շարժումին միւս դերակատարներուն։ Ամենէն հմուտները՝ Քէլէկեանն ու Հրանդ Ասատուրը։ Որոնցմէ մէկը թուրքերուն դատին յատկացուց իր ուժերը, անոնց թուրովը իյնալու: Որոնցմէ միւսը պատառիկներ կտակեց մեր գրականութեան, բոլորովին համարժէ ու նման անոնց որոնք, Հրանդին պէս, Պոլսոյ ազգային վարժարաններէն անդին ուրիշ հորիզոն չունեցան իրենց միտքին համար:

Անշուշտ, քիչիկ մը աժան համայնագիտարան, աւելի շատ առձեռն (Manuel) եւ կամ չարութիւն մը ներելով՝ արհեստակցական շահեր ու ասոնց պահպանումը հետապնդելու մէջ արի, ճարտար խաղարկութիւն անխուսափելի զսպանակներ են, գէթ մեր մէջ, հրապարակի վրայ կանգուն կենալու, իր մամուլին ամրօրէն տէրը, Բիւզանդ Քէչեանին պէս եւ ոչ թէ անոր գերին՝ ինչպէս վիճակուած էր ըլլալ մեծ Պարոնեանին որ ուրիշներուն հարստութիւնը հաշուելէն ձեռքին փակած փշրանքներն ալ պարտաւոր եղաւ այդ մամուլին փորը նետելու: Արշակ Չօպանեանը, ինք միայն կարող է խօսիլ այդ ողբերգութենէն, քանի որ Արծրունիին պէս ժառանգութիւն մը չունէր կռնակէն, ոչ ալ Քէչեանին ապահով, կեսարիացիական բնազդները։ Իրողութիւն է որ քառսուն ու աւելի տարիներէ ի վեր անիկա կը վարէ իր հանդէսները. կը հասնի իր կուսակցութեան բազմաբղէտ օրկաններուն. կը տպէ գիրքեր. կը խօսի ճառեր. որոնք առանձին, մէկ կեանք լիուլի կշտացնող տիuիբլիններ են օտարներու մօտ։

Իմացական միւս մարզերու վրայ Արշակ Չօպանեան նորութեանց մարդը հանդիսացաւ: Քննադատին վրայ խօսած պահուս ցոյց տուի իր դերը այդ գետինին վրայ: Իբր բանաստեղծ անիկա կրկնապէս երախտաւոր աշխատող մըն է, քանի որ գործիքն ու աշխարհը մեր ոտանաւորին բարեփոխուեցան իրմով։ Բնական է որ հարցը ներկայանայ մեզի ու փնտռել հարկադրէ իր դերը մեր լրագրութեան մէջ։ Դժուար է պատասխանը։ Չեմ դառնար մերձեցումներու եւ բաղդատութեանց մեթոտին, ցայտեցնելու համար Չօպանեանի տուրքը հայ մամուլին։ Գրագէտը շատ զօրաւոր էր իր մէջ, չվնասելու համար հրապարակագրին որ ինքնին անջատ կառուցում մըն է ուժերու, ֆիզիքական որքան իմացական: Բոլոր այն գաղափարները որոնց համար դարձաւ մեքենան իր հազար հազար թուղթերուն վրայ, փշրանքներն են հիմնական ու հզօր քանի մը կիրքերուն որոնք յայտնաբերուած են արդէն գիրքերու ճամբով։ Ուրե՞մն։ Բայց պարզ է պատասխանը։ Առնուազն անյողդողդ կամքի ընտիր օրինակ մը կուգայ անոր կեցուածքէն։ Կռնակը մէկը չունէր երբ Պոլիս Ծաղիկ ը սկսաւ, այնպիսի շրջանի մը ուր գրականութիւնը հալածանքի տակ էր ներսէն ու դուրսէն, մերիններէն ու թուրքէն։ Մերիններէն` որոնց ամբողջ ուշադրութիւնը լայնօրէն կը հոսէր դէպի յեղափոխական գործունէութիւնը, մեզ ընելով ջիղերու մշտադալար կծիկ մը, մեր բոլոր միւս հետաքրքրութիւններէն կտրած ու պահելով սպասումին մէջը… անգլիական նաւատորմին։ Թուրքէն որ իր ամբողջ անասնութիւնը կը խորանարդէր մեր մարմինները ջարդող կատաղութենէն վեր բանով մը բռնանալով մեր միտքին։ Քիչ յետոյ, ջարդերուն ամբողջ պալարներով հոգին բորբոսած, դարձեալ, իր ուժերուն վրայ միայն ինքզինքը խարսխելով Անահիտ ի ձեռնարկումը, իբրեւ հոգ, խորք, ձգտում անհերքելի փաստեր են նկարագրի եւ միտքի կարգ մը ծալքերու որոնք հրապարակագիրը չեն մերժեր, գրագէտը կարկառի հանելէն վերջը։

Դժբախտութիւնը հոն է որ իբր այդ, իր դերը չինկաւ հաւասար իր միւս իրացումներու արժէքին։ Ըսի թէ ինչ կը պարտին իրեն մեր քննադատութիւնը, մեր բանաստեղծութիւնը, մեր մատենագրութեան մէկ մասնակի դաշտը: Չունիմ արդար չափանիշ մը օգուտին համար, որ գրական էն դուրս պարգեւը ըլլար մեզի իր խմբագրական գործունէութեան։ Որ կուսակցութեան գաղափարախօսը չէ ան, թէեւ կը թուի ըլլալ: Մեր ազատական-պահպանողական-ռամկավար դասակարգը կը կարդայ զինքը, կը թուի մտիկ ընել զինքը, բայց մտքով հեռու է իրմէ, թերեւս անոր համար որ այդ ամենուն մէջ գրական տարր մը անմարսելի է զանգուածներուն որոնք պարզ ու յստակ կերակուրներէ պիտի ախորժին միշտ։ Ատկէ դուրս, չարաշուք համբաւը որ հալածեց Արփիարեանի ողջութիւնը, չդադրելու համար նոյնիսկ անոր յիշատակին հետ, քալած է, աւելի մեղմ աստիճանով մը Չօպանեանին ալ շուքին ընդմէջէն։ Իր ընկերներուն հետ իր վէճերը (գլխաւորաբար Արփիարեանի), բախումները հասկնալի, վասնզի կուգան իր նկարագրին իսկ խորքերէն։ Դասական են կռիւները յաջորդ սերունդի ամէն կարեւոր դէմքերուն հետ։ Կարծես իրեն համար ճակատագրական ըլլար սկսիլ ամէն սկսնակի հետ. զայն շրջան մը թեւարկել, յետոյ ստիպուիլ ճակատ պարզելու։ Բոլոր անոնք որոնք 1900էն յետոյ գրիչ պիտի բռնեն, զայն պիտի ունենան ականաւոր, հոյակապ վարպետ մը իբրեւ, անխուսափելի կերպով ծառանալու համար քիչ վերջը: Բան մը կ՚ապացուցանէ՞ ասիկա։ Թերեւս։

Հրապարակագիր մը հասարակութեան մը ծանրաչափն է: Ազգային դատին հոլովումը, հետզհետէ զգեցած կերպարանքը Արշակ Չօպանեանին մէջ պիտի ունենան այլապէս աղիտալի անդրադարձումներ։ Մեր վրիպանքին հակահարուածն է որ անոր մէջ առաջին մակերեսի պիտի հանէ մարդատեաց, դժգոհ, կռուազան բնազդներ, կարծես ապացուցանելու համար դասական պատգամը որուն համեմատ խեռն ու գժտութիւնը եղբայրներ են աղքատութեան։

 

***

Պատերազմէն առաջ անիկա պրոպականտի իր հանրածանօթ գործունէութեան մէկ երեսը տարած էր բաւարար զարգացման։ Օտար շրջանակներու մէջ, գրական հաւաքոյթներու ձեւին տակ անիկա կ՚ընէր մէկ ու յաւիտենական իր բանախօսութիւնը, նիւթ ունենալով իր մէկ ու յաւիտենական գաղափարը. մեր ցեղին իմացական արժանիքը ու այժմու դժբախտութիւնը։ Ու դարման կ՚ուզէր զինքը մտիկ ընելու եկած հիասթափ տիկիններէն, հետաքրքիր օրիորդներէն ու յօրանջահար, ճաղատ մտաւորականներէն որոնց կամքովը պիտի շարժէին ֆրանսական բանակները։ Առանց հեգնութեան։ Խոր այս պատրանքին վերլուծումը չի վնասեր սակայն Չօպանեանին թափանցամտութեան։ Այդ Եւրոպայէն չէ՞ր որ կը սպասէր նոյն սպասումը մեր պոլսական աւագանին, տարահաստատ պատրիարքութիւնը, նորազարթ յեղափոխութիւնը։ Հասարակաց զգայնութեան մը արտայայտութիւնն է Արշակ Չօպանեանին մէջ բանախօսը, շինուած ոչ թէ ծնած։

Յետոյ, նոյն կարիքները զինքը պիտի նետեն հայ շրջանակներու մէջ։ Պատերազմէն յետոյ անիկա աշխարհներ պիտի պտտի, այս անգամ իր հայրենակիցներուն մէջ սպառած եռանդը, յոյսը կանգուն պահելու այլապէս դժնդակ ճակատագրով։ Պատուակալ նախագահ գրեթէ միշտ, եթէ ոչ տիտղոսաւոր բանախօս մեր այժմեան հաւաքոյթներուն, դժուար հաւասարակշռութեամբ մը ընդմէջ հին ու բոլորովին նոր սերունդներու: Չեմ զբաղիր այս կեցուածքին տրտմութեամբը որ վեր է պատեհապաշտ նպատակներէ որոնցմով ուզեցին սեւցնել զինքը։ « Ծովն ինկողը օձին է փաթթուեր » կ՚ըսէ մեր ժողովուրդը ու կը դատէ բոլոր Չօպանեանները երբ կը տեսնէ զանոնք փշրուած իրենց երազներուն վրայ մարմնակործան ու անդարման:

Չեմ մօտենար գաղափարական այն պայքարին որ սփիւռքին հոգեվիճակն է այսօր, անոր մէջ տեսնել հաւատալով մէկ ու նոյն տագնապը։ Համամարդկային գաղափարախօսութիւնը դժուար կը ճեղքէ մեր հոգիին վէրքերը, հոն դնել կարենալու համար նոր սերմեր: Աղմուկը բան մը չի փաստեր, երբ կուգայ թշուառական թերթուկներէ ու խուճապահար, խելակորոյս ամբոխներէ որոնց ոտքին իր հայրենիքին հողը կքեր է մէկէն, զիրենք նետելու համար անվախճան տարագրութեան մը մօրուտքին։ Այս պայմաններուն մէջ փաթթուիլ յարդի շիւղին անգամ մարդկային արարք մըն է։ Չօպանեան ջահը կը պտտցնէ զանգուածներուն խաւարամած հոգիներէն ներս: Փա՜ռք` յուսացողին։

 

***

Ըսեր եմ արդէն. գրականութեան պատմութիւն մը գործերու պատմութիւն մըն է ու չ՚ախորժիր լայննալու դէպի գործունէութեանց ուսումնասիրումը, որոնք մնայուն արժէքի չեն վերածուած, գլխաւորաբար գիրքի ձեւին տակ։ Պիտի ըլլամ զգոյշ, իր հոծ արժէքին մէջ դատելէ Չօպանեանի այն միւս աշխատանքը որ անոր օրերուն լաւագոյնը պահանջեց ու փրցուց իրմէ։ Ատիկա իր շրջանումն է քաղաքական աշխարհի կրկէսներէն, պաշտօնատուններու, խմբագրատուններու ձանձրախտահար, չկամ, վանիչ մթնոլորտի մը մէջէն, հալածելու ազգային դատը ու անոր պատրանքը: Ամբողջ արեւմտահայութիւնը ապրած է կոտորածը։ Ու չեմ բանար տարազը։ Անոնք, իր ու յաջորդ սերունդներէն որոնց խնայուեցաւ թշնամիին կրունկին տակ աչքը փակելու անպատմելի թշուառութիւնը, աւելի բախտաւոր չեղան սակայն քանի որ ապրեցան, կ՚ապրին մղձաւանջը տասնապատիկ ուժգնութեամբ ու տարիներէ ի վեր կը շարունակեն պղծուիլ, նախատուիլ, մորթուիլ, ստիպուած ըլլալով, դառնագոյն հեգնութեան մը գինով, վերակազմել այդ սարսափները, քուն թէ արթուն, պարագան բան չի փոխեր, իրենց գանկին տակ։ Արուեստագէտը մարդն է որ նոյն ուժգնութեամբ կը զգայ իրականութիւնը եւ անոր մտապատկերումը։ Ու մինակ Ֆլոպէռը չէ որ իր վէպին հերոսուհին թոյնով մահացնելէ վերջ, թունաւորման նոյն ախտանիշները պիտի հաստատէ իր ընդերձքին մէջ։ Մենք ամէնքս, առնուազն շաբաթը հեղ մը կը մորթուինք, կը կախուինք։ Ու ասիկա` սկսած մեր անդրանիկ մանկութենէն:

Այս իսկ հանգամանքով, Արշակ Չօպանեան կ՚ազատագրէ ինքզինքը, ինչպէս իր դերը։ Չենք կրնար ճիշդ կտրել գինը տառապանքին զոր ապրեցաւ անիկա օտարներու պերճ անտարբերութեան առջեւ, հանդէպ իր ցեղին ողջակէզին: Հզօր այս թշուառութիւնն է որ զինքը պիտի հալածէ, երիտասարդութենէն մինչեւ ծերութիւն, աննահանջ յամառութեամբ մը։ Ու տխուր է վերակազմել այդ տագնապը սա էջերուն վրայ։ Անիկա տարբեր ալ է քիչ մը մերիններէն։ Ան տեսաւ մեզմէ աւելին։ Եղաւ մօտ յոյսի գօտիներուն։ Իր բոլոր դիմումները, խօսքերը, գիրերը, շարժուձեւերը, աղաղակները կը փրթին մեծ ու անկեղծ իր սարսափէն, վիշտէն։ Հայ գործիչը, որուն աչքերը արիւնին մէջ բացուեցան ու մոխիրի վրայ կը նային հիմա, դերասան մը չէր կրնար ըլլալ: Հրապարակագիրն ու գործիչը մասեր են այդ թշուառ ամբողջութեան որուն անունն է հայ գրագէտը։

 

***

Զատ գլուխ մը չեմ բանար, քննելու համար թարգմանչական վաստակը Արշակ Չօպանեանին, թէեւ առած ըլլայ ասիկա լայն մաս մը անոր ուժերէն, ու մնայ կապուած անոր գրագէտի տիրական դերին։

Այդ թարգմանութիւնները, իբր գաղափար ու ձեռնարկ կը բխին իր հիմնական, խորագոյն անձնաւորութենէն։ Ոչ հաւասար քանակով, անոնք զետեղելի են երկու մեծ բաժանումներու մէջ։ ա) Մեր գրականութեան գործերէն Ֆրանսերէնի փոխադրումներ [25] ։ բ) Ֆրանսական գլուխ-գործոցներու հայացում:

Ծանօթ է Արշակ Չօպանեանի սրտառուչ, գրեթէ ռոմանթիք հաւատքը մեր ցեղին ստեղծագործ առաքինութիւններուն վրայ: Չեմ խորացներ վերլուծումը այդ ուղղութեամբ, Չօպանեանը հերքելու հաճոյքէն աւելի, որ տղայական պիտի ըլլար եթէ մնար միայն հաճոյք, այլ այդ խնդրական կառոյցներուն դիւրաբեկ գեղեցկութեանց սիրոյն, քանի որ ժողովուրդներու յատկանշական գիծերուն « գիտութիւնը » կամայական է որքան պատրանաւոր։ Այս վերապահումէն անցնելով անդին, ինծի կը մնայ հիանալ Արշակ Չօպանեանի տիրական, յամառ, հաւատախոր նուիրմանը վրայ որ այդքան ժխտական հանգամանքներու հակառակ, յաջողած է մեր արժէքներէն որոշ քանակ մը փոխադրել միջազգային լեզուի մը կեանքին։

Անշուշտ, աղաղակո՛ղ` այն գիրքերուն յառաջաբաններուն մէջ որոնք կը կոչուին Chants Populaires Aրméniens, Les Trouvéres Arméniens, Poèmes Arméniens Anciens et Modernes, La Roseraie d՚Arménie (եռահատոր), յիշելու համար զուտ գեղարուեստական տարողութեամբ հատորներ, ոգի՛ն որ շեշտօրէն քաղաքական ցանկութիւններ կը պաշտպանէ: Ուրի՛շ՝ պատրանքին կշիռը այդ ճամբուն վրայ ուրկէ չքալեցին բանակները։ Բայց քառասուն ու աւելի տարիներ անիկա պիտի պտտի այդ ճամբուն վրայ, միշտ յուսալից, ակնկառոյց ուշացող բայց անխուսափելի արդարութեան։ Այս միամտութիւնը, հիմա յուզի՛չ, վասնզի պարպուած է իր միսթիքէն ահաւոր պատերազմի մը մէջ անժուժելի մեր զոհողութեան փշուր փշուր ոտնակոխուելովը, անոր կեանքին առաջին շրջանին գեղեցիկ, խանդավառ կեցուածք մըն էր, հաղորդական ու խելացի։ Այս հաւատքին մղումովը անիկա փոխադրած է ֆրանսերէնի ինչ որ մեր ցեղային յատկութիւններէն լաւագոյնը կը միացնէր իր վրայ: Ու փոխադարձաբար. այս անգամ սակայն զուտ գրական նկատումներով բերուած է մեզի մէկէ աւելի գլուխ-գործոցներու ամբողջական թարգմանութիւնը ֆրանսացիներէն:

Իբրեւ որակ ու քանակ այս աշխատանքներէն առաջինը ունի, թէ՛ իրեն թէ մեզի համար, բացառիկ կարեւորութիւն: Կ՚անցնիմ, առանց ծանրանալու, այս աշխատանքին այն մասէն որ նուիրուած է ժամանակակից մեր զոյգ գրականութեանց կարգ մը գործերուն փոխադրութեան առաւելապէս քերթուած ու վիպակ: Ու ան միւսներէն՝ որոնք ինքնագիր երբեմն, համադրական պատկերներ կ՚ուզեն թելադրել մեր պատմութեան քանի մը շրջաններէն ու մօտիկ անցեալէն։ Արձանագրե՞լ նաեւ փաստը, թէ անծրագիր, քիչ մըն ալ տժգոյն, շատ մենաւոր այս գործունէութիւնը չդիմաւորուեցաւ վայել անդրադարձով մը մտքի միջազգային կեդրոններէն: Մեղադրե՞լ` այս վրիպանքին համար մեր ամենուն հոգեյատակը կազմող տարօրինակ վիճակը զոր երբեմն սխալ չըլլար գրական նանրամտութիւն ալ որակել։ Լսեր եմ պոլսահայ մեր բանաստեղծներուն լայն գանգատները որոնք կրնան սա ձեւով ամփոփուիլ. « ինքզինքը միայն կը թարգմանէ »։ Պէտք է լռել սակայն այս ամէնը։

Բայց այդ աշխատանքին այն միւս մասը որուն նիւթը կուգայ մեր ժողովրդական ստեղծագործութենէն, մեր գաւառական երգերէն կամ աշուղներէն ուշագրաւ է մէկէ աւելի առաքինութիւններով։ Հոդ, կարելիութեան սահմանին [26] մէջ, Արշակ Չօպանեան տարիներու անխոնջ աշխատանքով, հետապնդած է իր քաղաքական մեծագոյն հանգանակին իրագործումը, հաւատալով թէ կը բանար քաղաքակիրթ աշխարհի հետաքրքրութեան (ինքը կը յուսար հիացումին) աշխարհ մը, նոր որքան տարօրինակ։ Որ ունէր սեպհական շատ շեշտ զգայնութիւն մը, դարերու աւերքին մէջ ինքզինքը ամրապէս կաղապարած, կրելով ճակատագրին բովանդակ ելեւէջները, մերթ անբան գերիներու ամբոխ մը միայն ներկայացնելով, մերթ վերագտնել փորձելով հին դարերուն առոյգ առաքինութիւնները։ Որ կոխոտեր, անցեր էր քանի մը հազարամեակ, ու պահել կրցեր իր հոգեկան կարկառուն գիծերը, հետզհետէ ոճի մը ձեւը ստացող։ Որ կը զատուէր արեւելքի ժողովուրդներուն ընդհանուր միջինէն, պատմական դերովը բոլորովին տարբերելով անոնցմէ, ըլլալու համար ինքզինքը, ինքնայատուկ հայեացքով կեանքէն ու ապառնիէն։ Ամբողջ դրութիւն մը ցեղապաշտ խորհուրդի մը, որուն արժանիքը չէ գնահատուած, պատշաճ արդարութեամբ մը: Ըսեր եմ վերը, պէտք չէ ծանրանալ այդ ամենուն խորը կարելի, իրական կորիզի մը գոյութեան կամ չգոյութեան։ Չօպանեան իր դրութիւնը կառուցած ատեն չունէր ասիական մեծ ժողովուրդներու նկարագիրներէն կարծեցեալ վերացումներ (abstraction) ոչ ալ զոհ էր մեծամոլ պատրանքներու առաւելապէս գրական, փչողական պարունակէ, ինչպէս են, օրինակի մը համար Կոստան Զարեանի զուտ ստամոքսային վերագրումները մեր ժողովուրդի դերէն, այնքան թատերապէս այլափոխուած՝ գալիքին դուռներուն: Անիկա կը հաւատար իր փոքր, հաստատ, ապացուցելի վարկածներուն, զանոնք կը կարծէր հանած ըլլալ ոչ միայն այդ ժողովուրդին կենդանի պատմութենէն որ իր մարմինն էր, այլ անոր անմահ մարմինէն որ անոր արուեստը կը կազմէր: Կը ղրկեմ ընթերցողը, այդ թէզին լիակատար ծանօթացման համար՝ այն բազմաթիւ յառաջաբաններուն, նշմարներուն, բանախօսութեանց որոնք իրենց գոյութիւնը կ՚առնեն այդ մէկ հաւատքէն։

Իրողութիւն է որ ԺԹ. դարը ազգայնութեանց դարը եղաւ գերազանցապէս: Արեւմուտքը նուաճելէ յետոյ արեւելքին հողը, կենդանի հետաքրքրութիւններ երեւան բերաւ, այդ հողի կենսաւորող ժողովուրդներու հոգեկան դրութիւններուն ալ մօտենալու: Սիրոյ երգեր, տրտմութեան երգեր, ֆոլքլոր, ազգագրական լայն ուսումնասիրութիւններ. ահա առաջին նուաճումները այդ մտայնութեան։ Ասկէ դէպի արդար գնահատում մը այդ ժողովուրդներէն արտաբերուած զգացական գեղեցկութեանց դժուար չէր ճամբան [27] ։ Տեսնուեցաւ որ մարդոց ամենէն քնքուշ զգացումները, ամենէն հզօր զգացման շուրջ (սիրոյ զգացում) անգերազանցելի գեղեցկութեամբ տարազներ գտած էին Աֆղան ժողովրդական երգերուն մէջ։ Իբրեւ զգալու դրութիւն, արեւելքի ջիղերը ունէին իւրայատուկ վայելչութիւն, թախիծ, մարդկայնութիւն որ կը զարմացնէ։ Ֆրանսական ակադեմիան պսակելով Չօպանեանի թարգմանած հայ ժողովրդական երգերը ընդունած կ՚ըլլար անոնց տարողութիւնը իբր ազնիւ, իմացական, անկորուստ փաստեր բարի ու քաղցր արժէքներու, ոչ միայն մօտ արեւելքէն, այլ մասնաւոր ժողովուրդի մը ծոցէն որուն քաղաքական կեանքին տռամը այլապէս կը խռովէր, այդ օրերուն (այս դարուն սկիզբներուն էր ատ), պարկեշտ մարդոց խղճմտանքը… գէթ իրենց տուներուն մէջ։ Այդ թարգմանութիւնները ազդակներ դարձան որպէսզի ակադեմականներէն դուրս ընթերցողներու միջին բանակ մը հետաքրքրուի ոչ միայն իրենց ընծայուած հոգեկան գոհարներուն փաստովը, այլեւ ճակատագրովը զանոնք ստեղծող մարդոց։ Պէտք է անմիջապէս աւելցնել որ, այդ թարգմանութիւններէն առաջ մեր ժողովուրդը մութ բան մըն էր ոչ միայն իր պատմութեամբը, իր իմացական արժէքներով, այլեւ իր ողբերգութեամբը՝ եւրոպական միջին կարծիքին առջեւ: Հայրենիք ի մէջ Չօպանեան պատմած է այս շատ տարօրինակ դէպքը երբ մեծ գրագէտ մը, ակադեմիական մը առաջին անգամ կը լսէ հայ ժողովուրդի մը անունը, աշխարհի երեսին։

Անշուշտ, այս թարգմանութիւններէն յետոյ սա մթութիւնը չէ փոխակերպուած «լուսապայծառ» ճանաչողութեան մը: Բայց նոյն այդ դասակարգը քիչ մը աւելին գիտէ քան աշխարհահռչակ վիպասանը ֆրանսացիներուն, մեր ժողովուրդէն։ Ի՞նչ դժբախտութիւն որ այդ համակրական հոսանքը չիջաւ զանգուածներուն ատիկա իրագործելը վեր էր որեւէ անհատի բարիկամեցողութենէն. քաղաքականութիւնը առանձին կրթութիւն է ու չստեղծեց այն գործօն, ազատագրող հետաքրքրութիւնը որով դատ մը միջազգային արժէքի կը բարձրանայ:

Այսօր, կրօնական շահախնդիր հետաքրքրութենէն տարբեր վերաբերում մը իրողութիւն է գէթ դասակարգի մը մօտ, մեծ մասով գրող, մեր ժողովուրդի մասին, նետուած Ասիոյ քառուղիներուն: Զգայուն, բարեմոյն, քացրահոգի, տրտում բայց բազմանշան ժողովուրդ՝ որուն քաղաքակրթական ընդունակութիւնները վեր են կասկածէ, երբ համեմատուին ուրիշներու: Ունեցո՛ղ իր ինքնատիպ կերպերի ստեղծման մէկէ աւելի արուեստներու մէջ։ Որուն երաժշտութիւնը անպատմելի քնքշութիւն է ու սիրազեղ տրտմութիւն, արու որքան փափուկ: Որուն ճարտարապետութիւնը, ժուժկալ, լուրջ, խստակրօն, ապրած է իր փառքի դարը, ու ինքզինքը փոխադրած շրջակայ կայսրութեանց ոստանները մինչեւ։…:

Չմոռնալ որ այս արդիւնքին համար Չօպանեան իր կամքէն ու աղքատութենէն զատ ոչ ինչ ունէր իր տրամադրութեան տակ: Յետոյ, գրական իր խորքը այս հետաքրքրութեան որ բոլորովին տարբեր երեւոյթ է բանասիրականէն, ներքինի, ինքնաբաւ, ինքնանուէր մենամոլութենէն։ Կրնաք չբաժնել Արշակ Չօպանեանի լայն հիացումը այդ թարգմանութեանց իսկապէս բարձր ու ազնիւ որակին [28] վրայ զոր գնահատելու ատեն անիկա իրեն կը ներէ յաճախ շեղիլ հանդարտ վերլուծումէն, անձնատուր ըլլալու համար տիրական զգացմանց մղումին։

Ընդարձակ են պատճառները, որոնք կը թելադրեն այս տողերուն վրայ սա վերապահումը։ Չեմ տարածեր վէճը, անոնց գեղարուեստական յաջողուածքը կամ ձախողանքը ամբողջութեամբ բեռնալու համար Արշակ Չօպանեանի ուսերուն։ Յիշել ընդհանուր պատկերը որ կը յառնէ մեր մէջ իր ինքնագիր բանաստեղծութիւններէն պատկեր որ չի զօրանար մեծ բանաստեղծի անառարկելի տուրքերով (ուրիշ խնդիր թէ Դուրեան մը Քուչակ թարգմանած ատենը տարբեր բախտ մը պիտի ունենա՞ր)։ Բաւ է միայն վեր հանել, այս անգամ առանց երկուութեան, արժէքը որ այդ թարգմանութեանց ամբողջութիւնը կը պատմէ մեր ժողովուրդին կարողութիւններէն, առանց մոռնալու միւս ճշմարտութիւնն ալ որ ճամբան դժուար, երկար, գրեթէ անկարելի կը յայտարարէ, հասնելու համար Չօպանեանով հետապնդուած նպատակին որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ այդ գեղեցկութեանց գինով, խռովքներ զարգացնել մարդոց միջին զանգուածներէն ներս, հասարակաց կարծիքի մը, զգայնութեան մը գոյաւորման նպաստող։ Հելլադան չազատուեցաւ Հոմերոսի տողերով թէեւ մարդիկ անոր աստուածուհիներէն մէկուն կողմէ գործածուած «այծենակաճ» ասպարին տակ սիրեցին ապաստան դնել իրենց բուն դիտումները։ Պուլկարները տող մը երգ չէին թարգմանած։ Այսօր ունին գեղեցիկ իրենց հայրենիքը։ Յետոյ, այս ամենէն դուրս, մեր օրերու շահապաշտ քաղաքականութիւնները անանցանելի պատնէշներ են արդէն, արուեստի գործերով հոգեկան փոխադարձ թափանցներու ընդդէմ:

 

***

Արշակ Չօպանեանի թարգմանչական գործունէութեան միւս երեսը այլապէս կը շահագրգռէ մեր նոր գրականութիւնը: Աւելի առաջ, Չօպանեանի մէջ բանաստեղծ ին վերլուծման ընթացքին ինծի տրուած էր արդէն պատեհութիւնը խօսելու այն բարերար նպաստէն զոր ֆրանսական քերթողականին կարգ մը նորութիւններուն փոխադրումը ունեցեր էր իր, ու ատկէ ալ մեր ոտանաւորին վրայ։ Թէքնիքին վրայ իրագործուած այս փոփոխումը երկրորդական չեմ նկատեր։ Օտար գրական մեծ դպրոցներուն հանգանակէն կարեւորագոյն հատուածը միշտ այդ նորոգումները նկատի կ՚ունենայ։ Ամէն գրական դպրոց զուր տեղը չէ որ կը պայքարի իր քերթողականին վրայ։ Մեր մէջ պառնասեան թէքնիքը իր արդիւնքը պիտի յայտնաբերէ մեր արուեստագէտ սերունդին ընդմէջէն այն մեծ պատճառով որ մեր իրապաշտները բանաստեղծ չունեցան, այս բառը պատշաճապէս արդարացնող։ Բայց Չօպանեանին դերը չսահմանափակուեցաւ նոր կաղապարներու շահագործումին։ Տեղն է հոս ընդլայնելու իմաստը մանաւանդ ոգիին, ըմբռնումին, արուեստի հասկացողութեան որոնք շատ աւելի հեռազդեցիկ դեր ունին:

Օտար եւ ի մասնաւորի ֆրանսական քանի մը անխառն ու մեծ գլուխ-գործոցներու հայացումը նշանակալից իրողութիւն է մեր մէջ, մանաւանդ իզմիրեան արհեստանոցէն վերջ երբ թարգմանութիւնները այլապէս պղտոր, չըսելու համար գձուձ նպատակներէ կը մեկնին։ Անշուշտ գաղտնիք չէ ոգին որ կը փոխադրէ Թափառական Հրեան կամ Երեք Հրացանակիրները ։ Ու Չիլինկիրեանի Թշուառներ ը համադրում մըն է երկու ոգիներու: Տասը քսան տարի ետքը այդ մտայնութենէն ընտրել գործեր որոնք Էլսա, Չէթրթըն, Պարսիկներ կ՚անուանուին, յիշելու համար կարեւորագոյնները միայն, փաստ մըն է ոչ միայն ճաշակի փոփոխման (հասարակութեան նոյն մնալը պայման է հարկաւ, քանի որ մեր ժողովուրդը կարդալը պիտի չսորվէր, իր այնքան դժնդակ վիճակին մէջ), այլ՝ մանաւանդ զսպանակներու, տեսակէտներու ազնուացման։ Այդ մեծ ու բարի գործերը անշուշտ մեծ ու բարի գործեր անկարող էին ստեղծելու մեզի պէս հասարակութեան մը ծոցէն։ Բայց գէթ բարիքը ըրին գէշ, միջակ թերթօններու չարաշահութիւնը արգիլելու: Անահիտ ի քսան եւ աւելի տարիները, պարբերաբար, ոչ անշուշտ հաստատ ծրագրով մը, մեր գրականութեան պիտի ընծայաբերեն նոր ու կորովի գործեր։ Կրնանք, առանց անտեղութեան յայտարարել որ Չօպանեանի թարգմանութիւնները բան մը փոխած [29] են մեր հրապարակին վրայ։

Չեն կրցած ազդել օրաթերթերու թերթօններուն, բայց կտրած թափը հատորով հրատարակուող այն աժան գրականութեան որ հիմա զառածած է դէպի թոյն-դաշոյնական, ոստիկանական ոճրապատումները:

Այս փոփոխութիւնը գրական նորոյթի մը նկարագրէն հեռու է բարեբախտաբար։ Այլ ապացոյց մը մեր ոտանաւորէն ներս մուտք ըրած զօրաւոր զգայնութեան մը, արուեստէ, որ վերջապէս իր գաղտնիքէն մաս մը բան զիջած է 1900ի թարգմանիչներուն։ Ոտանաւորէն յետոյ նկատի ունիմ անոր արձակները որոնք միայն գլուխ-գործոցներ չեն իբր փոխադրուած իրականութիւն, այլ գրական սեռերէ որոշ կարկառներ, կաղապարներ: Ֆլոպէռի Հերովդիա ն, երեւցած Անահիտ ի մէջ` վիպակին, բայց խղճմտութեան մշակուած, կատարելութեան տենչով մը նուաճուած վիպակին գեղեցիկ մէկ նմոյշն է, ելած գրիչէն այն մարդուն որուն համար պարտքերուն մեծագոյնը պարտքն էր սեպհական խղճմտանքին, արուեստագէտի մը փորձանառատ օրերուն մէջ, մեր կարծիքով մեղքերուն ամենէն թեթեւին, գրելու մեղքին դէմ, մեր հրապարակին համար հոմանիշ դարձած պչրանքին, ուրիշները զարմացնելու աղտոտ սնապարծութեան, ուր գրելը կա՛մ եսապաշտութիւն է կամ աճպարարութիւն: Եւքիլէսի Պարսիկներ ը, ընտրուած այդքան հեռու դարերէ, ուրիշ փա՛ստ՝ ճշդելու համար, զանգուածին հոգեկան բարձրացման հարցին մէջ, օգո՛ւտը որ քաղելի է դասական գրականութիւններէն որոնք աբբաներու եւ գրաբարի ախոյեան վարժապետներու մատենադարաններուն մէջ, կաշեդամբա՜ն, տիտղոսներ կը ճարէին շատ շատ մեր ընտրանիին, եւ որոնցմէ ճաշակներ ալ մատուցուած էին, իրարու հիացումին, լեզուական կորովի եւ զարդագիտութեան կրկէսի վերածելու գինով մը դասական ողբերգութեանց այլապէս ահաւոր նշանակութիւնը:

Ծանրացայ թարգմանչական սա վաստակին վրայ, Արշակ Չօպանեանի մօտ, համոզուած ըլլալով այն մեծ բարիքին որով կրնային ազատագրուիլ մեր միջին ընթերցողներուն ախորժակները նախ՝ ռոմանթիզմին աղէտէն, իզմիրեան թարգմանութիւններով տարածուած մեր՝ խորագոյն գաւառները մինչեւ. երկրորդաբար` ոճրապատում թերթօններու յիմար ու անբանացնող ազդեցութենէն [30] որ մեր գրականութիւնը իր արմատներուն մէջ իսկ կը կրծէ, արգիլելով անոնց տարածումը լայն խաւերէն ներս: Փոքր ու աղքատ, անհորիզոն ու կապանաւոր գրականութիւնները ուզենք չուզենք կան ասոնք, ինչպէս կան անոնց ծնունդ տուող ազգերը այդ կարգի գործերու մէջ վրայ կուտան իրենց իմաստը նոյնիսկ։ Բոլոր ազատագրուող ժողովուրդներու մէջ պետական ծրագիր է եղած մտքի մեծ գործերուն թարգմանօրէն մատուցումը ներքին հրապարակին: Այս փոյթը ոչ նուազ կարեւոր կը նկատուի որքան զինուորական կրթութեան մը պարտադիր սպասը։ Մե՞նք: Ինչպէ՜ս մոռնալ այն ահաւոր դերը զոր կատարեցին Իզմիրի Տէտէեան տպարանին հրատարակած Տիւմաները, Էօժէն Սիւն երը, որոնց կազմած ճաշակը պիտի արհամարհէր մերը եւ Արեւմտահայ վէպին անժառանգ գոյութիւնը բացատրող ազդակներէն կարեւորագոյնը, ըստ իս, այս տպարանական, սակարանական, վարժապետական մեղապարտ գործակցութիւնը եղաւ, անկարելի դարձնելու աստիճան ազգային վէպի մը կեանքը։

Վերջացնելու համար.

Յիշել թէ Արշակ Չօպանեան Մ. Պէշիկթաշլեանի գրաբար տաղերը փոխադրած է արձակ աշխարհաբարի: Չեմ դատափետեր ձեռնարկը որ կը բխի տաղանդաւոր ողբերգակին դէմ խոր պաշտումէ մը, բայց չեմ վարանիր արձանագրել վրիպանքը: Փոքր խնամք մը, շատ փոքր սակայն, բաւ էր բնագրին ամբողջ խռովիչ գեղեցկութիւնը փրկելու, պարզ` հեղինակին չափին յարգումովը, անփոփոխ պահելով բառերը որոնց մէջ ծրարուած զգայնութիւնը այնքան մերօրեայ կը մնայ երեք քառորդ դար յետոյ ալ։ Նոյն դիտողութիւնը Քուչակին համար որուն աշխարհաբարը խորթ կուգայ մեզի, անոր համար որ մեծ բանաստեղծներու մօտ զգեստն ալ մաս կը կազմէ մարմինին։ Քուչակին աշխարհաբար արձակը, ինչպէս Հիւկոյինը հասարակ բառերու հաւաքածոյ մըն է միշտ դժբախտաբար։ Անշուշտ ընթերցողը նկատի ունի նաեւ հակադիր մեղքը որով ոտանաւոր մը միշտ տաղաչափութիւն կը մնայ, չբարձրանալով երբեք բանաստեղծութեան։ Ասկէ փաստ մը դարձեալ Քուչակին ոտանաւոր փոխադրութիւնը արեւելահայ բարբառով, ո՛ւր բանաստեղծութիւնը անլուծելի խորհուրդ մը եղած է հարիւր տարիէ ասդին։

 

7. ԳՐԱԳԷՏԸ

 

Շատ են գրողներ որոնց արուեստը բառը նկատի չունի միայն արտայայտութեան կատարելութիւնը, զգայնութեան աղերսը որեւէ գործիքի հետ, այլ ընդարձակութիւն մը որ կարենար ընդգրկել Չօպանեանի իմացականութեան, զգայնութեան ու շրջավայրէն կրած հակազդեցութեանց ամբողջ շրջափոխութիւնը դանդա՛ղ, աճման սովորական օրէնքները յարգող, կը քալէ կատարելութեան աստիճանական ապահով յառաջատուութեամբ մը, իրենց կեանքի երկրորդ կէսերուն գտնելու համար պայծառ ու բացարձակ լիութիւն մը։ Տեսանք ասոնցմէ կարեւոր երկու նմոյշներ։ Արփիարեան եւ Զօհրապ մարդեր են որոնց գործին ինքնատպութիւնը, թէեւ զգալի իրենց առաջին իսկ երիտասարդութենէն, պիտի ծեծուի կեանքին հարուածներովը եւ հակահարուածներովը, դառնալու համար, այդ իսկ գինով, բաւական ու շսակայն, վերջնական կաղապարը որ Ուղեւորի Էջեր էն կամ Կարմիր Ժամուց էն ինքզինքը կը պարտադրէ մեր հիացումին։ Յամեցող բայց վերջնական սա փառաւորման դիմաց, ուրացում մը չ՚անցնիր անշուշտ մտքէս նոյն այդ մարդոց այն վաստակին որ կապ եղաւ անոր խռովայոյզ երիտասարդութեան, ներկայացնելով ամէն երիտասարդութեան անհանդարտ, բորբ երազանքը, զգացականութիւնը, դիւրագրգռութիւնը հանդէպ իրենց շրջապատին: Ժամանակը այս մարդոց համար մեղմիչ ազդակ մը չէ մինակ, այլեւ յաւելիչ ուժ մը։ Անկէ պիտի չսպասեն այդ մարդիկը, վասնզի հասունութիւնը պիտի ուշանայ, պաշտպանելով իր տակ տաղանդին ծաղիկը շատ աւելի երկար։

Կան ուրիշներ որոնք պատանութեան սեմերէն կը յայտնաբերեն լիութիւնը իրենց տուրքերուն։ Երեւոյթներ են, շքեղ որքան դժուար հասկնալի: Կուտան, տարերային պոռթկումով մը հիմնականը իրենց անհատականութեան, տարօրինակ, անմոռանալի գոյներուն մէջ, եւ նոյն արագութեամբ որով յայտնուեր էին, կը վազեն իրենց սպառումին կամ մահուան մը լուսապսակին վստահելով իրենց համբաւին անթառամ պաշտամունքը եւ կամ կը շարունակեն իրենք զիրենք կրկնել, վաղահաս ծերութիւն մը չհասկնալու ահաւոր դժբախտութեանը մէջ յամառ ու յանձնապաստան։ Օրինակներ որքան որ ուզէք։ Մեր վաղազրաւ քերթողներուն գործերը։ Վեշտասանամեայ Մինաս Չերազ մը երբ Հիւկոյի հետ բաղդատականի մը կը մեծցուի (Եղիա), պատասխանատու չէ անշուշտ իր անկանգնելի թշուառութեան: Իր պատանութեան բխումը տպաւորեց իր շրջապատը հրաշքներու ուժգնութեամբ։ Երկու տարին բաւ եղաւ որպէսզի այդ «հրաշապայծառ» երեւոյթը դադրի ինքիրմէ, պարպուած այնքան ապահով իր հանճարէն ու դառնայ իր այլապէս թշուառ կերպարանքին, քարտուղարութեան, վարժապետութեան, խմբագրութեան սպաննող վրիպանքին։ Ու նման ասո՛ր, որքան շատ թիւը մեր գրողներուն որոնք յայտնուեցան լուսաշող երեւոյթներու նման, քաղցրագոյն յոյսերը ներշնչելով մեզի գալիք բարիքներուն եւ խրեցան կա՛մ համբաւին մօրուտքին, կա՛մ եղան դիակերները իրենց տաղանդին, երբեմն քառորդ դար ու աւելի անդին։ Արշակ Չօպանեա՞ն։

Դժուար է պատասխանը։ Տասնըհինգ տարեկանին անիկա գրող էր արդէն։ Վաթսունը անցած է շատոնց ու տակաւին կարելի է կարդալ օրինակի համար Ռաֆֆիի վրայ իր ուսումնասիրութիւնը, անոր ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ գրուած։ Երկու թուականներուն մէջտեղ լման կէս դար [31] մը կը պառկի։ Բան մը կ՚ապացուցանէ՞ այս տարազը։ Անշուշտ։ Ժամանակը մեր սպառումին աւազանն է մեր ետին: Բայց կրնա՞ք ցոյց տալ մեր մէջ մէկը որ դիմացած ըլլայ սա կիսադարեան մաշումին: Մատթէոս Մամուրեանի Արեւելեան Մամուլ ը անունով միայն կը յիշեցնէ (գէթ հեղինակին վերջի շրջանին) անդրանիկ կենդանութիւնը որ զարթօնքի սերունդին հասարակաց հոգեվիճակն էր եօթանասնական շրջանին։ Իրապաշտներու օրով, թերը թերթ մըն է ու այսքան։ Ուրիշ անո՞ւն։ Դուք գտէք:

Արշակ Չօպանեանի մէջ կասած է ստեղծագործութիւնը. ըսի ատիկա, մեզմէ քառորդ դար մը առաջ։ Այս անխուսափելի երեւոյթին ընդդէմ մեր ու իր ընդվզումը, հերքումը կամ ինքնապատրումը ոչինչով կը փոխեն վճիռը: Անշուշտ, տակաւին ժամանակ մը, անոր տաղանդը պիտի շարունակէ տպաւորուիլ բայց պիտի չունենայ սեպհական անդրադարձ արուեստի գործը այդ անդրադարձն է ամէն բանէ առաջ 1910էն ասդին։ Գիրքերը կրնան աւելնալ, պիտի չաւելնայ ինքը։ Անշուշտ պիտի շարունակէ աշխատիլ, թերեւս աւելի աղմուկով, աւելի ալ օգուտով։ Բայց այդ աշխատանքը շեշտօրէն գոյնը պիտի առնէ նոր բաներու. բանասիրական, կուսակցական, պատմական զբաղումներուն ընդհանուր ոգիովը (չեմ ուրանար այս ամենուն մէջ ալ մեծ օգուտներ որոնք սակայն մեզի գալու համար անհրաժեշտաբար Չօպանեանի տաղանդով գրագէտի մը պէտք չունին։ Առաջին մարդն ալ որ պարտաւորութիւն ու բարի կամեցողութիւնը միացնէր քիչիկ մը հասկացողութեան, միջակ մխիթարեան մը օրինակի մը համար, պիտի ընէր նոյն այդ վաստակը աւելի օգտաւէտ արդիւնքով) այդ կարգէ հետաքրքրութեանց։ Սա կայունացումը, ժամանակ մը սակայն պիտի անցնի աննշմար իրմէ ինչպէս շրջապատէն, տենդին եւ հոգերուն մէջ ուրիշ մրցանքներու, տագնապներու, քաղաքական որքան հրապարակագրական որոնք պիտի սպառեն անոր օրերը ու մեր ալ համբերութիւնը, բայց պիտի չաւելցնեն ալ անոր արժանիքը ոչ ալ պիտի բաւարարեն մեր ակնկալութիւնները: Ազգային հարցը դառնալէ յետոյ մեր գերագոյն իրականութիւնը, կը փլէր ինքնիր վրայ, մեր մէջ ստեղծելով ամենէն անբարոյ լքումը, հիասթափումը նախ մեզմէ, յետոյ քաղաքակիրթ աշխարհէն։ Մեր գրականութիւնը ոգեւորող կրակը ինքնին կը մարէր, երբ մենք չէինք մեռած։ Ո՞վ, ի՞նչ բան` պիտի ըլլար այնքան ուժով, հակազդելու համար այս ահաւոր խորտակումին։ Յետ պատերազմեան գրական տագնապը մեր մէջ հոգեբանական այս կործանումէն կը մեկնի: Ու մեզի պաղեցուցած է նախ մեզմէ։ Ան չի նմանիր ամէն սերունդի գոյութեան իրաւունքը կերպադրող նորոգման պէտքին որ երբեմն հերքումով, ուրացումով, դժգոհանքով կ՚արտայայտուի, երբեմն ինքնիր վրայ նահանջով։ Անիկա տագնապն է կործանած սերունդի մը։ Խորքի մը վրայ չեն տեղաւորուած անոր հոգիին ոսկորները։ Ու այդ սերունդին մէջ ենք, բոլորս: Ու մեզի հետ Արշակ Չօպանեանը։ Բայց ահա տարբերութիւն մը: Նորերը պիտի չվարանին իրենց երազներուն դիակները վար թափելէ իրենց արտեւաններէն: Արշակ Չօպանեան ինքզինքը պիտի մանրէ, հաւատալու համար իրեն։ Ու ողբերգական է ասիկա։

Խորքի սա կասումին դիմաց զոր դատապարտել մեղքէ մը աւելին պիտի ըլլար , Չօպանեան կը մնայ այն գրագէտը որուն ոճը կրցած է կիսադարեան ճնշում մը դիմակայել։ 1890ին փնտռուած գրագէտ մըն էր ան: Յիսուն տարի յետոյ այդ օրերէն, եթէ երբեք անձկութեամբ չի փնտռուիր իր ստորագրութիւնը, բայց չի ալ յոգնեցներ, չի նեղեր ապայժմէ, անհաղորդ (իր ժամանակին) մարդու յանցանքներով։ Իր ժամանակին զգայնութեան մէջ քալել կրնալը զանցառելի յատկութիւն մը չէ գրողի մը համար որուն զբաղումները լայնօրէն կը կապուին իր ժամանակին։ Անիկա մէկն է այն շատ քիչերէն, որոնք, պատկանելով հանդերձ ուրիշ աշխարհի եւ հոգեվիճակի, պիտի շարունակեն տառապիլ, իմաստութիւն, յորդոր, սպասողական արիութիւն հայթայթելու համար սփիւռքի ակնկառոյց «նսեմաստուեր» զանգուածներուն: Գրականութիւնը ո՞ւժ է։ Դժբախտ հարցում։ Բայց ամէն խմբագիր թիապարտ մըն է մեր մէջ այսպէս ընդունուած պատրանքին, ու նոյն ատեն՝ հերքո՛ւմը ճշմարիտ տիպարին որ պետականութիւն ունեցող ժողովուրդի մը մէջ աստիճանաբար կը խորանայ, կ՚ամրանայ, աճեցնելով իմացական ստացումները, կատարելագործելով դատելու, թելադրելու իր ձիրքերը, եւ փոխանակ մեր մէջ պատահածին նման ինք իր մէջ կրանալու, չորնալու ու իբր կմախք ապրելու, տարիքին հետ պիտի բարձրանայ իր գագաթին։

Մեր իմացական հասարակութիւնը, ըսել կուզեմ մեր միտքը յուզող հարցերը, թէեւ տարօրէն ողբերգական, նոյն աստիճանով ալ պարզ նկարագիր մը ունին, կտրուկ ու աննահանջ։ Ատոնց համագումարը մեր գոյութեան այլապէս ահաւոր առեղծուածն է, դրուած մեր առջեւ գրեթէ նոյն ու մէկ ձեւով։ Երէկ ատիկա սուրն էր թշնամիին: Այսօր՝ մեր հայրենիքը իր կողին ունի այդ սուրին ծայրը: Մեր սփիւռքին մէջ սո՛ւրը` հետախաղաղ ջնջումին։ Այս երկու հիմնական հարցերու առջեւ մեր խմբագիրներուն տալիք իմաստութի՞ւնը: Ձեզի կը ձգեմ պատասխանել:

Այս հիմնական հաւաստիքէն յետոյ, Չօպանեանի մէջ գրագէտը դատելու ատեն, պէտք է կանգ առնել ոչ նուազ կարեւոր ուրիշ իրողութեան մը առջեւ։ Փաստ է որ անոր տաղանդին լայնագոյն մասը սահմանուած եղաւ իմաստներու մարզի վրայ սպառման մը։ Արդ, ապացուցուած ճշմարտութիւն է որ ամէն քառորդ դար, չըսելու համար տասը տարին անգամ մը, իմաuտներուն չեմ ըսեր դրութիւնը, բայց գոնէ այժմէութիւնը, վարկը, տարողութիւնը կը վերաքննուի, նման չըլլալով զգայնութեան որ, գոյաւորման մէջ դանդաղ, կերպարանափոխ կ՚ըլլայ աւելի դանդաղ։ Մեր մէջ, գրական երեք սերունդ որքան տարբեր կը ներկայանան իբրեւ արտայայտութիւն, բայց զգալու մէջ հաւատարիմ է Վարուժանը Օտեանին [32] ։

Այս արդիւնքներու առջեւ, Չօպանեանի մնալը պատնէշի վրայ, ըսելու համար՝ իր խօսքը երկու ու քիչիկ մըն ալ աւելի սերունդէ մարդոց, իրողութիւն մըն է բաւական հազուադէպ ու մտածել մղող։ Չեմ զբաղիր կուսակցական պաշտպանութեամբ կամ հակամարտութեամբ մարմին առած այն բռնի, սուտ վարկով որ թշուառագոյն փառքը կը կազմէ կարգ մը անուններու, անոնց հետ պտտող, դրօշակի դեր մը դառնալու աստիճան իրերամերժ մեր ձգտումները կերպադրող։ Արշակ Չօպանեան մէկն է մեր մէջ ամենէն շատ քարկոծուողներէն ինչպէս շփացուածներէն։ Բայց կը զբաղիմ այն երեւոյթով որ իր խօսքն է, բեմէ թէ թերթէ, միշտ փնտռուած, միշտ ընդունակ՝ պահեր, պայմաններ գոհացնելու, երբ գաղտնիք չէ իր միտքին կասումը սանկ քառորդ դարէ ասդին։ Ուրե՞մն։ Բացատրելու համար այս բարատոքսը, ինծի կուգայ թէ պէտք է արդար ըլլալ գրելու իր կարողութեան հետ որ կը պահէ իր նկարագրին մեծ գիծերը անաղարտ։ Ու ասիկա երեւոյթ է հետաքրքրական որքան իրաւ:

Այն տեսութիւնը որուն համեմատ գրելը հոգե-բնախօսական բարդ իրողութիւն մըն է ուր առաւելակշիռ են զգացական տարրերը իմացականին վրայ, ունի զինքը արդարացնող շատ շքեղ օրինակներ: Բոլոր քերթողները վաւերականները անշուշտ եւ ոչ թէ տաղաչափները կ՚ապացուցանեն ատիկա անառարկելի ստուգութեամբ։ Ո՞վ սորվեցուց իր սքանչելի ոճը Պ. Դուրեանին: Ամէն պատասխան որ պիտի շահագործէր մեր գրականութեան ընդհանրութիւնները (ռոմանթիզմ, գրաբար, պոլսականութիւն եւ ընկերք) սոփեստութենէն անդին չ՚անցնիր: Բայց, նոյն ատեն, ի՞նչպէս բացատրել խոր հմայքը զոր կը շարունակեն պահել կարգ մը ոճեր, միշտ մեր մէջ, երբ ջղային դրութիւնը, այսինքն զգացական տարրեր չեն պաշտպաներ զանոնք։ Լեւոն Բաշալեան պիտի լռէ քառսուն տարի առաջ, վասնզի իր զգայութիւնները անհրաժեշտ հակազդեցութիւնները չեն արթնցներ իր միտքին կարգ մը կեդրոններուն վրայ: Ու պիտի ընէ լաւ, յարգած ըլլալով, այս նահանջով, արուեստը եւ ինքզինքը։ Բայց, Արշակ Չօպանեա՞նը։ Հարկ է ընդունիլ որ միշտ հոմանիշ չեղան իրարու՝ ստեղծելը եւ գրելը ։ Չեմ խորացներ վերլուծումը։ Առաջինը երբեմն անկախ է երկրորդէն որ մարզանքի, կամքի, յարատեւութեան հարցերու կրնայ վերածուիլ, պաշտպանուելով կամ ոչ` առաջինէն։ Այն ատեն կ՚ունենաք օրինակի մը համար, Ռաֆֆին։ Բայց կրնայ պատահիլ որ երկրորդը երկարաձգուի տակաւին, արձագանգի մը նման, երբ լռած է առաջինը:

Այս արագ ցուցմունքները անո՛ր համար, վասնզի Չօպանեանի մէջ գրելու արուեստին գործաւորը շատ կանուխէն յայտնուած է բացառիկ ճարտարութեամբ։ Այս բառը, փոխանակուելով խառնուածքին, պատանութեան եւ երիտասարդութեան օրերուն, պիտի լեցնէ, յարդարէ անոր ջղային դրութիւնը, ինչպէս գրիչը որ մեր մատերէն դուրս, տողերու ճամբով, կը քալեցնէ մեր խռովքները։ Այդ օրերուն հաշտ էին իրարու, գրագէտն ու ստեղծագործը։ Ու մեր հասունութիւնը, երբեմն արագ, եւ « այրելով ասպարէզները » ինչպէս կ՚ըսեն գաղիացիք, կամ յամրագնաց, ապահով։ Որոնցմէ վերջ, անխուսափելի ընկրկումը մեր ջղային կեդրոններուն։ Բայց ո՞ր օրէնքը չունի իր զանցումը որպէսզի չունենան ատիկա գրելուն այլապէս կամայական օրէնքները։ Խորքի այս չորացման զուգահեռ է յաճախ ձեւէն ալ ճապաղանքը։ Դիտեցէք իրապաշտները: Բայց ամենէն տխուր փաստը կուգայ Սիպիլէն որուն զգացական զառամութիւնը քայլ առ քայլ կը հետեւի ոճին ալ կռնծումին։ Ներհա՞կ փաստ մը, Արշակ Չօպանեանը, քանի որ անոր ոճը, քիչ անգամ հաստատելի նուաղումներով (մանաւանդ երբ կը փորձէ բանաստեղծել կամ խորութիւն թելադրել) շարունակած է պահել ինքզինքը մինչեւ օրերը երբ կը գրուին այս տողերը:

Այս հաստատումը, նոյն ատեն հարկադրանք մը որպէսզի, արուեստագէտին ուսումնասիրութիւնը չծանրաբեռնուի յարակից տարրերով, մեծ մասը՝ զգացական աշխարհէն, որոնցմով ոճ մը անձնականութիւն մը կ՚ըլլայ, անկախ պայմաններէ, միջավայրէ, ազդեցութիւններէ։ Որոնք միս մինակը երբեմն կը փոխարինեն երեւակայութիւն, թռիչք, անհուն ուժեր մերձեցման կամ անջատման, առաւելապէս ստեղծագործ երկունքին հետ դիտելի: Մեծ բանաստեղծները։ Վէպերու ընդարձակ աշխարհները, իրենց ճարտարապետութեան հսկայ օրէնքներով։ Ու կենսագրութեան խոշոր ծալքերը որոնք երբեմն մեր ոճը կը պատմեն մեզմէ անկախաբար: Այս բոլորը մէկդի: Կը ծանրանամ սակայն այն միւս տուրքերուն որոնք ստացովի` մշակման ու խնամքի արդիւնք ըլլալնուն հակառակ վերջ ի վերջոյ կը նոյնանան խառնուածքին, անզանազանելի դառնալու աստիճան: Այնպէս որ գիրք ու ջիղերու հոսում իրարու կը վերածուին։ Եղիա, Եղիշէ եպիսկոպոս Դուրեան, Արշակ Չօպանեան։

Ուրեմն, այն գեղեցիկ բխումը որ Չօպանեանին երիտասարդութիւնն է իր ոճին վրայով, այն տաք, կենդանի գրաւչութիւնը, արիւնով, սերմով ու երազի բեղմնափոշիով շաղախուն, որ ֆիզիքական շնորհքի պէս բան մը կ՚ընէ մեր գրուածքը [33], վասնզի կայ այդ կուսութիւնն ալ, candeurն ալ, մարմնականին չափ խռովիչ. այն երիտասարդ, թեւաւոր, հաւատայեղց լրջութիւնը ուր իրարու կը խառնուին թեւն ու յուսախաբութիւնը եւ որով կը զատուին կարգ մը պարմանութիւններ (Ռէնպօ, Պոտլեռ, Սամէն). կարճ` գրագէտի մը կեանքէն այն շրջանը ուր ջիղերն ու երեւակայութիւնը մէկ կը քալեն աշխարհին բոլոր հոսմունքները ծծելով ու արտածորելով, ու զայն, այդ շրջանը կ՚ընեն մոգական դարը մեր իսկ խորհուրդին, մեր մտքին պայծառ, անհուպ, անշամանդաղ հարսնութիւնը այս ամէնը տուած է Արշակ Չօպանեան իր տաղանդին առոյգ օրերուն, իր երիտասարդութեան։ Ու իրողութիւն է որ բոլոր նորոգումները, թափանցումները, ուղղութեանց զգայարանքը կը զուգադիպին այդ շրջանին:

Ոչ կողմնակցութիւն, ոչ ալ անարդարութիւն է գրագէտի մը դէմքին վերջնական գնահատումը կատարել իր առաքինութեանց գումարով ու զանցել ստուերները որոնք ստուերներ են միշտ: Ժխտական տարրերու շահագործումը polémiqueի վայել ու հոն ներելի, բեռ մը պիտի ըլլար գրականութեան պատմութեան մը մէջ որ արժէքներու տողանց մըն է ամէն բանէ առաջ։ Այնպէս որ անտես կ՚ընեմ ինչ որ ճոռոմութիւն, հռետորութիւն, մաղձ ու անիրաւութիւն է երբեմն անոր դատումներուն մէջ. զիջում, շողոմ՝ անոր գնահատումներուն մէջ. անբաւարարութիւն, ինքնակրկնում, հարեւանցիութիւն ու անփաստ ինքնաբաւութիւն՝ անոր հրապարակագրական վճիռներուն, որոնք բոլորը մէկ ստեղծած են անհանդուրժելի, դժբախտ հէքեաթ մը մարդէ մը, որ պարզ իր նախասիրութեանց կշիռովը, արուեստին բոլորանուէր իր ենթարկումովը վեր էր մնալու այս ամենէն։ Ու կ՚անցնիմ իր ոճին։

Ա. Ջերմութեան որ հակառակն է հռետորական ծանօթ շնորհին, բառերու կամ իմաստներու փչումովը նուաճելի, ըլլալու համար արու եւ առողջ հանդէս մը ուժերու, մեր միտքին ինչպէս զգայարանքներուն հորմոններով (թող ներուի այս բառը որ սակայն իրաւ բան մը ըսել կը յաւակնի հոս) ստեղծուած: Որ մարդկային միuի համ մը կը պտտցնէ անոր նախադասութեանց թաւալումին հետ, գունաւորելու աստիճան անոր արձակը։ Սա յատկութիւնը որ շատ շատերու մօտ քնարական բխումներուն մթնոլորտն է յաճախ (Սիամանթօ, Վարուժան, Պ. Դուրեան), Չօպանեանի մօտ մշտական մթնոլորտ մըն է երբեմն ծանր, անտեղի ըլլալու գինով, ինչպէս են պարագաները դատումի աշխատանքներուն մէջ ուր վտանգին հետ կը քաշէ ծանրաբեռնում, ուռուցիկութիւն, գրական կեղծիք ըլլալու: Նարեկացիին վրայ իր ուսումնասիրութիւնը ծանր փաստ մըն է այդ ուղղութեամբ, քանի որ քննադատութեան մէջ սա կրակը ինքնին փորձանք մըն է ստեղծելու համար զգացական մշուշ ու ոլորտ, հո՛ն, ուր պիտի նախասիրենք ապահով, համոզիչ, հանդարտ տողանց մը իմացական, պատմական, գրական փաստերու, դատաստաններու։ Այս տեսակէտը գոյ է դարձեալ մեծ մասին մէջ անոր գրական ուրիշ ուսումնասիրութեանց, բոլորն ալ տաք, վարակիչ էջեր, մտածողական կերպին ձեւականօրէն ենթակայ, բայց լայնօրէն շահագործելով զգացական, քնարական շնորհներ, որոնց գլուխը կուգայ ջերմութիւը։ Մենք չենք դատեր Չօպանեանի քննադատութեանց մէջ, այնքան այս զգացական մշուշը կը պաշարէ մեր միտքը, ատեն ու կարելիութիւն չձգելով որ դատումի հակազդեցութիւններ զարգանան մեր մէջ։ Այս ջերմութիւնը՝ գոյ դարձեալ, անոր հրապարակագրական, վիճաբանական, յարձակողական բոլոր կտորներուն մէջ, հասկնալի ներկայութեամբ մը քանի որ այս էջերը բխումներ են մեր կիրքերէն ու քիչ անգամ կ՚ընդունին հակակշիռը մեր դատողութեան։ Համակրական կամ խարանող անոր այն գրութիւնները ուր կիրքը կուգայ առաջին գիծի, Չօպանեանի ոճը թրթռագին իրականութիւն մըն է զարմացնելու աստիճան հանդարտ վերլուծողները որոնք պիտի ուզէին այս փաղաղիչ հրապոյրը հաստատել մանաւանդ բանաստեղծական էջերուն մէջ ուր ասով պակասը խորապէս կը զարմացնէ, չըսելու համար՝ կը վշտացնէ, ու կը մղէ լրջութեամբ նկատի առնելու անոր քերթողութեան դէմ բանաձեւուած վերապահումը [34] ։ Այս դարու սկիզբին, արդէն կարծիք կար ընդհանրացած անոր զգայնութիւնը հիմնօրէն հերքող չափազանցութեամբ մը։ Քառսուն տարի յետոյ Պարթեւեանի ուրացումէն, Չօպանեանի ոճին ջերմութիւնը չէ տեղափոխուած իր արդար կալուածին ստեղծման մէջ ու կը պահէ իր աստիճանը մէկ ու նոյն տեղի վրայ:

Բ. Գունագեղութեան, որ փափլիկ ու էգ շնորհ մը չէ, այնքան տխուր, օրինակի մը համար, քանի մը կիներու շպարուն ոճին մէջ. այլ կենդանի, հաստատ իրականութիւն մը, Չoպանեանին ոճը յոգնութիւն առթելէ հեռու ընծայող մեծ առաքինութիւնը։ Երանգներու գիտութիւն մը` կամ գոյներու ճարտար բաշխում մը գոյներուն հռետորութի՜ւնը չունիմ մտքիս մէջ երբ կը տարուիմ անոր գրուածքը դատելու իբր ամենէն գունագեղ ոճը իր սերունդին [35]: Իբր այդ, գոյնի հանդէպ սա մտահոգութիւնը կարծես տեսակ մը հակազդեցութիւն է նախ ռոմանթիքներուն կեղծ, ուռեցած, տրտմօրէն եսանուէր գոյներուն ընդդէմ որոնք մանաւանդ կրտսեր թեւին մէջը կը թաթխուին քերականական շպարին այլապէս ինքնաբաւ կեղծիքին մէջ։ Սէթեանի, Չերազի, Եղիայի ոճերուն մէջ գոյնը ուրիշ իմացք մըն է, զոր միջոցը չունիմ հոս վերլուծելու: Կարդացէք Չերազի Առ Զեփիւռ քերթուածը ու կը հասկնաք թէ ինչ ըսել է գոյն խաղալ բառերով։ Չօպանեանի մօտ գոյնի մտահոգութիւնը հակազդեցութիւն մըն է դարձեալ իր իսկ սերունդին անոր հանդէպ շատ զգուշաւոր կեցուածքին։ Արդարեւ, եթէ պահ մը առանձնացնենք Զօհրապը որ իր յօրինումին հաստատ, արու, իրաւ գիծերը չուզեր փորագրական յաջողուածքներու միայն սահմանել, ու Սիպիլը՝ որուն արուեստակեալ գոյները շինծու ծաղիկներու թելադրանքին շատ մօտիկ թէեւ, բայց գոնէ վայրկեան մը կը պատրեն նայուածքը, միւսնե՛րը, յամառ ու կամաւոր ուրացումով մը, հեռու եղան գոյնի զգացողութենէն, չեմ ըսեր կախարդանքէն։ Ոչ Հրանդ, ոչ Արփիարեան, ոչ Կամսարական, ոչ Բաշալեան մտքէ չանցուցին արժէք կամ պարտք տեսնել գործածելու համար իրենց ոճին մէջ այն տարրերը որոնք Արշակ Չօպանեանի գրչին տակ նկարչական հանդէս մը պիտի ստեղծեն, մրցելու աստիճան բառերուն հետ։ Արշակ Չօպանեան ունի էջեր ուր յաւակնած է բառերով արտայայտել տեսարաններու, նկարներու ոչ միայն գեղեցկագիտական կողմերը, կառուցման օրէնքները, խորհուրդը, ձգտումները, այլ նաեւ այդ վայրերուն եւ այդ կտաւներուն մարմինը իսկ, այսինքն գոյներուն լեզուն։ Կարդացէք օրինակի մը համար, անգամ մը յիշուած նկարի մը մասին (Բիւվիս տը Շավանի Ձկնորս ը) իր մէկ քրոնիկը ու պիտի զգաք ամբողջ տարբերութիւնը որով կը զատուին Արփիարեանի իրաւ բայց փայլատ, Չերազի կամ Եղիայի հնարովի ու սուտ նկարագրութիւնները։

Գ. Պայծառութեան որ դարձեալ դասագրական տարազ մը չէ, վարժապետներու պահանջները գոհացնող։ Ռոմանթիքներու նախադասութիւնը, հակառակ փչուած ըլլալուն, յստակ է ու առանց ծալքի, ենթախորշի, կնճիռի: Միերես եւ ուռած։ Ու, աւելի կանոնաւոր՝ մանաւանդ ոճը որով կ՚արտայայտուին [36] 1890էն առաջ մեր գրողները անխտիր։ Ուրեմն, Չօպանեանի պայծառութիւնը աղերս մը չունի յաճախ հետեւակութեան հետ նոյնացող այդ պահանջին։ Նոյն ատեն անիկա չի նմանիր իրապաշտներով հետապնդուած մայր ցանկութեան. ժողովրդական եւ հասկնալի մնալու բռնաւոր օրէնքին նուէ՜ր արեւելահայ ազդեցութեան, որ մինչեւ մեր օրերը չէ դադրած մեզ պատրելէ: Արշակ Չօպանեան, արեւմտեան մտածողութեան եւ թէքնիքին մէջ ինքզինքը կաղապարած գրող, յաճախ պիտի մտածէ ֆրանսերէն, մեր բառերով ու մեր լեզուն պիտի ճկէ, զայն ընդունակ ընելու աստիճան արտայայտելու այն բազմաթիւ երեսները որոնք ոճ մը կը զատեն արտայայտման պարզ տարազ մը ըլլալու ճակատագրէն, զայն բարձրացնելու համար գեղարուեստական կառոյցի մը բախտին, բարդ, բազմադիմի, մէկէ աւելի շնորհներով դաշնակերտուած։ Ուր, բառերը, իրենց սեպհական իմաստները ամրօրէն վարելով հանդերձ, երեւան պիտի բերեն անկասկածելի, նոր աղերսներ, առնչութիւններ`

Ա. Ձայնէ, որ մեր բառերը քաղցր փունչի մը նման մեր խորագոյն զգայութեանց շաղովը օծուն պիտի կախէ մեր ականջներն ի վար ու ընթերցումը վերածէ դաշնագին հեշտութեան մը, այն տարօրէն խոր սարսուռին զոր միսն ու ժպիտը, յուզումն ու նայուածքին սնդուսը կը յօրինեն միաժամանակ ու անհասկնալի, երաժշտութիւնը ընելու գինով ամենէն խորունկը արուեստներուն։

Բ. Գոյներէ որոնց արթնցուցած զգայութիւնները կ՚աւելնան բառերուն առանձին, դուք ըսէք երկրաչափական ձեւերուն վրայ, զանոնք հագուեցնելով թափանցիկ բայց երանգուն իրենց շղարշովը, ճիշդ ինչպէս դուրսի աշխարհին վրայ կը պատահի ասիկա երբ ձեւը (առարկային) կը քաղցրանայ, կը զովանայ, կ՚արիւնոտի կամ կը վառի, համաձայն երանգին մարմաշին զոր կը հիւսէ լոյսը անոր աղուամազերուն ոլորքներէն ներս ու կ՚ընէ ներկը երբեմն տաք մարդկային ձայնի մը, նայուածքի մը, համբոյրի մը նման։

Գ. Ձգողութիւններէ որոնք իրերուն տակը կը թրթռան իբրեւ հիւլէական հէնք մը, խուլ ու անորոշ, բայց իրարու կը կապեն մանիշակին աչուկը ու աղջկան մը բիբը, կամ կը քաշեն իրարու, անդունդներն իսկ կամարող ուժգնութեամբը մարդոց կիրքերուն։ Ու շարունակելը ձեզմէ։

Այս խորացումները զարդ մը չեն կազմեր հոս: Ստոյգ է որ հիմա, թերեւս ամէն ատեն ալ, վաւերական գրագէտը բազմազգի ու դժուար պաշտօններ կը վստահի իր բառերուն։ Կարդացէք մեր հիներէն Նարեկացին, Խորենացին, ու պիտի զգաք, անմիջապէս որ ձեր հոգին ընդունակ կը յարդարէք այդ կերպ զգալու բառերու այդ թաթառը որ Աղօթամատեան կը կոչուի, շատ աւելի անդին քան ինչ որ կ՚ուզէ հասարակաց զգայնութիւնը։ Ներաշխարհ ը ուրիշ ճարտարապետութիւն չի թելադրեր։ Եւ սակայն երկուքին հեղինակներն ալ, մշտական վտանգին մէջն են իրենց ջանքէն յաղթահարուելու: Քիչ չեն էջերը ուր անոնք պարտուած ալ են, իրենց ձգտումներուն բռնութենէն տախտապարուած։ Արշակ Չօպանեան զերծ է վտանգէն, յարատեւ սանձահարման մէջ պահելով բառերուն եւ գաղափարներու առնչութեանց բարդ գուպարը: Այնպէս որ երբեմն սիւնակներու վրայ երկարող իր խօսքը երբեք չի մթներ։ Ամէն ինչ, իր ֆրազին մէջ, հաստատ տրամաբանութեամբ մը կը կապուի իր դերին։ Տարրերը կը վարեն անկախ իրենց կեանքը բայց չեն տարանջատուիր, զառածիր, ինքնագլուխ դրութիւններ ստեղծելու (Չրաքեան) ու կը դաշնուին տիրական ամբողջութեան մը մէջ, հետ։ Այսպէսով, բազմերանգ ու շատ մը կողմերով թելադրական այդ կառոյցին մէջ պայծառութիւնը արուեստի յաջողուածք մը կ՚ըլլայ եւ ոչ թէ տափակ յարգանք մը, գիրքերու օրէնքներուն մատուցուած։

Դ. Դասականութեան որ հետեւութիւնն է վերի յատկութեան։ Բայց որ տարբեր է դարձեալ յղացքին ընթացիկ միջինէն։ Սովորութիւն է ռոմանթիք ոճը հակադրել դասականին։ Որչափ գրքունակ, եղանակը կը ծածկէ գրական ստոյգ իրողութիւն։ Չեմ թուեր անուններ օտարներէ։ Դիտել միայն կուտամ որ մեր ռոմանթիքներով իր մտքին անդրանիկ անունը առած, երբեմն անոնց կողքին ալ աշխատած երիտասարդ մը, ինչպէս է Արշակ Չօպանեան, դժուարաւ պիտի ազատագրէր ինքզինքը այն աւիշէն որ ռոմանթիք հոգեվիճակին հեղումն է, ամէն ժողովուրդի մէջ ու քիչ մը ամէն ատենի համար։ Այնպէս որ պայծառ, գունագեղ, դաշնաւոր տարրերը բոլորն ալ մեծ զսպանակներ ռոմանթիք ոճին հոգեբանութեան պիտի բարեխառնուին ապահով ու հաստատ գրչութեան մը մէջ (ecriture) որ արեւմտահայ արձակին ամենէն յատկանշական առաքինութիւնները կը համադրէ ու կ՚ըլլայ անոր դասականացած [37] պատկերը: Ոչ մեծութիւն, ոչ զգետնող գեղեցկութիւն, ոչ կատարելութիւն, այս տարազին ներքեւ: Բազմաթիւ են մեր մէջ գրագէտներ որոնց ոճը այլապէս բարդ, թելադրական ու գերազանց շնորհներ երեւան բերած է (Մեծարենց, Վարուժան, Չրաքեան, երբեմն Եղիան. նորագոյն գրողներէն ոմանք, ինչպէս Շահնուր)։ Բայց քիչ՝ անոնք որոնց լեզուն եղաւ այնքան յստակ որքան կորովի, այնքան դաշնաւոր որքան գունագեղ, մտածման մը նրբենի գնացքը դիւրութեամբ առաջնորդող ինչպէս զգացման մը թափին ջերմութիւնը թելադրելու չափ առաձիգ։ Ու եթէ դարերու դասականութիւնը դեռ յղացքին մէջ կը զետեղէ ու կը պաշտպանէ ուրիշ յատկութիւններ, մեր օրերու զգայնութեան հետ երբեմն հազիւ հաշտելի, թող ներուի ինծի հրաժարիլ ատոնց վրայ ծանրանալէ, քանի որ համոզուած եմ որ այդ յատկութիւնները մենք համախմբուած գտանք անգամ մը մեր գրականութեան նոր մէկ շրջանին ուր գրագիտութեան (ահաւո՜ր գիտութիւնը որ կը յաւակնէր պատահական աշակերտէն գրագէտ մը լաստակերտել), դասագիրքերու ցուցմունքները, սահմանները, հրահանգները ստեղծած են ամենէն անհանդուրժելի ոճը . Գուրգէն, Մ. Գարագաշ, Վիեննացիներուն հայերէնը, Չերազ, Եղիայի ձախորդ մասը, եւ մեր ողջամիտ ընդունուած հրապարակագրութեան միջին գործիքը ու արեւելահայերէնը)։

 

***

Այս ամենէն յետոյ, ամփոփել ու ըսել վերջնական բաներ:

Արեւմտահայ մատենագրութեան մէջ Արշակ Չօպանեան կը մնայ եզակի իբր ծաւալ, գրած ըլլալով մեր բոլորէն աւելի ու ասիկա՝ երկու լեզուներով։ Այս հաւաստումը նկատի չունի բացառաբար քանակը քանի որ վենետիկեան հայրերէն շատեր զինքը ստուերի մէջ կը թողուն այլ համեմատական միութիւնը վաստակին որ իր զանազանութեանը մէջ իսկ մնայ շեշտօրէն գրական։ Ստեղծագործական աւելի կամ նուազ կենդանի շունչ մը իրարու հաշտ կ՚ընծայէ անոր կիսադարեան արդիւնքը, եթէ ոչ փրկելով գործը ամբողջութեանը մէջ, գէթ փրկելով անոր նկարագիրը։ Քլեմանսոյի վրայ օտարապատում քրոնիկէն սկսեալ մինչեւ Ֆրիկի վրայ իր ուսումնասիրութիւնը, Չօպանեան կը մնայ միշտ գրագէտ, հաւատարիմ իր տաղանդին հիմնական գիծին: Վեց եօթը հզօր յատկանիշներով ամրակուռ տաղանդ մը, որպիսին է Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, իր հարիւրի մօտեցող (մասամբ անտիպ) հատորներուն գեղեցիկ փառքովը հանդերձ, զուրկ կը ներկայանայ մեզի այսօր դաշնաւոր այն ամբողջութենէն որով դէմք մը, ինքզինքը ըլլալէ ետք իր ժամանակին մէջ, կողմերու այդ հարստութիւնը մշակելով ու տանելով իրենց գագաթին, կը համախառնուի ապագայի շէմին ու կ՚անցնի ազգային փառքերու այլապէս միակտուր հիացումին։ Բանաստեղծը, վիպողը, պատմողը, հաւաքիչը, գիտունը, աշխարհագէտը իրար կը չէզոքացնեն այլապէս պատկառելի իր արտադրութիւններուն բաւիղին մէջ քննադատը, համադրողը մատնելու աստիճան արդար տագնապի։ Արշակ Չօպանեանի համար նման տագնապ մը չունի գոյութիւն: Ասիկա առաջին ու կարեւոր հաւաստումը։ Յետոյ, բացի հրապարակագրական, տեղն է ըսել միշտ ամուլ, եթէ ոչ աղիտալի վաստակէն, Չօպանեանի գործին մնացած մասը կը զետեղուի իր շրջանին ընդհանուր արդիւնքին, ներդաշնակ ասոր ու առանձին անկէ ինչպէս ըլլալու է արդէն դերը ամէն ինքնատիպ արուեստագէտի արտայայտելով վերջացող դարու երկրորդ կէսին մեր մեծ մտահոգութիւններէն մէկ քանին ու երկարելով ասոնց հետ մինչեւ նոր դարու առաջին տասնամեակը։

Սկսիլ գրական նոր սեռ մը, միս մինակը ընդդէմ աշխարհ մը արգելքներու (միայն ամրօրէն կազմակերպուած, աւանդութիւններով պաշտպանուած, մեծ գործերով պատկառանքի բարձրացած գրականութիւններուն նետուած luxe մըն է քննադատութիւնը որ դարերով ետ է բուն գրական իրագործումներէն ինչպէս դիտուած է ասիկա ազգերու իմացական հոլովոյթին մէջ) զայն պաշտպանել անխոնջ կորովով. զայն զարգացնել անհաշիւ մսխումով մը ուժերու որոնք այս գինով պիտի պակսէին ուրիշ խոր, այլապէս օգտաւէտ կարողութեան աճումին. ու ասիկա գրել է գիտակցաբար՝ հոմանիշ է իմացական հերոսութեան։ Ա՛ն, որ այնքան խանդագին յոյսեր արթնցուց մեր վերլուծական վէպին իր մատաղատի սպասին մէջ ու մեր քերթողութեան համար նոր ակօսներ գծեց. որ մեր քննադատութեան հիմը դնելէ յետոյ ստիպուեցաւ անոր ապերախտ տրտմութիւնները իր անձին վրայ դառնութեամբ ճաշակել, ան կրնայ հանդարտ խղճմտանքով մը դատել ուրացումը որքան արդար խանդաղատանքով մը սփոփել ինքզինքը յարգանքի, սիրոյ կայծերով, չըսելու համար փշրանքներով, դեռ զգալի՝ հոս ու հոն, սփիւռքի հոգեդաշտին ապիրատութեանցը մէջ։ Մեր քննադատութիւնը չի կրնար իր անունը հերքել:

Մեր ոտանաւորը ոչ ոքի երախտապարտ է այնքան, որքան իրեն։ Տրտում չէ այս բարատոքսը ոչ ալ նուաստացուցիչ իրեն կամ մեր բանաստեղծութեան։ Եթէ երբեք մեր քերթողութիւնը Արշակ Չօպանեանէն չունի քանի մը խոր, մեծ, իսկապէս անկորուստ քանդակներ բայց չի կրնար մոռնալ «ծառայութիւնը» որ ազատագրեց մեր ոտանաւորը նախ ինքը իրմէ, ռոմանթիզմին սնոտիքէն զայն հանելով դուրս, յետոյ անոր տալով այլապէս արդիւնաւէտ հեռանկարներուն փառասիրութիւնը։ Պարտական են իրեն բոլոր այն բանաստեղծները որոնք 1890էն յետոյ կրկէս իջան ու անկէ ազատագրուած այդ սեռին մէջ զարգացուցին իրենց ընդունակութիւնները: Այսպէս է աշխարհին կարգը։ Ոչ ինք ոչ մենք ցաւելու ենք ասկէ։ Կրնանք անտարբեր ըլլալ իր « քերթուած »ներուն առջեւ բայց չենք կրնար չյիշել իր բարիքը մեր քերթողութեան։

Կը թողունք իրենց քունին մէջ լրագրական, կուսակցական, քաղաքական իր լայն ու մեծկակ վաստակը որ իրմէն անկախ զիջում մըն էր ու է մեր ամենուն համար հարկադրական, բայց կը յանձնենք սերունդներու նկատառման իր կորովը, հաւատքը, աշխատանքի ուժն ու իր ահաւոր յամառութիւնը, այնքան երկար փորձերու դիմակալած ու դեռ կանգուն սա յատկութիւնները որոնք դիւրաւ կը վերածուին նկարագրի շեշտ կողմերու, զրկանքի, զոհողութեան, անողորմ ուրացման փուշ-պսակներուն ներքեւ այլապէս սրտառուչ, երբ կարելի էր շատ շատերուն պէս « կացինի կոթ մը դառնալ », ինչպէս կը պատկերէ մեր ժողովուրդը, նման կացութիւններուն ողբերգութիւնը մեղմելու իր ճիգին մէջ։ Փրկել ինքզինքը, անօթի՝ գերեզման ճամբորդի մը մղձաւանջը գէթ խնայել ողջ իր նահատակութեան։ Արշակ Չօպանեանի առիթով այս տրտում հարցը կը հագնի իր սրտառուչ ողբերգութիւնը աւելորդ անգամ մըն ալ։ Քղամիդը Յիսուսի հետ չթաղուեցաւ: Պէտք ունինք անոր, մահապարտները ծիրանաւորելու: Որո՞ւ բողոքել սակայն։ Ու կ՚աւելցնեմ։ Նոյնիսկ հոդ, այդ զիջումը, իր մէջէն, կը դադրի նմանելէ շատ շատերու ճարտարապետած բախտերուն [38], քանի որ ամեն ինչ իր մօտ վատնուեցաւ մէկ ու նոյն վաստակին սիրոյն։ Կամաւորը, այդ ամենուն մէջ, պէտք չէ ստորգնահատել։ Մանաւանդ որ այդ վաստակը չսահմանափակուեցաւ լրագրական նեղ ու յաճախ սնամէջ փառասիրութեան մը, կամ անձնդիւր նպատակներու պարարումին: Արշակ Չօպանեան իր բոլոր վէճերուն, կիրքերուն, շեղումներուն, ինքնավատնումներուն, թափառումներուն մէջ պահեց հաւատաւոր, սկզբնատիպ մարտիկի եթէ ոչ թարմութիւնը, գէթ պայքարին մեծ թափը, զինքը վիճելի, անիրաւ, հակասական ընծայող փաստերուն թեթեւ սրտով ստանձնուած պատասխանատուութիւնը, միշտ աչքէ չհեռացնելով ասպարէզին (բառը կը գործածեմ գրեթէ ստուգաբանական առումով մը) հիմնական ոլորտը, պայմանը որ արուեստով կը տաղաւարուի:

Ազգային գործի՜չ, երբ գրասենեակի, մատենադարանի, իմացական հաճոյքներու համար ընկալուչ ջիղեր բերած ենք մեր հետը: Ու իր տարիները անիկա պիտի սպառէ ծնունդի սա հակադրութիւնը մեղմելու, սրբագրելու, հանդարտ իր շնորհներէն դարբնելու համար մարտական, գործօն առաքինութիւններ: Իր անունին համար մեր ազգային դատին պատմութիւնը պարտաւոր է բացառիկ էջ մը բանալ, շարքին մէջը այն ազնուական մարդոց, որոնք արդէն այլապէս յանկուցիչ փառքեր են մեր գրականութեան, կ՚ակնարկեմ մեր այն իրապաշտ զրողներուն, այնքան մօտիկը զուտ յեղափոխութեան վաստակաւորներուն, չըլլալով անշուշտ զանոնք, բայց լայնօրէն զատուող պոլսագիծ, ռոմանթիք կարաւանէն եւ որոնք կ՚անուանուին Սուրէն Պարթեւեան, Գրիգոր Զօհրապ, Ռուբէն Զարդարեան, Վահան Թէքէեան։ Ասոնք մինակ մեծագոյն դէմքերը չեն արեւմտահայ գրականութեան, այլ Արշակ Չօպանեանին չափ ու պէս ազգային դատին սպասարկուներ։ Բացի Զօհրապէն որ իր կեանքին վերջին քանի մը տարիները տուաւ քաղաքական վտանգալից ու շեշտ գործունէութեան մը երբ աւարտեր էր իր գրական ճակատագիրը, եւ Զարդարեանէն որ իր հասունութեան բոլոր փառքին մէջ լքեց գրականութիւնը լրագրելը գրականութիւն չէ ոչ ալ ամբոխներ խանդավառելը ինքզինքը ամբողջութեամբ տրամադրելով ազատագրական պայքարին, մեր մտաւորականներու դժբախտ փաղանգին մէջ չունինք անուն մը որուն հետ զուգորդուած մնային սրտառուչ, այլապէս եղերական մանրամասնութիւններ, օտար ոստաններու դժոխքին խորը, ի հեճուկս աշխարհ մը արգելքի, յուսահատ դատ մը հետապնդելու արարքը նոյնացնելու ապրելուն իսկ իմաստին։ Ու ահա տարբերութիւն մը։ Արշակ Չօպանեան միշտ չվայլեց իրեն հետ թաքուն ու ոգեւորիչ նպաստը զոր զանգուածը, հայրենի հողը, նոյն երազէն բռնկած ընտրեալներու շարքեր կը հայթայթեն անհատին մենաւոր, դժուար ուժերուն։ Գորշ ու մռայլ հորիզոններու ներքեւ, հայրենիքին կործանման պատկերը մշտապէս կրելու դատապարտուած իր նայուածքի դաշտին, ու իր անկարողութիւնը յուսահատութեան թմբիրէն ազատելու սպաննող տագնապին մէջ, անիկա վազեց, կը վազէ ահա քառսուն տարի է, իր փետուրէ սուրովը դիմագրավելու աղէտներուն աղէտը, եզական աշխարհի տարեգրութեանց մէջ։ Չեմ մօտենար, վերլուծական մեթոտով, այդ կսկիծին որ մեր ամենուն է։ Պատմութիւնը ջնջուած ժողովուրդներու անուններ կը յիշէ իր տոմարներուն մէջ բայց չունի արձանագրած տռամ մը, մերձենալի մերինին։ Մեր մարմինէն աւելի մեր միտքը պարտաւոր եղաւ կրել ամբողջ ամօթը մեր պատմութեան մեղքերուն եւ անէծքին։

 

***

Ու վերջացնելէ առաջ քիչ մը սա երկարաձգուած վերլուծումը, պէ՞տք է հարցնել դժնդակ հարցումը որով կը դիմաւորուին ամբողջական գործերը մարդոց, երբեմն, պայմաններու առջեւ որոնք կը կրկնեն իրենք զիրենք, ինչպէս է պարագան Արշակ Չօպանեանին համար։ Ո՞ւր է մնայուն մասը այս հսկայ վաստակին. ի՞նչ կ՚ազատի անկէ։

Հարցումին պատասխանը ժամանակը տուած է արդէն մասամբ։ Մեր վէպը պիտի մերժէ իր անունը, իբր տաղանդաւոր դասալիքի մը անունը, քանի որ իր վիպակներուն ամփոփումը բան մը չունի աւելցնելիք իր սերունդին միջին ճիգին վրայ: Թուղթի Փա՞ռք ը։ Անշուշտ, բայց շատ վտիտ՝ կոտրելու համար կամակոր ընդդիմութիւնը ապագային, որ միշտ տհաճ ըլլալ կ՚ախորժի: Մեր բանաստեղծութիւնը զինքը չի կրնար քովիկը դնել մեր վաւերական քերթողներուն, ու ասիկա ի հեճուկս այնքան մեծ բարիքներու որոնք իրմով մուտք ունեցան մեր ոտանաւորին։ Գործաւոր ին, սորվող ին այս է տարբերութիւնը բնական էն ու պատիժը նոյն ատեն։ Մեր հրապարակագրութիւնը պիտի չընդունի զինքը նոյնիսկ Մամուրեանի մը գիծին, անիրաւ ըլլալէ աւելի, չկրնալով ըմբռնել իր դերը մարզերու վրայ ուր ուրիշ շնորհներ կ՚իշխեն։ Մեր քննադատութիւնը արդէն կ՚անգիտանայ զինքը, հասկնալի ապերախտութենէ մը աւելի, սեռին կապուած չարիքի մը հպատակելով։ Որեւէ ատեն քննադատները դժուար մուտք պիտի ունենան Տէրոջը այգիէն ներս։ Այն ատե՞ն։

Արշակ Չօպանեանի կը մնայ փառքն ու պատիժը իր ժամանակին։

 


 



[1]        Ոսկեդարը կը գործածեմ դասական իմաստով, անկէ ներս չառնելով պերճութեան, կատարելութեան յղացքներ որոնք ուրիշ առաքինութիւններ կը յայտարարեն: Անկանոն, չըսելու համար անօրէն գործերէ վերջ որոնք անխուսափելի են ամէն սկսող գրականութեան համար, ուր կազմակերպուած ուժերու պակասը, կեանքէն բխող ու անոր հոսանքներովը յղկուած, յարդարուած ճաշակ մը, հասարակաց գաղափարախօսութիւն մը, զիրար հասկցող մարդոց համակեդրոն խանդը կը պակսին, երբ կուգան հրապարակ հաստատ, քիչ մը անանձն, աւելի շատ հանրանուէր հոգեբանութեամբ կրնանք տարազը ընդարձակել դէպի համամարդկային ձգտումներ տոգորուած արդիւնքներ, բանաւոր է խօսիլ դարաշրջանէ ։ Մեր հին մատենագրութիւնը բնազդական սրամտութեամբ տարազը գործածեց իսկական հարազատութեամբ մը, առաջին բխումը այդպէս կերպադրող։ Ոչի՛նչ` ինքնագիր այդ արդիւնքին մէջ։ Բայց ամէն բան ինքնատիպ, ճիգին ու թէքնիքին մէջ: Մեր նոր գրականութեան մէջ մէկ անգամ պատահող նման պարագայ մըն է մեր իրապաշտութիւնը։ Սխալ չէ զայն աշխարհաբար ոսկեդարը անուանել, վասնզի այդ դպրոցին մէջ է որ առաջին անգամ մեր նոր բարբառը ինքնաբաւ կը դառնայ ու կը բաւէ մանաւանդ ամբողջ սերունդի մը իմացական ցանկութիւնները արտաբերելու։ Յետոյ, գործիքէն անդին, ոգի՛ն, երբ տասնի մօտ տղաք իրարու մօտ կը բերեն իրենց իմացականութիւնները ու մէկ կը տեսնեն իրենց գործունէութեան առջեւ փռուած դաշտը զոր կանխողները վերածեր էին անասելի մրցանքներու ասպարէզի մը, իւրաքանչիւրը իր քմայքները, սորվածները, իր փչուած անձնաւորութեան խուլ ախտահար զեղումները խաղէ տանելով ու իբր արուեստ պարտադրելով ահաբեկ, ապշահար մարդոց։

[2]        Իրապաշտներէն խմբագրուած Մասիս ները (անգամ մը` Արփիարեան - Բաշալեան, ուրիշ անգամ մը Զօհրապ - Հ. Ասատուր) անշուշտ ծառայեցին մեր գրականութեան։ Բայց շաբաթաթերթի մը 10-20 թերթերը հասկնալի տկարութիւն մը անխուսափելի կ՚ընեն ամենէն բարի կամեցողութիւններն ալ ենթարկելով ծաւալի, շունչի հիմնական ճնշումին։

[3]        Մեր նոր գրականութիւնը, իր երկու հատուածներուն մէջ ալ, չի կրնար ինքզինքը զերծել, մանաւանդ երբ կը պատմուի, զինքը իր խորագոյն ու հեռաւոր խորշերուն, բջիջներուն մէջն իսկ ողողող, թրթռացնող իսկութենէն որ յեղափոխական սարսուռն է։ Զա՛յն անտեսել, կը նշանակէ այդ գրականութիւնը զրկել իր լաւագոյն աւիշէն։ Բայց ասկէ անդին է որ կը սկսի ողբերգութիւնը։ Զայն դատելու ճիգերը կը փորեն անդունդը աւելի խոր, մեր հոգիէն ներս: Անոր աղէտը բեռնալ սերունդի մը ուսերո՛ւն, թուղթի գիտութիւն մըն է ու իբր այդ՝ տխուր։ Անոր աղէտը անտեսել, ուրիշ տխրութիւն մը, քանի որ մեր գրականութիւնը հիմա կը մշակուի հայրենիքէն դուրս, Գահիրէ, Բարիզ կամ Ամերիկա, գինը տալով իսկ մորթին վրայ, աղէտին։ Ինծի կուգայ թէ մեզի համար դժուար է հանդարտ հոգիով մը մօտենալ այդ հաշուեյարդարին: Ամէնքս ալ կը կրենք աղէտին թաթը մեր սիրտերուն խորը։ Ո՞վ է մեզմէ ան որ կորուստ չունենայ գրուած իր հոգիին վրայ, անքակտելի խարանով։ Ո՞վ է այն թշուառականը որ գոնէ պիտի չկարմրէր իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն վրայ գործադրուած արարքներուն ամօթովը։ Եթէ յիմարներ էին անոնք որ աղէտը շղթայազերծեցին, նուազ իմաստուններ չեղան այն միւսներն ալ, ու չեն որոնք աղէտին պատասխանատուութիւնը հոգեկան անասելի վատութեամբ մը մեր մէջ փոխադրեցին։ Բայց բոլորս ալ կը ճանչնանք թուրքը։ Ու այդ թուրքը կը ճանչնան, գէթ պարտաւոր են ճանչնալ նաեւ անոնք որոնք այդ թուրքին թուրը բռնեցին մեր գլխուն, տարիներով, այսօր իյնալու համար անոր տակ: Յիսուն տարի յետոյ, ուրիշ սերունդ մը երբ պիտի մօտենայ այս ողբերգութեան վերլուծումին, կ՚ենթադրեմ թէ պիտի ըլլայ աւելի արդար: Առայժմ, մեր գրականութիւնը, ինչպէս մեր ընկերային հոգեբանութիւնը, ինչպէս մեր հոգիին հոգին մշուշին մէջն են մեր հրդեհին ու չերեւար հովը որ մառախուղը վանէր։

[4]        Գրական քննադատութեան համար «մուտքի պայմանները» իրարու հետ համերաշխ չեն սերունդէ սերունդ։ Դասական գրագէտները զայն չեն զատեր իրենց ձեռնհասութենէն ու կը վերածեն ճաշակի ու վայելչութեան ընդհանուր ցուցմունքներու։ ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերուն ամէն մատենագիրը դատող է անպատճառ։ Ռոմանթիքները զայն վերածեցին պատմական տողանցի մը (Հիւկոյի Քրոմուէլի յառաջաբանը ) անիրական, քմահաճ ու հռետոր։ Իրապաշտները, յանձին Թէնի, անոր բռնադրեցին սահմաններ, օրէնքներ ու նպատակ, գիտական մեթոտ ու յաւակնութիւն։ Սէմպոլիսթները զայն լծեցին անձնական արտայայտութիւններու: Ու աւելի յետոյ տպաւորապաշտները, վարդապետականները, պատմաբանները զայն կանչեցին զարմանազան դերերու։ Այս արագ շրջափոխութեան մէջ գիտական, իմաստասիրական պատրաստութեան մը բարիքը քիչ անգամ ընկերացաւ դատողներուն որոնք գործերուն դէմ տրամադրուեցան, յաճախ չոր հմտութեամբ, երբեմն հոգեբանական հետաքրքրութիւններով (Սէնթ Պէօվ), միշտ հրապարակագրական ոգիով մը, սորվեցնող ու լուսաւորող։ Անոր համար այս ծանօթութի՛ւնը` վասնզի մեր քննադատութիւնը այսօր ինքնիրեն իրաւունքներ կուտայ աւելի բարձր խօսելու քան գրականութիւնը։ Սրամտութիւն, քանի մը ընթերցում, ոճ բաւ են մարդոց որպէսզի ասոնք վճիռներ արձակեն իրենց չգիտցած բաներուն վրայ։ Ըլլալէ յետոյ բացատրող, թելադրող, սորվեցնող, այսօր, երբ մեր ստեղծագործութիւնը հասկնալի արենահոսութեամբ մը տժգոյն է ինքնին, անիկա տրտում հաշուեյարդար մըն է աւելի քան չանուանելի կիրքերու, զորս կը հրահրեն դժբախտ զրկանքներ, զգայութիւններ, օտար մշակոյթներու եւ պայմաններու խորքերուն մէջէն։ Իրար չքաշելը չէ ասիկա դասական նախանձին։ Այլ գլխովին ուրացում մը որ անշուշտ բան չի փոխեր արժէքներուն տեսակարար կշիռէն, բայց կը խաթարէ սեռին իսկ նկարագիրը: Չօպանեանի քննադատութեան ընդհանուր ոգին դրական, լաւատես, ռոմանթիք ու ինքնապատկեր է, բայց երբեք բացասական։ Հիմա մարդեր սէր չունին, մտքէն, հմտութենէն, պարկեշտութենէն առաջ։

[5]        Մեր հնագոյն, ըսել կ՚ուզեմ ոսկեդարեան մատենագրութեան մասին Արշակ Չօպանեանի աշխատանքները կը կազմեն քննադատի իր գործին ամենէն համեստ մասը։ Սխալը կը գործէ անոնց մէջ, արդիական մեթոտը փորձել արդիւնքներու գնահատման մը մէջ որոնք ծնունդ են բոլորովին տարբեր հոգեբանութեան։ Փարպեցի, Եղիշէ, Խորենացի գրագէտներ չեն, այս բառին ոչ ընթացիկ ոչ ալ դասական տարողութեամբը, այլ մարդեր, մեր մէջ միայն կարելի։ Անշուշտ անոնք վկայութիւններ են այս ցեղէն բայց կը զատուին Նարեկացիէն, Քուչակէն, աշուղներէն որոնց ստեղծումները արուեստի շեշտ ըմբռնումէ մը կը բխին, մեզայատուկ եւ իրաւ։

[6]        Այն աստիճան որ Վիեննայի Մխիթարեան հայրերը չեն վարանած զայն իրենցմէ մէկը ընդունելու, արժեցնել ձգտելով անոր մէջ, ամենէն առաջ, հայ բանասիրութեան վաստակաւորներէն մէկը, երկրորդաբար՝ հայ պատմութեան միակ մը, հազիւ յիշելով, կամ տեսնելով անոր մէջ արուեստագէտ-քննադատը։ Բարատոքս ին իմա՞ստը: Պարզ է սակայն։ Մարդիկ արդիւնքներուն զսպանակները քիչ անգամ նկատի կ՚ունենան։ Այս տեսակէտէն դիտուած, Չօպանեանի քննադատական գործը կը տկարանայ, մանաւանդ իբրեւ քանակ, իր ուրիշ այս անգամ առատածաւալ ժառանգութեան առջեւ: Բայց բարատոքս ը միշտ ճշմարիտ չէ։

[7]        Արշակ Չօպանեան մոլեռանդ ուղղափառի մը պէս պաշտպանած է իր այդ կարգի ուսումնասիրութիւնները բանագողութեան ամբաստանութեան դէմ, առանց կասկածելու միւս օրէնքին ալ ճշմարտութեան, որուն համեմատ գրականութիւնները ջղային, զգացական երեւոյթներ են, իմացական ըլլալէ աւելի ու մենք չենք կրնար տասը ջղային դրութիւն հայթայթել մեր պատանութեան։ Որեւէ հայ պատանի, որ Պոլիս է կազմած իր զգացական դրութիւնը, չի կրնար զգալ ֆրանսերէն կամ անգլերէն քերթուածի մը թաքուն, անվերածելի գեղեցկութիւնը, որպէսզի դատէ զայն։ Գրականութիւններու թարգմանութիւնները միշտ թերի կը մնան այս սկզբունքէն դիտուած։ Անոնք որ ետքէն սորված լեզուով մը կը գրեն, կը գրեն ոչ իբր արուեստագէտ։ Ահա թէ ինչու հազար ու աւելի տեւող քրիստոնեայ լատիներէնը ոչ մէկ գրական գործ չտուաւ արեւմտեան մշակոյթին, մինչ աւելի խեղճ բարբառներ (բաղդատուած այդ օրերու լատիներէնին, ինչպէս իտալականը, ֆրանսականը, անգլիականը, աւելի վերջ գերմանականը պիտի տան ազգային գրականութեանց առաջին մեծ գործերը։

[8]        Ամէն սերունդ անցեալը ճանչնալու իր կերպին մէջ ինքզինքը կը ճշդէ: Միջազգային գրականութեան մայր նիւթերը կազմող այդ հարցերուն շուրջ Արշակ Չօպանեան որեւէ տիտղոս չի ներկայացներ, զանոնք անձնաւորելու, գլխաւոր այն իրաւունքով որ անոնք հայ գրականութեան համար անծանօթ աշխարհներ են։ Պարէս մը կրնայ Թէնի տէթէրմինիզմ ը դատելու ատեն իր սերունդին դիմագծութիւնը սեւեռել։ Նման պարագայ մը չի դրուիր իբր հարց Արշակ Չօպանեանի ուսումնասիրութեանց առջեւ։ Նոյն դիտողութիւնը՝ գրեթէ նոյնութեամբ մեր հին գրականութեան շուրջ իր վերլուծումներուն համար ալ։

[9] Sարիներու տրտում պատմութիւն մը կայ Չօպանեանի եւ իմ միջեւ, քննադատական շատ մը հարցերու շուրջ, դժուար որքան անիմաստ դրուագներով ծանրաբեռն։ Կ՚անցնիմ բանավիճային որով եւ անլուծելի փոքր, կրքով պղտորած կողմերուն վրայէն այս ոխսրտութեան (գրագէտներու թերութիւնները լռել գիտնալը ծառայել է այդ գրականութեան երբ անոնք արժանիքներու որոշ փաստեր ունին իրենց պահանջք ին) կենալու եւ ըսելու համար հիմնամասը իմ մտածումիս որ արդար ճանաչումը, գնահատումը ըլլալով հանդերձ անոր գեղեցիկ, երբեմն հզօր կարողութեանց, միշտ դատելու մարզին վրայ, չի վարանիր անոր վաստակին մէջ մատնանշելու նաեւ կարծրացումը, կրացումը, անխուսափելի հետեւանքները մեր ապրած միջավայրէն մեզի հասնող ազդեցութեանց, երբ, տարիքին հետ որ մեր աչքերը կը զարնէ մեր ուղեղէն առաջ ու գիրերը կը պղտորէ, ընթերցումը վերածելով ճշմարիտ տանջանքի (քննադատին սնունդը օտարներուն գիրքերն են դժբախտաբար), մեր քաղաքական գերաճուն կարիքներուն հետ, որոնք մեր ուժերը ամբողջութեամբ կ՚ենթարկեն իրենց, մեզ խլելով մեր սեղաններէն, նետելու համար այլապէս անբանացնող (յիշել բառին ֆրանսերէնը) զբաղումներու, Արշակ Չօպանեանին մէջ քննադատը պիտի կասի, գրեթէ այս դարու առաջին տասնամեակին։ Եղերական այս ճակատագիրը անօգուտ է ուրանալ, վասնզի, առանց այդ փաստին, անըմբռնելի պիտի ըլլան Չօպանեանի տեսութիւնները, արժեճանաչումները, ուրացումները մարդոց եւ երեւոյթներու մասին որոնք այլապէս ընթացք ու կերպարանք առին քառորդ դարէ ասդին։ Ճիշդ է, անոր տրուեցաւ հոտառութիւնը Դանիէլ Վարուժանի տաղանդը նախազգալու: Բայց նոյնքան ճիշդ է դժբախտութիւնը խռօ ի վերածելու Հայ գրականութեան ամենէն մաքուր արժէքներէն մէկը, Հրանդը ։ Կի՞րք, կուսակցամոլ կուրութի՞ւն: Քննադատը վեր է այդ ամենէն. գէթ պարտի մնալ։ Քանի մը տարի առաջ, անիկա Անահիտ ի սիւնակներէն Շիրվանզադէներ կը գտնէր անասելի անուններու մէջ։ Ու ասիկա այսպէս, մինչեւ այսօր: Միւս կողմէ, քննադատին սա նուաղումին զուգահեռ պիտի աճին իր մէջ հրապարակագիրը, պրոպականտիստը, կուսակցապետը, իրենց երանգը պարտադրելով անոր մտքին։ Մինչեւ պատերազմ կը հասնին սակայն անոր իմացական առկայծումները, որմէ վերջ քիչ անգամ մեզի պիտի տրուի բախտը իրմէ նոր, խորունկ ու արդար բան մը կարդալու, եթէ զանց ընենք հակառակ ճշմարտութիւնը որ կամաւոր կամ անգիտակից խեղաթիւրումն է արժէքներուն։ Քրոնիկը որ պատերազմէն առաջ պատահական էր իր բեմին համար, երկրորդ այս շրջանին պիտի գրաւէ զայն ամբողջութեամբ, որուն մէջ Արշակ Չօպանեան պիտի դնէ իր շրջանակին անդրադարձումները գովելու կամ պարսաւելու համար քրոնիկը վայել թեթեւասրտութեամբ, ողջունելով մեծ գրագէտներ հասարակ լրագրող ըլլալու իսկ անատակ աղքատութեանց մէջ:

Ահա ամբողջութեանը մէջ դժբախտ այդ պատմութիւնը:

[10]      Հազիւ քսան տարիներ կը բաժնեն բանաստեղծը եւ զինքը՝ ուսումնասիրողը իրարմէ։ Եւ սակայն ինք միայն գիտէ թէ ինչ վազք, փնտռտուք, դժուարութիւն արժած է իրեն այդ հատորիկը, հակառակ անոր որ տուն, ընտանիք, մայր, եղբայրներ, ազգականներ, աշխարհ մը ծանօթներ հոն էին, Իսկիւտար կամ Պոլսոյ ուրիշ թաղերը, լուսաւորելու համար իր աշխատանքը։ Գրագէտին անձին շուրջ կենդանի վկայութեանց այս մթերքը դժբախտաբար անշահագործելի՝ իր սերունդէն վերջը, միշտ ալ անշահեկան նկատուած է մեր մէջ։ Հազիւ քանի մը ձեռագիր ազատուած են արեւմտահայ մեծ քերթողին վաստակէն։ Ու ո՜վ հեգնութիւն. անոր լուսանկարն իսկ յարմարցուցած ենք, իրականին պակասին պատճառովը։ Չօպանեան մեր գրական բարքերուն ամենէն տխուր մէկ հատուածին հետ կ՚ունենար իր առաջին բախումը։

[11]      Գաղտնիք չէ բանիմացներուն համար որ կարգ մը իմաստի կեդրոններու մէջ Արշակ Չօպանեան առաւելապէս տիտղոսուի իբր ազգային բանասէր: Տիտղոսին հեգնութիւնը զգալու համար Չօպանեանը մինակ չեմ թողուր։ Մեր գրական բարքերը աւելի մեծ տարօրինակութիւններ պիտի արտօնէին մեզի։ Անկախաբար սակայն պատիժէն որ տիտղոսինն է հաւանաբար Չօպանեանի ներքին խղճմտանքին մէջ, այդ ծիծաղելի տարազը հետզհետէ պիտի ամրանայ, նկարագիր դառնալու աստիճան, հասարակաց մէկ մասին դատաստանին առջեւ, երբ պիտի երեւան Հայ Էջեր ը, Աշուղներ ը, Հայաստանի Վարդենիք ը (ֆրանսերէն գրուած, որոնք մինչեւ պատերազմ ու մինչեւ հիմա, հում նիւթը, սեպհականութիւնը կը նկատուէին մեր պատմութեան, շատ շատ բանահաւաքութեան (բարբարոս բա՜ռը) եւ որոնց ուսումնասիրութիւնը իբր գրական երեւոյթներ աւելորդ էր որքան անհասկնալի։ Ուրիշ հարց՝ այս գիրքերով ճշմարիտ պատմութեան ընծայուած նորութիւնները։ Չօպանեան բնագիրներու վերլուծման մէջ կարկառուն շնորհներ երեւան չբերաւ. բայց ըրաւ աւելին: Այդ բնագիրներուն տակ թաքնուած հոգին էր որ քակեց ու նետեց մեր վայելումին։ Հոս է որ կը տարբերին բանասէրն ու արուեստագէտը:

[12]      Հարցը կը դնեմ կատարեալ գիտակցութեամբ։ Մեր մատենագրութեան հին դէմքերը աս ու ան ֆանթէզիսթ ին աւելի կամ նուազ բանդագուշային տեսութիւններու հանք ծառայելէ առաջ, գրական դէմքեր են։ Ի՞նչպէս որակել մտայնութիւն մը որ հիմնական այդ կողմը ոչ միայն անտես կ՚ընէ այլեւ ամբողջութեամբ կ՚ուրանայ, զբաղելու համար թիւի, էջի, բառի, թուականի մանրամասնութիւններով որպէսզի աս կամ ան վարկածը լուսաւորուի։ Յետոյ, պատմութիւնը հիմա է որ գրականութեան կալուածէն վտարած ենք որպէսզի այդքան գուրգուրանք, յոխորտանք, մեր գրել չգիտնալը մեզի արժանիք յայտարարելու աստիճան։ Պատմիչներ են Սէնթ-Պէօվը, Ռընանը, Աբբա Պրէմոնը ու անհուն տարողութեամբ հարցեր գրական, կրօնական, քաղաքական, բանասիրական մշակած են լեզուով մը որ կախարդանք մըն է, միս մինակը, հարցերուն այլապէս առինքնող ուժէն առաջ։ Չօպանեանի գործը այդ հմայքէն մասեր ունի։ Հ. Եկինեանի Եղիշէ ՞ն։ Կը ցաւիմ յայտնելու որ տաժանք է որեւէ Վիեննացի գիտնական ու ցաւը աւելի կը խորանայ իմ մէջ երբ ապահով եմ որ այդ գիտութիւնը որքան խոր, ապահով ու իրաւ է անոնց մօտ աբբայի մը այլապէս բազմարժէք գործին ընթերցումը։ Ու Եղիշէ ն բացառութիւն չի կազմեր։ Անիրաւ կամ տգէտ չենք երբ կը պահանջենք վայելուչ տարազ ու երբեմն ալ ծանր ու խոր պատրաստութիւն։ Երեք չորս հարիւր էջ յատկացնել Եղիշէ ի պատմական նշանակութեան ու զլանալ իր նայուածքը այդ գործը ամբողջ ազգին սիրելի ընծայող բուն իսկ արժէքին, գրականութեա՛ն. ահա ինչ ըրած է շատ յարգելի, շատ գիտնական Մխիթարեանը, որ կը պատրաստուի Հայ Գրականութեան պատմութիւն մը գրելու, այս առաջադրութեա՜մբ։

[13]      Շահեկան է ճշդել յղացքին տարողութիւնը։ Իրապաշտներուն համար (մեր մէջ) անիկա շեշտօրէն քաղաքական, օգտապաշտ նկարագիր մը ունի, պայքարող, «կոտրող-թափող» ու իբր այդ՝ միշտ ժողովրդական։ Խմբակէն Չօպանեանն է որ յղացքին տակ կը տեսնէ այլապէս բարձր ու բարի հետաքրքրութիւն մը: Վարկպարազի բառեր են արուեստը արուեստին համար, ժողովուրդին համար տարազները, որոնք բիւզանդական վէճերը կը յիշեցնեն մանաւանդ ֆրանսական մամուլին մէջ։ Արշակ Չօպանեանի համար հայ գրականութիւնը անոր հոգեկան բոլոր շնորհներուն աղբերացումն է, կարելի միջոցներով։ Այս է պատճառը որ անիկա կրցաւ զգալ երկու երեք սերունդի զգացումները, առանց տառապելու այլատարր հոգեբանութեանց բխումներէն։

[14]      Չօպանեանի քննադատական դրութեան դէմ շատ են մեղադրանքները, որքան շատ ուրացումները որոնք անոր այդ գիծէ վաստակը կ՚արժեզրկեն, իջեցնելու աստիճան զայն գրական reportageի անփառունակ փառքին: Երեւոյթը շահեկան է ու զայն ամբողջութեամբ լուսաբանել զիս հեռուները պիտի տանէր։ Մեծ մասը այդ մեղադրանքներուն հակահարուած մըն է, ամէն համբաւի շուրջ ինքնաբերաբար գոյաւորուող։ Յիշեցէք Ռաֆֆին, Եղիան։ Երեւոյթը կ՚արձանագրեմ ու կ՚անցնիմ: Եղաւ որ այդ վաստակին թեթեւութիւնը, սահունութիւնը, հրապարակագրական նկարագիրը, ինչպէս նաեւ կրքոտութիւնը, անիրաւ կողմերը, կողմնակալութիւնները աճեցուցին, խղդելու աստիճան այս խօլաբոյսերուն մէջ իսկապէս համեստ, ազնիւ ծաղիկը անոր միտքին ու զայն վտարեցին դուրս Տիրոջը այգիէն։ Եղան ալ մարդեր որոնք չհասկցան անոր դժբախտութիւնը, մոռնալով անոր իրական հանգամանքը, դժբախտ գրականութիւն մը դատողի դիրքը, ու անկէ պահանջելու ելան եւրոպական տարողութեամբ քննադատը։ Չեմ խօսիր զինքը հիմնովին ուրացողներէն որոնք անոր կիրքերը կ՚անդրադարձէին իրեն բայց բան մը չէին ապացուցաներ։ Իրականութեան մէջ քննադատը ամենէն անպաշտպան արարածն է արուեստի սպասարկուներէն։ Վիպողի մը վրիպանքը բացարձակ է, երբ անոր կը պակսին սեռին մայր նկարագիրները որոնց ճանաչումը կատարուած է արդէն, նախօրօք: Քննադատի մը համար յաջողութիւն կամ վրիպանք յարաբերական կշիռ ունին, վասնզի երկու պարագան ալ կը շահագործեն հասարակաց զգայնութեան զատ զատ տախտակներ, ըստ որում քննադատութիւնը հրապարակագրական իր բնոյթին պատճառով կը մօտենայ հրապարակի միջին ճաշակին որ ամէն տասը տարին տեղ մը կը նորոգուի։ Մնացածը հասկնալի է ինքնին։ Ահա թէ ինչու մարդիկ շատ կարծիքներ ճակատեն իրարու, նոյն երեւոյթին շուրջը, երբեմն գլխովին զիրար հերքող։ Մէկ խումբին համար Սիպիլը, Իսահակեանը, Թէրզեանը ըլլան վաւերական քերթողներ, ուրիշ խումբի մը համար՝ հասարակ տաղաչափներ։ Երբ այս հակադրութիւնները անհատներու պարունակէն փոխադրենք ամբողջութեանց ու դատենք գրականութիւն մը այս անգամ, կը հետեւի թէ որքան շինուած կարծիքներ պիտի տեղափոխենք, որքան նախապաշարում պիտի վրդովենք ու որքան դիւրազգածութիւններ պիտի արիւնենք։ Իսկապէս տխուր ու դժբախտ գործ է գրականութիւն մը դատելը։ Իսկ մեր գրականութիւնը դատելն ալ կը ձգեմ ձեզի: Երբ մէկը գիտէ խօսիլ մտածման համար պատրաստուած միտքերու, անոնց հետաքրքրութիւնը կանոնաւոր է, տեւապէս կամ անձին օրինակովը, ու բազմացնէ ընտրանին, այդ մէկը, այդ իսկ առաքինութեան գինով, դէմք մըն է, արժանի առնուազն յարգանքի: Բայց երբ այդ մէկը նոյն ատեն ունի այլապէս հզօր պաշտպանուած պատրանքներ, իր ժողովուրդին ընդունակութեանց վրայ, արի ու բարերար պատրանքներ ու զանոնք կը ջանայ տարածել օտարներուն որքան իրեններուն գնահատման ու սիրոյն, գրեթէ միս մինակը, ընդդէմ աշխարհ մը հակառակորդներու, սոփեստներու, ծաղրածուներու, ու, հակառակ համատարած հերքումին որով իր գործը կը փոշիանայ, այդ իսկ ժողովուրդին գրեթէ կիսաջնջմամբը, բայց կը մնայ կրկին պատնէշին վրայ, պոռալու իր անզօր ձայնովը մէկ ու նոյն յանկերգը, անիկա արժանի է յարգանքէ անդին բանի մը։ Այդ մէկը Արշակ Չօպանեանն է: Անշուշտ շատ ունեցողէն շատ պիտի ուզուի, տակաւին Աւետարանի գրուած տարիներէն։ Որքան բարի՜ք, եթէ երբեք այդ մէկը տար զինքը ամբողջովին, բոլորովին ազատ ուրիշ զբաղմանց տաղտուկէն ու սպառումէն, ու ըլլար հայրը մեր գրականութեան լիակատար պատմութեան։ Բայց աշխարհ ե՜րբ կը քալէ արդէն մեր փափաքներուն կարկինովը:

[15]      Չօպանեանի մէջ կիրքը բարերար որքան տգեղ երեւոյթ մըն է։ Անիկա կը տաքցնէ, կ՚մարմնաւորէ իմ դատումները, ճիշդ է, բայց անոնց սեպհական ծանրութեան վրայ կասկածի նուրբ բան մըն ալ նետելով։ Իրաւամբ կը սպասենք որ դատումները իրենք իրենց քալեն, մեզ համոզեն իրենց սեպհական ուժականութեամբը, առանց նպաստ մուրալու ակնարկումներէ, տգեղ բառերէ, որակումներէ, ուլրացումներէ որոնք ճիշդ հակառակ արդիւնքին կը տանին ընթերցողը։ Այլապէս տրտում է իր մօտ գործածումը բառերու, ասութիւններու որոնք պարկեշտ մարդիկ պիտի խնայէին իրարու, դէմ դիմաց խօսքի ատեն, ուր մնաց լրագրական էջերու վրայ։

[16]      Յիշել ֆրանսացիներուն Մալէրպը որ վերջապէս եկաւ: Դժուար է այսօր այդ մարդէն երկու տող կարդալ: Բայց ֆրանսական ոտանաւորը չի կրնար մոռնալ իր անունը։ Այսպէս է ճակատագիրը կարգ մը մարդոց։ Միայն տաճարներ հրդեհող յիմարները չէ որ պատմութեան կ՚անցնին։ Կ՚անցնին նաեւ հաստատ, համեստ բայց արգաւանդ գործ ի կատար ածողները: Չօպանեան աւելիով նման է գաղիացիներուն Մալէրպին։

[17]      Մինչեւ Արշալոյսի Ձայներ ուն կազմութիւնը Արշակ Չօպանեան հետեւակ մըն է օրուան ճաշակներուն: Այդ քերթուածները սակայն պիտի չընդունուին ամբողջական իր գործերուն շարքին մէջ, փաստելով նոյն ատեն հեղինակին կեցուածքը նախ շրջանին, յետոյ իր իսկ անձին դէմ։ Միայն պատանեկան չէր անոնց մեղքը։

[18]      Սովորութիւն է մեր ոտանաւորին գրաբարեան սեթեւեթէն ազատագրումը կապել Տիկին Սիպիլի իրապաշտ, պատմողաշունչ այն քերթուածներուն (յիշելու համար քանի մը նմոյշ` Ժանեակները, Դարավերջիկ Հիւանդը, որոնք իննսունական թուականներուն գրական մեծ եղելութիւններ կը դասուէին։ Կեանքի շահեկանութեան՝ լուսիններէն, զեփիւռներէն այլուր փոխադրումը չէր միայն պատճառը այդ աղմուկին։ Ոչ ալ պիտի բաւէր զիրենք այդ փառքին առաջնորդել կոկիկ, պչրուն խնամքը, բառերուն ճաշակաւոր ընտրութիւնը, լեզուական ամբողջ այն յարդարանքը, որպէսզի յաղթահարուէր նաեւ ոգին, եթէ նոյն այդ թուականներուն գրուած չըլլային Չօպանեանի քերթուածները եւ մանաւանդ հատորիկը Թրթռումներ վերնագրուած որ իսկական թուական մըն է մեր քերթողութեան պատմութեան մէջ։ Հոն, Արշակ Չօպանեան ոչ միայն գործիքը կ՚ազատագրէ լայն չափու մը վրայ (դեռ այդ գրքոյկին մէջ նշմարելի են քերականական նուաղումներ), այլ մանաւանդ խորքը, աշխարհը: Նիւթերու նորութի՞ւն։ Եթէ կ՚ուզէք։ Կանխողներէն փայփայուած բոլոր բացագանչական, դիմառնական ոլորտները կը չքանան, մոգական հարուածի մը մէջ։ Տաղաչափական շատ ուշագրաւ նորութիւններէն դուրս (որոնք ֆրանսական քնարերգութեան կաղապարներուն որդեգրումը եղան) հատորիկը նորութիւն է իբր աշխարհ, քանի որ մեր քերթողութեան ընթացիկ թաւուտներէն, դարպասներէն շեղում մը կը պաշտպանուի հոն։ Չշփոթել այս իրականութիւնը այն միւս երեւոյթին հետ որուն հեղինակները կը ներկայանան ամենէն շատ Աճէմեան, Սիպիլ, աւելի յետոյ Լեւոն Սեղբոսեան։ Այլակառոյց այս մտահոգութիւնը բանաստեղծութեան վրայ իրապաշտ վէպին ծանր մէկ արշաւն է, օրուան հանգանակներէն թելադրուած։

[19]      Զոր չեն կրցած ընել արեւելահայերը, հակառակ մեծ ճիգերու Յովհաննէսեանով Տէրեանին հասած նորոգումը հիմա աղաւաղուած է երկաթի կշռոյթով, անոնց մօտ։

[20]      Քննադատին վրայ խօսած պահուս չբացի այն կախարդական աշխարհը որ մեր մեծ աշուղներուն միամիտ տաղերուն տակ ծրարուած կը մնայ։ Հին ձեռագիր մը քակելուն հեշտանքը նման է կ՚ըսեն թունդ գինիով մը տարուելուն: Ճշմարտութենէ աւելի բան մը կայ առածին խորը։ Օրերով, ամիսներով այդ ձեռագիրներուն ետեւէն գտնել մարզը որ այդ տողերուն մէջ դրած է իր ամենէն ազնուական մասը, քիչիկ մը լեցուիլ է անշուշտ այդ ազնուատարր իսկութեամբ։ Թարգմանութիւնն ալ նոյնքան բարի է, քանի որ նեարդ առ նեարդ ապրում մըն է ոչ թէ աչքերու սահանք, ինչպէս կ՚ըլլայ յաճախ ընթերցումը։ Եւ որովհետեւ Չօպանեան քառասունէն ետքն ալ, վաթսունէն ետքն ալ դեռ չէ բաժնուած իր աշուղներէն, տեղն է ծանրանալ փաստին: Յետոյ միշտ աչքի առջեւ ունենալ որ աշուղները գրագէտներ չեն, այլ խոր ու միակտուր զգացողներ որոնք այդ վիճակին ճամբովը ելան իրենց ոտանաւորներուն, առանց մտքէ անցընելու քսաներորդ դարու գեղագէտ-քննադատներուն վճիռները:

[21]      Արդար ըլլալու համար աւելցնել սակայն որ շարժումէն կէս դար յետոյ ալ, երբ մեր արուեստագէտները լայնօրէն ճանչցան Եւրոպան, իրականութիւնը տարբեր չէ այսօր։ Պատերազմէն յետոյ, մանաւանդ ամերիկեան մամուլին մէջ լայն ծաւալ ու սպառում գտնող վիպ(ակ)ային շարժումը, աւելի քան դժբախտ արդիւնքներ արձանագրեց, քիչ անձի վրայ բարձրանալով իսկական արուեստին, ու դառն նմանութեամբ մը յիշեցնելով օրերը երբ իզմիրեան թարգմանութիւնները եւ օրագրային թերթօնները (ասոնք ալ փոխադրումներ) կը բռնէին տեղը այսօրուան հարիւրաւոր իբր թէ ինքնագիր, բովանդակութեամբ հայ, բայց ոգիով անորակելի պատմուածքներն ու վէպերը, թերթօններէն ալ անժառանգ։ Քանի քանի անուննե՜ր, որոնց գործերը կը լափուին ներկայիս այն ախորժակով որ նման ըլլալու էր Թափառական Հրեան կարդացող մեր պապերուն ախորժակին։

[22]      Տպաւորապաշտ նկարչութեան մը (ֆրանսական դպրոց) իբր արձագանգ գերմանները հնարեցին տպաւորապաշտ բանաստեղծութիւն մը (1880ի դպրոց)։ Իմ վերնագիրը աւելի համեստ է։ Անիկա անշուշտ կը մօտենայ արդի մեծ լրագրութեան նախասիրած reportageին, բայց չէ զայն։ Անիկա կը յիշեցնէ նոյն ատեն ֆրանսացի իրապաշտներուն մօտ վարկ ունեցող գրելու կերպ մը, որ ծնունդ է առաւելապէս մէկ երկու մեծ հիւանդներու ( Նովալիս, Ներվալ, Պոտլէռ, Ժիւլ Լաֆորկ ) բացառիկ խառնուածքին ուր քերթողական կրակը, դիտողութեան սուր վերլուծումը, երբեմն գիտութեան նպաստը իրար կը լրացնեն։ Նկարչական, երաժշտական հայեացքներու համախառնումը գրական զգայութեանց, ահա հիմնական նկարագիրներ, որոնց այնքան ալ օտար չեն գար Չօպանեանի կողմէ մշակուած այնքան դատումներ, գրական կազմածով մը, բայց որոնց ճիշդ անուն մը դժուար է գտնել դասական բաժանումին մէջ։

[23]      Յիշելու համար օրինակ մը այդ անգութ որքան հոյակապ խեղաթիւրումէն՝ կուտամ անունը Կոստան Զարեանին, որուն Անցորդը եւ իր Ճամբան ընդարձակ ուղեգրութիւնը կը վտանգէ անփոխարինելի դիտողութեանց արժէքը, անտեղի nրքան խնդրական ընդհանրութեանց մշուշ մը պտտցնելով իր ետեւէն, ծանր, անտանելի, կասկածելի ընծայող՝ յաճա՛խ, վաւերական զգացողութեանց իրականութիւնը: Այդ շարքը ինքզինքը կը փրկէ սակայն վասնզի կուգայ մեզի կիսածանօթ, սիրելի ոլորտներէ։ Երկիրներ եւ Աստուածներ անունին տակ մեզի հրամցուած անտանելի եղջերուաքաղը տիրական փաստ է այս անպարկեշտութեան։ Սուտը ոսկեզօծելը արուեստ չէ եղած ոչ մէկ ժամանակ: Այս վրիպա՛նքը, անոր համար, վասնզի մենք չենք զիջիր յաճախ կենալ պարզ կեանքին դիմաց, զայն transposer ընելու մեր արագութեան մէջ արհամարհելով դանդաղ յառնող, բայց դանդաղ թռող զգայութիւններու արժէքը ու կը գրենք մեր ուղեղէն երբ ատոր պէտք չունին կարդացողները։ Մտածելը ուրիշ արարք։ Կեանք մը տալը՝ ուրիշ։

[24]      Չօպանեանի ես ը պատմութիւն մըն է իր սերունդէն մեզի անցած։ Կեղծ Հանճարներ (Տիկին Եսայեան) գրքոյկը բան մը կ՚ըսէ այդ ուղղութեամբ: Խարազան ը (Սուրէն Պարթեւեան) անգութ է որքան չեն ներեր գրական բարքերը որեւէ ատեն։

[25]      Թարգմանչական վաստակը պէտք է տեսնել իր արդար արժէքին մէջ: Զայն ուրանալը, յանուն ինքնատիպ արդիւնքներու հետամտութեան, իր ժողովուրդը անտեսել պիտի նշանակէր: Բոլոր փոքր, նոր ազատագրուած ժողովուրդներ ըրած են այդ փրկարար ճիգը, միջազգային գրականութեանց մեծ գործերուն ազգայնացման։ Ի վերջոյ այլապէս շահեկան փաստ է որ հայ դպրութեանց ոսկեդարը թարգմանութիւններ միայն ունի մեզի կտակած։ Ուրի՛շ հետաքրքրութիւն մեզմէ օտարին փոխադրումներու մէջ ուր նպատակը չէ որ վերապահ կ՚ընէ զիս, այլ արդիւնքին մշտական վրիպանքը որ բան մը պէտք էր սորվեցնէր մեզի։

[26]      Կը գրեմ այսպէս խորապէս գիտակ ըլլալով այն հազարումէկ դժուարութեանց, երբեմն անյաղթելի արգելքներու որոնցմով կնքուած, խճճուած են մեզմէ հեռու շրջաններու յատուկ գործերը, ասոնց լիալիր հասկացողութիւնը, այնքան մեծ մթութիւններով պաշարուած։ Բայց արուեստի գործ մը մտածման արարք մը չէ, որպէսզի հասկնալի հանգամանքով մը հարկադրէ ինքզինքը ուրիշներու։ Անիկա սիրելի, վայելելի ըլլալու ճակատագրով է վիրաւոր։ Պզտիկ օրինակ մը, դարձեալ Չoպանեանէն որ Քուչակի քառեակներուն ծանօթագրեալ հրատարակութիւնը բաւ չհամարելով, արեւմտահայերէնի ալ վերածեց անոնցմէ ընտրեալ փունջ մը։ Ու այս փորձն իսկ մեզ կը մղէ մտածելու։ Հիմա շատեր կը պահանջեն նոյն կեցուածքը Մխիթարեան մեծ բանաստեղծներու գրաբար վաստակին համար։ Աւելցուցէք այս բնական դերբուկին վրայ, օտար զգայնութեան մը վայելումին երբ կը փոխադրէք որեւէ բնիկ արտադրութիւն, հիմնական տարբերութիւնը հոգեկան ու ֆիզիքական ալ բարեխառնութեանց։ Միայն գոյները չեն որ հայրենիք մը ունին: Այլ մանաւանդ արուեստի զգայութիւնները։ ԺԲ. դարու մեր քերթողներուն հոգեբանութիւնը հանդուրժելի, հաշտ ընծայե՜լ քսաներորդ դարու աշխարհաքաղաքացի ընտրանիի մը ճաշակներուն։ Խորհած ունի՞ք ահաւոր պայմանին։ Պարզ այս հաւաստումը միս մինակը կը փոխարինէ բոլոր վրիպանքները որոնք կապ են նման ձեռնարկներու։

[27]      Քաղաքական պրոպականտը նուազ կարեւոր ազդակ մը չեղաւ այս հետաքրքրութիւնները լարող։ Բանասիրական, ազգագրական ախորժակները՝ ուրիշ պատճառ։ ԺԸ. դարէն սկիզբ առած այս արեւելապաշտութիւնը նոր է որ արուեստի հարցերուն պիտի մօտենար։ Արշակ Չօպանեանի նպաստը, հասկնալի՛, այս ամենուն մէջ։

[28]      Գաղտնիք չէ որ լեզուէ մը ամէն փոխադրում վիրաւոր է ի ծնէ մեղքերով։ Բանաստեղծութեան մը ամենէն սրբազան արժանիքը, գիրքերու բառով՝ կախարդանքը, իմաստէն, գոյնէն ու յարակից ազդակներէն անկախաբար, կը պայմանաւորուի ձայնական հոսանուտով մը որ այս անգամ մասնակի է բոլորովին, միւս շնորհներուն հասարակաց նկարագրին հակառակ։ Ի՛նչ որ է գոյն տարրը նկարչութեան մէջ, նոյնն է գրեթէ բառը բանաստեղծութեան մէջ։ Նկարէ մը մեր առնելիք զգայութիւններուն նախատարրը գոյնով է պայմանաւոր թէեւ ներկը նիւթ ըլլայ, զգացում ըլլալէ առաջ։ Այսպէս է եւ բառը ոտանաւորին մէջ։ Դժբախտութիւնը հոն է որ ցեղէ ցեղ բառերը, ձայները իրարու հակադիր զգացական դրութիւններ կը պատմեն։ Այնպէս որ փոխադրութեան մէջ քերթուածին ամենէն տիրական, անբաժանելի առաքինութիւնը ամենէն անողոք վանտալութեամբ մը ստիպուած ենք զոհելու: Ինչ որ քիչ վնասով պիտի անցնի մէկ ոլորտէն միւսը, ատիկա՝ հաստ, շօշափելի տարրերուն հանդէսն է, պատկերը, մտածումը, երբեմն զգացման շեմա մը, երբեմն խռովքի մը ծուէնը։ Հիմնականը կը մեռնի, առանց անցնելու։

[29] Նոր չէ որ մեր թարգմանութիւնները գրական շեշտ ախորժակներ կը նուիրագործեն, Մխիթարեան հայրերու գրական փոխադրութիւնները ուշագրաւ են անով որ կատարուած են կարծես սեպհական վայելքի սիրոյն, բնագիրներու հանդէպ կեցուածքով մը որ կը զարմացնէ ու թարգմանութեան մէջ հետապնդումովը նպատակներու որոնք աւելի քան անձնական կրնան նկատուիլ։ Չեմ կրնար հերքել, իբր արուեստի յաջողուածք, հսկայ գեղեցկութիւնը Իլիական ին։ Բայց Բագրատունի հազիւ թէ կը հետեւի իր առջեւ դրուած բնագրի մը, հետեւելու համար իր խառնուածքին հիմնական բերումին, որ լեզուաբան-քերական հոգեբանութիւն մըն է քան թէ պատկառանք մը իր փշրանքներուն մէջ նուիրագործուած գլուխ- գործոցի մը հանդէպ։ Ի՞նչպէս չյիշել Լը Քոնթ տը Լիլի թարգմանութիւնները, նոյն այդ գործերուն ու չցաւիլ։ Գրաբարագիտութիւնը գերագոյն ծրագիր մըն է Բագրատունիի վաստակին մէջ։ Նման է պարագան Նար-Պէյի որուն Դաշնակք հատորը կը հպատակի աւելի անհասկնալի ոգիի մը, քանի որ Բագրատունիի, Հիւրմիւզի հետ մրցում մը չունէր կատարելիք։ Չեմ խօսիր անբանաստեղծ մարդոց տուածներէն որոնցմէ մէկն է, օրինակ Մատաթիա Գարագաշ։ Ու կ՚ուզեմ գալ այդ դպրոցով պոլսական ճաշակին վրայ դրուած ծանր կնիքին զոր խորտակելը միայն լեզուական խաչակրութիւն մը չեմ նկատեր, հիմա, շարժումէն մօտ կէս դար յետոյ: Յետոյ, լեզուն չէ որ զիս կը մղէ այս դատումներուն: Այլ թարգմանութիւնը եuականացնելու (թող ներուի այս գէշ բառը) յայտնի, կամաւոր մեղքը։ Ռոմանթիքները իրենց տպարանը ունէին աչքի առջեւ որուն ձեռագիր պէտք էր։ Վարդապետները՝ իրենց մուսաներուն սպասը։ Գալով մեր օրերուն, ուր Հ. Ղազիկեան կատարած է նոյն այդ փոխադրումներէն կարեւորները, աշխարհիկ բարբառով, ես չունիմ աւելի խանդավառ բառեր, չըսելու համար խարանող բառեր: Անոնք աւելորդ ու տխուր փաստերը կը կազմեն տիրական այն սխալին որով հովանաւոր կը գործեն բոլոր տաղաչափները, բոլոր ժամանակներու, երբ կազմական անբաւարարութեամբ մը (մարմնականին չափ իրական է իմացականը։ Միտքի գաճաճներ նուազ հազուադէպ չեն) անկարող են զանազանել ստեղծուածն ու չափուածը։ Պատուական Մխիթարեանը այնքան քիչ կը հասկնար բանաստեղծութենէն որքան շատ՝ մեր լեզուին օրէնքներէն որոնց լիակատար գիտութիւնը, խղճամիտ կիրարկումը չեն կրնար սակայն շնորհել մեզի ներդաշնակ քանի մը տող: Աղէտը Եգէականի եւ Յոնիականի ափերուն չսահմանափակուեցաւ սակայն։ Նոյնն է ան արեւելահայոց մօտ որոնք լեզուական անբաւարարութեան մը կրնան ապաստանիլ երբ այնքան դիմազուրկ կ՚ընեն իրենց փոխադրումները, մանաւանդ չափուած բարբառին վրայ: Ու այս վիճակին գրեթէ կրկնութիւնն է որ կը տեսնենք Պոլսոյ մէջ մանաւանդ 1870-1890 քսանամեակին երբ թարգմանութեանց նկարագիրը դպրոցական է եւ հետեւաբար վերին խնամարկութեանը տակ՝ դասախօսներու։ 1900էն յետոյ, գլխաւորութեամբ Սիպիլի մեր թարգմանչական բանաստեղծութիւնը պիտի արձանագրէ կարեւոր յաջողուածքներ։ Ուշագրաւ է որ ժամանակակից միջազգային քերթողութեան մէկ քանի գլուխ- գործոցները ( Վէրլէն, Պոտլէռ, Լը Քոնթ տր Լիլ, Հէրէդիա ) հարազատ քոլորիով մը փոխադրուին մեզի Չօպանեանի, Տիկին Սիպիլի, Եղիշէ Դուրեանի միջոցով։ Կը ցաւիմ հոս յայտնելու որ կորսուած են Վարուժանի փոխադրումները Պոտլէռէն, ինծի կարդացուած հեղինակին կողմէ որ կը յայտարարէր թէ կը գրէր այդ քերթուածները նորէն, հայերէն լեզուով, բայց ծայրայեղ հաւատարմութեամբ մը բնագրին։ Չօպանեան այս բոլոր շարժումին սկզբնական զսպանակն է։

[30]      Պիտի չխօսիմ tirageէն Իզմիրցիներուն թարգմանութեանց։ 1870ը սակայն կը սրբանայ 1940ին մօտ, երբ նկատի առնենք որ ոստիկանական բոլոր թարգմանութիւնները մեր մէջ կ՚արժանանան երջանիկ սպառման ընդդէմ զտարիւն մեր մէկ գրողին գործին որ Ն. Գ. Բ. ի եպիսկոպոսական փոյթին հակառակ, քանի մը հարիւր օրինակին վրայ կը մեռնի անկանգնելի։

[31]      Եղած են արտակարգ կենսունակութեամբ գրողներ որոնք յաջողած են իրենց տաղանդին մատաղութիւնը պահպանել մինչեւ խորագոյն ձմեռը իրենց զգայարանքներուն (ութսունամենի Կէօթէն չի տառապիր իր տարիքէն երբ սիրահար կ՚իյնայ 18 տարեկան աղջկան մը։ Մարդ մըն էր որ պահած էր իր ջիղերը): Այս զարտուղութիւնները թերեւս կը ծառայեն միջին օրէնքը աւելի խստակշիռ պարտադրելու տեսակին ընդհանրութեանը վրայ։

[32]      Այդ զգայնութիւնը մեր գրական չորրորդ սերունդին մէջ է որ փոխուած կը տեսնենք։ Նորագոյնները տարբեր են մեզմէ ոչ իբր արտայայտութիւն, այլ իբրեւ հոգեյատակ: Սփիւռքին պայմաններէն բխող սա հոգեվիճակը բաւական նոր է, վերլուծուելու համար:

[33]      Շէլլի, Քից, Շիլլեր, Լամարթին (առաջին խորհրդածութեանց բանաստեղծը), Միւսէ, Դուրեան, Միսաք Մեծարենց նմոյշներ են այս կարգէ քերթողներու որոնց տաղերը մեր միսերուն կը դպին, եթէ ներուի այս սրբապիղծ բայց այնքան ալ իրաւ բացատրութիւնը, զատուելով այն միւսներէն, անոնք ալ մեծ բանաստեղծներ, Հիւկօ, Վորդսվորթ, Լը Քոնթ տը Լիլ, Սիւլլի Բրիւդոմ, Եղիշէ եպիսկոպոս Դուրեան, Թէքէեան, Սիամանթօ, որոնց գործը մեր միտքը կը շահագրգռէ շատ աւելի ուժգին կերպով քան մեր զգայարանքները։

[34] Կը մեղադրուի Արշակ Չօպանեան մտածման հռետորութեամբ ու զգացական ցրտութեամբ: Իր ու յաջորդ սերունդներու սա մեղադրանքը երկնցած է մինչեւ մեր օրերը, երբ մեր ժխտական բնազդները պէտք չունէին ուրիշ փաստերու, տապալելու համար ինչ որ վեր էր միջակէն։ Իր քննադատութեանց մէջ քնարական տարրին գերակշռութի՞ւնը, իր զեղումնե՞րը հրապարակագրական իր պայքարներուն ընթացքին, թէ քերթուածներուն մէջ պառնասեան վերապահութիւնը, թերեւս կամաւոր անզգածութիւն մը պատճառները կուտան այս մեղադրանքին։ Բայց ազդակներու ճշգրտումը բան չունի փոխելիք վերագրումին տարողութենէն։ Իրողութիւն է որ կը տաքնանք Չօպանեանի հետ, իր լայն, առատ, բեղուն ու հաղորդական ոճին մէջ երբ կը դատէ մեր գրական արժէքները, մանաւանդ մեռածները, անիրաւուածները, երբ կը կարծէ վերականգնել։ Կը մնանք զգոյշ, վերապահ, կասկածոտ, տհաճ՝ նոյն այդ ոճին մէջ երբ Արշակ Չօպանեան զայն կը գործածէ տեսիլքներու կերտումին, զգայութիւններու նուաճումին, ու նկարչական տպաւորութիւնները կը փոխակերպէ, ըսել կ՚ուզեմ մտածման իբր նախանիւթ կ՚ընդունի զանոնք: Ու ասիկա իրականութիւն էր, նոյնիսկ անոր տաղանդին անդրանիկ բխումին։ Բայց ահա աւելին։ Այս զանազանութիւնը կը չքանայ մոգական հարուածով մը մեծ գործերու մէջ։ Ընթերցողը չ՚այցուիր նման մտավախութիւններէ երբ կը թրթռայ անոր հետ, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Քուչակ (իր յառաջաբանը) անուանուած իր կառոյցներուն մէջ։ Հետեւութիւնը պարզ է։

[35]      Որ, տարուած իր վերանորոգչական, յեղափոխական արեւելահայ հանգանակներէն, գոյնի հարցը չզգաց անգամ, թողլով այս մտահոգութիւնը յաջորդ սերունդին, այլապէս թշուառ, կապանաւոր։ Մեր արուեստագէտները, արգիլուած իրենց խորագոյն ցանկութեանց մէջ, ամբողջական գրոհով մը ինկան հակադիր վտանգին, գրականութիւնը վերածելու աստիճան գոյներու խաղի մը. ճիշդ է, մեծ տաղանդները նուաճեցին դժուարութիւնը (Մեծարենց, Չրաքեան) բայց փոքրերուն մօտ այդ մեղքը անքաւելի գործեր տուաւ, ամենէն առաջ կիներու période մը որուն գործերը կը կարդանք այսօր կարմրելով, իրենց հաշւոյն։

[36]      Չեմ ծանրանար գրաբարախառն ոճին, գրաբարի անունով կատարուած զեղծումին, քանի որ շարժումին մայր զսպանակներէն երկրորդը (առաջինը ըլլալով հայրենասիրական, պահպանողական պարտք մը) պայծառութեան պահանջէ մը կուգայ։ Կ՚անցնիմ, առանց կենալու, Եղիայի մարզանքներէն դէպի բազմածալ ոճը որուն ընդնշմարանքը ունեցած ըլլալը չի բաւեր առանձին որպէսզի սէնֆոնիք ոճի մը փորձերը տեսնենք իր ինքնավերլուծական քանի մը կտորներուն մէջ։ Մեր գրականութիւնը Չօպանեանով պիտի հաղորդակցի արթիսթ գրուածքին (Կուրմոն եղբայրներ)։

[37]      Վերադիրը չի տարածուիր ընդգրկելու համար բոլոր յղացքները որոնք գրականութեանց պատմութեան մէջ կը դիզուին բառին կռնակին։ Պարզ է հոս անոր տարողութիւնը: Ոճ մը, ուր միջին գիծի մը վրայ իրարու մօտ գան պարզութիւն որքան բազմերանգութիւն, հասկնալիութիւն որքան թելադրականութիւն։ Ուր մտածումը չնուաղի բառերու բաւիղն ի վար բայց չգռեհկանայ նոյն ատեն, թօթուելու աստիճան իրմէ իր մեքենականութեան նկարագիրը։ Ուր մեր նայուածքը քալէ, չեմ ըսեր սահի, առանց արգիլուելու իմաստին ու զգացման օտար տարրերէ, այնքան թարմատարօրէն առատ մեր շատերուն ոճին մէջ։

[38]      Դասալքութիւնը դեռ մեղք մը չէ մեր գրական բարքերու սակացոյցին համար, թէեւ հետզհետէ պարպուած իր ծիծաղելի, սոփեստական յաւակնութիւններէն որոնք շատ յաճախ գրական սպառում մը ծպտելու, պաճուճելու դեր մը կը հետապնդեն երբ թերգնահատման կամ ուրացման փաստերը ոսկեզօծելով մեզ անուշիկ մը կը զերծեն մեր պարտքին շղթայէն, երկանաքարէն։ Անոնք որ սկսան իրենց գրական կեանքը շքեղ տուրքերով, խոստումներով, եւ վարդոտն աճապարանքով մը, առաջին իսկ եղեամներուն, հեռացան մեր դպրութեանց փշուտ, անփառունակ անդաստանէն, բայց կը շարունակեն իրենց « անձերը պաշտել » արուեստէն օտար զբաղմունքներուն հանգիստովը, շահերովը, քանի մը տարին տեղ մը հոս ու հոն շերտ մը բան նետելով հրապարակի պանդոյրներուն, չունին արդարացում քանի որ իրենց դաւաճանութիւնը գործերու պակաս մըն է որ չի դարմանուիր։ Կուսակցական պահանջներուն զիջուած ամէն աշխատանք թերացում մըն է, հարուած մըն է ոչ միայն գրագէտը տկարացնող դատապարտող, այլեւ մեր գրականութիւնը աղքատացնող։ Դիւրին է ձեզի շարել անուններ որոնց երեսուն, քառասուն տարիները խլուեցան մեր գրականութենէն։