Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ե հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ
(1866)

Իշխանական տունի մը անունը ու հաւանաբար նաեւ արիւնը իր երակներուն եւ օրերուն հետ պտտցնող այս ասպետը կեանքը չհերքեց վերջին պիտակին կարգ մը ստորոգելիները որ արդի ասպետութիւնը կը խորհրդանշեն իր խումբին մէջ կը գրաւէ բացառիկ նշանակութիւն մը: Անիկա, սիրող (amateur) գրագէտի վաւերական իր տիպարը բարձրացուց ճշմարիտ, ասպարէզէն գրագէտ յղացքով հանրածանօթ պատկերին, ըսել կ՚ուզեմ՝ մարդու մը որ ամէն վայրկեան, երբ գրիչը ձեռք առաւ, մոռցաւ թէ ատկէ աւելի սրբազան պարտք կրնար կենալ իր ուսերուն, ու այս խղճմտանքին մէջ իր զգայութիւնները, մտածումները, զգացումները, վիշտերը ու երազները ազատեց պատահական, կամայական, արտաքին, այլոց համար կատարուած հանդիսութեան մը տեսարանէն: Ինչ որ ելած է այդ գրիչէն, հոգեկան հարազատ, խոր, տարօրէն լեցուն տագնապի մը արտայայտութիւնն է։ Անշուշտ իր ընկերները poseurներ չեղան։ Բայց գրականութիւնը իրենց համար շատ յաճախ ասպարէզի հոմանիշ հոգեբանութիւն մըն էր։ Զօհրապ, ամենէն անկախը խումբին մէջէն, կարծես պիտի չապրէր առանց իր յօդուածներուն աղմուկին ։ Չօպանեանը, առանց իր մամուլին, անհասկնալի արարած մը պիտի դառնար։ Ու ասիկա այսպէս նոյնիսկ Սիպիլին համար որուն հոգերը, տառապանքը պէտքը կը զգան թուղթերու մխիթարանքին։ Կամսարական գիտցաւ տարիներով լռել, որ հոմանիշ է գրական նանրամտութենէ հիմնովին զերծ իմացականութեան։ Ու խօսիլ երբ կարիքը, ստիպողութիւնը կար ատոր։ Կ՚ուզեմ որ այս հաւաստումը չարուի իր հակադիր իմաստին, համբաւ մը ղեկավարելու բութ ու եսապաշտ հաշուագիտութեան մը։ Անոնք որ իրենց վարկը, անունը հրապարակին վրայ միշտ թարմ ծախելու վարկպարազի տագնապին կ՚ենթարկուին, աւելորդ տանջանք մը կը դիզեն իրենց նիհար բազուկներուն։ Անոնց վարձքը այդ իսկ է ։ Պիտի դիմակաթափուին իրենք իրենց։

Վաճառական մը։ Որ սկսած ըլլայ իր թուանշաններուն իմաստին, ունենալէ յետոյ սրբազան մկրտութիւնը գիրերու կախարդանքին։ Քսան տարեկան չկար անիկա երբ յղացաւ անդրանիկ վէպը [1] իր սերունդին։ Եօթանասունէն վեր է այսօր երբ այս տողերը կը գրուին բայց իր թղթակցութիւնը ինծի հետ կը յայտնէ նոյն խանդավառ, հաւատայեղց պատանին երբ կը պարզէ իր ըմբռնումները արուեստի հարցերու շուրջ։ Երկու եզրերուն մէջտեղ՝ կէս դարը մեր պատմութեան, առանց վերադիրի։ Ուր անոր տրուեցաւ երբեմն քաղցր, երբեմն զարհուրելի պարտքը իր ձայնը լսելի ընելու դռնէն հիւղակի մը ուր ցուրտը կը բնակի անօթութեան հետ, եւ կամ բեմերէն մեծ ոստաններու ուր մեր ողբերգութիւնը քշած է մեզ, մեր երազները շղթայի պէս կապելով մեր վիզերուն։

Այդ կէս դարու ընթացքին անիկա, վարելով հանդերձ իրեն յատուկ կեանք մը, չէ խզած իր պատանութեան պատրանքները, դուք ճշդեցէք՝ երազները ու երբեմն մօտ, աւելի շատ հեռուէն, իր ուժերը չէ սակարկած ազգային հարցին դիմայեղումներուն: Գրած, խօսած, ստեղծած է թելադրանքին տակ իր անդրանիկ հոգեկանութեան, որ իրապաշտ հանգանակին բարձրութիւնը պիտի զատէր կանխող ու յաջորդ սերունդներու ըմբռնողութենէն։ Այդ կէս դարու ընթացքին, անիկա ոչ մէկ ատեն պիտի մոռնար ուրիշ սրբազան պարտք մըն ալ: Գրելու, խօսելու, ստեղծելու կերպին վրայ իր ահաւոր, սարսափելի բծախնդրութիւնը, մոլեռանդութիւնը, հերետիկոսութիւնը։ Այս չարչարանքը դիւրին է հոս թելադրել փորձելը, քանի մը տողի վրայ: Բայց կէս դար զայն պատսպարելը, խնամելը, անոր հետ ամենժամեայ մտերմութեամբ մը ապրիլը` այլապէս թշուառ ողբերգութիւն մըն է։ Իրագործած աշխատանքին չափ ու աւելի, անիկա ունի նիւթեր որոնք չեն գործուած, այսինքն կերած են անոր արիւնը, ապրած անոր խորագոյն ալքերուն մէջ բայց դուրս չեն ելած, փակչելով անոր ուղեղին ու բռնանալով։ Իր թղթակցութիւնը կը յայտնէ այս տարօրինակ մայրութիւնը։ Իր գորո՜վը այդ չծնած մանուկներուն ետեւէն։ Արուեստի այս խղճահարութիւնը Կամսարականի գրականութեան մեծութիւնն ու տկարութիւնը պայմանած է հաւասարապէս։

Սկսած է մեր վէպը։ Բաժին ունի իր փաղանգին իմացական գործունէութեան մէջ նման անոնց որոնք գրիչը ձեռքին գերեզման իջան։ Իբրեւ որակ, չեմ դատեր այդ վաստակը։ Իբրեւ քանակ, անիկա վար չէ միջինէն իր սերունդին։

Իր մտածողութիւնը բարդ է որքան հասուն։ Չքալեց իր պարագրկած հորիզոնէն անդին, ինչպէս պիտի ընէր Արփիարեան։ Բայց չմնաց Հրանդ Ասատուրի եւ կամ Սիպիլի անորակելի պահպանողականութեան ալ մէջը։ Չըրաւ Չօպանեանէն գլխեկորոյս աշխատանքը ի խնդիր մեր դատին, բայց չբաժնուեցաւ իր ժողովուրդին խոր հաւատքէն: Հեռու ապրելով հոծ կեդրոններէ որոնց անփոխարինելի նպաստը գրագէտի մը հոգեկան սննդառութեան վեր է տարակոյսէ, անիկա պահեց իր կապը իր ժողովուրդին ճակատագրին հետ։ Ու մինակն է մեր մէջ իբրեւ մարդ մը որ ծառայած ըլլայ երկու հակադիր տարազներու ու չվիրաւորած երկուքին ալ մեծ խորքը։ Իր վաճառականի ասպարէզը չեմ արհամարհեր, քանի որ անիկա մեր ժողովուրդին մէկ առհաւական յատկութիւնը կը մարմնաւորէ։ Եղաւ անիկա գործին մարդը բայց չմոռցաւ իր պատանութիւնը:

Վէպ, թատրոն, քրոնիկ, երգիծանք, դատում։ Ասոնք են իր վաստակին մեծ երեսակները։ Ասոնք նոյն ատեն կը տարածուին արեւմտահայ գրականութեան կէս դարու հասակին ալ վրայ։ Ու ասոնք կատարուած են (ֆրանսացիք կ՚ըսեն exécuter) մէկ ու անայլայլ խղճմտութեան մը ընդմէջէն որ զարմանք կ՚ազդէ: 1885ին գրուած քրոնիկի մը երանգը իբր արուեստի հեղում նոյնութեամբ կրնաք զգալ 1935ի պատգամի մը վրայ։ Սա հաւատարմութիւնը՝ իր հիմնական կողմին, արուեստագէտի իր դերին քիչ անգամ կը հաստատենք ուրիշի մը վրայ: Անշուշտ այս բարատոքս ը չի լուծեր արուեստին ու մարդուն դժուար հարցերը։ Ե՞րբ կատարեալ է տաղանդը։ Ո՞ր շրջանին մարդ տէրն է իր ստեղծագործ գերագոյն ուժերուն։ Ո՞ւր կը զետեղուի խտութիւնը գործի մը որ կը սկսի Խեղճ Մարդերը անուանուած այնքան անյարիր բայց այնքան սրտառուչ պատկերացումովը անհուն ընկերութեան մը (Տայսթայովսքի) եւ կը վերջանայ Գարամազոֆ Եղբայրներ ու ահաւոր, անտարազելի ժայթքումին մէջ (դարձեալ Տայսթայովսքի)։ Հարցումները հարցումներ են։ Չծերանալը թէեւ բացառութիւն, բայց իրականութիւն է նոյն ատեն։

« Ինքզինքը տնտեսե՞լը »: Ո՜վ գիտէ։ Եղան իր ընկերներէն մարդեր որոնք իր փորձը կատարելագործուած ձեւի մը տակ ընդհանրացուցին։ Երեսուն ու աւելի տարիներ Լեւոն Բաշալեանը խստապահանջ խնամքով մը ինքզինքը զրկած է մեր գրականութեան: Քառորդ դարէ ի վեր Արշակ Չօպանեան ինքզինքը կը մանրէ: Այսօը կրնաք, առանց կարդալու, պարզ տողերուն վրայէն ձեր ակնարկը թռցնելով գիտնալ թէ ի՞նչ կրնան զետեղուած ըլլալ Չօպանեանի 5–10 սիւնակ քրոնիկին, դատումին, պատկերացումին մէջ։ Դժբախտութի՞ւն։ Թերեւս։ Բայց պիտի կարդաք Կամսարականէն որեւէ էջ։ Ասիկա պարզ տարբերութիւն մը չէ: Ոչ ալ ինքզինքը տնտեսող մարդու մը մենաշնորհը։ Աւելի արդար պիտի ըլլար այս արժանիքը կապել գրագէտին սկզբնական խղճահարութեան։ Ի յառաջագունէ գիտենք որ Կամuարական կը խօսի, կը գրէ երբ անհրաժեշտութիւն մը կը զգայ այդ բաները ընելու: Փորձուած այս ճշմարտութիւնը կը պաշտպանէ իր արդիւնքը։

 

1. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

Ըսի թէ ժառանգորդն էր պատմական անունի մը։ Հնաբանի թեթեւ ու թէքնիք հետաքրքրութեան մէկ հետեւանքը չէր այդ հաստատումը իմ կողմէ: Ի վերջոյ մեր տարեգրութեանց էջերը այնքան անհաւասար փառքով որքան անկումներով եղերացնող մեր հին տուները բան մը արժած են այս ցեղին արիւնին։ Ու թող ռոմանթիզմ՝ չորակուի ցանկութիւնը հին արիւններու բարձրանալու: Ոչինչ կը կորսուի կ՚ըսեն, մեր աշխարհին մէջ։ Ոչ միայն նիւթէն։ Թերեւս ու աւելի իրաւամբ` հոգիէն ալ: Կամսարականի յաւակնութիւնը` մինչեւ հինգերորդ դար իջեցնելու իր ծննդաբանութիւնը, որքան ալ դժուար արդարանալի, կը փաստէ գէթ ցանկութիւն մը։ Ուզելը նոր չէ որ ուժ է եւ արժանիք։

Պիտի չծանրանամ ժառանգական իր միջավայրին վրայ, թէեւ ասոր նպաստը, գործ մը հասկնալու ատեն, երբեմն անփոխարինելի եղաւ: Բայց քանի մը տող իր հօրը վրայ որ կովկասեան շեշտ գիծերով տիպար մը կը յայտնուի Տ. Կամսարականի քանի մը շատ անձնական ցուցմունքներուն մէջ եւ որուն տարբերութիւնը պոլսաթիփ ամիրաներէ՝ թերեւս արդիւնք է այդ հեռաւոր միջամտութեան։ Մինակ պարսիկներուն կամ արաբներուն ու յոյներուն դէմ չէ որ կռուեցան մեր նախարարները։ Չեմ կրնար ընդունիլ որ այդ ոգորումը, ընդվզումի ոգին ըլլայ առյաւէտ կորսուած այն մարդոց արիւնէն որոնք պատմութեան մեծ աղէտքները ապրեցան երբ իրենց երկիրը ողողուեցաւ հրաբուխին հեղեղովը ու պահ մը մեռաւ: Անոնք որ ԺԵ. ԺԶ. դարերուն, կարաւաններու գլուխն անցած, չվախցան անհուն երկարութիւններ կտրելէ, Խաղաղականէն մինչեւ Ատլանտեան (Մոնկոլիայէն մինչեւ Համպուրկ), փշրանքները կը մէկտեղէին այդ անհասկնալի, հէքեաթունակ մեր նախարարներուն։ Այսի՞նքն։ Անուն մը որ ԺԹ. դարու վերջին քառորդին մէջ ինքզինքը պարտադրեց տնտեսական մեծ ձեռնարկի [2] մը գլխէն. որ մեր գրականութեան մէջ նոյնքան ծանր համբաւ մը լաստակերտեց. որ, արուեստի ուրիշ մարզէ մը եւրոպական համբաւի մը հետամուտ եղաւ, այդ անունը իրաւունքներ ունի ինքզինքը, իր յաւակնութիւնները արդարացնող։

Տ. Կամսարական կը խօսի նաեւ մօրմէն որուն մէջ, կը խոստովանի, թէ կը շրջին կեսարացեան առաքինութիւններ, բայց մանաւանդ մօրաքոյրէ մը որ ութսուն տարի առաջ համարձակած էր Կիթառ անունով թերթ մը հրատարակել: Կը խօսի հօրմէ, որուն նկարագիրը այնքան դիւրաւ կը նոյնանայ կէս դար առաջուան այն ընդհանուր յղացքին ուր պիտի սիրէինք կաղապարուած տեսնել մեր ցեղային նոր ընդունակութիւնները։ Նաթի հարստութենէն առաջ էր ատիկա, երկաթի, հիւսուածեղէնի, ոսկիի ճարտարարուեստը որ կանխող դարու հայ քաղքենի տիպարը կը բարձրացնէ իր միջին դիրքէն, զայն հաւասարեցնելու համար պաշտօնատարներու հարստութեան։ Աւելի յետոյ Եգիպտոսի մէջ ծուխի խոտին հարստութիւնն ալ ուրիշ փաստ:

Այդ վաճառական հայրը, « ազնուատիպ », « վեհանձն » [3], ուր պիտի փորձուէիր պոլսահայ քաղքենիին ուրուացուած, աղաւաղուած, անիրաւուած նկարը գտնել սրբագրուած. այդ « ողջամիտ » մայրը, բարի, խոր, «զ գայուն » որ իր զաւկըներուն մէջ պիտի դիմանայ իր գերազանցապէս հայ այդ յատկանիշներով. ու այդ մօրաքոյրը, որ գրականութեան թոյնէն այդքան կանուխ վարակուած կին մը ըլլալով հանդերձ, է նաեւ « Սենեկայ իմաստասիրին » ճառերը եւ Նումա Պոմպիլիոսը ու Թեսատոսը վերծանող մարդատեաց մը, մենամոլ մը, միանձնուհի մը, եւ իբրեւ այդ իր ճաշակները պարտադրած է իր քրոջը զաւկըներուն. վերջապէս դրամի եւ միտքի սա խիստ, ազնուապետական, քիչիկ մը բարբարոս խառնուրդը, բոլորը մէկ բա՞ն մը կը պատմեն այն գրականութենէն որ Տիգրան Կամսարականը պիտի տանէր իր արդար համբաւին։ Կ՚ենթադրեմ։ Ինքն է որ կ՚ըսէ դարձեալ. « Ժառանգականութիւնը` արտառոց է: Իմ մէջս կը պայքարին դէմ դէմի ասպետական ու զեղխ Կամսարականները ու նիւթապաշտ ու հաշուող Կեսարացի Աջապահեանները: Պատերազմի դաշտ է եղած հոգիս »: Այս տողերը պարզ խոստովանութիւններ չեն, տենդի մէջ արձակուած, կամ այս ու այն հաշիւներու թելադրանքին տակ կատարուած։ Այլ բիւրեղացած տարազ մը զոր իր եօթանասուն ու աւելի տարիները ահա կը հանեն, կ՚ազատագրեն կեանքին հեղեղէն։ Ու շարունակելու համար «… Պահ մը երազեցի նուիրուիլ գրականութեան. երթալ նախ Վենետիկ քանի մը տարի մեր նախնեաց մատենագրութիւնը ուսումնասիրելու. անցնիլ ապա Աթէնք, Եսքիղէսի հոգիին… ուխտի երթալու ու ապա Եւրոպա ուր կը փափաքէի հայկական դատին ալ ծառայել բանիւ եւ գրչով։ Չհամարձակեցայ. Զօհրապին խօսքով` «գրականութիւնը խառնուածքիս մէջն էր». բայց այդ խառնուածքը շատ զօրաւոր չէր: Գուցէ ընկճուէի շուտով։ Քաջութիւնը չունեցայ »: Աղէտէն յետոյ բանաձեւուած խօսքերուն ոչ տրտմութիւնը ոչ ալ հեռահայեաց հաշիւները։ Չօպանեան, Բաշալեան, Արփիարեան, աւելի համարձակներ ու աւելի գրական խառնուածքի մարդեր, ըրին ինչ որ վարանած էր կատարել Կամսարականը: Լա՞ւ թէ գէշ ըրին։ Այդ չէ էականը: Գիտենք թէ ինչպէս մեռաւ Արփիարեանը ու գիտենք թէ ազգային օգնութեան չեմ ըսեր ողբերգութիւնը կամ ամօթը, բայց տրտմութիւնը իբրեւ պատանք բռնեցինք շարունակ միւս երկուքին համար։ Կամսարական քաջութիւնը չունեցաւ սա երկարատեւ նահատակութիւնը այդքան կանուխէն ընդունելու իբր վճիռ։ Ինքն է սակայն որ նոյն գիրին մէջ կը շարունակէ. « Չեմ զղջացած: Բայց մահուան մօտ երբ աշխարհին ունայնութիւնը ակնթարթի մը մէջ դատեմ` գուցէ այդ պահուն ափսոսամ որ հետքս աւելի ուժով չքաշեցի, ակօսը աւելի խոր չպեղեցի …»:

Անձնական նամակէ մը այս մէջբերումները երկու եզրեր են կեանքի մը։ Միջոցը՝ օրերը կը բռնեն մարդու մը որ հարկին տակն է հացին պայքարը պայքարելու, տենդագին, պիրկ, բիրտ, օտար հորիզոններու այն մղձուկով ալ ծանրացած որ ջիղերը կը պարուրէ իր խոնաւ թոյնովը։ Իմացական կեանքին համար ծնածներուն ողբերգութիւնը աւելորդ է բացատրել երբ կը զլացուի անոնց` կարելիութիւնը այդ կեանքին։ Եգիպտոսի մէջ անոնք երկու եղբայր պիտի ստեղծեն լուրջ ու պատուաւոր ձեռնարկ մը։ Չեմ հետեւիր մտածման զուգորդութիւններուն։ Տիգրան Կամսարական այդ ձեռնարկին մէջ կը սպառէ իր լաւագոյնը, գրականութեան մէջ իր ապացուցուած խղճմտութիւնը: Ու երբ կ՚անցնի Եւրոպա, իր աշունը սկսելու, արդեն ուշ է: Խայտի, թրթռման, լոյսի եւ ընձիւղի քաղաքը անոր տալիք ուրիշ բան չունի եթէ ոչ իր մշտամշուշ մելամաղձութիւնը:

Չեմ խօսիր այդ կեանքին միւս կողմերէն։ Կամսարական ազգային հրատարակութեանց մէջ չէ սիրած առաջին գիծի երեւալ: Բայց չէ զլացած ինքզինքը ամէն անգամ որ հայ հոգեկան արտայայտութիւն մը առիթ կը ստեղծէ իրեն, տաքնալու իր ցեղին կրակովը։ Ամէն ազգօգուտ ձեռնարկ անիկա սիրած է քաջալերել: Ամէն մեծ տագնապ խոցած է անոր քիչիկ մը կանացի զգայնութիւնը։ Եղած է լայնամիտ ու արդար։ Կեցած՝ կիրքերու զառիթափին, ցոյցը տալով զգուշ, ներող, հայրական հայրենասիրութեան մը որ մեր պահպանողականութեան մէկ կարեւոր հատուածինն է եղած, դեռ ութսունական թուականներէն։ Յետոյ, լաւագոյն նմոյշ մըն է անիկա այն օրերու հոգեբանութենէն երբ մենք կը հաւատայինք մեր առաքինութիւններուն բայց զանոնք չէինք գերաճեր։ Սիրել իր ազգը, անոր թերութիւնները տեսնելու մէջ դնել լրջութիւն, կորով, բայց չյառաջանալ ժխտական իմաստասիրութեան։ Չըլլալ ռոմանթիք, բայց քիչիկ մը զգալ համերը սա աշխարհին: Երազել իր ցեղին գերագոյն երազը, իր սերունդին բոլորին չափ ու այդ երազը չլքել, յամառիլ զայն ողջ կարծել, երբ մեր գլխուն ալ ոչ մէկ կամար կայ կանգուն։ Սիրել մանաւանդ գիրը, գրականութիւնը, իր անհաւատարմութեան ցաւին մէջ կրկնապէս զգալով այդ սիրուհիին գեղեցկութիւնը։ Ահա քանի մը գիծեր այդ նկարագրէն։

Ըսի թէ գործօն չէ եղած իր մասնակցութիւնը ազգային շարժումին։ Թէ կեցած է այդ շարժումի լուսանցքին։ Բայց անոր կեանքը տարօրէն jalonné է իր գործին թուականներովը։ Այնպէս որ քննադատը այդ գործերուն ծննդաբանութիւնը ըրած ատենը, կը ծառայէ թէ՛ Կամսարականին կենսագրութեան թէ՛ հանրային տարեգրութեանց: Եւ որովհետեւ իր գրական վաստակը, բացի առաջին երիտասարդութեան բորբ շրջանէն, միշտ արձագանգ մըն է հանրային խորունկ յոյզերու, լաւ է հետեւիլ այդ գործին գնացքին։

***

Անոր դաստիարակութիւնը չի տարբերիր իր սերունդին միջնէն։ Ազգային է: Այսինքն՝ պարզուկ նախակրթարան մը վառարանն է անոր ուժերուն։ Ինք հաճոյքով կը յիշէ իրենց տունը, այդ թերթ հրատարակող, ոտանաւոր չափող ու Թիսաւորոս վերծանող մօրաքոյրը. մանաւանդ միջավայրը, Գատը-գիւղի « հին bourgeoisie »ն է « Ծանրաբարոյ, իրատես, լուրջ ու յարգելի փոքրիկ համայնք մը ուր Կեսարացի հին ընտանիքներ կարեւոր տարր են »: Ես ալ կ՚աւելցնեմ իմ գիտցածը [4] այդ Գատը-գիւղէն որ պատերազմէն առաջ գրեթէ կը պահէր ութսունական թուականներու իր նկարագիրը, Կամսարականի կողմէ այնքան տիրաբար ցուցահանուած արդէն։ Նման պայմաններու ծնունդ, Կամuարական կեանքին մէջ ալ պիտի շարունակէ անոնց պատգամը կրել: « Ոչ մի կասկած որ իմ իրապաշտութիւնը ուժ գտած է… հոն տիրող մտայնութենէն ու կասեցուցած զիս նուիրուելէ գրականութեան որ չապրեցներ իր մարդը » կ՚ըսէ նորէն նոյն թուղթին մէջ։ Ու այս պայծառ հաւաստիքը կարօտ չէ մեկնութեան։

Ծագման, զարգացման այս պրոցէս ը դրէք լիութեանը մէջ շրջանին որ 1885էն կ՚երկարի մինչեւ 1895։ Շրջանը Զօհրապներու, Արփիարներու, Բաշալյեաններու, Հրանդ Ասատուրներու: Շրջանը նորափետուր մեր զարթօնքին, որ ուրիշ պատկեր մը կանչուած էր առնելու, երբ ազգին բարձր շրջանակներուն մէջ պտտող յղացք մը մէկէն կը տարուի զանգուածներուն յափշտակութեան: « Ուրիշ թրթռականութիւն մը » կը փաթթէ բոլոր հոգիները, « ատակ հայ գրագէտին զգայնութիւնը գերարծելու »։

 

***

Ահա օրերը:

Գո՞րծը։

Հաւատարիմ արձագանգը ոչ թէ այդ կեանքին: Այլ օրերուն` որոնք ազգին ամբողջութեանն են: Ու բարատո՛քս ը։ Իրապաշտներուն մէջ ամենէն amateurին վիճակուած է ամենէն անանձն, ամենէն հանրերանգ գործը կտակած ըլլալ։ Ահա թէ ինչու արժէք կուտամ անոր շրջափոխութեան։

Ա. Մեծ վէպ մը։ Վարժապետին Աղջիկը (1888) որ իբրեւ թերթօն երեւալէ յետոյ օրաթերթի մէջ, կը կազմէ առանձին հատոր։ Անոր հրատարակութիւնը եղելութիւն մըն էր իր օրին։ Քսանին նոր մտած տղու գրչին տակ կեանքի այդքան առատ մթերք մը, զայն ձեռնելու դիւրութիւն ու յանդգնութիւն, զայն ձեւակերպելու մէջ գրագէտի որոշ կեցուածք ու իմաստութիւն առաքինութիւններ են որոնք քիչ անգամ այդքան մատաղ տարիքի մը վրայ կը խմբուին։ Այդ տարիքը քնարական զեղումներու, թեթեւ քերթուածներու, շատ շատ սիրային թղթակցութեանց տարիքն է եթէ չէ պոլսեցիներուն նախասիրած մեղրալուսինը թիթեռնիկին եւ զեփիւռին, Վոսփորին ու լճակին։ Գիրքը տպուած է Պատերազմէն վերջն ալ, առանց հեղինակին հաւանութեան։ Անկէ հանուած թատերախաղն ալ, ուր բաժին չունի հեղինակը, օժտուած է յուզումի խոր տուրքերով որոնք գիրքը կ՚ընեն թրթռուն ու արդար վկայութիւն մը պոլսահայ զգայնութեան։

Բ. Վիպակներ, այդ օրերու բառով՝ նորավէպեր: Որոնք կը տարբերին թէ՛ իբր յղացք թէ՛ իբր գործադրութիւն, ընթացիկ կաղապարէն։ Իբր յղացք, անոնք մարդկային լայն տառապանքի, պարզ յիմարութեան մը, խոր բայց միակտուր թշուառութեան մը արգանդէն կուգան։ Յայտնի է որ անոնց մեկնակէտը օրուան կեանքն է: Պատահուած, շօշափուած դժբախտութի՛ւնը։ Իբրեւ գործադրութիւն, այդ կտորները զուրկ են սեռին կառուցուածքի օրէնքներէն։ Անոնց մէջ տեւողութիւն, զարգացում, աճող տրամա չեն գործեր, ոչ ալ եղերական վախճան մը անոնց յանգումի կէտ կը ծառայէ։ Ներկայացուած ձեւով անոնց հեղինակը առած է զիրենք ու շինած: Ըսել կ՚ուզեմ` կեանքի մէկ կամ քանի մը կտորներու վրայ աշխատած է ամբողջութիւններ վերակազմել, նկարներ կերտել որոնք իբրեւ կտաւ ունենան ընկերային որոշ կնիք, գոյն։ Յարօ ն այն օրերու պանդուխտն է, բայց մտածումներու շողասփռումներուն ընդմէջէն, որոնք երբեմն կը ծանրանան, կը բռնանան, խղդելու աստիճան կեանքին շեշտը որուն վերեւ, շուրջը կը թրթռան։ Հովկուլ ը անձնական զգայութիւններու, բնական պատկերներու, մութին մէջ լուսաւոր զգայութիւններու, ու մարդկային կործանումին իրերախառնուրդ համադրումն է: Ու այսպէս շարունակաբար։ Դժուար է այս կտորներուն համար գործածել Զօհրապեան կաղապարը ուր կեանքը կը զսպանակուի, կը խտացուի, վերածուելու համար շլացիկ, ազդու, առնուազն զարմացնող, շարժուն, արագ խօլապատկերի մը։ Ինչպէս չեն անոնք Սիպիլի թուլիկ, քնքուշ, էգ նկարները, միշտ այդ կեանքէն վերցուած, բայց զայն գունաւորող տիրական մտայնութեան մը, հոգեվիճակի մը հոսանուտովը որ կինն է, մայրն է ամէն բանէ առաջ։ Այս աշխատանքին երկրորդ մասը կը կրէ պատկեր կամ պատմուածք վերտառութիւնը, մէկը՝ ֆրանսացիներէն, միւսը արեւելահայերէն առնուած հաւանաբար։ Այս զանազանութիւնը չի բխիր գրական շատ խիստ հայեացքներէ։ Ածուխի Տեղ ը տպաւորութին է պատկերէ մը, չես գիտեր ինչու նորավէպ անուանուած։ Թէքնիք այս տարբերացումը կարելի է այսօր մոռնալ ու գոհանալ աւելի պարզ ու արդար տարազով մը։ Վիպական իր վաստակը, բացի Վարժապետին Աղջիկը էն աշխատութիւն մըն է որ կատարուած է դպրոցին ընդհանուր հասկացողութեան ընդմէջէն։ Իրապաշտ ճիգին մէկ գեղեցիկ, արտայայտիչ ու մեծ երեսն է անիկա։ Օրուայ կեանքին մուտքն է ատիկա մեր գրական մտահոգութիւններէն ներս։ Ու ինչ որ կը զատէ այդ վաստակը սերունդին ընդհանուր ժառանգութեան մէջ, անհատական կողմն է միայն, իր իսկ դէմքին մոյնքը։

Գ. Քննադատականներ: Ինքը պիտի ուզէր որ տարազը ըլլար աւելի համեստ։ Օրինակ՝ գրախօսական, տպաւորական եւ այլն։ Բայց ինծի կուգայ որ Կամսարականի զուտ գրական դատումները իրավունք ունին աւելի բարձր որակումի մը։ Իրաւ է թէ անիկա այդ դատումները չէ խնամած, աճեցուցած մտածման որոշ դրութեան մը վերածելու աստիճան։ Բայց չէ ալ մնացած դերին մէջը այն մարդոց որոնք ուրիշներուն գիրքերը ներկայացնելու դերը հեշտագին կը մեծցնեն, կը բարձրացնեն դատողի վարկին Ամէն օրաթերթ մեր մէջ ունէր այդ արարածներէն Կամսարական ասպարէզէն քննադատ մըն ալ չէ բարեբախտաբար, որպէսզի իր տպաւորութիւնները, մտածումները հարկադրաբար խեղաթիւրէր համաձայն այս ու այն տեսութեան, այս ու այն հաշիւի, այս ու այն կիրքին կամ համակրանքին որոնք գործին ու զայն դատողին միջեւ կը ցցուին, յիմար որքան անխուսափելի։ Ուրե՞մն։ Բայց մէկ է ու նոյն՝ իր գիծը: Ատիկա իր կեցուածքն է կեանքին դէմ որ երբ կ՚առնուի շրջապատէն, կը վերածուի վէպի, վիպակի, քրոնիկի, ճառի։ Բայց որ քննադատական էջ մը կ՚ըլլայ երբ գիրքէ մը, գործէ մը կը թելադրուի։ Իր հիմնական խառնուածքը, ուր լայն, բարի, մաքուր համակրանք ը տիրական պիտի մնար, անոր դատումներուն բերած է դժուարաստան բարիք մըն ալ։ Անիկա, թոյլ, բարեացամոլ մէկը չէ եղած սակայն։ Իր քրոնիկները, իր օրուան նoթերը երբեմն խածան, բուռն, կրքոտ ելոյթներու փաստեր կուտան։ Եւ սակայն իր գրչի եղբայրներուն վրայ զգուշ է եղած տհաճ, տրտում, դժբախտ դատումներէ: Ասկէ զատ, իր գրական հասկացողութիւնը լաւագոյններէն է իր սերունդին։ Կարդացած է շատ ու լաւ: Բացի Չօպանեանէն, իրապաշտները, օրուան տագնապներէն բռնաբար, ատեն չեն գտած ընելու այն մեծ, ազատարար ընթերցումները որոնք եւրոպական մշակոյթը կը յատկանշեն ու մեր միտքը կը կազմեն, մեզի հարկադրելով իմացական որոշ տիսպիբլին, չըսելու համար իմաստութիւն: Ֆրանսական իրապաշտները, տէթերմինիստ խորհողները, քիչ մը աւելի ասդին՝ տպաւորապաշտ դատողները . Լըմէթր, Ա. Ֆրանս, Թէնէն, Ռըէնան էն վերջ) եղած են անոր ամուր ընթերցումները իմաստի մարզին վրայ։ Ուրիշ բարիք մը` շատ քիչ անգամ գործածելը այդ պաշարը, օրուան սպառումին։ Կեանքին հետ, մէջը: Բայց նոյն ատեն գիրքերու հետ։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ կարդալով հանդարտ, առանց աճապարանքի, ուրիշներուն ինքզինքը փռելու ( é taler) մեղապարտ հեռահաճոյքին, երբ հանդէս մը չի սպասեր մեր յօդուածին կամ բարեկամ մը մեզ չի թախանձեր իր մէկ գիրքին րէքլամ ին համար։ Այսպէս կատարուած քննադատութիւն մը, ասպետական որքան անշահախնդիր, անվախ որքան բարեացակամ, արդար որքան բարձր ու խոր, Կամսարականին համար գրական հաստատ արժանիք մըն է: Գրականութեան հաւասար ստեղծում մը ու այս հանգամանքով զիս կ՚ընէ զինաթափ։ Այդ դատումներուն տարողութիւնը, ճշդութիւնը չունիմ՝ հիմա նկատի։ Կը ծանրանամ անոնց գրական խառնուածքին։ Կը կարդամ զանոնք ինչպէս պիտի կարդայի եթէ երբեք ինքզինքս գտնէի կեանքին վերցուած էջի մը առջեւ։ Եղիայի վրայ իր խիտ էջերը, Շիրվանզադէի մէկ երկու գործերուն շուրջ ի վերլուծումները, Տոտէի համար իր տպաւորութիւնները մեր քննադատական գրականութեան մէջ չհինցող գրութիւններ են։ Ռուսահայ եւ թրքահայ վերտառուած էջը այդ համադրող մտածումին մէկ ուրիշ փոփոխակը։ Բանակի այս սակաւութիւնը չի խրտչեցներ զիս: Իմացապաշտ այս կեցուածքը անիկա պիտի արժեցնէ կարգ մը քրոնիկներու որքան ճառերու, հանդիսական յօդուածներու մէջ։

Դ. Քրոնիկներ: Որոնք իր սերունդին համար անխուսափելի պարտամուրհակներ են։ Երբեմն անոնք շարք ալ կը կազմեն։ Պզտիկ Տոմսեր, Իրեր ու Բառեր վերնագիրներ են այդ սիւնակ մը, կէս մը բռնող տպաւորութիւններու, բոլորն ալ օրուան կեանքէն թելադրուած։ Հրանդի, Բաշալեանի, Չօպանեանի գրչին տակ այդ սեղմ տոմսերը շատ դիւրութեամբ ու բնականութեամբ պիտի կրնային վերածուիլ փարթամ խմբագրականներու չորս հինգ ամբողջ սիւնակներու վրայ լայնատարած։ Իր ձեռքին մէջ, տոմսը կազմող traitն չաճիր բայց չի ալ հերքուիր: Եւ որովհետեւ սուր է իր դիտողութիւնը, բուռն` իր ժողովրդասիրութիւնը, այդ երկու խտութիւններէն անցնող իր նիւթը պիտի ստանայ սաստկութիւն մը, սրութիւն մը որ չէ խուլցած ահա քառսուն տարիներէ ի վեր։ Սրամտութիւն, ողջմտութիւն, արդար եռանդ որ երբեմն զայրոյթի կը փոխուի, խիզախութիւն, լաւ չափել, լաւ կշռել: Պահել անհրաժեշտ միջին մը որ ընթերցողին անուրանալի իրաւունքն է: Բայց մնալ գրագէտ, միշտ ու ամէն տեղ, որ գրագէտին ամենէն նուիրական պարտքն է: Ասոնք յատկանիշներն են այդ քրոնիկներուն։ Իր գրականութեան մէջ անոնք բեռ մը չեն. կրնային պակսիլ բայց պիտի ծածկէին անկէ կողմ մը, որ հանրային մարդ մը չի ճշդեր մեր նկատառման մէջ բայց չի ալ խղդեր խոր շահագրգռութիւնը հանրային կեանքէն, որ եղաւ անոր սերունդինը: Անոնց մէջ զգալի արուեստի խղճմտանքը ուրիշ առաւելութիւն։ Անոր ամբողջ գործին մէջ այդ քրոնիկները հեռու մեռեալ տարր կազմելէ, փաստեր են մեր ընկերութեան որոշ մէկ շրջանէն։

Ե. Հրապարակագրական նշմարներ: Այս պիտակին տակ կ՚ուզեմ տեսնել այն գրուածքները որոնք հանդիսաւոր առիթներու, պատմական իմաստով համախմբումներու մէջ անոր խօսքը լսելի կ՚ընեն, բացման ճառ, մահուան ներբող, ազգային արժէքներու փառաբանում, բանախօսութիւն, երբեմն բողոք, երբեմն հրաւէր, կարճ` ազգային կեանքի ամենէն յորդ, սուր օրերուն իր խղճմտանքին պոռթկումը կազմող խոստովանութիւններ որոնք միայն չեն շահագրգռեր անմիջական շրջանակը, օրը եւ իր տագնապանքը, այլեւ կը բերեն տարբեր խոր ու տեւական հոգեվիճակներու, լայնօրէն, երկարօրէն անդաճուած, անձնական իմաստասիրութեան կերպ մը դարձած, բոլորին ալ մէջը՝ այն թրթռականութիւնը, այն ընկալչութիւնը, հայրենանուէր մշտառոյգ խանդը որ անսրբագրելի ռոմանթիզմն է անոր առհաւութեան եւ զոր կիրթ ճաշակը, խստամբեր իմացական պարկեշտութիւն մը հաշիւ կը պահեն իր պատեանին մէջ։ Խորքէն դուրս, այդ կտորներուն արուեստը քիչ անգամ պիտի ներկայանայ նուազուն ու անհաւասար։ Հոն ուր վտանգը դարանակալ է միշտ, ըսել կ՚ուզեմ հոն ուր մեր զգացումները կը յաղթահարեն մեզ, խորունկ տրտմութեան, մեծ յոյսերու, մեծ երազներու հետ մեր մենամարտի ընթացքին, Կամսարական կը յաջողի ազատել իր գրագէտի խղճմտութիւնը ու լալով, պոռալով, զայրանալով կամ աղաչելով հանդերձ, չի թացիկնար կամ չուռենար: Աւելին։ Նիւթին ներգոյակ տկարութիւնը կը ձգտի դարմանել առողջ, իրաւ, զգացուած մտածումներով։

Զ. Խաղ մը, աշխատակցութեամբ Միքայէլ Կիւրճեանի, ճշմարիտ թատերական կառոյց մը, Փրկանքը անունով։ Ուր, տիպեր, լեզու, բեմական զգայարանք, իր սիրական իրապաշտութիւնը լայնօրէն կը խոստանան բայց կը մնան առանձին։

Ահա ամփոփ ուրուագիծը այդ գործին:

Ան ալ, Չօպանեանի վաստակին նման, կը տարածուի յիսուն ու աւելի տարիներու վրայ։ Ու իբր տեւողութիւն, հարկադրաբար կը կրէ անդրադարձը բոլոր հարցերուն, յոյսերուն, տագնապներուն որոնք մերը եղան, այնքան եղերական պայմաններու ընդմէջէն։ Այդ գործը, հակառակ իր տարտղնած, բացատներով բաժան բաժան նկարագրին, ունի յատակի, զգացական բարեխառնութեան միութիւն մը որ կը տպաւորէ։ Այս ուժը, թերեւս փաղանգի ուժ, զինքը արդէն կ՚ոգեւորէ իր նախաքայլերուն: Զինքը կը պաշտպանէ զառածումէն երբ կեանքին ջուրերը հեռուները, արուեստին օտար ափերը կը քշեն իր նաւակը։ Զինքը չի լքեր երբ արդէն իր հաշիւը մաքրելու գիտակցութիւն մը մթնոլորտ կը դառնայ քիչ քիչ, յիսունէն ետքը։

Անցորդ, Նետ, ZZZ, Z, Հայկակ, Փիւնիկ, Նեստոր, Ասեղ, Օվքիտէ, Շոգեգրիչ, Մոլորակ, Բ. Տէր Զաքարեան ։ Այս ցանկը անոր ծածկանուններուն, սեթեւեթ մը կամ պչրանք մը չէ եւ կամ ինքզինքը ամէն օր ուշքի կանչելու սնապարծ մոլութիւն մը (Եղիա)։ Ինծի կուգայ թէ զգուշաւոր իր խառնուածքին մէկ պարտադրանքը եղան անոնք։ Գրականութենէն հեռու ապրող բայց զայն միշտ իր մէջ ունեցող մարդու մը հոգեկան խղճահարութիւնը կայ այդ կեցուածքին ետին։ Ասկէ զատ ծածկագիրը ուժով ու խռովիչ նորութիւնն էր իր սերունդին մէջ շատ փնտռուած։

Նամակի մը մէջ կը գրէ ինծի. « Հունձքը տկար է ». ու կը թուէ պատճառները այդ ենթադրական նուաղումին։ Չեմ հետեւիր այդ պատճառաբանութեան անոր համար որ խնդրական հետեւութիւններ կ՚արդարացնէ շատ յաճախ։ Բայց իրեն հետ չեմ երբ կ՚առարկէ որակին ալ վրայ: « Գրուածներս կողքի մը տակ չհաւաքելս ցոյց կուտայ թէ ինչ կը խորհիմ այդ մասին. կատարելագոյնին յաճախանքը »: Այս նահանջին մէջ ուշագրաւ կէտը սակայն վերջին մասն է խոստովանութեան: Կատարելութեան հիւանդութի՛ւնը: Այդ պիտի ըլլար իր մեծագոյն մեղքը [5] ։ Տիգրան Կամսարական ախտագին սաստկութեան մը տարած է գրելու գործին թէքնիք աշխատանքը։ Ձեւի հարցին այս աստիճան խորացումը ի վերջոյ նպատակ մը կրնայ դառնալ ինքնիր մէջ ու իրեն համար։ Իրողութիւն է որ իր գործը կէսն է իր մտադրութեան: Ոճի տագնապը չի բացատրեր սակայն ամէն բան։ Ու կը յառաջանամ ըսելու թէ Կամսարականի պաշտպանած տեսակէտը չարդարացուց ինքզինքը: Մէկէ աւելի են այն կտորները որոնք քառորդ դար յետոյ վերամշակուեցան, առանց անհրաժեշտութեան։ Քանի մը նախադասութիւն, մէկ երկու ածականներ չեն որ գրուածք մը կ՚ապրեցնեն կամ կը սպաննեն: Անահիտի մէջ վերամշակուած « Յարօ »ն Մասիս ի նախատիպէն անշուշտ աւելի է, բայց երբեք չի կրնար առաջին շեղումը անգոյ թելադրել։ Ու հոս է Կամսարականին պատրանքը։ Անոր խստապահանջ ճաշակը վնասե՞ց իր ու մեր գրականութեան։ Ո՜վ գիտէ։ Տեսանք իր սերունդէն ուրիշներ որոնք սանձ չդրին իրենց եռանդին եւ հեղեղեցին մեր հրապարակը, հարկադրաբար, տուժելով որակէն։ Տեսանք նաեւ մարդեր, միշտ իր սերունդէն որոնք առջի երիտասարդութեան իսկ լքեցին Տիրոջը այգին, բայց յամառեցան պահել աշխատաւորի տարազը, առանց կուտ մը բան աւելցնելու մեր բանաւոր շտեմարանին։ Ասոնք իրողութիւններ են ու ես կը հրաժարիմ վճռելէ։ Կամսարականի պարագան շահեկան է սակայն որքան բացառիկ: Չեմ խնայեր իր անունին համար դասալիքը ։ Բայց կը կենամ իր խանդաղատանքին առջեւ մեր գրականութեան հանդէպ։ Անիկա չէ զրկած մեր գիրը թէեւ ժլատ բայց յարատեւ իր սպասէն: Ու այսպէս է մեր ճակատագիրը։ Այս մէկը պիտի խլուի մեր գրականութենէն որպէսզի մեր մամուլը զօրանայ: Ան միւսը՝ որպէսզի ազգային դատը յառաջդիմէ։ Ան ուրիշը՝ որպէսզի…։ Բայց վերջ չունի այս թուումը։

Աշխատիլ երեք աշխարհամասերու վրայ լոյս տեսնող մեր մամուլին։ Կ՚ուզէ՞ք ցուցակը. Արեւելք, Մասիս, Բիւզանդիոն, Արեւ, Հոսանք, Փարոս, Լուսաբեր, Դաշինք, Ազատ Բեմ, Յուսաբեր, Որբունի, Ապագայ, Le Foyer, Նոր Կեանք, Տարեցոյցներ ։ Մոռցուածներ ալ հաւանաբար: Ու ճառել՝ մեծ ոստաններու մէջ, դարձեալ երեք աշխարհներէ: Ու երեք քառորդ դարու բեռը ուսերուն տակաւին յամառիլ սա անորակելի խաչակրութեան մէջ։ Յուզիչ է այս յամառութիւնը որքան պատուաբեր: Մեր գրչի վաստակաւորներուն հասարակաց ճամբան է այս սրտառուչ ճակատագիրը: Կան որ կ՚իյնան դալար ու երիտասարդ։ Կան որ կ՚իյնան կամ կը հնձուին իրենց ուժին լիութեանը մէջ։ Քիչեր կ՚ողջունեն խաղաղութիւնը սպառած շիջումին, հանդարտ՝ իրենց խղճմտանքին, իրենց պարտքը կատարողի գոհունակութեամբը:

 

2. ԿՈՂՄԵՐԸ ԻՐ ՏԱՂԱՆԴԻՆ

Գործին ուրուագիծը պարզ կ՚ընէ Կամսարականի մէջ գրագէտին դէմքը, թէեւ դժուար ըլլայ անոր դասաւորումը այն գլխաւոր պատճառով որ զինքը զլացած է մեր գրականութեան։ Սիրող գրագէտի բացարձակ իր տիպարը ի՞նչպէս վերցնել իր սերունդին ընդհանուր միջինին, որ գէթ այդ մարզին վրայ քիչ թիւով կը . եղի (Զօհրապ)։ Նոյնիսկ կին` Սիպիլ մնաց միշտ շարժումին հետ։ Բայց մեր գործունէութիւնը կը կշռուի հաստատ տարրերով։ Ու Կամսարականի վաստակը ճշմարիտ գրագէտի ժառանգութիւն մըն է, զինքը բացատրող, որքան մեր գրականութիւնը շահագրգռող։ Ի՞նչ փոյթ որ դեռ խմբուած [6] չըլլան այդ մասերը։

Անոր վաստակը, արդար ու իրաւ, իր համբաւին չէ դառած երբեք։ Ըսի թէ որքան քիչ է մեռածին տոկոսը այդ ամբողջին մէջ։ Բայց չըսի թէ տուած է իր սերունդին ամենէն յատկանշական իրացումը: Եթէ իրապաշտ վէպին գլուխ-գործոցը, Ամիրային Աղջիկը, պիտի գրուի շարժումին նուազումէն վերջ, իրապաշտ վէպին ամենէն հարազատ արտայայտութիւնը մեզի պիտի գայ Կամսարականէն: Ուրեմն անոր տաղանդին սա կողմնահանումը կը սկսի իր վիպասանի շատ հաստատ շնորհին տալով լաւագոյն ու լայնագոյն բաժինը անոր տաղանդին: Անիկա իր սերունդին վիպողն է, շատ աւելի իրաւ քան Զօհրապը, Բաշալեանը, Սիպիլը ու Արփիարեանը։ Վասնզի բոլորէն աւելի յստակ էր իր մօտ մտայղացքը սեռին։ Գրեթէ պատանի, անիկա իր ուժերուն ամբողջ թափովը գրեց մեր անդրանիկ վէպը որ կրնայ կատարեալ, մեծ, գլուխ-գործոց եւ ուրիշ բաներ չըլլալ: Բայց մեր ճշմարիտ վէպն է։ Քիչ անդին, վերլուծումը պիտի ընդլայնէ այս վարկածին տարողութիւնը։ Վարժապետին Աղջիկը մինակ մնաց, ճիշդ է։ Կամսարականի վիպակները պարզ պատմութիւններ չեն որպէսզի զանց ըլլուին երբ կը ջանամ զատորոշել անոր տաղանդը։ Պատմուածք, նորավէպ, պատկեր անոր համար երկարաձգումներ են անդրանիկ բխումին։ Ու ինչ փաստ, որպէսզի անոնք ալ շահագրգռեն մեր գրականութիւնը գրէթէ վէպին սաստկութեամբը։ Անիկա պիտի մշակէ վիպակը, երկար ընդհատներով, բայց միշտ հաւատարիմ վիպողի իր գիտակցութեան: Տիգրան Կամսարականի լաւագոյն իրացումները եկան վէպէն ու վիպակէն:

Անշուշտ ի պաշտօնէ քննադատ մը չի կազմուիր մեր մտքին մէջ, երբ ուսումնասիրենք իր գործին այն մասը, որ իմաստներու, հոգեբանութիւններու, հոսանքներու եւ գրական-գեղարուեստական շարժումներու անդրադարձն է իր մօտ։ Բայց չենք կրնար լրջութեամբ նկատի չառնել իր մտածողութեան տարողութիւնը որ իր սերունդին միջինէն վեր է այս անգամ։ Իր ընթերցումները, թէեւ քիչ, բայց խոր ու ամուր, զինքը կ՚ընեն շեշտօրէն իմացապաշտ մը։ Բոլոր քիչ ու լաւ կարդացողներուն լրջութիւնը, ամրութիւնը, վճռականութիւնը դժուար չէ հաստատել անոր դատումներուն մէջ։ Իր տեղին կը բացուին եզրերը այս կարողութեան։

Չունեցաւ անիկա սեպհական բեմ մը։ Բայց օրուան իրողութեանց շուրջ իր կեցուածքը, մտածողութիւնը, կեանքը տեսնելու իր կերպը ու մանաւանդ այս ամէնը գործադրելու, այսինքն արտայայտելու իր մէկ ու նոյն կորովը, խղճմտութիւնը զինքը մօտիկը կը դնեն հրապարակագիրին որ իրապաշտներուն բոլորին համար ալ պարտադիր մարզանքը չարհամարհեց։ Ասկէ զատ, իր արեւելահայ համակրութիւնները իր մէջ աճեցուցին այս հանրանուէր տրամադրութիւնը։ Իր ճառերը, բացման խօսքերը, ներբողները, խղճմտանքէ փրթած ձայները, յարձակումները, խորհրդապաշտական պատկերացումները կը բխին հանրային գործիչի մը հոգեբանութենէն որուն միակ մեղքը քովնտի կեցուածքի մը պատկանիլը պիտի ըլլար։ Չմոռնալ պզտիկ մանրամասնութիւնն ալ որուն համեմատ անոր մէկէ շատ աւելի անգամներ վիճակուած է առաջնորդողներ ստորագրել։

Խօսի՞լ տակաւին թատերական իր հասկացողութեան մասին։

Փրկանքը իրապաշտ թատրոնի առաջին փորձն է արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Չեմ գիտեր ինչպէս կը ճշդուի իր դերը այդ «աշխատակցուած» գիրքին մէջ։ Ո՞վ է կազմողը ու ով՝ գրողը, քանի որ Միքայէլ Կիւրճեանի անունն ալ կը գրուի իրենին քով։

 

3. ՎԻՊՈՂԸ

Շահեկան է Վարժապետին Աղջիկը ին վրայ հեղինակին դատաստանը։ «…Սկսնակի փորձ։ Բարքերու տոքիւման միայն կրնայ արժել ու այլապէս ոչինչ։ Տռամաթիք։ Ստուար գործ։ Բնաւ «գրուած չէ», գրականութիւն չէ, թէեւ ծայր աստիճան յուզիչ: Խանդաղատանք, հեգնութիւն, observation, բայց իբրեւ écriture միամիտ ու թոյլ»։

Քիչ անգամ հեղինակ մը այսքան պայծառութեամբ պիտի մատնէր ինքզինքը: Հետագայ էջերը պիտի ճշդեն տարողութիւնը այս խօսքերուն:

Չեմ վերլուծեր վէպը ընդհանրացած, դասական եղանակով։ Կը ծանրանամ հոն հրապարակ դրուած հարցերէն կարեւորներուն վրայ։

Ա. Տիպարային ըմբռնողութիւն: Իրմէ առաջ ու իրմէ վերջ մեր վէպը գործողութիւնը վարող մարդերը նկատի կ՚առնէ կեանքի, յատկանշական կողմերու յարդարանքով մը։ Հերիք է որ անոնք գաղափարի մը առաքեալները դառնան (Տիւսաբ) կամ կիրքերու ցուցատախտակ ծառայեն (Զօհրապ), եւ կամ Սիպիլի տուածին պէս կենսագրական տարրեր շահագործեն, պիտի անցնին իբրեւ յաջողութիւն։ Կամսարականի հասկացողութիւնը կը տարբերի: Անոր վէպին մէջ գործող մարդերը, բոլորն ալ գրեթէ անխտիր, կ՚արտայայտեն լիութիւն մը, ամբողջութիւն մը որոնք վէպին տարողութենէն կ՚անցնին։ Չեմ ըսեր թէ քսանամենի այդ տղան ընկերաբանի մը լրջութեամբ հաւաքած է իր մարդոց յօրինիչ տարրերը: Բայց կը ծանրանամ մարդերը մէկ անգամով ընդգրկող միտքի իր կերպին որ իր նմանը չունի արեւմտահայ վէպին մէջ։ Կան այս մարդերը, արագ ու խոր տեսնող։ Բաղդատութիւններ չեմ ըներ։ Վարժապետին Աղջիկը Կամսարականին բառով պատկերոց (galerie) մըն է դասակարգերու, վիճակներու, շրջավայրերու, հոգեբանութեանց։ Բայց այս ամենուն հետ, մարդերու կարաւա՛ն մը, զարմանալի հարազատութեամբ մը ընտրուած։ Անոր կեդրոնական անձնաւորութի՞ւնը: Դժուար է որոշել։ Անշուշտ այն սրտառուչ, փափուկ, այնքան դժբախտ էակը որ իր անունը կուտայ վէպին, թաւշահոգի աղջիկ մըն է, Պոլսոյ ջերմանոցային պայմաններէն ծնած։ Թոյլ, դիւրազգած, անուշիկ, նրբենի։ Որուն մտապատկերը անցած է մեր մեծ բանաստեղծներուն հոգիէն ու կերպով մը նուաճուած ալ։ Ահագին անջրպետ մը զայն կը բաժնէ Սիպիլին պուպրիկ Բուբուլէն որ պոլսական ըլլալով հանդերձ, պիտի մարդկայնանայ Պոլսէն դուրս։ Նոյն անջրպետը դարձեալ Տիկին Եսայեանի կատաղի, մշտածարաւ կիներուն եւ այդ «գառնահոգի» աղջնակին միջեւ: Չեմ բանար այս հոգիին յօրինուածութիւնը։ Կամսարական կազմած է զայն գուրգուրանքով մը, կիրքով մը, խղճմտութեամբ մը որոնք վէպը կը զանցանեն անմիջապէս։ Ըսել կ՚ուզեմ` այդ աղջիկը կազմող կողմերուն ուսումը (պիտի ըսէի ուսումնասիրութիւնը) վիպական ընկալեալ պարունակէն դուրս է բոլորովին։ Մեր գրականութեան առաջին իրաւ կինն է: Զայն կարելի չէ բաժնել այդ Պոլիսէն ուրկէ դուրս պիտի մեռնէր անիկա անկասկած։ Այս հարազատութիւնը պոլսական հոգեբանութեան՝ երբեք պիտի չտկարացնէ այդ աղջկան մարդկայնութիւնը։ Ան ալ խենդն է կէս դար առաջուան պարահանդէսներուն, ջուրի պտոյտներուն, դրամին ընձեռած վայելքներուն, վարկին, ինչպէս կը կրէ իր մէջը խոնարհատարր հոգեբանութիւնը իր ժողովուրդին որուն հարուստները ի զուր կը հերքեն իրենց պապերուն հլութեան, համեստութեան դարերը։ Ան ալ անճարակ է իբրեւ կին, երբ ամուսնական յարկի մը մէջ հարսնուկի իր վիճակը պարտաւոր է հաշտեցնել ահարկու պառականին խուլ հալածանքին։ Որ կը սիրէ, առանց գիտնալու, ինչպէս են գրեթէ բոլոր մեր կիները. ըսել կ՚ուզեմ` կը նային իրենց այրերուն ժառանգական հոգիովը իրենց ցեղին, այսինքն պարտքի մը պէս, այդ զգացումին ամենէն հզօր մասը պահելով իրենց ներսը իբրեւ պահեստ, զայն գործածելու համար ընտանիքին լիութեան, տանը նիւթին ինչպէս զաւկըներուն տածումին ու տնտեսելով անոր ահաւոր ուժը մինչեւ ծերութիւն։ Այսպէս են սիրեր հազար հազարները մեր աղջիկներուն եւ ոչ թէ Տիկին Եսայեանի տուած կիներուն նման։ Էջեր քիչ պիտի գան միայն այդ կնոջ մէջ պահ դրուած յատկանիշները արտահանելու: Այսքան թելադրական այս դէմքին համար Կամսարական ճարած է շատ յուզիչ տռամ մը։ Չեմ պատմեր զայն։ Բայց դիտել կուտամ թէ, առանց այդ տռամին ալ, այդ աղջիկը պիտի բաւէր ինքզինքը պարտադրել մեր հիացումին։ Ու ասիկա ոչ թէ իրաւութեան (թող ներուի այս գէշ բառը), հարազատութեան, տիպարային իր հարստութեան փաստերով, այլ այն ծփանուտ, բանաստեղծային, ուրուաշնորհ իր յօրինուածութեան դժուար հաւասարակշռութեամբը։ Վէպերու մէջ միայն հանդիպելի մարդոց կես աղե՞րսը իրական կեանքին։ Առանց անոր, այդ անձերը պիտի շլացնէին մեզ թերեւս, բայց պիտի չյուզէին։ Կայ աւելին։ Այդ աղջիկը զարնող ցաւը բարա՜կը պոլսական գրականութեան մէջ միայն մեծ բանաստեղծներ մխացնող կարմիր տենդը չէ հիւծախտին, այլ ատկէ անդին բան մը։ Արիւնի բաւիղներէն հասած անիմանալի զգայութիւններու խուրձ մը, զով գրագէտը կը տարտղնէ իւրմէ դուրս, թերեւս առանց ալ գիտնալու թէ ինչ կ՚ընէ…: Վարժապետին Աղջիկը արեւմտահայ վէպին ամենէն յուզիչ տիպարն է։ Ու արուեստի գործի մը համար չփնտռուած, չհալածուած, անբռնաբար յուզումը ես չեմ փոխեր աւելի մեծ կատարելութեանց հետ: Վէպին միւս տիպարնե՞րը։ Բայց այլապէս յաջող, անմոռանալի յօրինում մըն է վարժապետը ։ Անծակ իր ինքնաբաւութիւնը, յուզիչ իր միամտութիւնը, անճառելի իր երջանկութիւնը, իր դասակարգին ամբողջ արժանիքն ու թերութիւնները մուշտակի պէս հագուած, ու այս ամենէն վեր՝ քերթողի իր յաւակնութիւնովը այնքան ծիծաղելի որքան լաւ դիտուած, այս մարդը դարձեալ խտութիւն մը, համադրում մըն է իրարու ներհակ բաներու: Չեմ հետեւիր այն մանր իրականութեանց որոնք ընտրուած են այդ մարդուն կերպարանքը (հոգեկան որքան բնախօսական) յարդարելու: Նոյնքան ճիշդ է անիկա իր թշուառ, անճարակ, օդային վրիպանքին մէջ իբրեւ հայր ու իբրեւ քերթող։ Ի զուր կը յաճախէ մտքիդ Տոտէի Ճէք ին ահաւոր rat é ն։ Անոր թերաստուերին մէջ ձեւուած ըլլալուն հակառակ, անդառնալի կերպով անիկա հարազատ է իր միջավայրին ու կարելի՝ իբրեւ հայ վարժապետ: 1880ի հոգեբանութեան որոշ մաս մը, զոր Արփիարեան ալ պիտի յամառի նուաճել քառորդ դար յետոյ, իր Կարմիր Ժամուց ին մէջ, աւելի անգութ գիծերու ներքեւ, բայց որ Կամսարականին բարեհամբոյր արգահատանքին մէջ կը բարեխառնուի, հաշտ գոյն մը իբրեւ, ընդհանուր տռամին մթնոլորտին։ Անոր նկարագրին բոլոր երեսները, գրողի ու քերթողի դժբախտ որքան անփոխարինելի ունայնամտութիւնը, խորշ, սրտայոյզ իր տառապանքը իբրեւ հայր, երբ հիւանդ ու տուն վռնտուած իր աղջիկը կ՚առաջնորդէ պոլսամերձ գիւղ մը ու կը սպասէ… մեռնելուն: Ահաւոր այս կսկծանքը անոր դէմքին կուտայ կարկառ մը, ճշգրտութիւն մը, անջնջելի կենդանութիւն մը որոնք մեր վէպին միւս հերոսներուն մօտ գտած ըլլան ճշմարտութեան սա աստիճանը։ Նոյնքան իրաւ, սրտառուչ, յիմար, անոր կի՛նը, որ, կը կրկնեմ, իր հարազատութեան փաստը չէ որ պիտի շահագործէ յիսուն տարի վերջն ալ, երբ վէպերուն մթնոլորտը ինքնաբերաբար կը պարպուի զիրենք տաքցնող զգայութեանց հոսանքներէն: Այդ կինը այսօր ալ խորհրդանշան մը կը մնայ հայ մօրը ամենէն կարկառուն առաքինութեանց։ Անոր պարունակովը պիտի չդժուարանան իրար ճանչնալ Աստուծոյ այն աղախինները որոնք մեր սփիւռքին մէջ դերը ստանձնած են հայ ընտանիքը կանգուն պահելու: Հայ վէպը չունի մօր մեծ տիպարներ, որոնք մեզի խօսէին իրենց անըմբռնելի գեղեցկութիւնը մանաւանդ հոգեղէն մարզէն։ Անապատն ու տարագրութիւնը անշուշտ խաթարած են անոր սկզբնական հոգեյատակը [7], բայց չեն կործանած այդ զմայլանքը։ Վարժապետին Աղջիկը ին մէջ անիկա կը կրէ մեր մայրերուն յատկանշական առաքինութիւնները, բարութիւն, նուիրում, անյատակ սէր, ինչպէս իմացական տախտակները, երբ իր երջանկութեան ու դժբախտութեան մէջ կը յուսայ, կը փառասիրէ, կ՚երազէ, կ՚ափսոսայ ու կ՚ապրի դժոխքը իր հոգեհատորին, անոր խարոյկի մը պէս սրտաճմլիկ մահիճին ոտքին, անոր հասնումին թելը մատին, անոր՝ փառքէն դէպի սա մահուան նախավայելք սենեակը անկումին անըմբռնելի աղէտը հասկնալու իր անկարողութեան մէջ, երիտասարդանալով, կարծես բաժնելու համար աղջկանը տառապանքը, երբ թոռնիկը կը գրկէ անլուր տագնապով ։ Ու մանր առեւտրականը, որուն յօինումը, կ՚ենթադրեմ, խանդավառած է Կամuարականը, վէպին յիշուած երեք մեծ անձերուն չափովը, քանի որ անիկա ամենէն պարզ ու առատ միջինն է այդ Պոլիսին։ Կամսարական արհեստաւորի տիպար չէ տուած, ո՛չ հոդ ոչ ալ իր վիպակներուն մէջ որոնք աւելի համեստ դասակարգէ մը, ընկերութենէն ընկեցիկ մարդոցմէ կազմած են մեծ չափով իրենց մարդկային տարրը։ Այդ խանութպանը հոգեկան հարստութեան այն խորհրդանշանն է որ մեր ժողովուրդին համար ունեցած է բացառիկ իմաստ ու տարողութիւն, վասնզի տնկարանն է մեր աւագ առեւտրականներուն, որոնք խանութի մը մէջ ալելով պիտի սկսին ապագայ իրենց մեծափարթամ ապարանքները։ Չարքաշութիւն, բայց սիրտ, զոհուող ու ներողամիտ։ Հասնող ու անյիշաչար։ Արի ու հաստատ իր հոգեկան խարիսխներուն վրայ: Անհուն է անջրպետը որով կը զատուին իր թիփին մարդերը եւրոպական համակարգ դասերէ։ Ֆլոպէռի ահաւոր Homaisին եւ Գարեգինին միջեւ փորուած տարբերութիւնը գրագէտի վաստակ մը չ՚ապացուցաներ, այլ տարբեր ժողովուրդ ու զգայնութիւն։ Այս չորս դրական տիպարները կը վայելեն հեղինակին յայտ որքան թաքուն համակրութիւնը ու կը մնան վէպին ամենէն սրտայոյզ մարդերը: Համակրանքի այս անտեսանելի բայց խորապէս զգալի հոսանուտին մէջ այդ դէմքերուն թերիները արուեստի վրիպանքէ աւելի կեանքին հարկադրանքը թերեւս կը քաղցրանան ու մեզ կ՚ընեն զինաթափ: Կամսարականի մարդոց երկրորդ կարաւանը, ուր զետեղուած են ժխտական թիմերը, ոչ նուազ յաջող պատկերացում մըն է մեր ցեղային միջինին վրայ: Չեմ կրնար մէկիկ մէկիկ ծանրանալ այդ շքախումբին։ Լպրծուն, անջիղ, անկամ, անսիրտ արարածը որ աւագ վաճառականին շփացած, նորելուկ, հաճոյապաշտ ու հոգեպէս ստոր նորատնկումն է հեղինակին միտքին մէջ, թէեւ ոչ ամբողջական [8], քանի որ զինքը որոշադրող զսպանակները արտաքին իրականութեան մէջ ալ տարբեր չեղան, դարձեալ յաջողութիւն կրնայ նկատուիլ, վասնզի այդ օրերուն անիկա ամենէն ընթացիկ ապրանքն է հայոց Շուկային, ամենէն փնտռուած փեսացուն, ամենէն յիմար սիրահարը: Այսպէս չէ անոր քով ի վեր գործող միւս մարդը, պետական տիտղոսաւոր որ հակառակ վիպական պահանջի մը համար վէպէն ներս իր մուտքին, տրուած է մեծ ճարտարութեամբ։ Այս յաջողութիւնն ալ զիս չի զարմացներ։ Այդ պէյերը, փաշաները իրենց մեղքերուն վրայ իրենց շքանշաններուն շուրջառը պարզելու դերը Կամսարականէն չէ որ սորվեցան։ Անոնք միշտ ալ գիտեն իրենց դասը, յորովայնէ ընտրեալ իմաստութեամբ մը։ Չեմ վերլուծեր այս Թորոս պէյը, ոչ` իր դերին տխրութեանը վրայ հեղինակին գարշանքը անգամ մըն ալ չթարմացնելու համար, այլ որովհետեւ վէպին համար անհրաժեշտութիւն մը չի ներկայացներ։ Անիկա սքանչելի հերոս մըն է ուրիշ, գրուելիք վէպի մը, վասնզի 200–300 էջը պիտի չբաւէր սպառելու անյատակ աղբը այս մարդոց։ Հոդ, իր երկրորդական եակոյական կեցուածքին մէջ, անիկա կը մնայ թելադրիչ բայց անաւարտ։ Այդ մարդերը գեղեցիկ կին մը գլխէ հանելու համար աշխարհ մը պառաւ, սնտուկով ոսկի, նաւ մը նանրամտութիւն կը պահեն իրենց պահեստի զինարաններուն մէջը ու մէկ ու նոյն արարքին համար որ ուրիշի մը կինը խաբելն է իր պարզութեան մէջ կը գործածեն զանոնք անհաւատալի ճարտարութեամբ։ Վէպին մէջ իրենց շահեկանութիւնը ոչ թէ արարքին այլ միջոցներու բազմազանութեանը մէջ է: Ու ձգելու համար այս տրտմութիւնները, կը կենամ, արագ, գծագրութեանը առջեւ աւագ վաճառականներու գերդաստանին, հօրով, մօրով, ցեղով, պիտի ըսէի։ Որոնք նուաճուած են զմայլելի բնականութեամբ մը: Որոնք իրենց կարճ դերերը կը կատարեն անմոռանալի հարազատութեամբ ու կ՚ըլլան գիրքին յաջողագոյն մարդերը։ Թող չառարկուի թէ երկար է այս թուումը: Վէպը, հեղինակին իսկ բառերով, մեր բարքերուն շտեմարանն է: Ու ժողովուրդի մը բարքերը չեն սպառեր թուղթին թիերովը: Գեղջուկ, բանուոր, ձկնորս, կառապան, իբրեւ մարդ ով որ բառ մը, շարժում մը, դերի ստուեր մը ունի գիրքին մէջ, ըրած է այդ պարտքը ամենաբնական ընտանութեամբ մը, իրականութեամբ մը որ կը զարմացնէ: Եւ կ՚ուզէի գալ այդ յաջողութեան գաղտնիքին։ Տիպարային ըմբռնումը Կամսարականի մօտ վիպային, թէքնիք ըլլալէ առաջ, մարդկային է: Չեմ կրնար առաջ երթալ, անոր մէջ ուրանալու աստիճան գրագէտի որոշադրուած կեցուածք մը, իրապաշտ տեսութեան ապացուցումին հետամուտ։ Բայց կրնամ վճռապէս ըսել որ վէպը սկսելու թելադրող մեծ ազդակը, խոր, իրաւ, մարդկային խռովք մըն է, թերեւս օր մը լսուած իրողութիւն մը իբրեւ անդրադարձ: Չմոռնալ որ այդ օրերու ոչ միայն մեր գրականութիւնը, այլեւ ընկերութիւնը յաճախանքին տակն է հիւծախտին որ թօթափած բանաստեղծական իր մշուշանքը, կը ծաւալի տիրական նախընտրութեամբ մը երիտասարդ շարքերէ ներս։ Պոլիսը նոր կը բացուէր անոր շարաւին։ Ու այդ նորութիւնը հիւանդութեան կուտար այլապէս սրտաճմլիկ այժմէութիւն մը: Սբոռ էն ու ֆութպոլէն առաջ, պարմանիները կ՚ապրէին մղձաւանջին մէջը այդ անողոք ախտին: Կամսարական անոր հանդէպ իր կեցուածքը ծածկած է վիպողի հպարտութեամբ մը։ Բայց զուր տեղը չէ որ Արփիարեանի աղջիկներն ալ պիտի այցուին անկէ։

Բ. Բարքերը: Իրապաշտ հանգանակին աւագ մտահոգութիւններէն մէկն էր ասիկա։ Բարքերու սեւեռումը մեր գրականութեան մէջ անոնցմով է որ մուտք ունի: Կէս դարու մօտ անցեալով մը գրական վաստակ մը կայ 1890էն առաջ։ Բայց փնտռեցէք թէ ո՞վ է լեցնողը այդ գրականութիւնը։ Վէպը գիտենք թէ ինչ նպատակներ հետապնդեց մինչեւ Կամսարական։ Մեր քերթողները իրենցմէ դուրս աշխարհ մը չէին կրնար ընդունիլ: Մեր պատմութիւնը կը զբաղէր մեր անցեալին թուականներով, մեր մատենագիրներուն դատերովը ու մեր բառարանով։ Մեր մամուլը ունէր իր ազգային մեծ ժողովին վիճաբանութիւնները, մեր եպիսկոպոսներուն քարոզները։ Իսկ մեր ժողովո՞ւրդը: Անիկա վտարուած էր անկէ։ Կամսարականի վէպը պոլսական բարքերու առաջին մեծ շտեմարանն է։ Անոր ամէն մէկ էջին վրայ այդ քաղաքի հայութեան ու քիչիկ մըն ալ օտարներուն կեանքէն ամուր, վերջնական տախտակներ կը մնան սեւեռուած։ Յետոյ, վէպին շրջանակը քանի մը դասակարգերու մէջէն ընտրուած, պիտի անդրադարձէր ասոնց մեծ, տիրական յատկանիշները։ Արփիարեան, հակառակ իր ջանքին, չկրցաւ իր նախասիրած մարդոց դասակարգէն դուրս տիպարներ սեւեռել: Իր էՖէնտի ն ( Կարմիր Ժամուցը ) ազգային, թաղական շրջանակին մէջ միայն կենդանութիւն կը հագնի: Ատկէ դուրս, իր տարտամը: Բաշալեանի աշխարհը աւելի համեստ, բայց աւելի միօրինակ տարրերով կը ներկայանայ: Զօհրապին ազնուականները իրենց իրականութիւնը չեն կրնար զարգացնել, այն խոր աճապարանքին պատճառով որ այդ մարդուն մօտ կեանքը եղաւ: Զուր տեղը չէ որ անոր աշխարհը աշխարհ մըն է կիներու, այսինքն էակներու որոնց խորագոյն, խտագոյն էութիւնը, իսկութիւնը կը լեցուի պահերով [9] եւ ոչ թէ այրերուն մօտ դիտուածին նման տեւողութեամբ: Հրանդին մարդերը կը տժգունին, կ՚անարիւնին, անտանելի կը դառնան երբ չեն գար խաներէ, մաքսատունէն, Երկրէն կամ առնուազն… Պարտիզակէն որ Պոլսոյ մանուկներուն կաթը մատակարարող լեռնադիր մակաղատեղի մը եղաւ իր պարարտ կիներուն ստինքներովը: Կամսարականին մօտ ամբողջական Պոլիս մը կայ: Իւրաքանչիւր շրջանակ սեւեռուած է կարելի հարազատութեամբ, խղճմտանքով, մանրամասնութեանց արդար հանդէսով մը։ Չեմ լայննար ներկայացնելու համար մեծ անոր թելադրանքը։ Տիպարներու կարաւանը կրկնելու պիտի հաւասարէր անիկա։ Անցողակի դիտել կուտամ որ արեւմտահայ գրականութիւնը որուն շրջափոխութիւնը բացառիկ ըսուելու չափ պոլսական գնացք մը պարզեց, չէ նուաճած այդ քաղաքը, չեմ ըսեր իբր տէգոռ, այլ իբրեւ զգայնութիւն։ Երուխանի Ամիրային Աղջիկը կուտայ անոր Խասգեղը ու քանի մը փողոցները։ Ուրի՞շ։ Տիկին Եսայեանի Պոլիսը ձեւազեղծուած աշխարհ մըն է: Վարժապետին Աղջիկը այն գիրքն է ուր ամենէն աւելի հարազատ տարրեր կան սեւեռուած այդ քաղաքէն իբրեւ բարք ու զգայնութիւն։ Ուր որ կը տանի գործողութիւնը իր հերոսները, հոն գրագէտը կը դնէ այդ վայրերուն յատուկ ո՛չ միայն գծագրութիւն, այլեւ նկարագիր։ Վարժապետին Աղջիկը մեռնելու կ՚երթայ պոլսամերձ արուարձան մը, Մալ-թէփէ, 10-12 քիլոմեթր հազիւ հեռաւորութեամբ: Բայց ինչպէս կը զգաս իսկոյն որ ոչ միայն փոխուած է շրջանակը, այլեւ հոգին։ Ծովեզերքի ձկնորսները, բանուորները, պտղավաճառները, նաւաստիները, փոքրիկ գիւղերու անփոխարինելի pittoresqueը, իբր գոյն ու իբր բարք, կը գտնեն իրենց արդար իրականութիւնը ու կը հրապուրեն իրենց նորութեամբը, ճշմարտութեամբը։ Բայց ըսի, քիչ վերը, գիրքը մեծ շտեմարանն է պոլսահայ բարքերու։ Ու այդ տեսակէտով Կամսարական կը մնայ ամենէն երախտաշատ մշակը այդ գրականութեան։

Գ. Գործողութիւն, շրջանակ ։ Առաջինը արուեստի մեծագոյն միութիւնն է, առանց որու գործ մը չի կրնար կանգուն մնալ։ Զայն չեմ վերլուծեր այն պատճառով որ անոր ըմբռնողութիւնը, հակառակ… Արիստոտէլէն իսկ բանաձեւուած ըլլալուն, դեռ բաց դուռ մըն է արուեստի տեսաբաններուն համար։ Երբ գիրք մը ձեռքէդ չ՚իյնար, ընթերցումիդ պահուն, փաստ մը կուտայ անշուշտ, հերիք է որ այդ առաքինութիւնը գումար մը չըլլայ հետաքրքրական դրուագումներու: Կամսարականի վէպը քիչ անգամ իր գործողութեան ընթացքին կը ճապաղի։ Ստուար այդ տրամին ամէն մէկ մեծ բաժանումներուն մէջ կը յուզուին գրեթէ ամէն վայրկեան մեր զգացողութիւնը, ինչպէս մեր իմացականութիւնը։ Կը սրտմտինք որքան կուլանք։ Կրայոյզ տեսարաններու առատութիւնը չէ պատճառ որպէսզի մենք մնանք կապուած հերոսուհիին ողբերգական ճակատագրին։ Գիրքը թաւալում մըն է իրարու աննման պատկերներու, որոնց ամէն մէկին տակ առնուազն ապրուած պահի մը կնիքը, օր մը դիտուած իրականութեան մը վկայութիւնը կ՚երաշխաւորեն անոնց հարազատութիւնը: Եւ որովհետեւ այս արտագրումը գործն է խելք ունեցող մարդու մը, կը հետեւի թէ մեր միտքն ալ հաւասար չափով պիտի բաւարարուի, քանի որ, առանց զգացնելու, հեղինակը պիտի դատէ այդ աշխարհը։ Ու մեզի համար քիչ բան հրապուրիչ է այնքան, որքան մտածելու պատրանքը տալ մեզի։ Կամսարականին հետ այս շատ դժուար պահանջը յարգուած է։ Կը մտածենք իրեն հետ ու կը կարծենք թէ չենք սորվիր վարժապետի մը կողմէ։ Ուրեմն մայր գործողութի՛ւն, այսինքն տիրական զգացմունք մը, հոգեվիճակ մը, ըմբռնողութիւն մը քովն ի վեր ուրիշներ, աւելի ամփոփ, փոքրադիր բայց նոյնքան յստակ։ Կազմուած է գիրքին շարժականութիւնը (ծնողքներու փառասիրութիւն. աղջնակի մը փառասիրութիւնը)։ Որոնք պիտի քալեն իրենց առաջադրուած վախճանին, անողոք որոշադրութեամբ մը։ Բայց պիտի քալեն զմայլելի կերպով կարկառացոյց աշխարհի մը ընդմէջէն։ Բայց պիտի քալեն կրունկներով, կարաւան մը մարդոց որոնց իւրաքանչիւրը նմոյշ մըն է դարաւոր կամ աւելի կարճ բայց նոյնքան ամուր ախորժակներու։ Կամսարական անոնց ամէն մէկին համաց ընտրած է շատ լաւ դիտուած միջավայր, այսինքն շրջանակ։ Պարզ Պոլիս մը չէ այդ մարդոց թատերաբեմը, այլ 1880ի Պոլիսը: Չեմ կրնար բանալ այս նախադասութեան տակ պահ դրուած ընդարձակ ծալքեր։ Թուական մը երբեմն մեծ գումար մըն է թանկ զգայութիւններու, իրացած արժէքներու, գլուխ հանուած ձգտումներու: Այդ օրերու Պոլիսին մէջ այլեւս խորտակուած է ամրակուռ զրահը բարքերու, աւանդութիւններու որոնք թրքութեան այդ մեծագոյն ոստայնը դարերու վրայով փառքի ու քարացման տարին։ Թուրքերը 1830ի անաղարտ վայրագութիւններ չեն, որոնց մէկ ստուերատիպ իրականութիւնը այնքան թեթեւ բայց յատկանշական կողմերով նուաճուած է մասամբ Չերազի Արեւելեան Վիպակներ ուն մէջ։ Ինչպէս որ խախտած են պարիսպներու ակռաները` իր շուրջը, խախտած են բարքերն ալ իր ներսը։ Այլեւս փողոցի մանկային կռիւները չեն յանգիր հսկայ դղրդումներու երբ այդ տղոց կրօնքները կը ճակատին այդ մարդոց ետեւէն։ Ու տէգոռ ը, իր կարգին, նորոգուած մեծ չափու վրայ: Ոսկեթեւճակ ու բեհեզահիւս առագաստով կուրերու փոխարէն որոնք նեղուցներուն կապոյտը կ՚ոսկեզօծեն, այդ օրերուն կը սուրան շոգեշարժ, ծխանուտ, կկոցաձեւ ուրիշ շինուածքներ։ Շոգենաւ։ Երկաթուղին, որուն վրայէն կը վազեն մշուշով գարգամանակուած ճիւաղ ձեւեր։ Ու անսփոփ գիծը հեռագրաձողերուն։ Արեւելք ու արեւմուտք քով քովի: Մինարէ՝ ուրկէ թափուող աղօթքը աղօթք է վերջապէս, ըլլալէ ետքը հանդէսը սպանդին ու արիւնին։ Ահա քանի մը յղացքներ: Որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին կրնայ բացուիլ յորդ, խոր կեանքերու դժոխքին: Այս շրջանակին մէջ դժուար չէ զետեղել ձեզի մեր ժողովուրդը, ոչ հիմակուան պէս հացի թշուառութեան միայն հպատակ, պարպուած՝ իր խորհուրդը յօրինող բոլոր տարրերէն։ Այլ ամրապէս կազմակերպուած, իր հասկցած մշակոյթին սպասարկու. իր ժամուն ու դպրոցին ինչպէս իր հանդէսներուն նկարագիրները պաշտպանելով։ Քաղքենին ու գաւառացին: Այլահանդէս մը տարազի, մտայնութեան, միսի, ախորժակներու: Ու հոգեվիճակներ: Բարքե՜ր, այնքան խայտաբղէտ, այնքան նկարէն, այնքան խառնակ: Կամսարականի վէպը ասոնք անդրադարձուցած է կարելիութեան սահմանին մէջ։ Ու մեղքեր: Ու հպարտութիւններ։ Ու կիրքեր։ Ու քանի մը հզօր զգացումներ։ Որքան շատ է գիրքի մը տարողութիւնը, երբեմն։ Ատեն է որ կենամ:

Այլեւս չեմ քններ արտայայտութեան հարցը որ մեծ փոփոխութիւն մը պիտի չպարզէ, Կամսարականի շրջափոխութիւնը լուսաբանող։ Չեմ իրեն հետ երբ կը կարծէ թէ գէշ գրուած գիրք մըն է: Գէշ գրուած գիրքերը իրենց կեանքին մանկութեան իսկ կը մեռնին։ Կամսարականի դժգոհութիւնը իր գրուածք էն նոր չէ։ Խորհիլ իրեն հետ թէ լաւ գրուածքն եր լաւ գիրքեր են միշտ, նեղցնել է շատ արուեստին հասկացողութիւնը։ Այդ գրուածք ը մեր գրականութեան մէջ իր փառքի օրերը ապրեցաւ 1900-1910ի շրջանին։ Բայց քանի գիրք կ՚անջատուի այսօր այդ հեւասպառ նրբութեանց, ծայրայեղ խնամքի ու բռնազբօս զարդի եղերահանդէսէն։ Կիներո՞ւ պատկերները։ Չրաքեանին նրբութիւննե՞րը։ Մեծարենցի բառախաղային արձա՞կը (այս անուններուն հետ յառնող գեղեցկութիւնները այդ վերագրումներէն դուրս են ու ի հեճուկս անոնց կազմուած) եւ կամ Ծիածան ին գէշ մասը, այսինքն կէսէն աւելին: Սիպիլին rococo՞ն: Գիրքը կրնանք այսօր ալ կարդալ ու մեր տպաւորութիւնը անհրաժեշտ այլայլումը կը դիմաւորէ, բնական որքան անխուսափելի [10]:

Հիմա կը դառնամ ետ։

Ահա վէպին ամփոփոյքը։ Վարժապետի մը աղջիկը կը տրուի բարձր դասակարգէ մարդու մը. կ՚ըլլայ դժբախտ։ Կը հալածուի հարուստին պառականէն, կը մատնուի: Կը վերադարձուի հայրենի յարկը, հոգին տալու մօրը գիրկին մէջ։ Եղերական հիւանդութիւնը ծանօթ է ձեզի: Ահա երկու տողի մէջ վէպին կմախքը։ Ձեզի կը մնայ վերադառնալ վերի էջերուն ու հոն ուրուասուած բաները զետեղել այս տռամին ծալքերուն։

Ես, ստիպուած կը վերջացնեմ սա նկատողութեանց շարքը։

Այս վէպէն դուրս Կամսարական պիտի ստորագրէ բազմաթիւ վիպակներ, պատմուածք ու նորավէպ։

Անոնց աշխարհը, խորքին մէջ մօտ վէպին աշխարհին, ենթարկուած է զննութեան գրեթէ նոր ձեւի մը։ Մինչեւ Վարժապետին Աղջիկը ին մէջ մարդերը, իրենց ողբերգութիւնը տիրական թելադիրները եղան արուեստի գործին, հոս, ատոնց հետ, բայց ատոնցմէ առաջ մեզ կը գրաւեն ուրիշ մտահոգութիւններ: Պատմուածքը հիմա Կամսարականին համար պատուական առիթ մըն է քանի մը կարեւոր բաներու: Նախ ընկերաբանական բառը խոշոր է բայց ընկերային, ալ շատ տժգոյն մտածումներ պիտի պաշարեն զինքը, երբ կեանքի պատկերի մը հետ դէմ դիմաց պիտի գայ հեղինակը։ Յետոյ, այդ մտածումներու ճամբով՝ կեանքին եղերականութիւնը որ կը տարբերի վէպին մթնոլորտէն, քանի որ հոն անիկա կը պարագրկէ էակները ինչպէս անոնց տռամը։ Աւելի ետքը, քարոզչական գրեթէ բարոյախօսական մտադրութիւններ, որոնք արեւելահայ գրականութեան իր սպասին նուէրները կրնան նկատուիլ: Այս խոշոր, պարզ նպատակներու գրոհին տակ կը տկարանայ կեանքին պատկերացումը, ինքը իրեն համար։ Ու արուեստը ամենէն առաջ ատ է սակայն։ Փորձեցէք իրմէ կարդալ որեւէ պատմուած։ Պիտի տպաւորուիք անշուշտ, բայց իմացական կարգով մը եւ ոչ թէ կեանքին յորդումով, որ վէպին ամէն մէկ խորշէն կը բխի այնքան առատ: Համբաւաւոր Յարօ ն, Մէրկիկ ը ուրիշ բան չեն եթէ ոչ այդ մարդոց առջեւ Կամսարականի հակազդեցութիւնները (բառին կուտամ բնախօսական տարողութիւն), այսինքն իրենցմով հեղինակին մէջ առաջացող մտածումներու ցանց մը, խիտ, իրաւ, բայց ծածկելու աստիճան այդ մարդոց խորհրդանշած կեանքը նոյնիսկ։

Տարօրինակը ան է որ երբ, գրեթէ զուտ անձնական տարրերով կազմուած իր վէպը [11] արուեստի պայծառ յաջողուածք մը կ՚ըլլայ, ո՞ր չար բախտը կը միջամտէ որ անանձն դիտողութեան իր էջերը, այսինքն պատմուածք եւ ընկերք, լայնօրէն, չըսելու համար անհարկիօրէն ողողուին հեղինակին մշտական միջամտութեամբը [12] ։ Կ՚ըսեմ այսպէս, ոչ թէ մեր օրերու կերպարանափոխութեան անձնատուր՝ որ պատմելու արուեստը նորոգած է այնքան տարբեր արդիւնքներով ( Ժիրօտու, Մօնթերլան, Քոլէթ, Բոլ Մորան եւ այլն), այլ այդ մտածողութեանց փաստը իջեցնելով իր ճշմարիտ արժէքին։ Կեանքէ առնուած էջի մը վրայ մտածման ճիգը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ բարոյախօսութիւնը հիներուն, որ հակառակ իր նորոգուած կերպարանքին չի պատրեր թափանցողը: Ո՞վ պիտի հետաքրքրուի Սրուանձտեանցի զեղումներով մեր հայրենիքին ոգեկոչական շնորհներուն առջեւ, երբ անգամ մը չափած է մեծարժէք եկեղեցականին հիմնական տաղանդը, անգիր ը փրկելու իր հոյակապ ճիգը, ու ըստ այնմ՝ դասաւորած անոր գործին տեսակարար կշիռը: Եւ կամ ո՞վ պիտի չտառապի այն աժան, լրագրական մտայնութենէն որ Թլկատինցիի վաստակին վրայ կը ծանրանայ այնքան միամիտ, յաւակնոտ մեղքերով ու տեղ տեղ կը խորտակէ կեանքի այն հոծ տախտակները, բարձերը որոնք այդ տարօրինակ գիւղացիին թանկ նուէրները կը մնան մեր գրականութեան։

Մտածողական սա նկարագիրը անշուշտ չի հերքեր զգայնութեան տուրքը Կամսարականի պատկերներուն մէջ, որոնք իբրեւ իրականութեան ոճաւորում կը նոյնանան դպրոցին լաւագոյն իրացումներուն, բայց չեն փրկեր նպատակը որ զանոնք ոտքի է նետած։ Երկու բան նոյն ամանակով քալեցնելու իր մտահոգութիւնը իր վիպակային գործին մէջ մթնոլորտ է գրեթէ ու պատճառ նոյն ատեն որպէսզի աղօտին թէ՛ կեանքը թէ՛ անոր իմացական անդրադարձումները (reflexe)։ Խստապահանջութի՞ւն: Ի՜նչ գիտնամ։ Կեանքի ըմբիշ մը, ինչպէս է անիկա Վարժապետին Աղջիկը ին հարիւրաւոր էջերուն վրայ, անգամ մը իր ուժին փաստը արձանագրելէ յետոյ, երբ քանի մը սիւնակի կապանքին կը հարկադրէ իր ուժերուն սարուածը, ատով իսկ դաւաճանած կը նկատուի ինք իր դէմ։ Չեմ ուրանար գեղեցկութիւնը այդ հատուածական աշխատանքին ալ: Բայց կը պահեմ իմ խանդավառութիւնս, զայն չկրնալ տարածելով իր վիպակներով պայմանաւորուած աշխարհին լիութեան։ Կեանքին դէմ մտածելը կեցուածք մըն է, ի հարկէ։ Բայց կեանքը տալը արուեստագէտին կեցուածքն է։

Կտորներ պիտի չյիշեմ։ Բաւ է խօսիլ անոնց ընդհանուր յօրինուածութեան վրայ։ Կուգան բոլորն ալ կեանքէն։ Հաւանաբար մեծագոյն չափով մը` վաւերագրական այլ ստուգութեամբ մը։ Իրապաշտներուն petit faitն, (բաւական Թէն կարդացած է Կամսարական, չազդուելու համար պզտիկ դէպք ին մեծ հաւաքիչ իմաստասէրէն որ իր երիտասարդութեան վէպ ալ փորձած է եւ իր դարուն մեծագոյն վիպասանները կը նկատէր արուեստին համար այնքան հետաքրքրական երեւոյթներ) որուն հաւաքումը ըրաւ ինքը բոլորէն աւելի խղճամիտ պարկեշտութեամբ, մշտալար իր դիտողութիւնը գործածելով ձրի (մեր օրերու բառ որ անայժմէ չէ կէս դար առաջ ալ) հետաքրքրութեանց գոհացումին։ Այսպէս ճարուած դէպքը որ անձ մըն է յաճախ, երբեմն կացութիւն մը, երբեմն տռամ մը, անիկա պիտի լուսաւորէ անձանձիր խորացումով մը, մինչեւ որ առանձնանայ այդ իրողութիւնը, ինքզինքը ձեւէ եղելութեանց անտառին վերեւ, դառնալով ինքնութիւն մը, միութիւն մը։ Այն ատեն այդ փոքր դէպքը պիտի ըլլայ սարսռազդեցիկ պատկեր մը ( Ածուխի Տեղ ) որ իր ամփոփ շրջագիծերուն ընդմէջ պիտի տեղաւորէ ամպարագիծ դժբախտութիւն, խօսքով մը, գիծով մը, բառով մը, երբեմն լռութեամբ թելադրելով անհուն ողբերգութիւնը պակսող հացին, ածուխին, յորդող հիւանդութեան։ Պիտի ըլլայ երազ մը ( Վասակին Իղձը ), խոր, տրտում, տարօրէն իրաւ, որուն առէջները հեղինակը ճարած է 1500ամեայ տառապանքէն իր եղբայրներուն, եւ որուն մարմինը կը շինեն իմ, քու, մեր բոլորին հոգիներուն յատակը անխորտակելի, ադամանդ զգայութիւններ: Գիտէ՞ք պատկեր մը աւելի սրտառուչ քան մահուան ստուերին մէջէն ծարաւը այն միակ սփոփանքին, սրբութեան, զոր ոտնահար ըրինք երբ առողջ էինք եւ զոր կը զգանք, իր ճշմարիտ արժէքին մէջ, երբ ա՛լ կեանքը կը թափի մեր մատներէն։ Այն ատեն, կը շարունակեմ քիչ մըն ալ, այդ փոքր դէպքը պիտի ըլլայ դիւցազներգութիւն մը ( Յարօ ) որ պանդուխտ հայորդիի մը ճիգին առջեւ պիտի յորդի ինքիրմէ ու քանի մը սիւնակէ պիտի բարձրանայ համապարփակ պատկերացման ուր Պոլիսը, ըսել կ՚ուզեմ անոր ամենէն օդային գոյները, աշխատանքը՝ անոր ամենէն զրկանաւորը, հայրենիքը, ու հոն, հեռուի հովիտներուն խորը, խրճիթի մը մէջ ծուարած ամբողջ ողկոյզ մը սիրտերու (կին, մայր, հայր, ճիժեր, ընկերներ) պիտի անցնին ձեր առջեւէն, արագ, բռնավար, հզօր ու ողբերգական։

Կամսարականի տաղանդին լայնագոյն ու լաւագոյն մասը կուգայ իր վիպական աշխարհէն։

 

4. ՔՆՆԱԴԱՏԸ

Ուշագրաւ է որ իրապաշտ փաղանգը գրեթէ իւրաքանչիւր իր միութեամբը՝ գրական, գեղարուեստական հարցերու շուրջ երեւան բերէ սուր հետաքրքրութիւն, այս գետնին վրայ ալ չնմանելով ռոմանթիքներուն ու անկախներուն որոնք նախասիրեցին ստեղծել ու չմանել բարակ։ Այս ընդհանրական մտահոգութիւնը լրագրային տարողութենէ մը հազիւ թէ կ՚ազատի մէկէ աւելիներու մօտ, Չօպանեանի մէջ վերածուելու համար գրական խառնուածքի։ Արփիարեան, Զօհրապ, Բաշալեան, Սիպիլ հրապարակագրական աւելի կամ նուազ շեշտ ոգիով մը կը մօտենան արուեստի հարցերուն։ Հրանդ ունի շահեկան նշմարներ հին լեզուի հասկացողութեան նկատմամբ։ Կամսարական աւելի է այս երկրորդ խումբէն իր գաղափարներուն որքան տարողութեամբը նոյնքան եւ բազմակողմանիութեամբը։

Վէպէն յետոյ, անոր սիրական հակումը կ՚երթայ իմաստներու գրականութեան մը։ Անշուշտ, շատ կանուխէն անիկա զգացած է դժբախտութիւնը այդ պաշտօնապէս ուրիշներու ենթակայ սեռին։ Գիտէ անոր անսրբագրելի տկարութիւնը ու չի ծածկեր զայն։ Բայց ստիպուած է անոր տալու իր տուրքը, ինչպէս պիտի ընէ միւս պահանջին համար, լրագրելով, երբ այնքան դժուար էր իրեն համար ամբոխանալ ։ Ինչպէս իր ընկերներուն, նոյնպէս իր մօտ գրական քրոնիկը էապէս քրոնիկ է, այսինքն անմիջական պէտքերու ծնունդ ու ասոնց գոհացումին սահմանուած։

Չեմ գիտեր, կա՞յ, կարիք այդ մտածողութեան տարրերը երեւան բերելու համար խորանալ դէպի ասոնց կազմութիւնը երբ պարզ է թէ իրապաշտութիւնը իբրեւ յղացք (իմաստասիրութիւնը շատ խոշոր ու յաւակնոտ պիտի հնչէր սա տողերուն վրայ) եւ իբրեւ թէքնիք փոխադրութիւնն է ժամանակակից օտար շարժումի մը (ֆրանսական իրապաշտութիւն)։ Մտքէս չ՚անցնիր պարզապաշտութիւնը դիւրին ու աժան տարազներուն, վասնզի երեւոյթները, մանաւանդ իմացականները, շատ ալ հնազանդ բաներ չեն, մեր ուզած կերպարանքը հագնելու: Փոխադրուած այդ տիսիբլին ին վրայ մերինները ի՞նչ կ՚աւելցնեն: Չօպանեան անկէ պիտի տանէ դպրոց մը որուն բախտը կը քաշքշուի մինչեւ մեր օրերը։ Արփիարեան զայն կը նուաճէ իր լրագրական ախորժակներուն, եւ օրաթերթը կը ստեղծէ, ինչպէս մեր առաջին ընթերցող հասարակութիւնը։ Այսպէս ամէն մէկը շարժումը կ՚օգտագործէ համաձայն իր խառնուածքին մղումներուն։ Կամսարական անոր կը պարտի իր վէպն ու իր քննադատութիւնը։

Իբրեւ ծաւալ անոնք մօտիկը կը կենան իր վիպակներուն։ Իբրեւ որակ անոնք կը կազմեն անոր անունին արժանաւոր նուէր մը մեր գրականութեան։ Կամսարական մտածած է իր սերունդին ամբողջ մտածողութիւնը ու քիչիկ մըն ալ աւելին: Այս ընդարձակութիւնը երբ կը ստիպուինք խտացնել բաղդատաբար շատ սեղմ շրջանակի մը մէջ, մեր գործը պիտի ազատագրուի, այդ իսկ հարկադրանքով, մեկնողական, պատմողական, վիճաբանական նկարագիրներէն որոնք կը տիրեն մեր դատումներուն, ուրիշներու մօտ, ու պիտի ըլլայ լուրջ, ծանրախոհ, երկար ատեն որոճուած վկայութիւն մը։ Դէմքեր, շարժումներ, գործեր ։ Ահա առիթները որոնք տուն կուտան իրեն։

Չեմ կրնար վերլուծել զանոնք, այն մեծ պատճառին համար որ խտացրած կառոյցներ են բոլորն ալ: Հարկ պիտի ըլլար բառ առ բառ արտագրել գրեթէ մեծ մասը իր յօդուածներուն։ Եղիայի վրայ երկարաշունչ մէկ գրուածքը ոչ միայն այդ հեղինակը կը ձգտի կաղապարի տակ ձգել, այլ անոր հետ զուգորդ մտայնութիւններ ու արուեստի հասկացողութիւններ, որոնք, իրենց ճշգրտութեամբը որքան յատկանշական երեսներովը կ՚ըլլան վերջնական խօսքեր: Ի՞նչ խնամքով կը զգուշանայ գրքունակ մեթոտէն որ առատաբան հասարակ տեղիքները կը գործածէ այնքան հեշտանքով: Ինչ ճարտարութեամբ շրջանը կ՚ընէ վտանգին որ դամոկլեան սուր մըն է ամէն քննադատի` գլխուն, հմտաբանութի՛ւն, երբ մեր յօդուածները կ՚ողողենք մարդոց, գիրքերու տեսութիւններու թուումով ու կը գրենք մեր թաքուն սնապարծութեան գոհացումին հոգածու, ուսումնասիրուած հեղինակը պատրուակ առնելով։ Շիրվանզադէ ն՝ իր պաշտամունքը, մասնագիտութիւնը: Որուն վրայով՝ արեւելահայ վէպն ու թատրոնը կը դառնան առարկայ իր գուրգուրանքին ու հիացումին։ Չեմ իջներ այս վարկածներուն կշիռին։ Կը գոհանամ դիտել տալով որ այս կեցուածքը պայմանաւոր է զուտ գրական, ազնուագոյն կիրքերով։ Կամսարական միտքէն չէ անցուցած ինքզինքը իբրեւ քննադատ արժեցնել։ Ու իր մէկէ աւելի ծանր, խոր, խանդոտ վկայութիւնները արեւելահայ վիպասանին գործին վրայ, նպատակ ունին իրմէ դուրս բարիքներ։ Ասիկա պզտիկ տարբերութիւն մը չէ երբ մեր քննադատութիւնը նախ ինքզինքը կը մտածէ գործի մը դիմաց, ըսել կ՚ուզեմ՝ իր հաշիւներուն յարդարումը [13], երկրորդաբար զբաղելու համար գործին փաստովը։ Կամսարականի հասկացողութիւնը, թափանցումին ուժը տեսակէտներուն բարձրութիւնը, մանաւանդ տեսութիւններու թնճուկէն զերծ մնալու ու անձնանալու կարողութիւնները բարձրօրէն բարերար տուրքեր են դատողի մը մօտ, որոնց կարօտը ունինք երկար ատենէ ի վեր։ Անհատներու շուրջ իր դատաստանները պաշտպանուած են, ինչպէս ըսի քիչ վերը, ազնիւ անշահախնդրութեամբ մը։ Ձեռնհասութի՞ւն։ Բայց ծանօթ էք իր ընթերցումներուն որակին ու տարողութեան Միտքի անկախութի՞ւն։ Ոչ ոքի եղաւ պարտական որպէսզի զոհէ ամենէն ազնուական հարստութիւնը, որով ներուի մեզի պարծենալ, առանց ծիծաղելի ըլլալու: Երբ կը դատէ վէպը, թատրոնը (Շիրվանզադէ), կը զգաս թէ դուրսէն, եկամուտ մէկու մը ո՛չ աչքերը ոչ ալ անվարժութիւնը կը միջամտեն նիւթին եւ իր դատումներուն մէջտեղ։ Տունէն մարդն է անիկա։ Եւ որովհետեւ փորձած է երկուքն ալ, կը նշանակէ թէ իր վճիռները կը տարբերին ի պաշտօնէ դատողներուն առնուազն ամբարշտութենէն [14] ։

Իր վարդապետութի՞ւնը: Շատ խոշոր է տարազը: Բայց կրնամ խօսիլ իր կեցուածքէն, որ ոչ միայն կը մօտենայ իր սերունդին մօտ ընդհանուր երեւոյթի մը, այլ կը յիշեցնէ եւրոպական, մասնաւորաբար ֆրանսական իրապաշտներէն սերած տպաւորապաշտ կեցուածքը Պուրժէի, Լը Մէթրի, Ա. Ֆրանսի։ Ասոնք ալ մարդեր՝ որոնք իրենց դատած սեռերը մշակած են աւելի կամ պակաս բարեբաստ արդիւնքով ու եթէ երբեք զառածած են դէպի դատում, ըրած են ատիկա գիտակցօրէն։ Կամսարական իր ժողովուրդին լիակատար ծանօթութեան կը միացնէ գրական խոր իր հասկացողութիւնը որ առանձին առաքինութիւն մըն է յաճախ։ Յետոյ կրթած, մարզած, մասնաւորած է այդ հասկացողութիւնը: Կը հաւատայ, իր սերունդին հետ, գրականութեան դերին, ժողովուրդ մը ազնուացնելու, բարեկարգելու հարցերուն մէջ։ Կ՚ուրանայ արուեստի գործէն իր շատ անձնական, նարկիuական խորհուրդը։ Զայն կ՚ուզէ uպաuին մէջը զանգուածներուն։ Օգտապաշտ է, այլամերժ առանց ըլլալու, ինչպէս են ատիկա արեւելահայերը երբ կը դատեն արեւմտահայ գրականութիւնը։ Եղիան վերլուծած ատեն չէ մոռցած այս մեծ հիւանդին անհաւասարելի նրբութիւններուն, երբեմնակի խորութիւններուն, արուեստի անոր շատ սուր զգացողութեան ընել արդարութիւն։ Բայց այն յօդուածը ուր կը ներուի մեզի իր դատումներուն ծանրութեան կեդրոնը ճանչնալ, Թրքահայք եւ Ռուսահայք մակագրուած համադրութիւնն է։ Հատորի մը նախանիւթը սեղմուած է այդ երեք չորս էջերուն խորը։ Կամսարական, իր արեւելահայ ծագումը չէ որ կ՚արդարացնէ երբ այնքան սուր, ճիշդ, խոր բաներ կ՚ըսէ մեր ժողովուրդին այդ պատուական կէսին ու հիմա աւելիին վրայ։ Չեմ լայննար, այդ խօսքերը փռելու հոս: Մարդեր կան որոնք չեն համառօտուիր, վասնզի չեն ընդլայնած, այլ ըրած են ճիշդ հակառակը։ Անոնցմէ է Տիգրան Կամսարականը։ Իր նկատողութիւնները, ըսի վերը, ոչինչ ունին գրքունակ: Տեղէ մը սորվածը չէ որ մեզի կը փոխանցէ։ Այդ մտածումները անոր մանկութեան օրերուն իր մէջ նետուած հունտերուն կը նմանին: Հողը պահած, պաշտպանած է զանոնք։ Կեանքը աճեցուցած։ Ու իր հասունութեան բոլոր շքեղութեանը մէջ այդ սերմերը վերածած է անիկա այդ իսկապէս խոր, թելադրող, մեծ մասով ճիշդ դատումներու սարուածի մը։ Կեանքէն մեկնող այդ եզրակացումները` մենաւոր մտածողի մը խստութիւնը, անարդարութիւնը, առնուազն մենագար ինքնատպութիւնը կրցած են խուսափել այն մեծ համակրանքին շնորհիւ որ անոր տաղանդը հանրային երեւոյթ մը ուզեց ընել միշտ, թէեւ առանց յաջողելու: Այնպէս մարդատեաց, յոռետես, սեւ ակնոց մը չէ գործածած անիկա հայ ժողովուրդ որակուած դժուար տարազելի երեւոյթին դէմ։

Օտարներու մասին իր դատաստանները կը կրկնեն նկարագիրը իր ընդհանուր կերպին։ Կը ճանչնայ զանոնք, բոլոր իր ընկերներուն չափ ու քիչ մը աւելի։ Բայց զգոյշ է մնացած զանոնք մեր մէջ ենթարկելու իր ժամանակին նորութիւն նկատուած ուսումնասիրութեան (իր պատճառները, այս ձեռնպահութեան, տեսնել Եղիայի վրայ իր յօդուածին մէջ)։ Տոտէին վերլուծումը կատարած է գրեթէ անձնական տարրերով ու զայն տուած պահուն չէ կրցած ինքզինքը պաշտպանել: Ֆրանսացի իրապաշտներուն ամենէն զգայունը, ճակատագրական նմանութեամբ մը, կը բացատրուի հայ իրապաշտներուն ամենէն զգայունէն։ Անոնք որ Տոտէի գործը սիրած են, պիտի սիրեն նաեւ Վարժապետին Աղջիկը ։

Կամսարականի գրական դատումները արտայայտման ուրիշ բեմ մըն ալ ունին, քիչ իկ մը տարօրինակ բայց արժանի լուրջ հետաքրքրութեան: Ատիկա յոբելեաններու, սգահանդէսներու, ի պատիւ հանդէսներու մէջ, օրուան դէմքին, շարժումին, հիւրին առթիւ խօսքերու փունջ մըն է։ Անոնք երբեմն կ՚անուանուին ճառ, երբեմն՝ բացման խօսք, երբեմն աւելի ազատ, յանդուգն բան մը, ինչպէս է` Հայկական Գեղեցկութիւններ վերտառուած սրտազեղ, քնարաշունչ համադրումը, նուիրուած Կոմիտասի: Չերազ, Բաշալեան, Չօպանեան, Դուրեան Սրբազան, Շիրվանզադէ, Զաւարեան, Թէքէեան, Նուպար Փաշա, Նորատունկեան անուններ են, որոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ մեր նոր մշակոյթը ինչպէս պատմութիւնը մեզի կ՚ընծայեն մասնակի կողմեր: Քաղաքական, գրական, պատմական անձնաւորութեանց մասին, ինչպէս նաեւ այն երեւոյթներու մասին որոնք կը կոչուին Վանի առում, Փարիզի Հայ Մատենադարանը եւ նմաններ, Կամսարական գրած է ամփոփ բայց կատարեալ տարազներ, իրենց խտութեանը մէջ այնքան թելադրական, ինչպէս մատուցման իրենց ձեւին զուսպ, գունագեղ ու տպաւորիչ վայելչութեամբը։ Թաքթ ի ինչ ապահով զգայարանք, աշխատանքի մը մէջ ուր ամէն բառ վտանգ մըն է քեզի ինչպէս դէմինիդ։ Ուր պարտաւոր ես յարգանքի զգացումներ պարզել բայց պահել չափի կշիռը։ Համակրագին տրամադրութիւն մը զգալի ընել, բայց խուսափիլ թացիկ, աժան ներբողաբանութենէն: Գնահատել բայց չխոնարհիլ վարձու գովեստին մունետիկութեան։ Կամսարական դիմաւորած է այս բոլոր դժուար պայմանները։ Իր խառնուածքին ջերմութիւնը, իր անկախ նկարագիրը, իր զգացումներուն խոր անկեղծութիւնը, իր մտաւոր պաշարին անառարկելի տոկունութիւնը ապահով երաշխիքներ էին իր դատաստաններուն։ Աւելի՛ն: Անոր գրիչէն չէ ելած որեւէ անիրաւ, անգութ տարազ իր մէկ ընկերոջը հանդէպ։ Նկարագրի իբրեւ գիծ չէ որ կը նօթեմ այս իրողութիւնը: Չգովելը առաքինութիւն մըն է, աւելի արժող քան գիտակցուած պարսաւը: Հայ գրողներու, գրականութեան մասին իր խօսքերը գրական որոշ արարքներ կը դառնան երբ ծանօթ են զանոնք թելադրող ոգիին բարձր անշահախնդրութիւնը ու իմացական պատրաստութիւնը։ Ժամա՛նց, աս ու ան կճելու թաքուն մտադրութի՛ւն, հաշուեյարդար, լրագրական շանթաժ, երբեմն մեր քննադատութիւնը եղաւ ասոնք, փոխնիփոխ։ Կամսարական յարգեց իր մտածումին լրջութիւնը եւ չիջաւ կրկէս, պզտիկ կիրքերու կամ հաճոյքներու ասեղին տակ, ինքզինքը մանրելու:

Մարդերը իրեն համար ազնուական արարքներ են, այս ժողովուրդին ընդունակութիւնները փառաբանող։ Թող մեռնի Զաւարեան մը, անիկա, պատկանելով հանդերձ քաղաքական տարբեր դաւանանքի, պիտի չվարանի այդ մարդուն մէջ մեծ կեանք մը, մեծ մահ մը սգալու, զայն ըստ արժանւոյն գնահատելէ վերջ։ Այս է իմացական անկախութիւնը ահա, որուն նմոյշը մեզի եկած էր արդէն Զօհրապէն։ Մարդերէն դուրս, մտայնութիւնները զինքը չեն զառածեր։ Անիկա իմացական ամէն երեւոյթի առջեւ ցոյց է տուած լայնամտութիւն, հասկացողութիւն, համակրանք, դառնալով այսպէս մեր օրերուն շատ դժուար հաւասարակշռութիւն մը։ Ոչ ոքի անծանօթ է մեր այժմեան քաոսը ուր կը պտուտկինք մեր կիրքերուն նիզակներուն տակ գալարուելով։ Անշուշտ անիկա ցեղէն վեր խղճմտանք մը չեղաւ, գուցէ անոր համար որ այս ցեղը զրկուած էր ա՛լ այդ կարգի սրբութիւններ զգալու երջանկութենէն։ (Կորստեան գուբին մէջ երկինքը շատ վեր է մեզմէ)։ Բայց կը պահէ վարկը իր « անկաշառ անձնաւորութեան »։

Քննադատ յղացքին հետ բազմատեսակ գաղափարի զուգորդութիւններ կ՚արթննան մեր մէջ, ժխտական որքան դրական, երբ բառը կ՚ընդարձակենք քիչ մը, ընկերային երեւոյթներ, գրական անձնաւորութիւններ, արուեստի իրագործումներ տարազելու ճիգով մը։ Ու մանաւանդ՝ բառին կապուած մտապատկերը: Ահարկու, անիրաւ, մեծատաղանդ, թափանցող, բազմահմուտ, յառաջամարտիկ եւ այլն եւ այլն։ Ասոնք խտացումներ են վիճակներէ որոնք կը զետեղուին իմացական դատող տիսիբլին ին տակ։ Չեմ հետեւիր ասոնց ընդլայնումներուն այն պարզ պատճառով որ քննադատական միտքը, Կամսարականի մօտ, առանձին մշակում, առանձին հետապնդում մը չի մատներ ու չէ ալ վերածուած պայծառ, վճռական կեցուածքի մը: Անշուշտ, պայքարի մարդն էր ան։ Բայց այդ պայքարը անիկա մղեց ընկերային գետնի վրայ ուր կ՚իշխեն ուրիշ զէնքեր ու միջոցներ։ Կամսարական կծու, խիստ քրոնիկներ ունի, բոլորն ալ մեր հասարակութեան զանազան թերութիւններէն թելադրուած։ Բայց ո՛չ մէկ յօդուած, ուր արուեստի աշխատաւոր մը տրորուէր իրաւացի կամ անիրաւ մեղքերու ցուցակագրութեան մը տակ (լռելը դժուար ու մեծ առաքինութիւն մըն է երբեմն)։ Կամսարականի մէջ քննադատական կեցուածքը երկարաձգումն է հրապարակագրական անոր սուր շնորհներուն՝ դէպի գիրքերու, գաղափարներու աշխարհը։ Այդ կեցուածքը սիրական է արդէն իր սերունդին բոլոր աշխատաւորներուն: Տկարութիւններով զբաղիլը երբեմն տկարութեան փաստ է ինքնին: Ինչ որ մտածեց անիկա, իր կիսադարեան անդրադարձումները եղան, մեր կեանքէն ու մեր միտքին կեանքէն: Այս տիրական պարկեշտութիւնը, ինքզինքը չթեկնածելու այս յամառ վերապահումը չմարսեց մեր հրապարակը որ անոր համբաւը չկործանեց անշուշտ, բայց ըրաւ աւելի անգութ բան մը: Զայն մոռցա՜ւ [15] ։

 

***

Քով քովի դրուած, Կամսարականի գրական նշմարները, վերլուծական յօդուածները, համադրումները կը ներկայացնեն վաստակ մը որ հաւասար է եթէ ոչ աւելի` Զօհրապի մեզի ձգածին։ Սիպիլ, Բաշալեան վար են իրմէ։ Արփիար՝ աւելի։ (Այս մերձեցումներուն մէջ զանց կ՚ընեմ Չօպանեանը, հասկնալի պատճառով)։ Բայց, կը կարծեմ թէ իբրեւ որակ անոնք լաւագոյնները նկատուելու բոլոր իրաւունքը ունին: Խօսած եմ թէ ինչ է արժէքը Զօհրապի Ծանօթ Դէմքեր ուն։ Արփիարեանի համադրական աշխատանքը մեղաւոր է թռուցիկ, արագ ըլլալու թերութենէն աւելի, հրապարակագրական իր յատակովը։ Երկարաձգուած քրոնիկ մըն է հայ գրականութեան նուիրուած այդ նoթերու շարքը։ Կամսարական չէ տարածուած։ Բայց իր Շիրվանզադէ ն մեզ կը կշտացնէ: Բայց իր Եղիա ն մեր միտքէն չ՚ելլեր։ Ու ասիկա պզտիկ առաւելութիւն մը չէ: Անձերէ դուրս հոսանքներու համար ալ իր սեւեռումները կը պահեն մնայուն կնիք մը։ Կէս դար յետոյ իր դատաստանը իրապաշտ աշխարհահայեացքին վրայ, կը մնայ վերջնական, անվերաքննելի: Քիչ գրած է: Չէ կրկնած ինքզինքը։ Պահպանած է իր դատումներուն համար ամուր յատակ մը, զոր դանդաղ, խոր, պարկեշտ աշխատանքը միայն կարող է հայթայթել: Իր ամփոփ սահմանին մէջ անիկա տէր է ու տիրական։

Գրականութեան պատմիչ մը անոր մէջ կը հաստատէ շատ բաներ, որոնք արժանի են գաղափարներու ընդհանուր մթերքի մէջ պահուելու: Այսպէս, անիկա ճշդած, տարազած է մեր ռոմանթիզմին մեծ, կարկառուն կողմերը, պարզ, արագ, իրաւ տողերու մէջ երբ կը բանաձեւէր իրապաշտ վէպին հանգանակը։ Անցողակի՛։ Անշուշտ։ Բայց հերիք է որ այդ սեւեռումները ըլլան վճռական։ Անոր մէջ ամբողջ է, ուրիշ որեւէ մէկու մօտ չդիտուած ամբողջութեամբ մը, մեր իրապաշտ հանգանակը։ Ի՛նչ փոյթ, որ ատիկա չմատուցուի մեզի առանձին մանիֆէսթով, փողով ու թմբուկով ։ Անիկա մեր մէջ կարելի, իր օրերուն թատերական հասկացողութեան մը փաստն ալ եղած է նոյն ատեն։ Ունի ամուր ու խոր ներհայեցութիւն գրականութենէ ոչ բոլորովին օտար հարցերու մասին որոնք մեր ժողովուրդին հոգեբանութեան բաղկացուցիչ տարրերը կրնան նկատուիլ։ Այս վաճառականը զուր տիտղոս մը չէ հոս այլեւս այս բառը տուած է իր Ռուսահայ եւ Թրքահայ կարճ էջերուն վրայ թերեւս անդրանիկ փորձը թափանցման մը որ բարիքը կը բերէ գրական չըլլալու, ազատելով այսպէսով փայլուն, վիճելի, միշտ շրջելի բառերու շարք մը դառնալէ, ինչպէս է պարագան սրամիտ դպրոցին մօտ, յետ-պատերազմեան սերունդին։

Այս ամէնը մեզ կը տանին, իր մօտ ընդունելու տիպարը արեւմտեան դատողին որ պարբերաթերթի կամ լրագրի մը գրական քննադատէն տարբեր է եթէ ոչ աւելի, ֆրանսացիներուն critique littéraireը, թեթեւ, հաճելի, սրամիտ, կայծկլտուն բայց վաղաշէջ, փախստեայ, անկշիռ: Ո՞վ պիտի կարդայ Ժիւլ լը Մէթրը ի հատորները ասկէց քսան տարի վերջ։ Կամսարական զերծ է նման մեղադրանքէ մը: Ու այս է վարձատրութիւնը բոլոր անոնց որոնք թուղթին առջեւ անցան երբ ըսելիք մը ունէին, առանց որ մէկը աղաչէր իրենց այդ բանին։ Յետոյ, կարճ էջերու մէջ անոր վիճակուեցաւ տեղաւորել ամբողջ հասակը վարդապետութեան մը որ Էմիլ Զոլայէն հատոր մը առաւ։ Կամuարականի մէջ մենք կը հանդիպինք արագ, կտրուկ, խուլ ալ տարազներու որոնք ամբողջ ցեղային զգայնութիւն մը կը պիտակեն։

Մե՞ղքը: Հատուածակիութիւնը։ Բայց ատիկա իրն ըլլալէ առաջ մեղքն է մեր գրականութեան, աւելի արդար ճշդումով՝ մեր ժողովուրդին։ Մենք իրաւունքը չունինք զմեզ տեսնելու մեծ, ամբողջ ժողովուրդին արժետախտակներուն առջեւ, երբ անիկա ընդուներ ենք արդեն մեր քաղաքական ճակատագրին համար։ Ինչո՞ւ զլանալ նոյն հարկադրանքը մեր արուեստին ալ: Արեւմտահայ գրականութեան առաջին կէս դարը ու քիչ մը աւելին երկնուած է ամենէն ահաւոր գերութեան մը մէջ։ Պէտք չէ մոռնալ այս դատավճիռը։

Ու պէտք չէ մոռնալ դարձեալ ուրիշ պարագայ մը: Կամսարականի դատումներուն դրականութիւնը, խանդավառիչ բարի՛քը: Դիւրին էր ողբալ մեր տկարութիւնները ու չանցնիլ անդին, ինչպէս ինքզինքը թեր կամ գեր գնահատել ու պղտորել արդէն անկայուն հոգեբանութիւններ։ Անշուշտ, մինակ գովելը արժանիք մը չէ ոչ մէկ ատեն։ Բայց մինակ գովելու համար խանդ ու տրամադրութիւն զգալը կը զատուի միայն ժխտելուն աժան ալ հերոսութենէն։ Կամսարական խնայեց ինքզինքը։ Ու հոն ուր ուզածները չգտաւ, խելքը ունեցաւ լռելու: Անոր խղճմտանքը չէ վրդովուած անգութ, անոպայ, տգեղ ուրացումներով, ինչպէս լեզուն չէ զիջած տրտում, պզտիկցնող գայթումներու։ Կիրքի, ջերմութեան պակաս մը չէ ասիկա իր մօտ քանի որ անոր գրիչը խածնել գիտէր որեւէ մէկուն չափ ու քիչիկ մըն ալ աւելի: Անշուշտ անոր չէր պակսեր բաւական ալ խելք, զգալու անծածկելի տկարութիւններ, անարդարանալի յաւակնութիւններ, անտեղի ինքնագոհութիւններ, առնուազն արուեստի պատրուակին տակ անձնագովութիւն, չարաշահութիւն, խաչագողութիւն, իր շուրջը ամէն օր գործադրուող։ Չէ արտայայտուած։ Փա՞ստ։ Եթէ կ՚ուզէք։ Իմ մասիս, կը հաւատամ թէ ընկերային վէրքերը, զեղծումները, թերութիւնները այնքան արագ ու լաւ որսացող մը, զանոնք խարանելու մէջ երբեմն մարգարէական զայրոյթ ալ գտնող մը, իր խածանութիւնը, արիւնոտող իր սրամտութիւնը կրնար շատ դիւրութեամբ գործածել գրական այլ մարզին վրայ։ Չէ ըրած։ Ինքնապաշտպանութի՞ւն: Դուք կ՚ըսէք ատիկա։ Աւելի արդար՝ զիջում մը, իր խոր հաւատքին, հանդէպ արուեստին։

Ուրի՞շ բարիք, այդ դատաստաններուն ձեւական խնամքը որ արդիւնք մը չէ ոճի տուրքերու։ Կամսարական, յղկեալ ոճի տարփաւոր, խղճահարութիւնը, ատոնց մէջ տարած է իր ծայրագոյն սահմանին։ Արփիարեանի մեծագոյն ճիգը դատումի մարզին վրայ, Արեւմտեան Հայոց Արդի գրականութիւնը վիրաւոր է ձեւի անկանգնելի թափթփածութեամբ մը։ Ռուսահայ եւ Թրքահայ համադրութիւնը լեզուական շատ թեթեւ յարդարումով մը պիտի կրնար ստորագրուիլ 1940ին։

 

***

Չեմ զատ գլուխ մը բանար Կամսարականի մէջ տեսնելու համար հրապարակագիրը ։ Ասիկա արդիւնք չէ վաստակին կշիռին։ Անցորդ իր ծածկանունը մէկէ աւելի գլուխ-գործոց փոքրիկ կտորներ փրկած է արդէն։

Պզտիկ Տոմսեր, Իրեր եւ Բառեր, առաջինը Պոլսոյ Արեւելք ին, երկրորդը Գահիրէի Արեւ ին մէջ, փաստեր են այդ օրերու քրոնիկէն, որ թեթեւցած է Մամուրեանի, Պէրպէրեանի քիչ մը հաստ լրջութենէն, ըլլալու համար իրապաշտներուն ընտանի, համով, քիչիկ մը չար բայց միշտ տարողութիւն մը ունեցող մէկ կամ մէկուկէս սիւնակ այժմէութիւնը։ Ծանօթ են սեռին նկարագիրները իրապաշտներուն մօտ։ Կամսարականի համար անիկա մասնակի մարզանք մըն է, իր սերունդին յատուկ քիչ մը կանաչ (ֆրանսացիներուն vertը) եռանդը սպասարկելու տեղի մը վրայ ուր անլրջութիւնը, պարզութիւնը, քիչ մը խածանութիւնը խոտոր չեն համեմատիր արուեստի քրմապետական մեր ըմբռնումին։ Խայթելով կրթելը չէ անշուշտ ասիկա 1880ի նորեռանդներուն որոնք Պարոնեանի գործը կը հանէին բարոյախօսական իր չունեցած արժանիքներուն։

Կամսարական, պզտիկ դէպքի մեծ տարփաւոր, կեանքը ապրելու իր սեղմ պարունակը բեռի մը պէս չէ քաշքշած իր ետեւէն։ Զայն դատելու համար ալ չէ դիմած գիրքերու վկայութեանց։ Խանութ մը, տնտեսական մեծ կամ պզտիկ հաստատութիւն մը միշտ աւելի արդար, իմաստուն դասարան մըն է քան ամենէն մեծ խմբագրատունները։ Ու փողոցը միշտ աւելի կ՚արժէ քան տունը, աւելի իրաւամբ` քան գրագէտին սենեակը։ Այս է պատճառը, որ իր սեւեռումները մեր ժողովուրդէն Կամսարականը ընեն ճշմարիտ դիտողը իր սերունդին։ Բացի Սիպիլէն որուն կիները, մանաւանդ նորավէպերուն մէջ բարքերու այնքան թանկ ոչխարներ փրկած են, իրապաշտները թեթեւ վարուած են իրենց դիտողութեան ենթակայ զանգուածէն սեւեռումներ ընելու այլապէս շահեկան աշխատանքին մէջ։ Վիպակները, անշուշտ բարքերու յատակէ մը բխող, կ՚ապրին աւելի շատ իրենց կեդրոնախոյս կեանքին հաճոյքովը: Վիպակի մը ծաւալին կէսէն աւելին կը գրաւեն անձերու ենթակայական ապրումները, որոնք միշտ զանգուածին հետ նոյնացուող մթերք մը չեն զգայութիւններու: Ու բախտը ուզած է որ շարժումին «պատուակալ» անդամը ամենէն որոշ նուաճումները ընողին ըլլայ այդ մարզին ալ վրայ: Չենք կրնար մոռնալ « Քու Հայր Մերդ », եթէ երբեք պէտք կայ անուն տալու:

Այս քրոնիկները իրենց սուր ու երբեմն խայթող արժանիքներուն կը միացնեն տեսակ մը humeur, որ Արփիարեանէն զատ ուրիշի մը քով չի հաստատուիր իր սերունդէն։ Չեմ ծանրանար, անոր տարողութիւնը ստուգելու, բայց ամենէն հաւատաւոր ու գերզգայուն մարդը, միշտ իր սերունդին, որ հրաշքին միջամտութեամբը կը մղուի այսպէս կճելու, քաշքշելու: Գիծ մըն է աս, որ փաստ կը կազմէ գրողի իր խառնուածքին հարստութեան։ Աւելորդ է խօսիլ արտայայտման շնորհներէն։

Կամսարական ստորագրած է մէկէ աւելի խմբագրականներ, բազմաթիւ յօդուածներ, հանդիսական առիթներու՝ աւուր պատշաճի ատենաբանութիւններ, ճառեր: Այս բոլորը չեն խօսիր ի նպաստ ասպարէզէն հրապարակագրէ մը։ Բայց կ՚ընեն աւելին։ Անոնք կը պատմեն անոր մէջ այն մարդէն որ հակառակ պաշտօնական դասալքութեան, ձեռնթափ չէ եղած իր պատանութեան գերագոյն հրայրքէն: Աւելի՛ն. « կեանքին դասերովը իմաստնացած», անիկա այդ « ելոյթ »ներուն մէջ պիտի ըսէ իրմէն յորդող բաներ։ Երբ այս խօսքերուն ճահաւորութիւնը, սեղմութիւնը, անկեղծութիւնը ու բարիքն ալ դիզէք զիրենք թելադրող պարագաներուն իմաստին, այն ատեն կ՚ունենաք իմաստունը որ տիպար մըն է, քիչիկ մը հին, որովհետեւ, ապայժմէ, քիչիկ մը տխուր՝ որովհետեւ առանց հետեւորդի, քիչիկ մը մոռցուած՝ որովհետեւ անկախ, բայց որ ունի իր մէջ իր մխիթարութիւնը։ Ուրիշ բարիք, այս պաշտօնական կեցուածքներու ատեն, իր անանձնութիւնը։ Պիտի լսենք իր ձայնը բայց պիտի չտեսնենք զինքը, որովհետեւ այդպէս է ուզած, երբ դիւրին էր այնքան հակադիր փաստը, ինչպէս ըրած են գրեթէ մեծ մասը մեր առաջաւոր մտաւորականներուն։ Նմանաշունչ գրական աշխատանք մը, օրինակի համար, Որբերեանի Ովասիս ը։ Հոս ալ վաճառական գրագէտ մը իր սպասը կը վատնէ իր ժողովուրդին դատին, գրելով, խօսելով, դիմելով, հեռագրելով աշխարհի մեծերուն, ասոնցմէ նպաստ մուրալով իր ցեղին հսկայ տառապանքին։ Բայց ուշադիր ընթերցումը` այդ խնամքով հաւաքուած ու ապագային սահմանուած վաւերագրերուն մէջ պատմականէն առաջ գրական, ինքնագովական փաստեր կը զգայ։ Ու կը տրտմինք իր ու մեր հաշւոյն: Կամսարականի ճառերուն, ջատագովականներուն, բացման խօսքերուն, ուղերձներուն յատակ կը ծառայէ բոլորովին ուրիշ մտայնութիւն մը։ Չես հետաքրքրուիր խօսողին նկարագիրներովը, չես իսկ ուզեր հարցնել թէ ո՞վ է այս մարդը։ Երկու կեցուածքներու սա ներհակութիւնը արդիւնք է անգիտակից հոգեկանութեան մը որ զանոնք մղեց իրենց արարքներուն։ Առաջինը մտագրաւուած էր իր անձով, անոր կարելի փառքովը, իր ձգելիք ազդեցութեամբը, թերեւս կանխիկ հաճոյքով ալ դրուատիքին որ ամենէն անցուկ ապրանքն է սա մեր աշխարհին։ Երկրորդը նկատի ունի միայն ու միայն իր բեմը զոր վերածած է սրբազան խորհրդավայրի մը. իր վայրկեանը ՝ որ միշտ ընդարձակ խռովքներով թրթռուն կտոր մը պաստառ է ժամանակէն, բայց պարագրկող իր ամբողջ ունկնդիրները ու անոնցմէ անդին սփիւռքին հազարաւոր դժբախտները, թշուառները, ծարաւիները, անօթիները. իր նիւթը ՝ որ հանրային խտութեան, մեծ ու տառապակոծ քանի մը զգացումներու ձայնասփռումն է զանգուածներուն ընկալչութենէն ներս։ Հիմա որ այժմէութիւնը լքած է երկու գործերն ալ, հիմա աւելի յստակ կը զգանք այս ամէնը։

Լրագրող մը չեղաւ անիկա, նոյնիսկ Զօհրապեան կաղապարով։ Բայց չվախցաւ անկէ, ինչպէս է պարագան անխառն գրագէտներուն որոնք զգուշ ապրեցան։ Չփնտռեց ամբոխին պաշտամունքը, ոչ թէ անոր անկայուն կշիռներուն վրայ վստահութեան պակասով մը Կամսարական մինակն է որ ժխտումի, ուրացման տրտմութիւնները չճաշակեց իր սերունդէն ու աւելի յետոյ բայց պատասխանեց հանրային խղճմտանքի կոչին ամէն անգամ՝ որ ատիկա կարգախօսի մը պէս կը թրթռար մեր կեանքին զանազան ճգնաժամերուն: Ու գրեց, պատգամեց, խօսեցաւ, միշտ իր խոր անկեղծութիւնը, ամուր մտածումները, իր ճշմարիտ համոզումները իբրեւ յատակ գործածելով այդ արարքներուն։ Թերեւս այս է պատճառը որ էապէս կորնչական (որովհետեւ առօրեայ) այդ վաստակը արժանի դառնայ տարբեր ճակատագրի մը։ Հանրային կեանքի մեծ հոսանքներուն ճշդումին վրայ մեծ է ատոր նպաստը, ապագային առջեւ: Այդ յօդուածները չեն դադրիր յօդուած ըլլալէ բայց աւելի են բանով մըն ալ։ Մէկ հատիկ օրինակ մը պիտի տար տարողութիւնը իմ մտածումիս։ Խղճմտանքի մը Ձայնը, գրի առնուած եղերական գերագրգռութեան մը տենդին մէջ (Դուրեան եպիսկոպոսի սպանութիւնը, Ամերիկա), առաջին իսկ տողերէն, կ՚ազատագրուի, կսկիծին սաստկութիւնը հակակշռող խոհականութեամբ մը, ու փոխանակ ինքզինքը տալու արդար իր զայրոյթին, սարսափին թափին, կ՚արիանայ, ինքզինքը կը սթափէ տարերային հոգեբանութենէն ու չի վերածուիր կիրքով ծանրաբեռն, ատելութեամբ շիկացած պոռթկումին որ այդ դժբախտ օրերուն ողողեց մեր բոլորին գիտակցութիւնը որքան զգացական աշխարհը։ Աւելի՛ն, այդ ձայնը հոդ իսկ չդադրեցաւ հաւատարիմ թարգմանը ըլլալէ Կամսարականի հոգիին, պայծառ, ամոքիչ, բարձրաշունչ եղբայրսիրութեան, հայրենասիրութեան դաս մը հանելու աստիճան արիւնամած այդ տռամէն։ Դժուա՞ր, այդ ձայնին մէջ, խոստովանութի՛ւնը՝ ամբողջ սերունդի մը, ամբողջ դասակարգի մը, այն այսօր ջնջուած բայց քառորդ դար առաջ մեր ժողովուրդին ազնուատարր հատուածին, հայ մարդուն, զոր մեր բուռն կիրքերը, կործանարար ատելութիւնները չեն զգետնած։ Զոր չեն խաթարած գձուձ եսասիրութիւններ ու մանր, ճիղճ հաշիւներ: Արեան շառայլին ընդմէջէն ասոնք զգացինք մենք ամէնքս։ Ու Կամսարական կը խօսէր մեր ցեղին գերագոյն խոհականութեան եռոտանիին վրայէն։ Ընկերային կրկէսէն դուրս, երբ կը հանդիպինք իրեն գրական մարզերու այլապէս գձուձ, լպրծուն, զզուելի ճախճախուտքին մօտերը, հաճոյք է մեզի համար տեսնել Կամսարականի լայն, արդար, բարիք կամեցող ստուերը, որ խռով բայց արի, կը կենայ ափունքին ու կ՚ըսէ իր ընկերներուն, աշխատանքի հանգստաւորներուն գործը կշռող ճիշդ, անպատրուակ խօսքեր։ Բարիզ, Հ. Գ. Միութեան կողմէ ի պատիւ Լ. Բաշալեանի կազմակերպուած ցերեկոյթի մը մէջ տոմսիկ մը մեր առջեւ կը դնէ պատկերը Կամսարականի հոգիին ու միտքին, մարդուն ինչպէս արուեստագէտին, անշամանդաղ, անաղարտ, երիտասարդ։ Մարդկային է իր ընկերները ատելը. յիշեցէք Պարթեւեանը որ անօթի մեռաւ: Մարդկային է իր ընկերները սիրելը, օրինակ չեմ տար։ Բայց զանոնք դատելու ատեն սա պայծառատեսութիւնը, արդարակորով վստահութիւնը միտքի ու հոգիի փաստեր չեն միայն։ Կը վախնամ լլկուած՝ բառը գործածելու, նկարագի՛րը զոր արհամարհելը այսօր համազօր է տաղանդի, կարողութեան ու բարձրատարր արժանիք մըն է, հասկնա՛լի՝ սերունդի մը կողմէ որ իր դժբախտութիւնը հասկնալու արարքը կը շփոթէ պատասխանատու ստեղծելու վատութեան հետ:

Մեր հրապարակագրութիւնը շատ բան է անշուշտ, իր մեղքերուն ամպարագիծ մթերքովը, ինչպէս իր փոքր, արի, առաքինի դրուագներովը։ Բայց քիչ անգամ հոգիի դաս է անիկա։ Գիտո՛ւն: Հեղինակաւոր: Անկաշա՛ռ։ Յարձակո՛ղ։ Արի՛։ Արդարամի՛տ։ Տրիբո՛ւն։ Այո՛, ունինք այս վերադիրները, առանց անիրաւութեան, արդարացնող դէմքեր, (կը լռեմ այդ բառերուն հականիշները, որոնց շարանը քանի մը պատիկ աւելի հեռուները կ՚երկարաձգուի)։ Բայց քանի՞ մարդ, Կամսարականի գիծէն, որ ըրած ըլլայ ապերախտ վաստակը հրապարակագրութեան, խանդոտ որքան զգօն, պատրանազերծ որքան հաւատաւոր, արդար որքան մարդկօրէն զգայուն առաքինութեանց հանդէս մը իբրեւ, չհեգնելով ինքզինքը (Պարթեւեան), չգերգնահատելով իր ուժերը, ինչպէս իր ժողովուրդը (յեղափոխական խմբագիրները), չքրմանալով (Չօպանեան)

Ահա թէ ինչո՞ւ, այս փոքրածաւալ բայց լայնանիստ վաստակը ինծի կը թելադրէ շեղում մը, մարզէ մը որ դուրս է գրականութենէ:

 

***

Կամսարական ունի Փրկանքը անունով թատերախաղ մը, աշխատակցութեամբը Միքայէլ Կիւրճեանի: Գործը դիմացաւ բեմին փորձին եւ հետեւաբար կը կազմէ Կամսարականի գրական արդիւնքին մէջ առանձին բաժին [16] մը, իրաւ է թէ մինակ մնացած, բայց բաւական շահեկան որպէսզի անոր գործին ընդհանուր ճշդումին մէջ ուզէիր վայել յիշատակութիւնը: Չմոռնալ Կամսարականի խոր հետաքրքրութիւնը բեմական արուեստին շուրջ։ Չեմ նրբանար անոր մէջ կշռելու համար աշխատակցութեան կերպը:

Փրկանքը մեզի կը բերէ Կամսարականի սիրական մտահոգութիւններէն մէկ երկու կողմեր։ Նախ անիկա կ՚ընդգրկէ առատ մթերք մը բարքերու, որոնք թեւաւոր միջոցով dialogueին, կը խմբուին, մաս առ մաս, ու խաղին աւարտումէն յետոյ կը նստին մեր միտքին խորը, իբրեւ շահուած յաւելում։ Մարդերը, ամէնն ալ մանրամասն խնամքով մը յօրինուած, կը նետուին կրկէս, հազիւ հազ զատուելով արտաքին իրականութեան զգեստէն որ ընկերութեան նուէրն է մեր հոգիներուն։ Նոյն ատեն, անոնք խտութիւններ են, այսինքն տրուած դատի մը ի պաշտպանութիւն յարդարուած չեմ ըսեր խորհրդանիշներ (թատրոնը դժուար կը հանդուրժէ այս կեղծիքը), բայց համառօտումներ որոնք սակայն շատ շուտով կը դառնան իրենց արձակութեան, կ՚ըլլան ապրող ձեւեր ու երբեմն ալ կ՚անցնին աւելի անդին։ Անշուշտ անոնք կը գործեն համաձայն իրենցմէ ներս փչուած շունչին, ոգիին, բայց կ՚ախորժին ամենէն առաջ իրենք զիրենք ըլլալէ։ Ոչ մէկ առարկութիւն՝ անոնց հարազատութեան, վաւերականութեան, մտայնութեան, արարքներուն որոնք կը դաշնուին իրենց համար հաշտ արտայայտութեան մը մէջ, dialogueին որ կէսն է արդէն թատերական արուեստին։ Այդ dialogueը նոյն ատեն, զօրաւոր կերպով ենթակայ իրապաշտ մտահոգութեան, մօտիկն է Պոլիսին պակսող բեմական լեզուին [17], առանց զայն ըլլալու սակայն։ Թատերական միւս առաքինութիւնը, գործողութեան զգայարանքը ամէն տեսարանի մէջ կը գործէ, առանց նուաղման։ Շահեկանութիւնը թատերական կառոյցի մը հիմնամասը գոյ է սկիզբէն մինչեւ վախճանը, այսինքն՝ զարգացող, ընդքարշող ու տաք, առանց մելոտրամաթիք միջոցներու կարօտ մնալու: Մարդերու դիմագծութիւնը կը տեսնուի, միջինէն վեր լոյսի մը մէջ որ կը ցցէ անոնց անհատականութեան կնիքները, ու կը ստեղծէ անոնց վրայ նոյնքան յատկանշական ստուերներ: Այս ամէնը խօսքեր են որոնք յաջողակ գործ մը կը թելադրեն։

Շիրվանզադէի իրապաշտութիւնը որ զսպանակ կրնայ նկատուիլ բարեբախտաբար չէ տապալած այս մարդերը, անոնցմէ փրցնելու աստիճան իրենց քանի մը շատ պոլսական երանգները: Տեղական գոյնը կայ անշուշտ, բայց չէ ամէն բան, ինչպէս Նամուս ին (Շիրվանզադէ) մէջ։ Կայ դարձեալ Պոլիսը, որուն բարքերէն ու կեանքէն փրթած է արդէն խաղը, բայց առանց պարտադրելու ինքզինքը, այսինքն խաղէն առնելու՝ իր ընդհանրականութիւնը։ Սեղբոսեանի գոլորշուտ եւ Թլկատինցիի գեղջուկ dialogueին մէջտեղը, Փականքը տանելի լեզու մը կը բերէ արեւմտահայ թատերական գրականութեան։ Իրապաշտ թէքնիքին (թատերական հատուած) հաւատարմութիւն մըն է անշուշտ այդ dialogueին գրուած չըլլալը, այս ածականը հասկնալով Կամuարականի խղճահարութիւնը։ Ու ահա, իր բախտէն, ինքը կ՚ըլլայ իրաւացին։ Առանց ձեւական խնամքի, ոչ մէկ գրական գործ, որ սեռին ալ պատկանի, չի կրնար բարձրանալ արուեստի։ Ու այս դժբախտութիւնը Փրկանքը թէեւ չի տապալեր, բայց կը փոքրէ։

 

5. ԳՐԱԳԷՏԸ

Կամսարականի մէջ գրագէտ յղացքը կը բաժնուի մէկէ աւելի ստորոգելիներու, ոմանք իրմէն բխող, ուրիշներ՝ շրջանէն պարտադրուած։

Առաջին աշխատանքը` ճշդելն է իր տիպարը որ բացառիկ ըսուելու չափ առանձին մնաց (Որբերեանին հետ)։ Սիրող գրագէտ ի ընդհանուր տարազը լիովին չ՚ընդգրկեր այդ գործունէութիւնը, քանի որ անով տարազելի են իր ընկերներուն կէսէն աւելին։ Զօհրապ, Բաշալեան, Սիպիլ, Հրանդ, եւ մեր գրողներուն ստուար մեծամասնութիւնը ուրիշ բան չեղան: Այն ատեն, ի՞նչպէս զանազանել կեցուածք մը, ուր արուեստի բարձրագոյն հասկացողութիւն մը քով քովի կ՚ապրի գործնական նոյնքան յստակ, առողջ բնազդներու հետ մարդու մը մէջ երբ կէս դարը անցնող տեւողութեան մը վրայ այդ հասկացողութիւնը կը պահէ սկզբնական օրերու ուժը, խանդը, կենդանութիւնը։ Սպառումին դէմ ինքնապաշտպանութիւնը գուցէ արժանիք դասուի։ Գուցէ քիչ գրելու տառապանքը մեզ ընէ զգուշաւոր աւելորդ վատնումէն։ Ինչ որ ալ ըլլան պատճառները այս երկարատեւ դալարութեան, Կամսարական կը մնայ մեր մէջ այն գրագէտը որ ժամանակին հետ պիտի բիւրեղանայ, ազատուելով քիչ առ քիչ, այսօր զգալի դուրսէն մարդու իր հէքեաթէն, ըլլալու համար միակտուր վկայութիւն մը, տեւողութեամբ ինչպէս յատկանշական կողմերը նպաստովը պաշտպանուած։ Իրապաշտներուն մէջ անոր անունը միշտ պիտի արթնցնէ ազնուազգի արհեստաւորը իր արուեստին։ Այսօր հազիւ կը զբաղինք իր անհաւատարմութեամբը, դասալքութեամբը։ Կէս դար յետոյ անկէ վերապրող գործը պիտի հագնի միութիւն մը, ինքնութիւն մը որ չի կրնար վար ըլլալ իր միւս ընկերներուն երկունքէն եթէ ոչ աւելի։

Այդ սիրող գրագէտ ին մէջ բախտը դրած էր նոյն ատեն խորունկ զգայնութիւն մը, հիւանդագին ըսուելու չափ նուրբ ու քաղցր: Որ զարգացաւ, պատանութեան անդրանիկ պայմաններու զարկին մէջ ու անդրադարձեց շրջանի մը տիրական հոսանքները։ Մինչեւ երիտասարդութեան վերջնական կաղապարումը այդ զգայնութիւնը պիտի միջամտէ անոր արուեստին, հետզհետէ ընկրկելով, բայց փոխուելու համար հզօր, արդար, արի զգացումներու, մարդոց գերագոյն իրացումներուն, քանի որ մեր օրերը ուրիշ աւելի սրբազան դեր մը չունին: Այն ատեն մենք պիտի տեսնենք Կամսարականի զգայնութիւնը, ընդհատաբար, ինքզինքը արտաբերած՝ շարժումներու, պատկերներու, կեցուածքներու, ուրիշ հանդէսի մը մէջ, շեշտօրէն արուեստի հանդէս, բայց ուր մուտք ունին մեր ճակատագրին մեծ յեղումները, ազատագրութեան մեր պայքարին սրտակոտոր տագնապները ու մեր կործանումին ահաւոր տռամը, այսպէս անողոք բռնուած մեր ամենուն աչքին դէմ։ Այսպէս ապրեցաւ անիկա։ Ըսել այսպէս սնունդ տուաւ անիկա վիրաւոր իր սիրտին, այրած իր ջիղերուն ու լոյսէ շինուած իր ուղեղը բացաւ արեան անձրեւի մը զոր իրեն կը բերէին հովերը, հեռու հայրենիքին խորերէն, ուր կը մորթուէր իր ցեղը, տասը, քսան, քառսուն տարի տեւող ողջակէզի մը վերածելով հոգին իր զաւակներուն որոնք բախտին քմայքովը դուրս կը մնային ուրականին հասողութենէն:

Գրագէտին երկրորդ արժանիքը խորունկ իր անձնականութիւնն է, զարմացնելու աստիճան, մարդու մը մօտ, որ որդեգրած է իրապաշտ տեսութիւնը, եւ (կը հասկցուի) անոր ամենէն ամուր, տիրական դատողը, անանձնութիւնը ։ Կրնանք իր ընկերներուն բոլորին ալ մէջը քիչ թէ շատ չափով մը հաստատել վերջին մտահոգութիւնը։ Ամենէն պարկեշտը, Լեւոն Բաշալեան, իբր գրագէտ ունի շքեղ էջեր այդ վարդապետութիւնը արդարացնող։ Ամենէն անառակը, Զօհրապ, հակառակ իր յորդ անձին խորունկ, կատաղի ճնշումին, պահած է չափը ու ինքզինքը զսպած։ Թէֆարիկը, այնքան իրաւ ու թափանցիկ, այնքան մատնող որքան խորհրդանշական, կը յաջողի անանձն էջի պատրանք մը ճարել ի վերջոյ, ու կ՚ըլլայ աղուոր պատկեր մը, զոր յօրինող մեծ ես ը ստիպուած չես փորձել (ոսկերչական իմաստով), անպատճառ Զօհրապ մը ստուգելու համար մշուշին ետին։ Այսպէս չեն Կամսարականի գործերը: Մտքի յօրինուա՞ծք. զգայնութեան ճնշո՞ւմ. բան մը կը միջամտէ իրմէ, միշտ, նոյնիսկ հոն ուր ամենէն քիչ սպասելի էր ատիկա։ Առարկայական որոշ սկզբունքներու համեմատ երկնուած իր մեծ վէպը իր լաւագոյն անձին ճառագայթումովը լուսաւոր է առաջին էջէն մինչեւ հեւասպառ մահը հերոսուհիին: Ու այս անձնականութիւնը, աելորդ է հաստատել զայն, հրապարակագրական էջերուն մէջ, մենք կը գտնենք ամենէն աւելի այն մարզերուն վրայ ուր անհրաժեշտ չէին անոնք։ Այսպէս, անոր դատաստանները գրական հարցերու շուրջը, վճիռները գործերու վրայ, կերտումները անձերէ` անձնական արարքներ են ամէն բանէ առաջ, փոխանակ ըլլալու քիչիկ մը չէզոք, քիչիկ մը ընդհանուր, քիչիկ մը հրապարակ կերպ մը որմէ այնքան կ՚ախորժին միջակ մարդերը։ Կեանքին դէմ, միտքին դէմ, արուեստի դէմ այս մարդը առանց ուզելուն ու գիտնալուն, նախ բացած է իր ջիղերը, յետոյ ուղեղը։ Ու ասիկա է թերեւս մէկը իր յաջողութեան զսպանակներէն։

Ուրիշ կարեւոր առաքինութիւն մը, իր յուզականութիւնը: Որ անձնականութեան փոփոխակ մը չէ սակայն: Կանացի, քնքուշ, մելամաղձոտ հոգեյատակ մը իբրեւ, Կամսարական առանձին է իր դպրոցին մէջ ուր առնական նկարագիրները կ՚իշխեն, կիներն իսկ ձեւափոխելու աստիճան որոշ չափով (չմոռնալ Սիպիլի խմբագրական վաստակը, քերականութիւնները եւ այլն)։ Այս գերազգայնութիւնը, բանաստեղծի մը վայել ու պայման, պիտի չլքէ զինքը, տարուէ տարի, հետզհետէ մեղմանալով, բայց երբեք չթացնալով (Որբերեան որ վնասեց իր գործին, զայն ընելով իր զգայնութեան, միայն ու միայն իր զգայնութեան ծառայող միջոց մը), վերածուելու համար գրական, իմացական խառնուածքի մը: Չունի տող մը ուրկէ պակսէր այդ յուզումին տարրը [18] ։ Սկիզբները գրեթէ Ֆիզիքական, եթէ կը ներուի այս բացատրութիւնը, այդ յուզումը կը լրջանայ, կը խորանայ, կը խտանայ, ինչպէս ազնիւ տարր մը բուրման, կ՚երանգաւորէ անոր բոլոր կտորները, նոյնիսկ ամենէն աննշանները ու կը շինէ մթնոլորտը անոր գրականութեան։ Կացութիւններու, վիճակներու, տռամներու ընդմէջէն, ժամանակին հետ ազնուացած այս հոգեկան հեղմունքը կ՚օծէ նաեւ իմացապաշտ անոր արտայայտութիւնները։ Բացման ճառերը յուզման ժամեր են անշուշտ։ Բայց հռետորութի՞ւնը։ Հոս է ահա Կամսարականի dignitéն։ Ոչ մէկ ատեն անիկա չէ զիջած ասպարէզին տրտմութիւններուն։ Ու թրթռագին իր զգայնութիւնը, իր խռովեալ անձնականութիւնը, զինքը բզկտող յուզումները պահած է զուսպ, լուրջ, ազնիւ կաղապարի մը մէջ, համախառնելով զանոնք արուեստագէտի իր չափազանց պարկեշտ, տառապելու աստիճան զգուշաւոր խղճմտանքին խորը:

Կուգամ իր ողբերգութեան։

Կէս դարու կեանք ունի իր բծախնդրութիւնը որուն խորքին զննութիւնը կատարուած է մասամբ։ Ըսի թէ չէ գրած առանց մտածելու, այդ մտածումը զգացումի մը պէս ապրելու, այդ զգացումը հասունցնելու համար չաճապարելով, միշտ ընկրկելով արագ մղումներու բռնութեան առջեւ: Ու տառապելով այդ տաժանագին յղութիւնը աւարտելու համար, ըսել կ՚ուզեմ՝ գրելու համար։ Արհեստին հանդէպ սա յարգանքը, պատկառանքը, վախը իրմէ զատ ոչ ոք մեր մէջ վերածած է ճշմարիտ նահատակութեան մը։ Այս վիճակը թերեւս յոռի շրջանակ մը կը կազմէ իր մէջ քանի որ ազդած է իր ներշնչումին ինչպէս ասոր իրագործման վրայ: Ինչո՞ւ ըլար այսքան քիչ իր ժառանգութիւնը (քանակի հարց առանց յուզելու):

Հետաքրքրական է հետեւիլ իր ոճին շրջափոխութեան։ Զօրաւոր կնիքով մը կը ներկայանայ անիկա այն շրջանին ուր մեր աշխարհաբարը կը կրէ բռնակալութիւնը գրաբարի յետաշրջականներուն (Գարագաշ, Ե. Դուրեան, Պէրպէրեան, Գուրգէն)։ Վարժապետին Աղջիկը կարելի պարզումը ունի այդ գրքունակ, շինծու բարբառէն բայց կը տառապի հոլովներով, նախդիրներով, խոնարհման ձեւերով որոնք այդ օրերու զինանշանները կրնան նկատուիլ: Բայց այդ գիրքը, իր ժողովրդական կենդանի dialogueին քով, հեշտագին կը ծաւալի նաեւ գրքունակ կերպին մէջ որ 1880ի մեր քրոնիկներուն լեզուն ու ոգին կը խտացնէ։ Կամսարական, գիրքին այն մասերուն մէջ ուր կը տրուի դիտելու, դատելու, քիչիկ մը ընկերաբանելու, վիեննական հայերէն մը կը գրէ, որուն նկարագիրը բառական ըլլալուն չափ համաձայնական (syntaxe) է։ Մտածողութեան գնացքը կը հպատակի ոչ թէ կեանքի կշռոյթին (Արփիարեան) կամ տեսողական զգայութեանց (Բաշալեան), կամ ջատագովական խուլ մղումներու (Զօհրապ), այլ գիրքերու վրայ քալող, ատոնցմէ դուրս անհամարձակ, ամաչկոտ հոգեբանութեան մը զոր դժուար չէ հասկնալ երբ նկատի առնենք իր կեցուածքը իր ընկերներուն մէջ։ Այս հանգամանքը, ազատ շարժումի սա պակասը կը նշանակէ ինքնաբխման (spontan é ) թերեւս վարժութիւն մը, թերեւս պատուէր մը, թերեւս պաշտպանութեան միջոց մը ընդդէմ շատ բուխ իր զգայնութեան, օրուան հռետորութեան, օգտակար պիտի ըլլար անոր, պատանութեան դռներուն։ Բայց, ինչպէս ամէն վարժութիւն, դուրսէ միջոց, քիչ քիչ անիկա նկարագիր մը դարձաւ, խստականոն որքան խստակաղապար, իր մէջ սեղմելով, սեղմուած պահելով անոր արտայայտութեան գործիքը, նոյնիսկ աւելի վերջը, երբ Եւրոպան անոր կեանքին մէջ պիտի նետէր այնքան նոր բաներ։ Ու վնաuը տարածուեցաւ աւելի անդին քան սա վերապահութիւնը։ Անոր ոճը պրկուեցաւ, գալարագին ու ջղուտ, հետզհետէ լծնկէց բայց անընտել ալ նոյն ատեն։ Կամսարականի գրականութիւնը պիտի չազատագրուէր այդ արգելքէն։ Անոր վրիպանքը վրիպանքն է խղճահարութեան, խնամքի սաստկութեան, ոճի համբաւաւոր լլկանքին ։ Ամէն մէկ բառ, անոր համար տառապանք մըն էր այլեւս որուն հանդուրժողութիւնը քիչերու կը շնորհուի։

Միւս կողմէն, այս ժուժկալութիւնը, այս մանրակրկիտ հետապնդումը իմաստին ու տառին հաստատ, անվերածելի աղերսը իրացնելու, զայն յաղթահարելու (լեզուի մը վրայ որ նոր հաղորդ կ՚ըլլար արեւմտեան մշակոյթին եւ հետեւաբար չէր հասած զարգացական այն վիճակին ուր երկդարեան գործածութեամբ, մարզանքով, կռանումով բառերուն նախնականութիւնը կը նուաճուի ու անոնց կեդրոնախոյս ձգտումները կը սանձուին), զինքը պիտի մղեն յանդուգն, նոր, հնչուն ու գեղոլոր կերտումներու որոնք յաճախ բառ, քիչ անգամ դարձուածք (tournure) անոր ոճը կ՚ընեն ամրակուռ որքան գունագեղ, սեղմ որքան առաձիգ գործիք մը, ընդունակ՝ գրական արտայայտման բոլոր կերպերը դիմաւորելու: Քերթուած չէ գրած անշուշտ: Բայց իր արձակներուն մէջ անցքեր (passade) կան որոնք գրուած են ձայնի ու գոյնի իրական դաշնաւորման մը մէջէն: Այդ ոճին վրայ կը բուսնին նոր, շքեղ պատկերներ, քանի մը իմաստ մէկ կաղապարի մէջ թափող։ Զերծ՝ Եղիայի համադրական, հեղեղատիպ բառակազմութեան վտանգէն, ճաշակի, վայելչութեան ապահով ցուցմունքովը պաշտպանուած, բառի (verbe) սա ուժը, բառին ցանցիկներուն մէջ մտածումը ամրապէս խանձարուրելու սա մասնագիտական մտահոգութիւնը, ձայնական արժէքներու հանդէպ միշտ արթուն, միշտ պատրաստ սա զգայնութիւնը, երանգը չմերժող սա բացութիւնը աչքի` իրարու կ՚աւելեան անոր գրուածք ին տալու համար իւրայատուկ նկարագիր, խիստ, երբեմն դաժան, բայց միշտ ինքնատիպ. վերագրում զոր դժուար է գործած ել իրապաշտ դպրոցի գրուածքին համար: Ասոր համար է որ Կամսարականէն ստորագրուած որեւէ կտոր մեզ կը շահագրգռէ այսօր ալ, սա յատկանիշներուն թէ՛ առանձնակի թէ՛ համադրական կշիռովը: Միշտ կ՚ամփոփուինք իրեն հետ, տարտամօրէն զիջում մը ընելով յարգանքի, իր համբաւին ու աւելի ճիշդ այդ համբաւին ետին միշտ կանգուն պարկեշտ, խղճամիտ, խստաճաշակ արհեստաւորին։ Անկէ ընթերցում մը վայելք մը չէ անշուշտ ինչպէս էր անիկա քառորդ դար առաջ։ Բայց անկէ աւելի է, վասնզի մեզ կը կշտացնէ վայելքէն անդին։ Մեզի կուտայ անձին անփոխարինելի շփումը, գրականութիւն ընելով հանդերձ մարդ մը մնալու գաղտնիքը, առնուազն տախտակներ մերձաւոր մեր անցեալին բարքերէն, մտայնութենէն: Կը սորվինք իր մօտ։ Կը յուզուինք։ Կ՚աւելնանք (պատկերէ, բառէ, նոյնիսկ իմաստէ)։ Կը սիրենք: Կ՚ատենք։ Կը խնդանք: Կուլանք։ Գիրքերու արհեստին հիմնադրման օրէն ասդին, կարծեմ մարդկային զգացողութեան լարերը ասոնցմէ դուրս քիչ բան զարկին։

Իրապաշտներէն կը զատուի

ա) Գրուածքի խստապահանջ կամքով մը զոր դժուար է հաշտեցնել դպրոցին օգտախնդիր հանգանակներուն հետ։ Բաշալեան՝ մէկ երկու պատկերի մէջ, Տիկին Սիպիլ` քանի մը քերթուածի վրայ, Չօպանեան` ուրիշ բանի անկարող ըլլալուն, ցոյց տուին այդ խնամքը բայց չնոյնացան անոր հետ։

բ) Շունչով որ տկար մնաց։

գ) Գրագէտի իր տիպարովը որ ամենէն շատ կը մօտենայ եւրոպական միջինին։

չ) Իր լրջութեամբը արուեստին որքան կեանքին հանդէպ։

ե) Կեցուածքովը որ վեր մնաց ընթացիկ յուզումներուն տենդէն ու թափէն,

Ամենէն քիչ իրաւունքը ունէր սիրող գրագէտի պատեանին մէջ քաշուելու:

 


 



[1]        Արեւելահայ վէպը թերթօն թարգմանութիւններէն դուրս անշուշտ իրմէ առաջ փորձուած է շատ անգամներ։ Կ՚անցնիմ Հայկունիի Էլիզա յէն որ արուեստի պարունակին օտար մարդու մը զբօսանքը կը նկատուի։ Կ՚անցնիմ Տիկին Տիւսաբի վէպերէն ( Սիրանոյշ, Մայտա, Արաքսիա ) որոնք Իզմիրի թարգմանութեանց արձագանգները կը խառնեն Ժօրժ Սանական, ու աւելի վերջի քուէպահանջ կիներու վարդապետական, քիչիկ մըն ալ Հիւկոյիկ ոգեպաշտական ճամարտակութեանց որոնք քրմական, քահանայապետական կեցուածքներ կը ձգտին օրինադրել, այնքան այլուրային երանութեամբ մը իրականութենէն։ Տիւսաբի գաղափարաբանութիւնը, մուրացիկ որքան անգետին, մեղաւոր է հագնելուն համար հնոտի տարազ մըն ալ արտայայտման։ Ծերենցի վէպերը, ինչպէս արեւելահայ դպրոցին մեծ փորձերը, գլխաւորաբար Շիրվանզադէ մեր հրապարակին համար արգիլուած ապրանքներ են: Մաքսանենգութիւնը դրութիւն չէ ի վերջոյ: Իբրեւ վէպ պարտաւոր եմ կենալ Մամուրեանի Սեւ Լերան Մարդը գործին առջեւ որ այնքան վէպ է որքան Մամուրեանի Տնտեսագիտութիւն ը՝ տնտեսագիտութիւն։ Ճշմարիտ վէպ՝ Անհետացած Սերունդ մը ։ Որ Վարժապետին Աղջիկը ին նման սկսնակի գործ մըն է, բայց կը տարբերի ասկէ իբր յղացք որքան գործադրութիւն։ Աշխարհ մը կայ անշուշտ Զօհրապի վիպակին մէջ բայց ոչ ամբողջ։ Մասնակի այդ խուզարկութիւնը մեր բարքերուն՝ մեղքը ունի մասնակիութեան։ Իր ծրագիրը լիութեամբ իրագործող վէպը Կամսարականը գրած է մեր մէջ առաջին անգամ։

[2]        Իրապաշտներուն հետ չեմ երբ կ՚արհամարհեն մեր առեւտուրին մեծ դէմքերը, ծանրանալով անոնց արատներուն կամ մեղքերուն։ Ասոնց գումարը ըլլալէ առաջ յաճախ անոնք անտուն կամեցողութիւններ են ու իբր այդ արժանի առնուազն խորունկ հետաքրքրութեան։ Գրական մեծ գործ մը լաստակերտելը անշուշտ տաղանդի հարց մը չէ մինակ, ինչպէս մեծ տնտեսական ձեռնարկ մը ոտքի հանելը՝ արդի՛ւնք՝ միմիայն գողութեան, խաբէութեան, անիրաւութեան։ Տաղանդէն դուրս որ կը տարածուի կարողութեան իբր տարազ մը գործնականին ինչպէս իմացականին ուրիշ տոկուն առաքինութիւններ կրկէս կ՚իջնեն որպէսզի բարձրանան մեր գործերը։ Կամսարական անունը մենք կը հաստատենք դարձեալ գեղարուեստի մէկ ուրիշ կալուածին վրայ։ Պզտիկ համբաւ մը չէ այդ ընտանիքէն կնոջ մը վիճակուածը, քանդակագործութեան ճիւղին մէջ։

[3]        Թող ներուի ինծի օգտագործել, աւելի ընդհանուր արդիւնքի մը սիրոյն, սա քանի մը շեղագիր ու չակերտաւոր որակումները, որոնք անձնական թուղթերէ վերցուցած եմ։ Գիտեմ որ անոնք սահմանուած չէին հրապարակուելու: Բայց անոնց տարողութիւնը վեր է անձնական նկատողութեանց, պատշաճութեանց հարկադրանքէն։ Երբեմն բառ մը ամբողջ աշխարհ մըն է, անգիտակից ու անփոյթ երբ կը փրթի մեր անկեղծութեան մէկ պահէն ու կ՚իյնայ մեզմէ դուրս։ Հոգիները, այդ միշտ մութ լեռները, այդ կայծակներուն ընդմէջէն աւելի դիւրաւ կ՚ըմբռնուին:

[4]        Թող չըսուի թէ ի՛նչ է գործը այս ենթակայական տարրերուն առարկայական ուսումնասիրութեան մէջ որ նպատակ ունի գործ մը բացատրելու։ Մեր քաղաքական պատմութիւնը դեռ չէ գրուած։ Մեր գրականութեան պատմութիւնը՝ նոյն բախտով։ Արդ, այս վերջինը պատմութիւնն է անոր հոգիին որ օդային բան մը չէ իմ մտքիս մէջ, այլ այս փոքր տարրերէն լուսաւորուած, անոնցմով կանգուն ամբողջութիւն մը։ Աւելին՝ այդ հոգիին ամբողջ տեւողութիւնն է։ Քառորդ դար առաջ գրեր եմ. « Մեր գրականութեան պատմութիւնը պատմութիւնն է մեր ոսկի երազին »:

[5]        Նամակով մը ինծի ղրկած էր ցանկը նիւթերուն որոնք պիտի գրէր ու չէր գրած։ Հետաքրքրական պարագայ. նմոյշ մըն ալ՝ այդ չգրուած նիւթերէն, իր ուրուային ձեւին մէջ։ Արդ, անոր ընթերցումը ինծի տուաւ տպաւորութիւնը լաւագոյն օրերու Կամսարականին։ Արեւելքի Անցորդը, առանց անտեղութեան կրնար ստորագրել այդ նօթը: Իմա՞ստը այս հաստատումին։ Ա՛յն՝ որ կատարելագոյնին յաճախանքը ուրիշ բան չէ երբեմն եթէ ոչ յաճախանք մը. ոչ աւելի, ոչ պակաս։ Գրողներու մայրութիւնը սրտառուչ պատրանքներ ունի երբեմն։

[6]        Ամբողջական գործերու սէրը դեռ մուտք չունի մեր իմացական հետաքրքրութեանց մէջ։ Ճիշդ է որ երբեմն անոնք երկիւղառիթ փորձաքարեր են։ Այս ու այն կերպով զիջուած համբաւներու համար աղետարբեր ալ։ Ատոր փորձը ունինք Որբերեան ի Ովասիս էն որ գիրք մըն է ու այդքան։ Մեր գրականութիւնը անկէ չի պահեր ոչ մէկ հետք։ Ինչպէս` մեր հանրային կեանքը։ Կամսարականի համար կ՚ենթադրեմ թէ փորձը պիտի ունենար ներհակ ճակատագիր։ Անոր գործին ամէն մէկ մասերը կապ պահելէ զատ մեր գրականութեան որոշ հոսանքներուն, կը կրեն կնիք մը որ մեր հաւաքական կեանքին մէկ օրը, պահը կուտայ անպատճառ։ Ամենէն անգրական, այսինքն պարագայական յօդուած մը անոր համար առիթ է որպէսզի տիրող զգայնութիւն մը, տագնապ մը, հոգեբանական հոսանք մը հիւրընկալուին։ Հոս է ահա տարբերութիւնը որ կը բաժնէ գրագէտը լրագրողէն կամ գործիչէն։ Իր ճառերը, մէկ կողքի տակ, վկայութիւններ պիտի ըլլային օր մը մերը եղած խորունկ, ամուր խռովքներէ։ Այսօր մեռած է Յունաց պատմութիւնը։ Բայց Դիմոսթենէսի ճառերուն ընթերցումը այդ պատմութեան հոգին իսկ կը յարուցանէ մեզմէ ներս։ Նոյնը՝ Կիկերոնի համար։

[7]        Մեր նորագոյն սերունդը, ահաւոր իր եսապաշտութեան մէջ, ատեն չունի կարծես յիշելու թէ մօրմէ մը կը ծնի ինքը, այսինքն ամենէն թշուառ արարածէն։ Հ. Զարդարեանի գիրքը, Մեր Կեանքը, բաւ է սակայն մեզի թելադրելու թէ ինչ անմահ սեւեռումներու կրնային հասնիլ սա մեր տղաքը երբ ձգելով բարիզեան աղջիկներու օձիքը, դառնային իրենց մօրը թրթռուն ու դժբախտ գեղեցկութեան ալ խռովքին։ Զարդարեանի մայրը, հակառակ հեղինակին ճիգին, կը զատուի իր շրջապատէն ու մեզ կը յուզէ, պարզ իր մայրութեանը գինով։

[8]        Կամսարականի պատանութեան մեր աւագանին դիրք կը փոխէ։ Պետական խողովակէն մեր մէջ թափող պաշտօնատարներու հոգեբանութիւն մը անշուշտ թաղած է իր տակ իշխանաւոր ամիրաներու մտայղացքը, բայց չէ կրցած հրապարակէն վտարել զարթօնքի սերունդին ազգայինը ։ Այս խաւերուն հետ, քովն ի վեր, մեր առեւտրական դասակարգը առաջին իր մեծ ոճաւորումը արդէն աւարտած է, հիմնելով ԺԹ. դարու վերջին կիսուն մեծ տուները, քիչ քիչ ընկրկելով, երբ այդ հաստ ու հաստատ Կեսարացիներուն տղաքը Եւրոպայէն կը դառնան, իրենց չըրած ուսումը անպատուելով միայն չգոհանալով այլեւ աղարտելով իրենց պապերուն հոգին։ Այս դասակարգը կը շինուէր երբ Կամսարական կը կազմուի: Ասկէ՝ անոր նուաճումին մէջ երեւան եկող floս բանը որ դարձեալ հեղինակէն դուրս օրէնքի կը մնայ ենթակայ։ Մեծ տիպերը կա՛մ կը գուշակուին կամ կը քամուին ։

[9]        Սէրը, իր իսկական անունին տակ՝ կիրքը (ուզենք չուզենք, ասկէ դուրս մեծ բան մը չէ անիկա, թէեւ ուժանակային անլուր արդիւնքներով երբեմն՝ մեր կեանքին մէջ խտութեան, ներուժ զգացողութեան պահ մըն է, մեր բոլոր ուժերուն մակընթացութիւնը, որ կը տարբերի ծովերուն պատկերէն իր արտակարգ արագութեամբը թերեւս։

[10]      Սխալ չէ արդար վարկ մը տալ այն կարծիքին որ ամէն կէս դարը անգամ մը կ՚ուզէ նորոգուած տեսնել արտայայտութեան գործիքը։ Ու ասիկա անոր համար որ տրուած ժամանակէ մը ոճ մը այդ ժամանակը կը պատմէ մեզի։ Գլուխ-գործոցներուն արժէքն է ամէն ժամանակներու խօսելու շնորհը եւ փորձեցէք ատիկա ու պիտի տեսնէք որ Պէշիկթաշլեանի գրաբար քերթողութիւնը շատ պզտիկ յարդարանքով մը կը վերածուի արդի զգայնութեան: Կամսարականի վէպը կը դիմաւորէ նման փորձ մը շատ աւելի դիւրին պայմաններով։ Ջնջեցէք վէպէն քանի մը նախդիր, քանի մը խոնարհման հնաձեւ մասնիկներ, նախադասութիւնները արագցուցէք քիչ մը, զգոյշ վարուելով շաղկապներուն ու մակբայներուն հետ։ Պիտի տեսնէք որ Վարժապետին Աղջիկը պիտի ըլլայ այսօր գրուածի պէս, առոյգ, թարմ, նոր։ Վասնզի ձեւին մէկ երկու կորանքը չի կրնար գործ մը տապալել։ Ցնցոտիներուն տակէն իսկ գեղեցիկ մարմինը չի կրնար գեղեցիկ չըլլալ։ Ու ասիկա՝ ամէն ատենի համար։

[11]         Կամսարական խոստովանած է թէ Վարժապետին Աղջիկը գրուած է այն խոշոր յուզումէն վերջ զոր Տոտէի վէպը, Ճէք, արթնցուցած էր անոր մէջ։ Ուրե՞մն։ Այս հաստատումէն դէպի անանձն արուեստը իրապաշտ հանգանակին գլխաւոր, տիրական յօդուածն է ասիկա որքան դժուար էր ճամբան։ Եւ սակայն Կամսարական ուրիշ բան չըրաւ։ Անձնական տարրերով անանձն գործի մը հասած էր անիկա։

 

[12]      Չչփոթել ասիկա արդի պատմուածքը յատկանշող զարմանազան շեղումներուն հետ, որոնք դարձեալ կը ներուին անձնական տարրին գերակշիռ ճնշումովը բայց այնքան տարբեր արդիւնքներու կը դիմեն: Հիմա, պատմողները կը շեղին, թերեւս մեղապարտ զանցումով մը, գոհացում տալու համար խուլ, չխոստովանուած կարիքներու։

[13]      Շիրվանզադէի յոբելեանին նուիրուած հատորը զոր արեւմտահայ լաւագոյն գրողներու յօդուածները կը կազմեն անոր գործին շուրջ, արդիւնք է այդ գուրգուրանքին, հոգածութեան։ Մինչ միւսները գործը կը դատեն, իրենց հասկացողութեան չափովը, ինք կը դիւցազներգէ անոր փառքը։ Ինծի չիյնար պատճառներ փնտռել սա հիացողական եռանդին եւ Կամսարականի անշահախնդրութիւնը կասկածէ դուրս ըլլալով, մեզի կը մնայ արձանագրելու փաստը որ կուգայ այս սիրող էն։ Գրչի եղբայրակիցի մը հանդէպ քիչ անգամ մենք ունեցանք սա սրտազեղ պարկեշտութիւնը, պարզութիւնը։

[14]      Գրականութիւնը ուսանելի գիտութիւն մը չէ։ Զայն կը սիրենք ( Կ. Լանսոն ) միայն։ Այս վարկածէն դէպի հերքումը քննադատութեան դժուար չէ էջքը։ Ա՛ն միայն իրաւունք ունի վէպ մը քննադատելու, որ տուած է զայն լինելու փաստը: Ու ասիկա այսպէս է գրականութեան բոլոր սեռերուն համար։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն բանա՞կը դատողներուն, աւելի քան յաւակնոտ ու ամբարիշտ որքան երբեմն փղշտացի։ Կարելի է զանոնք առաջնորդել լրագրողներուն պալատը, գործիչներուն կաճառը ուր կրնան ուրանալ, փառաբանել, հեգնել, իրար ալ բզքտել, առանց վնասելու ստեղծողներուն որոնք երբեք պէտք չունին անոնց։ Մեր գրականութեան մէջ, արեւմտահայ մէկ երկու քննադատներ, ճախճախուտքը զառածելէ առաջ (քննադատութեան) կամ ետքն ալ տուած են գործեր: Ասիկա իրենց մեղմացուցիչ դէպք յանձանացը կրնայ նկատուիլ։ Ո՞ւր զետեղել սակայն անհեթեթութիւնները որոնք Սիմոն Յակոբեան, Տէրտէրեան, Լէօ (դատելու մարզին մէջ միայն. անոր պատմական զգայարանքը արժանի է յարգանքի, անշուշտ առանց վարձու ակնոցներու տեսած պարագային) կը կոչուին ու այնքան ինքնաբաւ երջանկութեամբ պատգամ կ՚որոտան, առնուազն երկու տանելի էջ իսկ ստորագրելու բախտէն իրենց զրկուածութեան հակառակ։ Արեւմտահայ քննադատութիւնը տպաւորութիւններու կը մօտենայ քան թէ խուժդուժ այդ դատումին։

[15]      Կը խորհիմ թէ յոբելեան, յարգանքի ցոյց մեր մտքին մէջ զուգորդ են տնտեսական թշուառ պայմաններու ճնշումին։ Ի՜նչ գեղեցիկ առիթ, գոնէ մէկ անգամ, ազգովին յարգանքի զգացում մը յայտնել մէկու մը որ մեզմէ ոչինչ ունի ուզելու, բացի մեր չեմ ըսեր երախտագիտութենէն, գոնէ մեր սէրէն դէպի մեր գիրը, մեր արժէքները։ Ու չեմ բանար այս մտածումին ծալքերը, քիչ մը իր ու քիչ մը իմ հաշւոյն:

[16]      Պատերազմէն յետոյ, Պոլսոյ մէջ դերուսոյց Պր. Աշոտ Մատաթեանց Վարժապետին Աղջիկը էն հանեց տռամ մը, որ դարձեալ իբրեւ բեմական կառոյց յաջողեցաւ ոտքի վրայ մնալ, առանց գրագէտի նպաստին, քանի որ Կամսարական մաս չունէր կատարուած յ արմարացումին մէջ, առանց իր արտօնութեան, նոյնիսկ գիտութեան, իրագործուած։ Փա՞ստը այս իրողութեան։ Ա՛ն՝ որ Կամսարականի տաղանդին մէջ virtuellement գոյ է գործօնական զգայարանք մը։ Իր վէպին արտակարգ յուզականութիւնը, առանձին, երաշխիք մըն է թատերական ուժէ մը որուն առաջին ու տիրական նկարագիրը յուզել գիտնալն է, տակաւին քսանըհինգ դար առաջուց։ Սա նորոգեալ արժանիքը գիրքին՝ մինակ չէ սակայն։ Թատերական քրոնիկները Կամսարականի թէքնիքէն վկայութիւններ են նոյն ատեն։

[17]      Դժբախտ վրիպանք մըն է արեւմտահայ գրականութեան համար բեմական լեզուի մը պակասը։ Չեմ խօսիր ռոմանթիք dialogueէն որ արդար իր մահը չխանգարեց կէս դարէ ի վեր։ Արեւմտահայ սեպհական բեմի մը պակասը գլխաւոր պատճառներէն մէկն է անշուշտ այդ վրիպանքին։ Համիտեան րէժիմին թաթը՝ ուրիշ։ Միւս կողմէ արեւելահայ դերասաններուն բաժինն ալ պէտք չէ ստորգնահատել: Որձեւէգ լեզու մը մեր բեմերուն վրայ ապրեցաւ նոյնիսկ պատերազմէն յետո։յ Լեւոն Սեղբոսեանի dialogueը՝ նմոյշ մըն է այդ միջին, աննկարագիր լեզուէն։ Փրկանքը ին dialogueը աւանդութենէ մը չի գար, ոչ ալ ժողովրդական յղկումներու կ՚ենթարկուի, քանի որ չէ իսկ հրատարակուած։ Մեր կատակերգութեանց գռեհկութիւնն ալ կ՚աւելնայ մեր բարքերուն յոռի պայմաններուն։

[18]      Իրապաշտները չլացին անշուշտ, վասնզի ուրիշ ընելիքներ ունէին։ Բայց կ՚արժէ վերհանել իրենց խստաբարոյ կեցուածքը հանդէպ ռոմանթիզմին, մանաւանդ Եղիայի կարեյոյզ գրականութեան դէմ։ Կամuարական, խղճամիտ ճնշումով մըն է որ կը յաջողի իր ճիչը համեմատութեան մէջ պահել յուզումի տարրը: Կոմիտասի առթիւ իր Հայկական Գեղեցկութիւններ յօդուածը այդ ճիգին կատարն է արդարեւ։ Դէպի արմինիզմ (Չօպանեանին դրօշակը) զառիթափը լպրծուն էր։ Կամսարական գիտցած է խուսափիլ վտանգէն։