ԶԱՊԷԼ
ԱՍԱՏՈՒՐ
(1863-1934)
Ռոմանթիք
սերունդին
ամենէն
խանդոտ
օրերուն
իր
աչքը
լոյսին
բացած
այս
աղջնակը
արեւմտահայ
գրականութեան
պատմութիւնը
կը
շահագրգռէ
իր
թերութեանց
որքան
առաւելութեանց
կշիռովը:
Երեք
սերունդի
մտապատկերներուն
եւ
զգայնութեանց
մէջէն
քալած,
երեքին
հետ
ալ
ըլլալ
կրնալու
բնականութեամբ
մը,
վճարելով
իր
տուրքը,
ծանրութեան
չափովը՝
մեր
իրապաշտներուն
մեծ
վաստակին,
անոնցմէ
յետոյ
մանրելով
ինքզինքը
ու
իր
տաղանդին
դիակը
երեսուն
ու
աւելի
տարիներ
կրելու
տրտում
ճակատագրով
մը
տառապող,
Սիպիլ
–
այս
է
իր
գրական
անունը
—
կին
գրողներու
մեր
տժգոյն
փաղանգին
մէջ
դէմք
մըն
է,
իր
տիրական
կնիքովը։
Իր
սպասը
մեր
լեզուին
կանոնաւորման,
մեր
քերականութեան
ընդհանրացման,
մեր
ճաշակին
կազմումին
բազմաձեւ
կարիքներուն,
զինքը
կ՚ընէ
տակաւին
անմոռանալի։
Իր
վէպը
եւ
վիպակները
կը
հետաքրքրեն
գրականութեանց
պատմաբանը
այն
տարօրինակ
վիճակին
համար
որով
կը
զատուին
իրենց
շրջաններէն։
Տիկին
Սիպիլի
մէջ
հզօր
ռոմանթիք
մը
տեղաւորուած
է,
թերեւս
իր
օրօրանէն
իսկ:
Կեանքին
աոաջին,
կերպընկալ
տարիներուն
անիկա
կաղապարը
առած
է
իր
մեծերուն,
ու
ծնունդով
բերածը
աճեցուցած`
շրջանին
ահաւոր
ռոմանթիզմովը։
Իր
առաջին
արժէքաւոր
քերթուածը,
Առ
Լուսին,
գրուած
է
1885ին:
Անոր
մէջ,
նոյնիսկ
սրբագրուած
իր
նոր
ձեւին
տակ
զոր
ան
գտած
է
Ծալքեր
հատորիկէն
ներս,
անոր
զգայնութիւնը,
ախորժակները,
արուեստի
զգայարանքը
հարազատ
վկայութիւնն
են
սերունդին
որ
կ՚երկարաձգուի
Դուրեանէն
մինչեւ
Արփիարեանի
առաջին
հասունութիւնը,
ես
ըսեմ
1885,
դուք
ճշդեցէք
մինչեւ
1890։
Վաւերական
որքան
յապաղած
այս
ռոմանթիզմը
անոր
կեանքին
ընկերը
պիտի
ըլլայ
սակայն
տակաւին
կէս
դար։
Ու
հոս
է
իր
տարօրինակութիւնը:
Չօպանեանի
մէջ
ռոմանթիքը
չորս
հինգ
տարի
միայն
կ՚ապրի։
1892ին,
Թրթռումներ
հատորիկը
հակահարուած
է
անոր
պատանութեան։
Սիպիլի
Անէացում
ը
գրուած
Առ
Լուսին
էն
քառսուն
տարի
վերջը,
լեզուով
միայն
կը
տարբերի,
խորքին
մէջ
մնացած
ըլլալով
գարնանաթեւ,
ազգային,
արփային
ու
անգայտ
երգչուհին
որուն
ճերմկած
ըլլան
մազերը
բայց
չինկած
երբեք
իր
աչքերուն։
Այս
ռոմանթիզմը
աւելի
ամրաշէն
գիծերով՝
իր
վիպական
վաստակին
ալ
մէջը։
Ոչ
միայն
իբրեւ
ձեւ,
այլ
մանաւանդ
իբրեւ
խորք:
Աղջկան
մը
Սիրտը,
իր
պոլսական
մասովը,
կը
կրկնէ
ինքզինքը
մէկ
վիպակին
մէջ,
Օրիորդը,
գրուած
շատ
ուշ:
Ուսուցչի,
հանրային
աշխատաւորի
իր
կերպարանքը
մինչեւ
իր
մահը
պիտի
պահէ
բան
մը
այս
երկուութենէն։
Այս
պարագան
ահա
կը
զանազանէ
իր
դէմքը
իր
ընկերներէն
որոնք
իրեն
հետ
սկսան
բայց
կեանքին
առաջին
դասերէն
ու
մեր
պայմաններուն
ասեղին
տակը
շուտով
եղան
իրենք
զիրենք։
Անհեթեթութիւն
է
անշուշտ
1930ին
գրուած
քերթուածը
փոխադրել
ստիպուիլ
1880ի
շրջաններուն
ճաշակին,
զայն
վիժուք
մը,
կեղծիք
մը
չդատելու
խղճահարութեան
պատճառով։
Բայց
տարբեր
չեղաւ
իրականութիւնը:
Սիպիլի
ռոմանթեիզմին
այս
գոյութիւնը
աւելի
է
սակայն
պարզ
հաստատում
մը
ըլլալէ:
Անիկա
ժամանակավրէպ
մը
չէ
միայն
իր
գործին
մէջ
տուն
տեղ
եղած,
այլ
դժբախտութեան,
տրտմութեան
խմոր
մը,
վասնզի
պիտի
շաղախէ
այդ
գործը
եթէ
ոչ
ամբողջութեամբ,
այլ
անոր
մէկ
կարեւոր
մասը,
ու
պիտի
վտանգէ
անոր
գրագէտի
վարկը,
զայն
մօտեցնելու
աստիճան
անխառն
ռոմանթիք
ու
ատոր
թոյնովը
անդարձ
կորած
Սրբուհի
Տիւսաբի
վրիպանքին
ուրկէ
կ՚ազատուի
սակա
յն
ուրիշ
շնորհներու
միջամտութեամբը:
Հոն,
ուր
այդ
վիրիւս
ը
(virus)
կը
նուաճուի
անոր
կամքին,
շրջանին
ճնշումովը,
անոր
վէպը
(իր
ազատ
մասին
մէջ)
ինչպէս
անոր
ոտանաւորները
(որոնք
կեանքի
պատկերացումներ
են)
կը
ստանան
յարաբերական
արժէք
մը,
բայց
բա՛ւ`
որպէսզի
անոր
դէմքը
տեղ
առնէ
իր
սերունդին
նուիրուած
սա
վկայութեան
մէջ։
Անիկա
նպաստած
է
մեր
ոտանաւորին
կոկման,
ձայնական
ինչպէս
նկարչական
տեսակէտներէ,
որոնք
երկրորդական,
չորրորդական
բլանի
նետուած
մտահոգութիւններ
եղան
նոյնիսկ
իրապաշտ
հանգանակին
մէջ։
Չօպանեանի
վերանորոգումը
կառուցողական
ըլլալէ
աւելի
հակազդեցական
էր:
Իրապաշտներու
ընծայ
այդ
միակ
բանաստեղծը
չունի
ձայնական
զգացողութիւն:
Գոյնի
հանդէպ
իր
ընկալչութիւնն
ալ
դպրոցական
մնաց։
Սիպիլ,
մանաւանդ
մէկ
երկու
դժուարադաշն
քերթուածներու
թարգմանութիւններով
(
Վէրլէն
եւ
Պոտլէռ
)
մեր
ոտանաւորին
մէջ
դրաւ
շեշտի,
հծծիւնի,
վանկի
աղուանուշ
այն
մեղեդին
որ
երբեմն
մինակը
կը
բաւէ
քերթուած
մը
փրկելու
համար
կորուստէ։
Տիկին
Սիպիլի
այս
նրբազգած
նպաստը՝
մեր
ոտանաւորին
իրական
վարպետներուն
մօտ
պիտի
գտնէ
ճշմարիտ
իր
իմաստը։
Միսաք
Մեծարենց
անկէ
կը
բխի
իբր
երաժշտութիւն:
Անշուշտ
վտանգի
հետ
խաղալ
է
քերթուածի
մը
բախտը
վստահիլ
այսքան
դիւրաբեկ
շնորհի
մը։
Ու
այդ
վտանգը
այսօր
պայծառ
է
մեզի
համար,
իր,
ինչպէս
իր
ճամբէն
քալողներուն
հաշւոյն։
Մեծարենցի
քերթողութեան
կէսէն
աւելին
անընթեռնլի,
մեռած
տարր
է
ճիշդ
այդ
մեղքին
երեսէն։
Իր
ժամանակը,
Տիկին
Սիպիլի
մէջ
չէր
կրցած
տեսնել
այն
վտանգը
(ի՜նչ
քիչ
բան
է
ժամանակի
մը
ոսպնեակը
զոր
կ՚աղօտեն
այնքան
օտար
մշուշներ
բարեկամութեան,
շահու,
զիջումի
պարունակներէն
թեւ
բացող)
եւ
բարձրացուցած
անոր
արժէքը
ճշմարիտ
փառքի
մը:
Ոչ
ոք
կրնայ
մոռնալ
անզուգական
քերթողուհին
որ
ճիշդ
կէս
դար
գործածուեցաւ
իր
անունին
հետ,
վկայելու
համար,
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ,
մեր
դատումներուն
պայմանադրական,
յաճախ
անիմաստ
արժէքէն
երբ
կը
մտածենք
հրապարակին
մը
տածումը
ու
կը
վախնանք
մեր
մտածումէն։
Մեր
վէպին
իր
նպաստը
չհասաւ
անշուշտ
այն
տարողութեան
որ
իր
քերթողութիւնը
կը
պաշտպանէ
նոյնիսկ
իր
վրիպանքին
մէջ։
Բայց
բախտը
այնպէս
կարգադրած
է
որ
թերի,
մեծ
մեղքերով
արատաւոր
այդ
վաստակն
ալ
մեր
գրականութեան
պատմութիւնը
շահագրգռէ,
աւելի
աստիճանով
մը
որքան
ատիկա
չեղաւ
իր
ոտանաւորին
համար։
Ցոլքեր
ը,
պակսելով
մեր
գրականութեան,
պիտի
չստանար
զրկանքի
մը
գինը,
ինչպէս
զրկանք
չէին
պակասները
գիրքերուն
որոնց
անուններն
են
Յուրզման
Ժամեր,
Ժպիտք
եւ
Արտասուք,
Պատանեկան
Ներշնչումներ
(Հրանդ
Ասատուր)։
Բայց
Կնոջ
Հոգիներ
հատորիկը
ուր
ամփոփուած
են
Տիկին
Սիպիլի
պատմուածքները,
վկայութի՜ւն
մը`
շրջանի
մը
հոգեվիճակէն,
չըսելու
համար
հոգեբանութենէն։
Ուրե՞մն։
Պարզ
է
որ
Աղջկան
մը
Սիրտը
վէպին
մէկ
մասը,
մեծ
մասը
Կնոջ
Հոգիներ
ուն
կը
շահագրգռեն
մեր
բարքերը
որոշ
չափով,
մեր
հոգեկան
դիմագիծով
հետաքրքրուողները
լայն
չափով։
Այս
երկու
վաստակները
կը
պաշտպանուին
երրորդ
ու
աւելի
ընդարձակ
նպաստով
մը
որ
թէեւ
դուրս
գրականութեան
ուղղակի
պատմութենէն,
բայց
իբր
հետեւանք,
կը
բարձրանայ
ճշմարիտ
արժէքի:
Մեր
աշխարհաբարին
վրայ
ճաշակի,
նրբութեան
զգայնութեան
մը
պատուաստն
է
ատիկա։
Ամբողջ
քառորդ
մը
դար,
անոր
Ընթերցարան
ները,
Քերականութիւն
ները
միօրինակ
լեզուի
մը
բարիքը
տարածեցին
դպրոցներէ
ներս,
կազմելու
համար
մեր
աշխարհաբարին
վերջին,
կարելի
դիմայեղումը։
Ահա
կողմեր
որոնք
կը
խօսին
ի
նպաստ
իր
անունին։
1.
ԿԻՆԸ
ԵՒ
ԻՐ
ԳՈՐԾԸ
Մեր
նոր
գրականութեան
համար,
ժամանակը
Սիպիլէն
առաջ
արձանագրած
ունի
ուրիշ
հռչակաւոր
անուն
մը։
Ութսունական
թուականներուն
անոր
կ՚իյնայ
քաջութիւնը
եթէ
ոչ
արժանիքը
սկսելու
արեւմտահայ
վէպը։
Տիկին
Տիւսաբ,
վերադառնալով
իր
մռայլութեան
(ինչպէս
կ՚ըսեն
գաղիացիք),
քաւած
չըլլար
իր
մեղքը:
Իր
ռոմանթիզմը,
բարեխառնուած
ընկերային
ձգտումներով,
կիներու
իրաւունքներուն
աղմկայոյզ
փաստաբանութեամբը,
պիտի
փոխանցուի
ուրիշ
կիներու:
Սիպիլ
առաջինն
է
որ
կանչուած
ըլլայ
այդ
ժառանգութիւնը
ընդառաջելու
ինչպէս
ընդունելու։
Իր
գործը
ընդլայնումն
է
կիներու
փառաբանութեան
համար
վատնուած
անդրանիկ
ճիգին։
Անշուշտ,
արուեստի
որոշ
տուեալներ
կը
միջամտեն
որպէսզի
հետեւորդին
էջերէն
ձգուին
դուրս
քարոզ
ու
ձգտում,
հում
գաղափարներու
անտեղի
մթերքներ
ու
աւելորդ
–
որովհետեւ
հասարակ
–
տեսութիւններ:
Աղջկան
մը
Սիրտը,
հակառակ
իր
ձեւի,
կազմի
ռոմանթիզմին,
զերծ
է
խորքի,
գաղափարի
ռոմանթիզմէն:
Անիկա
ծնունդն
է
Պոլիսին։
Անխառն,
միակտուր
ծնունդ
մը
Պոլիսէ
մը
ուր
մեր
ժողովուրդը
հոգի
կը
փոխէ,
մտնելու
համար
մինչեւ
1890
երկարող
խաբուսիկ
ոսկեդարուն
մէջը
իր
գաղթային
գոյութեան։
Ոսկեդարը
էֆէնտիութեան,
տպածոյի
վաճառականութեան,
լումայափոխութեան,
տնտեսական
անցրեկ
մեծ
ձեռնարկներու
որոնք
քանի
մը
տուներ
եւրոպական
համբաւի
պիտի
առաջնորդէին։
Ամիրայութեան
խաւարումէն
յետոյ,
այս
նոր
ազնուականութիւնը
—
Արփիարեան
պիտի
գրէր
ազնուաշքութիւնը
—
անշուշտ
չկեցաւ
պաշտպան
մեր
գրականութեան։
Բայց
չհալածեց
ալ:
Զարթօնքի
սերունդին
հեղինակութիւնը
կը
տարածուէր
սերունդէն
վերջ,
բաւական
ուշ
ալ։
Սիպիլին
մայրը
կին
մըն
էր
որ
կարդալ
գիտէր
ու
իր
աղջկան
մատաղ
երեւակայութեան
վրայ
աննուաղ
գեղեցկութեան
հէքեաթները
բանած
է
իր
ձեռքովը,
Հին
Կտակարանին
ամենէն
սրտառուչ,
ինչպէս
հրապուրիչ
դրուագներով
օրօրելով
անոր
խելացի
ուշադրութիւնը։
Պոլի՛սը`
երկրորդ
մայր
մը
սակայն,
իր
բարքերուն
ու
կայքերուն
անդիմադրելի
կնիքովը։
Կ՚անցնիմ
արագ
անոր
մանկամարդ
աղջկան
գարունքէն,
ստացած
դաստիարակութենէն
—
իր
տպաւորութիւնը
իր
ուսուցիչներէն,
գլխաւորաբար
Սիմոն
Ֆէլէկեանէն
յուզիչ
էջ
մըն
է
նորավէպի
մը
մէջ
ագուցուած
—
ու
այն
անփոխարինելի
արքայութենէն
որ
աղջիկն
է
տասնըհինգին
ու
քսանին
մէջտեղը,
իբր
բնութեան
բխում
ու
ճառագայթ,
բայց
մանաւանդ
իբր
մտքի
ալ
յաղթանակ:
Անիկա
դպրոցի
սեղաններէն
չբաժնուած
պիտի
հիմնէր
մեծ
ընկերութիւն
մը,
Ազգանուէր
Հայուհեաց
ը:
Ամուսնութի՛ւն։
Զայն
չենք
յիշեր
այր
գրագէտի
մը
գործին
ինչպէս
կեանքին
շեղումին
ընթացքին։
Բայց
կը
կենամ
Օրիորդ
Խանճեանի
(այս
է
ծննդեան
մականունը)
որոշումին
առջեւ,
ընդունելու
թեւը
փաստաբանի
մը,
անոր
կապելու
համար
համակ
խանդ
ու
թրթիռ
սրտի
մը
առաջին
կուսութիւնը։
Փաստաբանին
ետեւէն
գաւառ,
իր
Գաղատիա
ն,
այն
օրերու
Էնկիւրիւ
ն
որ
այսօր
Անգարա
իր
յորջորջումը
կը
ջանայ
նուիրագործել,
մեծ
մայրաքաղաքի
մը
վայել
բարեզարդումներով
բայց
կէս
դար
առաջ
ողորմելի
գիւղաքաղաք
մըն
էր,
թրքական
շատ
թունդ
նկարագրով
մը
ու
կերպարանքով։
Իր
վիպական
աշխարհը
Տիկին
Սիպիլ
կը
պարտի
սակայն
այս
անդրանիկ
հարսնութեան։
Իր
գործին
ամենէն
թանկագին
մասը
կուգայ
այն
զգայութիւններէն
որոնք
իրը
եղան
երբ
այդ
փաստաբանի
կտորին
ետեւէն
անիկա
դատէ
դատ
թափառեցաւ
մերձաւոր
Անատոլուի
տրտում,
ժանգահար,
անկանգնելի
թշուառութեան
մէջ
վարսուած
ու
աւելի
քան
երջանիկ
քաղաքիկները։
Կէսէն
աւելին
Աղջկան
մը
Սիրտը
վէպին
ու
երեք
չորրորդը
Կնոջ
Հոգիներ
հաւաքածոյին
իբր
բեմ
ունին
այդ
քաղաքները։
Ու
ի՛նչ
փաստ՝
որ
անոր
յաջողակ
կտորները
կազմուին
այդ
աշխարհէն
վերցուած
զգայութիւններով։
Գաւառական
այս
նսեմաuտանին
մէջ
պոլսեցի
կնոջ
անոր
հոգին
անմոռանալի
բաներ
տեսած
է,
զորս
խնամքով
պահ
է
դրած
իր
հոգեկան
սրբարանին,
օր
մը
անոնցմէ
կազմելու
համար
արուեստագէտի
իր
վաստակը։
Վերադարձ
Պոլիս։
Այրիութիւն։
Հանրային
կեանք
ու
գրականութիւն։
Ուսուցչութիւն։
Մօտ
տասը
տարի,
մինչեւ
իր
վերամուսնութիւնը
Հրանդ
Ասատուրի
հետ
(1901)
անիկա
ունեցած
է
եռանդուն
կեանք
մը
գրողի,
որքան
որ
ասիկա
տարօրինակ
թուի
ժողովուրդի
մը
մէջ
ուր
այրերն
անգամ
իրենց
մայր
զբաղումի
կողքին
միայն
տեղ
ու
դիւրութիւն
պիտի
ճարեն
գրական
խանդ
մը
վատնելու:
Թերթերու
աշխատակցութի՛ւն.
ատիկա
ըրած
է
գաւառին
խորերէն։
Պոլիս
դարձէն
յետոյ
Հայրենիք,
Մասիս
(Զօհրապի
եւ
Հրանդ
Ասատուրի
խմբագրածը)
պիտի
ունենան
իր
քերթուածները,
վիպակները,
հրապարակագրական
թռուցիկ
էջերը:
Բայց
ահա
աւելին։
1898ին
անիկա
խմբագրութեան
մէջն
է
Մասիս
ին,
Զօհրապի
ու
իր
ապագայ
ամուսինին
կողքին,
վտանգաւոր
օրերուն,
երբ
հայկական
ջարդերը
սպաննած
էին
այս
ժողովուրդին
մանաւանդ
միտքը։
Նոյն
ատեն
անիկա
կ՚աշխատի
Արեւելք
ին
որ
1884ի
սկսման
վարկը
ու
փառքը
կը
շարունակէր
քաշքշել:
Օրաթերթերու
վրայ
իր
երեւումը
չի
բաղդատուիր
Տիւսաբի
քաղքենի
կեցուածքին,
ոչ
ալ
Զապէլ
Եսայեանի
թշուառ
համակերպութեան։
Բարոյական
զօրաւոր
զգացում
մը,
իր
ռոմանթիզմէն
նորակերպուած
օգտապաշտական
մտածումներ
տուն
կուտան
իրեն
իր
գործունէութիւնը։
Նոյն
ատեն
անիկա
մայր
է
զաւակներու,
դժուար
մայրութեամբ
մը,
քանի
որ
առաջին
ու
երկրորդ
ամուսնութիւնները
զաւակներու
երկու
դասեր
կը
պարգեւեն
իրեն:
Ասոնց
դաստիարակութիւնը,
իրենց
հայրերէն
ժառանգած
նկարագիրներուն
մշակումը,
առանց
մեծ
բախումներու,
ուսուցչի
կեանքին
զուգահեռ
անհաշուելի
տրտմութիւններ,
տուն
մը,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
ասոր
տնտեսումը
(Հրանդ
Ասատուր
եւ
Զօհրապ
մեծ
լրջութեամբ
կը
դրուատեն
անոր
մէջ
տանտիկինը)
ու
ազգային
զբաղումներ
բաւ
էին
ամբողջութեամբ
սպառելու
անոր
ուժերը։
Սիպիլ
հասած
է
այս
կարիքներուն։
Ու
ծառայած,
այս
ամենուն
վրայով
ու
այս
ամենէն
վեր,
հայ
գրականութեան։
Պատերազմէն
առաջ
տեսայ
զինքը,
իր
տունին
մէջ,
Արտաշէս
Յարութիւնեանին
հետ
իրեն
տրուած
այցելութեան
մը
ընթացքին։
Հասուն
ու
քիչ
մը
տրտում
իր
դիմագիծը
կը
ծածկէր
տեսակ
մը
պատրանք,
չըսելու
համար
դառնութիւն։
Մեզ
ընդունեց
սակայն
խաղաղ
ու
ժպտաշուրթն։
Կը
խօսէր
արագ,
պճլտուն,
տաք
խօսուածքը
պոլսեցի
աղջիկներուն,
ու
հակառակ
անոր
որ
տարիքը
վար
էր
քառասունէն,
կինը
կը
թուէր
դադրած
ըլլալ
իր
մէջ,
վաղահաս
մաշումով
մը
հոգեկան
կուսութեան։
Չեմ
մոռնար
իր
խաղաղութիւնը,
որ
իր
աղջիկներուն
վրայ
զուարթ
գեղեցկութեան
մը
կը
փոխուէր
ամէն
անգամ
որ
տար
անոնցմէ
մէկուն
անունը։
Չեմ
մոռնար
իր
կիրքը
զոր
անկարող
էր
ծածկելու
երբ
խօսքը
դարձաւ
գրականութեան։
Իր
դէմքին
յոգնութիւնը
հալեցաւ
ինչպէս
ջուրի
մէջ
սուզուող
ժանեակ
մը,
իր
կրակին
մէջ,
երբ
պատմեց
իր
երազները
թատերական
գրականութեան
մը
մասին։
Իր
մտածումները
վեր
էին
պոլսեցի
կնիկներու
միջին
մտածողութենէն։
Հանդարտ
իր
հրապոյրը
այն
ատեն
իր
լիութիւնը
գտաւ։
Արուեստին
կիրքը
փոխած
էր
զինքը:
Իրմէն
բաժնուած
ատենս,
իր
մէջ
կործանած
զգացի
բանաստեղծը։
Այն
ատեն
չէի
կասկածեր
թէ
այդ
բանաստեղծը
երբեք
չէր
եղած
անիկա
արդէն։
Բայց
հասկցայ
իր
վէպը
երբ
չորս
աղջիկներէն
շրջապատուած
մեզ
ճամբու
դրաւ:
Չեմ
երթար
առաջ,
տռամ
մը
տեսնելու
աստիճան
այդ
աղջիկներուն
մեզի
պարզած
վճռական
հակապատկերին
առջեւ:
Բայց
մայրը
տառապած
էր
անխուսափելի
տառապանքը
որ
իր
մէջ
հոսած
էր
երկու
այրիութիւններէն։
«Մեռելներն
ալ
իրաւունք
ունին
երբեմն»
ըսի
Արտաշէսին:
Հարկ
կա՞յ
հետեւելու
այդ
կեանքին
դանդաղ
խոնարհումին։
Իր
մեծ
գիծերուն
մէջ
բոլորովին
նման
մեր
բոլորին
շիջումին,
բայց
ներքին
տռամով
մըն
ալ
ալեկոծ։
Պիտի
խօսի,
դաս
աւանդէ,
տունին
խնամքը
պիտի
տանի,
հիւանդներ
պիտի
դարմանէ.
աղջիկներուն
աղջկնութիւնը
իբր
տիրական
սուգ,
պիտի
ապրի
շատ
կանուխէն.
պիտի
հաղորդուի
իր
ժողովուրդին
ահաւոր
սարսափներուն,
ու
պիտի
քալէ
դէպի
իր
քայքայումը,
ուժերուն
սպառումը,
հետզհետէ
անտարբեր,
անկարեկիր
ընկերութեան
մը
մէջ
ի
զուր
փնտռելով
մեծ
ծիրանիները
իր
մանկամարդ
օրերուն
երբ
լուսիններ
կ՚ոգեկոչէր,
անոնց
յանձնելու
համար
իր
սրտին
փոքր
հեծքերը,
կենդանի,
հրաշագեղ
երանութեամբ
մը
լուսապսակուած։
Տիկին
Սիպիլ
վիպական
թիփ
մը
չէ
անշուշտ,
ինչպէս
եղաւ,
որոշ
չափով,
զինքը
կանխող
Տիւսաբը
ու
ինչպէս
պիտի
ըլլայ,
աւելի
մեծ
համեմատութեամբ
մը,
իրեն
անուանակից
բայց
տարօրէն
թշուառ
միւս
կինը
որ
մեր
վէպին
մէկ
երկու
գլուխ-գործոցները
ստորագրեց։
Բայց
մեր
գրականութեան
մէջ,
պոլսեցի
կինը
իր
բոլոր
տկարութիւններով
ինչպէս
շնորհներով
մարմնացնող
միակ
գրագիտուհին
է
անտարակոյս։
Իր
կեանքը
կը
պատմուի
այն
ատեն
միայն
երբ
vie
romancée
գիրքի
մը
համար
առնուի
իբրեւ
հերոսուհի:
Այն
ատեն,
անոր
եօթանասուն
տարիներուն
ամէն
մէկ
էջը
դրուագ
մը
պիտի
պարփակէր
մեր
ընկերութեան
(բացառաբար
պոլսական
եւ
քիչ
մըն
ալ
պոլսամերձ)
հոլովոյթէն։
Ըսուած
է
որ
կիներուն
կը
պակսին
մեծ
յատկութիւններ,
ստեղծագործ
մարզի
վրայ:
Թերեւս
ըսել
կ՚ուզեն
որ
անոնց
ստեղծագործութեան
լաւագոյն
տարրը
կ՚օգտագործուի
անոնց
մայրենի
գործարաններէն։
Տիկին
Սիպիլ
մեր
գրականութեան
պատմութեան
մէջ
ստեղծողի
դիրք
մը
ոչ
հետապնդեց
ոչ
ալ
ունեցաւ:
Բայց
ըրաւ
աւելին։
Անոր
գրականութեան
պարունակը
կ՚ընդգրկէ
կիներու
հոգիներ,
պարզ,
ընտանի,
մտերիմ,
որոնք
վէպի
համար
յարդարուած
չըլլալու
առաքինութեամբ
թանկագին
են։
Աղջկան
մը
Սիրտը
անկարելի,
ռոմանթիք
Բաբուլն
անգամ
իրաւ
է
իր
իրաւութեամբը:
Այդ
աղջիկները,
այն
օրերուն
վճռական
իրողութիւններ
էին:
Այսօր
անոնց
անկարելիութիւնը
չի
կրնար
հերքել
1880ի
մեր
աղջիկներուն
մէկ
որոշ
դասին
նոյնութիւնը
վէպով
սեւեռուած
հանգամանքներուն
հետ։
***
Իր
գործը,
առաջին
ակնարկով,
զուրկ
կը
թուի
այն
շահեկանութենէն
որ
մեծ
համբաւներուն
փառքը
ինչպէս
տրտմութիւնը
կը
կազմէ։
Բայց
քիչիկ
մը
լայնամտութիւն
այդ
գործին
վրայէն
կը
փարատէ
հէքեաթին
մշուշը
ինչպէս
ուրացումին
մոխիրը։
Նախ
ամբողջ
կէս
դար
գործօն
աշխատանք
մըն
է
անոր
կեանքը։
Ու
մեր
կեանքը
միայն
թուղթի
վրայ
պառկելով
չէ
որ
գոյնի
կ՚ըլլայ
վերածուած։
Մեր
խօսքը,
վազքը,
սիրտհատնումները,
երազները,
անոնց
ետեւէն
մեր
արշաւը
ու
այս
արշաւին
ուրիշներու
հաղորդումը,
տուն
մը
վարելը,
բոլորը
մէկ՝
անտեսելի
այն
գործունէութիւնը
կը
համադրեն
որով
արուեստի
երկերը
կը
նոյնանան
մեր
ամենախոր
ապրումներուն։
Տիկին
Սիպիլ,
իր
հասկցած,
կրցած
կերպովը
ծառայած
է
այս
ժողովուրդին
իմացական
վաստակին:
Հազարներու
սրտին
խօսած,
հոգիին
մէջ
մէկ
երկու
լար
երազ
կամ
ազնուութիւն
զետեղած,
քանի
մը
սիրահատոր
արարածներուն
ալ
ամբողջ
ողբերգութիւնը
տարած
աշխատաւոր
մըն
է։
Գրականութեան
պատմութիւնը,
գիտեմ,
չի
դանդաղիր
նման
զգայութիւններու
արտահանումին։
Բայց
մեր
մէջ
պատմութիւնը
միշտ
աւելի
է
իր
շրջանակէն։
Մեր
հին
գրականութիւնը
զուր
տեղը
չէ
որ
գրեթէ
ամբողջովին
կը
մշակուի
պատմութեամբ
ուր
կ՚երթան
մեր
կեանքին
բոլոր
յոյզերը
աւազան
դառնալու:
Այս
ընդհանուր
ցուցմունքէն
յետոյ,
կը
կենամ
անոր
վիպական
աշխատանքին
առջեւ:
Նախ
ճշմարիտ
վէպ
մը,
Աղջկան
մը
Սիրտը
զոր
հրատարակած
է
Ալիս
ծածկանունով,
իր
հեղինակը
արժանի
կ՚ընէ
իրական
վիպասանի
մը
փառքին։
Իրապաշտ
վէպին
գումարին
մէջ
անիկա
իբրեւ
միութիւն
կը
գրաւէ,
արդար
հպարտութեամբ
մը,
իր
տեղը,
իբրեւ
իգական
արտայայտութիւնը
շարժումին:
Յետոյ,
տարիներու
երկայնքովը
պաշտպանուած
շարք
մը
վիպակներու
որոնք
Կնոջ
Հոգիներ
անունին
տակ
լոյս
տեսան
շատ
ուշ։
Երեսունըհինգ
տարիներ
կը
բաժնեն
իրարմէ
երկու
հատորները։
Չեմ
մեկներ
ասիկա
իբրեւ
իմացական
աղքատութեան
յայտարար
փաստ
մը։
Տիկին
Սիպիլ
զեղուն
միտք
մը
չէ
եղած։
Որակը
անշուշտ
բան
մը
կ՚արժէ
քանակին
զանգուածին
դէմ:
Իր
կեանքի
միջինքին
անիկա
հրատարակած
է
Ցոլքեր
ը,
բանաստեղծութեանց
հատոր
մը
որ
դարձեալ
լեզուական,
տաղաչափական,
հոգեբանական
վաւերագիր
մըն
է
պոլսահայ
գրականութեան
մէջ։
1901ին
լոյս
տեսնող
այս
հատորէն
յետոյ,
մինչեւ
իր
մահուան
մօտ
տարիներ
Տիկին
Սիպիլ
պիտի
գրէ
քերթուածներ,
որոնք
խմբուելով
պիտի
կրնային
կրկնել
անդրանիկ
հատորը։
1935ին
Երեւանի
պետական
հրատարակչականը
խմբած
է
անոր
քերթուածները,
Ալազանի
կողմէ
յառաջաբանուած։
Պր.
Թորոս
Ազատեան
իր
Ժամանակակից
Դէմքեր
մատենաշարին
մէջ
Զապէլ
Ասատուրի
(Սիպիլ)
նուիրուած
մատենագիտական
ցանկ
մը
կուտայ
որ
հեղինակուհիին
ձեռքով
պատրաստուած
է։
Հոն
յիշատակութիւնը
կայ
անտիպ
վէպի
մը
—
Դրամ
եւ
Դիրք
—
ուրիշ
անտիպ
կտորներու
շարքին։
Ատոնց
հրատարակումը
անհրաժեշտութիւն
մըն
է
այսօր։
Կ՚ենթադրեմ
թէ
Սիպիլի
դէմքը
այդ
նոր
գործերուն
լոյսովը
պիտի
ստանար
աւելի
յստակութիւն։
Հատորի
մտած
այս
երկերէն
դուրս
անիկա
թերթերու,
տարեգիրքերու
մէջ
ունի
ցրուած
թատերախաղեր,
աշխոյժ
տիալոկ
ով
մը,
որոնց
գրական
տարողութիւնը
նկատի
չունիմ
երբ
կը
յիշեմ
հոս:
Պոլսական
ճաշակին
յեղաշրջումը
ներկայացնող
վաւերագրեր
են
անոնք։
Կէս
դարու
ընթացքին
մեր
հասարակութիւնը
սորված
է
բաներ
որոնք
արժանի
են
վերհանուելու:
1870ի
Վարդ
եւ
Շուշան
էն
մինչեւ
Սիպիլի
Որբուհին
անշուշտ
մեր
թատերական
գրականութիւնը
մեծ
գործեր
չունի
արձանագրած։
Բայց
չէ
մնացած
տղայական
հասկացողութեան
մը
տրտմութեան
տակ
ալ:
Սիպիլին
Հարսը
աւելի
իրական
է
քան
Թշուառներ
ու
(Պ.
Դուրեան)
Վարդուհին։
Պէտք
կա՞յ
խօսիլ
մանկական
ոտանաւորներու
շարքին
վրայ
որոնք
կը
լեցնեն
իր
Թանգարանները,
Քերականութիւն
ները,
—
գիրքեր՝
շատ
քիչ
կապ
մը
պահող
գրականութեան
հետ,
բայց
որոնց
ընձեռած
օգուտը
պարտք
է
որ
յիշատակուի
սա
էջերուն։
Ու
թարգմանութիւններ,
ժամանակակից
ֆրանսացի
քերթողներէ
եւ
վիպասաններէ։
Քերթուածներու
իր
փոխադրումները
կ՚առնեմ
առանձին
նկատողութեան։
2.
ՎԻՊՈՂԸ
Գրաբարաշունչ
քերթուածներ,
Անահիտ
ստորագրութեամբ
գրչապայքար
մը
Արամազդ
ի
մը
հետ,
այն
օրերուն
ու
աւելի
վերջը
մեծ
անուն
մը
մեր
լրագրութեան
մէջ
(Բ.
Քէչեան),
գաւառէն
գրուած
թղթակցութիւններ,
հանրային
գործունէութեան
երեսակներ
Տիկին
Տօնէլեանը
(Սիպիլ)
տարած
են
անշուշտ
պարկեշտ
համբաւի
մը։
Անոր
փառքը
սկիզբ
կ՚առնէ
սակայն
երբ
գաւառէն
Պոլիս
դառնալէ
յետոյ
օրաթերթի
մը
մէջ
կը
հրատարակէ
Աղջկան
մը
Սիրտը
վէպը,
իբրեւ
թերթօն
(1891)։
Իր
երիտասարդութեան
ամբողջ
շաղը
վրան,
ինչպէս
իր
անդրանիկ
հիասթափումին
կսկիծը
հոգիին
մէջ,
այդ
Օրիորդ
Ալիս
կեղծանունին
տակ
ծածկուած
կինը,
որ
դեռ
չէ
մտած
երեսուն,
բայց
կեանքը
կը
ճանչնայ
դառնագոյն
փորձառութեամբը
իր
ջիղերուն,
ու
կը
զգայ
աշխարհը
իբր
հսկայ
հանդէս
մը
անսրբագրելի
հակապատկերներու,
այդ
վէպով
կը
նուիրագործէր
իր
գրագէտի
կոչումը:
Անհետացած
Սերունդ
մը,
Վարժապետին
Աղջիկը
կը
կանխեն
այդ
վէպը
բայց
չեն
կանխեր
զա
յն
լեցնող
հոգեբանութիւնը
որուն
հարազատ
անդրադարձումները,
կասկած
չունիմ,
Տիկին
Սիպիլ
ապրած
է
պայծառ
համակերպութեամբը
կնոջ,
միտքին
հարուստ,
միջոցներով
սահմանափակ։
Որ
պիտի
երթայ
ամուսինին
ետեւէն,
սուգը
սրտին,
բայց
էրիկ
մարդու
վայլող
լրջութեամբ
մը։
Պիտի
ջախջախուի
իր
երազին
անօթը
ինչպէս
անդրանիկ
իր
աշխարհը։
Բայց
պիտի
նետուի
սրբազան
մխիթարութեան,
արուեստին
որ
յաճախ
կը
պատսպարէ
կեանքին
մեծ
նաւաբեկեալները։
Այնպէս
որ
Սիպիլի
վէպը
իբրեւ
անձնական
փորձառութեան
տռամ
մը
նոր
է
մեր
վէպին
մէջ։
(Կ՚անցնիմ,
առանց
ծանրանալու
Տիկին
Տիւսաբի
բանավիճային,
թերթօնատիպ
վէպերէն)։
Զօհրապի
եւ
Կամսարականի
գործերը
ընկերային
տարողութեամբ
կառուցումներ
են,
բարքերու
խոր
յատակէ
մը
ամբարձիկ,
զանոնք
պատկերելու
գերազանց
առաջադրութեամբ
մը
որ
կը
պսակուի
գեղեցիկ
արդիւնքով
մը:
Անշուշտ
անոնց
մէջ
կան
առաջինին
խիստ,
կտրուկ,
անգութ
դիտողութիւնը
որ
հոգեբանութեան
մը
վերնալու
աստիճան
ամուր
է
բռնուած,
ու
երկրորդին
քնքուշ,
քիչ
մը
կանացի
զգայնութիւնը
որ
վէպը
կը
փրկէ,
մնալու
համար
մինչեւ
այսօր
վիպական
յուզումի
միակ
նմոյշը։
Ինչ
որ
Աղջկան
մը
Սիրտը
կը
զատէ
վերեւ
յիշուած
գործերէն,
անոր
զուտ,
անխառն
ըսուելու
չափ
զուտ
անձնականութիւնն
է։
Ամէն
վէպ,
այդ
տարիքի
սահմաններուն,
յաճախ
ինքնակենսագրութիւն
է։
Ըստ
այդ
օրէնքին
Աղջկան
մը
Սիրտը
կ՚ըլլայ
թանկագին
վկայութիւն
մը
ԺԹ.
դարու
վերջին
քառորդէն
վերցուած,
ու
առաւելազանց
չափով
մը`
կին
հոգեբանութեան։
Հոն
է
անոր
պարմանութիւնը,
պոլսով
շաղախուած
ու
մեծ
ռոմանթիքներուն
շունչովը
թրթռուն:
Գրաբարը
որ
այդ
օրերուն
զգայնութիւն
մըն
է,
աղջիկներուն
սիրտերը
թունդ
հանելու
աստիճան։
Եւրոպան
որ
իր
արդուզարդը,
արուեստը,
պարերը,
քաղաքակրթական
շպարն
ու
մեծ
խռովքները
կը
ղրկէ
արեւելքի
հէքեաթունակ
ոստանին։
Վէպին
առաջին
մասը,
նուիրուած
երիտասարդ
պոլսուհիի
մը
ապրումներուն,
հակառակ
իբր
արուեստ
կատարեալ
ձախողանքին,
իբր
մտայնութեանց,
երազներու,
շպարուն
երեւակայութեան
ու
ոսկեզօծ
սնոտիքի
համապատկեր,
կը
մնայ
աւելի
քան
հրահանգիչ։
Տիւսաբի
Մայտա
ն
տիպար
մը
չէ.
կաթոլիկ
կին
մըն
է
միայն
որ
հայերէն
կը
գրէ։
Իր
հոգեբանութեան
բոլոր
լարերը
դուրսէն
կը
գործեն։
Անտարակոյս
կեղծ
է
հիմնովին,
ինչպէս
կեղծ
է
Բուբուլ
ը
(
Աղջկան
մը
Սիրտը
ին
հերոսուհին)։
Բայց
այս
վերջինին
կեղծիքը
արդիւնք
է
արտաքին
յարդարանքի
մը։
Զերծելէ
յետոյ
զայն
այդ
շլացուցիչ
շորերէն
(երբեմն
բառերը
աւելի
կ՚ըսեն
քան
իրենց
իմաստը),
կ՚ունենանք
1880ի
հայ
աղջիկը,
իբրեւ
միտք
տկար
ու
թշուառ,
իբրեւ
երազ՝
նոյնքան
ու
աւելի։
Բայց
իբրեւ
ջիղերու
հանգոյց`
իր
ցեղին
միջին
զգայնութեա՛մբը։
Բարի:
Կարեկցուն։
Քաջ։
Համեստ
ու
սիրաւէտ։
Այնպէս
որ
վէպին
պոլսական
մասը
իրացումն
է
հայ
ռոմանթիզմին։
Իսկ
գաւառ
ակա՛նը`
նորութիւն
է
բոլորովին,
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ,
մեր
բուն
բարքերէն
ընդարձակ
իր
նկարներովը։
Տարօրինակը
հոն
է
որ
գաւառական
բարքերու
սա
նկարումը
գերազանց
պիտի
մնայ
բուն
իսկ
գաւառէն
չբաժնուած
գրագէտներու
սեւեռումներէն։
Այս
ընդհանուր
ցուցմունքներէն
վերջ,
կը
գոհանամ,
ձեր
ուշադրութեան
յանձնելով
շողշողուն,
«արփաթեւ»,
«փողփողենէջ»
ռոմանթիզմը
որ
կը
տառապի
շատ
յաճախ,
կեղծիքի
վերածուելու
աստիճան,
գիրքին
պոլսական
մասին
մէջ։
Գրագէտի
վրիպա՞նք.
աշխարհի
սնոտի՞ք։
Որն
ալ
ըլլայ
գլխաւոր
զսպանակը
այս
ձախորդ
արդիւնքին,
Տիկին
Սիպիլ
մեղադրելի
կը
մնայ
նուաճել
չկրնալուն
այդ
բոցաճաճանչ
հրթիռը
իր
երիտասարդութեան:
Արշալոյսներ,
վերջալոյսներ,
լուսնալոյսներ,
պարահանդէսներ,
ճոխ
շպար,
1880ի
բանաստեղծական
ներշնչումներ,
իզմիրեան
թերթօններու
իբր
հետեւանք
ձիարշաւներ
ու
«հարուածներ»
(ֆրանսացիները
coupe
կ՚ըսեն),
այն
օրերուն
այնքան
փնտռուած
«յարդարանքը»,
ճիղճ
որքան
սնոտի,
գրեթէ
ամէն
էջի
կը
վտանգեն
վէպին
կեանքը
որուն
իրականութիւնը
չէ
որ
կ՚ուրանամ,
այլ
կ՚ողբամ
ունայնութիւնը,
այլ
կ՚ողբամ
այդ
ունայնութիւնը
չըմբռնելու,
չզգալու
անհասկնալի
մոլորանքը։
Ու
պէտք
է
կենալ:
Բայց
վէպը
կը
փրկուի
իր
երկրորդ
մասովը
որուն
թատերաբեմը
կուգայ
պոլսամերձ
շրջաններէ:
Այդ
վայրերուն
վրայ
Պոլսոյ
անուանական
ճառագայթում
tը
չի
հերքուիր։
Քիչ
շատ
քաղաքակրթութեան
նախատարրերը
հանդիպելի
են
հոն,
—
հեռագրական
թել,
շոգեկառքի
երկաթ
գիծեր,
քանի
մը
պանդոկ,
շուկայի
ուրուանկարներ,
ինչպէս
նաեւ
խանութներ,
դեղարան,
երբեմն
բաղնիք։
Մի
զարմանաք
այս
թուումէն։
Ասոնք
պատրանքներ
են,
վասնզի
ասոնցմէ
անդին,
տուներուն
թշուառ
բերդայնութեանը
ներսը,
կեանքը
չէ
զատուած
իր
դարաւոր
կնիքէն։
Չեմ
մօտենար
անոր
այն
մասին
որ
այդ
տեղերը
գրաւող,
լեցնող
թուրքերունն
է:
Բայց
կը
բանամ,
փոքր
ճեղքէ
մը,
միւս
պատկերը
մերիններուն
ապրած
կեանքին`
այդ
խուլ
քաղաքներուն
գռիհներուն
մէջ։
Անոնք
գիւղեր
չեն,
այլ
աւելի
թշուառ
բան
մը։
Կէս
դար
առաջ
մեր
ժողովուրդը
իր
քաղաքաբնակ
զանգուածին
մէջ
նորատիպ
իրականութիւն
մըն
էր:
Անիկա
կը
հագնէր
իշխողին
տարազը։
Անոր
կիները
շուկայ
կ՚ելլէին
սաւաններու
մէջ
փաթթուած։
Ու
տուներէն
ներս
նիստ
ու
կաց,
բարք,
ապրուստ,
զբաղում
նոյնն
էին
թուրքերու
ունեցածին
հետ։
Անշուշտ
եկեղեցի
կ՚երթային։
Բայց
չէին
հասկնար
իրենց
պապերուն
լեզուն։
Այս
տեսակ
միջավայրի
մը
հարսն
է
ահա
վէպին
հերոսուհին,
Բուբուլ
ը,
Դուրեաններու,
Պէշիկթաշլեաններու,
վոսփորագեղ
վայելքներու
հատնումովն
ու
թրթռումներովը
լարուած
նուագարան,
որ
պիտի
բախի
անխուսափելի
հակառակութեանց,
կիներու
ստեղծած
այն
մանր,
փուճ
ատելութեանց
որոնք
փոքր
առ
փոքր
հաւաքուելով
կը
կազմեն
մեծ
ոճիրը,
քայքայելով
դիմադրութիւնը
նորամուտ
կնոջ,
ու
զայն
կը
տապալեն,
անհուն
երջանկութեամբ
մը
սքողելով
իրենց
վատութիւնը
զոր
առաքինութեան
վերածելու
մեղքն
ալ
կը
վստահին
իրենց
ջերմեռանդութեան,
աղօթքներուն։
Sռամը,
երկու
մտայնութեանց,
աշխարհներու
բախումը
չէ
միայն,
այլ
ատկէ
աւելի
բան
մը.
վասնզի
անձնական
հեղումը,
ամէն
էջի,
կը
թունաւորէ
այդ
պատկերացումը։
Իր
ծննդավայրէն,
վարժութիւններէն,
երազներէն
ու
ազնուական
ձգտումներէն
բռնի
խլուած
աղջիկ
մը,
այս
իսկ
զրկանքին
գինով
տրամաթիք
արարած
մըն
է
ու
չեմ
բացատրեր
զայն։
Բայց
երբ
նման
աղջիկ
մը
կը
նետենք
ամրակազմ
ուրիշ
ընկերութեան
մը
ծոցը
որ
մինակ
հակապատկեր
մը
չէ
առաջինին,
այլ
հակառակորդ
մը,
ինքնաբաւ,
ինքին
մէջ
խստակառոյց
դրութիւն
մը,
այն
ատեն
կ՚ունենաք
ըմբռնումը
սա
պայքարին։
Ամէն
խօսք,
պոլսեցիին
բերնէն,
ամէն
շարժում,
սրտի
ամէն
բխում,
ամէն
բարի
կամեցողութիւն
շրջապատին
վրայ
պիտի
անդրադառնայ
ոչ
միայն
խեղաթիւրուած,
այլ
շրջուած։
Ու
պիտի
կասկածին
վրան,
զինքը
արհամարհելէ
առաջ։
Պիտի
դաւեն
իրեն,
իրենց
մանր
բայց
անվրէպ
միջոցներով,
պիտի
պղտորեն
անոր
արդէն
տառապող
հոգին.
պիտի
սպաննեն
անոր
մէջ
աղջիկը,
կինը:
Ու
եղերականը
հոն
է
որ
այս
ամենը
տեղի
կ՚ունենան
ամենամաքուր,
հաւատաւոր
նպատակներու
հանդէսի
մը
մէջ։
Տիկին
Սիպիլ
չէ
խեղաթիւրած
իր
գաւառը:
Կնոջական
սուր
ու
քնքոյշ
զգայնութիւն
մը,
որ
պոլսական
մասը
վէպին
կը
շպարէր
քիչ
մը,
հոս
կը
վերածուի
սրտառուչ
քաղցրութեան,
յորդելով
էջերն
ի
վար,
դպելով
մեր
ներսը
խուլ
համակրանքի
լարերուն։
Վիպողը,
անթերի
արուեստով
մը
սեւեռած
է
հոգեկան
վիճակներ
ու
նոյն
կատարեալ
maitrisenվ
սեւեռած
անփոխարինելի
բարքեր:
Այդ
գաւառացի
հոգեբանութիւնը
այսօր
ընդմիշտ
կորած,
իբր
փրկուած
իրողութիւն,
նոյն
գիծին
կուգայ
Սրուանձտեանցներու,
Զարդարեաններու,
Թլկատինցիներու
գործերով
ազատուած
մեր
բարքերուն
արժէքին։
Ատկէ
զատ՝
վիպական
գործողութիւնը
ինքնին
յաղթանակ
մըն
է
այդ
մասին
մէջ։
Մենք
խորապէս
կը
յուզուինք
պոլսեցի
կնոջ
դժբախտութեան
պատկերացումէն։
Չմոռնալ
որ
վէպին
երկու
մասերուն
ալ
մէջը
անձնական
տարրին
գերակշռութիւնը
պատճառ
է
այս
յաջողութեան:
Տիկին
Սիպիլ
մինչեւ
իր
ծերութիւնը
չէ
ազատած
իր
միտքը
գոնէ
իր
ռոմանթիզմէն:
Անշուշտ
իրապաշտը
ճակատն
է
անոր
դէմքին։
Բայց
ճակատին
ետի՞ն:
Իր
ամուսնութիւնը
այդ
փաստաբանի
կտորին
հետ,
ողբերգութիւն
մըն
էր,
բայց
որմէ
շահած
է
արեւմտահայ
գրականութիւնը
իր
գեղեցիկ
գործերէն
մէկը։
Այս
տողերը,
որքան
ալ
արդար,
նպատակ
չունին
Տիկին
Սիպիլի
մէջ
հաստատելու
վիպասանը,
այսինքն
գրողի
այն
տեսակը
որուն
տաղանդը
կազմուած
է
կրկնաւորման
(dédoublement)
մեծ
տուրքով
մը,
պաշտպանուած`
հզօր
երեւակայութենէ
մը։
Այս
երկու
շնորհները
պակսած
են,
չեմ
ըսեր
հիմնովին,
այլ
մեծ
չափով։
Իր
վէպին
մէջ
ոչ
մէկ
վիճակ
որ
չըլլայ
պայմանաւոր
օր
մը
ապրուածին
նպաստովը:
Իր
կեանքը
վիպելը
փորձութիւնն
է
ամէն
գրել
կրցողի։
Վիպասանը
կը
սկսի
ուրիշներու
կեանքը
հագնելու,
ուրիշ
խօսքով`
ուրիշներուն
վրայ
ինքզինքը
կրկնելու
դիւրութեամբ
մը:
Տիկին
Սիպիլ
ի
ծնէ
վիպասան
մը
չէ։
Այս
հաստատումին
փաստը
կու
գայ
մեզի
ոչ
միայն
Աղջկա
մը
Սիրտը
էն,
այլ
մանաւանդ
Կնոջ
Հոգիներ
որակուած
այլապէս
նշանակալից
հատորէն։
Թիւով
քսան
այս
կտորները,
այն
օրերու
բախտաւոր
բառով
մը
վերտառուած՝
նորավէպ,
դարձեալ
անձնական
յորդ
տարրերով
շաղախուն
փոքր
յօրինումներ
են։
Գրուած՝
մատաղ
հարսնութենէն
մինչեւ
դուռները
ծերութեան,
անոնք
կը
պատկերացնեն,
օտարներու
առիթով,
Տիկին
Սիպիլի
իմացական,
զգացական,
բարոյական
շրջափոխութիւնը,
ըլլալով
այսպէս
թոյլ,
անյաւակնոտ
ինքնագրում
մը։
Երբ
Աղջկան
մը
Սիրտը
մինակ
մնաց,
նորավէպերու
այս
շարունակուող
շարքը
կրնայ
փաստ
ծառայել
անոր
մէջ
վիպողի
պակասին։
Ան
որ
ծնած
է
վիպասան,
հարկադրաբար
պիտի
հպատակի
իր
ծնունդին
ձայնին։
Ու
պիտի
նուաճէ
իր
աշխարհը,
բացառիկ
այլուրութեամբ
ու
քիչ
զբաղանքներէ։
Պէտք
չկայ
մեծ
անուններ
վկայութեան
կանչելու։
Նորավէպը
շատ
փոքր
կաղապար
մըն
է
այս
հսկայական
պահանջը
գոհացնելու
համար։
Յետոյ,
մեր
գրականութեան
հետ
միայն
տիրական
ուրիշ
հարկադրանքներ
կը
միջամտեն
որպէսզի
տաղանդաւոր
կին
մը
ստիպուի
իր
դերը
փոխադրել
փոքրադիր
կառոյցներու
յաղթահարումին։
Տիկին
Սիպիլի
գրիչը
շղթայի
տակ
է
մինչեւ
1910,
այսինքն՝
երբ
մենք
աշխարհը
նուաճելու
ուժը
դեռ
կը
պտտցնենք
մեր
երակներուն
մէջ։
Անկէ
յետոյ
կասո՛ւմը։
Միակ
նորավէպ
մը,
Օրիորդը,
գրուած
այդ
թուականէն
ասդին,
իր
տկարութեամբը
կը
հաստատէ
այս
օրէնքը։
Ցոլքեր,
իր
քերթողական
դիւանը,
հրատարակուած
է
1902ին։
Այդ
թուականէն
յետոյ
Սիպիլ
գրած
է
շատ
աւելի
մեծ
թիւ
մը
քերթուածներու,
բայց
կրցած
է
յաղթահարել
հեղինակի
նանրամտութիւն
մը,
զանոնք
չխմբելու
համար
նոր
հատորի
մը
տակ։
Կ՚ուզեմ
այսպէս
մտածել,
երբ
իրեն
համար
դժուար
չէր
այդ
տխուր
քայլը,
քանի
որ
ապուշ
հիացում
մը,
աշխարհի
չորս
ծագերէն
ամէն
օր
կը
յեղյեղէր
այդ
փառքին
երգը:
Դիմադրած
է,
հաւանաբար
հպատակելով
իր
ողջմտութեան,
խառնուածքին
ձայնին։
Բայց
1926ին
հաւաքած
է
իր
պատմուածքները։
Կը
կարծեմ
թէ
այս
արարքները
(ֆրանսացիները
ինչ
գեղեցկութեամբ
պիտի
գրէին
acteը)
բան
մը
կ՚ըսեն։
Այդ
հատորին
մէջն
է
սակայն
Տիկին
Սիպիլը
իբր
կին,
իբր
խառնուածք,
իբրեւ
պոլսուհի։
Անշուշտ
հատորը
կը
կրկնէ
առաքինութեանց
հետ
մանաւանդ
պակասները
որոնց
սուր
հոտառութիւնը
ունեցաւ
բայց
որոնց
համար
չուզեց
տառապիլ։
Թեթեւութիւնը
յատկանիշն
է
այդ
կտորներուն:
Անոնց
մէջ
ամէն
վիճակ
կը
պահուի
մարդկօրէն
միջին
խտութեան
մը
ոլորտին
մէջ։
Sռամը
սարսափ
կ՚ազդէ
անոր
ու
տրտմութիւնը
շինծու
մշուշ
մը
կը
թուի
այդ
կնոջ
հոգիին։
Շէնշող,
ոստոստուն,
պճլտուն,
խօսուն,
աղուոր,
հաճելի,
զուարթ,
համով,
քիչիկ
մը
շփացուած,
քիչիկ
մը
յիմար,
քիչիկ
մը
ունայնամիտ։
Այս
բոլոր
վերադիրները
մինակ
այդ
կտորներով
ոգեկոչուած
կիներուն
չէ
որ
կը
պատշաճին։
Անոնք
կրնան
զգեստաւորել
Պոլսոյ
կիները։
Ու
աւելի
աստիճանով
մը`
հեղինակուհին
որ
հերոսական
դէմք
մը
կը
թուի
ինծի,
այսօր,
իր
կէս
դարու
յուզումնահար
կեանքին
բեռովը
երբ
կը
յաջողի
այդ
տառապանքէն
դուրս
ծորել
սա
կիսաստուերը։
Կնոջ
այդ
հոգիները
չեն
բաղդատուիր
Տիկին
Եսայեանի
հրապարակ
նետած
անդնդախոր
կիներուն
որոնք
քանի
մը
էջի
վրայ
կը
բանան
արդեն
իրենց
ողբերգութեանց
եղերահանդէսը
ու
իրենք
զիրենք
ազատելով
փոքրացնող,
տեղական
ընող
հանգամանքներէն
կը
դրուին
մեր
առջեւ
իբր
հսկայ
հարցումներ,
որոնց
պատասխանը
պիտի
տայ
ճակատագիրը:
Սիպիլի
կիները
ողբերգական
էակներ
չեն
դարձեալ,
երբ
բաղդատուին
իրապաշտներու
մօտ
կաղապար
դարձած
տիպարներու։
Արդար,
իրաւ,
խոր
զայրոյթով
մը
անիկա
յարձակած
է
Զօհրապի
մտքէն
դուրս
ելած
կնոջ
պատկերներուն
վրայ
երբ
անոր
գործին
նուիրուած
ասուլիսի
մը
մէջ
դատած
է
այդ
կիներուն
ընդհանուր
տարողութիւնը,
դատապարտելով
ոչ
միայն
հեղինակին
կողմնակցութիւնը,
այլեւ
անոր
տեսնելու
կերպին
սխալը։
Մինչ
Փոստալ
ին
բոլոր
ընկերուհիները
մեզի
կը
ներկայացուին
իբրեւ
խարանահար,
անկանգնելի
անկումներով
կործանած,
անպատմելի
մեղքերու
ասեղներով
որդնահար
թշուառներ,
ինք
կը
ծանրանայ
միւս
կարաւանին
ալ
իրականութեան։
Իր
Կնոջ
Հոգիներ
հատորը
եթէ
ոչ
հակապատկեր
մը
զօհրապեան
կիներու
կարաւանին,
գէթ
աւելի
իրաւ,
աւելի
ազնիւ,
աւելի
մարդկային,
տոկուն
յատկութիւններու
հանդէս
մը`
ճշմարիտ
էր
թէ՛
այդ
օրերուն,
թէ՛
մինչեւ
հիմա։
Մարդոց
առօրեան,
որ
կը
տարբերի
պոլսական
միջինէն
քանի
որ
այդ
պատմուածքներուն
աշխարհը
դուրս
է
մեծ
չափով
ոստանիկ
կեանքէն.
այդ
առօրեայով
մեր
վրայ
անդրադարձող
ցաւեր,
պարզ
ու
յստակ,
բայց
որոնք
կը
խանգարեն
մեզ
նոյն
սաստկութեամբ
որքան
Տիկին
Եսայեանի
հերոսուհիները
կրծող
խորախորհուրդ
ցաւերուն
ատամները։
Մարդոց
միջին
տագնապ
մը,
որ
չըլլայ
տարուած
բացառիկ
լայնքի,
խորութեան,
բայց
ըլլայ
բաւ
որպէսզի
անոր
անուանաշարքին
մէջ
առնուած
կինը
դադրի
իր
խաղաղ,
սովորական
իմաստուն
ու
այլայլի,
այլափոխուի,
համակերպուն
որքան
թշուառ,
առանց
ինքզինքը
խորտակելու
քաջութեան,
ու
մնայ
կեանքի
եզերքին,
լուսանցքին,
չատելով
զայն,
ինչպէս
չխենթենալով
անոր
վրայ:
Ամուսնութիւն,
որբեւայրիութիւն,
չհասկցուիլ,
մայրութեան
եւ
պչրանքի
զգացութիւններու
բախում,
սէր
ու
պատրանք,
աղքատութիւն
ու
աղքատախնամի
հոգեբանութիւն։
Երբեմն
յերիւրանք:
Երբեմն
սրամտութիւն:
Ասոնք
կը
կազմեն
յատակը
այդ
պատմուածքներուն
եւ
ասոնք
հեռու
են
զօհրապեան
ողբերգութենէն
որ
մէկ
ու
հզօր
կիրքի
մը
մեծ
ասեղը
ունի
իրեն
զսպանակ:
Տիկին
Սիպիլի
պատմուածքներուն
մէջ
միայն
յատակը
չէ
որ
պարզ
է
եւ
ընտանի։
Այլ
մանաւանդ
գործողութիւնը։
Անոնք
նմոյշներ
են
Կոնքուռներու
նախասիրութիւնը
ներկայացնող
կառոյցներու
ուր
բան
մը
չի
պատահիր,
ակնբախ,
խռովիչ,
ինչպէս
է
առհասարակ
կեանքին
գնացքը
մեր
շուրջը,
բայց
ուր
առկախ
է
մեծ,
ծանր
խորհուրդը
որ
մեր
օրերը
պիտի
վարմակէ,
ինծի
տալով
անհուն
ըղձաւորութեանց
թեւերը
բայց
խնայելով
պատեհութիւնը
այդ
թեւերը
գործածելու,
ասոնց
վրայ
թափելով
սոսինձը
այլապէս
անողոք
պայմաններուն,
—
հացին,
ցաւին,
անհասկացողութեան,
ատելութեան
ու
նախանձին,
ուրիշը
հրելով
ուսերէն
դէպի
խորխորատը
ահաւոր
կիրքերուն.
երրորդի
մը
աչքերուն
բռնելով
պատրանքի
ապակիները
այնքան
յաճախ
որ
կրողը
մոռնայ
այդ
գոյներէն
դուրս
ուրիշ
իրականութիւն
եւ
ակնոցներուն
խորտակումէն
յետոյ
—
բան
մը
որ
անխուսափելի
է
մեր
աշխարհին
համար
—
ինքզինքը
զգայ
կոյր,
բաց
աչքերով,
ու
մերժուի
իրմէ
եւ
իր
շուրջիններէն։
Այսպէս
է
կեանքը:
Տիկին
Սիպիլ
աշխատած
է
սրբագրել
բախտին
սա
կարգադրութիւնները,
բառական
սրբագրումներով։
Ըսել
կ՚ուզեմ
մարդոց
առօրեային
անկանգնելի
թշուառութեան
մօտիկ,
ափերով
ցանած
է
ծաղիկները
իր
երազներուն,
բոլորն
ալ
բնութեան
փշրանքներ,
որոնք
նկարագրութեան
պահանջ
մը
չեն
դիմաւորեր
միայն,
այլ
մարդոց
գորշ
անապատը
քիչիկ
մը
հագուեցնող
նրբութիւններ
են:
Այս
է
պատճառը
որ
անոնք,
բնութեան
այդ
կտորները
չնեղեն
մեզ,
բայց
չազդեն
ալ
մեր
ողբերգութեան,
զայն
փոփոխելու
համար
հեղինակին
առաջադրութիւնը
այդ
կերպով
հերքելով։
Դասակա՞րգ
մը,
այդ
կարաւանին
ներսը։
Ուժով
է
բառը։
Ու
քանակի
հարց
մը
չէ
զիս
վերապահ
ընողը։
Զօհրապի
կիները,
թիւով`
քիչ
աւելի,
կատարեալ
յօրինումներ
են,
որոնք
մեր
միտքին
մէջ
կը
մարմնաւորեն
որոշ
կաղապար
մը
միսի,
միտքի,
կիրքերու,
մեղքերու,
պայքարներու
ներդաշնակ
ագոյցով
մը։
Յետոյ
նմոյշներ
ալ
կը
մնան,
ընկերութեան
որոշ
մէկ
շրջանէն
վերցուած
ու
բեւեռուած։
Նոյնը
կարելի
է
ըսել
Տիկին
Եսայեանի
կիներուն
նկատմամբ։
Կնոջ
Հոգիները
կնոջ
հոգիներ
են,
առանց
յաւակնութեան։
Անոնց
ամենէն
մեծ
առաքինութիւնը
անոնց
իրականութիւնն
է։
Բայց
հոս
կը
ծագի
յաւիտենական
հարցը
որով
կասկածի
տակ
կը
ձգուի
իրականութեան
արժէքը
արուեստի
գործերուն
մէջ
որոնք
ապրելու
համար
(անշուշտ
իրենց
ժամանակէն
անդին)
պարտաւոր
են
յորդիլ
այդ
իրականութենէն
—
ուրիշ
խօսքով՝
ստեղծուիլ,
որ
տարբեր
է
իրականութենէն։
Այս
անկիւնէն
դիտուած
այդ
կիներուն
իրականութիւնը
կը
դառնայ
գլխաւոր
զսպանակը
անոնց
տկարութեան։
Եթէ
ինծի
համար
դժուար
է
այդ
կիներուն
մէջ
ընդունիլ
ան
զոր
մտադրած
էր
գնել
անոնց
հեղինակուհին,
դիւրին
է
սակայն
նոյն
չափով
զանոնք
նկատել
խորհրդանշանները
այն
գեղեցիկ
յատկութիւններուն
որոնց
համար
անիկա
կէս
դար
չդադրեցաւ
հաւատք,
սէր
տածելէ։
Կանուխէն
մայրութիւն
մը,
թերեւս
դժբախտ
ընտանեկան
կեանք
մը,
մեծ
ու
անսրբագրելի
պատրանքներ
այնպէս
շինած
են
իր
հոգին
որ
հակապատկերներ
ըլլայ
ստիպուած
ճարելու,
ու
մեղմելու
ապրելուն
տրտմութիւնը։
Այդ
կիները
մայրեր
են,
ստուար
թիւով
ու
իբր
այդ
իրենց
տառապանքը
տարօրէն
իրաւ
ու
մարդկային։
Այս
երկվեցեակ
մը
կիները
մեր
գրականութեան
մէջ
բացառիկ
են
անով
որ
կը
ձգտին
պատմել
կնոջ
մը
ամենէն
սրբազան
իրականութենէն:
Ճամբա՞յ`
դէպի
հայ
մայրը,
այդ
քիչ
մը
պճնուած
կիներուն
վրայով։
Անկարելի
չէ
ատիկա
ալ:
Միայն
այդ
տիպարին
նուաճումը
կը
հպատակի
անշուշտ
տաղանդին
ձեւին
որքան
ուժին։
Ըսի
թէ
նիհար
էր
իր
երեւակայութիւնը։
Բայց
կասկածէ
վեր
յայտարարեցի
իր
զգայնութիւնը
իբրեւ
կին:
Այնպէս
որ
այդ
մայրերը
չեն
կրնար
խտացնել
հզօրագոյն
կարկառով
այն
ահաւոր
խորհուրդը,
լացնելու
չափ
յուզիչ
քաղցրութիւնը,
գեղեցկութիւնը
եւ
ուրիշ
անփոխարինելի
շնորհներ
որոնք
կը
խմբուին
հայ
մայր
յղացքին
տակ:
Բայց
անոնք
կը
դնեն
մեր
առջեւ
այն
անուշիկ,
սրտառուչ,
իրաւ
կիներէն
մէկ
քանին
որոնք
մեր
ընտանիքին
դարաւոր
անկիւնաքարերը
եղան,
քաղաքներէն
շատ
առաջ,
եւ
մեր
ժողովուրդը
պաշտպանեցին
մեր
այրերուն
տկարութեանց
ընդդէմ,
ու
հիմա,
կը
շարունակեն
տակաւին
իրենց
դերը։
Հայ
ընտանիքը
ամէն
բան
կը
պարտի
կնոջ։
Կ՚ըսեմ
ասիկա
առանց
չափազանցութեան։
Սիպիլի
մայրերը,
նոյնիսկ
պոլսեցի
կտաւէն
առնուածները,
մօտ
են
տիպարային
առաքինութեանց։
Մեր
գրականութիւնը
չունեցաւ
անոնցմէ
լաւերը
անկէ
առաջ
ու
անկէ
վերջ։
Կնոջ
Հոգիներ
ը
ունին
ուրիշ
խումբ
մը
հերոսներ,
այս
անգամ
պզտիկներէն։
Զուր
տեղը
չէ
որ
Սիպիլ
կէս
դար
դաս
տուաւ
դպրոցներու
մէջ։
Մանուկի
ու
պատանիի
իր
դէմքերը
հրապուրիչ
են
որքան
իրաւ։
Կօշիկները,
Ձրիները,
Տղու
Հոգի
անուններուն
տակ
մեզի
մատուցուած
այլապէս
իրաւ
պատմութիւնները
իրականութենէն
օրինակուած
պզտիկ
դէպքեր
են
որոնք
անոր
թաւշային
ու
տխրանուշ
զգայնութեան
ընդմէջէն
մեզի
կուգան
հէքեաթի
մը,
պարիկներու
զրոյցի
մը
պէս
ու
կը
յուզեն
մեզ։
Այդ
տղոց
իրականութիւնը
դուրս
է
կասկածէ։
Բայց
նոյն
ատեն
յաջող
են
անոնք
երբ
կը
մտնեն
արուեստէ
ներս։
Ու
հրաշքը
հոն
է
որ
Առաջին
Վիշտս
անուանուած
զուտ
անձնական
դրուագը,
շուտով
կ՚ազատուի
խոստովանողական
թացիկ
սեռէն,
ըլլալու
համար
ստեղծումի
էջ
մը,
առանց
սեթեւեթի
ու
առանց
շպարի:
Մանուկներու
պակասը
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
զգալի
տկարութիւն
մըն
է։
Սիպիլի
տղաքը
առաջին
յաջող
նմոյշներն
են
այդ
սեռէն։
Տակաւին
կարելի
է
ծանրանալ
այդ
հատորին
ուրիշ
արժանիքներուն,
որոնք
դիւրաստաց
յաջողմունքներ
չեն
իմ
կարծիքով։
Տիկին
Եսայեան,
հակառակ
իր
յամառ
աշխատանքին,
չէ
կրցած
ոչ
մէկ
միջակ,
տրտմօրէն
իրաւ,
առօրեային
լուսապսակովը
միայն
կանգուն
էակներ
ապրեցնել:
Բոլոր
իր
տիպարները
(կիները
նկատի
ունիմ)
կը
պաղին
իսկոյն
երբ
կը
ներկայանան
սրբազան
ու
կրակէ
շապիկէն
ազատ
(սէր)
երբ
բեմ
կը
հանուին։
Եւ
սակայն
որքան
շատ
է
թիւը
իր
այդ
կարգէ
կիներուն,
բոլորն
ալ
հասարակ
ու
արուեստի
չելած։
Երբ
այլեւս
չեն
սիրեր
ը
փարթամ
փաստ
մըն
է
այս
անկարողութեան։
Չեմ
խօսիր
Տիւսաբի
հերոսուհիներէն
որոնք
թերթօն
կը
հալածեն
կամ
կը
ճոռոմաբանեն:
Միջակ
կիներու
չենք
հանդիպիր
դարձեալ
այրերէ
մշակուած
գրականութեան
մէջ
ու
ասիկա
հասկնալի
է։
Կնոջ
Հոգիներ
ը
կազմող
բոլոր
կիները
նմոյշներ
են
այդ
դասակարգէն։
Հատորը
անշուշտ
կ՚արժէ
աւելին
քան
աղջկան
մը
սիրտը
որ
իր
կէսէն
վիրաւոր
է
դժբախտ
ռոմանթիզմով
մը։
3.
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ
Սխալ
չըլլար
քերթողները
դասաւորել
երկու
մեծ
խումբերու։
Ասոնցմէ
մէկուն
մէջ
կը
մտնեն
բոլոր
ժամանակներու
ու
բոլոր
ժողովուրդներու
ծոցէն
երեւան
եկող
այն
տարօրինակ
մարդերը
որոնք
իրենց
անձին
երանգը,
իրենց
զգայնութեան
երեսակները,
երբեմն
իրենց
աշխարհահայեացքը
արտաբերեցին
մինչեւ
իրենց
օրը
անծանօթ
ձեւով
մը,
ու
ըսին
անմոռանալի
ինչպէս
անկրկնելի
բաներ։
Բոլոր
վաւերական
ստեղծողները
Բանին
(գլխագրուած),
շատ
վաղնջական
շրջաններէն
իսկ,
—
քուրմ,
վհուկ,
մարգարէ,
օրէնսդիր,
երգիչ,
աշուղ,
պաշտօնական
տաղասացների
արքունիքներուն
ու
անպաշտօն
երգողները
սերունդներուն։
Որոնք
իրենցմով
փողրակուած
զգացողութիւններուն
անզիջող
տէրը
պիտի
մնան,
նոյնանալու
աստիճան
իրենց
գործին։
Անունները
աւելորդ
պիտի
գային։
Երկրորդ
խումբը
որ
բանակ
մըն
է
այս
անգամ,
իր
մէջ
կը
տեղաւորէ
դարձեալ
բոլոր
ժամանակներու
եւ
ժողովուրդներու
վրայ
իրենց
խնամուած,
պաճուճուած,
սանտրուած
փառքը
անդրադարձող
որեարը,
ուսումով,
ճիգով,
դիւրութեամբ,
հաշիւով,
կենցաղագիտօրէն
ճարուած
համբաւ
մը
իրեն
դրօշակ
ունեցող։
Որ
գրելու
գիտութիւնը
կամովին
պիտի
շփոթէ
ստեղծագործութեան
գաղտ
ու
խորհրդաւոր
արարքին,
ու
վանկերու,
յանգերու,
տողերու
թէքնիքի
մը
տիրապետելու
առաքինութիւնը
պիտի
բարձրացնէ
սրբազան
բխումին։
Պիտի
գրէ,
երգէ,
գովէ,
պարսաւէ,
յաճախ
անկեղծութեան
հովի
մը
ընդմէջէն:
Պիտի
ընդլայնէ
օրուան
կարգախօսները,
ամբոխները
յուզող
հարցերը
պիտի
թեւաւորէ
ու
բառերու
կրակին
մէջ
զանոնք
պիտի
նետէ
անոնց
գլխուն։
Աւելի
յաճախ,
մանր
մարդոց
մանրուկ
զգացումները
պիտի
փայփայէ
ու
օրուան
մանր
իրողութիւնները
պիտի
շպարէ,
բրինձափոշէ,
ու
պիտի
ոտանաւորէ
(թող
ներուի
այս
բարբարոս
բայց
այնքան
ալ
իրաւ
նորութիւնը)։
Կենալով
իր
միջավայրին
ճիշդ
կեդրոնին,
անիկա
պիտի
արտայայտէ
այդ
միջավայրը
առաւելագոյն
հարազատութեամբ,
սիրուելով
անկէ
ու
շփացուելով։
Բայց
պիտի
չայցուի
անհուպէն,
անտիպէն
որոնք
կը
խրտչին
արդէն
հասարակաց
հանդէսներէն:
Տխուրը
հոն
է
որ
մարդոց
դատաստանին
մէջ
շատ
անգամ
այս
դերասաններն
են
որ
կը
պատրեն
իրենք
զիրենք
ու
նաեւ
մեզ։
1880ին
դատարկաբան
յանգահան
մը
զուր
տեղը
չէ
որ
մեծ,
պսակաւոր
քերթող
մըն
է
որ
անհուն
ինքնաբաւութեամբ
մը
կը
կապէ
բառը
բառին,
կը
յարմարէ
յանգը
յանգին
ու
կ՚անցնի
սերունդին
պսակաւոր
բանաստեղծը:
Մինակ՝
չէ
մեղքը
իրը
«զի
կոյր
ծնցի»։
Այլ
մանաւանդ
մերը։
Այս
նկատողութիւնները
անհրաժեշտ
են
անունի
մը
հետ
որ
կէս
դարէ
ի
վեր
կը
նկատուի
հայ
բանաստեղծութեան
մէջ
«աննման»,
«անզուգական»
քերթողուհի.
—
տարազ՝
որուն
հաւատաց
յաճախ,
թէեւ
այցուելով
դժնդակ
տարակոյսներէ։
***
Կա՞յ
այս
կնոջ
տաղաչափեալ
գործին
մէջ
վաւերական
բանաստեղծը
յայտարարող
գոնէ
քանի
մը
տարր։
Այս
հարցումին
կը
պատասխանեն
յետագայ
էջերը։
Տիկին
Սիպիլ
մեր
բանաստեղծութեան
մէջ
իր
մուտքը
ըրած
է
բոցաճաճանչ
(flamboyant)
ռոմանթիզմով։
Ոչ
մեղք
եւ
ոչ
ամօթ
է
ասիկա։
Իր
պարմանութեան`
չարաշուք
իր
փառքին
մէջ
էր
դպրոցը
որ
մեր
գրականութիւնը
սպասարկեց
այնքան
թեթեւ
հոգիով
ու
մեզի
կտակեց
մեռած
քերթուածներու
անսովոր
մթերք
մը:
Չեմ
լայննար
գծելու
համար
պատկեր
մը
որուն
մեծ
գիծերը
արդէն
տրուած
են
ուրիշ
տեղ
(Ա.
Չօպանեանի
մէջ
Բանաստեղծը
)։
Սիպիլի
նախափորձերը
իբրեւ
նիւթ
ու
լեզու,
ոգի
ու
գործադրութիւն
զօրաւոր
կերպով
մը
ինկած
են
կնիքին
տակը
մեր
յապաղած
ու
թշուառ
ռոմանթիզմին։
Առ
Լուսին
վերտառուած
քերթուած
մը
որ
աւելի
յետոյ,
շկոտուած,
պիտի
մտնէ
Ցոլքեր
էն
ներս,
առաջնակարգ
փաստ
մըն
է
ոչ
միայն
այդ
օրերու
հոգեբանութենէն,
այլեւ
մեր
ռոմանթիզմէն
երբ
ասիկա
անցնէր
կին
խառնուածքէ
մը։
Լեզուական
յարդարանքը,
գրաբարին
ջարդը,
կարգ
մը
պոռացող
վիճակներու
սքօղումը
որոնցմով
դժբախտ
կտորը
կը
կարծէ
իրաւունք
ունենալ
երեւալու
1902ի
հատորին
մէջ,
կը
հասնին
ճիշդ
հակադիր
արդիւնքի:
Կարդացեք
«Ողջո՜յն
տամ
քեզ,
անհուն
սիրով,
ո՜
լուսնեակդ
իմ,
Առանձնակեաց,
տխուր
հոգւոյս
դու
մտերիմ,
Թէ
չըլլայիր
դուն
եւ
թէ
փափուկ
քո
այդ
շողեր
Չը
գըգուէին
տժգոյն
ճակատն
իմ
սըգաստուեր»…:
(1885)
չորս
տողը
որ
Ցոլքերո
ւն
մէջ
գտած
է
սա
կերպարանքը,
«Ողջոյն
կուտամ
անհուն
սիրով
քեզի՛,
լուսնակ,
Ո՛վ
մտերիմ
տխուր
հոգւոյս
իմ
միայնակ,
Թէ
չըլլայիր
դուն
եւ
շողերդ
այդ
փայփայուն
Չը
շոյէին
սլացքն
հոգւոյս
երազներուն»։
Ցոլքեր
(1902)
հասկանալու
համար
թէ
որքան
սխալ
զգացած
է
այս
կինը
նախ
ինքզինքը
ու
մանաւանդ
որքան
գէշ
սրբագրած։
Անիկա
չէ
կասկածած
թէ
քերթուածները
մեր
հոգեկան
պահերուն
հաւատարիմ
անդրադարձներն
են
ու
այդ
իսկ
հանգամանքով`
անձեռնմխելի:
Զանոնք
փոփոխելը
սրբապղծութիւն
մըն
է
աւելի
տրտում
քան
անոնք
ուրանալը
կամ
այրելը:
Վեր
կը
հանեմ
այս
անկարեւոր
նկատուող
կողմը,
ճիշդ
այն
պատճառով
որ
Տիկին
Սիպիլ
բանաստեղծութիւնը
պիտի
հասկնայ
միշտ
այս
հոգիով։
Քանի
մը
դպրո՛ց,
ուրեմն,
իր
մէջէն։
Որոնք
մեր
բանաստեղծութեան
վրայ
իրենց
կնիքը
կը
դնեն,
հակասելով
ստեղծման
իսկ
յղացքին
որ
անկախութիւնն
է
ամէն
բանէ
առաջ։
Մեր
ռոմանթիզմը,
ուրեմն։
Մեր
իրապաշտութիւնը
՝
որմէ
պայծառ
նմոյշներ
են
Ժանեակներ,
Դարավերջիկ
Հիւանդը,
Սօսիին
Տակ
եւ
ուրիշ
կտորներ։
Մեր
ընտանի
քերթողութիւնը
որ
նորափոխութիւնն
է
եօթանասունի
դպրոցին
պարագայապաշտ,
հանդիսանուէր
ու
ընկերական
ըմբռնողութեան,
եւ
որ
պիտի
վայելէ
իր
համակրութիւնը,
մանաւանդ
ալպոմական
զառածումով
մը։
Մեր
խորհրդապաշտութիւնը
որ
պիտի
տառապի
այդ
կնոջ
ճաշակին
բռնութենէն:
Ճիշդ
կէս
դարու
այս
տեւողութի՛ւնը,
ահա,
որ
կը
վիրաւորէ
անոր
խառնուածքը
իբր
քերթող
բայց
կ՚ընէ
շահեկան
անոր
գործը
ուր
հաւատարմօրէն
արձանագրուած
են
իրարմէ
տարբեր,
երբեմն
հակաճակատ
ըմբռնողութիւններ
կեանքէ
եւ
արուեստէ։
Սիպիլի
ռոմանթիզմը,
որուն
լայն
վերլուծումը
տրուած
է
վիպող
ին
մէջ,
ունի
իւրայատուկ
նկարագիրներ։
Երկինք
վերնագրուած
քերթուած
մը,
Լուսին
ին
հետ,
կուտայ
մեծ
կողմերը
այդ
օդակառոյց,
չըսելու
համար
օդաչու
հոգեբանութեան։
Իրերէն
դուրս,
վեր՝
ճախրանքի
սա
թարմութիւնը,
փրփրայնութիւնը,
մեր
իրապաշտութենէն
առաջ,
լաւագոյն
կեցուածքն
էր
բանաստեղծութեան։
Չեմ
ձգեր
կասկածի
տակ
խորքին
հաւանական
պարկեշտութիւնը:
Մեր
կեանքը
շինուած
նկար
մը
չէ
անծանօթ
արուեստագէտի
մը
ու
կախուած
մեր
օրերուն
առջեւ:
Անիկա
ունի
նման
պահեր
որոնց
մօտիկ
պատկերը
կուգայ
մեզի
այդ
վերնաթռիչ
հոգեբանութեամբ։
Յետոյ,
ժամանակին
հետ
Տիկին
Սիպիլի
փոփոխումները,
նորաստաց
կերպարանքները
բոլորովին
պիտի
չազատին
այդ
երկնայնութենէն։
Այնպէս
որ
անոր
ռոմանթիզմը
պարագայական,
ստացիկ
ըլլալով
հանդերձ
օտար
մը
չէ
իր
խառնուածքին:
Այս
հաւաստումը
աւելի
դժուար
կարելի
է
օրինակի
համար
Սէթեանին,
Պէրպէրեանին,
Չերազին,
նոյն
իսկ
Թէրզեանին
հետ,
որոնց
քերթուածները,
առանց
աճպարարութեան
կը
հակադրուին
խառնուածքներուն։
Տարիքը
պիտի
լրջացնէ
սա
խանդավառութիւնը,
բայց
պիտի
չհերքէ
հիմնովին։
Փորձել
է
անկարելին,
Սիպիլի
քերթուածներուն
մէջ
հաստատել
ջանալ
կատարեալ,
վաւերական
խառնուածք
մը
որ
տաղանդին
հետ
շփոթելի
շնորհ
մը
չէ:
Այլ`
այն
մասնակի
յարդարանքը
ջիղերու
որոնք
մեզ
կ՚անձնացնեն,
կը
բանաստեղծացնեն,
անկախաբար
մեր
գրելու
ընդունակութենէն։
Կը
յանձնեմ
ձեր
ուշադրութեան
Մ.
Պէշիկթաշլեանի
պարագան
որուն
խառնուածքը
առաջնակարգ
բանաստեղծ
մը
կը
յայտարարէ,
բայց
որուն
գործին
երեք
չորրորդը
վրիպանք
մըն
է:
Սիպիլի
գործին
մէջ
խառնուածքին
սա
ռոմանթիզմը
վերջ
ի
վերջոյ
կը
հաշտուի
գործին
երանգին:
Կը
կարծեմ
որ
անիրաւութիւն
պիտի
ըլլար
սպասել
այդ
տիկինէն
ինչ
որ
չէր
կրնար
տալ:
Դարձեալ,
կը
կարծեմ
թէ
ոչ
նուազ
անիրաւութիւն
պիտի
ըլլար
իր
տուածին
նկարագիրը
ձեւազեղծել
ու
անոր
քերթողութիւնը
պոլսական
խուզարկումի
մը
հաւասար
գտնել։
Ինչ
փա՛ստ,
որ
հակառակ
բոլոր
ծեքծեքումներուն,
փնտռտուքին,
իր
տաղարանը
այսօր
մեզի
կը
թուի
աւելի
հանդուրժելի
քան
Առաջին
Տերեւքը,
Արշալոյսին
Վերջալոյսը,
Ժպիտ
եւ
Արտասուքը.
գործեր՝
որոնց
ընթերցումը
ոչ
միայն
մեզ
չի
տպաւորեր
այսօր,
այլեւ
կը
նեղէ:
Քիչ
քիչ,
այդ
խառնուածքը
կը
ճշդուի։
Չեմ
ըսեր
կը
խորանայ:
Կեանքին
մեզի
բարդած
տագնապը
մեր
մէջ
քիչ
բանաստեղծ
կրցած
է
դիմակալել,
զայն
արուեստի
անփշուր
յատակի
մը
վերածելու
աստիճան։
Զուր
տեղը
չէ
որ
մեր
վաղամեռ
քերթողները
կը
համրուին
մեր
մեծերուն
մէջ։
Բանաստեղծութիւնը
երիտասարդական
պաշտօն
մը
չէ
անշուշտ
(fonction)
բայց
խորապէս
կ՚ախորժի
մեր
թարմութենէն։
Անոնք
որ,
մեր
բանաստեղծներէն,
տարիներու
այս
սրբազան
պաշտպանութենէն
զուրկ
եղան
եւ
քերթեցին
երկար,
–
Եղիշէ
Դուրեան,
Արշակ
Չօպանեան,
Սիպիլ
(չյիշելու
համար
երկրորդ
ռոմանթիքները
որոնք
բոլորն
ալ
սպառեցին
կեանքին
բոլոր
շնորհները)
չեղան
բախտաւոր
։
Այնպէս
որ
ստեղծագործ
աւիշին
տկարացման
հետ,
դիտող,
զննող
տուրքերու
ամրացումը
Սիպիլի
քերթողութեան
կը
բերէ
նոր
կերպարանք:
1890ին,
արդէն,
անոր
մէջ
կը
հասնի
իր
պտուղին
ինչ
որ
պիտի
կազմէր
անոր
տաղանդին
ամենէն
շքեղ
տուրքը
մեր
բանաստեղծութեան։
Ինչ
որ
իր
վէպին
մէջ
չհասաւ
իր
արդիւնքին,
պիտի
գտնէ
իր
կատարելութիւնը
անոր
շարք
մը
քերթուածներուն
վրայ:
Ատոնք,
թէեւ
այդ
օրերու
մտահոգութեանց
ենթակայ
խորք
մը
կը
ծածկեն,
բայց
իրենց
մշակման,
ոճաւորման
կերպին
մէջ
կը
ստանան
աւարտուն
(achevé)
նկարագիր
մը։
Անշուշտ
քիչիկ
մը
պատուելիութի՛ւն՝
այդ
փոքր
պատմումները
իրապաշտ
բանաստեղծութեան
իբր
նմոյշներ
դասաւորել։
Բանաստեղծութիւնը
իրապաշտ
չի
կրնար
ըլլալ
այն
իմաստով
զոր
ունի
բառը
վէպին
համար։
Բայց
չմոռնալ
որ
1890էն
յետոյ,
մինչեւ
1896,
մեր
մամուլը
լայն
կը
բանայ
իր
սիւնակները
ոտանաւոր
այդ
պատմութեանց
որոնք
քիչիկ
մը
զարդով
եւ
համեմջուրով
կը
վերածուին
քերթողութեան։
Կայսրութեան
շրջանն
է
պատմուածքին
։
Ու
մարդիկ
չեն
գոհանար
արձակ
պատմելով։
Տաղաչափուած
պատմութիւն
մը
աւելի
հով
կը
ստեղծէր։
Մնաց
որ
սեռը
ռոմանթիքներէն
ցյագ
փորձուելէ
յետոյ
(Ալիշան,
Նար-Պէյ,
Թէրզեան,
Աճէմեան)
պարտաւորուեցաւ
հպատակել
նաեւ
իրապաշտներու
մատներուն
(Չօպանեան,
Լեւոն
Սեղբոսեան)։
Սիպիլ
կաղապարի
տարաւ
պատմումը։
Համառօտուած
վիպակներ
են
մօտաւորապէս
կէսը
Ցոլքեր
ը
կազմող
կտորներուն։
Այս
գիրքի
ընթացքին
ես
չըրի
դասական
վերլուծումը
որեւէ
կարեւոր
գործի:
Բայց
լայնցայ
իւրաքանչիւր
հեղինակի՝
իր
ամենէն
յատկանշական
մէկ
կտորին
վրայ
ուր
ստեղծողը
որքան
անոր
շրջապատը
իյնային
բաւարար
հասկացողութեան։
Հետեւելով
այդ
սովորութեան,
կ՚առնեմ
անոր
ամենէն
արտայայտիչ
քերթուածներէն
մէկը,
Ժանեակներ
ը:
Պատմութիւնն
է
անիկա
կնոջ
մը
որ
կը
սիրէ
իր
առողջութենէն
աւելի
իր
ժանեակները։
Թատրոնին
մէջ,
Դեկտեմբերի
գիշեր
մը,
ժանեակները
ցուցադրելու
նանրամտութեան
մը
անձնատուր,
«
կը
մերժէ
առնել
մեկնոց
ուսերուն
».
կը
մսի
ու
կը
մեռնի,
կտակ
ընելով
թաղուիլ
ժանեակներով:
Երկու
երեք
տողի
վրայ
սպառող
այս
հասարակ
դէպքը
Տիկին
Սիպիլի
համար
անզուգական
առիթ
մըն
է
Ա.
—
Կնոջական
նկարագիրներ
(portrait)
կերտելու,
այնպէս
ինչպէս
ինք
կ՚ախորժէր
ընել
ատիկա։
Աղջկան
մը
Սիրտը
ին
Բուբուլը
չէ
սպառած
անոր
ախորժանքը
այդ
փցուն
բայց
նշուլագեղ
եղանակէն։
Կը
յօրինէ
այդ
յիմարին
մարմինը
ինչպէս
հոգին,
արագ,
հպանցիկ
տողերով,
բայց
կը
ծանրանայ
այդ
ոչնչութիւնը
ծածկող
արդուզարդին
արտահանումին։
Քերթուածին
64
տողերէն
մօտաւորապէս
քառսունը
նուիրուած
են
այդ
պատրանքը
նկարագրելու,
արդարացնելու
համար
կարծես
վերնագիրը։
Կիներու
սա
նկարները,
այդպէս
յարդարուն,
անբնական
որքան
կեղծ,
նկարչական
նպատակներու
ալ
չեն
ծառայեր
սակայն,
որպէսզի
իրենց
հոգեղէն
յօրինուածութեան
սնոտիքը
արդարացնեն։
Չես
գիտեր
ինչո՞ւ,
այդքան
սնդուս,
ժանեակ,
այդքան
նրբամաղ
ածականներ,
այդքան
մեծ
ու
շռնդալից
բառեր
կը
դիզուին
իրարու
վրայ
որպէսզի
մեր
միտքին
մէջ
աղօտանայ
ճշմարիտ
կնոջ
մը
թելադրանքը։
Իր
ժանեակներու
սիրոյն
մեռնող
կինը,
վէպի
մը
հերոսուհի՜ն,
զզուանքի
տարտամ
զգացում
մը
կը
ստեղծէ
մեր
մէջ,
դեռ
առաջին
իսկ
տողերէն,
ու
կը
վերածուի
քերթուածին
մարմինին
մէջ
շինծու
կնոջ
մը։
Ու
հոս
է
դժբախտութիւնը։
Տիկին
Սիպիլի
համար
քերթողութիւնը
զբաղում
մըն
է
ուրիշ
աշխարհէ
ուր
մտնողը
պէտք
է
մերկանայ
ինքիրմէ,
հագնի
այդ
աշխարհին
ծիրանին
ու
զգայ
այդ
անիրական
ոլորտին
մէջ։
Անշուշտ
ասիկա
հարկադրանքն
է
խորշանքի
մը
որ
իրապաշտութեան
նուէրն
էր
այդ
օրերուն։
Սեղբոսեանի,
Աճէմեանի
քերթուածներուն
անկանգնելի
իրականութիւնը,
ոտանաւոր
պատմութեան
հիւանդութիւնը
զինքը
տարին
հասկնալի
հակազդեցութեան
մը
բայց
չազատեցին
զինքը։
Քերթուած
մը
հոգի
է
ամէն
բանէ
առաջ։
1890ին
ասիկա
հասկնալի
պատգամ
մը
չէր
դժախտաբար,
քանի
որ
իրապաշտներուն
ըմբռնողութիւնը
ճիշդ
հակառակ
պատգամը
պաշտպանեց:
Բ.
—
Անսրբագրելի
իր
ռոմանթիզմին
մէջ
թաւալելու:
Չեմ
կրկներ
ինչ
որ
ըսեր
եմ
իր
վէպին
մէջ,
այդ
ռոմանթիզմը
դատելու
ատեն։
Ինչ
որ
կ՚աւելնայ,
քերթուածին
հետ
զուգորդ
պայմաններուն
բարդածն
է
պատմումին
վրայ:
Իր
բառարանին
ամենէն
շքեղ,
ցոլացիկ,
նրբահիւա
զարդերը։
Իր
իմաստասիրութիւնը՝
այս
անգամ
իր
դժբախտ
մերկութեան
մէջ,
երբ
իբրեւ
կին
անիկա
այդ
մարմինին
ժանեկահիւս
պչրանքը,
ասոր
ստեղծած
ցուրտ
զմայլանքը,
այս
սառնակառոյց
պուպրիկին
մէջ
հոգի
մը
զետեղելու
իր
փորձը
ու
ասոր
անկանգնելի
նանրութիւնը,
ոչնչութիւնը
կը
բարձրացնէ
իր
իսկ
հոգեբանութեան։
Չեմ
երթար
առաջ,
այս
տրտում
պատկերին
մէջ
տեսնել
յամառելու
զինքը,
պոլսուհին,
որ
աշխարհը
զգաց
զարդին
ու
փոշիին
ընդմէջէն,
ու
իր
տաղանդը
կրեց
իբրեւ
յաւելուած
մը
իր
մարմինին
երեսները
լուսաւորելու
կանչուած:
Ասիկա
անգթութիւն
մը
պիտի
ըլլար։
Բայց
չմոռնալ
որ
նոյն
ատեն
իր
տաղարանին,
բոլոր
կիները
այս
մշուշին
մէջէն
այլագունած
կ՚երեւին
մեզի։
Ուրիշ
կին
մը
չէ
Դարավերջիկ
Հիւանդը
ին
հերոսուհին
որ
կը
նախընտրէ
մահը`
խոցահար
դէմքով
մը
ապրելէն։
Ուրիշ
չէ
Մենաստանին
Կոյսը
ին
երազամոլը
եւ
միւսները։
Այս
վիճակի
ռոմանթիզմը
նոյնացած
է
անոր
իրականութեան։
Գ.
—
Նկարագրելու,
բայց
մանաւանդ
արտաքին
թերթերը
մեր
մարմինին,
—
զգեստ,
գոյն,
շպար,
պզտիկ
գեղորներ,
ժպիտ
ու
կուրծք,
նայուածք
ու
հով,
—
որոնք
բոլորը
մէկ
մենք
կը
հանենք
մեր
մէջէն
ու
կը
նետենք
մեր
ձեռքին
տակ
սպառելու
դատապարտուած
էակին։
Այս
նկարագրամոլութեան
թէքնիքը
Տիկին
Սիպիլի
մօտ
կ՚ըլլայ
առանձին
գիտութիւն,
դպրոց,
թերեւս
իր
համբաւին
ալ
առաջին
գահաւորակը
Ու
չի
նմանիր
անիկա
Չօպանեանին
եղանակին
որ
նոր
ըլլալու,
տարբեր
զարնելու
մեծ
մտահոգութեամբ
մը
կը
տագնապի։
Սիպիլի
համար
հեշտանք
մըն
է
այդ
աշխատանքը,
արուեստին
լրումը,
այնքան
որ
անիկա
պիտի
մոռնայ
էականը,
անխուսափելին,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
լաթերուն
տակ
գոյ,
միակ
իրականութիւնը,
միսին
ու
հոգիին
ահաւոր
իրականութիւնը։
Քառասուն
տող
պիտի
տայ
անիկա
նկարագրելու
այդ
կնոջ
արտաքին
յարդարանքը։
Քերթուածը
ամբողջացնող
մնացեալ
քսան
ու
աւելի
տողերն
ալ
ապրում
չեն
դարձեալ,
այլ
նկարագրութեան
մօտիկ
պատկերներ։
Կ՚ուզէ՞ք
նմոյշ
մը.
«Եւ
ժպիտ
մ՚ալ,
չըքնաղ
փթթում
մը
վարդի
Կուգար
բանալ
շըրթունքներուն
իր
թերթեր,
Ինչպէս
արեւն
իր
ըզգեստովը
զարդի,
Որուն
առջեւ
կը
բացուին
այգն
ու
եթեր»:
Տեսաք
բացուող
շրթունքները։
Ձեզի
կը
ձգեմ
տեսնել
շարունակուող
նկարագրումը
զարդազգեստ
արեւին։
Այս
ծեքծեքումին,
նկարագրելու
համար
նկարագրումին
մէջն
է
ամենէն
խոցելի
կողմը
այս
բանաստեղծութեան,
անոր
ամենէն
շուտ
հինցող
մասը
որ
հեղինակին
ողջուցը
թափած
էր
արդէն։
Դ.
—
Նրբանալու,
որ
արուեստի
տառապագին
խղճահարութիւն
մը
չի
պատմեր
դժբախտաբար,
այլ
ըսելիք
չունեցող
միտքի
մը
մանուածուտ
շրջուածքը`
իր
քիչիկ
մը
գաղափարին
վրայ,
ածականներով,
վերադիրներով,
ընտիր,
փափկահնչիւն
ձայներու
հանդէսով
տպաւորելու
աններելի
թեթեւամտութիւն
մը։
Իր
հետեւորդները
որոնք
fureur
պիտի
ընէին
մանաւանդ
մինչեւ
1910,
զեղծանեցան
այդ
սրբապղծութեամբ
ու
տուին
մեր
բանաստեղծութեան
ահաւոր
հարուածը։
Անունները
աւելորդ
են:
Միսաք
Մեծարենցի
գործին
կէսէն
աւելին
իր
մեղքը
կը
պարտի
այս
դժբախտ
ճաշակին։
Անշուշտ
ինք
չէ
մինակ
մեղաւորը
ճաշակի
սա
զառածումին։
Սեռը,
ինչպէս
անոր
մշակումը
այդ
օրերուն
փնտռուած,
ապսպրուած
տաղաչափութիւնն
է
օրուան
կեանքին,
որ
միայն
քրոնիկները
չի
վերդասեր
Արփիարեանին
կամ
իրապաշտներուն,
այլ
կարգախօս
ի,
ինչպէս
դիտել
տուի
վերը։
Հրապարակին
վրայ
յաղթական
իրապաշտութի՛ւնը
դարձեալ,
որ
իբր
երիտասարդ
շարժում,
պիտի
քաջալերէ
այս
բանաստեղծական
խաթարումը,
քանի
որ
անոր
վարիչներուն
տրամադրութիւնը
որքան
հասկացողութիւնը
ճշմարիտ
բանաստեղծութենէն՝
այսօր
գաղտնիք
չէ
մեզի։
Եղիայի
դէմ
դպրոցին
անհայտ
կեցուածքը
թաքուն
զսպանակը
ունի
սխալ
սա
ըմբռնումին։
Արփիարի
առիթով
ես
շեշտեցի
թէ
որքան
քիչ
կշիռ
ունէր
իրենց
համար
բանաստեղծութեան
բուն
ձեւը,
քնարականը,
երբ
մեր
գրականութեան
պատմութեան
ուրուագիծին
մէջ
նոյն
Արփիարը
Դուրեանին
չորս
հինգ
տող
միայն
կը
գտնէ
ըսելիք,
Ռուսինեանի
քանի
մը
հարիւրին
դէմ։
Ասիկա
հետաքրքրական
հաստատում
մը
չէր
այն
ատեն։
Ասիկա
ճաշակի
մը
վաւերաթուղթն
էր
դժբախտաբար:
Բանաստեղծ
ծնած
այս
կինը,
այդ
օգտապաշտ
մարդոց
ցուցմունքին
տակ,
անզգալաբար
որքան
անգիտակցաբար,
շեղեցաւ
ինքիրմէ,
ու
տաղաչափեալ
պատմութիւնները
շփոթեց
ստեղծումին
հետ։
Իր
Առ
Լուսին
ը,
հակառակ
բոլոր
ոսկեծղի
ռոմանթիզմին,
իբր
խառնուածքէ
բխում
մը
աւելի
արժէքաւոր
կտոր
մըն
է
քան
Դարավերջիկ
Հիւանդը
։
Չափազանցած
չեմ
ըլլար
եթէ
յայտնեմ
որ
դպրոցին
այս
անզգածութիւնն
էր
հեղինակը
սա
կնոջ
զառածումին։
Պատմող,
նկարագրող,
նրբացող,
կենդանագրող
սա
թէքնիքը,
ուր
կը
ծանրանան
տակաւին
մեղքերը
արձակ
քերթողութեան,
պառնասեան
առասաններուն,
մեզայատուկ
ռոմանթիզմի
մը
կտակուած
փոքր
խաղերուն
մրուրն
ու
փշրանքները,
Տիկին
Սիպիլ,
գէթ
իր
առաջին
շրջանին,
ջանաց
ամոքել
կանացի
քաղցր,
հեշտ
ու
փափուկ
զգայնութեան
մը
տուրքերով,
իրական
որքան
արժէքաւոր,
բայց
որոնց
խնայուեցաւ
պատեհութիւնը
իրենք
զիրենք
իրագործելու:
Կառոյցին
մէջ
որ
անոր
որեւէ
քերթուածն
է,
այդ
զգայնութիւնը
սրբազան
բուրումի
մը
պէս
կը
թրթռայ
ու
կ՚օծէ,
բայց
չի
կրնար
ազատել
ամբողջութիւնը:
Ժամանակը,
դպրոցին
պահանջները,
շողոմը
որ
կը
յորդէր
իր
շուրջը,
խղդելու
աստիճան
իր
բնազդական
ողջմտութիւնը,
իր
կեանքին
պարագաները,
ամենէն
առաջ։
Ասոնք
իրենց
բաժինը
ստանալէ
վերջ
միայն
պիտի
տեղ
բանան
անոր
խոր,
ներքին,
իրական
ակէն
ալ
հոսածին։
Այս
է
պատճառը
որ
անոր
ամէն
քերթուածը
անպայման
վիրաւոր
է
իր
շատ
մը
մասերուն
մէջ։
Գլուխ-գործոց
մը
նկատուող
մեծ
բանաստեղծութիւն
մը,
Անցնելու
մօտ,
իր
առաջին
16
տողերուն
մէջ
հասարակ
նկարագրութիւն
մըն
է
արշալոյսի,
սկսող
գեղեցկութեանց,
ու
ինչ
սուտ,
ծուռ,
սխալ
դիտողութիւններով
յօրինուած։
Յետոյ
ուրիշ
չորս
տող
որպէսզի
հերքուին
ատոնք։
Յետոյ
նորէն
նկարագրութիւն,
այս
անգամ
վերջալուսային,
մեռնող,
անցնող
գեղեցկութիւններու,
միշտ
նոյն
առատ,
անշրջագիծ
ընդհանրութեամբ
մը։
Հազիւ
ամբողջ
կազմին
մէկ
երկու
կամ
երեք
տող
ուր
մեզի
տրուէր
զգալ
իր
սրտին
տրոփիւնը։
Անշուշտ
այդ
տողերը
հարազատ
բանաստեղծութիւն
են:
Բայց
երկու
ծաղիկով
նոր
չէ
որ
գարուն
չի
գար:
Չորս
տող`
քառասուն
եւ
չորսէն:
Տխուր
է
այս
խոստովանութիւնը։
Ալ
ձեզի
կը
ձգեմ
մօտենալ
իր
սովորական
քերթուածներուն,
ալպոմական,
հանդիսական,
հայրենասիրական,
եւ
այլն
եւ
այլն:
Կարդացէք
իր
Ողջոյն
ը
հայոց
լեզուին,
հասկնալու
համար
այս
եղերական
պայքարին
ծանրութիւնը
զոր
անոր
զգայնութիւնը
ու
անոր
ստացիկ
ախորժակները
կը
մղեն
իրարու
դէմ։
Ինչ
տրտմութիւն
որ
անոր
չշնորհուեցաւ
ոչ
մէկ
անգամ
բացառիկ,
բացարձակ
յաղթանակ
մը
իր
մէջ
ամրախարիսխ
սալոնի
տիկինին
դէմ։
Պէշիկթաշլեան,
իրեն
պէս
պսակաւոր
քերթող,
գէթ
ութը
տասը
անգամ
յաղթական
մնաց
շրջանին
սնոտիքին
դէմ
ու
ինքզինքը
եղաւ,
վճռական
ու
բացարձակ։
Սիպիլ
չունի
քերթուած
մը
որուն
մասին
նման
փառք
մը
կարենային
արձանագրել:
Եւ
սակայն
ոչ
ոք
պիտի
կասկածի
խորութեանը
զգացումին
կնոջ
մը
որ
մօտ
քառասուն
տարի
հայ
լեզուն
սիրեց
ու
սիրցուց
հազարաւոր
տղոց,
ասոր
հրապոյրը
գիտցաւ
ճաշակել,
իր
մէջ
փայփայել
ճշմարիտ
գորովով,
կնոջ
մէջ
միայն
կարելի
սրտազեղումով։
Արդի՞ւնքը։
—
Պատեհապաշտ
ու
տժգոյն
քերթուած
մը։
Ասիկա
հակասութիւն
մը
չէ,
այլ
ճշմարիտ
տագնապը
անոր
արուեստին։
Ընդլայնելով
վերլուծումը,
երբ
ուզենք
իր
տաղարանէն
կին
մը
հանել,
այսինքն
սիրտ
մը,
որ
աշխարհին
դէմ
բռնուած
հայելի
մըն
է
վաւերական
քերթողներուն
համար,
կամ
ներքին
աշխարհի
մը
խորքերը
մեզի
փոխադրող
ուրիշ
մոգական
տախտակ
մը,
կը
մնանք
շփոթ
ու
տրտմահար։
Իր
վիպակներուն
մէջ
ինծի
դժուար
չեղաւ
մէկը
տեսնել
։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
անոր
կիները
մեզամօտ,
երբեմն
աղօտ
երբեմն
խոր
գծագրութեամբ
պատկերներ
չէին
միայն:
Տիկին
Սիպիլ
անոնց
իւրաքանչիւրին
մէջ
դրած
էր
մաս
մը
բան
թէ՛
իրմէ
թէ՛
դուրսէն։
Այս
ներդաշնակ
միախառնումը,
իբրեւ
իրականութիւն,
գոհացուց
զիս։
Ա՛լ
չփնտռեցի
արուեստին
այլապէս
բարդ
պահանջները:
Նման
փորձ
մը
իր
ոտանաւորին
համար
սահմանուած
է
ձախողանքի,
վասնզի
այդ
միախառնումը,
երկու
աշխարհներուն
իրարու
վերածումը,
կեանքին
մէջ
չէ
եղած
որպէսզի
ըլլայ
արուեստին
մէջ։
Այդ
ոտանաւորները
անշուշտ
մեզի
կը
թելադրեն
ուրուաստուեր
մը
բայց
որքան
անշահեկան։
Մարդը
վկայութիւն
մըն
է
շատ
խորունկ
բաներէ։
Սէր,
ցաւ,
տառապանք,
արցունք,
ուրախութիւն,
երազ,
սլացք:
Այո՛։
Ասոնցմէ
անդին
ալ։
Այսինքն՝
հրդեհ,
արբշռութիւն,
քայքայում,
ինքնաջահում,
մահ։
Որոնք
գիրքերու
մէջ
բառ
ըլլալէ
առաջ
մարդոց
որդիներէն
ոմանց
ճակտին
գրուած
հրամայականներ
են։
Հաւաքեցէք
Սիպիլի
տաղերէն
անոնք
որոնք
կը
թուին
մօտենալ
այս
մռայլ,
արնաշառայլ
հանդէսին։
Դարավերջիկ
Հիւա՞նդը
։
Որ
կը
մեռնի
իր
միսին
կրծուած
պատկերին
կսկիծովը:
Բայց
այդ
կսկիծը
պահ
մըն
է
միայն
այդ
քերթուածին
մէջ։
Անկէ
առաջ՝
քերթուածը,
փցուն
ու
նրբանուրբ
զանակներու
ալպոմ
մը։
Այդ
բանաստեղծուհին
չեմ
մեղադրեր
ողբերգականի
զգայարանքէն
զուրկ
ըլլալուն
համար։
Կը
մեղադրեմ
ողբերգականը
թելադրելու
իր
կերպը
որ
զարդականն
է,
շպարայինն
է,
ժանեակներունն
է։
Սիպիլի
տաղարանէն
կին
մը
կ՚ելլէ
անշուշտ։
Բայց
որքան
ճիղճ`
իբրեւ
հոգի։
Բաղդատել
այդ
հոգին
Տիկին
Եսայեանի
այլապէս
խռովիչ,
կիրքերու
սլաքներուն
տակ
խենթեցած
հոգիներուն,
պարապի
վրայ
աշխատանք
մը
չի
նշանակեր։
Բայց
բաղդատել
այդ
հոգին
հոգիներուն
հետ
անոնց
որոնք
յայտնուեցան
Նոր
Տաղերուն,
Հրաշալի
Յարութիւնին,
Հեթանոս
Երգերուն
մէջ,
բացատրել
է
իմ
վերապահումիս
ամբողջ
ծանրութիւնը։
Տիկին
Սիպիլ
թէքնիքի
վկայեալ
արհեստաւոր
մըն
է,
ըլլալէ
առաջ
իր
աշխարհին
ինքնատիպ,
զարտուղի,
յանդուգն,
այլամերժ
ճարտարապետը։
Անշուշտ,
խորքին
դէմ
իմ
այս
ժխտական
տրամադրութիւնս
կը
մեղմանայ
երբ
կը
մօտենամ
իրմով
մեր
ոտանաւորին
հասած
բարիքին։
Այս
տեսակէտէն,
անոր
վաստակը
նման
է
Արշակ
Չօպանեանի
վաստակին։
Միայն
Սիպիլի
յաւելումները
կը
սահմանափակուին
լեզուական
ճշդումներու,
կիրթ,
վայելուչ,
քիչ
մը
շատ
քաղքենի
ճաշակի
մը
սպասարկու:
Մեր
ոտանաւորին
—
տողը
ունիմ
նկատի
—
մարմինը
կը
նրբանայ,
կ՚ողորկի,
կը
փափկանայ
իր
պարիկի
մատներուն
տակ:
Այդ
ոտանաւորին
կերպընկալ
առաքինութիւնները
կը
զարգանան։
Իրմով
է
որ
լեզուական
միօրինակ,
անթերի,
կոկ
ու
նշուլազարդ
տարազ
մը
պարտադիր
կը
դառնայ
բոլոր
մուսան
դարպասողներուն:
Ու
ասիկա
պզտիկ
բարիք
մը
չէ
երբ
նկատի
առնենք
խառնակ
զգեստը
որով
կը
հագուէին
մեր
ոտանաւորները
իրմէ
առաջ։
Ինքն
է
որ
ա՛լ
անկարելի
կ՚ընէ
գրաբարին
անդրագոյն
ոտնձգութիւնները
մեր
բարբառէն
ներս,
ու
կը
փրկէ
անձայն,
խուժ
տողերու
հանդէսը
որ
բանաստեղծութիւն
կ՚որակուէր:
Իր
օրինակը
վարակիչ
եղաւ:
Միւս
կողմէն,
կիները
նոր
չէ
որ
ձեւի,
չափի,
գոյնի,
վայելչութեան
զգայարանքը
պիտի
շփոթեն
մութ,
խառնակ,
խոր,
ինքնատիպ,
թելադրական,
քիչիկ
մը
ահազդու
կառոյցներուն
հետ,
ու
պիտի
մնան
կողմնակից
առաջիններուն։
Արժանի՞ք։
Ինչո՜ւ
չէ,
երբ
ընդունինք
սակայն
թէ
ատոնց
պակասովն
էր
որ
իրմէ
առաջ
մարդիկ
քերթող
կ՚անցնէին։
Օրինա՞կ:
Բայց
տասնով,
քսանով։
Սատանայ
մը
կը
փսփսայ
ականջիս.
—
«Բանաստեղծի
մը
արժանիքը
իր
զարտուղումին
մէջն
է,
տղա՛ս»:
Ու
մեր
աշխարհին
վրայ
սատանաները
միշտ
աւելի
իրաւ
ըսին։
Կը
խորհիմ
թէ
Սիպիլի
մօտ
ձեւին
խնամքը,
ասոր
յանձանձումին
մէջ
իր
տիրապետող
շնորհները
հետզհետէ
պիտի
գրաւեն
առաջին
տեղը,
երրորդական
բլանի
նետելով
զգացողութիւնը,
առանց
որու
քերթուած
մը,
որքան
ալ
ժանեկազարդ,
պաղ
մարմին
մըն
է,
նման
իր
հերոսուհիին
որ
դագաղի
մէջէն
իր
ժանեակները
ցուցադրելու
չափ
յիմար
պիտի
ըլլար:
Իր
ստեղծագործութեան
համար
տկարութեան
այս
ազդակը
դժբախտաբար
չգոհացաւ
իր
աւերովը
անոր
գործին
վրայ:
Մեր
բախտէն,
անիկա
դպրոց
պիտի
կազմէ։
Արդարեւ
վաւերական
բանաստեղծութեան
տագնապը
որ
քառորդ
ու
քիչ
մը
աւելի
դար
տիրական
է
մեր
հրապարակին
վրայ,
զուգադիպութիւն
մը
չէ
Տիկին
Սիպիլի
գերագահութեան:
Պատճառ-արդիւնքի
սոփեստութիւնն
ալ
բան
մը
չապացուցաներ։
Իրողութիւնը
այն
է
որ
արուեստին
համար
կրակ
զգացողները
պիտի
այցուին
մեծ
համբաւէն
այդ
«անզուգական»
քերթողուհիին,
ու
պիտի
յարդարեն
իրենց
տրամադրութիւնները
այդ
ազդեցութեան
լոյսերովը։
Զուր
տեղը
չէ
որ
ամբողջ
բանակ
մը
երկրորդական,
չորրորդական
տաղաչափներու
պիտի
զինաւոր
ունի
իր
դրօշին
տակ,
ու
պիտի
պայքարի
իր
նշանաբաններով։
Անոնք
որ
Մեծարենցը
ուրացան,
Սիպիլով
կը
սպառնային
մեր
բանաստեղծութեան։
Ու
ինքը,
անզուգական
քերթողուհին,
իր
վա՞րկը
պաշտպանելու
մեղապարտ
հոգիով
թէ
իր
անհասկացողութեան
արդար
ցուցմունքովը,
երբ
մերժեց
Ծիածան
ին
իրմէ
խնդրուած
յառաջաբանը,
չէր
կասկածեր
թէ
կշիռ
տուած
կ՚ըլլար
իր
քերթողութեան
տեսակարար
արժէքին։
Այնպէս
որ
անիկա
պէտք
է
այն
դպրոցին
որ
ամէն
ժամանակներու
մէջ
ալ,
միշտ
տիրապետած
է
հրապարակին,
պոռացած,
դիւցազներգած
իր
հանգանակները,
փառքը,
ատելութիւնները,
աղմկած
ու
սոնքացած
է
չտես
հոգիով
մը
ու
պատժուած
չարաչար:
Ու
հոս
է
առեղծուածը։
Ո՞ր
սատանան
կը
միջամտէ
երբեմն,
որպէսզի
մենք
մեր
տաղանդը
ոտնակոխենք
(Րէնպօ,
Չրաքեան,
Զարեան)
ու
հերքենք
զմեզ։
Տխուր
հարցում։
Բայց
դժուար
այս
պատասխանը
չի
փրկեր
միւս
հարցումն
ալ.
ո՞ր
սատանան
կը
միջամտէ
որպէսզի
մենք
հաւատանք
մեր
արժէքին,
երբ
որոշապէս
չափած
ենք
անոր
տարողութիւնը,
ու
շարունակենք
շրջապատին
պատրանքը
հագնիլ,
մեր
ամօթը,
կորանքը
մեզմէ
ծածկելու
մեր
ջանքին
մէջ
նպաստ
մուրալով
մեզի
մատուցուած
ծափէն,
ողջոյնէն
ու
խունկէն։
Հարցուցէք
ասիկա
Շիրվանզադէին,
Իսահակեանին,
Չօպանեանին։
Բանաստեղծական
համբաւը
ողբերգութեան
մը
չափ
դառնութիւններ
ու
մոխիր
կը
ձգէ
երբեմն
մեր
հոգիին
խորը։
Ցոլքեր
ը
գիրք
մըն
է
որ
այս
չարիքին
բոլոր
երեսները
կը
պահէ
իր
կողերուն
տակ:
Անիկա
հաւաքածոյ
մըն
է
(նկատի
ունիմ
անկէ
դուրս
մնացած
քերթուածները
մանաւանդ
որոնք
մայր,
առաջին
հատորիկին
կը
համեմատի
այնպէս
ինչպէս
կը
համեմատի
մեր
յիսունը՝
մեր
քսանին
կամ
երեսունին,
մարմնական
ուժի
եւ
շնորհի
գետինէն)
ուր
դպրոցին
բոլոր
թերութիւններն
առատօրէն,
ու
արժանիքները`
նիհար
բաժինով
մը
իրարու
կը
բարդուին։
Ներշնչման
պակասը
(բառին
տալով
անխառն,
անշահախնդիր
իր
տարողութիւնը
երբ
մենք
կը
հալածուինք
մեր
գործէն
եւ
ոչ
թէ
կը
հալածենք),
հակառակ
իր
ծպտումին
չի
յաջողիր
պարտակել
ինքզինքը։
Այդ
քերթուածները
ոտքի
հանող
ուժը
յաճախ
քմայք
մըն
է,
քրոնիկի
մը
ողնայարը
կազմելիք
դէպք
մը,
սնապարծութեան
խուլ
առիթներ,
եւ
կամ
աւելի
տրտում
թելադրանքներ:
Չունէ՞ր
ըսելիք։
Լրբութիւն
պիտի
ըլլար
կեանքին
պարզագոյն
հոսումը
այսպէս
արհամարհել,
արուեստի
համար
(կամ
հոն
օգտագործելի
նիւթերու
համար)
զատ
աշխարհ
մը,
զատ
ջղային
դրութիւն
մը
պահանջել:
Մեծ
կամ
միջակ,
փոքր
նիւթեր
չունին
գոյութիւն։
Այն
ատե՞ն:
Բայց
իր
գիրքին
կեանքէ
աղքատութիւնը
ուղիղ
հետեւանքն
իսկ
է
իր
կամքին։
Թուելի՝
իր
միջավայրին
ու
պայմաններուն։
Աւելի՝
ասոնց
դէմ
իր
մեղապարտ
խոնարհումին։
Նոյն
պայմանները,
նոյնքան
ու
քիչ
մը
առաւել
դաժան
խստութեամբ
ի
զօրու
էին
1870ին։
Բայց
Իւսկիւտարցի
պատանին
իր
քերթողութիւնը
պաշտպանեց
անոնց
թաթէն
կամ
սոսինձէն,
ամբոխին
վայելումին
համար
իբր
ճարակ
նետելով
իր
ողբերգութիւնները,
ու
ոտանաւորը
պահելով
իր
իսկ
ներշնչումներուն:
Ու
զուր
տեղը
չէ
որ
ամէն
մարդ
Դուրեան
մը
չէ։
Տիկին
Սիպիլ
անշուշտ
Լճակ
ի
երգիչէն
աւելի
կատարելագործուած
արուեստ
մը
ունի։
Ըսել
կ՚ուզեմ`
աւելի
լաւ
գիտէ
օրէնքները,
ձայներուն
աստիճանները,
յանգերուն
խաղը
եւ
բոլոր
սնոտիքը
որով
գիրքերը
կը
յաւակնին
մեզմէ
բանաստեղծներ
յարուցանել
։
Բայց
չի
գիտեր
էականը.
ինքզինքը
ըլլալու
պարզ
որքան
դժուար
պատուիրանը։
Բառերու,
դարձուածքներու
տարապայման
խնամք։
Ձայներու
ի
խնդիր
ճլուըլուն
խաղեր։
Բառարաններու
անխոնջ
խուզարկում`
որպէսզի
որսանք
հազուագիւտ
տարրեր:
Մասնակի
հոգածութիւն
մը
այն
ամէն
բաներու
դէմ
որոնք
մեր
ականջները
կը
գինովցնեն,
մեր
աչքերը
կը
շլացնեն,
մեր
միտքին
միջին
փառասիրութիւնը
կը
գոհացնեն։
Այո՛։
Այս
ամենուն
մէջ
ու
հետ,
Տիկինին
բանաստեղծութիւնը։
Բայց
որքան
քիչ
քնարական
յոյզ։
Ո՞ւր
է
դրեր
այս
աղջիկը,
այս
կինը,
այս
մայրը,
այս
հայուհին
իր
սիրտը
երբ
կ՚անցնի
իր
սեղանին
ու
կը
մտադրէ
գրել
քերթուածներ
որոնք
Թիթեռնիկ,
Յուշեր,
Իտէալը,
Հէք
Յիմար
Կին
կ՚անուանուին,
յիշելու
համար
ամենէն
տիպարային
յաջողմունքները
նուրբէն,
անարիւնէն,
հովէն,
ծփանքէն,
աննիւթէն,
անկայունէն,
անիրաւէն:
Չէ՞
դողացած
այս
կինը
տագնապանքին
առջեւ
ահաւոր
երեւոյթին
որ
մեր
գլխուն,
կուրծքին,
ոտքերուն,
հոգիին
փաթթուած
անամօթ
ցանց
մըն
է
զրկանքի
ու
տառապանքի:
Ո՞ւր՝
ինչ
որ
մենք
արեւէն
կ՚առնենք
ու
կ՚անցնենք
մեր
միսերուն
մէջէն,
կազմելով
մեր
բոցը
նախ
մեր
շուրջը
երբ
երիտասարդ
աղջիկ
ենք
կամ
կին
ու
կը
խռովինք
մեզմէ
դուրս
աշխարհ
մը
անտես
լարուածքով
ջիղերու
ու
կը
ստեղծենք
հրդեհ
ու
արիւն:
Ո՞ւր`
ինչ
որ
յատկանիշը
կազմեց
յաւիտենապէս
իգականին,
զոր
բանաստեղծները
կ՚երգեն
բայց
չեն
նուաճեր:
Որ,
Տիկին
տը
Նոայլի
տաղարանին
մէջ
մերկութեան
մը
նման
կը
զարնէ
կարդացողը
ու
թաւիշի
մը
պէս
կը
գգուէ
անոր
հոգին,
եռացնելով
անոր
ջիղերուն
բոլոր
թակոյկները
սրբազան
հեղուկովը
աստուածներու
ըմպելիին։
Կարելի
է
երկարել
այս
հարցումները:
Այս
ամենէն՝
ստուեր
ու
փշրանք։
Ու
այս
ամենուն
տեղ՝
պչրանք
ու
սեթեւեթ,
զոր
այսպէս
տարազելու
դեռ
կը
վարանինք
վասնզի
մեր
ալ
զգայնութիւնը
հաղորդ
է
այդ
ամենուն,
վարակուած
է
անոր
ժահրովը:
Չափ
ու
ճաշակ։
Որոնք
երբ
չեն
կարգաւորեր
անյաղթ
յորդութիւններ,
պոռթկումներ,
կը
թուին
այնքան
անբնական:
Ոչ
մէկ
առարկութիւն
այդ
լեզուին
դէմ։
Բայց,
ըսեր
եմ
տեղ
մը,
—
հեղինակի
մը
լեզուէն
միայն
բարիք
կարենալ
խօսիլ,
զայն
կործանել
է
գրեթէ։
Բոլոր
անոնք
որոնք
մեր
գրականութեան
մեծ
գործերը
կարդացեր
են
իրենց
ընկալուչ
պատանութեան
օրերուն,
տրտմութեամբ
կը
համակուին
երբ
կը
կրկնեն
այդ
փորձը
շատ
աւելի
վերջը,
հասունութեան
շրջանին։
Սիպիլին,
ինչպէս
ժամանակակից
քերթողներու
համար,
ճակատագիրը
տարբեր
չէ։
Դժուար
է,
առանց
դառնութեան,
աւարտել
Արշակ
Չօպանեանէն
քերթուած
մը
որուն
հրապոյրը,
պատանութեանդ
ոսկի
լարերուն
վրայ
հնչեր
էր
այնքան
սրտառուչ։
Փոխուո՞ղը:
Մե՞նք
թէ
քերթողը։
Բանաստեղծութիւնը
իբր
յարգանիշ
ունի
իր
անփոփոխելիութիւնը։
Դուրեանին
Լճակ
ը
մեղաւոր
էր
այն
մեղքերով,
իր
ծնունդին
իսկ,
որոնք
այսօր
ալ
չեն
վերածուած
առաքինութեան։
Բայց
որ
մեզ
կը
յուզէ
իբր
թէ
երէկ
ըլլար
գրուած։
Փա՞ստը
այս
հաւաստումին։
Զայն
ըստ
արժանւոյն
օգտագործելը
կը
յորդի
այս
էջերէն։
Բաւ
է
արձանագրել
միայն
այն
մեծ
առաքինութիւնը
որ
արուեստի
իրաւ
գործերունն
է.
—
խօսիլ՝
իրենց
ստեղծման
օրերուն:
Խօսիլ
տակաւին,
երբ
այդ
ստեղծումը
յիշեցնող
ու
թերեւս
անոր
պարագայական
արժէք
մը
պայմանող
վիճակները
դադրած
են
ապրելէ։
Զի
արուեստի
գործը
այն
ատեն
վեր
է
ինքիրմէ,
երբ
կ՚ապրի,
ուրիշ
բարեխառնութեանց
ալ
դիմանալով։
Ու
միայն
այն
է
արուեստի
գործը
եւ
tout
le
reste,
literature
!
ինչպէս
կ՚ըսէր
Վէրլէն։
1900-1910ին,
արեւմտահայ
քերթողութիւնը
Չօպանեանով
մուտք
գտած
ու
Սիպիլով
իրագործուած
թէքնիքի
իր
վերանորոգումը
բարեբախտաբար
կ՚ազատագրէ
պոլսական,
դպրոցապաշտ
խնամակալութենէ
մը
ու
կը
վերածուի
ճշմարիտ
խղճմտանքի
մը։
Բոլոր
մեծ
ու
արժանաւոր
անունները
հակազդեցութեան
անուններ
են
ընդդէմ
սիպիլեան
քերթողականին։
Անոնք
որ
չթօթափեցին
այդ
լուծը,
պատժուեցան:
Չեմ
տար
անունները
շրջանի
հանրահռչակ
պուէտներուն,
որոնց
շուրջը
ինքնասփիւռ
լռութիւնը
բարիք
մըն
է։
Մոռացումը
որուն
ծոցը
կը
հանգչին
1905ի
մեծատաղանդ
բանաստեղծներուն
գործը,
աւելի
է
պարզ
ապերախտութիւն
ինչպէս
աշխարհին
ամենէն
արդար
օրէնքներէն
մէկը
ըլլալէ։
Բացէք
այդ
շրջանի
մամուլը.
Մասիս,
Լոյս,
Արեւելեան
Մամուլ,
Հանրագիտակ,
կիներու
Ծաղիկ
ներ
եւ
այլն։
Յաղթական
երգերը
այդ
քերթողներուն
ձայնագրուած
են
սիպիլեան
դպրոցով։
Անշուշտ
ասիկա
կը
ծանրացնէ
այսօր
իր
յիշատակը,
որ
անժառանգներուն
մեղքը
կը
կրէ
աւելի
ըլլալով։
Միւս
կողմէն
սակայն
ուշագրաւ
իրողութիւն
է
որ
ճշմարիտ
բանաստեղծներն
ալ
զերծ
չմնացին
այդ
տրտում,
այդ
անզգալի
բայց
նոյնքան
իրաւ
ազդեցութենէն։
Մեծարենցին
գործը,
գէթ
իր
տկար
մասին
մէջ,
կը
բխի
ուղղակի
ժանեակներու
պազարէն։
Վարուժանի
պատանութիւնը՝
նմանապէս։
Ասոր
Սարսուռներ
ը
կրնար
ստորագրուիլ
Տիկին
Սիպիլէն։
Այս
անունները
եւ
այս
թուականները
պէտք
չէ
շահագործել։
Ուրիշներու
վրայ
ազդելը
չէ
որ
զրագէտի
մը
դերը
կը
տեսակշռէ։
Այլ
գո՛րծը,
միայն
ու
միայն։
Ոչ
ոքի
ազդեց
Դուրեանը,
բացի
իր
գործէն։
Ու
1910ին,
երբ
արեւմտահայ
քերթողութիւնը
վերջնականապէս
ազատագրեց
ինքզինքը
կիներու
սա
գերագահութենէն
ու
կործանեց
այդ
թշուառական
փառքերը,
գիրքերո՛վ՝
որոնք
կը
կոչուին
Նոր
Sաղեր,
Հրաշալի
Յարութիւն,
Ցեղին
Սիրտը.
ոչ
ոք
միտքէ
անցուց
պաշտպանել
Ցոլքեր
ը։
Ու
ոչ
ոք
տառապեցաւ
իրերու
սա
վիճակին
առջեւ,
թերեւս
բացի
Սիպիլէն
որ
առաջին
անգամ
կը
զգար
իր
մէջ
յաճախանքը
ճշմարիտ
բանաստեղծութեան։
Ու
ողբերգականը
հոն
էր
որ
ակը
ցամքած
էր
այլեւս
իր
մէջ։
Անշուշտ
տակաւին
15-20
տարի
անիկա
պիտի
տողէ
քառեակներ,
ալպոմներու
մէջ
պիտի
դնէ
իր
անուշիկ,
թարշամած
ժանեակները,
ու
պիտի
թերեւս
հաւատայ
ալ
վերջալուսային
այդ
գոյներուն:
Ո՞վ
մեր
մէջ
քաջ
է
բաւական
ինքիր
դէմ,
որպէսզի
ըլլայ
ատիկա
այդ
կինը,
բաւական
մաշած
իր
երկարամեայ
պայքարէն,
ընդդէմ
իր
մէջ
մշտարթուն
բանաստեղծին
ու
զայն
տիրող
շփացուած,
ովսաննայուած
դերասանին։
1913ին,
իր
Ողջոյն
ը
տրտում
հրաժեշտ
մըն
էր
զոր
չէր
հասկնար։
Կը
քալէինք
Սիամանթոյի
հետ
Բերայի
շիտակէն
ու
Ս.
Մեսրոպ
ի
երգասացը
անասելի
բառով
մը
որակած
էր
քիչ
առաջ
Սիպիլի
այդ
Ողջոյն
ը
հայոց
լեզուին։
Դէմ
դէմի
եկանք
իրեն։
Յոգնած
էր
ու
կոտրած։
Խօսեցաւ
իր
քերթուածէն
որուն
համար
Սիամանթոյի
գութը
անիկա
զգաց
դառնութեամբ։
Բաժնուեցանք։
Տիկինը
կէս
դարու
գերեզմանի
մը
կը
նմանէր։
Իր
բանաստեղծութիւնը,
իր
սերունդին
իսկ
չվերապրող,
գրականութեան
պատմութեան
մը
մէջ
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
կը
հաստատէ
պատուհասը,
անվրէպ,
բոլոր
անոնց
որոնք
կը
մեղանչեն
Հոգւոյն
Սրբոյ
դէմ։
Գիտնալով
կեղծելը
չէ
ատիկա։
Գիտնալով՝
ինքզինքը
խաբելը
սակայն։
4.
ԳՐԱԳԷՏԸ
«
Անզուգական
»
բանաստեղծուհիի
հէքեաթը
որուն
ծիրանի
մշուշովը
անիկա
պիտի
պաշտպանէր
անպաշտպանելի
թշուառութիւններ,
բաւական
պատճառ
մը
չէ
որ
ես
լայնեմ
պարունակը
սա
վերլուծումին,
փռելու
համար
ժխտական,
տրտում,
ճիղճ
ու
սուտ
բաներու
հանդէս
մը
սա
էջերուն
վրայ։
Քերթողը
տկարագոյն
մասն
է
այդ
կնոջ։
Յետոյ,
զիս
վերապահ
ընողը,
արդար
յարգանքն
իսկ
է
հանդէպ
գրականութեան
պատմութեան
ուր
դրական,
առողջ
տարրերն
են
որ
իրաւունք
ունին
լուսազարդուելու:
Թերութիւններուն
բոցը
մինչեւ
գերեզման
կը
տեւէ.
անկէ
անդին
կ՚իյնայ
անկանգնելի:
Գրականութեան
պատմութեան
մէջ
չեն
ընդունուիր
անտաղանդները,
ի
հեճուկս
իրենց
բոլոր
աղմուկին։
Իրենց
մեղքը
քաշելու
համար
յաւիտենութիւն
մը
կայ
ծանրացող
իրենց
մեղքին
վրայ։
Չեն
ընդունուիր
նաեւ
անոնք
որոնք
հաւատացին
ունենալ
տաղանդը
զոր
իրենց
ժամանակը
վերագրեց
իրենց։
Գովեստնե՞րը։
Հռչա՞կը։
Հէքեա՞թը:
Մարդկային
այս
մխիթարանքը
բաւելու
էր
իրենց:
Շփացած
գերեզմանները
կը
յանձնեմ
Տէրոջը
գութին։
Թող
առնէ
անոնց
տէրերը
իր
լոյսին
մէջ։
Վրիպած,
ճիղճ
քերթողուհի,
Տիկին
Սիպիլ
իր
սերունդին
միջին
գիծովը
գրագէտ
մըն
է,
որքան
որ
տարօրինակ
կը
թուի
ասիկա
առաջին
հաւաստումով
մը։
Ահա
թէ
ինչու:
Իր
Աղջկան
մը
Սիրտը
իբրեւ
յօրինում,
տարողութիւն,
նուաճուած
դժուարութիւն
հաւասար
կուգայ
Վարժապետին
Աղջիկը
ին
ու
Անհետացած
Սերունդ
մը
ին։
Իր
Կնոջ
Հոգիներ
ը
նոյն
կեցուածքը
կը
պահեն
հանդէպ
Բաշալեանի
պատկերներուն։
Այն
ատեն։
Որո՞նք
տուեալները՝
Կամսարականը,
Զօհրապը,
Բաշալեանը
գրագէտի
մը
փառքի
մը
առաջնորդող։
Սիպիլին
նորավէպերը
չեն
կործանած
կէս
դարու
ճնշումով։
Վէպը`
պարկեշտ,
հաւատաւոր
ջանք
մըն
է
ու
առնուազն
մեր
բարքերէն
թանկ
փաստաթուղթ
մը:
Գիտէ՞ք
ուրիշ
պայմաններ
գրագէտ
յղացքը
լուսաւորող
որքան
կ՚ընեն
սա
երկու
հաւաստումները։
Տակաւին
չեմ
զբաղիր
իր
ծառայութեամբը
մեր
ոտանաւորին,
մեր
արձակին
որոնք
պարտական
են
անոր
իրենց
մէկ
երկու
նրբին
առաքինութիւնները։
Իսկ
իր
ուսուցչութիւնը
ուրիշ
յաւելում։
Միւս
կողմէն,
գաղտնիք
չէ
ընդարձակութիւնը
յղացքին
որ
գրագէտ
տարազին
մէջ
կը
խտանայ
երբեմն։
Գրագէ՞տ՝
Մովսէս
Խորենացին,
այսօրուան
առումով։
—
Անտարակոյս,
բայց
այդ
առումէն
վեր
ու
տարբեր
ընդարձակութեամբ
մը։
Փափկահիւս,
ժանեկայորդ,
նրբամարմին
քերթուածներու
հեղինակուհի՞ն։
—
Նմանապէս,
երբ
կը
կենանք
այդ
կնոջ
մէկ
երկու
աւելի
հաստատ,
առողջ
շնորհներուն
առջեւ։
Ան,
որ
գրականութեան
մը
որոշ
մէկ
շրջանին
կուռքը
եղաւ,
ու
անոր
վրայ
այդքան
տիրաբար
դրաւ
իր
ճաշակին
կնիքը,
գրագէտ
մըն
է
ամէն
բանէ
առաջ։
Իր
մեղքը,
զոր
քաւեց
իր
ողջուցը,
իրմէն
դուրս
էր։
Խորքին
մէջ
անժառանգ
մը
չէր
ծնած
այս
աղջիկը։
1885ի
իր
մանկամարդ
կնոջ
հոգին
լուսինին
հետ
իր
հեծեծանքը
կ՚ընէ
շատ
աւելի
սրտառուչ,
իրաւ,
մարդկային
քան
այն
օրերու
մեծաճաճանչ
քերթողները
որոնք
իրեն
պէս
խօսքեր
ունին
ուղղած
այդ
եղկելի
ուրուականին։
Կեանքը
զայն
կը
նետէ
իրականութեան։
Ու
արժանիքը
հոն
է
որ
խաթարուող,
նուաղող
բանաստեղծին
տեղ
երեւան
եկողը
—
վիպասան,
դիտող,
մտածող
ու
գործօն
տիպա՛ր
—
հաւաքում
մըն
է
տոկուն
ու
արի
յատկութիւններու:
Գիտէ՞ք
թէ
այս
պատրանաթափ
երիտասարդուհին
որուն
երազները
այնքան
պսպղուն,
քաղցր,
միամիտ,
ծիծաղելի
ըլլալնուն
հակառակ
(
Աղջկան
մը
Սիրտը
ին
Բուբուլը
)
մեզ
կը
հրապուրեն
դարձեալ
իբր
օր
մը
ապրուած
իրականութեանց
զանակ,
այս
տառապող
տանտիրուհին
որ
Պոլսոյ
կարօտը
հիւանդութեան
մը
պէս
կը
զգայ
ու
խուլ
տուներու,
տաճկութեամբ
փշաքաղուած
անկողիններու
սարսափ
մը
քարշ
կուտայ
գիւղաքաղաքէ
գիւղաքաղաք,
իր
հոգին
պատնող
գարշանքը
փոխադրելու
իր
ճիգին
մէջ
հետզհետէ
աւելի
խրելով
մեր
բարքերուն
ճահիճէն
ներս.
այս
աշխարհիկ
կինը՝
որ
էրիկ
մը
թաղելու
սուգը
կրելու
երջանկութի՜ւնը
(ո՜վ
մեր
բառերը,
երբեմն
որքան
դժուար
բայց
իրաւ
կ՚ըսէք
դուք)
իբր
գրագէտ
պարտաւոր
է
տանջանքի
փոխելու,
ու
իր
զաւկըները
սիրելու
իր
կատաղութեան
մէջ
ուրուականներ
հալածելու.
—
այս
կինը
ունեցած
է
նաեւ
իր
օրերը
որոնց
մէջ
կը
ներկայանայ
մեզի
պայքարի
ախոյեան
մը,
իր
սերունդին
արժանի:
Տակաւին
դպրոցի
սեղաններէն
անիկա
զգաց
իր
մէջ
այդ
ձայնը։
«
Ազգանուէր
Հայուհեաց
»ը
ռոմանթիք
հոգեբանութեան
մը
ծնունդը
չէ
մինակ,
ինչպէս
են
առհասարակ
մեր
բոլոր
միութիւնները,
բանաստեղծներէ
եւ
խմբագրողներէ
կնքահայրուած
։
Այլ
զօրաւոր
կողմէ
մը
արձագանգ
մը։
Գաւառէն
թղթակցութիւնը
իր
մօտ
չի
նմանիր
դարձեալ
անճառ
ու
անծակ
այն
երանութեան
որ
թշուառ
քաղաքիկի
մը
վարժապետը
կը
լուսապսակէ։
Հանրային
սպասը
անոր
խօսող
պարտք
մը,
հաճոյք
մը,
սփոփանք
մըն
էր:
Եղաւ
աւելի
վերջը։
Պառաւութեան
դռներուն,
անիկա
չէր
տանջուէր
իր
փոքր
իմաստութիւնը
կրկէս
նետելու
եւ
խօսք
կ՚առնէր
ատեաններու
մէջ
ուր
իր
խելքը
այնքան
օտար
էր
շրջապատին
որքան
անձը`
այնքան
անընտել
ու
անտանելի։
Բայց
այս
կինը
խմբագրութիւն
ըրած
է։
Ու
ասիկա
կեցուածք
մըն
է,
իր
խառնուածքին,
հակումներուն,
կրթութեան
իրերամերժ
շարժականութեանը
մէջ
տեսնուած։
Ինչ
որ
ալ
ըլլան
խոր,
թաքուն,
անպարզելի
շարժառիթները
որոնք
այդ
գեղանի
այրին
կը
մղեն
Մասիս
ի
խմբագրատունը
(1898),
օրաթերթ
խմբագրելու
Գրիգոր
Զօհրապին
հետ
—
որ
իրեն
նուիրած
է
առաջին
փարթամ
ու
պայծառ
դարպասը
իր
Ծանօթ
Դէմքեր
էն
մէկուն
մէջ,
անոր
համբաւին
անդրանիկ
փողահարը
դառնալով
երիտասարդական
ջերմութեամբ,
—
ու
Հրանդ
Ասատուրին
քով՝
որ
քանի
մը
տարի
ետքը
իր
անունը
պիտի
տայ
անոր,
Տիկին
Սիպիլ
իր
սերունդին
արդար
հաւատարմութեամբ
մը
իր
տուրքը
վճարած
է
մեր
հրապարակագրութեան
ու
գրած՝
ամենուն
համար։
Չեմ
կրնար,
գրագէտի
իր
դէմքը
յօրինելու
համար,
օգտագործել
նպաստները
որոնք
սովորութիւն
է
ճարել
կրթութենէ,
երեւակայութենէ,
զգայնութենէ,
շրջապատէ։
Իբրեւ
կին՝
անիկա
շատ
կանուխէն
պարտաւոր
եղաւ
սանձել
իր
ախորժակները
հանրային
գործունէութեան
կրկէսին
վրայ։
Իր
մտապատկերելու
կարողութիւնը
եղաւ
դարձեալ
սահմանափակ:
Ու
մեր
մէջ
ոչ
մէկ
կին
արտօնուած
էր,
իր
օրերուն
մանաւանդ,
իր
զգացումներուն
աշխարհը
իրենց
մերկութեանը
մէջ
մեզի
տեսանելի
ընելու:
Ու
գրագէտ
մը
այս
բաները
իրագործելու
համար
տառապող
կենդանին
է:
Հասարակ
դպրոցէ
մը
իր
սորվածը
անշուշտ
մեղադրանք
մը
չէ
իր
իմացական
միջակութեան։
Մենք
համալսարանականներ
գիտենք
որոնց
միտքը
այդ
նախակրթութեան
նուէր
միտքերուն
չափ
ալ
իմաստութիւն
չքաղեց
աշխարհէն։
Ինչ
որ
անձնական
ընթերցումները,
կեանքին
դասը,
փորձը,
ապրումները
ունեցան
իրմէ
ներս
անդրադարձ,
ատոնք
են
որ
կը
կազմեն
իր
մթերքը,
պաշարը
ինչպէս
կ՚ըսեն։
Այդ
նախանիւթը
ոչ
աւելի
է
եւ
ոչ
պակաս
իր
սերունդին
միջին
իմաստութենէն։
Իրաւաբանութիւն
ըրած
իր
ամուսինները
իրմէն
աւելի
չեղան
մեր
հասարակութիւնը
ճանչնալու
դժուար
աշխատանքին
մէջ։
Գրականութեան
մասին
իր
գաղափարները
դարձեալ
չեն
զատուիր
սերունդին
միջինէն։
Կիներու
հանդէպ
իր
իմաստասիրութիւնը
հարազատ
է
իր
շրջապատին։
Զուր
տեղը
չէ
որ
մայրութեան
զգացումներ,
հոգեբանութիւն՝
այնքան
սրտառուչ
ու
սխրալի
փափկութեամբ,
երբեմն
խորութեամբ
պիտի
թարգմանէր
իր
վիպակներուն
մէջ։
Անշուշտ
շատ
անգամներ
խօսած
է
կիներու
իրաւունքներէն։
Աւելի
շատ`
գրական
հարցերէ։
Այս
խօսքին
տարողութիւնը
չանջատուիր
սակայն
շրջապատին
ընդհանուր
բարեխառնութենէն:
Այսօր
չենք
կրնար
ծիծաղիլ
միամտութեանը
վրայ
աղջկան
մը
որ
բարձրագոյն
նախակրթարան
մը
հազիւ
աւարտած,
իրեն
իրաւունք
կուտայ
բանաձեւեր
առաջարկելու
լեզուներու
կեանքին,
զարգացման,
անոնց
«
բնական
օրինաց
»
վրայ,
տարիքի
մը
երբ
մեր
աղջիկները
ուղղագրութիւնն
իսկ
չեն
իւրացուցած։
Տասնըեօթ
տարեկան
է
անիկա
երբ
կը
ճառէ
մեր
լեզուին
վրայ։
Անշուշտ,
շրջանը
կանխահաս
տաղանդներու
շրջան
մըն
էր։
Տասը
տարի
առաջ
վսեմ
պատանի
մը,
վեշտասանամեայ,
կրթական
խնդիրներու
վրայ
կ՚ատենաբանէր
ու
իր
ատենաբանութիւնները
հատորի
կը
վերածուէին
ստեղծելով
հիացում
որքան
խանդավառութիւն
(Մ.
Չերազ)։
Այս
դրուագները
իրենց
հեգնութեան
փաստովը
չէ
որ
կը
յիշուին
հոս։
Անոնք
հասարակաց
մտայնութեան
մը
ըմբռնումին
կ՚առաջնորդեն:
Գրաբար-աշխարհաբար
լեզուապայքարը
այսօր
այնքան
տրտմօրէն
ծիծաղելի,
վաթսուն
տարի
առաջ
արուեստի
հանգանակ
մըն
էր։
Սիպիլի
հրապարակագրութիւնը
ի
հարկէ
պիտի
ունենար
սեռին
ու
խառնուածքին
ազդեցութիւնը։
Իր
յօդուածները
զերծ
են
անտանելի,
անկարելի,
եղջերուաքաղային
նկարագրէն
որ,
օրինակի
մը
համար,
Մայտայ
ին
ընթերցումը
կ՚ընէ
այսօր
ընդվզեցուցիչ
ճամարտակութիւն
մը։
Սիպիլ
չէ
օժտուած
հզօր
անձնականութեամբ
մը
—
պարագայ՝
որ
բաւ
է
բացատրելու
անոր
քերթողութեան
վրիպանքը
—
որպէսզի
իր
լրագրական
աշխատանքը
ակօս
մը
դառնար։
Անոր
մէջէն
չէ
խօսած
դասակարգը.
գիտակից
կինը,
պայքարող
եւ
ուզող
արարածը
որ
ԺԹ.
դարուն
այնքան
խռովայոյզ
գործունէութեամբ
մը
յոգնեցուց
Եւրոպայի
մէջ
երեսփոխանական
ժողովները:
Դարձեալ,
անիկա
չարտայայտեց
արդի
հոգիին
մէկ
երկու
խոր
ողբերգութիւնները
որոնք
Տիկին
Եսայեանի
վէպը
կ՚ընեն
այնքան
յատկանշական։
Փոխարէն՝
եղաւ
պարկեշտ,
գործօն,
գործնական,
ուղղադատ
եւ
իրատես
վկայ
մը
մեր
կեանքէն,
անոր
այն
մասէն
աւելի
ճիշդ՝
որ
կ՚իյնար
անոր
անմիջական
հասողութեան։
Հաւանաբար
քանի
մը
հարիւրը
կ՚անցնէր
թիւը
այն
կիներուն
որոնք
Սիպիլի
գրականութեան
մէջ
կը
դնէին
կեանքի
կարելի
ըմբռնում
մը։
Որոնք
տուն
մը
կը
վարէին,
իրենց
արդուզարդը
կը
խնամէին,
դաշնակ
մը
կը
դարպասէին
ու
իրենց
սրահներուն
մէջ
թաւշածածկոյթ
սեղաններուն
վրայ
ֆրանսական
զգեստանկարներուն
քովիկը
տեղ
կուտային
հայ
թերթի
մը
կամ
հանդէսի
մը։
Կը
մասնակցէին
յանձնաժողովներու
եւ
հանգանակութեանց.
կ՚անդամագրուէին
ընկերութեանց
ու
Սիպիլին
անունը
իբրեւ
դրօշակ
չէին
վարաներ
գործածելէ:
Որոնց
այս
առերեւոյթ
կենցաղէն
անդին
ալ
երբեմն
զգացական
փոթորիկներ
չէին
պակսեր,
այդ
սովորականութիւնը
քիչիկ
մը
ահաւորելու:
Այս
դասակարգին
թագուհին
եղաւ
անիկա։
Ոչ
միայն
այսքան:
Անոր
յօդուածները
դաս
ալ
տուին
անզբաղ,
ձանձրախտաւոր
կիներու:
Ճամբայ
թելադրեցին
խոր
տրտմութեանց
մէջէն
կարելի
համակերպութեանց։
Ամէն
յօդուած
կը
հանգչի
ներքին
իրականութեան
մը
վրայ
որ
յաճախ
անձնական
տագնապ
մըն
է,
ու
ատով՝
վկայութիւն
մը։
Հոս
է
որ
անիկա
պիտի
տարբերի
ասպարէզէն
խմբագրողներէն։
Կը
գրէ,
երբ
կը
տպաւորուի:
Ու
իր
տպաւորութիւնը
փշրանք
մը
կը
պարունակէ
իր
կամ
շրջապատին
հոգեկան
վիճակէն։
Զօհրապի,
Կամսարականի
խմբագրած
նօթերն
ալ
վկայութիւններ
են,
բայց
տարբեր`
Սիպիլի
տուածներէն,
որոնք
սեպհական
հոգեբանութեան
մը
խորքէն
կը
բխին
եւ
ոչ
թէ
ընթացիկ
իրողութեանց
արձագանգներ
կը
դառնան,
ինչպէս
են
յաճախ
յիշուած
վարպետներու
տոմսերը,
խմբագրական
նշմարները:
Այս
լոյսին
ընդմէջէն,
Սիպիլի
հրապարակագրութիւնը
կը
դադրի
իմաստութեան
դաս
մը
յաւակնելէ,
ու
կ՚ըլլայ
թելադրանք
մը,
քիչ
մը
ասուլիս,
քիչ
մը
տնավարի
խօսք,
եթէ
երբեք
մշտապէս
չըլլայ
հակուած
իր
ճաշակէն,
լեզուական
խնամքէ
մը
որ
ամենէն
հասարակ
իրողութիւններն
իսկ
կ՚ազատէ
գռեհկութենէ։
Իր
երկար
գործունէութիւնը`
մէկ
երկու
սերունդի
մէջ,
մէկ
երկու
հիմնապէս
ներհակ
բարեխառնութեանց
տակ,
բնական
էր
որ
գունաւորուէր
միջավայրէն:
Կրնաք
գտնել
այդ
զանազանութիւնները
իր
ստորագրած
էջերէն։
Ի՜նչ
հարկ
պարզելու
իր
տեսութիւնները
օրուան
հարցերուն
շուրջ։
Բաւ
է
դիտել
տալ
թէ
այդ
տեսութիւնները
փոխառիկ
ու
մուրացուած
բաներ
չեն։
Կուգան
մեծ
բնականութեամբ.
կուտան
գոհացում
հարիւրներու
ու
ամենէն
առաջ
զիրենք
յղացողին։
Իր
ամուսինին
հետ
նման
գործակցութիւն
մը
չէ
արձանագրուած:
Կը
թողում
մտածել
ու
կ՚անցնիմ։
Իր
գրական
դատումները
խոր
են
ու
իրաւ:
Կը
զատուին
իր
սերունդին
ոչ
թէ
գաղափարաբանութենէն,
այլ
զայն
բացատրող
եղանակէն
որ
իրապաշտներուն
մէջ
վարդապետութեան
մը
կնիքը
չունեցաւ
երբեք։
Սիպիլ
իր
կերպովը
կը
զգայ
գրական
եղելութիւնը։
Ու
այդ
զգացումը
արտայայտելու
մէջ
քիչ
անգամ
կին
է,
այսինքն
թեթեւ
ու
մակերեսային։
Իր
կիսադէմքերը
իրաւ
են
որքան
Զօհրապի
լիադէմքերը,
եթէ
ներուէր
այս
նորութիւնը:
Բայց
իրաւ
կիներու
աչքին
ընդմէջէն։
Տպաւորութիւններ
են
անոնք,
առանց
յաւակնութեան
որքան
խորութեան։
Կրնային
պակսիլ.
պիտի
չտուժէին
ո՛չ
դէմքերը
ո՛չ
ալ
իր
գործը:
Ու
ասիկա
բաւ
է
տալու
համար
կշիռը
իր
դատաստաններուն։
Օտար
դէմքերու
վրայ
մէկ
երկու
իր
յօդուածները
իրենց
հասկնալի
արժէքը
կը
պարտին
մեր
գրականութենէն
դուրս
ազդակներու:
Վէրլէնի
վրայ
քանի
մը
հանդէսի
էջ
դժուար
պիտի
չըլլար
կնոջ
մը
համար
որ
աչքի
հարուած
(coup
d՚
œ
il)
ունի
եւ
ճաշակ:
Կ՚արժէ
վեր
հանել
թարգմանչական
իր
մեծ
ընդունակութիւնը։
Զանց
կ՚ընեմ
երկար
շարանը
քերթուածներուն
որոնք
հետեւողութեամբ
կամ
ուղղակի
փոխադրումով
տեղ
գտան
անոր
հեղինակած
մեր
Քերականութիւն
ներու
կամ
Թանգարան
ի
ընթացքներուն:
Բայց
կը
ծանրանամ
Պոտլէռէն
ու
Վէրլէնէն
կատարուած
շատ
գեղեցիկ
թարգմանութեանց
վրայ
որոնք
կը
թուին
ուղղակի
իրմէ
բխիլ,
այնքան
հաւատարմօրէն
նոյնացած
է
կտորներուն
հոգիին:
Դպրոց
կազմելու
արժանի
յաջողմունքներ
են
ատոնք:
Բայց
ինչ
որ
գրագէտի
իր
վարկը
կը
պաշտպանէ,
իր
մշտական
սպասն
է
մեր
լեզուին
ու
ճաշակին
նրբացման,
ազնուացման:
Կին
մատն
է
անորը
մեր
արձակին
վրայ:
Ճաշակը
զոր
չարաչար
գործածեցին
ռոմանթիքները,
ճշմարիտ
տարազ
մըն
է
երբ
կը
ձգուի
իր
ջանքին
վրայ
իբրեւ
պիտակ։
Խնամք,
գուրգուրանք,
բծախնդրութիւն,
հով
ու
վայելչութեան
զգացում:
Ահա
բառեր
որոնք
իր
ոճին
հետ
գործածուած
ատեն
բան
մը
կը
թարգմանեն։
Անշուշտ
ամենէն
առաջ,
այդ
ամէ՛նը,
այդ
կնոջ
մէջ։
Ու
յետոյ
այդ
ամէնը
դարձեալ`
արեւմտահայ
գրականութեան
բարիքին
մէջը:
Ըսի
թէ
ինչ
կը
պարտէր
անոր
մեր
ոտանաւորը:
Մեր
արձա՞կը։
—
Առնուազն՝
նրբութիւն
ու
վայելչութիւն։
***
Եօթանասնամենի
մեռաւ
անիկա։
Սկսած
էր
իր
գարունք
էն։
Անցած`
կեանքին
մանաւանդ
պաղէն։
Կէս
դարը
իր
գիտակցութեան՝
արեւմտահայ
ողբերգութիւնն
է
կազմողը:
Զգաց
իբրեւ
պոլսեցի:
Արտադրեց
դարձեալ
անոնց
պէս։
Չհասաւ
ցեղային
խոր
զգացողութեան,
բայց
իր
գործին
մէջ
զանակներ
սեւեռեց
անկէ:
Կիներ
կան
իր
գործին
մէջ
ու
երբեմն
ալ
ինքը:
Իր
վէպը
շահ
մըն
է
մեր
ընդհանուր
գրականութեան։
Իր
քերթողութիւնը՝
լեզուական
փաստ
մը:
Իր
հրապարակագրութիւնը՝
ընկերային
արձագանգ
մը։
Սորվեցուց
ու
ծառայեց։
Տառապեցաւ
ու
արտադրեց:
Իր
անունը
անարժան
չէ
իր
սերունդին։