Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ե հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ
 

Ուրախութիւն է մեզի յայտարարելու թէ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Տպարանէն լոյս կը տեսնէ Յ. Օշականի ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ բազմածաւալ գործէն՝ Իրապաշտներուն նուիրուած հատորը եւս: Զայն հանգամանօրէն ներկայացնելու պէտք չենք զգար, քանի որ բազմաշնորհ հեղինակը հատորին իբրեւ յառաջաբան ծառայող ՄՈՒՏՔի բաժնին մէջ ծանօթագրած է անհրաժեշտը:

Մեզի համար գոհունակութեամբ լի, սիրելի պաrsf մը կը նկատենք սակայն անգամ մը եւս յայտարարելու թէ Իրապաշտներուն նուիրուած այս հատորը, ինչպէս Համապատկերի բոլոր հատորները, իրենց բացառիկ տեղը ունին մեր գրականութեան պատմութեան մէջ, թէ՛ իրենց յղացքով եւ թէ մեթոտով։ Ժամանակ, իրադարձութիւններ, անոնց ընդմէջէն ծնունդ առած զգայնութիւններ զիրար կը բացատրեն: Ցեղային արժէքները, ժամանակի տագնապը՝ իր շուքերով եւ լոյսերով, իրարու կուգան կերպաւորելու համար այն քառորդ դարը որ Իրապաշտներու գործունէութեան շրջանը եղաւ:

Բացառիկ է Յ. Օշականի մեր գրականութիւնը տեսնելու եղանակը: Անիկա կը զգայ ու կը վերբերէ զայն Յաւելաբար իր ջիղերովը. ահա թէ ինչու համար իր պատումները կը վերածուին յաճախ վէպերու, ուր հեղինակները յաջող կամ տրտում դերակատարներ են լոկ, առիթներ, ինչպէս կը սիրէր կրկնել մեծ հանգուցեալը, ըսելու համար անհրաժեշտը, որ իրենցմէ անդին մեր գրականութեան է, մեր ժողովուրդին: Օշականի համար ինչպէս գրականութիւնը այնպէս ալ զայն ներկայացնելու աշխատանքը կեանք էր. եւ այս՝ առանց պիտակի: Ի վերջոյ մենք մեր միսերով միայն չէ որ կ՚ապրինք. մեր իմացականութիւնը լայն բաժին կ՚առնէ այդ ապրումներէն:

Գրելը ապրիլ էր իրեն համար: Թուղթին առջեւ ան կը մոռնար իր ուղեղը, լայն բանալու համար իր ջիղերը, իր զգայնութիւնները, ընդգրկելու համար այն ապրումները՝ որոնք կը սպասեն մեր ներսը եւ կը խուժեն դուրս երբ զանոնք դիմաւորել գիտցող մը կայ։

Գրողներու կեանքը անհրաժեշտ է անշուշտ անոնց գործին հասկացողութեանը համար: Յ. Օշական երեւոյթ մըն էր, տաղանդ մը որ իր ներաշխարհով կը սնանէր, անցնելու համար շատ յաճախ իրմէն եւ կեանքէն անդին, անոնց մեծ նուաճումներուն: Օշականի կեանքը կայ անշուշտ իր գործին մէջ, բայց ան կուգայ իբր անդրադարձ քան իբր տիպար եւ ապրում։ Անոր համար ինքը Համապատկերի մէջ մեթոտ մը եւ յղացք մը գործադրելէ աւելի, որ դատումի կերպ մը եւ կեցուածք մը կ՚ենթադրէ, կ՚ապրի շրջաններն ու մարդերը, տարօրինակ հեռազգայութեամբ եւ թափանցումով, որ իր մէջ հոգեխառնութիւն մըն է այլեւս, վեր ժամանակէն եւ ընդունուած հրամանակարգերէն: Ժամանակ, տեղ, դէպքերն ու վկայութիւնները, աղիւսակ դարձած դատումները իրեն համար կորնչական մասեր են, գրուելէն անմիջապէս յետոյ անցեալին պատկանող, եթէ թիւէն, թուականէն, փաստէն, պատմական ստուգութենէն եւ դատումէն վեր չտիրապետէ ոգեղէն իրականութիւնը, որուն մէջէն միայն կրնան բիւրեղանալ իրական արժէքները:

Հետեւաբար, անոնք որ պիտի ձեռնեն Համապատկերէն՝ ԻՐԱՊԱՇՏՆԵՐու այս հատորը, մատենագրական ծանօթութիւններու մթերքէն աւելի պիտի գտնեն հոն վերարտադրութիւնը տուեալ ժամանակին եւ անոր գրչի հերոսներուն: Վերարտադրութիւն մը՝ որ չի գար բոլորովին ցարդ մեզի ծանօթ դատումներու եւ վերագրումներու յեղյեղուած հանգանակներով, այլ կը բխի Յ. Օշականի իրեն յատուկ զգալու եւ հետեւաբար դատելու կերպէն։

Անոնք որ երջանիկ առիթը պիտի տան իրենք իրենց վերծանելու Իրապաշտներուն նուիրուած այս հատորը, մանաւանդ անոնք՝ որոնք իրենց կարդացածը ճիշդ հասկնալու չափ գիտեն մեր լեզուն եւ ունին կտոր մը սէր մեր ազգային արժէքներուն հանդէպ, պիտի կրնան ունենալ մին այն յուզումներէն որ քիչ անգամ մեզի կը տրուի ունենալ, երբ մատուցուածը այլեւս անցեալին է որ կը պատկանի։

Հատորին ընթերցումէն վերջ, քանի մը տողերու այս uրտագին առիթով, թոյլ կուտամ ինծի ըսելու թէ երէկ, երբ տակաւին ողջ էր այս հատորին հեղինակը, անիկա շատերուն կը թուէր ապրող անցեալ մը. այսօր, իր մահէն տարիներ վերջ, անիկա մտքիս մէջ կը վերածուի հեռաւոր ու մեծ ապագայի մը: Ահա հրաշքը որուն մէջ ինքզինքը պատմուճանած կը մնայ Oշական, մանաւանդ այս օրերուն՝ երբ քննադատութիւնը կուսակցական կիրքի եւ թշուառամիտ յաւակնութեանց է վերածուեր, իրենց միտքն ու սիրտը այլեւս նորոգել չկրցող միմոսներէն։

 

Ե.