Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ե հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ
(1861—1915)

Իրապաշտ շարժումին ամենէն խռովիչ, պայծառ, երախտառատ դէմքը, չըսելու համար ամենէն կատարեալը։

Մեծ գիծեր, գործելու, պայքարելու, ստեղծելու իր աշխատանքը կը մօտեցնեն խումբին ընդհանուր պլատֆորմ ին (քիչ անգամ այս բառը այսքան հաստատ իմաստ կը խտացնէ մեր ընկերային խմբաւորութեանց մէջ որքան հոս, բայց չեն խղդեր անոր իւրայատուկ հէնքը։ Իր սերունդին հաւատքը, զէնքերը, ատելութիւնները, իր մէջէ՛ն, գտան լիութիւն մը, ամբողջութիւն մը որ, իր ողջուցը քիչիկ մը աղօտ, այսօր կը պարտադրէ ինքզինքը։ Անոր գործին մէջ այնքան քիչ է բաժինը օրուան քմայքին, ու այնքան շատ՝ տա՛րրը որ կը դիմանայ առնուազն քանի մը սերունդի այլապահանջ ախորժակներուն։

Վիպող, հրապարակագիր, դատող, խորհող ու ինչո՞ւ չէ՝ իր ձեւով քերթող ալ: Ահա վերադիրներ որոնք անոր կողմերուն հարստութիւնը չեն պատմեր միայն, այլ կը համադրեն եւրոպական իմաստով արուեստագէտը։ Չեմ գիտեր ծանրաբեռնե՞լ է սա մուտքը, յիշե՜լը՝ թէ անիկա աշխատած է հանրային ուրիշ մարզերու ալ վրայ, ծառայելով աշխարհի ամենէն ապերախտ ժողովուրդին որ անոր գլուխը քարի տակ ճզմելու հերոսութեամբը վարձատրեց իր խղճմտանքը, եւ այն միւսին՝ որ իր դժբախտութեանը մէջ սիրեց, փայփայեց զինքը, կրցածին չափ, ու իր սուգին մէջ չմոռցաւ զինքը:

Հեգնող, կծու, յարձակո՛ղ։ Բառերը կը պատշաճին ճշգրիտ հաւատարմութեամբ Արփիարեանին։ Բայց ահա տարբերութի՛ւնը. ազնուական, բարձրանձն, պատկառազդու շեշտով մը որ պակսեցաւ իր վարպետին, եւ որ Զօհրապի ստորագրած ամէն մէկ էջը կը մասնաւորէ վճռապէս: Սիրտցաւ, արի, իր ձեւով ժողովուրդ ալ։ Ու խառնուա՛ծք, տարօրէն հարուստ, քանի մը մարմիններու բաւելու աստիճան։ Կան այս մարդերը որոնք ութը տասը հոգիի խտութեամբ մը կ՚ապրին ու կը գործեն։

Իր սերունդին մէջ, որուն տիրական գիծը սխալ չըլլար իմացական կենդանակերպէ մը անցնել, Զօհրապ կը ներկայանայ իբր առաջնակարգ ապրող մը: Մահուան երթալէ քիչ առաջ անոր մէկ պտոյտը մտքէս չ՚ելլեր, իր թաղին մէկ մայթն ի վար։ Կը խօսէր մէկու մը հետ ու ճերմկած իր պեխերուն մատնութեանը հակառակ, իրմէն կը հեղուր անսանձելի իր ուժը որ կը յորդի մեր ամբողջութենէն, ու մեր զգեստներն իսկ թրթռուն բան մը կ՚ընէ մեր վրայ: Քալեցին ու ես նայեցայ։ Խօսակիցը նախարար մըն էր, օր մը ազատուած մահէն, իր իսկ ձեռքովը: Ու երկու ժողովուրդներուն տարբերութիւնը մտքիս մէջ անխորտակելի քանդակի մը պէս փորուեցաւ այդ օրէն ասդին: Շաբաթ մը վերջ իր մահը կ՚իմանայի։

Տոկո՛ւն, լաւ հաստուած (թող ներուի այս հին բառը) որպէսզի հասնէր այն մէկէ աւելի զբաղումներուն որոնց իւրաքանչիւրը մինակը կը սպառէ միջին տարողութեամբ մարդը:

Փաստաբանը անոր անունին հետ պիտակ մը չէ, ինչպէս է անիկա յաճախ այնքան խեղճութիւններ որակելու ատեն։ Ոչ ալ պետական պաշտօնատա՛ րը` շողշողուն ու փցուն տիտղոս, զոր այնքան անօգուտ ու անգութ յաւակնութեամբ կը կրեն մարդիկ, ով գիտէ ո՛ր հովին թեւովը նետուած իրենց աթոռներուն։ Բայց երկու զբաղումներն ալ ունին իրենց հարկադրանքը մեր աշխատանքին ու մեր ուժերուն գործածութեան վրայ:

Այն դիրքէն, բարձունքէն ուր անիկա հասաւ այնքան արգելքներու, իր ցեղէն բխող այնքան դժբախտ ճնշումներու հակառակ, դատ մը վարելը ճշգրիտ արուեստի գործ մըն է ինքնիր մէջ ու փաստաբա՛նը՝ հոգեբան մը յաճախ որ ստիպուած է լայնել իր խուզարկութեանց պարունակը, ելլելու համար կիրքերու գագաթը կամ իջնելու համար արարքներու անդունդին, ճիշդ ինչպէս խոստովանահայր քարոզիչ մը աւելին է քան պարզ պաշտօնեան եկեղեցիին։ Արեւմտեան մշակոյթին մէջ պետական աւագ գործառնութիւնները փորձութիւններ չեն շատ խօսողներու արժանիքները ցուցանշող, այլ՝ մթնոլորտ մը անհրաժեշտ, որպէսզի անոնց վրայով դասակարգ մը մարդոց յայտնաբերեն խոր ու հսկայական շնորհներ ժողովուրդներու ճակատագիրը վարելու: Մեր մէջ քիչեր ունեցան այս բարձրագոյն տուրքը այն յորդութեամբ, թագթ ով որքան Զօհրապը։

Բռնապետական ռեժիմը որ անոր գործունէութեան ամբողջ երկայնքովը երկաթէ շրջագիծի մը պէս կը խստանայ, անկարող եղաւ անոր շնորհները սպաննելու: Դատարանը անշուշտ զայն գրաւեց բայց չկրցաւ թրքացնել: Բառը հոս խոր  այն դժբախտութիւնը կ՚ուզէ թելադրել որ մերազնէ պաշտօնէութիւնը զարկաւ դեռ վաթսունական թուականներէն, անոր մէջ տկարացնելով ազգային իմաստը, մշակելով չէզոք, աթոռասպաս հոգեբանութիւն մը որով օժտուած մարդեր իրենց տաղանդը անօգուտ ըրին իրենց ժողովուրդին։ Գրիգոր Օտեանի մը իսկապէս արուեստագէտ խառնուածքը եւ կեանքէն ճարուած անփոխարինելի փորձառութիւնը, դիտողութիւնները՝ ցանուցրիւ, վախկոտ եւ օտարագոյն փշրանքներու ձեւը առին երբ լրագրական յարդարանքով մը մատուցուեցան մեզի: Նոյնը՝ պարագան Թովմաս Թէրզեանին որուն տաղանդը չէ որ կ՚ուրանամ, այլ իր ժողովուրդին մէջ ըլլալու, անոր հետ քալելու, մեծ բառով մը` տառապելու սրբազան պարտքէն փախուստը կը նկատեմ պատճառ իր անկնիք, չէզոք ստեղծագործութեան։

Մշտապէս խաղա՛լ՝ վտանգին հետ, որուն անունն է թուրք արդարութիւն։ Սիրել իր ժողովուրդը այն նորոգեալ ու մոլի եռանդով որ 1880ը կը զատէ 1860էն եւ իր օրերու մեր իմացական ընտրանին կը հակադրէ կանխող սերունդին գաղջ, այլընդեր, զգուշաւոր հայրենասիրութեան (ռոմանթիզմէն իջած նոր իր կաղապարին)։ Սիրել մանաւանդ գրականութիւնը, զայն հասկնալու եւ գործադրելու արարքները տրամագծօրէն ներհակ տախտակներու վերածելով, ու չթերանալով անոր այնքան դժուար uպաuին մէջ, սրտառուչ հաւատարմութեամբ մը։ Ծառայել նոյն ատեն պետութեան, միշտ հսկուած, կասկածուած, ատուած, օրին մէկը տալու գինով իր գլուխը երկու քարի մէջ ջախջախուելու հեռայարդար պատգամին։ Ծառայել իր ժողովուրդին մանրուք փառասիրութեանց ալ գոհացումին։ Գրել hեւքի մէջ, տագնապի վրայ, րոպէները փշուր փշուր աղալով եւ սպաննելով: Խօսիլ բեմերէ, վստահ ըլլալով ապառաժին որ կէս հազար գլուխներու միացումն է երեսփոխանական ժողովատեղիի մը մէջ։ Հալածուիլ բայց չփախիլ։ Գործել ու մահուան երթալ: Այս ամէնը կը կազմեն ճակատագիր մը քիչ անգամ այսքան միակտուր ու անողոք։ Իր իմացականութեան ազնուազգի տարրը իր խոնարհագոյն մասերուն մէջ իսկ իր ժողովուրդին օգտին սպառող այս դէմքը ոչ միայն գրողի մեծագոյն իրացումներէն մէկն է արեւմտահայ գրականութեան, այլեւ հազուագիւտ տիպար մը այդ ժողովուրդին քաղաքական ճակատագիրը վարելու կանչուած հին ու նոր մեր լիտըր ներէն։

Իր անունին կապուած է բախտը մեր գրականութեան ամենէն կատարեալ յաջողուածքներէն մէկուն։ Այսօր կասկածէ դուրս է արժէքը որ մեր նորավէպը կը բարձրացնէ, կը զատէ արեւմտահայ գրական ընդհանուր վաստակէն իբր բացառիկ նուաճում մը, մեր քերթողութեան լաւագոյն իրացումներուն հետ կազմելու համար այդ գրականութեան ճշմարիտ փառքը։ Ու նորավէպը, առանց Զօհրապի կնիքին ուրիշ բան մը պիտի չպատմէր մեզի որքան անոճ այն զրոյցները որոնք արեւելահայ արժանաւոր վէպին այնքան անարժան թափթփուքները մնացին, կամ պիտի նմանէին այն հարիւրով պատմութիւններու շեղջակոյտին զոր յետ–պատերազմը ամբարձուց մեր գրականութեան նեղ գօտիին վրայ, ամերիկեան պարունակէ մը։

Իրն է պատիւը մեր յաջողակ ուրիշ մէկ սեռը՝ քրոնիկը, յանդուգն փառասիրութեամբ մը ազատելու իր սահմանադրուած դերէն (որուն վերլուծումը կատարուած է Արփիարեանի առիթով, այս գիրքին միջ), եւ զայն բարձրացնելու լայն, այլապէս թելադրական համապատկերի մը ուր գային իրենց երանգը, տարրերը զետեղել մեծ, արձակ կեանքէն մեր փորձառութեանց երբեմն տրտում, երբեմն խոր մեզայատուկ ստացումները, անոնց խնամեալ ու տպաւորիչ հանդէսը, մեր տպաւորութիւննե՛րը, այլատարազ ու այլակիրթ մշակոյթներէ, աշխարհներէ։ Ու ընել այս ամէնը կտրուկ, վճիտ, ամբողջ կարկառ, ճշդերանգ բառերու հրախաղութեան մը վրայով ինքնին փառք մըն է իր անունը յարգանգի հարկադրող։ Արփիարեանի քրոնիկներուն ոլորտը եւ Զօհրապի ուղեւորի էջեր ուն իմաստասիրութիւնը իրար չեն հերքեր։

Ու փոքր տառապանք մը չէ նոյն ատեն խառնուած մնալ իր ժողովուրդի խորագոյն, իսկական ապրումներուն, անոր ցաւերուն մանր, անհատի մը ճամբով տիրապետուելիք ցուցակէն [1] մինչեւ անոր հոգեզարկը որոշադրող մեծ խռովքներուն իւրացումը. գրելով, խօսելով երեսուն տարի, աչքը սեւեռ սրտայոյզ նպատակներու, հաւատալ ասոնց մօտալուտ իրագործման ու… բաց աչքերով հոգին յանձնել ո՜վ գիտէ որ անկարելի հրեշտակին որ ընդունեց քարերու մէջ ջախջախուած անոր ուղեղէն ազնուատարր անոր անձը, իսկութիւնը:

Թող չթուի քիչ մը լայն սա մուտքը գործէ մը ներս որուն վրայ կատարուած է ժամանակին մեծ սրբագրութիւնը եւ որ ազատուած է անկէ, դիմաւորելու համար միակտուր յարգանք մը եթէ ոչ հպարտութիւն մը: Ու այս առիթով, կրկնել հոս նորէն հոգեվիճակը որ եղերօրէն մեր բոլորինն էր տակաւին քառորդ դար առաջ, եւ է դարձեալ քառորդ դար վերջը, ա՛լ հետզհետէ աղօտագին գարշութիւն մը դառնալու համար անոնց մօտ որոնք քսան չէին մտած Զօհրապի մահուան օրերուն:

 

1. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

Իր սերունդին մէջ այդ մարդը բացառութիւն մըն է, չըսելու համար յապաղած մը զարթօնքի սերունդին պատկառելի՝ փաղանգէն որ սա տողերուն վրայ արժէքի կ՚ելլէ իբր ընդհանուր գործունէութիւն, համադրութիւն, ճիգ, արտայայտութիւն։

Բացառութի՛ւն։ Իր ընկերները բոլորն ալ ազատական ասպարէզներու աշխատաւորներ, զգոյշ մնացին իրենց բախտը փորձի ենթարկելու մարզերու վրայ ուր անապահովութիւնը իրական էր այլեւս։ Յովհաննէս Շահնազար, Հրանդ Ասատուր, Տիրան Քէլէկեան պսակաւորներ են ընկերային գիտութեանց, բայց հեռու կը մնան իրենց հմտութիւնը գործածելու իրենց իրաւունքը եղող ասպարէզներու վրայ։ Ատոնցմէ Հրանդ Ասատուրը որ գաղափարակից ու գործակից ալ է անոր, գրական հարցերու մէջ, պիտի սպասէ շուքին, րէժիմին փոխուելուն: Իր միւս ընկերները՝ Բաշալեան, Կամսարական, Արփիարեան, չբաժնուեցան թուղթէն, իրենց առաջին երիտասարդութեան։ Սա առանձնացումը պիտի տիրապետէ ինչպէս իր ընթացիկ կեանքին, նոյնպէս իր իմացական վաստակին ալ վրայ: Արեւմտահայ գրականութեան առաջին կէս դարը չունի ուրիշ անուն մը որ ուղղակի ու անմիջնորդ ծնունդը ըլլար Պոլիսին որքան է պարագան ճիշդ, Գրիգոր Զօհրապի համար։

Եթէ պէտք է օգտագործել անպատճառ հռչակաւոր տարազէ մը ( ցեղ-միջավայր-պահ ) քանի մը առածներ, հասկնալի դարձնելու համար կարգ մը տարօրինակութիւններ [2], Զօհրապ Պոլիսին կը պարտի այն մանր բայց ուժգին զգայութիւնները (sensation) որոնք կը կազմեն իր այնքան տարբեր հոգեյատակը, հեշտութեան ու ընդվզող ախորժակներու խառնուրդ զոր պիտի պահէ մինչեւ իր մահը։ Դաշտանկար. կիներու մարմին որ այլապէս խռովիչ դաշտանկար մըն է անոր զգայարանքներուն մէկ քանիէն օգտագործելի, հոգի՛, հեռածնունդ որքան նորակառոյց, քանի մը քաղաքակրթութեանց արիւնովը սնած, թուրք որքան հելլէն. արեւելք որքան արեւմուտք ու հարաւ: Ու իր ժողովո՛ւրդը, որ հոդ է փոխադրուած՝ իր հայրենիքին շաղը, համը, բոյրը (arome) գլխովին պահելով։ Աւելցուցէք ինչ որ զարթօնքի սերունդէն կը մնայ դեռ թրթռուն, իբրեւ խանդ ու ըղձաւորութիւն։ Աւելցուցէք գերութիւն ու հոգեկան տրտմութիւն, միտքի մը մէջ ուր արեւմուտքին հսկայ գաղափարները բողբոջ ունեցան: Ու մեծ, արուեստագէտ ուսուցիչներ որոնք անոր իմացականութեան կը մատուցանեն առաջին բոցերը մեր դարաւոր երազին, խռովիչ որքան դիւթական, ինչպէս ինքը պատմած է քրոնիկի մը մէջ ( Ի Հեռաստանէ ) ու հասուն միտքով դատած դիմանկարի մը մէջ ( Թովմաս Թէրզեան, ԾԱՆՕԹ ԴԷՄՔԵՐ ): Մեծ, այլապէս կախարդ ու սրբազան ձայներ որոնք անցան իր մարմինին բոլոր բաւիղներէն, զարնելով մոռցուած, փոշոտ բայց չմեռած զանգակներ: Բայց ո՞ր մէկը թուել այն բիւրաւոր ազդակներէն որոնք մեզ կը շինեն պարման ու արարիչ, այդքան կանուխէն յարդարելով մեր ջիղերը իբր ընդունարան եւ արձակարան մեր ժողովուրդին խորհուրդին։ Մեր բոլորին պէս, Պոլսոյ մօտ կամ հեռու, այդ պատանութիւնն ալ այցուած էր սրբազան սարսուռէն, դարերու վրիպանքը ընդոտնող միամտութեամբ մը։ Մէկ հատիկ գրագէտ՝ այդ Պոլիսէն, Զօհրապի խառնուածքով, աշխարհ մը իմաստ կը խտացնէ։

Անշուշտ ուրիշներուն աննմանակ է մեր ճակատագիրը, այս ամենէն զատ։ Ժողովուրդները իրենց անցեալը կ՚ոգեկոչեն մեզմէ տարբեր հոգեբանութեամբ։ Մեզի վիճակուած է սակայն դժնդակ բախտը այդ ոգեկոչումը կատարել մշտապէս ընկրկուն, նուազող փառքի մը, համեմատական բարօրութեան մը մեզմէ խուսափող սուգին մէջ։ Ռոմանթիքները, մեր մէջ, մեզմէ աւելի բարեբաստ էին։ Զօհրապի պատանութիւնը այլապէս կը յուզէ մեզ այսօր, քանի որ այդ շրջանը վերջալոյս մըն է մեր գիշերը սկսող։ Անիկա արդէն վերջին մեծ անունն է որ ըլլայ բարձրացած իր ժողովուրդին միջինէն, եօթանասունէն ասդին, գրական, քաղաքական ու ազգային մարզերու վրայ, համահաւասար, մշտարթուն փայլով։ Նետեցէք ձեր նայուածքը սփիւռքին աղջալոյս ին (թող ներուի այս գէշ բայց այնքան իրաւ բառը որ ցայգալոյս ին չափ արտայայտիչ է, շրջանէ մը, եթէ ոչ աւելի) ու արցունքով պիտի հասկնաք արժէքը անոնց որոնք խարիսխները դրին մեր իմացակական շէնքին, ու անոնց ալ, որոնք այդ շէնքին մարմինը ոտքի նետեցին, անշուշտ մեզայատուկ ճարտարապետական միջոցներով։ Ողբ մը չէ այս անդրադարձը, սա տողերուն վրայ, այլ պարտք մը։ Մեր մտքին պատմութիւնը երկար ատեն պիտի շփոթուի մեր գրականութեան պատմութեան հետ, ինչպէս եղաւ անցեալին մէջ ուր անիկա մեր աղօթքներուն եւ անոնց հեղինակներուն պատմութեան մէջ համաձուլուած կը ներկայանայ:

Զօհրապի գործունէութիւնը ճշդելու փորձ մը կանգ կ՚առնէ անոր առաջին իմացական կազմութեան առջեւ։ Չի նմանիր այդ կազմաւորումը մեր գրագէտներու միջին տիպարին մօտ դիտելի մասնայատկութեան մը որ ազգային է շեշտակի, Վենետիկ կամ Պոլիս, հայ վարժարաններու մթնոլորտով մը պայմանաւոր։ Զօհրապ այն շատ քիչերէն է մեր գրողներուն մէջ որոնք տիրող տարրին հետ իմացական շփում ու աղերս ունեցան, ապրելով անոր դպրոցներէն ներս։ Ասիկա անշուշտ մեծ արժանիք մը չէ երբ բժիշկներ, փաստաբաններ, դպրոցներու տնօրէններ կը հանէ մեր դիտողութեան. բայց Զօհրապի պէս հարուստ խառնուածք մը եւ հզօրատարր միտք մը ատկէ պիտի առնեն ինչ որ ոչ ոքի վիճակուեցաւ մեր գրողներէն։ Նախակրթութեան շեշտ ազգայնականութիւնը, պատանութեան եւ առաջին երիտասարդութեան ալ թուրք մտայնութեան կաղապարը. ահա երկու մեծ զսպանակները այս գործունէութեան որ մոլեռանդ սիրով մը կապուած մնաց իր ցեղին բնազդին, բայց իր իմացականութեան լոյսը չզլացաւ թուրքերուն։

Ճամբան ուրկէ քալեց այս մարդը չի նմանիր, ինչպէս ըսի վերը, մեր գրականութեան վաստակաւորներէն նախասիրուած ապահով ու դասական պողոտաներուն։ Անոր սկիզբը կը կորսուի թրքութեան ամրոցներէն մէկուն մէջ։ Կալաթա–Սէրայ ի լիսէն անշուշտ եւրոպական ոգիի տնկարան մըն է։ Բայց հոն աճելու տրուած երիտասարդնե՞րը: Ու ոչինչ այնքան կ՚ազդէ մեր վրայ որքան ուսումնարանի մը սեղաններէն ստացուած անդրանիկ բիւրեղացումը: Զօհրապ շուտով կը լքէ այդ վարժարանը, աշակերտելու համար իրաւաբանական համալսարանին, այսինքն երկրի մը ամենէն միջակ բայց նոյն ատեն ամենէն հարազատ ընտրանիին որ իբրեւ դեր, գործունէութիւն շատ աւելի կ՚արժէ քան իսկական ընտրանին, ըսել կ՚ուզեմ՝ իմացական սերունդը։

Ահագին կայսրութեան մը բոլոր անկիւններէն հաւաքուած այդ երիտասարդութիւնը պիտի մաշեցնէ սեղանները աւելի կատարեալ թրքանալու սրբազան պատգամով։ Պիտի կարդայ որպէսզի սորվի աւելի խոր արհամարհել. պիտի զարգանայ որպէսզի ժողովուրդներ բնաջնջելու գիտութիւնը արդիացնէ, եւրոպականացնէ։ Շեղում չէ որ կ՚ընեմ։ Զօհրապի սերունդը այս անգամ տիրող տարրէն Գերմանիայով կամ առանց ասոր ալ չուրանար, պիտի չուրանայ իր պապերը, բայց պիտի ուրանայ ուրիշներուն վկայութիւնը, չնմանելով իր նախնիքներուն որոնք իրենց անձէն առաջ իրենց սուրերը կը ղրկէին գերուած ժողովուրդներու: Յետոյ քաղաքական մարդը Զօհրապի մէջ եթէ երբեք դուրս կը մնայ գրականութեան պատմութիւն մը շահագրգռելէ, բայց ինքիր մէջ տիրական վիճակ մըն է որ կը բացատրէ անոր գրականութեան թերիները, անոր գործին անլիութիւնը, անոր մեծ տաղանդէն սպասելի հսկայ իրացումներուն զգայութիւնը։

Փաստաբան է, աւելի յետոյ ուսուցիչ իրաւաբանական համալսարանին։ Աւելի յետոյ հալածական։ Սահմանադրութեան հռչակումը զինքը կը նետէ կրկէս, պետական գործունէութեան բարձրագոյն մրցարանին։ Անդամ է երեսփոխանական ժողովին, պերճ, իմաստուն, բարձրօրէն հեղինակաւոր գործունէութեամբ։ Կը հագնի շահերը՝ խարխլած կայսրութեան մը: Կը խօսի, կը գրէ դիւրութեամբ ու բնականութեամբ, Եւրոպան թուրքերու փոխադրող եռանդին մէջ չվիրաւորելով հիմնովին Ասիա–զանգուածը ժողովական իր ընկերներուն։ Յառաջադէմ մի վարդապետութեանց ախոյեան, անիկա թուրքերը արդիացնելու իր աշխատանքին մէջ կը մնայ մեծ մարդասէր մը, իսկապէս լուսաւորուած մարգարէի տիպար մը: Ու դէպքերու թաւալը զայն կ՚առնէ իր ալիքներուն մէջ։ Ատանայի եղեռնը: Մարտ 31ի յետաշրջական տագնապը՝ որու ընթացքին իր ցոյց տուած քաղաքացիական արիութիւնը զինքը կը վերացնէ հռովմէական տրիբուններու անմոռանալի պատկերին։ Հայկական հարցին նոր կերպարանքը (1912-1913) զայն կը քաշէ աւելի խոր ու դժուար զբաղումներու։ Կը մտնէ այնքան դժուար իր դերին, գործելու համար ընդդէմ պետութեան: Ռուսական միջամտութեամբ օրակարգի հարց դարձող Հայկական խնդիրը իրմէն աւելի ճարտար, հաւատախոր սպասարկուներ թուղթի վրայ շատ ունի, բայց պետական-դիւանագիտական պողոտաներու վրայ ապահով գործիչ` շատ քիչ։ Էֆէնտիներ ու փաշաներ, յեղափոխական լիտըր ներ չէին պակաս մեծ պատերազմը կանխող օրերուն։ Ու ինչպէս միշտ, կար Պոլսոյ ազգային ժողովը ու անկէ բխած մարմիններու տղայական պարը, ինչպէս պատահեր էր պարագան քառորդ դար առաջ երբ նոյն այդ ժողովին այլապէս ծիծաղելի ուղեղին իբր արդիւնք մօրուքներ եւ վարժապետներ ղրկեցինք Եւրոպա, որպէսզի արքունիքներուն դռները բռնաբարենք, ու ճամբու դրուեցանք։

Զօհրապ, մահուան գինով, կը ստանձնէ դերը: Կը կատարէ նիւթին պահանջած անհրաժեշտ դիմումները դիւանէ դիւան, Պոլսոյ մէջ, թուրքերու աչքին առջեւ, օտար դեսպանատուններու կասկածահոյլ մթնոլորտէն ներս: Կը խմբագրէ դիւանագիտական վաւերաթուղթեր եւ յարակից գիրերը։ Կը լարէ արքունիքները դէպի ճակատագիրը դժբախտ իր ժողովուրդին, անոնց մէջ արթնցնելով իսկապէս կենդանի հետաքրքրութիւն։ Այս աշխատանքին պտուղը մեզի արգիլուեցաւ դարձեալ մեր ճակատագիրէն: Մեծ պատերազմը տապալեց այս անաղմուկ բայց ապահով գործունէութիւնը ինչպէս սպաննեց անոր գործակատարը:

Սա շատ ամփոփ ուրուագիծը մեզի իրաւունք կուտայ Զօհրապի մէջ մարդը տեսնելու շարժուն ու գործօն տիպարներէն որոնք պէտք ունին ընդարձակ տարածութիւններու, արժեցնելու համար իրենց խանդը ու շնորհները։ Երեք ուղղութիւններու վրայ (ազգային, պետական, միջազգային պողոտաներէ) ինքզինքը լարած այս ուժականութիւնը իր տաղանդին` նուաղում չունեցաւ, ժամանակէն մաշելով։ Պատանի` կը գրէ։ Յիսնամենի` կ՚արտադրէ իր գեղեցկագոյն էջերը: Հոս է որ կը տարբերի իր սերունդին ընդհանուր միջինէն ուր զանցառելի անուններէ զատ մեծամասնութիւնը սպառած է այնքան վաղահաս։ Տասնըհինգ քսան տարիներ բաւ են որպէսզի Լեւոն Բաշալեան չունենայ այլեւս գրելիք։ 1900ին՝ արդէն վաճառականի տետրակը կը փոխանորդէ օրագիրը կամ հանդէսը իր մօտ: Սիպիլ քերականութիւններուն դիւրին փառքին վրայ իր հանգիստը կ՚ըմբոշխնէ։ Կամսարական գիսաւոր է կատարեալ, ութը տասը տարին հեղ մը իր անունը զգալի ընող։ Միայն Արփիարեանն ու Երուխանը կը տեւէն Զօհրապին չափ։ Ասկէ դուրս, Զօհրապի մօտ միտքը չի դադրիր ուրիշ թափերու վրայ միշտ գործելէ: Նուազ սպառիչ աշխատանք մը չէ մեր ուղեղին համար քաղաքական տենդը, ան ալ արեւելքի ամենէն տարօրինակ կեդրոններէն մէկուն մէջ, պատմական հսկայ յեղաշրջումներու հանդիպման կէտին։ Իրական զարմանք է այսօր հաստատել թէ ե՞րբ անիկա ատեն է ճարած մեր գրականութեան ալ բաժին մը հանելու իր այնքան բազմազբաղ օրերէն։

Զօհրապի կեանքը լայն չափերով կը շահագրգռէ մեր քաղաքական պատմութիւնը (եթէ ընդունելի է նման տարազ մը մեր ժողովուրդին համար ԺԹ. դարու վերջին քառորդէն) բայց կ՚արժէ աւելին: Անշուշտ շատ քիչ անգամ անհատներ մեծ են իրենց ծնունդ տուող ժողովուրդէն։ Բայց երբեմն կան այդ անունները: Դժուար եթէ ոչ անկարելի յանդգնութիւն մը չէ Գրիգոր Զօհրապի համար բանաձեւը ընդունիլ գոնէ իբրեւ վարկած։ Անառարկելի է որ անոր տաղանդը որեւէ ազատ քաղաքակրթութեան մը մէջ, զայն պիտի առաջնորդէր տիրական դիրքերու: Միւս կողմէն՝ իր միջավայրը վարժուած է փառքով յիշել ուրիշ մեծ անուններ, ազգային նկարագրի իբրեւ ցայտուն գիծ ընդունելով մերիններէն շատերուն ուշագրաւ գործունէութիւնը, քաղաքական բարձրագոյն կրկէսներէ։ Օտարներու ծառայութեան մէջ մեր երեւան բերած տաղանդը առասպել մը չէ անշուշտ։ Բայց պէտք է կենալ այդ փառքերուն առջեւ եթէ ոչ կասկածով գէթ վերապահութեամբ։ Գրիգոր Օտեանը այն մէկ հատիկ անունն է շքախումբին մէջ որուն հետ բաղդատութիւն մը արդար կուգայ մեզ այսօր։ Երկուքն ալ հաւասար խղճմտութեամբ սպասը ըրած են իրենց պետութիւններուն եւ իրենց ազգին։ Բայց ահա տարբերութիւնը: Մինչ Օտեանէն մեր ժառանգածը ճիղճ փնջիկ մըն է ընթացիկ տպաւորութեանց, Զօհրապ մեզ կը թողու մէկէ աւելի հատորներ, թա՛նկ` իբրեւ նիւթ, վասնզի կը պատմեն մեր ժողովուրդին յեղաշրջումը իր մէկ որոշ շրջանէն, ու իբր ձեւ, վասնզի կը կազմեն ուրիշ փաստ մը լեզուական ալ եթէ ոչ կատարելութեան, գէթ արդի աշխարհաբարին որոշ մէկ étapeին։ Զանց կ՚ընեմ զինքը մօտեցնել ուրիշ քաղաքական մեծ անուններու որոնք գրականութեան պատմութեան ծիրէն դուրս կը մնան։

***

Գո՞րծը։

Ան ալ բացառութիւն մը:

Գրեթէ մինակն է իր սերունդէն (Կամսարական եւ Չօպանեան բացառութիւն կը կազմեն) ըրած ըլլալու իր գործին համար ճշմարիտ պարտականութիւնը։ Իր ձեռքովը անիկա համախմբած է մեծ մասը իր վիպակներուն, իւրաքանչիւր հատորի մէջ ընդհանուր ոգի մը ճշդած եւ ըստ այնմ դասաւորած իր նիւթերը։ Մահը արգիլեց որպէսզի նոյն խնամքով հատորի կեանքը տուած ըլլար նաեւ իր տպաւորութեանց ընդհանուր հանդէսին, մարդերէ եւ աշխարհներէ։ Չեմ կարծեր որ իր խմբագրականները արժանի կարծէր նոյն կեանքին։

Ամէն տղու պէս, անիկա մուտքը կ՚ընէ մեր գրականութենէն մուսաներու բարբառով։ Ասիկա թէեւ ոչ զօրեղ բայց անկարեւոր ձգտում մը չէ անոր մօտ, քանի որ քսանէ աւելի տարիներու վրայ պատահական բռնկում մը կը պատմէ անկէ։

Բայց իրական իր տուրքը վէպ մըն է, Անհետացած Սերունդ մը (1884) փոքրածաւալ, բայց առաջին իրագործումը իրապաշտ սերունդին։ Զօհրապի տաղանդին կարելիութիւնները լուսաւոր կերպով մը թելադրող այդ վիպակը աւելի է քան փայլուն մուտք մը։ Երկու սերունդներուն (այս անգամ բառը գործածելով իր ընդարձակ առումին մէջ) միջեւ բարձրացող քանդակի մը կը նմանի ան, կրելով անխուսափելի կնիքը սիրող (amateur) գրագէտին զոր միշտ ուզեց մնալ թերեւս ազատիլ չկրնալուն, բայց նոյն ատեն թելադրական, վասնզի գէթ տիպարներու հոգեյատակը շեշտօրէն կը խօսի քսան տարի առաջուան յօրինումի մը։ Ցաւ է հոս ըսել թէ այդ փորձը պիտի մնար մինակ, իր գրական գործունէութեան ամբողջ երկայնքին։ « Նարդիկ »ը Հայրենիք ի մէջ զարնուեցաւ նոյն բախտէն։ Մեծ գործերու համբերանքը միշտ պակսեր էր այս մարդուն։

Հանդէսներու մէջ է որ անիկա պիտի ստորագրէ բոլոր իր վիպակները, իր բառովը՝ նորավէպ երը, բոլորն ալ որոշ թէքնիքով, ծաւալի եւ պարունակութեան մերձաւոր միօրինակութեամբ մը, ինչպէս ոճի եւ կառուցման հաստատ օրէնքներով մանրամասնութիւններ որոնք կը զատեն այդ գործը իրապաշտ դպրոցին նման արտադրութիւններէն։ Մարդ կ՚այցուի Մոբասանէն որ օրաթերթերու երեք (քիչ անգամ աւելի) սիւնակներուն տարողութեան համեմատ պիտի կազմակերպէր իր տաղանդը, անկէ առնելու համար վիպակը որ հակառակ սահմանափակ ծաւալին, արուեստի գործ մըն է միշտ, մանրանկարչական յարդարանքով մը բայց կատարեալ։ Մեր մէջ ոչ ոք այնքան մօտիկը կեցաւ ֆրանսացի վիպողին թէքնիքին։ Մարդ չ՚այցուիր Չեխովէն ուր արուեստի ըմբռնում, կեանքի դէմ կեցուածք, մանաւանդ հոգեյատակ հիմնովին կը տարբերին Զօհրապ–Մոբասանեան եղանակէն, թէեւ ծաւալը իրարու մօտեցնէ ռուսն ու գաղիացին երբեմն։ 1910ին Զօհրապ իր պատմուածքներում մեծ մասը պիտի հրատարակէ, իր ձեռքով, լեզուական շատ փոքր հպումներով, տալով անոնց յատկանշական անուններ, Լուռ Ցաւեր, Խղճմտանքի Ձայներ, Կանքը Ինչպէս որ է: Ութսունական թուականներուն գրիչ շարժող ամէն տղայ ազդեցութեան տակն է շրջանին մեծ հոսանքին զոր կը ղեկավարեն գրաբարի յետաշրջականները եւ որուն վրայ խայտաբղէտ իր առագաստն է բացած տաղանդաւոր ցաւագարը Եղիան։ Երեսուն տարիներ յետոյ Զօհրապ, ինչպէս լսի, թեթեւ հպումներ միայն փորձեց, միշտ լեզուական (քերականական) խղճմտութեամբ մը, ու չմշակեց ոչ մէկը այդ կտորներէն, հաւանաբար արուեստի պահանջկոտութենէն դուրս մղումներու հպատակ: Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի կեանքը կը սրբագրէ ոչ թէ մեր ջիղերը, այլ անոնց վարչութիւնը։ Օր մը ապրուած այդ յուզումները (Զօհրապ իր իրականութիւնն է որ շահագործած է, չնմանելով իր ընկերներուն որոնք իրենցմէ դուրս իրականութիւններու հետազօտիչները ուզեցին մնալ, գէթ այդպէս հաւատալ քանի որ արուեստի գործ մը յաճախ հերքումն է մեզմէ դուրսին, ըլլալու համար մեր իսկ ծորումը մեր հոգեկան ոլորտէն) վերստին ձեռնել, անոնց մէջ դնելու համար ինչ որ յառաջխաղաց կեանքը նետեց մեր զգայարանքներու աղարանին, հերոսութիւն մըն է շատ քիչերէ սպասուող։ Զուտ ստեղծումի տարրը Զօհրապի տաղանդին այդ վիպակներուն մէջ է որ ամենէն աւելի հոծ արդիւնքներու պատճառ կը դառնայ, ինչպէս եւ իր դէմքին կուտայ իր լիութիւնը։

Կարելի է լռութեամբ անցնիլ իր խմբագրականներուն վրայէն, հոգ չէ թէ անոնք իրենց երեւման թուականներուն եղելութիւններ էին, այլապէս ուշագրաւ, վրդովիչ, քիչ մը անառակ ու շփացած ալ։ Խռովքը որ ծնունդ կ՚առնէր անոնցմէ, չէր մնար սահմանափակ միայն Պոլիսին, այլ կը տարածուէր հայութեան հեռու անկիւնները մինչեւ։ Իբր ազդեցութեան պարունակ անոնք անշուշտ վար կը մնան Քէչեանի տիրական, հաստ, ողջամիտ ու դրական համբաւէն որ կը գերազանցէ մեր բոլոր հրապարակագիրներուն վարկը թերեւս արդարութեամբ բայց պատուհասուած իսկ ատով։ Ու չունէին այդ խմբագրականները Արփիարեանի տենդը, ոչ ալ Բաշալեանին կոկ, կոճկուած, հիմնովին գործնապաշտ ու ժողովրդանուէր ընտանութիւնը, քանի որ կը գրուէին տեսակ մը ընտրանիին ճաշակները նկատի առնելով։ Հանդէսը օրագիր [3] մը չէ։ Բայց արդար ըլլալու համար հարկ է աւելցնել որ սեռին մէջ ուզենք չուզենք հրապարակագրութիւնը մեր գրականութեան մէջ կարեւոր եթէ ոչ կարեւորագոյն ճիւղ մը կը կազմէ որուն սպասը ըրին մեր բոլոր գրչի վարպետները շատ ջնջին բացառութեամբ Զօհրապի վաստակը պատուաբեր է գրագէտի իր տաղանդին։ Այսօր, անոնց ընթերցումը մեզ չի խանդավառեր գէթ պատմական, վաւերագրական կշիռներով որոնք Արփիարեանի ճիգը կ՚ընեն այլապէս բարձրորակ: Բայց այդ վաստակը կը ծառայէ առնուազն մարդը աւելի կատարեալ ճանչնալու [4]: Գեղեցիկ, կայծկլտուն իր ողջմտութի՛ւնը, այնքան տարբեր` Բիւզանդ Քէչեանով մարմնացած, գետնատարած (terre à terre) նիւթամտութենէն, այսօր իսկ կը տպաւորէ մեզ։ Իրատես, գործօն, նրբախոյզ իր իմացականութիւնը միշտ պաշտպան մըն է անոր յարուցած հարցերուն։ Կը զգաս թէ անոր նախադասութիւններուն ետին միտք մը կայ որ վեր է միջինէն։ Ո՞ւր դնել, ասոնցմէ դուրս, ըսուածքին անառարկելի վայելչութիւնը, ինքնատպութիւնը, նորութիւնը որոնք երկու փոքրադիր հանդէսի սիւնակը կ՚ընեն այնքան ճոխ մրցարան մը բազմաթիւ շնորհներու, բոլորն ալ որոշ զարգացման մը հասած ճաշակներուն սիրելի։ Այդ երկու սիւնակը անոր համար տեսակ մը մանրանկար բեմ է, որպէսզի օրուան որեւէ մէկ պատահարէն ներշնչում մը դէպք կամ իմացական երեւոյթ անոր առիթ տայ տիրական, յստակ, արի խորհրդածութիւններու (չմոռնալ Պոլիսը, գրաքննութիւնը, մեր գերութիւնը)։ Մասիս էն (1892-93) սկիզբ չ՚առներ անշուշտ մեր հանդէսներուն մէջ սա հանդիսաւոր «գործնակա՜ն իմաստասիրութիւն» ը. տարա՛զ՝ զոր այնքան երանելի ինքնաբաւութեամբ մը պիտի շահէին մեր բթացած, պատուելիացած ճաշակներուն վերեւ աւելի քան ապատաղանդ մարդեր, Զօհրապէն շատ ետքը, աս ու ան ամերիկեան բանկալներէն։ Բայց մեր հանդէսներէն ոչ մէկը մինչեւ այսօր ալ չէ տուած իր ընթերցողներուն օրուան կեանքէն, անոր տուածին չափ ընդհանուր իմաստով կուռ երկու երեք էջ դատում, որ զարնէր մեր ուշադրութեան իբրեւ խորք ու իբրեւ արտայայտութիւն։

Չեմ գիտեր ի՞րն է մեղքը որպէսզի հայ լրագրութիւնն ալ վարակուած ըլլայ ամէն օր խմբագրական թխելու ահաւոր հիւանդութենէն. այսօր աւելի քան դժնդակ՝ երբ ափ մը ժողովուրդի համար երկու յիսուն իմաստուններ [5] ամէն օր խիկարի աւետարան կը կարդան մեր գլխուն: Տխուրը հոն է որ Զօհրապի շրջանին ունէինք զանգուած մը որուն շուքն իսկ կը պակսի օրուան հրապարակախօսին։ Կար կեցուածք, կազմակերպուած հասարակութիւն: Կային խոր ու իրաւ հարցեր, առնուազն կենդանի մնալու պարտքը։ Այսօր ալ կը մղուին թերթէ թերթ կռիւներ, միշտ խմբագրական սիւնակներէն, ամէնքս ալ գիտենք թէ ի՛նչ բանի համար։

Զօհրապի գործերուն ուրուագիծը տալ, առանց մօտենալու համբաւաւոր Ծանօթ Դէմքեր ուն, պիտի նշանակէր շրջանի մը ճաշակներուն վրայ խոշոր պակաս մը թողուլ։ Ինքը չէ հոս ալ ստեղծիչը այդ թշուառ սեռին, քանի որ Պարոնեանի Ազգային Ջոջեր ը, ուրիշ ոլորտով մը, ծնունդ է նոյն ոգիին։ Աւելի արդար պիտի ըլլար Զօհրապի կազմակերպած այդ ցուցահանդէսին մէջ (ուրիշ անուն անյարմար պիտի գար պատմելու այդ թեթեւ, անկշիռ, անհորիզոն դիմանկարումը որ դպրոց ալ կազմեց մեր մէջ այնքան դժբախտ յաւակնութիւններով) անդրադարձ մը տեսնել ֆրանսական քննադատութեան, այդ օրերուն դէմքերու նկարում մը (բոլոր դատողները անոնց) պարտադրելով գործերու հասկացողութեան փոխարէն։ Կը կարդանք Զօհրապին վրձնած դէմքերը, կը սիրենք անոնց վրայ խոր ու տիրական քանի մը գիծեր, որոնք չեն մոռցուիր։ Բայց որոնք վէպէ մը փրցուած կենդանագիրներ են կամ գէթ այդպէս կը տպաւորեն, ըլլալու փոխան իրական պատկերներ, կրկնակ երեսներով (ինչպէս է ինքնին արուեստագէտի ամէն անուն)։ Անշուշտ անոնք ունին կաղապար, շրջանակալ, ու ժամանակին դիմացող շնորհներ, քանի որ անոնց պակասը պակաս մը պիտի նշանակէր մեր ընտրանիին ճանաչման ընդհանուր գործին մէջ։ Մեծ չէ անոնց ծաւալը: Հանդէսի մը մէկ երկու էջը ամենէն շատ։ Գոյնի աւելի սեւ մատիտ։ Նկարագրի աւելի ուրուագիծ, փորագրում: Անոնք կը պատմեն, արագ, ֆիզիքական քանի մը կողմեր, որոնց ետին՝ բարոյական ուրիշ բլան ներ, արուեստէ ու գործունէութենէ տարտամ ընդհանրացումներ, երբեմն խառնուածքը, քանի մը առոյգ բլագն երով [6] ։

Զօհրապի վաստակը իր լիութիւնը կը գտնէ իր Ճամբորդի Տպաւորութիւնն երէն որոնք օրաթերթերու մէջ հրատարակուեցան պատերազմէն առաջ։ Իր խոր հաւատքը անոնց արժէքին վրայ հեղինակի նանիր փառասիրութիւն մը չէր։ Հակառակ անոր որ այդ տպաւորութեանց անմիջականութիւնը, ենթակայականութիւնը տարօրէն կը փոքրեն անոր տարողութիւնը (գէթ այսպէս է սեռին նկարագիրը եւրոպացի մեծ ճամբորդներու գործին վրայ ուր նօթուած հում նիւթը միայն կը վերապրի շքեղ, բանաստեղծացած պատկերացումներէն Շաթոպրիանի, Լամարթինի, նոյնիսկ Լոթիի) Զօհրապ գտած է քանի մը մեծ ընդհանրացումներ, որոնց արժէքը զինքը կ՚անցնի:

 

***

Մարդը մէկն է մեր բացառիկ տիպարներէն: Հատոր [7] մը քիչ պիտի գար սպառելու անոր արտակարգ կենդանութիւնը, պարզ կամ խոր ապրումի մարզերէն։ Ըսին թէ իր գործին կեդրոնական մասը, իր վիպակները, կուգար իր զգայարանքներէն: Հրանդ Ասատուր կը պատմէ աւելին: Ու տարօրէն ճիշդ է որ արուեստագէտը իր կեանքէն կը հանէ իր գործին ամենէն անկորուստ մասը, ապրելով կամ դիտելով որոնք երկու երեսներն են նոյն երեւոյթին։ Մեր գրողներուն մէջ իր եւ յաջորդ սերունդը ամբողջութեամբ կը դնեմ այս տարազին տակ չունինք ուրիշ մը որուն ջիղերը թաթխուած ըլլային այնքան բազմազան ջուրերէ ներս։ Երկու երեք քաղաքակրթութիւններ ապրած է այդ մարդը, հաւասար ընկալչութեամբ, ուժգնութեամբ: Անիկա կը ճանչնայ թուրքերը միսերու վկայութեամբ մը, տակաւին շատ կանուխէն։ Դատական նախարարութիւնը միայն թղթածրարներու թանգարան մը չէ, այլ ամփիթատրոն մը ուր կուգան մերկանալ ժողովուրդի մը ամենէն հզօր ցանկութիւնները, կիրքերը, կատաղութիւնն ու անմեղութիւնը։ Աւելին՝ անիկա հրապարակ մըն է ուրկէ կը մեկնին բիւրաւոր արահետներ դէպի մարդոց առանձնարանները, պալատ, ապարանք, պարզ տուն կամ խրճիթ, քանի որ այսպէս է կեանքը։ Այդ հրապարակին վրայ յաւիտենական որսորդ մըն է արուեստագէտը։ Ու կը լռեմ աւելին։ Միայն թուրքերու հետ իր սա եղերական շփումը զինքը պիտի ընէր եւ ըրաւ այն հասուն մարդը որ իր ջիղերուն կեանքը պատմելու ատեն սուտին կարօտ չէր: Այնքան հարուստ էին եղած իր ապրումները։ Աւելցուցէք մեր ալ կեանքը, այսինքն իր հասարակութեան բոլոր խաւերը, որոնք, միշտ կողմով մը երես ունին թուրք հոգեբանութեան հետ հաղորդակից։ Յետոյ դիւանագիտական աշխարհը, բարձր դասակարգը, գրեթէ միջազգային նկարագիրով Պոլսոյ տիրող շրջանակները, օտար բարձրագոյն ցնծուհիները, արուեստագիտուհիները, պալատական փարթամ իշխանուհիները, դեսպաններ ու նախարարներ որոնք դուրսէն դիտուած կամ թուղթի վրայ բառեր ու ձեւեր են միայն մեզմէ շատ շատերուն [8], բայց Զօհրապի կեանքին մէջ` իրողութիւններ են, բոլորովին տարբեր, եւ ատով՝ անոր տաղանդին վրայ որոշ կնիքով։ Ու երբ մարդոց ազդմունքներուն եւ հակազդմունքներուն վրայ աւելցնէք նաեւ մտայնութեանց հոսանքը, հայու եւ թուրքի հոգեբանութեան այլապէս հզօր միսթիքը, այն հազար ու մէկ տառապանքները որոնք պայման ունեն միայն ցեղային ծագում մը, ու այն միւս տագնապները որոնք պատմութեան խողովակովը թափուեցան անոր ճամբաներուն, ու զինքը մինչեւ եղերասպան իր ճակատագիրը առաջնորդեցին, այն ատեն հասկնալի կ՚ըլլայ թէ որ աստիճան հարուստ, թելադրիչ, խոր հերոս մըն է անիկա ոչ թէ վէպի մը, այլ այն հատորին ուր կէս դար հայութիւն, թրքութիւն, Եւրոպա, մեղք, ոճիր, երազ եւ միամիտ քաղցրութիւն քով քովի պիտի գային ու իրարու վերածուելով պիտի կազմէին անխորտակելի վաւերագիրը սերունդի մը գերագոյն ներկայացուցիչներէն մէկուն։

Իր գործը, անշուշտ, բաղդատուած յորդ այն հողին՝ որ անոր կեանքը եղաւ, մեզի չի տար խոր հեշտանքը զոր կ՚առնենք օրինակի մը համար, Ռաֆֆիի, Շիրվանզադէի, Նար-Դոսի աշխարհներէն։ Այս վերջինները ընդարձակ երկրամասեր խուզարկած են մեր հոգիի ծիրերէն, ու անկախաբար իրենց հում, թերի պարագրկուած եւ հետեւաբար կոշտ մշակուած սեւեռումներէն, կը մնան ճոխ մթերանոցներ առնուազն շրջանի մը բարքերուն։ Զօհրապի համար նման գոհունակութիւն մը չունիմ հոս արձանագրելիք: Անշուշտ մէկն է այն շատ հազուադէպ գրողներէն որոնց գործին մէջ շատ անկշիռ է մեռեալ տարրը։ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ, իր ողջուցը զինքը շփացնող վարկը, չեմ կարծեր որ շուտով ջնջուի իր վաստակին վրայէն: Չեմ առաջ երթար, անոր տուածին մէջ ընդունելու չափ Պոլսոյ գերագոյն յաջողանքը: Սխալ մը` որքան անիրաւութիւն մը պիտի ըլլար ատիկա։ Բայց յիսուն տարի ետքը դեռ իր վիպակները կը կարդացուին որպէս թէ երկու սերունդ չըլլային անցած անոնց հրատարակման օրերէն։ Փորձեցէք նման յանդգնութիւն մը Հայկական Նամականի ին համար, ու պիտի զգաք թէ ինչ ըսել է չվախնալ ժամանակէն։

 

2. ԿՈՂՄԵՐԸ ԻՐ ՏԱՂԱՆԴԻՆ

Զօհրապի ասպարէզը չի նմանիր մեր գրողներու ընդհանուր պայմաններուն։ Օտար մեքենայի մը վրայ աշխատող մարդ մըն է ան, հարկադրանքին տակը հզօր ազդակներու, որոնք անկէ կը պահանջեն ամբողջական ուժերը, մշտական ուշադրութիւն եւ լայն վատնում մը բացառիկ յոգնութեան։ Նոյն տաղանդը, նոյն պայմաններու կշիռով այդ մարդէն կրնար ստեղծել առաջնակարգ վարչական դէմք մը, անոնցմէ` որոնք երկրի մը պատմութեան մէկ պահը կը կնքաւորեն։ Մնալով մեր կարելիութեանց մէջ, անիկա պիտի կրկնէր Գրիգոր Օտեանը, Նիկողայոս Զօրայեանը, Հրանդ Ասատուրը, Յովհաննէս Շահնազարը, Տիրան Քէլէկեանը, ըսել կ՚ուզեմ՝ մեր գրականութեան մէջ անուն մը պիտի ըլլար, փոխանակ ըլլալու գործ մը, վկայութիւն մը որ կը դիմանայ քանի մը պատիկ առաւել ուժգնութեամբ։ Զօհրապ գործ մըն է ու ասիկա իր բոլոր նշանակութիւնը կը ստանայ իր ասպարէզին հետ երբ կը դրուի դէմ դիմաց։ Բայց ահա, աւելին:

Անիկա ստորագրած է մեր առաջին իրապաշտ վէպը եւ իր կնիքը դրած մեր վիպակին վրայ, տիրական ու անջնջելի։ Դպրոց չէ կազմած, թերեւս իր շատ զարտուղի գրական խառնուածքին ճնշումովը. բայց եղած է գեղեցիկ պատկեր մը, հեռուներէն տեսանելի։ 1900ին գրիչ բռնել սկսողները, մեր գրականութեան մէջ իրմէ դուրս ուրիշ մտապատկեր մը չունէին, ու ասիկա իր վարկէն ու համբաւէն անկախաբար: Գրական սեռի մը մէջ որ այդ օրերուն եւ հիմա ալ, զանգուածներուն համակրութիւնը կը վայելէր, Զօհրապ գիտցած էր պահել գրողի հպարտութիւն, ըսուածքի ուժ ու շնորհ։ Իր նորավէպերը, ըսի վերը, գրական եղելութիւններ էին, անշուշտ ոչ իրենց սեւ աչքերուն եւ յօնքերուն համար, այլ անառարկելի այն փաստով որ արուեստի գործերը ընկերային արժէքով վաւերագիր մը կ՚ընէ։ Զօհրապի վիպական արդիւնքը իբր որակ իր սերունդէն ոչ ոքի կը զիջի իր ազնուութիւնը, խտութիւնը, անխառնութիւնը (հրապարակախօսական, բարենորոգչական ձգտումներէ, պրոպականտէ, ինչպէս են մեծ գործերը մեր նոր զոյգ գրականութեանց, այնքան յաճախ։ Խենթը եւ Կարմիր Ժամուցը Իբր քանակ անիկա առաջինն է դարձեալ իր սերունդին վաստակէն: Այսքանը միայն բաւ էր իր անունին, որ սիրող (amateur) գրագէտի հարկադրեալ պչրանքէն չուզեց բաժնուիլ բայց եղաւ անկորուստ փառքերէն մէկը մեր գրականութեան։

Իր մէջ կայ հրապարակագիրը, անշուշտ նիհար իբր վատնում։ Բայց իր ժողովուրդի միջին գաղափարագրութեան տիրապէս տեղեակ։ Գրականութեան պատմութիւն մը չի կրնար լայննալ գաղափարներու շրջափոխութեան լիակատար արտահանումի մը, բայց կ՚արձանագրէ անունի մը կապուած հասարակաց յայտարարը: Այս տեսակէտէն դիտուած, Զօհրապ մեր լրագրութեան մէջ մեծ անուն մըն է, մօտիկը դրուելու արժանի արեւելահայ անդրանիկ հրապարակագիրներուն, ոչ իբրեւ հերարձակ նուիրում կամ անհաշիւ գործունէութիւն, այլ արմատական, յառաջահայեաց գաղափարներու ախոյեանութիւն։ Գրաքննութիւնը անշուշտ շատ բան կտրած է այդ թափէն։ Չի նմանիր Մամուրեանին, Քէչեանին եւ ուրիշներու, որոնց մօտ յօդուածը տեսակ մը թաքուն փառասիրութիւն կը փոխադրէ։ Չէ հասած Արփիարեանի մեծ ժողովրդականութեան բայց անկէ աւելի վայելած է յարգանքը իմացական ընտրանիին։ Եթէ գրաւոր վաստակին վրայ ուզենք բարդել նաեւ այն որ մտածումով, շարժումով, դիւանական նրբանցքներու ուղիով կը կատարուի, վախի, վտանգի, մահուան ոլորտի մը մէջէն, ինչպէս եղած է իր ազգային գործունէութեան գոնէ վերջին շրջանը (1913), այն ատեն կ՚ունենանք շեշտ ու արի գործիչին տիպարը որ մեռաւ իր գաղափարներուն պաշտպանութեան վրայ: Արդար է որ կատարուի այս ձուլումը գրողին եւ գործողին երբ կը հանուին կողմերը իր տաղանդին։

Իր տպաւորապաշտ էջերը ուրիշ մէկ կողմը կը կազմեն անոր տաղանդին: Չեմ գործածեր իր անունին հետ քրոնիկագիրը թէեւ շատ ըլլան սեռը յայտարարող գրուածքներ. իր յիշողութիւնները, անցեալէն վերակազմումները, իր ժամանակէն դէմքերը եւ մտայնութիւնները համադրող վրձնումները իր ընդհանուր վաստակին մէջ։ Պատահական մշակի մը իր աշխատանքը զինքը զուրկ պահեց ամենօրեայ յաճախանքով կազմուած այն փորձ, վարժ, ընտանի դերէն որ Արփիարեանը կը զատորոշէ այդ գետնին վրայ: Այն հատորը որ կը խմբէ իր յիշատակները, տպաւորութիւնները, դիմանկարները մեր գրականութեան համար թանկ է դարձեալ, վասնզի անոր մէջ կը հաստատուի առաջին յստակ դէմքը իր ժամանակը տիրաբար դատողին, վասնզի զայն, այդ ժամանակը ճանչցաւ ուրիշներէն շատ աւելի իմաստուն ճամբով մը, իր իսկ կեանքին վկայութեամբը։

Զօհրապի վրայ դիմանկարային սա աշխատանքը պիտի մնար անբաւական, եթէ երբեք չբարձրանար անոր անձին ընդհանուր ճառագայթումին որ հին դէմքերու յատակին ոսկեգոյն լուսաշեղբ մըն է, բայց կը դաշնաւորէ իմաստն ու գոյները։ Անիկա այն միակ անձնաւորութիւնն է մեր նոր գրականութեան, ուր կողմերը, երեսակները ըլլան համաձուլուած ներդաշնակ ամբողջի մը մէջ, ստեղծելու համար գործին եւ զայն ոտքի նետող ուժերուն երջանիկ համադրումը։ Փնտռեցէք սա իրողութիւնը մեր գրողներէն որեւէ մէկուն վրայ։ Պիտի չգտնէք։ Չեմ Յառաջացներ ընդհանրացումը, օրինակի մը համար, Արփիարեանի կեանքին եւ գործին մէջ իրական հակադրութիւնը դատելու ատեն, կեղծիքէ խօսելու: Մեր գրագէտներէն քիչերու կեանքը նպաստ է բերած իրենց գործին։ Յաճախ՝ այդ նպաստն ալ ժխտական եղաւ: Տարօրինակ է որ սիրող, պատահաբար գրող մարդու մը վրայ ստիպուիմ հաստատել այդ դժուարին միախառնումը:

Գրագէտ, գործիչ, պետական պաշտօնատար, ուսուցիչ, բեմբասաց, մեծ ապրող, բանաստեղծ, արուեստագէտ, դիտող եւ մտածող ասոնք բոլորը եղաւ անիկա, անշուշտ մաս մաս, երբեմն կողմերէն մէկուն կամ միւսին աճումովը, նուազումովը, երբեմն կատարեալ, երբեմն անհաւասար։ Բայց եղաւ, ուրիշ բոլորէն աւելի, շրջանի մը մարդը։ Կը փորձուիմ զինքը տեսնել վերածնունդի յորդ դարերէն յապաղած տիպար մը իբրեւ, մեր մէջ, անոնց նման կրելով իր ներսը վեց եօթը մարդ, իր մէկ հատիկ գանկին մէջ բազմութիւններու բաւող զսպանակներ։ Յետոյ, իւրաքանչիւր իր երեսին վրայ այնքան յորդութիւն, ամբողջականութիւն, որքան չեն տրուած ատոնք մեզմէ շատերուն։

 

3. ՎԻՊՈՂԸ

Ամբողջ քսան տարի անիկա արեւմտահայ գրականութեան մէջ պտտցուց իրեն զիջուած տիտղոս մը, արժանաւոր լրջութեամբ ու արդիւնքով։ Զայն անուանեցին նորավէպի իշխանը երբ ողջ էր: Փոսթալ էն մօտ քառսուն տարի վերջը, հակառակ մեր գրականութեան նորագոյն փորձարկութեանց (experience), տիտղոսը կը մնայ հաւատարիմ իր յիշատակին, քանի որ չունիմ անուն մը ուր յղացքին բոլոր ստորոգելիները հաստատելի ըլլային այն ճշգրտութեամբ, այն կարկառով որքան եղան անոնք Զօհրապով կնքաւոր այդ սեռին [9] մէջ։ Զուր տեղը չէ որ կը կրենք մեր տիտղոսները երբեմն։

Զօհրապի մօտ վէպի զգայարանքը առաջնակարգ կարողութիւն մըն է. բազմազան իր շնորհներուն մէջէն այն միակը որ կը պատկանի բացառաբար արուեստի կալուածին։ Անիկա, ինչպէս ըսուեցաւ, մեր գրականութեան մէջ վաղատի իր մուտքը արժեւորեց ճշմարիտ վէպով մը։ ԱԱնհետացած Սերունդ մը իր ծաւալին ճնշումէն շատ դիւրաւ կ՚ազատի, երբ զետեղուի իր ժամանակին ու պայմաններուն մէջ։ Իզմիրի ահարկու թարգմանութիւնները, օրաթերթերու հսկայ աւերը` գրական ճաշակին խաթարման մէջ, երբ ամենէն այլանդակ թերթօնները կը թարգմանեն, Տիւսաբի դղրդահամբաւ յօրինումները, ու սանկ ու նանկ իրապաշտիկ պատառիկներ, այնքան վախկոտ իբր փորձ ու այնքան ճիղճ` իբր արուեստ, իրարու կ՚աւելնան որպէսզի շինուի 1880ի մեր միջին ճաշակը, լեզուական, ուսուցողական, քերթողական իր շեշտ անայժմէութեամբը։ Ամէն ինչ դէմ է Անհետացած Սերունդ մը վէպով մեզի մատուցուած ըմբռնողութեան: Ու հոս է Զօհրապի դերին ճշգրիտ իմաստը։ Այդ գիրքը վկայութիւն մըն է ու առանձին կեցուածք մը։

Չեմ վերլուծեր զայն, ոչ` արժանիքէ նիհարութեան մը պատրուակով, այլ այն աւելի պարզ պատճառին համար որ գրականութեան պատմութիւն մը ուսումնասիրութեանց շարք մը չէ ինչպէս ընել ուզեցին եւ ըրին ալ շատեր, մանաւանդ արեւելահայ երակէն, երբ հեղինակները ներկայացնելու աւագ պարտքը շփոթեցին անոնց գործերուն աղկաղկ, թերի (ուրիշ կերպ կարելի ալ չէ արդէն երբ հազար էջերու սղումը կը փորձենք քանի մը տասնեակ էջերու վրայ) անշահեկան փոխադրումին: Անհետացած Սերունդ մը մեր առաջին ու ճշմարիտ վէպն է, ու Զօհրապի գործին ընդհանուր գումարին վրայ՝ իր կշիռը ծանր [10] ։ Բոլոր իր վիպակները լայն իրենց սկիզբովը վէպի մը մուտքին տպաւորութիւնը կ՚ընեն։ Ուշադիր զննութիւն մը ձեզի պիտի տայ նկարագրականներ, միշտ այդ առաջին էջին վրայ որ յայտնապէս կը զատուի վիպակին միւս էջերուն հետ համեմատութիւնը պահելէ: Ասիկա՝ իր վիպասանի շնորհին առաջին վկայութիւնն է: Սխալ պիտի չըլլար, այս անկիւնէն դիտուած, այդ վէպը անուանել իրապաշտ շարժումին անկիւնաքարը, Ամիրային Աղջիկը ընդունելով իբր գերագոյն իրագործումը դպրոցին։

Նորավէպի իշխանը փառքի տիտղոս մը միայն չէ, այլ նոյն ատեն վկայութիւն մը: Անշուշտ անոնք որ բանաձեւը գտան ու գործածեցին առաջին անգամ, անգիտակցաբար այցուած էին անոր մէջ ողջունելու ճշմարիտ վիպասանը որ պարագաներու ճնշումին տակ կը զոհէր շատ բան իր կարելիութիւններէն, ենթարկուելու համար մեր գրականութեան երկու մեծ բռնութիւններուն։ Ատոնցմէ առաջինը ժամանակն էր ու է, որ մեր բոլոր գրողները պահեց իր երկաթ կապանքին տակ։ Տեւողութիւնը արուեստի գործին համար այն է ինչ որ է արեւը պտուղին համար։ Ու չեմ խորանար հասկնալու համար թէ ինչո՞ւ մեր գրականութեան մէջ քիչ շատ տանելի գերազանցութեան մը հասնին առաւելապէս այն սեռերը ուր տեւողութեան հարց մը գոյութիւն չունի: Մեր քնարերգութիւնը, նորավէպը կ՚իյնան այս յաջողանքին տակ: Ատոնցմէ երկրորդը մեր քաղաքական ճակատագիրն է: Գերի ժողովուրդներուն արգիլուած գօտիներ կան նիւթին, մանաւանդ ոգիին սահմաններէն: Ի վերջոյ արուեստը իր հիմնիմաստէն պարպել պիտի նշանակէր, եթէ երբեք անոր չարտօնուէր մօտենալ գերագոյն յոյզերուն զորս կեանքը կը նետէ մարդոց ջիղերէն ներս։ Արուեստը ազատութիւն է ըսեր են։ Կ՚աւելցնեմ արուեստը ամբողջութիւն է։ Ու 1890ին, 1900ին մեր գրագէտները երկաթէ պահպանակի մը մէջ գիրի էին տուած իրենց հոգիներուն ամենէն ցաւոտ, վիրաւորուած, նուաստացած մասերը։

Այս ընդհանուր ճնշումէն դուրս, Զօհրապի առանձնական կեանքն ալ մեծ տեղ մը, դեր մը ունի որպէսզի վիպողը իր մէջ հետզհետէ ընկրկի, առաջին գիծի հանելու համար նորավիպագիրը։ Աս այսպէս է անկախաբար տաղանդի հարցէն որ նոյն էր իր երկու երեսներուն ալ վրայ: Յետոյ, իր փաստաբանի գրասենեակը վճռական կաղապար մը տուաւ անոր մտքին, ստեղծագործող տաղանդին։ Հոն էր որ անոր մատուցուեցաւ կեանքը, անհատականացած, ինքիր մէջ ամբողջ ու ողբերգական։ Ոճիրներ էին որոնք կը փռուէին ամէն օր իր թուղթերուն վրայ, անգամ մը արեւին մէջ գործուելէ ետքը։ Ամէն մէկը անոնցմէ մարդոց հոգիին խոշոր գայթումները, նուաղումները կը տեսարանէր, զսպանակներու, շարժառիթներու առատ հանդէսով մը: Ամէն օր փոխուող ու նորոգուող այս արիւնի, սերմի, փառքի եւ կիրքի Ֆիլմ երը, ամենէն քի՛չը, արագութեան, վազքի իրենց նկարագիրը հարկադրեցին անոր։ Աչքէ անցուցէք անոր գլխաւոր հերոսները։ Գրեթէ առաջին դերակատարը ինքն է այդ պատմուածքներուն: Բայց մա՛րդ մը, այդ ինքը զոր շինած են իրեն փսփսացուած խոստովանութիւնները։ Որքան տարբերութիւն Եղիայի բռնահնար ես ին եւ Զօհրապի բռնասքօղ անձնաւորութեանց մէջտեղ։ Իր կիները, հերոսուհինե՛ր, փրկուած են այն գաղտ իրականութեամբ որ անոնց մարմինն է երբեմն, բայց աւելի շատ՝ այն ընկերային պիտակով որ անոնց մեղքերը, անկումները կը լուսապսակէ, իրապաշտ դպրոցին (այս անգամ միջազգային) շատ սիրելի տկարութեան մը գինով։

Զօհրապ չէ հնարած իր պատմած կեանքը։ Պէտք ալ չունէր ատոր: Այնքան յորդ կուգար իրեն, կեանքին այն հեղեղը որ յաճախ ստիպուած է եղեր զայն խտացնելու, իրեն մատռուակուած թունդ զգայութիւնները այսպէս կերպարանափոխելով։ Առէք ո՛րը որ կ՚ուզէք իր վիպակներէն: Փոքր վերաշինում մը այդ կարճ պատկերին պիտի դարձնէր այն բովանդակ հոծութիւնը զոր այն ունեցեր էր երբ ատոր դերակատարները գտաւ իր մահիճին կամ փաստաբանի խոստովանատեղիին մէջ։ Քակեցէք քանդակին գիծերը, փռեցէք անոր թելերը իրարմէ հեռու: Ձեր գտնելիքը պիտի ըլլայ այն դժբախտ, ահարկու ցանցը զոր Աստուած նետեր է, անցուցեր է մեր ոսկորներուն։ Իր Թէֆարիկ ը, հակառակ խորապէս անձնականացուած մատուցուելու ճիգի մը, անմիջապէս կ՚ազատագրուի պոլսական միջակորեար տան մը մէջ տախտակ սրբողի, սենեակ աւլողի դերէն, ըլլալու համար ամբողջ դասակարգի մը տռամը։ Որքան դիւրին՝ այդ բռնի անուանափոխ կնոջ ետեւէն վերակազմել կեանք մը, ինքնիր մէջ ամբողջ, իրաւ, ողբերգական որքան եղած է անիկա պոլսամերձ գիւղի մը մէջ (Պարտիզակ) որ մայրաքաղաքի ջոջ գերդաստաններուն ստնտուներ, սպասուհիներ հայթայթելէ առաջ, կեդրոն մըն է հողին կապուած, անոր գերի, անկէ ուսած ու սնած միջին տիպարներուն, հայ գիւղին, այս անգամ հեռու՝ իր դարաւոր հարստահարիչներուն ուղղակի ճիրաններէն, բայց նոյնքան դժբախտ՝ քանի որ ճակատագիրը այլապէս բարդ խաղերովը կախ է նորէն անոր վերեւ: Արագ իր տագնապին մէջ այդ պատկեր-պատմուածքը որքան դիւրութեամբ պիտի կրնար արձակուիլ իր միւս ալ տիպարներուն վրայ, պարզելու համար Պոլսեցի տիկիններուն ամբողջ կամայականութիւնները, քմայքները, բնաւորութեանց բազմազանակ երեսները, բոլորն ալ զարմանալի խտութեամբ մը իրերադրուած, ըսես անցողակի, ըսես՝ անգիտակցաբար, բայց իրարու հետ կազմելու համար դիմանկար մը որ կը դիմանայ: Որքան քիչ է ինքնավերլուծումին բաժինը իբր տող, նոյն այդ նորավէպին մէջ ուր երկրորդ հերոսը հեղինակը չէ վարանած ուղղակի, անուանելու։ Գրողի, աշխարհիկ երիտասարդի ինչ առոյգ ու ամփոփ նկար է ատիկա, միշտ նոյն թէքնիքով, նոյն արագութեան մէջ, սղագրուած կարծես։ Բայց որուն արտայայտութիւնը այնքան դիւրաւ կը հաղորդուի քեզի։ Կը տեսնես 1880ի երիտասարդը, հաճոյամոլ, իրապաշտ, բայց կարեկցուն, նանրամիտ որքան սկեպտիկ, որ կիներուն պիտի մօտենայ ինքն ալ չգիտնալով թէ ի՛նչը կ՚ուզէ անոնց, մարմինէն ետքը, տակաւին, գտած չըլլալուն ան զոր չունի ինքը ամենէն առաջ։ Էջեր անբաւական պիտի գային մէկ հատիկ պատմուածքի մէջ զետեղուած բոլոր խորքերը, խորհուրդները քակելու: Ու հոս է տարբերութիւնը իր եւ ամբողջ իր դպրոցին միւս վարպետներուն մէջտեղը։ Արփիարեանի պատմուածքները սպունգային իրենց կառոյցը կ՚աշխատին փրկել արուեստէն ոչ նախասիրուած, չըսելու համար օտար քնարներով սրամտութիւն, արկօ, հեգնութեան լայն ախորժանք մը (որ անշուշտ արուեստի պայմաններէն մէկն է բայց երբեմն կը փոխադրուի համեստ դերին) եւ ընկերային աղաղակող պրոպականտ: Չէք կրնար իր տուածները արձակել, վասնզի արդէն այնքան քիչ է անոնցմէ ներս կուտակուած իսկութեան գումարը: Ու ասիկա այսպէս Կամսարականի, Բաշալեանի, Սիպիլի նորավէպերուն համար որոնք բոլորն ալ փոքր իրողութիւններու ընդլայնումներ են: Զօհրապի թէքնիքը ճիշդ հակառակն է ատոր:

Չվերլուծեցի Անհետացած Սերունդ մը վէպը, ճիշդ այն նկատումներով որոնք տիրական են Զօհրապի ամէն մէկ էջին համար, այսինքն անոր վիպակներուն տարօրէն ընդլայնելիութիւնն էր որ զգոյշ ըրաւ զիս։ Չեմ վերլուծեր դարձեալ իր Փոսթալ ը, դասական եղանակովը վերլուծող ասպետներուն: Բայց կը յանձնեմ ձեր նկատառումին այն շատ յատկանշական պարագան որ այդ քսան էջնոց պատկերացումին տակ, հսկայ քաղաք մը (Պոլիսը), ասոր մէկ քանի անմոռանալի քանդակները, հոն նկարագիր ստացած հասարակութեան մը քանի մը ահակարկառ տիպարները, իրենց մեղքերուն, առհաւութիւններուն, ախորժակներուն ամբողջ շքախումբովը, կ՚աւելնան արագ, հապշտապ գործողութեան մը բռնութեան որ տռամը կը վերածէ մղձաւանջային իրականութեան մը։ Ու այս ամէնը դէմքի մը շուրջ որ գեղէն կուգայ, մէկ ու նոյն գեղէն։ Կուգայ իբր սպասուհի, հոն ձգելով տուն մը, տղայ, էրիկ, ամբողջ իմաստ մը, ամբողջ խորհուրդ մը որ տուրքն է մեզի մեր ջուրերուն, հողերուն եւ լեռներուն: Այդ Տիգրանուհի ն պարզ անուն մը չէ, այլ դասակարգ մը: Ու ինչ որ Զօհրապի աննմանելի տաղանդը պիտի կազմէ, այն խտութիւնն է նորէն, որով այդ ամբողջ քաղաքը, այդ լեռնալանջի անուշիկ գիւղը, անոր մէջ Պոլսոյ դին կարօտահայեաց սպասող էրիկներն ու մանչուկները, անոր լեզուն, շեշտեալ հնչիւնները, անոր բարքերուն մէկ քաղուածքը պիտի սեղմուին Պոլիսի շքեղ մէկ արուարձանային կենցաղին Ֆազ երուն մէջտեղը ու պիտի կազմեն միութիւն մը ուր քաղաքն ու գիւղը իրարու չըլլան հակադրուած, վարդապետական նկատումներով, ինչպէս է յաճախ պարագան Արփիարեանի, Բաշալեանի կտորներուն վրայ, այլ՝ ինչպէս շինած է այդ դժբախտութիւնը կեանքը արդէն։ Ինչ անմոռանալի կիներ են միջնորդը, տանտիրուհին, իրենց յօրինման կատարելութեան քովն ի վեր, կրելով իրենց շուքը, իրականութեան վրայ ձեւուած կիներու ամբողջ տգեղութեամբը ու սարսռազդեցիկ մարդկայնութեամբը։ Ի՜նչ ճանաչում է մարդոց, անոնց արարքներուն զսպանակներուն, անոնց ներքին իրականութեան վրայ ինչ ապահով, տիրական նայուածք: Ու այս տիրապետումին քովն ի վեր ինչ քնքշութիւն, նրբազգած յոյզերու ինչ քաղցր աշխարհ մը, արեւով, ջուրով, գերեզմանով եւ հեռաստանով հայթայթուած որ կիրքերու, գարշութիւններու, զզուալից մեծութեան այդ գուպարը մերթ ընդ մերթ կուգայ բարեխառնելու: Զուր տեղը չէ որ գրականութեան մէջ մեր մուտքը կ՚ընենք մուսաներէն առաջնորդուած։ Ամէն տեղ գոյ է բանաստեղծը, Զօհրապի կտորներուն մէջ։ Ու կարծես միակ պայմանն էր ատիկա իր ենթաշխարհը հանդուրժելի ընծայող:

Աւելցուցէք ասոր վրայ խուլ բայց իրաւ դատախազի կեցուածք մը, ժողովրդային տրիբունի ցասկոտ բայց զուսպ սպառնալիքը որ չի ճապաղեր (Արփիարեան), չի տառապիր, մեր զգացական աշխարհը խռովելու ճիգով մը (Կամսարական), չի տնտնար քանի մը գիծերու սեւեռման հաճոյքին մէջ իր գոհացումը հետապնդելով, ու գտնելով (Բաշալեան) չի յօրանար, գրել գիտցողի շնորհները ցուցադրելու իր ճիգը միայն ու միայն արժեցնել ձգտելով (Սիպիլ), որոնք բոլորը մէկ իրապաշտ վիպակը գործածեցին ընկերային իր արդիւնքին հակող առաքելութեամբ բայց, ինչպէս ըսի քիչ վերը, բոլորն ալ չեղան առարկայական Զօհրապին չափովը: Անիկա ծառայեց իր պատկերած կեանքին մէկ ու վճռական անշահախնդրութեամբ մը։ Երբ կ՚աւարտէք Փոսթալ ը, ձեր մէջ արգահատանքը այնքան սրտանց է որ չէք մտածեր զայն հանելու հետամուտ արուեստին կամ անոր աշխատաւորին։ Ու ձեր ընդվզումը պէտք չունի trucներու որպէսզի ձեր մէջ actionի վերածուի:

Ու խորհիլ թէ այս ամէնը ճիշդ է դարձեալ Զօհրապի ամէն մէկ նորավէպին համար։ Այս կառուցուածքով ու ընկերային սա տարողութեամբ, Զօհրապի պատմուածքները կ՚ըլլան իր շրջանին համար անփոխարինելի մէյմէկ վկայութիւններ: Արուեստի գործի մը համար նման առաքինութիւն մը մինակը բաւ էր արդէն։ Ի՞նչու եւ ի՞նչպէս, իր քմայքին միայն ունկնդիր, եւ հետեւաբար՝ խորապէս եսակեդրոն այս արուեստագէտը նոյն ատեն դառնայ բարքերու առաւելատարր դիտողագիր մը։ Ասիկա հարցում մը չէ։ Պալզաքի համար գաղիացիք նոյն զարմանքը ունին: Ու այս զարմանքը ճիշդ է բոլոր մեծերու գործերուն առջեւ որոնք անձնական խորաչափումներ ըլլալով հանդերձ, իրենց շրջապատէն անփոխարինելի քանդակներ [11] են։ Այնպէս որ, պահելով համեմատութիւնները, Զօհրապի գործը մեզի կը ներկանայ իբր հաստատ շտեմարան մեր ընկերութեան մէկ որոշ խաւին, քանի մը խաւերուն: Այս մասնայատկութիւնը ոչ ոքի այնքան օգտաւէտ կերպով մը կը պարզէ մեզի իր սերունդէն որքան Զօհրապը: Սիրող գրագէտի սա շնջատ գործը այսօր կը դիմաւորէ մեր դատաստանը շատ աւելի հաստատ վստահութեամբ քան մինչեւ ծուծը գրագէտ ծնած ու ապրած Արփիարեանին նմանաշունչ վաստակը։ Յետոյ, աշխարհին հարցէն դուրս, կայ գործադրութեան կատարելութիւնը։ Զօհրապի համար իր գործին չորս հինգ էջերը համազօր են ուրիշներու հատորներուն: Կ՚ըսեն թէ մէկ մասը իր վիպակներուն չեն գրուած ։ Ըսել կ՚ուզեն թէ չեն մշակուած, գրելու օրէնսդրութեան մեծ ցուցմունքներով։ Չեմ արծարծեր վէճը որ միակտուր ը, ինքնաբուխ ը կը հակադրէ լայն ու երկար մտածուած ին, մանուած ին (Méditations Poétiques եւ Salammb ô ) բայց կը ծանրանամ Զօհրապի միտքին սա մեծ շնորհին վրայ։ Արագ, մէկ ու վճռական տեսնող, լման ու խոր ապրող մարդն էր անիկա կեանքին տաշտին վրայ։ Նոյնը մնաց նաեւ այդ կեանքին վերարտադրումը կազմող արուեստին մէջ։

Մշտապէս անբաւական, չըսելու համար աղքատ իր ժամանակը, իր արքենի ջիղերը եւ ասոնց կապուած բիւրազգի զգայութիւնները, իր շփումներուն, յարաբերութեանց տարապայման ընդարձակութիւնը կը միանան իր նորավէպերուն մէջ, տալու համար անոնց՝ փայլ մը, ճշգրտութիւն մը, կատարելութիւն մը (achevé) որոնց չեն հասած իր սերունդին այլապէս արժէքաւոր ժառանգութիւնները։ Խոր հոգեբանութեան այն դաշտը որուն նախազգացումը կը թելադրեն մեզի Վարժապետին Աղջիկը, Աղջկան մը Սիրտը (գէթ իր պոլսական մասին մէջ) բայց կը մնան հոդ, ըսել կ՚ուզեմ չեն նուաճեր այդ հրաշախառն հոգեկանութիւնը, պեղումի բացուեցան Զօհրապի գրիչով, նեղ ու փոքր ածուներու վրայով։ Իրմէ վերջը Զապէլ Եսայեան, Երուխան պիտի ընդարձակեն թէքնիքը, հասնելու համար գեղեցիկ արդիւնքներու: Բայց իրեն գործակիցներէն ոչ մէկը չէ տուած մեզի, գէթ տարրական չափու մը վրայ, մեր հոգեբանութեան քանի մը ալքերը պատկերող դրուագներ [12] ։

Քանի մը հարիւր էջ ( Անհետացած Սերունդ մը ), քանի մը հարիւր աւելի ուրիշ էջեր, (իր նորավէպերու երեք գիրքերը եւ անոնցմէ դուրս մնացածներ) երբ դիտուին արժանավայել ուշադրութեամբ ու համակրանքով, մեզի պիտի տան մարդերու խումբ մը, բաւական բազմապիտակ, բաւական յատկանշական կողմերով որպէսզի Զօհրապի վիպական աշխարհը ստանայ իր արժանիքը նաեւ իբր բարքերու տոմար մը։ Անշուշտ, ընդամէնը կէս հազարը չ՚անցնող այս տոմարին էջերը իբր ծաւալ չեն բաղդատուիր արեւելահայ մեծ վիպասաններու հարուստ յիշատակարաններուն (Շիրվանզադէ, Ռաֆֆի, Նար-Դոս) բայց իրենց ներքին հարստութիւնը, մետաղային իրենց դիմացկունութիւնը չեն զիջիր ծաւալին։ Արեւմտահայ վէպը, իր շրջանին, աւելի մեծ թիւով թուղթերու վրայ չտուաւ Զօհրապին չափ ալ: Ասկէ զատ, իր ստեղծած մարդերը կնքաւոր են այնպիսի յատկանշող գիծերով, որոնք ժամանակի մը մասին ամենէն կատարեալ վաւերագրութիւնները կրնան նկատուիլ։ Այդ տեսակէտով մեծ բարիքը՝ Անհետացած Սերունդ մը ին մէջ կարկառ ելած դէմքերուն։ Բայց ինչ որ Զօհրապի մարդախումբը կ՚ընէ եզակի, ատիկա կիներու շարանն է, իր շրջանի մէջէն առնուած։ Անոնք զերծ են դիտումնաւոր շպարէն ինչպէս դժբախտութեան ծանր, ուզուած դալուկէն (Տիւսաբի կիները)։ Կիներ են, պարզ, մեր ամենուն պէս, քանի մը յիմար մենագարութեանց քով, հպարտութեամբ կրելով իրենց յաւիտենական իգութիւնը, որ կեդրոնական իմաստն է արդեն այդ արարածներուն։ Անոնց պատկերացումին մէջ գործադրուած արձակութիւնը, իր ատենին բաւական աղմկայոյզ, այսօր կը դառնայ իր ընթացիկ նշանակութեան, մարդկային միսի խուլ հէքեաթին, որ կանգուն պահած է աշխարհին գրականութիւնները, այսքան դարերէ ի վեր: Զգոյշ բայց հաստատ հպումներով լինելէ յետոյ անոնց արտաքինը [13], Զօհրապ, անոնց իւրաքանչիւրին հոգեյատակ կուտայ եթէ ոչ տիպարային, գոնէ մասնաւորող բան մը, որ միշտ կիրքը չէ, գրականութիւններու լայթ-մոթիֆ ը կազմող հրայրքը, բայց անոր մէկ փոփոխակը, կեանքին հազար ու մէկ խաղերովը, հարուածներովը յարդարուած։ Մէկ կին աշխարհ մը ողբերգութիւն է երբեմն։ Ազատ էք այդ հոգեյատակը որակելու մեծ բառերով, Զօհրապի մէջ գտնելու համար ընկերային տռամներու ընդդէմ պայքարողը. կեցուա՛ծք մը այնքան սիրական եւ ընտանի իր դպրոցին բոլոր գրողներուն համար որոնք արեւելահայ այդ փոխադրումը հասցուցին հանգանակային խանդի։ Մինչ միւսներուն մէջ այդ կեցուածքը կը կանխէ արուեստը, ըսել կ՚ուզեմ՝ շարժառիթը կուգայ առաջին գիծի, վտանգելու աստիճան արուեստին անշահախնդրութիւնը, Զօհրապի մօտ կը մնայ թաքուն: Պատմուածքին խորերէն բխող մթնոլորտ մըն է այդ բարոյականը, չըսուած բայց զգալի: Ու ասիկա իր թէքնիքին մէկ ուրիշ մասնայատկութիւնը:

Ութը տասը է՜ջ։ Ուր մարդերու շքախումբը, կիրքերու կարաւանը, բախումներուն աղմուկը պիտի քալէին քով քովի։ Բայց ահա աւելին: Զօհրապ շատ խնամքով, գրեթէ ականատեսի մը խղճմտութեամբը կը յարդարէ այս տռամին համար յատուկ շրջանակ, այսինքն արտաքին աշխարհ մը որ մինակը արդէն արուեստի գոհար մըն է երբեմն։ Ինչ ժուժկալ են իր գոյները, ինչ հաստատ՝ իր գիծերը, բայց որքան շնորհագեղ, երբ կը կազմեն տեսարաններ, դաշտանկարներ, բնութեան պահեր։ Մանրանկար Պոլիս մը կայ անոնց մէջ զանակ զանակ, ագուցուած անձերուն արտաքին պատկերին, երբեմն անոնց հոգիներուն ալ ներսը: Ոչ զարդ, ոչ գրականութիւն, ոչ նկարագրամոլութիւն են անոնք։ Քով քովի բերուելով անոնք պիտի կազմէին արեւելքի այդ դշխոյին դէմքը, հարազատ ու աղուոր, շատ աւելի իրաւ՝ քան Լոթիի հնարովի Ֆրէսգ ները։ Մեր մէջ Երուխանէն դուրս չունինք մէկը որ տար Պոլիսը այդ իրաւ գոյներով։ Տիկին Եսայեանի սեւեռումներուն ալ (միշտ այդ քաղաքէն) չեմ մերժեր որոշ բիթորէսգ մը որ այնքան տարօրինակ այլայլումներով պիտի յորդի Չրաքեանի ամբողջ գործին մէջ։ Աւելի հեռուն, երբ գրագէտը վերլուծուի, այս շնորհին վրայ ընդլայնումը պիտի լրացնէ հոս լռուածը։

Ու բաթէթիք ը, գործողութեան զգայարանքը, շարժումներու տիրակալումը, վարումը բառեր չեն որոնք դիւրութեամբ գործածուին նորավէպի մը կառոյցին մէջ, քանի որ վէպի ճարտարապետութեան մեծ օրէնքները կուտան։ Բայց որոնք գլխաւոր առաքինութիւնները եղան Զօհրապի վիպակներուն։ Այս հաւաստումը մեզ կը տանի այն միւսին որուն համեմատ այդ նորավէպերը սկսուած են իբր վէպ։ Կը պահեն սկզբնական այդ նկարագիրը եւ 10-20 էջի վրայ կը նուաճեն այնքան մը կեանք որքան պիտի ընէին ատիկա ուրիշներ երկու ու աւելի հարիւր էջերու վրայ:

Նորավէպի իշխան ին սա առաքինութիւնները ճշդելու փորձ մը ցաւ է ինծի որ կ՚ընկուի տրտում կարօտովը այն բոլոր կարելիութեանց որոնք պարունակին մէջն էին Զօհրապի ուժերուն, եւ չելան արդիւնքի։ Ի՛նչ որ Արփիարեանի գործին մէջ չեմ գտած, ու չեմ գտած դպրոցին միւս ջոջերուն ալ վաստակին մէջ, կը դառնայ Զօհրապի առիթով կատարեալ կորուստ, չըսելու համար աղէտ [14] ։ Պարզ մեղադրանք մը չէ ասիկա։ Ու քննադատի հետաքրքրութիւն մը չէ չոր ու ցամաք, երբ մարդեր Շէյքսբիրի գործին մէջ անձերու ամբողջ բանակ մը կը դասաւորեն, հազարը անցնող այդ գումարը անշուշտ ընդունելով առաւելագոյն եւ արժանաւոր վկայութիւն մը Էլիզապէթեան դարէն: Պալզաքի երկու հազարէն աւելի մարդերը (որոնցմէ մեծ, ներկայացուցչական տիպարները քանի մը հատորներու մէջ պիտի պտտցնեն իրենց այնքան տարօրինակ կիրքերը ու պիտի չմեռնին որպէսզի սանկ շրջան մը վերջ նորէն իջնեն կրկէս) այսօր ճշմարիտ դիւաններ կը կազմեն իր ժամանակին ընկերութենէն։ Զօհրապի վրայ ընդհանրացում մը ի՜նչ չարաբաստ արդիւնքի կը տանի մեզ:

Յետոյ, միայն քանակի մեղադրանք մը չունիմ մտքիս մէջ։ Մարդը տալու փորձը` կանխող էջերուն վրայ, մօտեցաւ անոր յարաբերութեանց աշխարհին որ ամենէն ընդարձակը, բազմազանակն է, որ երբ եւ իցէ ըլլայ վիճակուած մեր գրողներէն մէկուն։ Փորձառութեան սա դաշտէն անոր սեւեռումները լրումներ կրնային ըլլալ մեր ընկերութեան մէկ որոշ դարաշրջանին։ Զօհրապէն ձեր գտածը իբրեւ որակ, տեսակ, խորապէս պակասաւոր է դժբախտաբար: Իբրեւ թիւ սահմանափակ իր տիպարները իբրեւ որակ ալ չեն հասած բաղձացուած կարկառային ընդարձակ իմաստի մը: Նոյներանգ մարդեր են, հազիւ փոքր այլացումներով զգեստաւոր որպէսզի չշփոթուին իրարու մէջ: Այս վերապահումին կ՚ենթարկուին իր կիները ամենէն աւելի, որոնց վաւերականութիւնը չէ որ կասկածի տակ կը ձգեմ, այլ որոնց հանգիտութիւնները կը գտնեմ անտեղի պերճանք։ Անշուշտ կինը ամենէն առաջ Զօհրապի տուած կենդանին է: Բայց կեանքին մէջ այդ միակ կենդանին ինչ ահաւոր, անհամար դիմակներ կը հագնի: Յետոյ մենք միայն կիրքերու հզօր խամաճիկները չենք։ Այլ հազար ու մէկ հակազդեցութիւններէ հերձուած, բզկտուած, վերակազմուած հոգեբջջային անջատ դրութիւններ, իրենց շրջանառութեանց բոլոր արապէսգներովը։ Կեանքի տինամիք երեւոյթ է, ըլլալէ առաջ կայուն ճարտարապետութիւն: Ահա թէ ինչու, Զօհրապի կիները, սպասուհիէն մինչեւ ազնուազգի տիկինը ջոջերուն, ըլլան առաւելապէս կայուն վկայութիւններ, քանի մը հիմնական, խորարմատ կեղերու որոնք մեր հոգին կը պահեն կալանաւոր, ու ցանցառ բայց արի պայծառութեանց որոնց գումարը կանգուն կ՚ընէ մեր ժողովուրդին խորհուրդը: Հարցէ դուրս է անոնց կենդանութիւնը, բոլորովին տարբեր նկատումներու արդիւնք՝ երբ մօտեցուի Արփիարեանի քիչիկ մը շուտիկ, զուարթախոհ եղանակին։ Անոնց իրականութի՛ ւնը՝ նոյնպէս։ Ու անոնց աստուածային դիւրութիւնը` քանի մը գիծերու վրայ իրենք զիրենք ըլլալու, ճարտարապետելու, ա՛լ մտքէ չելլող սեւեռումով մը: Դարձեալ, այդ կիներու ներքնաշխարհին կաղապարումը, հոն շրջան ընող հոսանքներու վրայ իր պտտցուցած ջահին փոսփորափայլումները, զայն անշնչելի ընծայող արտաշնչումներուն մասին իր հայթայթած լուսամուտները, ամենէն աւելի մեղքի, կեղծիքի, եսապաշտ ախորժանքի ու հզօր խաթարումներու համագումար յօրինումներուն վրայ իր յարձակողականը, անոնց խարանումին առթիւ վատնուած արի, արդար, վտանգող խստութիւնը, զոհերուն եւ դահիճներուն յաւիտենական տռամին դէմ իր միակտուր, պայծառ կեցուածքը, իր գորովը որ ոչինչ ունի վարդապետական, ուսուցողական ու հեռու է ընթացիկ բարոյախօսութեան տարազակերպ քարոզէն. բոլորը մէկ, այսօր ալ կը շահագրգռեն մեզ, գրեթէ նոյն աստիճանով որով յուզած էին երբ անոր վիպակներով կը մատուցուէին հասարակաց դատաստանին։ Ըսի վերերը թէ անոնք գրական եղելութիւններ էին։ Կ՚աւելցնեմ, օգտուելով Հրանդ Ասատուրի գաղտնասացութենէն, թէ անոնք ընկերային խռովքներ ալ էին, քանի որ գաղտ մնալու սահմանուած իրողութիւններու պարզումը կ՚ընէին, վտանգելով համբաւներ ու վարկեր [15] ։

 

Զօհրապի նորավէպերը ոչ միայն մեր իրապաշտ դպրոցին այլ եւ ամբողջ մեր նոր գրականութեան մէջ կը կազմեն այն քանի մը բախտաւոր բացառութիւնները որոնք տուած են, իրենց կենդանութեան, արժանիքներուն փաստը։ Իմ պատանութեանս անոնք անխառն գլուխ-գործոցներ էին։ Քառսուն տարի ետքը հազիւ թէ ջնարակը թափած ըլլայ անոնց լաւագոյններուն վրայէն։ Ու կը կարդանք կրկին, չզգալով կէս դարը որով բաժնուած ենք այդ գործը ոտքի նետող հոգեբանութենէն:

Կարելի է բանաձեւ ել շատ մը մեղադրանքներ. աղքատութիւն՝ ենթաշխարհի, պարզութիւն` հանգոյցի, արագութիւն՝ գործադրումի, անբաւարար հոգեբանութիւն. քիչ բարք. քիչ տիպար. իմացական երանգի պակաս. դասակարգային միօրինակութիւն… եւ շարունակելը ձեզմէ։ Բայց ատիկա ըրած ատեն չմոռնալ մանաւանդ հեղինակը որ Եղիային նման գրասեղանի գերի մը չեղաւ, կամ Արփիարեանի պէս՝ լրագրի մեքենայ մը: Մեզի կը մնայ տրուածը տեսնել ու գնահատել տուողին պարունակովը եւ ոչ թէ մեր ցանկութեանց կարկինովը։ Այն ատեն ամէն պարկեշտ մարդ եւ որքան պզտիկ է հիմա թիւը այսպէս պիտակուած մարդոց, մանաւանդ մեր գրական կրկէսին վրայ պիտի խոստովանի որ լաւագոյն մաս մը այդ տարօրինակ անձնաւորութենէն, ու իր միջոցովն ալ՝ որոշ քանակ մը մեր ընկերութենէն, փրկուած են անդարձ կորուստէ։

Նորավէպը գրական կտոր մըն է եւ ատով իսկ ենթակայ գիրքերու օրէնսդրութեան մեծ ցուցմունքներուն: Առանձին գլուխի մը մէջ պիտի տեսնենք թէքնիքը, լեզուական յեղաշրջումը, հոգեկան խաղերը, յառաջատուութիւնը, որոնք քսան տարիներու ընթացքին Զօհրապի լիակատար դիմագիծը կը պարզաբանեն, առանց վնասելու անոր արդար տիտղոսներուն: Նորավէպի իշխանը եւ Պոլսոյ մեծ գրագէտը ձրի տարազներ չէին ո՛չ իր օրերուն, ո՛չ ալ հիմա։

 

4. ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏԸ

Անջատ բաժիններ ստեղծել, մանրամասն վերլուծման մը համար, ու զննել անոր մէջ տպաւորութեանց դրուագողը, օրուան հարցերու շուրջ իր խօսքը այնքան զարտուղի բայց այնքան ալ հեղինակութեամբ ըսողը, գիրքեր դատողը, դէմքեր նկարողը, օտար աշխարհներու թելադրանքը այնքան կորովի եւ արագ տարազներով մեզի փոխադրողը, կ՚ենթադրեմ թէ ծանրաբեռնում մը պիտի ըլլար այս գիրքին ամփոփ ծրագրին վրայ: Զօհրապի ոչ մէկ տողը զուրկ եղաւ անդրադարձ արժէքէ մը։ Ու ճիշդ էր ասիկա իր ատենին։ Բայց մատենագրութեան պատմութիւն մը միշտ սահմանուած է անիրաւ ըլլալու: Ու պարտաւորուած կը խմբեմ սա կողմերը հիմնական տարազին տակ որ այս գլուխին տիտղոսը կուտայ, քանի որ, նոյն ատեն, վէպէն դուրս՝ որ ազատ ստեղծում է, Զօհրապին բոլոր նուաճումները զետեղելի են տպաւորութեանց հարուստ հանդիսարանի մը մէջ։

***

Իր գործին ամփոփ ուրուագրումին մէջ, ասկէ առաջ, ես մօտեցայ այն գլխաւոր ստորոգելիներուն որոնցմով կ՚ամբողջանայ անոր գրական անձնաւորութիւնը։ Հետագայ էջերը կը պարզեն տարողութիւնը այդ վերագրումներուն:

Զօհրապ իր Ուղեւորի Էջեր ը կը յայտարարէ իր գործին լայնագոյն արժանիքները համադրող յաջողութիւն մը։ Չի վախնար մեծ բառերէ, ատոնց տարողութիւնը տարազելու ատեն, անոնց մէջ յաւակնելով դրած ըլլալ կեանքի իր իմաստասիրութիւնը: Անիրաւ պիտի չըլլամ օրով ապրող ու օրը միայն նուաճել կրցող այս մարդուն սա յետահայեաց ախորժակներուն մէջ՝ գրականութիւն, բառերով կարելի իմաստ(ասիր)ութիւն միայն գտնելով։ Զօհրապ աւելի է զինքը կանխող Պէրպէրեանէն որուն խորհրդածութիւնները չեն ազատագրուած քրոնիկին պարունակէն. Տիւսաբէն՝ որուն գաղափարները կուգան Ռուսօ - Տիկին տը Սթալ Հիւկօ - Ժորժ Սան մէկ ու հինցած խողովակէն. Օտեանէն (Գրիգոր)` որ Լամարթին, Հիւկօ փառաբանեց, մտածելու սրբազան արարքը շփոթելով ընթերցողի ընթացիկ տպաւորութեանց յեղումին [16] ։ Այս նմանութիւնները պերճանք մը չեն հոս։ Անոնք չեն յիշեր Եղիան։ Ու կը ջանան բացատրել մտածման սրբազան արարքին դէմ ակնյայտ շփոթութիւնը որ կայ այդ անուններու առաջին խումբին հետ, ու տխուր մենագար աճպարարութիւնը՝ որ կը փոխարինէ մտածման գործողութիւնը վերջինին մօտ։ Զօհրապ աւելի է բոլորէն իր տպաւորութեանց այն մասերուն մէջ ուր զգայութիւններ կը պատմէ։ Թող ներուի իրեն այն խաղերը որոնք մտածման տարազներու պատրանք մը կը ստեղծեն ընթերցողի մտքին՝ բայց որոնց իսկական տարողութիւնը չեմ կարծեր որ անծանօթ ըլլայ իրեն [17]:

Ինչ որ այդ յուշերուն տրտում մեղքը կը կազմէ, ընկերային, համամարդկային մտածողութեան մը աւելորդ բառասարքն է որով կը բաւարարուին կարգ մը մարդեր, ընդհանրապէս տաղանդի, ու իր փաստը տուած տաղանդի հզօր պաշտպանութիւն մը տարածելով այնպիսի հետաքրքրութիւններու որոնց գոհացումը դուրս է իրենց պայմաններէն: Բնախօսական մարզի վրայ ճիշդ են կարգ մը արգելքներ։ Յիսունէն վերջ դժուար՝ եթէ ոչ անկարելի է մարզիկ մը դառնալ: Փոխադրել հարցը իմացական մարզին՝ չի նշանակեր սոփեստանալ: Արդէն իմացական կուռ պատրաստութիւն մը չճարող պատանին, աւելի վերջը գործօնական իր զբաղումներէն բռնավար, չունեցաւ պատեհութիւն իր մտքին ընդունարանը յարդարելու իմացական տիսիբլիններէն մեծագոյնին, իմաստասիրական մտածողութեան։ Ու ինկաւ իր օրերուն ընդհանուր պատրանքին։ Լրագրական հրատարակութեանց, brochureի գրականութեան ու աժան ընկերաբանութեան այն հապճեպ, անմարսելի, անծրագիր թխումին որ արեւելահայ ինտելիգէնցիայ ի նուէրն էր արեւմտահայ գրականութեան։ Ուղեւորի Յուշեր ուն բոլոր այն մասերը ուր այս կարգի հարցեր կը վարեն իր մտածողութիւնը, աժան, չըսելու համար հասարակ–տեղիք իմաստութիւններ են: Զօհրապ չի ճանչնար այդ հարցերուն եթէ ոչ տարողութիւնը ինչ որ ըմբռնելի պիտի չըլլար իր իմացականութեամբ որեւէ մարդու մը համար գէթ անոնց ամբողջ ծննդաբանութիւնը, շրջափոխումը ու պայմանները որոնք արեւելքի համար մռայլ միզամածներ էին ու են տակաւին։ Ազատամարտ օրաթերթին ու զայն վարող իմացական հոսանքին հետ իր համակրութիւնը կը նկատեմ պատճառ այն դիւրին ընդհանրացումներուն որոնք մեր ժամանակը յուզող գերագոյն տագնապներուն իբր լուծում կ՚առաջարկուին, կ՚առաջարկուէին աշխարհի ամենէն հզօր միտքերէն։ Բայց որոնք շատ քիչ կողմերով մատչելի եղան դուրսէն դիտողներու, ուսումնասիրողներու:

Զօհրապ վեր է անշուշտ այն մակաբոյծ տիպարէն որ աշխատանքին իրաւունքները բանաձեւելու, պահանջելու պատրուակին տակ, քարտուղարութիւններ, սէնտիքա ներ կը կազմակերպէ, ու կ՚ապրի, ինչպէս կ՚ըսեն, աշխատաւորի քամակին։ Բայց ատկէ դէպի մտքի իսկական բանուորը ճամբան դժուար է եթէ ոչ անկարելի։ Բառական արեւելք կայ իր մէջ որպէսզի վճռական կեցուածքներ որդեգրէ, հրաժարելու համար կիսադարեան վարժանքներէ եւ ծալքերէ: Պայքարի հին մարզանքն է որ կը վարէ զինքը, կուտայ իրեն իր թափը, երբ կը մտնէ կրկէսը յեղափոխականներու, որոնց հետ ոչ ինչ ունի հասարակաց, մանաւանդ մտահայեացքի [18] տեսակէտէն։ Ու կ՚ըսէ, անոնց հետ, ետեւէն, տարտամ, տժգոյն բաներ։ Ուղեւորի Յուշեր ուն մէջ մուտք ըրած քաղաքական ընդհանրացումներն ալ (որոնք քիչիկ մը պրկուելով կրնային դիւանագիտական տեսութիւն մեզածանօթ ճամարտակութեան վերածուիլ) դուրս են լրջութենէն, ու կը թուին երեսփոխանի իր զբաղումներուն հեռանուագ արձագանգները ըլլալ: Ցաւ է ինծի սակայն որ մեր ազգային քաղաքականութեան ընդհանուր հոգեբանութիւն մը չունենանք իրմէ, քանի որ ամենէն աւելի տիտղոսուածն էր նման աշխատանքի մը։ Զարթօնքի սերունդը, արեւելահայոց մէջ Հիւսիսափայլ ը, ըրած են ատիկա, ըստ իրենց հասկացողութեան։ Զօհրապի գործնական ելոյթները, հրապարակագրական առիթներ են ու չեն բարձրացած համադրական կառոյցի։ Ուրիշ ցա՛ւ՝ թուրքը անտեսած ըլլալը, զոր վճռապէս ճանչնալու առաքինութիւնը անփոխարինելի բախտ մը կը կազմէր իր աշխատանքին: Ոչ ոքի տրուեցաւ մեզմէ այդ պատեհութիւնը, ուսումնասիրած ըլլալու արեւելքի ամենէն տարօրինակ հորդաներէն ամենէն վայրագը, ինչպէս շահեկանը։ Թուրքը միայն բարբարոս մը չէ, այլ իմացական կողմերու հսկայ քաոս մը, մանաւանդ իր ընտրանիին ընդմէջէն։ Երեւան հանել այդ ժողովուրդէն ամբողջ տափաստանեան կենդանին, յաղթութեան ճամբով անոր ափափած քաղաքակրթութեանց զեղծանումները հոգեկան մարզէ որոնցմով անոնց աւագանին պիտի համադրէ երեք աշխարհամասի նկարագիրներ Եւրոպա, Ափրիկէ, Ասիա ու պիտի ըլլայ արեւուն տակ նոր տեսակ մը գազաններու սեռէն։ Բայց որոնց պարզ տարրը, դաշտին վրայ հող շրջողը ու օրը հինգ անգամ աղօթքի նստելու համար ինքզինքը մոռցող գիւղացին պիտի պատմէ առհաւական քանի մը հզոր առաքինութիւններէ։ Ահա կառոյց մը որ Կոպինոյի մը վայել փառասիրութիւն [19] մը պիտի փրկած ըլլար:

Խորութեան զգայարանք մը դժուար է ճշդել ամբողջ փայլ, արտաքին կարկառ ու ներդաշնակ ճարտարապետութիւններ կերպադրող իր շնորհներուն մէջ որոնք անոր ուղեղին արժանաւոր մտածողութիւն մը ճարէին, կամ, առնուազն, զայն ատակ ընծայէին մթութիւններ, քաոսներ պատռելու, մարդոց արարքներուն ալքերէն վերբերելու համար անփոխարինելի գոհարներ, դիտողութեան, թափանցումի, փայլակատիպ ասացուածքներու ձեւով որոնց դարն էր իրը։ Իր հետ մեր գրականութիւնը չունեցաւ ճշմարիտ մտածման բախտը, նոյնիսկ մասնակի նշմարներու ձեւին տակ: Բայց պարտաւոր եմ իր մտածելու դրութիւնը բարձրանիշ գնահատումով մը արժեւորել, իբր առաւելագոյն իրացումը իր սերունդին։ Վասնզի, եթէ երբեք անոր չշնորհուեցաւ մեծ կառոյցներու բարիքը, որով ժողովուրդի մը իմացական յարգանիշը մարմին կը դառնայ, բայց անոր դիտելու, ընդհանրացնելու տուրքերը, անմիջական շրջապատին վրայ, տուին այնքան արդիւնք որքան չէին ըրած ատիկա իր ընկերները բոլորը մէկ։ Ուղեւորի Էջեր ուն այն մասերը ուր սեւեռումներ կան աւելի ընդարձակ աշխարհներու արտաքին կողմերէն, կը մնան կարելի յաջողութիւններ՝ մեր գրականութեան խեղճուկ պարունակէն դուրս սլացքի մը: Սխալ չհասկցուիմ։ Ըսի քիչ վերը թէ ի՛նչ կ՚արժէր այդ ճիգը երբ դիմացը դրուէր եւրոպական հաստատ մտածումին։ Բայց կ՚աւելցնեմ թէ ոչ միայն անիկա աւելի է իր սերունդէն, այլ նաեւ իրեն յաջորդներէն։ Չրաքեանին հետ մերձեցում մը եղած է արդէն։ Իմաստի նոյն ճամարտակութիւնները օրինակի մը համար Կոստան Զարեանի մը անիմաստ բառախաղութեանց fantasmagorieէն արտահանելի, իրենց ճիղճ, իրենց սին արժէքին կը դառնան երբ մօտիկը դրուին Զօհրապի հաստատ, պարզ սեւեռումներուն: Ունեցածը տուաւ այս մարդը, չունեցածին վրայ ուրիշները խաբելու, զարմացնելու սնապարծութիւնը չներելով իր մտքին հիմնական պարկեշտութեան։

Ու իր տուածը քիչ բան չէ։ Յետոյ՝ մտածելու, դիտելու, սեւեռելու արարքները մեզմէ անկախ դրութիւններ չեն։ Անոնք ենթակայ են նախ մեզի, ու մանաւանդ մեզմէ դուրս անողոք ազդակներու5 1880-1910 տարազ մը չէ հանումի, այլ մեր իմացականութեան վրայ շեղջուած ահազանգ գիշեր մը։ Ու այդ գիշերին խորն է որ կազմուեցաւ իրապաշտ սերունդին հոգին բայց մանաւանդ ուղեղը: Ու կը հասկնանք այսօր թէ ինչու մարդիկ քիչ, թեթեւ, դուրսէն մտածեն։

Սահմանադրութեան հրատարակումը (1908 Յուլիս) անշուշտ հերքում մըն է: Մամուլի ազատութիւնը ուրիշ բարիք: Քաղաքական կեանքի կարելիութիւն մը, հոգ չէ թէ ահաւոր սպանդով մը հերքուած, ուրի՛շ։ Պայմաններու այս փոփոխումը մեր առջեւ պիտի դնէ նոր Զօհրապ մը, որուն երեւակայութեան, ստեղծումի խանդը հիմա փոխարինուած է սուր, առոյգ դիտողութեան մը փաստովը: Գլխաւոր շարժառիթը իմացական սա գործունէութեան՝ կուգայ իր ճամբորդութիւններէն։ Սեւ ծով, Ռումանիա, ջուրի եւրոպական քաղաքներ իրեն կուտան ներշնչումներ, բազմալար ու խառնակ։ Ատոնցմէ անոնք որ զուտ իմացական տարողութիւն մը կը թուին ունենալ, վերը անցան վերլուծումէ։ Ու պէտք չէ չափազանցել Զօհրապի վրիպանքը ինչպէս ստոր գնահատել նոյն այդ մարզին վրայ իր նուաճածը: Իր ներշնչումներէն անոնք որոնք կը մեկնին զուտ զգացական, աւելի ճիշդ՝ զգայարանական (sensitif) խորքերէ, կը կազմեն ճշմարիտ արուեստի էջեր։ Պէտք չէ այդ կտորներէն սպասել ինչ որ չէին կրնար ըլլալ անոնք։ Զօհրապ իմաստուն պտտող մը չէ, 1860ի իրապաշտներէն (ֆրանսական դպրոց) ոչ ալ 1930ի բազմահմուտ, ճկուն ու գործնապաշտ reporterը (եւրոպ-ամերիկեան դպրոց) nրոնք իրենց գրական գործերուն համար գետինի ճանաչողութիւն մը անխուսափելի կը նկատեն (Ռընան, Ֆլոպէռ) եւ կամ մեր օրերու պայմաններով զինաւոր աշխարհներ կը չափեն օդէն ու գրականութիւնը կը ծառայեցնեն քաղաքական թափանցումներու, չըսելու համար հաշիւներու: Նոյնպէ՛ս, մէկ նայուածքով ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը, գէթ անոր յաւիտենական գիծերը սեւեռող լայնատարած իմացականութիւն մը չէ անիկա, թէեւ ուզած է ատոր պատրանքը տալ իրեն։ Բայց միտքն է անիկա, Ուղեւորի Էջեր ուն մէջ, իր լրումին հասած, որքան արտօնած է կեանքը, որ կանչուած կը զգայ ինքզինքը վերջնական բաներ ըսելու իր ու ժամանակին վրայ: Մարդն է անիկա որուն ջղային կարգ մը կեդրոններուն հաւանական նուազումին դիմաց, ուրիշներու լիակատար բարգաւաճումը զինքը պիտի մղէ տեսնելու եւ զգալու վիճակներ, կերպեր, ձեւեր, այլապէս պերճ, շեշտ, վերջնական։ Կարդացէք Գրիգոր Օտեանի Վիսպատ ը ուր յապաղած ռոմանթիքը ջուր ու փրփուր, կանանչ եւ օդային սէր տեսած է ամենէն աւելի աչք մը նետելու համար Զօհրապի Վիսպատ ին, ուր այդ քաղաքին նկարագիրը կը յօրինուի անմոռանալի պատկերներով, հիւանդներէ ու մեր քաղաքակրթութեան գերագոյն խտացումները կազմող պատկերներէ, այդպէս ընտրուած, տարիքի ամէն սանդուխներէ, մատաղ մատաղ մահուան որդեգիրներէն մինչեւ աթոռ մը գամուած անդամալոյծը որ դագաղին նախավայե՜լքը պիտի ամբարէ անմահ բնութեան մը փայփայանքին տակ, ծծելով կապոյտը, ծաղիկը, բոյրը եւ գոյնը որպէսզի սրտի տագնապի մը աքցանին տակ երկու պուկ արիւնի ընդմէջէն իջնէ ստուերներուն աշխարհը։

Զօհրապ, այս զգայութեանց արտայայտութիւնը ըրած է գրեթէ անթերի արուեստով մը, արագ, կտրուկ, խիստ գոյներու եւ կտրուածքներու (coupe) յաջորդութեամբ մը, անցնելով տարիքներուն եւ հիւանդութեանց վրայէն, մարդերը կեցնելով մահուան շառայլին մէջ, իրաւ ու արգահատելի: Ու երկու կտորներու բաղդատութիւնը բաղդատութիւնն է նոյն ատեն մեր մէջ երկու գրական դպրոցներու։

Աչք, ջիղեր, միտք, վախ ու յոգնութիւն (թերեւս հիւանդութիւն ալ, վասնզի իր վերջին տարիները այցուեցան սրտի ցաւերէ) իւրաքանչիւրը իր կարելին կը նետէ նժարին մէջ որպէսզի Զօհրապի այդ էջերը ըլլան ոչ միայն յայտարարներ անոր տաղանդին վերջնական շրջափոխութեան, այլ համադրութիւն՝ գրական հասկացողութեան եւ իրական կեանքին, տարա՛զ, զոր իրմէ առաջ ոչ ոք կրցեր էր իրագործել։ Ուղեւորութիւններ քիչ ունի մեր նոր գրականութիւնը (Եղիայի ինքնավերլուծումները զուրկ են իրմէն դուրս տարածուելու արժանիքէն)։

Զօհրապի հետ չեմ ամբողջութեամբ, անոր տաղանդին տիրական բխումը ընդունելու համար Ուղեւորի Յուշեր ը: Անոր նորավէպը անոր դէմքին յատակը ու մայր գիծերը կուտար արդէն: Մտածման այս փորձերը սխալ չէ այդ դէմքին յաջող արտայայտութիւններէն նկատել, ու ճանչնալ անոնց մէջ արեւելքցին, որոշ չափով զգայապաշտ, ու միսի միսթիքով մը յաճախուած։ Բաց, արթուն իմացականութեամբ, հաւատարիմ իր պապերուն որոնց պատմութիւնը կը կրկնէ իր կեանքը, փառքի, խելքի, վայելքի, երազի տարօրէն բարդ խառնուրդ մը իբրեւ, ինչպէս ապրեցան դարէ ի դար բոլոր մեծ ընձիւղները մեր ժողովուրդին, իրենց սահմաններէն դուրս երբ ձգուեցան ճակատագրին պողոտաներուն եւ երբեմն բարձրացան գահոյքներու, մեր օրերուն՝ զանազան պետութեանց բարձր աթոռներուն։ Պահպանողական` ոչ ի գին բարատոքս ի, այլ խոր համոզմամբ, Մայտայ ի բանավէճէն երեսուն տարի վերջն ալ, կիները իրենց տուներէն դուրս անիմաստ յայտարարելու աստիճան։ Նոյն ատեն արմատական, իր չունեցած վարդապետութեանց պաշտպանումին մէջ, դնելով հերոսական եռանդ իր ժխտումի ինչպէս նորոգման քարոզներուն մէջ։ Քիչիկ մը թատերական այլ անշուշտ երբ կեղծիքի դէմ բողոք կը պոռայ, դրամին դէմ զօրաւոր ատելութիւններ գրգռելով։

Աւելորդ չէ մտածողը վերլուծելու սա ճիգին մէջ բաժնել անոր տուածը որոշ երկու բաժիններու: Անդրանիկ շրջանը քսանամեակ մըն է, առաջին էջերէն մինչեւ 1900 երկարող, ուր անիկա գործնական իր իմաստասիրութիւնը պիտի բանաձեւէ պարբերական խմբագրականներու մէջ, երբեմն իր, երբեմն օտար հանդէսներէն ու թերթերէն: Անտոնց մէջ անիկա կը պարզէ իր գաղափարները որոնք ընթացիկ հրապարակագրութենէն կը տարբերին առաւելապէս ձեւական շնորհներով։ Ըսելու ինքնատպութիւն, տրամաբանելու ուժ, գործնական, մտացի փաստարկութիւն, երբեմն հայեցակէտի լայնութիւն ու բարձրութիւն, միշտ խնդիր սպառողի անձնավստահ շեշտ, յաճախ աղմուկի ընդառաջում, անակնկալին գիտութիւնը, ինքնատիպ կեցուածքին վտանգն ու առաւելութիւնները Զօհրապի ստորագրած հրապարակագրական կտորները կ՚ընէին օրուան մեծ հարցերը։ Ասոնք գրականութեան պատմութիւն մը չեն շահագրգռեր: Միւս կողմէն գաղափարներու հոլովումին վրայ իր դերը նպատակ է հրապարակագրին։ Խօսած է գրական նիւթերու շուրջ թեթեւ ու անպատրաստ, միշտ ապաստանելով ոճին, որմէ ուզածը առնող մէկ երկու առանձնաշնորհեալներէն է ան։ Չեմ ըսեր չէ մտածած իր գրականութեան վրայ: Բայց չէ զբաղած գեղեցկագիտական տեսութիւններով։ Իր մտքի ամենէն հասուն շրջանին Շիրվանզադէի մէկ խաղին ( Պատւոյ Համար ) վրայ իր դատումը կը մատնէ այս մարզին վրայ իր միամիտ տգիտութիւնը որուն կասկածը հազիւ պիտի արթննայ իր մէջ երբ Ուղեւորի Էջեր ուն դիտողը ժայթքէ իրմէ դուրս:

Զօհրապի մէջ մտածման երկրորդ շրջանը կարճ է շատ: 1900էն մինչեւ 1910 անոր միտքը կ՚անցնի բաղդատական հանգիստի մը ուր զառիթափին առաջին հեւքերը կը գրաւեն մարդոց ուշադրութիւնը: Բայց իր ճամբորդութիւնները, պետական կեանքի բարդ ու խռով յուզումները, ազգային իտէալի հոծ ու խոր սարսուռները փոխն ի փոխ կը գրաւեն անոր օրերը որպէսզի արուեստի համար ժամ պահեն անոր տրամադրելի։ Եւ սակայն նորէն այդ սուղ տարիներուն է որ անոր տրուեցաւ բախտը իր մտածման կորիզը գոնէ յանձնելու թուղթին, արագ, անամբողջ, հաւանաբար շոգենաւերու մէջ գրի առնուած, էջերու վրայով։ Անոնց մէջ անիկա միշտ տարօրինակ խառնուրդ մըն է։ Քով քովի են սկեպտիկը, զոր չէ դադրած ըլլալէ անդրանիկ երիտասարդութենէն իսկ. իւթոփիսթը օր անըմբռնելի է պարզապէս երբ կ՚ապրի նման խառնուածքի մը ներսը։ Այս երկուութիւնը անիկա ծածկած է աշխարհէն մինչեւ իր մահուան մօտերը։

1900էն վերջ ալ անոր չեն հասնիր կեանքը գունաւորող, տաքցնող, թեթեւցնող մեծ յուզումները, որոնց որսորդն էր ան անկէ առաջ։ 1910ին անոր մտքին դռները չեն բացուիր իմաստին, գաղափարային մեծ մրցունքներուն, արուեստի խոր խռովքներուն որոնք իմացական կեանքը կը յօրինեն ժողովուրդներուն: Ան որ ամբողջ երեսուն տարի սեպհական մտածողութեան ախոյեան մը մնալ ուզեց ու մնաց, 1910ին արդէն պատրաստ, արեւելահայ հարուածով իմացական տիսիբլին ի մը կը տրամադրէ իր անկախութիւնը ու կ՚որդեգրէ ոչ թէ անոր պլատֆորմ ը, այլ անոր պատրաստ գաղափարաբանութիւնը: Ասիկա ոչ մեղադրանք է հոս ոչ ալ դատում, այլ պարզ հաստատում։ Արուեստի ու անձնական մտածողութեան համար դադրած իր զգացողութիւնն ու ուղեղը բացին սակայն հիւանդութեանց, հոգեկան խաթարումներու, դրամով ոսկեզօծ անսփոփ թշուառութեանց, հոտառութեանը ու ճշդումին բոլոր այն խուլ կրծումներուն (ներսէն ու դուրսէն), որոնք մեր կիրքերուն նուէրներն են մեր զգայարանքներուն, եւ որոնց վերլուծումը դժուար է այնքան՝ յիսունէն վարերուն: Մարդն է անիկա որ ստեղծել է ընկրկելով, կը սրէ դիտողութեան զգայարանքները եւ աչքերը կը քառապատկէ, անոնցմէ սպասելով ուղեղին պաշտօնը: Եւ կամ՝ իր աշխարհը կը փոխադրէ իրմէ դուրս, ուրիշները գահաւորակ գործածելով սեպհական անձնաւորութեան որդախումբը կրելու, շուրջառելու:

Երկու բաժինները համադրելով իրարու, մենք կ՚ունենանք գործ մը ուր եթէ երբեք եւրոպական trempeով գրագէտ մը դժուար է հաստատել, միւս կողմէն անհերքելի կերպով իրական կը գտնենք մեր մէջ առաջին եւրոպական գրագէտը, ոչ անշուշտ նման անոնց որոնք բացառաբար ապրած են իրենց արուեստին մէջ ու համար։ Այլ՝ շատ մօտիկը այն միւսներուն որոնք մանաւանդ տասնըիններորդ դարուն իրենց սեպհականեցին որոշ դեր մը ընկերութեան յեղաշրջումին մէջ։ Լամարթին մը, Հիւկօ մը զուր տեղը չէ որ զիրենք իմացական եւ բարոյական pontifներ կը նկատեն։ Այս մարդերը ազդեցին իրենց ժողովուրդներուն վրայ ո՛րը իր զգայնութեամբը, ո՛րը իր պերճ հռետորութեամբը: Զօհրապի մէջ, համեմատութիւնները կարգելով, դժուար չէ ընդունիլ արեւելքը, իբր զգայնութեան ու ձեւերու մեծ անտառ, արեւմո՛ւտքը` ուր ապրողներուն թախծագին մտածողութիւնը անծանօթ չէ եղած իրեն։

Երկու բաժիններուն մէջ ալ արուեստագէտը չէ նահանջած:

 

***

Այս բաժանումին մէջ կ՚ուզեմ դարձեալ խօսիլ Ծանօթ Դէմքեր պիտակին տակ իր այն էջերէն որոնք ատեն մը Զօհրապի փառքին երկրորդ գահաւորակը եղան, չես գիտեր իրենց ո՛ր արժանիքին համար։ Այդ ձեւ գրականութիւն մը դպրոց ալ կազմեց, մանաւանդ 1900էն ետքը ուր դէմքեր տալու մոլութիւնը զանազան աճպարարութիւններ արտօնեց ( դիմանկար, դիմաստուեր, վայրկենականներ եւ շարունակելը ձեզմէ) մեր բազմահամբաւ փոքրութիւններուն։ Ծանօթ է իր ալ համակրանքը եթէ ոչ հաւատքը անոնց արժէքին վրայ, քանի որ նորավէպերու երեք հաւաքածոներէն վերջ կ՚ուզէր Ուղեւորի Յուշերու ն հետ առանձին հատոր մը ունենալ անոնցմով։

Այսօր այդ պատկերացումները շատ բանով պակաս են իրենց սկզբնածագ փառքէն: Գրականութիւնը հազիւ թէ յիշատակութիւն մը պիտի ընէ բոլոր անոնց որոնք իմացական հարցերու շուրջ հրապարակագրական դեր մը տուին իրենց ու խօսեցան գիրքերէ, երբեմն անոնց հեղինակներէն, նոյնիսկ խոր ու տպաւորիչ գեղեցկութեամբ։ Հոս չեմ ուզեր թարմացնել վէճը: Արուեստի գործը ինք արդէն տառապանքին տակն է ինքզինքը ազատագրելու ժամանակին մոխիրէն, ուր մնաց՝ անոր շուրջը մեր կառուցումները։ Շուքերու վրայ յօրինում մը կը նշանակէ ատիկա։ Ո՞վ պիտի կարդայ այսօր այն բազմաշխատ յառաջաբանները որոնք Գոռնէյլի կամ Ռասինի ողբերգութիւնները կը բանան, արուեստի հասկացողութեան այնքան շեշտ փաստերով դրուագուած, այսօր բոլորն ալ փոշիացած, մինչ գործերը կան ու կը մնան։ Զօհրապի դէմքերը տպաւորապաշտ էջեր են բարեբախտաբար ու իբր այդ գոնէ մասնակի գիծեր կը պարունակեն այն մարդերէն որոնց կենդանագիրը, գրական դերը, արուեստին նկարագիրը կը յաւակնէին նուաճել:

Ընթերցումի անընդունակ մարդն էր ան, որ իր օրերուն լաւագոյնը սպառեց չոր, թէքնիք հարցերու վրայ ու աւելի կենսական ուրիշ զբաղումներու, որպէսզի պատեհութիւն ստեղծէր ուրիշներու գիրքերը կարդալու իրեն համար ահաւոր տառապանքին։ Ասկէ՝ իր այդ նշմարներուն մէջ ճարտար խաղարկութիւնը՝ գրագէտին գործէն աւելի անձին արտաքին գիծերովը զբաղելու: Հասկանալի է որ արուեստի ընդհանուր տեսութիւններէ զգոյշ մնար անիկա այդ նշմարներուն մէջ, նախ՝ ատոնց մասին երջանիկ ու բարերար անգիտութեամբ մը, յետոյ՝ մեր գրականութեան պզտիկ հասակին պատճառով ուր հոսանք, հակահոսանք, հանգանակ կարող ես մէկ ափիդ մէջ սեղմուելիք ժանեակի վերածել: Այնպէս որ իր ժամանակի հանրածանօթ անձնաւորութեանց (Պարոնեան գրել էր Ազգային Ջոջեր ) առիթով անիկա չհասաւ ոչ իսկ ստուերատիպ գաղափարաբանութեան մը, գոնէ այնքան որքան կայ ատիկա իր սերունդէն բոլորին ալ մօտ։ Արփիարեան, Կամսարական, որոշ չափով Բաշալեան, տիրաբար՝ Չօպանեան դատումներ ունին գրադատական շեշտ նկարագրով մը։ Զօհրապ կը շեղի եղանակէն ու ֆանթէզիստ ձեւ մը կ՚որդեգրէ ուր վիպողը, նկարներու յարդարիչը, երեւոյթներու դէմ ճարտար ընդհանրացնողը ուշագրաւ են քան բուն իսկ աշխատանքը, ըսել կ՚ուզեմ գրողներուն գործին ու անձին տիրական գիծերուն արտահանումը։ Տպաւորութիւններ են այդ դէմքերը շինող տարրերը, բայց կը զատուին ամէն տպաւորութեան հարկադրուած տարտամութենէն՝ այն միակ շնորհով որուն գինն են իր միւս ստեղծումները եւ որ իր ուժին, թարմութեան դիմացկունութեան փաստերը տուած է արդէն զուտ ստեղծագործական էջերուն վրայ։ Այդ մարդերու արտաքին պատկերացումները ժամանակին հետ կը խորհիմ թէ պիտի ազնուանան, վասնզի խոր այդ գիծերը դիւրաւ չեն խղդուիր մշուշէն որ տեւողութիւնն է մանաւանդ արուեստի գործին վրայ, մինչ անոնց գաղափարական դերը տալ ուզող իր խաղերը պիտի չքանան իրենք իրենց։ Ծանօթ Դէմքեր շարքին մէջ մեր գրականութիւնը գիծեր է շահած։ Ու այսքան։

Տպաւորապաշտ ուրիշ էջեր են իր յիշատակները, պատահական ու ցանցառ, բայց տրուած այն ինքնատպութեամբ, լոյսի այն շեշտ պայծառութեան տակ որով այդ երբեմնի ապրումները կը դառնան անխորտակելի իրականութիւն, ամէն ժամանակներու վրայ ալ որոշ հրապոյրով մը, վասնզի կը պատմեն մարդերուն մարմինին ու ձեւերուն հետ, ընդմէջէն, նաեւ այն մթնոլորտը որ այդ անձերը տաղաւարեց: Զօհրապի այդ էջերուն յատակը միշտ անհետացած զգայնութիւն մը, օր մը տիրական, յատկանշական ապրումներ, մշակոյթ մը, բարձր բառ մը գործածելով՝ քաղաքակրթութիւն մը երանգող ենթաշխարհ մը պահուած է որ կը յառնէ մեր առջեւ, կախարդ մատներովը հզօր վիպողին: Ն. Գ. Բ. ի հատորը անոնցմէ լաւագոյնները խմբած է իր հատորին մէջ։

Չեմ գիտեր, պէտք կա՞յ տակաւին զբաղելու իր բազմաթիւ խմբագրականներով որոնք իբրեւ մտածողութիւն հաստատ խորք մը ներկայացնելուն չափ ձեւի կատարեալ յաջողածքներ են, բայց, ինչպէս դիտել տուի, շուքի վրայ կառուցուած ըլլալու մեղքովը վիրաւոր կը մնան, քանի որ երեւոյթը նոյնիսկ ընդարձակն ու բարդը երեւոյթ է լոկ, խոր անդունդով մը բաժնուած կեանքէն որ ուրիշ բան է: Կը կարդանք կեանքին վրայ նորոգ կամ հին բոլոր կառուցուածքները, առաջին շփումի մը գինով։ Բայց դժկամ ենք գաղափարներու, երեւոյթներու շուրջը յածող եղելութիւնները վերծանելու: Անշուշտ, այն օրերուն, երբ Կիկերոն կ՚արտասանէր իր մեծ ջատագովականները, մթնոլորտը կը թրթռար ասոնց նիւթ հայթայթող եղելութիւններուն հոսանքներովը։ Այսօ՞ր։ Մենք կը կարդանք զինքը, նոյնիսկ անտաղանդ մարդոց գրչովը մեզի մատուցուած, բայց կը դժուարինք իջնալ իր ճառերուն յատակը։

Զօհրապի կենսագրութիւնը կրնայ լայննալ այդ էջերուն թելադրանքին, անոնց բերելիք լոյսին, անոր անձնաւորութեան լրիւ ճանաչման տեսակէտէն։ Գրականութեան պատմութիւն մը կանգ կ՚առնէ մնայուն արժէքներու առջեւ։ Բայց պէտք չէ աչքէ հեռացնել միւս իրողութիւնն ալ որուն համեմատ հրապարակագրութիւնը, հակառակ պատահական իր նկարագրին, Զօհրապի մօտ, ինքնին հզօր ցանկութիւն մըն է որ անոր գրգիռը կուտայ մէկէ աւելի անգամներ, հանդէս եւ թերթ վարելու, իր այնքան քիչ ժամանակէն, ով գիտէ ինչ զոհողութեան գինով, ստեղծելով կարելի չափ մը, որոշ գումար մը։ 1892–93ի իր Մասիս ները արեւմտահայ մամուլի պատմութեան մէջ փայլուն շրջանէ մը կը պատմեն ու սակաւաթիւ յաջողուածքներէն կը մնան մեր հանդէսներուն։

 

***

Չարաչար գործածե՞լ է արդեօք, տարազի մը տարողութիւնը ընդարձակել, անոր ծիրին մէջ առնելու համար իրարու արտաքնապէս անհաղորդ իրողութիւններ: Այսպէս, երբ կը փորձուիմ իր գրական դատումները, հրապարակագրական փայլուն գործունէութիւնը ընդունիլ տեսակ մը տպաւորութիւններու տողանցք բոլորն ալ հասարակաց յատկութեան մը մէջ իրարու աւելցած, անոր զգայարանքներուն եւ խորհուրդի մեքենային հակազդեցութիւնները պատմող իր շրջապատէն տեսակ մը վարանք կուգայ ինծի բանալու նոր փակագիծ մը, անկէ ներս առնելու համար տաղաչափ-քերթողը որ հակառակ քերթուածներու իր փոքր դիւանին, շատ աւելի յատկանշական վկայութիւն մըն է մեր գրական յեղաշրջման վրայ, որքան՝ իբր քերթողուհի համբաւի հանուած Սիպիլը, որքան՝ չեն եղած տիտղոսաւոր քերթողներ, Յովհաննէս Սէթեան մը, Ռեթէոս Պէրպէրեան մը, Թէրզեան մը նոյնիսկ, չյիշելու համար աւելի դժբախտ բայց 1880–90ին մեծահռչակ անուններ (Չերազ, Աճէմեան, գրաբարաշունչ թարգմանիչները, Եղիան): Գրական այս արժէքէն դուրս (որ մանաւանդ կը շահագրգռէ գրականութեան պատմութիւնը, անոնք ընդարձակ լոյս կը բանան զանոնք ստորագրողին խուլ, սքօղուն անձնաւորութենէն, անկէ՝ որ կը կծկտի մեզմէ ներս, յաճախ անտեսանելի նոյնիսկ մեր ներքին տեսողութեան բայց կը վարէ մեզ պողպատ սլաքին տակը իր ցուցմունքներուն, շինուած մեր պապերուն արեան հնոցին մէջ ու նետուած մեր իւրաքանչիւրին միսերուն խորը, եղելութեանց գուպարին եւ շուրջպարին դիմաց։

Զօհրապի քերթուածները կը հետաքրքրեն գրականութեան պատմիչը այն պայծառ փաստով որ կուգայ իրենցմով շրջանի մը ճաշակներէն։ Այսպէս, անոնք որ պատանիներ էին 1880ին, այսինքն Պէշիկթաշլեանի եւ Դուրեանի մեծ ստուերներուն ձգողութեանը մէջ թրթռացող հոգիներ եւ որոնց գրական ճաշակը պիտի կազմուէր այլապէս դժբախտ ազդեցութիւններէ, գլխաւորաբար Եղիա, Չերազ, Պէրպէրեան անտարազելի ռոմանթիզմէն, անոնք բանաստեղծութիւն յղացքին տակ դնելիք ուրիշ ոչինչ ունէին քան ինչ որ տեսել էին հրապարակին կիսաստուածներէն։ Զօհրապ պիտի ստորագրէ այդ ոգիով քանի մը քերթուածներ, ինչպէս Նախանձ (1883), Հրաժեշտ (1884), նոյնիսկ 1889ին աւելի վճռական տաղ մը Ի Սրտակտուր Մահ Մտերմիս Միսաք Մանուկեանի որոնք միայն իր տուրքը չեն ներկայացներ շրջանին ախորժակներուն, այն ծիծաղելի որքան ընտանի քերթողութեան՝ կնունքով, հրաժեշտով, վերադարձով, տարեդարձով, հարսնիքով, մահով, քունով եւ այլնով խանդավառ, այլեւ կը խօսին Զօհրապի ներքին ընդունակութիւններէն: Թովմաս Թէրզեան, Մկրտիչ Աճէմեան, Եղիա պիտի քերթեն մինչեւ իրենց մահը, այսինքն 1900էն վերջ տալ, բայց պիտի ստուեր ածեն իրենց անդրանիկ քերթողութեան ալ կարելի շնորհներուն, ըլլալու համար, տարիքին յառաջացումով աւելի քան անտանելի է Եղիշէ վրդ. Դուրեան, Սիպիլ պիտի գտնեն նորոգուած արուեստի մը գինով ուրիշ յաջողութիւններ։ Զօհրապի քերթուածները 1900էն յետոյ կը պատմեն բոլորովին ուրիշ, տարօրէն շահեկան վկայութիւն մը, այդ մարդուն խոր շրջափոխութենէն:

Անոնք բոլորն ալ մէկ ու մեծ կիրքի մը սլաքին տակ գիրի առնուած խոստովանութիւններ են։ Տաքէ ու պաղէ անցած մարդն է որ, անոնց մէջ, կեանքէն իր փորձառութիւնները կը ջանայ սեւեռել, ամենէն անկայուն մարմարին վրայէն որ կիներուն միսն է արուեստագէտին մատներուն ներքեւ։ Յուշե՞ր: Վրէ՞ժ։ Ծարա՞ւ։ Անոնց մէջ մեհենագրուած պատահարը այնքան հասարակ է ինքնին որ պրպտումը անիմաստ պիտի դառնար։ Բայց տեսէք անոնց հեղինակը դարավերջի մը զառիթափին, ժողովուրդի մը ծոցէն որ ապրած է խորագոյն նուաստացումը իր պատմութեան, բանաստեղծին աչքերուն իսկ առջեւ: Ու բռնակալութեան թաթին ներքեւ որ կը ճնշէ մանաւանդ հոգիին վրայ: Միջավայրի մը մէջ ուր արեւմուտքին եւ արեւելքին մեծ ազդմունքները իրարու կը բախին: Գրականութեան մը առջեւ զոր ահաւոր ու անհուն մկրատ մը գրաքննութիւն ամէն օր կը կտրատէ, արտօնելով միայն այլանդակն ու անոճը, ապազգայինն ու անասնականը: Այն ատեն հասկնալի կը դառնայ ամբողջ իմաստը Զօհրապի քերթողութեան: Ոչ մէկ տարակոյս, որ անոր մէջ ծուէնն իսկ չի կար ի ծնէ բանաստեղծին որ այնքան ընդարձակ տարազ է ինքնին։ Եւ ասիկա ոչ անոր համար՝ որ իր միտքին ձեւը երկրաչափական (Բասգալեան առումով), վերլուծական յօրինում մըն է, այսինքն բոլորովին ներհակը` յայտյանդիմանական կազմուածքին, այլ պարզ այն պատճառով որ զուրկ էր ծնած բառերու մոգութիւնը զգացող կազմածէ մը։ Ամբողջովին տրամաբանութիւն, ամուր կառուցում, անշեղ յառաջատուութիւն մը ներկայացնող իր գրուածքը (բառը տարէք ընդարձակ իր առումին) երբեմն շողիւններ ունի գոյնի կախարդանքէ մը խօսող, բայց ոչի՛նչ` որ ձայներու զգայնութիւն մը յայտարարէր։ Ու առանց այս զգայարանքին բանաստեղծ մը նման է երգել չգիտցող երաժիշտին։ Դարձեալ՝ ցուրտ, անպատրանք իր միտքը չէր կրնար մտնել կամաւոր մշուշին մէջ որով կալանաւոր կ՚ապրին քերթողները սա մեր գունտին վրայ, երբ չունին ուրիշ միջոցներ, թեւեր, աղջը պատռելու ու կեանքին հովիտները իջնելու:

Այս քերթուածները անձին իսկ պատկերը կը թելադրեն մեզի, այն տրտում, մշտածարաւ, գրեթէ անասնացած յոռետեսը որ հաւանաբար ձեռակերտն է իր փաստաբանի գրասենեակին։ Որ մարդոց դժբախտութիւնները ծամելէ ու ծամելէ, դարմանելու համար տառապելէ վերջը իր հոգին քիչ քիչ կը գտնէ խաւին մէջը իր ձեռնած թոյներուն։ Կապարի թունաւորում մը գրաշարներու մարմինին վրայ հաստատուած իրողութիւն է այսօր։ Ինչո՞ւ չըլլայ իրական` մանաւանդ հոգեկան թունաւորումը։ Յետոյ, փոքր այդ տաղարանը, երբ կը կարդաք բացառիկ տրամադրութեամբ մը, ըսել կ՚ուզեմ քերթողականէն դուրս հոգիով մը, իսկոյն կ՚առնուիք այն խռովքին մէջ զոր կուտայ Պոտլէռի Les Fleurs dui Malը։ Անջատելով զանոնք ձայնական, պատկերակերտական, փոխաբերական ստորոգելիներու ճնշումէն, մենք կ՚ունենանք թշուառական արարած մը, պատրանքէ պատրանք խլեակի մը պէս զարնուող, միսէ միս իր զզուանքը գարշ ձիւթի մը պէս սեղմելով ակռաներուն ցանցին. երբեմն նկուն ու յիմար, երբեմն տարօրէն պատանի ու միամիտ, երանգներ որոնք հետզհետէ պիտի միախառնուին երեւան բերելու համար գորշ, սկեպտիկ, անսփոփ անդամալոյծը հոգեկան շնորհներէ։ Ու այդ քայքայումին իբր պատկեր այդ տաղիկները նոյնքան թանկ են որքան Դուրեանին կամ Պէշիկթաշլեանին ռոմանթիք նուաղումները որոնք պիտի յանգին Sրտունջք ին կամ Յետին Հառաչք ին։

Չեմ ծանրանար անոնց չունեցած արժէքին։ Մեր բանաստեղծութեան մէջ անոնք պահ մը միայն կը ներկայացնեն, իրական քերթողներուն անհետացումէն յետոյ այն դադարը ստեղծող ոգիին որ կը դիտուի բոլոր գրականութեանց մէջ ալ: Քերթողական այնքան խոր փառքէ մը վերջ (ԺԷ. դար) ինչո՞ւ ֆրանսական մուսան դար մը լռեց (ԺԸ. դար)։ Հարցուցէք ու անցէք։ Մեր մէջ մինչեւ Մեծարենց ու Թէքէեան, մօտ երեսուն տարի, չենք հանդիպիր քերթողի վաւերական անունի մը։ Զօհրապ այդ անկումի շրջանին յատկանիշներով խորապէս կնքուած ոտանաւորին գործաւորն է: Ատով անշուշտ անիկա պիտի ընկղմէր փաղանգին տժգունութեանը մէջ եթէ երբեք նոյն ատեն զգայնութեան մը ներկայացուցիչը չըլլար: Մարմնի երգերուն ոսկեդարն էր այդ երանելի 1900ը քիչ մը ամէն ժողովուրդի համար։ Այնպէս որ շատ չէ իր անունին կապել այն դժբախտ բանաստեղծութիւնը զոր շարունակեցին գրել, իր հետքերուն վրայէն, անանուանելի մարդեր, ու հռչակի ելան իրենց չունեցած առնութեան ալ հաշւոյն։ Այսպէս է ճակատագիրը ամէն ինքնատիպ մարդու: Իր տկարութիւնները ամենէն աւելի մատչելի կ՚ըլլան հրապարակի տկարներուն։ Այն աղբակոյտը որ բանաստեղծութիւն կաղապարին տակ Պոլսոյ հանդէսները կը լեցնէ 1900–1910ին (տաղանդաւորները երբ զատենք), մեղքն է Զօհրապին: Անոր օրինակն է որ քաջալեր կեցաւ ստեղծագործ աւիւնէն անմասն խեղճութիւններու որպէսզի հատորը կապեն հատորին ու երգե՜՞ն, չնմանելով նոյնիսկ ժիժիներուն որոնք գոնէ ճաթիլ գիտեն:

 

5. ԳՐԱԳԷՏԸ

Իր սերունդին մէջ գրելու գիտութիւնը միշտ ենթակայ մնաց աւելի ընդարձակ, այլապէս էական մտահոգութիւններու: Անոր արհամարհանքը ժամանակակից մեծագոյն արուեստագէտին (Եղիա) վրայ ծնունդը չէ միայն Նիրվանայի երգչին ծեքծեքումներուն, լուսնագարութիւններուն, այլ կը պատմէ դպրոցին հաստատ հանգանակներէն մէկը։

Անոր պետերէն Արփիարեանի փոխադրութիւնն է ան մեր գրականութեան, արեւելահայ պրակմադիստ ըմբռնողութեան նուէրը: Իրեն յատուկ մոլեռանդութեամբ մը Արփիարեան հալածեց արուեստը, այսինքն անոր ծաղրանկարային փորձերը որոնք առաւելապէս վերջամնաց ռոմանթիքներու ապատաղանդ փառքին անփառունակ երիվարներ կրնան նկատուիլ հիմա։ Բայց ամէն մոլեռանդութեան նկարագիրն է անարդար ըլլալ, մէկ ու կտրուկ տեսնել, ու չտեսնել, աւելի ճիշդ՝ չզանազանել արժէքը անոր խեղաթիւրուած, կեղծուած նմանէն։ Ո՛չ Կամսարական, ո՛չ Բաշալեան, ո՛չ Հրանդ օր մը օրանց մտքէ անցուցին գրել, ըսել կ՚ուզեմ խնամել իրենց ձեւը: Չօպանեանի եւ Սիպիլի վրայ այդ մտահոգութեան զանցումը զանոնք աստիճան մը աւելի զգոյշ կեցուց դէպի բառը, գոյնը, ձայնը հակող միտումներու ձգողութենէն։ Զօհրապ կը մնայ խմբակին կեդրոնը, վասնզի գրեց ։

Առաջին ու էական ճշդո՛ւմ մը սակայն՝ այս վերագրումին մէջ։ Զօհրապ կը բաժնէ իր ընկերներուն արհամարհանքը հանդէպ այն գրականութեան, որ՝ Ալիշանէն մինչեւ իր պատանութիւնը, փառքի իր օրերը ապրեցաւ, զառածելով իր սպասին նոյնիսկ տաղանդաւոր անուններ: Աւելորդ է ծանրանալ անոր արտահանումին։ Այս գիրքին ընթացքին անոր վերլուծումը եղած է մէկէ աւելի առիթներով։ Գրաբարի գեղեցկագիտական արժէքը չափանիշ մըն է այդ օրերուն։ Ու լեզուական նրբութիւններու, համաձայնական ճարտարութեանց (միշտ գրաբարի քերականութենէն) գեղեցիկ կրկէս մըն է ոտանաւորը։ Այդ դպրոցին ամենէն թիփիկ արտայայտութիւնը սխալ չըլլար ընդունիլ Խորէն Նար-Պէյ, եպիսկոպոսի տաղաչափութեան մէջ։ Կարդացէք Հիւանդին Մրմունջը, իսկապէս արդար ներշնչումէ մը բխած, զոր մահամերձ եպիսկոպոսը ստորագրած է 1892ին, սլաքին տակը հոգէառին, ու զարմացէք թէ ինչ ահաւոր ախտ մըն է սա գրաբարեանութիւնը որ մահուան սեմին իսկ զինաթափ չէ եղած, ու կը միջամտէ որպէսզի այս աշխարհէն բաժնուելու ստիպուած հոգի մը անոր հրաժեշտը տայ այդքան չափուած, ձեւուած, կոճկուած ու նախդիրներով սպառազէն բառերու վրայով։ Զօհրապ կ՚ատէ այս գրականութիւնը։ Կ՚ատէ նմանապէս իր օրերուն վարժարաններու մէջ մեծափառ ուրիշ դժբախտութիւն մը գրագիտութեան դասը, ինչպէս կը վկայէ Թէրզեանի դիմանկարին մէջ երբ Թէրզեանին կը վերագրէ արժանիքը գրականութեան դասը մեր մէջ սկսած ըլլալու:

Մեր ռոմանթիզմը, անոր հետ ապրող ու անկէ վերապրող դասականաշունչ մեր միւս գրականութիւնը որուն մշակները եղան գլխաւորաբար Օտեան, Պէրպէրեան, Չերազ, իրենց օրերը անցած են, փոխադրելու համար գրաբար ասութիւն մը աշխարհաբարին։ Տեղը լեցնելու կուգայ մեր իրապաշտութիւնը: Անոր ընկերային, գաղափարաբանական, ազգային մտահոգութիւնները, զանազան երանգներով, հաստատելի են դպրոցին բոլոր գրողներուն մօտ ալ։ Գեղարուեստական հասկացողութիւնը այդ դպրոցին սահմանափակ է դժբախտաբար, չըսելու համար անգոյ։ Անշուշտ իբր հակազդեցութիւն սոխակերգուներու, լուսնահառաչ թացիկութիւններու մռայլ սպառնալիքին որոնք գրականութիւնը կը շփոթեն աճպարարական ճարտարմունքներուն հետ, իրապաշտներու կեցուածքը կ՚արդարացնէ ինքզինքը։ Բայց վտանգին միւս թեւերը հրավիրել է միւս կողմէն երբ Միհրան Յովհաննէսեան ըսուած մարդուկի մը Նուագներ ը (իրական կեանքէ) արուեստի կարելի հանգանակներու վերածելու չափ կը ռամկանանք։ Արուեստին հանդէպ այս անուղիղ չըսելու համար վատ կեցուածքը անուղղակի զարկած է անոր ամենէն հիմնական առաքինութեան նորնալու, խորանալու, փոխակերպելու (արուեստ—յղացքը արդարացնող) ընդունակութեան։ Զուր տեղը չէ որ առանց արուեստի այս միջամտութեան իրապաշտութիւնը անհանդուրժելի թուարկութիւն մըն է կեանքին պատառներուն, տգեղ, ցուրտ, անհորիզոն։ Ինչ որ Մատամ Պովարի ին մեռած մասը կը կազմէ, այդ ճշգրտատիպ, վաւերապաշտ իրականութիւնն է, ու ասիկա հակառակ Ֆլոպէռի անհուն արուեստին։

Այս ընդհանուր, սակայն ամփոփ գիծերը անհրաժեշտ են որպէսզի արդարութիւն ըլլայ Զօհրապի մէջ գրագէտին քանի մը մեծ շնորհներուն: Ամենէն առաջ, պէտք է կենալ անոր կերպին ` ընտրուած, ճաշակաւոր, ժուժկալ հարստութեանը դիմաց։ Դրէք անոր քանի մը նախադասութիւններով սեւեռուած պատկերները թափթփած նկարներուն քովը Արփիարեանին որ կը տառապի քանի մը ուղիղ գիծ տեղին քաշելու հզօր դժուարութեան առջեւ, ու պիտի հասկնանք թէ ինչ կը նշանակէ գրելով նկարելը: Զգայարանքներուն խօսող միջոցները Զօհրապի համար խոտելի չեն եղած երբեք։ Ատոր համար է որ գոյնը, պատկերը, կարկառը, փայլը, փայլակը` այնքան յաճախադէպ կը բռնկին իր որեւէ մէկ էջին վերեւ, զայն լուսաւորելով անմոռանալի ինքնութեան մը մէջ։ Մարդիկ, իր օրերուն, այս խաղը կը շփոթէին բառական բանաստեղծութեան հետ որուն հետ հանգիտութեան իր մէկէ աւելի կողմերը պատճառ կուտան այդ պատրանքին։

Յետոյ, ըսելու իր ինքնատպութիւնը որ մտածումի նոյն կարողութեան անդրադարձն է ոճին վրայ: Այն քիչ գրողներէն է մեր մէջ անիկա, որոնց տողերուն արժէքը անկախ է ամբողջին ճարտարապետութենէն: Անկարելի է Բաշալեանը հանդուրժել, իր որեւէ մէկ կտորին որեւէ մէկ կէտէն երբ սկսինք ընթերցումի: Արփիարեան անըմբռնելի է նման փորձի մը ատեն։ Բայց կարելի է Զօհրապը կարդալ իր նորավէպին որեւէ մէկ բարակրաֆէն, ու չշուարիլ: Այդ մասնակի ինքնաբաւութիւնը, որով մաս մը անկախ է ամբողջէն, Զօհրապի գրականութեան մէկ ցայտուն երեսը կը պարզէ, զայն շարունակելով յաջորդ սերունդին ալ կենդանի համակրանքին, նոյնիսկ հիացումին մէջ [20]: Գրուածքը ազատագրել նիւթին բռնութենէն, զայն ընել ինքնաբաւ, մասին մէջ իսկ ցոլացնել ամբողջին լիութիւնը, պատկառանքը, գործողութիւններ են որոնց գոյութեան տարակոյսն իսկ չունեցաւ իրապաշտութեան տիտղոսաւոր տեսաբանը` Արփիար Արփիարեան։

Զօհրապի մօտ երեւակայութիւնը հզօր է այն չափով որչափով որ կը նուաճուին կեանքին փոքր ողբերգութիւնները։ Անշուշտ, չունինք իրմէ երկարաշունչ գործ մը ուր մեզի տրուէր հաստատել գերագոյն կարողութիւնը արուեստագէտին որ ի վերջոյ կը վերածուի ուրիշներու կեանքը հագնիլ կրնալու պարզագոյն հարցին։ Մնաց որ իրապաշտ դպրոցը պէտքը չզգաց ատոր, քանի որ մեծ վէպը անտեսեց, թերեւս առանց իր գիտնալուն, խուլ մղումին տակը իրեն պակսող այդ շնորհին: Զօհրապի համար կրնանք բառը մեղմել ու գոհանալ իր այն կարողութեամբ որով իր նորավէպը կը հեռանայ մեր տեսածէն անդին, ու փոխանակ նուաղելու, կը պայծառանայ հետզհետէ երբ միջոցը կը բանայ խիտ ծալքերը այդ պատմումին ու կը հանէ յորդումի մութ հոսանքները գիրերուն մէջ ծրարուած կեանքին։ Փոխաբերութիւն, պատկեր, ուժգնութիւն բոլորը նուէրներն են մեր երեւակայութեան որ այդպէս կը միջամտէ ու կը փոխակերպէ իրականութեան արձագանգը հարազատ կեանքին, գրեթէ նոյն հրաշքով որ կը զատէ արուեստագէտին գոյները մեքենային անզգայ, իրաւ ու անհորիզոն մեռելապատկերէն։

Բայց գրագէտը գործաւոր մըն է դարձեալ, տէ՛րը` թէքնիքի մը, որ կ՚աշխատի տուեալ տարրերով, այս անգամ լեզուէ մը, քերականութենէ մը, գրականութենէ մը։ Ոճի ուսումնասիրութեան մը առաջնորդող այս վարկածը կը դնեմ իր ճիշդ զառիթափին վրայ։ Զայն մեղադրած են երբեմն իբր արձակունակ, անխնամ, օտարոտի ասութիւններու եւ բառերու հանդէպ քիչ խղճամիտ. երբեմն՝ յանուն ինքնատպութեան, անսովոր, փնտռող, տպաւորութեան համար բառերը չարչարող: Ատով կ՚ապացուցանեն թէ Զօհրապ անցումի մարդ մըն էր։ Անիկա ամրախարիսխ պատկանելով հանդերձ իր սերունդին, կը կրէր իր մէջ նոյն ատեն, սաղմնային կենդանութեամբ մը, միւս՝ յաջորդ սերունդին մայր մտահոգութիւնը, արտայայտութեան հարցին դէմ այն գերակշիռ, թրթռագին զգայնութիւնը որով Մեծարենց մը, Չրաքեան մը պիտի տառապին, որ Սուրէն Պարթեւեանի խմբագրականներն իսկ պիտի ողողէ քնարական, պերճ շունչով մը:

Զօհրապի ոճը դասական առաքինութիւններէն ունի յստակութիւնը, ժուժկալութիւնը, խորքի հաստատուն կողմերը, կառուցում եւ կորով։ Բայց նոյն ատեն գոյնի, փայլի, ձայնի, պատկերացման, արագ հոլովման շնորհներ։ Այս երկու, չեմ ըսեր՝ հակադիր, բայց իրարու օտար նկարագիրներուն միացումը գրուածքի մը մէջ Զօհրապը կը նմանցնէ ֆրանսացիներուն Ֆլոպէռին որ ռոմանթիք եւ իրապաշտ դպրոցներուն փոխանցման կամուրջը եղաւ իր անձին՝ ինչպէս գործին մէջ։ Չեմ երթար առաջ՝ առանց Զօհրապի անկարելի ընդունելու չափ արուեստագէտ սերունդը մեր մէջ։ Եւրոպան պիտի բերէր զայն մեզի անխուսափելի կերպով։ Բայց այդ Եւրոպայէն առաջ Զօհրապ նախափորձերը տուաւ յաջորդ ոճին: Ու մեծ բան է ասիկա։

 

***

Համադրելու համար իր դէմքը եւ իր գործը, պէտք է հրաժարիլ զգոյշ տարազներէ եւ ըսել իր առիթով վերջնական բաներ, ինչպէս ինք սիրած էր ընել, ամէն հարցի մէջ, իր տարօրինակ նայուածքին տակ նորոգելով, փոխակերպելով ամբողջ աշխարհ մը, արմատացած մտայնութիւններ։

Իբրեւ անձնաւորութիւն մէկն է անիկա ամենէն խռովիչներէն մեր նորագոյն պատմութեան սեմին։ Չի բխիր դրամէն, համալսարանէն, պետական դիւաններէն, Եւրոպայէն, ինչպէս են առհասարակ մեծերը զինքը կանխող սերունդին։ Թաղային վարժարան մըն է որ անոր միտքին առաջին կազմը կը կերպադրէ: Բայց իր տաղանդը վաղահաս ընկալչութեամբ մը կ՚առնէ կարելի արձագանքները հիմնովին յեղաշրջուող ընկերութեան մը։ Ամիրաները իբրեւ բառ մեռած են անշուշտ։ Բայց իբրեւ ոգի այս ցեղին հզօր շնորհներուն իբր խորհրդանշանը կ՚ապրին միշտ։ 1850ին անիկա ճամբայ կրնար ունենալ մինչեւ եպարքոսութիւն: Կէս դար յետոյ օսմանեան խորհրդարանի տիրական դէմքերէն մէկը դառնալը պարզ կենսագրական գիծ մը չէ անձի, այլ ուրիշ փաստ մը:

Չունինք իր նմանը այն շրջանին մէջ որ կ՚երկարաձգուի 1880էն մինչեւ իր մահը (1915)։ Ու ասիկա ոչ միայն գործօնական [21] մարզի վրայ անհրաժեշտ ուժերու տեսակէտէն, այլ նաեւ հայեցողական շնորհներու լոյսին մէջ։ Գրագէտ է բոլորէն աւելի իր ընկերներէն որոնց անունին առջեւ մեր լեզուն մեծ փառքեր չէ արձանագրած։ Զօհրապի նկարագրական էջերը, կեանքի պատկերացման մէջ գործածած ընտիր ոճը մինչեւ այսօր կը պահեն աշխոյժ իրենց գնացքը, փայլը, երիտասարդութիւնը, պատկանելով նոյն ատեն երկու սերունդի։ Այսօր օտարոտի եթէ ոչ անկարելի է մեզմէ մէկուն համար գրել Արփիարեանի կամ Հրանդի լեզուով։ Բայց չենք նեղուիր Զօհրապէն։ Ամենէն հաստատ մտածողն է իր սերունդին, եթէ երբեք մտածման տարազը չընդարձակենք տարաչափ: Գրեթէ միակ դէ՛մքը մեր գրականութեան, որ երեւոյթները գործածեց իմացական հոսանքներու շահագործումին, ու կեանքին տուածը ջանաց վերցնել միտքին բիւրեղացման։ Փնտռեցէք ուրիշ անուն որ մտածման այս պարկեշտութիւնը զուգորդէ պատկերելու իր ճարտարութեան:

Հռետո՛ր, որ մեր ամենուն մէջ կ՚ապրի իբրեւ մեղք մը, մեր պապերէն մեզի փոխանցուած։ Գործի՛չ` որուն կաղապարը երկաթէ շապիկի մը պէս կը բռնադատուի մեր ամենուն, մեր ամենէն երազանուէր քերթողներն անգամ դուրս չձգելով։ Դուրեան, Պէշիկթաշլեան, Թէքէեան, Վարուժան գրեցին, հալածակա՛ն՝ այդ պահանջէն։ Հրապարակագի՛ր, որպէսզի լեցուի գիրը որ մեր ընտրանին կը սահմանէ արուեստին ամենէն աւելի թշնամի այդ սպասին, խելք տալու դերի մը կանչելով մարդեր որոնց զգացումները, կիրքերը, երազները միայն կը շահագրգռեն իրենցմէ դուրս եղողները։

Ըսին թէ Պոլսոյ մեծագոյն գրագէտն էր ան։ Չեմ տարբաղադրեր տարազը բայց կը ճշդեմ վերագրումին տարողութիւնը: Մեծութիւնը յարաբերական կշիռ մըն է, յաճախ անարդար տարրերու համադրում մը: Անշուշտ, անոնք որ յղացքը բանաձեւեցին, ունին իրենց մտքին առջեւ պայմանները որոնց մէջ անոր տաղանդը պայքարեցաւ, աճելու համար ու շրջապատը որ զինքը կաշկանդեց։ Իր կենսագրութիւնը զօրաւոր փաստ մը` գրագէտի հզօր խառնուածքի մը որ կանչուած է ինքզինքը վատնելու մեր բազմադիմի կարիքներու կրկէսին, երբեմն արուեստէն օտար, չըսելու համար վճռօրէն հակամարտ։ Փաթթոցաւորներու ծանր դատողութեան մշտապէս գերի (անոր փաստաբանի գործունէութիւնը, ինչպէս երեսփոխանութիւնը մնայուն բախումի մը մէջ կ՚ապրին այդ այլանդակ մտածողութեան հետ որ դատական եւ վարչական մարմիններունն էր Թուրքիոյ մէջ), իր ժողովուրդը զարնող մեծ, մահացու հիւանդութեամբ մը տաղտապուն, իր կիրքերուն բռնութենէն տարուբեր, իր խառնուածքին բացառիկ խմորովն է որ անոր պիտի յաջողուի դիմագրաւել բոլոր այս այլակեդրոն մղումներուն եւ գրել, երբ այնքան ստիպողական էին ուրիշ բաներ, առնուազն ապրիլը ։ Մեր գրողներէն այն առաջին դէմքն է անիկա որուն գրականութիւնը կենդանի վկայութիւն մըն է զոյգ երեսներով։ Մէկը այդ երեսներէն՝ իր կեանքը, առանց մեծ այլայլումի, այնքան մը հարազատ որքան կարելի է ատիկա որպէսզի գործը սնամիտ եսագովութիւն մը չդառնայ: Պէտք չէ պահանջել իրմէ ուրիշ առաքինութիւններ, որոնք դասական են ալ, գրականութեան դերը լուսաւորող, գրագէտին անձը քահանայագործող, ռոմանթիք յղացքներէ մեզի փոխանցուած որոնց գինով մեր գրողները պիտի ուզէինք ընթացիկ առաքինութեանց, բարոյական գաթէկորին երու արարողապետներ ողջունել, առնուազն փարոսներ, ինչպէս կը դաւանէին զիրենք անցնող դարու մեծ ու պզտիկ քերթողները արեւմուտքին։ Յետոյ, անոր անունին կապուած մեղադրանքները (գլխաւորաբար անբարոյ գրականութեան պարունակէն) լաւ է որ լռեն։

Ինչ որ տուած է անիկա, իր այնքան դժնդակ պայմաններուն ընդմէջէն, յատկանշական է իբր տախտակ մը մեր ընկերութեան որոշ մէկ շրջանին։ ԺԹ. դարու վերջին կէսը, աւելի ճիշդ՝ քառորդը, ամենէն անաղարտ իր պատկերը կը պահէ անոր վիպական աշխարհին մէջ։ Իր մտածողական նշմարները, նոյնիսկ իր դժբախտ քերթուածները մեր միտքն ու ճաշակին վրայ անփոխարինելի վկայութիւններ են: Իր կեանքը, մատաղ երիտասարդութենէն մինչեւ կոշկոճամահ իր նահատակութիւնը՝ այն շատ պայծառ վաւերագի՛րը որ մեր ժողովուրդի ընտրանիինը եղաւ դեռ Քրիստոսէ առաջ, երբ մեր արքայորդիները, փոխանակ իրենց երկիրը ծծելու, կը գերուէին հարաւ կամ արեւմուտք ու ծիրանի բանտարկութեան մը մէջ յաճախ կը զրկուէին իրենց գլուխէն, իրենց արիւնին փառքը քաւելու:

Յիսուն տարի յետոյ իր պատմուածքները պիտի վերածուին շքեղ կենդանագիրներու, կեանքի մը որ եղաւ այնքան տարօրինակ, նոր, խոր, մեզմէ իսկ պարագրկուելու անընդունակ, քանի որ զայն կերպադրող մեր փորձերը այսօր անգամ մեզ կը լարեն իրարու դէմ։ Այն մեռելութիւնը ուր փաթթուած կ՚ապրի 1880ի շքեղ Պոլիսը ըսել կ՚ուզեմ մեր ժողովուրդը որ հոն է տակաւին, համրելու իր հոգեւարքին տարիները պէտք չէ մեզ ընէ անարդար երբ կ՚ոգեկոչենք մեծ անոր անցեալը, քիթով պոչով դատելու համար նիհար վաստակը մեր գրողներուն: Ցաւ է անշուշտ որ մեծ իրագործումներու ամէն կերպով ընդունակ այդ մարդերը իրապաշտ խմբակին ամբողջութեանը տարածելի է այս վերագրումը այնքան քիչ բան փրկած ըլլան իրենց շրջանէն նո՛ յնը՝ խմբակին համար։ Մեղադրանք մը չէ հոս բանաձեւուածը։

Բազմակողմանի շնորհներով, աւելի բազմատարած հետաքրքրութիւններով մշտապէս լարուած, արթուն, ծփուն, թափանցող ու նորոգող, խօսքի, մտքի, պատկերի մեծ տուրքերով փարթամացած այս մարդէն մեր ժառանգութիւնը ես կ՚արձանագրեմ, հակառակ վտիտ իր զանգուածին, մեր անկորուստ փառքերուն մէջ, քովիկը այն ընտիր բայց սակաւաթիւ արժէքներուն որոնք արեւմտահայ գրական ճիգը ըրին այնքան սրտառուչ փաստ մը մեր ժողովուրդին անմահ յատկութիւններէն մէկ քանիին։

Իր տե՞ղը։

Բայց դժուար չէ այս սիրողը նստեցնել մօտը մեր իսկական մեծութիւններուն: Ոչ արժանիքներու նուաղութիւն, ոչ ալ արդիւնքի նիհարութիւն կ՚անցնին մտքէս երբ կը վարանիմ իր նախասիրած տարազը, սիրող (amateur) գրագէտը բեկանել, անոր անձին մէջ տեսնելու համար տիրական արուեստագէտ մը ու ասիկա՝ հակառակ իր մշտական խուսափումին, քմայքներուն, մատնութիւններուն, գրականութեան հանդէպ, վասնզի ոչ Չրաքեանը, ոչ Դուրեանը, ոչ Վարուժանը այնքան հարազատ փոխադրումը ըրին այդ Պոլիսին որքան ինքը։

Իր մեղաւորները, վաշխառուները, զոհերը, դժբախտները, զարմանազան բոյլը իր կիներուն, այնքան իրաւ իբրեւ մարմին ու մտայնութիւն, վայելք ու բարքեր, իր սպասուհիներ, որոնց դալուկ կարաւանը այնքան խոր զգացումներ տեսարանեց իր մէջէն, իր գեղջուկները, առանց ազգի խտրութեան, վերցուած տարօրինակ խաւերէ որոնք գեղին ու քաղաքին անցման կէտերը կուտան, իր մտաւորականները, վէպի մը հերոսներուն այնքան նմանակ, ու իր abstractionները օտար մշակոյթներէ, ձեւ ու յղացք, գոյն ու տրտմութիւն, հիւանդութիւն ու փափկութիւն, ինչպէս անդրադարձան անոնք իր որսորդ ուղեւորի պատկերակալին վրայ, կարճ` իր ամբողջ աշխարհը, ժամանակին հետ պիտի նրբանայ, ազնուանայ ու մեր ճղճիմ գրականութեան վրայ պիտի պահէ իր արձանային, մանրանկար fրesqueներու թանկ կշիռը: Ի՞նչ փոյթ որ փոքր ըլլան անոնք իբր ծաւալ։ Անոնք որ հին գրականութիւնները կ՚ուսումնասիրեն, չես գիտեր ինչ ախորժանքի գինով կանգ կ՚առնեն դասական դարերէն աւելի անկումի դարերու նրբենի կառուցումներուն: Լատին գրականութեան Գ. դարը (Քրիստոսէ վերջ) երբ չեն փոխեր Օգոստոսի դարուն շքեղութեանցը, բանի մը ապացոյցը տուած կ՚ըլլան։

 


 



[1]        Զուր տեղը չէ որ իրաւագէտը կը նոյնացուի մեր օրերու խոստովանահայրին։ Անոր աշխատանոցը՝ ապրուած հոգեբանութեանց գերագոյն կրկէս մը, ուր կը յանգին ժամանակակից մեծ կիրքերուն պողոտաները: Սափրիչի խանութ մըն էր Մոլիէռին մարդադաշտը։ Ահա թէ ինչու մեր օրերու փաստաբանը նման է բժիշկին որ ինքզինքը չի հասկնար ու կը դառնայ տրտում մարդուկ մը երբ իր առջին փռուած մարմիններու խօթութիւնները կը դարմանէ դեղերով, առանց անդրադառնալու բուն իր դերին որ թափանցումն է այդ խօթութիւնները առաջացնող հոգեկան այլայլումներուն։ Ֆլոպէռ կ՚ըսէ «ամէն գրագէտի մէջ բժիշկ մը կայ»։ Տեղը չէ՞ աւելցնել` ամէն փաստաբանի մէջ` ի ծնէ Վիպող մը։

[2]           Շատ են ասոնք, մանաւանդ երբ քննող նայուածքը նոյն տախտակին վրայ բերէ մէկ ու նոյն ժողովուրդի մը համաժամանակ ճիգը պատմապէս մէկ շրջանէ մը։ Զուգակշռութիւն մը արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց վրայ հատոր մը նօթ տուաւ ինծի, կազմուած առաւելապէս տարբերական տարրերէ։ Հոն ըսած եմ գլխաւոր պատճառները այս բարատոքսին։ Դառնալու համար Պոլիսին, պէտք է կենալ գրաքննութիւն կոչուած հզօր ազդակին առջեւ որպէսզի մասամբ ըմբըռնելի դառնան իրապաշտ խմբակին մօտ ա) պակա՛սը՝ ընդարձակ հետաքրքրութեանց ազգային տառապանքին ալքերն ի վար, տարօրէն խոր ու իրաւ, քանի որ զայն զգացող մեր գործարանները սուր են չափազանց, ջարդերու իրերայաջորդ սարսափներով այժմու բթացումէն շատ առաջ։ բ) Գուրգուրանք փոքր մարդերու պատկերացումներուն, անշուշտ մեծ ին զգայութեամբը մասամբ պայմանաւոր բայց աւելի ճիշդը զայն, մեծը ապրեցնելու ուժէն աղքատութեամբ մը (քանի մը գիրքի անուններ կը սպառեն մեր վէպը): գ) Չէզոքութիւն մը կիրքերու, սլացքներու չափաւորութիւն մը, օդայնութիւն մը բաղձանքէ ու երազանքէ, որոնք կրնան բացատրուիլ պահին ճնշումովը: դ) Ախորժանք մը, մասնակի ճաշակ մը, փնտռտուք մը սեթեւեթի, նրբութեան ու նանրութեան, դաշնութեան ու «անմարմին ճպռանց» նմանութեան ( Եղիշէ ), փայլի ու կամաւոր գունաղօտման, քիչիկ մը սոփեստութեան, շատ հռետորութեան որոնք անկարելի բառեր են գէթ մեծ մասով արեւելահայ գրականութեան մէջ եւ որոնք կը մեկնուին իսկապէս գողտր բայց նոյն ատեն բարբարոս գիծերովը Պոլիսին, երկրէն ու երկինքէն որ հոն կը շինուի ոչ թէ Աստուծոյ արձակ, խոշոր բանող կարկինովը, այլ բլուրներուն, անտառներուն, նոյնիսկ ծոցերուն մանրակառոյց, մանրադրուագ քմայքներովը։

Չեմ զբաղիր դալկութիւններով, բոյրերով ուր քանի մը արեւադարձ աշխատանք ունին ու քանի մը երկրաբանութիւն՝ նպա՛ստ, որպէսզի ծաղիկները ըլլան այնքան թոյլ բայց թունդ նոյն ատեն, նուազուն բայց զգլխիչ (դժուար չէ պատկերը փոխադրել հողին շարժուն ծաղիկներուն, կիներուն իմաստին), համե՛ստ՝ այնքան արիւնոտ որքան փափկազգի, բոլորն ալ ներքին ծորումները այդ դիւթական քաղաքին, անշուշտ նախ մարդոց միսերուն յետոյ անոնց հոգիին միսերուն, ըսել կ՚ուզեմ անոնց արուեստին մայր արտայայտութեան մէջէն զգալի, զանազանելի։ Երուանդ Սրմաքէշխանլեանին հետ Զօհրապ այն երկու գրողները եղան որոնց գործին մէջ պոլսերանգ զանազանութիւն մը աչքի կը զարնէ ամենէն առաջ։

[3]        1898ին Զօհրապ կը խմբագրէ Մասիս ը իբրեւ օրաթերթ։ Կը պատժուի իր իսկ առաքինութիւններով, քանի որ ամբոխին իջնալու համար իրեն կը պակսէին քանի մը շատ հիմնական տուրքեր։ Մտածման ազնուականութիւնը լուռ է այնքան նախանձի որքան արիւնին կամ դրամին ազնուականութիւնը։ Պարթեւեան, Թէքէեան այս դժբախտութեան մէջ կը միանան իրեն: Տարին իսկ չբոլորած թերթը կը դադրի: Ամբոխին հետ խօսելու իր լեզո՛ւն իր բեմբասացի ուժը աւելի ուշ պիտի ազատուէր իր կապերէն։

[4]        Վտանգաւոր տարազ՝ իրաւ որ, ըստ որում Պարթեւեանի ստորագրած հազարաւոր սիւնակ խմբագրականները ներկուած դիմակներէ աւելի չեն եղած, այդ տարօրինակ մարդուն դէմքը այնքան այլագունող։ Բայց չմոռնալ Թէքէեանը որ չգրեց տող մը բան իր մտածումին հակառակ: Զարդարեանը՝ որ իր կուսակցութեան մեծ պահանջները խողովակեց ու ինքզինքը սպաննեց այդ դժբախտ դերին մէջ։ Արծրունի՞ն։ Նալպանտեա՞նը։ Ծերե՞նցը։

[5]        Չափազանց չէ թիւը, քանի որ յիսունը կ՚անցնի գաղթահայ մամուլին մէջ համագումարը թերթերուն եւ հանդէսներուն:

[6]        Զօհրապի մահէն յետոյ այդ դէմքերը՝ միացուած Ուղեւորի մը Էջեր ուն հրատարակուեցան Իզմիր: Ն. Գ. Բ. ը Զօհրապէն կազմած իր հատորին մէջ առած է դարձեալ այդ Դէմքեր ը։

[7]        Պր. Արշակ Ալպոյաճեան սկսած է այդ փորձը, համադրական էջերու վրայ սեւեռելու Զօհրապի անձին ու գործին մեծ գիծերը։ Մեղք որ իր նպատակն է եղած արուեստէն աւելի պատմութեան ծառայել։

[8]        Դրէք այդ աշխարհը Արփիարեանին փորձարկութեան, ու պիտի գտնէք տժգոյն էջերը Կարմիր Ժամուց ին ուր անիկա կը կարծէ տալ թուրք արդարութիւնը։ Ըրէք փորձը, այս անգամ ենթադրովի, մեծատաղանդ Հրանդին հետ ու չեմ խորհիր թէ տարբեր արդիւնքի մը պիտի յանգէիք: Ինչ որ Պալզաքը իսկ անկարող եղած է նուաճելու, ատիկա Ֆրանսայի բարձր դասակարգն է եւ սակայն Պալզաք լիովին օտարական մը չէր այդ աշխարհին, վկա՛յ՝ փոքր մասնիկը իր անունին եւ մականունին մէջտեղը (de)։ Վրիպա՞նքը։ Հաւանաբար արդիւնք է շփումի տարտամութեան։

[9]        Նորավէպ ը տառացի արտայայտութիւնն է ֆրանսացիներուն nouvelleին, առաջին անգամ կարծեմ գործածուած Մասիս ի հին խմբագրապետէն (Կ. Իւթիւճեան)։ Զօհրապէն առաջ անիկա սանկ ու նանկ քանի մը էջնոց պատմութիւն մըն է, սրտառուչ հիւսքով, տխուր կամ զուարթ վախճանով մը, առաւելապէս թարգմանածոյ։ Լրագրին ընդհանրացումը, ռոմանթիք մեծ գործերու հայացումը անոր ճամբայ կը յարդարեն։ 1885էն առաջ քիչ են ինքնագիրները: Անկէ յետոյ Ալֆոնս Տոտէով եւ Մոբասանով անոր թափանցումը մեր մէջ կը զարգանայ, հաւանաբար նպաստ գտնելով քանի մը բացառիկ պայմաններէ գրաքննութիւն՝ որ կ՚արգիլէ մեծ վաստակը. ասպարէզի պակաս՝ որ մեր գրողները կը պարտադրէ պատահական ճիգի եւ արդիւնքի. գրականութեան յղացքին իսկ նկարագիրը՝ որ կը շփոթուի մեր մէջ իմացական բովանդակ գործունէութեանց հետ: Ընդարձակ ընդլայնում մը հետաքրքրական հետեւութիւններու պիտի առաջնորդէր երբ ծանրանար արեւմտահայ վէպին մայր ազդակներուն, ասոնց արժէքին ու ան միւսներուն ալ որոնք մեր մէջ նորավէպը տարին իր անառարկելի փառքին։ Զօհրապի սերունդէն յետոյ արուեստագէտները խաթարեցին անոր հիմնական նկարագիրը, որ ըլլալն է կեանքի պարզ պատկեր մը, աշխոյժ գնացքով, դրուագման եւ կառոյցի որոշ ճարտարապետութեամբ, ամփոփ՝ իր շրջագիծերուն մէջ, բայց ամբողջ՝ իբր տռամաթիք յեսում։ Որ չանցնի լրագրի երեք սիւնակը բայց շահագրգռէ թատերական արարի մը նման։ Ըլլայ թեթեւ, հաճելի, լաւ դարձուած (bien tourné) զգուշ կենալով անտեղի ձգձգումէ, յորդումէ, խորացման պատրուակով զառածումներէ։ Այսպէս էին սեռին նկարագիրները այն հարիւրաւոր, պատկերներուն մէջ զորս Մոբասան ստորագրեց բարիզեան օրաթերթերու մէջ, կանոնաւոր կերպով, տասը տարիներու վրայ։ Զօհրապ ամենէն հաւատարիմ փոխադրիչն է մեր մէջ այդ ճարտարապետութեան։ Նկատի առնել միւս կողմէն ընթերցողին ալ պահանջները։ Կէս դար առաջ մարդերը նո՞յնն էին, նմա՞նը անոնց որոնք այսօր ամերիկեան հայ հանդէսներու մէջ կը շարունակեն աւանդութիւնը, հարիւրաւոր, հազարաւոր պատմուածքներ թխմելով, որոնք բոլորը մէկ չեն կրնար հակակշռել Զօհրապի մէկ հատորը։ Ճաշակի՞ փոփոխութիւն։ Գուցէ: Բայց վաճառաշահութիւն մանաւանդ, քանի որ մեր հանդէսները ճնշումին տակն են որակով աւելի խոնարհ միտքերու որքան չէր ատիկա 1890ի սերունդին մօտ իբր միջին։ Կէս դարը ոչ միայն չաւելցուց Զօհրապի ժառանգը, այլ ապականեց այդ ժառանգութեան մտապատկերն իսկ։

[10]      Կ՚ըսեմ այսպէս վասնզի գրողի երկու մեծապէս տարբեր տիպարներ են վիպողն ու նորավիպագիրը: Քիչ անգամ երկուքն ալ կը նոյնանան մէկ անձի վրայ: Անշուշտ ամէն նորավիպագիր potentiellement վիպող մըն է նոյն ատեն: Բայց հակառակը ճիշդ չէ միշտ: Երկու անջատ տիսիբլիններ են անոնք ու իբր այդ կը կաղապարեն իրենց մարդերը։ Մոբասա՞ն։ Այո՛։ Երկուքն ալ։ Բայց Պալզա՞քը։ Սթանտա՞լը։ Զոլա՞ն։ Ֆլոպէ՞ռը: Տայսթայովսքի՞ն։ Ինծի այնպէս կուգայ թէ վէպը խորութեան, լայնքի իր որոշ ոլորտովը իր մշակները քիչիկ մը կը զառածէ, ու զանոնք անատակ կ՚ընէ հակադիր հրապոյրներու որոնք վիպակի մը գոյութեան պատճառն են։

[11]      Քաղաքական դատավարութեան մը արձագանգն է Տայսթայովսքիի Le Possédésն։ Բայց դատական արձանագրութեանց ահաւոր ձանձրոյթին մեղքը քաւած է վէպը, տալով շատ աւելի մնայուն վկայութիւն մը։ Այսպէս է արուեստի ճշմարիտ գործին ճակատագիրը: Արձագանգ մը` ժամանակէ մը, բայց նոյն ատեն աւելի հարազատ ու մեծ, մանաւանդ թելադրական (գէթ ապագային համար) վկայութիւն։

[12]      Զօհրապի անունին հետ յաճախ կրկնուած հոգեբաւ վիպողի մակդիրը հարկ է վերածել իր յարաբերական իմաստին։ Վիպակի մը մէջ, ինչպէս բարգ երու (parc) ձեռակերտ աւազաններուն մէջ, չեն կրնար գործել խորունկ չափող միջոցները, հոգին խուզարկելու այլապէս բարդ հարցին առջեւ։ Ըսին այդպէս, թերեւս անգիտակցաբար տպաւորուած այն մեծ պակասէն որ իրապաշտ վիպակին մէջ կը դիտուի հիմա։ Այսինքն հոգեկան խորութեան, յաւակնոտ բառով մը` հոգեբանութեան պակասն էր ատիկա որ հասարակաց է բոլորին։ Զօհրապի մօտ ատոր նշմարները` անհերքելի։

[13]      Չզարմանալ այս նախասիրութեան։ Արուեստը անձնականին հեղումն է մեզմէ դուրս։ Ինչպէս չգործել մեղքը՝ աժան ու գայթակղութեան համար, գիծով հետապնդուած պատկերները միայն տեսնելու հոն ուր Զօհրապ ինքզինքը կ՚ուզէ ազատագրել իր յուզումներուն ասեղներէն։ Մեր հերոսուհիները մեր անխուսափելի սիրուհիներն են, մանաւանդ գիրքերու վրայ ըլլալէ վերջ ատիկա կեանքին մէջ։

[14]      Այն հարցը թէ ծաւալը կրնայ վնասել խտութեան, խնդրական է ըլլալու համար բացարձակ։ Խտութիւնը տաղանդի կազմ է, ոչ թէ բռնաստացիկ կերպ։ Պալզաքի եւ ուրիշներու (միշտ իսկական գրողները նկատի ունիմ եւ ոչ թէ Ժորժ Սանի պէս վէպի կովերը ինչպէս կ՚ըսեն գաղիացիք) մեծ կառոյցները թերեւս կը պայմանաւորեն կեանքերու այն փարթամ հեղեղներով, կիրքերու այն հզօր գրոհներով որոնք անոնց գործերը կ՚ընեն այլապէս հոծ, մեծ, խոր ու աստուածային։ Թերթօնին եւ արուեստի գործին մէջ տարբերութիւնը ապակիի կտորին եւ ադամանդին այնքան չարատիպ հանգիտութիւնը կը յիշեցնէ քիչ մը։ Զօհրապ ծաւալէն բարիք միայն ունէր կտակելիք մեզի:

[15]      Ընդարձակ վէճի նիւթ՝ ապրող մարդերու փոխադրումը արուեստէն ներս։ Բայց կեցուածքն է հոս դատաւորը։ Հայկական Նամականի ին քօղաւորումները, իր ատենին հաճելի եւ թափանցիկ, այսօր մեզի կը թուին հիմնովին ցուրտ։ Զօհրապի կիներուն իսկական անունները, ծննդաբանութիւնը խուզարկել անիմաստ վաստակ մը պիտի ըլլար, տրուած ըլլալով որ վիպակներու մէջ անոնց զգեցած իրականութիւնը ոչինչով պարտական է օր մը անոնց պտտցուցած միսի կամ կիրքի քանակին։ Մատամ Պովարի ն վէպ մըն է որ մեկնած է իրականութենէն, կը խտացնէ իրականութեան քանի մը հաստատ քանդակներ։ Հոն ուր Ֆլոպէռ բռնաբարած է մեթոտը, անկէ առնելու համար ընկերաբանական ճշգրիտ, չոր, կատարելապէս վաւերատիպ տախտակներ (անոնք շատ են վէպին ընթացքին). հոն այսօր մենք կը հաստատենք մեռած տարրը: Նոյնն է պարագան Պալզաքի մանրազննին նկարագրումներուն։ Փոխադրելով հարցը ապրող մարդոց, բան չենք փոխեր վարկածին արժէքէն։ Ո՞վ պիտի հետաքրքրուէր աս ու ան ջոջին կամ տիկինին փոքր կամ խոշոր գայթակղութիւններովը երբ կէս դարը բաւական թանձր խաւ է անոնց դիակներուն, համբաւներուն։ Արուեստի գործը այս հրաշքով է որ մեծ է իրականութենէն, քանի որ կ՚ապրի անկէ շատ աւելի։

[16]      Կարդացեք երկու Գրիգորներու տպաւորութիւնները, խորհրդածութիւնները մէկ ու նոյն տեղի մը, ջուրերու քաղաք մը ասիկա, Վիսպատ, ու դուք իսկոյն կը հասկնաք թէ քսան ու աւելի տարիները ինչ ուղղութեամբ փոխակերպած են մեր զգայարանքները, մանաւանդ մեր մտածող մեքենան։

[17]      Նման է այս զբօսախաղին մէջ Չրաքեանին որ շատ աւելի մեծ արուեստագէտ, իր զգայութիւնները բանաձեւելու հզօր իր շնորհները կը գործածէ մտածումներ ալ տարազելու, եւ կը տառապի կեղծիքէն զոր կը ճանչնայ իր իսկութեանը մէջ։ Այս է պատճառը որ յոգնած իր խաղէն երբեմն կը լքէ ինքզինքը իր զգայութիւններուն, ասոնց ճամբով հասնելու համար նոյն յուզումին զոր մտածման ցանկութիւն մը կ՚արթնցնէ իր մէջ։

[18]      Ազգային հարցը շատ պարզ, սրտառուչ, միակտուր իրականութիւն մըն է անոր ինչպէս ամէն հայու համար: Զօհրապի հակառակորդները նուազ չեն տառապած ցեղին մեծ տառապանքը։ Ազատամարտ ի գաղափարագրութեան իմաստասիրական մասն է որուն կ՚ակնարկեմ, կազմ ու պատրաստ Եւրոպայէն կամ Ռուսիայէն փոխադրուած մեր մէջ, հետեւաբար բոլորովին նոր եթէ ոչ օտար։ Քառասուն տարի պէտք եղաւ ու մեր ժողովուրդին կէսին ջնջումը` որպէսզի այդ օտարութիւնը վերանար տարազէն։ Այսօր, սփիւռքի միջակ դպրոցականը այդ հարցերուն շուրջ աւելի գիտէ քան Զօհրապը, իր ատենին։

[19]      Մեր գրականութեան մէջ (արեւելահայ եւ արեւմտահայ) թուրքը միակտուր կենդանի մըն է, դարաւոր աղջին մէջը տեսնուած մեր պատմութեան, իրանեան, արաբական խառնուրդ յղացքէ մը նորօրեայ կերպարանափոխում մը։ Մեր նոր վէպը խօսած է անկէ. մեր բանաստեղծութիւնը ծառացած է անոր բարբարոսութեան դէմ: Բայց ոչ ոք մենէ ջանք է ունեցած ճանչնալու զայն։

[20]      Արուեստագէտ սերունդին տիրական յատկութիւնը այս խնամքն է, արտայայտութեան հարցին հանդէպ, որ հանգանակ մըն է, առանց տարազի։ Կարդացէք Չրաքեանը, Վարուժանը, Թէքէեանը, Պարթեւեանը, Մեծարենցը, պատահական որեւէ էջէ։ Դուք պիտի չփնտռէք նիւթը, այն բարբարոս, այլամերժ շահագրգռութեամբ որ պայման է իրապաշտներուն հետ շփումի մը ատեն։ Պիտի գոհանաք տրուածին համովը, խռովքովը որոնք այս անգամ նիւթէն բխող բայց ինքնաբաւ տարրեր են, գերազանցապէս արուեստի ոլորտէ մը։ Զօհրապ ինքզինքը կ՚երկարաձգէ իրապաշտներէն վերջ, կը դառնայ կուռք մը դարձեալ արուեստագէտ սերունդին առաջին շրջանին, պարզ՝ այս տուրքին շնորհիւ։

[21]      Գրականութեան պատմութիւնը մեծ շահագրգռութիւն մը չունի գրագէտի մը հանրային սպասարկութեանը հանդէպ։ Այս վարկածը անարդար զանցառութեան մը պիտի տանէր քննադատը, երեսուն ու աւելի տարիներու յամառ թէեւ պատահական ճիգը քմայքի մը վերածելու համար մարդու մը մօտ որ գոնէ իր կեանքին վերջին վեց տարիները յատկացուց բոլորանուէր ծառայութեան մը, մեծ չափով իր ժողովուրդին բարիքին նախանձախնդիր, չնմանելով իր ընկերներուն, անոնք ալ իր ցեղէն, բայց այդ խորհրդարանին մէջ վերջին անգամի մը համար բեմադրելով Արփիարեանէն խարանակոծ էֆէնտի ին թիփը, այն ոչ տաճիկ, ոչ ալ հայ մարդը որ պիտի դողդղայ իր թոշակին վրայ, անկէ անդին մոռնալով ամէն սրբութիւն։ Զօհրապ հայկական բարենորոգումներուն (ասոնց 1912-1913 տպագրութեա՜ն) զօրաւորագոյն զսպանակն է ազգային մարզէ։ Ընտրեալ կոչուածը՝ կատարելու անհրաժեշտ դիմումները, խմբագրելու այն վտանգաւոր թուղթերը որոնք դիւանագիտական աշխարհին ամենէն նուրբ ու սուր զէնքերը կը ճարեն։ Միայն այդ գործունէութիւնը բաւ էր իր հայրենասիրական զգացումները իր տաղանդին արժանաւոր ընծայելու։ Թուրքերուն խորհրդարանին մէջ անիկա ոչ նուազ օգտաւէտ դեր մըն է ունեցած, իսկապէս պետական մարդու լայն իմացականութեան մը յայտարար, միջազգային տիպարէ ընդարձակութիւն մը թելադրող։ Այդ դժբախտ Սելովամին մէջ Զօհրապ ըսած է մեծ խօսքեր ու խոր մարդասիրութեամբ մը տոգորուած ճառեր։ Ազգային շրջանակներու մէջ թէեւ հեռու է պահած ինքզինքը ժողովական աշխատանքէ, բայց եղած է գաղտ խորհրդականը մէկէ աւելի վարչութիւններու, Սահմանադրութենէն վերջ հոդ ալ սակայն կը տեսնենք զինքը, տարուած օրուան մեծ պահանջներէն։ Կ՚անցնիմ, Շարժական ու սպառիչ այս աշխատանքը ամրապէս կը հետապնդուի հռետորական ուրիշ գրականութեամբ մը, դպրոցական դասախօսութիւններով։ Զօհրապի ճառերը իբր գաղափար, հարցերու դասաւորում, տեսակէտներու ագոյց ու մշակում վար չեն մնար Գ. Օտեանի մը, Ն. Ռուսինեանի մը, Մ. Չերազի մը բեմբասացական երկունքէն թէ՛ իրենց լեզուովը, կրակով, թէ՛ իրենց հասունութեան ու concisionի շնորհներով։ Յետոյ չմոռնալ որ յիշուած անունները թշուառ, գերի հասարակութեան մը միայն կրթական ու թաղական կարիքները ունէին դիմաւորելու։ Զօհրապ կայսրութեան մը ճարտարապետն է (կայսրութիւնը, թուրք կամ անգլիական, իբր պատկեր նոյնն է միշտ)։ Իսկապէս հայկական է խորքը անոր այդ գործունէութեան։ Պատրանք չի սնուցաներ թուրքին ընդունակութեանց եւ ախորժակներուն կարելի՜ փոփոխութեան մը մասին։ Ատանայի աղէտը աւելի քան պերճ փաստ մըն էր իր ազատական մտածողութիւնը զգետնող։ Բա՛յց։ Ու փոքր ժողովուրդներուն ողբերգութիւնն է ասիկա։ Զօհրապ ծառայեց, ուրիշ բանի անկարող ըլլալուն, ինչպէս դարերով, հազարամերով ծառայեր էին իր նախնիքները բիւզանդական, պարսկական, արաբական, թրքական գահերուն (յիշելու համար միայն քանի մը հազար տարի) ու կը ծառայէին աւելի նոր ժամանակներու մէջ եւրոպական կամ ասիական, ափրիկեան ուրիշ իշխանութեանց։ Գիտենք թէ ինչ փափուկ կացութեան մը մէջ անիկա ընդգրկեց 1913ի վճռական քաղաքականութիւնը ազգային հարցին հետապնդման տեսակէտէն։

Այս բոլոր աղմուկին մէջ, իրարու հակադրուած այս շարժումներուն ընթացքին, երբեմն հալածուած (փախած է Պոլսէն դատական նախարարի մը քինախնդրութեան երեսէն), երբեմն հանդուրժուած, Զօհրապ կը ներկայանայ մեզի 1940ի հանդարտ, ապաշխոյժ ընդհանրացնողներուն համար հզօր ուժի, յարաշարժ իմացականութեան ընտիր նմոյշ մը, իր վրայ համադրող՝ բոլոր կարելիութիւնները շրջան մը պատկերացնելու, չըսելու համար խորհրդանշելու: Մի մոռնաք որ իր սերունդը, գրական իր արտաքին գործունէութեան ներքեւ բացառիկ զգայնութիւն մը կը վերբերէ շարժական գործունէութեան։ Բոլորն ալ իբր յեղափոխական վտանգուած են։ Բացի Սիպիլէն որ իբրեւ կին կ՚ազատի հալածանքէն, ու Հրանդէն որուն պարզ գիւղացիութիւնը պաշտպան մը եղաւ, միւսները իրենց գլուխները կախաղանէն փրկեցին Եւրոպա ապաստանելով։