ԳԼՈՒԽ
Է.
ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Երկու
գրականութեանց
լուրջ
սեռերու
վրայով
մեր
վերլուծումը
հարկադրաբար
մեզ
կ՚առաջնորդէ
համադրութեան
քիչ
մը
ընդարձակ
փորձի
մը,
ուր
վերաքաղէ
աւելի,
թելադրուած
գաղափարներուն
անդրագոյն
անդրադարձը
պիտի
ուզէի
երկարաձգուած
տեսնել:
Ամէն
գրականութիւն
առանց
իր
գիտնալուն
պաշտպանութեան
տակն
է
գաղափարներու
դրութեան
մը:
Օտարներու
համար
իմաստասիրութիւն
բառը
մեծ
չի
գար,
վասնզի
անոնք
իրապէս
ենթակայ
են
գաղափարներու
ճնշումին:
Մեզի
համար
դժուար
է
նման
յաւակնութիւններ
սնուցանել,
քանի
որ
մեր
գրականութիւնը
բախտը
չունեցաւ
սկիզբէն
իսկ
որեւէ
իմաստ
է
պաշտպանուելու:
Ինչ
որ
հայ
մատենագրութիւն
կ՚անուանենք
1500ամեայ
շրջան
մը՝
փիլիսոփայութենէ
աւելի
զգացումի
մը
կը
մնայ
ենթակայ:
Հազարաւոր
անցքեր,
հոսանքներ,
տագնապներ,
աղէտներ
ենք
կրեր,
շփուեր
ենք
մէկէ
աւելի
մեծ
մշակոյթներու
հետ
եւ
ուրիշ
բան
չենք
տուած
այդ
ամէնէն,
եթէ
ոչ
քրոնիկներու
série
մը:
Հազիւ
քանի
մը
հատ
արուեստի
կոթողներ,
այդքան:
Մեր
գրականութեան
նոր
շրջանը
անշուշից
աւելի
բարեբախտ
է,
քանի
որ
բազմակողմանի
զարգացման
մը
փաստերը
բերաւ,
բայց
դարձեալ
զուրկ՝
մնաց
իմաստին
բարիքէն:
Մօտաւորապէս
դար
մը
կայ,
որ
սկիզբ
ըրած
են
մեր
երկու
նոր
գրականութիւնները:
Յետահայեաց
ակնարկ
մը,
երբ
ուզէր
այդ
շրջաններուն
մէջ
ուղեգիծեր
ճշդել,
պիտի
տրտմէր
անոնց
թիւին
սակաւութենէն:
Անոր
համար
է,
որ
կը
զգուշանամ
այս
համադրութիւնը
կատարել
գաղափարներու
ակօսէն,
զայն
տանելու
համար
ընկերային,
քաղաքական,
պատմական
տուեալներու
ուղիով
մը:
I.
ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ
ՀԱՏՈՒԱԾ
Ա.
Գաղափարներու
պակաս
Վերածնունդի
սերունդը
անշուշտ
իր
որոշ
հանգանակը
ունի
ի
մտի,
բայց
այդ
հանգանակը՝
գերազանցապէս
ընկերային
տարողութեամբ
Արեւելահայ
գրականութեան
մէջ՝
արուեստի
գործերուն
վրայ
չէ
անդրադարձած:
Այդ
սերունդին
մէկ
մեծ
կոթողը՝
Աբովեանի
«Վէրք
Հայաստանի»ն
սկիզբի
գործ
մը
ըլլալուն՝
դուրս
կը
մնայ
«Հիւսիսափայլ»ի
մտահոգութիւններէն,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
անոնցմէ
հետապնդուած
գաղափարագրութենէն:
Դժուար
է
դարձեալ
իմաստասիրական
յօրինուածք
տեսնել
Նազարեանց-Նալբանդեան
խմբակով
ծանօթ
շարժումին
տակը,
ինչպէս
դժուար
է
ատիկա
դարձեալ
նոյն
տեսակէտներէ՝
արեւմտահայ
հատուածին
համար
ալ:
Րաֆֆի
եւ
Իրապաշտները
կը
կռթնին
հանգանակներում,
որոնց
տարողութիւնը
քիչ
փոփոխութիւն
մը
կը
պարզէ
մեզի
«Հիւսիսափայլ»եան
սերունդէն:
90էն
մինչեւ
պատերազմ
քառորդ
դարը
նկարագիր
չունի
Արեւելահայ
գրականութեան
մէջ,
եթէ
վերցնենք
տուն
տուող
մեծ
զգացումը,
որ
տաճկահայ
դատն
է:
Յետ-Հոկտեմբերեան
փիլիսոփայութիւնը
փոխ
առնուած
շապիկ
մըն
է,
որ
չէ
իւրացուած
մեր
գրողներէն
եւ
հետեւաբար
արդիւնքի
չէ
բարձրացած:
Հասարակաց
գիծ՝
գրողներու
մօտ,
որ
կրնար
ի
վերջոյ
իմաստասիրութեան
մը
վերածուիլ,
սխալ
չըլլար
տեսնել
հայրենասիրական
այն
բուռն
եռանդին
մէջ,
որով
տոգորուած
են
արեւելահայերը
Աբովեանէն
մինչեւ
Մեծամասնական
ռատիօ-երգիչները:
Պէտք
է
դժբախտաբար
աւելցնել,
որ
այդ
զգացումը՝
քիչ
անգամ
բիւրեղացած
գործերու
մէջ
ինքզինք
կերպադրած
է:
Արուեստի
դժնդակ
բացակայութիւնը
գերագոյն
դատապարտութիւնն
է,
զոր
կարելի
է
բանաձեւել
Արեւելահայ
գրականութեան
դէմ:
Բ.
Վրիպած
է
Էջմիածնի
պատգամը
Վերանորոգման,
վերակազմութեան,
վերազգայնացման
հզօր
ճիգին
մէջ,
զոր
արեւելահայերը
ի
գործ
դրին
անցնող
դարու
առաջին
քառորդէն
սկսեալ,
Էջմիածին
ունեցաւ
փառաւոր
մասնակցութիւն
մը,
Թիֆլիսի
եւ
Երեւանի
մէջ
հաստատած
իր
մշակոյթի
վառարաններով:
Բայց
պարագաները
շուտով
ընդհատեցին
այդ
գեղեցիկ
գործունէութիւնը:
Աշխարհիկ
մտաւորականութիւնը
զառածեցաւ
շատ
կանուխ՝
որդեգրելով
մեզի
օտար
ու
վնասակար
տեսակէտներ,
բայց
որոնք
հ
աւատաւոր
այդ
մարդոց
փրոփականտին
մէջէն,
նպաստաւորուելով
մա՛նաւանդ
Էջմիածնի
կրաւոր
անշարժութենէն,
գետին
շահեցան
եւ
վտանգեցին
Ներսէսներու,
Գէորգներու
հեռահայեաց
անցելապաշտ
քաղաքականութիւնը:
Մեր
մտքին
հակակշիռը
15
դարէ
ի
վեր
իր
ձեռքին
մէջ
ունեցող
մեր
եկեղեցականութիւնը
քաշուեցաւ
կրկէսէն,
ասպարէզը
թողելով
օտարոտի
գաղափարականներու,
որոնք
պիտի
երկարաձգուէին
մինչեւ
մեր
օրերը,
վտանգելով
այսպէսով
ցեղին
հոգեկան
միութիւնը,
սանձազերծելով
իր
պատմութեան
թերութիւնները,
վերածելու
չափ
զայն
հակամարտ
բանակներու
հանդէսի
մը:
Հոկտեմբերէն
առաջ
արեւելահայ
մտաւորականութիւնը
կը
պարզէր
խայտաբղետ
ըմբռնումներու
կրկէս
մը:
Էջմիածինը
չկրցաւ
հրապարակ
նետել
իր
փաղանգը
կենդանի
մարդոց,
ոչ
ալ
իր
տպարանը
յաջողեցաւ
հրապարակ
դնել
լայն
ու
խոր
շահեկանութեամբ
սերունդ
կշտացնող
գործեր:
Ներսիսեանի
ոգին,
ճեմարանականութիւնը
ճիշդ
հակառակ
արդիւնքին
առաջնորդեց
իր
ծոցէն
դուրս
ինկած
երիտասարդութիւնը,
անխնայ
յարձակման
ենթարկուեցաւ
դժբախտ
Մայրը՝
եկեղեցին,
որուն
դրամովը
այդ
տղաքը
իրենց
ուսումը
ստացեր
էին:
Գ.
Հայ
եկեղեցին
դադրած
է
այս
ժողովուրդին
տիրական
ազդակը
ըլլալէ,
ենթարկուելով
պետութեան
եւ
մեր
հատուածական
մտայնութեան.
Շատ
ուշագրաւ
է,
որ
Արեւելահայ
գրականութիւնը
հիմնովին
կռնակ
դարձուցած
ըլլայ
հաւաքական
մեր
հոգեբանութեան,
մանաւանդ
անցեալով
մեզի
կտակուած
իմաստին:
Մինչ
արեւմտահայ
հատուածին
մէջ
10ի
կը
մօտենայ
գրական
վաստակաւորներու
եւ
տաղանդաւոր
եկեղեցական
գրողներու
թիւը,
անոնց
մէջ
մէկ
հատիկ
իսկ
չէ
հասած:
«Այրարատ»ը,
Մայր
Աթոռի
օրգան,
երբեմն
խմբագրուած
է
աշխարհականներէ:
Իր
հաւաքածոները
երբ
աչքէ
անցընենք
այսօր,
ոչ
մէկ
գետնի
վրայ
յաւելում
բերած
են
հայ
մշակոյթին:
Եւ
սակայն
հայ
հոգին,
այսինքն՝
անոր
կրօնական
զգայնութեանց
ամբողջ
մթերքը
կը
մնար
անաղարտ
մեր
ժողովուրդի
ծոցին
մէջ:
Թէ
անոնք
արեւմտահայերէն
աւելի
կանուխ
աշխարհայնացան,
չի
բացատրեր
եկեղեցական
գրագէտներու
սա
վրիպանքը
անոնց
մօտ:
Ուրիշ
ուշագրաւ
պարագայ՝
ատ
ալ
այդ
զգացումին
հիմնովին
չշահագործուած
մնալը
անոնց
արուեստէն
ներս:
Աբովեանի
ջերմութիւնը
եւ
խանդավառութիւնը
անգամ
մըն
ալ
հանդիպելի
չեղաւ
անոնց
գրականութեանց
մէջ:
Ո՞վ
է
պատասխանատուն
այս
արդիւնքին,
այդ
չէ
կարեւորը՝
կարեւորը
բացարձակ
ամայութիւնն
է
հոգեկան
կեանքի
գրականութեանը
մէջ,
որ
աւելի
յարմարութիւններ
կը
ներկայացնէր
մեր
դարաւոր
հոգեբանութիւնը
արտայայտելու,
քանի
որ
կը
մշակուէր
հ
այ
հողին
վրայ,
հ
այ
երկնքին
պաշտպանութեանը
տակ:
Դ.
Յեղափոխական
սերունդ
Կազմուած
ռուս
դպրոցներու
եւ
մտայնութեանց
մէջ,
յեղափոխական
սերունդին
բոլոր
դէմքերը
գրեթէ
բացառաբար
գործողութեան
մարդեր
են.
քիչերուն
քով
կայ
արուեստ,
գէթ
ստիպուած
եմ
այսպէս
դատել
արդիւնքին
առջեւը
իրենց
գործին:
Աբովեանէն
մինչեւ
Ահարոնեան
(կէս
դար),
չէ
եղած
անոնց
մէջ
գրող
մը,
որ
ինքզինքը
հասկնար
գործողութենէն
տարբեր
մղումներու
տակ:
Նոյն
այդ
մղումն
է,
որ
պիտի
միջամտէ
գրեթէ
բոլորին
ստեղծումներուն,
ասոնք
ընելով
փրոփականտի
կրկէս:
Ի
վերջոյ
ո՞րն
է
արուեստի
անաղարտ
կնիքով
կնքաւոր
կտորը
առաջին
հայրենասէրներուն,
որոնք
Աբովեանէն
ետքը
այս
ժողովուրդին
զարթօնքին
սպասը
ըրին:
Ո՞ւր
է
հիմնական
գիծը
երկու
սերունդին,
եթէ
ոչ
պայքարի
այն
շեշտ
կամքին
մէջ,
որով
մեր
ժողովուրդը
կը
բաշխուէր
ճակատներու
հակադիր
հայեացքներով:
Գամառ-Քաթիպայով
կարելի
չէ
բիւրեղացած
որեւէ
քերթուած
հրամցնել
այսօրուան
տղոց,
ոչ
թէ
որովհետեւ
այսօր
մեր
հոգիները
պաղած
են
մեծանուն
բանաստեղծէն
պոռացուած
զգացումներէն,
այլ
անոր
համար,
որ
պոռալը
ամէն
ժամանակի
համար
տարբեր
բան
մը
չէ
պոռալէ:
Արուե՞ստը:
Դաշնաւորում
մըն
է:
«Հիւսիսափայլ»ի
ամբողջ
ճիգը
ընկերային
փրոփականտն
է,
քան
թէ
արուեստի
լուրջ
ձեռնարկ:
Րաֆֆի՞ն:
Պղտոր
ու
խակ
յուզումներու
մեծ
սպառիչ
մըն
է.
այսօր
տղաքը
միայն
կը
կարդան
զայն... :
Երկար
է
այս
թւումը
ու
աւելորդ
ալ:
Արեւելահայ
գրականութիւնը
տկար
ընծայող
մեծագոյն
ազդակը
իր
մշակներուն
մէջ
տեսակէտներու
սա
déterminisme-ն
է:
Այդ
մարդիկը
բոլորն
ալ
գրիչ
բռնեցին
պայքարին
համար,
յեղափոխելու
համար,
դաստիարակելու
համար:
Բայց
արուեստը,
որ
դիւրազգած
դրդում
մըն
է,
չախորժիր
փոթորիկներէ:
Սա
նոթերը
յաւակնութիւնը
չունին
սպառելու
ահագին
այդ
ճիգը,
բայց
կը
ձգտին
կերպի
տակ
առնելու
ու
հասկնալի
ընելու,
թէ
ինչո՞ւ
բոլոր
պայմաններով
նպաստաւորուած
այդ
երիտասարդութիւնը
անկարող
եղաւ
արուեստի
մնայուն,
աննահանջ
գործեր
ձգելու
մեզի:
Աւելի՛ն.
նոյն
այդ
պայքարի
ոգին
էր,
որ
սկիզբը
դրաւ
եղերական
խաչակրութեան,
որով
դէմ
ելանք
մեր
հոգիին
դեռ
900էն
ալ
առաջ
(Ընկերվարական
դպրոց),
եւ
այսօր
կը
քանդենք
զայն
նոյն
ահաւոր
այլուրութեամբ
մը
մեր
իսկական
շահերին,
երբ
ձգած
մեր
հոգին
շաղկապելու
գործը,
ազգերը
կը
յաւակնինք
եղբայրացնելու
ու
կ՚երգենք
մեր
չունեցած
երգը
(Մեծամասնական
դպրոց):
Ե.
Հայ
Libéralisme-ը
Պատմական
փաստ
է,
որ
Զարթօնքի
սերունդով,
սկսուած
ընկերական
շարժումը
հետզհետէ
դիմագիծը
պիտի
շեշտէ՝
դառնալու
համար
արեւելահայ
մտաւորականութեան
ամէնէն
յատկանշական
կերպարանքը:
Այդ
ընտրանին
որոշ
գիծերով
կը
զատուի
արեւմտահայերէն.
անիկա
ինքզինքը
կը
հաւաքէ
ազատական
ասպարէզներէն՝
շեշտ
հակադրութեամբ
մը
արեւմտահայ
հատուածին,
ուր
պետական
պաշտօնէութիւն
եւ
ուսուցչութիւն
կը
մնան
տիրական
գետիններ
(արեւմտահայ
վաճառականը
անհաղորդ
է
իմացական
սպասի
ու
վայելքի
նոյնիսկ
հաստատութեանց
հեղինակը
ըլլալէ
ետքն
ալ
անոր
հոգին
կը
շարունակէ
ապրիլ
պէզիրկեանի,
չէրչիի
ցաւագար
խեղճութեան
մը
մէջ,
ու
քանի
կը
հարստանայ,
այնքան
կը
տկարանայ
իմացապէս):
Արեւելահայերը
առաջին
իսկ
գրոհով
կ՚ազատագրուին
դրամէն,
ասիացիութենէն
եւ
իրենց
կերպովը
ռուս
գաղափարագրութեան
ընդմէջէն
կը
ճարտարապետեն
իրենք
զիրենք:
Դրական,
հաստատ,
գեղեցիկ
տուրքերու
ընդունարան
այդ
երիտասարդութիւնը
մեղք
որ
անոնց
գրականութեան
մէջ
չսեւեռուեցաւ:
Հատ
ու
կտոր
մարդեր
կան
բոլորին
մէջն
ալ,
բայց
ամբողջութեան
դէմքը
կը
պակսի:
Ամէնէն
աւելի
հանգամանքներ
ներկայացնող
եւ
խօսելու
իրաւունք
ունեցող
մարդը
Շիրվանզադէն
պիտի
ըլլար,
որ
դաւաճանած
clerc
մը
մնաց:
Հակառակ
անոր,
որ
կացութեան
տէրն
է
ան,
մեր
մտքին
ղեկավար
ուժը
անընդունակ
եղաւ
իր
գրականութիւնը
կերպաւորելու:
Այսօր
երբ
աչքէ
անցընենք
ինչ
որ
իբրեւ
արուեստի
գործ
ելած
է
արեւելահայ
գրիչներէն
մինչեւ
1917,
չենք
գտներ
հասուն,
կատարեալ
շերտաւորմամբ,
իմացական
հաստատ
բարեխառնութեամբ
զանգուածը,
բան
մը,
որ
աւելի
յաջող
է
միւս՝
գիւղական
հատուածին
համար:
Արդարեւ,
այն
քիչ
դրուագներուն
մէջ,
ուր
այդ
կեանքը
գեղարուեստական
մշակման
կենթարկուի,
մենք
պատեհութիւն
կ՚ունենանք
լրիւ
գաղափար
մը
կազմելու
հայ
գիւղացիութեան
վրայ:
Ու
այս
paragrapheին
վերջնական
հաւաստումն
է
ճշդել
այդ
վրիպանքը
անոնց
libéralisme-ին:
Զ.
Ինտելիգենցիան
Libéralisme-էն
դէպի
այս
դասակարգը
անցքը
բնական
է:
Բառին
բախտը
շատ
աւելի
ընդարձակ
է
ռուս
գրականութեան
մէջ
եւ
հրաշալի
սեւեռումներու
պատրուակ
եղած
է
(Տոսթոեւսկիի
գործին
մէջ
զգեցած
կարկառը
անմոռանալի
է
եւ
անջնջելի):
Արեւելահայերը
ընդօրինակեցին
բառը՝
զայն
լղրճելու
աստիճան
կիրարկելով,
մինչեւ
որ
հեգնութեան
ծաղրանուն
մը
դարձաւ՝
մեր
կողմէ
նետուած
իրենց
երեսին,
չափով
մը
փոխարինելու
համար
իրենց
բանաձեւուած
«հոսհոս»ը:
Հայ
ինտելիգենտները
բաւական
տարբեր
դիմագիծեր
ունին,
որոնք
եթէ
սեւեռման
չինկան
Արեւելահայ
գրականութեան
մէջ,
բայց
բաւական
ցայտուն
կերպով
դիտուեցան
ընկերվարական,
յեղափոխական
առաքելութեանց
ընթացքին:
Յաճախ
համալսարանին
վարկը
ունի
ինտելիգենտը
իր
կռնակին
(զայն
աւարտած
ըլլալը
կամ
տարի
մը
անոր
մէջ
ուսած
ըլլալը
ոչինչ
կը
փոխէ
արդիւնքէն):
Հարկադրաբար
յեղափոխական
է
անիկա,
ինչպէս
պէտք
է
ըլլայ
ամէն
երիտասարդ:
Այդ
յեղափոխութիւնը
դէպի
ազգային
նպատակներ
ղեկավարելը
ատեն
մը
(1890-1900)
նորութիւն
էր:
Բայց
աւելի
հաճոյքով
ինտելիգենտը
ինքզինքը
դրօշակիրը
կ՚ընէր
հ
ամամարդկային
սկզբունքներու:
Թեթեւ,
խանդավառ,
յախուռն,
սնամէջ,
անգործնական,
օտարին
մեծ-մեծ
գաղափարներու
շ
ուքերովը
ինքզինքը
երկարաձգած
ինտելիգենտը
մօտ
20
տարի
սանդի
մէջ
ջուր
ծեծեց,
մինչեւ
որ
Հոկտեմբերեան
յեղափոխութիւնը
զիրենք
նետեց
առաջին
փլանի:
Այսօր՝
հասունցած
կամ
լմնցած
հինէն
եկող
կամ
նոր
շարքերէն
կատաղօրէն
սոցիալիզմ
կառուցանող
եւ
երկաթէ
ոտնաձայներով
աշխարհը
դղրդել
յանդգնող
ռատիոկայաններրու
հագներգու
ինտելիգենտը
դուրս
է
արուեստէ:
1880ին
ազգային
նպատակներ՝
գէշ
կամ
աղէկ,
սանձ
մը
կը
կազմէին
ինտելիգենտին:
Կէս
դար
յետոյ
ինտելիգենտը
մարդկութեան
Տոն
Քիշոթն
է:
Օտեան
յաջողած
է
ընկերվարական
նամականիի
մը
մէջ
դերին
գլխաւոր
ստորոգելիները
սեւեռել:
Է.
Անցեալի
հարց
Պէտք
չէ
մտքէ
հանենք
այն
պարագան,
որ
Արեւելահայ
գրականութեան
ընդհանուր
արեւելումը
իր
ուղղիչ
գիծերը
կառնէ
ռուս
յեղափոխութենէն,
դեռ
իր
կազմութեան
իսկ
շրջանին,
այսինքն՝
1850ին:
Զուր
տեղը
չէ,
որ
«Հիւսիսափայլ»ը
խաչակրութեան
ելած
է
անցեալի
դէմ:
Կը
ստորագծեմ
այս
հաստատումը՝
զայն
հակադրելու
համար
արեւմտահայ
արեւելումին,
որ
մոգական
տարազի
մը
կ՚ապաստանի,
ջանալով
արդիանալ,
բայց
մա՛նաւանդ
անցեալը
կենդանի
պահելով:
Սահմանադրական
շրջանի
պոլսական
ազգային
երգերը
պայծառօրէն
կ՚արտայայտեն
այդ
տարօրինակ
ձգտումը,
աւելի
յետոյ,
գրաքննութեան
շրջանին,
հակառակ
խիստ
արգելքին,
մեր
մեծագոյն
գրողները
այդ
անցեալին
ներշնչումները
կ՚ապրին
ու
կ՚ապրեցնեն:
Ճիշդ
հակառակն
է,
որ
տեղի
ունեցած
է
Արեւելահայ
գրականութեան
մէջ:
Անոնց
մօտ
անցեալի
դէմ
արհամարհոտ
կեցուածքը
հոմանիշ
է
ինտելիգենցիայի:
Չենք
հանդիպիր
գործի
մը,
միջակ
կամ
քիչ
վեր
արժէքով,
որ
անցեալին
կրակը
փոխանցել
յաւակնէր
մեզի
(Րաֆֆիի
պատմական
վէպը
թերթօնական
նպատակներ
կը
հետապնդէ
եւ
զուրկ
է
յատակէ):
Բանաստեղծութեան
մէջ
անցեալի
վրայ
յարձակիլը
պայման
կը
նկատուի
տաղանդին:
Այնպէս
որ,
բանասիրաբար,
պատմութեամբ,
արուեստով
այդ
անցեալը
հեռու
կը
մնայ
շահագործուելէ:
Միակ
դրական
փաստը
«Ազգագրական
հանդէս»ն
է,
որ
ներկայի
մեծ
ուսումնասիրութեանց
մօտ
անցեալին
ալ
տեղ
է
տուած
որոշ
չափով):
Ը.
Գիտականութիւն
Մեր
մշակոյթի
պայմանները
այնպէս
մը
կարգադրր
ու
ած
են,
որ
առանձին
discipline-ներ
պարտաւորուած
ենք
գործադրել
իրարու
քով
եւ
իրարու
մէջ:
Չենք
կրցած
արդար
հաւասարակշռութիւն
մը
ստեղծել
ընդմէջ
զանազան
fonctionներու:
Անշուշտ,
քաղաքական
պայմանները
մեծագոյն
պատասխանատուն
են
իրերու
այս
վիճակին:
Այս
նկատողութենէն
անկախաբար
դիտելի
է
սակայն,
որ
Արեւելահայ
գրականութեան
directive-ներուն
մէջ
առաջնակարգ
կարեւորութիւն
ունի
գիտականութիւնը:
Արդէն
անոնց
ինտելիգենցիան
ստուար
չափով
մը
հաւաքուած
է
գիտական
պատրաստութեամբ
մարդոցմէ:
Երեւոյթը
այն
ժամանակ
կ
՚
ըլլայ
անախորժ,
երբ
այդ
ոգին
կը
յոխորտայ
եւ
ինքզինքը
հակադրել
կը
ձգտի
մշակոյթի
հիմնական
մայր
տեսիլքին,
որ
արուեստն
է:
Ամբողջ
սերունդ
մը,
(«Հիւսիսափայլ»)
արհամարհանքի
տակ
պահեց
արուեստը:
Ուրիշ
մը՝
«Ընկերվար-յեղափոխական»,
զայն
ստորադասեց
քաղաքային
նպատակներու:
Նորերը
զայն
փրոփականտի
աղբիւրի
մը
վերածեցին:
Այնպէս
որ
տրամադրելի
ամբողջ
ուժերը
գրեթէ՝
անոնց
մօտ
գործածուեցան,
գործածուեցան,
ու
կը
գործածուին
արուեստին
եթէ
ոչ
հիմնովին
օտար,
գէթ
չորրորդական
հետաքրքրութիւններու
վրայ:
Տեղն
է
հոս
ըսել,
որ
այդ
ցանկութիւնը
անոնց
մէջ
չստեղծեց
հ
ամապատասխան
գոնէ
լեզուն.
անկարելի
էր
կարդալ
անոնց
մօտ
էջ
մը
ու
չխեղդուիլ
օտար
բառերու
տարափին
տակ,
որոնց
հայերէնները
կրցածնուն
չափ
աշխատած
են
ճարճրել
արեւմտահայերը:
Յետոյ
չմոռնալ,
որ
համապատասխան
շրջաններով
սերունդներ
արեւմտահայոց
մէջ
եղան
աւելի
զգոյշ
զառածելէ
գիտական
որակուած
այդ
կալուածներուն
վրայ,
մինչ՝
եթէ
ոչ
կատարեալ,
գէթ
տանելի
բարբառ
մը
այսօր
գոյութիւն
ունի
արեւմտահայոց
մօտ,
գիտական
կամ
իմաստասիրական
որեւէ
լուրջ
գործ
մեզի
փոխադրելու:
Գիտականութիւնը
մեղքերէն
մէկն
է
այդ
գրականութեան:
Թ.
Յեղափոխութիւն
Բառը
գործածելով
նեղ
իր
իմաստին
մէջ.
Րաֆֆիով
այդ
արուեստին
մօտ
մշակուեցաւ
խանդի,
աւելորդ
կրակի
ու
երազի
գրականութիւն
մը,
որ
յետոյ
պիտի
զառածէր
աւելի
վատթար
ձեւով
մը
Ահարոնեանի,
Վարանդեանի
եւ
brochureի
անհամար
հեղինակներուն
անհարազատ
ստեղծագործումները:
Մենք՝
արեւմտահայերս,
որ
զոհերն
եղանք
մեր
պատմութեան
վերջին
անկիւնադարձին,
նմանօրինակ
գրականութեան
մը
ծնունդ
ենք
տուած:
Զուգակշիռ
մը
չէ,
որ
կը
փորձեմ
ընդմէջ
Ահարոնեանի
եւ
Վարուժանի,
ոչ
ալ
Րաֆֆիի
վէպը
կը
բաղդատեմ
60ական
թուականներու
մեր
ազգային
երգերուն:
Հզօր
է
զգացումը
եւ
անոր
անդրադարձը
արուեստէն
ներս
անպայման
պիտի
ունենար
որոշ
կնիք:
Այսօր
չենք
կրնար
նոյն
խանդավառութեամբ
կարդալ
Րաֆֆիի
«Խենթ»ը:
Բայց
եթէ
շատ
բան
պաղած
է
մեր
հիացումէն
հանդէպ
Սիամանթո
յ
ի
գործին,
չենք
կրնար
առաջ
երթալ՝
զայն
տապալելու
սրբապղծութիւնը
ներելով
մեզի:
Ստոյգն
այն
է,
որ
մօտ
20
տարի
երկու
գրականութիւններն
ալ
տառապեցան
նոյն
տառապանքը:
Ժ.
Յետ-Հոկտեմբերեան
գրականութիւն
Շատ
են
ըսելիքներս,
նախ
անոր
համար,
որ
խոշոր
ու
գեղեցիկ
ժառանգութիւն
մը
ո՛չ
միայն
ուրացան,
այլեւ
հալածանքի
ենթարկեցին:
Յետոյ՝
գոյութիւն
առած
շարժում
մը
բռնի
շեղեցուցին
իր
բնական
ուղղութենէն՝
զայն
ծառայեցնելու
համար
տառացիօրէն
քաղաքական
նպատակներու:
Սխալ
չեմ
ըլլար,
եթէ
ըսեմ,
թէ
անոնց
մօտ
գոյութիւն
չունին
վէպ,
բանաստեղծութիւն,
թատրոն
այն
յ
ղացքներով,
զորս
սովոր
ենք
մենք
դնել
այդ
բառերուն
մէջ:
Պետհրատը
ամէն
տարի
անշուշտ
հարիւրաւոր
գիրքեր
կը
տպէ
այդ
երեք
ճիւղերուն
պատկանող,
բայց
դեռ
ինծի
չէ
տրուած
այդ
դէզին
մէջ
հաստատել
իսկական
արուեստի
գործ
մը:
Գրականութեան
այս
ստեղծագործ
սեռերուն
նուազումին
զուգահեռ,
տխուր
է
հաստատել
անոնց
մէջ
ամբարձումը
տոկմաթիք,
կողմնակալ
եւ
ընկերային
զրա
հ
անքով
մը
ինքզինք
սպառազինած
քննադատութեան
մը,
որ
իր
ամբողջ
տուեալները
կ՚առնէ
պատմութենէն
եւ
իր
ուշադրութիւնը
կը
դարձնէ
այդ
ապացուցանելու
արուեստի
ակօսով:
Անպատրաստ,
անբաւարար,
բայց
խորքին
մէջ
յանձնապաստան
սա
յարձակողականը
քննադատութեան
ամէնէն
ժխտական
երեւոյթն
է
այդ
գրականութեան:
Վասնզի,
երբ
մշակոյթի
մը
մէջ
դատողներն
են
գերակշիռը,
ստեղծագործութիւնը
հարկադրաբար
կ՚ըլլայ
տժգոյն,
եթէ
երբեք
գոյութիւն
ալ
ունենայ:
Ընկերային
մեծ
շարժում
մը,
որպիսին
է
համայնավար
կարգը,
ոչ
մէկ
երկրի
մէջ
դեռ
անխառն
արուեստի
գործ
չէ
արտադրած:
Ես
չեմ,
որ
պիտի
մերժէի
այդ
վարդապետութեան
յատակը
կազմող
տիրական
գաղափարին
մեծ
արդարութիւնը:
Ամէն
ժամանակներու
համար
մարդկային
տառապանքը
արուեստի
գերագոյն
գետինն
է
եւ
ամէն
ատենի
համար
հացին
տառապանքը
համայնական
ու
գերազանց
է,
քան
զգացական,
իմացական
գետիններէ
մեր
վրայ
խուժողը:
Հետեւաբար՝
բանուորին,
աշխատողին,
գիւղացիին,
արհեստաւորին
եւ
բոլոր
ստեղծող
մարդոց
առօրեայ
յուզումներով
գոյաւոր
կամ
պայմանաւոր
արուեստը
սրբապղծութիւն
պիտի
ըլլար
դատապարտել:
Բայց
ահա
ծուղակը.
արուեստի
իսկութիւնը
պարպել
՝
հասնելու
համար
պարզ
զգացումներու
եւ
յոյզերու
պատկերացումին,
-
առաջին
պայմաններէն
մին
է
համայնավար
վարդապետութեան:
Ատկէ
դէպի
աղքատութիւն,
թափթփվածութիւն,
անխնամութիւն,
բերնին
եկածը
թափելու
հերոսութիւն
քայլ
մըն
է
միայն,
ու
դժբախտութիւն
է,
որ
ոչ
միայն
առնուած
ըլլայ
այդ
քայլը,
այլեւ
վերածուած
ըլլայ
այլամերժ
տոկմայի:
Այսօր
գրականութիւն
անունին
տակ
ուրիշ
բան
չեն
ճանչնար
արեւելահայերը,
եթէ
ոչ
այդ
հասարակ
նիւթապաշտ
պատկերացումը
մասսա
յին:
Անկէ
անդի՞ն
սակայն:
Անկէ
անդին
է
բուն
արուեստը:
Դարերէ
ի
վեր
զայն
սնուցանող
հզօրագոյն
զգացումները
չեմ
խորհիր,
որ
դադրած
ըլլան
պտտելէ
երակներու
մէջ
այն
մարդոց,
որոնք
կեանքը
կը
վերածեն
հարուստի
եւ
աղքատի
բախումին,
մեքենայի,
թրաքթէօրի
ծուխին
եւ
ռատիոկայաններու
աղմուկին:
Կեանքը
ասոնցմէ
դուրս
է
սակայն:
Անշուշտ
արդար
պէտք
է
ըլլալ
եւ
համայնավար
շարժումին
խորը
ընդունիլ
տեսակ
մը
հակազդեցութան
փորձ
ընդդէմ
ԺԹ.
դարու
շատ
անհատապաշտ
դարձած,
մանտարինացած
զանգուածներու,
լայն
յուզումներէն
խրամատով,
աշտարակով
բաժնուած
ծեքծեքումներուն,
նրբութիւններուն
մէջ
ինքզինքը
խանձարուրած
արուեստին
դէմ:
Բայց
արդար
չէ
միեւնոյն
ատեն
հակազդեցութիւնը
վարդապետութեան
բարձրացնող
ժխտական
շարժումով
մը
տեղը
դնել
դարաւոր,
գրեթէ
ապացուցած
դրութեան,
որ
արուեստն
է
ժամանակներու
մէջէն:
Հարիւր
տարի
առաջ
Արեւելահայ
գրականութիւնը
փառաւոր
սկիզբ
մը
ունէր
գլուխ-գործոցով
մը:
Ի՜նչ
մեղք,
որ
քննադատը
հարկադրուած
է
յիշել
այդ
սկիզբը
համադրական
դատումի
սա
պահուն
եւ
չունենայ
շարքը
այդ
գիրքը
երկարաձգող
ուրիշ
գործերու:
Խոր
ու
հզօր
ուրիշ
զգայնութեամբ
մը
ծնունդ
առած
այդ
գրականութիւնը
այսօր
ողողուած
է
ճիղճ
ու
ճապաղ
ջուրերու
տակը
համայնավար
վարդապետութեան:
II.
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ
ՀԱՏՈՒԱԾ
Քիչ
մը
աւելի
բախտաւոր
է
Արեւմտահայ
գրականութիւնը,
երբ
կ՚ենթարկուի
համադրական
դատումի:
Ահա
քանի
մը
կարկառուն
գիծեր.
1.
Մխիթարեան
ազգայնականութիւն.
—
ԺԹ.
դարը,
մա՛նաւանդ
իր
կէսէն
քիչ
ետք,
հանդիսարանը
կ
՚
ըլլայ
Մխիթարեան
ազգայնականութեան
լրիւ
արտայայտումին:
Երկու
դարերու
մշակոյթ
կ՚երթայ
համադրուիլ
Ալիշանի
գործին
մէջ
եւ
անկէ
անոր
աշակերտներուն
միջոցաւ
երկարաձգուիլ
Արեւմտահայ
գրականութեան
կարեւոր
գործերուն
մէջ,
մինչեւ
Վարուժան,
անշուշտ
ենթարկուելով
խառնուածքներու
անխուսափելի
ճնշումին:
Չեմ
կրկներ
ինչ
որ
ըսեր
եմ
առաջ՝
այդ
ազգայնականութեան
նկարագիրը
հանելու
համար,
հ
ամեստ,
պոռոտ,
ռոմանթիք,
ամէն
պարագայի
անիկա
գրական
որոշ
բարեխառնութիւն
մը
ունի,
որ
շատ
մը
գործերու
մէջէն
միաժամանակ
կը
յառնէ՝
նկարագիր
դառնալու
աստիճան:
Անկէ
պիտի
սերի,
պատուաստումը
անցընելէ
ետք,
մեր
յեղափոխական
գրականութիւնը:
Անկէ
կը
սերի
դարձեալ
կրօնականներու
կողմէ
մշակուած
այն
գրականութիւնը,
որ
վարդապետներ
կը
համրէ
իր
մէջ
խորքի՝
ինչ
պէս
ձեւի
հարցերու
հետ
հաւասար
ձեռնհասութեամբ:
Սխալ
չըլլար
անոր
կապել
գոնէ
մեր
բանաստեղծութեան
ռոմանթիք
շրջանը,
Պէշիկթաշլեանի,
Դուրեանի,
Ալիշանի
ազգայնականութիւնները
իրարու
միացնող:
Այսօր
բոլորրովին
դադրած
այդ
ազդեցութիւնը,
երբ
յետադարձ
ակնարկով
կը
փորձուիմ
դատել,
կ
՚
այցուիմ
այդ
շարժումը
գոնէ
միակողմանի
ձգող
մեղմացուցիչ
պարագայէ
մը:
Կրօնականներու
գործն
է
ան,
որոնց
արգիլուած
է
մարդկային
հոգիին
մէկ
կարեւոր
գաւառին
շ
ահագործումը:
Նոյն
ատեն
սկսող
գրականութեանց
մէջ
բիւրեղացած
գործերու
անխուսափելի
պակասը՝
ուրիշ
պատճառ:
2.
Արեւմտահայ
եկեղեցականները
ձեռնթափ
են
գրականութենէն.
—
Մինչ
հ
ամալսարանական
սերունդ
մը
տենդագին
կը
նուիրուի
ընկերային,
կրթական,
լուսաւորութեան
գործին,
փոխադրելով
Պոլիս
որոշ
քանակ
մը
արեւմտեան
գաղափարներու,
հարկ
է
ուշադրութեան
առնել
այդ
շարժումին
զուգահեռ
ուրիշ
գործունէութիւն
մը,
որուն
զսպանակները
կու
գան
մեր
եկեղեցական
նուիրապետութենէն:
Նկատի
չունիմ
Էջմիածինը,
ոչ
ալ
Երուսաղէմը:
Արդէն
Պոլսոյ
պատրիարքութիւնը
հանդիսավայր
չէ
եղած
գրական
վաստակներու:
Բայց
ուշագրաւ
է,
որ
Խրիմեան,
Նար-Պէյ,
Սրուանձտեանց
մեծ
ոճի
գրագէտներու
կարեւորութիւնը
հագնին
շրջանի
ընդհանուր
միջինին
մէջը:
Աւելի
ետքը,
Արմաշականները
դրօշակը
պիտի
տանին,
պաշտպան
կանգնելով
իմացական
գործունէութեան
եւ
շարունակելով
սկզբնական
մղումը
մինչեւ
մեր
օրերը,
իրենց
մէջ
երկու
ականաւոր
դէմքերու
շնորհիւ:
Փաստ
է,
սակայն,
որ
նոյնիսկ
ամէնէն
յարմարագոյն
գետինին
վրայ,
որ
Ազգային
պատմութեան
կալուածն
է,
մեր
եկեղեցականութիւնը
չարձանագրեց
տիրական
դէմք
(Վիեննացիներու
աշխատանքը,
շեշտօրէն
բանասիրական,
ստիպուած
ըլլալով
մեկնիլ
հանդարտ
պատմութենէն,
անյաջող
հանդիսացաւ
վերանորոգելու
մեր
պատմութիւնը:
Մնաց
որ,
գիտական
նկարագրով,
հմտական,
լեզուական,
քերականական,
արձանագրական,
հաւաքչական
աշխատութիւններ
չեն
մտներ
գրական
պատմութենէն
ներս):
Մէկ-երկու
գիրք,
մա՛նաւանդ
Սրուանձտեանցէն
եւ
Խրիմեանէն,
մէկ-երկու
քերթուած
Դուրեան
Սրբազանէն,
ոճի
չելած
հաւաքումներ,
–
ահա
՛
ինչ
որ
շահած
ենք
մեր
եկեղեցականներէն:
Վրիպանք
է
ամբողջ
Նար-Պէյը,
հաւաքում
է
ամբողջ
Օրմանեան:
3.
Հայկական
հարց
եւ
իր
անդրադարձը
մեր
գրականութեան
վրայ.
—
Այն
գեղեցիկ
թափը,
որով
մեր
գրականութիւնը
իր
սկիզբը
ըրաւ,
դատապարտուած
էր
դժբախտաբար
իր
մատաղութեան
մէջ
իսկ
խորտակուելու,
ենթարկուելով
սպաննող
խորշակի
մը,
արդիւնք՝
մեր
քաղաքական
ցանկութիւններուն:
Ընկերային
երեւոյթները
չեն
կրնար
մեկուսացուիլ
արուեստի
պայմաններէն.
անոնք
իրարու
կ
՚
ազդեն
անխուսափելի
կերպով:
Երեսուն
տարի
(1850-1880)
մեր
գրականութիւնը
կ՚աշխատի
ինքզինքը
գտնել՝
արեւմտեան
եւ
արեւելեան
ազդեցութեանց
մէջ
թաւալ
գալով:
Անով
կը
յաջողի
մէկ
երկու
բանաստեղծներ
ցցել,
բայց
անիկա
կը
վրիպի
գրական
սեռերը
յարդարելու
ծանր
աշխատանքին
մէջ:
1880ին
վէպ
մը
անգամ
չունինք,
բայց
արուեստի
որոշ
ըմբռնում
մը
տեղաւորուած
է
եկող
սերունդին
մէջը:
Իրապաշտներունն
է
այդ
սերունդը,
որ
գիտէ
իր
ընելիքը
եւ
որ
կը
դիմաւորուի
հալածանքով:
Որեւէ
գրականութիւն
չի
կրնար
ճնշումի
տակ
զարգանալ,
երբ
այս
օրէնքին
վրայ
աւելցնենք
Հայկական
Հարցով
ստեղծուած
անդոհն
ալ,
ասկնալի
կը
դառնայ,
թէ
որքան
քիչ
ձեռնտու
էին
միջոցները,
լայն
եւ
ճշմարիտ,
հզօր
եւ
արտայայտիչ
արուեստի
ստեղծումին
համար:
Մղձաւանջի
մէջ
գալարուող
մեր
ժողովուրդը,
ուրիշ
երեսուն
տարի
մը
(1878-1908)
ապրեցաւ
գերագոյն
մտահոգութեամբ
իր
գլուխը
ողջ
պահելու
ահաւոր
այն
հալածանքէն,
որ
սկիզբ
կառնէ
Պերլինի
դաշնագրէն:
Արուեստագէտը
ժողովուրդէն
կը
բուսնի
եւ
անոր
խուլ
ցանկութիւններուն
եւ
խռովքներուն
անգիտակից
թարգմանն
է
յաճախ:
Այս
հանգամանքներուն
մէջ
մեր
գրականութեան
միջին
սերունդը
հասկնալի
է,
որ
չի
բարձրանար
մեծ
գեղեցկութեան,
քանի
որ
մեր
չար
բախտէն
թուրքերը
միջոցը
գտած
էին
մեր
արուեստագէտները
հեռու
պահելու
հզօրագոյն
յուզումէն,
արգիլելով
մեզի՝
զբաղիլ
մեր
ողբերգութեամբը,
իրենց
գրաքննիչներով:
Կարծուածէն
շատ
աւելի
է
մեր
գրականութեան
վրայ
այս
ազդեցութեան
աղէտը:
Մեր
Իրապաշտներուն
այնքան
լաւ
կազմակերպուած
ճիգը
հարկադրաբար
յանգեցաւ
դասակարգային
քանի
մը
խաւերու
հարեւանցի
պատկերացումին:
Անոնք,
որ
կրցած
էին
ազատուիլ
Աղէտին
հասողութենէն,
իրենք
զիրենք
յատկացուցին
տարօրինակ
գրականութեան
մը,
արուեստի
մը,
որ
քիչ
աղերս
ունի
իրական
ստեղծումին
հետ:
Ջարդի,
լացի,
բողոքի,
փրոփականտի
պղտոր
շարժում
մը,
ուր
մեր
բոլոր
ուժերը
սպառեցինք,
անկարող
սակայն
մէջտեղ
դնելու
տիրական
գործեր,
նոյնիսկ
մեր
դժբախտութենէն
հանուած:
Ուրիշ
շրջան
մը
(910-930)
կը
տիրապետուի
այս
անգամ
աւելի
ահռելի
աղէտով
մը,
որ
բնաջնջումն
է
արեւմտահայ
հարուածին
իբրեւ
ստեղծագործ
հաւաքականութիւն:
1910ին
տակաւին
չենք
սթափած
բռնապետութեան
տաժանքէն:
1930ին
հալածականներ
ենք՝
ցրուած
չորս
հովերուն,
պարպուած
մեր
պապերէն,
ու
խաչուած
մեր
յոյսէն:
Հասկնալի
է,
որ
դարձեալ
վրիպի
մեզմէ
մեծ
ստեղծումին
բախտը:
Ի
վերջոյ
արուեստի
գործը
երկինքէն
չ
՚
իջներ
կազմ
ու
պատրաստ,
այլ
կը
լինուի
մեզմէ,
ու
մենք
այդքանին
ատակ
եղանք
ու
կրնայինք
ըլլալ:
4.
Յեղափոխութիւն.
Խռովութեան
եւ
անկայուն
պայմաններու
չարաղէտ
ազդեցութիւնը
արուեստներու
վրայ
հաստատած
ենք
արդէն:
Միւս
կողմէ՝
տեսակ
մը
զատողութիւն
է
մեր
մէջ
այդ
վարկածը,
քանի
որ
մեր
գրական
մեծութիւնները,
ամէնն
ալ,
գրեթէ
լարուած
են
այդ
կրակէն
յեղափոխական
ներշնչումով
մը
մէջտեղ
եկած
է
ամբողջ
գործը
Սիամանթոյի:
Վարուժան
նոյնիսկ
կէսէն
աւելիով
նուիրուած
անոր՝
է
նոյնիսկ
ամէնէն
անձնական
բանաստեղծը:
Վ:
Թէքէեան
կարեւոր
թիւով
բանաստեղծութիւններ
հանած
է
այդ
ոգիէն:
Աղէտին
ընդարձակութիւնը
եւ
մեր
անկայուն
հանգամանքները
մեծ
պատճառներ
են
սակայն,
որպէսզի
այդ
հոգեկան
վիճակը
կոթողական
գործերու
ծնունդ
տուած
չըլլայ:
Պէտք
է
պզտիկ
մը
ճշդել
տարողութիւնը
այս
վարկածին:
Մեր
բանաստեղծութիւնը
իր
ազգայնական
այս
երակին
մէջ
անշուշտ
վար
չի
մնար
Մեծարենցի
եւ
Դուրեանի
անձնական
ու
նկարագեղ
լիրիզմէն:
Բայց
պետք
չէ
մոռանալ,
որ
Արեւմտահայ
գրականութեան
ամէնէն
յաջող
մասը
քերթողութիւնն
է
արդէն:
Պիտի
ուզուի,
որ
մեր
վէպը,
մեր
թատրո՛նը
մանաւանդ,
շահագործէին
այդ
իրապէս
հրաշալի
աշխարհը,
ուր
գործ
պիտի
ունենային
արուեստի
մեծ
իրացումները
կարելի
ընող
բոլոր
ազդակներուն
հետ:
-
Հրահրող
բնութիւն
մը
անմատչելի՝
որքան
հոյակապ
զանազանութեամբ:
-
Ցեղերու
խառնուրդ
մը
երկնային
՝
որքան
դժոխադէմ
ախորժակներով:
-
Բազմութիւններ՝
ուժին
բոլոր
նպաստներովը
զինաւոր,
որոնք
գրոհի
կ
՚
ելլեն
սակաւաթիւ
անհատներու
վրայ:
-
Հերոսներ՝
բառը
գործածելով
ամենաարդիական,
ամենավսեմ
իր
իմաստին
մէջ:
-
Գուպարներ՝
որոնց
մեծութիւնը,
եղերականութիւնը,
արդարութիւնը
անհաւատալի
են
պատմութեան
մեծ
դիւցազներգութեանց
մէջ
իսկ:
-
Քաղաքակրթութիւններ
եւ
անասնութիւն,
մշակոյթ
եւ
աւարառութիւն,
տկարութիւն
եւ
ուժ:
Ահա
այն
քանի
մը
տուեալները,
որոնց
վրայ
հիմնուած
ամէն
գործ
բախտն
ունի
մեծ
դառնալու:
Եւ
սակայն
Արեւմտահայ
գրականութիւնը,
գէթ
պատերազմէն
ասդին,
ճղճիմ
փորձեր
միայն
ըրաւ՝
նուաճելու
համար
այդ
սքանչելի
միթը
(mythe):
Զարեանի
եւ
Համաստեղի
ձեռնարկները
անբաւարար
են,
չըսելու
համար
վրիպած:
Հոս
ու
հոն
խաչագողներու
կողմէ
կատարուած
փորձերը՝
մեր
հերոսները
բեմ
հանելու,
կատարեալ
սրբապղծութիւն
է
ու
խանութպանի
վաստակ:
Արեւմտահայ
գրականութեան
ամէնէն
յաջողակ
էջերը
սխալ
պիտի
չըլլար
ընդունիլ
յեղափոխութենէն
ներշնչուած
մեր
երկու
մեծ
գործերուն
մէջ,
հակառակ
անոր,
որ
այսօր
ժամանակի
մեծ
խաւ
մը
կը
ծածկէ
այդ
հոգեբանութիւնը.
մենք
կրնանք
խորունկ
յուզումով
կարդալ
միայն
այն
քերթուածները,
որոնք
երգեցին
մեր
տառապանքը
թուրքին
լուծին
եւ
եաթաղանին
տակ:
Թերեւս
անձնական
տպաւորութեանց
բաժին
մը
գոյութիւն
ունի
այս
վերագրումիս
խորը:
Ի
վերջոյ
կը
պատկանիմ
իրենց
սերունդին,
բայց
չեմ
կարծեր,
որ
քառորդ
դար
վերջ
մարդիկ
պիտի
չխռովին,
եթէ
ոչ
մեզի
չափ,
գոնէ
իրենց
չափ,
երբ
շփումի
մտնեն
զիրենք
կանխող
սերունդին
հոգեբանnւթեան
հետ:
5.
Իրապաշտութիւն,
—
Ուրիշ
նուաճումներէն
մէկը
Արեւմտահայ
գրականութեան,
իրապաշտ
ըմբռնումին
տակ
իրագործուած
պատուաւոր
վաստակն
է:
Չեմ
ընդարձակեր
զայն՝
հակադրելու
կամ
բաղդատելու
արեւելահայ
հսկայ
ճիգին:
Նկատի
չունիմ
մանաւանդ
քանակի
պատկառանքը:
Բայց
ինծի
հաճելի
է
հպարտանալ
որակին
ազնուութեամբը,
որ
շնորհներէն
մէկն
է
այդ
դպրոցին:
Մեղք
որ
չէ
փորձուած
վէպի
ձեւին
տակ,
բայց
նոյնիսկ
տրուած
ձեւին
մէջ
(առաւելապէս
նորավէպ
եւ
պատկեր),
անիկա
կը
մնայ
ամէնէն
շնորհալի
իրագործումներէն
մէկը
արեւմտահայ
մտքին,
այսօր
մօտ
կէս
դար
մը
մեզ
կը
զատէ
մեր
Իրապաշտներու
օրերէն,
բայց
Արփիարեանի,
Զօհրապի,
Երուխանի
պատմուածքները
հեռու
են
փոշի
հ
ոտելէն,
երբ
նկատի
ունենանք,
որ
արուեստի
գործերը
դիւրաւ
եւ
ամէնէն
շատ
իրենց
կը
քաշեն
մոռացումի
փոշիները
այն
պարագային,
երբ
խմորը
չէ
եղած
ազնուազգի:
Մեր
ռոմանթիզմը
անգիտակից
ու
չհակակշռուած
պոռթկում
մը
եղաւ,
ծնունդ՝
անհատական
խառնուածքներու,
քան
թէ
համայնական
հոգեբանութեան:
Պ.
Դուրեանի
տաղարանը
անկախ
է
մեր
ժողովուրդէն:
Բայց
մեր
Իրապաշտութիւնը
պարկեշտ,
գիտակցուած
յաղթանակ
մըն
է,
գործը
ամբողջ
սերունդի
մը,
որ
խօսի
ամրօրէն
զանգուածի
զգացումներուն:
Ահա
թէ
ինչու
Արեւմտահայ
գրականութեան
ամէնէն
հարազատ,
ցեղադրոշմ
եւ
հետեւաբար
ամէնէն
թանկագին
արտայայտութիւնը
պէտք
է
ընդունիլ
իր
իրապաշտ
գործերուն
մէջ:
6.
Արուեստագէտ
զգայնութիւն.
—
Թերեւս
մեծագոյն
բարիքը,
զոր
կարելի
է
վճռաբար
ըսել
Արեւմտահայ
գրականութենէն,
արուեստի
իրական
զգայարանքն
է,
որով
գրականութիւն
մը
կը
զատուի
մշակոյթի
սովորական
եւ
ընթացիկ
կերպերէն՝
ըլլալու
համար
ինքզինքը:
Տասնհինգ
դարէ
ի
վեր
հ
այ
միտքը
իր
մշակոյթը
յօրիներ
է
անոր
զանազան
արտայայտութեանց
մէջ:
Թէեւ
խառնուած
օտար
ազդեցութիւններու,
բայց
կայ
այսօր
եկեղեցական
հայ
երաժշտութիւն
մը:
Նոյնը
կրնանք
ըսել
մեր
ճարտարապետութեան
մասին:
Այդ
զգայնութիւնը
կայ
դարձեալ
մեր
ժողովրդական
յօրինումներուն
մէջ:
Դժբախտաբար
ան
շատ
միակողմանի
կերպով
երեւան
կու
գայ
մեր
գրական
ստեղծագործութեանց
մէջ,
որոնք
կը
հասնին
մինչեւ
ԺԵ
դար
ու
անոր
կէսը:
Նոյն
այդ
պակասը
հաստատելի
է
Արեւելահայ
գրականութեան
մէջ:
Արեւմտահայ
գրականութեան
արժանիքն
է
արուեստի
որոշ
զգայնութեամբ
մը
օժտուած
ըլլալը:
Կրամով
կամ
սանթիմով
չեմ
չափեր
ատիկա:
Բաւ
է
ինծի
հաստատել,
որ
արեւմտեան
ընդհանուր
մշակոյթին
հաղորդ
միտք
մը,
որ
խոր
հաճոյքով
կարդացած
է
Շելին,
Միւսէն,
Թէնիսընը,
Պօտլերը,
Վերլէնը,
Պալզաքը,
եւայլն,
առանց
նեղուելու
կրնայ
կարդալ
նաեւ
Դուրեանը,
Վարուժանը,
Երուխանը,
Մեծարենցը,
Թէքէեանը:
Եւ
կը
կարդայ
զգալու
համար
այն
հաճոյքները,
որոնց
աղբիւրը
օտար
մեծութեանց
մէջ
է:
Ահա
ասիկա
է
յատկանշական
կողմը
Արեւմտահայ
գրականութեան:
Այս
յատկանիշը
զայն
շատ
աւելի
կ՚ընդարձակէ
դէպի
համայնական
հասկացողութիւն
եւ
զգայնութիւն
(ուր
պէտք
է
ձգտի
ամէն
արուեստի
վաւերական
գործ,
եթէ
չուզեր
թթուիլ
իր
սեփական
փոքրիկ
կաղապարին
մէջը)
ընելով
մեզ
հայ՝
որքան
մարդ,
պարզելով
մեր
դիմագիծը,
անկէ
զիջելով
ասիացիութեան
մեծ
տարրեր,
հոն
տեղ
բանալով
մարդկօրէն
միջինի
մը:
Շատ
հետաքրքրական
պիտի
ըլլար
փորձը
Արեւելահայ
գրականութեան
ոեւէ
մէկ
դէմքը
ենթարկելու
նման
մերձեցման:
Շիրվանզադէ,
Րաֆֆի,
Ահարոնեան,
անոնց
փառքերը,
ենթարկուեցան
այս
փորձին,
դիմաւորելու
համար
ամէնէն
ջախջախիչ
կործանումը:
Այս
զանազանութիւնը
գործն
է
արուեստի
հասկացողութեան:
Չեմ
համամիտ
վտանգին,
որ
կ
՚
ուրուանայ
այս
տողերուն
տակը,
զի
շատ
յաճախ
արեւմտահայերը
այդ
արուեստը
շփոթած
են
իրենց
կեղծին
հետ:
Արեւմտահայ
բանաստեղծութեան
մէջ
ահագին
թիւ
մը
կայ
նրբանուրբ,
կեղծ,
սառած,
շպարուած,
անհոգի
գործերու:
Դարձեալ,
փոքր
չէ
թիւը
միւսներուն,
խոշոր,
գեղջուկ,
գրքունակ,
ճչան
եւ
տրտմօրէն
ինքնաբաւ,
որոնք
յաւակնած
են
փոխանորդել
վաւերական
արուեստը:
Բայց
քանակը
շատ
բան
կը
հարթէ:
Անհոգի
եւ
սուտ
այդ
արուեստին
մեծագոյն
ներկայացուցիչը՝
անզուգակա՜ն
բանաստեղծուհին,
պատժուած
է
այդ
իսկ
առաքինութեան
համար:
Դեռ
իր
անունը
կը
յիշուի
մեր
բանաստեղծութեան
կենդանի
պատմութեան
մէջ.
քառորդ
դար
ետքը
անիկա
պիտի
երթայ
երջանիկ
սուզումին,
ուր
արդէն
իրենց
անվրդով
խաղաղութիւնը
գտած
են
Չերազի,
Սէթեանի,
Թէրզեանի,
Պէրպէրեանի
եւ
այլոց
մեծահամբաւ
փառքերը:
Մէկ
սերունդ
բաւ
է,
որպէսզի
գործին
վրայէն
գաճէ
կեղեւը
թափի,
զոր
ժամանակը
կը
դնէ
վրան:
7.
Գրաքննութիւն.
—
Մտքէ
չհեռացնել
սա
տխուր
ճշմարտութիւնը,
թէ
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
իր
ամէնէն
կորովի
շրջաններուն
իսկ
ենթակայ
մնաց
անարգ
եւ
սպաննող
լուծի
մը:
Գրաքննութիւնը
պարզ
բառ
մը
չէ,
ինչպէս
անիկա
հիմա
կը
հնչէ
մեր
ականջին,
այլ՝
ահաւոր
մղձաւանջ
մը,
որ
ամէն
վայրկեան
կը
ճնշէ
արուեստագէտի
հոգիին:
Մօտ
30
տարի
արեւմտահայ
ստեղծումը
շղթայուեցաւ
իր
թռիչքին
մէջ:
Գրաքննական
կազմակերպութիւնը
ոչ
միայն
չորցուց
ներշնչումի
աղբիւրները,
արգիլելով
արուեստագէտը
ցեղային
զգայնութեամբ
թարմանալի,
ոչ
միայն
անոր
հասողութեան
տակ
դրաւ
ցեղային
տարրէն
պարպուած
միջոց
եւ
նիւթ,
այլեւ՝
բռնացաւ
արտայայտութեան:
Տպելը
անկարելի
ըսուելու
չափ
դժուարին
պայմաններու
հանդէս
մըն
էր,
գրաքննիչը
ճիւաղ
մը,
որ
գործին
մէջ
կասկած
հ
ոտող
փոքր
բառն
իսկ
բաւ
կը
համարէր
այդ
գործը
մահուան
դատապարտելու:
Այնքան
քիչ
է
թիւը
գիրքերուն,
որոնք
33
տարուան
այդ
շրջանին
մեր
գրականութեան
յաջող
մ
ունքները
կը
ներկայացնեն:
Ազատութիւնը
պայման
է
արուեստին:
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
այս
հիմնապայմանէն
զրկուած՝
հերոսական
ճիգով
մը
միայն
կրցաւ
կանգուն
մնալ,
ողջունելու
համար
աւելի
լայն,
բայց
շատ
կարճատեւ
օրեր:
Դժուար
պիտի
ըլլայ
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
վիրաւորող
մեծ
մեղքերը,
մա՛նաւանդ
անոնցմէ
մի
քանին,
ինչպէս
է
շունչի
աղքատութիւնը,
ցեղային
հոսանուտէ
նիհարութիւնը,
ձեւի
շատ
փնտռտուք,
բռնազբօսիկութիւն,
վիզին
չկապել
գրաքննութեան:
Չրաքեան,
Մեծարենց,
Զոհրապ,
ամբողջ
Իրապաշտները
ենթակայ
եղած
են
գրաքննութեան:
Ի՞նչ
պիտի
ըլլար
այս
մարդոց
անշղթայ
արտայայտութիւնը,
ձեզի
կը
ձգեմ
հետեւութիւնը:
8.
Բարձր
մշակոյթի
պակաս.
–
Ճիշդ
է,
որ
Արեւմտահայ
գրականութեան
առաջին
մշակները
դուրս
կը
մնան
այս
բանտէն:
Բայց
նոյնքան
ճիշդ
է,
որ
1860էն
ետքը
այդ
գրականութեան
մշակները
գրեթէ
բոլորն
ալ
զուրկ
մնացած
են
բարձրագոյն
զարգացման
մը
ըստ
իս
անփոխարինելի
բարիքէն:
Անշուշտ,
համալսարանը
ոչինչ
պիտի
աւելցնէր
Դուրեանի
մը,
բայց
միջազգային
արժէքով
դէմքի
մը
պիտի
վերածէր
Եղիշէ
Դուրեանը:
Մեծարենցը
պիտի
չշահէր,
բայց
Երուխա՞ն:
Մշակութային
այս
մեծ
հորիզոններու
չգոյութիւնը
գրողները
պահեց
իրենց
համեմատական
միջակութեան,
ինքնաբաւութեան
uահմաններուն
մէջ:
Իրենց
ետեւէն
եւ
իրենց
հետ
նոյն
սահմաններուն
մէջ
պահեցին
իրենց
ընթերցողները:
Մասնաւորաբար
իմաստասիրական
հետաքրքրութեանց
պակասը
այդ
discipline-ներուն
մէջ
կազմուած
երիտասարդութեան
մը
համար՝
այնքան
աղէտաբեր
եղաւ:
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
քիչ
մը
գաղափարային
հարցերու
համար
անյարմար
միջավայր
է:
Իր
քննադատութիւնը
երբ
դատեցի,
դժուար
չեղաւ
ինծի
անոր
մէջ
չհաստատել
ոչ
մէկ
հիմնական,
մեր
ժամանակներուն
մէջ
կենսական,
նորոգիչ
գաղափարագրութիւն
մը:
Իմաստի,
հոգեբանական
պրպտումներու,
լաւ
հասկցուած
բարոյախօսական
վերլուծումներու,
վերջապէս,
միջազգային
գրականութիւնը
յուզող,
ընկերային,
գրագիտական,
իմաստասիրական
մեծ
հարցերու
շուրջ
գրեթէ
բացարձակ
մեր
բոպիկութիւնը
դէպքեր
են,
որոնք
կը
վիրաւորեն
Արեւմտահայ
գրականութիւնը:
Չմոռնալ
սակայն,
որ
զուգակշռի
սա
աշխատանքը
երկրորդ
եզրը
ունի
Արեւելահայ
գրականութիւնը:
Այս
ուղղութեամբ
աւելի
քան
ողբալի
է
արեւելահայ
ճիգը,
ուր
այս
ամէնուն
հետքը,
նշմարքն
իսկ
չկայ:
9.
Ժողովուրդը
եւ
իր
քաղաքական
պայմանները.
—
Այս
գիրքի
ընթացքին
ինծի
յաճախ
պատահեցաւ
անդրադառնալ
գրականութեան
մը
հ
իմնապայմաններուն:
Մա՛նաւանդ՝
երբ
այդ
գրականութիւնը
արդի
է:
Անցեալին
մէջ
կարելի
էր
իշխաններու
շուքն
ի
վեր
կամ
վանքերու
ամայութեան
մէջ
սպասը
ընել
գրականութեան:
Այսպէս
է,
որ
հ
ին
եւ
մերձաւոր
դասական
գրականութիւնները,
կերպով
մը
զերծ
են
քաղաքական
ազդեցութենէ:
Այս
պարագան
է,
որ
կը
բացատրէ
մեր
հ
ին
մատենագրութեան
կարելիութիւնը
մասնաւորաբար:
Այսօր՝
հրաշք
է
ատիկա:
Երկրի
մը,
ժողովուրդի
մը
քաղաքական
կեանքը
խոշորագոյն
ազդակն
է
իր
գրականութեան:
Այս
հիմնապայմանին
տակ
մեր
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
բացառաբար
կը
ներկայացնէ
շատ
աննպաստ
պատկեր
մը:
Այդ
գրականութիւնը
իր
սկիզբը
ըրաւ,
որովհետեւ
թուրքերը
իրենց
քաղաքական
ու
կրօնական
հաշիւներուն
մէջ
մոռցած
էին
մեզ:
Բայց
այդ
գրականութիւնը
չզարգացաւ
բնական
իր
աճման
չափով,
վասնզի
շատ
շուտով
թուրքերը
դարմանեցին
իրենց
մոռացումը
եւ
զբաղեցան
մեզմով,
ամէն
ոք
գիտէ
ի
՜
նչ
ծրագիրներով:
Քաղաքական
կեանքի
անորոշութեան
եւ
վտանգներուն
լրջօրէն
ենթակայ
է
ընկերային
եւ
ատկէ
բխող
գրական
կեանքը:
Ատոր
համար
է,
որ
հակառակ
տաղանդներու
բազմազանութեան
եւ
ուժին,
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
չարդարացուց
ինքզինքը:
Անոր
մէջ
կը
պակսի
ինքը՝
մեր
ժողովուրդը,
անշուշտ
ոչ
բոլորովին,
բայց
իր
ապրումներուն
մեծ
մասովը:
Անոնք,
որ
հարիւր
տարի
ետքը
պիտի
թղթատեն
ինչ
որ
ելաւ
մեր
գրչէն
1850էն
մինչեւ1930,
քիչ
բան
պիտի
գտնեն
հոն
այդ
ժողովուրդին
խոր
ալքերէն
սաղմ
առած:
Քաղաքական
ճնշումը
ազդելով
այսպէս
հ
ոգիին,
իրեն
ենթարկեց
նաեւ
արտայայտութիւնն
ալ:
Գրական
վաստակը
տագնապ
մը
եւ
վտանգ
մըն
է.
մեր
գրականութիւնը
ոչ
միայն
չապրեցուց
վաստակաւորը,
այլեւ
մնաց
ապերախտ
դաշտ
մը,
ուր
ակօս
փորելու
կոչուածները
սխալ
պիտի
չըլլար
Տոն
Քիշոթներու
նմանցնել:
Ի՜նչ
դառնադառն
պայմաններու
մէջ
մեր
նոր
գրականութեան
ոսկեդարը,
Իրապաշտութիւնը,
ինքզինք
մէջտեղ
դրաւ,
ի՛նչ
եղերապատում
կեանք
մը
ապրեցաւ
մեր
Արուեստագէտ
սերունդը,
որուն
ազնուագոյն
դէմքերը
ինկան
Մեծ
Սպանդին:
Ու
ի՜նչ
անորակելի
կրակ
է
դարձեալ
այն,
որ
Սփիւռքի
դժոխքը
կը
ջանայ
ամոքել
եւ
հակառակ
ամէն
արգելքի՝
գրականութիւն
կ՚ընէ,
ուտելու
հաց
չունենալով:
Մեր
գրականութիւնը
պակասաւոր
ընծայող
քաղաքական
այս
տագնապը
եզական
է
ազգերու
պատմութեան
մէջ,
ու
պզտիկ
հպարտութեամբ
չէ,
որ
տուն
կու
տամ
այս
մտածումներուն,
երբ
աչքի
առջեւ
ունիմ
այն
գեղեցկութիւնը,
որ
ելաւ
մեր
ուղեղէն
ի
հեճուկս
այն
ամէնուն—
թուրքին,
տգիտութեան,
նախապաշարումին,
ուրիշ
շատ
մը
արգելքներու:
10.
Պոլսեցիութիւն.
—
Ոմանք
այս
տարազին
տակ
արժեզրկող
մտայնութիւն
մը
կ
՚
ուզեն
զետեղել
եւ
տեսնել
Արեւմտահայ
գրականութեան
ծեքծեքուն,
շ
պարուած
ու
կեղծ
կողմերուն
պատկերը:
Ուրի
շ
խումբ
մը
այդ
բառին
տակ
կը
հասկնայ
ցեղային
ոգիին
պակասը,
որ
յատկանի
շ
ն
է
Պոլիսէն
մեզի
եկած
գրական
գործերու
մէկ
ստուար
տոկոսին:
Կան
ալ,
որ
զայն
հ
ոմանի
շ
կը
նկատեն
համբաւաւոր
բառի
մը,
հոսհոսութեան:
Խոր
այն
արհամար
հ
անքը,
զոր
արեւելահայերը
կը
տածեն
հանդէպ
մեր
գրականութեան,
ոչ
մէկ
կերպով
կ
՚
արդարանայ,
նոյնիսկ
պոլսեցիութեան
մեղքերուն
կշիռին
տակ:
Վասնզի
Պոլիսը
ինքնին
ամբողջութիւն
մըն
է,
յատակ
մը,
ուր
պատրասուած
է
մեր
հոգին:
Այս
անկիւնէն
դիտուած
անկէ
բխող
գրականութիւնը
արտայայտութիւնն
է
որոշ
հոգեկան
վիճակի
մը:
Այս
ամէնէն
անկախաբար
կ
՚
ենթադրեմ,
թէ
Արեւմտահայ
գրականութեան
գեղեցիկ
տուրքերէն
մէկ
քանի
կարեւորները
ուղղակի
կը
բխին
անկէ:
Առանց
անոր
անկարելի
են
Դուրեան
մը,
Մեծարենց
մը:
Եւ
այս
երկու
տաղանդներուն
առաքինութիւնները
բաւ
են
լիովին
հ
ակակշռելու
ինչ
որ
Սիպիլեան
շաղփաղփութիւնները
դիզեցին
անոր
ուսերուն:
Ի
վերջոյ
կէս
դար
վերջը
տեղական
գոյն,
ցեղային
հարազատութիւն,
հայեցիութիւն
կրնան
տժգունիլ,
ինչպէս
ատիկա
իրականութիւն
է
այսօր
Փ
արպեցիի,
Եղիշէի,
Խորենացիի
գործերուն
համար,
բայց
ասոնց
արժէքը
չէ
դադրած
աճելէ:
Կը
խորհիմ,
թէ
նոյնը
պիտի
ըլլայ
նաեւ
Արեւմտահայ
գրականութեան
մեծ
գործերուն
համար,
որոնք
ժամանակին
հ
ետ
պիտի
թօթափեն
իրենց
վրայէն
ստեղծումը
պայմանաւոր
ընող
հաճելի,
այժմ
յարգի
ընող
պայմանները,
մնայուն,
ներգոյակ,
ամէն
ժամանակներու
համար
ճիշդ
հոգեկան
արժէքները:
Այս
ուղղութեամբ
Արեւելահայ
գրականութիւնը
շատ
քիչ
ունի
այդ
ապագան
դիմաւորող:
Անոնց
մեծագոյն
վիպասանը՝
Րաֆֆին,
դպրոցականները
միայն
գոհ
կը
ձգէ
այսօր:
Շիրվանզադէն
պատմութեան
համար
ատաղձ
կը
ծառայէ:
Ձեւի
կատարելութիւն,
հ
ոգեբանական
խորաթափանց
պրպտում,
զօրաւոր
զգացումներու
առատ
հ
անդէս,
աչքի
եւ
ականջի
քաղցր
զգայնութիւններ,
մէկ
խօսքով՝
շ
նոր
հ
ը,
ճաշակը,
վայելչութիւնը,
որոնք
գործ
մը
շ
ատ
աւելի
ապահով
կերպով
կը
փրկեն,
կու
գան
Պոլսէն:
11.
Գաւառացիութիւն.
—
Ուշագրաւ
է
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
բաւական
զօրաւոր
երակ
մը՝
իր
շուրջ
ստեղծուած
աղմուկին,
յայտնաբերուած
ձգտումներուն,
որքան
իրագործ
ու
ած
արդիւնքներուն
համար:
Ատիկա
գաւառական
գրականութեան
հատուածն
է:
Գործն
է
հ
այրենադրոշմ
հեղինակներու,
որոնք
Պոլիսը
գիրքերու
մէջէն
միայն
տեսած
են
եւ
իրենց
ստեղծագործութիւնները
շեշտօրէն
կնիքին
տակն
են
հայրենի
գաւառներուն:
Երկու-երեք
գրագէտի
վճռական
անուններ,
քանի
մը
անմահ
գործեր,
որոնք
մեր
վերջին
շրջանը
կը
պատկերեն
եւ
անգնահատելի
արժեքի
կը
բարձրանան
անով,
որ
այսօր,
զանոնք
թելադրող
ժողովուրդը
ջնջուած
է
այդ
հ
ողերուն
վրայ:
Աւելորդ
է
զբաղիլ
տեսութիւններու
աղմուկովը
(պոլսեցիներ
եւ
գաւառացիներ
գրամարտ
ըրած
են
1900ի
շրջաններուն),
բայց
շահեկան
է
ծանրանալ
փոքր
ծաւալին
մէջն
իսկ
անոր
փրկած
կեանքին:
Այսպէս,
արեւմտահայ
հատուածին
վաւերական
կեանքն
ու
հոգեկան
խռովքները,
թիփերը՝
ամէնէն
աւելի
Թլկատինցիի,
Զարդարեանի
մօտ
պէտք
է
փնտռել:
Խրիմեանն
ու
Սրուանձտեանց
շատ
բան
փրկած
են
այդ
գետնի
վրայ:
Եղան,
որ
Պոլիս
փոխադրուելով,
հ
ոն
ապաստանած
գաւառացի
հայուն
կեանքը
իրենց
պրպտումներուն
նիւթ
ըրին
(Հրանդ):
Խորքի
այս
տեսակէտէն
դուրս,
որ
ինծի
համար
կենսական
է,
կ՚արժէ
զբաղիլ
անոնց
արտայայտման
ալ
նպաստովը
արեւմտահայ
լեզուին
վրայ:
Վերի
paragrapheին
մէջ,
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
պոլսական
կնիքով
անցաւ
վերլուծումէ:
Զօրաւոր
կերպով
ենթարկուած
Մխիթարեաններու,
աւելի
յետոյ՝
ֆրանսական
ազդեցութեանց,
այդ
գրականութիւնը,
մա՛նաւանդ
անոր
արտայայտման
գործիքը,
օտարոտի
ըսուելու
չափ
նոր
բան
մը
դարձաւ,
տեսակ
մը
համաքաղաքացի
լեզու,
որուն
օրրանը
հայրենիքէն
հեռու
ջերմոց
մըն
էր
եւ
հետեւաբար
չէր
պաշտպանուած
արուեստին
հիմնապայմանը
կազմող
ցեղային
մագնիսականութենէն:
Անկարելի
է
ուրանալ
գեղեցկութիւնը
արեւմտահայ
մեծ
քերթողներու
գործին,
բայց
նույնքան
դժուար
է
այդ
գործին
մէջ
մեր
ցեղը
յատկան
շ
ող
տարրերու
միջին
մը
վեր
բերել:
Սունդուկեանց,
Րաֆֆի,
Շիրվանզադէ,
Նար-Դոս,
հ
անգիտութեան
ընդհանուր
յայտարարին
մէջ
կը
միանան
իրարու
եւ
կրնան
թելադրել
արեւելահայ
ժողովուրդին
հոգեկան
մոյնքն
ու
խորքը:
Անկարելի
է
նոյն
աշխատանքը
փորձել
եւ
հ
ասարակաց
յայտարարի
վերածել
այն
ոգին
եւ
այն
շնորհները,
որոնք
կ՚երկննան,
կը
խօսին
մեզի
Դուրեանէն
մինչեւ
Թէքէեան:
Այս
փորձը՝
այդ
գրողները
իրարու
հաշտեցնելու,
դժուար
է
այսօր,
ինչպէս
նաեւ
դժուար
է
անոնց
մէջէն
արեւմտահայ
ժողովուրդի
դէմքը
սեւեռելու
ջանքը:
Գաւառացիութիւնը
լեզուին
շնորհք
չբերաւ,
բայց
անարիւն
անոր
գործարանաւորութեան
մէջ
(ասիկա
զգալի
է
նոյնիսկ
մեծատաղանդ
քերթողներու՝
ինչպէս
Մեծարենցի
մէջ)
ներարկեց
հայրենի
աւիշ
մը,
կերպ
մը,
որ
աւելի
իրական
էր
եւ
աւելի
հող
կը
հոտեր:
Թլկատինցի
լրագրական
թափթփածութիւնները
երբ
զեղչենք,
իր
արձակին
մէջ
տակաւին
կը
գտնենք
ճկուն,
մանուածոտ
կերպ
մը
գրուածքի
(écriture),
որ
ինծի
դիւր
կու
գայ,
քան
ժանեկայարդար
ոճը
Սիպիլի
մը:
Եթէ
Զարդարեանի
մօտ
գրական
հ
ոգեր
քիչ
մը
գերակշիռ
են,
ատիկա
անոր
գործին
տկար
մասը
միայն
կը
պիտակէ:
Խրիմեանի
արձակութիւնը,
նախնականութիւնը
հարազատօրէն
կաղապարուած
են
ժողվուրդի
վրայով:
Նոյնիսկ
իր
գրքունակ
բոլոր
մեղքերուն
հակառակ,
Սրուանձտեանցի
լեզուն
բան
մը
ունի
յորդ
եւ
կենդանի,
ճիշդ
ինչպէս
Վանն
է՝
իբր
միտք
եւ
արտայայտութիւն:
Արեւմտահայ
գրականութեան
ընդհանուր
պատկերին
մէջ
այդ
կրակը
կը
մնայ
յիշատակելի
եւ
կը
զանազանուի:
Մեր
ժամանակներուն
գրագէտ
մը՝
Համաստեղ,
վերջին
երկա
րաձգումը
կարելի
է
ընդունիլ
դպրոցին:
*
*
*
Այս
քիչ
մը
մանրամասն
վերլուծումը
մեր
ժողովուրդի
նոր
ստեղծագործ
երկունքին
վրայ
թերեւս
միակ
նոր,
սփոփարար
երեւոյթը,
կ
՚
առաջնորդէ
մեր
պատմութեան
վերջին
շրջանին:
Տղայական
խանդավառութիւն
մը
չէ
այս
իմ
մէջ:
Միայն
այն
հանգամանքը,
թէ
անոնք
արդիւնք
են
քաղաքականապէս
կործանուած
ժողովուրդի
մը,
զոր
անխնայ
ջարդեցին,
անընդ
հ
ատ
հ
ալածեցին
60էն
ասդին,
պէտք
է
փառքի
մը
տիտղոս
դառնայ
այն
իրագործմանց
համար,
որոնք
այսօր
մեր
իմացական
սերունդին
ժառանգութիւնը
կը
կազմեն:
Շատ
տեղեր
այդ
երկու
գրականութիւնները
իրարու
հակասող
արդիւնքներ
բերին
մէջտեղ:
Շատ
քիչեր
յաջողեցան
տիրապետել
այդ
ժողովուրդը,
իրենց
ստեղծումներուն
մէջ
սեւեռելով
անոր
քանի
մը
անմահ
գիծերը:
Բայց
իբր
ամբողջութիւն
ինծի
կու
գայ,
թէ
անոնք
աւելի
յարմարութիւն
կը
ներկայացնեն
այդ
ժողովուրդը
ճանչնալու
համար,
քան
ինչ
որ
եղած
է
դարերու
վրայով
անոր
մատենագրութեան
հոլովոյթին
մէջ:
Անշուշտ
անբաւարար:
Բայց
չմոռնալ,
որ
այդքանն
ալ
չունէինք
1850էն
առաջ:
Կը
փակեմ
այս
նոթերու
շարքը՝
իմ
հիացումն
առանց
սակարկելու
բոլոր
անոր
վաստակաւորներուն,
որոնք
աշխատեցան
ի
հեճուկս
ամենադժնդակ
պայմաններու
եւ
ձգեցին
մեզի
կենդանի,
գունագեղ
եւ
խրախուսիչ
ժառանգութիւնը
մեր
զոյգ
նորոգ
գրականութեանց:
Թող
օրհնուի
անոնց
յիշատակը:
(ՎԵՐՋ)