ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ՆՈԹ
Պէյրութի
«
Ազդարար
»
շաբաթաթերթի
26
Դեկտեմբեր
1951
թուակիր
համարին
մէջ
սկսաւ
լոյս
տեսնել
Յակոբ
Օշականի
«
Զուգակշիռ
Արեւմտահայ
եւ
Արեւելահայ
գրականութեանց
»
երկը,
խմբագրական
հետեւեալ
նոթով.
«Ներկայ
թիւով
կը
սկսինք
հրատարակել
Յակոբ
Օշականի
մէկ
անտիպ
աշխատութիւնը՝
ԶՈՒԳԱԿՇԻՌ
ԱՐԵՄՏԱՀԱՅ
ԵՒ
ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ,
որ
մեզի
տրամադրուած
է
մեծ
գրագէտի
հարազատներուն
կողմէ։
Յիշեալ
հատորը,
որ
կ՚ընդգրկէ
շուրջ
250
ձեռագիր
էջեր,
խորաթափանց
ուսումնասիրութիւն
մըն
է,
իր
տեսակին
մէջ
բացառիկ
արժէքով։
Վստահ
ենք,
որ
ընթերցողները
աճող
հետաքրքրութեամբ
պիտի
հետեւին,
գտնալով
անոր
մէջ
լոյսին
բերուած
պատասխաններ,
հայ
գրականութեան
երկու
ճիւղերուն
վերաբերող,
եւ
տակաւին
մթութեան
մէջ
մնացող
բազմաթիւ
հարցերու»։
«
Ազդարար
»
շաբաթաթերթի
խմբագրական
նոթը
բազմաթիւ
հարցեր
կը
յուզէ,
սկսեալ
այդ
աշխատութեան
տրուած
«ձեռագիր»
հանգամանքէն։
Որքան
մենք
գիտենք,
Օշական
թելադրած
է
«
Զուգակշիռ
»ը
եւ
քառասնական
թուականներու
Երուսաղէմի
Ժառանգաւորաց
վարժարանի
ուսանողները
ուղղագրած
են
զայն
եւ
ապա
բազմագրելով
(
սթանսիլ
)
տիրացած
են
անոր
օրինակներուն։
Բազմագրուածէն
օրինակ
մը
կը
գտնուի
նաեւ
մեր
մօտ,
մեքենագիր,
արտագրուած՝
Պոլսոյ
նախկին
պատրիարք
երջանկայիշատակ
Գարեգին
Գազանճեանի
մօտ
գտնուած
նմոյշէն։
Էջերու
գումարով
այս
երկուքին
(«
Ազդարար
»ի
նշած
«250
էջերը»
եւ
մեքենագիր
մեր
141
էջերը)
տարբերութիւնը
ցոյց
կու
տայ,
թէ
իրապէս
գոյութիւն
ունեցած
է
հարազատներուն
կողմէ
«
Ազդարար
»ի
խմբագրութեան
յանձնուած
ձեռագիր
մը։
Բայց
թէ
որո՞ւն
կողմէ
արտագրուած
եւ
որո՞ւն
կողմէ
«Ազդարար»ին
յանձնուած
է
անիկա՝
կը
մնայ
անյայտ:
1950ական
թուականներուն
Վահէ
Օշական
Փարիզ
կը
գտնուէր։
Անահիտ
Օշական
կ՚անգիտանայ
նման
յանձնարարութիւն
մը:
Օշականի
կրտսեր
որդին՝
Կարոն,
ընդամենը
տասներեք
տարեկան
էր
եւ
նման
հարցերու
բնաւ
միջամուխ
չէր
կրնար
ըլլալ։
Կը
մնայ
Տիկին
Արաքսի
Օշականը,
որուն
ողջուցը
սոյն
գործը
առանձին
հատորով
տպագրելու
հարց
չէր
ծագած
եւ
հետեւաբար
առ
այդ
մեր
կողմէ
անհրաժեշտ
չէր
համարուած
հետաքրքրութիւն
ցոյց
տալ։
Մեզի
համար
անկարելի
եղաւ
ստուգել
նոյնպէս,
թէ
ո՞վ
անտես
ըրած
է
250
էջերուն
ծրագրի
բաժինը,
տուեալ
ձեռագիրին
մէ՞ջ
պակսած
է
անիկա,
թէ
«
Ազդարար
»ի
խմբագրութիւնը
ինք
անհրաժեշտ
չէ
համարած
անոր
մատուցումը
ու
սկսած
է
«
ԳԼՈՒԽ
Ա.
Հանգիտութիւններ
»էն:
Ծրագրի
բաժինը
ներկայ
հատորին
մէջ
կը
գրաւէ
11–26
էջերը։
Սոյն
հատորը
կազմելու
ատեն,
բնական
է,
հաշուի
առնուած
է
հարազատներուն
աչքին
առջեւ
տպագրուած
աղբիւրը,
«
Ազդարար
»ի
հիւրընկալածը,
«Հանգիտութիւններէն
սկսեալ
մինչեւ
վերջին
վերջակէտը։
*
*
*
Փակագիծ
մը։
«
Զուգակշիռ
»ը,
ինչպէս
հարեւանցիօրէն
յիշուեցաւ,
գրասեղանի
առջեւ
գրուած
գործ
չէ,
այլ՝
դպրոցական
ամպիոններէ
թելադրուելով
կազմուած
երկ
է
անիկա,
որ
իր
տեսակին
մէջ
եզակի
բան
մը
չէ:
Աւելի
փոքր
ծաւալի
մը
վրայ,
եւ
աւելի
ամփոփ
ուրիշ
գործ
մը
եւս
տեսնելու
պատեհութիւնը
ունեցած
ենք
մենք
Օշականի
նախկին
ուսանողներուն
մօտ
եւ
երրորդի
մը
մասին
իր
կողմէ
տրուած
տեղեկութիւն
մը։
«
1933ին
Օշական
թելադրած
է
«Արեւելահայ
գրականութեան»
համառօտ
պատմութիւն
մը,
Մելգոնեանի
մէջ
»
(«Համապատկեր»–10,
էջ
128)։
Այս
մասին
դժուար
թէ
ուրիշ
մը
ասկէ
աւելի
բան
գիտէ,
կը
մնայ
սպասել,
որ
հետաքրքիր
մը
պրպտէ
Մելգոնեանի
արխիւները
եւ
լոյսին
հանէ
թելադրուածը։
Գոցենք
փակագիծը։
*
*
*
«
Զուգակշիռ
»ը
կը
սկսի
մեր
նոր
գրականութեան
զոյգ
թեւերուն
ծննդոցէն
ու
կ՚ընդգրկէ
իննսուն
տարիներու
վրայ
երկարած
ելեւէջներ,
1840էն
մինչեւ
1930,
զարնուելով
բոլոր
հոսանքներուն,
սեռերուն,
ասոնց
թելադրանքներուն
տակ
արձանագրուած
յաղթանակներուն
ու
անյաջողութիւններուն։
Աւելորդ
է
ըսել,
որ
մամուլին
մէջ
տպուած
Օշականի
բոլոր
գործերուն
պէս,
ձեռագիրի
արժէք
մը
ունի
նաեւ
«
Զուգակշիռ
Արեւմտահայ
եւ
Արեւելահայ
գրականութեանց
»
երկը,
այն
իմաստով
մանաւանդ,
որ
կէս
դար
անցած
է
առաջին
տպագրութեան
վրայէն
եւ
Հայրենի
թէ
Սփիւռքի
այսօրուան
մտաւորականներուն
մատչելի
չէ
անիկա,
ինչպէս
յաճախ
կը
պատահի
պարբերական
մամուլին
հիւրընկալած
գործերուն
պարագային:
Որով՝
մեր
նոր
գրականութեան
զոյգ
թեւերուն
վրայ
արձանագրուած
նուաճումներն
ու
նուաղումները
հասարակ
յայտարարի
վերածած
«
Զուգակշիռ
»ի
հատորային
բախտը
առիթ
մը
կը
հանդիսանայ
նոյն
տասնամեակներուն
բերքը
խորութեամբ
ճանչնալու
եւ
ուսումնասիրելու
ելած
անձերուն:
Քննութեան
ենթարկուած
գործերուն
ու
դատի
կանչուած
դէմքերուն
մասին
յայտնուած
բոլոր
կարծիքները
անառարկելի
չեն
հարկաւ,
բայց
արձակուած
վճիռներուն
ջախջախիչ
տոկոսը
անվերաքննելի
կը
թուի։
Բաղդատական
գրականութիւնը
նոր
երեւոյթ
չէ
գրականութեանց
պատմութեան
մէջ։
Մեր
մէջ
եւս
քիչ
չեն
նոյն
կալուածին
մէջ
ինկող
էջերը,
բայց
դժուար
է
յիշել
ուրիշ
գործ
մը,
որ
այսքան
երկար
ժամանակի
մը
վրայ
երկարած
եւ
այսքան
այլազան
երեսներ
ունեցող
երեւոյթի
մը
վրայ
այսքան
ամբողջական
լոյս
նետած
ըլլայ,
որքան
ամենայն
համարձակութեամբ
եւ
շռայլութեամբ
ըրած
է
ատիկա
Յակոբ
Օշական:
Մեծանուն
քննադատը
այնքան
ծաւալած
ու
խորացած
է
երկու
գրականութեանց
մէջ
եւ
այնքան
ամէնօրեայ
էր
անոնց
յուզած
ապրումները
իր
ներաշխարհին
մէջ,
որ
յաճախ
գրիչը
գործածելու
պէտք
չունէր
դէմքի
մը
կամ
հարցի
մը
մասին
խօսք
բացուած
ատեն,
կը
բաւէր,
որ
մէկը
արձանագրէր
խօսածը
եւ
արձանագրածը
արդէն
կը
ձգէր
գրուածքի
մը
տպաւորութիւնը:
Ու
մեղաւորը
ինք
չէր
ըլլար
անշուշտ,
եթէ
նման
առիթներու
ունկընդիր–արձանագիրը
լսածը
երբեմն
սխալ
արձանագրէր:
Դժբախտաբար,
յատկապէս
այս
պարագային,
«
Զուգակշիռ
»ի
առիթով,
անձնանուններու,
տիտղոսաթերթերու,
քերականական
նուիրագործուած
կանոններու,
ինչպէս
նաեւ
պատմական
դէմքերու
ու
թուականներու
առիթով
շատ
նախանձախնդիր
չեն
եղած
թէ՛
ունկնդիր–արձանագիրները
եւ
թէ
գործը
հիւրընկալած
խմբագիրները։
Անկախ
այս
մանրամասնութիւններէն,
ինչպէս
ըսել
ուզեցինք
վերը,
իր
հերքումներուն
խստութեամբ
թէ
արժեւորումներուն
համոզչականութեամբ,
«
Զուգակշիռ
»ը
արժանի
է
Օշականի
անունին,
ու
սիրելի
է
մեզի
այս
կարճառօտ
նոթին
վերջակէտը
դնել
ի՛ր
բառերով։
«
Կը
փակեմ
այս
նոթերու
շարքը՝
իմ
հացումս
առանց
սակարկելու
բոլոր
այն
վաստակաւորներուն,
որոնք
աշխատեցան
ի
հեճուկս
ամենադժնդակ
պայմաններու
եւ
ձգեցին
մեզի
կենդանի,
գունագեղ
եւ
խրախուսիչ
ժառանգութիւնը
մեր
զոյգ
նորոգ
գրականութեանց
»։
«
Թող
օրհնուի
անոնց
յիշատակը
»:
ԵՆ
Տեատկուական