ԳԼՈՒԽ
Ե.
ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ
Ա.
Ընդհանրութիւններ
1.
Գրականութեան
մը
պատմութեան
մէջ
նոր
է,
որ
մարդիկ
կը
փորձուին
գլուխ
յատկացնել
գրելու
այս
սեռին:
Օրէնքին
հետեւելու
համար
է,
որ
կը
բանամ
գլուխ
մը
եւ
կ՚ընդունիմ
զայն
արուեստէն
ներս:
Հաստատ
իրողութիւն
է,
որ
մինչեւ
ԺԹ.
դարու
կէսը,
անիկա
մաս
չէ
կազմած
արուեստին:
Հեղինակները
իրենց
գործերուն
նախաբաններուն
մէջ
է,
որ
այդ
գիծէ
գրառումներ
ըրած
են:
ԺԹ.
դարէն
ասդին,
օգտուելով
լրագրութեան
ծաւալումէն,
քննադատութիւնը
ուռեցուցած
է
իր
յաւակնութիւնները,
ամրօրէն
ինքզինքը
կազմակերպած:
Վախ
կայ
նոյնիսկ,
որ՝
նման
մակաբուծային
ամէն
օրկանիզմի՝
ան
օր
մը
խեղդէ
արուեստը:
2.
Այս
ընդհանուր
ցուցմունքէն
դուրս
ճիշդ
է
նոյն
ատեն
նաեւ
միւս
պարագան,
որուն
համեմատ
սերունդի
մը
իմացական
մթերքը
շրջաբերութեան
մէջ
հանուելու
համար
պէտք
ունի
մանրուելու:
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
որ
ամէն
սերունդ
արուեստի
հարցին
հանդէպ
իր
կեցուածքը
կը
ճշդէ
անշուշտ
ամէնէն
առաջ
կենդանի
գործերու
մէջ:
Յետոյ
այդ
գործերու
քննութեամբ
եւ
ուսումնասիրութեամբ
է,
որ
կը
մակաբերուին
արուեստի
տեսութիւններ:
Դպրոցներ,
ակումբներ,
հանգանակներ,
ընկերակցութիւններ
այդ
ընդհանուր
կեցուածքը
հանրութեան
մատչելի
ընող
երեսներ
են
եւ
առաւելապէս
քննադատական
աշխատանք:
3.
Մեր
գրականութեան
համար
պայմանները
գրեթէ
նոյնը
եղան:
Ստեղծագործ
մտքեր
մէջտեղ
դրին
մեր
արժանիքները.
աւելի
ուշ
բուսաւ
քննադատը:
Այսօր
անիկա
աւելի
կ՚արժէ,
քան
արուեստագէտը,
ինչ
որ
մեր
գրականութեան
տկարացումին
անհերքելի
փաստը
կը
կազմէ:
(Այս
առթիւ
գրուած
է
ուրիշ
տեղ):
Բ.
Արեւմտահայ
քննադատութիւնը
վեր
է
արեւելահայ
քննադատութենէն
1.
Եւրոպական
գրականութեան
խոր
հասկացողութիւն.
—
Մեր
մէջ
ամէն
արժէքաւոր
գրող
իր
մտքին
պատրաստութիւնը
կը
պարտի
արեւմտեան,
մասնաւորաբար
ֆրանսական
մշակոյթին:
Այս
իսկ
պատճառաւ,
լայն
ընթերցումներ
անխուսափելի
պահանջ
մը
դարձան
նոյնիսկ
պարզ
վիպողին
համար:
Մեր
Ռոմանթիքներէն
ետքը
մեր
Իրապաշտները
կրնան
մտաւորական
որեւէ
մտածումը
կաղապարել
վայելուչ
ձեւով:
Մեր
ոեւէ
մէկ
իրապաշտը
ստորագրած
է
քննադատական
արժէքով
կտորներ
(Զօհրապ,
Բաշալեան,
Կամսարական,
Արփիարեան,
Սիպիլ,
եւայլն):
Արեւմտեան
մտքի
վրայ
կազմուած
այս
սերունդը
պիտի
դիւրութեամբ
խորացնէր
ինքզինքը
համաշխարհիկ
գրականութեան
կարեւոր
հարցերուն,
ինչ
որ
եղաւ
արդիւնաւորապէս:
Տարբեր
է
պարագան
արեւելահայերուն,
ուր
դատելու
պէտքը
շատ
ուշ
կը
զգացուի,
քանի
որ
ռուս
գրականութիւնը,
մեկնող
ըլլալէ
աւելի՝
ստեղծագործ
է:
Թերեւս
ասոր
համար
է,
որ
անոնց
մէջ
քննադատութիւնը
անկազմակերպ
բան
մնաց,
մա՛նաւանդ
եւրոպական
հասկացողութեան
տեսակէտէն
դիտուած:
2.
Արուեստի
զգայարանք
եւ
հասկացողութիւն.
—
Ուշագրաւ
է,
որ
հակառակ
համալսարանական
պատրաստութեան
մը
պակասին,
արեւմտահայ
քննադատները
շատ
աւելի
փաստ
բերին
արուեստի
հասկացողութեան,
քան
արեւելահայերը,
որոնց
ստուար
մեծամասնութիւնը
անցած
է
համալսարանէն:
Գրական-գիտական
խառնուածքներու
հակադրութիւն
մը
չէ,
որ
թելադրիչն
է
այս
մտածումին:
Թէեւ
հոս
ալ
խորերէն
կը
միջամտէ
երկու
գրականութեանց
հակամարտութիւնը
ստեղծող
հիմնական
մոթիֆ
ը,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
օգուտի
եւ
անշահախնդիր
ստեղծումի
մեծ
contraste-ը,
որ
կ՚երեւայ
մեր
զոյգ
գրականութեանց
սեռերուն
ալ
մէջ:
Անշուշտ,
չեմ
կրնար
մերժել
արուեստի
հասկացողութիւնը
ոեւէ
մէկուն,
որ
յաւակնի
արուեստի
գործերը
դատել,
բայց
կ՚ուզեմ
այդ
յաւակնութիւնը
մերժել
բոլոր
անոնց,
որոնք
առանց
խնամուած
պատրաստութեան,
լայն
եւ
խոր
ընթերցումներու,
դասաւորման
մեծ
տուրքերու
ու
նրբացած
ճաշակի՝
կը
ներեն
իրենց
կարծիքներ
կազմել,
բանաձեւներ
առաջարկել՝
գնահատելու
կամ
վարկաբեկելու
համար
արուեստի
գործը:
Եւրոպայի
մէջ
ասպարէզով
քննադատին
քովն
ի
վեր
նոյնքան
յաւակնոտ
գոյութիւն
ունի
դասախօսին
ուրուականը.
նման
բա՞խտ
մը
արդեօք
զարկած
է
արեւելահայ
մշակոյթը:
Ստոյգն
այն
է,
որ
մեր
տեսակետները
տրամագծօրէն
հակառակ
են
անոնց
տեսակէտներուն:
3.
Ոճի
եւ
արտայայտութեան
խնամք.
—
Մեր
քննադատութեան
վարպետները
նոյն
ատեն
վարպետներն
են
մեր
արձակին:
Սեռին
նկարագիրը
ինքնին
տրոհական
եւ
հետեւաբար
խորապէս
արձակունակ
(prosaïque),
կը
պաշտպանուի
գեղարուեստական
որոշ
շնորհներով,
սեռը
վերածելու
չափ
զօրաւոր
գրական
կնիքով
աշխատանքի
մը:
Մտածումները,
բաղդատութիւնները,
մերձեցումները,
ընդհանրացում
կամ
վերլուծում՝
բոլորն
ալ
ենթակայ
կը
մնան
կիրթ
ճաշակի
մը,
որ
Արեւմտահայ
գրականութեան
ընդհանուր
նկարագիրն
է
արդէն
բոլոր
անոնք,
որոնք
փորձած
են
արուեստի
գործեր
դատել,
առնուազն
հաւատարիմ
են
մնացած
խնամքի
այս
զգայարանքին:
Արեւելահայոց
մէջ
այս
ամէնը
ճիշդ
են.
ճիշդ՝
իրենց
հակառակովը.
անկարելի
է
կարդալ
անոնցմէ
որեւէ
քննադատական,
վասնզի
կեանքին
վրայ
մերկ
ոճ
մը
գէթ
գրուած
կեանքին
մերկութեամբ
կրնայ
բաւարարել
զմեզ:
Բայց
ինքնին
մերկ
մտածումներ
անխնամ
տարագի
մը
մէջ
անհանդուրժելի
պիտի
ըլլային
եւ
եղան:
4.
Երբեք
վարդապետականութիւն.
—
Տրուած
ըլլալով
ճիգը,
որ
կ՚ուզէր
քննադատութիւնը
գրական
կազմով
վարդապետութեան
մը
բարձրացնելու,
պարագայ,
որուն
ենթարկուած
են
քիչ
մը
արեւելահայերը
–
պարտ
կը
զգամ
յայտնելու,
որ
արեւմտահայ
քննադատութիւնը
ինքզինքը
հեռու
պահեց
dogmatique
ամէն
խստութենէ:
Այս
ներողամտութիւնը,
ազատութիւնը
պէտք
չէ
շփոթել
պատեհապաշտութեան
հետ,
որ
լուսաբանումին,
պրպտումին
որոշ
ուղեցոյցներուն
ապահովութեան
հերքումը
պիտի
նշանակէր:
Անշուշտ
նոր
չէ,
որ
մարդիկ
կը
դատեն
արուեստի
գործը,
բայց
Արիստոտէլէն
ասդին
քիչ
անգամ
արուեստի
գործ
մը
իր
վրայ
միացուցած
է
դատումի
վճռական
հանգամանքներ,
որոնք
պարտադիր
դառնան
դարէ
դար
ու
մտայնութենէ
մտայնութիւն:
Անշուշտ
մեծադղորդ
օրէնսդիրներ
կան
Պառնասի
մէջ,
որոնց
ճակատագիրը
պիտի
մնայ
միշտ
մտիկ
չրլլուիլ:
Ոեւէ
գրագէտ
կը
կարդայ
Ովրատիոսն
ու
Պուալոն,
իսկոյն
մոռնալու
համար
սակայն
անոնց
քերթողականներուն
պատգամները:
Այս
այսպէս
ըլլալով՝
կանխորոշ
բանաձեւերու
հանդէպ
զգուշաւորութիւն
մը
բարիք
մըն
է
ամէն
քննադատի
համար:
Արեւելահայերը
նուրբ
չեղան
այս
վարկածը
ըստ
արժանւոյն
գնահատելու:
5.
Քմայք
եւ
ճկունութիւն.
—
Մեծադղորդ
սկզբունքներու,
վարդապետական
պատգամներու
սա
պակասը
արեւմտահայ
դատումը
ըրաւ
աւելի
ճկուն,
այսինքն՝
կեանքին
աւելի
հարազատ:
Եթէ
ստոյգ
է,
որ
արուեստի
գործ
մը
պայմանաւորուի
ամէնէն
որոշ
անհատականութեամբ
մը,
քննադատական
էջ
մը
պիտի
շահէր
այդ
վարկածէն:
Մենք
ունինք
աչքի
առջեւ
կարկառուն
օրինակներ
վարդապետական
դրութեանց
յեղակարծ
անկումէն:
Ի՞նչ
գործ
աւելի
սիսթեմաթիք,
աւելի
գիտական,
աւելի
վարդապետական,
քան
Թէնի
ամրակառոյց
քննադատութիւնը,
որ
այսօր
գետինն
է՝
թաւալգլոր
ու
անկանգնելի:
Նոյնն
է
պարագան
ուրիշ
տոկմաթիք
դատողներու
(Brunetière,
Faguet),
մինչդեռ
Սէնթ
Պէօվի
գործը
մինչեւ
այսօր
կը
կարդացուի,
վասնզի
վերը
ակնարկուած
ազատութիւնը,
ճկունութիւնը,
ուրիշ
բառով՝
քմայքը,
ամէն
էջի
կը
միջամտէ,
փոփոխելու
աստիճան
դատումի
իմացական
նկարագիրը,
բարեխառնելու
զգայնութեանց
կեանքով
մտածական
աշխարհին
չորութիւնը:
Արեւմտահայ
քննադատութիւնը
յարգեց
այդ
ազատութիւնը
նոյնիսկ
վտանգելով
քիչիկ
մը
լրջութեան
պահանջը:
Խորունկ
տարբերութիւն
կայ
սակայն
Եղիայի
մը,
Չերազի
մը
ոստոստուն
դատումներուն,
(որոնք
չեն
հակակշռուած
հաստատ
մտածողութեամբ
մը),
եւ
Չօպանեանի
այն
էջերուն
մէջ,
ուր
անիկա
կը
յաջողի
լուսաւոր,
կենդանի,
իմացական
աշխարհ
թելադրել
ընթերցողին:
6.
Իմաստասիրական
ձգտումներ.
–
Պէտք
է
պարկեշտ
ըլլալ
եւ
տարազի
մը
մէջ
տեսնել
վճռական
եւ
հաստատ
քանի
մը
գաղափարներ,
որոնք
Ա.
Չօպանեանի
միջոցաւ
մուտք
ունեցան
մեր
քննադատութենէն
ներս.
գլխաւորաբար
déterministe
ազդակներու
շահագործումն
է
անիկա,
բայց
շատ
ազատ
կեցուածքով
մը:
Իրապաշտներու
հանգանակային
գաղափարապաշտութիւնը
նոյնպէս
պարկեշտ
ճիգ
մըն
է:
Արուեստագէտ
սերունդին
մտածողութիւնը
մնաց
կցկտուր,
բայց
կենդանի,
զգուշացող
մեծ
բանաձեւերէ:
Պատերազմէն
ասդին
ժուռնալիզմը
եւ
իր
թերութիւնը
մեր
դատումներուն
վրայ:
Այս
թւումը
մտայնութեանց
թւում
մըն
է,
նոյն
ատեն
արուեստի
հանդէպ
կեցուածք:
Եթէ
արուեստի
ամէն
ուղղութիւն
համապատասխան
իմաստասիրական
դրութեան
մը
կ՚ենթարկուի,
ապա
ուրեմն
արեւմտահայ
քննադատութիւնն
ալ
որոշ
չափի
վրայ
մնաց
ենթակայ
իրապաշտ,
սեմպոլիսթ
եւ
ազատ
մտածողութեան:
Անշուշտ
չունեցաւ
իր
գաղափարաբանութիւնը
եւ
չստեղծեց
այդ
ուղղութեամբ
գրականութիւն,
բայց
հեռուէ
հեռու
հսկողութիւնը
ըրաւ
մեր
արուեստին:
7.
Պրպտման
պարկեշտութիւն.
—
Այս
առաւելութիւնը
դիւրաւ
կը
զառածի
դէպի
pédantisme.
ատով
հանդերձ,
անիկա
գեղեցիկ
առաքինութիւններէն
մէկը
եղաւ
արեւմտահայ
քննադատութեան:
Գրելու
սովորական
դիւրութիւն
եւ
լրագրութիւն
այս
առաքինութեան
մեծագոյն
թշնամիներն
են:
Ոչ
միշտ,
բայց
յաճախ
մեր
քննադատութիւնը
պարկեշտ
եղաւ
բաւարար
պրպտումներով
ամուր
ծանօթութիւններու
մթերք
մը
ճարելու
իր
կառուցումներուն
համար:
Անշուշտ
եւրոպական
արուեստէն
լաւ
ընթերցումներ՝
լաւագոյն
գործիքը
եղան
այդ
պրպտումին
եւ
անշուշտ
մեր
քննադատութիւնը
եւ
պատմական
քննադատութիւնը
ազատագրուած
սեռեր
էին,
որոնք
կրնան
նոյն
գծի
գալ
եւրոպական
նոյնատեսակ
աշխատութեանց
հետ:
Բայց
դառնալու
համար
զուտ
գրական
դատումին,
ունինք
գործեր,
ուր
այդ
պրպտումը
մնացած
է
իր
կարելի
խորութեան
եւ
պարկեշտութեան
մէջ:
Չօպանեանի
ուսումնասիրութիւնը
Պէշիկթաշլեանի
վրայ
գեղեցիկ
նմոյշ
մըն
է
այդ
ուղղութեամբ:
8.
Չափաւորութիւն
եւ
ճաշակ.
—
Դասաւորման
եւ
տրոհման
վաստակ
մը
ըլլալով
քննադատութիւնը,
արեւմտահայոց
մէջ
պահեց
զուսպ
այդ
նկարագիրը:
Անշուշտ
խորութիւն,
spéculatif
ձեռնարկներ,
խոշոր
սիսթեմներ
չունեցաւ
անիկա,
ինչպէս
է
պարագան
արեւմտեան
գրականութեանց
մէջ:
Թերեւս
իր
մշակներուն
իմացական
եւ
ընկերային
պայմանները,
ուսումնասիրուելիք
գործերուն
նկարագիրը,
մեր
գրականութեան
ընդհանուր
տարողութիւնը
մաս
ունին
այս
զուսպ
եւ
չափաւոր
իրացումին
մէջ:
Դուրեան
Սրբազան
կը
գանգատէր,
թէ
կարելի
չէ
հայ
գրականութեան
պատմութիւն
մը
գրել
պարզապէս
անոր
համար,
որ
գրողը
պիտի
տառապէր
առաւելապէս
նախանիւթի
խեղճութենէն:
Ճշմարտազանց
այս
վարկածին
մէջ
թերեւս
աւելորդ
չէ
ճշմարտութեան
որոշ
բաժին
մը
ընդունիլ:
Միւս
կողմէ՝
ստոյգ
է,
որ
գրականութեամբ
խանդավառ
պատանի
մը
շատ
շուտով
պիտի
աւարտէր
շարքը
գործերուն,
որոնք
իր
մտքին
բան
մը
ունին
ըսելիք,
եւ
ստիպուած
պիտի
անցնէր
եւրոպական
քննադատութեան:
Այս
ամէնէն
անկախաբար
հարկ
է
խոստովանիլ,
թէ
մեր
գրականութիւնը
իր
հասակովը
ունի
իր
քննադատութիւնը:
Յախուռն
սլացքներու
պակասը
թերեւս
կու
գայ
յախուռն
գործերու
պակասէն:
Ի
վերջոյ
պէտք
չէ
մոռնալ,
որ
քննադատութիւնը
գործերուն
կը
հետեւի:
9.
Եւրոպականութիւն.
—
Այս
բառը
իմաստ
մը
կ՚առնէ
այն
պարագային
միայն,
երբ
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
բաղդատենք
արեւելահայ
դատումներու:
Ատկէ
դուրս
ինքն
իր
մէջ
ալ
ունի
մասնակի
նշանակութիւն
մը
դարձեալ:
Ռոմանթիզմ,
նաթիւրալիզմ,
սէմպոլիզմ
մեր
դատողներուն
ծանօթ
իրողութիւններ
են
եւ
իրենց
բովանդակած
գրական
սիսթեմները
որոշ
չափով
կը
գործադրուին
արեւմտահայ
դատողներուն
կողմէ:
Կարելի
է
մեր
մէջ
հանդիպիլ
գործի
մը,
դէմքի
մը,
շրջանի
մը
վրայ
ինքն
իր
մեջ
ամփոփ
հիմնական
գիծերովը
ամբողջ
փորձերու
(essais),
որոնք
ուսումնասիրուած
առարկան
մեզի
կ՚ընեն
մատչելի,
սիրելի:
Այս
անկիւնէն
դիտուած
նիւթական
սա
ձեւն
իսկ
եւրոպական
provenance
է
-
պարագայ,
որ
անծանօթ
իրողութիւն
է
արեւելահայ
անհուն
շարլաթանութեան
մօտիկը
դրուած:
10.
Երբեք
դպրոցամոլութիւն.
—
Բառը
աւելի
ճիշդ
կ՚ըլլայ,
որ
ընկերացնենք
համիմաստ
ֆրանսերէնով
մը
(doctrinal
):
Թերեւս
այս
պարագան
հոմանիշ
դառնայ
ձգտումի,
կազմակերպուած
ուժի,
հաստատ
ծրագիրներու
պակասին:
Ստոյգ
է,
որ
բացի
Չօպանեանէն,
մեր
միւս
դատողները
զգուշացած
են
գիրքերէն
եւ
նախասիրած
կարճ,
լրագրական
եղանակը:
Բայց
վարդապետամոլութիւնը
ինքզինքը
զգալի
կ՚ընէ
նոյնիսկ
փոքր
ծաւալով
կտորներու
վրայ:
Մեր
գրողները,
մա՛նաւանդ
Արուեստագէտ
սերունդի
պատկանողները
բոլորն
ալ
դատում
ունին,
ինչ
որ
հոմանիշ
կը
դառնայ
ազատականութեան:
Ոչ
ոք
ի
յառաջագունէ
սորվուած
սկզբունքներ
պաշտպանելու
առիթով
կը
մխրճուի
գործերու
դատումին:
Կամսարական
մը,
երբ
Եղիան
կը
դատէ,
խորունկ
հասկցող
ընթերցողի
մը
ակնոցով
կը
կատարէ
այդ
գործը
եւ
ոչ
թէ
փրոֆեսէօրի
մը,
դպրոցամոլ
մտքի
մը
խստութեամբ:
Իր
բոլոր
թեթեւութեան
հակառակ,
Զօհրապ
իր
«Ծանօթ
դէմքեր»ուն
մէջ
ազատ
թեքնիք
մըն
է,
որ
կ՚արժեցնէ:
Անցնելու
համար
աւելի
մօտիկ
մարդոց,
–
Թէքէեան,
Պարթեւեան,
Եսայեան,
Չրաքեան,
Մեծարենց,
եւայլն,
--
անոնք
ալ
նոյն
այդ
ազատութիւնը
ունին
արուեստի
գործերուն
հասկացողութեանը
մէջ,
այնպէս
որ,
այս
կեցուածքը
նկարագիր
մը
կը
դառնայ
արեւմտահայ
քննադատութեան
համար:
Արեւելահայ
այն
սերունդը,
որ
այս
օրուան
համայնավար
վարդապետութիւնը
պիտի
իրագործէր
մեր
երկրին
մէջ,
1910ին
իր
մէկ
փորձին
մէջ
(«Գարուն
ալմանախ»)
ճիշդ
հակառակ
առաքինութիւններով
ուշագրաւ
է.
ամէնքն
ալ
նոյնակնոց
մարդեր
են:
Պէտք
պիտի
ըլլայ
հոս
քանի
մը
խօսք
ընել
1908ի
ազատութեամբ
մէջտեղ
եկած
վնաuին
մասին:
Տարեցոյցներ,
օրաթերթեր,
նոյնիսկ
գիրքեր
մէջտեղ
դրին
անպատասխանատու
դատումներու,
խակ
մտածումներու
շարք
մը,
վտանգելու
լրջութիւնը
արեւմտահայ
քննադատութեան:
Շողոմ,
հաշիւ,
քէն,
վրէժխնդրական
արարքներ,
լրագրական
բարքեր
ամէնէն
աւելի
իրենց
առարկութեամբը
վարակեցին
մեր
անպատասխանատու
մունետիկները,
ինչպէս
նա
եւ
տիտղոսաւոր
դատողները:
Ասիկա
տեսակ
մը
քաոսի
վերածած
է
դատելու
արդի
արուեստը
մեր
մէջ:
11.
Տպաւորապաշտութիւն.
—
Եթէ
պէտք
ըլլար
ընդհ.
տարազ
մը
գործածել
այդ
քննադատութիւնը
կերպադրող,
պիտի
առաջարկէի
տպաւորապաշտ
տարազը,
որ
առաւելութիւնն
ունի
ձեւ
ու
հոգի
հաւասարապէս
արտայայտելու:
Խորունկ
կրթութեան
մը
պակասը
մեր
դատողներուն
մօտ
գլխաւոր
ազդակն
է,
որպէսզի
առաջին
գիծի
տպաւորութիւններ
իբրեւ
դատում
հրամցուին
մեզի:
Ատկէ
դուրս,
ստոյգ
է
նոյն
ատեն,
որ
դատած
գործերուն
ընթացիկ
արժէքը
համապատասխան
ըլլայ
դատողներու
պատրաստութեան:
Լրագիրը,
հանդէսը
միւս
կողմէ՝
իրենց
պահանջը
դրին
մեր
գրողներուն
վրայ:
Ամէն
տաղանդաւոր
գրող
մեր
մէջ
իրաւասու
կը
նկատէ
ինքզինքը
իր
տպաւորութիւնները
բանաձեւելու
որեւէ
գործի
շուրջ:
Գ.
Արեւելահայ
քննադատութիւն
1.
Վարանքը.
–
Մեզի
ծանօթ
իմաստը
բառին
դժուար
կը
հաշտուի
արդիւնքի
մը
հետ,
որ
պսակումն
է
գաղափարներու
աշխատանքին
Արեւելահայ
գրականութեան
մէջ:
Ճիշդ
է,
որ
անոնք
չեն
անցած
մեր
մէջ
փորձուած
տարօրինակ,
անորակելի
այն
մտայնութենէն,
որով,
օրինակի
համար,
Չերազ
մը,
Եղիա
մը
իրենք
իրենց
կը
ներեն
արուեստի
գործերը
դատել՝
արուեստէն
օտար
հանգանակներով:
Ճիշդ
է,
որ
հանդէսներու
գրականութիւնը
անոնց
մէջ
չզառածեցաւ
դէպի
գրքունակ
դատումներ,
որոնք
այնքան
հասարակաց
են
արեւմտահայ
վարժապետական
հռետորութեան:
(Չմոռնալ.
քննադատական
հայեացքը,
ըսել
կուզեմ՝
քաղաքական,
պատմական,
ընկերային,
արհեստական
հայեացքը
նոյնիսկ
շատ
կանուխ
կը
սկսի
անոնց
մէջ,
անշուշտ
ռուսական
ազդեցութեամբ,
բայց
գրական
քննադատութիւն
մը
քսաներորդ
դարուն
մէջ
է,
որ
միայն
կ՚ուրուանայ
անոնց
մօտ):
Բայց
այն
օրէն
ի
վեր,
որ
գրական
հարցերու
հետամուտ
սերունդ
մը
կազմուեցաւ
անոնց
մէջ,
մէջտեղ
եկած
արդիւնքը
զիս
վարանքի
կը
մղէ:
Մարտունի,
Մակինցեան,
Ա.
Կարինեան,
Ս.
Յակոբեան,
Ա.
Տէրտէրեան,
Ն.
Աղբալեան
եւ
տակաւին
ուրիշներ,
բազմաթիւ
գիրքեր
եւ
յօդուածներ
ունին
քննադատական
պարունակութեամբ:
Եւ
սակայն
որքան
դժուարին
է
այդ
նիւթերը
զետեղել
բուն
իսկ
իրենց
կալուածներուն,
որ
այս
անգամ
գրականութիւն
չէ
դժբախտաբար,
այլ
աւելի
ընկերային
հետաքրքրութեանց
դաշտ:
Լուրջ
անուն
մը
միայն
այդ
ամբողջ
շարժումէն
–
Ն.
Ադոնց,
որ
ցոյց
տուաւ
պարկեշտ
հետաքրքրութիւն,
հասկացողութեան
փաստ,
եւ
որ
լքեց
շատ
շուտով
գրական
քննադատութիւնը,
ապաստանելու
համար
պատմութեան
եւ
բանասիրութեան:
Արեւելահայերը
յաճախ
իրենք
ալ
կը
վարանին
գրական
քննադատութիւնը
ընդունիլ
իբր
սեռ
մը,
որ
մշակուած
ըլլայ
լրջութեամբ՝
իրենցմէ
ոեւէ
մէկուն
կողմէ:
Նորագոյններու
յաւակնոտ
պոռչտուքները,
գրականութեան
պատմութիւն
գրելու
փորձերը
դուրս
են
լրջութենէ,
–
չեմ
զբաղիր:
Մէկ
հատիկ
փաստ
բաւ
է
արժէքը
տալու
համար
այն
անկարելի
նեղմտութեան,
որով
Սուրխաթեան
փորձած
է
մեր
գրողները
բնորոշել
անհեթեթ
գիրքի
մը
մէջ՝
«Հայ
գրողներ»
վերնագրուած:
Արեւելահայ
հեղինակներէ
հաւաքուած
կտորներուն
առջեւ
Պր.
Սուրխաթեան
կենսագրութիւններ
կ՚ընէ
գրեթէ
նոյն
ոգիով,
ինչ
ոգիով,
որ
ըրած
էին
Պեպէճեանը,
Ս.
Գաբամաճեանը
արեւմտահայ
գրողներէ
կազմուած
ժողովածուի
մէջ:
Այս
վարանքը
կը
մնայ
դարձեալ
իրական
իմ
մէջ
հանդէպ
այս
գործունէութեան,
որ
գաղութահայ
հանդէսներու
մէջ
կը
փորձուի
արեւելահայ
ծագմամբ
մարդոց
կողմէ:
2.
Գրականութեան
պատմութիւն.
–
Չխօսեցայ
այս
մասին
Արեւմտահայ
գրականութեան
մասին
նշմարներուս
մէջ,
վասնզի
նման
ձեռնարկ
մը
գրեթէ
գոյութիւն
չունի,
եթէ
նկատի
չառնենք
Դուրեան
Սրբազանի
դպրոցներու
համար
գրած
փոքր
աշխատանքը
(Զարբհանալեանի
«Պատմութիւն
հայ
գրականութեան»ի
մասին
տեսնել
պատմութեան
գլուխը
այս
աշխատանքին,
վասնզի
յարգելի
Մխիթարեանին
գործը
գիրքերու
պատմութիւն
մըն
է,
երբեք
քննադատութիւն):
Պէտք
է
խօսիլ
սակայն
Լէոյի,
Պասմաճեանի,
Փափազեանի,
Մանուէլեանի
ձեռնարկներուն
մասին,
քանի
որ
քիչ-շատ
կազմակերպուած
ծրագրով
եւ
որոշ
մեթոտով
աշխատանք
կատարած
են
այդ
մարդիկ:
Այս
գիրքին
ընթացքը
չ՚արտօներ
մենագրութիւն,
հետեւաբար
պիտի
բաւականանամ
ամբողջական
(en
bloc)
դատումներով
ներկայացնել
այդ
ճիգերուն
արդիւնքը:
Դրական
աշխատանքներ
են
Աճառեանի
եւ
Մանուէլեանի
գործերը:
Առաջինը
բանասիրական
ուղղութեամբ
հետաքրքրական
հաւաքումներ
ունի
մեր
նորագոյն
մատենագրութեան
մօտիկ
անցեալէն:
Պարկեշտ,
անյաւակնոտ,
դատումէ
աւելի
ներկայացում
հետապնդող
իր
մեթոտը
անշուշտ
ուղղակի
չի
պատկանիր
գրական
քննադատութեան,
բայց
շատ
ալ
դուրս
չէ
անկէ:
Համակրանք
ունիմ
Մանուէլեանի
աշխատանքին
վրայ,
դժբախտաբար
կէս
մնացած:
Առաջին
անգամ
լայն
ու
կենդանի
մեթոտով
մը
կը
համադրուին
Արեւելահայ
գրականութեան
անդրանիկ
դէմքերը
եւ
ձգտումները:
Հակառակ
դասական,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
դպրոցական
իր
նկարագրին,
գործը
աւելի
է,
քան
վարժապետի
ձեռնարկը:
Նուազ
բարեացակամ
տրամադրութիւն
կը
զգամ
հանդէպ
Լէոյի,
որ
մեծ
պատմող
մը,
բայց
գէշ
հասկցող
մը
եղաւ:
Իր
գործէն
«Պատմութիւն
Արեւելահայ
գրականութեան»
պատմական
վերակազմութիւնը
(reconstruction)
հաճելի,
բայց
գաղափարագրութեան
մասը
վիճելի
է
եւ
աղքատ:
Փափազեանի
համանուն
ձեռնարկը
դպրոցական
դասագիրքէ
մը
անդին
չ՚անցնիր:
Այս
արագ
թւումը
եւ
դատումներու
գնացքը
պէտք
չէ
շփոթութիւն
ստեղծէ
կարդացողին
մտքին
մէջ:
Այս
paragraphe-ին
մէջ
յիշուած
գործերը
ոչ
մէկ
քայլ
առաջացում
չեն
բերած
Արեւելահայ
գրականութեան
եւ
ես
չեմ
ընդունիր
ոչ-յառաջահայեաց
քննադատութիւն:
Պատմութիւնը
կը
հաստատէ,
չի
ստեղծեր:
Արուեստը
կը
զբաղի
միայն
ստեղծագործութեամբ,
ահա
թէ
ինչու
արեւմտահայ
տպաւորապաշտ
փոքրիկ
կտոր
մը
(դատումի)
ես
պիտի
նախընտրեմ
Փափազեանի
մը
1000
էջնոց,
բայց
տափակ
հատորէն:
Դ.
Նկարագիրը
արեւելահայ
քննադատութեան
1.
Պատմող.
—
Խոշոր
այս
թերութիւնը
հասարակաց
է
ամէնուն:
Գործը
ծանօթացնելու
պատրուակին
տակ
ի՛նչ
հեշտանքով
այդ
մարդիկը
կը
պատմեն
անոր
բովանդակութիւնը՝
էջեր
ու
էջեր
անընդհատ,
երբեմն-երբեմն
մտածումի
փշուր
մը
նետելով
էջերուն
վրայ:
Այսպէսով
է,
որ
կը
կազմուին
հատորներ,
որոնք
դժուար
չէ
մօտեցնել
առակի
«Նապաստակին
ջուրին»:
Անհեթեթ՝
որքան
տգեղ
այս
սովորութիւնը
դպրոց
է
անոնց
մօտ:
Միայն
աւելի
զգոյշ
պատմում
կ՚ընեն
Մեծամասնական
(պոլշեւիկ)
դպրոցին
պատկանող
դատողները:
Յատկանշական
է,
որ
արեւմտահայ
քննադատութիւնը
զերծ
մնաց
այս
խոշոր
թերութենէն:
2.
Տարազապաշտ.
—
Պրպտումի
խոր
պատրաստութեան
եւ
թափանցումի
շնորհները,
որոնք
ամէն
քննադատի
assise-ները
կը
կազմեն,
չեն
հասկացուած
տակաւին
արեւելահայերէն.
փոխարէն՝
ընդհանուր
եւ
մաշած
գաղափարներու,
բանաձեւերու,
տարազներու
որոշ
մթերք
մը,
որ
պատրաստ
կը
սպասէ
անոնց
ձեռքին
հնազանդ:
Յաճախ
բառեր
են
այդ
տարազները
(հասարակական,
կուլտուրական,
լիպերալ,
ինտելիգենտ,
սոցիալ
դեմոկրատ,
եւայլն),
որոնք
կը
գործածուին
ահաւոր
պարզութեամբ
մը,
suffisanceով
մը՝
քով
քովի
բերելու
համար
կանեփէ
կտաւը
եւ
մետաքսը:
Տարազներու
հանդէպ
այս
կոյր
պաշտամունքը
աւելի
վերջը
պիտի
վերածուէր
դպրոցի:
Մարդիկ
պիտի
ելլեն
անոնց
մէջէն,
որոնք
պիտի
գրեն,
օրինակի
մը
համար,
Պետրոս
Դուրեանին
վրայ՝
ապացուցանելու
մարքսիստ
հանգանակին
մէկ
պատգամը:
Վասնզի
Պ.
Դուրեան
բանաստեղծը,
հարուստի
եւ
աղքատի
հարցը
ապրած
է
իր
կեանքին
մէջ:
Այսպէս
դատելը
աւելի
է,
քան
անհեթեթութիւն:
Այսպէս
դատած
են
սակայն
կանխողներն
ալ:
պատրաստ
տարազներու
այս
առատ
շահագործումը
պատճառներէն
մէկը
կը
նկատեմ
անոնց
քննադատութեան
գաճաճ
մնալուն:
3.
Փնտռտուք
սորվըւած
norma-ներէն.
—
Նոյնիսկ
այսօրուան
կազմակերպուած
պարտադիր
տարազներէն
առաջ,
արեւելահայ
քննադատութիւնը
իր
սեփական
նորմաները
ունէր
դատելու
եւ
գնահատելու:
Ատոնցմէ
ոմանք
հպատակ
են
Արեւելահայ
գրականութեան
ընդհանուր
ձգտումին:
Հասարակաց
տարազ
մըն
է,
որ
լայնօրէն
կ՚ընդգրկէ
ստուարագոյն
տոկոսը
այդ
ձգտումներուն:
Արուեստի
գործը
արուեստի
գործ
ըլլալէ
առաջ
փաստ
մըն
է
մտայնութեան.
անիկա
կ՚արժէ
այնքան՝
որքան
մօտ
է
հասարակական
ընդհանուր
ձգտումներուն:
Եւ
որովհետեւ
այդ
ձգտումները
կը
քալեն
գլխաւորաբար
երկու
ակօսով
–ազատական
եւ
պահպանողական
–
գործը
այս
կամ
այն
ձգտումին
արտայայտութիւնը
կ՚ըլլայ:
Ժողովրդական
կարիքները,
զգացումները,
մտայնութիւնը,
որքան
հաւատարմօրէն
կաղապարուին,
այնքան
արուեստի
այդ
գործը
կը
բարձրանայ
իր
արժէքին
մէջ:
Այս
յղացքներուն
վարդապետական
ինքնաբաւութիւնը
քննութեան
ենթարկել
դուրս
է
իմ
ծրագրէս:
Արուեստի
գործը
ժողովուրդէն
կը
բխի,
բայց
զայն
չէ:
Ի՞նչ
պիտի
ըսէինք,
եթէ
Արմէն
Շիտանեանի
մը
կամ
Սմբատ
Բիւրատի
մը
զանգուածին
կողմէ
այնքան
հաճոյքով
փնտռուած
վէպերը
չափանիշ
ընտրէինք
արեւմտահայ
վէպին
գնահատման:
Դեռ
կան
ուրիշ
տարազներ,
օգտապաշտութիւն,
շինիչ
նկարագիր,
հասկնալիութիւն,
պարզութիւն
եւ
որ
ի
կարգին:
Քննադատին
պարտքն
է
ամբոխը
վարել
եւ
ոչ
թէ
ամբոխին
իջնել:
Այս
տեսակէտով
արեւելահայ
քննադատութիւնը
մեծ
մեղադրանքի
տակ
կ՚իյնայ:
4.
Օգտապաշտ.
—
Այս
ածականը
ընդհանուր
ցուցիչ
մըն
է
անոնց
գրականութեան
բոլոր
սեռերուն,
ամէնէն
աւելի
սակայն
վնասակար՝
դատելու
ճիւղին
մէջ:
Ինչպէս
վերը
ըսուեցաւ,
այդ
սկզբունքը
գործի
մը
արժէքը
կը
կապէ
զանգուածներու
մէջ
անոր
թափանցումի
կարողութեան:
Գիտենք,
թէ
երբեմն
ինչ
անհեթեթ
արդիւնքներու
կը
տանի
այդ
ակօսը:
Այսպէս՝
այդ
պարոններուն
համար
արեւմտահայ
քերթողութիւնը
թխածոյ
բառակոյտ
մըն
է
միայն,
քանի
որ
անոր
գեղեցկագոյն
էջերը
չեն
իջնար
զանգուածին
վայելումին:
Ու
մեծաբարբառ
կը
պոռան`
ո՞վ
կը
հասկնայ
Մեծարենցը,
օրինակի
մը
համար:
Ատոր
փոխարէն
արուեստի
յաջողակ
գլուխ-գործոցներու
կը
վերածուին
ամենատափակ
ոտանաւորներ,
որոնց
առաքինութիւնն
է
պարզութիւն
եւ
հասկնալիութիւն:
Ալեքսանդր
Ծատուրեան
մը,
Շուշանիկ
Կուրղինեան
մը,
Գամառ-Քաթիպա
մը
մեծատաղանդ
քերթողներու
կը
վերածուին
այս
տարազներով:
Հետեւանքն
այն
կ՚ըլլայ,
որ
Աբովեանի
քերթուածները
կը
մնան
չգերազանցուած
80
տարուան
évolution-ի
մը
ընթացքին:
Չեմ
ըսեր,
թէ
բանաստեղծ
մը
ժողովուրդէն
բաժնուելով
է,
որ
կը
մեծնայ,
բայց
այդ
ժողովուրդին
միջին
գիծին
վրայ
մշտապէս
պառկելով
ալ
չ՚աճիր:
Վարկածին
վկայ՝
ամբողջ
արեւելահայ
քերթողութիւնը,
զոր
կարելի
է
սրտի
մեծ
հանդարտութեամբ
ջուրին
տալ՝
առանց
որ
հայ
գրականութիւնը
բան
մը
կորսնցնէ:
5.
Բարոյամոլ.
—
Ճիշդ
այն
առումով,
որ
ընթացիկ
էր
օգտապաշտութեան
խողովակէն:
Թէեւ
արեւելահայերը
զերծ
մնացած
ըլլան
Մխիթարեան
ազդեցութենէն,
բայց
անծածկելի
է
անոնց
հակումը
դէպի
բարոյախօսական,
վարդապետական
մտայնութիւնը,
որ
կը
տիրէ
անդին,
60ական
թուականներէն:
Պոլիսը
շուտով
թօթափեց
ինքզինքը
ատկէ.
արեւելահայերը
զայն
պահեցին
ու
կը
պահեն
մինչեւ
այսօր:
Կ՚արժէ
յիշել
անոնց
սրտմտութիւնը,
ստեղծուած
աղմուկը
Վարուժանի
մէկ
քերթուածին
դէմ:
Ինչե՜ր
չվերագրեցին
մեր
մեծ
բանաստեղծին:
Ու
այս
ամէնը
յանուն
այն
գրքունակ
բարոյականին,
զոր
սորված
էին
մեզմէ:
Ու
տակաւին
հարցնել
բոլոր
այդ
համալսարանականներուն
(զի
դատողները
ամէնն
ալ
բարձր
ուսում
ունին)՝
ի՞նչ
ընել
գացած
են
այդ
Եւրոպան,
երբ
իրենցմով
գրականութիւնը
նոր
ակօսի
մը
մէջ
պիտի
չմտնէր:
6.
Ցեղապաշտ.
—
Անշուշտ
այս
բառը
կը
գործածեմ
հոս
ընթացիկ
իմաստէն
տարբեր
առումով:
Ըսել
ուզածս
այն
մասնայատուկ
ինքնաբաւութիւնն
է,
որ
դատելու
կանչուած
միտքը
կը
պահէ
իր
ծիրին
մէջը՝
զայն
արգիլելով
խորանալէ,
հեռանալէ
դէպի
օտար
մշակոյթները,
հոգեբանութիւնը,
արուեստի
ձեւերը
բերելու
եւ
անոնցմէ
չափանիշներ
գործածածելու:
Արեւմտահայոց
մէջ
այս
պարագան
երբեմն
գոյութիւն
ունէր
յանձինս
գրաբարագէտներու
(Մխիթարեան)
եւ
անոնց
այն
հետեւորդներուն,
որոնք
յետոյ
Պոլսոյ
մէջ
դպրոց
պիտի
կազմէին
ու
ստեղծէին
որձեւէգ
շրջանը
մեր
գրականութեան:
Հիւրմիւզի
անունով
երդում
ընող
այդ
խմբակը
տեսակ
մը
ճաշակի
ասպետներ
եղան :
Հարցը
երբ
կը
փոխադրենք
արեւելահայ
գետնի
վրայ,
կը
տպաւորուինք
այն
յաճախանքէն,
որ
անոնց
մէջ
ցեղային
տարրը
կը
յատկանշէ:
Ամէն
գնով
ցեղայնութիւն,
նոյնիսկ
տափակութեան
գնով:
Երբ
արուեստին
մէջ
այս
յղացքը
մոթիֆ
է,
դատումին
մէջ
աղէտ
կ՚ըլլայ:
7.
Տրամաբանող.
—
Որովհետեւ
ստեղծագործ
չէ,
որովհետեւ
փոյթը
չունի
գրելու,
այդ
քննադատութիւնը
խօլ
ու
խոր
հաճոյքով
մը
կը
թարթափի
discursive
զառիթափին
վրայ,
էջերով
քննութեան
կ՚ենթարկէ
այսինչ
կամ
այնինչ
դիւրին
արարքները,
անոնց
զսպանակները,
գնացքը,
կարծես
թէ
նորէն
գրելով
դրուագը:
Անկէ՝
անհանդուրժելի
շատախօսութիւն
մը,
որ
երբեմն
հատորներ
կը
լեցնէ:
Տրամաբանութեան
այս
հեղեղն
է,
որ
մա՛նաւանդ
երբ
վիպական
արտադրութեանց
վրայ
փորձուի,
յառաջ
կը
բերէ
եղերական
ծանծաղուտը,
ուր
կը
շարժի,
կը
թարթափի
միտքը՝
չկրնալով
ո՛չ
լողալ
եւ
ո՛չ
ալ
քալել:
Չմոռնալ
անշուշտ,
որ
դատումի
գործը
որոշ
չափով
ենթակայ
է
տրամաբանող
տիալեքթիքին:
Բայց
զայն
չէ
ամբողջութեամբ,
չի
կրնար
ըլլալ,
քանի
որ
արուեստի
գործ
մը
մեր
զգայարանական
աշխարհէն
իր
հիմնաuնունդը
կը
ճարէ
եւ
հետեւաբար
խառնուածքի
փաստ
մըն
է,
զոր
պէտք
է
շահագործել
կողմերովը
մեր
կարողութեանց:
Չեմ
գործածեր
մեծ
բառ
մը՝
intuition,
բայց
որ
տիրական
ճամբայ
մըն
է
դէպի
արուեստի
հասկացողութիւնը:
8.
Վիճարկու.
—
Վերի
paragrapheին
բնական
հետեւանքն
է
այս
հանգամանքն
ալ:
Երբ
կը
տրամաբանենք
ուրիշները
սխալ
հանելու
ճիգ
մըն
է,
որ
կ՚ընենք:
Այս
իսկ
պատճառաւ,
այդ
նկարագիրը
կառնէ
անոնց
մէջ
դատումի
ամէն
ձեռնարկ:
Պաշտպանուած,
կորսուած
դատեր,
որոնց
պաշտպանութիւնը
կամ
կորուստը
գերագոյն
նպատակը
կը
կազմէ
աշխատանքին,
երբ
չեն
հարցներ
մանաւանդ
կորիզը
վէճին:
Գիրքեր
կը
գրուին
այս
կամ
այն
անկարեւոր
հարցը
իբրեւ
թէ
լուսաբանելու
համար:
Որեւէ
քննադատական
յօդուած
ազատ
չէ
այս
մեղքէն:
Դէպի
հռետորութիւն
նայող
ու
փաստաբանութեան
յարող
այդ
քննադատութիւնը
հերքումն
իսկ
է
արուեստին:
9.
Հիմնական
պակաս
intuition-ի
(ներհայեցողութիւն).
—
Ամփոփ
կերպով
աչքէ
անցուած
վերի
ազդակները,
անոր
համար
գոյութիւն
ունեցան
վերի
քննադատութեան
մէջ,
վասնզի
բոլոր
դատողները
մէկ
կը
մտածէին
կէտի
մը
վրայ,
ու
այդ
մտածումն
ալ
ուրիշ
բան
չէր,
եթէ
ոչ
արուեստի
գործը
շփոթել
իմացական
որոշ
արտայայտութեանց
հետ:
Ահա
մեծագոյն
վրիպանքը
ոչ
միայն
այդ
քննադատութեան,
այլեւ՝
այդ
գրականութեան:
Արուեստը
ենթարկել
բարոյականին,
հասարակութեան
շահերուն,
իմացական
լուսաւորութեան,
ընկերութեան
բարւոքումին:
Հեռու
ինձմէ
սրբապիղծ
միտքը
արուեստը
quintessencié
եւ
մշուշային
ու
mandarinներու
յատուկ
զբաղում
մը
ընդունելու,
անոր
մերժելով
իր
սրբազան
դերը
ընկերութեան
մը
մէջ:
Արուեստի
գործը
ինքնին
բարոյացուցիչ
է:
Սխալը
հոն
կը
սկսի,
երբ
այդ
ինքնեկ
կողմը
մեկնակէտ
կ՚ընդունինք
եւ
կը
գրենք
կամ
կը
ստեղծենք
գեղեցկութեան
օտար
սկզբունքներու
հպատակելով:
Արեւելահայ
քննադատութիւնը
այս
սկզբունքը
չկրցաւ
ըմբռնել,
անոր
համար
է,
որ
բացի
վէպէն
(ուր
արուեստը
չէ,
որ
դարձեալ
ուշագրաւ
է
)
որեւէ
սեռի
մէջ
չունեցան
վճռական
գործեր:
10.
Պատմական
նիւթապաշտութիւն.
Երկու
սերունդ
այս
վարդապետութիւնը
առոք-փառօք
փոխադրեց
Արեւելահայ
գրականութենէն
ներս:
Չեմ
զբաղիր
առաջինովը,
որ
Դաշնակցական,
այլ
խօսքով՝
ընկերվարական
այդ
օրերու
գաղափարագրութիւնը
եւ
արժեցոյցը
կերտեց,
անոր
համար,
որ
կցկտուր
փորձերէն
անդին
չանցաւ,
մնալով
օգտապաշտ
հանգանակին
ամրօրէն
հաւատարիմ:
Երկրորդ
սերունդը,
որ
այսօր
տիրական
է
մեր
երկրին
մէջ,
երդում
կ՚ընէ
այդ
վարդապետութեան
անունով:
Դժուար
է
մեծ
այդ
վարդապետութիւնը
արժեզրկել՝
անոր
ուրանալով
իրականութեան
որոշ
տուեալները:
Միւս
կողմէ՝
նոյնքան
դժուար
է
այդ
վարդապետութիւնը
առաջնորդ
ունենալ՝
գնահատելու
համար
մեր
գրական
արժէքները,
հինը՝
ինչպէս
նորը:
Հաւատալ,
թէ
Պետրոս
Դուրեան
մեծ
բանաստեղծ
է,
որովհետեւ
ենթակայ
է
եղած
աղքատութեան
եւ
հետեւաբար
պատմական
matérialisme-ով
սեւեռուած
մեծ
օրէնքին
(որ
արուեստի
գործը
ուղղակի
միջավայրի
մը
բերումը
կը
դաւանի
եւ
արդիւնք
մը
դասակարգերու
բախումին)
նշան
է
անլրջութեան:
Ըրին
սակայն
ատիկա՝
արեւմտահայ
քերթողութեան
նուիրուած
գնահատման
ձեռնարկին
մէջ
դասակարգային
բախում
միայն
տեսնելով:
11.
Երկաթակուղպ
ճաշակ.
—
Զոր
շինած
են
ընկերաբանութիւն,
պատմութիւն,
թերեւս
փիլիսոփայական
ուսումներ
այդ
մարդոց
մօտ,
որոնք
բախտ
ունեցան
համալսարանէն
անցնելու,
դեռ
1850ին
նշմարելի
են
այդ
ճաշակին
մեծ
գիծերը,
որոնք
տրուեցան
վերը
զանազան
առիթներով:
Տխուր
բան
է,
որ
եռանդուն,
մտացի,
բայց
երբեք
արուեստագէտ
Նալբանդեանի
մը,
Նազարեանցի
մը
մտածողութիւնը
անխաթար
փոխադրուի
80ի
սերունդին,
անկէ՝
900ին,
եւ
անկէ՝
փոփոխութեամբ՝
930ին:
Երկաթով
պատուած
այդ
ճաշակին
բռնութիւնը
ոչ
նուազ
մեծ
ազդակ
մըն
է
արեւելագայ
քննադատութեան
գաճաճութեան:
Արուեստի
հիմնապայմանը
ազատութիւնն
է,
չմոռնալ
ասիկա:
12.
Արհամարհանք
արուեստին.
—
Ամէն
արեւելահայ
մտաւորական,
գրող
կամ
ոչ,
անփոխարինելի
արհամարհանք
մը
ունի
Արեւմտահայ
գրականութեան
վրայ:
Ուրկէ՞
կու
գայ:
Իրենք
իրենց
երբեք
չեն
հարցուցած
ատիկա,
մեր
գրականութիւնը
հոսհոսի
գործ
մը
դաւանելով:
Արդար
ըլլալու
համար՝
այս
արհամարհանքին
մէջ
ես
կը
ճշդեմ
մեր
բաժինը:
Գրաբարէն
ժառանգուած
հոսհոսութիւնը,
մեր
ռոմանթիզմին
ստուարագոյն
մասին
խեղճութիւնը,
Եղիայի
սերունդին
ձեւապաշտութիւնը
առաջին
տարրերն
են
այդ
արհամարհանքը
արժեւորող
անոնց
մօտ:
Մեր
ռեալիզմը
ուրիշ
բախտ
չունեցաւ,
սակայն,
անոնց
դատումին
առջեւ,
ու
մեր
շքեղ
արուեստագէտ
սերունդը
հիմնաւորեց
զանոնք
իրենց
անծակ
ինքնաբաւութեան
մէջ:
Այսքան:
Բայց
պարզեցման
եւ
ուրացման
եւ
անգիտակցութեան
սա
գնացքը
չեմ
գիտեր
ինչու
չգործադրեցին
մա՛նաւանդ
իրենց
իսկ
գրականութեան
վրայ
եւ
մնացին
հաւատարիմ
60ի
սերունդին
–
խորապէս
ընկերական,
վերանորոգչական
եւ
հետեւաբար
ոչ-արուեստագէտ
գաղափարագրութեան:
Նալբանդեան
մը
ժամանակ
չունէր
արուեստի
հարցերուն
տալու
համար,
բայց
Շիրվանզադէ՞ն,
Թումանեա՞նը,
Իսահակեա՞նը:
Ասոնք
մարդեր
են,
որոնք
կարելի
պատշաճութիւնը
գտան
իրենց
միջավայրին,
որոնք
շփումի
մտան
եւրոպական
արուեստի
մեծ
հոսանքներուն
հետ,
բայց
որոնց
մտայնութիւնը
մազի
չափ
չփոխուեցաւ
հանդէպ
արուեստին,
որուն
դէմ
անոնց
կեցուածքը
նոյնքան
ամբարիշտ
է,
որքան
բարբարոս.
կը
փորձուիմ
այս
կեցուածքը
մօտեցնել
Բ.
եւ
Գ.
դարերու
յոյն
եւ
լատին
գրողներու
ատելագին
այն
զգացումին,
որով
անոնք
ուրացած
կ՚ըլլան
սեփական
իրենց
գրականութիւնները
առաւելապէս
անոնց
հեթանոս
նկարագրէն
դիտուած:
Եկեղեցւոյ
հայրերը
իրենց
դատին
կը
ծառայէին:
Յանուն
ո՞ր
իրաւունքին
արեւելահայերը
մէկդի
կը
նետեն
գեղեցիկ
մեր
ճիգը
ամբողջ
թրքահայ
գրականութեան
մէջ
Պարոնեան
մը
միայն
տեսնելով:
Ասիկա
հարցում
մըն
է,
որ
պատասխան
չունի:
13.
Անոնց
մօտ
վարժապետներուն
գիտութիւն
մըն
է
քննադատութիւնը.
—
Այս
հաստատումը
կու
գայ
անոնց
մտաւորական
պատրաստութեան
կերպէն:
Ըսի,
թէ
մեծ
մասով
անոնք
անցած
են
համալսարանական
խողովակէն,
որով
նախասիրութիւն
ունին
ընկերաբանական
երեւոյթներու
մէջ
կիրարկուած
մեթոտը
փորձելու
արուեստներու
գետինին
վրայ:
Նման
աշխատութեան
եղանակ
մը
շատ
մօտէն
կը
յիշեցնէ
վարժապետական
ու
մեկնողական
թեքնիք
մը:
Ըսի,
թէ
կ՚արհամարհեն
գրելը,
որուն
գիտութիւնը
արդէն
չայցելեց
ամբողջ
Արեւելահայ
գրականութիւնը,
կ՚աւելցնեմ.
մեկնելը,
բացատրելը,
կամովին
կուրութեամբ
մը
կը
շփոթեն
ստեղծագործ
դատումին
հետ:
Մինչ
արեւմտահայ
քննադատական
էջերը
երբեմն
իբր
արուեստ
կատարեալ
յաջողուածքներ
են,
արեւելահայ
որեւէ
վերլուծում
գրական
հարցի
մը
կամ
գործի
մը
շուրջ՝
չի
կարդացուիր,
վասնզի
բացի
ոճի
անհուն
թափթփածութենէն,
մտածական
մարզանքի
այնպիսի
pédantisme
մը
կը
տիրապետէ
անոնց
մօտ,
որ
մարդ
կը
զղջայ
սկսած
իսկ
ըլլալուն:
14.
Պատմական,
գիտական,
ընկերաբանական,
բանասիրական.
—
Այս
կալուածներուն
մէջ,
անիկա
այսօր
ձեռք
է
բերած
որոշ
առաւելութիւն
մը
արեւմտահայ
վաստակին
վրայ
(պէտք
է
դուրս
ձգել
Վիեննականներն
ու
Մխիթարեանները,
որոնց
աշխատանքը
եւրոպական
է
գերազանցօրէն):
Այս
գերազանցութիւնը
հրաշք
մը
չէ,
եթէ
նկատի
ունենանք
արեւելահայ
մտաւորականներուն
պատրաստութիւնը:
Ըսի,
թէ
ստուարագոյն
տոկոսով
մը
կու
գան
համալսարանէն.
գերմանական
եւ
ռուսական
բարձր
մշակոյթներու
մէջ
տարիներով
թարթափանքը
եթէ
գրագէտ
մը
չի
ստեղծեր
միշտ,
միշտ
ի
վիճակի
կ՚ընէ
աշխատանքի
մարդ
մը
որոշ
արդիւնքի
առաջնորդել,
այսպէս՝
դեռ
1850ին
Լազարեան
ճեմարանը
պատիւով
ձեռնարկեց
հայ
պատմական
բանասիրութեան
մշակումին:
Անոնց
մօտ
60ի
սերունդը
նոյն
պատրաստութեամբ՝
ինչպէս
է
պարագան
արեւմտահայոց
համար,
որդեգրած
է
առաւելապէս
գիտական
կեցուածք:
Նազարեանց
մը
հաստատուն
միտք
մըն
է
եւ
շատ
շահեկան
եզրակացութեանց
կ՚առաջնորդէ
հետաքրքիր
դատող
մը,
երբ,
օրինակի
համար,
բաղդատուի
արեւմտահայ
անուանակից
Ստեփան
Ոսկանին:
Զուր
տեղը
չէ,
որ
Գր.
Օտեան
Հիւկոյի
վրայ
իր
հիացումը
պիտի
քաշքշէ
մինչեւ
իսկ
պետական,
նախարարական
սեղաններէ
ներս՝
չազատագրուելով
անխուսափելի
ռոմանթիզմէն:
Անդին,
իրեն
պէս
խանդավառ
ուրիշ
երիտասարդ
մը՝
Մ.
Նալբանդեան,
«Ազատութեան
երգը»
պոռալով
հանդերձ,
երկրագործութեան
վրայ
պիտի
գրէ:
Այս
զուգակշռումը
հարկ
չեմ
տեսնար
երկարել:
Հոն՝
ուր
վիճակագրութիւն,
ազգագրութիւն,
հաւաքում,
հաստատ
խուզարկում,
խղճամիտ
ստուգում
դէմքերէ,
դէպքերէ,
շրջաններէ,
մտայնութիւններէ
կու
գան
առաջին
գիծի,
հոն
արեւելահայերը
ունեցած
են
արդիւնաւոր
աշխատանք:
Արեւմտահայերը
արգիլուած
են
անկէ
թերեւս
քաղաքական
պայմաններու
ճնշումով,
թերեւս
պատրաստութեան
պակասէն,
ու
թերեւս
ուրիշ
ազդակները
պակասէն,
որոնք
սակայն
այս
վճիռին
մէջէն
բան
չեն
կրնար
փոխել:
Քննադատը՝
սերունդ
մը
ետք,
ճիգը
կը
տեսնէ
անշուշտ,
կը
հասկնայ
ալ
անոնց
գեղեցկութիւնը,
թերեւս
հիացման
եւ
սրտազեղման
բառեր
ալ
ճարէ
այդ
սերունդին
հասցէին,
բայց
կը
դատէ,
պարտաւորուած,
արդիւնքը
միայն:
Եւ
այդ
արդիւնքը
աննպաստ
է
արեւմտահայ
մտքին,
850-930
գրեթէ
գործ
մը
չունի
ուշադրութեան
յանձնելու
Արեւմտահայ
գրականութենէն,
այս
paragrapheով
սահմանուած
աշխատանքներուն
վրայ:
Մինչդեռ
միայն
Լալայեանցի
ազգագրական
հանդէսը
կը
հակակշռէ
արեւմտահայ
ամբողջ
վաստակը
այդ
ուղղութեամբ:
15.
Համայնական
ակնոցին
տակ
սպաննող
է
անիկա,
որքան
ճամարտակ.
—
Արեւելահայ
քննադատութեան
բոլոր
կոշտ
բնազդները
եւ
թերի
ստացումները
իրենց
լրումը
կը
գտնեն
քննադատական
այն
դրութեան
մէջ,
որ
խորհրդային
կարգերու
նուէրն
է
մտքին՝
իր
բոլոր
մարզերուն
վրայ:
Յատկանշական
է,
որ
նախա-Հոկտեմբերեան
Արեւելահայ
գրականութիւնը
այնքան
զգոյշ
ըլլայ
դատելու
հարցին
մէջ,
եւ
շատ
քիչեր
միայն
մղէ
ապերախտ
այդ
ճիգին:
Միւս
կողմէ՝
այնքան
անպատասխանատու
կերպով
առատ
եւ
յաւակնոտ
ըլլայ
դատել
յաւակնողներու
բանակը
Հոկտեմբերէն
ասդին:
Հոն՝
ամէն
գրիչ
շարժող
ամէն
բանէ
առաջ
քննադատ
է:
Եւ
որովհետեւ
մէկ
է
ակնոցը,
որ
բռնադրուած
է
անոնց
աչքին,
հասկնալի
կը
դառնայ
ի՞նչ
սպաննող
միօրինակութիւն
եւ
դատարկութիւն
է
համազգեստաւոր
այդ
բերաններուն
բղաւածը
մեր
արժէքներուն
երեսին:
Ուրացում
է
եւ
միակտուր,
մօտիկ
անցեալի
երկու
գրականութեանց
համար
ալ:
Այս
վճիռը
անողոք
է,
որ
քան
անարդար:
Արեւմտահայ
գրականութենէն
անոնց
արտագրութիւնները
մանրամաղ
քննութենէ
մը
ետքը,
ուրիշ
բան
չեն
փաստեր,
եթէ
ոչ
կարգախօսը
իրագործել
կարենալու
պատեհութիւնը
օգտագործել:
Դուրեանի
ոտանաւորները
արտագրելէ
առաջ՝
պէտք
եղաւ
Դուրեանը
վերլուծել
դասակարգային
պայմաններու
լոյսին
տակ:
Կը
տպեն
Զօհրապը,
վասնզի
կ՚ատէ
քաղքենին:
Ի՞նչ
ըսել
այն
անլուր
եռանդին,
հաւատաքննական
այն
խստութեան,
որ
այսօր
իրենց
կարողութիւնը
կը
շղթայազերծէ
ոչ
միայն
մեր
անցեալ
գրականութեան
դէմ,
այլեւ
անոնց,
որոնք
մէկ
շաբաթ
առաջ
միասնաբար
անցեալ
մը
կը
կառուցանէին:
Այն
անսրբագրելի
ատելութիւնը,
զոր
կը
զգայ
այդ
դպրոցը
հոգեկան
ծփանքներու,
խորութեան,
երազանքին,
եւ
այն
ամէն
նիւթին
հանդէպ,
որոնցմով
լեցուն
եղած
է
ազգերու
բանաստեղծութիւնը
հազարաւոր
տարիներէ
ասդին,
այդ
ատելութիւնը
չափազանց
դժբախտ
կ՚ընէ
մարդիկը,
նմանցնելու
չափ
զիրենք
կոյրերու,
որոնք
հրաւիրուած
ըլլային
վճիռ
տալու,
գոյներու
վրայ:
Աղմուկ,
փրոփականտ,
հայհոյանք,
հռետորութիւն,
հակաճառութիւն,
արհամարհանք,
կամաւոր
կղզիացում,
—
ահա՛
քանի
մը
տիրական
կողմեր`
թերթերու
մէջ
մեծաղաղակ
բարբառով
գրելու
այդ
ձեւէն :
Ոչ
ոք
մտքէն
կ՚անցընէ
Հայաստանէն
ասդին
այդ
ամէնուն
տալ
դատումի
տիտղոս
մը:
Արեւելահայ
քննադատութիւնը
մեռած
է
քսան
տարուան
մը
համար,
ինչպէս
մեռած
է
նաեւ
անոնց
վէպը
ու
անոնց
թատրոնը:
Քանի
որ
առանց
ազատութեան
կարելի
չէ
արուեստ: