Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՂԻՇԷ ԵՊՍ. ԴՈՒՐԵԱՆ

Եղիշէ եպս. Դուրեան մեր ամէնէն բարձրագոյն զարգացում մը իւրացուցած մտաւորականներէն է։ Ապրած է այն տենդալի ու այլամերժ աշխատանքի կեանքը, զոր եւրոպացի մեծագոյն մտածողները՝ Թէն, Ռընան, Քարլայլ, Սփէնսըր եւ ուրիշներ պարտադրած են իրենց ուղեղին։

Երկար տարիներ թափառած է այն ստորերկրեայ մթութիւններուն մէջ, որոնք կը կոչուին բանասիրութիւն, պատմութիւն, իմաստասիրութիւն, հնագիտութիւն, եւայլն։

Ուղեւոր մը եղած է ան, լոյսէ զուրկ հանքերու հետաքրքիր խուզարկուն։ Տասնով-քսանով տարիներ, որեւէ գոյնէ, օդէ հեռու, ան ապրած է անցեալին խոնաւ ու փոշոտ կամարներուն տակ։

Իր երեւումէն առաջ, ատեն-ատեն այլ քննութեան վայրերէն մեզի ղրկած էր հանքի նմոյշներ։ Բանասիրական, լեզուագիտական, պատմական գեղեցիկ քարեր գտած էր, որոնք իրենց մեռած ու չնաշխարհիկ իրերու հանգամանքովը իրեն պէս խոժոռ մտածողներու, յամառ երազողներու ու չյոգնող երկրախոյզներու թանգարանները գացին հանգչելու։ Դուրեան սրբազան գիտուն մըն էր. գիտուն հմուտ մը, որ հաւաքածոներ կազմելու, թուականներ լուսաբանելու, անուններու սխալները ճշդելու տխուր ու աննախանձելի դերը իւրացուցած ըլլալ կը թուէր։

Բայց երջանկութիւն մը եղաւ մեզի համար ստուգելը, թէ սրբազանը այդ մռայլ գետնափորներէն դուրս եկած էր զարմանալի, գրեթէ հրաշալի մորթափոխութեամբ մը։ Անհաւատալի գեղեցկութեամբ, տարաշխարհիկ բոյրերով, վարդով ու արեւով վառող գոյներով ծաղիկներ բերած էր ան այդ ստուերոտ լռութեանց մէջէն։

Հանքէն դուրս կը թռչէր թիթեռնիկի մը տարօրինակ փետուրներով ու հիանալի կենդանութեամբ։

 

* * *

Հովուական սրինգը անակնկալ մը ու միանգամայն լուրջ յայտնութիւն մը եղաւ մեզի։

Կրօնական քերթուածներ տարտամ անունին տակ, Դուրեան եպիսկոպոս կը խորհէ՞ր արդեօք ԺԹ. դարու վերջին քառորդին մէջ կեանք առած գրական շարժումի մը փորձարկութիւնը ընել մեր մէջ։ Կարելի՞ էր արդեօք, երբ տարակոյսի հովերը այնքան համարձակօրէն կ՚ալեկոծեն մեր ներսը, վերագտնել հին դարերուն հոծ ու ծիրանի երգը։

 

* * *

Հելլէն գեղեցիկ աստուածները մեռան, բարբարոս Եհովան բռնապետ Ալլահի մը վերածուած՝ անապատներուն ամայի լռութեանց մէջ ապաստան գտաւ։ Նազովրեցիին գեղեցկութիւնը բզիկ-բզիկ ըրին. հնդկական Սաթիա-Մունիին մէջ ժխտող իմաստասիրութիւն մը միայն խոստովանեցան։

Այս խորտակումներէն, աւերներէն ետքը, արդի միտքը պիտի մտիկ ընէ՞ր հին հաւատքին հզօր շեշտը։ Ասիկա խնդրական էր ահաւասիկ ու Դուրեան վտանգին գիտակից յանդգնութեամբ մը հրապարակ եկաւ:

Միսթիքականութիւնը գրական սեռ մը չէ։ Ան մասնակի հոգեկան վիճակ մըն է, որ յարաբերական կապեր ունի շրջապատող մթնոլորտին հետ։

Չափազանցութիւն մըն է ան, սովորական ու խելօք մտածումի սահմաններէն անդին անհաշիւ սլացք մը։ Մեծ իտէալին շուրջ այս սաւառումները յաճախ այնքան լայն, այնքան երկարատեւ են, որ հոգին վերջապէս իր երազին վրայ կը կաղապարուի։ Միսթիքները այդ վայրկեանէն անդին երազամոլներ են գրեթէ միշտ. աշխարհին վրայէն կ՚անցնին իրենց աչքերը վեր՝ «անճառ» լոյսին սեւեռուն։ Այս կը բացատրեն բոլոր կրօնքներուն մարտիրոսները, ճգնաւորները եւ ֆաքիր ները:  

Հոգիի այդ վիճակը երբեմն կը տարածուի ամբողջ շրջաններու վրայ։ Անհատ երազողներու երազները կը բացուին ժողովուրդներու զանգուածներուն վրայ, ու զարմանքով կը տեսնենք մարդերու խումբեր, որոնք անհուն ուրուականէ մը հալածական՝ Արաբիայէն Ափրիկէ կը թռին կամ Եւրոպայէն Ասիա կը նետուին։

Ասոնք երեւոյթներ են, որոնք իրենց որոշ արտայայտութիւնը գտած ու վերջացած են։ Չափազանցութեան այդ հեղեղը հիմա կարելի է քաշուած նկատել մարդու մտածումէն։ Կը մնան սակայն ծփանքի յետին ոլորտները, որոնք ծովեզրի ջուրին պէս մերթ կը քաշուին ներս պղտոր ու մռայլ, մերթ դուրս կու գան ամէնասիրուն փրփուրներ վառելու աւազին վրայ: Գրեթէ ամէն դարու մէջ միսթիքականութիւնը, իր տկար ձեւին տակ, իտէալիզմ անունով կու գայ միտքերը գրաւելու։ Իր բարձրագոյն կէտին հասնելէ վերջ տեղատուութեան մը առջեւ խոնարհելով, կը ձգէ իր տեղը ռեալիզմին ու այսպես շարունակաբար։

Ընդհանուր հոսանքներէն դուրս կան սակայն զատ անհատականութիւններ։ Ասոնք հսկայ փարոսներու պէս մարդկութեան ծովին վրայ մինակուկ կը փռեն իրենց կարմիր ու խելացնոր բոցը։ Անցորդները անոնց կը նային պահ մը շլացած ու կ՚երթան իրենց ճամբան:

Միսթիքական ոգին մարդուն մէջ տեղաւորուած է շատ երկար կուտակումի մը միջոցով: « Մենք չենք կրնար մեռելներուն կռնակ դարձնել, մեր մտածումները, մեր շարժումները մերը չեն », կ՚ըսէ շատ իրաւունքով ֆրանսացի խորունկ մտածողներէն մէկը։

Այս ընդհանուր տեսութիւնները մէջ բերի, որովհետեւ Դուրեան մեր ամէնէն մաքուր եկեղեցականն է եւ իր բանաստեղծութիւնը ստիպուած ենք ընդունիլ իբր անկեղծ երգը հոգիի մը, որ բոլորովին չէ տարուած երկինքին շառայլէն։

Այս ընդգծումը կարեւոր է ինծի համար։ Հայ բանաստեղծութեան մէջ, մա՛նաւանդ 1850-1910, զարհուրելի զանգուած մը կայ կրօնաշունչ քերթուածներու: Այս տափակութիւններուն արժէքը շատ յայտնի է։ Բայց քիչ մը նուազ տարակուսելի չեն նաեւ կարգ մը նորերու ու նոյնիսկ նորագոյններու բացագանչական յորդումները հանդէպ Յիսուսներու, զորս յաւիտեան սիրել պիտի չկրնան։

Դուրեան սրբազանին մէջ հաստատումներ ընելը դժուար է: Անոր հոգին իր տողերուն մէջ այնքան ինքներանգ ծաւալում մը բերած է, որ չենք կրնար ուրիշ բաներ տեսնել իր մէջ` գեղեցկութեան հզօր, գրեթէ աստուածային ճառագայթումէն զատ:

Իր գիրքովը ան մեզի կը բանայ նոր, մասամբ անծանօթ տիեզերք մը։ Իր երկինքը բոցավառ ու սպառնացող ու մեզի շատ մօտիկ, մեզմով կարելի հորիզոն մը չէ։ Իր Աստուածը շանթ ու պատուհաս չունի։ Իր Յիսուսը, հակառակ իր արիւնոտ կողերուն, իր խարազանին, իր ձիւն թեւերուն, դասական աստուած մը չէ։ Իր ոտանաւորներով ան կու տայ մեզի նոր աստուածութիւն մը, գեղեցկութեամբ, մշուշով ու գոյնով շատ տարբեր Նարեկացիին Աստուածէն:

Յետոյ իր գիրքը հանդէպ երկինքին տարտամ է շատ: Կրնամ գոնէ կասկածիլ, թէ հաւատքի երգիչ մը չէ։

Իր քերթուածները լեցնող, դողացնող ոգին, արիւնի յորդ զեղումը չէ Միջին Դարու աստուածատեսներուն։ Չունի անոնց միայն յատուկ զգացումի ուժգին, խանդաբորբ փոթորիկներ, ինքնամոռաց պչուցումներ, կայծակուող երազանքներ։ Նազովրեցիին դարը ոգեկոչած ատենն իսկ թեթեւ ժպիտ մը կայ իր շրթներուն վրայ, կախարդի ժպիտ (ինչպէս Ռնանինը), որ լեցուն իրականութեան վրայ բարակութիւն մը, ծփանք մը կը խաղցնէ մեր աչքերը պարուրելով թեթեւութիւններու մէջ, որոնք իրենց թափանցիկ հանգամանքով իրականութիւնը խորհրդաւոր անորոշութեամբ կը սաղեն, կը քողեն։

Կարդացէք Անառակը ։

Աղօթելու այս եղանակը գեղեցիկ է միայն։ Մինչդեռ միսթիքներուն մէջ աղօթքը միտքի խաղ մը չէ։ Նարեկացին չի գիտեր իր երգը, չի խորհիր իսկ անոր գրական արժէքին վրայ։ Այդ կարգի ուղեղները իրերուն հոգիէն անդին կ՚անցնին, Անծանօթին, Անհունին դուռներուն առջեւ տենդահարօրէն կը թրթռան: Իրենց յոր դումը, բաբախումը անգիտակից է։ Ու երբ իրենց բաց աչքով ապրուած երազները փորձուին գրի առնելու, ինչպէս ըրած է Պընիան, երբեք գրական յաւակնութիւն պիտի չունենան: Իրենց զգալու, տեսնելու եղանակին տարօրինակ սաստկութիւնը պիտի արձագանգէ իրենց պատկերներու վրայ: Տարուած ներն են անոնք, Զօհրապին բառով շլացած ները, որոնք միշտ նոյնն են եղած մարդուն ծագումէն ի վեր։ Անոնք կը մտածեն գերազանցապես պատկերներով, թող կոչուին Շեքսփիր կամ Փասքալ, Նափոլէոն կամ Նարեկացի, Պղատոն կամ ՌԷնպo։

Այս փակագիծը՝ պարզելու համար, թէ Դուրեան չ՚ուզեր կամ աւելի ճիշդը` չի կրնար սրտի խորքէն, աղիքներէն փրթած, ցաւով ու վախով բոլորովին տրոփուն ճիչեր գտնել։

 

* * *

Դուրեան շատ մշակուած զգայնութիւն ( sensibilité ) մըն է։

Այդ զգայնութիւնը հակառակ իր նրբացած ըլլալուն, խճող ու նուաղուն չէ երբեք։ Եպիսկոպոսը կը տպաւորուի գրեթէ զգաստ եղանակով մը։ Իր վրայ ինկող ճառագայթներն ու սարսուռները բեկումներու խօլ ցրւումներու չի տանիր, գրեթե միշտ կը յաջողի պահել զանոնք բաւական լուսաւոր ոլորտի մը aura ին մէջ։

Այս իսկ է պատճառը, որ իր աղօթքներուն ու իղձերուն մաքրութեան եւ ճերմակ գեղեցկութեանը վրայ կը հիանանք եւ որոնք սակայն մեր սիրտին մէջ թելեր չեն դողացներ։

Իր զգալու եղանակը ուրեմն աւելի նրբացած արուեստագէտի մը, քան թէ հաւատաւորի մը ընկլուզող ու մութ տաժանքի տպաւորականութիւնն է։ Կը զմայլինք իր աչքերուն վրայ, որոնք իր հոգիին մէջ ինկող իրերը պրիսմակէ կ՚անցընեն, անոնց կոշտութիւնն ու դանդաղութիւնը կը հալեցնեն, ու երբեմն թեթեւ ծիածաններ կը խաղցընեն անոնց շուրջը:

Դուրեան սրբազանի գիրքը կը պատկանի գեղարուեստի կալուածին։ Կիները պիտի չկրնան զայն սիրով կարդալ: Արդէն ինծի համար անոր մէջ արուեստագէտը այնքան նրբին ու շահեկան է, որ պէտք իսկ չեմ զգար հաւատացողը փնտռելու։

Բայց այս գեղագէտ բանաստեղծը լայնօրէն քնքուշ ու խորունկ յուզումներ կը գտնէ, երբ կը խօսի ամէնէն աւելի բանաստեղծական էակին՝ կնոջ վրայ։

Աւանդական ճշմարտութիւն մըն է, թէ մեր հին մատենագրութեան մէջ գրեթէ այլամերժօրէն կը տիրապետէ միսթիք ոգին։

Այս վարկածը պարտադրող յարգելի քննադատները սիրած են մեր հին գրականութիւնը տեսնել իր մակերեսին մէջ միայն։ Միսթիքականութեան մշուշը, որ ծայրէ ծայր կը ձգուի մեր գականութեան վրայ ամբողջ տասնհինգ դար, իրաւամբ այնքան խիտ է, որ իր տակ կը թաղէ մեր երեւակայութեան ամէնէն ինքնատիպ թրթռումները։

Բայց ուշադիր վերլուծող մը այդ խունկերուն ընդմէջէն կրնայ նշմարել թանկագին վառքը գեղեցկագոյն ծաղիկներու: Այսպէս շարականներու վարդապետական բոլոր չորութիւններէն ու մտամարզական յաճախ հետեւակ, երբեմն շատ բարձր խաղերէն դուրս, մենք կը հանդիպինք հրաշալի արուեստով եւ ամէնանուրբ հիւսքով երգերու։ Ասոնք առաւելապէս կը ներկայանան մեզի Մեծացուսցէ ներու ձեւին տակ։

Բոլոր Մեծացուսցէ ները գրեթէ քիչ բացառութեամբ, ամէնէն անուշ ծաղիկներն են հայ մտքին։ « Մայր Սուրբ սքանչելի լուսոյն » աղօթքը իր մեծապէս տպաւորիչ եղանակովը ու ամէնախորունկ մարդկայնութեամբը դիւցազներգութեան մը հմայքը կը թողու իմ վրաս։ Անահիտն է, որ կ՚օրհնուի անոր մէջ. «Աղբիւրներուն ջուր» կը պաղատին, «առատ պտղաբերութիւն» կ՚աղերսեն հայ վանականները Ամէնօրհնեալ Տիրուհիէն։ Ոչ մէկ եկեղեցի այդքան խանդաղատանք կրցած է դնել իր պաշտամունքին մէջ հանդէպ Աստուածամօր։ Հայ վանականները արեւի, լոյսի ու կնոջ երգը երգած են ամէնաճոխ ու բարձրօրէն մաքուր, յաճախ շատ յանդուգն սաւառնումներու մէջ։

Կնոջ երգերը, չարաբաստօրէն արգիլուած հայ վանականին, իրենց այդ ձեւին մէջ, երկնային մօր լոյսովը թրթռուն՝ պիտի մնան հայ գրականութեան լաւագոյն ու ամէնէն աւելի զգացում պարունակող քերթուածները։

Եղիշէ եպիսկոպոս կը պատկանի այդ վանականներու փառահեղ սերունդին։ Իր կոյսն ալ պահած է ողողող պայծառութիւնը հին Աստուածամայրին։ « Արեւելք », « Անկիզելի մորենի », « Օթարան լուսածին », « Անտանելւոյն տաղաւար » հրաշալի բացատրութիւններով, ամէնայանդուգն գիւտերով փառաբանուած կոյսը իր արժանի երկրպագուն կը գտնէ Եղիշէ սրբազանին մէջ։

Կարդացեք Մի՛ մերձենար յիս ը։ Ես հանդիպած չեմ այդքան պերճ ու uակայն այդ աստիճան կենդանի, այդքան սրտէն եկող ու այդքան մտքի լոյսով աննիւթացած կնոջ պատկերի մը։ Ամէնաճարտար հնագիտութեամբ մը, որուն քով տկար կը մնան միսի մեծ երգիչներուն բոլոր համարձակութիւնները, Դուրեան նկարագրած է Սոմնացին, անոր ցանկայարոյց միսին բոլոր փայլակումներովը, ծիծերուն ողկոյզներովը, հոտերուն ու քայլերուն, նայուածքին ու պչրանքին թովանքովը, միշտ անկարելի յաջողութեամբ մը պահելով իր վարդապետի սրբութիւնը։ Իր աչքերը այդ ցանկայարոյց մարմարին վրայ պտտցուցած է շատ լուրջ արժանապատուութեամբ մը, երբեք չիյնալով իր հրաշալի բարձրութենէն ու վեղարաւորի սգաւոր ազնուութենէն։ Յաջողութեան այս գաղտնիքը արդէն նոյնն է հին վանական երգիչներուն մէջ ալ, որոնք ճառագայթն ու ձիւնը իրարու հարս կու տային։

Կոյսին պատկերը, Աւետումը, Այրիին զրոյցը եւ դեռ ուրիշներ նոյն սեռէ քերթուածներ են, քանդակավայել գեղեցկութեամբ մը, հելլէն արձաններուն պաղպաջուն ճերմակովը վառող։ Այրիին զրոյցը մա՛նաւանդ իր իրապաշտ թօնովը իր նրբին ժուժկալութեան մէջ կը ներկայացնէ մտային նոր վիճակ մը, որուն նմոյշները հոս ու հոն տարտղնուած են գրքին մէջ։

 

Կնոջ երգերէն զատ, Եղիշէ սրբազան գրած է նաեւ ուրիշ շեշտով երգեր։ Չենք կրնար անոնց համար սիրտը իբր ակ ընդունիլ։ Անոնք անճանաչելի ըլալու աստիճան նրբացած հոգիի մը բաբախումներն են, կէս միսթիք, կէս փառաւոր լուսաւորութեան մը մէջ, որ ժամերուն, խորաններուն սքողուած օծութիւնն ունի:

Ետեւէս եկուր ը Նազովրեցիին վարդապետութեան անկիւնաքարն իսկ է: Բայց Դուրեան շուտ կ՚ազատէ զինքը վերացական բացատրութիւններուն շուրջառէն։ Աշակերտին կ՚ուղղուի լեզուով մը, ուր բառերը պատկերներ են։ «Լիճերուն» ջուրը, «լեռներուն» սնդուսը, «արեւին» ոսկին ու «ամպերուն» վարդը, ահա յաւիտենապէս գեղեցիկ լեզուն կամ աւելի ճիշդը՝ ահա Դուրեան սրբազանը` իր առարկայացած կերպարանքին մէջ։ Որովհետեւ Շոփէնհաուէրի սահմանումով, արուեստին մէջ իտէալը անհատ մըն է։

Մարդուն ստեղծումը ին մէջ Դուրեան կը մօտենայ տեսանողներու փայլակներուն, Եզեկիէլը, Հիւկոն, Նարեկացին կը յիշեցնեն այդ տողերը։ Հակադրութիւններէն յանդուգն մերձեցումներէն կը ստեղծուի մաքուր, գաղափարային գեղեցկութիւն մը, զոր բառերը կը ղեկավարեն ճարտար յաջորդութիւններով։ Բայց ասկէ մի հետեւցնէք, թէ ոտանաւորը բառային (verbal) արժանիք մը միայն ունի։ Իր ոտանաւորին շէնքը, ինքնին այնքան գոթական ու խորանիստ, պէտք չունի այդ օգնութեան։

Բանաստեղծ եպիսկոպոսին հոգեբանութիւնը պակաս չգտնելու համար, ընթերցողին կը յանձնարարեմ կարդալ Անտառին մէջ քերթուածը։ Հոն, բարի, ազնուապետական, ծիրանի քուրմն է ան, որ ծառերուն սխրալի մեծվայելչութենէն գինով՝ անոնց մէջ գրեթէ գերբնական արժանիք մը կը խոստովանի։ Ամբողջ բնութեան վրայ տարածուելու այս կարողութիւնը մեծագոյն բանաստեղծներուն միայն յատուկ է։ Մտքի ամայութիւններուն վրայ բոցի, լոյսի աշխարհ մը ստեղծելէ ետք, հին դարերու հոգին ապրելու դժուար կարելութիւնը գտնելու չափ անկախ ըլլալէ ետք, կնոջ ու մեղքին վրայ, Ա. Յարութիւնեանի բացատրութեամբ, նոր « Երգ-երգոց » մը հրաշերգելէ վերջ՝ Դուրեան սրբազան հնդիկ համաստուածութիւնը կ՚ուզէ ներբողել Անտառին մէջ ։ Ու ես միշտ սարսուռով մտած եմ անտառը, ուր մեծ կեանքը անհասկնալի ու ահարկու ձեւի մը տակ, խոտերուն նիհար ցօղունին ու սօսիներուն ամբարձիկ գագաթին մէջ կը թաւալի անընդհատ, միշտ ողջ ու միշտ մեռած։

Ահա համառօտ գիծերու մէջ Դուրեան սրբազանը իր մեծ երեսներով: Վերլուծումի տակ չ՚իյնար անոր հոգին: Փնտռողները անոր երգերուն մէջ պիտի գտնեն անորոշ մելամաղձութիւն մըն ալ, որ պարբերութեանց յօդուածներէն կը փակուի թեթեւ բուրումով մը։ Այդ տրտմութիւնը չի սահմանուիր, բայց ինծի այնպէս կը թուի, թէ մտածման, գիտութեան, խորունկ հայեցողութեանց ոչինչէն կու գայ ան, ապահովաբար ծնունդ առած ուղեղի այն ընդարձակութեանց մէջ, ուր տիեզերքը բացատրելու աշխատող հոյակապ երազները շարունակ իրարու կը զարնուին եւ իրար կը փշրեն, անմեկնելի անստուգութեան մը վախը քաշելով իրենց ետեւէն:

Այս թախիծի նոթը շատ սքողուած է իր մէջ։ Զայն չզգալու համար պէտք պիտի ըլլար իր եղբօրը այնքան տառապագին շեշտը մոռնալ։ Այս տեսակէտով թերեւս դժբախտ բանաստեղծ մըն է Եղիշէ Դուրեան։

Իր վարանումները, իր այսքան ուշ, երգելու հազիւ համարձակիլը կը բաւեն իր հոգին բացատրելու: Շուքի մը սեւը կայ իր տաղերուն մէջ։

 

* * *

Արուեստի գործ մը կրնանք երկու որոշ հայեցակէտով տեսնել։ Գործը ոգեւորող զգացումը սեւեռելէ վերջ, որ դժուարագոյն աշխատութիւնն է քննադատին, կը մնայ արտայայտութեան գործիքն ալ երկրորդաբար ուշադրութեան առնել։

Դուրեանի մէջ ոճը տարօրինակ ըսուելու չափ ինքնատիպ է։ Իր բառերը՝ յաճախ ժուժկալ՝ վերջնական են։ Անոնց ընտրելագոյն մասը դարերէ ի վեր բառարաններուն գիրկը քուն է մտած ու երբ այսօր կեանքի կուգայ՝ հնութիւններու բովանդակ պատկառանքովը չէ, որ յարգանք կը ներշնչէ։ Իր բառարանին մէջ սպառած մեր բանաստեղծութեան համար այդ պատուաստը չեմ գիտեր ինչ արդիւնք պիտի ունենայ։ Բայց Եղիշէ սրբազանի կենդանացուցած բառերը այնքան թելադրիչ են ու այնքան արտայայտիչ, որ կարելի է ապահով ըլլալ անոնց գոյութեան վրայ։

Այսպէս իր Պատուհաս ը գլուխ-գործոց մըն է։ Պատկերներուն վայրագութիւնը աւելի խորունկ տպաւորելու համար ընտրած է բառեր, որոնք արդէն իրենց արտաբերումին մէջ կը կճեն մարդուն լեզուն, հոգին կը խռովեն կրկնակ ուժգնութեամբ մը։

Իր արուեստը կարելի չէ որակումներով սահմանել։ Դուրեան գիտէ գրական բոլոր դպրոցները, ծանօթ է ոճի յեղաշրջումներուն։ Արտակարգօրէն ճկուն միտք՝ կրցած է ազատել իր ոճը տափակ ու տժգոյն դասականութենէ մը, որ վենետիկցիներունը, ռոմանթիքներունը եղաւ մեր մէջ (1850-90)։ Դասական ու հետեւակ Նայինի պատանի էն ետքը Այլակերպութեան ցոլարձակ լեզուն կը պատմէ ամէն բան։

 

* * *

 

Խորապէս բանաստեղծ, շատ զգայուն հոգիով, զարգացած, նրբացած եւ տիլէթանթ իր մտածումով՝ մեր մէջ Դուրեան Եղիշէն կը ներկայացնէ իտէալ թիփը գրական հսկաներուն։  

 

1911