Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Մտնելէ առաջ Արտաշէս Յարութիւնեանի գործին մէջ, շահեկան է թերեւս հետազօտել ենթահողը ( sous-sol ), ուր սնունդ ու արիւն առած են անոր անդրանիկ արմատները։  

Այդ գետինը, գերազանցապես բեղմնաւոր, հրաշալի բուսաբերութեան մը փառքովը արդէն նշանաւոր ու պատմական դարձած է մեր գրականութեան մէջ։ Հոն է, որ իրենց լրումը կը գտնեն մեր աւագ սերունդին ամէնէն ազնիւ ներկայացուցիչները։ Զօհրապ, Արփիարեան, Բաշալեան, Չօպանեան, Սիպիլ կը բոլորուին այն թանկագին օճախին շուրջը, որ « Հայրենիք » անունը կրեց։

Հայկական ռոմանթիզմին ու քանի մը տափակ պառնասեաններու դէմ սկսուած պայքարը իր համեմատական արժէքին մէջ նոյն դերն ունեցաւ մեր գրականութեան համար, ինչ դերով, որ յայտնուեցաւ ճիչը նոյն թուականներուն ֆրանսական բանաստեղծութեան մէջ կեանք առնող հակազդեցութիւնը, գրական ուրիշ սեռի մը դէմ։ Ֆրանսական սէնպոլիզմը տուաւ հոյակապ բանաստեղծներու երջանիկ ծաղկում մը։ Անոնցմէ տասնէն աւելին համաշխարհիկ հիացում մը ստեղծեցին իրենց շուրջը։

Հայկական պայքարը նուիրագործեց տաղանդներուն արժանիքը ու պատրաստեց երկրորդ սերունդ մը, որ չարաբաստ պայմաններու տակ բացաւ իր աչքերը։ Զարդարեան, Շաքլեան, Թլկատինցի, Պարթեւեան, Թէքէեան, Յարութիւնեան կը հետեւին այդ աւագ սերունդին։ Բոլորն ալ զրահուած են շեշտ ինքնատպութեամբ մը, բոլորն ալ արուեստին ըմբռնումին մէջ իրարու մօտիկ, բայց բոլորն ալ անհունապէս նախանձախնդիր իրենց անհատականութեան, իրենց սեփական եսին արձանացման։

Բռնապետական ռեժիմը սակայն շուտ - շուտ պիտի գար տարտղնելու այդ նորածիլ լուսափունջը ( pléiade ) ։ Ու պոլսահայ գրականութեան մէջ վերանորոգումի այս փորձը իր ծագման պահուն պիտի ընդհատուէր անորոշ ժամանակի մը համար։

Զարդարեան, Թլկատինցի, Յարութիւնեան մնացին երկրին մէջ։ Առաջինը հայկական հոգիին խորունկէն բխած զմայլելի քոլորի մը գտաւ իր մէկ քանի չմեռնող հեքիաթներուն մէջ, ստեղծեց քանի մը արձակ բարձր էջերու մէջ քերթողութեան նոր շունչ մը, որ ընդնշմարել տուաւ ցեղային համերգի մը թրթռումըպա պահի մը համար ու տակաւ իջաւ, իր թեւը կոտրեց օրագրութեան եւ քաղաքականութեան քամիներուն առջեւ։

  Թլկատինցին հալածուած ուրիշ պայմաններէ, եթէ երբեք չիրագործեց, ստեղծումի լայն աշխատութիւն, գէթ կրցաւ մնալ իր սատանայի տաղանդին բոլոր կենդանութեանը մէջ, քիչ անգամ սայթաքելով։

Երրորդը ասոնց, Յարութիւնեան Արտաշէս, հրապարակ ելաւ պզտիկ քնարով մը: Շատ շուտ սիրեցին զինքը։ Մղձաւանջէն դուրս ելլող սերունդը կը սպասէր սփոփանքի ձայնին։ Տրամին ահովը խենթեցած այդ սերունդը խանդաղատանքով փաթթուեցաւ նոր երգիչին։ Մեր աշուղները կրակներուն ու արիւններուն մէջէն բուսեր են դարերու տեւողութեան մը վրայ։

I

Ի՞նչ էր նկարագիրը « Մասիս » ի (1898) մէջ հրատարակուող այդ քերթուածներուն։ Ապահովաբար խորունկ վերլուծում մը հարկ չկայ փորձել անոնց վրայ։ Աչքէ ինկան անոնք նախապէս իրենց անակնկալ անկեղծութեամբը, ձեւի ու պատկերի փայլովն ու նորութեամբը։ Հոտ ու գոյն կար անոնց ` մէջ։

Արուեստը, որով յօրինուած էին այդ երգերը, յաճախ թերի էր, բայց միշտ իր միամտութեանը մէջ շնորհալի։ Երազային էակի մը ուղղուած այդ քերթուածներուն մէջ կը զգացուէր թեթեւութիւնը լեռներու եղնիկին Երկունք ») ։

« Լքուած քնար » ը արդէն իսկ կը մատնէ որոշ յեղաշրջում բանաստեղծին հոգեբանութեան մէջ։ Խորհուրդին շուքը կ՚երեւայ հոն, մտածման թեթեւ կնճիռ մը բարակ մութ մը կը ձգէ այդ էջերուն վրայ: Հոգին տակաւ կ՚ամպոտի։ Երգը իր թեւերը կը ծանրացնէ ուզելով ըլլալ աւելի խորունկ, աւելի տրոփուն, բայց կը դանդաղնայ:

Շատեր, մռայլումի այս պարագան ուզած են մեկնել բռնապետական կարգերու ազդեցութեամբը։ Պատրող է սակայն այս հաւատքը։ 98-908 ի շրջանին մէջ երեւցող այնքան բանաստեղծներ ոչինչով ազդուած են Պոլիսէն, աւելի ճիշդը՝ Համիտի Պոլիսէն։ Ո՞վ պիտի տարուէր մտածելու պոլսահայերու այն ահաւոր մարտիրոսութեան, կարդալով Մ. Պարսամեանի այնքան թեթեւ բանաստեղծութիւնները։

Ես կը կարծեմ, թէ բանաստեղծին մէջ ժամանակի պայմանները փնտռելով հանդերձ, այն չափով մա՛նաւանդ պէտք է հետաքրքրուիլ անոր անհատականութեամբ։ Անշուշտ անկարելի է Սիամանթոն հասկնալ առանց Հայ Յեղափոխութեան, բայց նույնքան անհեթեթ է Մեծարենցը վերլուծել օրինակի համար հասարակական գիտութիւններու տժգոյն լոյսին տակ։

II

Սահմանադրութենէն ասդին մեր գրականութեան մէջ գոյութիւն առաւ տարօրինակ վիճակ մը։ Նախապէս սանձուած հռետորութիւն մը ողողեց մեր գրական հրապարակին բոլոր անկիւնները, մտնելով հեռաւոր խորշերուն իսկ ծոցը, փրփրելով մասնաւորաբար քանի մը բարձրութիւններու շուրջը, որոնք բարեբախտաբար հրապարակին տուին այլազանութեան եւ անհրաժեշտ զարտուղութեան բաժինը։

Շատ կարկառներ տեղի տուին փրփուրներուն ձիւնէ լեզուին ու հալեցան հոսանքին մէջ։

Ու հոսանքին վրայ առագաստ էր բացեր հասարակական գիտութիւններու յաւակնոտ նաւակը, ու անոր կը հետեւէին բառի, ծափի, խոշոր շարժումներու « լիքը » նաւակներ։ Ռուսահայ հասարակամոլ ոգին իր մեծ շուրջառովը կանանիկոս դարձած՝ տափակ տաշտի մը մէջէն բարոյականի բեւեռներուն հսկողութիւնը կ՚ընէր։ Ահարոնեանի ծիրանի շուքը կը խաղար ջուրերուն վրայ նոր դարերու աստուծոյ մը հոգիին պէս։ Սիամանթօ բուռ - բուռ փայլակ ու բոց կը նետէր բերնէն ու մազերէն: Վարուժան հին ու նոր փառքերուն մասնատուփը համբարձուցած հեթանոս աղջիկէ միսերուն վրայ քղամիդ կապելով կը տանէր թափօրը ոսկեդրուագ, ոսկեցռուկ ու քառսուն գերուհիներէ թիավարուած իր նաւին մէջ:

Թելադրող էր այս թափօրը ամէն բանէ առաջ: Ան՝ հաւասարապէս տպաւորեց մեր ժողովուրդի հոգիին տրամադիր մասերը։ Խանդավառութեամբ ողջունեցինք այդ խատուտիկ, մեծափառ տորմիղը, որ գոյն - գոյն իրեղէններու ծաղիկին տակ վայելչօրէն սլացիկ բարի հովի մը փայփայանքին տակ թրթռալէն ու վէտվէտելէն առաջ կը սուրար։

Տեսանք ետքէն ուրիշ տժգոյն մարդերու ձեռքով համախմբուած, կիսափուլ ու որդնոտած, այլանդակ կերտով, պոռոտ ու գռեհիկ հիւսկէններով պաճուճուած նոր - նոր թափօրներ, որոնց վարիչները վարպետներուն ներողամտութեանը ապաւինելով նախապէս հագած էին անոնց համազգեստը, կեղծած անոնց գալարափողերը:

Ու ամբոխը նորէն ողջունեց զանոնք։

Ու պատահեցաւ, որ այդ պղտոր ջուրերուն վրայ յայտնուէր մաքուր, խելօք նաւակ մըն ալ: Ան պայմանադրական կարմիր դրօշը չէր տուած հովերուն, ոչ ալ ժանեակներու եւ զարդերու ծիածանում մը կախած էր կայմալարերէն։ Ու ճամբորդ մը, ճերմակ առագաստը կիսովին բացած՝ չոր, պզտիկ կայմի մը տուած էր իր կռնակը։ Անոր աչքերը ինկած էին ալիքներուն՝ անտարբեր հանդարտութեամբ մը։ Ան կը կրէր անփոյթ պարեգօտը հին մտածողներուն։ Ու իր մէջ աւելորդ ոչինչ ունէր, բացի քանի մը հինցած պատկերներէ, գոյնը նետած դրօշակներէ եւ չորցած գունատախտակներէ։ Նաւորդը յայտնի համակրութիւն ունէր իր հոգիին մէջ այդ առարկաներուն հանդէպ, շատ նոր էին անոնց կեանքին անուշ յիշատակները

Ատեն - ատեն մեղմ երգ մը, երբեմն տխուր, իր բերնէն կ՚ելլար գլորելու համար ջուրերուն վրայ քաղցրութեամբ։ Ու ճամբորդը կ՚երթար առաջ, հետզհետէ բացուելով, խորունկնալով հեռուները, գլուխ թօթուելով ամբոխին, որ այս անգամ հոսանքին երկու եզրերուն վրայ կեցած, իր վարժութիւնները փնտռելով չէր իսկ տեսներ այդ երկնցող նաւակը։

III

Արտաշէս Յարութիւնեանի գիրքին դէմ ցոյց տրուած սառնութիւնը իր որոշադիր ( déterminant ) պատճառները ունի։ Ան ժխտական մէկ երեսն է ժամանակակից հայ հոգեբանութեան:

Մեծ բառերուն, մեծ պատկերներուն, ցայտուն ու հնչեղ պարբերութիւններուն այն զարմանալի առատութիւնը, որուն կը հանդիպինք մեզի ամէնէն մօտ քանի մը երիտասարդ բանաստեղծներու մօտ, տեսարանի ու արտայայտութեան այն ցնցող հզօրութիւնը, որով այդ բանաստեղծները դողդղացուցին մեր հոգին արցունքի ու ժպիտի կրկնակ երեսներուն վրայ, աւելնալով ուրիշ քանի մը եղերերգական կամ խանդավառող երեւոյթներու տուին մեր հոգիին որոշ կաղապար, մեր ջիղերուն հագցուցին որոշ տարողութիւն։

Այսպէսով է, որ արդի սերունդը կրցաւ սիրել նորերուն մէջ տաղանդով բանաստեղծները, միեւնոյն ատեն ճանճի գլուխով, բայց սոխակի լեզուով հռետոր ները:

Ու մաս մը այն գրագէտներէն, որոնք նախորդ շրջանին մէջ կարդացողներու համակրութիւնը արդարացուցած կը թուէին, մեկուսացած գտան զիրենք, լքուած իրենց պաշտողներէն։

Գրականութեանց պատմութիւնը պրպտողներ մօտէն կը ճանչնան գրական ճաշակներուն այս բռնաւոր փոփոխութիւնները։

Անարդարութիւնը, որով տաղանդով գրագէտ մը կը մենանայ արհամարհանքին մէջ, վերածուած է շատ անգամ խենթ տարփողումի։ Պաշտումը, որ իր լուսապսակը բերած է կարգ մը բանաստեղծներու ճակտին, շատ - շատ անգամներ փոխուած է սպաննող անտարբերութեան։ Ողջ - ողջ թաղուած գրագէտներու ողբերգութիւնը է՛ն սոսկալիներէն է, զոր գիտեմ։

Ասոնցմէ դուրս, կան որոշ յաջողութիւններ, շրջաններ, ուր մոռացումի փոշիներԷն բանաստեղծը կը հանուի արեւին, պահ մը կ՚ապրի իր մեռելի կենդանութեանը մէջ, յետոյ նորէն կը շտկէ իր դամբանը հանդուրժելու փոշիներուն պատանքը, մինչեւ որ լուսնկան փոխուի, մինչեւ որ ապրող աստուածներ գերեզման իջնեն ու մոռցուածներուն արգելափակումը բաւական համարուի։

Օրինակներ շատ են։ Ամէնքս ալ գիտենք Լամարթինի պայծառութիւնը իր Բանաստեղծական մտածումներ (Méditations poétiques) կրկնակ քերթուածներուն արշալոյսին մէջ։ Գիտենք նաեւ անոր տժգունութիւնը 48 ի հանրապետութեան մահէն ետքը: Մինչեւ սէնպոլիսթներու հակադարձը դէպի լամարթինեան ներշնչումները ան դադրեցաւ ապրած իսկ ըլլալէ։ Հիմա դարձեալ կ՚ոգեւորի իր մոմիան:

Միւսէն, ամէնէն սիրուած բանաստեղծը 50-70 ի սերունդին, արհամարհուեցաւ 90 ի սերունդէն ու քաշուած է դամբարանը, սպասելով, որ նոր հովեր գան ցրուեն իր տապանաքարին փոշիները:

Մօտաւորապէս երեք քառորդ դար տեւող խաւարումէ մը վերջ, Ա. տը Վինյի կը հագնի հանճարին լոյսը ու կը տիրէ հորիզոնին այնքան շքեղութիւնով, որ Հիւկոներն իսկ կը տժգունին

Աւելորդ է անշուշտ այս թուումը։

Քննադատը երեւոյթը կ՚արձանագրէ, կ՚անցնի գործին։

 

Արտաշէս Յարութիւնեանի վերջին գիրքին մէջ՝ Նոր քնար ») ուխտաւոր մը կայ, որ հողէ փարչը ուսին, իր վերելքը կ՚ընէ քարուտ ճամբէն։ Մի հարցնէք անոր, թէ ուր կ՚երթայ: Պատասխանը շատ տարտամ պիտի ըլլար։

Այդ վերե՛լքը երազի ճամբէն։ Առաջին անգամը չէ ան: Փորձած էր զայն մատղաշ օրերուն, երբ սիրտը ուժով էր կուրծքին մէջ ու հոգին մեծ՝ բոլոր հորիզոններուն բաւելու համար։ Այդ տարիներուն, բարձունքներու կուշտին, փախստական հարսը հալածեր էր ան իր երեւակայութեան, ըսելով անոր ետեւէն կամաց ու անուշ բառեր, որոնք լեզուին վրայէն մեղրի պէս կը վազեն։ ՝

Արդի վերելքը տաժանագին, չարչարանքի հետապնդում մըն է։ Ուխտաւորը հազիւ ատեն ունի ճամբաներուն ծաղիկն ու շուքերը տեսնելու։ Լերան հուրին կը պակսի կարծես, որ գագաթներուն վրայ իր աղուորութեան կրակը վառէր։

Ու բանաստեղծին ձայնը այդ լեռներուն մէջ՝ մինակ՝ կը քակուի հանգչած մելամաղձութեամբ մը։ Ու մենք հին, կարմիր տղայէն այս ոգեւորած փիլիսոփան ճանչնալու համար կը վարանինք։

Ստոյգ է, որ բանաստեղծները մտքի աշխատաւորներու կարգին մէջ ամէնէն քիչ կը ներկայացնեն յեղաշրջումի ընդունակ մարդը։ Որովհետեւ անոնք գործ ունին գրեթե միշտ զգացումներու հետ, մենք անոնց զգայնութիւնը չափած ատեն, ուժի կամ նուազման զարտուղութիւններ պիտի հաստատէինք։ Անոնք, որ քնարը ձեռքերնին գերեզման են գացած, իրենց ջիղերուն մէջ երիտասարդ եղած են միշտ:

Փոփոխութիւններ, դիմաշրջութիւններ պատահած են անշուշտ։ Լամարթին քաղաքական պատմագիրի փոշեպատ աթոռին վրայ մեռաւ։ Ռէմպ o ( Rimbaud ) Մարշանի ուղեցոյցը եղաւ, իբր ամէնէն տարօրինակ բանաստեղծներէն մէկը յայտնուելէ վերջ։

Այդ պարագաները աւելի հրաժարում, քան շեղում, այլայլում կը նկատուին:

Կան բանաստեղծներ ալ, որոնք խենթ ու անարդար հետաքրքրութենէ մը տարուած՝ արկածախնդրութիւնը կ՚ընեն մտածումի մարզերուն մէջ յառաջելու։ Խորհուրդին խորունկ անտառէն անոնք կը քալեն, հետզհետէ մռայլուած երկինքի մը տակ։ Անտառին ոլորտը կը զգլխէ անոնց միամիտ մաքրութիւնով հոգին, կը գիտնան անոնք, կը հասկնան իրերուն իսկութիւնն իսկ: Ու իրենց ետին մէկիկ - մէկիկ կը ձգեն իրենց երազներուն մեռելները, կը թափանցեն իրենց խանդավառութիւնը սնուցանող մշուշին ու կը հասնին ունայնութիւնը տեսնելու այդ ամայութիւններուն, որոնց վրան ու մէջը միտքին, մտածումին հովը կը փչէ պաղ ու միօրինակ, գալարելով իր շունչին տակ ծաղիկին կարմիրը ու ծիծերուն ճերմակը, մազերուն սեւն ու աչքերուն կապոյտը:

Շատեր կը կոտրեն հոդ իրենց քնարը, կը ձգեն մազերնին, որ ճերմկած կ՚ըլլայ, կը կապեն թափառականի պարեգօտ ու կը տարուին երկինքը գտնելու խենթ հետաքրքրութեան։ Փիլիսոփայ վերջացող բանաստեղծներ քիչ չեն պատմութեան մէջ։

Ուրիշներ, թիւով աւելի քիչ, այդ չոր խորունկութիւնը կը դիտեն անմեկնելի հանդարտութեամբ մը. յուսահատելու ու պոռալու տեղ կը ժպտին տրտմօրէն, երբ ետ կը դառնան լոյսի հանգրուաններն իջնալու ու իրենց տպաւորութիւնները երգելու, իրենց քնարը ալեւորած կ՚ըլլայ:

Յարութիւնեան մէկն է այս հազուագիւտ վերադարձողներէն։

Մտածելու մարզանքը անշուշտ միշտ տեղի ունեցած է երեւակայութեան անխուսափելի տուժումով մը։ Ստեղծագործ երեւակայության ( imagination créatrice ) վրայ շատ ձեռնհասօրէն գրած իր մէկ ուսումնասիրութեան մէջ, ԹԷօտիւլ Ռիպօ կը բացատրէ այդ կորուստի երեւոյթին մեքենականութիւնը:

Երբ երեւակայութեան հորիզոնը տակաւ անձկանայ, երբ պատկերներու սրահը քիչ - քիչ ետ քաշուի, տեսարանի առջին գիծը կու գայ գրաւել մտածումը նախ ուրուանման ու անորոշ մեծութիւնով մը, յետոյ գտնելով իր խորքն ու dimension ները, մտքին տալով նոր կեդրոն մը հաւասարակշռութեան։

Այդ օրէն՝ աշխարհը դիտելու, իրերը ըմբռնելու նոր եղանակ մը կ՚որոշադրէ ենթական։

Այս ամէնը ըսի, վասնզի կ՚ուզեմ Յարութիւնեանի մէջ նկատի առնել մտածող բանաստեղծը։

Արտաշէս Յարութիւնեան իմացապաշտ ( intellectualiste ) մըն է։

Բառը կ՚ընդգրկէ բոլոր այն դասակարգի մտածողները, որոնք կը սիրեն իրերը հասկնալ իրենց տրուած արժէքին մէջ, առանց անոնց հագցնելու մոգական կարողութիւնը հրաշագործ երեւակայութիւններուն։ Անոնք կը մերկացնեն երկինքն ու երկիրը լեցնող խորհրդին վրայ այնքան քմահաճօրէն յարմարցուած, բռնազբօս o րէն փակցուած, անպէտօրէն ագուցուած հարուածը հաւատքի ասպետներուն։ Անոնց միտքին առջեւ երեւոյթները կը վազեն խաղաղ ալիքներովը հոյակապ գետի մը, ուր կը լողան բոլոր անուրջները բոլոր ցաւերը անմեռ արեւի մը ոսկիին տակ ծիրանեցած։

Տեսնելու այս կացութեան ( attitude ) յաճախ կ՚ընկերանայ գերագոյն հաճոյք մը, գեղեցկութեան հաճոյքը: Ըսողներ իսկ կան, թե աշխարհը կ՚արժէ ապրիլ այդ լոյսին մէջէն:

Ու իրերու կողքին, իր հայեցողի կէտին վրայ կեցած՝ Արտաշէս Յարութիւնեան կը թողու, որ իր առջեւէն անցնին աշխարհի բոլոր տեսարանները։ Ահա կը պարզուին կարմիր հորիզոններ, ուր արեւները « ոսկիի » մէջ կը թաղուին, հանդարտ պարտէզներ, որոնց վրայ լռութիւնը կը բերէ խաղաղութիւնը « յաւիտենական » իրիկուններուն։ Ահա մարգերը, ուր « խոտերուն սնդուսը կը սարսռայ հովերուն համբոյրէն »: Կու գան գիշերները, « աստղազարդ ու ձիւնավառ », մերթ լուսնկայի մը տակ տրոփուն ու տաքուկ, մերթ փոթորիկին տակ սեւ ալեկոծման մը մէջ եղերերգելով։

Ահա պահերը, մտերիմ ժամերը, երբ « պուրակին հովը հեքիաթներ կ՚երգէ » ու ձորակին մէջ աղբիւրը իր ադամանդները կը շարէ, նունուֆարներու կարմիր ճիտերուն ու դողացող պորտերուն վրայ։

Կ՚անցնին բոլորը անոր առջեւէն:

Ու ահա մարդերն ալ, « յոգնաբեկ փերեզակ » ը, որ խանութին անկիւնը « երազ ու ձանձրոյթ » կը չափէ, « ապրելու գինովութենէն » հալածական բանաստեղծը, կեանքի կարելի վիճակներուն վերածուելու, ամէն ձեւ ու ամէն շունչ ապրելու իր երազին մէջ հեգնուած։

Վերջ չունի այս թւումը

Բայց այս ամէնէն վեր կը բարձրանայ դառնութեան անուշ բոյր մը, առանց հռետորութեան ու անիմաստ շեղումներու մէջէն հանուած տրտմութեան հով մը, որ բոլոր այդ քերթուածները կ՚օրրէ մեղմ ու անուշ մահերգի մը մէջ։

Ու այս ամէնուն վրայ նրբին կարմիրը կը կաթի հեգնութեան գինիին

IV

Փոխանցման շրջանները ամէնէն առատ սպառողներն են:

Հասնելու վրայ եղող սերունդը ճակատագրապէս կը հետեւի իր հակումներուն։ Դժբախտութիւն մըն է ստուգել, որ այդ սերունդը իր հետաքրքրութիւններուն մէջ յայտնելով հանդերձ գիտական ոգի, կը սիրէ հռետորական գրականութիւնը մասնաւոր նախասիրութիւնով մը։ Այդ տեսակէտէն Յարութիւնեան հինցած բանաստեղծ մըն է անոնց համար։

Քնարին վրայ իր տարակոյսները, իր յուսախաբութիւնները, իրերուն ու երեւոյթներուն թափանցումէն ծագող իր հեգնութիւնը երգելու համար՝ Արտաշէս Յարութիւնեան չէ կրցած իր ձեւին մէջ բերել անհրաժեշտ նորութեան փայլը, որով ամէնէն աւելի կը հրապուրուին արիւնը տաք տղաքները։

Այսպէս իր ոտանաւորին հանգչած կշռոյթը, ածականներու ու վերադիրներու բոլոր սարուածը, որով պատկերները կը պարուրուին, մտածումներ ընդլայնելու իր դասական եղանակը, նոր տեսիլներ, նոր հորիզոններ, նոր փայլակումներ սեւեռելու մասին իր կամաւոր ժուժկալութիւնը՝ զինքը նետած են երկրորդ փլան ին վրայ:

Նրբութիւններ սիրող սակաւադէպ հետաքրքիրներ սակայն կրնան իրենց գնահատումին մէջ անկախ ըլլալ, Յարութիւնեանի գործը անջատելու ժամանակակից պայմաններուն աղմուկէն, ներել անոր մէջ իրենց ճաշակը անտարբեր ձգող թուլութիւններ, ածականներուն ու աւելորդ վերադիրներուն թերթերը փետտել ու գտնել միջուկը իր քերթուածներուն։

Ու երբեք ապերախտ աշխատութիւն մը չէ ան:

Եթէ երբեք Յարութիւնեանի կը պակսի Սիւլլի Բրիւտոմի մը տաք երեւակայութիւնը, որ մտածումները զգացումին կրակէն կ՚անցընէ, որ իրերուն իմաստասիրութիւնը կը յաջողի քնարերգել առանց ցուրտ ըլլալու կամ առանց բնազանցութեան չորութիւնը զգացնելու, գէթ Յարութիւնեան կը մնայ մեր մէջ մեկուսի բանաստեղծ մը, որ ըսելիքները գիտէ ըսել ճշդութեամբ, շատ անգամ շնորհով։

Ամէն պատրանքներու գլուխ ծռած իր հոգին, որ աշխարհէն առած է իր բաժինը, որ յաջողած է հրալալի կրթութիւնով մը ( exercice ) վանել իր մէջէն զգայամոլութեան ( sentimentalisme ) ամէն տարր, ուռուցիկ ու սնամէջ երազներու ամէն շրջանակ, որ մերկացուցած է իր ոլորտը բոլոր անիմաստ բացագանչութիւններէն, այդ հոգին ինծի համար կը մնայ յարգելի:

Ազատ ենք չսիրելու այդ ցուրտ բանաստեղծը, ազատ ենք զայն հինցած, գունաթափ ու ծերացած կարծելու, բայց պարտաւորուած ենք խոստովանելու, թէ ան դարձեալ կը մնայ յարգուած բանաստեղծ մը իրեն պէս մտածող այն քանի մը տաղանդներէն, որոնք կը տառապին ճակատագրի նոյնութենէն։

Ես կը կարծեմ, թէ ապագան պիտի գիտնայ արդար ըլալ իրեն հանդէպ։

 

1914