ՎԱՀԱՆ
ԹԷՔԷԵԱՆ
(«
ՀՐԱՇԱԼԻ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ
»)
Մտնելէ
առաջ
Պ.
Թէքէեանի
գործին
վերլուծմանը
մէջ,
կը
ներկայացնեմ
քերթուածներ,
առնուած
գիրքին
զանազան
տեղերէն.
-
ԱՆՏԱՌԻՆ
ՄԷՋ
Ես
կը
ճանչնամ
անտառին
մէջ,
ուր
գարուն
է,
Ձոր
մը
պզտիկ,
ձոր
մը
ծաղկած,
ուր
երիցուկ
Եւ
շուշաններ
ձիւն
կը
տեղան,
ուր
կ՚արիւնէ
Կարմիր
հարսնուկը
շիթ
առ
շիթ
վէրք
մը
ծածուկ
…
։
Մանուկ
գարնան
ան
օրօրոցն
է
հոն
կարծես
…
Երկու
ճկուն
ուռենիներ՝
մէն
մի
ծայրին,
Թեթեւ
հովին
տակ
կ՚երերան
երբ
յամրապէս՝
Ժանեկապատ
ձորակն
օրրել
հոն
կը
թըւին
…
։
Եւ
հոն,
տեսէք,
երկու
մանուկ,
ուրկէ՞
եկած,
Անտառին
ո՛ր
երկու
մուտքէն
հանդիպակաց,
Կը
կամրջեն
ձորը
սիրով
մը
լըռակեաց
…
։
Երկու
մանո՜ւկ
օրօրոցին
վրայ
գարնան
Իրենց
անբիծ
սէրը
կ՚օրրեն
…
։
0
՜հ
կը
ճանչնա՛ն
Տերեւաթափն
եւ
տրտմութիւնն
իր
անսահման
…:
Ուրիշ
մը՝
ԱՂՈՒՈՐՆԵՐԸ
Աղուորն
ա
'
ն
է
յաւիտեան,
որ
անցաւ
օր
մը
քովէդ
Եւ
աչուընե՛րդ
օծեց,
աստուածային
այցելո՛ւ,
-
Գեղեցկութեամբ
մը
որուն
ա՛լ
չդարձար
նայելու,
Եւ
չուզեցիր
հանդիպիլ
անոր
անգամ
մըն
ալ
գէթ
…:
Աղուորն
ա՛ն
է
տակաւին,
յաւիտեա՜նէ
յաւիտեան,
-
Որ
նայուածքիդ
արեւին
տակ
կը
մեծնար
յամրօրէն,
Որ
զերթ
ծաղիկ
մ
'
օրօրուող
գարնան
անուշ
հովերէն,
Երբ
մեկնեցար՝
մտքիդ
մէջ
մնաց
միշտ
թարմ,
միշտ
բուրեան
…:
Եւ
աղուորը
–
դուն
գիտե՜ս
օրհնեալ
անո՛ւնը
անոր,
Անիկա՛
է՝
որ
կարծես
պիտի
կրնար
քեզ
սիրել,
Որ
սէրդ
անշուշտ
գուշակեց
եւ
ըսպասէ՜ց
ակընկոր,
Որուն
սակայն
լաւ
է
որ
չուզեցիր
սի՛րտը
խռովել
…
Աղուորն
անոնք
են
միայն,
որ
տենչանքիդ
ընդմէջէն
Անցան,
գացի՜ն
ու
հիմա
քեզ
հեռուէ՜ն
կը
կանչեն
…
։
Ուրիշ
մըն
ալ՝
ԵՐԿՈՒ
ՄԱՀԵՐԸ
Եւ
այս
երկու
մահերն
ալ,
ո՛վ
Տէր,
սիրով
կ՚ընդունիմ
…
Կամ
ունենալ
գիւղական
խրճիթ
մ՚ուր
սէրը
տիրէ,
Շարժի՜լ
շունչին
մէջ
կնոջ
մ՚ու
գիրքերու
մտերիմ,
Եւ
իրիկուն
մը
մարիլ
շրջապատուած
վարդերէ
…
Եւ
կա՛մ
յանկարծ
վըրայէս
անցնող
հովէն
մարտագոռ
S
արուիլ
դաշտերը
կռուոյ,
վըրիժաբորբ,
հըրաչուի,
Թափելով
մերկ
սուսերիս
ծայրէն
վէրքեր
բիւրաւոր,
Եւ
իյնալով
անոնց
մէջ
`
զերթ
անկողնո՜յ
մը
վարդի
…
։
....................................................................................................
0
՜հ,
եթէ
կեանքըս
եղաւ
պարտէզ
մը,
զոր
ոտնակոխ
Ըրին
դիպուածն
ու
ահեղ
ճակատագիրը
դժխեմ՝
Գոնէ
թոյլ
տո՛ւր,
Աստուա՜ծ
իմ,
որ
ելքն
անոր
ես
ընտրեմ։
Այս
քերթուածները
ընդհանուր
ձեւի
մը
տակ
կը
ներկայացնեն
Պ.
Թէքէեանի
գիրքին
մէջ
ցրուած,
ճիւղաւորուած
հոգեկան
այն
կացութիւնը,
որուն
սեւեռումը
հետապնդած
է
բանաստեղծը
իր
միջոցներով։
Թերեւս
քիչ
մը
կամայական
ըլլայ
պարզեցումի
այս
աշխատանքը
քննադատին
մօտ,
որ
սակայն
իր
տպաւորութիւնները
կը
սիրէ
միշտ
պտտցնել
քերթուածէ
քերթուած,
շեշտերու
նոյնութենէն,
գոյներու
հանգիտութենէն,
պատկերներու
նման
կտորներէն
ջանալով
վերանալ,
հասնելու
համար
քանի
մը
մեծ
ու
վճիտ
նկարներու
վայելքին։
Թէքէեանի
գործին
մէջ,
այդ
տեսակէտէն,
կարելի
է
հանդիպիլ
բնութեան
պատկերներու,
երբեմն
առանձին,
մի
միայն
աչքին
համար
կենդանի,
երբեմն
ալ
խառնուած
բանաստեղծին,
ներքնապէս,
նուրբ
ու
հազիւ
նշմարելի
գիծերով։
Այդ
գործին
մէջ
կը
փչէ
նորէն
հովը
մեծ,
տիրական
զգացումի
մը,
որ
էջէ
էջ
կը
թռի,
հարցումի,
տարակոյսի,
զգլխումի
ու
խորունկ
կսկիծի
փայլակներով
լուսաւորուած։
Զայն
կը
տեսնենք,
իր
վազքին
թեթեւութեանը
մէջ
վիրաւո՜ր,
բայց
անկեղծ,
բայց
իրական
ու
համակրելի:
Կնկան
զգացումն
է
ան։
Այս
երկու
գլխաւոր
երակներէն
դուրս
կայ
Պ.
Թէքէեանի
մօտ
անխուսափելի
ազգայնականութիւն
մը,
որ
յաճախեց
մեր
բոլոր
բանաստեղծներուն
հոգին՝
քսան
տարիներէ
ի
վեր,
երբեմն
տալով
անոնց
գործին
հզօր
գեղեցկութիւն
մը,
հայկական
տրամին
արիւնէն
առաջացած,
բայց
շատ
անգամ
ալ
իջեցուց
զանոնք
հռետորական
հրահանգներուն
ողբալի
միջակութեան:
Դարձեալ,
Պ.
Թէքէեանի
գործին
մէջ
կան
զանազան
պիտակով
քերթուածներ,
կայ
մտածման
բանաստեղծութիւնը,
անշուշտ
գեղջուկ
խորքով,
կայ
վարդապետական
գնացքով
քերթուածը,
երկայն
տողերու
սարուածին
մէջ
լրջացած
ու
խոժոռ:
Գործին
այս
ամփոփ
տարբաղադրութիւնը
մեզ
կը
դնէ
խառնուածքի
մը
առջեւ,
որ
այնքան
ալ
աղքատ
չէ
(
Սիամանթոյի
գործէն
երակ
մը
միայն
ձեռք
կու
գայ
)
։
*
*
*
Թէքէեանի
գործին
մէջ
բնութեան
տեսարանները
կը
ներկայանան
շքեղութեամբ
մը,
որ
ժուժկալ
է
շատ
անգամ։
Անոնց
շրջանակը
գրեթե
միշտ
հնչեակն
է,
քնարերգական
զեղումներու
համար
շատ
նեղ.
անտեղի
ընդլայնումներու,
հանճարեղ
շեղումներու
անընդունակ
այդ
անկիւնէն
բանաստեղծը
կը
տեսնէ.
Գաղջ
իրիկուն՝
ձըմեռուան
դեռ
…:
Փողոցէն՝
Ուր
ըստուերները
կ՚երկարին
դուռնէ
դուռ,
Դանդաղաքայլ
կ՚անցնին
մարդիկ
…:
Ժամը
լուռ
Լապտերներունն
է,
որ
մութը
կը
խոցեն
…
Ահա
ուրիշ
իրիկուն
մը՝
Ձըմեռ
գիշեր
…:
Լուսինն,
ինկած
զենիթէն
Փողոցներուն
կ՚օծէ
քարերը
լոյսով
…
Ցանցառ
ու
ջինջ
աստղերը
սառ
կը
կաթէն
…
.......................................................................................
Ուրիշ
իրիկուն
մըն
ալ՝
Լուռ
իրիկուն՝
միապաղաղ
դաշտին
վրայ,
Ճերմակ
ծառեր
կը
խոնարհին
մինչեւ
գետին,
Դէպի
քաղաք
ճամբան
անհետ
կը
քնանայ
…
Վերադարձող
կուսության
ի՜ղձ
մըն
է
յետին
…
Ահա
իրիկունի
պահեր։
Անոնք
դիտուած
են
տարբեր
պայմաններով,
տարբեր
տարողութեամբ
աչքերու
կողմէ։
Բայց
անոնք
իրենց
կտրուածքին
(
coupe
),
յարդարումին
եղանակովը,
իրենց
իրականացուցած
նկարին
ձեւովն
ու
խորքովը,
իրենց
արթնցուցած
զգայնութիւններուն
տեսակովը
չեն
հեռանար
իրարմէ:
Հանդարտ,
համակերպող
նայուածքն
է
անորը,
որ
իրերուն
վրայէն
կ՚առնէ
կարգ
մը
գիծեր,
կարգ
մը
գոյներ,
գրեթէ
վախով,
միշտ
զգոյշ
մնալով
իր
հղումներուն
մէջ,
հոգ
տանելով
չծանրանալու
երկրորդական
մանրամասնութեանց
բեռին:
Դարձեալ,
այդ
տարրերը
իրարու
կը
բերէ
ան
շատ
թոյլ
կապերով,
գրեթէ
խուսափելով
զանոնք
ամուր
սեւեռելու
թեքնիք
էն,
որ
պառնասեաններունը
եղաւ:
Տողերը
իրարմէ
կը
բաժնէ
լայն
միջոցներով,
կախման
կէտերով,
որոնք
անոնց
մէջ
բաւական
լոյս
ու
ինքնութիւն
կը
դնեն։
Արուեստի
այս
եղանակը
անշուշտ
կամաւոր
ու
գիտակցուած
պակասութիւն
մը
չէ։
Պ.
Թէքէեան
իր
խորքին
մէջ
խորհրդապաշտ
բանաստեղծ
մըն
է,
որ
սակայն
չէ
ազատած
պառնասեաններուն
տիրական
ազդեցութենէն։
Իր
պատկերներուն
կը
պակսի
մշուշը,
վեհագոյնի
(
grandiose
)
համեմատութիւնը,
խորհուրդին
կիսաստուերն
ու
պղտորութիւնը,
փոխաբերութեանց
ու
այլաբանութեան
փոթորիկը,
տարրեր,
որոնք
առաջին
յաճախումի
մը
իսկ
բարձրաղաղակ
կը
յայտնուին
սէնպոլիսթ
բանաստեղծին
մօտ։
Միւս
կողմէ՝
անբացատրելի
տաքութիւն
մը,
որ
բառերը
կը
պարուրէ.
կարճ
ըլլալու,
բռնի
հատկըտուն
մնալու
ջանքը,
որ
կ՚ընդնշմարուի
իր
քերթուածներուն
մէջ,
թելադրական
դառնալու
իր
ձգտումը,
որ
տեսիլները
կը
վարագուրէ,
զինքը
կ՚ընեն
թերի
պառնասեան
մը։
Թէքէեանի
համար
դժուար
է
առարկայական
մնալ,
որքան
դժուար
է
իրերէն
դուրս,
անոնց
վերեւ,
երեւակայութեան
ուժովը
իր
հոգին
կամարել:
Ես
մէջ
կը
բերեմ
`
ԳԵՂՋԿԱԿԱՆ
Պզտիկ
տուներ
հեռո՜ւն
ինծի
կը
ժպտին
…
Գիւղ
մ՚է՝
թաղուած
մեծ
ծառերու
շուքին
տակ,
Անտառախիտ
լերան
մը
կողը
ետին
Եւ
առջեւէն
հոսող
ջուրով
մը
յըստակ
…
։
Ես
կը
խորհիմ
…
Ես
այդ
գիւղին
բնակիչ,
Մենաւորիկ
եւ
մոռցուած
հոն
կ՚ապրիմ, .
Հոգիս
յանձնած
իր
անդորրին
ամոքիչ,
Հովին,
հողին
եւ
ծառերուն
մտերիմ
…
։
Ի՜նչ
անուշ
է
գիշերն
այնտեղ
քընանալ
…
Կեանքն
հոն
կանուխ
արշալոյսին
կ՚ըսկսի.
Մըշուշասքող
հեռուի
լեռն
ու
դաշտն
ալ
Յօրանջելով
ոտքի
կ՚ելլեն.
մեկուսի:
Առուակն
այգուն
կ՚ըսէ
աղօթք
մը
կարծես՝
Ալեակներուն
համրիչն
անվերջ
քաշելէն.
Կը
բուրվառեն
ծառի
ճիւղերն,
եւ
անտես
Ճըպուռներն
ալ
առուակին
դէմ
կը
բռնեն
…:
Օ՜,
անոնցմէ
որոնք
մէկ
–
մէկ
կը
բանան
Արեւին
հետ
դուռը
իրենց
տընակին,
Որոնց
միտքը
թերեւս
հողէն
ալ
խոպան՝
Սակայն
հարուստ,
բարի
ու
պարզ
է
հոգին:
Անոնցմէ
մէկն
ալ
ջինջ
առտու
մը
հարկաւ,
Կը
դարձընէ
քաղցր
նայուածքը
վըրաս,
Եւ
դիպուածաւ
իր
լոյս
ժպիտը
անբաւ
Ինձ
կը
նետէ՝
ինչպէս
միրգ
մը
նորահաս
…
։
Անո՛ր,
ո՜վ
Տէր,
լուսաբացի
այդ
պահուն,
Ես
ալ
հոգիս
ի
վեր
ընծայ
կը
ղրկեմ,
Եւ
օրերուն
վրայ
առկախ
օրօրուն՝
Կը
տեսնեմ
միշտ
անոր
պատկերն
այգադէմ
…
։
…
Օ՜հ,
այն
գիւղը՝
մեծ
ծառերու
շուքին
տակ,
Որուն,
ո՜վ
Տէր,
ես
ըլլայի
բնակիչ,
Ան
քայլերուս
ըլլար
սահման
բովանդակ,
Հոնկէ
ի
մա՜հ
ընթանայի
քիչ
առ
քիչ
…
։
Այս
զմայլելի
խաղաղութիւնը,
առարկաներուն
այս
որոշ,
սակայն
կապոյտ
մշուշի
մը
մէջ
նրբացած,
երազացած
շրջագիծերը,
ու
անոնց
մէջ
բաբախող
հոգիի
մը
շունչը,
որ
ներքնապէս
կը
շաղկապէ
ծառերուն
շուքը
ու
ալեակներուն
համրիչը,
Պ.
Թէքէեանը
մեր
մէջ,
համեմատութիւնները
պահելով,
կը
նմանցնեն
Վեռլենին։
«
Հրաշալի
յարութիւն
»
ը
առատօրէն
ունի
այն
նկարներէն,
որոնք
կ՚իրականանան
մէկ
-
երկու
տողի
մէջ,
առանց
ճիգի,
իրենք
իրենց
վազող
բառերով,
պահելով
անհրաժեշտ
աղերսը,
որ
զանոնք
կը
պահէ
հոգիին
խուսափուկ
վայրկեաններուն
հետ:
Թէքէեանի
գործին
մէջ
կնկան
զգացումը
առանձին
չէ
միշտ։
Ան
կ՚այցելէ
բանաստեղծին՝
առանց
ինքզինքը
յայտնելու,
փողոցի
մը
անկիւնը,
որուն
վրայ
արեւը
ճերմակ
է
դրեր,
սենեակի
մը
քառակուսիին
մէջ,
որ
կը
կարմրի
լամբի
մը
արիւնէն,
անտառի
մը
սիրտը,
ծանրօրէն
տրոփող՝
թրթռուն
վերջալոյսի
մը
տակ:
Սէրին
երգը
անսանձ,
կատաղի
հոսանք
մը
չէ
անոր
մօտ։
Փափուկ,
ցած
ձայնով
մնջուած,
երգ
ըլլալէ
աւելի՝
դաշնաւոր
հեկեկում
մըն
է,
ու
ատոր
համար
իսկ
սրտառուչ:
Բանաստեղծը
մեղմ
բառերով
կը
մօտենայ
անոնց,
որոնք
չգիտցան
«
իր
սրտի
խորանին
վրայ
ծխուող
խունկ
»
ը,
որոնք
«
իբրեւ
առեղծուած
»
մը
զայն
տեսան։
Անոնց
հանդէպ
պահանջկոտ
չէ.
վասնզի
կը
ճանչնայ
կիները,
առած
է
ինչ
որ
կրնային
տալ
եւ՝
…
Իրենցմով
հիմա
շէն
է
ամային։
Գիշեր։
Սիրածին
յիշատակը
գաղտնաբար
ետ
կը
դառնայ։
Անոր
պատկերը
կը
թրթռայ
բանաստեղծին
աչքերուն
մէջ,
ու
անոր
շունչը
քաղցրութիւններ
կը
վազեցնէ
իր
երակներէն։
Ու
բանաստեղծը
երեսին
վրայ
անտես
մատներուն
նուագը
կը
զգայ։
Ու
կը
շարունակէ
ըսել՝
Ետ
կը
դառնան,
մի
առ
մի
մեր
հին
ժամերն
անկորուստ,
Կարաւանին
հետ
աստեղց
անոնք
կու
գան
վերըստին,
Հոգիս
փարախն
է
բացուող
ընդդէմ
իր
քաղցր
հօտին
…
։
Յիշատակովդ,
այս
գիշեր,
կը
զգամ
այնչափ
զիս
հարուստ,
Այնչափ
բարի,
երջանիկ
…
որ
գըթութեամբ
մը
անհուն՝
Կը
մտածեմ
զայն
բաժնել
երկրի
բոլոր
խեղճերուն
…
։
Կ՚ուզե՞ք
ճանչնալ
տարիքը
անոր,
որուն
յիշատակը
այդքան
քաղցրութիւններ
գիտէ
բերել,
որուն
խորհած
ատեն
բանաստեղծը՝
աստուծոյ
մը
չափ
մեղմ
ու
անուշ
կը
դառնայ.
Նուրբ
ինչպէս
քող
մը
սաթի
եւ
ինչպէս
մուշկը՝
բուրեան,
Մարմինն
ամբողջ
հոգի
էր
եւ
աչուըներն
ամբողջ
շունչ,
Կը
տեսնէիր
իր
տարիքը
զերթ
թռչուն
մ՚ուսին
վրան.
Միւռոնազօծ
դեռ
այտեր
եւ
սրբողորկ
ունէր
դունչ։
Ու
երազի
այս
դիմաստուերը
կը
պտտի
գրքին
մէջ։
Անոր
կը
հանդիպինք՝
հանդարտ
արդուզարդին
մէջ
մելամաղձոտ
ու
աղուոր։
Ու
իր
գեղեցկութիւնը
չի
կերտուիր
վերադիրներուն
թուղթէ
ճերմակութեամբը։
Աւելի՛ն.
իր
մարմինին
դաշնակութիւնը,
իր
քայլերուն
նուագը
եւ
իր
շունչին
մեղեդին
է,
որ
կը
տպաւորէ
մեզ։
Իր
խենթութեան
պահերուն
բանաստեղծը
կ՚իջնայ
անոր
վրայ:
Զերթ
տատրակ
մը
զանգակատան
բարձունքէն.
Զայն
կը
մերկացնէ,
կը
գտնէ
անոր
անունները,
կողերուն
փայփայող
ու
սնդուս
մորթը,
կը
փարի
անոնց
ու
կը
շարունակէ
իր
գգուանքը.
Երկարօրէն,
վախկոտօրէն
…
մինչեւ
հո՛ն,
Ուր
կը
սարսի,
կը
տապալի
կիսանդրիդ
Կուրծքիս
վրայ,
ես
կ՚ունկընդրեմ՝
երգեհո՛ն
Մարմնիդ
հեւքոտ
խոր
նուագին
հեշտառիթ
…
Սըրունքներուդ
ողորկ
ու
պինդ
սիւներուն
ԹԵւեւս
իբրեւ
դափնեպսակ
կը
փաթթեմ,
Եւ
դնելով
ճակատըս
գիրգ
լանջքիդ
դէմ՝
Կը
զգամ
ուսիս
վրա,
ինչպէս
ոլորուն,
Աղուամազէ
թեթեւ,
ճերմակ
կարապի
Քու
պարանո՛ցդ,
որ
հոն
յոգնած
կը
պառկի
…
։
Բոլոր
այս
քերթուածներուն
մէջ
քնարերգութիւնը
կը
մնայ
շատ
զսպուած,
շատ
տնտեսուած
զգացումի
մը
ժուժկալութեանը
մէջ։
Այս
պարագան
չորութիւն
մը
չէ
սակայն,
վասնզի
կիներուն
մօտենալու,
զանոնք
վայելելու,
անոնցմով
գինովնալու
ձեւերը
վերջ
չունին։
Կը
բաւէ
հաստատել
միայն,
թէ
բանաստեղծին
մատները
հարկ
եղած
սարսուռը
կը
քալեցնեն,
երբ
կ՚իյնան
անոնց
«
մէջքին
շուրջը
»,
անոնց
«
ազդրերն
ի
վար
իրենց
սահանքին
մէջ
»
։
Բայց
ահա
ուրիշ
դրուագ
մը:
Ամէնուս
ալ
պատահած
է
տեսնել
զայն,
խորհուրդի
մը
չափ
հմայիչ
այդ
քերթուածը,
որ
Արեւելքի
մէջ
միայն
կը
բուսնի.
Միակըտուր
սեւ
-
անփայլ
մետաքսն
ամբողջ
զինք
ծածկած
Եւ
քայլերուն
մետաքսէ
խոր
շրշիւնովը
թեթեւ՝
Որ
ազդրերուն
քընարին
կարծես
նըւագն
ըլլար
ցած,
Կ՚երթա՜յ
Հանըմն՝
յուզելով
մուշկի
ալիք
մ
'
իր
ետեւ
…
։
Ժանեկայորդ
թեւէն
դուրս
կը
բխի
ձեռքը
պզտիկ՝
Զոր
նախանձոտ
սեւ
ձեռնոց
մը
կը
պահէ
կիսովին,
Մինչ
ուղղանկիւն
ճակատէն
ինկած
քողն
ալ
լուսանցիկ
Ծանրածարիր
աչքերուն
կ՚անթեղէ
հուրքը
խորին
…
։
Կամուրջին
վրայ,
յորդազեղ
վերջալոյսի
մը
ներքեւ,
Կ՚երթայ
Հանըմը
այսպէս,
հորիզոնէ
հորիզոն։
''
...................................................
Կ՚երթա՛յ
Հանըմն՝
անմատոյց,
քողածածուկ,
հոյաձեւ:
Կին
կամ
ոգի,
պահ
մ՚ելած
պալատներէն
Պոլիսի,
Պոլսոյ
ոգի՛ն,
խուսափուկ,
անքննելի՜,
սխրալի
…
*
*
*
Պ.
Թէքէեանի
մէջ
ազգայնական
քերթողը
անակնկալ
մը
չէ։
Մեր
գրագէտներէն
շատ
քիչերը
միայն
կրցած
են
պահել
իրենց
հաւասարակշռութիւնը
հանդէպ
այն
արհաւիրքին,
որ
մօտաւորապէս
քառորդ
դար
սաւառնեցաւ
մեր
երկրին
վրայ։
Տաղանդաւոր
բանաստեղծներ
մօտեցան
անոր
ու
անոնց
գործէն
որոշ
մաս
մը
հասաւ
իրական
մեծութեան։
Դժբախտաբար,
ուրիշներ
ոչ
-
նուազ
տաղանդաւոր,
տուժեցին
այդ
նախճիրի
քնարերգութիւնը
փորձելով։
Այս
վերջիններէն
է
Պ.
Թէքէեանը։
Չեմ
ուզեր
երկար
զբաղիլ
Թէքէեանի
հոգիին
այդ
երկրորդ
երեսովը:
Արդէն
իր
խառնուածքին,
հակումներուն
բերումովը,
իր
մտածող,
վերապահ
մարդու
հոգեբանութիւնովը
ան
օտար
մըն
է
այդ
գետնին
վրայ։
Մեր
կարողութիւնները
սահմանափակ
են։
Ուզելով
զանոնք
լայնցնել,
տարածել
ներկայէն
դուրս
անցեալին
ալ
վրայ,
արտակարգ
յանդգնութիւնը
կը
դիմաւորենք
հազուադէպ
ուղեղներուն:
Իր
զրոյցները,
իր
տաղերը,
իր
վրէժը,
իր
կռիւները,
իր
բարկութիւնը,
իր
գեղօնները
զիս
անտարբեր
կը
թողուն,
վասնզի
հոդ
հաւատարիմ
չէ
եղած
իր
զգայնութիւնը,
որ
կնկան
ու
բնութեան
տողերուն
մէջ
անուշ
հեշտանքը
ծորեց
խուսափուկ
նրբութիւններուն։
Բայց
նորէն,
արդար
ըլլալու
համար,
պէտք
է
աւելցնել,
որ
Պ.
Թէքէեան
կրցած
է
զատուիլ
ընդհանուր
արահետէն,
որ
արիւնի
ու
կրակի
մէջէն
կը
քալէ
եւ
որուն
վրայ
մեր
բանաստեղծներուն
ողբերը
կամար
կը
նետեն,
գտնել
գաղտնի
շաւիղներուն
տխրութիւնը
ու
անոնց
ստուերին
մէջ
ըսած
է
քանի
մը
պարզ
ու
սրտի
խօսքեր։
Յեղափոխական
գրականութեան
տուած
ամբողջ
շքեղանքին,
փաղփուն
պատկերներուն
եւ
արիւնավառ
տեսիլներուն
մէջ
քիչ
կայ
հատուած,
որ
գաղափարին
բարձրութեամբը,
ձեւի
նորութեամբը,
թելադրած
խռովքին
քաղցրութեամբն
ու
արթնցուցած
յուսահատութեան
խորութիւնովը
հաւասարի
«
Գեղօն
Սօսեաց
անտառին
»
քերթուածին.
Հայոց
երկրին
մէջ
մի՛շտ
կ՚ապրին
Մեծ
սօսիներն
արմենաւանդ
…
Եւ
լըռութեանն
ու
ըստուերին
Մէջտեղ
անոնց,
անարգաւանդ
Օրէ
մը
ետք
քերթողն
երբ
խանդ
Ու
ներշնչում
խնդրել
կու
գայ,
Խըռովայոյզ
ճիւղերն
աստ
–
անդ
Կը
փսփըսան
«-
Դո՞ւն
ես,
արքա՛յ
…»
։
,
Կ
'
անցնին
անվերջ
օրն
ու
տարիներին,
Խստահալած
…:
Դաշտ,
դարաւանդ
Եւ
լեռներուն
ալ
կատարին
Ձիւնը
փայլուն
զերթ
ադամանդ
Կը
կրեն
հետքն
անոնց
հիւանդ
Ծանըր
քայլին
…
Մինչ
հոս՝
հսկայ
Ծառերն
յստակ
միշտ
անվըկանդ
Կը
փսփըսան
«-
Դո՞ւն
ես,
արքա՛յ
…»
։
Սեւ
աղէտի
մը
նախօրէին՝
Անտառն
յուզուած
է
մանաւանդ
Եւ
տխրութեամբ
սօսիք
կ՚օրրին.
Օ՜հ,
թշնամւոյն
ըստուերը
ժանտ.
Տունե՛ր,
գիւղե՛րը
քարուքանդ
…
Բայց
մինչ
թաւատքը
կը
սըգայ,
Ահա
ձայներ
անհընազանդ
Կը
փսփըսան
«–
Դո՞ւն
ես,
արքա՛յ
…»
։
ՁՕՆ
Իշխա՛ն,
անյայտ
դեռ
քու
անուանդ
Հայորդիները
ապագայ
Ուխտած
պաշտում
մը
մոլեռանդ
Կ՚աղաղակեն
«-
Դո՛ւն
ես,
արքա՛յ
…»
։
Անշուշտ
շատ
բան
կը
պակսի
այս
տողերուն,
անոնց
աղքատութիւնը,
գունաթափութիւնը,
գնացքի
դանդաղութիւնը
չեն
փախչիր
ամէն
դիտողէ.
ասոր
հետ
մէկտեղ
անոնք
կ՚իրականացնեն
մեր
երազին
կաղապարը,
պա՛րզ,
ճիշդ
եւ
յուսադրիչ
ձեւով
մը։
*
*
*
Պ.
Թէքէեանի
գիրքը
լեցուն
է
ուրիշ
շարք
մը
քերթուածներով։
Ասոնք
զանազան
պահերու
տպաւորութիւններ
են,
պատահական
ազդակներու
ներքեւ
արթնցած,
վայրկեանի
մը
թռուցիկ
կենդանութեանը
մէջ
յղացուած։
Բանաստեղծին
ներքին
անգիտակցութիւնը
կը
բացակայի
անոնց
շատին
մէջ։
Կը
զգաս,
որ
իր
հոգին
ակօսող
այդ
յուզումները
շատ
տարտամ,
քիչ
խորացուած
գիծերէ
կը
փրթին
ու
անոնց
արտայայտութիւնն
ալ
մեզ
կը
շահագրգռէ
միմիայն
ձեւական
հրապոյրէն։
Այդ
քերթուածները
անյաջող
են.
վասնզի
անոնք
զգացում
համադրելէ,
գոյներ
սեւեռելէ
աւելի՝
հակումներ
կ՚ուրուագրեն,
չբացատրուող
միտումներ
դէպի
մահը,
դէպի
խորհուրդը,
դէպի
տեսիլները,
շրջանակներ,
որոնք
իրենց
կեդրոնը
չունին
բանաստեղծին
սիրտին
մէջ:
Բայց
անոնք
նորէն
մեր
կեանքին
եղկելի
միջակութիւնը
խռովող,
քիչ
մը
թրթռում
բերող
դրուագներ
են։
Ու
անուշ
բան
է
գիտնալով
խաբուիլը։
Արուեստագէտը
իր
բաժակը
կը
բռնէ
տպաւորութեանց
անձրեւին
դէմ։
Շատ
անգամ
անձրեւը
ժլատ
է
ու
սպասելու
առաքինութիւնը
միշտ
ուժով
չէ
մեր
մէջ։
Մենք
բաժակը
կը
պարպենք
յաճախ
ժամանակի
հաշիւով,
պարտուելով
իրական
ծանրութեան
վրայ։
Տխուր
է
անշուշտ
երբ
բաժակին
տակ
թել
մը
բան
մի
այն
կը
գտնենք:
Այսպէս
«
Կասկած
»,
«
Վեռլենին
»,
«
Շոփէնի
մահաքայլերգ
»,
«
Ծերութիւն
»,
«
Անկարեկիր
քնարը
»,
«
Հրայրքի
պահեր
»,
«
Հեծեծանք
»,
«
Ներկան
անապատն
է
»,
մեծագոյն
մասը
Տաղ
երուն,
ոտանաւոր
են
միայն,
աւելի
կամ
պակաս
յաջող
ձեւերով
եւ
որոնք
շատ
անորոշ
բաներ
կ՚ըսեն
մեզի։
Դարձեալ
պիտի
չուզէի
Թէքէեանի
այդ
երեսին
վրայ
ծանրանալ,
վստահ
ըլլալով,
թէ
իր
թարթափումները
այդ
մարզերուն
վրայ
անկեղծ
խուզարկութիւններ
են,
զերծ
թաքուն
մտադրութիւններէ
եւ
ատով
իսկ
արդարանալի,
հոգ
չէ
թէ
այդ
փնտռումները
զինքը
չառաջնորդեն
բարձունքներ։
*
*
*
Թէքէեանի
լեզուն
իր
առաւելութեանց
մօտ
ունի
որոշ
թերութիւններ։
Գրաբար
հոլովներ,
ռամկութիւններ
(
տեսնել
«
Գայլին
հսկումը
»,
էջ
100,
վերջին
տողը
),
անճաշակ
ու
բռնազբօսիկ
կերպով
բառեր
(
համբուրասով,
սիրացան,
եւ
ուրիշներ
),
կամաւոր
մթութիւններ
(«
Մտածումս
»,
էջ
56,
առաջին
քառեակը
),
քերականական
անճշդութիւն
(
հիմա
նորէն
ՄԷԿ
փափաք
մը
ունիմ
ա
լ
)
կ՚երեւան
իր
մօտ։
Ասոնցմէ
դուրս,
արուեստի
տեսակէտէն
իր
լեզուն
կը
մնայ
միշտ
ընդունակ
կատարելագործուելու:
Մեծ
հանդարտութիւնը,
որ
մթնոլորտն
իսկ
կը
շինէ
իր
բանաստեղծութեան,
կ՚ենթադրէ
խղճամիտ
աշխատանք
ձեւին
իրականացումին
մէջ։
Ինք
հզօր
զգացումէ
մը
չէ
մտրակուած,
բուռն
քնարերգութիւն
մը
չէ
կրակած
զինքը։
Իր
պտոյտներուն
մէջ
հանդիպած
է
իր
քերթուածին
ու
զանի
պչրանքով
իր
տունը
տարած
է:
Վայել
արդուզարդը
մենք
կը
փնտռենք
անոր
վրայ:
Ատիկա
ցանկութիւն
մը
ըլլալուն
չափ
պահանջ
մըն
է
մեր
մօտը։
Եթէ
երբեք
յանգի
համար
հագցուած
ածականները
ցանցառ
են,
արձակունակ
է
սակայն
իր
տողերուն
սանձարձակ
փաթթուքը
արդէն
տկար
պատկերի
մը
երկայնքին,
ինչպէս
հոս.
Ա՜յսչափ
ետքը՝
հիմա
նորէն,
ո՛վ
Աստուած,
Մաքուր
սիրոյ
մը
յոյսն
ինծի
ներելուդ,
Այս
ճառագայթն
իմ
դժոխքիս
մէջը
մութ
Երկարելուդ
համար
վերէ՛ն՝
նեղ
բացուած
Շընորհներուդ
պատուհանէ՛ն,
-
քեզի
փա՛ռք
Եւ
օրհնութի՛ւն.........................................................
Թէքէեանին
մէջ
ոտանաւորը
շատ
ամուր
կերտ
ունի
բառական
հիւսքի
տեսակէտէն։
Իրարու
ետեւէ
շարունակուող
խիտ
տողեր,
շատը
հայկական
ըսուած
ծանրատաղտուկ
չափէն,
որոնք
մտածումը
կամ
պատկերը
կը
հալածեն,
իրենց
յաճախումովը
վերջ
ի
վերջոյ
կը
յանգին
միօրինակութեան,
բանաստեղծի
մը
է՛ն
քիչ
ներուած
թերութեան։
Ինչո՞ւ
կը
կարդանք
զանոնք։
Մենք
առաջուց
գիտենք,
թէ
անոնք
մեզի
բան
չեն
սորվեցներ,
վստահ
ենք,
թէ
անոնք
մեզի
պիտի
փոխադրեն
տափակ,
հետեւակ
իրականութենէն
տարբեր,
նոր
քոլորի
ով,
նոր
սարսուռներու
ոլորտի
մը
մէջ։
Ու
մեր
տեղափոխութեան
պատրանքը
կատարեալ
կ՚ըլլայ
միայն
այն
ատեն,
երբ
անոնք
մեր
շուրջը
ստեղծեն
այն
տարտամ
մեղեդին,
անբացատրելի
նուագը,
որ
անոնց
բառերուն
ագուցուածքէն
կը
բխի։
Մեր
բանաստեղծութեան
մէջ
վերանորոգումի
փորձ
է
եղած
90
էն
ետքը՝
պատկերներու
գետնին
վրայ։
Մեր
իրապաշտները
չեն
իսկ
անդրադարձած
մեղեդիին
աւագ
կարեւորութեան
վրայ։
Ազատ
ոտանաւորը
շուտով
իջաւ
անտաղանդ
քերթողներու
սրբապղծումին:
Մեր
քերթողական
չափը
կը
մնայ
աւելի
քան
երբեք
խիստ
ու
վարդապետական։
Ու
կը
զարմանամ,
թէ
ինչպէս
չենք
փնտռած
անոր
ծագումը
մեր
մէջ։
Ան
օտար
կ՚երեւի։
Ժողովուրդի
բանաստեղծութեան
մէջ
հատկտուն,
թեւաւոր,
ազատ
է
այդ
չափը:
Ան
մեր
շարականներուն
մէջ
կը
ծփայ
ոսկի
երիզի
մը
նման,
ծայրայեղ
հոսանուտութեամբ
մը,
հետեւելով
երկինքներու
համերգին,
դաշնաւորելով
անոր
զարկին,
նուաղումներուն
ու
ցայտքերուն
հետ:
Միջին
դարու
երգիչները
բառերուն
տարողութիւնը
կը
լայնցնեն
իրենց
երգին
եղանակովը։
Տակաւին
այսօր
երբ
ժողովուրդը
իր
երգերը
կը
ստեղծէ,
նախապէս
կը
չարչարուի
անոր
եղանակին
վրայ։
Ինչ
որ
մեր
անցեալը,
ինչ
որ
մեր
ցեղին
բնազդը
աշխատած
է
իրագործել,
մեր
պաշտօնական
գրագէտները
հեռու
են
հասկնալէ։
Մենք
առաջարկը
կը
բերենք
հայկական
Նոր
քերթողականին: