Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. - ՍԱՐԳԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ («ՁՈՐԱՎԱՆՔ»)

Երբ կը թղթատենք, սիրուն, մաքրակազմ հատորիկը, տրտում, բայց բարեհաճ շեղում մը չենք կրնար չընել հոն մանրանկարուած ձեւերուն կոկիկ, ուղղափառ ճարտարապետութեան։

Արեւմտեան արուեստին կարգ մը մոթիֆ ները ( os, rondo, եւայլն), մեր մէջ քաղքենի դարձած հնչեակը, դասական կաղապարներ, ազատ չափ եւ պիրկ օրէնքներով զրահուած աշխարհաբարեան ուրիշ ոտքեր քիչ մը կը զարմացնեն զիս « Ձորավանք »ին մէջ անոր համար, որ ամուր թեքնիքի մը սա փոյթը անուղիղ կը համեմատի նորերուն բարկ ընդվզումին` հանդէպ ամէն կաշկանդումի։ Հաճոյք է ինծի անգամ մըն ալ, իր առիթով հաստատել կարելիութիւնը արուեստ ին, կանոնաւոր, որքան արձակ չափի մէջ, հերիք է, որ ըսելիք մը ունենանք մեզմէ դուրս, մեզմէ ներս զայն խորապէս ապրած ըլլալէ վերջ։ Կանոնաւոր չափին հանդէպ սա արհամարհանքը ոմանք տարին մինչեւ տաղանդի փաստին: Պ. Սահակեան ապահովաբար գիտէ, թէ օրէնքներու հանդէպ հաւատարմութիւնը երբեմն փրկարար դեր մըն ալ ունի անոնց վրայ, որոնք զեղուն լեզուի մը հրապոյրները կը շփոթեն ստեղծումին հետ։ Յաւիտենական է հռետորութիւնը:

Պ. Սահակեանի թեքնիքին մէջ գուշակելի են բարերար արդիւնքները մեր երկու մեծ բանաստեղծներուն, Մեծարենցի եւ Թէքէեանի ազդեցութեանց։ Այս վարպետներուն յաճախանքը օգտակար է բոլոր անոնց, որոնց զգայարանքները ժուժկալ ու զուսպ յօրինուածք մը ունին։ Որոնք պիտի զառածէին դէպի բառական ընդլայնումը, երբ նիհար իրենց ջիղերը արձակէին դէպի յորդ հրապոյրները պատկերին եւ փոխաբերութեանց, մա՛նաւանդ կշռոյթին ու գոյնին։ Պ. Սահակեանի թեքնիքը շահած է սա վայելուչ վերապահումէն, որ խնայած է անոր աւելորդ արձակութիւններ, կշռաւոր, բայց փցուն խօսքեր, այնքան առատ, երբ մեր տողերը պարտաւոր կ՚ընենք ուռենալու, պուտ մը գաղափարը ստորաբաշխելու համար էջին պահանջներուն։ Սեղմ, միշտ կոկ, միշտ ուշադիր՝ մեր լեզուին զգայարանքին - լեզուներն ալ ունին ատիկա - անոր ոտանաւորը բարեբախտաբար զերծ է նաեւ միւս թերութենէն, որ կամաւոր շփոթումն է տաղաչափութիւն եւ բանաստեղծութիւն որակուած իրարմէ բոլորովին տարբեր յղացքներուն։ Քանիներ, նոյնիսկ շքեղագոյն անուններէն մեր քերթողութեան, զոհ են այս անհասկացողութեան ու տող չափած են, փոխանակ ստեղծելու։ Թերեւս աւելորդ, որքան տխուր պարտք մըն է անցողակի յիշել հոս, թէ արեւելահայ քերթողութիւնը դեռ հասկացողութեան իսկ չէ հասած այս աղէտին ու այնքան այլամերժ հեշտանքով մը կը շարունակէ շփոթել չափածոյ բանը ստեղծուած բան ին հետ։

Խո՞րքը Պ. Սահակեանի քերթողութեան։

Պէտք է անմիջապէս աւելցնել, որ այդ խնամուած արուեստը եթէ ոչ-համարժէք, գէթ համակրելի տարրերու վրայ կը գործէ։

Անշուշտ արտակարգ, այլապէս խռովիչ հոգի մը չէ, որ կը խօսի մեզի այդ տողերէն։

Պ. Սահակեան թերեւս մէկն է այն շատերէն, որոնք առտու մը իրենց աչքերը բացին արիւնին կամ անոր արձագանգին մէջ - նոյնն է արդիւնքը. բաներ կան, որոնց շուքը քանի մը պատիկ աւելի կը ճնշէ, քան անոնց իրականութիւնը - ու գտան իրենց ոտքերուն տակ գուցէ շքեղ ոստաններ, բայց որոնցմէ իրենց երկարող զգայութեանց լարերը ժանգահար ըրին իրենց անդրանիկ ընկալչութիւնը։ Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի պատերազմէն յետոյ գրիչ բռնողները ուրիշ կերպ չբացուեցան արուեստին։ Անոնք մրրկին թեւովը նետուածներ են սա երկրագունդին մօտ ու հեռու խորշերուն, ու տարինե՜ր, ահաւոր մղձաւանջը հագած ապրեցան, կրակէ շապիկի մը պէս ու դժուար հաւատացին կեանքին, այդքան խոր մահուան մէջ մտնելէ ետքը։ Այս տագնապը, ու օտարութեան անխուսափելի ցուրտը երկար ատեն պահեցին անոնց ստեղծող գործարանները իրենց ճնշումին մէջ, որ զգալի է նորերուն բոլորին ալ վրայ, ինչպէս շշունջը հեռացող, բայց չհանգչած փոթորիկին։ Ատկէ՝ բոլորին ալ մօտ այն մենութիւն ը, այն անհաւատալի, անիրական այլուրութիւն ը, որ արուեստին կ՚ապաստանի, կեանքէն անխնայ հալածուելով: « Ձորավանք »ին մէջ ընդհանուր ոլորտ մըն է այդ մենութիւնը, զոր դժուար չէ տարածել հեղինակին ալ վրայ։

Տեսիլներ, յուշեր, պահեր, երբեմն սրտէ փրթած խոստովանութիւն մը, երբեմն կարօտ, յաճախ թախիծ, երազ, սուզումներ, ներսի ձայներ, միշտ մենանիստ մարդու լրջութեամբը, տրտմութեամբը քողաւոր, տանելի յատակ մը կը ճարեն Պ. Սահակեանի հատորին: Ու կը կարծեմ, թէ պէտք է գոհ ըլլալ այսքանով։ Զի սրտառուչ է բանաստեղծութիւնը պարզ բառերուն, հերիք է, որ հաւատանք անոնց ու սիրենք: Պ. Սահակեանի քերթուածները կը թելադրեն այդ հաւատքը, քանի որ կը կենան ընդմէջ վերնաթռիչ ու ասով մեզի ոչ-հաճելի զգայնութեան մը եւ այն միւսին, որ սողոսկող, տափակ, ցամաք օրերուն ուռկանն է մեր հոգիի թեւերուն բռնադրուած։ Արուեստագէտը սա դժուար հաւասարակշռութիւնն է երկինքին եւ երկրին։ Տասնէն տասնհինգ տարիներու վրայ երկարող շրջանէ մը փունջ մը գեղեցկութիւն պահել կրնալը խառնուածքի շնորհն է, երբ մեր օրերուն այնքան դիւրին է բառ տալ ու ինքզինք խաբել:

Զգաստ, զուսպ, ոչ-հռետոր այս խառնուածքը փրկած է « Ձորավանք »ը, որ եթէ նպաստ մը չի բերեր հաւաքական մեր զգայնութեան - քիչ են նման գիրքերը - գէթ իրական հաճոյքը կը հայթայթէ սրտի մը հետ ըլլալու: