Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԵՒՈՆ ԷՍԱճԱՆԵԱՆ

Գիշերաջան կատաղի տքնութիւններու այս հոյակապ ասպետը բռնի իր անունին կապած է բանաստեղծի տիտղոս մը, եւ երկու-երեք տարիէ ի վեր լրագրական բարքերուն թուլութենէն օգտուած, կը շարունակէ իրարու ետեւէ ոտանաւորներ, պրոշիւրներ, հատորներ հրապարակ նետել: Պ. Էսաճանեանի մէջ իր յարատեւութիւնը գովելի է անշուշտ, նոյնիսկ քիչ մը արգահատելի։ Իր հաւատքը սակայն իր տաղանդին վրայ՝ զինքն այնքան կուրցուցած է, որ հետզհետէ փոխանակ ինքզինքը գտնելու, վտանգած է յաջողութեան ամէն հաւանականութիւն։

Ինքնատպութեան խենթ հովէ մը տարուած՝ Պ. Էսաճանեան մեր լեզուին մէջ կը փորձէ այն խաղը, զոր սէնպոլիսթները, պառնասեան դպրոցին հակազդելու համար, Մալարմէի հովանաւորութեամբն ու Վերլէնի հանճարային յանդգնութիւններով մտցուցին ֆրանսական բանաստեղծութեան մէջ։

Պ. Էսաճանեան անբացատրելի եւ մեղաւոր սնապարծութեամբ մը գինով՝ նշանաւոր վարպետի մը ինքնակոչ կտակարարը կը դաւանի ինքզինքը։ Եղիան երգելու համար իր գրած տողերուն մէջ մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկը անթափանցելի մռայլութեանց մէջ գոլորշացող հռետորի մը կը վերածէ։ ( Եղիա Տէմիրճիպաշեան, հրտ. Ազատ Մատենաշարի

Հերոս կնոջ մը ծիրանի մահուան հանդէպ հերարձակ հագներգուի մը կախարդանքը թելադրելու համար, մոխիրներուն վրայ մովսէսեան բարկութեամբ մը քնարներ կը խորտակէ ու կը բռնկցնէ: ( Այրած քնար մը Բինկեանի մոխիրներուն վրայ ) ու տակաւին փառքի սիրով խելայեղ՝ իր ձեռնածուի այլանդակութիւնները «սաղերգելու» համար սրբապղծութիւն կ՚ընէ ցեղին էն նուիրական աւանդարանէն կոր զելու փանդիռը, որուն լարերը անիմաստ սոփեստութեամբ չորս ցեղերու ջիղերէն փոխ կ՚առնէ Փանդիռ », 1911)։

 

* * *

Ծայրէ ծայր կարդացէք իր նոր գիրքը ու տող մը իսկ պիտի չգտնէք, ուր յարգուած ըլլային մեր լեզուին դաշնակութիւնն ու մեր տաղաչափութեան տարրական սրբութիւնները։

Ես վստահաբար գիտեմ, որ Պ. Էսաճանեան եւ իր նմանները, որոնք արուեստի ազատութեան փողահարներն են մեր մէջ գործնականապէս, հաւատք ունին իրենց գործին արուեստագիտական մեծ արժէքին վրայ։ Կը կարծեմ, թէ լեզուն չարչարելով, կանոնները արհամարհելով, ընդունուած նուիրականութիւններուն դէմ ըմբոստանալով, Մորէասի մը կամ Վերհարնի մը լուսապսակը կ՚ապահովեն իրենց «հանճարալիր», «ջնջենի» գանկերուն։

Յետոյ, մա՛նաւանդ սէնպոլիսթներու շարժումը ընդհանուր ջղայնութեան մը, իրապաշտութենէն յափրացած ուղեղներու դէպի երազ սլացքին ախտաւոր մէկ երեսն է, մինչդեռ Պ. Էսաճանեանի անձնապաշտութիւնը եթէ Եղիային ծաղրանկարումը չէ, պաղ, խարդախ artifice մըն է, դատապարտելի եւ պախարակելի. որովհետեւ՝

Ա. - Պ. Էսաճանեան երբեք բանաստեղծի անհրաժեշտ ձիրքը, իւրայատուկ զգայնութիւնը ( sensibilité ) չունի:

Բ. - Պ. Էսաճանեան չատ աղտոտ ու մութ երեւակայութիւն մը ունի։

Գ. - Պ. Էսաճանեան երբեք ճաշակ չունի։

Այս հաստատումներէն ետքը, դիւրաւ կը մեկնուի իր ոտանաւորին արուեստակեալ յօրինուածքը։

Պ. Էսաճանեան իր զգայնութեան անդարմանելի նիհարութիւնը սքողելու համար, դիմած է ժողովրդական կարգ մը շատ քնքուշ մոթիֆ ներու օգնութեան։ Բառերու կրկնութեամբ, տողերու շրջումներով ջանացած է ժողովրդային երգերուն անուշութիւնը եւ անոնց թարմ ու փափուկ երաժշտականութիւնը դողացնել իր սաղերգութիւններուն մէջ։

Արդի՞ւնքը։

Ժողովրդական մոթիֆներու վրայ ձեւուած իր ոտանաւորները անտանելի հետեւականութեամբ մը վարկաբեկ կ՚ընեն նոյնիսկ իրենց նախատիպարները։ Սրտայոյզ եղանակի մը գէշ բերանի մը մէջ ենթարկուած չարափոխումին տպաւորութիւնը կ՚ընեն անոնք: Գեղօն անունին տակ իր քառեակները, վեցեակները, ութեակները հասարակ տեղիքներու, տափակ գաղափարներու, հրէշ պատկերներու վրայ պոռոտ, իրենց արտակարգութեամբը աչքի ինկող հագուստներ են։ Անոնք կը նմանին լարախաղացներու այլանդակ տարազներուն։

Պ. Էսաճանեան պատկերներու ինքնատպութիւն մը ապահովելու համար, աշխատած է մեր երեւակայութեան դէմ հանել իրենց անբնականութեամբը, այլանդակութեամբը միայն ուշագրաւ տեսարաններ։ Փոսապեղերը հացագործներ են իրեն համար, որոնք ոսկորներուն մուխէն նաշիհ կը պատրաստեն։

Իր պատկերներուն տարօրինակութիւնը կը ծանրանայ նաեւ ցրուածութեամբ մը, թոներու աններդաշնակութիւնով, գոյներուն անճաշակ հոծութեամբը։ Մոմով աղտոտած հայլիէ մը անդրադարձող նկարներուն անորոշութիւնն ու տգեղութիւնն ունին անոնք։

Պ. Էսաճանեան ճաշակ չունի, որովհետեւ իր ոտանաւորներուն մէկ մեծ մասը անհրաժեշտ կշռոյթը չունի: Ազատ քերթուածը իր փանդիռին թելերուն վրայ աճպարարի նուագ մըն է անկապ, անհամաչափ, պճռքուած։ Իր յանգերը ականջդ կը վիրաւորեն ու իր քերթուածներուն մէջ արձակունակ գռեհկութիւն մը կը քաշքշուի սողոսկուն, սուլող ու ֆշշացող։

Լեւոն Էսաճանեան երեւոյթ մըն է մեր բանաստեղծութեան մէջ։

Մենք ունեցանք Եղիան, որ գերազանց արուեստագէտի մը իր քմայքը պտտցուց մեր գրականութեան մէջ։ Եղիային հիւանդագին զգայնութիւնը, նրբացած ուղեղին մոլեգին թեւաբախումները, ճշմարիտ բանաստեղծի խորունկ յուզականութիւնը մասով մը փրկեցին իր սանձարձակութիւնները, քիչ մը ճոռոմ եւ ուռուցիկ շեշտը։ Անոր մթութիւններուն մէջ փնտռեցինք նոր, աննշմարելի փոսփորափայլումներ, վստահ ըլլալով, թէ հանճարեղ ուղեղի մը նոյնիսկ տարականոն արտայայտութիւնները իրենց շահեկանութեամբը շատ վեր են միջակութիւններու ճշտապահ, անզգած normalité ներէն:

Մենք ունեցանք Վարուժանը, որ մեզի բերաւ նոր երգ մը, այս երգը իր խորունկ հնչականութեամբը եւ յուզող քաղցրութեամբը մեր բանաստեղծութեան մէջ

ստեղծեց սարսուռի նոր լար մը, ինչպէս Պօտլէր ըրաւ ֆրանսական բանաստեղծութեան մէջ։

Պ. Էսաճանեան Եղիան եւ Վարուժանը իր ուղեղին մէջ իրարու կը խառնէ։ Ազդեցութիւնները ինքնատպութենէ զուրկ ուղեղներու մէջ կը յանգին հակաբնականութիւններու, ինչպէս հակասեռ տարրերու քմահաճ համադրութենէն ճիւաղներ առաջ կու գան։

Պ. Էսաճանեան գրական amorphe մըն է։

 

* * *

Պ. Էսաճանեան շատ գէշ գրող մըն է։ Իր ոճը գիշերային տքնութիւններու քրտինքովն ու դառնութեամբը կը սրտաբեկէ ամէնէն բարի տրամադրութեամբ օժտուած ընթերցողն անգամ։ Եթէ ինքնատպութեան մարմաջը վեր առնենք իր բանաստեղծութիւններէն, անդին կը մնայ ողբալի անապատ մը։ Ինք մեր բանաստեղծութեան մէջ ոչ մէկ նոր ջիղի ներկայացուցիչը ըլլալէ զատ, շատ գէշ սանձարձակութեան մը գայթակղութիւնը կը բերէ անոր մէջ։

Իրեն պէս չենք մտածեր, որ մթութիւնը, անհասկնալի մնալու բռնի ճիգը, նոր բան մը ըսելու համար գէշ բաներ ըսելու անտեղիտալի ստիպողականութեան համակերպում մը կը բաւեն ուշադրութիւն հրաւիրելու։

Պ. Էսաճանեան նոր բառեր կերտելու յիմար տենդէն ալ բռնուած է, իր խօսքին կոտրտածութեան վրայ երբ աւելցնէք «ակռազուրկ», «յափշտակ» ու անոնց նման վիժած բառերու խժդժութիւնը, երբ հատածներու մասին իր արհամարհանքին ալ վարժուիք, ապահովաբար պիտի տարուիք մտածելու բաներ, որոնք երբեք պիտի չըսուին թուղթի վրայ։

Պ. Էսաճանեանի շփոթ իմացականութիւնը միայն կը հասկնայ, թէ ինչ ըսել է «անապատ հոտ»։ Իր բանաստեղծի նուիրական բարձրութեան մէջ այնքան աննիւթացած, այսինքն՝ ոչնչացած է, որ անտարբեր է մարդուն պատմութեան. իրեն համար երբեք կարեւորութիւն չունին պատմական գոյնն ու հարազատութիւնը. Արտաշէս թագաւոր հրացան կը գործածէ ալաններուն դէմ։ Ինչո՞ւ չէ։

Պատկերի սխալներ, հրէշութիւններ գրեթէ կը վխտան։ Սխալ կերտով պարբերութիւններ, քերականական բռնաբարումներ իրեն համար ինքնատպութեան լաւ դափնիներ են։ էջերով խոսելու եւ ոչինչ ըսելու բարի սովորութիւնն ալ ինք միայն կը ներէ անշուշտ իրեն։

Այս պայմաններով գրուած գիրքի մը վրայ, ինչպէս կը զգացուի արդէն, կարելի չէ լաւ բան մը գրել։ Իր նիւթերն անգամ ծածուկ անկիւններէ դուրս քաշուած պառաւի կամ տղու գիսախռիւ կամ կռնծած գանկեր են։ Մենք չենք վախնար տարօրինակէն. մեր ջիղերը անսպասելի սարսուռներու լոգանքը կը սիրեն։ Սոսկալի հաճոյքով մը կը կարդանք Փոն։

Բայց Փանդիռ ը ի՞նչ է։ Երգ մը չէ, նկար մը չէ, հոգիի ցոլացում մը չէ։ Հոն իյնողը ոչ մէկ որոշ տպաւորութիւն կրնայ ընդունիլ: Իր գիրքը ես կը նմանցնեմ ստորերկրեայ քարայրի մը, որ գրեթէ միշտ մութ, միշտ խոնաւ ու պաղ ամայութեան մը զգացումը կ՚արթնցնէ հոն մտնողին վրայ: Այցելուն ատեն-ատեն անծանօթ խորշերէ եղանակի բխումներ կը լսէ, երբեմն շատ բարակ թել մը անուշ դող մը կ՚աշխատի ոտք հանել ջիղերուդ վրայ, բայց անմիջապէս ուրիշ հաստ ու կոշտ պարաններ անհամ, դիւային խառնակութեամբ կու գան խեղդել այդ զգայուն եղերգը։ Քարայրին խորհուրդը կը թռի, կը ճանչնաս մութին մէջէն, մշեցի լարախաղացներուն հասարակ զուռնան ու զայրացած դուրս կը նետուիս, արգահատանքի ծիծաղ մը նետելով քարայրին ապուշ բերանին։

 

* * *

Սահմանադրութենէն ասդին մեր բանաստեղծութիւնը շատ աւազաններ փոխեց։ Ապառաժուտ լեռներէ անցաւ ան Սիամանթոյին հետ, աւերակներու շուրջը իր յուսահատ աղաղակը պոռաց, Վարուժանին հետ իջաւ անուշ հովիտներ, հին կոյսերու ձիւն դիակները արեւին հանեց. Ահարոն զայն տարաւ մեռած պալատներու կեղծ փայլատակումներու տակէն, Ռ. Սեւակի հետ ան այցելեց տխուր դաշտեր, ուր բոզերուն ճենճն ու աշխատողին քրտինքը իրար կը պագնեն։ Ուրիշ աւելի տժգոյններուն հետ ան պտտեցաւ արդարութեան ու հաւասարութեան պարտէզները:

Բայց Պ. Էսաճանեանի հետ ան, հայ չարչարուած բանաստեղծութիւնը քայլ մը անգամ չառաւ, թողուց, որ ան վազէ իր ափերէն, վասնզի Պ. Էսաճանեան բոլորովին դժբախտ արկածախնդիր մըն է։

Իր հետ սկսող Ահարոնը թէեւ ուռուցիկ, բայց բաւական լուսաւոր մտածումի մը շուրջը թեւ կը զարնէ։ Իր երէց եղբայրը, Գոլանճեան իր պատկերներուն թելադրող նկարագրովը մասամբ ստուերի մէջ կը թաղէ իր խենթի լեզուն, Պ. Էսաճանեան բոլորովին ժառանգազուրկ թափառական մըն է, որ գնչուներու քեմանչէ ն ուսին, լեռնէ լեռ, երկրէ երկիր կը պտտի յաւիտեան չգտնուելիք ինքնատպութիւն մը հետապնդելով:

 

* * *

Տխուր է անշուշտ այս պատկերը բանաստեղծի մը համար, որ յաւակնութիւնն ունեցած է ինքզինքը հռչակելու Հեղինակ գլուխ-գործոց քերթուածներու (իր բառերն են)։

Գրականութեան անունով այս խաղարկութիւնը մեր քննադատները ներած են իրեն, առաջին օրէն իսկ անոր մէջ պարապ տակառի մը աղմկայոյզ վլվլուկը տեսնելով։

Ես կու գամ ահա շատ օգտակար գործ մը կատարելու գոհունակութեամբ, մէկդի ընել այդ մեղաւոր անտարբերութիւնը։ Մեր բանաստեղծութեան այս նուաղկոտ օրերուն (տաղանդաւորներն անգամ իրենք զիրենք կը կրկնեն), երբ նոր սերունդը այնքան պէտք ունի մեծ գեղեցկութիւններու, ուռուցիկ, կեղծ, մութ, անիմաստ ու տափակ ոտանաւոր շինողներու այս արշաւանքը վտանգի մը լրջութիւնն ունի իր մէջ։

Աճպարարութեամբ, ճառ խօսելով, չլացնելով կոկորդիլոսի արցունքներ թափելով կամ ցոփուհիի կոտրածութիւններով հրապարակին վրայ վարկ շահելու օրերը իրիկուն եղան ալ։ Շալկեցէք ձեր քնարները եւ զարկէք զանոնք միայն այն ատեն, երբ դուք մինակ էք ձեզի հետ։

 

1911