Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՊԻԼ

Թրքահայ բանաստեղծութեան ուսումնասիրութեամբը զբաղող ամէն քննադատ պարտաւոր է յարգալից հետաքրքրութեամբ կանգ առնել այս դէմքին առջեւ։

Մեր բանաստեղծութեան աղքատիկ պարտէզին մէջ ան իր ունեցած մասնակցութեամբը կը նմանի մեծ, մաքուր արձանի մը, որ պարտէզին երկու խոշոր հատուածներուն մէջտեղը իր փառքի պատուանդանին վրայ կեցած, կը ժպտի տարօրինակ ժպիտով մը, ու իր աչքերը կը գրկեն պարտէզին բոլոր անկիւնները դէպի առաջ ու դէպի ետ։

Պարտէզին ետեւի հատուածին մէջ, ուր տարերկրեայ անտառի մը հարուստ կանանչութիւնն ու հասարակածային բոյսերու արիւնոտ ծաղիկները իրար կը խառնուին գաճաճ ու ազազուն թփիկներու մօտիկ, անոր նայուածքը կը սիրէ անուշնալ, ուշանալ, լոգնալ։ Հոն են Դուրեանը, Պէշիկթաշլեանը, Ալիշանը, Նարպէյը, որոնց շուքը պարտէզին կու տայ մեծ վայելչութեան ու կարմիր կենդանութեան մեծագոյն բաժինը։ Հոն են նաեւ Պէրպէրեան, Սէթեան, Թէրզեան, Աճէմեան իրենց համեստ պարոյրովը խղդուած մեծերուն փառքին տակ։ Աննշմար թուփի մը պէս, անկիւնէ մը՝ կծկտած՝ Աղեքսանդր Փանոսեանը կը նայի արձանին յարգանքով ու երախտագիտութեամբ։

Իր առջին, աչքերը չե՛շտ արեւուն, գիտունի հանդարտութեամբ կեցած է Արշակ Չօպանեան։ Քիչ մը հեռուն թեթեւուկ ածուի մը շուրջը կը պտտի Շանթը: Որբերեան ծառի մը շուքին՝ զբաղած է լացող աչքերը չորցնելու։ Յարութիւնեան նուրբ, շատ բարակ ծաղիկներ հաւաքելու զբաղած է։ Դրան աւելի մօտիկ, Եարճանեան մազերը հովին՝ կը պոռայ ամպերն ի վեր։ Վարուժան անուշ հայուհիի տարազով իր գառնուկը կ՚արածէ։ Թէքէեան ու Մալէզեան սիկարի մուխին մէջ թաղուած կը մտմտան երկա՜ր-երկա՜ր։ Ու երկաթապատ դրան առջեւ տժգոյն ամբոխ մը, շարունակ կը բախէ դրան։ Ծաղկազարդի Բաց մեզ, Տէրին եղանակը յիշեցնող աղերսարկու ձայնով մը։ Հոն են ազատութեան բոլոր հերոսները, բոլոր սէնպոլիաթները եւ բոլոր նասիոնալիսթները։

Ու արձանը երկու հատուածներուն վրայ փոխն ի փոխ իր ժպիտը կը ձգէ, ու անոր ժպիտը, կնկան ժպիտ, բարի է։

 

* * *

Ռոմանթիքներէն կու գայ ան։

Իր միտքը, հոգին, զգացումներուն աշխարհը կազմուած են ութսունական թուականներուն, երբ մեր մէջ միահեծան կը տիրապետէր Պէրպէրեանի, Թէրզեանի ռոմանթիզմը։

Անցողաբար դիտել կու տամ, որ առհասարակ օտար ազդեցութիւնները մեր գրականութեան մէջ պատահեր են շատ հետամնաց եղանակով մը: Այսպէս, արդէն երեսուն տարիներ անցած են ռոմանթիզմի մահԷն մինչեւ անոր ողջննալը մեր մէջ։ Ֆրանսական ռոմանթիզմը կը հասնի մինչեւ 1850։ 48ի գաղափարները 1860-70ին մուտ կը գործեն մեր մտաւորականներուն մէջ։ 85ին սկսող եւ մինչեւ 900 իր ամբողջական արտայայտութիւնը տուող սէնպոլիզմը դեռ նոր քանի մը բանաստեղծներ կը փորձեն մեր մէջ։

Ու Սիպիլի ռոմանթիզմը կը կրէ բոլոր յետամնաց պտուղներուն, տունը մնացած աղջիկներուն տժգոյն տխրութիւնն ու կոտրածութիւնը։ Մասնաւորաբար հայկական ռոմանթիզմին բոլոր ողբալի խեղճութիւնը քաւելու կանչուած քննադատները սիրած են խիստ ըլլալ իր նախագոյն արտադրութեանց մասին։

Ֆրանսական ռոմանթիզմի ճարակը մեզի կու գայ Մխիթարեաններէն, գրաբարի վերածնունդին հետ կեանք առնող գրական շարժումէն։ Հիւրմիւզեան, Բագրատունի, Ալիշան, Նարպէյ տարուած են Լամարթինով ու Հիւկոյով։

Յետոյ ուրիշ սերունդ մը, Պէրպէրեանի իշխանապետութեամբ, շարունակողը կ՚ըլլայ այդ շարժումին։

Այս ստրուկ հետեւակութեամբ՝ մեր գրականութեան մէջ մեր բանաստեղծները գրեթէ կը կրկնեն հոգիի եղերերգութիւններ, մեզի բոլորովին օտար մթնոլորտի մը մէջ ապրեցնելով իրենց հերոսները։ Տաղանդաւորներ հազիւ կրցած են իրենց երգին ինքնութիւնը պահել, չի հասկցուելու, չի հաւնուելու վտանգը արհամարհելով։ Դուրեանին փառքը մինչեւ մօտաւոր անցեալ մը իր թատերգութիւնները միայն կերտած են: Իր երգին աննման ուժը ու տարօրինակ թախիծը դասական ու կէս-բերան մեկնութիւններով հազիւ զիջած են նկատի առնել մեր բանաստեղծները, մանաւանդ ութսունէն առաջ ու քիչ մը ետքը:

Ու ոտանաւորները կը գրուին, կը գրուին շարունակ, կը կարդացուին մրցանակաբաշխութեան, սահմանադրութեան հանդէսներուն. Մասիսը դրուատիքներ կը հիւսէ «պերճաբարբառ» քերթողներու վրայ, որոնք սունկի պէս կը բուսնին ու անձրեւի մը պէս կը մեռնին (հիմա ալ նոյն վիճակը կը կրկնուի)։ Մթնոլորտը լեցուած է Քուզէնեան պերճախօսութեամբ, Լամարթինի բանաստեղծական հաւատով։ Ու այս ամէնը ե՞րբ, գիտէ՞ք, երբ Թէն արդէն հրատարակած է իր Intelligenceը, Լը Բոնթ տը Լիլ լաւագոյն քերթուածները արդէն կաղապարած, Զոլա սկսած իր Րուկոն–Մագառներու շարքը։

 

* * *

Սիպիլի մէջ ռոմանթիզմին ծայրայեղութեանը չէ, որ կը հանդիպինք ամէնէն աւելի։ Իր անդրանիկ կտորներուն մէջ ան բանաստեղծ մըն է, որ յաւիտենական նիւթերու վրայ բացած է իր երեւակայութիւնը։ Լուսինը, երկինքը, թերեւս ծովը խորհուրդի, անհունի իրենց ներկայացուցած փորձող գեղեցկութեամբը կը գրաւեն անոր հոգին։ Սարսուռով, «պշուցումով» հնչուն ու ծիրանի դիմառնութիւններով այդ մենէ վեր տեղերուն հմայքն ու բարձրութիւնը կ՚երգէ մեզի, իր լեզուն, ոճը յայտնի հետքը կը կրեն Պէրպէրեանի հռետորական բոլոր նրբութիւններուն, դարձուածքի բոլոր պարապ ճկունութիւններուն:

Բայց առաջին ակնարկ մը կը բաւէ թափանցելու համար այն ինքնեկ ու թրթռուն շեշտին, որով իր քերթուածները կը փրկուին բառէ շէնքեր մնալէ։ Լոյսի exotique գոյներուն խաղը չէ անոնց մէջ միայն տպաւորողը: Սիպիլ սիրտ մը ունի հոն, սիրտ մը, որուն ձայնը հազիւ կը լսենք սակայն, այնքան ռոմանթիք զարդերով ու պատշաճութիւններով պահ է դրած ան միuի այդ կտորիկը։ Պչրանքի, վախկոտութեան այս բնազդը տակաւ պիտի զարգանայ իր մէջ ու ազատ արուեստագէտի տաղանդը իւրացնելէ ետքն ալ, պիտի շարունակէ իր սիրտը հեռու պահել իր գրածներէն։

Պէրպէրեան խմբակը չի կրցաւ իր վրայէն նետել ռոմանթիզմի պարեգօտը, ու այդ ծիրանիով թաղուեցան տարիներ առաջ Սէթեան, Թէրզեան, Պէրպէրեան։ Աղեքս. Փանոսեան իր լեզուն միայն փոխեց, կարծելով, թէ լաթը հանելով կարելի էր միսն ալ փոխել։

Սիպիլ միակն է այդ դպրոցին շառաւիղէն, որ ցոյց տուաւ, եթէ ոչ արմատական, գէթ՝ ներդաշնակ կերպարանափոխութեան իրականութիւնը։

 

* * *

90ական թուականներէն վերջ Սիպիլ Հայրենիք օրաթերթին մէջ lրատարակեց մէկ-երկու քերթուածներ, ինչպէս Դարավերջիկ հիւանդը, Ժանեակները եւ ուրիշ քանի մը lատ ալ։

Կերպարանափոխութիւնը կատարեալ էր։

Արդէն այդ թուականներուն հայ բանաստեղծութիւնը ճշմարիտ ձեւափոխութեան մը կ՚ենթարկուէր։ Չօպանեանին թրթռումները նոր ձեւին առաջին փորձերն էին։

Սիպիլ՝ Չօպանեանէն առաջ՝ իր ոտանաւորին մէջ մտցուցած էր իրապաշտ գոյներ ու տարրեր։ Աշխարհաբար քերթուածին մաքրագործումին մէջ կարեւոր եղաւ իր նպաստը, կնոջական բնազդը, գեղեցիկ ձեւերու, փափուկ հիւսքերու մասին իր ունեցած ճաշակը աւարտեցին յաջողապէս մեր ոտանաւորին արդի տարազը։

 

* * *

Սիպիլի բանաստեղծութիւնները քիչ են: Անոնք 20-30 կտորներէ բաղկացած պզտիկ հաւաքածոյ մը հազիւ իսկ կրցած են կազմել «Ցոլքեր» անունին տակ։ Գրած է միայն այն ատեն, երբ պետք է տեսած. ու իր ոտանաւորները այդ հանգամանքով իսկ շահեկան են. ֆրանսական բանաստեղծութիւնը յարգանքով կը յիշէ Արվէռը:

Սիպիլի բանաստեղծութիւնը վերլուծելու համար քննադատը պէտք չունի խոշոր բառերու, մանուածապատ դեգերումներու, խորունկ փնտռտուքներու: Կին մըն է ան, որ արիւնէն աւելի ներկը, բոյրէն աւելի շնորհը, միսէն աւելի սնդուսը սիրած է։

Մասնաւորաբար իր տաղերուն մէջ աչքի կը զարնէ այն ժուժկալ, վերապատ ոգին, որ կրնայ միջավայրի պայմաններէ բխիլ, բայց որ երբեք չի փրկեր իր բանաստեղծի անկախութիւնը։

Իր ոտանաւորները կարդացած ատեն մի փնտռէք սիրտէ փրթած, արիւնին համովը տրոփուն անկեղծ տողեր։ Ան իր ջղայնութեան ծովը կը պահէ մեզմէ, խնամոտ շուքերու, խորհրդաւոր իրարանցումներով կամարցող կանանչութիւններու տակ։ Հետաքրքիրներն անգամ չեն յաջողիր այդ զգուշաւոր գօտիէն թափանցել: Սակայն անբացատրելի պչրանքով մը ան ատեն-ատեն պզտիկ միջոցներ կը ձգէ, բացուածքներ կը թողու սաղարթախիտ լռութիւններու վրայ, ուրկէ վար աչքերդ վայրկեան մը կը հանգչին շատ կապոյտ ջուրերու պաստառին մէջ: Կը խաբուիս, վասնզի հով մը շուտով այդ ազատ անցքերը իրար կը բերէ նորէն, նորէն կը կապուի ծովուն կամարը ու խորհուրդը կը մնայ աւելի քան երբեք մռայլ ու կախարդող։

Ասիկա կրնայ ճարտարութիւն մը (artifice) նկատուիլ։ Բայց ինչպէս դիտել տուի, պչրանքի տեսակ մը յաճախումէ կը բխի ան, ու խառնուածքի մաս պիտի կազմէ իր մէջ, վասնզի չէ գծած էջ մը, ուր կարենայինք իր սիրտը կարդալ:

Աղջկան մը սիրտը վէպին մէջ ուզելով ինքզինքը նկարել, հասած է բոլոր գրողներու յաճախադէպ տարտամութեան. իր սիրտը այնքան անորոշ զարկ ունի հոն, որ կը մոռնանք, թէ կը բաբախէ՞, թե ոչ: Զգացումի այս թողարկումը, Սիպիլ կ՚ուզէ արդարացնել կամ հակակշռել հրաշալի արտաքինով մը:

Իր բոլոր բանաստեղծութիւններուն մէջ ինք դերն է առած տաղանդաւոր արուեստագէտ կնկան մը, որ կուրծքերուն աղքատութիւնը, միսերուն ազազուն չորութիւնը ու հասակին նիհար ցայտքը փրկելու համար դիմած է արուեստի ամէնէն նրբին ու խուսափուկ օգնութիւններուն։

Այսպէս իր բանաստեղծութիւնը անթերի ձեւերու, մետաքսէ ոլորներու, ծիրանի ու փրփրուտ ժանեակներու, ոսկի զանակներու ու թռչող բոյրերու, աչք առնող գոյներու զարմանալի խառնուրդ մըն է։ Իր քերթուածները կը նմանին հրապարակներու վրայ դեգերող գեղեցկուհիներու, որոնք ոչ մէկ բան խնայած են իրենց աղուորութիւնը պատկառելի ընծայելու ամէնուն առջեւ: Կ՚երկննանք գլխով անոնց ետեւէն, մատներնիս խածած, մեր նայուածքը կը շլանայ անոնց ճերմակ երեսներուն փաղփիւնէն, հոգ չէ թէ այդ երեսներուն վրայ միսը թաղուի փոշիներուն փրփուրին տակ։ Մեր ռունգերը կը թրթռան անոնց իրանէն բխող բոյրերուն համբոյրէն, հոգ չէ թէ այդ հոտերուն մէջ միսի բուրում մը չի գալարէ մեր ջիղերը։ Իրենց քայլերուն, շարժումներուն, իրենց իգութեան ամբողջ շրշիւնին կը հետեւինք կախարդուած, հիացած, բայց երբեք սիրտ չելած։ Մեր զգայարանքներուն վրայ հմայք կը լեցնեն, բայց իրենց անցնելէ ետքը մեր սիրտը երկար, երկար չի զարներ, երեւոյթի մը պէս կը թռին անոնք ու մենք մեր աչքերուն վայրկեանի թովանքէն ազատելէն վերջը կը մոռնանք զանոնք:

 

* * *

Սիպիլ իր կարգ մը քերթուածներուն մէջ փորձած է պառնասեաններէն շատ յարգուած սեռ մը։

Պզտիկ պատմուածքի (conte) շրջանակին մէջ ան աշխատած է պատկերացնել ամբողջական հոգեբանութիւններ։ Իր յաջողութիւնը հոդ անպայման յարգանք կը հրաւիրէ իր վրայ։ Դարավերջիկ հիւանդը անստգիւտ գլուխ-գործոց մըն է։

Իր նիւթերը վերցուած են այն տեսակ խաւերէ, ուր թափանցողութիւնը, խորունկնալը անհրաժեշտ չեն երբեք. Ժանյակները քերթուածը իր կարգին անթերի դիտողութեան մը, հրաշալի նկարչութեան մը կրկին առաւելութիւններով լաւագոյն գոհարներէն մէկը կը մնայ հայ բանաստեղծութեան։ Ուզելով շարունակել այդ վերլուծական հոգեբանութիւնը Մենաստանին կոյսին մէջ ալ, տարտամութիւններու հասած է դժբախտաբար։ Իր աչքերը՝ վարժուած գոյներու խաղերուն, ժանեակներու ու մազերու ծփանքին, բնականաբար չէին կրնար հասկնալ ինչ որ կայ խորապէս սոսկալի ու գեղեցիկ խունկի մը ճերմակ գալարին ու աղօթող աղջկան մը ճերմակ հոգիին մէջ։

Արուեստագիտական (ձեւակերտ ըսել կ՚ուզեմ) պարտէզներու դիւրին պայծառութեանց առջեւ այնքան խանդավառուող այս բանաստեղծուհին վարանքէ կը տարուի, երբ յանկարծ գտնուի մութ, վայրենի անտառներուն բազմաշեշտ գիրկին մէջ: Ու վախով կը գոցէ իր աչքերը։

Տուէ՛ք իրեն ճառագայթ մը, պիտի բռնէ զանի իր թափանցիկ մատներուն մէջ, անոր լոյսէ համբոյրին առջեւ իր շրթունքները պիտի թրթռան. անոր խաղաղ ծփանքներուն, ոսկի խաղերուն, սողոսկուն ալեկոծումին հանդէպ իր թարթիչները պիտի բռնկին: Պիտի հետեւի անոր «բարձէ բարձ» թռիչներուն, բիւրեղէ բանտին մէջ անոր պճլտուն գերութեան: Պիտի սիրէ այդ բոցին կտորը, անոր թեւաբախումներուն համար տրամադրելի ընելով իր միսերուն սնդուսը:

Բայց տուէ՛ք իրեն յիմար կնոջ մը հոգին, հոն պոռացող փոթորիկին սարսափը պահանջեցէք իրմէ, անոր ուղեղը թաղող խաւարին վրայ լոյսի հոսանք մը աղերսեցէ՛ք, պիտի տեսնէք, որ պիտի դժկամակի, պիտի քաշուի նայիլ խենթ կնկան մը անդունդ աչքերուն մէջ։

Թող աշունի առտու մը ծաղիկներ հաւաքէ կոկիկ պարտէզի մը մէջէն, պիտի սիրէ տերեւներուն հիւծախտաւոր դեղնութիւնը, քաղցրութեամբ պիտի խմէ ուշ մնացող ծաղիկի մը կիսանկախ բաժակին մէջ հանգչող ցօղի պուտ մը, բայց բարձր սօսիի մը պոռացող, գրեթէ քնարերգող շուքէն աճապարանքով պիտի հեռանայ։

Այս հակադրութիւնները ուզածիս չափ կրնամ շարունակել. ինք լայն ձեւերուն, մեծ կորութիւններուն, խոշոր ծփանքներուն տաղանդը չունի, կամ չի սիրեր։ Պէտք կը տեսնեմ աւելցնելու, թէ այս փակագիծը թերութեան մը հանգամանքովը չէ, որ նկատի կ՚առնեմ. փափկութիւններու, նրբութիւններու, խուսափուկ գեղեցկութիւններու համար այնքան բաց իր հոգին, իր կալուածին մէջ տոհմիկ իշխանուհիի մը բոլոր հրապոյրները ու ազնուական շքեղութիւնները կը պահէ։

 

* * *

Շահեկան է հետեւիլ բանաստեղծի մը կեանքին:

Սիպիլին երգը՝ թեւ առած Պայրընի բարբարոս ու վսեմ շունչին տակ, ուռած ու խառնակուած՝ ռոմանթիքներու «լալահառաչ» կամ «վսեմաթռիչ» դաշնակութիւններէն, պառնասեաններու իրապաշտ ու խոնարհ անկիւններու մէջ տաքուկնալով պահ մը, գացած է թափառիլ պատկերներու վրայ, որոնք հեռաւոր գեղեցկութեանց շրջանակով մը մեզ կը տանին տարտամ երազներու։

Այդ տեսարանները նկարելու համար իր լեզուն երբեք անորոշ ու դիտումնաւոր մռայլութիւններուն խաղը չի փորձեր։

Սիպիլ պատկերելու համար գիտէ ընել իր բառերը շատ փափուկ, շատ թրթռուն, շատ ծփուն, սակայն երբեք այդ բառերը չեն հեւար, չեն պոռար, չեն որոտար ու իրենց շարժումներուն տէրը կը մնան միշտ:

Դաշտանկարներու դիմաց, երբ «թախիծը» անոնց վրայ սազի մը ծանր մեծվայելչութիւնը բերէ, ու անկիւնէ անկիւն «կիթառի» հեծեր օդին մէջ անտես ջիղերը բանան հսկայ ցաւերուն, երբ «մշուշները» իրենց ճերմակ միսը մութ լեռներու գգուանքին յանձնեն, այն ատեն Սիպիլ կը պարզէ իր հոգիին պատուհանները, կը թուլցնէ չփակին մետաքսանման առէջները, վախկոտ ձեռքերով, կը թողու, որ հոգին լուսնայ այդ ամէնէն։ Ու միշտ զգոյշ, միշտ շրջահայեաց, պահ մը անուշնալէ, գինովնալէ ետքը՝ կը քաշէ փեղկերը, լարերը շուտ-շուտ, նման աղուոր աղջկան մը, որ փողոցէն անցնող կտրիճին աչքին մէջ դողալէ ետքը, կրակ առած անոր բոցէն, ներս կը նետուի։

 

* * *

Մեր բանաստեղծութեան այս վարպետ արուեստագէտը երկար ատենէ ի վեր կը պահէ խորհրդաւոր լռութիւն մը։

Իր տաղանդին վրայ հաւատք ունեցողները անշուշտ կը փափաքին զինքը նորէն տեսնել մեր բանաստեղծութեան մէջ, ձեռքն ունենալով բարակ ու բեկբեկուն ցոլքերով այն ծաղիկներէն, որոնք իրենց գոյնի փափկանուշութեամբ կը պատրեն ամէնէն զգուշաւորներն անգամ։

Կայ դասակարգը կասկածողներուն, որոնք անոր լռութեան մէջ կ՚ուզեն տեսնել անվերադարձ կորուստի նշաններ։

Կայ սակայն զինքը սիրողներու խումբը, յոյսով ու հաւատքով լեցուն, որոնք կը սպասեն անոր խանդավառութեամբ։

Ուրիշներ, երկու ծայրայեղութեանց մէջտեղ՝ կ՚ակնկալեն Սիպիլէն հպարտ սլացք մը «թանգարան»ներու, «քերականութիւններու» տափակութեանց մէջէն բանալու համար իրենց առջեւ գոյնի, բոյրի, մետաքսի ու ժանեակի այն հրաշալի պարտէզը, որուն այնքան սխրալի պարիկը եղաւ։

 

1911