ՄԻՔԱՅԵԼ
ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
(«ԿՐՕՆ
ԵՒ
ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ»)
Պ.
Վարանդեան
ծանօթ
է
մեզի
արդէն
իբրեւ
խանդավառ
«
տեղեկաբեր
»
մը
հոսանքներու
եւ
«
Վերածնուող
հայրենիք
»
ի
կարմիր
քարոզիչ
մը։
Պ.
Վարանդեան
մեծ
երջանկութիւնն
ունի
իտէալիսթ
մը,
ջերմ
հաւատացող
մը
ըլլալ
կրնալու։
Ան՝
մարդերու
հաւանական
բարօրութեան
երազէն
մշտապէս
հրապուրուած,
անուշ
համարձակութիւնն
ունի
իր
յոյսերը
քնարերգելու:
Իր
նոր
գիրքով
կը
մօտենայ
կրօնի
փափուկ
եւ
ուշագրաւ
պրոբլեմին:
Հարցը
շահեկան
է
ու
շատ
հետաքրքրական։
Պ.
Վարանդեան
կը
հետեւի
կրօնի
յեղաշրջութեան,
սկզբնական
դարերէն
մինչեւ
մեր
օրերը։
Հաճելի,
հրահանգիչ
է
միեւնոյն
ատեն
մեզի
համար
այդ
պտոյտը,
հոգ
չէ
թէ
խորհրդաւոր
խրամատներու
վրայէն
մեր
անցքը
ըլլայ
քիչ
մը
շատ
արագ:
Անշուշտ
Պ.
Վարանդեան
իր
յոյսերուն
եւ
երազներուն
համեմատ
կ՚ուզէ
տեսնել
իրերը:
Այդ
իսկ
է
պատճառը,
որ
առանց
իջնալու
կրօնական
զգացումին
իմաստասիրական
վերլուծման,
շուտ
մը
ոտք
կը
նետէ
այն
հաստատուն
գետնին,
որ
ա՛լ
շահուած
ժառանգութիւն
մը
կրնայ
նկատուիլ:
Գիտութիւն
կոչուածն
է
ան:
Պ.
Վարանդեանի
տուիքները
կու
գան
իրեն
համալսարանի
նստարաններէն։
Ու
անոնք
ամէն
բարձր
շրջան
բոլորող
ուսանողի
իւրացումներէն
տարբեր
բաներ
չեն։
Փրոֆեսորներուն
քիչ
մը
տափակ
ու
ծերուկ
հոտը
մեր
գլուխը
կը
բռնէ
անոնց
մէջ։
Չենք
կրնար
մեղադրել
Պ.
Վարանդեանը,
որ
ժողովուրդին
համար
գիրի
առնուած
այդ
աշխատութեան
մէջ
տեղ
տրուած
չըլլայ
նորագույն
վարկածներուն
ու
կասկածներուն,
որոնք
Գիտութեան
ու
Կրօնի
վէճին
կու
տան
այլապէս
բարդ
նկարագիր։
Ու
իր
յաւակնութեան
մէջ
Պ.
Վարանդեան
յաջողած
է։
Անոր
ոճը,
լեզուն՝
տաք
ու
խանդավառ՝
այդ
մռայլ
խնդիրներուն
վրայ
կը
բերէ
հաճելի
պարզեցում
մը
(simplification)։
Ու
այդ
ոճին
հմայքին՝
կը
ներենք
նոյնիսկ
աշխարհագրական
շփոթութիւններ։
Իր
գիրքը
կը
կարդացուի
առանց
ձանձրոյթի
որոշ
զարգացում
իւրացուցած
ուղեղէն,
որքան
հետաքրքրութեամբ
կը
լափուի
նոր
լոյսին
բացուող
մտքէ
մը,
ուր
առաջին
անգամ
կ՚իյնայ
Տարակոյսին
ցուրտ
ասեղը:
1914