Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԷՈՐԳ ԿԱՌՎԱՐԵՆՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐ »)

Ճարտար վիրթուոզ մը, ապահովարար, Պ. Կառվարենցը, որ բառերու վրայ կը փորձէ նրբացած արուեստ մը։

Անիկա մեր բանաստեղծութեան նոր բան մը չի բերեր։ Բայց բաւական յաջողութեամբ ծաղիկներ կը հաւաքէ, մեր գրականութեան քիչ մը ամէն ածուներէն:

Ամէնէն աւելի ան ազդեցութեանը տակն է Պ. Թէքէեանին ու Մեծարենցին։ Ասոնցմէ դուրս ան կը մարմնաւորէ գրականութեանց մէջ հազուադէպ, բայց շահեկան տիպար մը։ Արուեստի ամէն մեծ յորդումներէն ետքը տեսնուած են նման հասկաքաղներ, որոնք մանրակրկիտ, բայց հասարակ գործերու վրայ սիրտ են դրած, որոնք մէկէն պատկեր, միւսէն գոյն, ուրիշի մը մտածում վերցնելով շինած են իրենց պսակը։

Անշուշտ Պ. Կառվարենց դարմանելու համար իր զգայնութեան ցամաքութիւնը, յոգնաբեկ շունչ մը քալեցուցած է իր տողերուն մէջ։ Անոր քերթուածները յաճախ քաղցրագոյն բառերու շաղապատում մը կը ցուցադրեն, գրեթէ միշտ բացակայ խորքի մը վրայ առկախ, ճարտարութեամբ մը, որ պատրանքի կը տանի:

Պ. Կառվարենց միշտ հաւատարիմ չէ եղած իր կոչումին։ Անոր երաժիշտի բնազդը շատ քմահաճ կը թուի ինծի ու քերթողի յաւակնութեանց արդարացումը բախտին ձգուած է իր մօտ։

Այդ է պատճառը, որ գրեթէ անկարելի է « Գերեզմանի ծաղիկներ » ուն մէջ մատնանիշ ընել քերթուած մը, որ կշռոյթի տեսակէտէն դիմանար խիստ պահանջի մը:

Ըսի՞, թէ Պ. Կառվարենց զուսպ ( sobre ) արուեստագէտ մըն է, առանց հոգիի՝ դաշնակի կամ ջութակի լաւ դասատու մը, որուն մատները դեռ չեն ազատած փորձերու տաղտուկէն։

Ըսի՞, թէ Պ. Կառվարենց մեռած ծաղիկներ կը նկարէ, հանդարտ գոյներով, որոնք տեղ - տեղ կեանքի պատրանքը կը բերեն։

Չեմ գիտեր, թե ուր կ՚երթայ ան։

Բայց իր ճամբան կոխոտուածն է մինչեւ հիմա: Ու այդ ճամբան մեծ ուխտաւորներուն ետեւէն այս տարտամ քնարահարը պիտի յաջողի՞ շեշտեր հանել, որոնք վրիպած ըլլային գացողներէն:

 

* * *

Համակրելի է իր մօտ ժուժկալութիւնը, որ եթէ մէկ կողմէն քնարական շունչին նիհարութիւնը կը փաստէ, միւս կողմէն՝ կ՚ազատէ մեր գրականութիւնը անհարկի քերթուածներու անտանելի տարափէն։

Իր տկարութիւնը զերծ է յաւակնութենէ ու իր յաջողած տողերուն մէջ պատկերներ - արա՛գ, փայլակներու նման - քիչ մը լոյս կը նետեն կամաւոր այդ մռայլութեանց վրայ։

Պ. Կառվարենց փորձած է զգայնոտութիւնը ( sensiblerie ), մտածումը, բառախաղը, ջութակային հեծքն ու անոր երաժշտականութիւնը, նոր օրերու աղօթքը:

Պ. Կառվարենց ամուր փարած է տարտամ, բայց քաղցրաշեշտ բառին, որ նոր քերթուածներու մէջ անանդուրժելի ըլլալու չափ ասպարէզ կու գայ: Քույր։ Ու խորհիլ, որ երկարով երկարած այս կախարդ վանկը կը փոխանորդէ հին օրերու « աւա՜ղ » ը կամ լղրճուած « ո՜հ » ը։

Պ. Կառվարենցի հատորիկը փորձի մը արժանիքը ունի։

 

1921