Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԱՍՏԵՂ («ԳԻՒՂԸ»)

Ա

Երբ Պոլիսը, շահադիտական նկատումներով, ատենին արժան-աժան փառքի գացած գիրքերը կը զբաղի կրկին տպագրելու եւ մերձաւոր գաղութները իրենց տժգոյն թերթերուն մէջ կը ծեծեն ու կը ծեծեն իրենց խեղճ տառապանքը, մխիթարական է հաստատել հեռաւոր Արեւմուտքի մէջ շարժում մը, որ օրաթերթերը ոգեւորելու եւ պարբերաթերթերը կանգուն պահելէ ետքը, կը տարածուի տակաւին բուն գրականութեան կալուածին, գիրքին ալ վրայ, փրկելով այսպես, ահաւոր այս լքումին մէջ, նուիրական հրիտակը մեր ցեղային առաքելութեան, - ա՛յն ոգիին, որով ոտքի մնաց մեր ցեղը այնքան աղէտներու կռնակին.

Յատկանշական է, որ ամերիկահայ մամուլը, երկար ատեն քաղաքական խաչաձեւող գործունէութեանց մրցարան, այսօր ժամադրավայրը կ՚ուզէ ըլլալ մեր մտաւորականութեան բոլոր տանելի եւ անտանելի անուններուն։

Բայց ինծի համար յատկանշական է մա՛նաւանդ՝ որ մեր գրականութեան ձգտումներուն տեսակէտէն այնքան կարեւոր արուեստի ըմբռնումներ փորձեն իրականութիւն դառնալ հոն քիչ-քիչ ու անկէ գայ մեզի գիրք մը, որ հակառակ իր չունչի պակասութեան ու ոլորտի փոքրութեան, իրապէս ազգային, ուրիշ խօսքով՝ հայեցի արուեստ մը իրագործէր։

Համաստեղի « Գիւղ »ն է ատիկա:

* * *

Արագ ու համակրելի յայտնութիւնը աս տղուն։

Առաջին իսկ փորձերուն, ան կը զատուէր գիրքերով, համալսարանական դասընթացքներով վարդապետօրէն սպառազէն խմբակէն, որ թուղթերէն կամ բեմերէն թելադրուած ու գոց սորվըւած յուզումներ կը սիրէ առաւելապէս:

Անոր իմաստութիւնը պիտի չանցնի դասարանի պատերէն անդին։ Ու երջանիկ անպատասխանատուութիւնը կը պաշտպանէ հիմա ատ մարդերը նոր աշխարհին մէջ։ Համաստեղի մէջ ոչ մէկ շունչ, որ դարակ կամ գրադարան հոտի։

Դարձեալ անիկա խելքը ունեցաւ իր աշակերտութիւնը, այդ միամիտ, յաճախ դժբախտ կազմութեան շրջանը խնայելու հրապարակին։ Կը կարծեմ, թէ ուրիշներուն պէս չվազեց խմբագրատուները։ Ու չըրաւ այն տխուր ու տարապարհակ աշխատանքը, որ գրականութեան մէջ բոլոր աճապարողներուն ոտքերը կը կթոտէ ու տարիներով միջակութիւններ քաշքշել կու տայ դէպի փառքին ճամբաները։ Անիկա առաջին իսկ փորձերուն բան մը կը բերէր։

Շատ քիչ բան, անոր մէջ, որ կեանքէն, հիմա անցեալ, բայց անխորտակելի համապատկերներու ձեւին տակ՝ անոր ներսը ամէն կողմէ փաթթող ու խիտ կեանքէ մը չգար արուեստի վերածուելու։ Գրեթէ ոչինչ դարձեալ այս վերածումներուն մէջ, որոնք աշակերտը մատնէին կամ փորձուած ըլլային ուրիշներուն աշխատանոցին մէջ։

Կենդանի ու ինքնատիպ։ Ահա երկու կարեւոր վերադիրներ, որոնք քիչ անգամ քով քովի կու գան լուսաւորելու եւ հանրութեան համակրանքին յանձնելու գրականութեան մէջ սկսող անուն մը։ Ու Համաստեղ արժանի է, առանց սակարկութեան, այդ տիտղոսին։

Ազատեցէք այդ տղան ծխնելոյզներուն ուրուատիպ անտառէն, որ անոր երկինքը պարտի ըլլալ հիմա, ու ահաւոր տուներէն, որոնք օդն ի վեր կը վազեն երկաթ կամ քար փոխադրելու յիմար տենդովը։ Ազատեցէք անոր աչքերը սեւ ու մածուցիկ լոյսէն, որ պատուհաններէն կը թափի, ու շինուած, թանձր ու մետաղեայ գոյներէն, որոնք անոր հայրենիքին ծաղիկները կը փոխարինեն հոդ։ Տարէք անիկա այն աշխարհին մէջ, ուրկէ ստացաւ անդրանիկ տպաւորութեանց այլազան ու բազմարուեստ ալպոմները: Դրէք անոր տեսողութեանը դաշտին՝ գիւղը, իր մարդերուն ու կենդանիներուն, հողին ու արեւին, ծառերուն ու միջատներուն, իր ժամուն ու ոգիներուն այնքան բազմազան շքանկարներովը։ Կեցուցէք անոր հոգին քիչ մը աւելի շատ, քիչ մը աւելի ներամփոփ այն երկրորդ, արուեստով հասանելի կեանքին դէմ, որ սովորական տպաւորութեանց վերեւ իր կամարը ունի նուիրուածներուն միայն տեսանելի, որ կը պաշտպանէ ստացումները, քաղցր մշուշի մը նման պարուրելով անոնց ձեւերուն անհատականութիւնը, առանց աւրելու անոնց ներքին աղերսը ու յօդաւորումը համատարած կեանքին հետ։ Այն ատեն մեր գրականութիւնը կ՚ունենայ մեծ գիրք մը, անոնցմէ՝ որոնք շրջան կը բանան։ Վասնզի ան անդրատնկումը ( թրանսփլանթասիոն ) քիչ անգամ բարիք մըն է ապրող տեսակներուն համար։ Վասնզի նահատակութիւն է գրեթէ, երբ այդ գործողութիւնը, յաւելում մը ըլլալու տեղ, տեւական, վայրագ, անբնական ճնշում մը կը դառնայ արգելելու համար տունկին՝ ճակատագրական վերադարձը դէպի նախնական աւազանը տեսակին նկարագիրներուն: Մահը յաճախադէպ է։ Ու ատով իսկ աւելի քաղցր ու սրտապնդիչ յաղթանակը անոնց, որոնք յաջողութիւնը կ՚ունենան այս այնքան դժուարին դարձը իրագործելու:

Համաստեղ թրանսփլանթէ մըն է։ Ու այս գետնին վրայ իր գիւղը՝ յաղթանակ մը։

* * *

Այդ գիրքին մէջ զետեղուած է կարեւոր թիւ մը պատմուածքներում, ուր ապրում, տիպարներ ու շրջանակ բացառաբար կու գան մեր հայ գիւղէն։

Հիմա ատենն է, կը կարծեմ, անդրադառնալու այն անդարմանելի պարապին, որով մեր գիւղը կը բացակայի մեր գրականութենէն, ու ասիկա այնքան եղերական կորուստի մը ձեւն ունի, քանի որ Աղէտը տարած, սրբած է անոր հետքը աշխարհէն:  

Ու տրտում դառնութեամբ ես կը նայիմ այն օրին, ուր մեր ժողովուրդին այս խաւարումին պիտի հետեւի Արեւմտահայ գրականութեան անփառունակ շիջումը մոռացումին ծոցը, առանց պատմութեան յանձնել կարենալու երկու-երեք հատ մարդ, որ չարչի, վաճառական կամ տիրացու չըլլային:

Այսպէսով կը կրկնուի մեր հին գրականութեան մեծ սխալը, որ ժողովուրդը հեռու կը պահէ իր էջերէն առհասարակ ու գրեթէ հիմնովին կ՚անգիտանայ գիւղը:

Հինին չափ մեր նոր գրականութիւնն ալ, մա՛նաւանդ արեւմտեան հատուածը, չի հետաքրքրուիր մեր ժողովուրդին ստուար զանգուածովը, գիւղացիովը։ Մեր իրապաշտները քաղքենի ու միջակ դասակարգի փոքրութիւններէն անդին չանցան։ Ազգագրական շարժումը ուսումնասիրեց գիւղը՝ անոր ամէնէն վերացեալ ու ամէն ժամանակ կարելի արտայայտութեան, բանահիւսութեանը մէջ։

Այս նկատումներով, հաճոյք մըն է ինծի համար վերջապէս հաստատել գոյութիւնը գործի մը, ուր ճշմարիտ արուեստի մեր տիրապետումին քով, բարի ու պարզ սիրտ մը (ինչ որ գիւղը կը յատկանշէ առաջին ակնարկով) ու շրջապատն ու հոգին իրարու շաղկապող ու մէկ իյնալովը շէնք բարձրացնող նայուածք մը իրարու կը միանան՝ պատմելու համար արհամարհուած, չայցելուած, բայց գերազանցապէս հարազատ ներքնաշխարհը մեր հոգիին:

Այդ գործը կը լեցնեն գիւղացիները։ Այսինքն՝ մարդեր, որոնք շատ ցանցառօրէն ու ան ալ ծաղրանկարային հանդերձանքով ու բռնի թանձրացուած դիմագծութեամբ մը սպրդած են մեր արուեստէն ներս, սլքտալու եւ ծաղրելի մնալու դատապարտուած օտար մուրացիկներու նման, բայց որոնք մեր ցեղին ամէնէն դիմացկուն, ամէնէն հարազատ յատկութիւնները դարերէ ի վեր շալկած կը բերեն, գրեթէ մինակնին։ Այսինքն՝ մարդեր, որոնց չի հասնիր ցեղը վարկաբեկող, քայքայող, անոր հաւաքական արժեքը բզիկ-բզիկ խորտակող, նոր առաքինութեանց անոր շուկային ընդունակութեանց ապականիչ տագնապը։ Որոնք իրենց անխառն բարութեանը, անսահման միամտութեանը ու անհաւասարելի չարքաշութեանը ու ազգայնական յամառութեանը մէջ կը մերժեն նոր, փառաբանուած, խնկարկուած, բայց բոպիկ, հոգիով այնքան աղքատ տիպարին, վաճառական ու քաղքենի թիփին ստորոգելիները։

Այդ գործին մէջ կ՚ապրի մեր երկիրը։ Ո՛չ ամէնուս ծանօթ դրախտավայրը, մեր հին մատենագրութեան մէջ տեսլափառ գեղեցկութեամբ մը քողաւոր Հայաստանը, ոչ ալ նոր գրականութեան՝ հռետորութեամբ ու հերոսաշունչ գոյնով այնքան անիրական Երկիրը։ Հոն է պատմութեան փոշիովը, քաղաքականութեան մշուշովը այնքան այլափոխուած, անճանաչելի դարձած հողամաս մը, որ կը շինուի մարդերուն պէս ու ձեւ ու երանգ կը ստանայ մարդերէն նիւթ դարձող ու իր վրան թափող յուզումներով: Որ լեռ ու սար, գագաթ ու խորամուխ անդունդ ու հեղեղատներ ըլլալէ առաջ, բարի պաստառն է արտին, ջուրի փէշերուն կամ անտառի մը կողերէն, հոգ չէ, բայց որուն դիմագծութիւնը, կարմիր կամ սեւ երանգը, ժպտուն կամ լքուած երեսը, նոյնութեամբ կը կրկնեն զանոնք ստեղծողները։ Դարձեալ, մեր երկրին այն կէտերը, ուր աշխատողին գործիքը անզօր է յօրինելու ելքերն ու էջքերը, ձիւնով պսակաւոր ու ժայռերով կապուտցող, հորիզոններ ձեւող ու օդային կառուցումներ առկախող հաստատեստները՝ մուտք ունին այդ պատկերներուն մէջ, խորքի ու գունաւորման գոհացումներուն համար։

Ու ատոնց վրայ, ու ատոնց հետ անասունները, որոնք եթէ մարդերուն չափ շեշտ նկարագիր չեն առներ ու անհատանար, բայց անոնց զգայնութիւնը արտաբերելու, անոնց ներքին աշխարհը արտաքին ընծայելու տեսակէտէն թանկագին ու անխուսափելի կը դառնան։ Աւանակը հասնող տղոց խոստովանահայրն է շատ յաճախ ու հորթը հարսնցու աղջիկներուն սիրական խորհրդանշանը։ Առանց իր եզներուն, գիւղացին վերացեալ ըմբռնում մըն է։ Միայն քաղաքական տնտեսագիտութիւնը պիտի ախորժէր այդ կարգի ապսթրաքսիոն ներէն։

Ու այս ամէնով կեանք մը, որուն յուզումները թէեւ սահմանափակ, բայց իրենց ուժգնութեանը մէջ կը հաւասարին մարդ արարածին բարձրագոյն տիպարներուն տագնապանքին։ Որուն մէջ քանի մը հզօր զգացումներ կրակէ ամպի մը պէս կը ձգուին երկրէն մինչեւ երկինք, արտէն մինչեւ արքայութեան երջանիկ պարտէզները, մեղմելով ու մխիթարելով թշուառագոյն էակը Աստուծոյ ստեղծածներէն, երբ աչքերը կը բանայ աշխարհին, օրրանէն դաշտ կ՚իջնայ բադի ձագին պէս, ու մէյ մըն ալ գերեզմանին մուտքին կը ձգէ հողը։

Այս ընդհանուր հաստատումները կ՚առաջնորդեն զիս ամփոփ վերլուծումի մը, ուր տեսնայինք այդ մարդիկը, հողերը, անասունները իրենց նիւթական կեանքէն ետքը, իրենց երկրորդ կեանքին, այսինքն՝ արուեստին մէջ։

Բ

Ամէնէն առաջ իր մարդերը։

Առանց խորութեան, ըսել կ՚ուզեմ՝ առանց սաստկութեան, Համաստեղ կը ձեռնարկէ իր աշխատանքին, որ անոնց հոգիներն ու մարմինները կտոր-կտոր պիտի շինէ էջերու ընթացքին։ Մենք առանց դժուարութեան կրնանք հետեւիլ այս նեարդ առ նեարդ հիւսուող ամբողջութեան, ուր կը մնան ընկղմած տարրեր անոր ստեղծումին, որ ամէն բան է նոյն ատեն, բայց որուն կեդրոնէն կամաց-կամաց կը զատուի, ինքզինքը կը հաւաքէ ու ոտքի կ՚ելլէ տիպարը, առանց բռնի մղումներու ենթարկուելու եւ առանց թատերական շարժումներու նպաuտին։ Եթէ յօրինումի այս եղանակը թերութիւն մըն է վերլուծող ու հոգեբանական վէպին համար, եթե օրմանեսք կամ թերթօն վէպերը իրենց հերոսները անմիջապէս հասուն կ՚ուզեն, լծելու համար զանոնք անյապաղ մանուածապատ խուզարկումին կամ մրրկավար արշաւին, հոս, Համաստեղի այս պզտիկ պատկերներու ընթացքին, այս եղանակը առաքինութիւն մըն է, թերեւս միակ կարելին։ Վասնզի գործ մը մտադրութեան մը յայտարարն է միշտ։ Ու քննադատը շատ մը բաներէ առաջ պետք է թափանցէ ստեղծումը յառաջացող զսպանակներու գաղտնիքին։

Արդ, Համաստեղի մտահոգութեանց մէջ կշիռ չունին հոգեկան նուրբ, հեռանկեալ, բարդ ու դժուարին պայքարներ, որոնք իրենց զարգացումին համար արտաքնացում կը պահանջեն մերինէն շատ բարձր քաղաքակրթութեան մը բազմապիսի սարուածը եւ բարոյական բարեխառնութեան շատ աւելի մշակուած, ըսել կ՚ուզեմ՝ զանազան հոսանքներէ խաչաձեւուած մթնոլորտ մը։ Ոչ ալ ամէն գնով, ամէն տեղ հետաքրքիր(ական) տիպարներու կարաւան մը կ՚ուզէ դնել իր առջեւ։ Անիկա իր մարդերը կը գործածէ իրեն շատ ծանօթ, գրեթէ անոնց ընդունակութիւններով պայմանաւոր կեանքի մը նկարումին։ Անիկա գիտէ, աչքերը գոց, ա՛յն տարածութիւնը, ուր կրնան առաջանալ անոնք առանց անտեղութեան ու առանց ձանձրոյթ ստեղծելու: Ուրիշ խօսքով՝ բոլոր իր մարդերը բարձրօրէն կը տիրապետուին հեղինակին բնազդներէն ու փորձառական իմաստութենէն։ Անիկա ներհայեցօրէն սորված է անոնց տարողութեան ստոյգ աստիճանները։

Բայց անիկա բաւական արուեստագէտ է՝ անոնց դիմագծութեան մէջ չներմուծելու համար կամաւոր, ուզուած երեսակներ։ Ուրիչ խօսքով՝ իր ափին մէջ ունենալով հանդերձ անոնց լարուածքին մեքենականութիւնը, իւրաքանչիւրը ազատ կը ձգէ սեփական շարժումներուն ցանցին մէջ։ Այս ազատութիւնը անոնց կ՚ապահովէ անփոխարինելի իրականութիւն մը, վէպի անձնաւորութիւն չըլլալու առաքինութիւն մը, որ այնքան հազուադէպ է մեր գրողներուն գրիչին տակ։

Մարդերու այս ինքնաբաւութիւնը, ինքնատպութիւնը ի վերջոյ վնասակար կը դառնայ սակայն, երբ նկարագրի մեծ գիծեր չհաւաքեն անոնց անձնականութեան այդ ցրուած տարրերը ու չմօտեցնեն տիպարային յատկութիւններու ընդհանուր աւազանին։ Ուրիշ խօսքով՝ անոնք առանց տուժի պէտք է ենթարկուին մեր այն պահանջումին, որով անհատները կ՚ընդհանրանան ու ընդարձակ նկարագիր կը հագնին։

Այս տեսակ փորձի մը կը դիմանան Համաստեղի մարդերը:

Գիւղացին խորհրդանշող շատ մը գիծեր, ուզւած ատենը կը թանձրանան մեր աչքին, երբ գործողութեան մշուշին մէջ աչխատինք կեցնել մեր դիտողութեան ասեղը: Կարելի է սկսիլ ատանկ փորձ մը ամէնէն տոկուններուն վրայէն։

Կրաւորական էակներ են անոնք, նոյնիսկ երբ մարդ կը մորթեն (Մանօ -   « Աղաւնիները »)։ Անոնք ճնշումին տակն են դարերուն։ Ուրիշ խօսքով՝ գեղը իր մարդերը շինած է կաթիլ-կաթիլ, դարէ դար, իր չկասկածուած, բայց ամէնազօր գործատունին մէջ, որ զանազան անուններ ունի։ Որ ժամուն բակն է երբեմն, իր արիշովը ու յարգի մեռելներովը, աղբիւրովն ու եկեղեցիին ու կոչնակին խորհուրդովը։ Որ հողին չերտն է յաճախ, նեղ կամ երկայն, բարի կամ ժլատ, բայց իր կերպարանքին իրերայաջորդ հրապոյրներովը, կանաչովն ու ոսկիովը, սեւովն ու դալուկովը՝ լուսնին կամ մշուշին արցունքներուն տակ: Որ պզտիկ խանութն է դարձեալ, ոտքի իր հաստ ու կորաքամակ պատերուն կանանչցած ձանձրոյթին վրայ, իր փքոցովն ու երաժիշտ սալերովը, մուրճերուն երգովը ու կայծերուն յարաբուխ անձրեւովը, եւ որուն առջեւ գեղին բազուկները, ինչպէս գերանդիները, խոփերն ու բրիչները, անիւները, ինչպէս տարիքէն գալարուած ծերունիները կը մնան խելօք ու համակերպուն։ Երկար է այս թւումը (ես կը մօտենամ միայն ամէնէն կարկառուններուն)։ Բայց անհրաժեշտ՝ զգալու համար այն ահաւոր ճնշումը, որ կը զգետնէ անհատական արտայայտութիւնները ու կը չքացնէ անհատը, հասնելու, տիրապետելու համար տեսակին նկարագրին։

Բարոյական այս ճնշումը կը տարածուի անոնց անմիջական իրականութեան, պայմանաւոր կենցաղի մը սահմաններէն անդին, կազմելու, կերտելու համար հոգեկան յօրինումներ, որոնք կարծր ու տեւական են ապառաժներու նման։ Դուք չէք գիտեր գուցէ ճակատագիրը այն աղջկան, որ գիւղերուն մէջ տասնհինգը կ՚անցընէ առանց պտուկի մը խուփն ըլլալու: Դուք չեք գիտեր նոյնպէս, թէ «աղաւնի խաղցընելը» օճախ քանդել ըսել է։ Ու հազիւ թէ կը կասկածիք անկարող մարտիրոսութիւնը, որ բաժինն է ժմնուկ զաւակ ունեցող այրիացեալներուն։ Գեղը կնիկ չի տար այդ մարդերուն, որոնք թերեւս քառասունի դուռներուն (այսինքն՝ շրջանի մը, ուր մարմինը իր մխիթարանքը կը փնտռէ բաժնուած անկողնին մէջ), պարտաւոր են քաշուիլ իրենց հարսներէն, նոյնիսկ փողոցի լաճերէն, ու պիտի մտնեն իրենց ցուրտ վերմակին տակ, մենաւոր, պուկերնին ոլորուած անանուն ու անասելի կսկիծէն:

Բոլոր այս բռնութիւնները, տեղին համեմատ խուժդուժ կամ անիմաստ, կ՚ապրին գեղին մէջ, որքան մարդերը։ Անոնք կը միջամտեն ամէն պատեհութեամբ ընթացիկ կենցաղին։ Ու յաճախադէպ է, որ տիպարները գոյն առնեն, եղերական դառնան անոնց մղձաւանջին տակ։

Ըսի, թէ անհատները կը զոհուին։ Ու նիւթական կարգին վրայ յայտնուող այս պատարագը ճիչդ է դարձեալ, երբ նկատի առնենք անոնց իմացական արտայայտութիւնները: Հոն ալ անհատը կ՚ընկլուզի հաւաքական տիպարին ծոցը։ Անգիր բանահիւսութիւն ըսուածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ շատ եղերական, ու թեքնիք բառով մը՝ զուտ տիոնեսիոսեան յուզումներուն տարտղնումը, տարածումը զանգուածներուն վրայ, գրեթե միշտ, տառապող անհատն է եղած: Գրեթէ միշտ, տառապանքին բիւրեղացումը - երգ կամ բանաստեղծութիւն - ծանրոցի մը պէս կը կախուի հաւաքականութեան վիզէն։

Ու նոյնիսկ հիմա, երբ արուեստ ու գրականութիւն ընելու ձեւերը փոխուած են այնքան, ու շատ ուժգին, իր թափը հետզհետէ սաստկացնող անհատապաշտութիւն մը կը լեցնէ գրականութիւնները մէկուկէս դարէ ի վեր, գրագէտը գիւղին մօտեցած ժամանակ կ՚ընէ այդ անգիտակից զիջումը։ Դիւցազներգական, աւելի ճիշդը՝ հեքիաթունակ բան մը ինքնաբերաբար կու գայ անոր գրիչին տակը։ Ու պատմութիւնները հակառակ անոր, որ անհատներու ճշդուած շուքովը կը քալեն, էջերու ընթացքին իրենք իրենց կը լքեն մասնաւոր եւ ուսումնասիրուած եղանակները լայննալու, ընդհանրանալու համար։ Ասիկա տեսակ մը միամիտ խաղ է՝ ճարելու համար անհրաժեշտ միջոցը, որուն վրայով անհատը բարձրանար մարդուն։

Գ

Համաստեղի գիրքին մէջ այս գործողութեան փորձերը չեն պակսիր։ Արուեստի վերջնական տիրապետումը պիտի դիւրացնէր այս կարգի նուաճումներ։ Բայց մենք գործ ունինք առաջին գրքին հետ։

Համաստեղի մարդերը իրենց զանազանութեան ներքեւ կը պահեն կաւի, խմորի նոյնութիւն մը, որ անոնք իրարու ճանաչելի կ՚ընէ տարիքին կամ պայմաններուն այլապէս տարբերուն սանդուխին վրայ:

Ուշագրաւ է իր կեցուածքը հանդէպ անոնց: Անանձն արուեստի հաւատաւոր մը՝ անիկա կը մնայ անոնց երամին առջեւ թեւատարած, բայց զուսպ շարժումի մը ուրուացումով, բանալու համար իր բազուկները անոնց խուժումին։ Ու գիրքին դառն քաղցրութիւններէն մէկն է նայիլ այդ մարդերուն, մեղքնալ անոնց, յուզումի պատրաստուիլ, բայց արգիլուիլ, հեղինակին եղերական հանդարտութենէն, որ չի քաջալերեր դիւրին զգայնոտութիւնը։

Իմ մասիս, իմ համակրանքը կ՚երթայ առանձնապէս, բոլորովին զրկուածներուն, այսինքն՝ անոնց, որոնք զգետնուած են ծնունդով կամ հզօր աւանդապաշտութեան մը լախտովը։

Ես հոս դեռ չեմ զբաղիր անոնց հոգին յայտնելու կանչուած երեւոյթներուն քննութեամբը։ Բայց դժուար է զուսպ ու մաքուր յուզումով մը չհամակուիլ այն անսահման բարութեան դիմաց, որով խարսխուած են անոնց հոգիները: Բայց անկարելի է չսիրել մեղրը, որ աներեւոյթ, բայց ծանր մշուշի պէս կը շոգեւորի անոնց գործերուն արծաթ սպիտակութեանը վրայ: Գիւղին այդ հերոսները, այդ գետինէն կարծես բուսած, փողոցի քարին արմատ նետած, ուրիշներու վայելքին իրենց այնքան դժուարագին, ազազուն ուժերը անհաշիւ վատնող տղա՜քը զոհողութեան ու անայց գորովին, որոնք աղջիկներուն ծիծաղին կամ նայուածքին տակ լեռները կը խախտե՜ն իրենց տեղերէն կամ տարիներուն կապարին տակ, հետզհետէ կորսնցուցած իրենց ձեռքերուն ու ոտքերուն առասպելական ու անշահախնդիր բարութիւնը, կը նետուին փողոց (ուրկէ հարուստներուն քաղցը վերացուցած էր զիրենք պատանութեան դուռներուն), գինիի լխկած տակառներուն նման, գլորելու, փոշիին ու աղբին, անօթութեան ու ամօթին մէջէն դէպի գերեզման:

Ասոնց քովէն, նոյն համակրանքով՝ մենք կը հանդիպինք միւսներուն, - պարզ, հասարակ մարդերը, որոնք նախորդներուն չափ, չեն գիտեր, թե ինչու եկած են աս աշխարհը։ Որոնք առտուն կանուխ կ՚իջնան դաշտը, քրտինքով թրջուած իրենց հացը կ՚ուտեն, արեւէն ետքը տուն կը դառնան, ծալապատիկ, սենեակի հողին վրայ աման մը ապուր կը լակեն, ու կ՚իյնան խսիրին վրայ խղդուած՝ հաց ուզող բերաններուն չար տայայտուող բողոքէն, ու առտուն կ՚երթան նորէն իրենց արտին, նորէն հողին, մինչեւ որ մահը գայ լեցնելու անոնց բերանը իր խոշոր թիովը։

Ու տակաւին տղաք ու ծերունիներ, որոնք իրարու հետ կը շփոթուին իրենց զգացական ( աֆֆէքթիֆ ) աշխարհին միամիտ կսկիծներովը։ Որոնք կը սիրեն ու չեն կասկածիր, թէ գեղը կը հսկէ իրենց փորին՝ ինչպէս սրտերուն։ Որոնք հակառակ տարիներու պատկառանքին, հակառակ թոռներու տէր ըլլալնուն, ժամուն ճամբան այրիները՝ կը չափեն՝ մազերուն գագաթէն մինչեւ կրունկները, ու իրենց չոր անկողինին համար կակուղութիւններ կ՚երազեն։ Ու տղաք, պակասաւոր ու փողոց նետուած, որոնք ցանկապատերուն ճեղքերէն լոգցող աղջիկներու մերկութիւնովը կը խենթանան ու լեռ-ձոր կ՚իյնան։

Կան ասոնք Համաստեղի գիրքին մէջ։ Ու ասոնք, Փիլիկ աղբար, Միջօ կամ Վարդան կոչուին, քիչ բանով կը տարբերին միւսներէն, տուն-տեղ ունեցող, արդար հաց մը ծամող միւսներէն, որոնք նոյնքան անվրէպ ձեւով մը գրուած են ապրելու անսրբագրելի տառապանքին: Այնպես որ, բոլորը մէկ շառաւիղումները կ՚ըլլան աւելի մեծ տիպարին, ամբողջական մարդուն, որուն մասնակի եղանակը կը մնային գիւղին մէջ։

Ու դիւրին է իջնել հասկացողութեանը բացառիկ տիպարներու, ինչպէս կ՚ըլլան հողին գրուած, բռունցքով հողին հրուած կամ մենամոլ հաճոյքներէ կլլուած մարդերը, որոնք այդ սովորական յարդարումին տակ կը պատմեն աւելի ընդհանուր, աւելի տարածուն զգալու ձեւեր։ Տափան Մարգար ը իր գոմէշներուն հետ քալած ատենը, ինծի կու գայ, թէ իր կռնակին կարուած կը պտտցնէ մէկ ցուցատախտակը բոլորովին արդիական զգայնութեան մը զգայնութիւնը ինքնաբաւ, ինքնասոյզ անհատապաշտին, գուցէ կնատեացին, որ աւելի բարձր քաղաքակրթութեանց մէջ հասած է աւելի բարդ ու կատարեալ ձեւերու:

Կար Ամուն ապահովաբար վիպողին անձն իսկ է, որ ամէն զգայնութեան վրայէն դէպի հայրենիք կը թափի, անդիմադրելի ձգողութեամբ մը:

Ու Մխսի ն, Թորիկ Օվան ը, տղան՝ Սարգիս ը, ու տակաւին անոնք, որոնք ներկայ գիրքին մէջ չկան, բայց արդէն հրատարակուած ուրիշ պատմուածքներու մէջ կ՚երեւան, պզտիկ յարդարումներով, կը համադրեն իրենց սեփական զգայնութեանը ճամբով, գեղին զգալու մեծ ու անայլայլ ձեւերը։

Հետաքրքրական է, որ կիները քիչ ըլլան ու երկրորդական։ Բայց իբր գիւղացի հարցուցէք դուք ձեզի, - ի՞նչ է կինը։ Անիկա գրեթէ մաս չի կազմեր գիւղերու մէջ, հասարակաց կեանքին, քանի որ օրանն ու լուացքը, րոքն ու թրիքը, երկունքն ու հացը կ՚ուտեն անոր տրամադրելի ցերեկները։ Անոնց երիտասարդութիւնը տարին հեղ մը խաղի կ՚ելլայ, գարնան տօներուն, ու կը պարէ իր միսերուն ճերմակ ու ոսկի պարը, վերադառնալու համար տունին ստուերին, գիշերային ծաղիկի մը պէս սպասելով մութին, որուն բերած վայելքին համար ապրիլը շատ չեն տեսներ իրարու։ Մնացեալը անընդհատ աշխատանք է, սեւ, լուռ, ճակատագրական դատանքը - անոնց բառովը։ Ու մեծցուցէք ատոնք։ Թող անցնին հարսնութեան արտերէն ու տղոց բարունակները շարեն հիւղերու սեմերուն։ Յետո՞յ։ Քառասունը կու գայ: Ու ա՛ն՝ որ քանի մը տարի առաջ հարս Աննան էր փողոցին մէջ, հիմա հարս ունի իր սենեակէն ներս։ Ու ի՞նքը։ Դադրած է կին ըլլալէ։

Կեանքի այս յարդարումը պատճառ է, որ անիկա գործօն ու ազդեցիկ տիպարներ չկարենայ տալ վիպողին: Ժողովրդական բանահիւսութիւնը արդէն կը նախասիրէ զբաղիլ աղջիկներով, որոնք հազուադէպ ու կարելի ճառագայթներ են կեանքին մեծ մշուշին ծոցէն դուրս թափող, կամ մայրերով ու որբուկիներով, որոնք վիշտով ու զոհողութեամբ կը զատուին իրենց տժգոյն ու պղտոր մենութենէն։

Անշուշտ, մտքէս չ՚անցնիր պզտիկցնել անհուն այն գեղեցկութիւնը, որ կիներուն քիչ մը ամէն բանովը կը շինուի, նոյնիսկ գիւղերուն մէջ։ Բայց ատոր հասնելու համար պետք է իջնալ աւելի ներսերը, աւելի խորերը, անհատներու սրտին մշուշոտ գաւառները, որոնց ճամբաները այսպէս դժուար են ու վտանգաւոր։ Շատ փորձ խուզարկու մը միայն պիտի համարձակէր մօտենալ կիներու, գիւղացի կիներու սրտին, որ մշտական ստուերի մէջ տունէն ու պարտասումէն կրկնապէս մութցած ամպերէն՝ կալանաւոր լուսնակի կտոր մըն է գուցէ։

Այսպէս ուրեմն, այս կարճ տողանցումին մէջ, մեզի կը ներկայանայ կարաւանը անձերուն քանի մը խոշոր գոյներով: Գլխաւորաբար այն ստուերոտ ու գորշ գոյնին տակ, որ կը շինուի զոհողութեան եւ զրկանքին արիւնէն։ Ներքին անձնաւորութեան, արդի բառով՝ հոգեբանութեան յօրինումով մը, ուր կ՚աշխատի քանի մը ազնուագոյն զգացումները մարդերու բարոյականին, գործողութեանց թափօրի մը ընդ մէջէն, որ իր պարզութեանը, խորութեանը եւ հանդարտ եղերակայնութեանը միացեալ հրապոյրներովը կը հակակշռէ, քիչ մը լայնօրէն նոյնիսկ, ելեւէջի, բուռն ու վերիվարող բախումներուն պակասը։ Դարձեալ, կիներուն համեստ բարութիւնը: Համակերպութիւնը, օճախին համար մահու գնով հաւատարմութիւնը, աղջիկներուն միամիտ ու վախկոտ դէմքերը պատկերներ են, որոնք կարելիութիւններ կը թելադրեն ու շատ բան գուշակել կու տան ի նպաստ անոնց:

Պէտք է հոս ճշդել, որ այդ ամէնը ըլլալուն հետ, այդ ամէնուն վրայ, անոնք հարազատ հայ են մանաւանդ։ Ու ասիկա լաւագոյն, անառարկելի արժանիք մըն է ինծի համար, գրականութեան մը մէջ, ուր ամէնէն աւելի ճղճիմ մնաց ցեղական գիծը, ու գրեթէ անհարազատ՝ ցեղային մոյնքը։ Ո՛չ Թլկատինցին, ոչ ալ Հրանդը կրցան իրենց տիպարները հիմնովին ազատագրել Արեւմտահայ գրականութեան ապազգայնացուած ոլորտէն, ուր մարդերը, մէկէն ի մէկ կ՚ընկղմէին հազարաւոր տարուան դասականութեան մը մէջ կամ կը վերցուէին անիրական ռոմանթիզմին։ Խօսքը չեմ ըներ Զարդարեանին, որ մարդերէն վախցաւ ու բառերու հրամայող գրագէտ մը եղաւ:

Հոս պէտք է ճշդել նաեւ տարբերութիւնը, որով այդ գործը կ՚անջատուի Արեւելահայ գրականութեան մէջ հայեցի պիտակին տակ ճանչցուած տափակ ու սովորական գունաւորումէն։ Արտայայտուած կեանքը չէ, որ գործ մը ազգային կ՚ընէ։ Այդ կեանքը տալու ձեւին մէջն է, որ կը պահուըտի արուեստի մը, գրականութեան մը անթարգմանելի, այս անգամ ազգային ոգին։ Ու Պռոշեանցի հում ու հասարակ դէմքերը, Շիրվանզադեի շինծու գիւղացիները ու տափակ պուրժուաները կը նոյնանան այս գետնին վրայ արեւմըտահայ իրապաշտներուն անարուեստ ու անխնամ տիպարներուն հետ։

Անշուշտ դեռ կանխահաս է Համաստեղի դէմքերուն վրայ այս կարգի գիծեր հաստատելու ջանք մը իմ կողմէս։ Բայց դիտելի է, որ անիկա ուրիշներուն պէս չի սկսիր դէպքեր պատմելով, դէմքեր ու սեւեռումին ելլելու համար։ Իր եղանակը հակառակն է ատոր։ Ու ասով իսկ անխառն հաճոյք մը կ՚ըլլայ այս կարգի փորձերուն հանդիպումը մեր մէջ, մա՛նաւանդ սա օրերուն, երբ փղշտացիներն ու պատուելիները նորէն կը տիրեն ամայացած հրապարակին։

Դ

Մարդերէն ետքը, Համաստեղի գործին մէջ կարեւոր են անասունները։ Տեսակէտէ մը, որ զօրաւոր կը մնայ գիւղացիին մէջ, քիչ բան կը զատէ մարդը իր ոչ-ասուն ընկերներէն։ Ամէն օր, օրուան շատ պահերուն, կենդանին վկայ կը մնայ մարդուն կարելի արտայայտութեանց։ Ան կ՚ընդունի, իր գաղտնապահ լռութեամբը, չըսուելիք խոստովանութիւններ, անոնցմէ, որոնք մեր ներսը կը ծեծեն ու կը ծեծեն դուրս գալու համար եւ որոնք կերպով մը արտաբերելնուս մէջ թեթեւացում կ՚ունենանք։ Անոր է, որ կ՚երթան բոլոր նկարէն ու յատկանշող վերադիրները։ Յաճախ նոյն ածականը կ՚որակէ արօրին ետեւէն դանդաղ-դանդաղ քալող գոմէշը ու թզկացող մանչուկը։ Կան տուներ, ուր մշակը չի կրնար ճիչդ գնահատել իր ցաւը ու մեղքնալ աւելի սատկած եզին, թէ նոր գերեզման դրուած պզտիկին։

Կենդանիներուն փոխ տրուած այս զգայնութիւնը երբ ետ կը դառնայ մարդուն, սրտառուչ քաղցրութեամբ զգացումի մը կը վերածուի։

Համաստեղ տակաւին չէ թափանցած զգայնութեան այս ծալքերուն։ Անիկա կը նայի կենդանիներուն ետեւէն նոյն պարզ ու սակաւաբաւ նայուածքով, զոր գործածեր էր մարդուն վրայ: Անոնք կու գան տեսարան, մարդերուն համար, ու մարդերուն քովէն, երբ պէտք կայ իրենց ներկայութեան, այս վերջիններուն նկարագիրը աւելի ցայտուն ընելու կամ նոր գիծեր ու շեշտեր լուսաւորելու անոնց հոգիներուն անզգած փաթաթին վրայ։ Այս գլխաւոր մտահոգութենէն զատ, Համաստեղ կը դիմէ անոնց, հպատակելու համար անգլիական գրականութեան այն շատ զօրաւոր մղումին, որով կենդանիները մասնաւոր զգայնութեան մը կեդրոնները կ՚ըլլան։ Անոնց գիրքերուն մէջն է, որ կապուտաչուի ու ձիւնի պէս ճերմակ տիկիններ, իրենց պալատներուն ծանրածանր ու ոսկեհուռ ամայութեանը մէջ, տարօրինակ գորովը կ՚ապրին կանանչաչուի ու ձիւնի պէս սպիտակ շուներուն։ Դարձեալ, մարդերէն յափրացած ու անտիպ զգայնութիւններու ծարաւի խուզարկուներ կամ հեգնութեան մեծ վարպետներ անոնց կռնակէն է, որ մեզի կ՚ըսեն իրենց սրամտութեան իմաստութիւնը եւ կամ կը դողացնեն մեր մէջ նորատիպ յուզումներ: Համաստեղ կը փորձէ ասոնք։ Ու իր փորձերը դժուարին կը մնան։ Ու հասկնալի է այս տաժանքը։ Ի՞նչ է հայ գրականութիւն ըսուածը վերջապէս։ Եւ ինչ կ՚արժէ մա՛նաւանդ հայ ընթերցողը այդ ճամբուն վրայ։

Այս նրբերանգէն դուրս, որով անոնց գիծերը ընդարձակուէին պիտի ու խորհրդանշանին հակելով հանդերձ պիտի ջանային մնալ իրական, Համաստեղ կը փորձէ կենդանիները տալ իրենց սեփական ապրումներուն մէջ։

Չալո ն, ամբողջական ուսումնասիրութիւն, աւելի յաջող դուրս կու գայ հիւմորիսթ ական մասերուն մէջ, քան հո՛ն՝ ուր սպասելի էր, այսինքն՝ կենդանական հոգեբանութեան արտաքին նշաններուն դիտողութեանը ու շահագործումին մէջ։ Նոյնիսկ սխալ կ՚ապրի անիկա։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ անոր կատաղութեան սկիզբէն մինչեւ մահը երեւոյթներ կ՚անցնին, որոնք դիտողութենէ չեն գար ու երեւակայուած կը մնան։ Բայց ասիկա պզտիկ բիծ մըն է, որ չի վիրաւորեր ամբողջական պատկերին կսկծալի ու արիւնոտ գեղեցկութիւնը։ Առանց խորհուրդի դիմելու, այսինքն՝ առանց մօտեցնելու անոր տառապած գլխիկը Փիլիկ աղբար ին, մենք կը համակրինք ամէն բանէ առաջ շուն մնալ ուզող այդ կենդանիին։ Ան առանց ակնոց գործածելու, այնպէս մը կը յոգնի իր աչքերուն մէջ ու քթին վրայ, որ մարդ ակամայ կը մտածէ գեղին ծերուկ երեցփոխին։ Անոր հոգին կը շինուի անմիջական շրջապատէն։ Համաստեղ թելեր կ՚առնէ արտերէն ու այծերէն, հաւերէն ու փուռին առջեւ սպասող հացէն, արեւէն ու անձրեւէն ու կը նետէ շունին յօրինումին։ Անոր կու տայ խորհելու ձեւ մը, թանձր ու դանդաղ, ինչպէս պարտի ըլլալ գեղացիին տրամաբանութիւնը։ Ու լրացնելու համար հանգիտութեան պահանջները, զայն կը դնէ բախտի անիւին վրայ, փառքէն մինչեւ կորակոր անկումը, մինչեւ բորոտ հալածանքը ու որդնոտած գանակոծումը։ Ու հաճելի, բայց զսպուած զգացումով մը, որ վէպերուն պահանջներէն է վերջապէս, կառնէ անոր տառապահար հոգին հերոսական ազնուութեան մը մէջ, դաշունահար ընելով զայն աւազակներէ, երբ կը փորձէր իր կեանքին վերջին շունչը գործածել գեղին բարիքին։ Ամբողջ պատկերին վրայ մարդկայնական զօրաւոր բան մը կը բաբախէ շատ յաճախ, եթէ զեղչենք անկէ Չալոյին խորհրդածութիւններուն կարեւոր մէկ մասը:

Դարձեալ, երբ աղաւնի մը, Կապուտիկ ը, իր գոց` գոյն թեւերը կը բանայ արեւին տակ ու հպարտ իր կտուցը շնորհի մը պէս կը պտտցնէ թռչունէ թռչուն, մենք անզգալաբար կը խորհինք մռայլ այն ձգողութեան, որ կը վազէ երբեմն կարգ մը մարդերուն աչքէն ու բերնէն, մատներէն ու շուքէն, քաշել-տանելու համար կիներուն սիրտը իրենց ետեւէն։ Կամ, ուրիշ աղաւնի մը, Ծիրան ը, երբ արեւուն տակ կը բանայ նորէն իր թեւերուն կապոյտ եռանկիւնները, ու իր վիզին վրայէն տարփանքը կը թօթուէ՝ ծիածանի մը պէս գոյն ու զգացում թափելով պարապին վրայ, մենք կ՚երազենք այն խռովիչ ու անուշ ձեւերուն, աղջիկներուն, որոնք այդպէս թեւաբաց, իրենց միսերուն վրայէն հոգիին ամբողջ ստեղները տալէն, կը վազեն գորշ նայուածքով իրենց երկարած ուրիշ թեւերուն:

Ասիկա կամաւոր գրագէտի կարողութեամբ իրագործուելիք խաղ մը չէ Համաստեղի պատմուածքներուն մէջ: Կեանքը` այսքան թեթեւ, թեւաւոր, նոյն ատեն այսքան ծանր ու յուզումէն անդամալոյծ ձեւերուն մէջ իրարու ետեւէ մեր առջեւէն անցընելը մարդ գիրքերէն չի սորվիր, չի կրնար սորվիլ։

(Չեմ գիտեր ինչու, ճիշդ հոս ստիպուած կ՚ըլլամ յիշելու ես ինծի Ժիւլ Ռընարի « Իսթուար նաթիւրէլ »ը, որ խնամոտ դիտողութեան ու ստեղծող երեւակայութեան զմայլելի խառնուրդ մըն է, այնքան բնական ճամբով մը արուեստի վերածուած)։

Կը պատահի, որ կենդանիները չեն իյնար առաջին փլան ին վրայ։ Այն ատեն իրենց դերը ուրիշ առաքինութիւններով կը լրջանայ։ Անոնք կը միջամտեն պատմուածքին, առանց սակայն կանխապատրաստութեան։ Գոմէշներն ու անծեղները, կովերն ու հաւերը, կատուներն ու աքաղաղը, արագ այդ երեւումներուն ատեն, գիծերուն քովէն, կը բացատրեն քիչ մըն ալ գեղացին։

Հոս տեղն է յիշեցնելու, որ կենդանիները, առանձին, իրենց գլխուն ապրեցնելու համար՝ Համաստեղի տաղանդը դեռ չունի պահանջուած փորձառութիւնը: Չալոն շատ երկար կը խորհրդածէ, ու կ՚իջնայ մանրամասնութեանց, որոնք ի վերջոյ անշահեկան կ՚ընեն իր մտածման մեքենան։ Նապաստակը իր անյաջող օրագիրը կը պատրաստէ, առանց իր ականջներուն անհանդարտ ստուերին, այսինքն՝ առանց նապաստակ ըլլալու։ Ասոնցմէ զատ չէ խորացուած այն զգացական վիճակը, որ ծնունդ կառնէ կենդանիներուն ու մարդերուն առօրեայ շփումէն։ Բնախօսական ճիչդ գիծին տեղ, որ ծայրայեղ պահանջն է արուեստին, գեղացին քիչ մը անասուն ընող ու անոր կռնակէն քիչ մը սրամտութիւն յառաջացնող յօրինումներ չկան իր մօտ։  

Բայց անոնք բոլորն ալ իրենք զիրենք պտտցնելու, իրենց բնական կամ արդուզարդով գեղեցկութիւնները, իրենց յայտնի կամ թաքուն շքեղութիւնները արժեցնելու համար կ՚օգտուին կարելի պատեհութիւններէն: Երբեմն շատ մանր զարնուած վրձինի խաղեր, զարմանալի ճշդութեամբ ու փայլով պիսակները կը ձեւեն անոնց մորթերուն։ Երբեմն արագ թրթիռի մը մէջէն, արեւ ու ոսկի, լեղակ ու գոհար կը վազեն, իրարու կը խառնուին զարդանկարելու համար թռչունի մը կամ մողէսի մը ականակուռ կռնակը։ Ու կովերը կը նային, մեծ իրենց աչքին ճերմակ բարութեանը տակէն, իրենց ծիծերուն օրհնուած պտուկներովը: Այծ մը կզակ կը շարժէ «մկրատի նման»:

Ե

Ու այս քաղցր արարածներուն տակն ու վրան - աշխարհը։

Սովորական, տափակ աչխարհը, - գիւղը: Իր ներսովն ու դուրսովը։ Շրջապատովն ու պահովը։

Երիտասարդ վիպասանը շատ համեստ է այս աշխարհին դիմաց։ Երջանկութիւն է, որ անոր գիւղը պաշարած չըլլան ուռիները եւ սրինգները, հովիւներն ու «դալարագեղ», «մարմանդ» բուրաստանները, ինչպէս վարժութիւն ունինք տեսնելու այն բիւրաւոր օրինակներուն վրայ, որոնց կը հանդիպինք քիչ մը ամէն գրականութեան մէջ։ Անշուշտ կան ասոնց ամէնքը, բայց անոնց մուտքի ձեւն է, որ կը փրկէ անոնց գռեհկութիւնը։

Դարձեալ, երջանկութիւն է, որ անոր գեղը չըլլայ մեր նոր գրականութեան մէջ ալ անտանելի պատկերը, որ զուլումէն զարնուած ճակատագրովը ու դժբախտութեան մեծութեամբը միայն հետաքրքրական կը մնայ:

Գեղն է անոր աշխարհը, շօշափելի, հաստատուն, տուներուն եւ բնակիչներուն վրայ ձեւ առնող գիւղը։

Ու տուներ, ամփոփ ու խեղճ, անհրաժեշտ գծագրութեամբ մը սեւաւոր, ներսին մութովը ու տանիքներուն հարթ ու մեծ սեղաններովը։ Փողոցներ, իրենց փոշիովն ու աղբովը, սաքուներովը ու պզտիկներուն տապլտկող բանակովը։ Ու խանութներ ու աղբիւրներ։ Ու կարճ ու վճռական գիծեր այս ամէնուն շուրջը։ Յստակութեամբ մը, որ կը դադրի արուեստի լոյս ըլլալէ ու տեղական գոյն կը դառնայ գրեթէ։

Ասոնք առանձին, իրենք իրենց համար նիւթ չեն ներկայացներ, միշտ իրենց շուքը կը ձգեն, երբ պէտք ըլլայ։ Մարդ ու կնկան կռիւի մը համար՝ տանիքը: Թռչուններուն սիրուըտուքին համար՝ արեւով յեռուած կապոյտը։ Ծերուկի մը սրտին մէջ ծաղկող տարփանքին համար՝ արտը: Բոլորն ալ կը գծուին այսպէս՝ մարդերու կամ կենդանիներու ապրումներուն վերեւ։

Տարածեցէք այս յստակութիւնը աւելի ընդարձակ միջոցներու վրայ։

Այն ատեն պիտի ունենաք զարտուղի, բայց իրական այն յօրինումները, որոնք քիչերէ կը տեսնուին եւ քիչերու կը հնազանդին։ Որոնք դէպքերուն սոսորականութեանը ներքեւ անակնկալ հողը կը տեղաւորեն կամ վերէն կը լուսաւորեն տրամ ը, անոր կմախք ճարելէ ետքը շարժումի համար միջոց ալ լինելով: Ասիկա հետեւանքը չէ նկարչական տուրքերուն։

Իր այս պատկերացման, գոյն ու գիծ նուաճելու ստոյգ տաղանդովն է, որ Համաստեղ կը տիրապետէ ինքնատիպ իր արուեստին։

Ու նորէն հոն է, որ կը տարբերի անիկա մեր իրապաշտներէն շատ սիրուած ընթացիկ, ճիշդ, բայց անարուեստ նկարագրութենէն։ Անոր պատկերացումները, ըսել կուզեմ՝ իրերէն վերցուած արագ նկարները թւումներ չեն, ոչ ալ իրապաշտական յայտնի մեթոտով մանրամասնուած անուանումներ կամ ցուցադրումներ։ Անոնք մեր աչքերուն չեն բռնադրուիր համբերատար, սառած, առանց կարկառի ձեւերու յաճախումով մը։ Անոնք մեր երեւակայութեան առջեւ չեն բռնուիր խոշորցուած գոյներուն, փշրուած յուզումներուն այս անգամ ռոմանթիկ նպաստովը։ Ոչ ալ ցամաք սեւագրութեան մը զգոյշ գիծերուն վրայ կը կենան՝ իրենց համեստութեամբը համակրելի։

Անոնք, անոր պատկերները, անակնկալներ են, շատ յաճախ, ու իբր այդ խռովիչ ու գրաւող։ Անկախ են սովորոյթէն ու գիտցուածէն։

Այս արդիւնքին համար անիկա կը նպաստաւորուի շատ բարեբաստ կերպով մը՝ իր դիտողութեան մարզուած ու լայն տուրքերէն։ Իրերը տալու ատեն Համաստեղ, առանց ճիգի, անոնց կռնակին կը կապէ անտիպ երանգն ալ։ Ինչ որ չի խօսիր սովորական նայուածքին, ինչ որ յանդուգն մերձեցումներով միտքը, աւելի ճիշդ բառով՝ երեւակայութիւնը կը կորզէ ձեւերուն տեսանելի դասաւորումէն, ինչ որ ուշադիր զննութիւնը կը գողնայ յարաբերութեանց թնճուկէն ու կ՚առանձնացնէ մասնաւոր մոտէլ ներով, ասոնք բոլորը բաժինը կը մնան արուեստագէտ վիպողին։ Ասով է, որ կը սկսի ստեղծումը։

Բայց ստեղծում ու գրականութիւն շատ իրար կը յիշեցնեն։ Վտանգ կայ, որ բառերու օգնութեամբը իրականանայ այս սրբազան աշխատանքը, որ այն ատեն նախադասութեանց եղկելի խաղի մը կը վերածուի։ Համաստեղ կը ստեղծէ՝ առանց գրականութիւն ընելու։ Ուրիշ խօսքով՝ անիկա չի կենար տեսարանի մը առջեւ, թատերական յուզականութեամբ մը ինքզենքը լեցուցած կամ գունախոյզ ու ցուցամոլ նկարիչի մը այլամերժ եւ ուրացող նախասիրութեամբը, որ առարկաները կը ձեւազեղծէ կամ կ՚ուռեցնէ՝ պատշաճեցնելու համար զայն կանխամտածումին։ Ու բառերով նկարչութիւն ընելու անտաղանդ ճարպիկութիւնը հրապոյր չունի անոր համար։

Զ

Իր այս ստեղծումներուն նկարագիրը փնտռուած կամ պրկուած չըլլալն է ամէնէն աւելի։ Անիկա չէ դիտած երկար ու թափանցող այն համակրութեամբ, որ գիծերն ու գոյները մեր կամքէն անկախաբար կ՚ընտրէ ու կը դասաւորէ ու մեր մէջ փայփայուած հոգեկան տեսիլներուն ընդհանուր երանգաւորումը կը տպաւորէ ամէն տեսնուած բանի։ Իր գործին մէջ ես չեմ հանդիպած այսպէս յամառ ու յաճախող գունաւորման մը, որ ինքզինքը պարտադրէր։

Անիկա անկախ է գոյնէն ու գիծէն: Ու այս պատճառ մըն է, որ` անոր գրագէտի կարողութիւնները գործադրուին բուն գետինին, մարդկային հոգիին յաւիտենական գետինին վրայ։

Ու կտոր-կտոր, փայլակ-փայլակ, գիծ-գիծ եկող ու խտացող այս աշխարհը առանց իր ձեւերուն խստութեամբը կամ կարծրութեամբը ստուերելու զգայնութեանց դաշտերը եւ զգացումներու պայծառ ջուրերը, հետզհետէ հաստատուն, ոտքի դիմացող ու այնքան կարեւոր տարրը կը բերէ այս գործին, տեսակ մը ոսկրային հիւսուածք ըսելս կու գայ, որուն կարենայինք վստահիլ շարժումներուն ամբողջ թափը եւ գործողութեանց բուռն տենդը։

Համաստեղի ներկայացուցած աշխարհը կ՚առանձնանայ, ըլլալու համար անոր գրիչին տակ միայն կարելի լարուածք մը, կառոյց մը ձեւերու: Ասկէց զատ անիկա կը դառնայ բարոյական սփիւռ մը, գործող անձերուն տակն ու վրան, որպէսզի զանոնք լուսաւորէ կամ մասնաւորէ։ Անիկա, իր մասերուն մէջ, կը ծագի երբեմն սիրուն անակնկալին, գիւտ ին փայլակովը, պատմութեան ընթացքին աւազանելու, երակելու, ծիածանելու համար մարդկային ու տարերային տառապանքը, կամ՝ մանր, ճնշուած, անաւարտ ուրախութիւնը, հաճոյքը մեր ցեղին։

Ձգելու ատեն անոր գործին այս մասը, չեմ կրնար իմ լաւագոյն գնահատումս զլանալ այդ նկարումներուն ներքին ու զուսպ արժէքին նկատմամբ։ Պէտք է միշտ յիշել անպատեհութիւնը, ուր կը թաւալին նորերը կամ ուրկէ չեն խուսափիր տարեցները, որ կ՚ընկերանայ, մանաւանդ հիմա, վերացեալ (աւելի հասկնալի կ՚ըլլար վերացականը) բառերով ճարտարապետուող գեղեցկութեանց։ Ասոնք մեծ դիւրութեամբ կը շփոթուին բուն արուեստին հետ, քանի որ ոճի վարպետներ իրենց հսկայ յղացումներուն ու զմայլելի իրագործումներուն հետ, վերապահ հնազանդութեան մը ենթարկած կը թուին երբեմն գոյնն ու կարկինը։

* * *

Ամփոփ այս նոթերու ընթացքին ես աչքէ անցուցի Համաստեղի գործը լեցնող գլխաւոր տարրերը։

Պէտք է աւելցնել, թէ այդ տարրերը մինակ չեն բաւեր, չեն բաւած որեւէ ատեն, գործ մը ազատելու, ազատագրելու միջակութեան պարունակէն, փոխադրելու համար զայն գրականութեան ամրափակ աւանդարանը:

Հում նիւթը կը շահագործուի գիտութենէն։

Արուեստը կը զբաղի, թէ ինչ ձեւով գործածուած է ան ու ինչ բանի։ Ու կը փնտռէ քանակը, որ անկէ զատուած, վերցուած է անկորուստ կառուցումին։

Դրեք երիտասարդ վիպողը կեդրոնին մէջը իր նիւթերուն։ Ուրիշ խօսքով՝ փոխադրեցէք անիկա կեանքին նախնական ու մեծ կտաւին դէմ, ուրկէ հատուածներ է, որ պիտի արուեստի վերածուին։

Ամէն մարդ իր կրցածը կ՚առնէ անկէ։

Ինչ որ Համաստեղը պիտի առնէ անկէ, համապարփակ, լայնքին խորութիւն ունեցող շրջանակ մը կամ կտոր մը չէ, ուր կարենային զետեղուիլ ամբողջական ուսումնասիրութիւնները քանի մը տիրական կիրքերու կամ զգացումներու։ Բոլոր գիրքերը, մանաւանդ վէպերը այսպէս առնուած տեղի մը վրայ, որ կ՚ընտրուի առաւելապէս անհատներու հոգիէն, այսպէս բռնուած խուզարկութեանց կամ ուսումնասիրութեանց օրինակներ են: Ասով է, որ նիւթը, կեանքի մեծ tranche ները (ինչպէս կը սիրեն անուանել իրապաշտները) իրենք իրենց արժանիք մը կ՚ըլլան երբեմն գրագէտէն անկախաբար։ Ասով է դարձեալ, որ նիւթին պզտիկութիւնը, տիպարներուն ճշդութեան ու կենդանութեան հակառակ արուեստի գործերը կը նուազեցնէ իրենց արժանաւոր առողջութենէն։

Համաստեղի վիպակները իրենց շրջանակին շատ սեղմ սահմաններովը անընդունակ են կիրքերու եւ զգացումի մեծ յորձանումներ կարելի ընելու: Քիչ մը ընդարձակ բռնուած պատմուածքներու մէջ անոր անձնաւորութիւնները կը խօսին սովորական իմաստութիւն, փոխանակ հոգեկան նոր անկիւններ բանալու մեզի, կամ ապրելու մանր, իրական, խիտ, միշտ փոխուող այն գիծերով, որ գեղացիներուն ապրումը կը յատկանշէ։

Կը հետեւի, թէ անիկա պարտավոր է իր ուժերը ամփոփելու, ու կիրքին պատրանքը պահելու համար, լաւ ու լարուած դիտելու։ Ասոր համար է, որ անիկա դիտմամբ պիտի նեղցնէ իր ոսպնեակին տաշտը: Ու պիտի ընէ լաւ շրջագծուած կէտերու վրայ սեւեռումներ, որոնք կեանքի մեծ կտաւին վրայ կարենան փոխադրուիլ առանց այլայլուելու:

Ու Համաստեղ` անկիւններու այս ուսումնասիրութեան համար կը գործածէ նոյն նախանիւթը մեր ժողովուրդին, այսինքն՝ գիւղացիներուն կեանքը շինող տարրերը:

Վասնզի ինչ որ հայ ժողովուրդի կեանքը կ՚անուանենք ուրիշ բան չէ իր լայնագոյն մասին մէջ, եթէ ոչ հողի կտորի մը վրայ ելլող ու իջնող յաւիտենական տրամը քանի մը խոշոր ու խորունկ զգացումներուն։ Սէր, նախանձ, ցաւ, անօթութիւն, երկինքի ծարաւ, ու տակաւին քանի մը ուրիշներ։ Ահա բարոյական այն գլխաւոր զսպանակները, որոնց վրայ հաստատուած է մեր ժողովուրդին կեանքը դարերով։

(Ուրիշ ազգերու մէջ կան տակաւին ուրիշ հաւատքներ, ուրիշ զգայնութիւններ, իշխողներէն ու տոհմիկներէն այնքան փայփայուած ու սերունդէ սերունդ ամրապնդուած հպարտութիւններ։ Մեր ժողովուրդը անգիտակցած է կարծես այդ հոգեբանութիւնը՝ եթէ հաւատանք իր պատմագիրներուն։ Դարձեալ մեր ժողովուրդը կ՚անգիտանայ այն խանդավառող, կամքերը բազմապատկող ու գործողութիւնը փառաբանող մտայնութիւնն ու հոգեկան վիճակը, որ ծնունդ կ՚առնեն, կորովի պետերու խթանին տակ՝ իրենց աւազաններէն մրրկով բարձրացող մարդկային հեղեղներէն։ Արուեստով բիւրեղանալու խորապէս յարմար այս յուզումները, ժողովուրդ մը իր միլիոնաւոր ջիղերուն վրայ ցնցելու ընդունակ յանդուգն ու հզօր յաղթանակները դժնդակ բախտով մը պակսեցան մեզի, դարեր ու դարեր։ Ու ատոնց փոխարէն, մեզի տրուեցաւ, ճակատագրուեցաւ, տրամը ժողովուրդի մը, որ շղթայուած իր սեմին կամ գամուած իր արտին, իր հիւղակի բանտին ու իր լեռներուն պարտուած գերութեան մէջէն մնաց աննահանջ այն կէտին, ուր վարսուեցաւ, յամառ ու պինդ, աչքերը երկինքին, բայց հոգին հողին, ու ապրեցաւ դարերով իր ինքնադարձ ու ներառոյգ մենութիւնն ու լքումը, սգաւոր, անսրբագրելի աղքատութիւնը իր հոգիին ու մարմինին)։ Ասիկա է մեր ժողովուրդը։ Այս զանգուածին կեդրոնէն է, ուր կրնայ արուեստի մեծ գործ մը բարձրանալ: Ես չեմ յառաջանար, ուրանալու աստիճան մեր նոր գրականութիւնը, զայն դատապարտելով իբր արտայայտութիւնը դասակարգի մը, որ շատ տարտամ աղերս մը կը ներկայացնէ ցեղին աւանդական հոգեբանութեան հետ։  

Բայց ինծի համար, անվերապահ համակրանքի ու քաջալերութեան արժանի է ամէն փորձ, որ կը մեկնի այս հաւատքէն։

Ու սրտագին ուրախութեամբ կը դիմաւորեմ այս նորեկը, որուն առաջին փորձերը այսքան հեռուները տանող մտածումներ արթնցուցին իմ մէջս։

1924