Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՆՈՒՐԻԿԵԱՆ («ԱՅԳԵԿՈՒԹՔ»)

Պ. Բ. Նուրիկեանի այս հատորը այն ցանցառ գիրքերէն է, որոնց գրուած չըլլալը ճշմարիտ, ու կրնամ պնդել, անփոխարինելի զրկանք մը պիտի կազմէր Արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր արդիւնքին մէջ։ Ու ասիկա, անկախաբա՛ր՝ բոլոր այն հարցերէն, որոնք գրականութիւնները կը կերպադրեն, երբ ասոնք ապրող organisme ներ են ու կը կրկնեն զիրենք արտադրող ժողովուրդներու հոգին: Ոճ, արտայայտման կատարելութիւն, փայլ ու շքեղանք - բոլորը նկատի ունիմ, երբ կը գրեմ սա տողերը գիրքի մը առթիւ, ուր ամէնէն շատ արհամարհուած են անոնք։ Չեմ գիտեր, պէտք պիտի ըլլա՞ր խօսիլ նաեւ մեռած գրականութեանց արժէքէն։

Իրողութիւն է, որ « Այգեկութք »ը կու գայ իբրեւ թանկ միութիւն մը աւելնալ այն խոնարհ, բայց մեզի համար իրապէս անփոխարինելի յիշատակարաններուն, որոնց արժէքը այսօր հեռու ենք իր ճշգրիտ յարգին մէջ գնահատել (զանց ընելով զբաղիլ ծիծաղելի իմաստակութեամբ, որ զանոնք ուրանալու թթու փառասիրութիւնը կը ջանայ պարտակել արուեստի խնդրական, կեղծ, առնուազն եսակուռ լոզունգ ներով), բայց որոնց ցեղանիշ նկարագիրը քիչ-քիչ կը յստականայ մեր առաջին, մա՛նաւանդ հիմա, երբ հայ բարբառով գրուած գործերը, մեր հայրենիքին մէջ կամ անկէ դուրս, հետզհետէ կ՚այլանան, կը մերկանան գրականութիւն մը արդարացնող ընդհանուր ոգիէն, ըլլալու համար անհատներու աւելի կամ նուազ փարթամ, ճիղճ ցուցատախտակներ։ Անոնք, որ կը կարդան այսօրուան գիրքերը, մասնաւորապէս անոնք, որ մեր երկրէն կը մատուցուին մեր վայելումին, արդար կսկիծով մը ստիպուած են անդրադառնալ ահաւոր կորուստին։

Անշուշտ, մեր կամեցողութենէն վեր ու դուրս, այլապէս անժուժելի ազդակներ կը միջամտեն, մեր վրայ բռնադրելու սա ընթացքը: Ու իրերու այս դասաւորման դէմ մեր կողմէ, գիտակցուած, արի ու արու պայքար մը, խնդրական կը մնայ միշտ իր արդիւնքէն։ Բայց մեր պարտքէն դուրս չէ գոնէ գորովիչ անուններու վրայ, որոնք մեր նոր գրականութեան մէջ ցեղային տարրին եռանդուն տարփաւորները եղան, երբեմն պարզ, միամիտ, երբեմն խոր, հեռահայեաց հանգանակներով, ու իրենց պզտիկ արուեստին, միջոցներուն ներածէն չատ աւելի անդին անցան, մեզի կտակելով գործեր, որոնց գեղարուեստական նկարագիրը ամէնէն ուշ պիտի զբաղեցնէր մեզ, մեզմէ վերջինները, քանի որ այս տարազին տակ այնքան անկայուն շնորհներ կը տեղաւորուին, շրջանով, օրուան ճաշակներով պայմանաւոր։ Պէշիկթաշլեանի մը տաղարանէն ինչ որ մեզի կը խօսի այսօր, քիչ բան է, երբ բաղդատուի աւելի նուազ համբաւով գիրքերու, որոնք պարզ գործաւորներու կը պարտինք։ « Պապիկ եւ թոռնիկ », « Համով հոտով », « Պանդուխտներու կեանքէն », Թլկատինցիի եւ Ռ. Զարդարեանի գործերուն կարեւոր մէկ մասը, « Գիւղը » եւ « Անձրեւը », « Խրճիթներէն խորհրդարան » հատորին առաջին զմայլելի ութսուն էջերը գիրքեր են, որոնց մէջ իրագործուած արժանիքը, նուաճուած գեղեցկութեան որակն ու քանակը չունիմ միայն նկատի, զանոնք մա՛նաւանդ այսօր յանձնարարելու համար հասարակաց հիացումին, այլ կը նայիմ շատ աւելի անդին. - այդ գիրքերով փրկուած հզօր ու տրտում փաստին, հայ հոգիին այն կերպարանքներուն, որոնց անմեռ քանդակներն են ալ անոնք։ « Այգեկո՞ւթք »ը, սա շարքին մէջ։

- Առանց յաւակնութեան, որքան դժուարութեան:

Ու ասիկա այն պարզ արժանիքին գինովը, որ այդ հատորին ամէնէն համեստ, բայց հիմա այնքան հազուագիւտ առաքինութիւնը կը կազմէ, երբ այլեւս գիրքով թելադրուած այդ աշխարհին վաւերական հեղինակը, ժողովո՛ւրդը չունի գոյութիւն այդ հողերուն վրայ։ Ի վերջոյ գրական երկ մը տարադիր վերացում մը չէ, ինքնիրեն բաւող, չըսելու համար գրուած։ Անիկա կը թելադրէ, պարտաւոր է թելադրել ուրիշ մարզի ալ արժէքներ։ Ու ցուրտ, յոխորտ բառեր չեն այն յղացքները, որոնք մեզի կու գան ազգագրական, հնագիտական, բանասիրական, պատմական բաժիններէն հայ համայնական կեանքին, մեր ժողովրդի ստեղծագործած բոլոր գեղեցկութիւններէն, ինչպէս կը տեսնենք զանոնք վերը յիշուած գիրքերուն մէջ։ Որքան քիչ պիտի կշռէր մեզի կորուստը 70ի, 80ի, 90ի ու աւելի վերջերու մեծահամբաւ հատորներուն, որոնց գահընկէցութիւնը այսօրուայ սերունդը չէ, որ կը կատարէ։ Վերցուցէք մեր ռոմանթիք բանաստեղծութիւնը (մէկ-երկու բացառութիւններով) ու մեր գրականութիւնը պիտի չտառապէր նման վանտալութեան մը առջեւ: Փորձեցէք ջնջել Սրուանձտեանցի գործը: Աղէտը պիտի ըլլար անդարման։

Ու ինչպէս որ դասական ըմբռնումով գրագէտ մը չկայ « Մանանայ »ին ետին, կամ « Պանդուխտներու կեանքէն » իր կեանքը պարտական չէ գրելու արհեստին տիրապետման, « Այգեկութք »ն ալ ազատ է շրջանի մը, պայմաններու, ընթացիկ ճաշակի մը հարկադրած կերպաւորումէն ( modalité Պատերազմէն ասդին տեսանք, թէ այդ Ամերիկան ինչպէս չարափոխեց հայ գրականութեան ընդոծին աւանդութիւնները ու մեր պատմումը վերածեց ամերիկեան մէկէզըն ներու կաղապարին։ « Այգեկութք »ը առանձին ձայն մըն է գրեթէ (չեմ մոռնար Համաստեղը), որ Նոր Աշխարհի խաժամուժէն կը զատուի, միամիտ ու յամառ, մեզի պատմելու համար անկարելի, գրեթէ հեքիաթունակ բաներ։ Իրա՞ւ։ Երբեւիցէ եղե՞ր է այդ աշխարհը, որուն փշրանքները մեզի կու գան անոր էջերէն։ Եղե՞ր են այդ Շուկան, այդ Կաղանդ ը, այդ Քարկտոց ը, այդ Բելիար ը, այդ Զատկի տեսարաններ ը, այդ Աղբիւրներ ը, այդ Գեղին փեսան, այդ Մայրը, այդ Լացող գայլը, այդ Վարժապետը. այդ կախարդական համապատկերը, որ իր գիւղին նկարն է իր գիրքին մէջ, յիշելու համար պատահակի քանի մը գլուխներ, գիրքին առաջին մասէն, որ խորհրդաւոր ենթատիտղոս մը կը կրէ ( Գիւղը, որ կ՚ապրէր Քառորդ դար առաջ այդ ամէնը իրականութիւն էր։ Այդ ամէնը կ՚ապրէր այս ժողովուրդը, իր անհուն տառապանքին քովն ի վեր իր պատմութիւնը շինող աղէտներուն տակ իսկ անվթար պահելով իր հրաշալի աշխարհին այնքան անուշ, վճիտ շեղումները իր հոգիէն ներս, ներդաշնակելու աստիճան դըժուար յղացքը տառապագին երջանկութեան մը, անուշ տրտմութեան մը, որ հայ գեղջուկ երգին, բանաստեղծութեանց, մեր կիներուն ու տղոց թաւշային փափկութեան ու մշտարտօսր նայուածքին մէջէն կը խօսի մեզի։ Այդ ամէնէն տարագրուած մարդու մը հոգեվիճակը չէ միայն, որ « Այգեկութք »ով մեզի մատուցուած այդ ուրուագրութիւնները կ՚ընդարձակէ, անոնց մէջէն վերակազմելու համար անրջական մեր անցեալը, երբ մենէ ամէն մէկը այսօր գերին է իր անողոք, աննահանջ ներկային ու չի կրնար դաշտ մը, արտ մը, հաւբակ մը, ջուրի ընթացք մը դիտել առանց նուաճուելու ահաւոր կորուստին մղձաւանջովը։ Պ. Նուրիկեանի գիրքը բարիք մըն է ուղղակի, մեր «նսեմ» լքումին մէջ, մեր աչքին առջեւ շողափայլող տեսիլքներու հիւսիսայգ մը:

Ոգեկոչման սա ուժը, չնորհը ուրիշ նկարագիրներ կը պարզեն, երբ գիրքին երկրորդ մասին մէջ կը ստանձնեն այլապէս դժուար, գրագէտ մը յայտարարող աշխատանք մը, - գիւղին երկարաձգո՛ւմը ատիկա, Նոր Աշխարհին ամէնէն ահաւոր կառուցումներէն մէկուն ներսը: Պահել եանքիներու քաւարանեան շրջապատկերին մէջ զգալու, ապրելու, հայ մնալու, մարդ մնալու այնքան դժնդակ պարտքեր, առանց խանգարելու սկզբնական զգայնութեան յատկանիշները, ահա՛ Պ. Նուրիկեանի անստուեր յաջողանքը։ « Մեռելները կը յաղթեն », « Բարեւ, արքայ », « Ուրբաթ առտու », « Ծաղիկները չեն ուտուիր », « Մաշած աւել » վերնագիրներուն տակ զետեղուած ցասումը, հաւատաւոր տառապանքը, մարդկայնական, հայեցի ցաւը՝ համաշխարհային զրկանքին, շահագործման զոհերուն ողբերգութեամբը պայմանաւոր, կը խօսին հաւանական, օր մը կարելի արուեստի մը ի նպաստ, որուն թելադրանքը կ՚ընեն առանց յաւակնութեան թուղթին յանձնուած կեանքի սա փշրանքները։ Գիրքին ընթերցումը կը յանձնարարեմ ամէնէն վերջին հատուածէն, իջնելու համար գիրքին սկիզբը մինչեւ։ Ընթերցողը, որքան հեղինակը կը շահին այս պզտիկ զանցումով։

Ինչ փո՞յթ, որ « Այգեկութք »ին կը պակսին կարգ մը շնորհներ, որոնք թէեւ ոչ-անհրաժեշտ, բայց կարեւոր են ամէն նոր կրկէս հանուած հատորի յաջողութեան։ Ուրախ եմ, որ այդ զիջումը չէ կատարուած հեղինակին կողմէ։ Միւս կողմէն՝ ի՜նչ փոյթ դարձեալ, որ անոր կը պակսին գիրքերը կորուստէ ազատագրող, անոնց քիչ-շատ տեւական բախտ մը ապահովող ուրիշ, այս անգամ հիմնական առաքինութիւններ։ Անոնք, որ գիրքին երկրորդ մասին մէջ պիտի փափաքէին արդի տառապանքը լիովին ճանչնալ, պիտի ցաւին տրուածին ուրուագրային սակաւութենէն։ Անոնք, որ գիրքին առաջին մասին մէջ պիտի սիրէին ամբողջական ոգեկոչումը իրենց մանկական զգայութեանց, գիւղական աշխարհի հրաշքին, պիտի չբաւարարուին սա փշրանքներով։ Բայց մոռնալու չենք, որ Պ. Նուրիկեան հոգեբան վիպող մը չէ յաւակնած ըլլալ: Ու, ըսեր եմ շատ անգամ, հեղինակ մը չեն դատեր իր չունեցածովը։ Դարձեալ, անոր ոճը չի մատներ կատարելութեան տագնապ մը, բայց նոյն ատեն չ՚իյնար հակադիր վտանգին, անկնիք պատմումին, ինչպիսին է օրինակի մը համար, Մուշի Գեղամին գործը։ Ու անոնք, որ չունի, լիութեան, ծաւալի, համապարփակ հարցերու հանգանակներ կը ճօճեն գիրքերուն տկլոր, առանձին անհատականութեանց դիմաց, կը հրաւիրուին դիմել իրենց ուզած մարդերուն, թերթօններուն, փրոպականդիստներուն։

Պ. Նուրիկեանի ոճին համար աւելորդ կը դատեմ որեւէ գնահատանք։ Ինքնատիպ ըսուելու չափ անձնական է ան, թէեւ «ոչ-ազատագրուած»։ Յետոյ դիտել կու տամ, որ Տիգրան Կամսարականի ըսածին պէս, գալուն հակառակ մասնակի երակէ մը, որ հայ հոգիին մէկ նոր պոռթկումը պիտի ըլլար ժամանակակից մեր գրականութեան մէջ (հոյլը Ծոփաց Աշխարհի գրողներուն, այնքան եղերաբախտ երէցներու մօտ, այլապէս թշուառ, տարագիր կրտսերներու ողկոյզ մը) կը զատուի բոլորէն, ըլլալու համար ինքզինքը։ Իսկ, աղուաշ, ոչ-ոստանիկ, գրելու սա կերպը թերեւս դիւր չգայ լիալիր, արքենի, « բոցաճաճանչ » ոճի մեր նորագիր արգոնաւորդներուն։ Չէ՞ որ նոյն այս բախտը դիմաւորած էր նաեւ օրինակի մը համար « Մանանան », երբ կը գրուէին ութսունական թուականներու մեր այսօր անանուն մեծ տաղարանները։ Կէս դար է անցեր Սրուանձտեանցի վրայէն, բայց անոր հատորին մէջ խորածածկուած յուզումը կը մնայ թարմ, «շաղը վրան», ինչպէս պիտի ըսէր Սայեաթ-Նովան։

Ու վերջացնելու համար,

Պ. Նուրիկեան շատ մօտիկէն ինծի կը յիշեցնէ օտար անուն մը, մեր մէջ քիչ ծանօթ։ Ֆրանսացիներուն Ժիւլ Ռընարն է ատիկա, որուն աշխարհը գիւղն է միշտ, բայց որուն թեքնիքը, տալու կերպը ( rendement ) այնքան անգերազանցելի կատարելութեամբ մը, դասականութեամբ մը, դժուար դասականութեամբ մը իրագործած է ի՛նչ որ Պ. Նուրիկեան կը կարծէ նուաճած ըլլալ զգայնութեան իր տուրքովը։ Le Vigneron, Histoires naturelles, բայց մա՛նաւանդ Ragotte ը գիրքեր են, ուր արուեստ եւ զգայնութիւն իրարմէ պաշտպանուած, կը ստեղծեն ինչ որ մենք պարզ լեզուով գլուխ-գործոց կ՚անուանենք։

Պ. Նուրիկեանի համար բարիք մը պիտի ըլլար ճանչնալ այս մարդը:

 

1938