Ա.
ԳԱՐԵԳԻՆ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Իմ
ընդհանուր
խորագիրը,
«
Արեւելահայ
բանասիրութիւնը
եւ
Էջմիածին
»,
չունի
յաւակնութիւն,
գործադրելու
վերլուծական
հանդէս
մը
եւ
հասնելու
վճռական
կշիռի
մը
շատ
ընդարձակ
պատմա-բանասիրական
այն
գործօնութենէն
որ
մօտաւորապէս
դարու
մը
կեանքը
ունի
իր
ետին,
եւ
տենդագին,
խորահաւատ
աշխատանքէ
մը
վերածուած
է
սրտագրաւ,
շնորհաւէտ
գեղեցկութեան
մը,
արդէն։
Փորձեցէք
ձեր
օրերէն
տեղ
մը
նայիլ
հետ,
իջնալ
վար,
չափելու
համար
տարածքը
նուաճուած
գետինին
եւ
արժեւորել
տարողութիւնը
շահուած
բազմակերպարան
արդիւնքներուն:
Այսօր,
պետութեան
սրտագին
պաշտպանութեամբը,
ինքզինքը
կատարելապէս
ատակ
ըրած
իր
իմացական
առաջադրութեանց
իրագործումին,
արեւելահայ
բանասիրութիւնը
այլեւս
համազգային
փառք
է
ու
արժանիք:
Քանի
մը
տարիէն,
արդարեւ,
կանխող
դարու
գրեթէ
կէսերուն
իր
սկիզբը,
իրաւ
սկիզբը
ըրած
հայ
բանասիրական
ընդհանուր
կրթանքը
կը
բոլորէ
իր
առաջին
հարիւրամեակը։
Անշահախնդիր
ինչպէս
ազատագրեալ
նայուածքը
որքան
տարբեր,
գրեթէ
իրարու
հակոտնեայ
իրողութիւններ
պիտի
ջոկէր
սակայն
այդ
շրջանէն
մեզի
աւելցած
ազգային
համայնական
արժէքներու
կշռին
մէջ։
Անկարելի
է,
առանց
խորունկ
յուզումի
եւ
երախտագիտական
ծանր
պարտքի
մը
զգացումներուն,
արդար
կշիռ
մը
գործադրել
արդիւնքին
վրայ
որ
Մխիթարեան
րոմանթիզմին
նուէրն
է
մեր
հետաքրքրութիւն:
Բայց
նույնքան
անկարելի՝
չզգալ
զանազանութիւնը
որ
այդ
սկիզբէն
յիսուն
տարի
վերջ
իրականութիւն
է
արդէն,
մէկ
ու
նոյն
կալուածէն
արդիւնքներու
համար։
1900ը
թուական
մըն
է
արդեն
մեր
բանասիրութեան
մէջ,
դէպի
ետ
ու
դէպի
առաջ
զոյգ
դարպասներով:
Ալիշանի
Ռուբինեանները
(
Սիսուան
)
եւ
Ադոնցի
Մամիկոնեանները
միայն
գիրքի
կառոյցներ
չեն,
են
նաեւ
իրարու
առաջնորդող
մտայնութեանց
տախտակներ:
Այդ
թուականէն
ուրիշ
յիսուն
տարի
մը
ասդին,
ինչ
որ
բանասիրական
կրթանքով
այսօր
կը
մատուցուի
մեր
հիացումին,
հպարտութեան,
սիրոյն,
փաստն
է
վճռական
ալ
յեղաշրջումի
մը:
Ու
վճռական
իրագործումնե՞ր,
ընդմիշտ
շահուած
արդիւնքնե՞ր:
–
Գրեթէ,
թէեւ
անցեալի
վրայ
ամէն
աշխատանք
պարտադրեալ
կերպով
մը
կը
մնայ
ընդունակ
նորոգման,
առնուազն
սրբագրութեան։
Ստոյգը
այն
է,
որ
նոր
ժամանակներու
ազգային
մեր
գիտակցութիւնը
ընդմիշտ
ազատագրուած
է
հէքեաթին
ոսկեփոշի
մշուշէն
ինչպէս
յետահայեաց
փառասիրանքէն։
Բոլորովին
նոր
օրակարգերու
յաւակնութիւնները
զիս
չեն
խռովեր:
1850ին
Աստուած
հայերէն
կը
խօսէր:
1950ին,
ինչ
ալ
խօսի
անիկա,
բան
մը
կը
մնայ
շահուած,
–
ատիկա
հայ
հողին
ձայնն
է,
մեր
զաւկըներուն
բերնին
վրայ
այս
անգամ։
Պարտաւոր
եմ
սակայն
ճշդել
որ
–
Բանասիրութիւնը
–
գիրքեր
գրուած
են,
անթիւ
ըսուելու
աստիճան,
ու
տակաւին
պիտի
գրուին,
տարազը
ըստ
արժանւոյն
նուաճելու
համար,
այնքան
ընդարձակ
է
անոր
թելադրանքը
–
ինքը
իրեն
համար
առանձին,
բացարձակ
իմացական
կրթանք
մը,
կը
յորդի
իմ
ուժերէն,
այսինքն
նուաճելի
ըլլալու
հեռու
իրողութիւն
մըն
է։
Այս
խոստովանութիւնը,
սա
տողերուն
վրայ
որքան
ալ
պարզ
ու
պարկեշտ,
զիս
չի
կրնար
արգիլել
որպէսզի
կրթանքին
ընդմէջէն,
ետեւէն՝
հայ
համայնական
մշակոյթին
քանի
մը
հիմնական
դիմայեղումները,
կերպարանքները,
բլաստիք
ի
ինկած
կարկառները
գէթ
իբր
մտայղացք
(concept)
չփորձուիմ
կասկածելէ,
հիմնական
յղացքներ
որոնք
մեր
ժողովուրդին
ստեղծագործութեան
մթին
մղումները,
օրէնքները,
եղանակները
եւ
ընդգրկեն,
կը
թելադրէն,
կը
պիտակեն:
Իրարմէ
հեռու
ժամանակներու
վրայ
հողէն
բխող
խաչքարին
ժայթքը
միայն
արուեստի
առարկայ
մը
չէ,
այլեւ
մեր
հոգիին
մէկ
կերպարանքը:
Ու
ասիկա
իրաւ
է,
նոյն
մտածողութեամբ,
ձայնին
ու
գոյնին
բախումներուն
համար
ալ:
Եթէ
չի
ներուիր,
աժան
թուող
սա
ընդհանրացումներուն
ուղիներով
մշակույթներ
որոշադրել,
–
զառածում
մը,
չարաշահութիւն
մը
որոնք
հետզհետէ
կ՚ընդհանրանան,
կը
տարածուին,
երբ
գրել
կամ
մտածել
գիտցող
մարդեր,
այդ
իսկ
գիտութիւնը
լոկ
մեկնակէտ
առած
կը
չափեն
ու
կը
ձեւեն,
կը
պատգամն
ու
կը
կառուցանեն,
առանց
վախի,
սխալէն
իսկ
անայց
–
բայց
նոյն
այդ
ճամբով
չարգիլուիր
իրարու
հաշտ
ընել,
իրարու
ընծայել
ու
դաշնութեան
հետամտիլ
երեւոյթներու
առջեւ
ու
հետ
որոնք
կը
ծլին
նոյն
հասարակաց
խմորէն,
թեւ
կը
բանան
ապրումներու
նոյն
յատակէն
ու
իբր
կերպարանք
կ՚ըլլան
զիրար
ամբողջացնող։
Գրականութեան
պատմութեան
բանուոր
մը,
սա
տողերուն
հեղինակը,
չի
տառապիր
ընդունելու
համար
որ
–
քարը,
այսինքն
նիւթին
այն
կտորը
որուն
վրայ
ուղեղէ
մը
սրբազան
կայծ
մը,
սարսուռ
մը
օր
մը
իջեր
են
ու
իրենց
հետքը
անջինջ
սեւեռեր,
մտածման
մը,
ապրումի
մը
իբր
վկան,
դիմանալով
այդ
ուղեղէն
հազար
անգամ
առաւելեալ
տեւողութեամբ
մը,
–
ներկ
մը,
մագաղաթի
մը,
կտաւի
մը
երեսին,
օր
մը
կաւի
կտոր,
փոշի,
մետաղի
փշրանք,
մատի
մը
թմրումին
տակ
խմոր,
վրձինի
մը
շրթունքովը
հաղորդ`
միշտ
նոյն
սեռէ
ուղեղի
մը
յոյզերուն,
խօսելու
համար
մանրանկարի
մը
քուրայէն,
ամբաւ
ապրումներու
մասին.
–
գիր
մը,
կամ
գիրերու
շարք
մը,
մատեաններու,
պատերու,
լաթերու,
մետաղ
կամ
հող
ամաններու
կողքերուն,
միշտ
նոյն
հրաշքէն
յայտնաբերում,
–
կտոր
մը
այտ,
ապրող
ձեւի
մը
վրայ.
–
աւաչ
մը,
ձայնանիչի
մը
բողկուկներուն
ներքեւ
թմրած,
կամ
թեւ
առած
մատաղ
շրթներէ
տարրեր
են
ոչ
թէ
իրար
հակոտնեայ,
զիրար
հերքող,
վանող,
այլ
իրարու
պաշտպան,
իրար
լրացնող,
երբ
ուսումնասիրուին
իբրեւ
սրբազան
հրիտակներ,
իրենք
իրենց
համար
ու
տակաւին
իրենցմէ
վեր,
անդին
ապրումներու,
ու
իբր
այդ
կը
մնան
օժտուած
փոխադարձ
վերածումներու
կարելիութիւններով,
շնորհներով:
Քարի
մը
երեսին
չափերեալ
թէեւ
կցկտուր
յիշատակութիւն
մը
քիչ
կը
տարբերի
ոգեղէն
իր
թելադրանքովը
որ
պարման
բերանէ
մը
արձակուած
փշրանքինն
է
քերթուածին:
Մի
տաք
հաւարի
թէ
աւելորդ
փոյթով
մը
կ՚ընդարձակեմ
բառերուն
սահմանները:
Գիտակ
եմ
ըրածիս
սակայն։
Բանասիրականեն
սա
ոչ
ուղղափառ
սահմանումը
մեր
օրերուն
ինքզինքը
պարտադրած
կրթանք
մը
իբրեւ
իրականութիւն
է
արդէն,
հայոց
հայրենիքին
մէջ
ուր
հսկայական
բանուորներ,
մեթոտի
մերձաւոր
հանգիտութեամբ
մը,
հասած
են
շքեղ,
անփոխարինելի
արդիւնքներու:
Խորհրդային
Հայաստանի,
այլ
մարզէն,
արդի
փաղանգը
աշխատողներու,
բազմատեսակ
միջոցներէ
ալ
նպաստաւորուած,
կը
ձգտին
հայ
համայնական
մշակոյթի
մը
ոչ
միայն
մտատիպարեալ
իրականութիւնը,
դարերու
փոշիներէն
ազատագրել
վերբերելու,
այլ
ամբողջական
հայ
մշակոյթը
կերպարանելու:
Գործածուած
եղանակներուն
ճահաւոր
կամ
անճահ,
արդար
կամ
բռնազբօս
կարելիութիւնները
զիս
չեն
արգիլեր:
Իրողութիւն
է
որ
Մանանդեանի
Հայաստանը
հարիւր
անգամ
աւելի
իրաւ
է
քան
Չամչեանի,
Ալիշանի
Հայաստանները։
Ու
ասիկա
բաւ
է
ինծի:
Հայ
մշակոյթը
մօտէն
սեղմող,
բառի
տեղ
նիւթ,
փաստ,
իրենց
բառովը
fact
միայն
օգտագործող
մեթոտը
իր
արդարութեան
ապացոյցը
տուած
է
արդէն:
Չեմ
երկմիտ
մեծ
անուններու
փառքին.
ցոյցէ
խորշանքէս,
ինչպէս
խոշորցնելու
հաւանական
վախէ
մըն
ալ
անհանգիստ:
Ու
կը
յայտնեմ
իմ
գոհունակութիւնը,
բաւարարութիւնը
(քառորդ
դարու
պատմութիւն
մը
ունի
այս
վկայութիւնը)
Խորհրդային
Հայաստանին
բանասիրական
աւագորեարէն,
իրենց
գործածած
ակադեմական
տարազներուն
վճարելով
պարզ
գին
մը
ու
ծանրանալով
բուն
իսկ
գինին
–
որ
հայ
մշակոյթին
արդի
հպարտութիւնները
կ՚երաշխաւորէ:
Աբեղեան,
Ադոնg,
Աճառեւան,
Մանանդեան
ու
մասամբ՝
նոր
հողք
իջնող
Աղբալեանը:
Ասոնք
համբաւէն
ասդին
անուններ
են։
Ու
անմիջապէ՛ս,
–
Գարեգին
Յովսեփեանց,
որ,
միայն
կէս
դարը
անցնող
բոլորանուէր
գործօնութեան
մը
խորհրդանիշը
չէ,
Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ
այնքան
դժնդակ
սպասին
մէջ
մասնաւորմամբ
մը:
Աւելի
անդին,
երբ
այս
փորձը
(essais)
մօտենայ
մարդուն,
պիտի
տրուին
այլ
գործօնութեան
այլապէս
խռովիչ,
իրաւ
տախտակներին
հիմնականները:
Սա
մուտքին,
Գարեգին
Յովսէփեան,
արեւելահայ
ծանրաբեռն,
շքեղ,
գիւտառատ
կրթանքին
մէջ,
ինծի
կը
ներկայանայ
իբր
առաջին
աստիճանէ
շնորհներով,
կարելիութիւններով
հարուստ
գործաւոր
մը,
քիչ
վերը
յիշուած
տաղանդաւոր
մարդոց
հոյլը
արդարօրէն
փառապսակող
հպարտանքէն,
գեղեցկութենէն
անվիճելի
բաժինով
մը,
ու
տակաւին
ասկէ
անդին
ալ
շատ
անձնական,
իրմով
միայն
ըմբռնելի
ուրիշ
բաժինի
մը
բարիքով,
ինչպէս
պիտի
տեսնէք
քիչ
անդին:
Այդ
աւելին
նուէրն
է
մասնաւորած
ուրիշ
աշխատանքի
մը
մեթոտին:
Պէտք
չէ
մոռանալ
որ
Գարեգին
Յովսէփեան
բանասիրական
կրթանքը
տիրապէս
գործադրած
է
գրեթէ
իր
բոլոր
բաժիններուն
մէջ։
Բայց
իր
նախասիրութիւնը
զինքը
առաջնորդած
է
մասնաւոր
կալուածներու
պրպտումին
(պիաի
գիտնանք
թէ
որոնք
եւն
անոնք):
Արտասանեցէք
Թորամանեան
բառը
ու
հետեւեցէք
ձայնին
ձեր
ներսը
արթնցուցած
զգայութեանց
թափoրին:
Ակնթարթի
մէջ,
ձեր
ժողովուրդին
ամենէն
հիմնական
մեկ
սլացքը,
երկնայնութեան
համարին
այնքան
մասնայատուկ
մէկ
անուշութիւնը
կերպարանք
կ՚ըլլան
մեր
ներքնագոյն
գիտակցութեան
խորունկները,
ու
դուք
կը
վերածուիք
ձեր
եղբայրներուն,
մեռած
կամ
ողջ,
որոնք
իրենց
չոր
հացը
թրջեցին
աղբիւրին
ու
իրենց
շալակը
յարդարեցին
կոշտ
քարերուն,
որպէսզի
անոնք
հագնին
այն
հարիւր
ձեւերը,
նազանքը,
անուշութիւնները,
հայ
տաճարին
ամենէն
թաքուն,
սխրագին
ապրումները:
Արտասանեցէք,
մօտիկ
նպատակի
մը
համար՝
Աճառեանը
ու
նոյն
ձեւով
հետեւեցէք
անդրադարձումներուն։
Կոմիտաս,
Աբեղեան,
Մանանդեան,
Ադոնց
միայն
մարդոց
անուններ
չեն,
որոնք
իրենց
հողեղէնը
ըլլային
ազատագրած,
այլ
մոգական
հանգոյցներ,
գաղիացիներուն
ուժ
դարձած
գաղափարները
թելադրող:
Անոնք,
ձեր
մտքին
համազօր
զուգորդութիւններ
են
հոգեդրութիւններու
(բառը
Չրաքեանինն
է),
հպարտութիւններէ,
կիրքերէ,
կսկիծներէ,
բոլորն
ալ
մեզի
ընտանիք,
կարծես
մեզմէ
բխած
(ամէն
իրաւ
մեծութիւն
նման
հաղորդականութեամբ
կը
գործէ
ընդհանրապէս,
մեծէն
ու
պզտիկէն
հասարապէս
իւրանալի)։
Ու
հանգիտօրէն,
արտասանեցէք
Գարեգին
Յովսեփեանը,
հետեւելու
համար
բառէն
յառնող
ապրումներուն:
Առանց
մահուան
լուսապսակին
որ
մարդոց
գործերը
կ՚ենթարկէ
որոշ
օծութեան,
սրբութեան
ըսելս
կուգայ,
Գ.
Յովսէփեանց
իր
անունին
զուգորդ
ունի
մէկէ
աւելի
մասնաւորեալ
յղացքներ:
Չենք
կրնար,
առանց
այդ
անունին,
յստակ
տեսնել
մէկը
արեւելահայ
բանասիրական
կրթանքին
նորագոյն
դիմայեղումներէն,
–
հայ
գրչագրութիւնը
որ
գիրքի
մը
անունը
չէ
միայն
իրմէ
հեղինակուած,
այլ
դարեր
ու
դարեր
հայ
ստեղծագործ
աւիշին
զգեցած
զանազան
փոփոխութիւններուն
կենդանի
վկայութիւնը:
Թերեւս
չէք
գիտեր
որ
անիկա
մարդն
է,
որ
ոչ
միայն
տեսած
է
հայ
բոլոր
գոյ,
կարելի
ձեռագիրները,
այլ
եւ
մեր
գիրին
բոլոր
կերպարանքները,
մագաղաթէն
դուրս,
քարերը,
աւերակներու
ծոցը
ծուարուն։
Սեղմեցէք
ձեր
մտածողութիւնը,
գրչագրութիւնը
ազատագրելու
համար
գծային
իր
կնիքէն
ու
բարձրանալու
ուրիշ
իրագործման
մը,
որ
անուն
ունի
մանրանկարչութիւն:
Աւելի
յաւակնոտ
սա
տարազին
թանձրացուցած
թելադրանքնե՞րը:
Ընթերցողը
թող
ինք
դասաւորէ
ատոնք,
հասնելու
համար
սրտառուչ
ապրումներու
այն
հանդէսին
որոնք
այդ
նկարողները
կը
թրթռացնէին,
աս
կամ
ան
«երկնանման
վանքի»
մը
մթին
սրահներուն
ծոցը,
իրենց
դէմքին
նման
դալկահար
մագաղաթներուն
վրայ
երբ
կը
նետէին
գիծերը,
կը
յօրինէին
շէնքերը
հոգիներուն
ու
ասոնց
արտայայտութիւնը
կը
սեւեռէին
գոյներուն
աչուկներովը:
Մանրանկարի՜չը
իր
ու
օտարին
հաշւոյն
երբ
կը
թանձրացնէր
մեծ
կիրքերը,
տռամաները,
սէրն
ու
մահը,
արքայութիւնն
ու
դժոխքը,
արդեօք
չէ՞ր
ներկայացներ
իր
ժողովուրդին
հոգեդրութենէն
ամենէն
ազնուական,
նրբաշնորհ
յոյզերը,
խինդն
ու
արցունքը,
երազն
ու
յոյսերը...:
Սխալի
մէջ
չեմ
երբ
յայտարարեմ
թէ
հայ
մանրանկարչութիւնը
Գ.
Յովսէփեանի
սա
գուրգուրագին,
կրքոտ
պաշտամունքին
մէջէն
սկիզբը
կ՚ընէ
հայ
հոգիի
արտայայտութիւններէն
մէկը
ըլլալու
իր
առաքելութեան։
Սեղմեցէք
աստիճան
մըն
ալ
աւելի
ձեր
մտածողութիւնը
որ
պէսզի
անցնիք
քիչ
մը
աւելի
անդին
քան
սա
նիւթեղէնէն
արտօնուած
ապահովութիւնները:
Թուղթ,
նկար,
գիր,
շէնք,
–
ասոնք
նախատարրերն
են
անշուշտ
որոնցմով
մեզի
պիտի
ըլլայ
ներելի
ուրիշ
փառասիրութիւն
մը,
արբշռանք
մը
եթէ
կ՚ուզէք:
Գլաձոր,
Հաւուց
Թառ
յատուկ
անուններ
են
այսօր
աղուաղեալ,
այսինքն
իրենց
կեանքին
մէկ
կարեւոր
մասովը
մաշած,
մեռած,
ժամանակին
ատամներուն
ներքեւ:
Բայց
գիտունը,
տեսանողը,
մարգարէն
մեզմէ
կը
տարբերին
աւելին
տեսնելու
իրենց
ուժովը։
Այս
ուժին
միջամտութիւնն
է
որ
հում
նիւթը
պիտի
ոգեղինէ
ու
ասոր
փշրանքներովը
պիտի
ճարտարապետէ
իմացական
փառք
մը։
Հաղբատեանք,
Գլաձոր,
այս
փոխակերպումով
կ՚ըլլան
հայ
իմացական,
զգացական`
դրութիւններէն
շքեղ
խոստովանութիւններ:
Հոն
ուր
սովորական
հաւաքողը,
բանասէրը
արձանագրութիւններ
միայն
կը
գտնէր,
Գ.
Յովսէփեան
մեզի
կը
պարզէ
հայ
ստեղծագործութեան
սխրագին
մէկ
համայնապատկերը։
Պատմութենեն
անդին:
Լաւ
հասկցէք
զիս:
Ստեղծագործութիւնը
ծփուն,
դիւրաւ
տարածուող,
պատմութեամբ
միայն
սեւեռելի
կարելիութիւն
մը
չէ:
Ահա
թէ
ուր
կը
տարբերին
Մխիթարեան
դպրոցներուն
եւ
արեւելահայ
դպրոցին
նվաճումները:
Փառաւոր
հովաքածոյ
մըն
է
անշուշտ
Սիսուան
ը:
Պատուական
Աբբան
ամեն
բան
ունէր
իր
տրամադրութեան
տակ
հայոց
հայրապետանոցներէն
ամենէն
խռովիչներէն
մէկը
նուաճելու,
ինչպէս
հայոց
քաղաքային
հարստութիւններէն
ամենէն
խռովիչ,
մեզամերձ
ճակատագիրները,
իրենց
բոլոր
եղերակայութեամբը
թուղթին
սեւեռելու,
–
բացի
մէկ
շնորhէ,
բախտէ,
–
իր
անձին
իսկ
վկայութեան
կարելիութիւնը։
Սիսուան
ը,
այս
պակասով,
պատմութիւն
է։
Հաւուց
Թառը,
Հաղբատը,
հակառակ
անոր
որ
պարզ
անուններ
էին,
այսինքն
հազիւ
յիշուած
մեր
պաշտօնական
տարեգրութեանց
մէջ,
Գ.
Յովսէփեանին
շնորհիւ
կը
դառնան
ՄՇԱԿՈՅԹ
(բառը
պահելով
մեր
ընկալչութեան
ծիրին,
երբեք
անոր
ետին
տեսնել
չյաւակնելով
մեր
օրերու
creum
յատկութիւնները
հայ
մեծատարած
մշակոյթի
մը)։
Ու
ժողովուրդի
մը
մէջ
որուն
դարերը
պայծառանալու
տեղ
կը
մթագնին,
դուք
կը
զգա՞ք
բարիքը
որ
կանչուած
էր
մեր
ներկան
գունաւորելու,
այլակերպելու,
մեզի
ներշնչելու
մեր
պապերուն
արժէքէն
արդար
մեր
հպարտութիւնը:
Գ.
Յովսէփեանի
հոգին
կազմուած
է
1900ին,
այսինքն
շրջանի
մը
ուր
մեր
պատմութիւնը
ամօթէ
մը
աւելի
կը
ճնշէր
մեր
միտքին:
Մօտ
քսանամեակ
մը
անիկա
ապրեր
էր
մեր
նորագոյն
տռաման.
այնքան
տարբեր
մեր
պատմութեան
ընդհանուր
ջարդապատումէն
։
Ու
հաղորդ
էր
բեկումին,
մեզմէ
փախուստին
ամբողջ
ահաւորութեանը,
այն
վիճակին
որ
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
երջանիկ
տարազով
մը
սեւեռուեցա,
–
ցայգալոյսին ...
։
Այս
խաւարումին
բերուած
ամէն
դարման,
միջոց
բարիքէն
վեր
բան
է
այսօր
իմ
նկատառմանս
մէջ:
Ու
պատահականութեան
մը
արդիւնքը
չէ
որ
նոյն
շրջանէն
մեզի
գան
Չօպանեանի
հայապաշտութիւնը,
(armenisme),
Թորամանեանի
հայ
ճարտարապետական
հանճարին
վրայ
արժեւորուած
հպարտանքը,
Կոմիտասի
եւրոպական
համբաւը,
հայ
երաժշտութեան
խորագոյն
արժէքէն:
Սորվա՞ծ
ենք
արդեօք
որ
մեր
անցեալը
չի
նմանիր
ուրիշ
ազգերու
անցեալին:
Իրաւ
է
որ
մենք,
մինչ
եւ
նորագոյն
ժամանակներու
դռները,
հոն
թափառեցանք
մեր
տրտմութիւնները,
դառնութիւնները,
ճակատագիրը
մոռնալ
կրնալու
մթին
ցանկութիւններով։
Բայց
մենք
անծանօթ
էինք
ու
հպարտութեան,
ուժի
ուրիշ
ազդակներու
որոնք
կը
միջամտեն
ազգերու
ճակատագրին
ու
անսպասելին
կը
մատուցանեն
մեր
վայելումին:
Քանի
քանի
անգամներ
մեր
երկիրը
հագաւ
կերպարանքը
զոր
մեր
թշնամին
յաջողեցաւ
իրագործել
1915ին:
1947ին
մեր
երկրին
մէկ
մասը,
այսօրուան
Հայաստանը
սրտառուչ,
յուսադրիչ
գեղեցկութիւն
մըն
է:
Այս
հրաշքին
հեղինակը
ինքը,
մեր
ժողովուրդը
միշտ:
Գ.
Յովսէփեան
իր
գործովը
այդ
հրաշքին
մէկ
քանի
կողմերուն
փառաբանանքը
կ՚ընէ:
1850ին,
Ալիշանի
Յուշիկք
Հայրենեաց
ը
նոյն
երազին
իր
սպասովը,
կը
ծառայէ
դարձեալ
հայ
ժողովուրդին։
1900ին
հայ
երգը,
հայ
ճարտարապետութիւնը,
նոյնիսկ
այնքան
գէշ
հասկցուած,
մեզմէ
իսկ
ստորադասուած
հայ
գրականութիւնը
մեզի
ձրի,
զուր
առաջարկուած
ծիրանի
պատրանքներ
չէին,
այլ
օտարներէ
իսկ
վկայուած,
փառագրուած
գեղեցկութիւններ։
Գ.
Յովսէփեան
եւ
ընկե՞րք:
Անոնք
մեր
անցեալին
վրայ
մեր
հաւատքը
աստիճան
մըն
ալ
ջանացին
ամրապնդել,
զայն
տեսնելու,
հասկնալու
արարքը
փոխակերպելով
մեր
օրերու
զննական
մեթոտներու
գործադրումին։
Մեր
անցեալը
որքան
իրաւ
հասկնայինք,
տեսնէինք,
այնքան
մեր
ներկան
կը
պակսէր
իր
նսեմանքէն։
Դարձեալ,
Գ.
Յովսէփեանինն
է
արժանիքը
ուրիշ
յղացք
մը
հանրութեան
սեպհականութիւնը
դարձնելու:
Այդ
յղացքը
անշուշտ
ամբողջովին
նոր
չի
կրնար
ըլլալ,
բայց
1890ին,
զանգուածներուն
համար
գրեթէ
փակ,
չըսելու
համար
հիմնովին
անծանօթ:
Կ՚ակնարկեմ
հայոց
պատմութեան
մէջ
մշակութային
տագնապի
մը
բարիքին։
Տեղը
չէ
հոս
կշիռի
զարնել
հայոց
պատմութիւն
անունին
տակ
մեզի
մատուցուող
երկդարեան
յղացքներուն
տարողութիւնը:
Գարեգին
Յովսէփեան
առաջիններէն
է
այն
մարդոց
որ
մեր
պատմութեան
քաղաքական
քառեակ
հարստութեանց
կերպարանքները,
արժէքը
ջանացին
քննութեան
սեղանին
բերելու:
Այդ
մարզին
վրայ
այդ
ճիգին
յաւելումները
զիս
չեն
զբաղեցներ
հոս։
Խորհրդային
Հայաստանի
մեծ
գիտուն-պատմաբանները
դարձեալ
կը
մնան
դուրս
իմ
նկատառումէն,
քանի
որ
ամբողջ
սերունդ
մը,
1917էն
ասդին,
միակամ
ու
միախորհուրդ,
միջազգային
տարողութեամբ
գաղափարաբանութեանց,
հանգանակներու
սպասարկու,
քալեց
բոլորովին
նոր,
տարբեր
ճամբաներով։
Նկատի
ունիմք,
այս
կեցուածքէն
դուրս,
միւսը,
այսինքն
մեր
դասական
յղացքներուն
վրայ
Գ.
Յովսէփեանով
աւելցածը:
Պատմական
մաթերիալիզ
մին
եւ
ոսկեդարուն,
Գ.
Յովսէփեան
մեր
պատմութիւնը
չտեսաւ
անշուշտ
դասակարգերու
բախման
անհուն
կրկէս
մը
ինչպէս։
Բայց
գործածեց
մեթոտին
անփոխարինելի
բարիքը,
իր
nտքին
հաստատ
հող
ունենալու,
ու
իր
աչքերուն՝
ամբաւ
վկայութիւն:
Ահա
այս
կեցուածքէն
ծնունդ
առած
տարբեր
մտայղացք
մը,
–
ասիկա՝
քաղաքական
մեր
հարստութեանց
շապլոն
քառապատկերին
դիմաց,
մտատեսութիւնն
է
իմացական
բազմապատկեր
մեր
հարստութեանց:
Ու
քիչերու
մօտ
հանդիպելի
բարեբաստ
հանգամանքով
մը,
այդ
մարզին
ալ
վրայ,
անիկա
իր
ուժերը,
պատրաստութիւնը
ներդաշնակ
պահեց
իր
ՆԻՒԹԻՆ:
Հայոց
մշակոյթը
տասներորդ
դարուն
չի
սկսիր
անշուշտ:
Աւանդութիւնը
այդ
մշակոյթէն
շրջաններ
ալ
ունի
ոսկի
ով
պսակադրած:
Բայց
Գ.
Յովսէփեան
չի
նմանիր,
օրինակ
Դասական
հայերէն
անունով
ծանօթ
գործի
հեղինակին,
որ
չէր
կասկածներ
թէ
հինգերորդ
դարը
վերակազմել
վեր
էր
անհատներու,
նույնիսկ
հանճարային
որակով
անհատներու
կարողութիւններէն,
երբ
երկու
հազարէ
աւելի
տարիներ
երկարող
ապրումներուն
յատակը
իջնելու
համար
մեկ
մարդու,
նոյնիսկ
է
Վիեննական
Մխիթարեաններու
խումբի
մը
ուժը
անբաւական
կուգար
թանձրութիւնը
ծակելու։
Գ.
Յովսէփեան
թերեւս
օր
մը,
իր
երիտասարդութեան
ոսկի
սկիզբին,
այցուեցաւ
փառասիրութենէն
հայոց
մշակոյթին
ամբողջական
պարագրկումը
գործադրելու:
Բայց
գիտակցութիւնը
չէր
կրնար
փչանալ:
Ժամանակը
չարաչար
է
վարուած
մեր
հայրենիքին
հետ
որ
հայ
մշակոյթին
վառարանն
է
անշուշտ:
Անոր
երեuին
որքան
աւերածներ,
որքան
նոր
համապատկերներ:
Հինգերորդ
դարը
մեզի
հասած
է
քանի
մը
ինքնագիր
ու
քսանըչորս
թարգմանածոյ
վկայութիւններով:
Շէնքէ,
աւերակէ,
աւանդութենէ
ոչ
մէկ
նպաստ։
Գ.
Յովսէփեան,
հինգ
դար
ետ
կենալով
ոսկեդարէն,
իր
պրպտումները
գործադրելու
համար,
չուրացաւ
անշուշտ
մեր
ոսկեդարը,
այսինքն
արշալոյսը
մեր
նոր
մշակոյթին:
Բայց
ըրաւ,
այդ
ոսկեդարը
աւելի
պայծառ,
եւ
հասկնալի
ընծայող
աշխատանքներու
շարք
մը
որոնց
ամբողջին
ընդմէջէն
մեր
դարերը
իրարու
վերաբերելի
ըլլային։
Եղիշէէն,
Փարպեցիէն
արտահանելի
մշակոյթ
մը,
այսօր
կարելի,
1900ին
պատմաքննական
փառասիրութեան
էր
ստորադասուած։
Յովսէփեանի
մեթոտին
բարիքը
պիտի
ըլլար
պատմութիւնը
տեսնել
ամբողջական
թափանցումով
մը,
այնպէս
որ
451ի
պատերազմով
կործանած
մշակոյթ
մը
հարիւր
տարի
վերջ
վերադառնալ
իր
վաղաւոր
պատկերին:
Հայ
պատմութիւնը՝
հայ
մշակոյթին
ստորադաս։
Ահա
շրջումը:
Այսօր
է
որ
սա
փոփոխումին
տարողութիւնը
արտօնուած
ենք
զգալու,
իր
բովանդակ
արդիւնքին
մէջ։
Ու
անդրանիկներէն,
ան
այդ
մարդոց
որոնք
Մխիթարի
ջանքը
արդ
իրացնելու
մէջ
վատնեցին
ընդարձակ
կորով:
Գ.
Յովսէփեանն
է
որ
մտատեսեց,
քաղաքականին
առնուազն
համազօր
արժէքը
իմացականին,
իր
բառովը՝
հայ
ստեղծագործ
ոգուն,
մեր
բառովը՝
հայ
ԻՄԱՑԱԿԱՆ
ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ,
հարստութեանց
որ
կ՚ազատագրուէր
աս
ու
ան
եւ
դասախօսին
խելապատակէն
ձեւած
շրջափոխումներուն,
փոքրող
չարիքէն,
դառնալու
համար
իր
ամբողջական
կերպարանքին
–
հայ
համայնական
մշակոյթին:
Ոսկի,
արծաթ,
պղինձ,
երկաթ
որակականներով
երջանիկ
մետաղագիտութիւնը
որ
կը
յոխորտար
հայոց
գրականութեան
պատմութեան
վրայ:
Մետաղաբանական
սա
քմածին
այլանդակութեանց
դիմաց,
Գ.
Յովսէփեան
երբ,
վաղ
տարածութեան
դռներէն
մինչեւ
խոր
ալեւոյթը,
կ՚առաջարկէր
հայ
ստեղծագործութեան
աւելի
համապարփակ
տարազը,
ինքզինքը
գիտէր
պաշտպանուած
մէկէ
աւելի
հզոր
ազդակներէ։
Մշակութային
հարստութիւնները,
իր
համոզումով,
ուղիղ
համեմատութեամբ
կը
մնան
կապուած
քաղաքական
որոշ
կենսունակութեան,
արեան
որոշ
ելոյթներու:
Պատերազմի
դաշտը
եւ
վանաստանի
մը
բակը
իրարու
կը
նային։
Քաղաք
մը
գրեթէ
միշտ
արուեստի
կայան
մը,
տաճար
մը,
գիրք
մը
դառնալու
ճակատագիրը
չի
կրնար
հերքել։
Այս
համոզումին
ընդմէջէն
է
որ
անիկա,
հայ
մշակոյթը
գտնելու,
տարազելու
իր
աշխատանքին
համար,
բարձրացաւ
հայ
իշխանական
տուներու
մտայղացքին:
Անշուշտ
մեր
պատմութիւնը
շատ
մը
անուններ
ունի
բանտարկած
իր
էջերում:
Բայց
արեւելահայ
հետազօտիչները
մագաղաթին
տեղ
կրնային
գործել
հողին,
ապառաժին
վրայ:
Պաշտօնապէս
ծննդաբանուած
տուներէն
դուրս
որքան
ուրիշներ
տակաւին,
որոնք
իբր
անուն
ինկած
են
տողի
մը
անկիւնին
երբ
կեանքին
վրայ
առնուազն
արիւն
էին
եւ
ողբերգութիւն:
Ասողիկի,
Արծրունիի,
Մեծոփեցիի,
Ղեւոնդի,
Ուռհայեցիի
պարզուկ
տաղերը
կարծես
ափով
ցորեն
բաշխելու
նման
կը
տարտղեն
բերդերու,
դղեակներու,
մեծակառո՜յց
ուխտերու
անունները:
Ու
շքահո՛յլը
անձնուորութեանց,
աշխարհիկ
որքան
կրօնական,
որոնք
պիտակի
մը
տակ
կը
պառկին,
սպասելով
որ
կախարդ
մը
գար,
պատռտէր
այդ
բառ–շապիկը,
հանէր
ոտքի
դժբախտ
մոմիան,
իր
ողջութեան
բոլոր
հրայրքներովը։
Ահա
առաջին
մտացիութիւնը,
առաջին
բարիքը՝
Գ.
Յովսէփեանին,
հայոց
պատմութիւնն
ալ
նորոգող:
Հայ
ստեղծագործութիւնը՝
հանդէ՜ս
մարդոց
եւ
ապրումներու,
որոնք
մեզի
հասած
են
անամբողջ,
առնուազն՝
նուազ:
Ազատագրել
մարդերը
քարերէն,
գիրերէն,
աւերակներէն
ու
աւազանել
զանոնք
լեցնող
ապրումները
շրջանին
մեծ
յոյզերուն
փորձանօթներովը:
Ասիկա
առաքելութիւն
մըն
է
ու
խաչակրութիւն
մը։
Այս
մտատեսութեան
արգասիքը
ա՛ն՝
որ
եօթը
ութը
դարերու
ժամանակաշրջան
մը
(Ա–ԺԸ),
մեր
դասական
արժեւորման
մէջ,
քաղաքական
մեր
դժբախտութիւններովը,
մեր
կորանքներովը,
մեր
հոգետունին
տեղուորուած,
կախարդական
ցպիկով
մը,
մէկէն,
կը
փոխակերպուէր,
մեր
սիրոյն,
գրեթէ՜
հիացումին
մատուցելու
համար
բոլորովին
տարբեր,
մեր
սորվածը
հերքող,
մեզ
խանդավառելու
ատակ
թելադրանքներու
հանդէս
մը
ինչպէս:
Տարրացուցէք
այդ
շրջանը,
ըսել
կ՚ուզեմ,
ձեր
ուղեղին
կառչած
ընդհանրութիւնները
Անիի
կործանումէն
մինչեւ
Արաքսի
անցքը
ու
տակաւին
քիչիկ
մըն
ալ
ասդին
ու
պիտի
ամչնաք
ձեր
ժողովուրդէն,
միշտ
ձեր
գրական
պատմութեան
տուիքներովը,
հաստիքներովը,
ողբուկոծովը
ձեր
մտքին
մէջ
մարմին,
կապար
դարձած,
նսեմ,
դժնդակ
բարդոյթ
ի
մը
ձեւին
տակ
ստորադասութեան։
Մինչեւ
Լեւոնի
գերութիւնը
մեր
տարեգրութիւնները
պատերազներէ
կրնան
խօսիլ։
Անկէ
ասդի՞ն.
–
պատկերը
ժողովուրդի
մը,
դժբախտութենէն
շատ
անդին,
անկարո՛ղ՝
ոչ
միայն
իր
արդար
վայելումին
համար,
իր
պապերուն
հողը,
առնուազն
սեպհական
տունն
ու
տեղը
պաշտպանելու,
այլեւ
խեղճ
նահանջող
մը,
բոլորանուէր,
խուճապային
փախստակա՛նը՝
որ
հազարամեայ
մեր
սփիւռքը
կը
սկսի
այնքան
ողորմելի,
այնքան
սրտառուչ:
Զոր
ահա
կը
շարունակենք,
ուրիշներու
բռնութեան,
արհամարհանքին,
դժոխքին
տակ,
միշտ
հլու,
միշտ
հպատակ
անոնցմէ
արձակուած
ամէն
հրամանի,
բայց
իրարու
դէմ
մեր
հոգիին
ակռաները
ըրած
աւելի
սուր
քան
մեծ
ծովերու
շանաձուկերը:
Ամէնուս
համար
սա
զգայութիւնները
արցունք
են
արժած,
մեր
գիտակից
զգացողութեան
անդրանիկ
իսկ
օրերէն:
Ու
տակաւին
չենք
դադրած,
լման
տասնըիններորդ
դարու
հասակով
…
ոչխարներու
հօտը
տեսարանելէ։
Օ՜,
մեր
ստրջանքը,
երբ
այս
դարը
կը
սկսէր,
երեք
տասնեակ
բիւրերու
զոհովը,
մեր
բոլոր
ծածուկ
ուժերուն
լղրճուելովը
…։
Գարեգին
Յովսէփեան
նոր
Արշակունիներ,
Ռուբինեաններ
չէ
փառասիրած
անշուշտ
իր
ուսումնասիրութեան
դաշտ
յարդարած
նսեմութեան
դարերէն,
ինչպէս
կը
յամառէին
ընել
Վենետիկն
ու
Վիեննան,
մեր
նոր
պատմութիւնը
մեզի
հանդուրժելի
ընելու
թերես
սրտառուչ
պատրանքի
մը
մէջ,
ծաւալուն
դիւցազներգութեամբ
պոռալով
կանխող
փառքերուն
գեղեցկութիւնն
ու
արժէքը:
Բայց
գտած
է,
միշտ
այդ
մռայլութեան
դարերէն,
աւելի
իրաւ,
մեզամերձ,
ու
մեր
ներկայ
հոգեդրութեան
լայն
չափով
հաղորդ,
աւելի
հարազատ
վկայութիւններ:
Սիսուան
ի
Լեւոն
Մեծագործը
անշուշտ
սրտառուչ
անձնաւորութիւն
մըն
է,
բայց
որքան
դժուար
տեղադրելի
մեր
իմացական
ընկալչութենէն
ներս:
Նոյն
ակնոցով՝
անոր
Շնորհալին,
մանաւանդ
Լամբրոնացին
։
Կ՚ընդունիմ
որ
Հաղբատեանք
էն
որ
եւ
է
իշխան
գտած
չըլլայ
Լեւոն
Մեծագործին
կարկառն
ու
բաթեթիքը։
Աւելի
անդին,
ես
կը
վերլուծեմ՝
քաղաքական
անձնաւորութիւններ՝
կառուցանելու
եղանակը
Գ.
Յովսէփեանի
մօտ։
Բայց
ձեզ
կը
ղրկեմ
Հաղբատեանք
ին,
այսինքն
հոն
կերպարուած
Նչեցի
ին,
որպէսզի
համոզուիք
թէ
մարդ
մը
տալու
բիւրաւոր
ձեւերէն
ո՞րն
է
իրաւը,
նորը,
հարազատը,
թուղթին
վրայ
տող
առ
տող
յօրինուողը:
Գ.
Յովսէփեանի
գտած
տուները,
հետեւելով
իրեն,
կը
պահեմ
իրենց
պարզութեան
մէջ:
Կարծես
այդ
մարդոց
իշխանութեանց
համար
գործածուած
հարստութիւն
որակումը
պիտի
թուէր
քիչ
մը
շփացուած:
Իր
վերջնական
կերպարանքը
գտած
ու
ժողովուրդին
սեպհականութիւնը
դարձած
Խաղբակեանք
կամ
Պռոշեանք
էն
դուրս,
Վեհափառը
ունի,
տպագրութեան
համար
գրեթէ
պատրաստ,
Օրբելեանք
ը,
որ,
իր
բերանացի
վկայութեան
համեմատ,
աւելի
ուշագրաւ
իրողութիւններու
հանգույցներ
կը
բովանդակէ։
Ունի
Զաքարեանք
ը,
Վաչուտեանք
ը
ու
տակաւին
ուրիշներ,
նուազ
ամբողջական:
Այս
ազգատոհմերը,
զիրենք
հիմնաւորող
ու
փառքի
առաջնորդող
անուններով,
մեր
քրոնիկագիրներու
ինքնին
այնքան
քիչ,
ժուժկալ
էջերէն
ներս,
տողերու
կշիռով
մը
գրեթէ
ապրեր
են,
մինչեւ
Գ.
Յովսէփեանի
իրենցմով
զբաղումը:
Թեթեւ,
ուշագրաւ
ըլլալու
անընդունակ։
Մռա՛յլ,
այսինքն՝
գաղիացիներուն
obscurը,
երբ
ծանօթ
ենք
Արշակունիներ,
Բագրատունիներու
հնարքներուն,
խայծերուն`
իրենց
տուներուն
նախնինք,
պատմութիւն,
հերոսութիւն
ճարելու
իրենց
միամտութեան
մէջ,
–
Անիի
անկումէն
վերջ,
ազգին
հոգին
ահաւոր
հրաբուխի
վերածող
եղելութիւններու
հոսանքէն
բռնավար,
խլեակ
ու
նահանջապաշտ:
Պաշտօնական
մեր
տարեգրութեանց
կողմէ
սա
տուներուն
հանդերձուած
սա
մռայլութիւնը
այսօր
դադրած
է
իր
իմաստէն:
Այդ
տուներու
հիմնադիրը,
իշխեցողներ
ը,
ժամ,
վանք,
դիրք,
գերեզման,
նկար,
յիշատակարան
յօրինողները
Յովսէփեանի
գրչին
տակ
կը
փոխակերպուին,
մեծ,
պայծառ,
արդիւնառատ
անձնաւորութիւններու,
ընդարձակ,
կարեյոյզ,
գեղեցիկ
գործքերու
հանդէսի
մը
մէջ։
Ու
կարեւորը.
–
Ալիշան,
(մի
զարմանաք
որ
այս
անունսը
ինքզինքը
անդադար
կը
պարտադրէ:
Գարեգին
Յովսէփեան
ալիշանեան
կրթանքը
կը
շարունակէ
պատուական
աբբային
մահէն
վերջ,
բայց
միջոցներու
տիրական
տարբերութեամբ
մը,
ինչպէս
թելադրուեցաւ
վերը
ու
պիտի
պայծառակերպուի
վարը)
իր
փառքին
յատակը
տուող
գիրքերուն
մէջ
լայն
պատեհութիւններ
կ՚օգտագործէ
գրական
յօրինումի
մը
որ
մտացածին
կերտումը
չէ
անշուշտ
Ծերենցին,
Ռաֆֆիին,
բայց
կը
տառապի
իրականէն
ասդին
կամ
անդին
իյնալու
`
ճակատագրով
մը:
Հաւաքել
մարդու
մը
անունին
կապուած
բոլոր
յուշքերը,
նշխարները,
աշխատանք
մըն
է
երբեմն
ապերախտ,
երբեմն
արդիւնառատ։
Այս
մեթոտով
մեր
քառածալները
կրնան
բուրգ
կազմել,
ինչպէս
է
արդէն
իրողութիւնը՝
վենետիկեան
աբբային
հետ,
քանի
որ
կեանք
մը,
ան
ալ
առաջաւոր
անձնաւորութեան
մը
կեանքը,
այնքան
առուներէ,
փշրանքներէ
է
կազմուած։
Չ՚ուշանար
մեր
յոգնութիւնը,
իրարու
նմանող
դրուագներու
տողանցումէն
առաջացող,
պարագայ
որ
հիմնովին
իրաւ
է
ալիշանեան
վաստակի
համար:
Գարեգին
Յովսէփեան՝
Պռոշեանք
ի
մէջ
կը
յայտարարէ
թէ
չի
վախնար
այդ
ճակատագրէն
որ
կը
նշանակէ
աչք
առնել
չկարդացուելու
ողբերգութիւնը...
ծառայելու
համար
գիտութեան
որ
կը
հաւաքէ,
անտարբեր՝
ատկէ
դուրս
ուրիշ
նպատակի։
Արդ,
ո՞ւր
կը
զատուին
իրարմէ
երկու
եկեղեցականներուն
ճակատագիրները:
Անշուշտ
նորութիւններ
կը
հիննան:
Ու
նորութիւններ
էին,
գէթ
հասարակութեան
ոչ–մասնաւորեալ
լայն
մէկ
մասին
համար
Սիսուան
ը,
Սիսական
ը
եւայլն։
Քառորդ
դարը
մարսեց
սակայն
այդ
գիրքերուն
նորութիւնը,
վասնզի
նորութիւն
նկատուած
մասունքները
կու
գային
ոչ–նորութիւն
մարզերէ։
Ալիշան
իր
անձնական
ճիգերով
շատ
քիչ
բան
էր
գտած
իր
գործերուն
կառոյցին
վրայ
աւելնալիք:
Գարեգին
Յովսէփեան,
իր
աշխատանքին
համար
ընտրած
գետին
իր
իսկ
մռայլութեամբը,
ստիպուած
եղաւ
անձնական
իր
ճիգին
վստահելու,
իր
տուները
ուշագրաւ,
կենդանի
կացուցանելու
համար։
Ու
այս
անձնական
բերումն
է
ահա
որ
կը
պաշտպանէ
իր
կառոյցները:
Գարեգին
Յովսէփեան
այդ
մարդոց
անունները,
գիրերը,
գործերուն
–
քաղաքական
թէ
իմացական
–
փշրանքները,
անոնց
զգացական
դրութեան
բոլոր
ստեղները
հաւաքեր
է
մէկիկ
մէկիկ,
ոչ
հանրածանօթ
թանգարաններու
սրահներէն,
այսինքն
դասաւորուած
պատմութեանց
դիւաններէն,
–
ինչպէս
կը
գործեն
ընդհանրապէս
արեւմտահայ
բանասիրական
կրթանքին
բանուորները,
–
այլ
ամենական
տեղերէ,
ուր
որ
կրնային
անոնք
ըլլալ
ապաստանած։
Պէ՞տք
կայ
կրկնելու
որ
այդպէս
հաւաքուած
այդ
մարդերը
նոյն
ատեն
պինդ
լարուած
գործօնութիւններն
են,
այսինքն՝
իրենց
օրերը
րոպե
առ
րոպէ
աղացեր
են,
մեր
ամէնուն
նման,
իրենց
պայմաններուն
ծիրովը,
սովորաբար՝
երիվարի
քամակին,
եկեղեցիներու
ստուերոտ
տրտմութեանց
խորը,
պալատներու
շողարձակ
փառքերէն
հալածական,
պատերազմի,
ջարդի,
թալանի,
հուրի
եւ
սուրի
փսփսակ
հանդէսներուն
զոհ
կամ
դերակատար:
Այո՞:
Կռուեր,
սիրեր,
մտածեր,
ողբացեր,
հպարտացեր,
պարտուեր,
յաղթատօն
սարքեր:
Այո՞։
Շիներ
են
իրենց
արեան
բոլոր
զօրութեամբը
ու
իջեր
հողին
խաղաղութեան,
այնքան
խռովայոյզ
իրենց
օրերէն
գիր
մը,
մագաղաթի
կտոր
մը,
քարի
մը
պորտին
թուական
մը,
ձեռագրի
մը
սկիզբը
նկար
մը
կտակելով,
բոլորը
ժամանակի
մանգաղին
ժանիքին,
ցիրուցան,
հեռու,
փշուր
փշուր,
գրեթէ
միշտ
անամբողջ,
հետեւելով
բախտին
որ
կը
զարնէր
իրենց
բերդերը,
դամբարանները,
արեան
ժառանգորդները:
…
Ու
Գարեգին
Յովսէփեան,
մատիտը
ականջին,
լուսանկարի
մեքենան
ուսընդանութ,
թուղթին
դիւանները
ձեռքէն
կախ,
սարէ
սար,
աւերակէ
աւերակ,
ձեռագրէ
ձեռագիր,
խաչքարէ
խաչքար
ու
նկարէ
ի
նկար՝
վազեր,
թռեր,
տարիքին
թեւին
մէջ
ու
տարիքէն
ալ
վեր
երբեմն,
ընդօրինակելու,
լուսանկարելու
այդ
մարդոց
գործօն
հետքերուն
վրայէն,
ամէն,
ամէն
բան
որ
իբր
նշխար
աղերս
էր
պարզեր,
մօտէն,
հեռուէն։
Մագլցիլ
անմատոյց
կապանքներու
քիւերն
ի
վեր,
փշրուած
բերդին
խեփորներէն
գողանալու
համար
գիրի
կտուց
մը,
բառի
մը
սառած
հեւքը…։
Արուեստին
հրայրքն
է
անշուշտ
հեղինակը
սա
բացառիկ
կենսունակութեան
որ
հերքումն
իսկ
կը
պարզէ
մարդոց
ընթացիկ
իմաստութիւններուն:
Ութսունը
տարիքն
է
համրիչին,
բազկաթոռին,
tisaneներուն,
գէշ
աչքին
ու
խուլ
յամառ
հազերուն:
Գարեգին
Յովսէփեան
ութսունէն
վեր,
կը
կարդայ
աւելի
քան
իր
քարտուղարներուն
բոլորը
միասին:
Կը
տեսնէ
(ձեռագիրն
է
աշխարհը
անոր
տեսողութեան)
օրուան
մէջ,
յաճախ
աւերակ
մագաղաթներու
ծակուծուկերուն,
ցեցերէն
բզկտուած
կողքերուն,
միշտ
այդ
ութսունամենի
աչքերով,
այնքան
բան
որքան
թերեւս
պիտի
չընէր
երիտասարդ
մասնագէտներու
փաղանգ
մը
ձեռագիրներու
հանքերուն
խորը:
Ասպարէ՞զ:
Տաղա՞նդ:
Առաքելութի՞ւն,
–
որպէսզի
մեր
օրերն
ու
արդիւնքները
իրար
պաշտպանեն:
Գարեգին
Յովսէփեան
իր
աշխատանքը
աշխացած
է
ու
արդիւնքը
իրագործած՝
մշտավառ,
գրեթէ
կատաղի
սիրոյ
մը
մէջ:
Դպիլ,
իր
նիւթերուն
ճամբով,
իր
զգացումներուն
խոնարհագոյն
իսկ
լարին,
կը
նշանակէ
այդ
մարդը
հանել
գրոհի։
Առանց
իր
գիտութեան,
թերեւս
ընդդէմ
ալ
իր
կամքին,
անիկա
ինքզինքը
կը
գտնէ
արձակուած։
Ու
տառապագին
բան
է
հետեւիլ
անոր
միշտ,
կենդանի
նայուածքի
fondին՝
արշաւը
մարդերուն,
թիւին,
բանակները
ծանօթութեանց,
անուններու,
մանրամասնութեանց,
հզօր
յառաջխաղացքը
մտածումներուն,
բաղդատութեանց,
մերձեցումներուն,
ճշդումներուն,
–
բոլորը
իրար
հրելէն,
իրարու
փաթթուած,
հեւասպառ
փոյթի
մը
մէջ
րոպէ
մը
գոնէ
գիտակցութեան
դաշտին
ուրուանալու,
այնքան
որ
լեզուն,
այսինքն
բառերով
նուաճումը
այդ
ամէնուն,
կը
վերածուի
յստակ
տառապանքի։
Ու
կը
տեսնես
որ
յօնքերը
կը
միջամտեն
մերժելու
կամ
կանչելու
աս
ու
ան
թուականը,
աս
ու
ան
դէմքը:
Ու
կը
տեսնես
որ
ձեռքերը
կ՚ելեւէջեն,
ճամբու
դնելու
կամ
իր
մօտ
ունենալու
համար
աս
ու
ան
փառքերուն
անցքերուն
վկայութիւնները:
Ու
կը
տեսնես
որ
ոտքերը
կը
մղուին
շարժումի,
մտածումին
ետեւէն,
տանելու,
թռցնելու
ութսունամենի
իր
մարմինն
իսկ
դէպի
դրախտները
իր
տարփանքին:
Ասիկա
կիրքն
է,
որ
երբեմն
մեզ
կը
ծածկէ
մեզմէ,
մեր
բուն
իրականութեան,
մեր
պաշտօնին
պահելով
մեր
բոլոր
կենսունակութիւնը,
մեզ
զրկելով
կեանքին
ու
աշխարհին
նոյնիսկ
անմերժելի,
անզիջելի
պարտքերէն:
Երուսաղէմի
մէջ
ան
օրական
տասնըվեց
ժամ
կը
դառնայ
ու
կը
դառնայ
սեղանէ
սեղան,
բոլորն
ալ
կքելու
չափ
ծանրաբեռն
անցեալին
սիրելագոյն
փշրանքները
պարունակող
ձեռագիրներով։
Իր
ուրախութիւնը,
իր
մանրանկարներուն
հետ
որոնց
շնորհն
ու
գեղեցկութիւնը
բացատրելու
ատեն
սրտի,
երիտասարդութեան
զարմանալի
թարմութիւն
կը
գտնէ,
անշուշտ
առանց
գիտնալու:
Օ՜,
զգլխիչ
միսթիքը
ձեռագիրներու
էջերում
բանտուած
սուրբերուն,
սրբուհիներուն:
Օ՜,
լացընող
տրտմութիւնը
զարդանկարներուն
խորը
թագնուած
սրտառուչ
ոճին
որ
հայ
դէմքին
հովն
է
կարծես,
գոյներու
թիւով
նստած՝
գիծերուն
հանգույցը
վերածելու
ազգային
կերպարանքին։
Ան
ի՜նչ
յուզիչ
խանդաղատանք
է
որ
կը
տաքցընէ
այդ
մարդը,
երբ
կը
թելադրէ,
կը
ճշդէ,
կը
սրբագրէ,
զարմանալի
արագութեամբ,
ձեռագրի
մը
մասնայատկութիւնները
առանց
նայուածքի
նպաստին
անգամ
միակտուր
արձակելով
ոչ–մասնագէտ
հետաքրքրի
մը
հաuողութեան:
Ըսես՝
անոր
միտքը
ունենար
մասնաւոր
զգայարանք
մը
գիրերուն
հոտը
առնելու,
այնքան
իր
թափանցումը
կը
գործէ
արագ։
Այսպէս
է
ապրեր
այս
մարդը,
պատանութենէն
մինչեւ
ալեւոյթը,
ծերութենէն
ալ
անդին,
հալածական
իր
նիւթէն,
հիբնոսացած
ու
փակաչք՝
ուրիշ
ամէն
ապրումի
ուր
չըլլար
տիրական
իր
գերագոյն
իրականութիւնը,
–
կիրքերուն
կիրքը,
այսինքն
մարդ
մը
տեսակապրող,
ոճածւորող,
զայն
իր
ճակատագրին
դատապարտող
հոգեղէն
տուրքը
որուն
մէջ,
իբրեւ
քուրայի
մը,
կը
նետենք
մեզ
հալածող,
հարուածող,
խանդավառող,
նոյնիսկ
սպանող
բոլոր
ներքին
ու
արտաքին
ազդմունքները:
Առաջին
բլանի
անձնաւորութիւնները
բանուորներն
են
այդ
կիրքին։
Գարեգին
Յովսէփեան,
անուշիկ
պատրանքի
մը
մէջ,
անոր
տուած
է
նոր
տարազ
մը,
–
հայ
հոգու
ստեղծագործ
ուժը,
բառերու
փոքրիկ
դրութիւն
մը
ասիկա,
բայց
անոր
վաթսունէ
աւելի
տարիներուն։
cosmique
խորհրդանշա՛նը
մօտէն
դիտողին:
–
էդ
ստեղծագործ
ուժին
դուք
կը
հանդիպինք,
իբր
բառ,
իբր
կիրք,
իբր
իմաստութիւն
ու
դաւանանք,
անոր
գրուած
ու
չգրուած
բովանդակ
գործին
գրեթէ
ամէն
երեսներուն:
Առաջին
իսկ
շփումին,
ստիպուած
էի
մանրմանալու
այդ
կախարդական
բանաձեւին,
այնքան
շուտով
անիկա
կը
դառնայ
յաճախանք,
անոր
գրական
յօրինումները,
առօրեայ,
նոյնիսկ
գործօնական
խօսակցութիւնը,
քիչ
մը
տաք
ոլորտի
մը
մէջ
աս
ու
ան
արժէքէն
ջատագովանքները,
հանդիսաբանութիւնները,
եկեղեցիներու
ատեաններէն
Աստուծոյ
Բանը
հաւատացեալներուն
մատուցանելու
իր
պաշտօնական
պարտքին
մէկ
ու
նոյն
կերպարանքին,
չըսելու
համար
կաղապարին
վերածող:
Երկու
էջ
իրմէն,
պարզագոյն
ինչպէս
խրթնագոյն
ձգտումներու
ծնունդ,
երկու
տեսակցութիւն
ու
դուք
կը
համակուիք
փաղաղիչ
բանով
մը,
–
հայու
ստեղծագործ
կարողութեան
պաթոսը,
գործածելու
համար
արեւելահայ
սիրական
տարազը:
Մեր
պատմութիւնը,
–
աւելի
անդին
պիտի
գտնէք,
որ
Գարեգին
Յովսէփեան
առաջիններէն
մէկն
է
այս
բառը
փոխակերպելու
մեր
մշակոյթին
–
ուրիշ
բան
չէ
եթէ
ոչ
նախընտրաբար
հայու
ստեղծագործ
կարողութեանց
կրկէսը,
արձակարանը։
Ու
այս
հաւաստումը
ձայն
մը
չէ
սա
մարդուն
շրթներէն,
սանկ
ու
անկ,
նազիկ–տուզիկ
դեղագէտ–գիտական
գաղջ
ախորժակներէ
արտահանուած,
այլ
–
հզօր
կիրքը,
պաշտամունքի
համար
եռանդը
մարգարէին։
Յափրացած,
յոգնած,
պատրանաթափ
սփիւռքին
համար
տարաշխարհիկ
որակուելու
արժանի
սա
հոգեվիճա՛կը,
թերեւս,
հասկնալու
մտադրութեան
մը
անձնատուր՝
մասնաւորում
մը,
գէշ
բառով
մը
մենաշնորհ
մը
պիտի
ուզէիք
ընդունիլ
Գարեգին
Յովսէփեանին։
Կ՚աճապարէք։
Կը
հրաւիրեմ
ձեզ
որ
րոպէ
մը
կանչէք
ձեր
մտքին
իր
ընկերները,
մեռած
որքան
ողջ։
Համոզիչ,
սրտառուչ
հանգիտութեանց
հանդէս
մը
պիտի
չուշանար
համագրաւել
ձեր
հոգին:
Մեռածները
կրցան
մեծ
ըլլալ,
վասն
զի
պաշտպանուած
էին
իրենցմէ
ու
դուրսէն:
Անոնք
որ,
ութսունին,
նոյն
իսկ
անկէ
վեր
(Աբեղեան
81ին
աչքերը
գոցեց,
կէս
մնացած
կոթողական
գործի
մը
վրայ),
տակաւին
մինչեւ
երէկ,
ու
այսօր
ալ
կը
ստեղծագործեն,
հայ
ոգու
յատուկ
գեղեցկութիւններ,
Խորհրդային
Հայաստանէն
յարդարուած
ապահովեալ
պայմաներով,
մարդեր
են,
իրեն
յար
եւ
նման,
որոնք
աշխարհէն
իրենց
կրած
դառնութիւնն
ու
պատրանքները
գտած
են
կերպը
փոխելու
հոգու
խաղաղութեան,
գործածելով
անմոռանալի
Թումանեանին
այնքան
չարչարակոծ
օրերը
լուսապսակող
տարազ
մը,
ու
վերածած
են
այդ
աշխարհին
վրայ
իրենց
իմաստը
իրենց
ժողովուրդին
գերագոյն
բարիքին,
իրենց
պահելով
թէյին
բաժակը
միայն,
հացին
շերտը,
լայն,
խորունկ
լռութիւնը:
Մի
կարծէք
թէ
Միջին
դարու
վանական
կարգերէն
կը
խօսիմ։
Կը
խօսիմ՝
մեծ
հաւաքողներէն,
մեծ
գիտուններէն,
մեծ
կառուցանողներէն
որոնք
Երեւանի
Համալսարանը
հայ
ոգեղէն
ստեղծագործութեան
կենդանի
վառարան
են
յարդարած
հիմա։
Ու
չեն
մեռած
Ադոնցը,
Աբեղեանը,
Մալխասեանը,
ընդդէմ
հողին
ծանր
փաստին
որ
կը
ծանրանայ
անոնց
մարմնեղէնին
վրայ:
Նոյն
հզօր
կիրքը,
հզօր
հրդեհի
մը
նման
կը
պաշտպանէ
մեռնողներուն
ետեւէն
փաղանդները
ողջերուն,
որ
ուժերու
յորդումի
մը
մէջ։
Աճառեանը
առանձին
աստուածութիւն:
Բանասիրականին
մէջ
սա
կիրքը
գերազանց
ազդակ`
աշխարհին
յաղթելու:
Անշուշտ
ամէն
ասպարէզ
խճողուած
է
երրորդական,
չորրորդական
ալ
գործօնութիւններով:
Մոռցէք
զանոնք:
Կեցէք
պատկառ
անոնց
առջեւ
միայն
որոնք
իրենց
գերագոյն
կիրքը
ըրին
իրենց
զբաղումները:
Կէս
դար
առաջ
Ալիշան,
Տաշեան,
Այտընեան՝
նման
կիրքերով
ու
նման
ճակատագրով:
Ու
այդ
կիրքը,
նոյն
սասկութեամբ
–
հնաբանին, |
|
–
գիտունին, |
|
–
պատմիչին |
վրա՛յ,
որուն |
–
հաւաքչին |
անունն
ղ |
–
վերարտադրողին |
|
–
վերլուծողին |
Գարեգին
Յովսէփեան |
–
վերբաղադրիչին |
|
–
տեսանողին |
|
Կամայական
բաժանականութիւնը
չէ
մեր
շնորհներուն,
երբ
այսպէս
մէկ
մարդ
է
մը
ամբողջական
երեսներ
եւ
ըլլան
արտահանելի։
Կ՚ընդունում՝
որ
զանազանութիւնը
յաճախ
ըլլայ
ազդակ
տկարացման,
մանաւանդ
մեր
դարուն
յատուկ
մասնաւորման
պահանջին
ընդմէջէն։
Բայց
պիտի
ուզէի
որ
երեսներու
նմանակ
մասերուն
փոխադրէիք
վայել
ուշադրութիւն։
Այս
վերադիրները,
առանձին
առանձին,
կարող
են
լեցընել
ճակատագիր
մը:
Ունինք
օրինակները
Տաշեաններուն,
Ալիշաններուն։
Այդ
վերադիրները
արդարութեամբ
դիմաւորող
զգայնութի՛ւն,
իմացականութի՛ւն,
որոնք
նիւթական
փոյթը
կը
վերածեն
նիւթէն
վեր
դրութեան,
գէթ
ասոր
մտատեսումին:
Սխալի
մէջ
չեմ
արկածախնդրելու՝
հոգին
հասկնալու
ահաւոր
աշխատաւոր
Տաշեանին,
երբ
աւարտեց
իր
Ցուցակը,
կամ
Ալիշանին
երբ
լոյսին
բերաւ
իր
պատմական,
հնաբանական
մեծղի
կառոյցները:
Տաշեան
գոհ
էր
որ
կատարած
էր
իր
պարտքը,
իր
ժողովուրդին
նշխարանքներէն
կրցածը
փրկելով։
Ալիշան
հպարտ
էր
որ
հայոց
պատմութիւնն
ու
հայոց
աշխարհը,
աշխարհագրութիւնը
կը
դառնային
սեպհականութիւնը
զանգուածներուն:
Բայց
նոյնքան
ապահով
եմ
որ
երկուքին
ալ
չայցելեց
խուլ,
խորունկ,
տառապագին
զգայնութիւնը
հայոց
մշակոյթին
մտատեսումին:
Ահա
տարբերութիւնը։
Երկրորդարար,
կը
յանձնեմ
ձեր՝
նկատառման
միւս
ալ
պարագան:
Վերի
առանձնացուած
զբաղանքներէն
իւրաքանչիւրին
համար
Գարեգին
Յովսէփեան,
իր
կիրքէն
դուրս,
կը
վայելէ
պաշտպանութիւնը
նոյնքան
հզօր
իր
հետաքրքրութեան
–
Ամէն
նոր
բանէ,
որով
մտքի
լայնութիւնը
կը
բարձրանայ
ստեղծագործական
յարդով
արդիւնքներու
ընկալչութեան:
Հաւաքումը՝
նախապայմա՛ն,
պարտաւոր
է
տեղի
տալ,
առաջնորդել
կառուցումին:
Արեւելահայ
բանասիրական
կրթանքին
մէջ
կիրքէն
դուրս
–
որ
կեանք
տարազով
փոխարինելի
բառ
մըն
է
–
նորութիւն,
նորոգման,
կառոյցի
սա
փոյթն
ու
տագնապը,
սա
տարփանքը
նոյնիսկ,
չեմ
երթար
առաջ
զանազանումի
տեսակարար
միջոց
մը
իբրեւ
առաջարկել
ընդմէջ
արեւելեան
եւ
արեւմտեան
Հայ
բանասիրական
դպրոցներուն:
Բայց
թելադրանքը
իր
լման
կշիռը
կը
ստանայ
երբ
հայ
ժողովուրդի
գիւտին
համար
վատնուած
երկդարեան,
կազմակերպուած
աշխատանքին
մէջ
ուզէք
զատել
բաժինները:
Եւրոպան
–
Պոլիսն
ալ
միասին
–
իր
մեծ
համալսարաններով,
ցեղագրական,
գիտական
հաստատութիւններով,
հսկայական
մատենադարաններով
չի
գտած
այնքան
բան
որքան
յաջողած
է
իրագործել
Էջմիածինը`
իր
համեստուկ
միջոցներով:
Մի
մոռնաք
որ
այս
essais–ն
իբր
որոշադրիչ
վերադիր
ունի
–
Արեւելահայ
բանասիրութիւնը
եւ
Էջմիածին
որուն
երախտառատ,
բազմարժան
մէկ
բանուորն
է
–
Գարեգին
Յովսէփեան:
Այս
մարդուն
աշխատանքը
երեսակներու
բաժնելու
փորձ
մը
ինձ
ի
տուաւ
տասնի
մօտ
յստակ
պիտակներ:
Ճշդում
մը.
–
պիտակները
երբեմն
պերճանքի
առարկաներու
կը
նմանին,
մարդու
մը
հիմնական
կողմերը
աւելի
պայծառօրէն
ցայտեցնելու
ծառայող։
Բանաստե՛ղծ՝
Եղիշէ
Պատրիարք
Դուրեանը:
–
Անտարակոյս:
Բանասէ՞ր:
–
Իր
մասնաւոր
կալուածին
վրայ:
Քննադա՞տ։
–
Հաւանաբար՝
երբ
իրեն
ներկայացուած
գիրքերու
վրայ
վճռական
տեղեկագիրներ
կը
ստորագրէր:
Պատմաբա՞ն։
–
Պիտի
փութաք
հաստատականով
դիմաւորել
հարցումը
քանի
որ
հայոց
պատմութիւն
մը
գրած
է:
Մատենագրութեան
պատմի՞չ:
–
Ոչ
մէկ
տարակոյս,
երբ
ունինք
իրմէն
հատոր
մը,
նուիրուած
նոյն
նիւթին։
Պերճախօս,
այսինքն
բեմբասա՞ց:
–
Օ՜,
սրբազան
կախա՞րդը,
պիտի
փութային
աղաղակել
իր
խօսքը
լսողները
եկեղեցւոյ
բեմերէն:
Անզուգական
դասախօ՞սը:
–
Ի՞նչպէս
դնել
նման
հարցական
մը
երբ
սերունդներ
տուաւ
մեր
դպրութեան
ու
Եկեղեցիին:
Ու
այս
ստորաբաժանումները
այսքան
մըն
ալ
երկարելի
են
ինքնին։
Եւ
սակայն
ընթերցողը
հազիւ
կը
կասկածի
թէ
պիտակներու
սա
շարքէն
քանի
մը
հատը
միայն
արդար,
պատշաճ,
մերձաւոր
գործածութիւններով,
չեն
վտանգեր
վարկը
այլապէս
փարթամ,
մեծահմուտ
իմացականութեան
Եղիշէ
Պատրիարք
Դուրեանին:
Այս
օրինակը
կը
նկատեմ
բաւ,
ցոյց
տալու
համար
թէ
հասարակաց
գնահատանքին
տարողութիւնը
որքան
անվաւեր
է
յաճախ։
Գարեգին
Յովսէփեանի
արդիւնքին
վրայ
գործադրուած
սա
պիտակումները
կը
պատշաճին,
այդ
մարդուն
համագումար
կարողութեանց
ու
ասոնց
արդիւնքին
այնքան
սերտ
ու
սեռն,
որքան
միսը՝
ոսկորին։
Աւելին:
Այդ
վերադիրները
չեն
ծածկեր՝
առանձին
առանձին,
մասնաւորուած
իմացական
atelier-ներ,
այսինքն՝
քիչ
մը
յաւակնոտ
բացատրութեամբ
մը
գանկի
պոսեր
է
չեն
պարտադրուիր
մեր
նկատառման։
Անոնք,
անոր
հոգեղէն
հզօր
բայց
մեկ
անձնաւորութենեն
իրենց
մասնաւոր
նկարագիրները
շեշտօրէն
պաշտպանող
ախորժակներ:
–
Բառը
հոս
կը
թարգմանէ
մեր
հոգին
զօրաւորագոյն,
ազնուագոյն
ցանկութեանց
գումարը,
արդէն
գործածուած
տարազով
մը
–
կիրքը,
որ
մինակ
մեզ
չի
կործաներ,
այլ
եւ
երբեք
մեզ
կ՚աճեցնէ՝
մեզմէ
շատ
վեր
արդիւնքներու
առաջնորդելով
մեր
աղկաղկութիւնները,
մեզ
սանձելով
–
իրեն
համար
ուզելով
–
մեր
աւելորդ
հետաքրքրութեանց
արօտավայրերուն
մէջ
թափառելէ
ու
մեր
օրերը,
ամիսները,
տարիները,
նույնիսկ
քառորդ
դարը
կը
լծէ
մէկ
ու
նոյն
պաշտամունքին։
Հնուց
խօսք
է
–
Հոգիս
յօժար
է,
բայց
մարմինս
տկար:
Գ.
Յովսէփեան
հայ
եկեղեցականի
մարմին
մը
ունէր
ինչպէս
ամէնքս
ունեինք
մեր
մարմինները
մեր
աս
ու
ան
պաշտօնագործութեան
կնիքովը
կնքուոր։
Ան
այդ
աղօթողէն,
եկեղեցւոյ
սպասաւորէն՝
բռնի
առաւ
հայ
գիտունի
դժուար
մարմին
մըն
ալ։
Բացէք
եկեղեցականը,
որպէսզի
համոզուիք
թէ
որքան
շատ
կ՚ուզենք
մենք
այդ
տիպարէն,
նոյնիսկ
կեանքին
գերագոյն
վայելքներէն
անոր
հրաժարումը
կը
դնենք
պայման
մեզ
ծառայեցնելու
համար
անոր
ուժերը,
քիչ
անգամ
յարգանքով,
յաճախ
նախատինքով
վճարելով
այդ
հսկայական
զոհողութիւնը:
Բացէք
գիտունը
ու
ըսէք
ինծի
թէ
ի՛նչ
կուտանք
անոր,
երբ
անկէ
այնքան
շատ
կ՚ուզենք:
Գ.
Յովսէփեան
երկու
առանձին
սա
զոհագործութիւնները
յօժարակամ
պարտադրած
է
իր
մարմինին
եւ
միտքին:
Ի՞նչ
էր,
սարկաւագ,
անոր
գտածը,
հայ
մշակոյթէն։
Ուրիշ
խօսքով,
1880ին
հայագիտութիւնը
քերականութիւն
էր
ու
Եզնիկ։
Աշխարհագրութիւն
էր
ու
Ալիշան:
Հայ
մշակոյթը,
իբր
յղացք,
չէր
իսկ
կանչըւորած։
Ութսունամենի,
փառաւոր
տան
մը
աթոռակալը՝
անիկա,
այդ
մշակոյթին
ոչ
միայն
յղացքը
ազատագրած
է
երկրորդականէն,
այլ
եւ
անոր
մէկ
կերպարանքին,
գրեթէ
անգոյ,
առնուազն
երբեք
կասկածուած
հսկայ
մէկ
գեղեցկութեան
գտիչը
եւ
փողարը
իբրեւ,
ինքզինքը
գտած
է
մեր
սիրոյն
ու
հիացման
մէջ,
մեծ
բանուորներու
միայն
զիջուած
սրտագին
զգացումներով:
Հայ
ժողովուրդի
գիւտին
առաջին
եւ
ամէնէն
երախտառատ
աշխատաւորներէն:
Վերի
վերադիրները
կը
դաշնուին,
կը
միաձուլուին,
ստեղծելու
համար
տիպարը՝
–
հէքեաթին
հսկաներուն:
Գ.
Յովսէփեան
մէ՞կը,
անոնցմէ։
–
Հետագայ
վերլուծումը
պատասխանն
է
այդ
հարցականին։