Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Յանկարծ ծառոց խարշափիւնի պէս խշրտուք մը ելաւ։ Ծովուն վրայ տեղ տեղ փոքրիկ պղպջակներ կազմուեցան, ծովուն երեսը մութ երանգներով զատուեցաւ. հեռուէն մղուած զօրաւոր շունչ մը փարատեց այս մշուշէ սրսկապանն որ տիրուհին ու ծառան կը շրջապատէր. Ուշատէտէի բարձունքին վրայ երկինքը փայլատակեց՝ դեղին ու շլացուցիչ լոյսով մը ողողելով ծովն ու ցամաքը, եւ ամպրոպայոյզ որոտում մը սաստկութեամբ ճայթեցաւ։

Հանըմ, պօռա կայ, փախինք, փախինք։

Ծովուն մակարդակը գոգ կ՚առնէր, կ՚ուռէր՝ երկար ու անծայր կոհակ մը ձեւացնելով։

Ետ դարձան, նաւավարը փութացնելով իր թիավարութիւնը երկնից մթութեան ու ծովուն սպառնալեաց առջեւ զորս քաջ կը ճանչնար։

Հիմա կը շարժէին, կը տատանէին դեռ չի փեռեկտուող այն կոհակին վրայ, բարձրանալով ու խոնարհելով անոր կամքին հետ։

Հարաւի կողմը կուգար կը հասնէր ուժգին, հալածական ու հալածող հով մը իր բոլոր սաստկութեան մէջ։

Նաւակը Պէյքօզի բացերուն կը մօտենար, ու ծովն իր կոհակաձեւ երերման մէջ չի կրնալով դիմադրել փոթորկին շունչին, հազարաւոր ալիքներով կը պատռուէր, կը ճեղքուէր սպիտակ փրփուրներու մէջ։

Սահակ իր բոլոր ոյժը կուտար, ջիղերուն բոլոր տոկունութեամբը, մարմնոյն բոլոր առուգութեամբը կռուելով։

Դիւրաբեկ մակոյկը ալեաց վրայ կ՚ոստոստէր եւ փոթորիկը կռնակէն կը մղէր զայն անընդհատ շունչով մը որ երիտասարդ կնոջ ուսը ու մէջքը կ՚ընդգրկէր, եւ մազերն՝ իրենց գեղեցիկ ու ամփոփ շտկուածքը կորսնցուցած՝ հողմածուփ կը շարժէին։

Հիմա գիշերը կը շրջապատէր զիրենք, ահարկու երաժշտութեամբ մը տօնելով իրենց միայնութիւնը, ու ծովուն մէջ խեղդամահ կորսուելու վտանգովը անոնց միութեան հարկը շեշտելով։

Փոքրիկ մակոյկը ջուր կ՚առնէր ալ. այրին թողած էր ղեկին մետաքսահիւս չուանները եւ փոթորիկը միայն կը վարէր ու կ՚ուղղէր զիրենք. հանըմ չէր խօսեր, բայց կը տեսնէր մահն. այս հեղուկ դաշտին մէջ խեղդուիլը՝ մօտ, շատ մօտ, իր քովիկը, եւ կը վախնար։

Իր տժգոյն դէմքն այտերուն կարմրութիւնը կորսնցուցած՝ աւելի հրապուրիչ էր, մինչդեռ հողմն իր անգաղտնապահ ու որոնող շունչովն անոր շրջազգեստը կը խառնէր շարունակ, հեշտալի առագաստի մը պէս լեցնելով զայն։

Անկարող էր ուշադրութիւն ընելու հիմա իր զգեստից խառնակութեանն որ նաւավարին ցոյց կուտար իր սրունքն ամբողջ մինչեւ ծունգերը, զորս սեւ ֆիլտէքօսէ գուլպան իր պարոյթովը կ՚ընդգրկէր մինչեւ ծնրակապն ու անկէ անդին, եւ որուն վրայ նուրբ ու ձիւնասպիտակ վուշէ ճերմակեղէններուն դրասանգները կը խաղային իբրեւ տեսակ մը փրփուր զոր շրջազգեստն իր գաղտնածածուկ ու երանաւէտ փոթերուն մէջ պահած ըլլար։