Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Քարափին վրայ ուր նորատի կինն ոտք կոխեց, արցունքներ, համբոյրներ ու աղօթքներ իրարու խառնուեցան.

Ազատեցա՜ր, ազատեցա՜ր։

Եկու զգեստներդ փոխէ, խխում ես Տիւրիւկ։

Ուրախութենէն վերջը հարցումներ հազարներով. ո՞ւր բռնուեցաք, ի՞նչպէս փախաք, ո՞ր կողմն ելաք. այս ցնծութեան ու ուրախութեան մէջ նաւավարը մոռցուած կը մնար իր մակոյկին մէջ. վերջապէս անոր ալ կարգն եկաւ. Տիւրիւկ իր ազատարարը ցոյց տուաւ.

Ես ինքզինքս կորուսած էի բոլորովին, բան մը չեմ յիշեր. Սահակը հարցուցէք։

Շնորհակալութիւնները, գովեստները չի զլացան. Տիւրիւկի հայրն ոսկի մը պարգեւ տուաւ։

Աս տան զաւակն ես, ըսին ամենքը միաբերան։

Անկէ վերջը բնական էր որ նաւավարն աւելի անձնուէր ըլլար իր հանըմին որ երիցս իրեն տիրուհին էր։