ԴԱՇՈՅՆԸ
Մի՛
սարսափիր,
սիրելի՛ս,
եւ
ոչ
ալ
իսկ
այս
նամակէս,
Եւ
քնարիդ
լարերուն
հետ՝
հայ
հողին
պէս
արիւնոտ,
Եղբայրութեան
մեր
Իտէալին
ձիթենւոյ
ոստերն
ալ
վճիտ,
Այս
բոլորին
բոցերէն
անգամ
մը
եւս
թո՛ղ
այրին…։
Մի՛
սարսափիր,
սիրելի՛ս,
եւ
ոչ
ալ
իսկ
այս
նամակէս։
—
Հրամանիս
պէտք
է
անսա՛ս
դո՛ւն,
մեծահարուստ
հայուհի՛,
Ահաւասի՛կ
որ
մարմինդ
աչքիս
առջեւը
մերկ
է,
Ինչպէս
վարդի
թուփերը
դրախտային
պարտէզներուս…
Կամ
ձիւնաթոյր
շատրուանս,
որ
առաւօտէն
իրիկուն,
Աւազանիս
մակերեսէն,
հասակիդ
պէս
վեր
կը
ցայտի…
Դուն
գիտես
որ
ես
քու
տէրդ
եմ
եւ
աստուածդ
եւ
արքադ,
Ունայնօրէն
մի՛
պաղատիր,
հիմա
որդիդ
պիտի
գայ,
Պէտք
է
անսա՛ս
հրամանիս,
եթէ
դժոխք
ալ
ղրկեմ
քեզ։
Ահաւասիկ
հիւրերս,
որ
կը
հասնին
մեր
մօտակայ
քաղաքէն,
Ահաւասիկ
դրացիներ,
կոչնականներ,
բարեկամներ,
որ
այսօր,
Հրաւէրս
յարգելով,
հաճած
են
հոս
բազմելու…։
Այս
մեծահարուստ
կնոջը
գոհարատուփն
ինձ
բերէք…
Որպէսզի
ես
իմ
ձեռքովս
շքեղօրէն
զայն
զարդարեմ…
Փղոսկրէ
սեղանը
ատոր
համար
է
պատրաստ,
Այստեղ
բերէք
գոհարատուփը,
ա՜հ,
որչափ
ծանր
է,
որչափ
ծա՜նր,
Բարեկամնե՛ր,
հոս
նայեցէ՛ք,
ի՜նչ
հեղեղ
է
այս
գոհարներու.
Քիչ
մնաց
որ
ճաճանչներէն
արեւն
իսկ
ամչնալով
խաւարէր…։
Մոտեցի՛ր,
որ
նախ
քու
դաստակներդ
յանցապարտի
Ապարանջաններովդ
այս
մեծարժէք
լուսազարդեմ…
Տե՛ս
թէ
ինչպէս
գեղեցկացար,
տե՛ս
սա
օղերդ
սուտակէ,
Տե՛ս
թէ
ինչպէս
ականջէդ
վար
իբր
աստղեր
վար
կը
հոսին։
Ձեռքերդ
ինձ
երկարէ՛,
որ
մատուըներդ
մէկ
առ
մէկ
Սա՛
զմրուխտէ,
յակինթէ
մատնիներովդ
օղակեմ,
Ա՜խ,
կարծես
թէ
արդէն
քու
զաւակիդ
արիւնն
է
որ
յակինթներէդ
Քու
մայրական
ձեռքէդ
ի
վար
ծունկիդ
վրան
կը
հոսի…։
Չէ՛,
աղաչանքը
ես
չեմ
սիրեր,
պէտք
է
անսա՛ս
հրամանիս,
Արցունքներդ
քեզի
պահէ,
հեծեծանքիդ
պէտք
չունիմ։
Ահաւասիկ
քառամանեակդ,
որ
կուրծքիդ
դէմ
կը
շողայ,
Մահիկն
ի՛նչ
է,
ի՜նչ
է
մահիկն
ատոր
քով…
Ծոծրակէդ
վար
մինչեւ
կուրծքդ
մարմարեայ,
Առուակի
մը
պէս
անոր
հուրը
տե՛ս
թէ
ինչպէս
կը
սահի…
Մազերուդ
մէջ
պէտք
է
ցանեմ
որչափ
որ
կայ
սա՛
տուփիդ
մէջ
Եւ
մարգարիտ
եւ
ակնեղէն
եւ
մեղեսիկ
եւ
շափիւղայ…
Պէտք
է
ըլլաս
դուն
այսօր
հազար
անգամ
աւելի
պերճ՝
Ինչպէս
որ
չէ՛
սա
երկինքն
աստեղազարդ
գիշերներուն…
Զարդասեղներդ
ձեռքդ
ա՛ռ
եւ
վարդակալներովդ
ականակուռ
Սա
մազերուդ
զայրոյթն,
իմ
աչքերէս,
անմիջապէս
ամփոփէ՛…
Մարգարտահիւս
հողաթափներ
կամ
ոսկիէ
մուճակներ,
Ո՞րը
կ՚ընտրես,
վերջին
ժամն
է
քեզ
անարժան
այս
ճոխութեան,
Զաւկիդ
ճի՞չը
քեզ
յուզեց,
չէ՛,
արտասուքը
քեզ
կ՚արգիլեմ…
Ահաւասի՛կ
որ
բերին
զայն,
եթէ
կ՚ուզես
վերջին
անգամ
մը
եւս,
Որպէսզի
իր
լացուկոծը
մահէն
առաջ
դադրի,
Եթէ
կ՚ուզես
վերջին
անգամ,
քու
կաթովդ
քու
զաւակդ
դիեցուր…
Չէ՛,
մի՛
համբուրեր,
երբե՛ք
համբոյր,
մահէն
առաջ
համբոյր
չի՛
կայ,
Արժանի
չէք
ո՛չ
համբոյրի,
ո՛չ
գթութեան,
ո՛չ
գորովի,
Ինչպէս
որ
դուն
զայն
ծնար,
պէ՛տք
է
այնպէս
մահացնես…։
Ա՜հ,
կը
պաղատի՜մ,
բարեկամնե՛ր,
սրտակիցնե՛ր,
դրացինե՛ր,
Տեսէ՛ք
ինչպէս
իր
աչքերը
հօրն
աչքերուն
պէս
կը
վառին.
Այս
ի՛նչ
ըմբոստ
նայուածք
է,
հոս
նայեցէ՛ք,
կոչնականնե՛ր,
Սա
աչքերո՛ւն
նայեցէ՛ք,
սա՛
բիբերուն,
շանթերու
պէս
կը
շողշողան…
Հօրն
աչքերն
են
կարծես
գերեզմանէն
փայլատակող…
Ես
քու
հայրդ
այս
առաւօտ
իր
Դաշոյնովն
սպանեցի…
Հազիւ
թէ
դուն
ծնած
օրէդ
երկու
գարուն
ես
բոլորած…
Քե՞զ
կտակեց
իր
վրէժը,
քե՞զ
կտակեց,
սե՜ւ
պտուղ…
Կրօնակից
բարեկամնե՛ր,
Մարգարէին
սիրո՜յն
համար
դուք
վճռեցէ՛ք,
Այս
Դաշոյնը,
որ
ձեռքիս
մէջ
կը
տեսնէք,
ո՞ր
կայծակէն
դարբնուած,
Այս
Դաշոյնը
սա՛
հայ
կնոջ
ննջարանին
մէկ
անկիւնէն
ես
գտայ…
Որո՞ւ
համար
պահած
էին
այր
ու
կին
այս
մետաղն
սոսկատեսիլ…
Որո՞ւ
համար,
դուք
ըսէք,
անտարակոյս
մեզի
համար,
կասկած
չի
կայ…
—
Անտարակոյս
մեզի
համար,
Աստուա՜ծ
փրկած
է
զմեզ,
—
գոռաց
սրահը
մոլեգին…
—
Սա
սեղանը,
որուն
վրայ
գոհարատուփդ
բացի,
Հայ
ոճիրին
քաւութեանն
իբր
խորան
թող
ծառայէ՛,
Եւ
թագուհւոյ
ճոխութենէդ
կարօտդ
ա՛ռ,
անհաւա՛տ,
Ես
իմ
արդար
ձեռքերովս
այս
բոլորը
հիւրերուս
մէջ
պիտի
բաժնեմ…
—
Հազար
ապրի՜
մեր
պետը,
հազար
ապրի,
—
բոլորը
մէկ
գոռացին։
—
Ակնթարթ
մը
եւս
ու
պէտք
է
որ
ամէնայն
ինչ
աւարտի…
Ա՛ռ
դաշոյնդ
եւ
խրէ՛
զաւկիդ
կուրծքին
եւ
կայծակի
մը
պէս
արագ,
Կուրծքի՜ն
ուղղէ՛,
իր
սրտին,
որ
քու
սիրտդ
է
նոյն
ատեն…
Դեռ
ո՞ր
յոյսին
կը
սպասես,
ո՞ր
հաւատքին,
ո՞ր
յարութեան,
Կուրծքի՛ն
խրէ՛,
քեզ
կ՚ըսեմ.
բոլորս
մէկ
անհամբեր
Մեր
իրիկուան
սո՜ւրբ
աղօթքին
կը
սպասենք…
Ի՜նչ
կը
դողաս,
անօգուտ
է,
խրէ՛
կուրծքին,
քեզ
կ՚ըսեմ…
Եւ
Հայուհին
իր
Դաշոյնը
դէպի
երկինք
երկու
անգամ
ճօճելէ
վերջ՝
Զարհուրելի
մռնչիւն
մը
արձակելով,
աչքերը
բաց՝
մահացաւ…
Բայց
արիւնկզակ
երիտասարդ
մը,
մեռեալ
կնոջ
աջ
բազուկէն
անմիջապէս
բռնելով,
Անշնչացած
մօրը
ձեռքովըն
այդ՝
եօթը
անգամ
զաւկին
սիրտը
հարուածեց…։