ՈՒՐՈՒԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երազիս
մէջ
ուրուականներն
ինծի
ըսին.
—
Քու
վերմակիդ
սեւ
ծածկոյթովը
մետաքսէ,
Իբր
պատանք,
փաթթուէ՛
դուն,
պարմանի՛,
Եւ
մահճիդ
տախտակներէն
Դո՛ւն
քու
դագաղդ
սղոցէ՛…։
Որովհետեւ
այս
գիշեր
վերջին
կացինը
պիտի
փայլի…
Վերջին
սուրերը,
սուրերուն
դէմ,
յետին
անմեղը
պիտի
զոհեն…։
Պատանքուէ՛
դուն,
ո՜վ
բանաստեղծ,
ծածկոյթովը
վերմակիդ…։
Եւ
եբենոսէ
իմ
սեղանիս
վրայ
դրին
Երկու
ձեռքեր
Ուրուականի,
Իմ
սեղանիս
վրայ
դրին
Հսկայ
բաժակ
մը
ահատեսիլ…։
—
Ըսէ՛
ինծի,
—
ես
գոչեցի,
—
ո՜վ
դուն
բիւրեղ
բարկութեան,
Դո՛ւն,
որ
դեւերու
աչքերուն
չափ
ես
վճիտ
Եւ
ցաւերուս
նման
խոհուն…
Ըսէ՛
դուն
ինձ,
ո՜վ
ոսկեձոյլ
դաշխուրան,
Դուն
արեւէն
եւ
աստղերէն
կռանուած…
Ըսէ՛
դուն
ինձ,
ո՜վ
անկարելի
ըմպելարան,
Դո՛ւն՝
ոսկորի
եւ
մտածման
բոլորակ,
Ըսէ՛
դուն
ինձ
ո՜վ
դուն
սափոր
սոսկումի,
Անցեալներուս
աճիւններէն
թրծուած…։
Ըսէ՛ք
դուք
ինձ,
ի՜նչ
նիւթ
ալ
ձեզ
կերտած
ըլլայ՝
Ոսկի,
բիւրեղ
կամ
ափ
մը
հող,
Ըսէ՛ք
ինծի՝
ի՞նչ
է
հեղուկն
այդ
փրփրուն,
Որ
սեղանիս
վրայ
մթին
Վերջալոյսի
մը
նման
կ՚եռա՜յ…
—
Ըսէ՛ք
ինծի,
—
ես
գոչեցի,
—
դո՛ւն՝
հրեշտակ,
դո՛ւն՝
Ուրուական
կամ
Քիմեռ,
Իմ
սրբութեանս
այդ
բաժակը
մատռուակող
Գիշերային
անքննելի՜
Ուրուականներ,
Ըսէ՛ք
ինծի,
ո՞վ
էք
դուք.
եւ
մի՛
թափէք
այլեւս
Մահիճիս
մետաքսէ
սեւ
ծածկոյթին
վրայ
Գերեզմանի
այդ
ծա՜նր
հողէն,
մի՛
սրսկէք…
Ալ
մի՛
թափէք
դեղին
հողէն
այդ
դիւական…
Ա՜հ,
ես
բուրմունքը
այդ
հողին
Կարօտներովս՝
արդէն
ճանչցայ…
ալ
մի՛
թափէք,
ո՞վ
էք
դուք…
Եւ
իր
մութ
թեւերն
ուրուականն
ահաւոր՝
Գիշերին
դէմ,
իբր
գիշեր
մը
տարածելով՝
ըսաւ
ինծի.
—
Սեւ
ծածկոցդ
իբր
պատանք
քու
ուսիդ
Մտածումէդ
ընկճուած
քու
սեղանիդ
մօտեցիր,
Դուն՝
հեռաւո՜ր,
դուն՝
ցաւագի՜ն,
դուն՝
Քնարի՜
ստրուկ,
Եւ
սափորն
այդ
ահատեսիլ,
ի
ձեռին,
Աշխարհներէ
ուրիշ
աշխարհ
եւ
Արդարութենէ
Արդարութիւն,
Անխոնջօրէն,
ժո՛ւռ
եկուր
դուն,
Եւ
բախէ՛
դուն
ամէն
դուռ,
եւ
կրծոտէ՛
ամէն
սիրտ,
Քու
քնարովդ՝
մրրկին
պէս
իմ
խօսքերս
երգելով…։
—
Ահա՛
ձեզի
իմ
Ցեղէս.
վերջին
սափորն
իր
արիւնին…
Ըմպեցէ՛ք
զայն
ցմրուր.
եթէ
դուք
դեռ
ծարաւ
էք…։
1911