ԶԱՒԱՐԵԱՆԻ
ՀՈԳԻՆ
Ա
Ահաւասի՛կ
մօրդ
արցունքն
իմ
ճակատիս
Եւ
իր
աղերսն
ու
հեծեծանքն
աչքերուս
մէջ,
Եւ
աւասի՛կ
զաւկիդ
զարմանքն
ու
զարհուրանքը
հոգիիս
հետ՝
Ես
քե՛զ
կու
գամ
քու
մաքուր
մահդ
ողջունելու…
Բ
Եւ
ես
կ՚ողջունե՛մ
քեզ,
ո՜վ
յանկարծամահ
ուղեւոր
Եւ
փառքերէ
փախստական
եւ
րոպէի
տարագիր,
Ակնթարթի
մէ՛ջ
ոգեվարուող
եւ
լոյսէն
արա՛գ
մահացեալ,
Եւ
այսպէս
թո՛ղ
ողջունեմ
քեզ,
մահուանդ
առջեւ
երգելով…
Գ
Եւ
թո՛ղ
ողջունեմ
քեզ,
ո՜վ
հոգիի
ուսումնարան,
Ուր
մարդերն
սկսան
մէկզմէկու
վրայ
խորհիլ,
Եւ
ես
կ՚ողջունեմ
քեզ,
ո՜վ
բարեհամբաւ
բանտարկեալ,
Երբ
քու
քաղցի
օրերուդ՝
դուն
քու
սիրտդ
կրծոտեցիր…
Դ
Եւ
ես
թո՛ղ
ողջունեմ
քեզ,
երէ՜ց
եղբայրը
մեր
ամէնուն,
Մեր
ամէնուն
խնկարկու,
մեր
ամէնուն
մտրակիչ.
Եւ
անկաշկանդ
հռետոր
եւ
մաքսաւորաց
հալածիչ…
Եւ
դուն՝
տաճարներ
մաքրագործող
ընկերային
Նազովրեցի՛…
Ե
Եւ
ես
կ՚ողջունե՛մ
քեզ,
ըմբոստութեանց
կարմիր
դրօշ,
Որ
գերիին
եւ
անխիղճին
համար
նոյն
ժամանակ
ծածանեցար,
Եւ
դեռ
քաղցրօրէն
դուն՝
ձիթենի
խաղաղութեան
Եւ
մրրկէ
մը
տարուած
բազմապտուղ
եւ
բարի
ծառ…
Զ
Եւ
ես
կ՚ողջունե՛մ
քեզ,
խորհրդանիշ
պայծառութեան,
Դո՛ւն՝
մարդերու
խղճին
նժար,
Դո՛ւն՝
մարդերու
մտրակիչ
եւ
մարդերէն
մարտիրոս,
Եւ
դո՛ւն՝
անոնց
անգին
նոխազ,
եւ
դո՛ւն՝
անոնց
անգին
գերի…
է
Եւ
ես
իմ
սէրո՛վս
կ՚ողջունեմ
քեզ,
թափառական
այցելու,
Դո՛ւն՝
ուրիշին
ուղեցոյց,
դո՛ւն՝
ուրիշին
արահետ.
Դո՛ւն՝
ուրիշին
ոտքի
հող,
եւ
ուրիշին
գլխու
պսակ,
Եւ
ուրիշին
ողջակէզ,
եւ
ուրիշին
համար
ամրոց…
Ը
Եւ
ես
կ՚ողջունե՛մ
քեզ,
ո՜վ
փրկարար
փոթորիկ,
Դո՛ւն՝
գարշութեանց
մաքրիչ
եւ
փոքրոգութեանց
խարազան,
Դուն
քու
խաչդ
ուսիդ՝
Գողգոթայէն
վեր
մագլցող
Ո՜վ
սրբակրօն
Սիմէոն,
ո՜վ
եղերական
մարդ—Յիսուս…
Թ
Եւ
դարձեալ
քեզ
կ՚ողջունե՛մ,
հայ
ժայռերու
կողէն
հոսող,
—
Բայց
ծարաւիդ
թշնամի
—
աղբիւր
բերրի,
աղբիւր
պայծառ,
Որ
առուակէ
առուակ,
եւ
հոսանքէ
հոսանք,
ու
դաշտէ
ի
դաշտ,
Դուն
քու
կեանքիդ
այս
անմահ
գետն
յօրինեցիր…
ժ
Եւ
ես
նորէ՛ն
կ՚ողջունեմ
քեզ,
ո՜վ
ձեռքէ
ի
ձեռք
շրջող
Հողէ
սափոր
անպերճանք,
Որուն
մէջէն
ժողովուրդ
մը
յուսահատ
Քու
հոգիիդ
հուրքը
խմեց…
ԺԱ
Եւ
տրտմութե՜մբ
կ՚ողջունեմ
քեզ,
Ո՜վ
միամիտ
ու
պաշտելի
պարտիզպան,
Որ
մշակած
վարդաստանէդ
Բախտին
հովը
բուրմունք
մը
իսկ
քեզ
չի
բերաւ…
ԺՔ
Ու
դա՛րձեալ
կ՚ողջունեմ
քեզ,
ո՜վ
տառապանքի
բեռնակիր,
Հասարակաց
դո՛ւն՝
ուղղամիտ
սպասաւոր.
Ժողովուրդի
ժամկոչ,
զրկեալներու
իրաւաբան,
Եւ
պարագլուխ
խոնարհ,
եւ
անդադար
մշակ,
եւ
մեծարժէք
բանուոր։
ԺԳ
Եւ
երազներո՛վս
կ՚ողջունեմ
քեզ,
ո՜վ
դուն՝
եղնիկ
պատառոտուն,
Ո՜վ
իմ
մեռեալս
մեծարժէք,
ո՜վ
իմ
ընկերս
անխարդախ.
Եւ
կ՚ողջունե՜մ
քեզ,
ստուերիդ
հետ
արբեցութեամբ
պարելով,
Ո՜վ
կարօտներու
կռունկ,
եւ
Կիլիկեան
գուժաբեր…
ԺԴ
Եւ
նորէ՛ն
քեզ
կ՚ողջունեմ,
գերերջանիկ
գիւղատնտես,
Երբ
քու
գութդ
ուրիշին
համար
գարուն
էր…
Երբ
ամառդ
առատութիւն
էր
թշուառին,
Երբ
աշունդ
արդի՛ւնք
էր
եւ
քու
ձմեռդ՝
արեգակ…
ԺԵ
Եւ
ամէն
խիղճ
թո՛ղ
ողջունէ
քեզ,
ո՜վ
մաշած
ծունկով
ճգնաւոր՝
Գաղափարի
եւ
գիտութեան
մեծահմուտ
տարածիչ,
Անխոնջ
ցանող
հայ
դարերէն
մեր
ժառանգած
յոյսերուն
Եւ
յոյսի
վրայ,
յոյսի
եղբայր,
յոյսէն
գինո՛վ
գործաւոր։
ԺԶ
Եւ
ամէ՜ն
ոք
թո՛ղ
ողջունէ
քեզ,
ո՜վ
անօթի
ճանապարհորդ,
Որ
իր
ցուպն
ի
ձեռին
ուրիշին
համա՛ր
միայն
մուրաց.
Եւ
թո՛ղ
ողջունեն
քեզ,
ո՜վ
զգացմանց
յստակ
ջրվէժ,
Որուն
սիրտը
աղբիւր
մըն
է
մէն
մի
ծարաւի
հանդէպ…
ժէ
Ու
մարդերն
թո՛ղ
ողջունեն
քեզ,
ո՜վ
հազուագիւտ
լուսարար,
Որ
իր
կաթիլ
մը
իւղովն
ուրիշին
կանթեղը
կը
վառէր…
Ու
նորէ՛ն
քեզ
թող
ողջունեն,
ո՜վ
նուիրական
կտաւագործ,
Որ
իր
անձին
մէկ
պատանքէն
ուրիշին
պատրոյգ
միայն
կտրեց…։
ԺԸ
Եւ
վերջապէս
իմ
ձեռքերս
դէպի
երկինք՝
թո՛ղ
ողջունեմ
քեզ,
ո՜վ
Խրիմեանի
մը
հոգւոյն
եղբայր.
Դո՛ւն՝
լոյսի
սրինգ,
լո՛յս
աչքերով
հողէն
ելած
ուրուական,
Լոյսին
վազող
առաքինի,
լո՛յս
բաժանող
հայրենասէր,
Լոյսին
դիմաց
ծնրադիր
եւ
լոյսին
համար
մահացող
մարդ…
1914