Տարբեր քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵԾ ԾԵՐՈՒՆԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

«Ո՜վ մահուան գաղտնիք, ո՜վ գթութիւն,
Քու քողերդ իմ ստուերէս հեռացուր, որ իմ ոգիս այս իրիկուն,
Բրիտանեան ժողովուրդիս եւ մարդկութեան խղճին դիմաց
Իր պղինձէ մահարձանին բերանովն երթայ խօսիլ…
.................................................................................................
Ողջո՜յն ձեզի, հին օրերու յուզումններովս, ողջո՜յն ձեզի,
Եւ Ուէսթմինսթրի ձեր աստուածադիր տաճարէն
Թող այսօր ձեզ իմ մեռեալի անցեալս
Ձեր խիղճերուն հայելին ձեր առջեւը գայ զետեղել…։
Անգլօ—սաքսոն ժողովո՛ւրդ կորովներու եւ կամքի,
Դուն մտածմանդ իշխանութեամբն եւ թռիչքովն հոգիիս,
Անհունօրէն, բեւեռէ մը ուրիշ բեւեռ,
Վեց վեհապանծ ծովերու թագուհին ես հանդիսացեր,
Դուն՝ բանիմաց եւ տիտանեան տիրապետ,
Օնթարիոյ ցամաքներէն քու օրէնքներդ ադամանդ
Տէմավէնտէն Հիմալայա կը հասնին…։
Դուն, որուն բարբառը, հանճարներու քնարին բոց,
Կիսագունդի սէրերուն եւ սրտերուն լեզուն է…։
Դուն, որուն գետերն, ծիածան առ ծիածան,
Վէտաներու Գանգէսէն դէպի Նեղոսն արգաւանդ,
Եւ Փէնճապէէն Նիակարա, հինգ ցեղերու ցորեանները կ՚ոռոգեն…։
Դո՛ւն՝ առաջին օրէնսդիր ժողովրդոց իրաւունքին,
Դո՛ւն՝ բարբարոսին զոհերուն տակ հեծեծող,
Նորածաղիկ որբ ազգերու պահապան։
Հելլէններէն Իռլանտա եւ Բարեյուսէն Հնդկաց հող
Եւ վերջապէս դո՛ւն՝ Աշխատանքի դիւցազո՛ւն,
Որ Ափրիկէէն Ամերիկ առատութեան սուրբ հունտերը ցանեցիր…։
Ունկնդրէ ոգիի մը պաղատանքին, որուն ոչ մէկ Եւրոպա,
Կենդանութեանս վերջալոյսին, եւ ոչ իսկ դուք, չանսացիք…։
............................................................................................................
Ո՛չ, չեմ յօժարիր ես այսօր, սեւ հոգինե՛ր, ձեզ խափանել,
Սակարանի եւ ստութեան մաքսաւորներդ մթին,
Դո՛ւք՝ արծաթի եւ կեղեքման բռնապետնե՛ր,
Դուք ձեր աչքերովն ագռաւի կամեցաք, որ տարիներով,
Հայաստաններն հեռաւոր, իբր դիակ անսահման, մէկզմէկու վրայ դիզուին…։
Ահ, այդ ահարկու օրերուն
Ես տիեզերքն Աստուծոյ հետ անիծեցի,
Այդ ահարկու օրերուն
Մեր մարդկային իմաստութիւնն իմ աչքերուս մոխրացաւ,
Այդ ահարկու օրերուն, Արդարութիւնը, բեկոր բեկոր,
Եւրոպայի շահանխնդիր ճակատին դէմ՝
Իբր ապառաժ պատիժներու փշրուեցաւ…։
Այդ ահարկու օրերէն ետք,
Իմ ծերունիի մահուանս մէջ մենաւոր՝
Սին յոյսերս եւ հոգեվարքս կրծոտեցի։
..........................................................................
Ի՜նչ ցնծութիւն ինծի համար,
Ահաւասիկ Պալքաններէն, հինգ դարերու գերիներ,
Ազատութեան առջեւ ոտքի, անոր օրէնքը կը համբուրեն։
Ծաղիկ ագգերը պէտք է ապրին.
Եւրոպայի ժողովուրդնե՛ր, ես իշխողներուն չեմ դիմեր
Եւրոպայի եւ Ամերիկի ստեղծագործ ժողովուրդնե՛ր,
Ի սէր կեանքին, ի սէ՛ր մարդոց ընկերութեան, ի սէ՜ր մահուան գաղտնիքին՝
Արարատեան արդար ցեղին Հայկական
Ձեոք ուղղեցէ՛ք, ձեռք ուղղեցէ՛ք, որ առանց արեան, իր դաշտերուն վրայ ծաղկի,
Ահաւասիկ պաղատանքս մահուան որմին ետեւէն…։
......................................................................................
Եւ լսեցէք զիս, Բրիտանեան որդինե՛ր,
Այն մահարձանը հսկայաձեւ, զոր դուք ինծի շքեղութեամբ,
Սէնթ—Փօլի մը կամարին դէմ, Լոնտոնի մէջ կերտեցիք,
Ես՝ Կլատսթոն, եթէ չանսաք իմ այսօրուան պաղատանքիս,
Ես, բովանդակ մարդկութեան մաքուր խիղճերն հոն հաւաքած
Իմ պղինձէ պատանքիս մէջ՝ թող անոնց հետ, եւ ձեր վրայ արտասուեմ։

1913