Տարբեր քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՀՈԻՆ

Քե՛զ, չարազօր օրէնքներու եւ անչափելի անարդարութեան այսօրուան մարդկութի՛ւն,
Եւ քե՛զ, մարդկութի՛ւն, որ եղբայրութեան ապառնիին տիրացող ոսկեղէն հսկան պիտի ըլլաս,
Ձեր երկուքին համար ես՝ արեւելքներու եւ արեւներու իտէապաշտ եւ ըմբոստ քնարաւորս, Ցաւակոծ ցեղիս բարկութեան բոցը եւ իր աւերուած աշխատանքին մրրկէ բողոքը պիտի բերեմ…։
Բայց ի՜նչ արցունքով արժան էր իմ սոսկումներու նոր սուգս արտասուել,
Ի՜նչ բառերով եւ ի՜նչ մուրճերով ատելութեանցս ու սիրոյս աշտարակները կռանել,
Ի՜նչ պատանքներով եւ որպիսի՜ եղերական քողերով այսուհետեւ մեռելուորի պէս գիշերուիլ,
Ո՞ր գաղափարին երգերը շեփորել, ո՞ր պատգամը սանձարձակել կամ ո՞ր քարոզը կարմիր…
Ա՜հ, տառապանքէդ խենթեցած ժողովո՛ւրդ, այսօր իմ տաղանդիս աղքատութիւնն ինձ ներէ՛,
Վասնզի ապաժառանգ քնարս Բնութեան Լացը մարդկային չարիքին վրայ կարենալ երգելու համար
Իր լարերուն վրայ ո՛չ Անոր իմաստութեան նշոյլն ունի, ո՛չ անէծքին հուրը եւ ո՛չ քաղցրութիւնն իր գութին,
Եւ մտի՛կ ըրէ հոգիի մը այն ձայնին, որ սարսափէ ի սարսափ շրջելով ինծի խօսեցաւ.
Սիհո՜ւն, արիւնէ եւ երկաթէ ալիքներուդ վրան հազարաւոր մարմիններ կը տեսնեմ…
Կան, որ ապառաժներուդ հանդէպ կը փշրուին, կան՝ մէկզմէկ գերեզմանելով կ՚ընթանան,
Կան, որ կարօտէն հոգեդարձ կ՚ընեն, կան, որ նոյնիսկ մեռնիլ չեն կարող,
Կան, որ արգաւանդ քաղաքներուն հետ այրուող սիրեցեալներու սրբազան սէրը կ՚աղաղակեն,
Կան, որ մեռցնելէ առաջ վատօրէն մեռնելու անքաւելի չարիքէն կը տառապին…
Կիսամեռներ կան, որ իրենց հետ թաւալող մեռեալներէն… ձեռնատարած մա՛հ կ՚աղերսեն…
Եւ մահացուածներ, որ սեւ մահէն կենդանութիւն եւ լո՜յս կը պաղատին…
Կան, որ եղերականօրէն հեծեծ ե լու դեռ չարաշուք կարողութիւնն ունին…
Եւ հոգիներ կան հովերուն հետ վայող եւ հովեր կան հոգիներուն վրայ մայրերուն պէս արտասուող…։
Կան, որ խոստացուած Յոյսին հայելիներուն մէջ գերեզմանոցներ եւ մոխիրներ միայն տեսան…։
Կան, որ Եղբայրութեան յուզիչ հեռանկարին առջեւ մտածումով ծնրադիր՝ դեռ կ՚աղօթեն…
Կան, որ Ազատութեան չքնաղ ծաղիկը հազիւ համբուրեցին եւ կ՚ուզէին դեռ յաւերժօրէն համբուրել…
Կան, որ Հաւասարութեան ադամանդէ բաժակէն իրենք իրենց արիւնն իսկ ըմպեցին…
Եւ ջուրերէն ձեռքեր կը բարձրանան թռչող թռչունին, թափող տերեւին, սուրացող հողմին կառչելու…
Նայուածքներ կան, որ արեւին ճաճանչէն, անգութ կապոյտէն, արիւնլուայ Յոյսէն դեռ կը յուսան…
Կան, որ ալիքներուն հետ շրջելով, գետափի աւազին, ճերմակ խիճերուն կամ դողդոջ խոտին կ՚ուզեն կապուիլ,
Կան, որ իրենց գիւղին եւ գութանին հրկիզուիլը հովերուն հետ հասնող մոխիրին հոտէն կը ճանչնան…։
Կան, որ իրենց հերկած դաշտերուն, արգասաբեր այգիներուն փախուստը նշմարելով, մահուան մէջ իսկ կը խենթենան…
Մայրեր կան, որ իրենց նորածիններուն խանձարուրը սրբութեան մը հանգոյն սրտերնուն վրայ սեղմած՝
Անոնց հեռաւոր եւ կորուսեալ հայրերը կը կանչեն, իրենց կեանքին մաքուր պտուղը նորէն կեանքին դարձնելու յոյսով…։
Կան, որ թաքուն գորովներ կը հեծեծեն եւ անկարելի սէրեր կան, որ դեռ երջանկութեան հետ կարծես կը խօսին…։
Կան, որ գարնան առաւօտներու ծաղկեպատ գերեզմաններուն կ՚ուզէին հասնիլ…
Կան, որ չոր տախտակէ դագաղի մը վրայ յիշատակի համար նետուած ափ մը հողին կը սպասեն…
Կան, որ մէկզմէկու նայուածքի մէջ ակնապիշ եւ անթարթ իրենք իրենց մահը կը դիտեն…։
Կան, որոնց փորուած աչքերէն հրաշէկ արիւնը շատրուաններու պէս վաղաժամ աստղերուն կը ժայթքի…
Կտրուած գլուխներ կան, որ ահաւոր մոգականութեամբ մը իրենք իրենց մարմինը կը փնտռեն…։
Բազմութիւններ կան, որ իրենցմէ խուսափող աստուածային Ցամաքին կ՚ուզեն հպիլ…։
Ուրիշներ օգնութի՜ւն կը հայցեն անշարժ լեռներէն եւ խօսքեր կ՚ուղղեն աշխարհակալ մարդկութեան,
Կան, որ շառաչող ալիքներուն հետ կը թաւալին, մէկզմէկու վզի փաթթուած՝ մահուան մէջ դեռ զիրար պաշտելով,
Գթութեան ձեռքերէն փակուիլ տենչացող, բայց չփակուող բաց նայուածքներ կան անհամար,
Եւ այս բոլորին վրայ ալիքները աշխատասէր քաղաքներու ոճիրներէն նոր մեռելներ դեռ կը բերեն,
Եւ Սիհունը ո՜վ սարսափ ահաւասի՛կ որ արիւնին հոսանքներէն կը սկսի այլեւս թանձրանալ…
Եւ զոհերուն հեծեծանքը, աղաղակը եւ աղերսը հողէն դէպի երկինք փոթորկօրէն ամբարձող անտառի մը կը նմանի…։
Բայց դեռ մայրեր կան, որ դաժան ժպիտով մը իրենց ազատուած զաւակներուն կը մտածեն,
Անոնց ստեղծագործ կորովին, ամենաժաման կամքին եւ խոստումին եւ մաքուր երդումին…
Մինչդեռ մահը անոնց աչքերուն մէջ իր վերջնական մութը կը խտացնէ,
Հայ մայրերը յետին անգամ մը սեւ արեգակին եւ ապագային դաժանօրէն ժպտելով՝
Այլեւս ալիքներուն հետ կը մեռնին, Գաղափարի բոլոր որդիներուն պայծառ եւ պատրաստ կամքին մտածելով…։

19Օ9