Տարբեր քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹՈՂ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵԶ ԽՕՍԻ

Զօհրապին եւ Զարդարեանին

Բ

Գոյութեանս գաղտնիքներէն ծնունդ առնող որդինե՛ր,
Այսօր օրն է որ ձեզ խօսիմ։ Պէտք է որ դուք յաղթանակէք
Այն օրէնքին, որ ձեր կեանքին կրակն աղքատօրէ՜ն ձեզ բաժնեց…։
Ես այդ Ուժն եմ։ Ես ստեղծումի հորիզոններուս մէջն հրավառ,
Որուն տակ գութս իր ստուերն իսկ չի ճանչնար,
Տարակոյսի եւ տկարութեան ձեր րոպէին՝
Ձեր չուառութեանը վրայ եւ ձեզ համար
Յանկարծօրէն փլատակուող պատնէշն եմ ես…։
Ես ձեր սուրն եմ, ձեր ձեռքին մէջ, ձեր վիզերը սղոցող…
Ես երկդիմի եւ յոռետես հաւատքներուն տարտարոսն եմ…
Ես չհնչող քայլերուն խորտակիչն եմ,
Ես խոնարհած ճակատին դէմ
Վիւլքէնական կռան մըն եմ ամեհի…
Ես հեղգութեան հալածանքն եմ եւ կասկածի կառափնատ…
Ես անկումի անդունդ եմ եւ խթանն եմ մագլցումի,
Ես կամքերու երկաթ գահն եմ եւ շարժումի օթեւան։
Ու ձեր միտքը, վեհակշիռ կամ ազազուն,
Ու ձեր թռիչքն յղացման
Իմ հանճարիս հրանիւթի ամբարներուն
Փոշիներէն են վար թափած…
Մի՛ երկմտիք։ Եւ իմ Յոյսէս սափոր սափոր ըմպելով՝
Խոստումներու եւ հետապնդման սանդուխներէս վե՛ր սլացէք…
Եւ փառքերու ձեր անթառամ պսակներէն
Մուրացկաններն իրենց համար հողաթափներ թող հիւսեն…
Որովհետեւ, մէն մի դափնի, ուժեղներու ճակտին վրայ,
Միայն մէ՛կ օր պէտք է ծաղկի…
Ըսե՛մ ձեզի։ Ե՛ւ բանաստեղծ, ե՛ւ խուզարկու, ե՛ւ իմաստուն,
Զօրութեան մը սէրն է միայն, որ քնարով կամ թիւերով,
Հին դարերու օրերէն, ձեր ծարաւի սրտերուն,
Աստղերուն տակ խոկալով՝ թարգմաներ են…
Ես գոյութեան գետինն եմ եւ պատճառն եմ պարունակին,
Ես առանցքն եմ ու մղիչը ու կեդրոնը ե՛ւ անհատին, ե՛ւ նիւթին,
Ու տիեզերքի գօտիներուն եւ գետերու հոլովմանը յար եւ նման,
Յաճախ վճիտ, արգասաբեր կամ պղտոր,
Կու գան կ՚ացնին ձեր դիակները հնոցներուս մէջն հալելու…
Որպէսզի ես նորէն ծիլ տամ եւ կոտորակ առ կոտորակ
Ձեր ադամանդ արժէքները մէկզմէկու վրայ բարդեմ՝
Նոր Կամքերու աստուած—մարդերուն ծնունդ տուո՛ղ…
Զօրութիւնն եմ։ Իմ ձայնովս զրահուէ՛ դուն, ո՜վ ունկնդիր,
Եւ ցնծալո՜վ տարածէ առագաստներդ բեհեզեայ,
Ու վերստացման մը համար, մրրիկէ մրրիկ,
Անորոշին եւ վտանգին եւ խութերու երեսին,
Վեհանձնական հեգնութեամբ եւ ծիծաղելէն,
Քու ծայրագոյն յաղթութիւնդ իսկ յաղթահարէ…։
Եւ այդ օրէն՝ սրբութիւնով սերմանէ՛ քու հունտերդ հրեղէն,
Անհատներու ոսկեձոյլ ոստաններու Եսին համար,
Ուր միմիայն ընտրեալները պիտի ապրին…
Եւ մտածումիդ Աքիլլէսեան դրոշմը դի՛ր
Մարմարներուդ անջնջելի ձեւերուն
Եւ պատգամող մատեաններուդ տիրապետմանը վրայ…։
Ո՛չ չարիքին արեանը մէջ քու ձեռքերդ պղծէ դուն,
Ո՛չ ալ անգոյն բարիքին համար անկում ունեցիր,
Ո՛չ գութ հայցէ թոյլերէն ես ո՛չ գթայ թոյլերուն,
Միայն դուն քեզ պայծառօրէն զօրացուր,
Եւ, նորէն ըսեմ, քու յաղթանակդ անձիդ վրայ գերբնականդ թող ըլլայ…։
Ու կռուփիդ մէջ ծրարելով կամքի կաղնիդ կայծակեայ,
Բարձրացի՛ր դուն, Զօրութեանց զենիթները քեզ կը սպասեն…
Արեւորդի՛, հոգիիդ հետ բիրեղեայ,
Յանդգնօրէն Ուժն երգելով բարձրացի՛ր դուն
Գերմարդերուն այս վճռական աշտարակէն դեռ ամայի…։

1911