***
Դժբախտ
մոգ
մըն
եմ
մեռելահըմայ,
Որ
իմ
իսկ
դիւթիչ
բոլորակիս
մէջ
Անխոհեմօրէն
բանտուած
եմ
հիմա
։
Կապուած
իր
ոտքին,
ես
անմըխիթա՜ր
Կը
դիտեմ
յաւէտ
իր
աչքերն
անշէջ,
Ու
ժամերն
այսպէս
կ՚անցնի՜ն
անդադար
։
Ու
ժամե՜ր,
օրե՜ր,
շաբաթնե՜ր
բոլոր
Կ՚անցնին
երազի
մը
պէս
քաղցրոլոր
։
Հազի՜ւ
գիտեմ
ի՜նչ
որ
լեզուս
կ՚ըսէ.
Չեմ
գիտեր
ինչ
որ
ինք
ալ
ինձ
կ՚ըսէ
։
Բայց
երբեմըն
ինձ
ա՜յնպէս
կու
գայ
որ
Բերնիս
կը
հըպին
շրթունքներն
անոր,
Այն
ատեն
է
որ
հոգիս
կը
լսէ
Իր
խորքերուն
մէջ՝
ճարճատնե՜ր
բոցէ
…
։
1908