ԽՈՒԼ
ՄԸ
ԿԸ
ՓՆՏՌՈՒԻ
Ստամպօլի
հին
տարեգրութիւններուն
մէջ
աւանդավէպ
մը
կայ.
«…
Ու
հոն
դատաւոր
մը
կար
որ
կոյր
էր
իր
աջ
աչքէն
եւ
խուլ
իր
ձախ
ականջէն։
Ու
այդ
դատաւորը
ժողովուրդին
վէրքերը
կը
տեսնէր
իր
աջ
աչքով,
ու
տառապողներուն
ողբը
կը
լսէր
իր
ձախ
ականջով…»։
Առասպել,
իրա՛ւ.
բայց
հաւատացէք
որ
ճշմարտութիւնը
ասկէց
աւելի
ճշմարիտ
չէր
կրնար
ըլլալ։
Չափազանցա՞ծ
պիտի
ըլլանք
արդեօք
այդ
հինաւուրց
հեքիաթը
բերելով,
պատշաճեցնելով
մեր
նոր
կեանքին։
Կոյր
եւ
խուլ
դատաւոր
մը,
ինչո՞ւ
չէ։
Աներեւակայելի,
անհաւատալի՛
անտարբերութեան
շրջան
մըն
է
որ
կը
բոլորենք։
Ո՞ւր
է
երէկի
կառավարութեան
մշտաբաց
աչքը,
այն
աչքը
որ
ամենափոքրի՛կ,
ամենախե՛ղճ
բառն
անգամ
անտես
չէր
փախցներ
լրագրութեան
սիւնակներէն։
Ուր
է
այն
մշտարթուն
ականջը
որ
քարերու,
պարիսպներու
ետեւէն
կը
լսէր,
կ՚իմանար
բողոքի
ամենաթշուառ
ճիչ
մը՝
մահուան
պատիժովը
պատժելու
համար
զայն։
Բողոքի
ահռելի
աղաղակներ
կը
գոռան
հիմա.
որո՞նք
են
լսողները.
ի՞նչ
եղաւ
հսկողութիւնը.
կա՞յ
յատուկ
պաշտօնէութիւն
մը
որ
մեր
բողոքները
փոխանցէր,
ինչպէս
կ՚ըսեն,
առ
որ
անկ
է.
(Ա՜խ
ծոյլ
բացատրութիւնը)։
Ստրկութեան
սարսափելի
օրերէն
վերջ,
անիշխանութեան
օրերը…։
Հին
օրինակ
մը։
Պոլսոյ
մէջ
մեր
դրացիները
օրերով
ու
գիշերներով
Ստամպօլի
վախկոտ
օդը
կը
գոռացնեն
հրազէնի
անօգուտ
պայթիւններով.
անոնք
չեն
լսուիր։
Գում-Գափուի
մէջ
խեղճ
կապար
մը
կը
սուրայ,
ու
ահաւասիկ
քառասուններու
գունդ
մըն
է
որ
սուիններով
կը
յարձակի
միամիտ
հայերու
վրայ։
Լրագիրները
կը
բողոքեն,
մելանը
կը
հոսի,
գրիչները
չի
հաւատալիք
գործունէութիւն
մը
ցոյց
կու
տան.
բայց
որո՞ւ
դէմ,
ո՞վ
է
լսողը.
ահա
խնդիր
մը
որուն
վրայ
կ՚արժէր
որ
մտածէինք…։
Գաւառներէն
ամէն
օր
բողոքի
ձայներ
կը
հասնին.
մութ
անկիւններէ
խղդուք
կոկորդներ
կը
ճչան։
Ներսերը
դեռ
կեդրոններ
ունինք
ուր
Սահմանադրութիւն
բառը
արգիլուած
է
արտասանելու։
Գործի
գլուխ
դեռ
տխուր
պէյեր
կան՝
հայ
արիւնովը
կարմիր,
ու
աստուածներու
պէս
անսասան։
Ներսի
գաւառներու
մէջ
կոտորածի
վախը
կայ,
կը
լսէ՞ք,
կոտորածի
վախը…։
Ամէն
ժամ
թերթերու
մէջ
յեղափոխական
քօմիթէներու
հասցէին
պաղատանքի,
բողոքի
անհամար
նամակներ
կը
տեղան.
հին,
ստրկական,
շողոքորթական
բանաձեւեր
գլուխնին
կը
ցցեն։
Երջանի՜կ
քօմիթէներ
որոնք
չեն
լսեր…։
Մամուլը
ազատ
է,
իրա՛ւ,
բայց
գրելու
այդ
ազատութիւնը
այն
ատեն
միայն
օգտակար
կրնայ
ըլլալ՝
երբ
մեզի
լսող
կառավարութիւն
մը
ըլլայ։
Լսելու
այդ
պաշտօնին
համար
դատաւոր
մը
կը
փնտռուի,
-
հոգ
չէ
թէ
խուլ։
Որովհետեւ
երբ
դարերով
զսպուած
ժողովուրդի
մը
ձայնն
է
որ
կը
պոռթկայ,
երբ
քարե՛րն
են
որ
կ՚աղաղակեն,
խուլե՛րն
անգամ
կը
լսեն,
ինչպէս
կ՚ըսէ
միամիտ
առածը։
Խուլ
մը
կը
փնտռուի…։
[1908]