Արձակ այլ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ ՕՐԱԳՐԷՆ

8 Մարտ 1915, Կիրակի.

Գրեթէ երկու ամիսէ ի վեր զինուորական եմ։ Այս նոր կեանքս այնքան լեցուն է տարօրինակութիւններով, որ կ՚ուզեմ օրը օրին գրի առնել տպաւորութիւններս։ Այսպէսով ուղեղս պիտի վարժուի համառօտել օրուայ մը ամբողջ գործունէութիւնը օրագրի մը փոքրիկ էջին մէջ. գրիչս պիտի վարժուի ըլլալու հաւատարիմ ծառայ մը կամքիս հպատակող, փոխանակ այն քմահաճ նժոյգին՝ որ էր մինչեւ ցարդ։ Եւ այս՝ իմ առաջին նպատակս է, որուն համար կը գրեմ այս տետրակը։ Մինչեւ հիմա այս գրիչը զոր ափիս մէջ կը բռնեմ ուզած կողմս տանելու եւ ուզած ձեւովս շարժելու համար, կը շարժէր միայն իր ուզած ատենին եւ իր ուզած ձեւովը։ Ես իր ստրուկն էի, ան իմ տէրս։ Գովեստներ շատ լսեցի, բայց անոնք զիս սրտմտեցուցին։ Երբեմն ժողովուրդները խանդավառ կը ծափահարէին արքայ մը, որ խեղճ գործիք մըն է միայն իր նախարարապետին ձեռքը։ Այնպէս ալ ես, բանաստեղծ Սեւակը, բժիշկ Չիլինկիրեանը, այս ձեռքիս մէջը սեղմած հասարակ փայտէ գրիչիս ստրուկն էի եւ եմ մինչեւ այսօր։ Վաղուընէ սկսեալ պիտի ջանամ ըլլալ այն, ինչ որ եմ. որովհետեւ այն, ինչ որ եմ ինձ կը թուի, թէ աւելի բարձր է, քան այն, ինչ որ կ՚երեւամ։ Օ՛ն, ուրեմն պարզութեան, յստակութեան, Գեղեցկութեան աստուածները, օգնեցէք ինձ։

9 Մարտ 1915

Երէկ առտու կիրակի էր. ժամ գացի. Մեծ Պահքի ժամ մը՝ սեւերով ծածկուած։ Ուրախութիւնս մեծ եղաւ տեսնելով, որ ամբողջ եկեղեցին՝ ամբողջ մատուռը, լեցուն էր մեր զինուորներով։ Իսկոյն հրաման ըրի, որ բոլորն ալ հանեն իրենց գլխարկները։ Ամէնքն ալ հպատակեցան հարիւրապետի հրամանին, բացի մէկէն, որ ամէնէն ջերմեռանդ աղօթողն էր եւ կեցեր էր ժամուն ճիշդ մէջտեղը, խորանին դէմ առ դէմ։ Բազուկները տարածած կ՚աղօթէր, կը խաչակնքէր, կու լար, կը հառաչէր։ Ու երբեմն այնքան կը բարձրացնէր իր ձայնը սրտին խորերէն, որ մինչեւ ականջս կը հասնէին իր տարօրինակ բառերը։ Ի՞նչ կ՚ըսէր, չէի հասկնար. բայց կը զգայի, որ եթէ Մէկը կար Վերը, ան անպատճառ պիտի հասկնար այս խեղճին լեզուէն։ Եւ սակայն այս բարեպաշտ մարդը ինչո՞ւ, կ՚ընդդիմանար իր գլխարկը հանելու։ Նոր հրաման մըն ալ ղրկեցի. մարդը հպատակեցաւ. բայց այն ատեն սոսկալի բան մը պարզուեցաւ աչերուս առջեւ։ Մարդուն ամբողջ գլուխը ֆրանկախտի կեր եղեր էր… Երկար դող մը սահեցաւ ամբողջ մարմնիս վրայէն։ Մարդը հազիւ քաջութիւն ունեցաւ ծունկ մը աղօթք ալ ընելու ու մեկնեցաւ մատուռէն։ Ես գամուած մնացի կեցած տեղս։