ՈՒՍԱՆՈՂԻ
ՆԱՄԱԿՆԵՐ
ԼՕԶԱՆ,
27
Մայիս
1909
Սեւ
օրեր
կ՚ապրինք
նորէն,
սարսափի
օրեր։
Հեռագիրները
ամէն
ժամ
նոր
գոյժ
մը
կը
բերեն։
Ջա՛րդ.
ու
եթէ
ջարդ
չէ,
հրդե՜հ.
ու
եթէ
հրդեհ
չէ,
սո՛վ.
ու
ինչ
որ
ամէնէն
սարսափելին
է,
համաճարա՜կ։
Լրագիրները
ամէն
օր
սուգի
նոր
գին
մը
կ՚աւելցնեն.
դեռ
այս
իրիկուն
թերթերուն
մէջ
կը
կարդայի
նամակը
ծանօթ
զուիցերուհիի
մը,
Լիւսի
Պօրէլի,
որ
երկար
տարիներէ
ի
վեր
նուիրուած
է
Կիլիկիոյ
հայ
մանուկներուն
դաստիարակութեան։
Անձնուէր
հելվէտուհին
նկարագրելէ
վերջ
թէ
ինչպէս
մեռած
քաղաքին
մէջ,
երբ
դիակնային
խաղաղութիւնը
վերջապէս
կը
թուէր
տիրել,
եւ
երբ
ա՜լ
Կարմիր
Խաչը
կը
կազմակերպուէր
վիրաւորեալները
դարմանելու
համար,
յեղակա՜րծ,
նոր
եւ
անօրինակ
հրացանաձգութեան
մը
խուճապին
մէջ,
հրդեհեցին
հայկական
հոյակապ
վարժարանը
ուր
հազարաւոր
վիրաւորներ
կային
ապաստանա՜ծ…։
Լ.
Պօրէլ
կը
յարէ.
«Կը
բաւէ
որ
նոր
դահլիճը
կը
հրամայէ
թէ՝
մի՛
սպաննէք
այլեւս,
բայց
այրեցէք
ամէն
բան…»։
Ամէն
բա՜ն.
ու
ի՞նչ
մնաց
արդէն։
Երէկ
խմբագրատան
մը
առջեւ
խռնուած
բազմութիւն
մը
դէպի
հոն
հրաւիրեց
քայլերս։
Լուսատիպ
նոր
հասած
նկարներ
էին.
հազարաւոր
թշուառներ
ծովի
ափին,
անկողիններ
եկեղեցիներու
մէջ,
ոտքեր,
մարդու
կտորներ,
որովայնը
պատռուած
եւ
դուրս
հանուած
երախայ
մը
իր
մօրը
դիակին
վրայ,
Միջերկրական
ծովը
դիակներով
հարուստ,
գետինները
պառկած
ծերունիներ,
որբուհիներ,
թշուառներ…։
Հայե՜ր,
Հայե՜ր,
Հայե՜ր…։
Սիրտս
պատառ-պատառ՝
այդ
հետաքրքիր
բազմութեան
մէջ
թշուառ
ցեղի
մը
միա՛կ
ներկայացուցիչը
ըլլալուս՝
կը
հեռանայի
այդ
արիւնի
զայրացուցիչ
ցուցադրութենէն,
երբ
փոքրիկ
խօսակցութիւն
մը
կեցուց
զիս։
Երկու
աղջնակներ
էին,
7
եւ
8
տարեկան։
-Ի՞նչ
են
այդ
պատկերները,
-
հարցուց
փոքրը
մեծին։
-Հայերը
կը
ջարդեն…։
-Ինչո՞ւ։
Մեծը
կանգ
առաւ
շուարած։
Ինք
գիտէ՞ր
ինչուն։
Լսած
էր
միայն,
օրօրոցէն
ի
վեր,
գիշերները,
թէ
ծնողքը
ինչե՜ր
կը
պատմէին
հայերուն
վրայ։
«Ինչո՞ւ»։
Շուարած,
քարացած,
ապշած
մտածեցի
այդ
մեծ
ինչուն,
այդ
կարմիր
ինչուն
որ
եօթը
տարեկան
անգէտ
աղջնակի
մը
հոգիէն
կը
պոռթկար։
Յեղափոխական
հսկայ
այդ
ինչուն
իր
բերնէն
կը
ժայթքէր
այնքան
բնական,
որքան
վճիտ
ջուրը
իր
ակէն։
Փոքրերո՜ւն
մեծութիւնը…։
Քանինե՜ր
մեր
մէջ,
բոլո՜ր
«տարէց»ները,
«շնորհքով»
մարդերը,
ազգին
«խելօք»ները,
տակաւին
չեն
մտածած
այդ
նախնական
հարցումին
վրայ
որ
մանկական
ուղեղը
կը
տանջէ։
Ա՜խ,
որովհետեւ
այդ
ինչուն
հսկայ
անկիւնաքարն
է
Յեղափոխութեան,
եւ
որովհետեւ
այդ
բառին
տակէն
կրնան
անհաճոյ
բաներ
դուրս
գալ
իրենց
շահո՛ւն
համար,
ինչպէս
կարիճներ՝
քարի
մը
տակէն…։
Այս
շաբաթ
հելվետեան
քաղաքական
հանդէսի
մը
մէջ,
այս
մասին
դառն,
շա՜տ
դառն
հեգնութիւն
մը
կար.
«Աստուած
էշերը
ստեղծեց
անարգուելու
համար,
հայերը՝
ջարդուելու…։
Թուրքիոյ
մէջ
րէժի՞մ
պիտի
փոխուի,
Հայերու
ջա՛րդ.
Սուլթա՞նը
պիտի
գահակալէ,
Հայերու
ջա՛րդ.
Շէրիա՞թ
պիտի
հաստատուի,
Հայերու
ջարդ։
Բայց
այս
բոլորը
այնքան
տարօրինակ
չէ
մեզի
համար,
որքան
այն
յուսահատեցուցիչ
«խելօքութիւնը»
որով
Հայերը
կ՚ողջունեն
այդ
ջարդերը։
Ե՞րբ
այս
ժողովուրդը
պիտի
սորվի
մարդկօրէն
կատղիլ…»։
Ու
իրա՛ւ։
Մարդկօրէն
կատղի՜լ.
այս
տարրական
առաքինութիւնը
կը
թուի
ի
սպառ
հեռացած
ըլլալ
Հայուն
սրտէն։
Ու
այս՝
ո՛չ
միայն
աստուածավախ
եկեղեցականութեան,
խնկամոլ
ռամկութեան,
տգէտ
արհեստաւորութեան
մէջ.
այլ
նո՛յնիսկ
ու
մա՛նաւանդ
մեր
մտաւորականութեան
մէջ։
Առէ՛ք
մամուլը.
հաւատացէք
որ
այս
վերջին
ամիսներու
ընթացքին,
եւրոպական
մամուլը
շա՛տ
աւելի
մօտէն
շօշափեց
հայուն
վէրքը
քան
պոլսահայ
մամուլը։
Բոլոր
երկիրներու
քաղաքական
թերթերը
միաձայն
գտնուեցան
կոտորածներու
թիւին
վրայ՝
որ
երեսուն
հազարը
կ՚անցնի։
«Միա՛յն
Սիհան
գետը
երեք
հազար
հայ
դիակներ
թափեց
Միջերկրական
ծով»,
կը
տեղեկագրեն
ֆրանսական
մարտանաւերուն
սպաները։
Եւրոպացի
վկաներ
ամենաահարկու
իրողութիւններ
կը
պատմեն
օրը
օրին։
Սարսափահա՛ր,
քարացա՛ծ,
Պոլսոյ
հայ
թերթերուն
կը
սպասենք,
աւելի
ընդարձակ
տեղեկութիւններու
համար,
կամ
գոնէ
հուժկո՛ւ
բողոքի
մը
ընթերցումով
ամոքուելու
համար…։
Թերթերը
կու
գան.
յաւիտենական
ոսկեզօ՜ծ
ունայնութիւնը՝
որ
կը
յատկանշէ
պոլսահայ
մտաւորականութիւնը…։
Մեր
թերթերը
դեռ
կը
շարունակեն
իրենց
անդամալոյծ
կեանքը։
Նոյնիսկ
հանդէսներ
կարդացինք
ուր
Կիլիկիոյ
ջարդերէն
անմիջապէս
առաջ՝
սիրային
յայրատ
ոտանաւորներ
յանգուած
կային,
«նշանածի»
պատմութիւններ,
ու
դեռ
ինչե՜ր…։
Մինչդեռ
հայ
ընդհանուր
Մամուլը
Սուգին
սեւո՛վը
պէտք
էր
պատուէր,
կամ
Արիւնի
կարմիրովը
պոռթկար,
եւ
կամ
-
եթէ
չէր
կրնար
ամէն
բան
ըսել
-
լռէ՜ր…։
Գոնէ
սա՛
յուսահատեցուցիչ,
ծայրայեղօրէն
յոռետես,
ջլատ,
տրտում
դամբանականները
չգրէին։
Անոնք
որ
մեռան,
գիտակցօրէ՛ն,
դիւցազնօրէ՛ն,
անոնք
ո՛չ
արցունքի
պէտք
ունին,
ո՛չ
վարձու
կեղծ
լալկաններու,
ո՛չ
խրատի։
Դամբանականները
պէտք
է
կարդալ
դամբանական
խմբագրողներու
գլխուն։
Ժողովուրդները
ինքնապահպանութեան,
ցեղին
շարունակութեա՛ն,
ՊԱՅՔԱՐի՛ն
բնազդը
ունին։
Մամուլը
այսպիսի
արհաւրալի
շրջաններու
մէջ
պէտք
չէ
որ
յոռետեսութեան,
սուգի,
անդարմանելի
ցաւի
մշուշի
մը
մէջ
խաւարէ
ժողովուրդին
այդ
բնազդը։
Fatalismeը
չէ՛
որ
պիտի
փրկէ
ընկճուած
ցեղերը.
ահա՛
թէ
ի՛նչ
բան
կը
մոռնայ
մեր
մամուլը։
Օտար
մամուլը
-
եւ
մասնաւորապէս
զուիցերիական
օրաթերթերը
-
ամէն
օր
կ՚արձանագրէ
հայ
կոտորածներուն
համար
եղած
նուիրատուութեանց
ցանկը։
Ո՞ւր
են
մերինները։
Այն
հայ
թերթերը
որոնք
այսինչ
կամ
այնինչ
Մեծապատիւի
մը
մահուան
առթիւ
փոխան
ծաղկեպսակի՝
նուիրատուութեանց
անհատնում
ցանկեր
կը
շարէին,
այն
միեւնոյն
թերթերը՝
հազարաւո՜ր
հայերու
մահուան
առթիւ՝
փոխան
ծաղկեպսակի՝
(բառի՜ն
հեգնութիւնը…)
պէտք
չէ՞ր
որ
անվերջանալի
նուէրներու
շարքերով
ներկայանային
այս
եօթն
անգա՜մ
նահատակուած
ժողովուրդին…։
Գաւա՛ռը,
սովա՛ծ,
բազմաչարչար
Գաւառը,
իր
լուման
տուաւ։
Ե՞րբ
պիտի
դղրդի
ինքնագիտակցութեան
զգացումը
մայրաքաղաքացիին
հոգւոյն
մէջ։
Ե՞րբ՝
գո՜ւթը։
Ու
ե՞րբ,
մանաւանդ,
մարդկօրէ՛ն
կատղիլը…։