Արձակ այլ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԽՈՒՐ ՐՈՊԷ

1906, Հոկտեմբեր 6

Շաբաթ գիշեր է, ու կը գրեմ ։

Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, տխուր եմ այս գիշեր ։

Մարդ որչա՛փ ալ ճգնի մոռնալ իր ցաւերը, որչա՛փ ալ երջանկութիւնը սիրէ, որչա՛փ ալ չանդրադառնայ կեանքին դառնութիւններուն վրայ, դարձեա՛լ սրտին մէջ կա՛յ անկիւն մը, որ երբեմն կը ցաւի, կը մթագնի ու կ՚արտասուէ ։ Ինչո՞ւ, ո՜վ գիտէ ։

Զարմանալի չէ՞ մարդուս սիրտը ։

Շղթայազերծ փոթորիկները անզօր են երբեմն տապալելու ծառ մը ։ Փոքրի՛կ, աննշա՛ն, աննշմա՜ր որդ մը կը սպրդի ծառին երակներուն մէջ, ու երէկուան կաղնին այսօրուայ կմախքը կ՚ըլլայ ։

Այսպէ՛ս ալ սիրտը ։ Տէգի հարուածներ կան, որոնք հազի՜ւ թէ կը զգաս, անկարեւոր բաներ կան, որոնք հոգիդ կը ճմլեն ։

Շարժո՜ւմ մը, խօ՜սք մը, նայուա՜ծք մը, բա՜ռ մը թերեւս. ու սիրտը կը խոցուի արդէն ։

Ո՜վ տանջող գործիք, ո՜վ կեանքին յուսահատութիւնը, ո՜վ թունալի ծաղիկ. սի՜րտ ։

Ու կը խորհիմ այն խեղճերուն վրայ, որոնք կը տառապին՝ զգալ գիտնալնուն համար ։

Քանինե՜ր, որոնք նայուածքէ մը կ՚իյնան շանթահար. քանինե՜ր, որոնք բառէ մը կը խոցուին նետահար. քանինե՜ր, որոնք համբոյրէ մը կը թունաւորուին թշուա՜ռ ։

Ու կը խորհիմ անոնց վրայ, որոնք մեռան՝ սիրտ ունենալնուն համար ։

Անհասկնալի՜, անիմանալի՜ խորհուրդ, անքակտելի թշուառութեա՜ն հանգոյց, արցունքներու պաշտելի՜ աղբիւր. սիրտ ։

Որքա՜ն անուշ է, երբ կը ծաղկի սիրտը. երջանկութիւնը որքան վա՜ռ է իր պատերուն մէջ. որքա՜ն քաղցրիկ իր մրմունջը ։

Ահաւասիկ փոքր անկիւնէ մը, ստուերոտ անծանօթ անկիւնէ մը վշտին սեւ ծաղիկը իր կմախքը կը ցցէ ։ Հրճուանքին ցոլքերը կը խամրին. խնդութեան երգը կը մեռնի. ու ցա՛ւն է, խորո՛ւնկ, յուսահատական, անհասկնալի՛, որ կը լայննա՜յ, կը լայննա՜յ սրտիդ մէջ, աշնանային տխրամած մշուշներուն պէս ։

Ու չես գիտեր, թէ ի՛նչ բան կը տառապեցնէ քեզ. չես գիտեր, թէ ի՛նչ բան կը գալարուի ջիղերուդ մէջ. չես կրնար ըմբռնել այն անհունապէս փոքրերը, որոնք սիրտդ կը կրծեն. գիտես միայն, թէ ծովերուն չափ լա՜յն պարապ մը կայ կուրծքիդ տակ, թէ հոգիդ լքել կ՚ուզէ մարմինդ, թէ աչքերդ ալ լա՜լ կ՚ուզեն ։ Ու գիտես, թէ շատ ծա՜նր է այս կեանքը՝ ապրելու համար

Ո՜վ դառնութեանց մայրը. ո՜վ անիմաստ գործիք. ո՜վ խորհրդալի մսի կոյտ. սիրտ ։

Ու դուն, ո՜վ իմ խեղճ սիրտս