Արձակ այլ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՕՍՔ Ռ. ՍԵՒԱԿԻ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ՕՏԷՕՆ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Թո՛ղ ներէ ինձ հոս ներկայ հայ հասարակութիւնը որ յանդգնութիւնը կ'ունենամ խօսք առնելու այս գիշեր թատերական այս պերճ սրահին մէջ, ազգասէրներու խանդավառ խումբի մը առջեւ, առանց մասնաւոր պատրաստութեան, առանց խոր ուսումնասիրութեան, Եւրոպայէն նոր ժամանած, ճամբորդութեան փոշիները դեռ վրաս։ Լաւ կ՚ըլլար անշուշտ որ այս գիշեր քառորդ դարէ մը ի վեր մեռելօրէն թաղուած մեր թրքահայ թատրոնին հայաբարբառ զարթնումը բացուէր արժանաւոր ու ծանր նախաբանով մը, եւ Հայ դեռատի դերասանի՝ Պարոն Փափազեանի ձեռքէն բռնող եւ բեմ բերողը մեր հիներէն մէկը ըլլար։ Բայց պարագան ինքնին այնքա՛ն գեղեցիկ է որ մարդ առանց հին մը, կամ թատերական մասնագէտ մը ըլլալու, առանց իսկ երկար ու քրտնաջան ուսումնասիրութեան, կրնայ սրտաբուխ քանի մը բառեր արտասանել՝ պարզ ու անյաւակնոտ բառեր՝ որոնք Հայ թատրոնին նուիրուող երիտասարդ տաղանդի մը առաջին քայլերը պիտի բանան։

Նուիրական պարտականութիւն մը ունիմ հրապարակով կատարելու։ Անկեղծ շնորհակալութեան այն պարտքը զոր արուեստագէտներու նորակազմ այս խումբը կը դնէ իմ վրաս արտայայտելու Ձեզ։ Ձե՛զ որ այնքան սիրով եկաք քաջալերել ընդհանրապէս ամբողջ նորատի խումբը, ու մասնաւորապէս իր թատերապետը Պարոն Փափազեան՝ որ դեռ այնքա՜ն երիտասարդ՝ չի վարանիր Օթէլլոյի նման դժուարին ու գրեթէ անմատչելի դեր մը անձնաւորելու։ Հարկաւ ներողամիտ աչքով պիտի դիտէք խումբին մնացեալ մասը՝ որոնք եթէ չունէին իսկ արուեստագէտի մեծ պատրաստութիւն, ունէին գոնէ կամքի մեծ ուժ եւ բեմի զօրաւոր սէր՝ անգոսնելով ամէն դժուարութիւն՝ իր աճիւններէն ծնցնելու համար մեր այնքան սիրելի հայաբարբառ ու հայաշունչ թատրոնը։

Թատրո՜նը, հայաշո՜ւնչ թատրոնը…։ Այն թատրոնը զոր Հէքիմեաններ, Պէշիկթաշլեաններ, Թէրզեաններ, Թզլեաններ, Շիրվանզատէներ կանգնեցին… ա՛յն թատրոնը զոր Վարդովեաններ, Գարագաշեաններ, Ֆասուլեաճեաններ, Սիրանոյշներ, Մնակեաններ փառաւորեցին… ա՛յն թատրոնը ուր Թրեանցներ, Ռշտունիներ, Ադամեաններ անմահացան… թատրոնը, հայաշունչ թատրոնը, մե՛ր թատրոնը…։

Ոհ, փառաւոր հայ անուններու ոսկեձոյլ համաստեղութիւնը…։

Ու բնա՛ւ զարմանալի չէ որ մեր մէջ ուր այնքան ապերախտ ու այնքան թշուառ նկատուած է այս բեմի ասպարէզը, - մե՛ր մէջ՝ համեմատօրէն բոլոր միւս արուեստագիտական ասպարէզներուն՝ - ամէնէ՛ն աւելի ուռճացող ու պտղաբերող ճիւղը թատրոնը եղած ըլլայ միշտ։ Ասիկա ունի իր որոշ պատճառները։

Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները՝ ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ որ գտնուի տակաւին մէկ ուրիշ ազգ՝ որ ամէ՛ն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ, մեր, ստրկացած թրքահայերուս կեանքը…։ Տառապի՜լ, ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ, ու ստիպուա՜ծ ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտի՜լ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ ուր արիւն արցունք պիտի պոռթկար աչերէդ… մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար որ զքեզ կը խեղդէ… մեռնի՜լ - հոգեպէս մեռնիլ - ու ապրիլ ձեւացնել… ահա դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մե՛րը եղաւ այնքա՜ն երկար տարիներ…։ Արդ ինչպէ՞ս կ՚ուզէիք որ այսպիսի պայմաններու մէջ, ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամենաանկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չըլլար, ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը…։

Ազգի մը թատրոնին յաջողութեան համար կա՛յ տակաւին մէ՛կ երկրորդ պայման. ա՛յն է թատրերգութեան նիւթը, պատմուածքին առանցքը, խաղին կմախքը։ Արդ մոռցէք անգամ մը ներկան. վայրկեան մը դէպի ետ երթանք, մեր ժողովրդեան կեանքին պատմութեան մէջ, ե՛տ, շա՛տ ետ, մինչեւ Յիսուսի ժամանակները, ու անկէ՛ց ալ ե՛տ՝ մինչեւ մեր հեթանոսական շրջանները։ Անցեալի մշուշին մէջ թաղուած այդ ոսկեկուռ բարձունքներէն դիտենք անգամ մը լեռն ի վար սողոսկող այն ահաւոր ու արիւնլուայ ճամբան որ մեր ազգինն է։ Ի՛նչ ահաւոր դասեր, ի՛նչ հսկայ ատաղձներ թատերագրի մը համար՝ այդ պատմութեան զանազան էջերուն մէջ։ Մեր ամէնուս հայր Հայկէն մինչեւ մեր օրերը, դիցաբանական հիանալի աւանդավէպերու քով ի՜նչ ահաւոր իրականութիւններ…։ Ու Արշակը, ու Վասակը, ու Քաջ Վարդանը, ու Մեծն Արտաշէսը…։ Ու տակաւին նո՜ր, դեռ շատ նոր, մեր ամէնուս սրտին մէջ արիւնող յիշատակները այն ահռելի կոտորածներուն [1] որոնք մահը ու սարսափը ու սովը ցանեցին մինչեւ Ակնայ սարսափահար հովիտները, Վանայ արիւնաներկ լիճէն մինչեւ Ոսկեղջիւրի հայակուլ անդունդները…։

Ազգային, զուտ ազգային թատրոնի մը համար ինչ ատաղձներ, ի՜նչ հերոսներ, ի՜նչ նիւթեր…։ Խաւարչտին բանտերու մէջ ժողովուրդէն անգիտուած, մարդկութենէ վատօրէն լքուած «Ազատութիւն» հեծկլտալով քանի-քանի մեռնողներ, զորս Հայ բեմը պիտի անմահացնէր՝ անձնուիրութեան դասը տալու համար ժողովրդեան…։ Ու ամէն տեղ, յաւիտենական սարսափի ու սպառնալիքի տակ՝ դիւցազնօրէն ու լուռօրէն գործող քանի վեհանձն կեանքեր՝ զոր Հայ թատրերգութիւնը բեմ պիտի հանէր՝ մեզի հերոսաբար մեռնիլ սորվեցնելու համար…։ Ու դեռ ինչե՜ր, ու դեռ ինչե՜ր…։

Ո՜հ… ո՛չ… դժբախտաբար նիւթերը չէ որ կը պակսին հիմնելու համար ջղուտ ազգային թատրոն մը։ Եւ ահա թէ ինչո՞ւ ես այս գիշեր համեստօրէն պիտի ուզէի յանգիլ սա գաղափարին թէ օտար թատերախաղերէ աւելի - զոր մեր ժողովուրդը չի՛ կրնար ըմբռնել - պէտք է Հայութիւնը իր ծոցէն ծնի Հայ թատրոն մը, Հա՛յ, ոչ միայն լեզուով, այլ ոգիով ալ, նպատակով ալ…։

Հայ թատրոն մը՝ Հայ իրականութեան համար։

Կեցցէ՛ հայութիւնը, կեցցէ՛ թատրոնը։

Բերա, 22 Օգոստոս 1908



[1] Խօսքը 1895-6-ի Կիլիկիոյ ջարդերուն մասին է։