Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՃԵՐԸ

Նոճերն, ահա, մեռելներուն տենչն հողահերձ…

Աւելի կամ նուազ յանդուգն ու բարձրհայեաց

Ու դարաւոր. նո՛յն է երազն ոսկերոտեաց.

Եւ նոճերով խոհուն է վայրն ու երկնաբերձ:

Տե՜նչն ապրելու՝ մութ գանկերուն փուտ բազկոսկերց.

Մշտապրելու կարծես խոր կիրք մը յարակեաց,

Անմահ Նիւթէն բղխող՝ չըլլա՛ր բնաւ կեր ճճեաց,

Ու չմեռնելու նոճի՜ղձ մ’ապրէր. մեռելազե՛րծ:

Բայց քայքայուած Եսերէն վեր մեռելներուն

Ա՛յնքան սե՜ւ են իրենց իղձերը սեւեռուն,

Գերեզմաննոցն ա՛յնքան սե՛ւ է սուգովն անոնց՝

Եւ գիշերն ա՛յնքան տարօրէն բաներ կ’ըսեն՝

Որ կարծես Ան, որմէ աճիւնք կեանք կ’սպասեն՝

Երկինքին մէջ, բաբէ՛, մեռած է Ան շատոնց:

 

7 Օգս. 1904