ՏԵՍԻԼ
Համաստղալի
միգանըշոյլ
Գիշերին
Ցընորաբերձ
երբ
սըլանայ
վիհն
ի
վեր,
Տարօրինա՛կ
ուրուաժողով
մըթաստուեր՝
Նոճեաց
ամբոխը
հոծ
կանգնած
է
լըռին:
Սերունդներու
մելամաղձիկ
հոգիներ՝
Որ
կարօտով
վըճիտ
անդրի՜ն
կը
յառին.
Իմաստնացմամբ
մը
յետ
մահուա՛ն
հընարին՝
Անդըրշիրմի
խոր
ճգնակեա՜նք
երկնանուէր:
Փոսէն
վերջ՝
նո՛յն
միաշունչ
խոհանքը
նըսեմ.
Նո՛յն
ճանաչումն
եւ
սուգն
ու
սոյզն
ըղձապիշ.
Եսին
մեղքէն
ետք՝
վերացում
անդրհայեաց:
Եւ
մեղաւոր
տըղու
խռովքով
կ’սպասեմ
Որ
մեռնելով՝
ես
ալ
դառնա՜մ
նոճ
մ’ուրիշ,
Ապաշաւի
Եղբայրութեան
մէջ
նոճեաց:
1904
Դեկտ.
11