Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾՈՎՈՒՆ ԶՂՋՈՒՄԸ

Երբ ուղեւոր մ’որ հեռուէն գալով, կ’երթայ

Դեռ շատ հեռուն անհետելու իր փոշոտ քայլ,

Հազիւ նայուածք մը կը ծըռէ խոնջ, անայլայլ,

Դէպ ի ծովափն այն ամայի, ուր խիճ ու գայլ,

Ոստրէք տըձեւ, զազիր ժժմակք, աւազին վրայ

  առնիճաղանճ, կը տարածուին միապաղաղ:

Եւ հազի՛ւ հազ կ’նայի անցորդն այն թուխ իրին՝

Որ կ’երկըննայ խիճերուն վրայ անխլիրտ, լըռին՝

Եւ որ մակոյկ մ’է մեծ ու հին՝ ի քուն խաղաղ:

Ա՛լ չեն նայիր ծեր մակոյկին: Ա՛լ հիմա, ծուռ,

Հոն վիրաւոր հանգչեցունէ նա իր կողեր՝

Ուր Պոսիդոն իր ժանիքին հետքն է թողեր,

Եւ ուր փրփուրն երբեք երբեք կը նըշողէր

Ինչպէս ժանեակ լուսաթափանց, մշտասարսուռ.

Ու փրփուրին տեղ հիմա որդն ու խըռընջայլ,

Մին իւր ակօս, միւսն ալ իր հետքն արծաթածիր

Կը գըծեն հոն, ըստուերին մէջ, յամր, անձանձիր,

Հանգչող նաւուն կողերուն վրայ դժնէ, մըռայլ…

Հեռո՛ւ, հեռո՛ւ ճամբաներէ, գիւղէ հեռու,

Ուր այգուն հետ կեանքի շըշուկը միշտ կը ծնի,

Անտառներէն՝ ուր գրկըւին մայրն ու կնձնի,

Հեռո՛ւ հովէն՝ որ գրկած տի՛ւը թռի կ’անցնի

Սարսռելով մերկ ու ահեղ կողերը լեռներու,

Անմարդաձայն աւազափին վըրայ պառկած՝

Նաւն հինաւուրց կը նիրհէ միշտ, ու… Ծովն, իր քով,

Մեղմ շըշունջով կուգայ վըճիտ իր ալիքով

Թրջել կռնա՜կն անոր զառամ, ու լըռակաց…:

Ո՜վ վեհութիւն անդունդներու. համբոյր խորո՛ւնկ.

Առ կորսըւա՛ծ ոչինչն՝ ահա՛ վեհին գորով.

Զի՜ղջն Անհունին՝ որ զուարճանա՛ր մի բեկորով…:

Երբ վերջալոյս վանէր կտաւներն իր ստուերներով՝

Ու իրենց վազքի՛ նուագն ոռնային ցայգահողմունք

Իրիկունին ամայութեանց մէջ չարագոյժ՝

Քստմընելի՛ ծիծաղ, ծաղրէ՜ր Ծովը լքուած

Նաւն՝ յոր գուցէ հորիզոնէն նայէր Աստուա՛ծ,

Մինչ աստղն՝ արցո՜ւնքն երկնից՝ դողա՛ր հոն տխրանոյշ…:

Այժմ ա՛լ չ’երթար նաւն այն ճեղքել ծփանքն Ովկիանուն,

Ոյր վըրայ Այգն արշաւասոյր կը ծնի փրփուր.

Վաստակաբեկ, անառագաստ, անշո՛ւնչ, թափուր՝

Ա՛լ կը նիրհէ կմախ կողերուն վըրայ տըխուր:

Եւ… կուգայ Ծո՜վն իր համբոյրով թրջել անհուն՝

Անոր վէրքերն, զոր վիթխարի կ’պեղէր իւր ճանկ

Զայն ահարկու մենութեանց խո՛րը մղած անհետ…

Եւ, այն պահո՛ւն որ կը հանգչի նաւն առ յաւէտ՝

Ծովն իր անբա՜ւ պագին մէջ զի՛ղջ մ’ունի անյա՜նգ…:

Ու կը սարսռի մենութիւնն ա՛յդ պագովն անվերջ.

Հազի՛ւ երբեմն ծովու դստերք կըռընչաձայն՝

Ճերմակ թռչնոց տարմեր՝ կուգան վայրի ափն այն,

Թափառական խոհե՛ր՝ մեռած օդին մէջ լայն

Գըծել իրենց փրփրուն ճախրանքն ու ելեւէջ…:

Ո՛վ ըսպիտակ յիշատակներ զոր Ովկիանի

Հորիզոննե՛րը կը ղրկեն նաւուն զառամ,

Քաղցրանըշոյլ ճաճանչումով մեղմել տարտամ,

Այդ հանգըստեան խաւարն անգութ, մշտնջենի…:

Բայց ծեր մակոյկն անշա՛րժ է միշտ. ի՜նքն որ յաճախ,

Ի լիւղ մէջէն փրփուրներուն որք կ’եռային,

Զուարթացած՝ խօլ թռչնոց նուագո՛վը ծովային,

Մոռցա՛ծ ափերն, որք եղկ մէգի մէջ քնանային,

Կ’անցնէր հուր ծովն՝ իր թեւն առոյգ պարզած առկախ…:

Եւ թռչնոց երգն հիմա ա՛լ դաշն ու պատկառոտ,

Ծեր նաւուն վրայ հի՜ն մըտերիմ, կը ծածանի…

Ու առա՛նց այլ եւս հրճուեցնելու, մղելու զանի՝

Կ’խանդաղատի… ու կ’օրրէ՜ քունն այն անաւօտ…:

Ու թռչուններն մեծ Ծովին վրայ կը թռին անհետ.

Եւ անցորդին քայլից տրոփիւնն ալ կը նուաղի…

Ամայութի՜ւն վայրի… Ծովուն համբոյրն աղի՝

Տըխո՜ւր, քունին մէջ մանաւանդ մըթընշաղի՝

Կուգայ յուշիկ հնչել, հնչել, հնչել յաւէ՜տ:

Ու անբաւութեան նայուածքին դէմ, նաւն հինաւուրց,

Պառկած, անձայն, կը քայքայի՜ մգլոտ ու գէջ՝

Անհունապէս վե՜հ իր փըտո՛ւն ծերութեան մէջ

Զոր յաւիտեան կը քաղցրացնէ համբոյրը ջուրց…: