ԴՐԱՑԻ
ԿԱՏՈՒՆ
Երբեմն
եկուր՝
կատու,
Դուռնէն
նայելու…
Երբոր
անօթի
ես,
Իմ
տունս
եկուր
շիտակ.
Ու
մլաւիւնդ
երկար
Ու
ցաւագին,
Երգէ
մենութեանս
մէջ
Ուր
վիշտերը
կ’ապրին…
Միտքս՝
քաղցր
ու
դիւային
Տեսիլներ
կը
փնտռէ…
Երբեմն
եկո՛ւր,
թո՛ւխ
կատու
Կանանչ
նայուածքով՝
Դուռնէն
նայելու…:
Ես
ոսկոր
պիտի
տամ
քեզի.
Եւ
ձուկի
պոչեր.
Որպէս
զի
նիհար
կողերդ
Խնջոյք
մը
ընեն…
Եւ
տխուր
հապճեպով
Քու
ճաշդ
դիտեմ
ես.
Մի
վախնար,
ես
կը
խորհիմ.
Եւ
չեմ
շարժիր
բնաւ.
Ափսո՛ս
որ
չեմ
շարժիր…
Բռնելու
քեզի,
Ո՛վ
անծանօթ
աղքա՛տ
կատու,
Շոյելու
համար
վտիտ
ծոծրակդ
Ուրկէ
դիւայնութիւնդ
կը
ծնի:
Իմ
տունս
եկուր
երբեմն.
Ես
ուտելիք
պիտի
տամ
քեզի.
Ձուկի
պոչեր
Ու
ոսկորներ
հաւու:
Եկո՛ւր
աղքատ
կատու,
Կանանչ
նայուածքով,
Դուռնէն
նայելու…: