Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾՈՎԱՓԻՆ ԾԵՐԸ

Հոն, աւազուտ ծովեզրին վրան ամայի,

– Զոր իրիկուան ծփանք համբուրեն միահամուռ,

Մըթնշաղի ըստուերաց մէջ, անհուն, լուռ,

Շըշունջով մը սարսռալի, –

Մէկը, կանգուն, կը դիտէ՜ ծովը կանաչ

Որուն խորքէն կ’ելնեն թռչին սարսուռներ,

Ծերունի մ’է, քուրջեր հագած, ալեհեր,

Թերեւս, աւա՛ղ, անճանաչ:

Ու ընդ երկար կը նայի՜ նա վեհ ծովուն,

Աղէտալուր ու քա՜ղցըր շունչ մ’ունի հով,

Եւ ալիքներ կը շըշնջեն պարելով

Վերջալուսի այս պահուն:

Ո՛հ, ընդերկա՛ր նայի ծերն այն թախծագին…

Ինչո՞ւ… ի՞նչ խոհք թռչին իր ծե՜ր ճակտին շուրջ.

Ո՛հ, ծերունի՜ն. ի՞նչ անսահման մռայլ անուրջ

Կը մըթագնէ իր հոգին:

* * *

Հորիզոնին խորութեանց մէջ, հոն, հեռին,

Ոհ, իրիկուն մը ծովն ահեղ, ալեկոծ՝

Իր անդնդոց տակ, հողմերուն մէջ ողբոց՝

Թաղեց որդի՜ն այդ ծերին:

Ու խո՜ր վշտէն մեռա՛ւ օր մ’ալ նաւազին

Հէ՛գ խօսեցեալն, – աղջիկ մատաղ ու քաղցրի՜կ.

Որ հըրեշտակ մ’էր երբ նիրհէր, եւ պարիկ՝

Երբ շրջէր վրան աւազին:

Եւ ընկճեցա՛ւ ծերունին. հի՜ն նաւավար.

Կրկին վշտեր խորշոմեցին իւր ճակատ.

Ու ճերմակ հերք սարսռան արդ ու խանդակաթ՝

Համբուրեն գլուխն այն թշուառ:

Ա՛լ երդուաւ նա չը մտնել ծովն այն ահե՜ղ.

Ա՛լ չը պարզե՜լ կըտաւ շունչին դէմ ծովուն,

Ու թեւճակաց չը լըսել երգըն անհուն

Իր թեւերուն տակ ուժեղ:

Թշուա՛ռ ծերուկ: Եւ ա՛լ երբ այգն արթննայ,

Չը՜ տեսնըւիր մակոյկն իր զուարթ, թուխ ու ծեր,

Որ ծիրանի թողու զաւազ ծովեզեր՝

Ու պարելով հեռանայ:

’Ու երբ իրիկուն կ’ըլլայ հանդարտ, անխըռով՝

Չը՜ բերեր սիւքն իր թռիչին մէջ ծովապար՝

Հեռաւոր ե՜րգն անոր, որ ա՛լ յամրաբար

Կը մօտենայ ափին քով:

Վա՜հ, այլ կուգայ դանդաղ, նաւազն հինաւո՛ւրց,

  ե՛ղճ, անսահմա՛ն աչօք նայիլ Ովկէանուն.

Ու այն ատեն, ա՛հ, կարօտո՜վ մը անհուն՝

Իրե՜ն դիմեն ծըփանք ջուրց:

Բայց ուշադիր չէ՛ նա ալեաց կարօտին.

Իր նայուածքը կը սուզի ո՜հ, շա՛տ հեռուն…

Սիւքը սարսուռ կուտայ սպիտակ մազերուն.

Այնքա՜ն վեհ է ծերունին:

Աղէտաւոր վե՛հ ու քա՜ղցըր ուրուական՝

Որ կ’երեւի հոն աւազին վրայ կանգնած՝

Մի՛շտ, երբ խառնուի շըշունջ ծովուն մթամած՝

Ըստուերներուն իրիկուան:

 

7 Փետրուար 92