ԱՐՈՒԵՍՏԸ
(3-5)
Քերթուած
Թէոֆիլ
Կօթիէի
Առ
Պ.
Օննիկ
Պէզիրճեան
Քանդակագործ
ի
Գահիրէ
Երկն,
այո,
աւելի՛
’հիարուեստ
Կը
ցայտէ՝
ճըգան
դիմադրող
Ձեւէ
մ’հեստ,
Եղընքար,
կիտուած,
մարմար,
տո՛ղ:
Ո՜չ
երբեք
կապանքներ
շինծու.
Այլ
որպէ՛ս
զի
քայլես
անշեղ.
Մուսա՛յդ
դու,
Ոտքդ
անցուր
միշտ
կօշիկ
մը
նեղ:
Քամահրէ՛
հեշտ
կշռոյթն
անջօր,
Հանգունակ
յոյժ
լայն
մուճակին.
Կերպը
զոր
Կը
’ձգէ
ոտքն
ու
կ’առնու
կրկին:
Ա՜նդրիար,
ի
բաց
վըտարէ
Կաւը
թոյլ
զոր
բոյթն
առանձին
Կը
թըրէ,
Երբ
խոհերն
այլո՛ւր
կը
յածին:
Մաքառէ
քարրառին
դէմ
պաղ,
Ու
կռուէ՛
պարոսին
հետ
կուռ
Ու
չքնաղ.
Պահպանողք
շրջագծին
մաքուր:
Փոխ
ա՛ռ
դուն
Սիրակուսայէն
Իր
պըղինձն՝
յորում
անյողդողդ
Կը
ցայտեն
Հրապուրիչ
գիծե՛րը
խըրոխտ:
Փափկամատն,
աջըդ
աշխատի՛
Դուրս
բերել
բոցուտ
երակէն
Ակատի
Ապողոնն,
իր
կիսադէմքէն:
Պատկե՛րհան,
ջրաներկէն
փախիր.
Հաստատէ՛
դուն
գոյնը
դիւրշէջ
Ու
պատիր՝
Կիտուածի
վարպետին
փռան
մէջ:
Շինէ
խա՛ժ
համբարուներն
հին,
Եւ
հարի՛ւր
ձեւով
գալարուն
Տըտուննին.
’Հրէշներն
ալ
կընքանշաններուն.
Եռոլոր
իր
լուսապսակով
Շինէ
Կոյսն
հետ
իր
Յիսուսին.
Գունդն
իր
քով,
Ու
վրայի
աչն
ալ
միասին:
Ամեն
ինչ
կ’անցնի
յաշխարհէ.
Լոկ
հուժկու
արուեստն
է
անմեռ.
Կիսանդրի
Մը
քաղքէն
յետոյ
կ’ապրի
դեռ:
Եւ
մետա՛յլ
մը
պարզաքանդակ,
Գըտնըւած
խոփովը’
մշակին,
Հողին
տակ,
Կը
յայտնէ
մի
կայսը՛ր
նախկին:
Կը
մեռնին
դիք
իսկ
համօրէն.
Այլ
վերին
քերթուածք
անթառամ
Կը
տեւեն,
Ու’
ամրագոյն
քան
պըղինձն
անգամ:
Քանդակէ՛,
խարտէ՛,
դրօշէ
միշտ.
Թող
ծըփոտ
երազդ
անկայուն
Կնքուի՛,
ճիշդ,
Հատորին
մէջ
կարծր
ու
տոկո՛ւն:
Յունվ.
1912