Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԷՊԻ ՄՈՍԿՈՒԱ
(ՃԱՄԲՈՒ ՆՕԹԵՐ)

Շշմած եմ դեռ մեկնումի ժամուս կրած զանազան տպաւորութիւններէն երբ կը հասնիմ Անվէրս, օր մը անցնելու Ներսէս Չամքէրթէնի հետ, որուն հաճելի եւ հոգածու բարեկամութիւնը, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ թելադրեր է իրեն կարգադրել որ այդ օրը ըլլայ ինձ համար իմացական վայելք մը։ Նախապէս տրուած ժամադրութիւններու շնորհիւ օրը կ՚անցնենք ֆլաման արուեստագէտներու հետ, խելայեղ զուարթութեան մէջ ուտելով եւ խմելով, ինչպէս քէրմէսեան ժամանակները։

Երբ այդ պատուական մարդիկը կը լսեն որ կ’երթամ դէպ ի Հայաստան, բաժակ կ՚առաջարկեն Խորհրդային Հայաստանի կենացը եւ ժողովուրդներու եղբայրութեան համար։

Այդ ջերմ, զուարթ, ոգեւորուած օրը, որու ընթացքին կը խօսինք փոխն ի փոխ Պելճիքայի համայնքներու ընտրութեանց, որ նոյն օրը կատարուեր էր, Ֆլաման հին եւ նոր երաժշտութեան, Ֆլաման արդի նկարչութեան եւ գրականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու ճակատագրին, Խորհրդային Հայաստանի, Անդրկովկասեան Ֆետէրասիօնի եւլն. ի վրայ, այդ բոլորը ջրուած կարմիր գինիով, շրթները եւ մատները պարարտ ամէն կարգի ուտելեղէններով. երբեմն լսելով ֆլաման ժողովրդական երգեր, խարտեաշ գիրուկ եւ մատաղահասակ աղջիկներու կողմէ երգուած, ինձ կը լեցնէ անսահման լաւատեսութիւնով... ։

 

Կէս գիշերին, Պրիւսէլի մէջ կը տեղաւորուիմ վակոնս. գնացքը կուգայ Օսթանտէն եւ կէս ժամ յետոյ ճամբայ կ՚ելլենք։

Առաւօտուն արդէն Գերմանիա ենք։ Առաջին անգամն է որ կ՚անցնիմ այդ երկրէն եւ առաջին հանդիպումս Գերմանացիներու հետ մաքսային պաշտօնեաներ են. քնաթաթախ աչքերով կը դիմաւորեմ այդ անհրաժեշտութիւնը։ Բարեբաղդաբար ամէն ինչ կ՚անցնի թեթեւ. «ի՜նչ, ուրեմն հրէշներ չե՜ն... »

Քօլոները եւ իր հրաշալի Կաթեիրալը... Հազիւ արագ տեսիլք... Կ՚անցնինք միջին Եւրոպայի քաղաքներէն եւ դաշտերէն... Նոր ճամբորդներ որ կը բարձրանան մեր վակոնկ կը ներկայացնեն գերմանական զանազան տիպարներ։ Կայարաններու մէջ, ուրախ բազմ։ութիւններ կ’սպասեն միջանկեալ գնացքներու։ Երբ հարկ կ’ըլլայ կը խօսիմ ֆրանսերէն լեզուով, որովհետեւ ուրիշ կերպ չեմ կրնար ընել.... կ’արձաննագրեմ երկու դիտողութիւն նօթատետրիս մէջ։ Ամբողջ Եւրոպան, հակառակ իր տեղական մասնայատկութիւններուն, ընդհանուր երեւոյթով ամբողջութիւն մը կը կազմէ եւ ընտանի է ոեւէ եւրոպական երկիր բնակող անձի կամ եւրոպացիի. երկրորդ՝ անհիմն զրպարտութիւն է այն տարածուած կարծիքը թէ Գերմանացիները չեն ուզեր խօսիլ ֆրանսերէն, նոյն իսկ երբ գիտեն։ Ամէն անգամ որ առիթը ներկայացաւ, ինձ պատասխանեցին քաղաքավարութեամբ. իսկ չի հասկնալու պարագային իդմեցին ֆրանսերէն գիտցող մէկու մը։

 

Պերլինի երեք կայարանները. լայնանիստ եւ շքեղմայրաքաղաք, թանձրակերտ շէնքերով. լայն պողոտաներ որ կը բանան անծայրածիր հեռանկարներ անծանօթ քաղաքի անծանօթ կեանքի վրայ։ Կը մտադրեմ ուրիշ ատեն կանգ առնել։

 

Գերմանական սահմանը կ՚անցնինք հետեւեալ առաւօտուն եւ ահա Բոլոնիական մաքսային պաշտօնեաները. մանրակրկիտ եւ խծբծող քննութիւն, հակառակ որ կանգ չի պիտի առնենք երկրին մէջ։ Բասբօ՜ռ... ֆրանսական անցագիրս ակամայ ժպիտ մը յառաջ կը բերէ պաշտօնեային դէմքին վրայ որ կը ճգնի սիրալիր ըլլալ, ի փոխարէն Խորհրդային վիզան յօնքերը կը պռստեցնէ։ Թթու-անուշ արտայայտութեամբ կը բարեւէ եւ դուրս կուգայ։ Նրբանցքին մէջ շարք մը պաշտօնեաներ, զինուորականներ. զայրացկոտ ձայներ կը բարձրանան կողքի խցիկէն... Մի ինչ որ կասկածոտ բան կայ ճամբորդներու հանդէպ որ կը բարձրանայ նոր կազմուած երկրի մը յատուկ յարձակողական նախանձախնդրութեամբ։ Բայց ինչ որ կարեւոր է, այն է որ այդ կասկածամտութիւնը կ՚ուղղուի մասնաւորաբար Խորհրդային վիզա ունեցող ճամբորդներու ներքին տրամադրութիւններուն եւ այդ ուղղակի զգալի է։

Իմ բաժնիս մէջ ճամբորդութեան ընկեր ունիմ Բոլոնիացի ուսանողուհի մը որ կը վերադառնայ Վարշաւիա։ Սիրալիր եւ ճկուն, անիկա կը խօսի իր նոր կազմաւորուած երկրի մասին եւ հայրենասիրական զգացումը կը վառէ իր նայուածքը։ Եթէ իջնայի՜ Վարշաւիա... որ աշխարհիս ամէնէն գեղեցիկ եւ հետաքրքրական քաղաքն է՜... հարկ է) բայց սիրելի Բոլոնուհի՛ պէտք է ունենալ արտօնութիւն եւ իմ դրանզիտ վիզայիս վրայ գրուած է առանց կենալու եւ յանցանքը իմս չէ եթէ արեւմտեան եւ միջին Եւրոպայի մէջ կան աշխարհագրական գիծեր, սահմաններ, որոնք խստութեամբ փակ են ամէն մէկ ճամբորդի առաջ եւ ամէն անգամուն որ այդ գիծերէն մէկը յանցնինք, մեզ կը թուի որ կատարեր ենք եթէ ոչ անհնարին, գոնէ բարդ դժուարութիւններ ներկայացնող գործ մը։

 

Վարշաւաէն սկսեալ շրջանկարը կ՚ստանայ ուրիշ նկարագիր. մտեր ենք արդէն տարբեր աշխարտամասի մը մէջ։

Լայնատարած տափաստանները, մէկ մէկ գիւղերու փայտաշէն իզպաները, ինչպէս նաեւ աշնանային գունատ գիւղանկարները կը յիշեցնեն արդէն ինձ ծանօթ ռուսական բնանկարը։

Գնացքին մէջ ալ մթնոլորտը կը փոխուի։ Մնացեր ենք միայն այն ճամբորդներս որ կ’ուղղուինք դէպի Մոսկուա։

Դէպի Մոսկուա՜... երբ միտքս կը սեւեռեմ այդ մտածումին վրայ ինձ կը թուի որ շուտով շօշափելի իրականութիւն պիտի դառնայ ինչ որ անմերձենալի երազ կը համարէի։ Քանի գնացքը արագօրէն կ’անցնի բոլոնիական շարք մը կայարաններէն, այնքան սպասումի գրեթէ անձկալի յուզում մը կը տիրապետէ ինձ։ Այդ յուզմունքին մէջ շատ բան կայ անշուշտ խառնուած, բայց գլխաւորաբար այն՝ որ մարդը կ’զգայ անհասանելի համարուած նպատակի մը մերձաւորութեան մէջ։

Բոլոր ճամբորդները մտահոգ են եւ իրարու կը մօտենան, նոյն իսկ կը մտերմանան։ Ամէնքն ալ, առաջին անգամն է որ պիտի մտնեն խորհրդային երկիր եւ հազար երեւակայական պատճառներով յուզուած են։ Իրար կը հարցափորձեն եւ իրարու խօսքի մէջ կ’ուզեն վստահութիւն գտնել, Ես կը փորձեմ նմալ մեկուսի բայց անկարելի կը դառնայ։ Կը խմբուին շուրջս եւ հազար ու մէկ հարցումներ կ’ուղղեն ինձ ինչպէս եթէ արդէն անձամբ ծանօթ ըլլայի կացութեան։ Իմ անսահման վստահութիւնս կը վարակէ միւսները եւ շատ ուրախ տրամադրութեան մէջ է որ, կը հասնինք սահմանագլուխ, Նիկորաէյ։

Խորհրդայիններու հետ առաջին հանդիպումը սքանչելի տպաւորութիւն կը գործէ։ Երկու երիտասարդ զինուորական պաշտօնեաներ կուգան առնելու անցագիրները։ Կը խօսին մեղմ ձայնով եւ իրենց շարժումներուն մէջ զգոյշ են եւ քաղաքավար։

Գնացքըկրկին ճամբայ կ’ելլէ եւ դանդաղ կը հասնի մաքսատան առաջ։ Դուրսը ցուցտ է եւ անձրեւոտ, մթութիւնը կը քօղարկէ շրջապատկերը։ Կը տեսնենք միայն լուսաւորուած մաքսատան շէնքը եւ պահ մը կը մնանք վարանոտ, ամայիքարաճին առաջ։ Բայց ահա բեռնատարները կը հասնին։ Կը վերցնեն մեր ծրարները եւ կ’ուղղուինք դէպի մաքսատուն։

Աւետարանէն մինչեւ մեր օրերըմաքսաւորները իրենց համբաւը շինած են։ Դժուար է այս նիւթինվրայ, ընդունուած կարծիքներէ դուրս բան մը ըսել։ Բայց ահա, ո՜վ ճամբորդ, ով որ ալ ըլլաս, այստեղէ պէտք է մոռնաս քու վատ յիշողութիւններդ։ Ես ինքս շատ հարուստ փորձառութիւն ունիմ այդ մասին եւ բաղդատութիւնը կրնամ ընել իրերու ճանաչողութեամբ։

Աւելորդ է ըսել թէ այդ մաքսային պաշտօնեաներէն ոչ ոք կը ճանչնամ բայց կարծես ամենքն ալ ծանօթ եւ բարեկամ մարդիկ են։ Այս տպաւորութիւնը առաջ կուգայ այն բանէն որ մաքսատուններու մթնոլորտին յատուկ ջղագրգռութենէն հետք իսկ չի կայ այստեղ։ Մարդիկ կ’երթան, կուգան, իրենց գործին կը նային, հանդարտ եւ սովորական երեւոյթով։

Մէկը վերջապէս կը մօտենայ ինձ եւ հարցում մը կ’ուղղէ. կը պատասխանեմ ֆրանսերէն. անմիջապէս ֆրանսախօս պաշտօնեայ մը կը ներկայանայ։ Ծրարներու քննութիւնը կը կատարուի աչալուրջ, նոյնիսկ մանրակրկիտ, բայց հանդարտ։ Կը յիշեմ ուրիշ մաքսատան պաշտօնեաներ որոնք ծրարներուդ կը մօտենան գող մը բռնելու ախորժակով եւ երբ բան մը չեն գտներ յուսախափութենէ կը ջղագրգռուին։

Կ’երեւի խորհրդային մաքսատան օրէնքներուն դէմ բան մը չունիմ, կ՚ըսեն ինձ որ կրնամ փակել ծրարներ։ Թիկնեղ երիտասարդ մը կուգայ ինձ օգնելու, շնորհակալութեամբ կը ժպտիմ իրեն, կը մնայ անայլայլ եւ կը վերջացնէ գործը։ Կ՚ուզեմ վարձատրել, կը մերժէ։ Յետոյ կը տեսնեմ որ պէտք է ընկալագրի փոխարեն վճարել որոշ գին մը, բայց արգիլուած է ո եւ է ծառայող անձամբ վարձատրել։

Ահա դէպի Մոսկուա մեկնող գնացքին մէջ ենք։ Աստղաւոր գլխանոցով զինուորականներ կ՚անցնին զանազան գործերու համար։ Նոյն գրեթէ պատանեկան աշխոյժը, միացած ծանրաբարոյ լրջութեան որ արդէն նկատեր էի իրենց ընկերներու վրայ։ Մեզ կը վերադարձնեն մեր անցագիրները։ Ուրեմն այլեւս ընդունւած ենք մեծ եւ լայն աշխարհին, Խորհ. Միութեան մէջ։ Ճաշարան վակոնին մէջ թէյի սեղանի մը շուրջ կը բոլորուինք դրսէն եկողներս։ Սեղանակիցներս կը մրթմրթան.

Որքա՜ն սուտ, որքա՜ն զրպարտութիւն այս մարդոց դէմ։

Մէկը կ՚ըսէ ցած ձայնով.

Դեռ սպասեցէ՜ք...

Կարծես յուրախափ է որ ամէն ինչ լաւ անցաւ։

Գնացքը ճամբայ կ՚ելլէ եւ կ՚արագացնէ իր ընթացքը։ Քիչ վերջը իմ բաժանմունքիս մէջ առանձնացած կը մտաբերեմ անցուցած պահերս։ Բոլոր անոնց համար որ առաջին անգամ կ’անցնին Խ. Միութեան սահմանէն նշանակութիւն ունին այդ պահերը։ Անոնք կը սեւեռեն առաջին հանդիպման տպաւորութիւնները, առաջին շունչը մեծ եւ խոր իրականութենէ մը։

Հետզհետէ գնացքը կը լեցուի տեղացիներով։ Անոնք, մեր դեռ օտարականի աչքին կ’երեւան ինչպէս տարբեր տեսակի մը պատկանողներ որ իրենց մէջ ընդհանուր գիծեր ունին։ Հանդարտ են ինչպէս իրենց ուժին վստահ մարդիկ, ծանրախոհ բայց ոչ խոժոռ դէմքերով։ Եւ իրենց ամենէն պարզ շարժումին մէջ կը զգացուի մարդէս դէպի մարդը բնական համերաշխութեան զգացումը որ իրենց համար դարձեր է սովորական, ընտանի զգացում։

Առաւօտուն ընդոստ կ՚արթննամ վակոնին մէջ. եւ կայծակի արագութեամբ կը յիշեմ որ այսօր կը հասնիմ Մոսկուա։