Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻԴՐՈՇԷՆԸ

Նախապէս որոշեր ենք ժամադրութիւն եւ երբ պրոլետ գրող, Ալազանի համակրելի դէմքը կերեւայ դրանս մէջ, ուրախութեամբ կը թողում աշխատութեանս սեղանը եւ ճամբայ կելլենք հիդրոշէնը այցելելու համար։

Կը բարձրանանք փոշոտ եւ անհարթ փողոցներէ եւ կը հասնինք Կոնտ ուր բոյն են դրեր Ալազան եւ իր կինը։ Համեստ եւ մաքուր սենեակ՝ որուն զարդը կը կազմէ գրադարանը եւ որը զուարթ է արեւով եւ հիւրընկալներուս սիրալիր փութկոտութիւնով։

Կը ճաշենք այն նոյն սեղանին վրայ ուր կաշխատին եւ կը խօսինք աշխոյժով մեր երկրի այժմու իրականութեան մասին։ Այդ հաւատաւոր եւ երիտասարդ զոյգը որուն յետագային կը հանդպիմ յաճախ եւ միշտ մեծ հաճոյքով, ինձ կը պատկերացնէ որոշ գիծերով ինչ որ դեռ տարտամ ուրուագիծ է մտքիս մէջ։

Դուրս կուգանք միասին բարձրանալու համար դէպ ի հիդրոշէն։

կը յառաջանանք ճերմակ եւ ոլոր մոլոր ճամբէ մը որուն վրայ մեր ամէն քայլին ծառերու երերուն ստուերը կանցնի քմահաճ ձեւերով։ Ջերմ արեւը իր շողշողուն լոյսով կը պարուրէ մեզ։ Երբեմն. կարծես, ճաճանչներու հրախաղութիւն մըն է. ոսկի կը տեղայ նոյն իսկ քարքարուտներու վրայ. գետնի փոշին կը փալփլի անհամար կայծկլտումներով. ամէն ինչ մեր շուրջը լոյս կառնէ եւ կարտացոլայ։

Մեր կողին, ձորին խորութեան մէջ Զանգուն (Հրազդան) կանցնի մռնչելով եւ փրփրալով։ Պարտէզներու եւ այգիներու մէջ ծառերը մասամբ մերկացած են եւ կը կրեն աշնանային ժանգ գոյներ։ Այդ դեղին եւ կարմրորակ տերեւներու ցանցառ կէտկիտումը Ծիծեռնակի բերդի բարձրութեան գորշ խորքին վրայ, ըստ ինքեան նկար մըն է արժանի նկարիչներու ուշադրութեան։

Կը դիտեմ որ գոյներու անվերջ եւ լուսայեղ երանգաւորումը կը պարզէ բոլորովին ուրիշ արեւելք մը քան այն արեւելքը որ Եւրոպայի օրիանդալիստները կը ներկայացնեն իրենց Ափրիկեան եւ Ասիական բնանկարներով ուր լոյսի եւ արուեստի ուժգին հակադրութիւնները կը կազմեն գլխաւոր խաղը իրենց վրձիններուն։ Այստեղ լոյսի արժէքներու անսահման աստիճանաւորումը, կիսերանգները եւ դեռ այդ բոլորը շղարշող լուսեղէն մշուշը բոլորովին առանձնայատուկ տեսիլքներ յառաջ կը բերեն։

Քանի կը յառաջանանք, տեսարանները կը յաջորդեն նոր բլաններու վրայ։ Հովիտը ճեղքուած է արագավազ Զանգուով որուն աղմուկը կը լեցնէ մթնոլորտը։ Մեր դիմացը, երկու հանդիպակաց սեպ բարձրութիւններու մէջտեղ սեղմուած հառապատկերը կը ներկայանայ լեռնային կոհակաւորումով որուն լեղակագոյն եւ խտացեալ կապոյտ գագաթներկ հազիւ կանջատուին լուսեղէնծիրերով կաթնագոյն երկնային խորքէն։ Այդ կապոյտը կապոյտի վրայ, շղարշուած ճերմակ այերական ամպերով, նայուածքդ կը տանի տեսանելի աշխարհէն անդին։ Տպաւորութիւնը զգայարանական յուզում մը չէ այլ ծանրակշիռ, գրեթէ հանդիսաւոր զգացում մը։ Անսահմանելի բան մը մարդուս խորքէն ժայթքելով կը միանայ լոյսի եւ երանգներու թրթռացումներու եւ կանօսրանայ տարածուելով։ մարդիկ որոնց աչքերը բացուեր են այդ հորիզոններու վրայ, անհնարին է որ չունենան բարձրագոյն կարելիութիւններու տրամադրութիւն մը։ Ամէն ինչ կարծես մարդս կը հրաւիրէ դէպ ի վե՜ր, աւելի՜ եւ աւելի՜… եւ Զանգուի սաստ ձայնը ինչպէս հրամայական որոտ կարծես իմասի մը կը ստանայ այդ համայնապատկերին մէջ։

Անզգալաբար հեռացեր ենք ձորէն որուն ժխորը կը ծաւալի կարծես ուրիշ աշխարհի մը մէջ, որուն մօտ ենք եւ հեռու։ Ինչպէս մշուշը կը վարագուրէ մերձաւոր եւ տեսանելի երեւոյթներ այնպէս եւ լսողութիւնը խլացած է որովհետեւ մէկուսի մնացեր ենք հեղեղի որոտներուն թրթռացումներու ալիքներէն։

Անդորր եւ խաղաղութիւն. բարձրութեան մը կողին, շեղակի ցցուած գալարուն ծառերու ներքեւ, այծրեու երամ մը աղջիկան մը հետ։ Մէկ երկու փլփլած հիւղակներ թառած են դարվարի վերի սահմաններուն կարծես արմատախիլ։ Հազիւ թէ ուշադրութիւնս կը տարտամի անցեալ կեանքի այդ բեկորներուն վրայ երբ ուղեկիցներս ինձ ցոյց կուտան հիդրոշէնը որ կը յայտնուի մեր աչքերուն, մէկ անգամէն։

Կանցնինք արագ յարակից կիսաւարատ շէնքերէն եւ կայցելենք յաջորդական աւազանները ուր բարձրութիւններէ խուժող ջրերը կը տարածուին եւ կը խաղաղին իրենց յորդութիւնը կանոնաւորող չափերու մէջ։ Մէկ աւազանէն միւսը ջրվէժներու լայնատարած եւ հեզիկ անկումները կը մրմնջեն կարծես մարդկային բարբառ մը. այնքա՜ն իմանալի վանկերով մեզ կը պատմեն աշխատանքի դիւցազներգութիւնը վայրի բնութեան ծոցին մէջ ուր սանձարձակ ուժեր աստիճանաբար կը հպատակին մարդուս կամքին կանխորոշ նպատակներու համար։ Ահա ջրանցքները որոնցմէ ջրի հոսանքը կանցնի ինչպէս հմայուած հսկայ օձ, ոլոր, ոլոր, հազիւ տեսանելի գալարներով. ահա ջրմուղը հազիւ ցցուն ողնայարի մը պէս կ՚երկարի եւ ջրարգելները որոնք կը կասեցնեն եւ կամբարեն ջուրի ուժը ըստ պահանջի արձակելու համար. եւ վերջապէս հեղեղը՝ որ կիջնայ գրեթէ աննշմարելի բարձունքէ մը արուեստական հունի մէջ, ձիւնաթոյլ եւ փրփրադէզ, գահավիժող ալիքներու արագ ընթացքով եւ կը ներկայացնէ անօրինակ գեղեցկութիւն մը իր յորդառատզօրութեան մէջ, դեռ ըմբոստ բայց արդէն զսպուած եւ ծանրաբեռն անհաշուելի հարստութիւնով։

Վերջապէս կը մտնենք ընդարձակ եւ բարձրաձեղուն լուսաւոր շէնքը ուր մեքենաները ջրի անկումի ուժով կը հայթայթեն քաղաքին ելեկտրական լոյս, գործարաններուն ինչպէս եւ Այղըր լիճի ջրհաններուն շարժիչ ուժ։ Հալին լռութիւնը լեցուած է անոնց շարունակական եւ րիթմիկ աղմուկով։ Ելեկտրագէտ վարիչը մեզ կընկերանայ եւ կուզէ բացատրութիւններտալ իւրաքանչիւր մեքենայի դերի մասին, բայց իրարու խօսք չենք լսեր։ Հազիւ քանի մը վանկ կը փոխանակենք փսփսալով իրարու ականջի։ Ձայնը անմիջապէս կանհետի շրթներու վրայ, գրաւուած մեքենաներու հսկայ շնչառութեան մէջ որոնք կը հեւան առողջ եւ անդրդուելի ելեւէջով մը։ Մեր մարդկային սիլուէթները կը թուին ճղճիմ այդ մեծ հալին մէջ, ելեկտրամեքենաներու բարձրաբերձ բրոֆիլներու առաջք, որոնց պողպատեայ օրկանիսմը, կաթիլ կաթիլ ինքնահոս իւղով ճկուն՝ հանդարտ եւ անկռինչ կը դառնայ իր բազմատեսակ անուակներուն եւ ծխնիներուն վրայ։ Թիւրպինները գրեթէ դանդաղ շարժումներով ուժը կը փոխանցեն փոկերու միջոցաւ տինամօներու եւ որոնք սակայն գլխապտոյտ արագութեամբ կը հայթայթեն շարժիչ ուժ՝ լոյս եւ ջերմութիւն։

Քանի մը աստիճան սանդուղ՝ եւ կը հասնինք սրահին ճակատը բարձրացող տեսակ մը պատշգամ որուն պատին վրայ մուրճ ու մանգաղի նշանին տակ երեք ճերմակ բոլորակներ, նման ժամացոյցի էկրաններու իրենց ասեղներով կը յայտնեն մեքենաներու բազկերակը։ Ելեկտրական լոյսեր կը վառին ու կը մարին կապոյտ եւ կարմիր ելեկտրալամպերու մէջ եւ անշուշտ կը յայտնեն որոշ վիճակներու տեղեակ աչքերու։

Գրեթ լուռ կիջնանք սանդուղներէ եւ անգամ մըն ալ աչք կը նետեմ սրահին մէջ։ Մէկ, երկու որակեալ բանուորներ կը հսկեն մեքենաներու վրայ կեդրոնացած ուշադրութեամբ։ Ուրիշ ոչինչ։ Մեքենաները կը գործեն առանձին ինչպէս կատարեալ օրկանիսմներ իրենց ստացած մղումով եւ համաձայն իրենց յատուկ օրէնքներու։

Հիդրոշէնը մեր երկրի ամենէն համադրական կոթողներէն մէկն է։ Այն է որ իր մէջ կը կեդրոնացնէ խորհրդային իրականութեան յատկանշական պատկերը։ Այդտեղ է որ պէտք է նիշել աստիճանաչափը մեր երկրի վերելքին։

Այդ այցելութիւնը կարծես մէկ անգամէն կը բանայ իմ աչքերուս սոցիալիստական շինարարութեան իսկութիւնը եւ այլ եւս անվարան միտքով կը տեսնեմ իրականացումներու արժէքը եւ բացերը եւ այն եռուն շտապը որով զանգուածները կը պատրաստուին հասնելու համար անմիջական նպատակներու եւ հանգրւանէ հանգրուան նուաճելու նոր իրականացումներ։

Յեղափոխութիւն՝ ամենօրեայ կեանքի մէջ, շինարարութեան ճակատին վրայ։ Կռիւ՝ յետամնացութեան եւ աւերածութեան դէմ։ Եւ երբ կամրջակի մը վրայ կանգնած կը դիտենք Զանգուի ընթացքը ցցուն եւ մամռոտ քարաժայռերու վրայ եւ կը խօսինք, հեռուէն կը լսեմ ելեկտրամեքենաներու կշռոյթաւոր հեւքը եւ ինձ կը թուի որ Խորհրդային Հայաստան իր հրետանիները շարժման մէջ դրեր է պայքարելու համար իր ամենէն յամառ թշնամիին, երկրի յետամնացութեան եւ չքաւորութեան դէմ։

Եւ գիտենք որ պիտի յաղթահարենք, որովհետեւ գիտենք արդէն որ կարեւոր դիրքերը գրաւուած են։

Իմ երիտասարդ բարեկամներս ինձ կը գտնեն մտամփոփ։ Անոնք անշուշտ չեն գիտեր որ թերեւս առաջին անգամն է որ ամբողջապէս հաղորդակցութեան կը մտնեմ իրենց հետ եւ այդպիսի րոպէն ծանրակշիռ է ամէն մէկին համար։