Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԳՈՀԱՐՆԵՐ
      
       Երիտասարդ մը - անշուշտ յետ պատերազմեան ոտանաւոր ուղերձ մը կը ձօնէ Պօղոս Նուպար Փաշայի։
       Ուղերձը կ’արտասանուի Ֆիլիպէի մէջ, հանդէսի մը առթիւ։
       Երեւի հեղինակը շատ հաւնած ըլլալով ուղերձին, կը ղրկէ զայն Փարիզ, նպաստընկալ թերթի մը, որ անմիջապէս հրատարակութեան կուտայ։
       Չէի՞ք ուզեր քանի մը ողկոյզ ճաշակել.
      
       Պօղոս Նուպար, մտքի սատար,
       Իմաստութեան անմահ քուրմ,
       Որ բուրվառիդ կնդրուկներուն
       Քաղցըր բոյրը սրսկեցիր
       Մըշակոյթի, լոյսի կարօտ խաւերուն
       Խորն անխըտիր՝
       Անոնց սուգը կը կաթի այժմ
       Շիրմիդ վըրայ ցօղաթուրմ։
      
       Եւ այսպէս գլուխէն մինչեւ ոտքը, իւրաքանչիւր գոյականի թեւերէն եւ կողերէն ածականներ կախուած՝ ողկոյզի պէս։
      
       Առատաձեռն խղճի Կրեսոս, դուն
       Քաջալեր բարութեան,
       Պայծառ ճակատ, անշեղ նայուածք,
       Հանճարեղ լոյսն հայ կեանքին։
      
       Ու վերջապէս աստուածացումը.
      
       Դուն Հայրիկին, Անդրանիկին
       անբաժան մասն, ո՜վ Նուպար,
       Հայաշխարհի սրտին վըրայ
       կ’իշխէ հոգիդ վեհափառ։
      
       Ինչպէս կը տեսնէք, «ազգերնիս կը յառաջդիմէ»։ Ե՛ւ արձակ ե՛ւ ոտանաւոր։
       Չարամիտներ են անոնք, որ կ’ըսեն թէ նորերը ամէն կապ կտրած են անցեալին հետ, թէ ապերախտ են կամ ինքնահաւան։
       Վկայ՝ նորի մը նորագոյն ուղերձը, որ կրնայ ձեզ տանիլ մինչեւ ամիրաներու շրջանը, ոչ միայն իր տառով ու բառով, այլեւ հոգեբանութեամբ։
       Պիտի ըսէք թէ շատ աւելի փայլուն, պերճիմաստ նմոյշներ տեսած էք։
       Ես ալ տեսած եմ։ Դեռ ինչե՜ր կան, մինչեւ այս ուղերձը։ Եւ ես միայն Ֆիլիպէի տղուն մեղքը չեմ առներ։
       «Տէսթան»ներու ամբողջ գրականութիւն մը մշակուեցաւ, տարիներու ընթացքին, եւ դեռ կը շարունակուի։
       Միայն Ղեւոնդ արք. ի ձօնուած երգերն ու տաղերը հատոր մը կը կազմեն։
       Եթէ չեմ սխալիր, քանի մը հատ ալ քայլերգներ տպուեցան եւ ծախուեցան։
       Այս բոլորը կ’իմանաս ու կ’անցնիս։
       Տիրացու, պատուելի մարդիկ, այդպէս եկեր են, այդպէս ալ պիտի երթան։
       Բայց, հոգիդ չի՞ ցաւիր, երբ երիտասարդներ ալ կը տեսնես նոյն ճամբուն վրայ, նոյն հոգեբանութեամբ եւ նոյն բառերով։ Առանց սեփական գծի։
       Պօղոս Նուպար արժէքներ ունէ՞ր թէ չունէր, տարբեր խնդիր է։
       Բայց, ի՞նչպէս կրնաք հանդուրժել, որ մեր այս դարուն մէջ, երիտասարդ մը իր գրիչը մելանը թաթխէ եւ գրի առնէ այսպիսի գոհարներ.
      
       Դուն Հայրիկին, Անդրանիկին
       անբաժան մասն, ո՜վ Նուպար,
       Հայաշխարհի սրտին վրայ
       կ’իշխէ հոգիդ վեհափառ։
      
       29 Յունիս 1935