Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՀԱՄԲՈՒՐԵԼՈՎ…
      
       Օրն ի բուն կրկնապատկելով, նրբացնելով զգաստութիւնը (արթնութիւն), բոլշեւիկ վարիչները միշտ անակնկալներ կը ստեղծեն։
       Կ’ուզէի՞ք իմանալ վերջին նորութիւնը, իսկապէս «զգայացունց»։
       Պերլինի արեւելեան շրջանին երկաթուղիներու կին պաշտօնեաներու նախագահը, Աննա Վելք, մասնաւորապէս կը յանձնարարէ չամուսնացած կիներուն… զգուշութեամբ համբուրել կամ համբուրուիլ։
       Ահաւասիկ իր խօսքերը, որոնք արտասանուած են հրապարակային ժողովի մը մէջ.
       -«Մեր չամուսնացած պաշտօնակիցները պէտք է ստուգեն թէ իրենց բարեկամները եւ սիրականները վստահելի՞ են գաղափարական տեսակէտով»։
      
       Քիչ մը աւելի գունաւորելով պատկերը, Աննա Վելք - տիկի՞ն թէ օրիորդ - կը բացատրէ միամիտներուն.
      
       - «Արեւմտեան գործակալները եւ լրտեսները յաճախ սիրաբանական մեթոտներ կը փորձեն, համայնավարները սիրաշահելու, անոնց վստահութիւնը գրաւելու համար»։
      
       Ուրեմն, վա՜յ անոնց, որ կը համբուրեն կամ կը համբուրուին, առանց նախապէս հարցնելու։
       Անշուշտ այս մասին ալ տասնաբանեայ մը պատրաստած են, ի պետս անգիտաց։
       Անոր թիւ մէկ յօդուածը պիտի ըլլար մեր Քրիստոնէականին առաջին հարցումը.
       - Հաւատքով ի՞նչ ես։
       = Պրոլետար կոմունիստ, հաւատարիմ աշակերտ Լենին-Սթալինի ռեւոլուցիոն դոկտրինայի։
       - Անդամատետր ունե՞ս։
       = Ո՞նց թէ չունեմ։ Արի մի պաչեմ, ցոյց կը տամ:
       - Ո՛չ. մի տեսնեմ կարգին թուղթ ունե՞ս։
       Մասնագէտներու կը ձգեմ վճռել թէ համբոյրի ջերմաչափը կը բարձրանա՞յ թէ կ’իջնէ, այս խօսակցութեան պահուն։
       Չար լեզուներ կ’ըսեն թէ այս նոր տասնաբանեան ալ պիտի ծառայէ բոլշեւիկեան լրտեսութեան, - համբոյրներ բաշխել, աւելի շատ եւ աւելի շուտ մատնելու համար։
      
       20 Յուլիս 1952