Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՔԻՉ ՄԸ ՃԱՇԱԿ
      
       Բաղդատաբար շահեկան հատոր մըն է «Երջանիկ» տարեգիրքը, որ կը հրատարակուի Պոլսոյ մէջ, 25 տարիէ ի վեր, խմբագրութեամբ նախկին ուսուցիչ Բ. Թեւեանի։
       Ես միայն վերջին քանի մը տարիներու հատորները տեսած եմ։
       Այս վերջինն ալ, որ բացառիկ է, 25ամեակի թիւ, ամբողջովին թղթատելու ժամանակ չունեցայ տակաւին։
       Հատորը կը պարունակէ այլազան նիւթեր եւ աշխատակիցներու ցանկ մը աշխարհի բոլոր մասերէն։
       Նաեւ գովասանական նամակներ՝ ծանօթ գրողներէ։
       Բարեկամաբար պիտի թելադրէի սիրելի Բագարատին, որ քիչ մը աւելի ուշադրութիւն ընծայէր բովանդակութեան։ Ըլլար աւելի բծախնդիր։
       Եռանդին հետ, քիչ մըն ալ ճաշակ, գրական թէ լեզուական։
       Նորահասները քաջալերելու կամ տարեցները գոհացնելու համար, խմբագիր- հրատարակիչը պարտաւոր չէ ամէն ձեռագիր գրաշարին յանձնելու, ներբողականներ ալ հիւսելով, տեղիանտեղի։
       Օրինակ, ինչո՞ւ տպեր է հանգուցեալ Երմոգի «Ձօն-նամակ»ը, ուր անձնական տագնապի մը նկարագրութեան մէջ կը սողան անճոռնի տողեր։
       Քիչ-շատ յաջող կտորներ կ’երեւան իր աղջկան՝ «Սեդա Թեւեանի էջ»ին վրայ։
       Բայց, անհրաժե՞շտ էր գրաշարին յանձնել հետեւեալ «ափեղցփեղ»ը (խորագիրն է).
      
       Կարկտանի տոպրակ մըն է հոգիս
       Խառնիխուռն
       Ափեղցփեղ…
       Կտոր մը թաւիշ մէկ կողմ,
       Ասուիի պատառիկ մը ասդին,
       Մետաքսի կծիկներ ցրուած
       Գոյն, գոյն։
       Ինչե՜ր, ինչե՜ր…
       Միացնեմ կ’ըսեմ
       Չեն յարմարիր,
       Զատեմ կ’ըսեմ
       Չեն բաժնուիր։
       Կարկտանի տոպրակ մըն է հոգիս խառնիխուռն
       Ափեղցփեղ…
      
       Այո, իսկապէս ափեղցփեղ, ինչպէս Անդան Էօզէրի «քերթուածներ»ը, որոնց մասին խօսեցայ երկու անգամ։
       Աջէն-ձախէն հոսած գովեստները ոչինչ կ’ապացուցանեն, սիրելի Բագարատ։
       Աւելի քան երբեք ժամանակն է որ քննական միտքն ալ իր դերը կատարէ, մեր գրական, մինչեւ անգամ լրագրական անդաստանին մէջ։
       Մակարդակ մը կայ ուրկէ վար իջնել՝ կը նշանակէ ոչ թէ մշակել ածուն, այլ անտէր մէյտան ի մը վերածել զայն։
       Կը կարծեմ թէ Պոլսոյ մէջ ալ սերունդ մը հասած է, որ կ’ըմբռնէ այս տարրական գիտելիքները։
      
       25 Յունիս 1954